Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

/248/ Բացի տպագրուած գիրքերէ, Մխիթարի ձեռքով ծաւալած են նաեւ սրբազան պատկերներ՝ Յիսուսի, Աստուածածնի եւ կամ այլ սուրբերու. դժբախտաբար, մեզի չէ հասած անոնցմէ ոչ մէկ նմոյշ, որոշ գաղափար մը կազմելու համար, սակայն, բնական ենթադրութեամբ, այնպէս՝ կը կարծենք՝ որ իր տպել տուած գիրքերուն համար պատրաստուած պղնձատիպ պատկերները օգտագործուած են, ու զանոնք առանձին թղթիկներու վրայ տպել տալով բաժնած են հաւատացեալներու։

Այս ուղղութեամբ ունենք շատ վկայութիւններ, յատկապէս Մխիթարի Հաշուեգիրքին մէջ, ուր ստէպ կը նշանակէ՝ թէ ո՛րքան գումար տուած է պատկեր տպողին. ամէնէն աւելի ակնառու եւ շօշափելին՝ 1743ի Մայիս ամսուն տպել տուած է, որուն համար նաեւ արձանագրած է։ «պատկեր տպողին՝ որ 30. 000 տպեաց, վերջապէս ետու 25. 10 լիրէ»։ Եթէ 30. 000 պատկերի տպագրութեան համար ծախսած է 25 լիրէ, ունինք զանազան այլ նմոյշներ, ուր չեն նշանակուած տպագրուած նկարներու քանակը, այլ՝ միայն վճարուած գումարները, որոնցմէ կարելի է եզրակացնել թէ 30. 000 աւելի տպել տուած է այլ անդամներ. այսպէս 1747ի Նոյեմբերին՝ տուած է 21 լիրէ, Դեկտեմբերին՝ դարձեալ 21 լիրէ. 42 լիրէ՝ երկու ամսուան ընթացքին, ուրեմն՝ շուրջ 50. 000 պատկերի համար։

Տպագրուած պատկերները պէտք է եղած ըլլան երկու չափով. մին՝ Աստուածաշունչի նկարներուն չափով (7, 5x10 45 Հրդմ . ), եւ ուրիշ մը՝ աւելի մեծադիր, բայց թէ ի՛նչ չափերով՝ դժուար է որոշ բան մը ըսել։ 1732 Սեպտեմբեր 2 թուակիր նամակով՝ Մխիթար կը /249/ գրէ Պոլիս գտնուող Հ. Պօղոս Վրդ. ին, թէ Պոլիս ղրկուած գիրքերու սնտուկին մէջ դրած է նաեւ պատկերներ, այսինքն «25 մեծ պատկեր, որոց ոմանք էին մինիադայք, եւ 180 փոքր պատկեր է նորատպից» [1] ։ Էրզրում կը ղրկէ «զմի ղութի, ի մէջ որոյ գոն երեսուն եւ հինգ տապաղայ պատկեր, ի վերայ որոց մանր պատկերք տպեցեալք, վեշտասան մեծկակ պատկեր թղթէ, ինն պատկեր մագաղաթ, նաեւ հարիւր վաթսուն պատկեր չորից աւետարանչաց» [2] ։ 1733ի Նոյեմբեր 24ին՝ Պելկրատ կը ղրկուին զանազան գիրքեր, եւ «186 մանր պատկերք առ մեօք տպեցեալք, այսինքն՝ 20ական եւ տասական» [3] ։ 1734ի Յուլիս 24ին Էրզրում կը ղրկուին «120 մեծ պատկեր, այսինքն՝ ի վերայ որոյ գոն բազում մանր պատկեր տպեցեալք, 230 մանր պատկերք ի մերայնոց, 25 մագաղաթեայ պատկեր է» [4] ։ Տոմսակ գրեանց մէջ, ուր նշանակուած են գիրքերու առաքումներու թուականները, 1735 Մայիս 18ին նշանակուած կը գտնենք հետեւեալը. «ետու Վ. Հ. Միքայէլին մերում 600 մանր պատկեր զանազան տեսակ»։ Նոյն տետրակին մէջ այլեւայլ թուականներու ներքեւ ալ կը գտնենք նման բացատրութիւններ։

Սրբազան պատկերներու կարգին՝ յատուկ ուշադրութեան արժանի են «Պատկերք Աստուածաշնչին»:

Աստուածաշունչի տպագրութենէն ետք (1735), անոր պատկերներուն կաղապարներն օգտագործելով՝ Մխիթար պատրաստած է հատորիկ մը, միայն պատկերներով, իւրաքանչիւրին ստորեւ դնելով փոքրիկ մակագրութիւններ՝ փառակազմ ու ոսկեդրուագ օրինակ մը այս հատորիկէն պատուած է Ս. Ղազարու գրադարանին մէջ (մեծութիւն՝ 11x15, 5 Հրդմ. ), 157 նկարներով, առանց տիտղոսաթերթի. պատկերները դասաւորուած են զոյգ զոյգ՝ հանդիպակաց էջերու վրայ, երկու հանդիպակաց սպիտակ էջեր թողլով միջանկեալ. միակ մեծ պատկերը (թղ. 79), որ կրկին լայնք ունի եւ ծալուած է՝ տասներկու մարգարէներու խմբանկարն է (մեծ: 15 5x10 45 Հրդմ . ), Հին Կտակարանի շարքէն վերջինը։ Պատկերներու կարգը՝ Հին Կտակարանի շարքին մէջ՝ նոյնն է Աստուածաշունչի կարգին հետ, քիչ բացառութիւններով. իսկ Նոր Կտակարանի ընթացքին՝ Աւետարաններու նկարներուն շարքը կը տարբերի Աստուածաշունչի շարքէն, /250/ Պատկերագրքին մէջ դասաւորուած ըլլալով Համաբարբառ միակ պատումի կարգով. ունի քանի մը յաւելեալ պատկերներ ալ. վերջին նկարը կը ներկայացնէ Աստուածամօր «Օրօր»ը՝ ննջող Յիսուս Մանուկի դիմաց (թղ։ 157)։

Մխիթարի իսկ կենդանութեան բաւական ծաւալած է այս գրքոյկը, թէ՛ Վենետիկ եւ թէ՛ Պոլիս։ Ներկայիս՝ օրինակ մըն ալ կը գտնուի Նոր Ջուղա, թէեւ պակասաւոր, Տիար Լ. Գ. Մինասեանի անձնական հաւաքածոյին մէջ [5] ։

Մխիթարի Հաշուեգիրքին մէջ, շատ ստէպ իբր ստացուած գումար նշանակուած կը տեսնենք «ի պատկեր է Աստուածաշնչի՝ 12 լիրէ»: երբեմն ծախուած է նաեւ 11 կամ 10 լիրէի ալ։ Ուրեմն, աւելի թանկարժէք հատոր մըն էր Պատկերագիրքը՝ քան Յարացոյցն ու Ռոտրիկվեցը, որոնք միասնաբար 9 լիրէ արժած են՝ ըստ նոյն Հաշուեգիրքին։ Իսկ երբ աչքէ անցնենք տարուէ տարի Պոլիսէն հասած Հաշուեթուղթերը եւ հոն մնացած ծախու տրամադրելի գիրքերու ցուցակները, կը գտնենք հետաքրքրական ուրիշ մանրամասնութիւններ ալ. այսպէս. 1741ի Յուլիսին Պոլիսէն ղրկուած Հաշուեցուցակին մէջ կը նկատենք հետեւեալը։

 

«75 Մեկնութիւն Աւետարանին Մատթէի, հատն ղուռուշ 6,

բնաւն 450

7 զոյգ Աստուածաշնչի ծաղկեալ պատկեր, հատն » 6,

բնաւն 42

7 զոյգ Աստուածաշնչի պարզ պատկեր, հատն   » 4. 5,

բնաւն 31։60»

 

Թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ «պարզ» կամ «ծաղկեալ» զանազանութիւնը, չենք կարող որոշ բան մը ըսել՝ թերեւս «ծաղկեալ» կոչուածները՝ զարդարուն լուսանկագիծերու մէջ առնուած ըլլան, կամ նոյնիսկ գունաներկուած՝ Մխիթարի վարպետ աշակերտներուն կողմ է, ինչպէս կարգ մը Աստուածաշունչներու մէջ կը հանդիպինք։

Պոլսոյ մէջ պէտք է բաւական մեծ ընդունելութիւն գտած ըլլան Աստուածաշունչի պատկերները. «զերկու պատկերքն Աստուածաշունչին, զորս եդեալ էիք ընդ գրեանցն, Պետրոս աղայն ծախեաց զնոսա /251/ հինկ հինկ ղուռուշի, եւ իմ հետ եղեալն եւս ծախելոց է, զի բազումք յուզեն եւ խնդրեն. եթէ կամիք՝ տաս եւ կամ հնգետասան տէստէ ղրկեցէք, թէպէտ եւ ոմանք կամեցան որպէս զգիրք կազմել, չորս չորս լինելով մէկ երեսն, բայց ոչ լինելով համաձայն, ոչ արարին, ուստի եթէ կարելի է՝ այնպէս տպել տուր 5–6 մի թըւով» [6] ։

Մխիթար համաձայն չէ գինին մասին, եւ կ՚ուզէ աւելի նուազ գինով ծաւալել՝ ժողովուրդին օգուտին համար. «գրեալ ես թէ զպատկերն Աստուածաշունչի զմէկն ծախսեր է. ասա նմա, յինէն սիրով ողջոյն մատուցանելով, թէ շատ բարձր գին է. յորժամ վերստին գայ այդր, չորս ղուռուշով թող տայ, նաեւ թէ մէկ ոսկի տայցեն՝ պարտի տալ» [7] ։

Մխիթարի տպել տուած անթիւ նկարները այնքան կը ծաւալին հաւատացեալներու մէջ ու կը սպառին, որ Պաշպալովէն Հ. Մանուէլ Վրդ. կը մտածէ՝ փոխանակ պատկեր ուզելու՝ Վենետիկէն բերել տալ պատկերներու պղինձները, տեղւոյն վրայ տպել տալու համար. կը գրէ . «խնդրեմ զի առաքիցես ընդ մոմաբերցն է-ը (7–8) պղնձեայ փորուածու պատկերս, զոյս ողորմածահոգի տիրացու Գէորգն եբեր այդր ի ժամանակս իմ, որպէսզի աստ տպել տայցեմ եւ աշակերտաց բաշխիցեմ. զի գոն աստ տպօղք աժան գնով, զի մի յամենայն անգամ խնդրիցեմ այտի» [8] ։



[1]     Տոմսակ գրեանց, 21 Օգոստ. 1732։

[2]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 6 Մարտ 1733ին, առ Հ. Յակոբ, Էրզրում:

[3]     Տոմսակ գրեանց, 21 Նոյեմբ։ 1733։

[4]     Տոմսակ գրեանց, 23 Յուլիս 1734։

[5]     Լ. Գ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ, նախ՝ գրախօսականի մը առիթով, Հայ հնատիպ գրքի մատենագիտական ցուցակը եւ մի քանի նորայայտ գրքեր ու այլ ծանօթութիւններ, տե՛ս «Հասկ» ԼԹ. (1970), թ. 9–10, էջ 376–386, ապա՝ առանձին յօդուածով կը խօսի այս թանկարժէք հատորիկի մասին, «Հայերէն առաջին Պատկերագիրքը» խորագրով, տե'ս «Շիրակ» ԺԷ. (1974), թ. 6, էջ 60–61։ Հմմտ. նաեւ «Հայ Ընտանիք» Լ. (1979), թ. 1-2, էջ 25։

[6]     Հ. Պետրոս Վրդ. Պոլիսէն, 9 Մարտ 1739ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[7]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 26 Մայիս 1739ին, առ Հ. Պետրոս Վրդ. Պոլիս։

[8]     Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաշպալովէն, 25 Մարտ 1732ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։