Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Է.

Դեռ սպասման սրահը չմտած՝ սանդուղներուն վրայէն Էվա լսեց աղմկալից խնդու մը, յետոյ երգի կտոր մը։

Իրաւ որ այսօր զուարթ են, կը զուարճանան մտածեց ինքնին։

Դեռ չհասած դուռը իր դէմը բացուեցաւ։

Բարի եկաք պզտիկ-մայր։

- Ա՜հ դուք էք, Տիկին Մարսէլ ըսաւ Էվա բարեւելով եւ ժպտելով. այնքան ծիծաղաշարժ ձեւ մը ունէր այդ Մարսէլը։

Անիկա թեւերուն մէջ կ’օրօրէր խանձարուրուած տղեկ մը. երբեմն իր վրայ կը դառնար պարելով եւ միշտ գողտր խօսքեր կ’ընէր պզտիկին։

Ըսէ՛ նայիմ, ի՞նչ ալ սիրուն ես, հէ՞, թող չեմ տար որ լաս։

Ասոնք կ’ըսօր դէմքի անանկ ծամածռութիւններով որ բոլոր սրահը կը խնդար։

Ի՜նչ խենդուկ մըն է սա Մարսէլը։

Սակայն պահ մը դադրեցաւ կապկութիւններ ընելէ, երբ Տիկին Էվա մտաւ սպասման սրահը. ճերմակ եւ անճառագայթ լոյս զայն բոլորովին կը տժգունցընէր. աչքերը ալ աւելի շրջանակուած էին սեւ ծիրով մը եւ շրթները անգոյն էին։

Բարեւ, Տիկին Լըռու։

Վայրկեան մը Լըռու անոր նայեցաւ առանց խօսելու, յետոյ փղձկուած եւ բարի՝ պատասխանեց.

Կուզէ՞ք որ ձեզի ճշմարտութիւնը ըսեմ. չափազանց գոհ եմ ձեր վերադարձին համար։

Շնորհակալ եմ Տիկին Լըռու։

Է՛ պզտի՞կը։

Տունկ ձգեցի. ամուսինս տկար է վրան կը հսկէ։

Ծանր բան մը չէ կը յուսամ որ քու ամուսնոյդ տկարութիւնը։

Չեմ գիտեր։

Էվա տարօրինակ նայուածք մը ունէր. «ֆիլէ»ն քովը նստարանին վրայ դրաւ եւ գլուխը կռթնցուցած պատին հազիւ թէ կը պատասխանէր. ամէնքը անոր կը նայէին շահագրգռուած. նոյն իսկ Մարսէլ այլ եւս չէր խնդար. իր ընդհանրապէս անհոգ եւ զուարթ աչքերուն մէջ յայտնի կերպով յուզում կար. այլեւս բան մը չհարցուցին Էվաին եւ ծանր լռութիւն սը տիրեց սրահին մէջ՝ երբեմն ընդհատուած հեծմունքներէն որ consultationի սրահէն կուգար։ Վերջապէս Տիկին Լըռու անհամբերութեամբ մրմնջեց.

Ի՞նչ ալ ուշ մնաց Լէոնդինը, երեք քառորդ ժամէ ի վեր է որ իրեն կը սպասեմ, գետնախնձորներ դրի կրակին վրայ, հիմակ այրած ըլլալու են։

Կամ թէ կրակը մարած... ինչ որ լաւագոյն է։

Միշտ այսպէս է. կաթին պատճառաւ կէս օրը կը կորսուի։

Անշուշտ, եւ ատիկա մեծ բան է, մեզի պէս կիներուն համար։

Տղաքնե՛ր, բաւական է որքան լածիք ընդհատեց Մարսէլ եւ դառնալով դէպ ի Էվան.

Պզտիկ- մայր, պէտք է զուարթ ըլլալ, ինծի պէս. կը տեսնէ՞ք ես միշտ կը խնդամ։

Դէմքերը պայծառացան։

Իմ տանս մէջ արգիլուած է լալը, պէտք է տեսնել, պզտիկն ալ ասիկա գիտէ եւ երբեք չի լար։

Եթէ խիթեր ունենա՞յ։

Բնաւ պատահած չէ. նոյն իսկ եթէ ըլլար թեւերուս մէջ կ’առնէի կը պարէի, կ’երգէի, եւ կ’օրօրէի դեռ, մինչեւ որ մանչուկը սկսէր խնդալ։ Եւ սկսաւ երգել. երբեմն ցաւի ճիչեր քովի սրահէն կուգային ձայնը խափանել։ Ինքը անփոյթ կը շարունակէր խնդալ եւ երգել. կին մը հարցուց.

Է՛ մա՞րդդ, միշտ քեզի կը ծեծէ՞։

Որը՞, եթէ կը հաճիք. նախորդը արդէն մեկնեցաւ, դեռ կը վազէ կոր…։

Ա՛հ, ա՜հ, ըսել է մարդդ քեզ ձգեց։

Ես զինքը դուռը դրի։

Ծեծին պատճառաւ չէր անշուշտ, դուն վարժուած էիր ատոր։

Հարկաւ թէ չէ. ծեծը՞… վարժուած եմ, կիները կը սիրեն ծեծ ուտել։

Լսեցէ՛ք, կեղծաւորնե՛ր. բացարձակ ճշմարտութիւն է ըսածս. նախորդս որ բաւական կին ճանչցած էր, միշտ ինծի կ’ըսէր ասիկա. հարուածներէ ետքը կիները աւելի լաւ կը սիրեն։

Օ՜հ, օ՜հ, քեզի համար այդպէս է թերեւս։

Մեր մէջ կեղծելու պէտք չկայ հէ՞, բոլոր կիները խման են։

Յիմար բաներ կ’ըսեն կոր… դուն որովհետեւ շատ ծեծ կուտէինր անոր համար այսպէս ստիպուած ես ըսելու։

Որովհետեւ ես փորձառութիւնը ունիմ. սաչափը ըսեմ որ եթէ մարդս ծեծել չգիտնար այսչափ երկար ատեն ալ մէկտեղ չէինք ապրեր։ Եւ ճշդելու համար ըսածը, քղանցքները սօթտեց ցուցնելով սրունքները որոնց վրայ կապտորակ ուռեցքներ կային։

Կը տէսնէ՞ք կոր։

Ի՞նչ brute մը։

Բոլոր մարդոց պէս։

Այն ատեն ինչո՞ւ զինքը ճամբեցիր քանի որ այդքան աղէկ կը ծեծէր քեզի։

Որովհետեւ երկայն տեւեց... լիլա ներէն ի վեր, ապրիլ ամսուն։

Մէկէն ինքն իր վրայ դարձաւ երգելով.

En cueillant des lilas qu’avril donne

Vous avez dans un geste cequet

Pris le coeur avec le bouquet

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

  Հակառակ cynique եւ անամօթ խօսքերուն, երգած ատենը վերջապէս նուաղկոտ երեւոյթ մը առաւ, ձայնը կը մեղմանար գրեթէ սանթիմանթալ շեշտ մը կ’առնէր. միւս կիները միշտ կը խնդային.

Car ľamor . . . . . . .

Հարուածներուս հետ կը հասկցուի։

Առանց ուշադրութիւն ընելու շարունակեց.

Vient des fois nuos surprendre ici bas

En cueillant des lilas . . . . . . . .

Մէկէն ի մէկ consultationի սրահին դուռը բացուեցաւ եւ դայեակը խիստ երեւոյըով յանդիմանեց.

Չե՞ք ամչնար, այսպէս աղմուկ կ’ընօք, ներսը կիներ կան որ կը տանջուին։

Դուռը գոցուեցաւ։

Ահաւասիկ Sainte Nitouche մը։

Որ բաւական փափաք ունէր խնդալու։

Ուրիշ բանի ալ փափաք ունենալու ձեւ ունէր։

Լռէ, Մարսէ՛լ։

Այս օրիորդները որ մեզի հպարտութիւն կը ծախեն, թերեւս մեր տեղը ըլլալ պիտի ուզէին։

Անտարակոյս մենք սէրը ունինք։

Եւ հարուածները։Ցաւի կոչ մը՝ սուր եւ ողբագին՝ լսելի եղաւ։

Տղաքներ, անդին գորտը կը քալէ կոր։

Տիկին Լըռու անշուշտ յիշելով իր գետնախնձորները սկսաւ նորէն գանգատիլ։

Ի՞նչ դժուար բան է այսպէս սպասել, հիմա կէս օր կ’ըլլայ, մարդուս ուիելու բան չունի։

Ի՞նչ կ’ընես, Լէօնդինը այսպէս է, շատախօսութիւնը չի լմննար։

Արդէն հոգն ալ չէ որ իրեն սպասող կայ։

Մարսէլ տարօրինակ բան մը պատմելու վրայ էր իր քովի կնոջը. խեղդուած ձայնով մը կը խնդային. Մարսէլի աչքերը կը փայլէին եւ շրթունքը հաճոյքէ խոնաւ էին. ձեռքերը մէջքին՝ հասակը կ’օրօրէր անանկ ձեւով մը որ անպատկառ ու գրեթէ լիրբ ձեւ մը կ’առնէր։ Էվա թէեւ ներքնապէս վիրաւորուած այս երկդիմի դրացնութենէն երբեմն կը ժպտէր. բայց այս անգամ չափազանց գայթակղած անշուշտ Մարսէլի խօսքերէն որ մինչեւ իրեն կը հասնէին, Տիկին Լըռուին քով եկաւ։ Անիկա գոնէ պարկեշտ կին մըն էր, գործաւորի կին եւ անոր քով սեղմուած իրենք ալ կը խօսէին ցած ձայնով երկուքն ալ ջանալով ծածկել իրենց ménageին յուսահատական անձկութիւնը։

Այսպէս ամուսինս երկու ամիս է որ չաշխատիր. շինութեանց համար գործերու դադարման եղանակն է. մեզի համար շատ դժուար եկաւ այս տարի։

Ահ այո՛, Տիկին Լըռու, կը հասկնամ։

Եւ դեռ գոհ ըլալու է երբ մարդ առողջ է։

Էվա երազկոտ իրեն կը նայէր։

Ճիշդ, կ’ըսէիք որ ձեր ամուսինը տկար էր։

Էվա մէկէն իր ներքին ցաւը արտայայտելու պէտքէն մղուած ամէն բան պատմեց։ Անտրէին հիւանդութիւնը, անձկութեան գիշերը, իր վախերը։ Չափազանց յուզուելով անիկա ներքին սարսուռ մը կ’զգար որ երբեմն խօսքը կ’ընդհատէր, ասիկա կարծես թէ անձրեւ մըն էր հոգւոյն մէջ ցուրտ եւ աշնանային անձրեւը՝ ինչպէս դուրսը մշուշոտ քաղաքին վրայ։ Այդ միջոցին Լէօնդին հասաւ. աչքը պտտցուց սրահին մէջ, պարապ շիշերը համրելով եւ մէկէն արտասովոր զուարթութենէ մը բռնուեցաւ Մարսէլը տեսնելով.

Բարեւ Տիկին Մարսէլ, լա՞ւ էք։

Ինչպէս միշտ, աղւորս։

Այսօր դո՞ւն եկար կաթերը առնելու։

Մարդս գնաց։

Եւ դուք զուարթ էք, ինչպէս բան մը եղած չըլլար։

Է՛հ, նոր մը կայ ինծի մխիթարելու համար։

Աստուածս Աստուածս, ի՜նչպէս կը յարմարցնես։

Պէտք է, ի՜նչ ընես, մեր տունը ամէն բան շուտով կ’ըլլայ։

Է՛հ, ի՞նչպէս զիրար ձգեցիք։

Շատ սրտայոյզ ձեւով մը, սիրելիս։

Encore un baiser veux-tu bien?

Un baiser qui n’engage à rien . . .

Ճիշդ չէ, իրարու հետ ծեծկուեցաք, ապահով եմ։

Բայց մէկը միւսը չարգիլեր, ապո՛ւշ։

Շտապ շարժումով մը թեւը սոթտեց եւ նորէն ցուցուց հարուածի հետքեր, ուռած եւ արիւնոտ վէրքերու պէս։

Ասիկա վերջաբանն էր։

Ա՜հ, Աստուածս, ի՞նչ հրէշ, շատ բան քաշած ըլլալու էք, խեղճ Մարսէ՛լ։

Խե՜ղճ Մարսէլ...

Անիկա կը կապկէր Լէօնդինի ձայնը։

Խեղճուկ ձեւերդ վերջացա՞ն։

Խնդալու փափաք չկայ։

Լէօնդին նայուածքովը կը ցուցնէր Էվան, ատեն մը անցաւ երբ կիները կաթը ծառայել կուտային, երբեմն Լէօնդինի ձայնը միայն կը լսուէր.

7 շիշ 75 կրամնոց, ահաւասիկ, ինծի նայեցէք, շիշերդ աղտոտ են, գարշելի բան է, հիմայ ձեզի եմ։

Տիկին Լըռու անհամբերութենէն կ’եռար։

Վերջացուցի՞ք գանգատնիդ... ի՞նչ անշնորհք կիներ էք։

Ձեզի ժամէ մը ի վգր է կը սպասեմ։

Աւելի գէշ ձեզի համար։

Լըռու շրթունքը խածաւ, Լէօնդին դանդաղութեամբ կը ծառայէր, կար կարող գործաւորուհիի մը՝ անոր հեի արդուզարդի վրայ խօսելով։

Սամարիթէն էն մետաքսեայ քրէմ շմիզէթ մը գնեցի. բայց գիտէ՞ք, բան սը կայ որ չ’երթար կոր. ես չեմ հասկնար։

Պահ մը ետք գործաւորուհին հարցուց անփութօրէն։

Թեւերուն վրա՞յ է պակասութիւնը։

Ոչ, թեւերը շատ աղէկ են, թեւերուն տակն է եղածը, վերջապէս կողամասերուն վրայ թերեւս, չեմ կրնար ձեզի ըսել, պէտք է տեսնել, եթէ դուք հոս ըլլայիք ի՞նչ դիւրին պիտի ըլլար։

Անշուշտ։

Այսօր հրաման ունիս դուրս ելլելու։

Եկէք ինծի, ձեր քրէմ շմիզէթ ը բերէք եւ կը նայիմ անգամ մը։

Շատ շնորհակալ կ’ըլլամ Տիկին, առէք շիշ մը կաթ եւս. միւսներուն բան մի ըսէք։

Միւսները շատ աղէկ կը տեսնէին ասիկա. յետոյ կարգը Մարսէլին եկաւ. նորէն լկտի խօսքեր, խնդալէ կը մարէին կողերնին բռնած. Մէկէն մարսէլ լրջութեան կեղծ երեւոյթ մը առաւ եւ ըսաւ.

Ա՜հ կը տեսնեմ անցնիլը...

Որո՞ւն։

Ամենքը կը նայէին։

Կը տեսնեմ, անցնիլը, անցնիլը Պարոն Վալօնին...

Էվա մէկէն շառագունեցաւ մինչեւ ականջները... Լէօնդինը միշտ նայուածքովը զայն կը ցուցնէր. այն ատեն Մարսէլ շարունակեց.

Պզտիկ-մայր, կը տեսնեմ Պարոն Վալօնը եւ Պարոն Բրացը որ կ’անցնին։

Այս վերջին բառերը ուղղուած էին Էվաին. անիկա չպատասխանեց բայց կարմրութիւնը կը յամառէր, ջղային շարժումով մը մազերը կը շտկէր ճակատին վրայ քիչ մը դէմքը ծածկելու համար. այլ սակայն ինքզինքը չկրցաւ արգիլել նայելու եւ տեսաւ Բրացը որ կ’անցնէր պարտէզէն իր սովորական երեւոյթովը Վալօնին քովէն. նորէն սրտին մէջ հարուած մը զգաց մտածելով որ անիկա բոլորովին անտարբեր մնացեր էր մինչ ինքը այնքան այլափոխուած էր յուզումէն։ Լէօնդին գաղտնօրէն կը խնդար, մինչդեռ Մարսէլ, ներքնապէս լաւ աղջիկ մը՝ փղձկուած կ’զգար ինքզինքը։

Ինծի նայեցէ՛ք, պզտիկ մայր, պէտք է խնդալ եւ միշտ, միշտ...

Ամոր վրայ առաւ «ֆիլէ»ն եւ մեկնեցաւ շուտով դեռ մրմնջելով սանթիմանթալ romanseներ որ այնքան զարմանալիօրէն կը հնչէին իր գրգռող եւ վաւաշոտ կնոջ բերնին մէջ, վարժուած՝ փողոցներու անկիւնը մարդեր որսալու։

Բացարձակ voyou մըն է, ըսելիք չկայ։

Նորէն ինչ որ է, մանչուկը կը սիրէ։

Ատիկա, այո՛, երբէք չուզեց զայն լքել։

Վերջապէս այդ պզտիկը տարօրինակ բաներ տեսնելու է. միշտ հարուածները գինով մօրը եւ անոր brute մարդերուն մէջտեղ։

Դեռ ի՛նչ նոր թիփ եր պիտի տեսնայ։

Մէկիկ մէկիկ կաթ առնող կիները մեկնեցան. նոր հասնողները կը շտապէին, Էվա եւ Լըռու անկիւն մը կըսպասէին միշտ. դեռ սպասման սրահը լեցուն էր. տղու դէմքեր կ’երեւէին ժպտուն կամ լալկան և անհամբեր կիներ մեկնելու իրենց ճաշին. Մաթէրնիթէի ժամացոյցկ կէս օր հնչեց։

Տիկիններ, շտապեցէ՛ք...

Քանի մը վայրկեանէն սրահը պարապ էր. ալ մինակ Էվան եւ Լըռուն մնացած էին. սանդուղներու վրայ քայլերու աղմուկը մարեցաւ, հեռացաւ։

Ձեզի համար կաթ չմնաց վերջապէս ըսաւ Լէօնդին, հիմակ կ’երթամ կը բերեմ։

Բան մը չըսին գիտնալով որ անօգուտ էր։ Լէօնդին մեկնեցաւ եւ երկուքն ալ նստեցան նստարանին վրայ. Լըռու ինքզինքէն ելած կ’ըսէր։

Անկէց ի վեր որ չեմ կրնար իրեն 10 սունոցներ տալ, ինծի հետ այսպէս է աս անպիտանը, այլ սակայն ասանկ ժամանակներով գետնէն չի հաւաքուիր 10 սունոցները։

Ահ այո՛, իրաւ է։

Պարապ սրահին մէջ սպասումը աւելի տաժանելի կը դառնար, միշտ consultationի սրահէն ցաւի ճիչեր կը հասնէին հետզհետէ աւելի խռպոտ, աւելի յոգնած։

Սակայն մենք առաջին եկողներէն էինք, յուսահատական բան է։

Էվա չպատասխանեց. լռին մտիկ կ’ընէր հիւանդին ցաւի ճիչերը. մինչդեռ Տիկին Լըռու մեքենաբար կը կրկնէր.

Յուսահատական է, յուսահատական է։