Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԺԴ.
ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Վերջի անգամ մ’այլ ակնարկելով մեր երկրի դրից եւ չորս կողմէն պատած այլալեզու եւ այլակրօն ազգաց, Հայաստանի բնական խառնարան մի ըլլալն լեզուաց եւ կրօնից, զարմանք չէ, եւ Հայ ազգին բարքն եւ բերմունքն այլ քննելով՝ գրեթէ եւ հարկ էր. եւ եթէ բաւական նիւթեղէն յիշատակարանք չկան կամ չեն երեւիր, եւ ոչ իսկ ազգային գրաւոր աւանդութիւնք, կրնան քիչ չըսուիլ օտարաց մէջ, մանաւանդ Յունաց՝ գրած յիշատակք. մեր կողմանէ այլ՝ ազգային լեզուի ընդարձակ ասպարէզն կամ բովքն, որ դեռ անսպառ է, եւ ոչ ըստ բաւականին փորուած, կամ ոչ արուեստագէտ հմտութեամբ

Յետ ամենայնի հարկ է յիշել, թէ այսքան այլեւայլ ծագմամբ կրօնից ընդունող եւ պահող ազգն, որ եւ յամառութիւն ունի ի կարծիս՝ (հանդերձ իրեն դիւրաւ յարելովն յօտարս), ի՞նչպէս այս ամեն բան թողուց, անհետ ըրաւ, եւ ոչ՝ կամ թէ գրեթէ ոչ ինչ գրաւոր կամ նիւթական մնացորդ մի թողուց՝ իր հեթանոսական գրուածոց եւ քանդակաց, կռոց, սպասուց եւ այլն: Ետքիններուս համար կըրնամք ըսել, թէ դեռ երկրին ծոցը բաւական հետազօտուած չէ. գրուածոց համար թէ շատ չէին եւ կամաւ այլ ջնջուած են, իսկ միանգամայն հին հաւատոց եւ կրօնից համար (թողլով աղթարական մնացեալ հետքը), հարկաւորիմք խոստովանիլ, որ հրաշալի կերպով մի եղած է այս բանս. եւ առանց այսոր չէր կըրնար ըլլալ առ հասարակ բազմամիլիոն ազգի մի թողուլ իր նախնեաց պաշտօնն եւ պաշտելիքը եւ ընդունել զքրիստոնէութիւն. եւ արդէն մշտնջենաւոր հրաշք մի է, որ այն արիական կոչուած (Հայ) ազգն, իր ցեղակցաց մէջ մի միայն եւ բոլորովիմբ քրիստոնեայ ըլլայ, մինչ եւ այլք կամ իրենց հին դիցաբանութիւնը պահած են, եւ դեռ իրենց կրակը վառեն եւ պատուեն, կամ իսլամութիւն ընդունած են Շատ ազգաց մէջ առ փոքր փոքր մտած է քրիստոնէութիւնն, նոյն իսկ եւ ի Հայս՝ ի սկզբան քարոզութեան Առաքելոց եւ առաքելաշաւիղ Հարց. եւ միշտ մնացեր է Բարդողիմեայ եւ Թադէոսի սերմանած հատն եւ վառած լոյսն, այլ նուաղ, սակաւ եւ ծածուկ, ինչպէս վըկայեն նահատակութիւնք անոնց աշակերտաց ի Գողթն եւ ի Սիւնիս, Ոսկեանց, Սուքիասանց, Սանդխտոյ, Թէոդորոսի Սալահունւոյ, Այրարատեան վկայից, Մեհրուժան եպիսկոպոսի կամ եպիսկոպոսապետի Հայոց եւ այլն: Բայց այսոնք, եթէ կըրնամք ըսել, աստուածային ընդհանրական սքանչելեօք էին, ինչպէս եւ ուրիշ ազգաց մէջ, իսկ Տրդատայ՝ այն Հայոց գոռ եւ գոռոզ եւ ամէն կերպով հսկայ տիրապետին ատեն, կարծես մարդկան միտքն այլ պահանջէ, որ Աստուած այլ գերագոյն զօրութիւնը յայտնէր, եւ անով նուաճէր նախ այն սէգ թագաւորը, «որ այնչափ երեւելի եղեալ քաջութեամբք առաւելոյր ի մարտս պատերազմացն. նա եւ յուղումպիադսն Յունաց՝ հսկազօր երեւեալ… որ սիգալովն աւերեաց զթումբս գետոց, ցամաքեցոյց իսկ ի  սիգալ իւրում՝ զյորձանս ծովուց». յետոյ այնոր հզօր բազկաւ իրեն բիրտ եւ հնապաշտ հպատակաց բազմութիւնը, աջակցութեամբ կենդանահրաշ Լուսաւորչի փափուկ ձեռաց: Երկու բարք եւ բռնութիւնք միախառն՝ կատարեցին Հայոց դարձն ի հին հեթանոսական հաւատոց՝ ի նոր եւ ի բուն ի ճշմարիտ հաւատս Քրիստոսի, որոյ շուտափոյթ ընդունելութեանն հարկ եւ առիթ եղան այն սքանչելիքն, զոր պատմէ Ագաթանգելոս, եւ որք ի՛նչպէս այլ քննուին, ամփոփուին եւ մեկնուին, չեն կըրնար առանց հրաշից սոսկ երեւել, եւ խախտել Հայոց 1600 տարուան հաստատուն եւ եռանդուն աւանդութիւնը, զոր ի միջի այնքան այլադենից եւ հալածանաց՝ (բաց ի քանի մի վատ ուրացողներէ) սիրով եւ պարծանօք պահեցին եւ պահեն եւ յոյս ունիմք, որ պիտի պահեն. շնորհօք առ հասարակ մարդկութեան յաւիտենական լոյս ծագող Ամենափրկչին Քրիստոսի, եւ աղօթիւք յատուկ Հայոցս Լուսաւորչին՝ Ս. Գրիգորի: Սմա սէր եւ պատիւ, եւ Նմա փառք եւ գոհութիւն. եւ ինձ ուրախութիւն, որ այսպիսի յիշատակաւ՝ քաւեմ գրիչս, ասանկ խափանուած եւ խափանելի իրաց վրայ գրելէն:

Ուրա՜խ լեր հոգի քրիստոնէութեան, զի խաւարն մերժեցաւ եւ տիւն ծագեցաւ. եւ միշտ եւ հանապազ լուսատու լիցի քեզ Քրիստոս, որում միւս անգամ, բիւր անգամ եւ միշտ՝ փառք, այժմ եւ ի յաւիտեանս