ԳԼՈՒԽ
Ե.
ԿԵՆԴԱՆԵԱՑ
ՊԱՇՏՕՆ
Թէպէտ
եւ
քան
զտարերս
եւ
զբուսեղէնս
գերագոյն
են
կենդանիք,
բայց
ասոնց
պաշտօնն
աւելի
ուշ
եղած
է:
Ի՞նչ
պատճառաւ՝
կամ
մանաւանդ
պատճառներով,
եթէ
հարցնել
պէտք
ըլլայ,
դիմելու
է
նախ
առ
Եգիպտացիս,
որ
քան
զամէն
ազգ
աւելի
պաշտած
կամ
պատուած
են
մեծ
ու
պզտիկ
կենդանի
արարածներ:
—
Ոմանք
ըսած
են,
թէ
Եգիպտացիք`
իրենց
դիմացկուն
շինուածոց
օրինակով
ցուցեր
են,
որ
հաստատութեան
մեծ
գաղափար
մ’ունէին,
եւ
կենդանեաց
վրայ
տեսնելով
անփոփոխ
բնութիւն
եւ
գործ,
պատուեցին,
բայց
անոնց
շատ
տեսակ
օգուտներն
այլ
ի
տնտեսութեան
մարդկան՝
աւելի
զօրաւոր
դրդիչ
կ’երեւին.
նոյնպէս
եւ
ոմանց
գեղեցկութիւնն,
ոմանց
ոյժն,
թռիչքն,
ձայներն,
երբեմն
եւ
անոնց
վնասերն
եւ
վախն,
նաեւ
պէսպէս
դիպուած,
գրեթէ
ամէն
հին
ազգաց
մէջ
քիչ
շատ
մտուցեր
են
Կենդանապաշտութիւն.
նոյն
իսկ
կենդանեաց
վրայ
տարած
խնամքնին՝
բնաբար
սէր
մ’այլ
կ’ազդէ,
եւ
ի
սիրոյ
այլ
հեռու
չէ
պատիւն:
Մէկ
մեծ
պատճառ
մ’այլ
եղած
է
շատերու՝
այլանդակ
կարծիք
հոգեփոխութեան,
կամ
լաւ
եւս
ըսել՝
անձնափոխութեան.
որպէս
թէ
երբեմն
մարդ,
այր,
կին,
աղջիկ,
տղայ
եղողն
այլ,
փոխուեր՝
եղեր
է
անասուն
կենդանի
մի,
չորքոտանի
կամ
թռչուն
կամ
սողուն
եւ
այլն.
եւ
ոչ
միայն
մարդիկ,
այլեւ
ամենէն
դիցամոլ
ազգաց
չաստուածք
այլ՝
երբեմն
կենդանեաց
կերպարանք
առած
են:
Դարձեալ,
որ
եւ
է
պատճառաւ՝
այս
չաստուածոց
յատուկ
կենդանիք
նուիրուած
են,
եւ
յետոյ
չաստուածոյն
հետ
կամ
առանձին՝
այն
կենդանին
այլ
պաշտուած
է:
Մեր
հին
ազգայնոց
մէջ՝
ի՞նչպէս
եւ
ո՞ր
կենդանեաց
պաշտօն
մտած
է.
—
ոչ
բացայայտ
է
եւ
ոչ
անյայտ.
վերոյգրեալ
պատճառաց
մէկն
կամ
մէկայլն
ազդած
է
իրենց
ինչպէս
եւ
այլոց:
Ինչպէս
շատոնց՝
այսպէս
մերոց
այլ
գլխաւոր
պաշտելեաց
կամ
պատկառելեաց
մէկն
է
Օձ,
որ
եւ
շատ
տեղ
Վիշապ
կ’ըսուի,
աւելի
մեծ,
հզօր
եւ
ահաւոր
իմանալով.
յայտ
է,
որ
օձից
վնասն,
խայթ
ու
խածն՝
նախ
զիրենք
ատելի,
զգուշալի,
վախնալի
ըրեր
է,
եւ
գուցէ
զանոնք
սպաննողները
պատուած
են,
իբրեւ
Օձասպան
եւ
օձահալած,
բայց
յետոյ
վախն
զօրացեր
է.
եւ
փոխանակ
սպաննողներու
(ինչպէս
Հերակլէս
եւ
Վահագն)՝
սպաննուածներու
(օձից)
ցեղն
պատուած
է
վախով:
Յունաց
մէջ
ոչ
միայն
շատ
տեսակ
առասպելք
եւ
յիշատակք
կան
օձից,
այլ
եւ
շատ
տեսակ
օձից
եւ
վիշապաց.
ոմանք
եռագլուխ,
ոմանք
եօթնագլուխ,
ոմանք
չափէ
դուրս
մեծ
եւ
ուժով,
մարդկան
եւ
գազանաց
ահարկու
եւ
կլանող.
այսպիսիք
յիշուին
եւ
յառաջին
դարս
քրիստոնէութեան,
եւ
անոնց
սատակիչք՝
ոչ
հին
դիւցազանց
շահատակութեամբ,
այլ
նշանաւ
Ս.
Խաչի,
եւ
անվախ
համարձակութեամբ
Ս.
Գէորգներու
եւ
Թէոդորոսներու:
—
Մեր
նախայիշեալ
հրոյ
եւ
ջրոյ
պաշտամանց
նշանաւոր
երկրում
այլ,
(Անձեւացեաց
եւ
Բուժունեաց)
ի
սկզբան
քարոզութեան
Առաքելոց
եւ
Ս.
Գրիգորի,
յիշուին,
«յայրս
Քարին
որջացեալ
կային
Վիշապք
երկու,
դիւացեալք
եւ
սեւացեալք,
որոց՝
աղջիկ
կոյս
եւ
պատանիս
անմեղս
զենուին.
այնոցիկ
արեամբ
զուարճացեալ
դեւքն…
Եւ
ի
մէջ
խորաձորոյն՝
Օձք,
լի
թունօք
մահաբերին
լցեալք».
զորս
սպանին
Եւայի
խոստացեալ
գլխակոխ
կակղաքայլ
կուսանքն
Հռիփսիմեանք,
բայց
«Օձք
մարմնաւորք
քարացեալ
կան
մինչեւ
ցայսօր»,
այն
տեղ,
կ’ըսէ
պատմիչն:
Այսպիսի
քարացեալ
օձեր
մինչեւ
հիմայ
այլ
լսուին
այնպիսի
տեղուանք,
եւ
նաեւ
յՕձուն
Գուգարաց,
ի
հայրենիս
մեր
Իմաստասէր
Յովհան
կաթողիկոսի,
եկեղեցւոյ
պատերուն
վրայ:
Բայց
անոնց
հետ
հին
սնապաշտութեան
հետք
այլ
մնացեր
են
ի
սիրտ
ռամկաց
ոմանց,
որք
եթէ
օձ
տեսնեն
իրենց
տան
մէջ,
փոխանակ
սպաննելու՝
կ’աղաչեն
անոնց,
որ
ելնեն
երթան:
—
Օձերու
վախի
եւ
առասպելաց
նշան
համարիմ
մեր
երկրի
շատ
տեղ
անոնց
անունը
կրելն,
ինչպէս՝
Օձտեղ
ի
Բաբերդ,
Օձաբերդ
ի
Գեղարքունի,
Օձի
գետ
այնոր
մօտ,
Օձուն
ի
Ձորոփոր,
Օձին
յԱպահունիս,
Օձձոր
ի
Մարանդ,
Օձնի
ի
Կարին
եւ
այլն.
աւելի
նշանաւոր,
Օձ
քաղաքն
որ
եւ
Վիշապքաղ
ի
Տարօն,
ուր
կար
եւ
մեհեան
Վիշապաքաղ
Վահագնի:
Այս
մեծագոյն
օձի
անուամբ
այլ
տեղիք
կան
ի
Կամախ,
եւ
աւելի
ծանօթ`
ի
Գաբեղեանս
Այրարատայ,
ուր
շատ
տեսակ
օձեր
եւ
վիշապներ
եւ
ուրիշ
վնասակար
կենդանիք
քարերու
մէջ
պահուըտէին
եւ
յայտնուէին,
եւ
տեղն
այլ
Գազանածակք
կոչուեցաւ.
ասոնց
հալածողն
եղաւ
Ս.
Սահակայ
աշակերտն
Վարոս
եւ
իւր
ճգնաւոր
ընկերքն:
Վիշապ
՝
սովորաբար
մեծամեծ
օձեր
նշանակէ,
այլ
յատուկ
եւս
ջրային
մեծ
օձեր,
եւ
գուցէ
անուան
յետին
մասն
ապ
՝
ջրոյ
նշանակ
է
ըստ
Պարսից,
եւ
նման
համարուի
Յունաց
առասպել
Հիւդրային,
որ
Լեռնեան
կոչուած
լճի
մէջ
եւ
մօտ
կէնար,
7
կամ
9
կամ
50
կամ
100
գլխով,
որոց
մէկն
թէ
կտրուէր,
իսկոյն
ուրիշ
մի
բուսնէր,
բայց
Հերակլ
իրեն
օգնական
մի
առաւ
գնաց,
ինքն
նետահար
կ’ընէր,
միւսն
իսկոյն
կտրած
գլխոյն
տեղը
խարէր:
—
Հին
Հայկազանց
ազգային
դրօշն
կամ
նշանն
էր
վիշապ,
եւ
յառասպելեալ
տեսլեան
Մարաց
թագաւորին՝
մերս
Տիգրան
վիշապի
վրայ
հեծած
կ’երեւէր
յօդս
արշաւել.
անշուշտ
իր
վիպասանից
հանճարեղ
գիւտն
էր
այս.
ի
վիշապ
այլաբանելով
զՄարս
եւ
իրենց
բռնաւոր
թագաւորն
Աժդահակ,
որ
սաստիկ
խայթող
(դահիճ)
իժ
նշանակէ.
եւ
ըստ
աւանդութեան՝
Տիգրան
յաղթեց
անոնց,
սպաննեց
զսա,
եւ
ընտանիքը
շատ
բազմութեամբ
բերաւ
բնակեցուց
հին
Նախճաւանի
եւ
Գողթնեաց
կողմերում,
Երասխայ
եզերքում,
որոց
բնակարանքն
այլ
Մարաց
աւանք
կոչուեցան.
եւ
նոյն
իսկ
Մար
՝
օձ
նշանակէ
հին
պարսիկ
լեզուաւ:
Տիգրանայ
թոռին՝
Վահագնի
համար
այլ
երգէին
Վիշապազանց
հետ
կռուիլը,
իսկ
իր
Վիշապաքաղ
կոչումն՝
յայտ
չէ,
թէ
զա՞յս
նշանակէ,
եթէ
վիշապէ
եւ
քաղէ
կերպացեալ
հրէշ
մի,
ինչպէս
Եղջերուաքաղն:
—
Տարօնոյ
յիշեալ
Վիշապ
քաղաքն՝
ըստ
առաջին
պատմչաց
մերոց՝
ի
Հնդկաց
եկած
գաղթականներէն
այնպէս
կոչուած
էր,
Վաղարշակայ
ժամանակ,
իրենց
հայրենի
Վիշապ
չաստուծոյն
անուամբ.
(մանաւանդ
եթէ
Վիշնուի
յետ
այլ
յարնչութիւն
ունի),
զոր
Հայք
Օձ
կոչեցին.
եւ
հիմայ՝
թէ
եւ
տեղն
յայտնի
է,
բայց
բոլորովին
աւերեալ
եւ
ջրասոյզ:
—
Տիգրանի
օդաչու
վիշապն՝
յիշեցընէ
փոթորիկէ
ձեւացեալ
Ձկնամբ
վիշապ
հանելն.
(տես
եր.
65–6),
որոյ
մոլորական
հաւատքը
տասնուվեց
դար
ետքը՝
քրիստոնէութեան
յառաջացեալ
ժամանակ
այլ՝
(գուցէ
եւ
ինչուան
համայ),
կայր
մեր
ռամկաց
մէջ,
որոց
խրատէր
Սարկաւագ
վարդապետ
ի
սկիզբն
ԺԲ
դարու,
թէ
մի՛
«Առասպելական
ստութեանն
ունկն
դնել,
եւ
հաւատալ
մի՛
երբեք
յանձն
առնուցուս
վիշապ
զնա
անուանողաց»:
—
Սովորութիւն
էր
եւ
զէնքերը
վիշապաց
արեան
մէջ
մխել,
որպէս
զի
վէրքերնին
անբժշկելի
ըլլայ,
զայս
սովրելով՝
վերոյիշեալ
Հերակլեայ
բազմագլուխ
Հիւդրային
արեամբ
ըրածէն.
մեր
Ա.
Արշակայ
նիզակն
այլ
այսպէս
էր,
կ’ըսէին,
զոր
քարէ
արձանի
մէջ
զարկաւ
մտուց,
եւ
պաշտելի
ըրաւ
Պոնտացւոց:
Դաշանց
թղթոյ
հնարող
հեղինակն
այլ՝
Կոստանդիանոսի
ձեռքով
կ’ընծայէ
Տրդատայ
Վիշապամուխ
նիզակ
ներ:
Սնահաւատ
երդմնեցուցական
գրուածոց
մէջ
գտուի
բան
մի՝
«Ընդդէմ
666
ազգ
Օձից,
գազանաց,
սողնոց,
զեռնոց,
որ
զեռան
ի
վերայ
երկրի,
որք
հարկանեն
եւ
տկարացուցանեն
զմարդիկ».
եւ
անուամբ
այլ
յիշուին
շատ
տեսակ
օձեր,
ստոյգ
եւ
անստոյգ.
«
Իժն
Սալամարդեայ
(Սալամանդր),
որ
զմահաբեր
դեղն
ի
յաջոյ
ծնօտն
ունի».
Օձն
Ատզէ
?,
որ
է
12
գլխեան
եւ
4
լկամեան
կամ
4
կլամեան,
այսինքն՝
չորս
կզակ
կամ
ցռուկ
ունեցող.
Օձք
՝
Ագռաւատես.
Երկնահայեաց
Օձն
«
Լապստակավազ,
որ
զակունթ
ակն
ի
գլուխն
ունի».
—
Oձն
Արեգակնահայեաց.
—
Օձն
թռչուն.
—
Օձն
Խորխող.
—
Օձն
«
Բրճող,
որ
ի
հարիւր
տարին
ակն
մարդոյ
չտեսնէ
զնա,
վիշապանայ,
եւ
է
12
գլխէն
եւ
կլամեն.
—
Oձն
Մեծահառանչ,
որ
տասն
տարի
ոչ
երեւի
մարդոյ,
վիշապանայ»
եւ
այլն.
—
«
Օձն
Ամպտես
եւ
Ձիւնագոյն.
—
Իժ
ն
տրտմագին.
—
Օձն
Եղջիւրաւոր.
—
Օձն
Կայծակնատես.
—
Օձն
Ամայէլ.
—
Օձն
Մարմնատես.
—
Օձն
Մորմէնահայեաց.
—
Օձն
Կանաչ.
Օձն
Դեղին.
—
Օձն
Արուեստաւոր.
Բաշաւոր.
Տտնաւոր
եւ
այլն,
եւ
այլն:
Երդմնեցուցիչն
Օձից
անոնց
հետ
յիշեց
նաեւ
Սողուն
եւ
Զեռուն,
որոց
տեսակներն
այլ
յետոյ
անուանէ,
Պիծակ,
Մեղու,
Կարիճ
եւ
Կոր.
յետինս
թէ
եւ
նոյն
կարիճն
է,
բայց
յայսպիսի
գիրս
յաճախ
այս
անունով
յիշուի,
գուցէ
եւ
մեծութեամբ
կամ
ուրիշ
յատկութեամբ
այլ
տարբերուի.
ասոր
համար
կ’ըսէ.
«Կորն,
որ
ելանէ
ի
թիւնից
սատանայի,
եւ
ինքն
թագաւոր
է
ամենայն
պիղծ
զեռնոց,
որ
զեռան
ի
վերայ
երկրի
եւ
հարկանեն
զմարդիկ».
եւ
անոր
ետեւէն
շարէ
Կուրն,
Մուրն,
Փողախն,
«
Խնին,
Արիկն,
որ
զմահադեղն
բարձեալ
ունին
ի
քիմս
իւր…
Մանրողն,
որ
զմահադեղն
բարձեալ
ունի
յաջոյ
կզակն
իւր».
—
Խիթնասողն
եւ
այլն:
Ասոնց
եւ
այսպիսեաց
թոյնն
այլ
բոյնն
այլ
թողլով
հաւտացողին,
մեզի
աւելի
փափագելի
էր
ճանչնալ՝
ի՞նչ
տեսակ
միջատ
կամ
ճճի
ըլլալնին.
գոնէ
բնական
պատմութեան
այս
մասն՝
բան
մի
շահէր:
Աւելի
վերադաս
կենդանեաց
դառնալով,
յատուկ
կարծիք
եւ
հաւատք
ընծայուած
գտնեմք`
մեր
տանց
ծանօթագոյն՝
եւ
Շնորհալի
հայրապետին
յիշած՝
տիկնայց
պէս
յուշիկ
քայլող
եւ
անոնց
ոսկի
բարձերու
վրայ
բազմող
Կատուն.
իրմէ
դարերով
հին
հայրապետն
Յովհ.
Իմաստասէր,
իր
Պաւլիկեանց
ժամանակի
շատ
այլանդակ
աղանդոց
Հետ՝
թուէ
եւ
«զԿատուապաշտութիւն…
կերակուր
իւրեանց
զկերակրոցն
ապականիչս՝
առնելոյ
աղագաւ»,
այսինքն՝
մուկերը
ջարդելնուն
համար,
«Մկնորսակացն
լինելով
պաշտօնամատոյց»:
Բայց
ե՛կ
տես,
որ
այս
որսացեալ
զզուելի
ամենամուտ
կենդանին
այլ՝
թէ
ոչ
ի
պաշտօն
առեալ
ի
Հայս,
որպէս
յԵգիպտոս
եւ
առ
Քանանացիս,
ըստ
պատմութեան
Ս.
Գրոց,
կերպով
մի
հեռի
չէր
ի
սնոտի
հաւատոց,
պէսպէս
խտրութեամբք
Մկնանկի
՝
յամանս,
եւ
Մկնարածի,
այսինքն՝
մուկէ
խածուած
եւ
մասամբ
կերուած
մաքուր
նիւթոց,
որոց
աւելորդ
խտրութիւնն
ինչուան
հիմայ
նշմարուի
առ
շատս
ի
ռամկաց
որոյ
համար
գրէր
Ղազար
Ջահկեցի
կաթողիկոսն.
«Անմտագոյնք
ոմանք՝
ի
տարին
մի
օր
կիրակի
պահեն,
եւ
մարմնական
գործ
բնաւին
ոչ
կատարեն,
ասելով.
Այսօր
Մկնտօն
է.
եթէ
մարմնական
գործս
ինչ
առնեմք՝
գան
Մկունք
եւ
կտրատեն
զհանդերձս
մեր»:
Աղթարաց
մէջ
այլ
ոչ
սակաւ
խտրական
բան
գրուած
կայ
մկանց
կերածին
եւ
ըրածին:
Մուկէն
եւ
Մկնորսակէն
վերջ
կամ
հետ՝
յիշեն
միտք՝
յետնոյս
ահարկուն
եւ
թշնամին
մարդուս
բարեկամը,
Շուն.
սա
շատ
ազգաց
մէջ,
մանաւանդ
Եգիպտացւոց
եւ
Յունաց,
այլ
եւ
այլ
կերպարանօք
եւ
անուամբք
պատուած
եւ
պաշտուած
էր,
յերկրի
եւ
յերկինս
եւ
ի
դժոխս.
հou
եռագլուխ
Կերբեր
անուամբ.
ի
հաստատութեան
երկնից՝
պայծառ
աստեղօք՝
զորս
տեսանք
(եր.
125)
եւ
մեր
Հայկին
պարու
մէջ:
Իմաստասէրն
(Յովհան)
Կատուապաշտից
համար
կ’ըսէ,
թէ
այդ
մոլորութեամբ՝
«յայնոցիկ
մղեալ
խորխորատ,
որք
զ
Ձի
եւ
զ
Շուն
ընտրեցին
իւրեանց
լինել
աստուած»,
բայց
չըսեր,
թէ
Հայք
այլ
ընտրած
եւ
պաշտած
կամ
պատուած
ըլլան,
մանաւանդ
որ,
ինչպէս
յիշեցինք՝
Հայկն,
իր
թշնամիներն
անարգելով՝
շուն
կոչեց
զանոնք՝
ըստ
ազգային
աւանդութեան:
—
Իսկ
Ձիոյ
նկատմամբ,
որ
եւ
Երիվար
կոչուի
հայերէն,
բաւական
պատիւ
էր՝
մեր
երկրին
լաւ
ընտիր
ցեղ
մի
ունենալն,
զոր
հարկի
տեղ
կ’ընդունէին
երբեմն
մեր
երկրին
տիրող
աշխարհակալք.
եւ
աւելի
պատիւ՝
զայն
դարմանող
բնիկ
եւ
ճարպիկ
հեծեալքն
եւ
հեծելազօրք:
Պատմչաց
եւ
վիպաց
մէջ
յիշուած
Ձիոց
գոյներն
(
Սպիտակ,
Աշխէտ,
Ճարտուկ
Ճանճկէն,
Սեաւն
գեղեցիկ
),
քիչ
մ’այլ
աւելի
բարձրացընեն
այդ
յիրաւի
չքնաղ
կենդանւոյ
պատիւը:
Իսկ
Ձիոց
զոհն
առ
չաստուածն
կամ
առ
իրենց
տէրն
եւ
hեծնողն՝
անոնց
թաղման
ատեն,
այլ
աւելի
բարձրացընէ
ի
կրօնականն.
գուցէ
աւելի
եւս՝
ձիակերպ
Գերեզմաններն,
որք
ինչուան
հիմայ
գտուին,
նա
եւ
քրիստոնէից
վրայ:
Այս
ձեւ
գերեզմանաց
հետ
անհրաժեշտ
յիշուի
աւելի
յաճախեալ
Խոյակերպն,
այսինքն`
Ոչխարի
ձեւով,
որ
շատ
կողմերում
կ’երեւին
ի
Հայս,
մանաւանդ
ԺԶ,
ԺԷ
դարերում
կանգնուածք,
յայտ
է,
թէ
հետեւելով
հնագունից,
որոց
տապանագիր
կարդացուած
չէ
կամ
մեզի
չէ
ծանուցուած:
Այս
ամենապատուական
կենդանին,
որոյ
դարմանն
առաջին
ծնած
մարդու
արուեստն
եղած
էր
(Խաշնադարմանութիւն),
եւ
շատ
ազգաց
մէջ
յարեւելս
եւ
յարեւմուտս
դեռ
առաջինն
է,
մեր
երկրին
մէջ
այլ
ընտիր
եւ
առատ
ցեղ
ունի,
եւ
գլխաւոր
բերքերէն
մէկն
է,
ինչպէս
յայտնի
է,
եւ
Քրիստոսէ
շատ
դար
առաջ
այլ
վկայուած,
եւ
այն
ատեններէն
մինչեւ
այժմու
Քրդաց՝
օտար
հովուաց
այլ
արօտատեղի
եղած:
—
Զատ
ի
նոյնաձեւ
գերեզմանաց՝
Խոյն
ուրիշ
կերպով
այլ
նշանաւոր
է
ազգային
մտաց
եւ
յիշատակաց
մէջ.
ձեւովն
եւ
յատկութեամբք,
զոր
յայտնեն՝
Խոյանալ
բառն՝
երագ
վազելու
հասնելու
իմաստիւ,
բայց
եւս
առաւել՝
ճարտարապետութեան
մէջ
գործածուած
Խոյակ
եւ
Խոյակապ,
որ
եւ
Հոյակապ,
բացատրութեամբ
բոլոր
շինուածոյն
եւ
առանձին
մասանց,
որպէս
սեանց
վերնախարսխին
մասն,
որ
սեփական
կնիք
է
յոնիական
ոճոյն,
բայց
թուի,
թէ
ոչ
միայն
ի
գլուխ
սեան,
այլ
եւ
ի
մէջ
կամարի՝
Խոյի
գլուխ
դնելն
ծանօթ
էր
Հայոց,
զի
եւ
հին
բառգիրք
մեր
Հոյակապը՝
Կամարակապ
թարգմանեն,
որ
հիմայ
որ
եւ
է
մեծագործ
շինուածոյ
համար
կ’ըսուի:
Եւ
ոչ
միայն
շէնքի,
այլեւ
ո՛ր
եւ
է
մեծագործութեան,
եւ
մեծագործող
եւ
շինարար
մարդու
այլ՝
Հոյանուն
կոչմամբ:
Զասոնք
յիշեցինք՝
Խոյից
կամ
Ոչխարի
պաշտաման
հաւանականութեան
համար,
թողլով
եւ
նոյնանուն
բնակութեան
տեղիքը:
Այս
կենդանւոյ
մերձաւորքն
այլ,
Այծ,
Նոխազ,
Քաղ,
Քօշ,
իրենց
անունները
լսեցնեն
շէն
եւ
անշէն
տեղեաց
վրայ,
եւ
զոհերու
գործածուելով,
եթէ
աւելի
կրօնական
նշան
մի
չկայ,
ինչպէս
ասոնցմով
զուգուած
կամ
խառնած
մտացածին
կենդանեաց,
Վիշապաքաղ,
Եղջերուաքաղ
եւ
այլն:
Յետին
անունս
սոսկ
կամ
անխառն
Եղջերուն
յառաջ
բերէ,
որոյ
վագելուն
բաղձալն
Արտաշիսի՝
յիշեցինք
(եր.
67):
Սա
աւելի
հաւանօրէն
նուիրական
կ’երեւի
առ
մերայինս,
մանաւանդ,
եթէ
որպէս
առ
Յոյնս,
իրենց
Անահտայ
այլ
նուիրուած
էր:
Այժմեան
Պայէզիտոյ
բերդի
մէջ,
որ
հին
ատեն
Հայոց
ամենէն
շատ
պաշտաման
տեղեաց
կենդրոնում
է,
այս
պատկերեալ
քարէ
քանդակս
մնացեր
էր
ինչուան
մեր
օրերս.
տեսնողն
կըրնայ
դատել,
թէ
որչափ
որ
այլաձեւ
եւ
առասպելեալ
է
այդ
բագնի
վրայ
կեցած
կենդանին
(թերեւս
առիւծէ
եւ
գայլէ
բաղադրեալ),
դեռ
եղջերուի
էութիւնը
յայտնէ.
եւ
եթէ
քանդակն
աւելի
անմաշ
մնացած
ըլլար՝
ա՛յլ
աւելի
յայտնէր:
Եթէ
այդ
քանդակ
պատկերն
էր
պատուած
եւ
պաշտուած
եւ
եթէ
իրեն
կերպարանած
չաստուածը,
միապէս
հեթանոսական
կրօնից
ապացոյց
մի
է:
—
Մեր
հին
պատմիչ
Զենովբայ
գրոց
մէկ
օրինակի
մէջ
գրուի,
թէ
Վաղարշակ՝
ի
Հնդկաց
գաղթած
Դեմետրի
եւ
Գիսանէի
բնակութեան
տեղեր
տուաւ
ի
Տարօն
եւ
յԱպահունիս,
«հանդերձ
դիւաբնակ
աշտեօքն
եւ
երկարածնօտ
Աւարոսիւ
…(եւ
նոքա
կանգնեցին)
կուռս
ըստ
պատկերին
այնմիկ,
զոր
ի
Հնդիկս
Վիշապ
կոչէին».
ուսկից
եւ
քաղաքն
այլ
Վիշապ
կոչեցաւ:
Չգիտեմ՝
ի՞նչ
է
այդ
երկարածնօտ
Աւարոսն.
վիշա՞պ,
թէ
այս
քանդակի
վրայ
երեւցող
երկայնացռուկ
անասուն
մի:
Թողումք
հետաքննաց
ստուգել,
եւ
նախ
այդ
երկբայական
անունը
(Աւարոս),
գուցէ
հնդկերէն
նշանակէ
այս
կամ
այն
կենդանի:
Թողումք
գազաններն
այլ՝
իրենց
Առիւծ
թագաւորովն
եւ
Ինձ
ով,
որոց
անուամբ
տեղիք
այլ
կան
ի
Հայս,
նաեւ
յատուկ
անուանք
մարդկան,
որպէս
եւ
ընտանի
կենդանեաց
(Առիւծ,
Ընձակ,
Կորիւն,
Եզնիկ,
Ցլիկ,
Արջուկ
եւ
այլն),
եւ
որք
կարծիք
կու
տան՝
այդ
կենդանեաց
պատուէն
առնուած,
քան
բարքէն,
վասն
զի
նախատական
պիտի
ըլլար
զմարդիկ
այդպէս
անուանել,
եթէ
շատ
անարգ
համարուէին
այդ
չորքոտանիք
եւ
ոչ
ազնուացեալ
կարծեօք
եւ
առասպելօք:
Յիշեմք
միայն
մէկը,
որ
տեսակաւ
մի
ընտանեաց
կարգում
է,
եւ
այլ
տեսակաւ՝
ի
վայրենեաց.
այն
է
վայրի
խոզն,
որ
Վարազ
կոչուի
առ
մերս,
Վիւրրազ
՝
առ
Պարսս.
շատ
յատուկ
անուանք
մարդկան
եւ
յատկանիշ
իրաց
եւ
աստեղաց`
բաւական
հաւաստիք
են
այս
կատաղի
եւ
անճոռնի
գազանին
այլ
կրօնական
շոշորդ
մ’ունենալուն.
եւ
թերեւս
այս
համարմամբ
չամաչեցին
մեր
երկու
կրօնից
միջակիտին
ապրող
նախնիք՝
իրենց
մեծ
եւ
երեւելի՝
յետոյ
եւ
սուրբ
թագաւորին
այլ՝
քանի
մ’օր
անոր
կերպարանքն
ընծայել,
փոխանակ
աւելի
բարոյական
այլափոխութիւնը
բացատրելու:
Աւելի
քան
զյատուկ
անուանս
տեղեաց
(Վարազ
լեառն,
Վարազաբլուր),
եւ
մարդկան
(Վարազարդատ,
Վարազդատ,
Վարազշապուհ,
Վարազվաղան,
Վարազտիրոց
եւ
այլն),
նշանելի
են
մեծ,
ընդարձակ,
զօրաւոր
իմաստով
իրք,
ինչպէս
վարազաթեւ,
վարազաջիղք,
վարազափողոց
եւ
ա՛յլ
աւելի
նշանաւոր՝
վարազագիր
կամ
վարազնկարագիր
մատանի,
որոյ
ձեւն՝
կնքուած
գրոյն
հաստատութեան
ապահով
նշան
էր.
արդեօք
կնքոյ
տառերն
յատուկ
ձե՞ւ
մ’ունէին,
թէ
մատանւոյն
վրայ
վարազու
կերպարանք
կամ
գլուխ
քանդակած
է,
չեմք
կարող
որոշակի
ըսել,
բայց
ետքինն
աւելի
հաւանական
է.
գուցէ
եւս
աւելի`
մատանւոյն
եւ
կնքոյն
մեծութիւնը
նշանակել,
ինչպէս
որ
հիմայ
այլ
թագաւորք
եւ
տէրութիւնք
մեծ
եւ
փոքր
կնիք
ունին,
եւ
մեծովն՝
մեծ
խնդիրները
կամ
մեծերու
հետ
թղթակցութիւնը
կնքեն:
Հելլենական
դիցաբանութեան
մէջ
շատ
յիշատակներ
կան
Վարազի՝
այլ
եւ
այլ
դից
եւ
դիւցազանց
հետ.
անհրաժեշտ
կ’երեւի
Հայոց
այլ
դիցական
վարազ
մ’ունենալն,
երբ
յիշեմք,
որ
ինչպէս
Տրդատ՝
Տիրի
տուրք
է,
Միհրդատ՝
Միհր
չաստուծոյ,
այսպէս
Վարազդատն
այլ՝
Վարազի
տուրք,
(որպէս
եւ
ի
սուրբ
կրօնս
մեր
Աստուածատուր,
Քրիստոսատուր,
Խաչատուր):
Գուցէ
եւ
յիշելն
Տիր
եւ
Վարազ՝
շատ
հեռի
չըլլան
իրարմէ,
զի
ըստ
Պարսից՝
Հրատ
մոլորակի,
որ
է
Արէս
դիցաբանից՝
նշանն
էր
Վարազ.
Տիր
այլ,
ինչպէս
պիտի
տեսնեմք
յետոյ,
դպրութեան
չաստուած
էր,
ոչ
անմասն
յ’արիութենէ
[1]:
Յետ
ջրային
եւ
ցամաքային
կենդանեաց,
եթէ
օդոյ
մէջ
շրջողներուն
հետ
այլ
ուզենք
թափառիլ,
շատ
մանր
քննութեանց
կարօտիմք,
եւ
ոչ
շատ
հաստատ:
Հայոց
համազգային
եւ
արքունի
զօրագընդից
եւ
պաշտօնէից
մէջ
կային
այլ
եւ
այլ
հաւեղինաց
պատկերօք
դրօշակիրք,
ինչպէս
Աղաւնի,
Բազէ,
Արծուի
եւ
այլն.
եւ
ամբողջ
ազգատոհմք
Հաւունիք
կամ
Հաւնունիք,
բայց
թէ
սոսկ
նշա՞ն
մ’էին
այդոնք,
թէ
կրօնական
գաղափարք,
չեմք
կրնար
վճռել.
միայն
հաւանական
է
Արծրունեաց
զ
Արծիւ
պատուելն,
եթէ
արդարեւ
ըստ
աւանդութեան՝
Ասորեստանեայց
սերունդք
կամ
խառնուրդք
են,
գոնէ
իրենց
նահապետներն,
որոյ
Ս.
Գիրք
այլ
կ’երաշխաւորեն,
Սենեքերիմ
թագաւորը
ըսպաննող
որդւոց
ի
Հայս
փախուստը
յիշելով.
ասոնց
ազգին
չաստուածներէն
մէկն
կոչուէր
Նեսրաք
կամ
Նեսրոք
[2],
որոյ
դիմաց՝
իր
185,
000
զօրքով
բանակը
կորսնցընող
թագաւորն
երկրպագելու
ատեն՝
կեանքն
այլ
կորոյս.
հայրասպանքն՝
իրենց
կողոպտած
ընչից
հետ՝
թէ
ոչ
նոյն,
այլ
ուրիշ
արծիւ–դից
պատկեր
այլ
բերին
ի
Հայս,
ուր
եւ
պաշտուեցաւ
իրենց
ժառանգած
կողմերում:
Այս
է
հաւանօրէն
Արծրունեաց
ցեղին
անուան
պատճառը,
զոր
իրենց
պատմիչն
Թովմաս
հետաքններ
է
ի
Ժ
դարու
յետ
Խորենացւոյ:
—
Ուրիշ
կողմանէ՝
անյարմար
չէ
որ
երբ
չորքոտանեաց
թագաւոր
անուանեալ
Առիւծն
ի
պատուի
էր
ի
ցամաքի,
օդոց
մէջ
այլ
թռչողաց
թագաւոր
Արծիւն՝
պատուած
ըլլայ,
մանաւանդ
եթէ
ինչպէս
Յունաց
Զեւսի՝
այսպէս
այլ
Հայոց
Արամազդայ
նուիրուած
եւ
այնոր
ձեռաց
վրայ
հանգչած
էր
հայկական
ոչ
աննշան
Արծիւն,
որոյ
այլ
եւ
այլ
տեսակք
յիշուին
մեր
լեզուաւ,
Գետարծուի,
Ցրտարծուի,
Քաջարծուի.
—
Քան
զայն
մեծ
իր
այլ
եւ
այլ
տեսակօք
(որպէս
Պաշկուճ,
Լաշհաւ,
Քարքազ
[3]
),
Անգղն
այլ
իր
պատիւն
եւ
կրօնայիշատակն
ունեցած
երեւի՝
Անգեղտան
մեծ
ցեղին
եւ
նախարարին
անունէն
գուշակելով:
Այս
ծանօթ
եւ
երեւելի
կենդանիներէն
ետեւ՝
կ’արժե՞
արդեօք
փոքրիկ
միջատ
մ’այլ
յիշել,
որ
մեծամեծ
անուններ
ունի,
Ոսկի
Եզնակ.
Աստուծոյ
Եզնակ,
եւ
առասպելական
նշան
մ’ընծայէ.
ի
բժշկական
բառս
Գալիենոսի,
Ճինի
թունաւոր
կոչուի.
Մխիթար
Գոշի
Կ.
առակն
յայտնէ
թունաւոր
ըլլալը:
Հայոց
երկրի
Թռչնաբանութիւնն՝
թէ
իրօք
եւ
թէ
անուամբք
կըրնայ
հարուստ
ըսուիլ,
եւ
կրօնական
ու
պատմական
նշանակաւ
հետաքննելիք
են՝
Արտաւազդահաւ
ն,
Ապռնէկն,
Բարեծուծն,
Բրդոռն,
Գուրգուրն,
Իշտրմուղն.
Լծէլծէն,
Կատիճակողն,
Կովկորուսիկն,
Կովացուլն,
Յովհաննահաւն,
Սանդրաբոկն
եւ
այլն.
զորս՝
մեր
այս
գործոյ
նպատակաւ
ճանչնալու
համար՝
մեզի
այլ
զօրաւոր
թեւեր
պէտք
էին:
[1]
Թերեւս
աւելորդ
չըլլայ
յիշատակ
մ’այլ.
Նիկ.
Դամասկացւոյ
հատուկտիր
Կեսարու
վարուց
մէջ
լսուի
Οιβάρας
դիւցական
անուն
մի,
որ՝
ըստ
իրեն
ըսածին՝
նշանակէ
Ագաթանկելոս,
այսինքն՝
Բարի
հրեշտակ.
հմուտ
հնդկագէտ
ոմն՝
համարի
ասոնց
Հուպարա
կոչածը,
բարեացաբեր
կամ
երանաբեր
նշանակութեամբ:
[2]
Արաբերէն
այլ
Նեսր
կոչուի
Արծիւն
կամ
Անգղն:
[3]
Արաբերէն
անուն
է
Անգեղ,
բայց
այսպէս
գրուի
յԱղթարս
մեր.
եւ
ի
գարնան
երեւնալու
օրն
այլ
նշանակուի
ի
15
մարտի.
«Այսօր
Քարքազն
ի
Հոռմանց
երկիրն
գայ»:
Տեղ
մ’այլ՝
իբրեւ
պատկերի
կամ
երազի
մէջ
տեսնելով,
«Երկու
մարդ
ի
Քարքազն
են
հեծեր,
եւ
զթեւն
ի
մէկմէկի
շլիկն
են
ձգեր»: