Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XVII
Զէյթունի 1862ի ապստամբութիւնը. Հայերու դրութիւնը Տաճկաստանի մէջ. Հայ մտքին զարթնումը. Խրիմեան եւ իր բողոքը. Թուրքիոյ տնտեսական կացութիւնը. Պալատական յեղաշրջութիւններ. Սուլթան Համիտի գահակալութիւնը. Պալքաններու բոցավառումը. Կ. Պոլսոյ գօնֆէրանսը. Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը. Արեւելեան պատերազմը։

Մինչ հայերը ասդին իրենց ներքին կռիւներն ունէին, Ազգ[ային] Սահմանադրութեան շուրջը, անդին Լիբանանը ապստամբած եւ ազատութեան դրօշը պարզած էր, Պուլկարներ յեղափոխական գործողութիւններ կը կատարէին, եւ Հայոց հին ասպետական ոգիին ամենէն ուժեղ ներկայացուցիչն եղող գաւառը, Զէյթունը, ապստամբած էր կրկին (1862)։ Տեղական կառավարութեան անտանելի կեղեքումներուն հետեւանքով, ինչ որ բացայայտօրէն կեդրոնական կառավարութեան հրահանգներուն արդիւնքը միայն կրնար ըլլալ, քաջ եւ անվեհեր Զէյթունցիներ իրենց կեանքը, պատիւն ու ինչքը պաշտպանելու համար զէնք կը բարձրացնէին։ Ազիզ փաշա մեծ պատրաստութեամբ Զէյթունի վրայ կը քալէ, բայց ի զո՜ւր։ Հայեր յուսահատ Նաբոլէոնի կը դիմեն, որուն միջամտութեամբ հաշտութիւնը կը գոյանայ, բայց այս իրարանցումներուն մէջ ալ Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը կը փրկուի՝ Պատրիարքարանի ցոյցին հետեւանքով (1863)։

Սահմանադրութեան շուրջ մղուած այս կատաղի պայքարներէն կառավարութիւնը օգտուիլ ուզած է թէեւ, քանիցս փորձելով խափանել Սահմանադրութեան գործադրութիւնը, բայց յաջողած չէ, վասնզի ամեն ատեն իր դէմ գտած է Հայ ժողովուրդին բողոքող ձայնը։ Պատրիարքական շատ մը պայքարներէ ետք, վերջապէս պատրիարք ընտրուեցաւ Խրիմեան Հայրիկ, (1870) որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր։ Հայաստանի մէջ հարստահարութիւնները սակայն առած էին մեծ համեմատութիւն եւ կեղեքումները բազմապատկուած էին։ Կեանքի, պատիւի եւ ինչքի ապահովութիւն չի կար։ Թէեւ եէնիչէրիութիւնը ջնջուած էր՝ սակայն եէնիչէրիականութիւնը կար ու կը մնար։ Կառավարական յոռի կազմակերպութիւն մը, կաշառակեր պաշտօնեաներ, իսլամի եւ քրիստոնեայի սոսկալի խտիր՝ երկիրը վերածած էին դժողքի մը, ուր հայերուն ապրիլը նահատակութիւն էր ինքնին։ Տիրողի եւ տիրապետուողի, րայեայի եւ ստրուկի հոգեբանութիւնը շեշտուած էր։ Կ. Պոլսոյ Հայ Մամուլը ամեն օր արձագանգը կ’ըլլար նորանոր հարստահարութիւններու, որոնք գաւառներու եւ մանաւանդ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենային ամեն օր։ Եւրոպական Մամուլն եւս սկսած էր հետաքրքրուիլ Թուրքիոյ կացութիւնով եւ օրը օրին արձանագրել երկրին մէջ պարզուող ամեն նոր երեւոյթ։ Ո՛չ Թանզիմաթը եւ ոչ ալ 1856ի Խաթթը Հիւմայիւնը կրցած էին զգալի փոփոխութիւններ առաջ բերել Թուրք ժողովուրդին, տիրող տարրին, եւ տիրող պետութեան մտայնութեանը մէջ։ Հին բարբարոսութիւնները կը շարունակուէին կրկին։

Այս սիսթէմաթիք հալածանքներն ունեցած են երեք ուղղութիւն. կրօնական, ընկերային եւ տնտեսական։ Եւրոպական միտքը, որ Ֆրանս[ական] Մեծ Յեղափոխութենէն վերջ մտած էր Հայոց մէջ, եւ ռամկավարական ոգի ներմուծած, ու Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ քաղաքացիական պարտքերու եւ իրաւունքներու ըմբռնումը տուած էր, ու իրարու յաջորդող Յեղափոխութիւններ ու ապստամբութիւններ՝ (Յունականը՝ 1828ին, Զէյթուն՝ 1860, Կրետէ՝ 1867, Պուլկարներ ու Պոսնա Հէրսէք) Օսմ[անեան] Պետութեան սահմաններուն մէջ Հայ Միտքը զարթեցուցած էին իր դարաւոր թմբիրէն։ Մխիթարեաններու ազդեցութեան տակ ԺԹ. դարու վերջին կիսուն կը կազմուի Հայոց Աշխարհիկ Գրականութիւնը, որ մեծագոյն ազդակներէն մին կը դառնայ Հայոց առաջդիմութեան։ Հայոց դրութիւնը աւելի ու աւելի անտանելի կը դառնայ։ Քիւրտ աւատապետներ, պէյէր, Չէրքէզներ, աղաներ ու մեծ ու պզտիկ բռնակալներ՝ միացած բռնակալութեան մարմնացում-կառավարութեան հետ՝ թալան, աւարառութիւն եւ սպանութիւն անպատիժ կը գործեն։ Խրիմեան Հայրիկ Պատրիարքը, առաջին անգամն ըլլալով, յանուն Հայ ազգին պաշտօնապէս կը բողոքէ Բ. Դրան եւ հարստահարութիւններն ու կեղեքումները պատմական յիշատակագիր-տեղեկագրով մը կը ներկայացնէ կառավարութեան՝ խնդրելով բարեկարգութիւն եւ հայոց կեանքին, պատիւին ու ինչքին պաշտպանութիւնը։ 1873 Հոկտ[եմբեր] 2ին Խրիմեան Պատրիարք ջոջերու վատ էնթրիքներուն հետեւանքով կը հրաժարի եւ իրեն կը յաջորդէ Ներսէս Վարժապետեան՝ 1874 Ապրիլ 24ին։ Հայոց վիճակը կը վատթարանայ հետզհետէ։ Գաղթականութիւնը ծայր տալ կը սկսի։ Գաւառներու եւ Հայաստանի ամեն կողմերէն խումբ խումբ ընտանիքներ եւ հարիւրաւոր, հազարաւոր մարդիկ՝ պանդխտութեան կ’ելլեն՝ երթալով Ամերիկա, Պուլկարիա, Եգիպտոս եւ այլն։ Իսկ ասոնց բոլորին հանդէպ կառավարութիւնը մէկ պատասխան ունի։ Խոստում եւ անվերջանալի խոստում։ Այդ խոստումի քաղաքականութիւնը միայն հայոց նկատմամբ չէ՛ր որ կը գործադրուէր։ Պալքանեան ազգերն ու Եւրոպական Պետութիւններն ալ կը փորձէին օրօրել խոստումներով, որոնց գործադրութիւնը չկար։ Թանզիմաթի հրատարակութիւնն ու բարենորոգչական փորձերը Թուրքիոյ մէջ, գործնական արդիւնքի մը չէին յանգած, որովհետեւ աւելի զինուորական բարենորոգումներով բաւականացած՝ թուրք պետական վարիչները կառավարութիւնը բարեկարգելու, պաշտօնեաներու մտայնութիւնը յեղաշրջութեան մը ենթարկելու եւ լուսաւորեալ միտքերը ժողովուրդին մէջ տարածելու լուրջ ջանքեր չէին ըրած։ Իսլամ հոգեւորականութիւնն ու իւլէմա դասակարգը արդէն բնական հակառակորդը պիտի ըլլար որեւէ բարենորոգման։ Այսու հանդերձ իրերն ալ գոհացուցիչ ուղղութիւն չունէին։ Թուրք պետական մարդիկ կ’ըմբռնէին ծանր հետեւանքն այս դրութեան։ Պալքաններն ու եւրոպական պետութիւնները միշտ սպառնական էին Օսմանեան Պետութեան հանդէպ։ Տնտեսական ոյժը փճացած էր Կայսրութեան համար։ Օսմ[անեան] Պետութիւնը գահավէժ անկում մը կ’երթար արագ արագ։ Նոր միտքով թուրքերու մտահոգութիւնները կը բազմապատկուէին։ Հորիզոնը փոթորկալից էր։ Պալատական զեղխութիւններն ու ահագին ծախքերը տարուէ տարի պետութեան բացը կ’աւելցնէին։ Սուլթան Ազիզ, կը հալածէր գրականութիւնը, գեղարուեստը, կը հաստատէր գրաքննութիւնը, կը ձերբակալէր միտքի գործիչները եւ իր ահեղ շռայլութեամբ Թուրք Պետութիւնը անդունդէ անդունդ կ’առաջնորդէր։ Եւրոպական մեծագումար եւ կործանարար փոխառութիւններ միայն կանգուն կը պահէին պետութիւնը։ Օրուան յառաջդիմասէր նախարարութիւնը, քաջ ըմբռնած րոպէին լրջութիւնը, 1876 Մայիս 19ին գահընկեց ըրաւ Սուլթան Ազիզը, գլխաւոր գործակցութեամբ Միտհաթ, Հիւսէյին-Ավնի, Տամատ Մահմուտ եւ Մէհէմմէտ-Րիւշտի փաշաներու։ Սուլթան Ազիզ բազկերակը կտրելով անձնասպան եղաւ, (թէեւ հակառակն ըսողներ ալ կան)։ Անոր յաջորդեց Սուլթան Մուրատ Ե. լուսամիտ եւ առաջդիմասէր թագաւորը, որ սակայն երեք ամիս միայն գահակալեց, ապա ստիպուելով հրաժարիլ գահէն՝ իբրեւ խելագար։ Մուրատի յաջորդեց Համիտ Բ. (1876)։ Մինչդեռ Պոլսոյ մէջ Պալատական այս յեղաշրջումները կը կատարուէին յաջորդաբար, անդին Պալքաններու մէջ հրդեհը կը բոցավառէր եւ Հայաստանի վիճակը աւելի քան անհանդուրժելի կը դառնար։ Պալքաններու ապստամբութեան ատեն պետութեան համար միակ մտահոգիչ վայրը, Զէյթունէն վերջ, Վասպուրականն էր, ուստի 1876ին կը հրդեհուէր Վանը, որպէսզի Հայ ժողովուրդը տնտեսապէս փճանար եւ անկարող ըլլար ապստամբութեան դրօշ պարզելու։ Զէյթունի հանդէպ անկարողութիւն ունէր կառավարութիւնը եւ հետեւաբար ալ՝ չկրցաւ բան մը ընել։ Ապտ-իւլ-Համիտ երեք կէտերու վրայ համաձայնած էր.

1. Անյապաղ հրատարակել նոր Սահմանադրութիւնը.

2. Պետական գործերու մէջ միայն իր պատասխանատու խորհրդականներուն կարծիքը հարցնել.

3. Զիյա պէյ եւ Քէմալ պէյ իր անձնական քարտուղարները դարձնել։

Պալքաններուն մէջ խժդժութիւնները շատցած էին Թուրք կանոնաւոր զօրքն ու պաշըպօզուգները ամբողջ նահանգներ աւերակ դարձուցած էին։ Պոսնա Հէրսէքն ապստամբած էր, Սերպիան եւ Գարատաղը՝ պատերազմի դաշտին վրայ էին եւ Պուլկարիան ալ՝ յեղափոխուած, Ռուս ժէնէրալ Չերնիայեւը իր կամաւորներով կ’օգնէր սլաւոններուն։ Սուլթանական կառավարութիւնը իր սարսափները կը շատցնէր եւ սակայն Պալքանեան ազգերը իրենց վերջին ճիգերը կը լարէին՝ ապագայ փայլուն յոյսերու յառած իրենց աչքերը։ Հայ ժողովուրդը կը քնանար։ Կ. Պոլսոյ էֆէնտի եւ կղեր դասակարգը օրօր կը կարդային Հայութեան գլխին. նոյն իսկ Ներսէս Վարժապետեան իր պատմական կոնդակը կը հանէր՝ հանդարտութեան եւ հաւատարմութեան հրաւիրելով հայ ժողովուրդը։ Գր. Արծրունի հակառակը կը քարոզէր։ Ռուսաստանը կ’ենթադրուէր այն ուժը, որ պիտի գար ազատել արեւելքի ճնշուած քրիստոնեաները։ Եւրոպական Տէրութիւնները, այս բոլոր խնդիրներուն վերջ տալու նպատակաւ կը կազմեն Կ. Պոլսոյ գօնֆէրանսը (խորհրդաժողով)։ Դեկտ. 23ին (1876) Խորհրդաժողովը կը բացուի։ Անգլիոյ ներկայացուցիչն է Սալըզպրի, իսկ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը՝ Իկնաթիէֆ։ Կը հրաւիրուի Օսմանեան տէրութիւնն ալ իր ներկայացուցիչը տալու։ Ժողովը հազիւ սկսած իր գործին, ահա թնդանօթի 101 հարուածներ կ’աւետեն Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան հռչակումը Ապտ-իւլ-Համիտ Միտհաթ փաշայի խորհրդով վերջապէս կը հաճի հրատարակել Սահմանադրութիւնը, կտրատած եւ սեղմած, յանկարծակիի բերելու համար պետութիւնները եւ Օսմ[անեան] Պետութիւնը անդամատութենէ ազատելու համար։ Գօնֆէրանսը կ’ուզէ շարունակել իր գործը, բայց Բ. Դուռը նկատողութեան չառներ ներկայացուած որեւէ խնդիր։ Սալըզպրիէ վերջ Լօրտ Տէրպի կը քաջալերէր թուրքերը։ Սուլթան Համիտ հետզհետէ հեռացուց իր քովէն Միտհատ փաշան եւ ուրիշ ազատական խորհրդատուներ, բայց հարկաւոր կը նկատէ վերջապէս Երեսփոխանական Ժողովը գումարել։ Շուտով ընտրութիւնները կը կատարուին եւ 1877ի սկիզբը կը բացուի Օսմ[անեան] Խորհրդարանը՝ մասնակցութեամբ 237 պատգամաւորներու, որոնց 13ը Հայեր էին։ Հայեր խոհեմութիւն կը համարեն լռել երբ անդին իշխանութեանց հրամանով, քիւրտերը երկիրը Ռուսներուն դէմ պաշտպանելու պատրուակով հայ գիւղերուն ու քաղաքներուն վրայ թափեցան, հազարաւոր մարդիկ կոտորեցին, կիներ բռնաբարեցին եւ Վասպուրականի, Բասենի եւ Բագրեւանդի ու Մշոյ դաշտին մէջ՝ ամբողջ գիւղեր այրեցին։ Այս առթիւ Օսմ[անեան] Խորհրդարանին մէջ առաջին ազդու բողոքը կը ներկայացնէ յոյն պատգամաւոր Սուլիտէս էֆէնտի, որ խրոխտ ճառով մը կը դիմակազերծէ Օսմ[անեան] կառավարութեան կեղեքող քաղաքականութիւնը։ Անոր կը յաջորդէ Կարնոյ երեսփոխան Պալլարեան էֆէնտի, որ ընդարձակ բացատրութիւններ կուտայ Հայաստանի անտանելի կացութեան նկատմամբ։ Երեսփ[ոխանական] Ժողովը կ’որոշէ գրել Բ. Դրան՝ ազդու միջոցներ ձեռք առնել, բայց ի զո՜ւր։

1877ի վերջերը, Ռուսիա, յուսահատ բոլորովին Կ. Պոլսոյ Խորհրդաժողովին դրական արդիւնքէն, մանաւանդ զզուած Անգլիոյ երկդիմի դիրքէն, Կորչագովի միջոցաւ Օսմ[անեան] Պետութեան կը յայտարարէ թէ պատերազմն սկսուած է արդէն եւ ռուսական բանակները Եւրոպայէն ու Ասիայէն՝ կ’արշաւեն Օսմ[անեան] հողերուն վրայ։ Սուլթանը քրիստոնեայ բանակներուն յառաջխաղացութեան վրայ՝ կը հրամայէ զինուոր առնել քրիստոնեաներէն ալ։ Յունաց պատրիարքը իսկոյն կը հրամայէ կատարել սուլթանական հրամանը, իսկ Ներսէս Վարժապետեան Ազգ[ային] Ժողովի սեղանին վրայ կը դնէ։ Երեսփոխանները երկու մասի կը բաժնուին։ Ժողովուրդը կ’ըմբոստանայ եւ հրամանը մեռեալ տառ կը մնայ։ Պատերազմին անյաջողութիւնը դժգոհութիւն կ’առաջացնէ եւ կը սկսի հարցապնդում պատերազմին մասին։ Բայց առանց հարցապնդման արդիւնքի երեւան գալուն, բոլորովին անսպասելի կերպով Սուլթանը 1878 փետր. 2ին կը փակէ Օսմ[անեան] Խորհրդարանը՝ պէտք եղած ատեն կանչուելու պայմանաւ…։ Իսկ յայտնի է թէ, քանի տասնեակ տարիներ վերջը միայն Համիտ պէտք ունեցաւ անոր…։ Ռուսները Ասիոյ կողմէն կ’առնեն Կարսը, Արտահանը, Պաթումը, Սօխում Գալէն եւ կը պաշարեն Էրզրումը։ Եւրոպայի կողմը նոյնպէս։ Բլէվնան կը դիմադրէ բաւական ատեն, բայց կ’իյնայ։ Վերջապէս Ռուս բանակը կը բանակի Սան-Սթէֆանօ։ Հայերը, որոնք մինչեւ ռուսներուն հոն հասնիլը ռուսատեաց էին, անմիջապէս դարձան ռուսասէր։ Պարտուած Օսմ[անեան] Պետութիւնը ստիպուեցաւ զիջանիլ առաջարկուած բոլոր պայմաններուն։ Ռուսիա Պոլիսը չառաւ եւ գոհացաւ Սեւ Ծովու եզերքէն մաս մը հողով. բայց մեծ հեղինակութիւն ստացաւ ազատագրել ազգերուն եւ արեւելեան հարցին մէջ։ Մոնթէնէկրօ, Սերպիա, Ռումանիա անկախ տէրութիւններ կը հրատարակուին. Պոսնա եւ Հէրսէք Աւստրիոյ պաշտպանութեան կը յանձնուին։ Պուլկարիա իշխանապետութիւն կը ձեւանայ։ Սան-Սթէֆանօյի դաշնադրութեամբ ուղղակի Եւրոպական միջամտութեան թոյլ կը տրուի՝ Թուրքիոյ ներքին գործերուն մէջ։