ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ
ՎԻՇՏԸ
Զգալ
երբեմն
իր
պարմանի
կուրծքին
տակ
Յուզմունքի
մը
կոճակներուն
խօլ
հանդէս,
Ու
խանդավառ
խընկահանգոյն
շունչով
տաք
Զայն
չըկրնա՜լ
արտաշնչել
բոցի
պէս։
Զգալ
առատ
մակընթացումն
զգացման,
Լանջքին
խաղաղ
փակարանին
տակ
լըռին,
Ու
շրթներու
տկարութիւնն
անսահման՝
Դուրս
թափելու
բիւր
տագնապներն
իր
ներքին։
Եւ
զգայ
թէ
հատնումը
կայ
ներսը
լուռ,
Ամուլ,
անյուշ,
խլուող
կեանքի
խոր
ցաւին,
Շըրթանց
վըրայ
զգալ
նիհար
մի
փրփուր
Ալիքներէն՝
որ
ներսիդին
կը
յուզուին։
Ձեռներուն
մէջ
տեսնել
քընարն՝
անզգած,
Ու
թէ՝
մատներն
հիւանդագին
կը
դողան,
Մէկ
կողմ
նետել
ժանգոտ
գըրիչն
ալ
յոգնած,
-Լո՜ւռ
խոկալով
կը
տագնապի
հէգ
տըղան։
ԶԻ
ներշնչմանց
աղբերակն
է
որ,
աւա՜ղ,
Մերթ
կը
ցամքի
յուսամոլոր
քերթողին,
Ու
կը
թըւի
թէ
սեւ
օր
մ՚է
առեր
պաղ
Կայծով,
բոցով,
կիրքով
շաղուած
իր
հոգին։
Մուսաներու
շընորհներէն
մերժըւած,
Այնպէս՝
ինչպէս
սիրականէն
իր
անգուէ,
Քանի՜
անգամ,
գիտէ՞ք,
քերթողն
է
լացած
Իր
աննըշան
կեանքին
վըրայ
բազմասուտ։