Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԱ. ԳՐԱՎԱՃԱՌՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ

/260/ Տպագրուած գիրքեր ծաւալելն ալ դիւրին գործ չէր, 1700ական թուականներուն, մանաւանդ որ չկային թղթատարական ճամբով առաքելու դիւրութիւններ։ Կ՚օգտակործուէին երկու միջոցներ գիրքերու սնտուկը կը յանձնուէր Վենետիկէն մեկնող նաւերու՝ կանխապէս համաձայնելով նաւապետին հետ, եւ կամ հաւատարիմ ճամբորդներու հետ՝ փոքր սնտուկներով կը ղրկուէին հեռաւոր երկիրներ, ու յատկապէս Զմիւռնիա կամ Պոլիս։ Ասոնց մասին աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք՝ երբ խօսելու ըլլանք իւրաքանչիւր քաղաքի մասին։ Բայց նախ տեսնենք թէ Եւրոպայի ո՛ր քաղաքներուն մէջ ծաւալած են Մխիթարի հրատարակութիւնները, յաջորդ գլուխին թողլով մեր խօսքը՝ Արեւելքի այլ եւ այլ քաղաքներու մասին :

ՎԵՆԵՏԻԿ

Վենետիկ քաղաքը կրնանք նկատել գլխաւոր եւ առաջին վայրը գրավաճառութեան. հոս, մեզի հասած ցանկերուն համաձայն՝ կարծուած էն շատ աւելի է վաճառումը, ըլլայ Ս. Ղազարի վրայ, ըլլայ Վենետիկ քաղաքին մէջ։ «Տոմսակ գրեանց»ի մէջ հաւատարիմ կերպով նշանակուած են՝ թէ 1729–1737 տարիներուն, օրը օրին, ո՛րքան գիրք եւ որոնց ծախուած է՝ այս ցանկին հետքերուն վրայէն քալելով կը հասնինք որոշ եզրակացութիւններու։

Ս. Ղազար կղզիին վրայ, ինչպէս այսօր, նոյնպէս հիմնադրին օրերուն՝ ծախուած են գիրքեր։ Վանքը միշտ ունեցած է ազգայիններ՝ իբր այցելու, եւ կամ հեռաւոր տեղերէ եկող ուխտաւորներ, /261/ որոնք Հռոմ երթալէ առաջ կամ ետք՝ կը հանդիպէին Ս. Ղազար ալ։ Այս առիթներուն է ընդհանրապէս որ կը ծախուէին գիրքերը, յաճախ՝ գնողներու անհատական գործածութեան համար, երբեմն ալ մեծաքանակ՚ իրենց երթալիք երկիրները տանելու եւ ծախելու համար։ - Ընդհանուր գաղափար մը կազմելու համար, հոս կը ներկայացնենք քանի մը նմոյշ, քաղելով «Տոմսակ գրեանց» Հաշուեգրքոյկէն։

 

1730 Փետր. 25.

«Վաճառեցաք քահանայի ումեմն Էրզրումեցւոյ, Տէր Պետրոս կոչեցելոյ, 3 Մոլութեանց. 3 Առաքինութեանց. 4 կտակարան. 2 Ալբերտ. 6 Աղբիւր. 30 Տաղարան՝ կաշակազմ. 6 Պարտէզ Խոկմամբ. 7 Բուրաստան. 6 Դրախտ. 20 Հրաշից. 6 Դաշտիկ: 16 Վարք Յօհաննու. 40 Սաղմոս՝ ոսկէ կազմ. 40 Սաղմոս՝ հասարակ կազմով. 10 Նորագոյն ուղեկցութիւն. 1730, 25 Փետր. եմուտ Տէր Պետրոսն ի նաւ՝ հանդերձ գրեամբք. հրեշտակն Ռաֆայէլ ուղեկից լիցի նման:

1731 Օգոստ. 27.

«Վաճառեցաք զստորեւ գրեցեալ գրեանսն` Ովանիսին, Դոխիկ յորջորջեցելոյ, Էրզրումեցւոյ. 1 Առաքինութեանց։ 1 Մոլութեանց. 1 կտակարան 1 Քրիստոնէական 1 Կրթութիւն. 1 Բուրաստան. 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ. 1 Աղբիւր բարի. 1 Ժամագիրք Աստուածածնայ. 1 Դրախտ. 1 Դաշտիկ. 1 Վարք Յօհաննու. 1 Պատերազմ հոգեւոր»:

1735 Նոյեմբ. 23.

«Վաճառեցաք ումի մն ուխտաւորի` ի Մոկաց աշխարհէն եկեալ. 1 Կտակարան, 1 Յարացոյց».

1736 Դեկտ. 6.

«Վաճառեցաք պուրսացի Քահանային` 1 փոքր Աստուածաշունչ, Ստամպօլու պասման. 1 Բարոյական Խաչ. Վրդ. ի ոսկէ կազմ. 1 Ժողովօղի մեկնութիւն»։

1737 Ապրիլ 1.

«Վաճառեցաք Թոխաթեցի Պաղտասարին` 5 Յարացոյց. 5 Ժողովօղ»:

 

Ս. Ղազարէն առաքելութեան մեկնող վարդապետներն ալ իրենց հետ սնտուկներով կը տանէին գիրքեր, իրենց անցնելիք տեղերը կամ՝ հասած քաղաքներուն մէջ ծաւալելու համար։ Յիշենք միայն քանի մը պարագայ.

1729ի Ապրիլ 21ին՝ «Եդաք ի սնտուկն Հ. Մանուէլին զգրեանս ի ներքոյ եդեալս, առ ի վաճառել է Դրանսիլվանիայ», ու Տոմսակ գրեանցը կը թուէ գիրքերը, ընդամէնը 500 կտոր։

1732ին Հ. Եղիա կը մեկնի Պելկրատ. այդ առիթով «եդաք ի յարկղն Եղիա Վրդ. ի զստորեւ գրեցեալ գրեանս», որոնց համագումարն է 100 հատոր։ Նոյն ոճով վարդապետներու ձեռքով գիրքեր մեկնած /262/ են Ս. Ղազարէն դէպի Պոլիս, Զմիւռնիա, Հայաստանի այլ եւ այլ քաղաքները, որոնց մասին յաջորդաբար պիտի անդրադառնանք մանրամասնօրէն։

Խօսելով Ս. Ղազարէն վաճառուած գիրքերու մասին, հարկ է նկատել որ կատարուած են չափէն աւելի գրավոր դիմումներ, ստանալու համար գիրքեր. այսպիսի դիմումներու ամբողջական ցանկ մը պատրաստելը՝ հսկայ դիւան մը հրատարակել կը նշանակէ, որովհետեւ ամէն նամակ որ ուղղուած է Մխիթարի՝ կը պարունակէ նաեւ գիրքի մը ապսպրանքը։ Պարզապէս եզական պարագայ մը նշանակելու համար, կու տանք Փարիզի Բենեդիկտեան Ս. Մորիս Տը Պլամոնթի Աբբային՝ 7 Հոկտ. 1738 թուակիր լատիներէն նամակը, ուր կը խնդրէ Մխիթար Աբբահօրմէ կարգ մը գիրքեր, վանականներուն հայագիտական ուսումներուն զարկ տալու համար։

 

Reverendissime Pater ac Eruditissime Vartabiet

Mox excitanda Parisiis apud Reverendos e Congregatione St. i Mauri Benedictinos, litterarum Armenorum schola nobis addit animos, ut ad emendos impressos codices ad te recurrant celebres illi et nunquam satis laudati Patres. Inter praecipuas enim, quarum studia suscipiunt, orientales linguas, linguam Armenam jure meritoque annumerant, tum ob versionem Scripturae et liturgicum officium, tum ob historicos, poeticos et alios libros, quos docta peperit olim Haïkana gens, et quos etiam num tu ipse Vartabiet, tuae gentis lumen splendidissimum, in lucem profers.

Postulant ergo Reverendi Patres illi doctissimi ut hoscequos ipsis ex tuo quem ad me miseras catalogo, subnotavi libros emendos procures:

.

Աստուածաշունչ նորատիպ

132

Նոր կտակարան

9

Աւետարան

7

Սաղմոս մեծ

6

Սաղմոս փոքր

3

Քերականութիւն

18

Քերականութիւն տաճկերէն

1

Գիրք առակաց Սաղօմօնի

1

Շահապպաս

6

  Ճաշու գիրք

124

 

  /263/ Tuam quoque philosophiam adeo eleganti concinnatam carmine praedictis codicibus, eo quo par est pretio, non dedigneris adjungere, ut in copiosissima et celeberrima RR. PP. Benedictinorum Bibliotheca, quo St. i Germani a Patris dicitur, vel ut novum Sydos effulgeat.

Vale, Pater amatissime, necnon et eruditissime Vartabiet, amicitia tua beneficium erga me continuatum velis, atque reputa neminem ullum inter mortales reperiri qui te redimet ardentius, quique pectore tam candido te veneretur quam ego quam semper agnosces,

Lutetiae Parisiorum

die 7a Octobris

1738

Paternitatis tuae

Reverendissime et celeberrime Doctor

Humillimum obsequentissimum et addictissimum

servus

Gulielmum De Villefroy

Abbatem S. ti Mauricii de Blammonte

 

Նման նամակներով չափազանց ճոխ է Ս. Ղազարու դիւանը։ Կատարուած բոլոր դիմումներուն՝ Մխիթար կը պատասխանէ անձամբ, իւրաքանչիւրին ղրկելով փափաքած գիրքը, ընդհանրապէս ճամբորդներու ձեռքով, երբեմն նաեւ նամակատան միջոցով։

Ս . Ղազարէն դուրս, բուն Վենետիկ քաղաքին մէջ ալ բաւական թիւով ծախուած են Մխիթարի հրատարակած գիրքերէն։ Այս ծանօթութիւնն ալ քաղած ենք Տոմսակ գրեանցէն, ուր նշանակուած են ինչ ինչ մանրամասնութիւններ։ Քաղաքին կազմարարներէն մին, Պասոյ կոչուած, բացի կազմելու համար իրեն ղրկուած գիրքերէն, կը տեսնենք որ կը ստանձնէ նաեւ վաճառելու հոգը, ի շահիւ վանքին, առնելով շահաբաժին. այսպէս, «1732 Փետր։ 11. յղեցաք առ Պասօն առ ի վաճառել…», եւ կամ նոյն տարւոյն «. Ապրիլի 19 յղեցաք առ նա ստորեւ գրեցեալ գրեանքն կազմեցեալք, զորս վաճառելոց է վասն մեր, այսինքն՝ 9 Սաղմոս…»: Կազմարար Պասոյի միջոցով գիրք ծախելը պէտք է սկսած ըլլայ 1731ի Մարտ ամսուն, որովհետեւ Տոմսակ գրեանցի մէջ նշանակուած է՝ թէ «1731 Մարտի 7 յղեցաք առ Պասօն առ ի կազմել 22 Քերականութիւն» ապա կը ծանուցանէ թէ Մարտ 26ին բոլորը ետ դարձան կազմուած, «բացի չորից, զորս թողաք առ նա՝ առ ի վաճառել»։ Յաջորդաբար գործը կ՚ընդարձակուի, եւ նոյն տարուան Ապրիլին՝ Պասոյ կը ստանձնէ ծախել 52 հա/264/տոր, զանազան գիրքերէ բաղկացած, գլխաւորաբար Սաղմոս եւ Տաղարան։ Այս կերպով գրավաճառութիւնը պէտք է տեւած ըլլայ գոնէ տարի մը, որովհետեւ 1732ի Ապրիլ 23ին դարձեալ կը ղրկուին կազմարարին 58 հատոր, «որպէսզի կազմեսցի եւ վաճառիցէ վասն մեր». բայց այնուհետեւ նման ծանօթագրութեան չենք հանդիպիր։

Բացի կազմարարէն, մեր վարդապետներն ալ՝ որոնք Վենետիկ քաղաքին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարէին հովուական պաշտօն, Ս. Ղազարէն տանելով շատ մը գիրքեր՝ կը վաճառէին ազդայիններուն, որոնք բաւական բազմաթիւ էին քաղաքին մէջ։

ԼԻՎՈՌՆՈՅ

Վենետիկ էն ետք՝ Իտալիոյ Հայաշատ կեդրոններէն մէկն էր Լիվոռնոյ քաղաքը, ուսկից բազմաթիւ դիմումներ կատարուած են Մխիթարի, ստանալու համար գիրքեր։ Երկար տարիներ հոն պաշտօն վարած է Եւդոկիացի Տէր Ստեփանոս Աբեղայ Մարտիրոսեան, իբր հոգեւոր հովիւ, որուն միջոցով ծախուած են շատ գիրքեր։ Սկզբնական շրջանին՝ սակաւաթիւ օրինակներ կը ղրկուէին Վենետիկէն Լիվոռնոյ, ապա երթալով գործը կ՚ընդարձակուի, այնքան որ՝ Լիվոռնոյ քաղաքին մէջ կը բացուի փոքրիկ գրավաճառանոց մը։

Առաջին գրաւոր յիշատակութիւնը 1729 թուականէն կը սկսի։ Նոյն տարուան Սեպտ. 1ին՝ Ս. Ղազարէն 6 անկազմ Պարտէզ հոգեւոր եւ 6 Տաղարան կը ղրկուին առ Տէր Ստեփանն, առ ի վաճառել» (Տոմսակ գրեանց)։ 1732ին, հոն գտնուող «ոմն Ջահկեցի», կ՚ապըսպրէ Մխիթարէն՝ 36 զանազան գիրքեր [1] ։ Նոյն տարուան Օգոստոս 20ին՝ Տէր Ստեփան կը կատարէ նոր պատուէրներ. տարի մը ետք «1733 Օգոս։ 1ին՝ յղեցաք Ալիկօռնայ առ Ստեփաննոս Վրդ. ին զստորեւ գրեցեալ գրեանս, ի միում արկեղ եդեալս, 2 Քերականութիւն, 2 Առաքինութեանց…» ընդամէնը 59 հատոր, միասին զրկելով նաեւ հայրական օրհնութիւն առ Տէր Ստեփան, «փոխանակ աշխատութեան իւրոյ, զոր առնէ (եղբայրութիւն քո) ի ծախս այսպիսեաց գրեանց հոգեւորաց» [2] ։

/265/ Այսպէս, յաջորդաբար, ամէն տարի սնտուկներով կը ղրկուին գիրքերը, ու քիչ ժամանակի մէջ կը սպառին։ 1736ին՝ Լիվոռնոյի մէջ գիրքեր ծախելու հոգը կը ստանձնէ Պր. Զաքարիա մը [3], որու աջակցութեանը համար Մխիթար կը գրէ շնորհակալութեան նամակ՚ ըսելով. «յոյժ շնորհակալ եմք զբազում բարերարութենէդ եւ զսիրոյդ՝ զոր ունիս առ մեզ, որպէս եւ այսու գործով եւս ունիս յաւելուլ զքոյդ բարերարութիւնդ առ մեզ» [4] ։

Տարիներ ետք՝ Պր. Զաքարիա կանհետանայ հրապարակէն, մինչ Տէր Ստեփան կը շարունակէ իր գործակցութիւնը, դեռ աւելի ընդարձակելով, այնպէս որ՝ 1742ի Հոկտ. 9ին կը գրէ Մխիթարի, խնդրելով «ամէն կերպ գրեանց 2 կամ 4 յղես, տեղս ծախելու, երբ ոմն յուզող լինի եւ խնդրող, նոցա ըստ գնովն՝ որպէս գրես՝ տամ»։ Մխիթար տրամադրութիւն ցոյց կու տայ՝ իր պատասխանին մէջ (Նմկ. թիւ 715), եւ հաւանաբար ղրկած ալ ըլլայ փափաքուած գիրքերը. սակայն չունինք աւելի տուեալներ՝ ստուգելու եւ ընդարձակօրէն լուսաբանելու թէ ի՛նչ ձեւով առաջ գացած է գործը Լիվոռնոյի մէջ։

Զանազան ազգայիններ ալ Լիվոռնոյէն դիմած են երբեմն ուղղակի Մխիթարի, ստանալու համար գիրքեր [5] ։

ՀՌՈՄ

Հռոմ ի մէջ Մխիթար չէ ունեցած գրավաճառ, այլ լոկ նամակագրութեամբ դիմումներ կը կատարուին Մխիթարի։ Մեծ մասամբ /266/ եկեղեցականներ են գրողները, ու յատկապէս եպիսկոպոսներ, որոնք նոյն օրերուն Արեւելքէն գալով՝ կը հաստատուէին Հռոմ։ Ընդհանրապէս Մխիթար կը զգուշանայ անոնց գիրք ծախելէ, այլ կը ղրկէ ձրի, իբր ընծայ։ Արդէն ամէն նորատիպ գիրքէ՝ որ լոյս կը տեսնէր, Մխիթար մէկական օրինակ կը ղրկէր Հռոմ՝ Հայ եպիսկոպոսներուն ու վարդապետներուն, սակայն երբ մէկէ աւելի օրինակներու ապսպրանք ըլլար, կը նշանակէր անոնց գինը։ Հռոմի Փրոփականտայի աշակերտներն ալ նամակագրութեամբ կը ստանան գիրքերը. այս եղանակը, սկսած Մխիթարի օրերուն, շարունակուած է երկար տարիներ։

Այս ուղղութեամբ նամակներով լի է Ս. Ղազարի դիւանը, ու անհնարին է յիշել այդ ամէնը։ Կու տանք միայն քանի մը նմոյշ.

1721ի Նոյեմբեր ամսուն՝ Մերտինէն Վենետիկ կ՚անցնին Պաղտասար ու Մարգար քահանաները ու կը տեսնեն Գիրք Առաքինութեանցը՝ տպագրութեան մէջ։ Ապա անցնելով Հռոմ, 1722ի Դեկտ. 19ին կը գրեն Մխիթարի. «եւս Հայր իմ, լուաք որ այն գիրքն ստամփայ լեալ է, բայց ոչ տեսաք՝ թէ լինի հնար՝ մեր երկիցս ողարկեսցես, քանզի կարի խանդակաթ եմք սիրով նորին. թէ հնար է՝ ողարկես, եւ թէ ոչ՝ ոչ»։ Մխիթար կը պատասխանէ թէ «նաեւ ես ունէի մտի յղել, բայց բերող ոչ գոյր… ուստի երբ լինիցի՝ յղելոց եմ» [6] ։

Եւդոկիացի Սարգիս Եպս. մականունով Սահաթճի, 2 Յուլիս 1724ին կը գրէ Հռոմ էն. «յոյժ աղերսիւ խնդրեմ ի քէն զի արժանացուսցես զիս մտածականի միոյ, որ է կրթութիւն աղօթից, զի որքան ի մարմնի եմ՝ ընթեռնլով զովացայց նովաւ»։

1729 Յունուար 29 թուականին տակ՚ Տոմսակ գրեանց կը նշէ : «Յղեցաք ի Հռոմ՝ առ Տէր Յօհանն, կազմեալ՝ 1 Ալպերտ, Բուրաստան, 2 Պարտէզ Խոկմամբ, Սաղմոս»:

1737 Փետր. 2 թուականին տակ, նոյն տետրը կը նշէ. «Շնորհեաց Գերյարգելին Խաչիկին, որ է Գոլէճն, Բուրաստան, Պարտէզ՝ /267/ Խոկմամբ, եւ յղեցաք ընդ Պր. Յակոբին Կոստանդնուպօլսեցւոյ ի Հռոմ»։

1737ի Մարտ 23ին Մխիթար կը գրէ Տէր Վրթանէս Արքեպիսկոպոսին. «յանցեալ ամսն զՄեկնութիւն Գրոցն Ժողովին, զոր ի վաղուց հետէ ցանկայի շարադրել… ետու տպագրութեամբ ի լոյս ածել առ օգուտ ազգին մերո…։ Զորոյ եւ զմինն ընդ բարեկամ ին մերում՝ Հաճի Յակոբին առաքեցի ընծայ Վեհանձնութեանդ։ Ընկա՛լ, ուրեմն, հաճութեամբ» (Նմկ. թիւ 545)։

1747ի Յուլիս 15ին՝ Հռոմէն Պր. Յակոբչայ կը գրէ Մխիթարի, խնդրելով ունենալ Քերականութիւն եւ Նոր կտակարան։ Մխիթար Սեպտ. 8ին կը կատարէ անոր փափաքը, Տէր Գրիգոր քահանայի միջոցով ղրկելով գիրքերը (Նմկ. թիւ 930)։

Այսքանը բաւական թող ըլլայ ընդհանուր գաղափար մը կազմելու համար՝ թէ ի՛նչ կերպով ծաւալած են Մխիթարի գիրքերը Հռոմի մէջ։

ԼԻԶՊՈՆ

Դիւանական բացայայտ փաստաթուղթ մը չունինք հաւաստի կերպով ըսելու՝ թէ Լիզպոնի մէջ կանոնաւոր կերպով կը վաճառուէին Մխիթարի հրատարակութիւնները։ Սակայն Մխիթարի Հաշուեգիրքին մէջ, 1740ի Հոկտեմբեր ամսուն մէջ նշուած դրամական մուտքերու շարքին կը կարդանք հետաքրքրական ծանօթութիւն մը. «ի գրոց ծախելոց որ յԱլիզպոնա՝ լիրէ 206»։ Նշանակուած գումարէն դատելով՝ մէկ կամ երկու հատորի գին չէ 200 լիրէն, պէտք է բաւական թիւով գիրքեր ծախուած ըլլան հոն, եթէ նկատելու ըլլանք որ ամէնէն սուղերն են Գիրք Առաքինութեանց՝ 15 լիրէ, Մոլութեանց՝ 10 լիրէ, Ալպերտ՝ 8 լիրէ, Պարտէզ հոգեւոր՝ 1 լիրէ։

ԱՄՍԴԵՐՏԱՄ

1746 թուականի Նոյեմբեր ամսուն, Ս. Ղազարու Հաշուեգիրքը՝ ստացուած գումարները ցանկին մէջ կ՚արձանագրէ հետեւեալը։ «գրգերուն ըստակէն որ ի Մսրտամայ՝ 329 լիրէ»։ 1748ի Օգոստոսին, «ի ծախից գրեանց որ ի Մսրտամ՝ 500 լիրէ». եւ հուսկ՚ յաջորդ ամսուն, «մնացորդ դրամ գրեանց որք գնացին ի Մսրտամ՝ 66 լիրէ»։ Անհնարին եղաւ դիւանի այլ աղբիւրներէ լուսաբանութիւն մը գտնել այս ուղղութեամբ, թէ ի՛նչ կերպով եւ ի՛նչ առիթով գիրքերը /268/ ղրկուած են Ամսդերտամ շատ հաւանաբար՝ հայ վաճառական մը ստանձնած ըլլայ գործը։

Երկու տարուան ընթացքին՝ շուրջ 900 լիրէի գիրք ծախելը արդարեւ մեծ յաջողութիւն է, եթէ մտածենք որ Պարտէզ հոգեւորի գինը՝ մէկ լիրէ նշանակուած է։

ԹՐԱՆՍԻԼՎԱՆԻԱ

Կեռլա (Արմենոպոլիս Հայաքաղաք) Թոխաթցի Յոհան Եպս. Սեբաստիոյ՝ Ս. Ղազար գտնուած շրջանին (1719–1720) փափաք կը յայտնէ առաքելութեան երթալու Թրանսիլվանիա, խնդրելով որ իրեն ուղեկից տրուի վանքին վարդապետներէն մէկը։ 1720) Մայիս ամսուն սկիզբը [7] Յոհան Եպս. Վենետիկէն ճամբայ կ՚ելլէ, ընկերակցութեամբ Հ. Մանուէլ   Խուպիարեանի, որու գլխաւոր պաշտօնը պիտի ըլլար կրթել «զմանկունս ձեր ի յուսումն գրոց եւ ի յերկիւղ Տեառն, ի վարժումն քրիստոնէականի վարդապետութեան եւ ի ջերմեռանդութիւն աստուածային սիրոյն» [8] ։ Երկու ուղեւորները Յունիս ամսուն վերջաւորութեան կը մտնեն Կեռլա։

Հ. Մանուէլի առաջին գործը կ՚ըլլայ հաւաքել քաղաքին հայ մանուկները եւ սորվեցնել անոնց քրիստոնէական վարդապետութիւն. բայց «պատճառաւ մանկանցն, ծերք եւ պառաւունք, նաեւս երիտասարդք՝ թողեալ զխաղարկութիւնս՝ գան առ ի լսել ընդ մանկանց, եւ ուրախացեալք հոգեւորապէս՝ դառնան ցնծութեամբ ի տունս իւրեանց» [9] ։

Կեռլայի ժողովուրդին հետ առաջին իսկ շփումէն կը զգացուի պահանջը հոգեւոր գիրքերու։ Սկզբնական շրջանին, սակայն, դեռ «զայլ հոգեւոր գրեանս ո՛չ այնքան խնդրեն՝ որքան զՍաղմոս. շնորհ առնես բh (2001) Սաղմոսս կազմել տաս մեզ համար, որպէս յա/269/ռաջն» [10]. սա կը մատնանշէ՝ թէ Յոհան Եպս. Վենետիկ էն իր հետ առած էր արդէն բազմաթիւ Սաղմոսներ, որոնք սպառելով՝ կը կատարէ նոր ապսպրանք։

Սաղմոսէն աւելի հետաքրքրական է Այբբենարաններու պահանջը։ Երկու հոգեւորականներն ալ գացած էին իբր ժողովուրդին հովուական խնամք տանելու, որմէ անբաժան էր դաստիարակչականը, ու տեսնելով թէ քրիստոնէական վարդապետութիւնը չէ կարելի լիապէս սորվեցնել՝ առանց հայերէն լեզուն դասաւանդելու, ու միաժամանակ առձեռն չունենալով Այբբենարան մը, կը գրեն իսկոյն Մխիթարի. «ջանայցես զՎարդան Վրդ. ի Քրիստոնէականն զոր ունիս, հանդերձ Այբբենարանիւ, վանկիւ եւ անուամբ, որպէս Ոսկանին, տպել տալ. որքան կարծես՝ փութով արասցես, եւ զխարճն դոցին գրեսցես ի վերայ իմ, եւ ընդ վերոյ գրեալ Սաղմոսացն բգճ (2-300) եւս այտի յղեսցես ձեռամբ…» [11] ։

Դժբախտաբար, չունինք Մխիթարի գրած նամակներուն պատճէնները, իմանալու համար Մխիթարի տրամադրութիւնը։ Անդիէն, Յոհան Եպս. իրարու ետեւէ կը հասցնէ նամակներ, միշտ աւելի պնդելով Սաղմոսներու եւ Այբբենարաններու հարկաւորութեան վրայ, աւելցնելով նորանոր ապսպրանքներ եւս, «20 Բուրաստան եւ 40 Պարտէզ» [12] ։

Կեռլայի օդը եւ ջուրը անյարմար գալով երկու առաքեալներուն, ծանրապէս կը հիւանդանան։ Յոհան Եպս. 15 Հոկտ։ 1720ին կ՚ուղղուի Պաշպալով, Կեռլա ձգելով Հ. Մանուէլը, որ քրիստոնէականի դասերուն համար ունի 83 աշակերտ, երբեմն «գրեթէ ճ (100)էն այլ աւելի տղայք լինին մտիկ անօղք» [13], ու կը խնդրէ Մխիթարէ՝ տպագրուած սրբազան նկարներ «վասն տղայոց, որ ջերմացուցանեն առ ի ուսանել եւ պատասխանել զքրիստոնէականն» [14] ։

Հ. Մանուէլի բարի կամքը եւ աշխատանքը կու տայ իր բարի պտուղը: ընթերցասիրութիւնը կը մտնէ ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ իր աշակերտներուն մէջ, որոնց համար կը կատարէ նոր ապսպրանքներ, այսինքն՝ 50–60 Ժամագիրք «քանզի փոքր տղայք որ քան զձ (80) տղա(յ) աւելի կը կարդան եւ փոխ կ՚ասեն եւ քարոզ /270/ փոխից», նմանապէս «100 Սաղմոս, Պարտէզ, Բուրաստան, Այբբենարան, Քրիստոնէական» [15] ։

Յոհան Եպս. ի եւ Հ. Մանուէլի թախանձանքներուն վրայ, Մխիթար շուտով կը հասցնէ անոնց 1719ին լոյս տեսած Պարտէզ հոգեւորի այն պրակները, որոնց վրայ տպագրուած են աղօթքներ, որոնք Հասած օրն իսկ կը սպառին։ Նկատմամբ միւս գիրքերուն (Սաղմոս, Պարտէզ հոգեւոր եւ այլն), Մխիթար կը ծրագրէ 1720ի վերջին ամսուն ճամբայ դնել, խոստանալով միաժամանակ «զՔրիստոնէական վարդապետութիւն Վարդանին՝ զկնի Ծննդեան, յորժամ աւարտի Մոլութեանց գիրքն՝ զնա տամ տպել եւ ողարկեմ փութով» [16] ։

1721ի Ապրիլ 4ին Ս. Ղազարէն ճամբայ կ՚ելլէ գիրքերով լեցուն առաջին սնտուկը։ «հարիւր ութսուն Սաղմոս, երեք Շարական, տասն Նոր կտակարան, մէկ Մոլութեանց, երեսուն Բուրաստան, քառասուն Պարտէզ, տասն Կրթութիւն աղօթից [17] »: Գիրքերու սնտուկը կը ղրկուի Վիեննա՝ Տիրացու Գրիգորի որ կը խոստանար այդ ամէնը հասցնել Կեռլա։ Մինչ այս՝ լուր կը հասնի Մխիթարի թէ անհամաձայնութիւնը տիրած է Կեռլայի եկեղեցականներու միջեւ, Մխիթար կը մտածէ իսկոյն Վենետիկ կանչել Հ. Մանուէլը, «քանզի Տէր ոչ կոչեաց զմեզ ի խռովութիւն, այլ՝ ի խաղաղութիւն» [18], միաժամանակ գրելով Վիեննա, Տիրացու Գրիգորին, որպէս գիրքերու սնտուկը չճամբէ Կեռլա։ 1721ի Սեպտ. ի սկիզբը Յոհան Եպս. կը դառնայ Ս. Ղազար։ Հ. Մանուէլ, տեղւոյն իշխաններուն պնդումին վրայ՝ կը մնայ Կեռլա, շարունակելով հովուական իր պաշտօնը եւ հայերէն լեզուի ուսուցումը. գիրքերը կը հասնին Կեռլա, մեծ կ՚ըլլայ ամէնուն ուրախութիւնը, «եւ եթէ ոչ լինիցէին աստ եւ անդ լրջօղք վաճառականք, գրեթէ զամենայն զգրեանս մեր սպառէին համայնք» [19] ։

Գիրքերու երկրորդ սնտուկ մը կը հասնի Կեռլա՝ 1722ի Յուլիս 10ին, կը ծախուին բաւական թիւով, մանաւանդ անմիջական առձեռն գործածական աղօթագիրքները՝ «մէկ քանի մի Բուրաստան /271/ ծախուեր է, բայց Պարտէզներն ամենայն ծախուեցաւ՝ սնտուկն բացածին պէս. եւ այժմ ի նմանէ առնօղ շատ կա(յ) եւ Պարտէզ չի կա(յ) . եթէ բճ (200) լինի՝ կառնեն ։ Այբբենարան եւ Բառարան կուզեն» [20] ։

Մինչ այս՝ Հ. Մանուէլի գործը կ՚ընդարձակուի, որովհետեւ տեղւոյն պատասխանատու հայ իշխանները, Հ. Մանուէլի խորհուրդին վրայ, երկու շաբթուան մէջ կը կանգնեն յատուկ դպրոց մը, բաղկացած երկու մեծ դասարաններէ, մին՝ մանչերու, եւ միւսը՝ աղջիկներու համար. մանչերու թիւը կըլլայ 90, իսկ աղջիկներունը՝ 35։ Կը գտնուին առաջին վարժապետները, որոնք քիչ ժամանակ վերջ՝ կը հեռանան, գործը թողլով Հ. Մանուէլի ուսերուն։ Մեծ է խանդավառութիւնը, «այնպիսի ուսանին զքրիստոնէականն՝ որ լսողք հիանան, նաեւ ոմանց տղայոց որպէս քարոզ ուսուցանեմ, ի յատեանն փոքր փոքր խօսիլ» [21] ։

Հ. Մանուէլ լիովին կատարած էր իր առաքելութիւնը, ըլլա՛յ, դպրոցի կազմակերպութեամբ, ըլլա՛յ, հայ գիրը տարածելով եւ որովհետեւ Հռոմէն հասած էր նոր քարոզիչ մը՝ յանձին Տէր Մինասի, Հ. Մանուէլ Մխիթարի հրահանգին վրայ՝ կը թողու Կեռլան, ու յետ այցելելու՝ որոշ ատեն մը՝ Պաշպալով քաղաքը, կը դառնայ Ս. Ղազար, 1723ի Յուլիս 5ին։

Շուրջ տասնըհինգ տարի ետք, Մխիթարի աշակերտներէն Հ. Թէոդորոս, Պաշպալով գացած ատեն՝ կը հանդիպի Կեռլա, եւ ժողովուրդը իմանալով թէ քովը կան ծախու նոր գիրքեր, մէկ օրուան մէջ կը սպառեն այդ ամէնը, «զի մեծ Պարտէզքն այնքան ի համարի են, մինչ զի իսկոյն գնեցին զայնս ի Կեռլա, եւ ոչ մնացին այլեւս տանելոյ յի Պաշֆալով. յետոյ եկեալ աղաչէին զիս բազումք՝ տալ նոցա եօթն եօթն լիրէ ով, բայց ոչ գոյր , վասն որոյ խնդրեմ, զի որքան փութով կարելի իցէ՝ յղիցէք զ30 կամ զ40 մեծ Պարտէզ, եւ եթէ լինէին 200 եւս՝ չուտով վաճառէին . նմանապէս զ50 փոքր Պարտէզ, եւ զ20 կամ 30 Աստուածածնայ ժամագիրք, եւ զ20 Թօմա Գեմբեցի յղեցէք» [22] ։ Դժբախտաբար, կը պակսին Մխիթարի պատասխանները եւ կամ այլ աղբիւրներ, ստուգելու համար թէ ո՛րքան գիրք ղրկուած են յաջորդաբար հոն։

Պաշպալով (Եղիսաբէթուպոլիս)

/272/ Միաբանութիւնս երկար տարիներ առաքելութիւն ունեցած է Թրանսիլվանիոյ այս հայաշատ քաղաքը, Պա չպալով (այժմ՝ Տումպրվէն), ուր այցելած էր Հ. Մանուէլ Խուպիարեան՝ Կեռլա գտնուած շրջանին, 1723ին։ Տեղւոյն իշխաններու դիմումներուն վրայ, Մխիթար կը հաճի իրենց ղրկել Հ. Մանուէլ Վրդ. ը, որ ճամբայ կ՚ելլէ Ս. Ղազարէն՝ 21 Ապրիլ 1729ին։ Սա գիտնալով ժողովուրդին հոգեւոր պահանջը, մանաւանդ օգտուելով անցեալ փորձառութենէն, հետը կ՚առնէ երկու սնտուկ գիրք. «եդաք ի սնտուկն Հ. Մանուէլին զգրեանս ի ներքոյ եդեալս, առ ի վաճառել է Դրանսիլվանիայ. 3 Առաքինութեանց, 3 Մոլութեանց, 2 Ալպերտ, 4 կտակարան, 40 Աղբիւր բարի, 40 Քրիստոնէական թարց Այբբենարանի, 40 Այբբենարան, 24 Կրթութիւն, 30 Բուրաստան, 40 Պարտէզ Խոկմամբ, 40 Դաշտիկ, 40 Քաւարանի գիրգ, 40 Վարք Յօհաննու, 40 Տաղարան կաշակազմ, 40 Տաղարան թղթակազմ, 18 Սաղմոս, 10 Աստուածածնայ Ժամագիրգ, 5 մեծ Պարտէզ, 12 Խոկումն թղթակազմ, 4 Մեկնութիւն Երգերգոցի եւ Յայտնութեան, 1 փոքր բառգիրք տպեցեալ, 20 Թուաբանութեան տետր» [23] ։

Հ. Մանուէլ Պաշպալով կը մտնէ 1729 Յուլիս 5ին, եւ առաջին նամակը գրելուն՝ կը խնդրէ Մխիթարէն գլխաւորաբար «Այբբենարան ճծ (150), Սաղմոս ծ (50), Խոկումն ծ (50)» [24]. յաջորդ նամակը, գրուած Օգոստոս Հին (1729), կիմացնէ՝ թէ հետը տարած «բնաւք Պարտէզք, Բուրաստանք եւ Այբբենարանք ծախեցան, այժմ պիտոյ է սոյնք վերոյ գրեալք գրեանք», ու կը թուէ անմիջական հարկաւոր գիրքերը, այսինքն՝ «Պարտէզք խոշորագիր գրեթէ ամենեքին խնդրեն, ճ (100) Պարտէզ, ճ (100) Բուրաստան եւ այլ աւելի Այբբենարանք, որքան շուտով եթէ է կարելի առաքեցէք»։ Ժամանակի ընթացքին պահանջը հետզհետէ կ՚աճի, ու ամէն նամակին մէջ, կը ստիպուի կրկնել իր խնդիրքը. այսպէս 25 Հոկտ. ին (1729) կը կրկնապատկէ խնդրանքները՝ գրելով. «խոշոր գրով Պարտէզ եթէ տպիցիւր՝ մինչեւ եճն (500) կու ծախուէր իմ մէջ Առտէլին, Բուրաստան` 200, Տաղարան` 200։ Եթէ հնար լինէր Ժամագիրգ տպելու՝ անտի եւս 400, Սաղմոս՝ 100…, պիտոյ եղեալ գիրգքն, այսինքն՝ /273/ Պարտէզքն, Բուրաստանք եւ Տաղարան է գոնեա հարիւրական հատ՝ մէկ սնտկով առաքէ իր արապաճոց հետ»։

Ինչպէս Կեռլայի մէջ, նոյնպէս Պաշպալով ալ գործունէութիւնը կ՚ընդարձակուի եւ ձեռնարկ կը սկսի կանգնելու դպրոց մը։ Մանչերու համար արդեն դպրոց մը գոյութիւն ունէր տեղացի դաստիարակի մը առաջնորդութեամբ. աշակերտութեան թիւը՝ հինգ մանուկներ։ Քաղաքին իշխանները դժգոհելով տեղացի լեհ ուսուցիչէն՝ կը խնդրեն Հ. Մանուէլէն ստանձնել դպրոցին ղեկավարութիւնը։ Հ. Մանուէլ կը զիջանի, ու 1730ի Զատիկին կը խօսուի հարիւր աշակերտի մասին։ Աղջիկներու համար եւս կանգնած էր դպրոց մը, եւ այն 1723ին, երբ Հ. Մանուէլ անց քով եկած էր Պաշպալով եւ յորդորած տեղւոյն իշխանները, ու իր հոն գտնուած շրջանին 48 փոքրիկ աղջնակներ հաւաքուած էին։ Հ. Մանուէլի հեռանալով՝ փակուած էր ամէն բան։ Այժմ, 1730ին, դարձեալ գլուխ կ՚անցնի գործին, ու չկարենալով անձամբ վարել գործը, կը պատրաստէ չորս չափահաս ուսուցչուհիներ, անոնց կը յանձնէ դպրոցը, մնալով ինքը վերատեսուչ գործին։ Աշակերտութեան թիւը կը բարձրանալ, 100 մանչ եւ 80 աղջիկ, որոնց համար Հ. Մանուէլ կարիք ունի դասագիրքի, եւ առ այժմ միայն «խաղալիք Քրիստոնէականի, հանդերձ բ (2) զարով եթէ առաքիցէք՝ յոյժ բարւոք լինէր» [25] ։

Նորակառույց դպրոցին դասագիրքերն են, բացի Այբբենարանէն, Պարտէզ եւ Բուրաստան աղօթից՝ աղջիկներու համար, իսկ տղոց համար՝ Սաղմոս, ժամասացութեան փոխերուն համար եւ չարական։ Աշակերտները կը յառաջանան ուսման մէջ, կը զգացուի պահանջը նորանոր գիրքերու։ Հ. Մանուէլ ամսէ ամիս գրած նամակներուն մէջ կը յիշեցնէ Մխիթար Աբբահօր՝ փութացնել գիրքերը, ու ահա վերջապէս Մխիթարի աւետաբեր նամակը «… եդաք ընդ նոսին զմին սնտուկ գիրք, եւ են սոքին. 7 Բուրաստան, 70 Պարտէզ փոքր, 12 Պարտէզ մեծ, 60 Քրիստոնէական աշխարհաբառ, ի յոր գոն եւ տաղք, 140 Սաղմոս, 16 Քրիստոնէական գրաբառ, 20 Աղբիւր բարի, 20 Դրախտ հոգւոյ, 10 կրթութիւն աղօթից, 5 Դաշտիկ, 5 Վարք Յովհաննու, 5 Հրաշից քաւարանի, 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց, 1 կտակարան եւ 1 Քերականութիւն, որ է կիսակատար. մինչ դու զնացեր՝ ընդ քեզ տարեր զգրեանս, որոց գինն էր ութսում ունկարի. /274/ այժմ եւս յղեմ եւ զգին սոցունց բնաւիցն են աւելի քան զեօթանասուն ունկարի» [26] ։

Վաճառուած գիրքերն են ընդհանրապէս Պարտէզ, Բուրաստան, Այբբենարան. մնացեալ գիրքերը գրեթէ կը մնան առանց ծախուելու, եւ ասոր ալ պատճառը՝ քաղաքական անկայուն վիճակն էր, վաճառականութեան դադրիլը եւ ընդհանուր չքաւորութիւնը. մանաւանդ 1730–1732 տարիներուն, նոյնիսկ անոնք որ մեծ փափաքով կ՚առնէին ջերմեռանդական գիրքեր՝ յաջորդաբար վճարելու յոյսով, չեն հատուցաներ անոնց գինը [27] ։

Շուրջ վեց տարի Հ. Մանուէլ կը մնայ Պաշպալով։ Քաղելով իր գրած նամակներէն՝ կու տանք ցանկը առաջին չորս տարիներու ծախուած գիրքերուն.

 

Քրիստոնէական (գրաբար)

56

10

Կրթութիւն աղօթից

34

26

Բուրասատան

67

22

Սաղմոս

168

80

Աղբիւր բարի

60

15

Քաւարան

45

29

Դաշտիկ ծաղկալի

45

26

Կտակարան

5

5

Ալպերտ

2

2

Մեկն. Յայտնութեան

4

4

Վարք Յովհաննու

45

39

Պարտէզ (փոքր)

110

2

Տաղարան (կաշեկազմ)

40

25

Տաղարան (թղթակազմ)

100

4

Խաղի տետր

20

2

Առաքինութեանց

4

2

Մոլութեանց

4

2

Դրախտ հոգւոյ

20

10

Ժամագիրք կուսին

10

-

Պարտէզ (մեծ)

17

-

Այբբենարան

40

-

Համագումար

896

305

 

/275/ Շուրջ 900 հատորներէն 600ը ծախուած է առաջին չորս տարիներու ընթացքին։ Հ. Մանուէլ անոնցմէ մաս մըն ալ ղրկած էր Կեռլա, հաւատարիմ անձերու հետ, տեղւոյն ժողովուրդին հոգեւոր բարիքին համար։

1735ին կը վտանգուի Հ. Մանուէլի առողջութիւնը, առաջացած տարիքին պատճառով՝ չէր կրնար այլեւս մնալ Պաշպալով. իրեն ղրկուած հրահանգին համաձայն՝ կը պատրաստուի դառնալ Ս. Ղազար. բայց որովհետեւ հետը ունէր 300 հատոր, եւ ծանր բեռ էր իրեն այդ ամէնը փոխադրել Վենետիկ, կը հարցնէ Մխիթարի եւ յետ լսելու անոր ձայնը՝ թէ «գրեանքն այնոքիկ բնաւքն այդր մնայցէին առ ի օգուտ նոցա» [28], գրեթէ կէս գինով կը ցրուէ ժողովուրդին մէջ. «գրեանց զգինն յորժամ իջուցի, զբազումս ծախեցի, Սաղմոս (որմէ մնացած էր 80 հատ) գրեթէ բնաւքն, Դաշտիկ, սակաւ նաեւ այլ գրեանք… ի Կեռլան գնացի՝ տանելով ընդ իս զոմանս ի գրեանց եւ վաճառեցի զբազումս» [29] ։

1736ի Յուլիս 13ին Հ. Մանուէլ կը հասնի Ս. Ղազար, ու Պաշպալովի մէջ կը փակուի Մխիթարեան առաքելութեան առաջին շրջանը։ Յաջորդաբար հոն կը ղրկուի Հ. Թէոդորոս, որու գործունէութեան մասին չունինք մանրամասն տեղեկութիւն, սակայն այսքանը որոշ է՝ որ ինքն ալ իր հովուական պաշտօնի ընթացքին (1737– 1742) զբաղած է գիրքեր ծաւալելով։ 1739ի Մայիս 1ին կը գրէ Արբահօր, խնդրելով «20 Պարտէզ՝ մեծ կամ փոքր, 10 Թօմա Գեմբեցի եւ յայլ նորատիպ գրեանց, մանաւանդ Քրիստոնէական վարդապետության թուղթն»: Յաջորդաբար միւս նամակներուն մէջ ալ կը յիշեցնէ նոյն խնդրանքը եւ հաւանաբար ստացած ըլլայ պահանջածները, որովհետեւ Ս. Ղազարի Հաշուեգրքին մէջ նշանակուած է իբր ստացուած գումար՝ «1740 Սեպտ. ի ծախից միոյ Աստուածաշնչին /276/ եւ այլոց գրեանց՝ որք գնացին ի Թրանսիլվանիա, 172 լիրէ»։ Պաշպալովը թողուցած ատեն՝ Հ. Թէոդորոս իր քով աւելցած գիրքերը կը յանձնէ իր եղբօր, որպէսզի ծախելով՝ անոնց գիները հասցնէ Ս. Ղազար, իսկ ինքը հետը կը բերէ «իբրեւ 62 ոսկի, որ էր գրեանց դին» [30] ։

1741Մայիս 20ին՝ Պաշպալովցի երկու ուխտաւորներ, Խաչակ Մանուկ եւ Խաչակ Եսայի անցնելով Ս. Ղազարէն, հետերնին կը տանին 12 Ունկարի փոխարժեքով գիրք, իրենց քաղաքը ծախելու եւ գինը հատուցանելու պայմանով։ Երկու տարի ետք, 1743ի Մայիս 24ին նոյն քաղաքէն ուրիշ ուխտաւոր մը, Պր. Պետրոս Պերքլեան կը խոստանայ հետամուտ ըլլալ նախորդ երկու ուխտաւորներուն առած գիրքերու փոխարժէքները փութացնել։

Յաջորդաբար, 1743ին Ս . Ղազարէն պաշտօնով Պաշպալով կը մեկնի Հ. Ղազար, ու իրմէ ետք 1745ին՝ Հ. Մարկոս, որոնք մինչեւ Մխիթարի մահը եւ անկէ ետք ալ կը մնան նոյն քաղաքը։ Չի ստեղծուիր այն խանդավառութիւնը որ կար Հ. Մանուէլի օրերուն. գիրքեր ծաւալելու տեսակէտով՝ չի տրուիր զարկ։ Հ. Ղազար պարագայական կերպով կը ծախէ գիրքեր. այսպէս, 1744ի Սեպտ. 13ին՝ կը խնդրէ Մխիթարէ «Երկու Աստուածաշունչ, եւ Քրիստոնէական վարդապետութիւն եւ 12 Պարտէզ». յաջորդ նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ՝ թէ «Պարտէզն յոյժ բարւոք ծախեցաւ» [31] եւ կ՚ապսպրէ նորեր։

Պելկրատ Փեդրովարատին

Շուրջ տասը տարի (1732–1740) Միաբանութիւնս ունեցած է շփում Պելկրատի Հայ ժողովուրդին հետ, հոն ղրկելով փոխն ի փոխ՝ առաքեալներ։ Անոնցմ է առաջինը կ՚ըլլայ Հ. Եղիա Վրդ. Մարտիրոսեան, որ Ս . Ղազարէն Պելկրատ կը մեկնի 13 Յուլիս 1732ին, հետը տանելով հարիւր հատոր գիրք: «(եդաք ի յարկղն Եղիա Վարդապետին զստորեւ գրեցեալ գրեանս, զոր եւ տարաւ ի Պէլէկրատ առ ի վաճառել)։ 3 Առաքինութեանց, 3 Մոլութեանց, 3 Ալպերտ, 3 կտակարան, 2 Քերականութիւն, 10 Տաղարան նորատիպ, 5 Քրիստոնէական, 12 Յարացոյց, 3 Վերջնոց այսինքն Հանդերձեալ կենաց, 4 Սաղմոս, 10 Պարտէզ, 10 Խոկումն նորատիպ, 5 Բուրաստան, 3 կրթութիւն, որոց մինն ռէալ էր, 3 Քառարան, 3 Դաշտիկ, 2 Վարք Յօհաննու,

/277/ 10 Աղբիւր, 2 Ժամագիրգ Աստուածածնայ, 4 Դրախտ, 1 Քերականութիւն Յօհաննիսի՝ լատիներէն եւ հայերէն» [32] ։ Հ. Եղիայէն ետք՝ 25 Օգոստ1735ին Պելկրատ կը մեկնի Հ. Յակոբ Բուզայեան, սակայն շատ քիչ բան կը տանի իր հետ, այսինքն՝ «2 փոքր Սաղմոս, 2 Բուրաստան, 2 Յարացոյց, 2 Հանդերձեալ, 5 Պարտէզ, 5 Խոկումն, 4 Տաղարան, 14 Քրիստոնէական եւ 10 Առակաց» [33] ։

Թղթատելով Պելկրատէն գրուած նամակները՝ կը նկատենք թէ ժողովուրդին մէջ չկար այն հետաքրքրութիւնը, որուն կը հանդիպինք այլ հայաշատ կեդրոններու մէջ։ Իսկ պատճառը գուցէ պէտք է փնտռենք ժողովուրդին ո՛չ այնքան կայուն դիրքին եւ տնտեսական ընդհանուր տագնապին մէջ։

Պելկրատի առաքելութիւնը դադրելով՝ կը սկսի Վարատինինը, ուր 1740էն սկսեալ կը պաշտօնավարեն Մխիթարեան վարդապետներ։ Հոս ալ շատ քիչ եղած է գրքի շարժումը։ 1741ի Դեկտ. 23ին Մխիթար կը խոստանայ Հ. Յակոբ Բուզայեանի ղրկել 2 Ալպերտ, 2 Բուրաստան աղօթից, 10 Պարտէզ հոգեւոր։ Տարի մը ետք՝ կը ղրկէ 2 Երից ուխտից, 3 Բուրաստան աղօթից, 10 Խաղի տետր եւ 10 Պարտէզ հոգեւոր։ Յաջորդ տարիներուն ալ կը ղրկուին նոյն քանակով սակաւ գիրքեր։



[1]     Տոմսակ գրեանցի մէջ նշանակուած է. «1732 Մարտի 8 յղեցաք ի յԱլոկօռնայ առ ոմն Ջահկեցի զստորեւ գրեցեալ գրեանս կազմեալս, որոց իւրաքանչիւրոց գինքն դնին հանդէպ նոցա. 2 Առաքինութեանց, 3 Մոլութեանց…» ընդհանուր գումարը կ՚ընէ 185 լիրէ։

[2]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, առ Տէր Ստեփան, Լիվոռնայ: անթուական, նամակ թիւ 1176։

[3]     Տոմսակ գրկանցի մէջ նշանակուած են՝ թէ ինչ գիրքեր ղրկուած են Պր. Զաքարիայի. «1736 Հունվարի 14- յղեցաք ի յԱլիկօռնայ զստորեւ գրեցեալ գրեանս ընդ Պարոն Ադամին. 3 տեսակ գիրք Աստուածաբանութեան Խաչատուր Վրդ. ի, որոց տեսակաց իւրաքանչիւրն էին երեք երեք հատոր, եւ այսպէս բնաւքն էին 9 հատորք: եւ գին իւրաքանչիւրոցն մէկ մէկ ոսկի, որ առնէ լիրէ… 399»։

[4]     Մխիթար Աբրա՝ Վենետիկէն, 14 Յունուար 1735ին, առ Պր. Զաքարիա, Լիվոռնոյ։ Անթուական նամակի մը մէջ, Մխիթար կը գրէ Պր։ Զաքարիայի։ «ի մերձակայումս եկն եհաս առ մեր սիրելի եղբայր մեր Պարոն Նահապետն…, զգինս գրեանցն վաճառելոց, ըստ որում նմա յանձնեալ էիր, լիովին վճարեաց» (Նմկ. թիւ 1119)։

[5]     Պարզապէս նմոյշ մը տալու համար՝ յիշենք Պր. Սիմոն Խօշկաշենցի մը, որուն խնդրանքին վրայ Մխիթար կը ղրկէ 24 հատոր գիրք։ «Եւ մեր գրքերն, որ ամէնէն երեք հատ պիտի ղրկենք սոքա են. Մեծ Քերականութիւն, Յարացոյց, Հանդերձեալ կենաց, Կրթութիւն աղօթից, Քրիստոնէական վարդապետութիւն աշխարհաբար, Աղբիւր բարի, Դաշտիկ ծաղկալից, Դրախտ հոգւոյ» (Մխիթար առ Պր. Սիմոն, 1736ի սկիզբը)։ Այս գիրքերուն համար Սիմոն կը խնդրէ Մխիթարէ յատուկ զեղչ, եւ Մխիթար կը խոստանայ կատարել փափաքը. «զմեր գրքերն կարեմք վասն քո հրամանուցդ պակաս գնով տալ, սակայն Խաչատուր Վրդ. ի գրքերն պակաս գնով չի լինիր, քանզի նոքա մեծ գնով եղեալ են եւ նա ոչ կարէ պակաս գնով տալ» (անդ, թիւ 1158)։

[6]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, Դեկտ. ։ 1722ին, առ Տէր Պաղտասար եւ Տէր Մարգար, Հռոմ։

[7]     Շատ հաւանաբար, 1720ի Մայիս 12ին ճամբայ ելած են Յոհան Եպս. եւ Հ. Մանուէլ, որովհետեւ ունինք Մխիթարի յանձնարարական գիրը՝ 12 Մայիս 1720 թուականով, ուղղուած Կեռլայի իշխաններուն, Աղա Խաչիկին եւ Պիրով Աղա Ալիքսանին : Յանձնարարականը պէտք է տրուած ըլլայ երկու ճամբորդներուն՝ անոնց մեկնելու օրը կամ նախորդ օրը։

[8]     Յանձնարարական գիր Մխիթարի, 12 Մայիս 1720ին, առ հաւատացեալս Կեռլայի։

[9]     Յոհան Եպս. Uումուշոյվարէն, 10 Յուլիս 1720ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[10]   Անդ։

[11]   Անդ։

[12]   Յոհան Եպս. Կեռլայէն, 26 Սեպտ։ 1720ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[13]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Կեռլայէն, 22 Հոկտ։ 1720ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[14]   Անդ։

[15]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Կեռլայէն, 27 փետր։ 1721ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[16]   Յոհան Եպս. Կեռլա կը գտնենք 1721ի Մարտ ամսուն, ուսկից գրած է Մխիթարի (Մարտ 17ին), յիշեցնելով Քրիստոնէականի տպագրութիւնը, այդ նամակէն կատարած ենք մեր մէջբերումը, որովհետեւ չունինք Մխիթարի նամակին պատճէնը։

[17]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 5 Ասլրիլ 1721ին, առ Յոհան Եպս., Կեռլա։

[18]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 5 Ապրիլ 1721ին, առ Հ. Մանուէլ Վրդ. Կեռլա։

[19]   Մանուէլ Վրդ. Կեռլայէն, 7 Մարտ 1722ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[20]   Հ. Մանուէլ Վրդ: Կեռլայէն, 27 Հոկտ. 1722ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[21]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Կեռլայէն, 27 Հոկտ. 1722ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[22]   Հ. Թէոդորոս Վրդ. Կեռլայէն, 21 Օգոստ։ 1737ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[23]   Տոմսակ գրեանց, 15 Ապրիլ 1729։

[24]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաշպալովէն, 19 Յուլիս 1729ին, աո Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[25]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաշպալովէն, Մայիս 1730ին, Առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[26]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 9 Սեպտ. 1730ին, առ Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաշպալով։

[27]   «Բազումք թէպէտ բաղձան, բայց ի չքաւորութենէ ոչ կարեն առնուլ, զի այս երկու երեք տարիս յոյժ մեծ քէսատութիւն անկաւ ի սահմանս այս, նաեւ թանկութիւն կերլեաց, եւ բազումք կոտր անկեալ աղքատացան, հիւանդութիւնք պէսպէս յաճախեցան եւ օրըստօրական ապրուստ ոչ կարեն ժամանեցուցանել. եւ բազմաց տուեալ եմ զոմանս ջերմեռանդական գրեանս՝ որպէս թէ վճարիցեն, բայց ոչ գոյ յուսալիք, զի ոչ ունին» . Մանուէլ, 21 Հոկտ. 1732, առ Մխիթար)։ «Բազմաց վերայ գրգի ըստակ ունիմ առնելիք, բայց ոչ ունին զի հատուսցեն, ոմանց աղքատ տղայոց՝ եթէ կամ իք՝ շնորհ իցեմ զոմանս գրեանս ի գրեանց» . Մանուէլ, 28 Հոկտ. 1732, առ Մխիթար)։

[28]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 26 փետր։ 1735ին, առ Հ. Մանուէլ Վրդ:, Պաշպալով։

[29]   Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաշպալովէն, 20 Ապրիլ 1735ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[30]   Հաշուեգիրք, Յուլիս 1742։

[31]   Հ. Ղազար Վրդ. Պաշպալովէն, 1 Դեկտ։ 1744ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[32]   Տոմսակ գրեանց, 12 Յուլիս 1732։

[33]   Տոմսակ գրեանց, 25 Օգոստ. 1735։