Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ա.
ԿՐՕՆՔ, ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆ

Մարդուս սրտին կամ հոգւոյն խորագոյն իմացմունքն, թէ գերագոյն էակ մի կայ, եւ ինքն անկէ կախումն ունի, եւ  թէ հանդերձեալ կեանք մի կայ, գրեթէ ընդհանուր է ամենայն ազգի եւ ժողովրդեան, եւ անհատի այլ. եւ այն գերագոյն էակն է իրենց Աստուած ն, իսկ իմացմունքն եւ անկէ հետեւած գործքն՝ առ Աստուածն այն վերաբերեալ, եւ այն հաղորդութիւնն երկրաւորաց ընդ երկնից, կամ ներկայիս ընդ հանդերձելոյն, է Կրօնք ն, Հաւատք ն եւ Պաշտօն ն: Յետինս՝ արտաքին նշանակ մի է, որով՝ իբր նիւթական կերպով եւ իրօք` վկայութիւն կու տայ իր հաւատացած էակին կամ էակաց, ըլլայ Աստուածն գերագոյն, ըլլան չաստուածք եւ Դիք, կամ  որպիսի եւ է ոգիք կամ նիւթք: Ինչպէս Պաշտօնն ծագի ի հաւատոց, վասն զի եթէ մէկն չհաւատար բանի մի, եւ ոչ ալ անոր մտածութիւն կամ նիւթական բան մի նուիրէր. այսպէս այլ Հաւատք ծագին ի Կրօնից: Հարկ է որոշել այս երկուքս, որ սովորաբար նոյն կարծուին, եւ կըրնան կերպով մի մէկմէկէ անբաժան ըսուիլ, բայց այնպէս, ինչպէս շինուածք մի տեսնուի՝ հիման վրայ հաստատուած. Կրօնք հիմն է, Հաւատքն շէնք: Հեթանոսք (որով կ’իմանամք եւ մեր հին Հայերը), շատ բաներու կամ դից կու հաւատային, ինչպէս եւ քրիստոնեայք այլեւայլ մասանց (զոր օրինակ Հաւատամքի մէջ ըսածներնուն), բայց երկուքն այլ չէին ընդուներ զանոնք, եթէ ներքին ծանօթութիւն կամ մղում մի չունենային, որով յանձն առին հաւատալ այն իրաց. եւ այս էր կրօնից գերագոյն եւ խորագոյն իմաստն տպաւորեալ կամ ազդեալ ի մարդս

Յայտ է, որ թէ եւ ամեն ազգ եւ անձն կերպով մի գրեթէ նմանապէս կ’ըմբռնէ զկրօնս եւ զԱստուած, այլ ինչպէս ուրիշ բաներ՝ զայն այլ տարբեր ձայնով կամ անուամբ բացատրէ, սակայն այդ անուանք կամ բառք՝ կըրնան իմացողութեան աստիճանն այլ աւելցընել եւ այլայլել. եւ ոչ սակաւ հետաքննական երեւցած է բանասիրաց՝ այդ բառերուն ծագումն եւ իմաստը քննել եւ թափանցել, ըստ իւրաքանչիւր լեզուի: Իրենց թողլով բարակ քննութիւնը, մենք մեր լեզուի բառից վրայ այս դիտենք կարճօրէն, որ երկուքն այլ (Հաւատք եւ Կրօնք) յոգնակի են. թէ եւ եզակի այլ վարին, բայց հեռանալով իմաստէն: Նշանենք այլ անցողաբար, որ Հաւատք բառն ձայնով եւ իմաստով նման է կամ մօտ՝ լատին լեզուի եւ անկէց ծագածներուն, (Fides, Fede, Foi), որոց մէջ եզակի է. թողլով ասոնցն ալ իրենց, եթէ ուզէինք մենք մեր լեզուին բառը ստուգաբանել, արդեօք կրնայի՞նք մօտեցընել կամ հետեւցընել Հաւ արմատ բառի, որ սկիզբն, ծայր, եւ հօր հայր՝ նշանակէ: Բայց այս այլ թողլով բանասիրաց՝ անցնիմք առ Կրօնս, յիշելով անցողաբար եւ զայս, որ ինչպէս ի մեզ հաւատք նշանակէ եւս դաշինք, ուրիշի հետ խոստմունք եւ հաստատութիւն մի, Լատինք այլ ունէին ուխտից եւ դաշանց չաստուած մի հաւատոց անուամբ, Fidius

ԿՐՕՆՔ. Այս անունս առ մեզ շատ եւ սքանչելապէս կ’իմացընէ իր իմաստը, թերեւս լաւագոյն քան յայլ լեզուս. լատինն (եւ իր զաւակքն) Religio կ’անուանէ զայս, որ՝ ըստ հասարակ գործածութեան նմանաձայն բայն (Religo, կապեմ) ստուգաբանեն կապ, կապել, կապուիլ, հաշուէ՝ մարդկան ընդ Աստուծոյ կամ երկնից, հաշուէ մանաւանդ մարդկան իրարու հետ, վասն զի քան զկրօնս զօրաւոր կապանք չկայ մարդկութեան: Գեղեցիկ է այս յարմարութիւնս, բայց ոչ է սկզբնական, այլ ծագեալ նախնական իմաստէ մի, , թէ՝ ենթադրելով, որ կայ հաւատալի բան մի՝ հետեւցընէ կապուիլ անոր հետ եւ անոր հաւատացելոց: Իսկ մեր Կրօնք անունն՝ չի ցուցըներ հետեւիլ նախագոյն իմաստի մի, այլ ինքնութիւն կամ ինքնաբերութիւն մի յայտնէ:

Հին անանուն հեղինակէ հաւաքած բառգիրը մ’ունիմք, (որոյ մէջ շատ հին եւ ընտիր բառեր այլ գտուին, որք դեռ չեն յայտնուած շարագրութեանց մէջ), սա Կրօնք բառը ստուգաբանէ՝ ամենակարճ բայց ամենալի իմաստով. « Կրօնք՝ Կիր եւ Հաւանութիւն »: Այսչափ է բացատրութիւնն: Ով որ քիչ մի գրոց հայերէնը գիտէ, գիտէ ալ որ Կիր ՝ կրելու արմատն է, եւ ինչպէս կրօնք յաճախ յոգնակի վարին՝ այսպէս եւ սա Կիրք գրուի եւ ըսուի: Կ’իմանան ամենքն ի՞նչ ըսել է կիրք, թէ եւ զանազան կերպով գուցէ իմացած ըլլան՝ ներքին եւ բուռն ինքնաբեր զգացում մի, եւ կիրք կոչեն զայն. եւ զի այս անուամբ այլ եւ այլ հոգեկան զօրութիւններ կամ զգացմունք այլ կ’իմացուին, հաւատոյ զգացման սեփականուած է անունն Կրօնք. ըսել է որ սա է առաջին եւ հզօրագոյն կիրք բանաւոր մարդու, վերոյիշեալ խորագոյն տպաւորութիւնն յինքեան, ճանչնալու իր ծագումն կամ կախումն եւ պարտաւորութիւնն առ գերագոյն էակն:

Վայելչապէս յարէ ստուգաբանն՝ կրից հետ եւ Հաւանութիւն. իբրեւ անընդմէջ կամ անհրաժեշտ հետեւանք այդպիսի կրից հոգւոյ՝ զհաւանութիւն մտաց, որ է (ինչպէս առաջ ըսինք) Հաւատքն. եւ ըստ այսմ՝ այս անունս այլ կրնայ ի հաւանութենէ ծագուած ըսուիլ քան ի սկիզբէ (հաւ), կամ երկուքէն միանգամայն

Արդարեւ շատ գեղեցիկ, փիլիսոփայական եւ սրբազան իսկ գիւտ եւ յարմարութիւն է բառս այս՝ իր նշանակութեամբն. եւ մեծ պարծանք կըրնայ ըսուիլ ազգին կամ լեզուի, որ այսպիսի կամ այսոր համազօր նշանակիչ բառ մի ունի կամ յարմարցուցեր է, եւ իր գերագոյն սկիզբն եւ վախճանն՝ իր էութեան խորէն զգալով՝ Կրօնք ըսեր է, քան զանոնք, որ ի Կռոնոսէ ՝ անծայր ժամանակ մի՝ համարին զսկիզբն ամենայնի, նա եւ չաստուածոց

Բայց այս ըսելով ի միտք կու գան Յունաց, այն նրբամիտ եւ գիտնագոյն ազգի, եւ մերձաւոր գիտնոց՝ Եգիպտացւոց եւ Հնդկաց յիշատակքն. եւ կու հարցընեմք մենք մեզի, արդեօք ազգային եռանդ մ’է մեզի այս խոր եւ քաջիմաստ բանն ընծայել Հայոց, որ այնչափ նուազ էր քան զնոսա՝ յիմաստասիրականս, եւ մի ի թանձր ժողովրդոց Ասիոյ, ինչպէս համարուի, չունենալով ոչ հին դպրութիւն եւ ոչ մեհենական մնացուած: Ըլլայ ինչ որ ըլլայ, բայց ո՞վ կըրնայ համարձակիլ ըսել, թէ այդ յիշեալ եւ ուրիշ նման հին ազգաց մէջ՝ յստակագոյն կամ նահապետական Աստուածպաշտութիւնն՝ կանխած ըլլայ քան թէ ի Հայս: Մեր երկրին դիրքն  եւ ազգային եւ հին պատմութիւնք, ըստ մեր դատման, վկայեն, թէ Աստուածպաշտութիւնն եղած ըլլայ հաւատք նախահարց Հայոց, եւ այսոր հաստատութեան՝ Կրօնից անունն եւ իմաստն: Զայս այլ ըսելով՝ մեծ եւ նոր բան մի ըսող չեմք ըլլար, որովհետեւ ընդունելի է ողջամտաց, թէ ճշմարիտ Աստուծոյ ծանօթութիւնն ունէին նահապետք կամ հարք հին ազգերու, որոց մէջ համարիմք զՀայն այլ, առանց վիճելու անոր հնութեան չափին վրայ, վասն զի իր հնութեան վրայ չէ հօս մեր խնդիրն, այլ իր աստուածպաշտութեան հնութեանը, եւ այսոր՝ իր առաջին կրօնք ըլլալուն, յորմէ յետոյ ուրիշ ազգաց նման՝ խոտորեցաւ մոլորեցաւ, եւ նախաթուեալ աղանդոց մէջ ընկաւ, որոց վրայ պիտի գրեմք: Հարկ էր ուրեմն, որ նախ յիշեմք աստուածպաշտութիւնը կամ նահապետական կրօնքը, առանց հարկ համարելու բացատրել զայս, որովհետեւ ամեն հին ժողովրդոց մէջ այլ նոյն եւ նման է աստուածպաշտութիւնն, քանի որ թիւրութիւն չէ մտած միջերնին, իսկ երբ խոտորին՝ իրարմէ այլ հեռանան հաւատով եւ պաշտամամբք. եւ այն ատեն հարկ  կ’ըլլայ առանձնակի քննել խօսիլ իւրաքանչիւր ազգի վրայ

Զայս չսկսած՝ յիշեմք Կրօնից եւ Հաւատոց իմաստի նման կամ մերձաւոր անուն մ’այլ ի լեզուիս, որ է Դաւանանք. այս այլ յոգնակի, թէ եւ դաւանութիւն այլ կ’ըսուի. իմաստն յայտնէ աստիճանաբար ծագումն կամ հետեւանք ի Հաւատոց, որպէս նա ի Կրօնից. սա առաջին զգացումն` կիրքն էր, այնոր մտաւոր կերպաւորութիւնն եւ ներկայումն՝ Հաւատքն, իսկ այսոր բացատրութիւնն բանիւ՝ Դաւանանքն: Չեմք ուզեր բառիս քերականօրէն այլ եւ այլ իմաստները քննել, կամ աւելի քրիստոնէական կրօնից մէջ գործածուիլը, ինչպէս այլ ըլլայ՝ մեզի շատ հին կ’երեւի այս բառս այլ, եւ վերջի մասը թողլով՝ առաջինն կարծել կու տայ Հնդկաց եւ Արեաց Տեւաս, տեւադաս բառից զուգորդութիւն, ինչպէս գուցէ եւ դեւ եւ դից ազգակցութիւնն: Թողլով եւ զայս գիտնագունից քննութեան, հարեւանցի յիշեմք եւ ի պարսկականէն առ մեզ մտած Դեն . տին) եւ Քէշ կամ Կէշտ կրօնանիշ բառերն այլ, իրենց թողլով իրենց իմացածը: Յիշեմք նոյնպէս եւ զԱղանդ որ՝ սովորականէ դուրս եւ մոլար դաւանանք եւ վարդապետութիւն նշանակէ, թէ՛ հեթանոսական, թէ՛ քրիստոնէական կրօնից մէջ, բայց գուցէ ի սկզբան ուղիղ կամ ընդունուած հաւատքն այլ նշանակէր, եթէ բառին առաջին եւ գլխաւոր մասն՝ Աղ ` համարիմք նոյնասկիզբն Աղօթք, Աղերս, Աղաչանք, այլ եւ Աղու, Աղաւնի եւ այլն, բառից, որք ամենն այլ անոյշ իմաստ մի ընծայեն: Յիշեմք յետ այսոցիկ, եւ Պաշտօն բառը, որ ըստ իմաստին՝ կու գայ յետ Հաւատոց, որոյ մտաւոր արտայայտութիւնն է Դաւանանքն, զգալին եւ նիւթականն՝ Պաշտօնն, որոյ վրայ հարկ կ’ըլլայ խօսիլ յետ իւրաքանչիւր հաւատոց բացատրութեան, իսկ ծագումն բառին՝ ի բարդութիւնս մտեալ (առանձին պաշտ չի գտուիր), թուի ի Պարսից մտեալ կամ հասարակ Հայոյն եւ նոցա. գուցէ անոնց Պիհէշտ բառէն, որ արքայութեան պէս բան մի նշանակէ, յորմէ եւ Արտիպիհէշտ՝ հրեշտակապետի անուն, իբրեւ վեհագոյն: Գուցէ նկատելու արժանի համարուի եւ բառին ի մեր լեզուս Պա վանկով՝ յարգելի իմաստ տուող բառից կազմութիւնն, ինչպէս՝ Պատարագ, Պատրուճակ, Պատիւ, Պաղատանք, Պագանել, Պատշաճ եւ այլն: Այս երկբայական եւ ոչ շատ կարեւոր բառից քննութիւնները յանձնելով երկայնամտաց՝ անցնինք առ ամենէն կարեւորն որ է Աստուած: