Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԺԳ.
ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ, ՊԱՇՏՕՆԱՐԱՆՔ,
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅՔ, ՍՊԱՍՔ

Ի սկզբան գրոցս բացատրեցաւ, թէ ինչ է Պաշտօնն, որոյ կատարման կերպն եւ հանգամանքն՝ միանգամայն Պաշտամունք կ’ըսուին, առանձին մասերն եւ ձեւերն՝ Ծէս: Որչափ որ հետաքըննական է գիտնալն զասոնք, թէ եւ ոչ հարկաւոր, պաշտելեաց հետ եւ ա՛յլ աւելի կորսուած մոռցուած են, բայց հարկ է, թէ աւելի կամ նուազ մասամբ նման ըլլային Հայոց հեթանոսական ծէսքն այլ՝ իրենց մերձաւորացն, բայց ի պատմութենէ յիշուած չըլլալով՝ չեմք ուզեր օտարաց համար ըսուածներն ի մէջ բերել. ուզողն կրնայ գտնել ընդհանուր դիցաբանութեան գրոց մէջ. միայն այնչափ յիշեմք, որչափ պաշտամանց բառերն իսկ պահանջեն իմացուելու, որոց գլխաւորն է:

Ա. ՊԱՇՏՕՆԱՐԱՆՆ. որ է ծանօթ կամ հասարակաց տեղի, ուր կատարուի պաշտօնն աղօթքով, պատարագով, զոհիւ եւ պէսպէս արարողութեամբք կամ ծիսիւ: Յիշեցինք, որ նախահարք` առաջ (եթէ իրենց տանց մէջ կատարէին աղօթքնին), զգալի եւ տեսանելի պաշտօնը՝ անշէնք բաց տեղերում կատարէին, եթէ իրենց ագարակն եւ դաշտն ըլլար, եթէ բարձրկէկ տեղ մի, եւ եթէ ծառոտ տեղուանք, անտառք եւ մայրիք: Յետինս յիշեցընէ մեզ Դից մայրի կոչուածն ի Վիշապաձոր, ի գաւառի Գաբեղինից, Երասխ գետոյ եզերքում, մօտ ի Կաղզուան, ուր ձորոյն անունն այլ եւ ուրիշ յիշատակք՝ յայտնեն նշանաւոր կեդրոն մի դիցապաշտութեան: Տես եւ ինչ որ ծառոց պաշտաման համար նախ ըսած եմք: Բացօթեայ տեղւոյ հակառակ՝ շատ մոլորահաւատք, որ եւ մոլորաբարք, գետնի երեսէն այլ վար կամ անոր ծածուկ փոսերու եւ խորերու մէջ կ’ուզէին կատարել իրենց սնոտիքը նա եւ զզուելիքը, համեմատ իրենց խըղճին, որ հեռանալով ի լուսոյ ճշմարտութենէ՝ մթութիւն կու սիրէ, ինչպէս տեսանք Քարանց պաշտաման մէջ, եւ ինչպէս գրէ մեր հին վարդապետաց մէկն այլ խորհուրդ Եկեղեցւոյ). «Դեւքն խաւարասէրք են, վասն այնորիկ եւ որ յանուն նոցա բագինքն ՝ շինեալք էին ի գետնափորս եւ ի խաւարին տունս, քանզի համարձակ լիցին դեւքն՝ փայլատակմամբք եւ արհաւրօք եւ ահագին դնդնչմամբ կեղծաւորել»: Դից պաշտաման մէջ այլ տեսանք գլխաւոր պաշտօնարաններ ի բաց եւ ընդարձակ տեղերում, որպէս ի Բագրեւանդ եւ ի յԱշտիշատ: Թէ արդեօք ընդհանուր անուամբ այն ատեն այլ այդպիսի տեղիք Պաշտօնարան կոչուէի՞ն, ինչպէս ի քրիստոնէութեան, եւ որպէս գրուի յԱգաթանգելոս, չէ յայտ, այլ յայտնի են Տաճար եւ Մեհեան կոչմունք:

Առաջին անունն, որ չունի նմանութիւն նոյնանիշ բառից ուրիշ ազգաց, եթէ յատուկ հայկական անծանօթ իմաստով բան մի չէ, հաւանօրէն զոյգ է պարսկերէն Թէճէր, ﺗﺟﺮ որ ձմեռնատուն նշանակէ. եւ բնական է հետեւցընել, որ ձմեռ ատեն կարելի չըլլալով, մանաւանդ Հայոց երկրին պէս ձիւնապատ տեղ, կատարել զպաշտամունս, հարկ էր ծածկուած եւ շինուած տեղ մի, եւ ահա այս կըրնայ ըլլալ Տաճար ն. (թողլով ծաղրական ստուգաբանութիւնն տայ–ճար ) [1]: Հիմակուան կամ քրիստոնէական իմաստով՝ Տաճար նշանակէ՝ մեծ եւ վայելուչ շէնքով պաշտօնարան, այսինքն՝ եկեղեցի (համեմատ Templum Լատինաց), այլ եւ մեծ եւ ճոխ ապարանք, եւ նա եւ ուրախութեան, խնջոյից, կոչնոց ժողովարան եւ ճաշարան:

Աւելի յատուկ անուն պաշտօնարանի մեր հին նախնեաց՝ երեւի Մեհեան ն, եւ վկայութիւն իրմով բարդուածներն ( Մեհենընկալ, Մեհենապետ, Մեհենաբարձ, Մեհենազարդ եւ այլն), որք ոչ միայն մեհենի պաշտօնեայն եւ ծէսերը գուշակել տան, այլ երբեմն եւ պաշտելին կամ դրօշեալը, կամ թէ կուռքն իսկ Մեհեան կոչուի: Բառին ծագումն այլ ոչ հաւաստի, այլ հաւանական է՝ լուսնի Մահիկ եւ ըստ Պարսից մահ կոչմանէն, յորմէ երեւի եւ Մեհեկան ամիսն, քան թէ ի Միհրայ անուանէն. ըստ ձայնին մօտ է անոնց Մահիյնէ բառին, որ պարզ ամսական նշանակէ. յիշենք եւ մեր Մեհեկան ամիսը: Իսկ ասոնցմէ հետեւցընելն եւ ստուգաբանելը թողումք ի կամս եւ ի գիտութիւն բանասիրաց՝ յիշեցընելով եւ մարդոյ յատուկ անունն Մեհեւան, եւ Մեհնունեաց տոհմն, որ մեհենից պաշտօնատարութենէն առնուած է հաւանօրէն, բայց կըրնայ հին անծանօթ բառէ այլ ծագուիլ, ինչպէս Մեհենդակն. կան եւ Մեհսուպ, Մեհեր, Մեհրիար անուանք, բայց ասոնք աւելի նոր ատեններ լսուին եւ յօտարաց եկամուտ երեւին:

Կենդանեաց նուէրքն առ Դիս, եթէ մորթելով եւ եթէ այրելով ըլլայ, յատուկ անուն մ’այլ պահանջէ, թէ ոչ բովանդակ պաշտօնարանի, գոնէ մէկ մասին, (ինչպէս մեր եկեղեցեաց մէջ այլ մատուռն եւ խորանն), եւ կ’ըսուի Զոհարան եւ Զենարան. գուցէ եւ Սպանդարան, որ նոյն կամ մօտ նշանակութիւնն ունի (մորթելու տեղ), եւ որոյ պաշտօնէից յատուկ եղաւ Սպանդունիք անունն եւ տոհմն, զորս Վաղարշակ կարգեց «ի վերայ Զենարանաց», կ’ըսէ Խորենացի: Վանայ բերդին մէջ փորուած սենեկաձեւ քարայրից, նոյնպէս եւ Բագառիճայ ի Դերջան, ինչուան հիմայ կ’երեւին պատերուն ներքեւ խողովակակերպ նեղ երկայն խորք, եւ կարծուին զոհից արիւնը թափելու համար. ոմանք ի տեսողաց՝ դեռ ցամքած արեան մնացուած այլ կարծեր են նշմարել

Բագին. Երբեմն մեհեանն իսկ այսպէս անուանի, բայց սովորաբար անոր գլխաւոր մասն, ուր որ կու դրուէր պաշտելին, կուռքն եւ զոհն, իբրեւ Սեղանն մեր եկեղեցեաց. եւ երբեմն շարժական կ’ըլլար, այսինքն՝ սեղանն եւ կուռքն մէկտեղ փոքր ծածքով կամ առանց անոր՝ վերցընելով տեղէ տեղ տանէին, ինչպէս քրիստոնեայք այլ պատերազմի ատեն շարժական սեղաններ: Բագին բառն շատ հին ազգաց մէջ լսուի, ինչպէս Bog Սլաւեանց, որ Աստուած նշանակէ, ըստ մեզ Բոգ կամ Բագ դառնայ, յորմէ եւ Հուր–Բագ (էջ 52), հին պարսիկ լեզուաւ Բագա (ինչպէս գրուի ի բեւեռարձանս Պերսեպոլեայ), յորմէ եւ Պաճիստան կամ Պիհիսդուն լեառն՝ իբր բագաստան: Նոյնպէս եւ Հնդկաց հին գրոց Բագա (Bhaga) կոչուած չաստուածն, եւ Բագուան ՝ իրենց Վիշնու եւ Սիւա չաստուածք. Բագէոս կամ Բագուէ մեծ չաստուածն Փռիւգացւոց. Բագոտ կամ Պագոտ ՝ մեհեանք Չինաց, Հնդկաց եւ Սիամաց. կարծել տայ, թէ եւ նախ քան Պարթեւաց տիրելն ի Հայս՝ ծանօթ էր մերայոց, այլ ասոնց ատեն աւելի յաճախեց, ուրիշ պահլաւիկ անուանց հետ, եւ իբր օտար` Ագաթանգելի թարգմանիչն հարկաւոր համարեր է նշանակել, թէ Բագաւան ՝ Դից աւան ըսել է, Բագայառիճ ՝ Դից գիւղ: Սասանեանց տիրապետութեան ատեն՝ Բագին կոչուեցան եւ պաշտելու կրակի սեղանք, որոց վրայ փոքր փորուած մ’այլ բաւական էր կրակն ընդունելու, եւ ըստ այնմ փոքրիկ բագինք այլ շինուէին, կանգուն կամ շարժուն

Յաշտից տեղիք. Զոհարանի նշանակութեամբ, ըստ պարսիկ Յաշտ բառի, ծանօթ են ի Հայս ի Տարօն, ուր այդ պաշտօնարանները՝ Վաղարշակ յանձնեց Հնդիկ Գիսանեսի, ըստ Զենովբայ պատմութեան, եւ տեղին՝ բնակարանաց հետ կոչեցաւ յԱշտիշատ, որ երբեմն թարգմանութեամբ այլ կոչուի Մեհենագեօղ. Հնդիկք՝ Աշտակա կոչէին իրենց նախնեաց նուիրուած պաշտօնարանը, եւ Եաշդանիս ՝ զարժանաւորն պաշտաման կամ զսրբազանն [2]: Յաշտ նշանակէ, թէ զբագինն եւ թէ անոր վրայ նուիրածը կամ զոհը. երկու անուանքն այլ թէ եւ ընդունուած են ի հաւատս էին Հայոց, բայց ասոնց հասարակ լեզուաւ նուիրաց եւ զոհից յատուկ տեղին Սեղան կ’ըսուի, ինչպէս եւ կերակրոց դնելի տեղին կամ շինուածն. բառին ծագումն անշուշտ Սեղ պիտի ըլլայ, բայց իմաստն անյայտ [3]:

Սեղան անուան կազմութեան նման է եւ Խոր–ան (ինչպէս եւ Բեր–ան ), մէջը բան մի ընդունելու յարմար դիրք մի նշանակելով. եւ ինչպէս հիմայ եկեղեցեաց Սեղանոց բոլորտիքն Խորան կ’ըսուին, նոյնպէս թուի եւ մեհենից սեղանոց, եւ անոնցմէ անցած անունն ի քրիստոնէական շինուածն. եւ ըստ հասարակ նշանակութեան բառին՝ (պատի մէջ) փորուած խոր տեղ մի ցուցընէ, թէ եւ ուրիշ մօտեւոր նշանակութիւններ այլ ունի, ինչպէս Վրան եւ այլն. եւ յայտնուի, որ այն խոր տեղում զետեղուած պիտի ըլլար պաշտելի առարկայն կամ կուռքն: Այսպէս կարծուեցան եւ վերոյիշեալ Վանայ քարակտուր սենեկաց պատերուն մէջ փորուած խորշերն, զոր այլք սափորոց կամ տապանաց դիրք կարծեն. նոյնպէս եւ Բագառիճոյ քարափոր սենեկին մէջ կ’երեւի խորունկ գոգ մի եւ կուռք մի դնելու տեղ համարուի: Այսպիսի բան մի կըրնայ իմացուիլ եւ Թովմայի Արծրունւոյ ըսածն՝ Բ Արտաշիսի համար, որ Վանայ մօտերում երեք բլրոց գոգաձեւ հովտի մի մէջ շինեց « Աշտարակ բարձրաձեւ փորուածոյ միջոցաւ, եւ ի վերայ նորա կանգնէ զԱստղկան պատկերն, եւ մօտ նորա տուն գանձու պաշտպանութեան կռոցն»: Գանձե՞րն զկուռս պաշտպանէին, թէ կռոց վայլէր զգանձս պաշտպանել. իրենց թողունք, բայց յայտ է, որ ամեն Կռատանց մէջ կամ քով կային եւ Գանձարանք, պահարանք նուիրաց մեծամեծաց եւ փոքր մարդկան, ինչպէս հաւաստեն Ագաթանգելոս եւ Զենովբ պատմիչք եւ այլք՝ Լուսաւորչի գործերը յիշողք:

Այսպիսի տեղիք ոչ միայն ամուր եւ գոց պիտի ըլլային ապահովութեան համար, այլ եւ ծածուկ, միայն քրմաց եւ քրմապետաց գիտելիք. եւ այս բանիս համար այլ երեւի, որ նա եւ նոյն իսկ մեհեանք շատ մտանելի չէին ժողովրդեան՝ իբրեւ աղօթատունք, եւ ոչ իսկ ընդարձակք, որպէս եւ ոչ հին եկեղեցիք Հայոց, այլ ժողովուրդն պաշտօնասէր՝ մեհեաններէն դուրս՝ բակի մէջ կամ անփակ տեղ կանգնած՝ բագնաց դիմաց կատարէր իր աղօթքը, նուէրքն եւ զոհը, ինչպէս յայտնէ եւ առաջին մեհեանները շատցընող աշխարհակալ Տիգրանին համար ըսուածն, որ «մեհեանս շինեալ եւ առաջի մեհենիցն բագին… կանգնել, զոհս՝ ամենայն նախարարացն հրամայէ մատուցանել, հանդերձ երկրպագութեամբ»: Գուշակուի ի բանէս, որ հասարակ եւ աղքատ ժողովուրդն՝ եւ ոչ իսկ մօտենային Բագնաց, այլ հեռուն կեցած՝ իրենց պաշտօնը կատարէին, կամ հանդէսները դիտէին. եւ հրէական տաճարին պէս՝ ի ներսն եւ ներքսագոյն կողմն իբր սրբարան, չըսեմք (Սրբութիւն Սրբոց), միայն քահանայից եւ աւելի բարձր ու ստորին պաշտօնէից մտանելի էր: Զենովբ (եւ ըստ իր բանից Յայսմաւուրք) վկայեն՝ Տարօնոյ յԱշտիշատի երեք հռչակաւոր բագնաց (մեհենաց) համար, որք էին « Բարձրաշէնք եւ մեծամեծ ծախուք զարդարեալ յոսկւոյ եւ արծաթոյ եւ մարգարտաց եւ յականց պատուականաց», բայց չըսեր մեծագոյն կամ ընդարձակ, այլ շէնքին ձեւին յատկութիւնն կ’երեւի թէ՛ իր ըսածէն եւ թէ՛ Թով. Արծրունւոյ, որ բարձրաշէն եւ աշտարակաձեւ ըլլալն էր: Արդեօք այսպիսի՞ շէնք էին Ասորեստանեայց Ծկուրատք աշտարակաձեւք, զոր տեղ մի յիշեցինք Ծկրաւորի մոլորակ կամ աստեղ առթիւ (եր. 121): Ինչպէս այլ ըլլան՝ մեր պատմչաց ըսածէն այլ յայտնուի, որ բագինք արտաքին մեհեան կըրնան կոչուիլ, եւ աշտարակաձեւ բարձրութիւնն՝ իրենց վրայ կանգնած կուռքերը բազմութեան տեսանելի ընելու համար, իսկ բուն մեհեանն յարմարի ներքին կոչուելու, ինչպէս որ հիմայ յիշուած յԱշտիշատի պաշտօնարանաց մէջ` պատմիչն զՆերքին Սենեակս կոչէ. չաստուածոյն եւ իր քրմաց համար կարեւոր չէր տեղւոյ ընդարձակութիւն: Վերոյիշեալ Վանայ եւ Բագառիճոյ քարափոր սենեակներէն զատ, Այրարատ բնաշխարհին մէջ այլ՝ մէկ քանի տեղ փոքր շէնքերու հին մնացուածք՝ մեհենից տեղիք կարծուեցան, ինչպէս Քասաղ գետոյ մօտ Չամըրլու գիւղի քով քարաբլրի մի վրայ տեսնուէր մեր օրերուս, բոլորակ քարաշար բակի պէս տեղ մի, ի միջակին կոտրած խարիսխ կամ սիւն մի. ասոր մէկ երեսին վրայ քանդակուած էր տղայակերպ անձ մի բազկատարած, ոտից ներքեւ երկու պնակաձեւ փորուածք, միւսին վրայ՝ փաթութած գծեր: Արագածու Աղց գիւղի մօտ այլ լերին մէջ փորուած է խոր տեղ մի մատրան ձեւով, հանդերձ խորանաւ, որոյ մէջ կանգնած է սիւնակ մի, երկու կողմերը կիսաբոլոր խորշեր, եւ քանդակպատկերք մարդկան եւ կենդանեաց: Ասոնց նման տեղիք յիշէ զասոնք տեսողն (Յովհ. Շահխաթունեան) նա եւ յԱրմաւիր եւ յԵրուանդակերտ, որք արժանի են նոր քննութեան եւ նկարագրութեան

Եթէ այսպիսի անծանօթ եւ անկարծելի տեղուանք խնամով քննուէին, գուցէ դեռ շատ հետք երեւնային հեթանոսական պաշտօնարանաց, քան թէ յայտնի եւ բացօթեայ տեղերու շինուածք, որք երեւելի ըլլալնուն համար այլ՝ շուտով աներեւոյթ  եղան զօրութեամբ խաչին Քրիստոսի եւ ձեռօք Լուսաւորչին եւ Տրդատայ, որոց արածներուն միայն գլխաւորները յիշած են պատմիչք, միւսներն այլ մէկ ամենայն բառով կ’իմացընեն, որք, եթէ Հայոց քրիստոնէական տաճարաց բազմութեան հետ մտածուին, նոյնպէս բազմաթիւ կըրնան եղած ըլլալ, բայց ինչպէս ըսինք՝ ոչ մեծ եւ ոչ նշանաւոր, եւ աւելի ուխտատեղեաց դիմող երեւին մեր հեթանոս նախահարք, քան առանձին աղօթականք. մեզ այլ հարկ է այդ նշանաւոր տեղիքը քննել, որ եւ ի կարգի բանիցս շատ անգամ յիշուեցան, մանաւանդ ամենէն երեւելին, կամ այսպէս նշանակուածն ի պատմչաց, յԱշտիշատ, որոյ եւ անունն վկայէ՝ շատ մեհեաններ, պաշտելի եւ պաշտող ունենալ, եւ անոր համար շուրջ պատող բնակութեան տեղն այլ մէկտեղ կոչուի այդ անուամբ, եւ նշանակէ՝ ինչպէս որ գրուած այլ է՝ Մեհենագեօղ, քան թէ ըստ յոյն բնագրի Ագաթանգելոսի՝ շատայաշտ, Πολύφοτος, յորմէ եւ լատինն Sacrificiis abundans. եւ այս բանիս համար կ’ըսուէր Բուն տեղի մեհենաց Հայոց. նոյնպէս եւ ի տիրել քրիստոնէութեան՝ Եկեղեցագեօղ անուանեցաւ: Եւ ինչպէս տեղւոյն տէր էր քրմապետն, նոր տէր այլ եղաւ քահանայապետն Հայոց . Գրիգոր), յորմէ ժառանգութեամբ իջաւ ի Ս. Սահակ, որոյ եւ բնիկ կալուած կոչուի, ուր եւ թաղեցաւ իսկ մարմինն, իբրեւ յետին ժառանգ պահելով զայն իրեն: Եւ ինչպէս մեծագոյն կրօնական հանդէսք Հայկազանց հօն կատարուէին, այսպէս նոր կրօնապետն (Լուսաւորիչ) հաստատեց հօն կատարել եկեղեցական ժողովքը: Յիշեցինք քանի մի ուրիշ մեծ եւ յաճախեալ պաշտօնարաններ, որոց շրջաբնակ տեղիքն այլ անոնց պատճառաւ կոչուեցան Բագաւան, որոյ եւ գաւառն ողջոյն՝ Բագրեւանդ, ուր աշխարհախումբ ազգային տօնք եւ հանդէսք կատարուէին՝ Նաւասարդի Ամանորայ օրերում (եր. 325): Բագարան, զոր շինեաց Երուանդ եւ հօս փոխադրեց զժողով դից Հայոց յ’ Արմաւրայ. սա առաջին մայրաքաղաք ըլլալով՝ յայտնէ, որ առաջին եւ մեծ կրօնատեղին Հայկազանց, կամ կրօնական պետութիւնն այլ՝ քաղաքականին մօտ եւ աթոռակից էր, ինչպէս յետոյ եղաւ եւ Արտաշատ նոր մայրաքաղաքն: Բագառիճ, նոյնպէս Բագնաց կամ Դից գեօղ, ի Դերջան գաւառի Բարձր Հայոց. ինչ պատճառաւ սա դիցապաշտութեան գլխաւոր կենդրոն եղած է. թուի, թէ իբրեւ մօտ եւ առաջին բնիկ սահման Հայոց երկրի, Արտաշիսի եւ Տիգրանայ յարեւմտից բերած յունական չաստուածներն ընդունելով, կամ բերողքն յարմար դատեր են այն կողմը, որ դրակից եւ աւելի ծանօթ էր այնպիսի դից, որոյ եւ երեք գետնափոր մեհեանները յիշեցինք, եւ անոնց մօտ լերան վրայ մեհենատեղի մի: Դերջանայ սահմանակիցքն Եզընկայ, Անի, Թորդան, Սատաղ այլ նոյն վիճակն ունեցեր են: Ետքինիս մէջ գտուած Արտեմիւսն կամ Անահիտն ամենէն նշանաւոր մնացորդն է Հայ դիցապաշտութեան, եւ մի ի մնացորդաց հելլենական ճարտարագործութեան: ՅԵզնկայ գտուած է նա եւ այս քարեղէն քանդակս, որոյ առաջին նայուածքով՝ առիւծներն՝ Ս. Իգնատ. Աստուածազգեացը կարծեցնեն, բայց բազկաբաց անձին կերպարանքն՝ հեթանոսութեան նշմար յայտնէ: Իսկ հին Թորդանայ մօտ՝ հիմայ յԱւագ վանս պահուի Դեղթափ կոչուած քարեղէն քանդակ մի, որ ա՛յլ աւելի դիցաբանական շոշորդ ունի. միայն թէ պէտք էր աւելի ճշդութեամբ եւ լուսատպութեամբ հանել պատկերը, զոր մենք մեզի խաւրուած մատիտով եւ թանաքով գծագրածէն ներկայացընեմք

Բագաւան կոչուած է նա եւ Պագու ի սամանն. ատենօք Հայոց 15 աշխարհաց միոյն՝ Փայտակարանի՝ գաւառ մ’էր, որոյ պաշտելիքն այլ գետնէն կու բղխէր, ծանօթ բոցափայլ եւ հրանիւթ Նաւթն: Երկրին մէկ մասն այլ առանձին գաւառ եւ անուն ունէր, Եօթնփորակեան բագինք, որ ինքնին յայտնէ ինչ ունենալն այլ, եօթն փորուած բագին, լոյծ կրակ ընդունելու իբր դիւրապատրաստ ատրուշան հրապաշտից: Ոչ ասոնք, այլ առաջ յիշուած մեհեանքն եւ քանի մի անծանօթք այլ՝ լրացընէին զ’ Եօթն բագինք մեհենացն Հայոց, ուր յորդորէր Խոսրով արքայ՝ հայրն Տրդատայ, «Ուխտաւոր լինել պատկերաց կռոց դիցն պաշտաման… զիւր ազգին Արշակունեաց զհայրենեացն պաշտամանց տեղիսն մեծարէր», ըստ Ագաթանգ. հաւանօրէն ասոնք ի Յունաց բերեալ կռոց դիք էին, իսկ եօթն ըլլալն՝ կըրնայ Ագաթանգելոսի յիշածներէն եւ վկայութենէն այլ հաստատուիլ, կըրնայ եւ եօթն թուոյ սրբազան համարուելէն նա եւ առ հեթանոսս, ինչպէս եւ հին Հնդիկք ունէին իրենց Մահալափուրամը, որ թարգմանուի եօթն բագինք. Պարսիկք իրենց եօթն մեծ Ատրուշանները, նոյնպէս Կապպադովկացիք եօթն բագին կրակի եւ այլն. թո՛ղ Յունաց եօթնամեայ դից պաշտամունքը

Ինչուան հիմայ ըսածներէս յայտնի տեսնուեցան կռոց նիւթերն այլ, թէ՛ պատուական մետաղներէ, որք Յունաց ճարտարաց ձեռագործք են, թէ՛ ի փղոսկրէ, թէ՛ պղնձեայ եւ թէ՛ ի հասարակ նիւթոյ քարանց եւ փայտի, որք հարկաւ աւելի շատ էին եւ ի շատ տեղ, որոց համար կ’ըսէր Լուսաւորիչ Հայր մեր առ Հայս, ըստ Ագաթանգելի. «Որպէս եւ առ ձեզդ, իսկ տեսանէաք զ Քարապաշտ եւ զ Փայտապաշտ մոլորութիւնսդ, որք առ տգիտութեան ի ձէնջ նկարեցան... անշունչ անմռունչ Քարանց երկիր պագանէիք»: Յետին խօսքն, ինչպէս ուրիշ տեղ այլ յիշեցինք, կըրնայ զուտ քարապաշտութիւն այլ նշանակել, բայց առջինովն յայտնէ ձեռագործ կուռքեր, տաշած եւ քանդակած. եւ եթէ ըսածն ըստ բառից ճիշդ ուզենք իմանալ, ի ձէնջն ցուցընէ՝ Հայոց ինքնին իրենց արուեստաւորաց ձեռքով հնարելն իրենց պաշտելիքը, որոց ճարտարութիւնն այլ ի քարագործութեան՝ յայտնուի քրիստոնէական շինուածոց վրայ ի Ե դարէ մինչեւ ցայսօր. եւ ակներեւ վկայ կան Այրարատայ եւ Շիրակայ եկեղեցիք եւ վանորայք: Մետաղներէ ձուլածոյ պատկերք՝ իբր զուտ հայկական ձեռագործ, ի Յունաց բերուածներէն զատ, կարծեմ յիշուած չէ, թէ եւ չէ անհաւան: Իսկ մանր դիցաբանական քանդակներ՝ պղնձեղէն նաեւ ոսկեղէն, թէ՛ ձուլուած, թէ՛ դարբնած՝ գտուած են ի Հայս, մանաւանդ ի կողմանս Վանտոսպայ, որոց վրայի պատկերքն ոմանց ասորեստանեայ կերպ երեւին, բայց քանի մի հատ գտուած կենդանեաց կամ մարդկային պարզ կերպարանք եւ զարդաձեւք՝ չեն կըրնար անոնց յատուկ ըսուիլ, կըրնան, եւ հաւանելի այլ է, որ ըլլան եւ Հայկազանց, որ աւելի կու ստուգուի, եթէ աւելի այլ յայտնուին այդպիսիք, մանաւանդ հողեղէնք եւ կաւեղէնք, որք՝ զարմանք է, ինչուան հիմայ չեն յայտնուած, գոնէ գրողիս

Բ. ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ. Ամենայն կրօնից մէջ պաշտօնարանն կամ տաճարն՝ իր հաւատացելոց ժողովարան է, առանձին կամ միաբան նուիրելու իրենց ճանչցած աստուծոյ՝ նախ իրենց խոնարհութիւնը, որ է ըսել ճանչնալն անոր գերագոյն մեծութիւնը, իշխանութիւնն եւ երախտիքն իրենց վրայ, եւ զայս նա եւ բերնով խոստովանիլ, որ է Աղօթք, երգ, գովութիւն եւ այլն: Երկրորդ, նիւթական բան մ’այլ նուիրել Աստուծոյ կամ աստուածոց, ո՛ր եւ է կերպով. եւ այս է Ձօն, Պատարագ, Զոհ, Ողջակէզ եւ այլն, իսկ զայս նուիրելուն եւ կատարելուն կերպն՝ ինքնին կամ ի ձեռն պաշտօնէից՝ կ’ըսուի Ծէս, օրէնք եւ այլն:

1. Առաջին կերպին վրայօք բան չեմք կըրնար ըսել, չունենալով եւ ոչ տող մի աղօթական բանից հեթանոս նախահարց մերոց. այլ՝ թէ ո՛ր եւ է կերպով մի աղօթէին եւ խնդրէին յաստուածոց, յայտ է օտարաց՝ Ս. Գրոց յիշածներէն՝ առ Բահաղ կամ առ ուրիշ կուռս ըրած աղաչանքներէն, նոյնպէս եւ Պօղոս առաքելոյ գրուածներէն եւ խօսածէն առ անհաւատս եւ հաւատացեալս: Պատմուի մեր Բ Արտաշէս կենցաղասէր թագաւորին համար, որ փափագելով դեռ երկարել աշխարհքի վայելքը, կամ ուրիշներն զինքը վայելել ուզելով, ղրկեց նախարար մի (Աբեղոյ) «յԵկեղեաց (գաւառ) յԵրիզա, եւ մեհեանն Արտեմիդայ, խնդրել ի կռոցն բժշկութիւն եւ բազում կեանս)». (զոր չտուաւ նա. չէր կըրնար ոչինչն՝ ինչ տալ): Թագաւոր եւ ծառայ, հարուստ եւ աղքատ, եթէ կրօնասէրք էին՝ յայտ է, թէ աղօթէին, իւրաքանչիւր իր գիտցած կամ զգացած կերպով: Այս քննել չէ մեր խնդիրն, այլ թէ կայի՞ն սահմանեալ կամ շարադրեալ կարգով աղօթք, մաղթանք, երգք, օրհնութիւնք: Հաւանիմ, թէ կային. եւ մեհենական մատեանք կոչուած գրոց մէկ մասն այսպիսի բաներ բովանդակէր, թէ ոչ ժողովրդեան բերնով աղօթքն, այլ պաշտօնէից բերնով ըսուածքն. մէկ մասն այլ՝ ըսելու եւ լսելու կերպը կամ ծէսը, հանդերձ ձեւերով կամ շարժմամբք:

Ի՞նչ տեսակ սնոտի եւ խայտառակ գրուածներ կային այդ մատենից մէջ, կըրնայ գուշակուիլ, ոչ միայն անոնց ջնջուելէն՝ ի ծագել քրիստոնէութեան, այլ եւ մեր քանի մի տեղ յիշած աղթարական աղօթքներէն, որք թէ եւ յետոյ ի քրիստոնէից շարագրած են, բայց հեթանոսական հետք եւ հոտ ունին: Յայտնի է եւ Բարդածան աղանդաւորին ըրածէն (յԲ դարու), որ Հայոց այդպիսի մեհենական գրքերը կարդալով՝ անոնց հակառակ գրեց. այս գրուածներն Կռոց պաշտաման եւ Բաշխից վրայօք էին. եւ կ’երեւի, թէ կարգով եւ ոճով մի գրուած էին, որ արժանի եղան ընդդիմաբան հերքման, թէ եւ ի հերքելի անձէ: Ուրիշ տեղ այլ յիշուին մեհենական պատմութիւնք, նման իմն մեր եկեղեցեաց, դիւանաց եւ կոնդակաց ռամկաց Քիւթիւկ կոչուած). այսով այլ յայտնուի, որ եթէ ի մեհեանս պատմական գրուածք պահուէին, ո՞րչափ եւս առաւել Ծիսականք

2. Այս անուամբ կ’իմացուի պաշտօնարանի մէջ պաշտօնէի ձեռքով որպիսի  եւ է կրօնական գործ մի կատարել, որ սովորաբար Արարողութիւն կ’ըսուի, բայց առջի բառին արմատն միավանկ՝ Ծէս ՝ հնութիւն ցուցանէ, եւ թէ արժէ քննութեան լեզուագիտաց. մեզ անծանօթ է օտար լեզուի համաձայն բառ, բայց եթէ Ծէս եւ Ծաս (թէ եւ զայիւ հնչուած ի Յունաց՝ Զեւս) Արամազդայ անունն, իբր կենսատու: Հարկ էր, որ ծիսից վարդապետութեան գիրքն այլ կոչուի Ծիսարան, բայց այս բառը գործածուած չէ ի գիրս, այլ անոր տեղ կ’ըսեմք եւ յայտնի է մերայոց՝ Մաշտօցն: Սա Ս. Մեսրովբայ անունէն առնուած չէ [4], եւ ոչ յ’Թ դարու այն գիրքը նորէն կարգաւորող համարեալ համանուն (Մաշտոց) կաթողիկոսէն, այլ ինքն հաւանօրէն ի գրոցն առեր է անունը, որ պարզ կամ թարգմանօրէն Օրհնութիւնք կամ Օրհնութիւնաբեր գիրք կոչուի: Սակայն Մաշտոց՝ անշուշտ ի Մաշտ արմատոյ՝ հին եւ նախաքրիստոնէական բառ եւ նշանակութիւն է ծիսականաց, եւ այսոր պէս հիմայ մեզ անծանօթ ծագմամբ, որոյ կըրնայ դիտուիլ լծորդութիւնն ընդ պաշտ եւ յաշտ կրօնական իմաստից. նա եւ ընդ Մշտկի, որով կրօնական ջրոյ ցօղմունք կ’ըլլան, եւ ըստ հին բառագրոց՝ նշանակէ ցանիչ: Անտարակոյս է, որ ինչպէս ուրիշ եւ գրեթէ ամեն ազգաց՝ մերոց պաշտամանց մէջ այլ ջուրն իբր սրբիչ ցանուէր եւ ցրուէր թէ անձանց, թէ նուիրաց [5]: Ջրով կրօնական արարողութեանց մէկ յայտնի նշանն այլ է Ջուր յուռթել ն, զոր յիշած եմք

Մաշտոց գրոց պարզագոյն անունը յիշելով՝ (Օրհնութիւնք) նոր նշանաւոր բառ մ’այլ կ’ելնէ մեր առաջ, որոյ արմատն թէ եւ ուղղական գտուած չէ Օրհն է, բայց կայ հոլովեալ յոգնականն Օրհնից, եւ ի  բարդութիւնս՝ Օրհնէք (ինչպէս Ջրօրհնէք եւ այլն): Յիշելի է, որ ըստ հին վերծանողութեան՝ ոչ օ այլ աւ կարդալու է, Աւրհնէք. եւ դարձեալ քանի մի բաղաձայն տառից իրարու քով զուգուիլն՝ ձայնաւորի պէտք ցուցընէ, գուցէ ն տառն այլ իբրեւ իմաստին զօրացուցիչ ըլլայ, ինչպէս ակն, հիմն եւ այլն. եւ այսպէս ենթադրելով՝ թերեւս զանդիկ աստուածական ահուրա բառի գուգուի: Ինչպէս այլ ըլլայ՝ հաւանելի է, որ Օրհնութիւն բառն այլ հին է եւ ի հին Հայոց հաւատոց:

3. Թողլով զմտաւորականն եւ զձայնական, քննենք զնիւթական ընծայեալս առ պաշտելիս, զոր ընդհանուր անուամբ Նուէր կոչեցինք: Շատ տեսակ եւ շատ նիւթէ կ’ըլլան եւ եղած են առ դիս տրուած նուէրք, որք շատ հեղ այլ մեհենից մէջ կամ խորանաց վրայ պահուելի հաստատ նիւթեր էին, ինչպէս մետաղեայ զարդք կամ պատկերք. եւ գուցէ այն տեղ կախուելուն համար՝ այսպէս կոչուած են պարսիկ բառով՝ Նիւվար, որ նշանակէ պարան, չուան: Ունի՞ արդեօք յարընչութիւն եւ զանդիկն Հոնովէր, որ նշանակէ Կրակի նուիրման կամ պաշտաման ըսուած աղօթքը

4. Նուիրաց հասարակ եւ հիմայ սրբազանեալ անուն է Պատարագ, եւ այսոր ընդունուիլն ի քրիստոնէական ծիսի՛ յայտնէ, որ հին հաւատոց մէջ այլ այս էր հասարակ եւ գլխաւոր անուն նուիրման. Ս. Գրոց մէջ այլ այսպէս կ’ըսուի: Ամեն կրօնից նուիրաց համար բառին յատուկ նշանակութիւնն կըրնայ ստուգիլ ի բարդութեանցն, ինչպէս Լիապատար, յուսապատար, եւ ածանցմամբն՝ պատարիւն, ամենն այլ շատութիւն, լիութիւն նշանակողք, ինչպէս կու վայլէր նուիրել Աստուծոյ կամ դից. կայ եւ առանձին ըսուած Պատար սիրոյ, (Ոսկեբ. Մեկն. Եփես. 880): Այս մտօք (լիութեան) կըրնայ եւս գուշակուիլ` օր պատարագի նուէրք ի սկզբան ոչ զոհք էին, այլ՝ բուսական բերք, որ առատապէս մատուցուէին, յետոյ ընդարձակեցաւ իմաստն՝ ամենայն տեսակ ընծայից վրայ, նա եւ կենդանեաց եւ զոհելեաց. ըստ այսմ՝ գուցէ կարելի ըլլայ կարծել յարընչութիւն Պատարագի եւ Պատրուճակի, որ սովորական զոհելին էր

5. Ս. Գրոց վկայութեամբ այլ գիտեմք, որ առաջին նուէրքն երկրի անշունչ բերոց հետ՝ շնչականքն եւս էին (կենդանիք), ըստ պատմութեան պատարագաց Աբելի եւ Կայենի. եւ որչափ այլ պժգալի է բնութեան՝ կեանք մի փճացընել, ըլլայ մորթելով ըլլայ այրելով, չէր կըրնար մարդ ուրիշ կերպով բոլորովին իրմէ հեռացընել, զինքը զրկել այն նուէրքէն, բայց եթէ կերպով մի ոչնչացընելով զայն. եւ մանաւանդ, իր կեանքը Աստուծոյ նուիրելու համար՝ աւելի մերձաւոր բան մի չկար, բայց ուրիշ կեանք մի, այնպիսի կեանք, որ ապագայ մի չունի, թէ չար թէ գէշ ապրի՝ յետոյ պիտի ոչընչանայ. այսոր համար թոյլ տուաւ Աստուած հին օրինաց մէջ այսպիսի նուէրք, որ կ’ըսուի Զոհ, իսկ այրածը՝ Ողջակէզ: Սակայն հին մոլորող հեթանոսք՝ անբան կենդանեաց հետ՝ բանականն եւ հոգիաւորն այլ, իրենց նմանը՝ զմարդիկ այլ զոհէին. նա եւ իրենք զիրենք՝ անձնասպանութեամբ, եւ կամաւոր ողջ ողջ թաղմամբ ընդ սիրական կամ տիրական մեռելոց: Զոհն, ինչպէս անունն այլ յայտնէ, ի սեմական ազգաց երեւի մտած առ Հայս. Արաբացիք Զանայա կ’ըսեն, Եբրայեցիք Զէվախ, Զանդիկք այլ քիչ մի նման Զասթրա

6. Յաշտ բառի նուիրական իմաստն արդէն բացատրեցինք, եւ ի Հնդկաց ծագումն, որ յետոյ միացեալ կ’երեւի ընդ Եաճատայ, որ է Եազատ Պարսից, առ մեզ Յաշտ, որոյ արմատն է Յազ, եւ զտուի անյազ բացատրութիւն ի գիրս մեր, որպէս եւ յազել, իբր զոհել զկենդանիս, ինչպէս եւ Պարսից Եազնա եւ Հնդկաց Եաճնա. Մազդեզն գրուածն այլ առ մեղ՝ Մազտիեազնա զանդկին՝ նշանակէ զոհող Որմըզդի. նոյն անուամբ ձեւացեր է եւ անոնց Իթեշկեահ ն, որ պաշտօնարան նշանակէ:

7. Ձօն. Ձօնիք. Տեսակ մի նուիրաց երբեմն եւ ընդհանուր ամեն տեսակի յատկաբար. երբեմն եւս նշանակէ պսակաց նման նուիրուած բաներ. երբեմն այլ անձինք նուիրուած ի պաշտօն դից կամ ի պահպանութիւն նոցա, ինչպէս տեսանք զԱնուշաւանն հայկազնեայ՝ «նուիրեալ ի Սօսիսն Արամենակայ, որ յԱրմաւիր», որոյ համար եւ Սօսանուէր: Անունն (Ձօն) եկամուտ թըւի առ մեզ. նշանական է (թէ եւ ըլլայ պատահական), որ թուրքարէն սունմագ ճիշդ ձօնել նշանակէ:

Թողլով նուիրաց այլեւայլ անուններն ալ քննել, աչք մ’այլ դարձընենք նորէն անոնց նիւթոց վրայ, որ եւ անուանց պատճառաւ արդէն յիշուեցան. եւ որոց առաջին համարիմք զԲուսականս, թէ՛ զԱրմտիս (ինչպէս Ցորեն, Գարի եւ այլն), իբր յատկագոյն մարդոյ տուրք՝ իր արդեանց պտուղ, եւ թէ Ծաղկունք եւ Պսակք գեղեցիկ տերեւներով հիւսուած, ինչպէս Տրդատ կու հրամայէր Գրիգորի, «զի Պսակս եւ թաւ ոստս ծառոց՝ նուէրս տարցէ բագնին Անահտական պատկերին» Իսկ ի կենդանեաց՝ նախ անոնց բերքն նուիրուէին, կաթն եւ իւղն, ասրն կամ գեղմն յետոյ եւ իրենց մարմինն եւ կեանքն վերոյիշեալ Զոհից կերպով. եւ ոմանց ձագերն նուիրուէին, որ երբ մեծնան, զոհուին, ինչպէս յիշեցինք սոյն Անահտայ համար յԵրէզ, որոց միսն բաժնուէր քրմաց, աղքատաց եւ պանդուխտ հիւրոց. մաս մ’ալ այրելով՝ իբր միայն դից նուիրուէր: Յայտ է, որ այս կենդանիներն սուրբ կամ ուտելիներէն էին, ոչխար, երինջ եւ այլն, նոյնպէս եւ ի թռչնոց: Թագաւորք եւ հարուստք առատապէս կու նուիրէին այսպիսի զոհելի կենդանիներ, քրմաց ապրուստի համար. այնպէս որ երբ անոնց կրօնքն ջնջուեցաւ, անճարակ մնալով՝ հարցուցին Լուսաւորչի, թէ ի՞նչպէս պիտի ապրին, զի ուրիշ արուեստ չեն գիտեր. Սուրբն այլ սահմանեց փոխանակ հեթանոսական զոհից՝ քրիստոնէական Ագապ ն եւ Մատաղ ն, առատ մասն հանելով այն քրիստոնէացեալ քըրմաց, եւ յետոյ քահանայից: Մատաղ ստուգաբանի յոմանց աղ մատուցանելով օրհնուած նուէր. մի կըրնայ նա հասարակ նշանակութեամբ մատղաշ կենդանի նշանակել, կամ առջինեկ, ինչպէս Եբրայեցւոց այլ պատուիրուած էր՝ այսպիսիներ նուիրել Աստուծոյ նաեւ քահանային: Ս. Սահակ իր կանոնաց մէջ կ’ըսէ, թէ իր նախնեաց աւանդութենէն ստուգած է զայս, եւ ըստ կարգադրութեան իր նախահօր . Լուսաւորչի), սահմանէ որոշակի, թէ ո՛ր մասն կենդանւոյն տալու է քահանայից եւ ո՛րն այլոց, որպէս զի հակառակութիւն եւ անվայել խնդիր չըլլայ: Հեթանոսք բաւական չհամարելով այս ընտանի եւ տնտեսական կենդանիները՝ գրաստեղէններն այլ զոհէին, ինչպէս կ’ըսուի եւ մեր Տրդատայ հօր Խոսրովու համար, որ յետ վանելու  զՊարսիկս՝ իբր յաղթանակելով եւ ուզելով գոհութիւն մատուցանել իր օգնական չաստուածոց. « Սպիտակ Ցլուք եւ սպիտակ Նոխազօք, սպիտակ Ձիովք եւ սպիտակ Ջորւօք զհայրենեացն պաշտամանցն տեղիսն մեծարէր»: Դիտելի է այս նողիրական մեծարանաց մէջ՝ պախրէից եւ գրաստուց սպիտակ եւ արու ըլլային. գուցէ չաստուածոց սերին համեմատ, վասն զի Անահտայ երինջ կու մատուցուէր

Յիշեցինք անցողաբար եւ զպժգալի մարդազոհս, թէ զկամաւորն (ինչպէս ի յուղարկաւորութեան Արտաշիսի), եւ թէ օտար ձեռաց, ակամայ եւ բռնութեամբ, ինչպէս շատ անգամ յիշեալ Անձեւացեաց կողմերու քարայրներու մէջ` որջացեալ իրաւ կամ խաբէական վիշապաց՝ Կոյս աղջիկ ներ եւ անմեղ պատանի ներ զենուլ զոհելն, որոց արեամբ զուարճանային եւ բագնօքն դեւքն, կ’ըսէ պատմիչն, փոխանակ ըսելու, թէ՝ դիւակերպ քուրմքն: Յիշեցինք եւ Պլուտարքոսի պատմածն՝ Սիկիովն սեւ քարի (Σιχιων) առթիւ, զոր մարդազոհութեան կամար ի գործ ածէին, եւ իբր թէ անոնց զարնելով՝ զոհելոց արիւնն յորդ հոսէր. եւ որոց համար նախատելով գրէր յիշեալ Անանիա վարդապետն, թէ «Յուռթեալք հեթանոսական յիմարութեամբ եւ կաշկանդեալ կապանօք ի տենչանս սրոյ ? զազրալից ճենճերոց, լնուին զյատակս պղծալիցն յարկաց՝ արեամբ իւրեանց ուստերաց եւ դստերաց»: Սակայն չեմ կարծեր, որ մարդազոհութիւնն այնպէս հանդիսական եղած ըլլայ ի Հայս՝ որպէս առ Սեմականս եւ առ հին Քաղդէացիս, այլ աւելի ծածկաբար, ինչպէս յԱնձեւացիս եւ ի Բութ եղածքն տան գուշակել

ՅԱՇՏ ԵՒ ԶՈՀ. Սովորական իմաստէն զատ նշանակեն երբեմն եւ պաշտամանց Սպասքը կամ գործիքը, ինչպէս հին գրուածի մի մէջ խորհուրդ եկեղեցւոյ) ըսուած է. «Շինուածք պղնձոյ եւ Մահարձանաց եւ Զոհից », որոց որպիսութիւնն այլ կ’արժէր գիտնալ: Ագաթանգել Զոհարանները յիշած ատեն՝ անոնց նիւթն եւ ազնուութիւնն այլ բացատրէ, «Ոսկեղէն եւ արծաթեղէն զարդուք, եւ վերջաւորս փողփողեալս, Նշանակապ պալարակապ մետաքսիւքն, եւ ոսկովք Պսակօք, եւ արծաթի Զոհարանօք, յանօթս ցանկալիս՝ ակամբք պատուականօք, ոսկւով եւ արծաթով, հանդերձս պայծառս, եւ ի զարդս գեղեցիկս»: Ընդարձակօրէն ըսած են, թէ եւ որ ոչ չիմացուիր  ինչ դեւ ըլլալնին, բայց դիտելու արժանի են Վերջաւորքն փողփողեալք, խոյրից ականջէն կախուածք, Նշանակապք ն՝ թուի նոյն խոյրից վրայ, եւ Ոսկի Պսակք ն. նա եւ արծաթի Զոհարանք ն, որ թէ Սեղանը կըրնան նշանակել, թէ զոհերը կամ անոնց արիւնը եւ մասերը դնելու անօթներ: Ս. Գրոց, Վկայաբանութեանց եւ Փիլոնի գրոց թարգմանութեանց մէջ՝ տաճարաց եւ զոհից սպասուց այլեւայլ անունք գտուին, ինչպէս Նուիրանոցք, որ եւ Նուիրակք, Ճաշակք, Սկաւառակք եւ այլն, որոց հարկ է, թէ նման էին եւ մեր հեթանոսաց սպասքն, բայց զի յատուկ չեն յիշուած, կամ ջնջուած են յիշատակքն, օտարաց դիցաբանութեան մէջ կըրնան գտնել փափագողք այսպիսեաց հանգամանքը. յիշելով անոնց հետ եւ զՄշտիկն եւ զԲարսմունս:

Դից պաշտամանց վրայ գրելով՝ յիշած եմք եւ անուանց ոմանց Տօնից օրերը, բայց հեթանոսական հայ Տօնացոյց մի չէ հասած մեզ, բաց ի հին տօմարից մէջ յիշուած քանի մի քաղդէական: Տօն կամ Տաւն բառն այլ ի հին հաւատոց Հայոց համարելի է, եւ հետաքննելի ծագումն  կամ ստուգաբանութիւնն. գուցէ Տալ, տուրք բառից արմատն ըլլայ, ինչպէս Ձօն. (իբր համաձայն յիշենք հարեւանցի Արդիացւոց Հերա դիցուհւոյ տօները՝ զոր Տօնեայ կոչէին՝ Tonée): Պարսիկ աղանդից հետ հարկաւ անոնց տօնական անուանքն այլ մտած են առ մերայինս. (ինչպէս կրօնական անուանքն Կեշտ, Քէշ եւ այլն). այսպէս եւ Ջէշ կամ Ջաշ, որ տօն նշանակէ, ինչպէս լսուի ի թղթի Ստեփ. Սիւնեցւոյ առ Գերմանոս. «Նստէաք ի խաւարի դիցատօնակ Ջաշանց հեթանոսականաց»: Եւագրի գրուածոց մէջ այլ գրուած է սխալ, «Ջալհանց տօնից տարեկանաց հեթանոսաց չհաւասարել»: Հին բառգիրք զՋաշանց թարգմանեն՝ Զոհ, Նուէր, որ կըրնայ Պարսից չեսնի բառը նշանակել, եւ մեր Ճաշակը: Ուրիշ բառգիրը մ’այլ իբր ուղղական անհոլով զՋաշանցն՝ դիւապաշտ կամ դիւանուէր մեկնէ

Գ. ՊԱՇՏՕՆԵԱՅՔ. Ոչ պակաս՝ գուցէ եւ աւելի հետաքննական է ճանչնալ մեր հեթանոս նախահարց հաւատոց պաշտօնեայքը, որք եւ թըւին զանազանութիւն ունենալ օտարներէն, քան թէ իրենց պաշտելիքն: Այժմու կամ քրիստոնէական սովորութեամբ` ամեն կրօնից հասարակ պաշտօնակատարը՝ Քահանայ կոչեմք, բայց չեմք կարծեր, թէ այս անունս հասարակ ըլլայ նա եւ անքրիստոնեայ մերայոց. բառն յայտնի է, որ սեմական է, կամ քաղդէական եւ եբրայական, Քօհէն. նոյնպէս եւ ըստ Արաբաց Քեահենէ ՝ յոգնաբար քահանայս նշանակէ, եւ իմաստն է Քաւիչ, գլխաւորն այլ Քաւչապետ. ըստ այսմ Սրբող եւ Մաքրող ստուգաբանէ մեր Լամբրունեցի Հայրն: Որչափ այլ քաւութիւն եւ քահանայ` ձայնական մօտութիւն ունին՝ երկբայական է նոյնասկիզբն ըլլալնին. թէ եւ հասարակօրէն չէր գործածուած այս անունս, բայց անտարակոյս ծանօթ էր մերայոց, մանաւանդ հարաւայնոց՝ սահմանակցաց սեմացեղից: Նմանաձայնութիւն մի կըրնայ գտուիլ եւ առ օտարս, բայց շատ զարմանալի է, (եթէ ստոյգ աւանդեն եւ լսեն ովկիանոսի խորերն այլ քննող եւրոպացիք), որ Սանտվիզեան կղզեաց բարբարոսքն այլ Քանունա կոչեն իրենց կրօնից պաշտօնեայն, եւ Քնհունա–Նուի զքահանայապետն: Նաեւ մեծ եւ կարեւոր խնդիր կըրնայ հանել  այս համաձայնութիւնս, իբրեւ ամենահին կրօնական միաբանութեան, կամ հնագոյն նաւարկութեամբ բերուած յԱսիոյ առ անծանօթ կըղզեցիս:

Մեր հին պաշտօնատեղիք՝ տեսանք, որ Մեհեան կոչուէին, յորմէ եւ պաշտօնեայք ոմանք Մեհենակալ եւ Մեհենապետ, ինչպէս եւ գրուածքն Մեհենականք, բայց յատուկ եւ հասարակ պաշտօնէի, կամ ըսենք քահանայի՝ այս բառէն ձեւացեալ անուն մի չի յիշուիր, այլ այնոր տեղ մերոց հին կրօնից պաշտօնեայն հասարակօրէն կոչուի Քուրմ, գլխաւորն Քրմապետ, բնակարանն կամ ժողովատեղին՝ Քրմարան: Նշանաւոր ձայնիւ անուն մ’է Քուրմ, եւ հարկ է, որ շատ հին ըլլայ. ծագումն այլ գուցէ յատուկ գուցէ ոչ յատուկ հայկական. Վանական Վ. հարցանէ եւ պատասխանէ. «Քուրմն զի՞նչ ասի. պարսկերէն՝ Հրավառ »: Ասորւոց լեզուաւ այլ Քումրոյ քահանայ նշանակէ. Հնդկաց կրօնից մէջ այլ լսուի Քուրմա, ոչ անձն, այլ սրբազան Կրիայ, վասն զի իրենց Վիշնու մեծ չաստուածն, որ եօթն անգամ այլակերպ եղեր է, անգամ մ’այլ Կրիայի ձեւ առեր է, որ եւ կոչուի Քուրմավադարա (Կրիայփոխութիւն) եւ այնպէս կըրցեր է շալկել, ծով ընկած երկնից հաստատութիւն Մերու լեռը. արդարե՜ւ առասպելաց առասպել: Իրենց հին սրբազան (Վեդայ) գրոց մէջ այլ յիշուի Քուրմա, Քուրում, Քրամու գետ մի: Քուրմի սովորական անուն ըլլալուն ի Հայս՝ վկայեն վերոյգրեալ բարդութիւնքն, որոց աւելցընենք եւս Քրմուհի, Քրմակին, Քրմանոյշ, Քրմորդի եւ աւելի պարզ բառ՝ Քրմութիւն եւ Քրմանալ, իսկ Քրմարանը՝ Ստեփ. Ռոշքեան իր հայ–լատին Բառարանին մէջ կ’ըսէ Խորենացւոյ պատմութենէ առած, որ այսոր ծանօթ Հայոց պատմութեան մէջ չի գտուիր. այլ տեղին գուցէ Քրմաժողով ըսուածն ըլլայ, կամ բնակարան մի՝ Թիպեդաց Լամայարանի նման, թէ՛ ամուրի, թէ՛ կանամբի քրմաց, ուր ոչ հարիւրաւոր միայն եւ հազարաւորք բնակէին. յարմարի այսոր Մեհենագեօղ կոչուածն ի Հայս, իբրեւ գեօղ մի բոլոր բնակութիւն քրմաց, ինչպէս էրն ի Տարօն. եւ այնքան բազմաթիւնք էին, որ զօրաժողով ընելով՝ թագաւորին զօրաց հետ կռուեցան իրենց կուռքերը եւ մեհեանները պաշտպանելու համար. եւ յետ չարաչար կոտորածի՝ դեռ 438 հոգի գերուած բանտուեցան, Լուսաւորչի այս կողմերս եկած ատեն: Հաւանօրէն այլ եւ այլ դասք եւ աստիճանք էին Քրմաց, որոց ամենէն գլխաւորն Քրմապետն՝ շատ մեծ պատիւ ունէր, իբրեւ զմի ի մեծագոյն իշխանազանց յարքունիս. հաւանօրէն ցեղով եւ ժառանգութեամբ էր քրմապետութիւնն: Ի սկզբան Արշակունեաց թագաւորութեան՝ այս կրօնական մեծապատուութիւնն տրուեցաւ Վահունեաց, որ էին ի ցեղէն Վահագնի դիւցազին Հայոց, որք ինքնակամ խնդրեցին զմեհենիցն պատուանունս. եւ (Վաղարշակ) պատուի մեծապէս, ի ձեռն տալով նոցա զքրմութիւնն, եւ կարգէ ընդ առաջին նախարարութիւնս, եւ անուն կոչէ Վահունիս»: Հաւանօրէն ոչ պարզ քրմութիւն էր անոնց տրուածն, վասն զի առանձին գաւառի եւ ցեղի մի տեարք էին եւ չէին կըրնար բովանդակ Հայոց երկրին հասնիլ, այլ Քրմապետութիւնն, ինչպէս նոյն պատմիչն (Խորենացի) յետոյ կ’ըսէ, Ա. Արտաշիսի բերած կուռքերը յիշելով «Զոր առեալ Քրմապետացն, որ էին յազգէ Վահունեաց… կանգնեցին յայլ եւ այլ կողմանս, եւ զՀերակլեայն՝ զՎահագն իւրեանց վարկանելով նախկին՝ կանգնեցին ի Տարօն, յիւրեանց սեփական գեւղն յԱշտիշատ… (իսկ Տիգրան որդի Արտաշիսի) ցասուցեալ ընդ Սահունիսն, եթէ ընդէ՞ր յիւրեանց նեպհականքն իշխեցին կանգնել զպատկերն, ընկենու զնոսա ի քրմութենէն, եւ զգեօղն յարքունիս առնու», բայց վերջը՝ տեղն նորէն դարձաւ անոնց, իսկ քրմապետութիւնն թուի, թէ ոչ. այլ Տրդատ, երբ ջընջեցաւ կռապաշտութիւնն, ջնջողին Լուսաւորչի պարգեւեց զԱշտիշատ:

Տարօնոյ քրմապետութիւնն՝ ընդհանուր ազգին կրօնական գլուխ պէտք չէ համարիլ, այլ մի ի գլխաւորաց, իսկ ամենէն գլխաւորն իբր քրմապետաց Քրմապետ՝ թագաւորական մեհենատեղեաց քով գտուէր, եւ նոյն իսկ (եթէ եւ ոչ միշտ) ի թագաւորական ցեղի, ինչպէս Երուանդ տուաւ զայն պատիւ՝ իր եղբօր Երուազայ. Արտաշէս Բ՝ իր որդւոյն Մաժանայ, ինչպէս նախ յիշած եմք, եւ զոր յետ սպանմանն՝ «տարեալ թաղեցին ի Բագնացն աւանի՝ իբր զՔրմապետ ». ըսել է, որ այս տեղ էր իրենց գերեզմանատունն այլ որպէս թագաւորացն՝ Անի. եւ իբր սրբազան անձին՝ գերեզմանին վրայ բագին շինուեցաւ: Քրմաց եւ իրենց սպասաւորաց եւ սպասուց բազմութեան վկայէ եւ Ստրաբոն, ի յիշելն զմեհենակալս Անահտայ եւ Մայ դից ի Փոքր Հայս: Սա յիշէ եւ Քրմուղիս կամ Քրմանոյշս, որք արանց պէս դասակարգ պէտք է ունեցած ըլլային

Ոչ միայն մեծ պատիւ ունէին Քուրմք ի ժողովուրդէն, այլ եւ ի թագաւորաց, ազատութիւն ի հասկաց եւ ի ծառայութիւնէ, առատ եկամուտ. եւ ժառանգութենէն զատ շատ այլ պարգեւ կ’ընդունէին յարքունուստ, եւ պատերազմի աւարի մասն, ինչպէս կ’ըսէ Ագաթանգել Ա Խոսրովու համար, թէ «Հինգերորդ եւս հանէր յամենայն մեծամեծ աւարացն ածելոց, եւ մեծամեծ պարգեւս քրմացն շնորհէր»: Ըստ պատոյն եւ աստիճանին՝ հարկ էր, որ քրմաց եւ քրմապետի Զգեստք այլ վայելուչ եւ ճոխ ըլլային. գլխանոցն Խոյր էր փռիւգաձեւ, հագուստն՝ պարեգօտ մի չափաւոր լայնութեամբ, որոյ վրայ շուրջառի պէս վերարկու մի, բայց յատուկ յիշուած չեն ասոնք. եւ մնացածն՝ հասարակ քուրմի  ձեւ կըրնայ ըսուիլ, ինչ որ կու տեսնենք եղջերուանման պաշտեալ կենդանոյ բագնին քով կեցողներուն վրայ, որոց մէկն՝ գաւազանակիրն՝ թուի ներքինի. մօրուաւորին այլ դաստակաց ապարանջանք դիտելի են: (Տես յերես 161):

Թէպէտ անծանօթ մեզ ըսինք քրմութեան դասակարգը, այլ համարձակիմք կարծել, թէ ինչպէս հիմայ ի կարգի քրիստոնէական քահանայութեան՝ ստորին աստիճաններ այլ կան, ոչ միայն կար, այնոր մէջ այլ, այլ եւ Սարկաւագն, վասն զի սա քրիստոնէութեան դասակարգի վերաբերեալ անուանց նմանութիւն չունի, եւ ոչ յայտնի իմաստ: Ոմանք կարծեն, թէ Սար (սպաս եւ զարդ) բառէ առնուած է, կամ Սարիկ ՝ իբր քօղ, ծածկոց, կամ լաւ եւս Սարկ, որ առանձին գործածուած չէ, այլ ի բարդութենէն Սարկարան ՝ կ’իմացուի (սուրբ) ամաններու տեղ կամ պահարան, որով Սարկաւագն այլ կ’ըլլայ պահպանողն, կամ պահպանողաց գլխաորն: Ոմանք այլ համարին, թէ հոմանիշ է պարսիկ Սէրքեար, راﺱﻛ բառին, իբր գլուխ գործաւորաց, գործաւագ, կամ Սէրքեավ ՝ գլուխ գիտնոց, բանախնդրաց: Ինչպէս այլ ըլլայ՝ հակառակ չէ, որ մեր հեթանոսաց քահանայութեան մէջ այլ այսպիսի եւ այս անուամբ պաշտօնեայ մի ըլլար: Նոյնպէս հեթանոսական դասակարգէ մնացեալ երեւի ինձ եւ Մոնթ ն, ինչպէս կոչուին ի վանորայս ժառանգաւոր դպիրքն, եւ աշակերտքն ի Գողթնեցւոց: Քուրմի եւ Մոգի պէս նշանաւոր հին անուն մի է եւ այս. ի խօսս Ջուղայեցւոց լսուի եւ Մոնթութիւն: Յօտար լեզուս՝ չգիտեմ, թէ կա՞յ այսպիսի կամ մերձաւոր անուն, բայց Մունիթ ն Աթենացւոց, որ նշանակէր յատուկ տեղւոյ մի Աթենացւոց Անահտայ տօնն: Գուցէ դասակարգութեան մէջ էր եւ Դաստիարակ ն, որ հիմայ սովորաբար մանկանց խնամողն եւ վարժողը նշանակէ, եւ մոգուց Տէսդուր ը յիշեցընէ

Յառաջաբանիս մէջ կանխեցինք ըսել, թէ այս գրած նիւթիս, այսինքն՝ հին եւ սին հաւատոց Հայոց, չեմք ուզեր խորամուխ ըլլալ, պատմական աւանդներ չունենալով՝ օտար դիցաբանութիւն ստորագրել, կամ սնոտի աղանդոց եւ զրուցաց վրայ երկար իմաստասիրել, որ, եթէ արժէք այլ ունի, թողուցինք յարգողացը Մեր ճանչցածէն եւ ըսածէն կըրնամք հիմայ բովանդակել կամ անդրադարձընել քանի մի բան. եւ նախ, որ բուն ըստ անուանն Կռապաշտութիւն ն, որով կոչուի սովորաբար Աստուծմէ դուրս պաշտօնն, շատ ծաւալուած չերեւիր ի Հայս, եւ ոչ շատ հին. քանի մի մեծ Բագարաններ իբր ուխտատեղիք, եւ Եօթն բագնաց կամ մեհենից յիշատակք` տան գուշակել անոնց քիչութիւնը. Արշակունեաց տիրապետութեամբ ի Հայս՝ անոնց կրօնից մուտքն կամ ծաւալումն ի Հայս, եւ անոնց աշխարհակալութեամբ՝ յունական դից բերուիլն յերկիր մեր, յայտնեց եւ անոնց պաշտաման նորութիւնը. եւ թէպէտ անոնց իւրաքանչիւրին այլ հայկական անուանք սեփականած են, բայց այս կամ կերպով մի թարգմանութիւն է այն դից բնաւորութեան, կամ յարմարութիւն՝ Հայոց մէջ համբաւեալ անձանց, իբրեւ Քաջ կամ Վեհազն, որք այդ եկամուտ կռոց պատճառաւ՝ աստուածացան: Հայոց բնիկ կամ աւելի աստուածակերպք՝ Աստղիկ եւ Վահագն երեւին, յետինս այլ ինչպէս ըսած եմք ի կարգին, նախ ի Վրաց պաշտուեցաւ. եւ նոյն ինքն Անահիտ, որ Հայոց աշխարհին տիկին եւ խնամակալն համարուէր, նոյն անուամբ ի Մարաց եւ ի Պարսից առաջուց պաշտուած էր, եւ Արամազդ ինքն՝ յայտնի է իր պարսիկ կամ զանդիկ (Որմիզդ) անուամբն: Այս չափս յիշելով՝ աւելորդ համարիմք միւս դից ծագումն եւ պաշտօնը կրկնաբանել:

Երկրորդ, հետեւանք վերը ըսածիս, որ Հայոց մէջ առաջ աւելի դիւցազանց պաշտօն կամ պատիւ էր, քան դից, բայց հակասութիւն չկարծուի դիւցազն ըսելով Դիք ենթադրել. Քաջի տեղ կ’ըսեմք այս բառս, սովորութեան հետեւելով, եւ այնպիսի անձանց, զոր գերագոյն մարդ համարէր ժողովուրդն, եւ միջակ իմն ընդ ինքն եւ ընդ Աստուած կամ աստուածս, յետ ընդունելոյ զասոնք: Ապա, երրորդ, երկար ժամանակ ի Հայս հասարակաց կրօնն էր, (յետ ուղիղ աստուածպաշտութեան)՝ տարտամ տարրապաշտութիւն մի, հանդերձ Աղթարաց աղանդներով, որ կերպով մի աւելի այլ տեւողական եղած է, եւ հետքն ու շոշորդն ինչուան հիմայ թողած, ինչպէս յայտնուի Հմայից վրայ գրուածէն: Այսոր այլ վրայ հասած է Մոգութիւն ն, թէ՛ քաղդեական կերպով Աստեղագիտութեամբ եւ թէ՛ Զրադեշտական օրինօք, որուն՝ տեղ տեղ յաջորդած է Կռակապաշտութիւն ն: Հայաստանի միջակայ դիրքն եւ իր ժողովըրդեան օտարամուտ եւ հանրասփիւռ բարքն՝ այս երեք տեսակ աղանդները՝ երեք կողմէ ընդունած է. զՀմայութիւնն՝ յարեւմտից՝ ի Փռիւգացւոց, (ուստի յետոյ եւ զԿուռս). ի հարաւոյ՝ զՔ աւդէութիւն, յարեւելից՝ զՊարսից աղանդն եւ զԿրակն. երեքէն այլ անոնց պաշտաման բառերը սեփականած է, ինչպէս իւրաքանչիւր հաւատոց եւ պաշտելեաց վրայ գրուած ատեն բացատրած եմք

Հապա չորրորդ կողմէն՝ ի հիւսիսոյ, ի՞նչ ընդունած են Հայք: Այդ կողմն՝ մեծ բնական կամ աստուածագործ պարսպով մի պատած եւ բաժնուած էր իրենցմէ, որ է Կովկասեան լերանց կապակցեալ պարն, սակայն այն այլ ունէր իր մէկ քանի պահակներն եւ անցքերն, որոց կարօտ այլ չեն գաղափարք՝ երկրէ երկիր անցնելու, եւ ոչ արգելք՝ լերինքն եւ սառնամանիք: Հայոց ոտք թէ ոչ ամէն ճամբայ բացած են, գոնէ կոխած են. կըրնամք ըսել, թէ ամէն ազգի լեզուի եւ կրօնից եւ գոյից ծանօթութիւն ունեցեր են. եւ եթէ վկայուած այլ չէ՝ եւ ոչ այլ ժխտուի, թէ ի հիւսիսայնոց այլ կրօնական ինչ առած չըլլան: Հին ատեն ընդհանուր անուամբ հիւսիսաբնակքն Սկիւթացի անուանէին, որոյ պարզագոյն տարրն է Սակ, եւ Սակք կամ Շակք յատուկ ցեղ մ’այլ շատ հեղ եւ շատ տեղ յիշուած է ի պատմութեան. նա եւ ի Հայս՝ անոնցմէ կարծուի մնացեալ Շակաշէն գաւառի անունն, վասն զի ծանօթ եւ հռչակուած է Սակաց արշաւանքն յարեւմտեան Ասիա, անցանելով ընդ այս ի Փոքր Ասիա, վեց դար առաջ քան զթուական Փրկչին, եւ անոնց հալածմամբ՝ հաստատուած Սակական տօնքն եւ բարեկենդանն: Ս. Եպիփան՝ իր Հերձուածոց գրոց մէջ առաջին աղանդն յետ ջրհեղեղի Սկիւթական կոչէ, Σχυθισμός, մինչեւ ի ժամանակ Թարայի հօր Աբրահամու. անկէ ետեւ կարգէ զՀելլենական կամ դիցական: Այդ հին աղանդն հասարակ համարելու է եւ Հայոց եւ իրենց համանման Փռիւգացւոց, որոյ նշան մ’այլ կըրնան համարուիլ ասոնց եւ մերոց լեզուի մէջ նոյնանիշ բառեր, ինչպէս, Պապ, որ նշանակէր անոնց մեծ աստուածն. Աբիս կամ Ափիս՝ չաստուածն երկրի, ի մեզ այլ Ափն ցամաքի նշանակ, նա եւ հող կամ երկիր նշանակելով գրուած կայ. «Տեսի զաստեղս եւ զլուսին, զի կային անկեալ ափի »: Այսպէս Sապիտ ՝ Կրակի դիցուհի, առ մեզ Տապ բառն տաքութեան, առ Հնդիկս Sապատ եւ այլն: Եթէ ստոյգ եւ եթէ հաւանական համարուի յետջրհեղեղեան նահապետաց բնակութիւնն ի Հայս՝ մինչեւ ի խառնումն եւ բաժանումն լեզուաց, Եպիփանու սկիւթական աղանդոյ կենդրոնն այլ կ’ըլլայ ի Հայս, եւ Հայկական ու Սակական անուանց մէջ այլ մեծ տարբերութիւն չկայ, երբ յիշենք հ եւ ս տառից լծորդութիւնն, եւ Հայկ ու Հայ անուանց տարրն եւ շատ հեղ Հա գրուիլն փոխանակ Հայի, Վրաց այլ զմեզ Հաոս կոչելը կամ գրելը: Թողլով զայսպիսիս առ բանասէրս, կարեւոր ընդունելիք երեւցածն է Սակական կրօնից հնութիւնն, Փռիւգացւոց այլ նմանութիւնն, յորոց շատ բան առին Յոյնք, Հայոց այլ Փռիւգացւոց հետ (շատ հեղ յիշուած) ազգակցութիւնն, որոց նոյն վկայուին եւ նահապետքն՝ Գոմեր եւ Ասքանազ. եւ մերոց եւ այս ազգաց լեզուի, զգեստուց եւ հին կրօնից նմանութիւնք. զորս՝ հետազօտութիւնք լեզուաբանականք, կրօնաբանականք եւ աշխարհագրականք կամ ազգաբանականք, յուսամք, որ աւելի այլ պարզեն:



[1] Աւելի ստուգութեան համար պէտք էր գիտնալ եւ մեր Տաճատ յատուկ մարդոյ անուան ծագումը: Եթէ Tage բառն ինչպէս գրեն եւրոպացիք՝ հին ատեն ըստ Իտալացւոց կամ Անգղիացւոց հնչէին եւ Ետրուրացիք, որք այս անուամբ ճանչնային չաստուած մի, իրենց՝ կրօնից պաշտամունք սովրեցընող. կըրնար այս քննութեան տակ ընկնալ՝ յիշելով այդ ազգին եւ Հայոց հին յարընչութեան կարծիքը:

[2] Ըստ Պիւռնուֆայ նշանակէ, Digne qu’on lui offre le sacrifice. ըստ Ռոզենայ՝ Sacris celebrandis.

[3] Հին Բառգիրք մի կ’ըսէ, Սեղա՝ թամբ նշանակէ. եթէ Sella լատին բառը չէ արտաբերած, որ թէ՛ ձիոյ թամբ նշանակէ, թէ՛ աթոռակ մի, եւ ըստ այսմ յարմարի Սեղանոյ:

[4] Եթէ այս մեծ Ս. վարդապետին անուամբ կոչուելի էր գիրքն՝ վայլէր Մեսրովբ կամ Մեսրօպ կոչուիլ (այս այլ անծանօթ նշանակութեամբ). կըրնար ըլլալ Մաշտոց յատուկ անուն  մ’այլ՝ ի հեթանոսութենէ մնացեալ, մանաւանդ ի Տարօն, ուստի էր Սուրբն: Այս այլ յիշենք, որ Օրհնութիւնաբեր Ցուցակն, որ է ցանկ կանոնաց կամ կարգաց Մաշտոց գրոց՝ Ս. Սահակայ կ’ընծայէ անոր կարգաւորութիւնը՝ ձեռամբ կամ դպրութեամբ Մովսիսի Խորենացւոյ, եւ ոչ Մեսրովբայ:

[5] Մաշտել՝ հին բառ մ’այլ կայ հայերէն, որ գլխոյ մազերուն թափել, ճաղատ ըլլալ նշանակէ. ասկէ չեմք կըրնար հետեւցընել զՄաշտոց