Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XVI
Ամիրաներու դասակարգը եւ դիրքը. Ժողովուրդ եւ ազնուականութիւն. Ազգ[ային] ներքին պայքարներ. Ազգ[ային] Սահմանադրութեան ուրուագիծը. Ազգ[ային] Սահմանադրութեան պատմութիւնը. Անոր հիմնական սկզբունքները. Ազգ[ային] Սահմանադրութեան օգուտները։

Երբ Պոլիսը գրաւուեցաւ եւ Ֆաթիհ լաւ վերաբերում մը ցոյց տուաւ հայոց հանդէպ, ամեն կողմէ հայեր Պոլիս խուժեցին։ Բնականէն շքեղ քաղաք մը, անշուշտ պէտք ունէր գաղթականներու։ Այս հոսանքին մէջ կային նաեւ բազմաթիւ գիտուններ, արհեստաւորներ, վաճառականներ, ճարտարապետներ եւայլն։ Առուտուր եւ արհեստ հետզհետէ զարգացան եւ Հայեր շա՛տ համակրելի դարձան Օսմ[անեան] Պետութեան, որ բարձր դիրքերու բարձրացուց զանոնք։ Շատեր ստացան շքանշաններ, թոշակներ, արժանացան բարձր դիրքերու եւ կազմակերպուեցան տակաւ չէլէպիներու, ամիրաներու եւ միւթէվէլլիներու դասակարգերը։ Հայ եկեղեցիներու ղէկավարութիւնը մէյմէկ չէլէպիի, ամիրայի կամ միւթէվէլլիի յանձնուած էր։ Պատրիարքական գահը խաղալիք դարձած էր ամիրաներու քմահաճոյքին։ Սուլթանները, որոնք Հայ ժողովուրդին կը համակրէին, կը սկսին ընդհանուրէն մասնաւորին երթալ եւ համակրիլ ժողովուրդին բարձր, ազնուական դասակարգին, անոր հետ յարաբերութիւն կը մշակէին եւ կը մոռնային բոլորովին Հայ ժողովուրդին ստուար մեծամասնութիւնը։ Ֆաթիհի պէս՝ պատրիարքները իրենք կ’ընտրէին յաջորդ սուլթանները. բայց ասիկա Հայ Եկեղեցիին ժողովրդապետական սկզբունքներուն հակառակ էր բոլորովին, ու երբ գիտակցութիւնն սկսաւ արթննալ, մասնաւորապէս վանեցի Խօճա Ռուհիջանի եւ տիվրիկցի Պոլպոլճի Աստուածատուրեան թումբ կանգնեցան եւ ապահովեցին աշխարհականներու ալ մասնակցութիւնը՝ պատրիարքներու ընտրութեան գործին մէջ։ Ազնիւ եւ ազգասէր անձնաւորութիւններ չը պակսեցան տակաւ Ազգ[ային] Պատրիարքարանն ու եկեղեցական, կրթական ու վարչական գործերը քմահաճոյքներէ ազատելու համար։ Թանզիմաթը Հայ ժողովուրդին աչքը բացաւ։ Շարժումն սկսուած էր։ Ամիրաներ եւ հարուստ դասակարգը ամեն տեսակ զեղծումներ ի գործ կը դնէին, եւ պատրիարքները, առանց ատոնց խորհուրդ հարցնելու՝ բան մը չէին ըներ, վասնզի պաշտօնանկ կ’ըլլային։ Կառավարութիւնն ալ ամիրաներէն կաշառուած՝ աչք կը գոցէր ամեն զեղծումի եւ անլսելի կը դարձնէր ժողովուրդին խնդրանքներն ու բողոքները։ Խեղճ ժողովուրդին շահերը պաշտպանող գիտակից մտաւորական երիտասարդութիւն մը կար սակայն, որ չէր կրնար անտարբեր հանդիսատես մնալ։ Ֆրանսական կրթութիւն առած, ազատ այդ հանրապետութեան օդը լիաթոք շնչած եւ ֆրանսական վերջին յեղափոխութենէն ներշնչուած սերունդը կար, որ կը հսկէր ժողովրդային իրաւունքներուն վրայ, արթուն կերպով պաշտպանող հանրավարական սուրբ սկզբունքները։ Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան, Նիկողայոս Պալեան, Աղաթօն Մկրտիչ, Կարապետ Իւթիւճեան, Սէրվիչէն եւ տակաւին ուրիշ ազատամիտ երիտասարդներ Ազգ[ային] Սահմանադրութեան գաղափարը կը յղանան, որուն գործադրութեան տրուիլն ու պետութենէն վաւերացուիլը քաղաքական յարմարագոյն րոպէի մը կը կարօտէր. բան մը՝ որ չուշացաւ սակայն։

Ամիրաներուն եւ երեւելիներուն դիրքը շատ հաստատուն էր թէեւ, բայց հայ ժողովրդական զանգուածին զարթնումը կը ցնցէր ամենը։ Ենիչէրիներու ջնջումն ու Թանզիմաթը լայն շունչ մը առնել տուած էին աշխատաւոր դասակարգին, շահագործուող մեծամասնութեան։ Ամիրաներու ազդեցութիւնը զգալի կերպով տկարացած էր, երբ յանկարծ պայթեցաւ Իսկիւտարի Ճեմարանին ծանօթ վէճը։ Ամիրաները, որոնք Իսկիւտարի Ճեմարանը հաստատած եւ անոր նիւթապէս օժանդակել խոստացած էին, կը մերժեն նպաստել անոր, այն առարկութեամբ որ իրենց դիրքը ապերախտօրէն չէր ճանչցուեր ժողովուրդին կողմէն։ Ժողովուրդը կ’ուզէ որ, մէկ կողմ շպրդէ ամիրաներն ու իրենց նիթական ոյժը, ու իր սեփական ուժերով Ճեմարանի գոյութիւնն ու սկսուած գործ շարունակութիւնը երաշխաւորէ։ Ամիրաները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն գործը խափանելու համար եւ կ’արհամարհեն էսնաֆ դասակարգն ու ժողովուրդը, որուն այսպիսի նիւթական զօրութիւն պահանջող գործ մը առանց դրամական կարողութեան ի գլուխ հանելու փորձը ցնորական կը համարէին։ Յակոբոս պատրիարքը վերջապէս կը յաջողի 24 հոգիէ բաղկացած Հոգաբարձութիւն մը կազմելու համար ամիրաներուն հաւանութիւնն ստանալ։ Ասոնք, իրենց արժանապատուութեան դէմ կը համարին խոնարհ արհեստաւորներու հետ կողք կողքի խորհրդակցութեան նստիլը եւ կամ ձեռք ձեռքի տուած գործելը։ Բաղխումը ուժեղ կ’ըլլայ։ Ժողովուրդը դատի կը բռնուի եւ վերջապէս յաղթանակը կը տանի։ Ամիրաներ ամեն տեսակ ստորին միջոցներու կը դիմեն՝ մատնելով ու բանտարկել տալով շատ մը եռանդուն գործիչ երիտասարդներ։ Պոլսոյ Հայ ժողովուրդը խանութները փակած կը խուժէ դէպի Բարձրագոյն Դուռ՝ ազատութիւն պահանջելով իր բանտարկեալ զաւակներուն համար։ Կառավարութիւնը տեղի կուտայ։ Ամիրաներու էնթրիքները կը շատնան պատրիարքարանի եւ ազգ[ային] գործերու շուրջը։ Ժողովրդային յուզումը կը սաստկանայ։ «Միակամ» ընկերութիւնը կազմակերպուելով կը սկսի գործել։ Հետզհետէ տեղի կունենան Պապը Ալիի եւ Մավունաներու ցոյցերը։ Գինեպան Իսկէնտէրի առաջնորդութեամբն 3000 հոգիէ բաղկացեալ կատաղի ամբոխ մը կը դիմէ Պապը Ալի եւ կը կազմակերպէ առաջին հսկայական ցոյցը, պահանջելով ժողովրդային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Րիֆաթ Փաշա խոհեմութիւն կը համարի տեղի տալ ժողովրդային պահանջումներուն եւ արձակել բանտարկուած հոգաբարձու էսնաֆները։ Ասոր վրայ Պօղոս Վ. Պետրոսեան, Յովհաննէս Վ. Սեթեան, Յակոբիկ Մանուէլ (ճեմարանին տնօրէնը) կ’աքսորուին 1841ին, իսկ Իսկէնտէր, որ հայոց Մարան էր, կը փախչի Օտեսա. շատեր ալ փախստական կ’ըլլան։ Ասպարէզը ամիրաներուն կը մնայ նորէն։ Նոր յուզում եւ նոր ցոյց։ Ժողովուրդը մավունաները լեցուած՝ կը բողոքէ Սուլթանին։ Բ. Դուռը գործը կը ձգձգէ, մինչեւ որ վերջապէս 27 արհեստաւորներէ բաղկացեալ ներկայացուցչական ժողովի մը արտօնութիւնը կուտայ։ Սակայն յուսահատած ամիրաներու էնթրիքներէն, ժողովրդական ներկայացուցիչները 1842ին ետ կը քաշուին։ Ամիրաները՝ Իսկիւտարի Ճեմարանը զինուորական հիւանդանոցի կը վերածեն, պատրիարքներ կը փոխեն եւ քմահաճ անօրինութիւններ կ՚ընեն։ Մատթէոս պատրիարք կ’ըմբռնէ գործին լրջութիւնը եւ միջնորդ հանդիսանալ կ’ուզէ ամիրաներուն եւ ժողովուրդին միջեւ։ Վերջապէս 30 հոգիէ բաղկացեալ (16 ամիրա եւ 14 արհեստաւոր) Ազգ[ային] Ժողով մը կը հաստատուի։ Պատրիարքը ամիրաներուն յոխորտանքին չէ՛ր հանդուրժեր, արհեստաւորներն ալ պատրիարքին տիքտաթօրութեան։ Ամիրաները կը զինուին պատրիարքին դէմ, բայց յաղթելու համար ժողովուրդին հետ միանալ պէտք էր։ Ուստի կ’որոշեն Պատրիարքարանի գործերը ժողովրդական ներկայացուցիչներու յանձնել եւ կղերին տիրապետութիւնը վերցնել։ Յակոբ Կրճիկեան Մեծ Եպարգոսին կը դիմէ եւ քանի մը օր վերջ հրաման կ’ելլէ 14 կղերներէ եւ 20 աշխարհականներէ բաղկացած երկու ժողովներ կազմելու։

Հայ ժողովուրդի այս ներքին պայքարի միջոցին միեւնոյն խնդիրները գրեթէ շրջան կ’ընէին Եւրոպական բոլոր երկիրներն ալ։ 1848ին Նաբոլէոն Գ. ֆրանս[ական] հանրապետութեան նախագահական աթոռը կը բարձրանար եւ Զէյթունի մասին իր ցոյց տուած համակրութեամբ՝ հայոց աչքերը արեւմուտք կը դարձնէր։ Եւրոպացիներ սկսան հետաքրքրուիլ Թուրքիայով եւ նոյն իսկ անոր սպառնալ։ Մեծ Եպարգոս Րաշիտ փաշա սկսեց հպատակ ազգերը գգուել եւ առանձնաշնորհումներով սիրաշահիլ զանոնք։ Դպրոցներ բացուած էին աստ անդ եւ մտաւորական արթնութիւն մը ծայր տուած էր։ Հայը կը պահանջէր սահմանադրական ազգային վարչութիւն։ Երկար բանակցութիւններէ վերջ հետեւեալ ուրուագիծը կը մշակուի՝ ընդլայնելու եւ սահմանադրութիւնը կազմելու համար.

1. Պատրիարքին տէրութեան եւ ազգին միջնորդ ըլլալու պաշտօնը ըստ առաջնոյն մնայ։

2. Ընդհանուր ժողովի կազմութիւնը աւելի կանոնաւոր կերպով ըլլայ։

3. Կրօնական գործերու տեսչութիւնը՝ Կրօնական Ժողովին, իսկ քաղաքական գործերու տեսչութիւնը՝ Քաղաքական Ժողովին վերաբերի, եւ խառն գործերու տեսչութիւնն ալ երկուքին միացումով։

4. Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները՝ իրենց ձեռնհասութեան շրջանակին մէջ գտնուած եկեղեցիներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու ամենն ալ Տեսուչ Խորհուրդներու եւ կամ Թաղական Խորհուրդներու միջոցաւ ղէկավարեն։

5. Վարչութեան կեդրոնը ազգային Պատրիարքարանն ըլլայ։

6. Գաւառացի ժողովուրդներու վարչութիւնը Կեդրոնական Վարչութեան հետ կապուած ըլլայ։ Եւ գաւառներու մէջ Առաջնորդները նախագահութիւն ընեն տեղական ժողովներուն, որոնք պիտի կարգադրուին Պոլսոյ ժողովներու կազմութեան համաձայն։

7. Գաւառական Ժողովները Կեդրոնական Վարչութեան եւ սոյն Վարչութեան խորհուրդներուն ամէն մէկը մէկ կողմէ Օսմ[անեան] պետութեան եւ միւս կողմէ ազգին պատասխանատու ըլլան։

8. Ազգային Վարչութիւնը երեք տեսակ պարտաւորութիւններ ունի, որոնցմէ առաջինն է ազգին թէ՛ ընդհանուր եւ թէ մասնաւոր իրաւունքներուն եւ արտօնութիւններուն Տէրութեան կողմէ պահպանութիւնն ապահովել Երկրորդ պարտաւորութիւնն է առ ազգն. որ է ճշմարտապէս գիտութեամբ եւ հայրաբար վարուիլ։ Երրորդ՝ առ Աթոռն Էջմիածնի, այն է Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ կրօնական կանոններուն եւ օրէնքներուն համեմատ վարուիլ։

 

Այս յայտարարութիւններուն հետ կը ներկայացուի նաեւ Սահմանադրութեան կանոնագիրը, որուն մէջ «Հիմնական սկզբունքներ» խորագրին տակ կը շեշտուին հետեւեալ ռամկավարական եւ առողջ սկզբունքները։

Ա. Ազգին ամեն մէկ անհատը առ ազգը պարտաւորութիւններ ունի. ազգն ալ իր կողմէն առ ազգային ամեն մէկ անհատ պարտաւորութիւններ ունի։ Այս իրաւունքները որոշող եւ հաստատող իշխանութիւնը Ազգային Վարչութիւն կը կոչուի, որուն կը յանձնէ Օսմանեան Տէրութիւնը յատուկ արտօնութեամբ Թուրքահայոց ներքին գործերու տնօրինութիւնը։

Բ. Ազգային վարչութիւնը հիմնուած է իրաւունքներու եւ պարտքերու սկզբունքին վրայ՝ որ արդարութեան սկզբունքն է, իր ոյժը կը կայանայ ձայներու բազմութեան մէջ, որ օրինաւորութեան սկզբունքն է։ Վարչութիւնը ազգային ըլլալու համար երեսփոխանական պէտք է ըլլայ։

Գ. Ազգն ու ազգային Վարչութիւնը փոխադարձ պարտքերով կապուած են իրարու։

Դ. Ազգայնոց պարտականութիւնն է՝ ազգին պիտոյիցը պահանջած ծախքերուն մասնակցիլ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան ներած չափովը, եւ Ազգային Վարչութեան ըրած տնօրինութեանցը հնազանդիլ։

Ե. Ազգային վարչութեան պարտականութիւնն է ազգային բարոյական, մտաւորական եւ նիւթական պիտոյիցը հոգ տանիլ, դաւանութիւն եւ աւանդութիւններ անխախտ պահել, կրթութիւն եւ ուսում հաւասարապէս ծաւալել, ազգ[ային] հաստատութիւնները պայծառ պահել, կարօտելոց խնամք տանիլ հայրաբար եւ ազգայնոց մէջ ծագած վէճերը արդարութեամբ խաղաղել։

Զ. Ահա այս ամեն պարտքերը կատարելու եւ իրաւունքները ապահովելու համար է որ հետեւեալ կերպով կը սահմանադրէ Ազգային գործոց վարչութիւնը։

 

Տաճկահայոց Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը խմբագրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ Ազգ[ային] խառն ժողովէն 1860 Մայիս 24ին։ Բ. Դուռը զայն հաստատեց եւ վաւերացուց Ազգ[ային] Երեսփոխանական ժողովը, որ պիտի ունենար 220 երեսփոխան եւ 180 ալ անդամակից, որոնցմէ 160ը Պոլսէն եւ 60ն ալ գաւառներէն։ 1860 օգոստոս 25ին բացուեցաւ առաջին ժողովը, եւ Սարգիս Պատրիարքին օրով սկսաւ գործադրուիլ։ Ամիրաները լուր տարածեցին թէ «Հայերը թագաւոր նստեցնել կ’ուզեն»։ Այս ատենները վախճանեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարքը։ Ազգ[ային] Վարչութիւնը ուզեց որ նորը սահմանադրութեան օրէնքով ընտրուի։ Միաբանութիւնը մերժեց։ Ժողովուրդը բաժնուեցաւ երկու մասի, սահմանադրական եւ հակասահմանադրական, կամ լուսաւորեալ եւ խաւարեալ ։ Այս խռովութիւնն այնքան մեծացաւ որ կառավարութիւնը միջամտեց եւ Սահմանադրութեան գործադրութիւնը կանգ առաւ, մինչեւ որ 1863 Մարտին նոր հրամանով գործադրուիլ սկսաւ կրկին։

Տաճկահայոց Ազգ[ային] Սահմանադրութեան հաստատութիւնը տոհմային նորագոյն պատմութեան ամենամեծ եւ նշանակելի հանգրուաններէն մին է, որ գերագոյն ապացոյցն է Հայ ժողովուրդի ժողովրդապետական ոգիին։ Բայց թէ այդքան զոհողութիւններով եւ արիւնով ձեռք բերուած Ազգային Սահմանադրութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուաւ եւ կրցա՞ւ փոխարինել թափուած զոհողութիւնը։ Ընդունելով հանդերձ որ սրբագրութեան կարօտ է Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը եւ ունի իրաւամբ քննադատելի կողմեր, պէտք է խոստովանիլ սակայն թէ անիկա շատ ու շատ օգտակար եղաւ Տաճկաստանի հայերուն համար, բազմազան տեսակէտներով։ Նախ Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը հսկայ քայլ մըն էր դէպի Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը, որուն զոհն էր Հայը հինէն ի վեր՝ Արեւելքի մէջ։ Անոր շնորհիւ ԺԹ. դարու վերջին շրջանին մէջ շատ մը կրթական հաստատութիւններ ծնունդ առին Պոլսոյ մէջ թէ գաւառները։ Սահմանադրութիւնը գլխաւոր ազդակն ու նպաստողն էր կազմակերպուած բազմաթիւ ընկերութիւններուն, որոնք Պոլիս եւ գաւառները ահագին զարգացական դեր սատարեցին։ Հայ լեզուն ու Գրականութիւնը առին նոր թափ։ Հիմնուեցան շատ մ’օրաթերթեր եւ հանդէսներ. ընթերցումը ծաւալ գտաւ ժողովրդային ամեն խաւերուն մէջ։ Կրթական ընկերութիւններ շատցան ամեն կողմ եւ ձեռք առին դպրոցական գործը՝ կեանք առնելով Ազգ[ային] Սահմանադրութենէն։ Սահմանադրական ժողովներու ընտրութեան գործերուն մէջ ընտրական պայքարը մղել եւ կռուիլ սորվեցաւ Հայութիւնը։ Հայը գիտակցութիւն ունենալ սկսաւ տակաւ Սահմանադրութեան շնորհած բարիքներով։ Կղերին իրաւասութիւնները սահմանափակուեցան։ Հայեր հաւաքական ոյժով բողոքել ու գործել սորվեցան։ Ազգին երեք հատուածները, Լուսաւորչական, Բողոքական եւ Գաթոլիկ, մօտեցան իրարու ճգնաժամային օրերու մէջ։ Ու վերջապէս սահմանադրական ոգին յեղափոխական ոգին երկնեց եւ ազգային հարցը սեղանի վրայ դրաւ։ Այս համառօտ ցուցմունքները միայն բաւական են հաստատելու թէ Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը ի՜նչ վիթխարի դեր կատարած է Տաճկահայոց մէջ եւ ի՜նչ չքնաղ ծառայութիւն մատուցած է Հայութեան այս մեծ զանգուածին։ Ինչպէս ամեն նոր բան, որ կուգայ հին բարքերու վերջակէտը դնել եւ քանդել ամեն բան, դնելու համար նոր եւ նորագոյնը, Սահմանադրութիւնն ալ կոչուած էր քանդելու Հայ Եկեղեցական Իշխանութեան միահեծան դիրքը, կամայականութիւններն ու անձնական քմահաճութիւններէ պատճառուած անտեղութիւնները մէջտեղէն վերցնելու։ Ահա կը սկսի ուրեմն ազատականներու եւ պահպանողականներու պայքարը։ Ոմանք երանի՜ կուտան Սահմանադրութեան հիմնադիրներուն եւ ոմանք ալ անէծք։

Բայց անէ՞ծք թէ օրհնութիւն. ո՞րը արդարացի էր։ Պատմութիւնը ի վերջոյ տուաւ ասոր պատասխանը, արձանագրելով գահավիժօրէն իրարու յաջորդող դէպքերը, որոնց մէջ իրերը իրենց բնական դրութիւնով միայն առաջացած էին եւ անհատականութիւններ ժամանակի ոգիին արտայայտիչներն էին միայն եւ ո՛չ ուրիշ բան։