ԵՐԱԶԸ
Երազանքի
մըրափէ
մը
ետքն,
յաճախ
Անուրջներու
բարձէն
հազի՜ւ
բաժնըւած
Կ՚զգամ
հոգւոյս
բուրաստանին
մէջ-խօ՜լ
խաղ-
Ծիլերն
անգութ
տրտմութեան
մը
գերազանց։
Այլ
զի
երազն
անբոյր
ծաղիկ
մ՚է
ոսին
Բացուած
քունի
լուռ
անկիւնին
մէջ
խաղաղ,
Եւ
յուզմունքն
է
հոտոտումի
պատրանքին
Որ
աչքերէս
կը
թռցընէ
քունն,
աւա՜ղ։
Եւ
արթնութիւնն
հակասումն
է
երազի.
-Պատրողական,
այլ
խոր
վայելք
թանկագին.
-
Ու
երբ
անուրջն
հիւծուի
և
կամ
նըւաղի՝
Հագուած
կը
զգամ
սուգով
մ՚անվերջ
իմ
հոգին։
Կ՚ուզեմ
խըփել
աչքըս,
նորէն
քընանալ
Այն
աննըման
քունն
սփոփիչ
և
անուշ.
Թո՛ղ
պատրանքը
շարունակուի՛,
հովերն
ալ
Թո՛ղ
օրօրեն
զիս
և
զարթնում
քիչ
մը
ուշ։
Այլ
երազն
իր
վարդէ
ոտներն
հոտաւէտ
Վեր
առնելով
իմ
աչքերուս
վըրայէն
Արշալոյսի
հրեշտակներուն
զուգահետ
Խուսափեր
է
դէպի
երկինք
յամրօրէն։