Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Դ.
ԱԽՏԱՐՔ ԿԱՄ ԱՂԹԱՐՔ

 

ԼՈՒՍԱՒՈՐԱՑ ՊԱՇՏՕՆ. Ա. ԱՐԵԳԱԿՆ.
Բ. ԼՈՒՍԻՆ. Գ. ԱՍՏԵՂՔ. Դ. ԵՂԱՆԱԿՔ

Աստուծոյ անհասանելի էութեան կամ բնութեան՝ մարդկային մտօք՝ ամենէն աստուածամուխ բացատրողն, Յովհ. աւետարանիչ, ըսաւ. « Աստուած լոյս է »: Առաջին սրբագիր հեղինակն (Մովսէս) Աստուծոյ արարածոց անդրանիկ կ’ըսէ զԼոյս. մարդուս համար՝ յառաջ քան զայն, «խաւար էր ի վերայ անդընդոց». եւ եթէ այն անչափ անձեւ անծանօթ անդընդոց մէջ՝ կար երկրիս սերմն այլ, այն ատեն յայտնուեցաւ երբ աստուածային կամքն հրամեց, թէ «Եղիցի Լոյս, եւ եղեւ Լոյս»: Լուսոյ, բայց այսպիսի լուսոյ (ոչ թանձր նիւթոց եւ ճրագաց) էութիւնն՝ ի՞նչ է. թողումք իմաստասիրաց, բայց մեզ բաւական է մեր մտաց վկայութիւնն, թէ արդարեւ գերազանց եւ ամենազնիւ ամենապատուական ամենապիտանի բան մ’է, իբր կէս աննիւթ կէս նիւթական գոյութիւն, որոյ ամենէն զգալի եւ ամենավայելուչ կերպարանք եւ բովանդակիչք կ’երեւին մեզ անոնք՝ զորս յերեսս երկնից միանգամայն կոչեմք Լուսաւորք, եւ առանձնակի Աստեղք, Արեգակն, Լուսին եւ այլն: Ասոնց տեսութիւնն յափշտակէ քիչ շատ խոհուն միտքը, կամ ինքնին անոնք խօսին մտաց՝ աւելի ազդու քան զայլ արարածս. «Երկինք պատմեն զգործս Աստուծոյ, եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ Հաստատութիւն », որ է բովանդակութիւն Լուսաւորացն: Ըսել է, թէ ամենէն աւելի զգալի կերպով զԱստուած կերպարանող, երեւցընող կամ բացատրող՝ Լուսաւորքն են, որք իբր անդիմադրելի զօրութեամբ իրենց եւ իրենց արարողին կու ձգեն մարդկան աչքը, միտքը եւ սիրտը

Պարզ է ընթերցողաց՝ յառաջաբանիս հետեւանքն. զմայլող աչաց հետ ուղիղ միտք եւ սիրտ ունեցող մարդն՝ երբ եւ տեսնէր զլուսաւորս՝ կու պաշտէր անոնց եւ իր արարիչը, ինչպէս յետոյ եւ հիմայ կու պաշտեմք զնա՝ տաճարաց մէջ: Եւ ինչպէս՝ ըստ սրատես աստուածաբան աւետարանչին՝ «Լոյսն ի խաւարի անդ լուսաւորէ», եւ չեմք կրնար լուսոյ գերազանցութիւնն ըմբռնել, եթէ խաւարին այլ տխուր գաղափարն եւ փորձը չունենամք, գրեթէ ամէն օր՝ գիշերի եւ ցերեկի փոփոխմամբք, կու տեսնեմք կ’իմանամք որ խաւարն՝ մութն՝ լուսոյ ստուերն է, իր ետեւէն կ’երթայ կու պտըտի, գրեթէ անընդմէջ՝ իր մօտէն, սակայն «Խաւարն ոչ եղեւ նմա հասու»: Այսինքն՝ ոչ երբեք կու դպչի կպչի խառնուի միանայ անոր հետ. լոյսն միշտ լոյս է, խաւարն միշտ խաւար, ճշմարտութիւնն միշտ ճշմարիտ, ստութիւնն եւ մոլորութիւնն՝ միշտ սուտ եւ մոլար: Բայց ինչպէս շուքն լուսոյ՝ սուտն այլ ճշմարտութեան մօտ եւ քովը գտուի. իմաստունն միշտ կու տեսնէ անոնց զանազանութիւնը, անիմաստն՝ կու խառնակէ, կու շփոթէ եւ շփոթի. եւ այն որ ուղղատես մտաց՝ պարզ Աստուծոյ հայելի եւ ցուցակ մ’էր, թիւրատես մտաց կ’ըլլայ ցուցանք մի, եւ փոխանակ պատկերի՝ իսկութիւն եւ գոյութիւն, միով բանիւ աստուածային, եւ աստուած իսկ: Որչափ շատերու՝ աստեղաց տեսութիւնն եւ քննութիւնն պատճառ եղած է զԱստուած ճանչնալու, աստուածապաշտ ըլլալու, շատոնց (այլ եւ շատ հին ժամանակէ)՝ զանոնք աստուած կարծելու, եւ լուսապաշտ կամ աստեղապաշտ ըլլալու, ինչպէս ցուցընէ մեզի պատմութիւնն հնագոյն ազգերը, Քաղդէացիս, Բաբելացիս, Փիւնիկեցիս, նա եւ Եգիպտացիս, եւ ինչուան նորայայտ Ամերիկոյ աւելի կրթուած եւ հիմայ գրեթէ սպառած ազգերը: Ասոնց մէջ ամենէն հին եւ նշանաւոր առաջին յիշուածն էր, Քաղդէացին. մինչեւ լուսաւորաց պաշտօնն եւ մոլար կրօնքն ալ, որ պարզապէս Աստեղագիտութիւն եւ Ախտարք կամ Աղթարք կ’ըսուի, անոնց անուամբ Քաղդէութիւն ըսուած է:

Քաղդէից եւ հին Հայոց երկրին՝ գրեթէ միջոց չկայ. Կորդուաց լերինքն՝ հիւսիսային կողմէն Հայոց են, հարաւէն՝ Քաղդէից. եւ ասոնց Ուր կամ Հուր քաղաքն՝ ուսկից ելաւ Աբրահամ երթալու ի Պաղեստին, եւ ուր իր նախնիքն աստեղաց պաշտօն մատուցանէին, սահմանակից է Հայոց Ատրպատականին: Ասոնց մերձաւորութիւնն, հին ազգաց հասարակ ծանօթութիւնք եւ մերազգեաց հետաքրքիր բարքն՝ չեն դժուարացըներ զմեզ հաւանելու, որ մեր նախնիքն այլ շատ կանուխ մոլորած ըլլան աստեղաց ուղիղ տեսութենէն, եւ հետեւած մոլար Աստեղագիտութեան եւ Աստեղաբաշխութեան, եւ Լուսաւորաց հաւատք ու պաշտօն մատուցած ըլլան: Զայս ճանչնալու պարզ եղանակն է՝ նշանաւոր Լուսաւորներն առանձինն նկատել

Ա. ԱՐԵԳԱԿ. Թերեւս միայն կոյրք չգիտնան, թէ ըստ բնական տեսութեան մարդկան՝ Արեգակն է գլխաւոր Լուսաւորաց, Ակն (աչք) տիեզերաց կոչուած, գուցէ լաւ եւս էր ըսել՝ Աչք տիեզերաց յարեգակն, ուստի բնական այլ է, որ ի գերբնականէն մոլորեալ միտք՝ զԱրեգակն աստուած համարէր, կամաց կամաց խոտորելով իր նախնեաց զգացմունքէն, որք զայն իբրեւ ամենէն զգալի յիշեցուցիչ աստուածութեան դնէին, եւ անոր նայելով՝ զԱստուած պաշտէին. եւ ի սկզբանէ, ինչպէս մինչեւ հիմայ այլ՝ յարեւելք դառնային յաղօթելն. մեր եկեղեցեաց խորանն կամ աւագ խորանն յայտնի կեցած է վկայ բանիս: Հնագունից համար՝ Արեգակն առիթ մ’էր կրօնից, յետոյ պատուելի եղաւ, եւ այլ յետոյ պաշտելի. պաշտօնն ուզեց չտեսած ատենն այլ տեսնել զԱրեգակն. եւ հնարեց այնոր պատկերք, նախ բնաձեւ, ապա անձնական եւ մարդաձեւ, յետոյ եւ առանձինն անուն տալով՝ իբրեւ զատ աստուծոյ. եւ այսպէս այլ եւ այլ ազգք այլ եւ այլ կերպով կոչեցին. Քաղդեայք՝ Բել կամ Բահաղ, Ասորեստանեայք՝ Աթուր կամ Ասուր, Պաղեստինու զանազան ազգք՝ Բելփեգովր, Մողոք, Փիւնիկեցիք՝ Ադոնիս, Պարսք՝ Միհր, Եգիպտացիք՝ Ոսիրիս, Յոյնք եւ Լատինք՝ Փեբոս եւ այլն. յետինքն՝ բաւական չգրելով մէկ Արեւ աստուած մի, չորս հինգ այլ աւելցուցեր են, մէկն Արամազդայ որդի, միւսն դարբին Հեփեստոսի եւ այլն:

Գալով առ մեր Հայկազունս, եւ թողլով յօտար լեզուաց առնուած արեգական անունները (ինչպէս Բեզեկ [1] ի Հրէից), երկու սովորական բառ ունիմք տուընջեան լուսատուին, թէ եւ երկուքն այլ մի սկիզբն ցուցընեն, Արեւ ( Րաւի ի սանսկրիտ) եւ Արեգ–ակն, յորմէ աւելի սովորական Արեգակն, որ ինչպէս աղբեր–ակն՝ ջրոյ բղխումն ցուցընէ, սա այլ տաքութեան եւ լուսոյ. նոյն իսկ Ար արմատն՝ ձայնիւ լծորդ է Աւր (օր) եւ Հուր բառից. կրնամք երրորդ՝ գոնէ մերձաւոր՝ անուն մ’այլ գրել զԱրփի: Ինչ որ ըլլայ բառից ծագումն՝ հաւանօրէն հին Հայք ուրիշ ազգաց պէս՝ նախ զԱրեգակն պատուած եւ պաշտած պիտի ըլլան՝ յերկինս, իր առերեւոյթ շրջանին մէջ, մանաւանդ ծագած եւ ծածկուած ատենն՝ ի հորիզոնի. յետոյ բոլորակի ձեւով ներկայած, ապա եւ մարդակերպ. հուսկ յետոյ՝ թուի, թէ օտարաց նման կամ անոնց հետեւելով անձնաւոր այլ համարած են, եւ այնպէս ձեւացուցած իրենց պաշտած տեղերում: Ի՞նչ կերպարանք արդեօք ընծայած են: Եթէ չեմք խաբուիր, հին վիպասանք մեր՝ ցուցընեն զնա՝ իրենց «Երկնէր Երկին, երկնէր Երկիր » երգով, որոց գործակից կ’ըլլայ եւ Ծովն, որ կ’երկնէ կարմրիկ Եղեգնիկ մի, ուսկից բոց ու կրակ կ’ելնէ, եւ անոնց միջէն Կարմրիկ ու Խարտեաշ Պատանեկիկ մի կու վազէ կ’ելնէ, բոցեղէն մանրիկ աչքերով, եւ արեւակերպ: Այսպէս կարծեմ հաւտային եւ կերպարանէին կամ գոնէ հնարէին պաշտօնեայք եւ բանաստեղծք Հայոց, որոց աւելի նորագոյնքն՝ այն խարտեաշ պատանեկիկն անձնաւորեցին կամ ուզեցին ճանչնալ ի Վահագն, թոռն կամ թոռնորդի իրենց ամենէն սիրելի թագաւորին եւ դիւցազին, Տիգրանայ, ժամանակակցի Կիւրոսի: Գուցէ եւ ի Հնդկաց եկած քուրմք ի Տարօն՝ այսպէս յարմարցուցին իրենց եւ Հայոց հաւատքը, որք աստուածապէս պատուէին զ Ակնի գերագոյն կրակն, իբրեւ կենդանատու տարերաց եւ եղանակաց, որով եւ զուգէին ընդ Արեւու: Դիւրին էր զուգել եւ զ Ակնի ընդ Վահագնի, որ գրուի եւ Վահակն. եւ յայտնապէս կ’ըսէ մեր հին վարդապետաց մէկն՝ Արարչութեան բացատրութեան մէջ. «Ոմանք զԱրեգակն պաշտեցին եւ Վահակ ն կոչեցին [2] »: Այդ Հնդիկ Ակնի անուան՝ միթէ չէ՞ համանիշ եւ լատինն Ignis՝ հուր, եւ յոյնն՝ Αγνος. Մեր մերձաւորաց Վրացւոց պատմիչք  կ’աւանդեն, թէ իրենց մէջ Արեգական եւ ընդհանուր լուսաւորաց պաշտօնն շատ կանուխ մտած է, Մծխիթոսի մահուանէն քիչ վերջը, որ էր, նոյնպէս ըստ աւանդութեան, Հայկայ եղբօրորդին:

Աւելի ստոյգ կամ երկրորդ տեսակ արեւապաշտութիւն՝ յայտնուած է ի Հայս՝ իրենց Արշակունեաց տէրութեան սկսմամբ, որոյ նահապետն Վաղարշակ՝ մի եւ կէս դար նախ քան զթուական Փրկչին, ուրիշ կրօնական պաշտամանց կարգադրութեան հետ, «Մեհեանս շինեալ յԱրմաւիր՝ անդրիս հաստատէ Արեգական եւ Լուսնի » (Խորեն. Բ, Ը). յայտ է ուրեմն, որ այս անդրիք դիցական կամ մարդակերպ էին, եւ որպէս թուի՝ կիսաչափ, այսինքն՝ մինչեւ ի կէս կամ մէջք մարդոյ ձեւացեալ: Այլ թէ ի՞նչ ձեւ կամ կերպարանք ունէին՝ չէ յայտ. հաւանօրէն Միհրի դէմք ունէին, զոր յետոյ յիշելու եմք, որոյ պաշտօնն, թէ եւ ենթադրեմք ի Պարթեւաց մտած, բայց հաւատքն արդէն կայր ի Հայս. կային եւ Հայք Արեգակնապաշտք կամ Արեգնապաշտք, ինչպէս կ’ըսուի մեր գրոց լեզուաւ: Վաղարշակայ թոռնորդւոյն ատեն, զօրապետն Բարզափրան՝ դաշանց հաստատութեան համար՝ նախ կ’երդնու յԱրեգակն, յետոյ ամենայն երկնաւոր եւ երկրաւոր պաշտելեաց. նոյնպէս Արշամ թագաւոր ստիպէ զԵնանոս Հրեայ՝ նախ «երկիր պագանել Արեգական, եւ (ապա) պաշտել զկուռս արքայի». (Խոր. Բ. ԺԲ). թողումք Լաբուբնայի ըսածն վասն Եդեսացւոց Արեւ եւ Լուսին պաշտելուն՝ ասորական չաստուածոց հետ: Վերոյիշեալ թագաւորն (Տիգրան) եւ իր հայրն Արտաշէս, որոց արեւուն այլ կ’երդնոյր Բարզափրան, ուրիշ աւարներու հետ յունական կուռքեր այլ բերին եւ հաստատեցին յայլ եւ այլ կողմանս իրենց աշխարհին, ինչպէս յիշեն Ագաթանգելոս եւ Խորենացի. անհաւանելի չէ, թէ եւ անոնց մէջ ըլլային եւ յոյն Արեգակներ, Ապոլոնի եւ Փեբոսի կերպարանօք, կառօք եւ երիվարօք: Յետնոցս՝ (ձիերուն) գուցէ հին աւանդութեամբ մի` այլ ոչ հին Ոսկեփորիկ գրիչ մի՝ անուններն այլ նշանակէ, գրելով. «Անուանք վարչաց Արեգական, Էնիկ, Մէնիկ, Բէնիկ եւ Սէնիկ ». չգիտեմ, թէ Փեբոսի կառաց ձիանքն այլ յոյն անուններ ունէի՞ն, թէ՝ ասոնք լոկ հայ խելաց ծնունդ են [3]:

Վերոյիշեալ երդման ձեւն՝ յայտնէ եւ Արեւու կեանք նշանակելն, որ մնացած է եւ ի քրիստոնէութեան. Բագրատունեաց թողած արձանագրութեանց մէջ յեկեղեցիս՝ շատ հեղ գրուի յիշատակն՝ յարեւշատութիւն բարերարաց, այսինքն՝ մաղթանք երկար ապրելու: Եւ մինչեւ հիմայ լսուի երդմնաձեւ կամ փաղաքշանօք՝ Արեւդ սիրեմ, Եթե Արեւդ սիրես, Արեւուդ մեռնիմ եւ այլն. ինչպէս հիներն այլ մեռնելու կամ մեռցընելու համար կ’ըսէին զԱրեւ հատանել, յԱրեւէ արկանել, անկանել, եւ ասոնց նման բացատրութիւններ. այսպէս՝ անչափահաս կամ երիտասարդ մեռնողն այլ կոչուած է « Արեւպետ վախճանեալ»:

Անցողաբար յիշեցընեմք քննաբանից, որ աստեղապաշտքն Սաբէացիք՝ մերոց պէս Արեւ կամ Ուրու կոչած են զԱրեգակն. գուցէ պատահաբար ինչուան Ովկիանիոյ մէջ Արեգական պաշտօնէից ընկերութիւնն կոչուի Արեգի անուամբ (Arekois կամ Areois): Բայց մեզի աւելի դիտելի են մեր երկրին մէջ այս լուսաւորին անուամբ կոչուած այլ եւ այլ տեղեր, մանաւանդ ի Տարօն, ուր եւ Արեգակնածագ բլուրն, եւ ի Սիւնիս, որոյ ամբողջ գաւառ մի Արեւիք կոչուի, եւ պաշտօնն յայտնեցաւ յառաքելութեան Ս. Բարդողիմեայ

Աւելի դիտելին եւ զարմանալին է որ Արեւապաշտութիւնն քան զայլ հաւատս՝ կերպով մի աւելի երկար եւ խոր տպաւորուած է յազգայինս մեր, եւ այլ եւ այլ ժամանակ երեւցեր են Արեւորդիք, գուցէ մինչեւ հիմայ այլ, եթէ եւ դոքա չորոշուին ո՛ր ազգի մնացորդ ըլլալ. ԺԱ դարու կիսում Գր. Մագիստրոս՝ այս անուամբ յիշէ զանոնք, եւ ի Զանդիկ մոգուց համարի յառաջ եկած. «Ոմանք ի նոցանէ դեղեալք՝ Արեգակնապաշտք, զոր Արեւորդիսն անուանեն. եւ ահա են յայդմ գաւառի (Միջագետաց) բազումք, եւ քրիստոնեայս զինքեանս յայտնապէս կոչեն, բայց եթէ որպիսի՞ մոլորութեամբ եւ անառակութեամբ վարին, գիտեմք զի ոչ ես անտեղեակ»: Իրմէ դար մի վերջը՝ իր Շնորհալի շառաւիղ Ս. Ներսէս՝ Սամոստիոյ կողմանց Արեւորդեաց համար յայտնապէս կ’ըսէ, թէ Հայոց սերունդք են, որք «Ոչ կամեցան լուսաւորիլ աստուածային լուսովն՝ ի ձեռն Լուսաւորչին մերոյ». եւ կու պատուիրէ քահանայից, որ անոնցմէ դարձի եկողներն ընդունելու ատեն՝ երեսնին յարեւմուտք դարձընել տան եւ երեք անգամ թքնել յերեսս սատանայի, եւ խրատել, թէ` «զԱրեգակն՝ մի՛ այլ ինչ համարիք, քան թէ ճրագ աշխարհի, զոր ստեղծ արարիչն Աստուած, եւ եդ զնա յերկինս՝ լուսատու լինել երկրի»: Արեւու պաշտաման կամ պատուոյ հետ՝ ասոնց Մագիստրոսի յիշած անառակութիւնը ` քիչ մ’աւելի բացատրէ մեր Ս. Հայրապետն, որով կ’իմացուի Պայլիկեանց եւ Թոնրակեանց աղանդոց պիղծ խառնուրդն այլ ի գործս եւ ի ծէսս նոցա. մինչեւ իրմէ քիչ մի առաջ գրող վարդապետն Դաւիթ որդի  Ալաւկայ՝ յայտնապէս կ’ըսէ, թէ «Պայլիկեանքն կամ Մծղնայք՝ Արուիորդոց ազգն է»: Երկու դար վերջն այլ՝ ԺԴին կիսում՝ Մխիթար կաթողիկոս գրէր առ Պապն Հռովմայ, թէ այն ատեն այլ գտնուէին Արեւորդիք ի Մանազկերտ, որ շատ դարերով այլ յառաջ քան զՇնորհալին եւ զՄագիստրոս՝ բոյն էր Թոնրակեան աղանդաւորաց եւ իրենց նմանեաց [4]

Յիշեալ ԺԴ դարու վերջերը՝ Լէնկթիմուր Մէրտինու կողմերը չորս գեղերու մէջ (Շոլ, Շմըրշախ, Սաֆարի եւ Մարազի) Արեւապաշտներ գտնելով, կու ջանայ զանոնք իր կրօնքին դարձընել, եւ չկարենալով՝ «աւերեաց զքաղաքն, կ’ըսէ Թովմա Մեծոփեցի պատմիչ, եւ չորս (յիշեալ) գեղ՝ իսպառ կործանեաց. եւ յետոյ դարձեալ սատանայի հնարիւք՝ բազմացան ի Մերտին եւ ի յԱմիդ»: Ասկէ առաջ կու գրէ Մխիթար Ապարանեցի. «Են ոմանք Հայկազեանք եւ հայ լեզուաւ Արեւապաշտք, եւ կոչին Արեւորդիք. սոքա  ոչ ունին գիր եւ դպրութիւն, այլ աւանդութեամբ ուսուցանեն հարքն զորդիսն իւրեանց, զոր նախնիք նոցա ուսեալք էին ի Զրադաշտ մոգէ՝ անդրուշանին պետէ. եւ ընդ որ (կողմն) երթայ արեգակն՝ ընդ այնմ երկըրպագեն, եւ պատուեն զծառն Բարտի եւ զ Շուշան ծաղիկն եւ զ Բամբակի ն եւ զայլսն, որ զդէմս իւրեանց շրջեցուցանեն ընդդէմ արեգականն. եւ նմանեցուցանեն զինքեանս նոցա՝ հաւատով եւ գործով բարձր եւ անուշահոտ. եւ առնեն մատաղ ննջեցելոց. եւ տան զամենայն հասս Հա երիցու: Սոցա առաջնորդն կոչի Հազրպետ. եւ յիւրաքանչիւր ամի երկու անգամ կամ աւելի՝ ամենեքեան այր եւ կին ուստր եւ դուստր, ժողովին ի գուբ մի յոյժ խաւարին» եւ այլն: Մեծոփեցւոյն գրեթէ ժամանակակից՝ Թլկուրանցի Յովհ. պուէտն եւ հայրապետ՝ կ’երգէր

«Կինն՝ ոչ պըժգայ յԱրեւորդւոյ,

Ոչ ի Թուրքէ ոչ ի Հայէ.

Զով որ սիրէ՝ հաւատն այն է»:

Իսկ Արեւը սիրող բուսոց մէջ յիշէ ուրիշ երգիչ ծաղկաբան մի (Դաւիթ Սալաձորցի)

«Սինձն, Իրիցուկն ու Եղըրդակն, կու ըսպասեն Արեւորդուն.

Նոցա երամն ուրիշ է, կու շըրջին զօրն հետ արեւուն»

Մեզի աւելի մօտ դարուց գրողաց մէջ այլ գտուին յիշատակք Արեւորդեաց. մինչեւ հիմայ Միջագետաց կողմերում Շէմսի կոչուած աղանդաւորք, որ Արեւային ըսել է, հեթանոսութենէ, քրիստոնէութենէ եւ իսլամէ խառն կրօնք մ’ունին, բայց իրենց ազգի ծագումն յայտնի չէ, տեղացեաց լեզուն կու խօսին, իսկ բուն Հայոց երկիրներու մէջ Կաղզուանայ կողմերում՝ դեռ լսուին Արեւորդի կամ Արծուուդի կոչուած լերինք՝ Երասխայ եւ Արածանւոյ անջրպետք, ուր Եզիտիք եւ արեւապաշտք՝ գոնէ Արեւորդիք՝ մեր օրերուս այլ յայտնուած են եւ յիշուած ի տեղագրողաց, որպիսի է Տեսիէ, (Texier, Asie Mineure, I. 105. 123).

Արեգական ներգործութիւն մարդկան համար ամենէն աւելի երկրագործութեան կամ բուսոց աճելութեան համար հարկաւոր ըլլալն յայտնի է, եւ այնով դրդիլն  ի պատիւ նորա, եւ որչափ բնական պատճառաւ կոչուած են զանազան բոյսք այնոր անուամբ, կըրնայ դեռ յոմանս նշմարիլ եւ կրօնական ինչ մտածութիւն, ինչպէս՝ յ Արեգական մայր, Արեգական ծաղիկ, Արեւքուրիկ, Արեւածագ, Արեւածաղիկ, Արեւպաշ եւ այլն: Արդեօք այսպիսի ազդեցութեան համար նախնիք իրօք կենդանի էակ մ’այլ կարծէի՞ն զԱրեգակն, կամ իր մէջ կենդանի էակներ, ինչպէս վերոյ գրեալ ծանօթութեան մէջ գուշակուի, եւ ինչպէս աղթարաբան երդմնեցուցիչ մ’այլ, հաւատալով կամ չհաւատալով, հիւանդութիւնները կ’ուզէր կապել նա եւ «365 Սրբովքն, որ կան ի սիրտ Արեգականն, (զ) որ ոչ հրեշտակք գիտեն եւ ոչ հրեշտակապետք, բայց միայն Հայր»: Իսկ դու ուստի՞ գիտցար, ո՜վ խելացնոր, որ՝ նոյնպէս կ’ըսես, թէ անոնց չտեսած նա եւ «365 Սուրբք, որք կան ի մէջ ծովուն»:

Բ. ԼՈՒՍԻՆ. Ինչ որ ի սկզբան Արեգական համար ըսինք, ըստ Ս. Գրոց եւ բնական տեսութեան մարդկան, անմիջապէս զնոյն կ’իմանամք եւ Լուսնի, զի որպէս զնա կարգեց Աստուած ի Լուսատու տուընջեան, եւ սա կ’ըսուի Լուսատու գիշերոյ (Ծննդ. Ա. 16). ասոնց անուանք եւ յիշատակք իբրեւ խեղեփք (երկուորեակ) են ի հասարակաց միտս, իսկ առ թերամիտս ոմանս՝ ոչ շատ օտար էր զԼուսին Արեւու քոյր անուանելն, եւ անոր պէս ի պաշտօն առնուլն, որ թէ եւ Արեգական չափ մեծ եւ հզօր օգուտ չի տար մարդկան, այլ ունի եւ շատ առաւելութիւններ, թէ՛ անմխիթար մթութեան մէջ մոլորելոց ճամբայ ցուցընելով ի ծովու եւ ի ցամաքի, թէ՛ իր արծաթափայլ դիմօք եւ նշողիւք զուարճացընելով զաչս, եւ գրաւելով զսիրտ, քան զարեգակն, որ զմիտս գրաւէ, թէ՛ դարձեալ, աւելի քան զնա աւուրց եւ ամսոց մանր չափերով, եւ չորեքմասնեայ աճմամբն եւ նուազմամբ ծննդեամբ եւ լրմամբ [5], եւ թէ կենաց ներքին տնտեսութեան եւ (առողջութեան) փոփոխմանց ազդելով, մանաւանդ կանանց վրայ. եւ թէ եւ ոչ նոյնչափ ստոյգ ըլլայ՝ այլ հասարակ կոչումն եղած է ծանօթ ախտք՝ Լուսնոտութեան, որով բռնուողն կոչուի, Լուսնահար, Լուսնաժէտ. որպիսիներ բժշկեց՝ ոչ դեղով՝ այլ բանիւ եւ հրամանաւ՝ ամենաբժիշկն եւ ամենողորմած Տէրն մեր Յիսուս, որ եւ օտար լեզուաց մէջ այլ նոյնպէս կոչուի հասարակօրէն (Lunatique): Տարբեր ախտակիր երեւի Լուսնագանչն իբր լուսնէն պատճառած ուղեղի նուազութեամբ: Բուսոց վրայ այլ հանդարտ ազդեցութեամբն՝ առիթ եղած է լուսնի ընծայելու զոմանս, կամ իր անուամբ կոչելու, ինչպէս առ մերս՝ Լուսնի թուփն (Ղուլփի Ղամար կամ Ղուլ Բաղամբար՝ ըստ Արաբաց, հասարակօրէն Zédoire առ արեւմտեայս), որոյ «Տերեւն՝ զհետ Լուսնին ընթանայ, (գրեն աղթարք եւ բժշկարանք մեր, եւ ըստ աւուրց Լուսնի) տերեւ ստանայ, եւ ոստն կերպիւ հնգետասանօրեայ Լուսնին» (լինի): Լուսնի ընծայելուն կամ անոր հետ կերպով մի կապելուն մէկ պատճառն կ’երեւի՝ իրեն չորս գոյն ունենալ կամ փոխելն, ըստ չորս կերպարանաց Լուսնի: Այսոր նման, թէ ոչ նոյն՝ է եւ Լուսնի ծաղիկն, պարզապէս Լուսին կոչուած յԱրաբաց, Ղամէր, որոյ համար կ’ըսեն բժշկարանք, թէ «Տերեւն կարմիր յորդան գունով (լինի), եւ ի վերայ գլխուն՝ դեղնագոյն ծաղիկ, եւ տերեւք նորա զհետ լուսնի ընթանան, զի առաջին օրն լուսնի՝ մէկ տերեւ ստանայ, եւ երբ լուսինն փլէ՝ (վերջին քառորդ) նորա տերեւքն թափին, եւ զիր ծաղիկն ի վրայ գլխուն պահէ. եւ հանապազ այդ է իւր բնութիւնն. ի նոր սկսանելն՝ տերեւն արձակէ, եւ ի բուսանելն՝ մին մին թափի»: Յիշուած է եւ Լուսնոտ ծաղիկ, բայց ինչպիսութիւնն անծանօթ. գուցէ նոյն եւ Լուսնատակի ծառն, որ եւ լուացտակ, այն է Romarin ըստ Փռանկաց Լուսնի թուփէն զատ կոչուած է եւ Լուսնի քար, ըստ Արաբաց (Հաճար ըլ–Ղամէր), եւ թուի տարբեր ի Լուսքարէ, զի ոչ Լուսնի՝ այլ Լուսոյ անուամբ է սա, եւ ըստ այսմ կոչի յԱրաբաց Հաճար էն–նուր [6]:

Կանխեցինք այս մանր եւ երկրորդական կամ հետեւորդ բաները յիշեցընելու, որ դիւրաւ հասկըցուի Լուսնի հաւատք եւ պաշտօնն, կամ միջնորդն եւ ճամբան Լուսնապաշտութեան, որոյ՝ յառաջ քան զանձնակերպ պաշտօնն՝ այսպիսի դիտողութեամբք կամ զգացմամբք՝ մտած կամ հետեւած է Լուսնագիտութիւն ն, որով եւ Լուսնախտիրք կամ Լուսնահմայք: Ինչպես հասարակօրէն ամենայն լուսաւորաց քննութիւնն եւ նշանակութիւն՝ ի սկզբան աւելի կամ պակաս բուն գիտութիւն եղած է, եւ յետոյ աւելի տգիտաբար մոլորութիւն, այսպէս եւ Լուսնի, քան զայլ լուսաւորս դիւրաւ ճանչցուող փոփոխութիւնքն՝ ստոյգ եւ հարկաւոր գիտութիւն եղած են. այլ երբ սուտ ընդ ճշմարտին խառնուեր է՝ Լուսնագիտութիւնն այլ Աստեղագիտութիւնն այլ՝ անուամբ ուղիղ, բայց բացատրութեամբ մոլար եւ աղանդ դարձեր եւ զայս նշանակեն. եւ շատ տեսակ հմայութեանց եւ կախարդութեանց մէկն այլ՝ ոչ միայն եղած է Լուսնահմայութիւնն, այլ եւ գրեթէ հասարակաց առ ամենայն ազգս: Եւ որ աւելի զգալին է՝ միշտ եւ մինչեւ հիմայ իր հաւատացեալքն կամ խաբեբայքն ունի, ինչպէս Թուրքիոյ աշխարհաց խաժամուժ ժողովրրդոց մէջ ծանօթ են այդպիսի հմայողք, իրենց բառիւ Լուսնադէտ կոչուած (Այ–պագար), զորս յիշելն անգամ թերեւս աւելորդ էր, եթէ դժբաղդաբար դեռ մերազգի քրիստոնէից մէջ այլ չգտուէին այսպիսիք որք գրուած կամ անգիր Աղթարօք եւ պէսպէս Գրապանակօք եւ թուաբանական Լուսնացոյց եւ Էփիմէրտէս գրովք, չհետեւէին իրենց մոլար նախնեաց, որք Լուսնահմայք կոչուին. «որ զօրն՝ չար եւ բարի ասէ՝ Լուսնովն», ըստ բացատրութեան վարդապետի միոյ յԺԲ դարու, որ, ինչպէս եւ իրմէ առաջ եւ ետեւ, զանոնք յանդիմանող եւ խրատող եղած են

Ասոնցմէ աւելի հետաքննելին է մեզ. յայտնի Լուսնապաշտն. զոր եւ տեսանք  ընդ Արեւապաշտին, հանդերձ իր անդրեօք կամ պատկերօք Հայկազանց եւ Արշակունեաց ատեն (եր. 88): Ի՞նչ կերպ էր Հայոց պաշտած Լուսինն. Աւելի անծանօթ է մեզ, ըստ որում եւ նուազ է Լուսինն, քան զԱրեւ, բայց գուցէ իր պաշտօնն հնագոյն եւ ժամանակակից Քաղդէութեան. կարծիք է Ս. գրոց մեկնչաց, թէ նոյն իսկ մեր ազգի կամ երկրի անունն ըստ օտարաց, Ար–մենի կամ Ար–միննի, եբրայերէն՝ Լեառն Լուսնի նշանակէ, իբր թէ լերանց վրայ լուսնի դիտողք եղած ըլլան՝ յիշեալ դրակից Քաղդէից նման [7]. եւ իրենցմէ այլ ինչպէս շատ ուրիշ ազգաց՝ Մէն կոչուի Լուսինն, որպէս կոչուի եւ անձնաւորեալն կամ չաստուածն, Μήν ըստ Յունաց, Men, Mena, Mene, որ եւ Ամիս նշանակէ, ինչպէս լսուի այս մերձաւոր ձայնով ի լեզուս յունալատին ազգաց, Μήνη կամ Μὴνα, եւ Անգղիացիք հիմայ այլ Մուն Moon կոչեն զԼուսին [8]: Այս Մէն անուամբ Յոյնք քանի մի Լուսնական չաստուած ունէին, ոմն արական, ոմն իգական, ինչպէս առ Գերմանացիս արական է Լուսին նշանակող անունն (der Mond), մինչ Արեւն իգական, (die Sonne). հաւանօրէն Հայոցն արական էր նման Լատինաց Lunus չաստուածոյն, որ եւ փռիւգագտակ այլ կերպարանուելով՝ աւելի հաւանական է ի Հայոց եւ Փռիւգաց առնուած ըլլալ, որոց ցեղակցութեան կամ իրարմէ ծագման վկայած են հին պատմիչք. եւ շատ հաւանական է որ Փառնակ կոչէին Հայք իրենց Լուսին չաստուածը, ինչպէս եւ կոչուէր ի Վրաստան եւ ի Պոնտոս՝ իրենց դրացի երկիրներում, բայց  մեր լեզուին սեպհական է այդ անունն, եւ այսպէս համարիմք՝ մինչեւ որ ստուգուի Փռիւգացւոց լեզուին նոյնութիւնն կամ տարբերութիւնն: Հաւանական է դարձեալ եւ Լուսնեակ կոչիլն ի Հայոց, զտարրականն յաստուածականէն զանազանելու համար. եւ նշանաւոր զուգակցութիւն մի է, որ Ետրուսացիք` Իտալիոյ մէկ մասին հին բնակիչք՝ յարեւմտեան Ասիոյ եկած  (զոր հիմայ ոմանք ի գիտնոց ջանան ցուցընել ազգակից կամ ծագած ի Հայոց) Լոսնա կոչած են զԼուսին: Մեր ռամկօրէն Լուսնկայ կոչումն՝ Լուսնի պայծառ ծագելը նշանակէ

Եղջերաձեւ, մանեկաձեւ, կարակնաձեւ կամ նաւակաձեւ Լուսինն՝ (որպէս եւ իր պատկերաց մէջ կերպարանէին գլուխը), Մահիկ կոչուի առ մեզ, ըստ ծանօթ Պարսից Մահ կամ Մահի բառից, որ նշանակէ զԼուսին եւ զամիս, որոյ ձեւէն երեւի եւ Մահեւանդ զարդն, բայց մեզի աւելի քննական է մեր Մեհեկի կամ Մեհեկան անունն ամսոյ, որ անմիջապէս հետեւի արեւանիշ Արեգ ամսոյ, երբ ըստ ուղղագոյն տումարի կամ օրացույցի՝ բնական տարին այս ամսով սկսանի, Մեհեկանն այլ վերջին կ’ըլլայ, որով եւ մերձաւոր նոր տարւոյ: Ի յիշատակի անուանց ամսոց պիտի յիշենք դարձեալ զայս, ինչպէս յետոյ եւ զ Մեհեան անուն պաշտաման տեղեաց, որ ձայնակից է Մահկի եւ Մեհեկի:

Այս երկու՝ աչք ու միտք հրապուրող մեծ Լուսաւորները թողլու ատեն, յիշենք հաճութեամբ, որ մեր նոր սուրբ կրօնքն՝ զմին (Արեգակն) Քրիստոսի նուիրեր կամ  նմանցուցեր է. զմիւսն (Լուսին) իւր աննման Մօր եւ մեր Տիրամօր, որոյ՝ երկուքին միանգամայն սեփականէ մեր շարական երգիչն, «Սըրբուհի, ի Լիբանանէ դիմեալ հարսն զգեցեալ զ Արեգակն արկեալ զքեւ, եւ ընդ ոտիւք զ Լուսինն ստուերատեսակ»

Գ. ԱՍՏԵՂՔ. Եթէ Արեգական եւ Լուսնի` մեր կրօնից այլաբանական նման նութեանց՝ հետեւցընեմք եւ զԱստեղս, պէտք է զասոնք Հրեշտակաց նմանցընել. եւ արդէն Ս. Գիրք թէ զՀրեշտակս եւ թէ զԱստեղս՝ Զօրութիւնք երկնից (կամ Զօրք) կոչեն. մարդկան՝ ամենէն շատ եւ խիտ մէկտեղ եկած ժողովն՝ զօրաց բանակն է. այսպէս այլ հոգեղինաց բազմութիւնն ըմբռնէ, մանաւանդ անոնց գերագոյն զօրութիւնն այլ ճանչնալով, եւ հողեղինաց հետ առընչութիւնն: Բնութեան տեսարանաց մէջ չկայ պայծառագոյն եւ վսեմագոյն քան զայս լուսաւորաց զօրաբանակ. զգայուն մարդ՝ չի կըրնար չըզմայլիլ՝ պարզ եւ յըստակ գիշեր մի՝ քանի մի վայրկեան դիտելով զայն: Չկայ դարձեալ մարդկային հետաքրքրութեան մեծագոյն առարկայ մի, եւ աւելի քան զտգիտաց՝  գիտնոց գլուխն տանջող եւ խոնարհեցնող. երկրիս վրայի առարկաներն այլ չի ճանչնար ամբողջապէս, բայց աստեղաց ծանօթութիւնն՝ յետ վեց եօթն հազար տարիներու քննութեանց եւ գիւտից՝ դեռ այբբենի գիտութիւն մ’է, մանաւանդ անոնց ներքին էութիւնն, եւ շատ չի յուսացուիր համարձակ կարդալ այդ աստուածագիծ երկնից մագաղաթը, զոր ներկայ եւ հանդերձեալ կենաց եւ աշխարհաց՝ միջնորդի պէս պարզած է նա մեր դիմաց. եւ տեսակ մի արգիլեալ երկրի պէս է: Տեսցես եւ մի՛ մտցես, այսինքն՝ ոչ իմասցիս՝ իսկապէս ի՛նչ են, ինչո՛ւ համար են: Սակայն քանի որ Աստեղք կու ցոլցոլան յերկնից ի վերայ մթընցած երկրի, պիտի չդադրին մարդկան աչքն ու միտքն իրենց քաշել. ինչպես իրենցմէ մէկն (Բեւեռն Հիւս. ) յինքն կու քաշէ զմագնիս: Ինչ որ հիմայ է, հարկ է որ ի սկզբան դարուց եւ ազգաց այլ այնպէս եղած ըլլայ, եւ գուցէ աւելի այլ՝ հին ժողովրդոց, որք ի սկզբան ծածկուած տուներու մէջ չէին բնակել, այլ բացօթեայք էին, կամ թեթեւ ծածքով մի. եւ շատք Հովիւ եւ երկրագործ ըլլալով՝ աւելի շատ ժամեր կամ ստէպ՝գիշերը բաց երկնից տակ եւ աստեղաց առջեւ գտուէին. եւ զի դեռ շատ քիչ պատմական դիպուածք եղած էին, մտքերնին աւելի անզբաղ անարգել կու դիտէր զբնութիւն՝ յերեսս երկրի եւ երկնից. եւ գուցէ հասարակաբար անոնց ռամիկն քան զմերս՝ աւելի բան մ’այլ կարդար աստեղագնտին վրայ. գոնէ՝ ստոյգ է որ իր յիշեալ պարզ տնտեսութեան կամ արուեստին համար` օգուտ ճարեր անոնց դիրքէն, երկնագմբէթին մէջ վեր կամ վար տեղափոխուած երեւելէն, որով եւ գիշերուան պահերն ու ժամերը քիչ շատ կ’որոշէր:

Սակայն ի՞նչ էր հասարակաց հին կարծիքն Աստեղաց էութեան համար: Հաւանական է որ ի սկզբան ինչպէս զԱրեւն եւ զԼուսին ճանչնային, ինչպէս որ կ’ըսեն Ս. Գիրք, զանոնք այլ նոյնպէս Աստուծոյ գործ եւ իբր Լուսնի օգնական ճրագք համատարած գիշերոյ, առանց թափանցելու ծածկեալ գաղտնեաց, իսկ երբ ուղիղ աստուածանօթութիւնն աղօտացաւ՝ Աստեղք սկսան աստուածանալ, կամ խմբովին կամ առանձնակի պատուիլ, եւ պէսպէս կարծիք եւ առասպելք գոյացան, մանաւանդ աւելի պայծառ աչքի ընկնողաց վրայ. եւ ձեւացաւ Աստեղագիտութիւն, տարբերութեամբք յայլեւայլ ազգս, որոց առաջին համարուին Քաղդէացիք. եւ թէ ստոյգ է վերոյիշեալ կարծիք մեկնչաց եւ գիտնոց ոմանց՝ նաեւ Հայք, իսկ Յոյնք իրենց նուրբ եւ գեղեցկասէր ճաշակով՝ ամեն տեսակ առասպել մտուցին, իւրաքանչիւրի հարկէ աւելի երեւելեաց) առանձին պատմութեամբք. շատն այլ միանգամայն՝ Աստղ (Aster) անուամբ մէկու մի որդիք ըսին, որք իբր թէ ուզելով Ոլիւմպոսի տիրել՝ շանթահար եղած ըլլան յԱրամազդայ, ոմանք վար թափուած, ոմանք այլ յերկինս կըպած կեցած: Թէ՛ ասոնց, թէ՛ արեւելեայց առասպելները քննել եւ յիշել, թէ՛ շատ երկար կ’ըլլայ եւ թէ՛ ոչ շատ հարկաւոր. բաւական է գիտնալն, որ սըտոյն հետ ստոյգ դիտողութիւններ եղած են, եւ ընդունուած զանազան ազգաց մէջ, եւ նոյն կամ նման կարծիքներ քանի մի առանձին աստեղաց, ինչպէս Մոլորակաց եւ քանի մի միաժողովից, որք Համաստեղութիւնք կ’ըսուին (Constellations) կամ Պարք աստեղաց

Մեր ազգին համար վերը ըսուածէն կ’երեւի, եւ շատ մի Աստեղաց յատուկ անուններէն հաստատուի, որ Հայք այլ ունէին բաւական զարգացեալ աստեղագիտութիւն մի, ուղիղ կամ մոլար, բայց (ինչպէս ոմանք կ’ըսեն քանի մի աստեղաց համար, թէ մեծագոյն աստեղ մի կոտրուանք են), Հայոց աստեղագիտութեանն այլ միայն կոտորք մնան՝ իրենց լեզուի սեփական աստեղաց անուամբք, զատ ի թարգմանուած անուանց, որոց հետ յայտ է որ աստեղագիտական գրուածներ այլ թարգմանած են՝ յարեւելեայց եւ ի Յունաց, եւ մինչեւ հիմայ գտուին յԱղթարս եւ ի Տօմարս մանր գրուածք՝ երբեմն անանուն, երբեմն յանուն Քաղդէացւոց կամ Դանիելի մարգարէի, քանի մի այլ առանձին հեղինակի կամ մոգի անուն կու տան: Դժուար է զատել ինչ որ գիտնական է եւ ինչ որ կրօնական՝ այս աւանդութեանց մէջ, որով ստիպուիմք ետքինս բացատրելու համար՝ նշանակել եւ զառաջինն, եւ սուտ եւ իրաւ Աստեղաբաշխութիւնն յիրար խառնել, որ՝ որպէս այլ ըլլայ՝ թէ եւ շատ անկատար, կրնայ հետաքննութեանց եւ բաղդատութեանց առիթ ըլլալ բանասիրաց: Այս մտքով պիտի նշանակեմք հետեւեալքը. նախ յիշեցընելով որ բաց ի յատուկ աստեղագիտութեան գրուածներէ՝ մեր վարդապետք արարչութեան աւուրց վրայօք (առաջին եւ չորրորդ աւուր) գրելու ատեն՝ այսպէս կ’ընեն երբեմն. եւ երկրորդ, որ ուղիղ աստեղաբաշխութեան մէջ յիշուած անուանքն այլ (մասամբ) շատ հին են եւ հաւանօրէն ազգային կամ հեթանոսական մերձաւոր աւանդութիւններէ մնացեալ, որոց սկիզբը գտնելն փափագելի է այլ ոչ յուսալի

Յիշենք նախ Մոլորակ աստեղաց (Planètes) անուանքն, որք եօթն համրուին Արեգական եւ Լուսնի հետ, եւ շաբթու օրերը նշանակեն, բայց շատ հեղ ասոնցմէ զատ՝ հինգ գրուին, եւ այս են հին եւ նոր ազգային կոչմամբ. դիտելի է եւ այս երկանունութիւնը [9]:

 

Հին.                             Նոր.                            Պարսկ.

Գիշերավար                          Լուծ                            Փայլածու                  Տիր

Այգաստղ. Լուսաբեր            Եղջերու                     Արուսեակ                 Նահիտ

Կարմիր աստղ                     Ծկրաւորի                 Հրատ. Սալ                 Պէհրամ

Հետ Լուսին                           Արտախոյր                Լուսնթագ                 Որմիզդ

Մօտխէգին?                          Փեռազնոտի             Երեւակ [10]                   Քէավան. Զրուան.

 

 

Վարդան Վ. գրէ առ Հեթում թագաւոր, թէ Ենովս՝ Սեթայ որդին «արար նշանագիրս, եւ կոչեաց անուանս Մոլորակացդ», (արդեօք ի՞նչ լեզուով):

Մեր էին անուանքն վերոյիշեալ հին ժամանակի մարդկան արուեստները յիշեցնեն, միանգամայն եւ այն ձեւերը` որով նշանակէին զմոլորակս՝ փոխանակ անուննին գրելու. Լուծ ն՝ արօրադրող (գետին բանող) եզանց վիզը դրուածը, ինչպէս Եղջերուն՝ Որսորդութեան. Ծկրաւորն անծանօթ է, եւ պէսպէս գրուած կայ, ինչպէս Ծկաւոր, զոր մեր բանասիրաց մէկն՝ յամառ թարգմանէ, կամ Ծպաւոր՝ զգեստուց փէշը կամ կախ մասն նշանակելով, որ է Ծոպ, սակայն թուի, թէ Ծկոր ուրիշ յատուկ բան մի նշանակէ. Մոկաց եւ Ռշտունեաց միջոց՝ Կարկառ վիճակի մէջ կայ այս անուամբ գիւղ մի. արեւելագէտք Ասորեստանեայց արձանագրութեանց մէջ կարդան Ծկուրատ, բոլորակ եւ պարուրաձեւ աշտարակի կամ դիտանոցի նշանակութեամբ: Այսոր ձեւն Աւետիս Ամդեցի իր տօմարագրութեան մէջ այսպէս գծած է Օ^Օ^Օ. կշռոց նման, թէ ուրիշ բանի Արտախոյրն սովորական իմաստով գլխանոց կամ վերարկու է երեւելի եւ ոչ պարզ գտակ: Փեռազնոտի կամ Փառազնոտի որ եւ Փառանձնոտ գրուած է, աւելի անծանօթ եւ աւելի դիցաբանական կ’երեւի

Արտախոյրը՝ չորրորդ ի կարգին՝ չորրորդ աւուր արարչութեան յատկացընելով՝ գրէ Զաքարիա կաթողիկոս. «Էացուցեալ զարեգակն՝ (Աստուած) եդ ի հատուածն առաջին՝ ըստ եբրայական ամuաթուին, եւ իշխանութիւն աստեղն Արտախուրի փայլեալ յարեւելից»: Ծննդոց գրոց մեկնիչ մի այս անուն մոլորակաց՝ մէկ մէկ տարրական նշանակութիւն կու տայ, ըսելով. «Ցոյցք մարդկան արուեստք են հինգ աստղն. Լուծ՝ հող. Եղջերու՝ Ջուր, որ է այծ ?: Արտախոյր՝ զմիտսն ասէ որ ի գլուխն. Ծպաւոր՝ զզգեստն ասէ, որ է Օդն. Փառազնոտ՝ զհուրն»: Հեթանոսք (ըստ Անան. Շիրակ. ) բարերար համարէին զԼուսնթագ եւ զԱրուսեակ, խարդախ՝ կամ չար՝ զԵրեւակ եւ զՀրատ. «իսկ Փայլածուն՝ հասարակաց բնութիւն»: Մոլորակաց ծանօթութիւնն շատ ի հնուց է, եւ աստեղաբաշխութեան մէջ ծանօթ ամեն ուսանողաց. մեր շատգէտ Վարդան վարդապետ (Պատմիչն) Եղիշէի Ծննդոց մեկնութենէն առած գրէ, թէ «Ի վեր քան զեօթն մոլորակս՝ եօթն այլ աստղ կայ նշանաւորք, յոյժ ցրտագոյն եւ ամենեւին սառնամանիք. եւ են ի մէջ մոլարից, եւ զհրաբորբոք ջերմութիւն արփոյն՝ նոքա յինքեանս առնուն»: Ուրիշ վարդապետ մ’այլ նոյն Եղիշէէ առած՝ այս եօթն աստղերը Ամպար աստեղք կոչէ, որ թուի Անպար, այսինքն՝ անշարժ, ինչպէս համարուի Բեւեռն

Գրեթէ ամենայն ազգաց ծանօթագոյն այս աստղս կամ աստեղք են, երկրիս հիւսիսային կողմի վերեւ, որոյ հակադիր երկնագնտի կողմն այլ կայ նման մի, եւ կ’ըսուին առ մեզ Բեւեռք Հիւս, եւ Հար. իբրեւ ծայրք առանցից, որոց վրայ շուրջ դառնայ երկինքն (փռ. Pôles): Երկրիս մեծ մասին դիտողութեան եւ նաւարկութեան համար՝ Հիւսիսային Բեւեռն եղած է ուղեցոյց. այսոր մօտերն են Բազմաստեղքն (Pleΐades), որոց այս կոչումն բնիկ ազգային կամ արեւելեա՞ն է, թէ յունական, ոչ գիտեմ. եօթն են այս աստեղք ըստ Յունաց՝ դստերք Ատլասայ եւ Պլեյովի. Յովբայ գրոց մէջ այս անուամբ թարգմանած են մեր նախնիք. «Խելամո՞ւտ իցես կարգի Բազմաստեղաց» (ԼԸ, 31): Ոմանք նոյն համարին զԲազմաստեղս եւ Բեւեռին լծորդ Սայլ կամ Սայլք պարն [11] աստեղաց, որ են եօթն աստեղք նման հասարակաց ծանօթ կառաց չորս անուոց, եւ քեղիի ձեւով երեք այլ շարուած աստեղօք, որք Մեծ եւ Փոքր Արջ կոչուին յօտար լեզուս, եւ այսպէս թարգմանին ի մերոց, բայց հին Հայոց մէջ մտած չերեւիր այս յունական այլանդակ մտածութիւնն. որպէս թէ Կալիստով՝ Արամազդայ մէկ կինն՝ յարջ փոխուած ըլլայ, զոր տեսնելով իր որդին Արկաս՝ եւ չճանչնալով՝ ուզեր է նետահար սպաննել. Արամազդ՝ մայրասպանութիւնը խափանելու համար` զերկուքն այլ շանթահար կ’ընէ եւ փոխարկէ այս երկու արջային համաստեղութեանց, որոց մեծն յանուն Արկասայ եւ արջոյ՝ Արքտորոս կոչուի: Նախնեաց թարգմանաբար գրուած մի կ’ըսէ. «Հիւսիսային աստեղքն, որ յոմանց Արքտորոս կոչին, իսկ յոմանց՝ Հեփտաս ագրոն (Ε’πτας άρχτς), իսկ յերկրագործաց` Սայլ, եւ ի նաւավարաց Բազմոյթ»: Եթէ ըստ ձեւոյ շարուած աստեղացն Սայլ կ’ըսուի, ուրիշ էին եւ անծանօթ աւանդութեամբ մ’այլ Սայլաթափ կոչուած է ի մերայոց, թէ նոյն մեծն ըլլայ սա, թէ փոքր Արջն: Զաքարիա կաթողիկոս քանի մի ուրիշ համաստեղութեանց հետ յիշէ զայս. «Բեւեռքդ որ կան ի մէջքն եւ ի ծիր եւ ի կուտակ երկնից՝ փոքր ինչ վերամբարձ քան զՍայլաթափդ, եւ նա է մէջասահման երկնից, ոչ ուրեք ճանապարհագային  հեռաւորութեամբ. եւ համօրէն բոլոր համաստեղատունքդ՝ զնոքօք պարառեալ շրջագային. եւ Ծիրածանս, որ հատանէ զերկինս՝ իբրեւ զ Ծիր կաթին երեւեալ, եւ իբրեւ զկաճ շրջագայի, զոր մանկտիդ ի խաղսդ վարեն, այնպէս պարաբերի յարեւելս եւ յարեւմուտս, ի հիւսիսի եւ ի հարաւ. եւ յառաւել խտութենէն միաշար եւ առանց միջոցի երեւին. զոր գեղջուկքդ՝ Յարդագող անուանեն» [12]: Ուրիշ անուամբք այլ կոչուի Սայլն առ մեզ, Ալաւունք որոյ ստուգաբանութիւն անյայտ. հին հայկական աւանդութիւն մի գուշակել տայ Բազումք եւ Բազմոյթ. գուցէ սա ոչ այնքան բազմութեան իմաստով, որքան բազմելու, իբր սայլավարին նստարան. Գուպարք, իբր խումբ մի (եւ թերեւս կռուարար) աստեղաց. Վեցկի, եւ ի ռամկաց Գութանի աստղ. Սայլի չորս կողմանց քառակուսի ձեւացընող աստղերն այլ՝ միանգամայն Խաչաստղ կոչեն: Ջով, այն այլ կամ զՍայլ կամ զԲազմաստեղս նշանակէ, մեզ անյայտ ծագմամբ, ինչպէս եւ Աստղակոյ տ կոչումն. եւ աւելի հեթանոսական՝ Մանկունք Զրուանայ, որ պարսկային աղանդ յիշեցընէ: Այսքան շատ անուանք այս մի կամ երկու պար աստեղաց՝ մեր ընտիր թարգմանչաց ծնունդ չէին կըրնար ըլլալ, այլ իրենց հին եւ հեթանոս հարանց հաւատոց եւ զանազան աւանդութեանց: Իսկ ասոնց եօթն թիւն՝ հասարակ է ուրիշ ազգաց այլ, եւ կըրնամը ըսել Ս. Գրոց աւանդութեամբ, իսկ առ մեզ ի քրիստոնէական հաւատս այլ յաճախեալ է ըսելն Եօթնաստեղեան խորանք երկնից, իբր եօթն մասն կամ եօթն կարգ երկնից` մի քան զմի բարձրագոյն

Վերոյգրեալ կաթողիկոսի մէկ յիշած աստղակոյտն այլ՝ աստեղաբաշխութեան ամենէն նշանաւոր մասանց մէկն է, որ յարեւմտեայց Ծիր կաթին կոչուի՝ ըստ  Յունաց առասպելաց, իբր Հերայի զԵրակլէս դիեցընելու ատեն թափթըփած կաթէն ձեւացած (!), երկնից երես ընդարձակ եւ երկայն նուազ կամ ճերմակ լուսով տարածութիւն մի, զոր Ծիրածան գրէ կաթողիկոսն, տարբեր ի Ծիածանէ: Հայք այսոր յատուկ ազգային աւանդութիւն մ’ունէին, զոր նշանակէ Անանիա Շիրակացի [13]. «Ոմանք յառաջնոցն Հայոց ասացին, թէ ի խիստ ձմերանի՝ Վահագն նախնի Հայոց՝ գողացաւ զյարդ Բարշամայ Ասորեստանեայց նախնոյ. զոր եւ մեք սովորեցաք բնախօսութեամբ Յարդգողի հետ անուանել [14] »: Ահա լաւագոյն առասպել մի քան զպիղծս Յունաց, որոյ՝ զարմանք է, զի մասամբ համաձայնին եւ Թուրքք՝  Սաման եօլու (ճիշտ Յարդի հետ ) կամ օղրուսու (գողցող) կոչելով՝ զայն լուսաւոր գօտիանման կամ գետանման մասն երկնից: Հին ճանապարհ Արեգական կոչուիլն՝ թերեւս է ըստ աստղաբաշխից ոմանց, որք յիրաւի արեգական քիչ մի շեղիլ համարին ի գծէ Կենդանակամարին: Այսոր նման դարձեալ Յոյնք իրենց Վահագնի՝ Հերակլի՝ համար կ’ըսէին, թէ եռագլուխ Գերիոն թագաւորը (Երիւթեայ կղզւոյ) եւ անոր երկգլուխ պահապան շունը սպաննելով՝ նախիրները քշեց տարաւ, եւ անկէ ձեւացաւ այդ երկնային ճամբան. զոր Փիլոն եբրայեցին այլ յիշելով՝ « Կամար շութափ արագընթաց Յարդագողի» կոչէ ըստ մեր թարգմանչին: Եւ զի յարդն յախոռս եւ ի մսուրս անասնոց դրուի, Կառք մսրի այլ ըսուեցաւ, ինչպէս գրուի ի նախնեաց. «Օդքն երկնայնոցն են Կառս մսրի, զոր ի հայերէն բարբառ Յարդագող կոչեն. եւ այս է Մսուր՝ աման օդոցն թանձրայնեաց, զոր տեսանեմք ի գոյն սպիտակարանի». յետին բառս նշանակէ բուռ, գաճ, որով պատերը ճերմըկցընեն Հեծանոց այլ կոչուած է Յարդգողն, անշուշտ յարդը ժողվող եւ ցրուող փայտին Համար, զի այսպէս կոչուի սա: Հիմայ այլ ի ռամկաց կոչուի Սանամօր դարմանագող, անշուշտ Վահագնի եւ Բարշամայ նման աւանդութեամբ մի:

Ծիրն կաթին, Ծիրածան գրուած է ճառս Զաքար. կաթող. յիշեցուց մեզի զ Ծիածան ն որպէս կոչուի հասարակօրէն առ մեզ՝ այն անձրեւի եւ լուսոյ շաղուածն երկընքի երեսէն կախ ձեւացած, գունագոյն բայց սակաւատեւ գեղեցիկ կամարը, զոր յետ աշխարհակուլ ջրհեղեղին, կ’ըսեն Ս. Գիրք, Աստուած իբրեւ նշան յիշատակի ցուցուց մարդկան, որ այնուհետեւ «Ոչ եւս եղիցի ջրհեղեղ ջուրց՝ ապականել զամենայն երկիր, զ Աղեղն իմ եդից յամպս, եւ եղիցի ի նշանակ յաւիտենական ուխտին ընդ իս եւ ընդ ամենայն երկիր. եւ եղիցի ի գումարել ինձ զամպս ի վերայ երկրի, երեւեսցի Աղեղն իմ յամպս, եւ յիշեցից զուխտ իմ որ ընդ իս եւ ընդ ձեզ»: Այս այլ եւ այլ երեւցած գոյներն յօդս՝ Հիրիկ ծաղկան վրայ նշմարելով՝ զոր Իռիս (Iris) կոչեն Լատինը եւ Յոյնք, զԻռիս՝ Հերայի նաժիշտ մի ստեղծեցին, զոր՝ հաւատարիմ ծառայութեան համար՝ տիկինն փոխարկած ըլլայ ի Ծիածան կամ ի վերայ ծիածանի: Հայերէն անունն, թէ ծաւալման, թէ ցոլացման իմաստ կ’ընծայէ, իսկ գոյներուն մէջ երկուքն աւելի Հայոց աչքին զարնելով՝ ռամկօրէն Կարմիր–կանաչ կոչած են զօդերեւոյթն, եւ աւելի յստակ եւ հասարակ՝ Ծիրանի գօտի, իսկ այլ աւելի հին եւ անծանօթ կրօնից աւանդութեամբ՝ Տիրկան կամ Տիրական գօտի, թերեւս Տիր դից ընծայուած: Աստուածակամար այլ կոչուած է, ըստ Անանիայի Շիրակացւոյ, բայց թուի ի քրիստոնէից, ինչպես հիմայ՝ Աստուածածնի գօտի ի ռամկաց

ՀԱՅԿՆ. Վահագնը յերկինս դասող Հայք՝ ի հարկէ չէին կըրնար իրենց գերագոյն Դիւցազին՝ Հայկին՝ ուրիշ տեղ տալ, բայց եթէ ամենէն պայծառ աստեղատունը, որ է ըստ արեւմտեայց կոչուածն Օրիովն `’Ωρίων, առասպելեալ որդի ծովու չաստուածոյն Պիսիդոնի կամ Նեպտունի եւ Եւրիալեայ, եւ քաջ աստեղագէտ եւ որսորդ, որ Անահտայ հետ յանդըգնելով մրցիլ ի նետաձգութեան, ասոր նախանձով կարիճէ խածուած մեռնի, եւ դիցուհին զղջալով՝ փոխարկէ զնա յաստղ մեծապայծառ: Հայոց աւանդութիւնն այլ իրենց Հայկին՝  գրեթէ զուգահաւասարի յունականիս. Հայկին՝ իբր յատկանիշ գրուի քաջ Աղեղնաւոր ըլլալն, եւ իր երեքթեւեան նետերովն սպաննել իր ախոյեանը (Բել): Հայկն առաջին տօմարադիր կ’ըսուի, որ է՝ ժամանակի եւ տարւոյ չափ ու շրջան որոշող. եւ այս ի հարկէ աստեղագիտութեամբ կ’ըլլայ: Այս երկու առաւելութեամբք նմանին Օրիովն եւ Հայկն. սա միշտ ն տառի յաւելմամբ Հայկն կոչուի, երբ յիշուի իբրեւ աստղ եւ աստեղատուն, վասն զի ըստ աստեղաբաշխից՝ թէ եւ մի է պայծառագոյն աստղն (որ առանձին անուամբ՝ ըստ նոցա՝ Bételgeuse կամ Adaher կոչուի, այլ ուրիշ աստղերով մէկ համաստեղութիւն կամ պար մը կազմէ, զոր (ինչպէս եւ ուրիշները) երկնագրութեան կամ աստեղացուցի վրայ նշանակելու համար՝ (կենդանեաց կամ) մարդու կերպարանք մի ձեւացընեն, եւ անոր այլ եւ այլ մասանց վրայ կու շարեն աստղերը, իւրաքանչիւրին զատ զատ անուններ տալով. այսպէս եւ (թողլով զայլս) Օրիովնի գօտի համարին եւ կոչեն զատ զատ անուամբք երեք միաշար պայծառ աստղեր, զոր եւ Երեք թագաւորք այլ կոչեն: Այս  ըլլայ թերեւս Հայոց այլ իրենց նախահօր դիւցազին կոչածն, Շամփուրք Հայկին: Շամփուր՝ յայտ է ինչ նշանակէ հասարակօրէն, (միս խորվելու երկար երկաթն, այլ եւ զէնքի եւ սպանութեան սլաք), բայց Շամփրակ եւ Շափրակ ՝ նշանակէ մեր հին լեզուաւ նա եւ պսակ, ո՛րն այլ ըլլայ՝ Օրիովնի պէս Հայկին վրայ յատուկ եւ ոչ աննման բան մ’այլ զուգուի [15]: Դարձեալ, Օրիովն որսորդն երկու Շուն այլ ունի, մեծ եւ փոքր, որոց վզերնուն կապը բռնէ ձեռքով. Հայկ՝ իր ոսոխ Բելը եւ անոր զօրքերն այլ շուն կոչեց: Որքան այլ առասպելք եւ վիպասանականք համարուին այս բաներս, երկու դիտելիք են. Օրիովնի եւ Հայկայ նմանութիւնքն, եւ նոյնպէս եթէ մեր հին Հայկազանց գիւտ ըլլայ եւ եթէ մեր երանելի եւ քաջ թարգմանչաց՝ զՀայկն ի պայծառագոյն աստեղատան տեղաւորելն. պանծալի ազգային մտածութիւն մ’է, եւ թէ սուտ այլ ըլլար Հայկն, Սուրբ են անոնք, որ մեզի կարդացընել կու տան ի Ս. Գիրս. եւ Աստուծոյ իր ամենակարողութիւնը ցուցընելու ձայնն առ Յովբ՝ (ԼԸ, 31), լսեցընելու եւ մեզ, «Միթէ դո՞ւ բացեր զ Պատրուակ Հայկին». եւ իր զօրութեան սպառնալիքն առ բռնաւորս Բաբելացւոց, Եսայեայ մարգարէի բերնով. (ԺԳ, 10). «Ահաւասիկ օր Տեառն հասեալ է անհնարին լի բարկութեամբ, ոխակալութեամբ, սրտմտութեամբ, առնել զտիեզերս անապատ… զի աստեղք երկնից՝ Հայկիւն հանդերձ եւ ամենայն զարդուն երկնից՝ լոյս մի՛ տացեն»: Աւա՜ղ, որ լատին թարգմանութեան մէջ չի յիշուիր այս դասապետն աստեղաց, այլ միայն պայծառագոյն աստեղք կ’ըսուի. (Stellæ cœli et splendor earum). Իսկ Յովբայ յիշած Հայկայ Պատրուակին [16] տեղ՝ կ’ըսուի, «Կըրնա՞ս (Հայկին) Արկտուրոսի շրջանը շփոթել կամ դադրեցընել: (Gyrum Arcturi poteris dissipare?): Մինչ հօս Հայկին, այսինքն՝ Օրիովնի անունն լռուած է ի լատինն, ուրիշ տեղ . 9) նոյնն յիշէ միատեղ զԱրկտուր եւ զՕրիովն. (Qui  facit Arcturum et Oriona et Hyades et Interiora austri), որոյ հակառակ՝ այս տեղ մեր թարգմանութեան եւ յոյն բնագրին մէջ չկայ Հայկին անունն, այլ գրուի, «Որ արար զԲազմաստեղսն եւ զԳիշերավարն, եւ զՍայլն, եւ զՇտեմարանս Հարաւոյ [17] »: Այս ետքի անունս այլ դիտելի է իբրեւ հայկական անուն համաստեղութեան միոյ, զոր լատինն իմացընել տայ իբրեւ ի խորս հարաւակողման երկնից ծածկուած աստղեր, որոց փոխան, եթէ հայերէնն ազգային առասպել մի չակնարկէ, այլ՝ միշտ վսեմական է կոչելն Շտեմարանք Հարաւոյ. եւ արդարեւ հարաւային համաստեղութիւնք՝ թէ եւ պայծառք, այլ սակաւածանօթ եւ անտեսանելիք են բազմութեան մարդկան քան զհիւսիսայինս:

Բայց մեզի աւելի հետաքննական էր գիտնալն, թէ ի՞նչ էր Պատրուակ Հայկին՝ [18] ըստ հին աւանդութեան Հայոց, որ  նոր դէպք կամ յիշատակ մ’այլ կ’աւելցընէր այնոր ստոյգ կամ վիպասանական պատմութեան, որոյ մնացորդքն ըստ աստեղապաշտական տեսութեան՝ լրացընելու համար (մեր գիտութեան չափով) աւելցընեմք, որ ըստ ոմանց Հայկ կոչի եւ Կշիռ Կենդանակերպ համաստեղութիւնն (արեգական 12 տանց մին), որոյ թաթերն են երկու հատ երրորդ կարգի մեծութեամբ պայծառ աստղեր. ոմանք նոյն համարին զ Կշիռ եւ զՇամփուրս Հայկին, ինչպէս կ’ըսէ Երեմիա Մեղրացի բառագիրն. «Հայկն՝ Կշիռն է, զոր ոմանք Շամփուրս  ասեն». եւ ինչուան հիմայ շինականք այն կողմի աստղերը կոչեն Շիշ եւ Շամփուր, Քար եւ Կշիռ: Ոմանք զ Հրատ մոլորակն եւս համարին Հայկ կոչուած. այս շիկակարմիր մոլորակն եւ իր անձնաւորն՝ չաստուած պատերազմի՝ (Mars ըստ Լատ. Αρης Արէս՝ ըստ Յունաց), չէր անպատշաճ՝ մեր պատերազմի եւ քաջութեան նախօրինակ Խայտակն եւ քաջագանգուր կոչուած Հայկին կերպարանաց եւ արութեան, մանաւանդ եթէ ներուէր Օրիովն–Հայկին վերոյիշեալ գլխաւոր աստեղ (Adaher) անունը Ատրահեր կարդալ, այսինքն՝ Հրագիսակ, հուր–հեր ըստ Վահագնի: Այս իմաստով (իբրեւ Հրատ–Արէս) Աղթարք կ’ըսեն, թէ Ծնեալն ընդ աստեղատամբ Հայկին՝ յերկաթոյ մեռանի:

Յիշեցինք վերը Օրիովնի (Հայկին) Շուներն, որոյ Ատահեր մեծ աստղին հետ եռանկիւն մի ձեւացընեն դէպ ի հիւսիս, աջ ու ձախ կողմէն. մեծն, որ յաստղաբաշխից Սիրիոս (Sirius) կոչուի` ըստ մեզ է յատուկ Շնիկ աստղն եւ ամենապայծառն յաստեղս, Սոթիս կոչուած յԵգիպտացւոց, յորմէ եւ Սոթիական շրջանն որ ի մեզ կոչի Շրջան Հայկին, որոյ ինչ ըլլալը բացատրուած է այլ եւ այլ անգամ մեր օրերուս. այս տեղ բաւական ըլլայ նորէն անդրադարձընել զմիտս՝ Հայկայ հնութեան եւ աստեղագիտութեան վրայ, հաւասար կամ բաղդատուած ընդ Եգիպտացւոց, որք այս Սոթիական կամ Շնկան 1461–1460՝ նահանջ եւ աննահանջ տարիներու շրջանով՝ կրօնական եւ քաղաքական տարիներու սկիզբն միացընէին. արդ, կամ Շնիկն այլ Հայկն համաստեղութեան մասն եւ նոյն համարելով, կամ հին ատեն ստոյգ այս շրջանի ծանօթութեամբ ի Հայս՝ կոչեցաւ յանուն սորա Շրջան Հայկին, որով եւ իր դիւցազնական պատիւն այլ նոր հաստատութիւն մի կ’առնու: Փոքր Շան մեծագոյն աստղն որ Պրօկիոն կոչուի յայտնի չէ, թէ յատուկ անուն մ’ունէր հայերէն. իր լոյսն հազիւ Մեծին երրորդ մասին հաւասարի Շնիկն՝ պայծառութեանն համար Արամազդայ աստղ այլ կոչուած է

Հայ անուամբք ծանօթ համաստեղութեանց մէկն այլ է Եզողն, որ թէ եւ թարգմանութիւն երեւի օտար լեզուի, ինչպէս եւ փռանկերէնն Bouvier, այլ կոչուի կամ գրուած է եւ Զովաղ կամ Զովող. այսոր գլխաւոր աստղն է նախայիշեալ Արկտուր ն, Arcturus, ամենամեծ եւ ամենապայծառ աստեղաց մին, որ եւ գունագոյն ցոլմունք ունի, եւ փոփոխութիւններն աւելի յայտնի կ’երեւին քան այլոց. հաւանելի է, թէ այս այլ յատուկ հայ անուն ունեցած ըլլայ, գուցէ եւ Գութանի աստղն ըլլայ, որ ընդ Սայլի յիշուեցաւ:

12 Կենդանակերպ համաստեղութեանց, որ եւ Աստեղատունք արեգական կոչուին, իբրու զի իւրաքանչիւրին սահմանին միջում ամիս մի գնայ կամ կենայ արեգակն եւ բոլորէ զտարին, յատուկ անուն ոչ մեր լեզուի մէջ կայ եւ ոչ ուրիշներու ամենքն այլ հին եգիպտական ծանօթ անունները [19] թարգմաներ են, ինչպէս՝ Խոյ, Ցուլ, Երկուորեակ եւ այլն. միայն Աւելեաց հինգ օրերու տանուտէրն Արտախոյր կոչուի առ մեզ: Բայց՝ իբրեւ թեթեւ հաւանութեամբ կարծեմ, թէ այսպէս ինչ նշանակեն Տանուտերք տարւոյ ըսուած եւ վեց միայն նշանակուած հին տօմարի մի մէջ. եւ են, Վիշապ, որոյ անուամբ համաստեղութիւն այլ կայ (Dragon). Կուզ Վիշապ, Խուակն կամ Խիփակ, Խոլովակն, Կապարին, Բազմոտանին. յետինս՝ կըրնար Խեցգետնի զուգուիլ, եթէ բաւական հաւանելի ըլլար միւսոց այլ 12 Կենդանակերպից թիւէն ըլլալն: Ըստ անուանց Կենդանակերպիցն՝ ախտարմոլք պէսպէս յատկութիւն յարմարցուցեր են անոնց. յորոց է եւ Անան. Շիրակացւոյ (կամ ուրիշի մի) յիշածն. « Խոյն ՝ ունի զիշխանականն, զգեղեցկականն, զգանգրական հերսն. Ցուլն ՝ ունի զուժեղնականն. Երկաւորեակն ՝ զմիջասահմանականն. Խեցգետինն ` կողմանաւոր է եւ գէջ. Առիւծն ՝ բբջօղ է եւ հողային, մեծակն է, խ(ա)նգարական եւ գոռոզ. Կոյսն ՝ զարդասիրական է, գէջ եւ գեղեցիկ, Կշիռն ՝ հաւասարական է եւ զարդարական. Կարիճն ՝ ծնելական եւ խոժոռակն. Աղեղնաւորն ՝ պատերազմողական է եւ զօրաւոր. Այծեղջիւրն ՝ զանգիտական է եւ անբանական. Ջրհոսն ՝ գիջական է եւ խառնական. Ձուկն ՝ բարեխառնական է, եւ ընդդէմ հարկանէ»: Այս կենդանակերպից տակ սահմանած էին երկրիս աշխարհագրական մասերն եւ ազգերը. ըստ այսմ, «խոյն, Ցուլն եւ Եկաւորին (պատշաճին) Պարսք եւ Բաբելովն, որ կոչի Տուն տերունական. Խեցգետին, Առիւծ, Կոյս, Հայք եւ Գորդիակք (Կորճայը) եւ Յոյնք, որ կոչին Գիշերականք եւ Կողմանացիկք. Կշիռն, Կարիճն, Աղեղնաւորն, Այծեղջիւր, Ջրհոս, Ձուկն, տուն, որ մէջ է ընդ ամենայն երկիր»: Դարձեալ, ասոնց իւրաքանչիւրն մանրամասնաբար ստորագրուած է իր ներքեւի աշխարհքներով եւ ազգերով. յորոց՝ «Խեցգետինն ձօնեալ է նահանգին Հայոց»: Աղթարական գրոց մէջ շատ ու շատ յարմար անյարմար բաներ գրուած են Կենդանակերպից ազդեցութեանց վրայօք

Ասոնցմէ զատ, յիշուած կամ մեր հանդիպած հայկական անուանք աստեղաց՝ են հետեւեալքն, որոց ո՛ր համաստեղութեանց պատշաճիլը՝ չեմ գիտեր, միայն ի նորոց լսուած Լուսոյ աստղն, որ Կենդանակամարի Կշիռ նշանին ներքեւն է՝ համարիմք նոյն Եզողի վերոյգրեալ Արկտուրոս պայծառ աստղն, իսկ Կշիռն այլ  հին տօմարի մի մէջ Խափանք գրուած է: Վանանդացին (Ղուկաս) Սեւադէմ աստղ կոչէ զԿալիոպէ համաստեղութիւնը. այս անուամբ կոչուի հիմայ նորայայտ փոքր մոլորակ մի եւս

Տօմարական եւ աստեղագիտական գիրք մի վերոյգրեալ ծանօթից հետ խառն գրէ եւ այս անծանօթները, զամենն այլ միանգամայն Խառնարան Աստեղք կոչելով. եւ են

Շնաստղն կամ Փոքր Շնիկն.

Խոլովակն, կամ Խողովակ կամ Հոլովակ.

Վաքն կամ Վանքն.

Ծիծառն.

Մեծ Արջ կամ Սայլն.

Փոքր Արջն կամ Միւս Սայլ.

Վիշապ.

Թռչման Ձին (Պեգաս ?)

Ջրօձ.

Բազմոտանի.

Բեւեռքն երկնից.

Խիփակն.

Մարզոն.

Կարճընդեաց (Կովադեաց ?).

Ճոկանոտ կամ Կոճնատոն (Կոճանոտն ?)

Ջրաբաշխ (միթէ՞ Ջրհոս տանուտէրն).

Խոզ (նոր գրող յիշէ եւ Վարազ ՝ զուգելով  Հրատի աստղը)

Անդիակն (յիշեցընէ Հայկին գօտւոյն Անիտակ Արկողն)

Ասոնցմէ զատ յիշուած է նա եւ Հանկն (թէ չիցէ Հայկն) որոյ նշանաձեւն է, Unղոմոնեան կնիքն:

Աւետիք Ամդեցին յիշէ զՀայկն իբրեւ պար մի աստեղաց, նոյնպէս եւ զ’ Հովիւն, Արծիւն, Քէրքէզն, Քնարն, Սողոմոնի աթոռն, Ցորենքաղ մշակն, Մեծ Շունն, Պատերազմիկ աստղն, Գայլն: Խառնարան աստեղաց յիշողն՝ կ’աւելցընէ եւ զայս. «Այս աստեղք են որ ցուցանեն զանձրեւաց սաստկութիւն. եւ որ ի ծովուն գնան սոքիմք, մանաւանդ Սայլն՝ յայտնի ցուցանէ զնաւագնացաց հետ, զի հիւսիսական աստեղքդ ոչ են գնացականք այլ կացականք, եւ շարժեալ ի վերին եօթն գօտեացն՝ որպէս ի ծովու ալէկոծին: Այս են նշանացոյց աստեղք. տխմարք եպերեն, որ ոչ գիտեն զգիրս. այսմ վասն գրէ, եթէ՝ Եդ զնոսա Աստուած ի նշանս եւ ի ժամանակս»:

Աստեղ բառիւ մէկ երկու բարդեալ անուանք այլ կան, որ չեն նշանակեր յատուկ աստղ մի, ինչպէս Ելաստղ եւ Անկաստղ, որ Շնկան բարձրանալն եւ ցածնալը, կամ երեւնալն եւ աներեւութանալը նշանակեն. ասոնք յիշուին եւ ի նորագոյն տօմարս, ուրիշ բանի մի անուանց հետ, որք աւելի կրօնական կամ աղթարական իմաստ ունին, ինչպէս Ըմբռնաղ ն, ի 23 Նոյեմբ. կամ 15 Հայոց Տրէ ամսոյ. «Որ զինչ այսօր լինի (գրեն տօմարք), ձմեռն այնպէս անցանէ, թէ ցուրտ է, թէ պարզ եւ թէ ամպ»: Ի հնագոյն տօմարս գրուի Բռամաղ կամ Բռումաղ, եւ կ’ըսուի տօն մի՝ «զոր պատուեն Քաղդէացիքն. այլ կատարելն հինգ ամք են». այսինքն՝ հինգ տարին անգամ մի, որպէս ոլոմպիադք Յունաց: Ոմանք այլ այս բառս մեկնեն ըստ մեր լեզուի, Աղով բռնել զոչխարս՝ ի սկզբան ձմերան եւ ժողվել ի փարախս, Ս. Յակովբայ տօնի օրերուն. կերպով մի համաձայնի այս մերոց Նախըրթող կոչածին: Բանասիրաց թողումք ստուգել, թէ արդեօք Բռումաղն չէ՞ Գանգիսի հարաւակողմի Հնդկաց Վիշնու չաստուածն՝ զոր այն անուամբ կոչեն, Peroumal գրուած փռանկերէն: Գրուած է ի մերայոց նա եւ Բռնպալ:

Գայլավազ անուն մ’այլ նշանակուի ի տօմարս, մարտ ամսոյ 9 կամ 10 ին. «Եւ զսա պատուեն Քաղդէացիք (կ’ըսուի).. որպիսի օրս այս՝ լինի զ’60 օր»: Բայց թուի, թէ գարնանային հասարակածի յիշատակ պիտի ըլլայ, յորում աւուր Արեգակն ի Խոյ աստեղատուն մտանէ. արդեօք խոյագող Գայլն այլ՝ առասպելական վազք մի ունի՞ այս տեղ, որովհետեւ բառն (որ եւ Գալվազ գրուած կայ) հայերէն որոշ կ’իմացուի. (եթէ Ք տառիւ գրուած ըլլար՝ (քայլվազ), Արեգական երագելն եւ օրերու երկայնիլն այլ կրնար կարծիք մի արթընցընել ի միտս):

Զատ ի հաստատուն աստեղաց (ըստ աչաց երեւելոյ) հասարակաց ծանօթ են եւ անհաստատք կամ յանկարծերեւեաց լուսաւորք, որք ինչուան հիմայ շատ տեղ ռամկաց ահարկու կամ չարագուշակ թուին. եւս առաւել առ հեթանոսս էին, անտարակոյս եւ առ մերայինս, որոց ի՛նչ կարծիք եւ հաւատք ունենալն յայտնի չէ, բայց որովհետեւ անոնց աւելի քննող աչքէն չէին վրիպեր, ի հարկէ առասպելական կամ կրօնական կարծիք այլ ունեցեր են: Այս տեսակ Լուսաւորաց երեք անուանք յիշուին սովորաբար, եւ մեկնին այսպէս ի լուծմունս գրոց Ս. Բարսղի. « Վարսաւորքն (կամ Գիսաւորք ոը եւ Նիզակաւոր կամ Նիզակաձեւ եւ Ագեւոր ), եւ Հեծանակք եւ Գուպարք. Սոքա ոչ են աստեղք, այլ ի յօդդ երեւի՝ ի հարմանէ օդոյդ յիրեարս: Վարսաւոր այն է, որ երեւի երբեմն յօդդ աստեղաձեւ, եւ ագի ունենայ: Եւ Հեծանակք, որ ոչ բոլոր եւ ոչ ունելով ագի իբրեւ զվարսաւորն, այլ երկայն ցոլումն լինի իբրեւ զհեծան: Գուպարքն, որ մեծ բոլոր երեւի (Falot?), ոչ հեծանաձեւ [20]: Ըստ զանազան ձեւոցն եդաւ, բայց լինելութիւն նոցա ի մի եւ ի նոյն պատճառէ, զոր Ուխչար ասէ, որ շուրջ զերկրաւ է, յորժամ յերկրէ բարձրանայ մերձ յարփին, զի որպէս նիւթ հրոյ՝ երկաթ եւ քար՝ բախեալ՝ կայծակունս արձակէ, այսպէս թանձր եւ պղտոր օդ՝ ի վեր ծառացեալ բռնութեամբ հողմոյ` ի ներքս անկանի, եւ հարմամբն յիրեարս՝ որպէս աստեղ երեւումն տայ: Զայսպիսիս՝ Վարսաւոր եւ Հեծանակ եւ Գուպար ասեն»: Թողումք մեկնչիս գիտութեան չափը, որ աւելի օդերեւոյթ քան լուսերեւոյթ նշանակէ [21]. եւ չի յիշեր զ Ասուպ կամ Թռիչ աստղը  (Etoile filante), որոյ պէսպէս կարծիք տան ռամիկք, եւ տուած են անոնց եւ մեր հեթանոս հարք: Հին գրիչ մի, գուցէ Անանիա Շիրակ. անուանէ զայս՝ «Աստղ որ ձգի յօդսդ, ի շփելոյ հողմոց լինի». ուսկից կրակ ելնել ցուցընէ՝ իբր ելեկտրութեամբ, եւ հրոյն դիմանալուն համեմատ՝ երկար կամ առժամայն կ’ըլլայ ձգուած աստղն:

Դ. ԵՂԱՆԱԿՔ. Լուսաւորաց պէտքն կամ գործն ստուգութեամբ երկու բանի համար սահմանեցաւ յԱստուծոյ, կ’ըսեն Ս. Գիրք. մէկ մի, «ի լուսաւորութիւն՝ ի վերայ երկրի, եւ մեկնել ի մէջ տունջեան եւ գիշերոյ». մէկ մ’այլ, զի «եղիցին ի նշանս եւ ի ժամանակս, եւ յաւուրս եւ ի տարիս»: Ուղղահաւատ եւ ծռահաւատ՝ ամենքն այլ այսպէս ընդունած եւ ըրած են, աւելի կամ պակաս քննութեամբ եւ գիտութեամբ. հասարակօրէն Արեգակամբ չափելով զտարին, Լուսնով՝ զամիսս, Աստեղօք՝ գիշերուան ժամերը կամ պահերը, երբ երկրիս թաւալմամբ՝ անոնք Զենիթէն կամ գագաթնակիտէն քիչ քիչ դէպ ի հորիզոն խոնարհած երեւնան: Այս զննութիւններէն հետեւած լուսաւորաց պաշտօնը` յիշեցինք. մնայր մեզ գիտնալ, թէ արդեօք ասոնց առերեւոյթ շարժմանց տեւողութիւնն, որ է Ժամանակն, եւ իր մասերն այլ, պաշտա՞ծ են Հայք, ինչպէս Յոյնք՝ Կռոնոս մի ունէին չաստուած ժամանակի, Պարսիկք կամ Զանդիկք՝ զԶրուան, նոյնպէս եւ զԱմիսս. Այս բանիս յայտնի նշան մի չկայ առ մերայինս, եւ ոչ այլ տարւոյ չորս Եղանակաց պաշտօն կամ անձնաւորութիւն, ինչպէս գտուին առ բազմաստուած Յոյնս, բայց որչափ այլ այս տարւոյ բաժիններու անուանք դիւցական երեւոյթ մի չունին, եւ ձայնիւ՝ կարելի է քանի մի նմանութիւն գտնել յօտար լեզուս, դարձեալ դիտելի բան մ’է՝ երկու բարեխառն եղանակաց՝ հայերէն անուանց զոյգ վերջայանգն, Գարուն եւ Աշուն. նոյնպէս այլ երկու բարկ եղանակացն՝ Ամառն եւ Ձմեռն [22]. պատահաբար չեն կարելի այսպիսի կոչմունք` խելամտութեամբ հնարուած երեւին. զոր թողումք պարզել հնարագիտաց եւ բանասիրաց, բաղդատելով օտար ազգաց եւ լեզուաց անուանց: Մեր հանդիպածն է (եթէ ուղիղ գրուած եւ կարդացուած են), Աշնան՝ Ուշման կոչուիլն ի հին հնդիկ՝ սանսկրիտ լեզու [23]. եւ աւելի նմանութեամբք՝ ի զանդիկն՝ Ձմեռն [24] կոչուի Զեմա, իսկ անձնաւորեալն կամ դեւն՝ Ծմակա. յայտ է որ առ մեզ Ծմակ կոչուի հիւսիսակողմն, խոնաւ եւ շուք տեղուանք, ուր գուցէ եւ Հայն ունէր պաշտելի կամ խորշելի ոգի մի. այս եղանակին անունն եւ բերքն՝ (Ձիւն՝ շատ օտար ազգաց մէջ լսուի մերձաւորապէս համաձայն. Յուն. Χεìμων, L. Hiems, Hibernus. Սանսկ. Հիմա ՝ Ձմեռն [25]. Յ. Xιὼν=Ձիւն. Հնդկաստանի Քեաֆիրք՝ Ձիմ ասեն ձեան, Ձոյն զՁմեռն. Զանդիկք Զիայօ  զձիւն. Ալանք` Սիմէն ՝ զձմեռն: Ամառն՝ Համա կոչուի ի զանդիկն. եւ զարմանալի հակադրութեամբ՝ Sommer գերմ. եւ Summer անգղ. ամառ նշանակեն, մինչ ձայնիւ մօտ են Ձմեռան [26]

Դիցական պաշտաման թողումք յիշել Հայոց Նոր տարւոյ տօնը, որ կէս մի քաղաքական հանդէս էր, կէս մ’այլ կրօնական

Տարւոյ եղանակաց չորս բաժանման պէս՝ ամսոցն այլ ի 12 բաժնուիլն՝ հասարակ է գրեթէ ամէն քիչ շատ քաղաքակիրթ ազգաց, պէսպէս թուով օրերուն եւ աւելին ու պակասը լրացընելու կերպերով, զոր տօմարագիտութեան պատշաճի պարզել: Մեր հիմայ գործածած Տօմարից կամ Օրացուցից մէջ այլ կու յիշեմք Հայկական ամսոց անուանքն, եւ ամենուն ծանօթ են, բայց անոնց ծագումն ոչ նոյնպէս. եւ ոչ այլ ի սկզբան ամենքն այլ այս անուններն ըլլալ երեւին, այլ փոփոխութիւնք եւ խառնուրդք եղած, որով եւ աննման իմաստիւք, բայց մեր խնդիրն կրօնական հաւատոց վրայ ըլլալով՝ այսոր նշանն ունեցողները կ’ուզեմք զատել, եւ մէկայլներն եւս առ հարկէ յիշել: Մեր միջին դարուց վարդապետք ոմանք շատ դիւրամտութեամբ, գուցէ եւ Հայկայ շատ պատուադրութեամբ՝ ըսեր են, թէ այդ 12 անուանքն իր 12 որդւոց եւ դստերաց անուանքն էին. մինչ ծանօթագոյն որդւոցն՝ (Արմենակայ եւ այլոց), անուանք չկան անոնց մէջ. կարելի է որ մի քանին յատուկ անձանց եւ դիւցազանց անուանք են, բայց այլք եղանակաց պատշաճին: Առաջինն Նաւասարդ, որ երկու կերպ տարեգլուխ դնելով, բնական եւ քաղաքական, ըստ յետնոյս՝ այժմու օգոստոս ամսոյ մէջ սկսի, ըստ առաջնոյն՝ ի մարտի հասարակածին կամ ի գարնանամտի. եւ այն ատեն ամսոց շարքն այլ շրջելով՝ Արեգ կ’ըլլայ (եւ պատշաճապէս) տարւոյ առաջին ամիս: Նաւասարդի անուան պէսպէս անյարմար ստուգաբանութիւնք եղած են, ըստ հայերէն լեզուի. շատ հաւանականն է հին հնդկականէն ծագումն, Նաւա–սարատա, Նոր տարի կամ նոր շար նշանակելով: Երկրորդ եւ երրորդ  ամիսք՝ շատ օտար հանդիպութեամբ Վրաց լեզուի երկու եւ երեք թիւերք նշանակեն, որ որչափ այլ ամսոց թուակարգին յարմար է, այնքան խորթ եւ անընդունելի է Հայ հոգւոյ, որ կրնար հակառակօրէն ըսել, թէ իր երկրորդ եւ երրորդ ամսոց անուանքը՝ Վիրք իրենց թուահամար ըրեր են: Երկրոցդ ամիս մեր Հոռի ՝ ըստ վերոյիշեալ վարդապետաց՝ Հայկայ դստեր մի անուն է: Լաւագոյն չէ՞ր ըսել իր ծանօթ Խոռ որդւոյն, եւ պատուել եգիպտական Հորի պէս (որ եւ Orus), թէ եւ յիշուի եւ առ յունալատինս Հորա դիցուհի գեղեցկութեան, (յորոց չէ հեռի եւ Խորոտիկ կոչումն առ մեզ՝ գեղեցկի նշանակութեամբ). թողումք եւ պարսկերէն արեւու նշանակութիւնն այս անուան: Ոմանք այլ ի մեր վարդապետաց՝ Հոր եւ Հորել ստուգաբանեն, այսինքն՝ այն ամսուն՝ ցորենը եւ նմանիքը հորերու մէջ ժողուելն եւ պահելն, ըստ սովորութեան հին ժամանակի, նաեւ ներկայիս [27]

Երրորդ ամիսն Սահմ կամ Սահմի եւ Սահեմի, նոյնպէս դուստր Հայկայ համարուած, անյարմար չէ իգական սահուն անուան, եւ նմանի Նոյեմի եբրայականին. ունին եւ Յոյնք յաւէրժահարս մի Սամիա անուամբ, դուստր եւ Մէանդր գետոյ: Չորրորդ ամիսն Տրէ, որ Հայկայ որդւոց կարգէն կ’ըսուի, շատ հաւանօրէն յայտնէ զ Տիր չաստուած, որ պիտի յիշուի ի կարգի իր նմանեաց: Հինգերորդ ամիսն Քաղոց, որ ըստ Հայկայ ազգաբանութեան՝ իր մէկ որդւոյն անուամբ է, ըստ ոմանց  Քաղ ` արու այծ նշանակէ, իր տաքութեան ամսոյն յարմարելով (տարւոյ վերջերը). պատշաճագոյն է՝ ըստ այլոց՝ այգեաց եւ արտից քաղ ընելուն: Արաց, վեցերորդ ամիսն այլ՝ Հայկայ որդի համարուած է այլ ոչ յարմարած: Եօթներորդն՝ Մեհեկ կամ Մեհեկի կամ Մեհեկան, դստեր անուն, չէ անյարմար, բայց յիշեցընէ զՄահիկ լուսինն, եւ այլ Մեհ կամ Մահ կոչուած դիւցական անձինք, ինչպէս եւ առ մեզ Մահեւան, Ճեհնդակ եւ այլն: Ութերորդն Արեգ այլ՝ ի դստերաց էր. անունն յայտնէ զԱրեգակն, մանաւանդ, որ ըստ վերոյգրելոյս՝ այն ամսոյն մէջ արեգակն իր նոր շրջանը սկսիլ համարուի՝ ի գարնանամըտի: Իններորդն Ահկի կամ Ահեկան ոչ յորդւոց կարգէն համարուէր եւ ոչ ի դստերաց. ինչ նշանակելն եւ երբ ամuակարգի մտնելն այլ անյայտ, որովհետեւ տօմարագիրը կ’ըսեն, թէ այսոր տեղ առաջ Հարուանց կոչուէր ամիսն, եւ այս նշանակէր երկրագործական բան մի, ինչպէս խոտ հարել: Ժ. Մարերի՝ ի դստերաց էր, անունն յարմար է իգականի, բայց արիական Մրրկաց ձայներ ալ յիշեցնել տայ հեռուանց: ԺԱ Մարգաց. այսոր համար վկայեն տօմարագիրք, ինչպէս Ահեկի, թէ «ի գործոց առին զանուանս», այսինքն՝ նոյն ամսոյն մէջ մարգերու դաշտերու խոտերով ծաղկներով զարդարուելուն համար, կամ զանոնք հնձելու, եւ այլ այսպիսի մշակական գործոց: ԺԲ վերջին ամիսն, որ կոչի Հրոտից կամ Հրորտից ՝ Հայկայ արու զաւակաց դասէն համարուէր. ըստ ոմանց այն ամսուն տաքութեան համար այսպէս հրոյ անուամբ յօդուած է: Պարսից եւ Պարթեւաց մէջ այսոր նման յատուկ անձանց անուանք կան, գուցէ նոյն ըլլայ եւ Փրաւորտն, զի Հայք անոնց Ֆ (ف) տառն ի Հ փոխեն. Յունաց մէջ ալ Դելփիս) կար Հերոյիդ կոչուած տօն մի, բայց իրենց մէկ Հերով անուանեալ դիւցազնուհէ՞ թէ այլ պատճառաւ, ինձ չէ յայտ: Հնդիկք այլ երբեմն իրենց մեծ Սիւա չաստուածը Րուտրա կոչեն. Գերմանացիք այլ Hrodr, Hrudro, Hrede (Rodez) քաղաքն այլ իրենց Roth կամ Ruth դից անուամբ կոչուած է:  

Հայոց ամիսք ամենն այլ 30-ական օրով էին, ինչպէս այլոց ոմանց, եւ հարկ էր տարւոյն (365) օրերու մնացորդ հինգն այլ՝ լրացընել յաւելուածով մի, որ եւ կոչի Աւելեաց. այս հինգ օրերն կոչուէին նախայիշեալ անուամբք հինգ մոլորակացն, Լուծ Եղջերու եւ այլն:

Աւելեաց աւուրց անուանքս հարցընել կու տան, թէ հապա ամբողջ ամսոց օրերն այլ իրենց յատուկ անուններ չունէի՞ն, եւ միոյ միոյ պահապան ոգիք չկայի՞ն, ինչպէս Զանդկաց կրօնքն ունին Անհաւանելի չէ. նա եւ, (թէպէտ ի մեր ձեռք եկած գրոց մէջ չեմք գտած, բայց ուրիշ) ոմանք գտած են կ’ըսեն, եւ հրատարակած [28]. եւ են ասոնք, յարմար եւ անյարմար

  1. Արեգ
  2. Հրանդ (իբր հրախառն հող)
  3. Արամ
  4. Մարգար (իբր Sylvanus)
  5. Ահրանք (կիսայրեաց ըստ Ջրպետի եւ Ահընկէց)
  6. Մազդեղ կամ Մազթեղ
  7. Աստղիկ
  8. Միհր
  9. Ձոպաբեր (Խռովաբեր)

10. Մուրց (յաղթանակ)

11. Երեզհան կամ Երեզկան, անապատակեցութիւն ըստ Ջրպետի)

12. Անի

13. Պարխար

14. Վանատ (վանատուր ?)

15. Արամազդ

16. Մանի (ծագումն !)

17. Ասակ (Անսկիզբն ?)

18. Մասիս

19. Անահիտ

20. Արագած

21. Գորգոր (Գրգուռ)

22. Կերդի կամ Կորդուիք

23. Ծմակ

24. Լուսնակ

25. Ցրօն (կամ Սփիւռ)

26. Նպատ

27. Վահագն

28. Uէին ? (լեառն)

29. Վարագ

30. Գիշերավար.

Եթէ այս անուանք չըլլային այլ՝ անտարակոյս աւուրց մէջ խտրութիւն կար, իբր ոմանք բարի՝ ոմանք չարագուշակ: Օրուան եւ գիշերուան քանի մի Պահք կամ բաժինք յիշուին առ մերայինս այլ, բայց ոչ կրօնական անուամբք, ինչպէս առ Զանդիկս. միայն Արշալոյսն որ եւ Աշալուսք՝ դիցաբանական թուի. Զանդիկք այլ զայս (Ապահ) անուանէին Ուշահինա կամ Օշէն: Շատ hաւանական է, որ Գիշեր (քննութեան արժանի անուն) իր ահարկու մթութեամբ՝ կրօնական երեւակայութիւններ եւ կերպարանքներ ծնուցած ըլլայ ի միտս նախնեաց մերոց, եւ թերեւս անոնցմէ է հիմայ այլ տեղ տեղ լսուածն Գիշերամուտ կամ Գիշերամութ

Շատ ազգք սովորաբար երեք կամ չորս պահ կը բաժնէին ցերեկը կամ տիւ, նոյնքան եւ գիշերը կամ ցայգը. ասոնց որոշ բաժանում եւ անուններն նշանակուած չեն, մանաւանդ որ շատ նման կամ մօտ նշանակութեամբ բառեր՝ շփոթութիւն պատճառեն. իբր կարծեօք կամ հաւանելի համարիմք Ա Պահ. տուընջեան եւ իրեն մասեր, Արշալոյս, Այգ եւ Լուսադէմ, Աղօթարան. Բ. Առաւօտ. Արեւոյ ծայրք. Գ. Միջօրէ կամ Հասարակ օր. Դ. Երեկոյ. Արեւմուտք: Գիշերոյ Ա Պահ. Խաղաղական. Ցայգ. Աղօտք գիշերոյ. Բ. Գիշեր. Հասարակ կամ Խոր գիշեր. Գ. Հաւախօս: Պահերն բնական եւ գործածական են յայտնապէս, եւ անկարելի չէ կարծել, թէ գոնէ ոմանց ժամանակին դիցաբանական կամ աղթարական զրոյց եւ առասպել մի յարմարուած ըլլայ, իսկ իւրաքանչիւր մասանց պահուց, այսինքն՝ օրուան 24 ժամուց այլ՝ մէկ-մէկ նուիրական ոգի կամ պահապան կարգելն՝ չերեւիր հաւանական. եւ սոսկ իմաստասիրի կամ իմաստակի մի գրչով հնարուած երեւին այն անուանք, որ յիշուած են եւ ի բառագիրս ինչ, եւ պարզապէս ժամուց բնական միջոցին պատշաճել ուզած (ոչ շատ յաջող), առանց կրօնական նշանի, եւ են

Ժամք Տուընջեան.

Այգ 

Ծայգ 

Զայրացեալ (արեւն. լաւ եւս էր Զօրացեալ):

Ճառագայթեալ

Շառաւիղեալ 

Երկրատես

Շանթակող

Հրակաթ

Հուր փայլեալ

Թաղանթեալ

Արագոտ ?

Արփող

Ժամք Գիշերոյ.

Խաւարակ

Աղջամուղջ

Մթացեալ

Շաղաւոտ

Կամաւոտ ? (Սնուցիչ ! ըստ Ջրպետի)

Բաւական

Խօթափեալ

Գիզակ (Խոնաւական ! ուրեմն Գիջակ)

Լուսակն կամ Լուսագայն

Առաւօտ

Լուսափայլ

Փայլածու



[1] Ըստ Աշխրհգր. Օրգր. Լոնտ. 1861. զարմանալի հանդիպութեամբ՝ միջին Ամերիկոյ Չnլոյ ժողովրդեան լեզուաւ՝ Բեզէա կոչուի Արեգակն:

[2] Իբրեւ դիւցազնական անձն՝ յետոյ պիտի յիշեմք զՎահագն

[3] Եթէ հայ խելքի եւ թէ օտարի ծնունդ է, 1288 թուին գրուած Տօմարի մէջ՝ կայ հետեւեալ բանս. «Զի՞նչ է նիւթ ամանակի (Արեգական). Հուր է բաղազանեալ, աղ է եւ երկաթ, լոյս է շանթախառն, հուր ձեւացիկ, եւ են ի նմա պատուհանք 12 երկբացիկ, որոց 11 պատուհանն յերկինս հայի եւ մինն յերկիրս: Եւ եթէ կամիցիս գիտել զի՞նչ իցէ կերպարանք Արեգականն. մարդ է անբան եւ անիմաստ. կայ ի մէջ հրեղէն երկուց երիվարաց: Եւ եթէ ոչ էր յաման ակն արեգականն, երկիրս իբրեւ զգըզաթ մի բուրդ առաջի նորա վառէր»

[4] Ասոնց վրայօք ի նոր ատենս կարեւոր եւ ընդարձակ տեղեկութիւնք հրատարակեցան, հայերէն (Բազմ. ԾԱ. ), եւ գերմաներէն (Die Paulikianer, von K. Ter–Mkrtschian. Leipzig 1893).

[5] Մեր հին տօմարագրաց մէկն Լուսնի քառորդներն այլ կիսելով՝ ութ բաժին գրէ, այսպէս. «Նախամահիկ. Զկնի Մահկի վեց. Երկրորդ կտուր լեռ. Կորընթի յեռ. Մաշումն ի նոյն զիջական, Բովանդակ Լուսին. Լիալուսին Նախերկակտուր (Կոր) ընթի յեռ»

[6]     Արեգական նիւթ ու կերպարանքը ստորագրողն (եր. 89) գրէ եւ Լուսնի համար, թէ «Ի հինգ մասնէ ստեղծաւ, երեքն լոյս է, մինն հուր, միւսն՝ գնացողութիւն ի բանէն Աստուծոյ: Քանի՞ նիւթ է ամանակի Լուսնին, որ կայ բաղազանեալ. Օդ է ամպաձեւ, լուսակերպ, թանձրամած, եւ ի նմա պատուհանք 12 երկբացիկք, որոց վեցն յերկինս հային եւ վեցն յերկիրս: Զի՞նչ կերպարանք են Լուսնին. Են ի նմա իբրեւ երկու գոմէշս ծովայինք. ընդ միոյն բերանն մտանէ լոյսն ընդ միոյն պակասի, քանզի լոյսն Լուսնի յարեգականէ ծագի» եւ այլն:

[7] Ըստ այսմ՝ Իտալ նոր հեղինակ մի Պիւթագորոսի ուղեւորութեան վիպասանական պատմիչ, երգել տայ Քաղդէացւոց. «Ո՜վ Լուսին, բնակիչք աշխարհին Հայոց, որ մեր հին նախահարքն էին, նուիրեցին քեզի լեռ մի եւ պաշտօն, եւ կու պարծին քու անուամբդ կոչուելու»: Արդեօք Մանի՞ էր այն լեռն՝ զոր քրիստոնեայ հարք մեր յետոյ նուիրեցին Հռիփսիմեանց ընկեր Ս. Մանի կուսի: Լակտանտիոս , ԺԴ) այլ կ’ըսէ, թէ չեմք ընդունիր զանոնք, որ ի Կովկաս լերանց լուսաւորաց ընթացքն եւ նշանները դիտելով՝ բիւրաւոր տարիներու յիշատակութիւն կ’ընեն:

[8] Այս Յունաց Մինիլուսնադից պաշտօնեայք կոչէին Μηναγησται. արդեօք այս անունս ունի՞ յարընչութիւն ընդ Մանաճիհր մեր եւ ընդ Մէնուչիհր Պարսից, թէպէտ սոքա՝ դրախտադէմ կամ դրախտագեղ թարգմանեն այդ անունը

[9] Յովհ. Եզնկացւոյ անուամբ գրուած քարոզի մէջ (Համբարձման). «Ոմն իմաստասէր՝ անունն Թարիմովս՝ ասացել է, թէ եօթն Մոլորակն ունի առանձին երկին. եւ թէ, հաստատութիւն իւրաքանչիւր երկնից՝ է 500 դարէն ճանապարհ մարդկան, եւ միջոց իւրաքանչիւր երկնիցն՝ նոյն չափովն՝ 500 դարէն ճանապարհ է»: Գր. Տաթեւացի այս իմաստասէրը կոչէ Ռաբիբ Մովսէս. (Հատ. Ձմրան, 682):

[10]   Ուրիշ հին անուանք այլ կան, բայց ո՞րն որին համեմատիլն՝ անտարակոյս չէ:

[11] Ինչպէս այս՝ ուրիշ տեղ այլ կ’ըսէ Զաքար. կաթղ. «Ծիր եւ մէջ երկնից է հանդէպ Սայլաթափիդ, ուր Բեւեռքդ են զկողմամբ հիւսիսոյ». յոգնակի գրելով (Բեւեռք) թէ եւ միայն զհիւսիսայինն յիշէ:

[12] Մեր հին տոմարագրաց մէկն կ’ըսէ. «Հաստատութիւն (երկնից). երեւի ի միջի նորա Սայլն, որ շրջանակելովն պահէ եւ գոչէ առանց բանի, եւ Հայկնն եւ Բազմաստեղն պատեն զկողմն հարաւոյ եւ ընդդէմ սահմանաց Սայլին, որ երեւի ընդ հիւսիսի. եւ ընթանան ի նմա աստեղք յերեկոյին եւ ի մէջ գիշերի եւ առաւօտու. եւ երթայ ի նմա Լուսինն ի ստորնային կողմն, հանդիպի սահմանաց երկրի, եւ լնու եւ պակասի. եւ գնայ իմա Արեգակն՝ պատելով զամենայն սահմանս նորա»

[13] Սա Յունաց այլ եւ այլ առասպել զրոյցներն յիշէ, որոց մէկն այլ տգիտագունից զրուցածն է, կ’ըսէ, «Առագաստ Պերսեփոնայ, զոր Սպիտակ սուգ կոչեցին Աթենացիք»:

[14] Ուրիշ տեղ մ’այլ գրէ. «Ոմանք Կարթ ծիրանագոլ ասացին. եւ կէսք՝ Հին Արեգական ճանապարհ. եւ այլք՝ Կառս երկնից՝ կէսք Պատառումն, կէսք՝ Սպիտառեալ? եւ կէսք Յարդագողս զհետ աստուածոցն, իսկ ոմանք՝ Մսուր եւ Կայան օդոյն անուանեցին: Այլ ոչ է այդ ամենայն, այլ թաղկեալ հուր է, եւ մանր աստեղացն ցոլացումն լուսոյ»

[15] Հայկին կամ Օրիովնի անուան տեղ եբրայեցերէն անունն է Շիմաթ

[16] Յունարէնն է Φράγμα, որ յատուկ ցանկով փակուած նշանակէ:

[17] Յոյնն է Ταμιείας νότου Ներքնակողմն հարաւոյ:

[18] Աւետիք Տիգրանակերտցի հարցընէ եւ պատասխանէ. «Զի՞նչ է Պատրուակն. Պատասխանի. Երեք է, մինն այն է, որ ի գունտն աստեղաց վեց կերպիւ մի քան զմի մեծ աստեղք կան, որ կոչին առաջին մեծութիւն, բ, գ, դ, ե, զ. արդ առաջին մեծութենէն քանի աստեղք որ կան ի հաստատութեանն՝ նոքա կոչին Պատրուակք: Երկրորդ, Լուսաբեր մոլորակի՝ այսինքն Զօհրէի անունն է: Երրորդ է ինչ աստղ, որ ի գոլորշեաց ծնանի, եւ ի ժամանակս ժամանակս երեւի ի յօդդ՝ իբրեւ զԼուսին, որ չառաւիղն ծածկէ զամենայն աստեղu: Արդ ի մէջ գրոց յորժամ տեսանես Պատրուակ, ըստ տեղոյն եւ շարադրութեանն իմասցիս՝ թէ ո՛ր պատրուակիցն է, եւ Յոբ ի գիրս իւր յիշեալ է: Այլ եւ յատուկ Պատրուակ Հայկն է, որ է Շամփրներն, իւր մեծամեծ աստեղօքն մերձակայիւքն»

[19] Անան. Շիրակ. կ’ըսէ. «Զնոյն անուանս յետ Քաղդէացւոց՝ կոչեն Յոյնք, Հայք, Պարսք», եւ այս երեք լեզուօք անուններն այլ գրէ

[20] Քրիստոսի խաչելութենէն հազար տարի վերջ (ըստ Հայոց ՆՁԹ=1040–1) արեգական խաւարումն՝ իբրեւ աշխարհիս աւերած՝ յիշեն պատմիչք մեր եւ օտարք. նոյն թուին Ջահաւոր՝ գիսաւոր մ’այլ երեւցած կ’ըսէ Մատթ. Ուռհայեցի տարէգիր, որ «երեւեալ յարեւմուտս կոյս յերեկորէն՝ եւ յետս սողալով գնայր, եւ եհար զԲազմաստղն եւ զԼուսինն, եւ ինքն աներեւոյթ եղեւ եւ յարեւմուտս դարձաւ»: Աւելի գիտնօրէն գրէ զայս Սմբատ Գունդստապլ. «Սողալով եկն ի հարաւ, ընդ Բազումին եւ ընդ Լուսնին ի մէջն»:

      Այսու անուամբք ոչ միայն պատահական լուսոյ երեւոյթներ, այլ հիմայ Հիւսիսայգ կոչուածն այլ (Aurore boréale) իմանալու է. առանց որոշելու շատ հեղ զանոնք վերոյիշեալ տարէգիրն՝ (Ուռհայեցի) մեծ վախով եւ մանրամասն ստորագրէ ինչպէս ի Հայոց թուականս ՇԽԶ ի կողմն հիւսիսոյ. ՇԽԸ. ՇԽԹ. ՇԾԹ. ՇՂԲ եւ այլն:

[21]   Գրեթէ նոյնպէս գրէ եւ Գր. Աստուածաբանի գրոց մեկնողն, որ թէ եւ Հեծանակի տեղ Հեծանոց գրէ եւ Յարդգողն է կ’ըսէ, եւ Գուպարքն այլ Բազմաստղն, ինչպէս մենք այլ ըսինք, բայց օդեղեն բան մի կարծէ. երկուքին այլ «նոյն է լինելութեան պատճառ, յորժամ՝ մրրիկ եւ խառնակումն օդոց լինի թանձր եւ զպղտորեալ տանի հարկանէ ընդ արփին. նա յայտնապէս որպէս զաստեղ երեւույթ չնորհէ, եւ կերպարանէ ի տեսակ աստեղն»

[22] Վանական Վ. բառից պարզ ձայնին միտ դնելով՝ կ’ուզէ ստուգաբանել. «Գարունն, որ գայ ի յարումն. Ամառն այս է, որ յանօթ  առնու. Աշունն, որ անշընչին. Ձմեռն, որ ձիւնամեռ լինին»:

[23] Ուրիշ տեղ կարդացինք, որ ի սանսկ. Ուշնա՝ ամառ նշանակէ, Ուշ՝ այրել:

[24] Կրնանք յիշել եւ այսոր արտադրեալն այլ՝ Սւառն, որ ի զանդիկն կոչի Իսի, գերման Eis եւ այլն:

[25] Իռլանտացիք այլ կոչեն Geimhre.

[26] Բանասէր մի (Pictet) Ամռան եւ Ձմռան անունները նման գտնելով յայլեւայլ լեզուս, իսկ Աշնան՝ տարբեր, հետեւցընէ՝ թէ ի սկզբան երեք եղանակ որոշէին տարւոյ. յետոյ աւելցաւ Աշունն:

[27]   Աւելի նորալուր բան մի գրուած է Յովհ. Եզնկացւոյ անուամբ հաւաքուած Տօնապատճառի մէջ. «Այր ոմն զՄատրան ամիս՝ ի Հոռի փոխարկեաց, որդւոյն իւրոյ խոռէն կոչելով յաղագս ընչաւէտութեանն իւրոյ՝ աղերսեաց զամենեսեան, յետ մեռանելոյ որդւոյն իւրոյ՝ յիշատակելով զանուն նորա ի ձեռն ամսեանն, որպէս Յուլիսն եւ Օգոստոս՝ ի ձեռն անուանցն՝ եւ թագաւորքն յիշատակին» եւ այլն: Այս պատճառաւ ալ կ’ըսէ Աշխարհամատրան կոչեցաւ Զատկի Գ. Կիրակիի տօնն, որ Հոռի ամսոյ սկզբան դրուած էր:

[28]   Շահ. Ջրպետ փռանկերէն յամի 1820: Հայկական աշխարհ, օրագիր 1868, եր. 261)