Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Բ.
ԱՍՏՈՒԱԾ

Մեր լեզուին ընդհանուր կազմութիւնը քիչ շատ գիտողաց՝ զարմանալի եւ անյարմար բառ մի կ’երեւի այս, իր նշանակածին համար. թէ եւ բարոյապէս՝ ո՞ր լեզու, ո՞ր բառ կըրնայ յարմարիլ Այնոր, որուն ամենէն մօտ տեսողն այլ՝ (Մովսէս) չկարցաւ բան մի պատշաճեցնել, եւ իրեն հարցուց ու լսեց, Ես եմ Որ Էն: Մեր լեզուի անյարմար ըսածս այս է, որ բառին վերջաւորութիւնն ած, սովորաբար ոչ ներգործող այլ ներգործեալ ինչ նշանակէ, ինչպէս՝ ըսուած, շինուած, հաստուած, եւն. թէ եւ կան բառք, որ աւելի իսկական նշանակութիւն ունին քան ածանցեալն, կամ թէ՛ ներգործական, թէ՛ կրաւորական, ինչպէս կազմած, ազդուած եւ այլն: Քերականական կազմութեան պէս նշանաւոր է եւ սեփականութիւն անուանն՝ յազգիս. մինչ Սեմական ազգեր իրարու նման ձայնիւ՝ Էլ, Ելոհիմ, Ալլահ եւ այլն, կոչեն. Հնդիկք, Արիք, Լատինք, Յոյնք, Տէվա, Տէուս, Թէոս, Զեւս. Պարսիկք՝ Խիւտա, որոյ նման եւ Գերմանք եւ մերձաւորք Գոտ կամ Կոդ (Gott, God), Կոտ. Սկիւթք, Սլաւեանք՝ Պոկ, յորմէ թուի պարթեւականն Բագին եւ այլն. Հայք ոչ այսպիսի անուամբք կոչած են զՈր Էն, եւ ոչ օտարք մերոց անուամբ, գոնէ մերձաբնակք եւ մերձաժամանակք: Ըստ այսմ՝ շատ հետաքրքրական է ստուգաբանութիւն Աստուած անուան. զոր եւ կերպ կերպ ջանացեր են մեկնել մերայինք եւ օտարք: Ոմանք պարզապէս համարած են, թէ ոչ այդպէս հնչելու է զանունն՝ այլ Ազդուած, որ յայտնի նշանակութիւն ունի, եւ շատ վայելուչ եւ յարմար է Կրօնից իմաստին եւ կան անձինք, որ այսպէս այլ արտաբերեն զձայնն: Արդարեւ շատ իմաստասիրական եւ ընտիր գիւտ, եթէ ստոյգ ըլլար, կամ ած մասնիկն այլ չըլլար, նա եւ ոչ ու մասնիկն, զի Ազդ եւ Ազդու աւելի հզօր կամ ներգործող կ’իմացուին, քան Ազդուածն

Աւելի սովորաբար ստուգաբաներ են մերոնք, իբրեւ մեր ճշմարիտ հաւատոց հաստատող, Լուսաւորչէն առած, (Ագաթանգելոսի կամ անոր թարգմանին գրչութեամբ), թէ նշանակէ Աստ–ածող կամ՝ Ստեղծող արարածոց: Ստուգիւ Աստուած այսպէս է, բայց այս մտօք զինքն անուանելն եւ երբն անստոյգ. ըստ յետնոյս՝ պարզմտաբար ըսեր են, թէ Ադամ այսպէս անուանեց եւ այսպէս աւանդեց, բայց այսպիսի կարծիք՝ Ադամայ խօսած լեզուին կարծեաց մօտենան, որոյ յարմարի անկարծելի (ծիծաղելի) մէկի մի վկայունթիւնն, որ է Օձն, որ «ասաց Եւայի, թէ՝ զի՞ է զի ասաց Արարիչն, որ Աստ էած զձեզ. եւ զԱստ էածն ՝ Աստուած արարին»: Այսպէս աւանդի հարց ու պատասխան գիտելեաց մէջ՝ գրուած յամի 1366: Այսու մտօք գրած են եւ մեր միջին դարուց բաւական ընտիր հեղինակք, ինչպէս Գր. Սկեւռացի. «Ըստ որում յ’աստիս ածման (կոչի) Աստուած. եւ ի տիրելոյ ամենայնի՝ Տէր»: Բարսեղ Մաշկեւորցին այլ. «Աստուած անունն՝ ստեղծագործութեան եւ էացուցանելոյ է անուն»: Ուրիշ մեկնաբան մ’այլ. «Աստուածն՝ տեսող ոչ ցուցանէ՝ այլ յ’աստ ածող »: Սա այս խօսքով յայտնէ որ չ’ընդունիր միւս կարծիք մի, ինչպէս Հին Բառագրոց, որ կ’ըսէ. «Աստուած ի տեսումն ածող, կամ Երանգ լուսոյ » ? Առաջին իմաստին մօտ՝ ոմանք այլ համարին, թէ ոչ աստ ածող, այլ Հաստող է եւ հաստուած. ինչպէս ծանօթ բանասէրն Էմին գրէր, ծանօթութիւնս ռուս թարգմանութեան Վարդանայ պատմչի), ի հաստուած բառէ, իբր հաստատութիւն անփոփոխ: Սա գրած էր, թէ Մովսէս Աստուծոյ ըսածէն «հասկացեալ՝ հաւատաց, զի Աստուած է նա, որով Է է, զի աստ ածող է». եւ այլն: Օտար հայագիտաց մէկն այլ (Փռանկն Ville-fort) իր քառալեզուեան բառագրոց մէջ՝ կերպով մի Աստուածն եւ Ազդուածն զուգելով՝ բացատրէ լատինարէն, Efficaciter producens. Տարբեր ստուգաբանութիւն մի գտուի Ս. Եւստաթէոսի վկայաբանութեան թարգմանութեան մէջ հարկէ ըստ թարգմանչին մտաց). «Աստուած՝ Աւծումն (Օծում) թարգմանի, ըստ ընդարձակութեան լեզուին Գամրաց», , թէ՝ Կապպադովկացւոց լեզուաւ Էն՝ Աստուած կոչուէր եւ օծումն նշանակէր, բայց ուրիշ հին օրինակք (ԺԲ դարուց) վկայաբանութեանն՝ ոչ Աւծումն գրեն այլ Ածումն, եւ խօսքն այլ ոչ առ Աստուած ուղղեն՝ այլ առ Եւա:

Թողլով այս մեր լեզուական ստուգաբանութեան ջանքը, անցնինք քիչ մ’այլ առ օտարս, փնտռելու նման անուն մի: Հայագէտ կամ արեւելագէտ փռանկք ոմանք, ինչպէս քիչ տարիներ առաջ ծանօթ Լազարեանց առաջնորդն Հ. Պօռէ (Eugène Boré), մեծ գիտնականն Սասի (Sacy) եւ Տիւպէօ (Dubeux), գիտնալով Հայոց եւ Պարսից թէ՛ լեզուի եւ թէ կրօնից մերձաւորութիւնն (երբեմն), համարեցան, թէ Աստուած բառն է կրկնութիւն Եզն աստուածանիշ բառի եւ զոհից, որ Յազդ փոխուած է առ մեզ [1], իբրու Եզտան–եզտ կամ Աստուաստ: Բաւական յարմարութիւն, բայց մեզի հնագոյն կ’երեւի մեր Աստուած անունն, քան Պարսից եւ Զրադեշտի քէշն: Այս զանդիկ աղանդոյ վեհից մէջ՝ յիշուի Աստովիտոդուս անուն մահուան հրեշտակին, եւ թարգմանուի՝ ոսկորները բաժնող, իսկ իրենց յիշածն Գուատադա ՝ սանսկրիտ լեզուի մէջ է Սուատադա, ձայնիւ եւ իմաստիւ աւելի մերձաւոր Աստուած անուն, եւ ինքնատուր նշանակելով՝ չէ հեռի Որ Էն կոչմանէ: Մորտդման հնասէր գերմանացին, ծանօթ բանասիրաց մերոց Կ. Պօլսի, ոչ շատ տարի առաջ՝ Փռիւգիոյ Փոքր Ասիա) մէջ գտուած հին արձանագիրներ ջանալով մեկնել, գրած է, թէ անոնց մէջ գտեր կարդացեր է Ասդուատ կամ Աստուած ՝ մեր հայ անուան նշանակութեամբ: Երոդոտոսի օրերէն ի վեր ըսուած է եւ շատ նշաններով այլ հաւանելի եղած՝ Փռիւգաց եւ Հայոց մերձազգութիւնն, եւ մէկին ի միւսէն գաղթուիլն, սակայն Մորտդմանի ընթերցուածքն շատ տարակուսական են, ինչպէս եւ իր բեւեռագիր ընթերցմունքն Անցեալ դարու սկիզբները հռչակուած Հոլանտացի հայագէտն՝ Լակրոզ (Lacroze) Մարաց Աստիագէս (Αςτιγηάς, ըստ մեզ Աժդահակ) թագաւորին անունն՝ նոյն համարէր ընդ Աստուած Հայոց անուան, եւ թէ հին ատեն ծ տառն Յունաց ղ գրոյ հնչումն ունէր, զոր եւ շատ փաստերով ցուցեր եմ, կ’ըսէ, իմ Հայ բառագրոց յառաջաբանի մէջ. մենք չեմք տեսած այս բառգիրքը: Գուցէ ասոնցմէ աւելի յարընչութիւն ունենայ մեր Աստուած անուան՝ հնդկայինն Աստուատրա, որ գերագոյն բան մի նշանակէ, աստուածային ծառ մի գլխիվայր, արմատն յերկինս, յորմէ բղխէ կենդանութիւն, որ եւ ինքն իսկ Բրահմա է, եւ այլ շատ բան. շատ այլ առասպել: Բայց եթէ հարկ համարուի մեր աստուածական անունն օտարի հետ զուգել, սա եւ միւս հնդիկ Սուատադ անուանք՝ ընտրելագոյն կ’երեւին. զոր եւ թողումք ի քննութիւն կամ ի հերքումն գիտնոց. նոյնպէս եւ զ ’Ասդվատ, որ ի զանդիկ գիրս էական նշանակէ, եւ աստուածավայել է

Իբրեւ յակնարկ մի ասոնց՝ յիշենք եւ գուցէ զպատահական նմանութիւն տուէծ Duez բառի (եթէ այսպէս հնչուի) հին Կելտաց, որ նմանապէս Աստուած նշանակէր: Բառիս առջի մասին պակասն՝ Աս ՝ խնդրողք կըրնան Եւրոպիոյ աւելի հիւսիսական ազգաց երթալ, Սկանտինաւեանց, որոց մէջ այդ փոքրիկ ձայնն աստուածեղէն բաներ կամ անձեր նշանակէ, ինչպէս եւ Ասկերտ ու Ասբուրգ անուանքն այլ՝ աստուածոց բնակարան, ըստ մեզ դիցաւան. այս անուամբ քաղաքն Ազախու ծովուն հիւսիսակողմն էր: Իրենց լեզուաւ Աս կամ Անց ՝ սիւն հաստատութեան նշանակէր. այնպէս կոչէին նա եւ իրենց քահանայական եւ զինուորական դասուց գլխաւորները: Ասոնց մերձաւոր Լաբոնաց գերագոյն աստուածն այլ Ացի ՝ Atzhi կոչուէր, ինչպէս Հունգարացն՝ Իսդէն: Եթէ քիչ մ’այլ, մանաւանդ թէ շատ այլ՝ հեռանամք կամ թափառիմք երկրիս երկու ծայրերը, Օս աստուածային անունը լսեմք հին Եգիպտացւոց Ղպտի սերնդոց մէջ. Ադուա ՝ Պոլինեզիոյ ովկիանապատ կղզեաց բարբարոսաց բերանում: Բայց հերիք համարուի մեր այսքան դեգերանքն, իսկ հետեւանքն կամ ընտրութիւնն՝ հաճութեան ընթերցողաց. մեր հաւանութիւնն յայտնելով յայսմ, որ մեր ազգին նման հին է իր գերագոյն ճանչցած Էին Աստուած անունն. եւ երկրորդ, որ օտարաց մէջ այլ  լսուին մերձաւոր ձայներ, որք թերեւս աւելի այսոր յարինչ են, քան Տէուս կամ Զեւս անուանց:

Իբրեւ պատմական, միանգամայն եւ մասամբ իսկական աւանդութիւն մ’այլ չմոռ նանք. նորերս արեւելասէր գիտնականաց մտադրութեան մեծ կէտ մ’այլ եղած է Վանայ ծովուն ոլորտն եւ բոլորտն, մանաւանդ իր հարուստ բեւեռաձեւ արձանագրութեանց եւ գետնի տակէն ելած մեհենական անօթոց, զինուց եւ կահից համար. ծովուն արեւելեան Հարաւային կողմէն շատ հեռու չէ Հայկայ–բերդ անուանեալ կիսաւերն, եւ դեռ բնակեալ Աստուածաշէն գիւղն: Այդ կողմերու իրաց աւանդապահ պէտք էր ըլլալ հիմայ Աղթամարայ ծովուն գոհարն՝ կղզին եւ աթոռն. արդ այսոր դիւանաց կամ մայր կոնդակի մէջ գրուած է ի հնուց, թէ, « Ազդեցութեամբն Աստուծոյ շինեցին (Հայկեանք) զմեծ բլուրն՝ անառիկ բերդ ի յահէ թշնամեաց. եւ յետ նորա (Հայկին) ի զարմիցն՝ մնացին ի բերդն Աստուածաշինայ »: Երկու անգամ յիշուած բերդն այլ նոյնն է, հիմայ յանուն Հայկայ կոչուածն, որով՝ նա եւ իւրքն անուանեցին  զգեղն՝ Աստուածաշէն: Այս տեղ մեր խնդիրն ոչ այս աւանդութեան պատմական ստուգութեան վրայ է, ոչ Հայկայ եւ իր Հնութեան. ով եւ որ ատեն այլ ըլլայ, Աստուածաշէն անունն իր շատ հնութեան նշան է. քրիստոնէական դարուց մէջ այդպիսի անուն չէր կըրնար դրուիլ, եւ Աստուած անուան՝ հնագոյն մնացեալ յիշատակարան է

Յետ ճանչնալու հին Հայոց կրօնից (որպէս եւ նորոյս) առաջին անունը, առաւել եւս փափագելի էր ճանչնալ զինքն, այսինքն՝ այն գաղափարը կամ պատկերը՝ զոր ունէին հին Հայք իրենց Աստուած կոչած գերագոյն էակին: Այս կարեւոր խնդրոյս վրայօք՝ չեմք կըրնար բան մի ըսել, որովհետեւ ամենեւին Հեթանոսական հայ գրուած կամ յիշատակ չէ ճանչցուած մեզ, բայց եթէ վերոյիշեալ Հայկայ եւ շէնքին աւանդութիւնէն գուշակեմք, արիական կամ արիսական, այսինքն՝ պատերազմի եւ քաջութեան գաղափար տայ Աստուածն, որովհետեւ կ’աւելցընէ կոնդակն, թէ, յերկնից՝ երազով կու ցուցընէր Հայկայ Աղեղ ու Նետ, զոր եւ շինէր  Հայկն եւ անով հալած էր զթշնամին [2]. դարձեալ, Աստուծոյ ազդեցութեամբն շինէ եւ անառիկ բերդը. եւ արժանավայել երախտագիտութեամբ կամ պարտականութեամբ՝ յանուն նորին Աստուծոյ կոչէ իր ձեռակերտը

Բաբելոնի եւ Նինուէի քանդակաց մէջ շատ գտուի իրենց Ասուր չաստուածոյ պատկերն՝ նոյն եւ նման կերպարանով, բայց մէկ աննման քանդակ մ’այլ գտուած է, կոտրած կոթողի մի վրայ (հիմայ ի Բրիտանեան մուսէոնի), որ կերպարանէ այնպիսի Աստուած կամ երկնաւոր, ի կիսաբոլոր մի, Աղեղն ի ձեռին. միթէ յար եւ յարմար չէ՞ այս Հայկայ տեսլեանն

Ազգին գերագոյն էակին ծանօթութիւնն՝  գրեթէ անմիջապես պահանջէ եւ Արարչագործութեան գաղափարը, որոյ վրայ այլ բնաւ հին կամ հեթանոսական յիշատակ չունիմք. եւ նորահնար առասպել համարիմք վերջին դարերու մէջ Աննիոսեան Բերոսոսի զրոյցն. զոր իբրեւ պարզ դիպուած մի յիշենք: Աննիոս կամ Նանի Ճիաննի՝ վիտերբիացի Դոմինիկեան հետաքնին բանասէր կրօնաւոր մ’էր ի ԺԵ դարու, որ ատեն Միաբանող անուանեալ հայազգի Դոմինիկեան կրօնաւորք այլ կային ի Նախճաւան գաւառի, ուսկից շատ անգամ գային ի Հռովմ եւ ուրիշ իտալական քաղաքներ. Աննիոս ի Ճենովա Դոմինիկեանց մեծաւոր էր՝ երբ եկան իր վանքը երկու Հայ միաբանք, որոց գլխաւորն էր Հ. Մատաթիա. ասոնցմէ առած կ’ըսէ շատ մի հին կորուսեալ եւ փափագելի պատմչաց հատուկտիր գրուածներ, որոցմէ էր եւ կորուսեալ Բերոսոսի մի պատմագրութիւն յորում կ’ըսուէր, թէ հին Հայկազունք իրենց գերագոյն Աստուած ճանաչէին զՆոյ, որ եւ Երկինք, եւ իրեն կին զԵրկիր՝ Արետիա անուամբ (միթէ Արարա՞տ), որ յԵրկնից սերմնառեալ՝ ծնանի կամ գոյաւորէ զամենայն արարածս: Աննիոսի բոլոր պատմական հին գրուածոց հետ՝ այս եւ այսպիսիք ալ՝ ժամանակ մի հաւատալի եւ ընդունելի եղած էին շատոնց, հիմայ՝ չեն բնաւ. աւելորդ է եւ մեզ քննել կամ քննողաց կարծիքը յիշել, թե ո՞վ է հնարած զանոնք, կամ ո՞րչափ մեղադրելի եւ անմեղադրելի է Աննիոս, խաբո՞ղ թէ խաբուած: Բայց եթէ այս արարչագործութեան յիշատակն կըրնայ ունենալ ծագում ուրիշ ծանօթ աւանդութենէ, պէտք է յիշեմք, որ մեր նախայիշեալ եւ համացեղ ըսուած Փռիւգացւոց մէջ այլ կար ոչ շատ աննման աւանդութիւն մի. իբր թէ ի սկզբան կար Աղտն, Αγδον անկերպարան նիւթ մի քարի ապառաժի նման, որ լայնատարած ցամաք մի ձեւացընէր. Միհր կամ Արեգակն բեղնաւորեց զսա, եւ ծնաւ զԴիորփոս. Յոյնք կ’առասպելէին, որ սա իր մօրը ետ կռուի ելեր է (մայրն էր Երկիր), անոր համար փոխարկուեր է ի քարաժայռ: Այս եւ այսոր նման իրաց համար՝ շատ հեղ պիտի ստիպուիմք մեր պատմահօր Խորենացւոյ հետ բացագանչել. «Արդարե՜ւ առասպել` եւ առասպելաց առասպել»

Համեմատ վերոյիշեալ Աստուածաշինի եւ Հայկայ երազին աւանդութեան՝ մեր բարեմիտ պատմիչք համարին, թէ Հայկն ստոյգ աստուածապաշտ էր, եւ գրեթէ կրօնական եռանդեամբ հակառակեցաւ Բելայ. «Ոչ միայն զի (դու) չես աստուած, այլ շուն դու եւ երամակ շանց որ զկնի քո տողեալ սահին», ըսած ըլլայ առ Բել, ըստ Թովմ. Արծրունւոյ: Վարդան աւելի վստահութեամբ կ’ըսէ ի Պատմագրութեանն, թէ, Հայկն՝ «ոչ պաշտեաց զնա աստուած», իսկ իր Լուսաւորչի ներբողին մէջ՝ ա՛յլ աւելի համարձակ կ’ըսէ, թէ Աստուած հրամայած ըլլայ Հայկայ՝ հակառակել կռապաշտութեան, որ եւ «ոչ պաշտեաց ընդ եօթանասուն եւ մի նահապետս երկրի՝ զպատկերն Բելայ, այլ խրախուսեալ յԱստուած սատակեաց զնոյն ինքն զկենդանին զառաջնորդն պատկերապաշտութեան» եւ այլն: Թէ արդարեւ Հայկն Յաբեթի թոռան թոռն էր՝ հաւանական էր իր աստուածպաշտութիւնն, ինչպէս հաւանական եւ ստոյգ այլ է, որ ինչուան քանի մի ցեղ նահապետաց սերունդ եւ ինչուան Աբրահամու ատեն, տեղ տեղ ուղիղ աստուածպաշտութիւն կար, եւ վկայեն Ս. Գիրք: Հայաստան, եթէ թատր եւ եթէ մօտ թատեր, ուր Ս. Գրոց առաջին պատմած դէպքն գործեցան յետ եւ առաջ ջրհեղեղի, Նոյի ո՛ր որդւոյ սերունդին այլ վիճակուած ըլլայ, անոր նահապետական հաւատքն պահած է անտարակոյս: Բայց մինչեւ ե՞րբ. զայս դժուարին կամ անկարելի է ստուգել: Վանական վարդապետ մեր (որոյ աշակերտ էր պատմիչն Վարդան) իր երկրի (Հայ–Աղուանից) Վահրամ իշխանի մի բերնով` հարցընէ. «Քանի՞ տարով յետեւ Հայք ի կռապաշտութիւն մտին» յետ ծագման կռապաշտութեան. եւ պատասխանէ, «Հարիւր»: Իսկ կռապաշտութիւնն ե՞րբ մտաւ յաշխարհ. վերեւ իմացուց Վարդան, թէ Բել նախ մտուց կռապաշտութիւն՝ իրեն պատկերը պաշտել տալ ուզելով. ոմանք այլ Սեմայ ցեղէն Աբրահամու հայրը կամ պապը համարին այսոր պատճառ: Բայց ասոնք մեզի աւելորդ խնդիրներ են. հարկ է որ հասարակաց ազգաց ամենէն դժնդակ ժանտախտն, սուտ հաւատքն, ուշ կամ շուտ Հայոց մէջ այլ ճարակուած համարինք, եւ քննենք, նախ հնագոյն համարեալ աղանդները, ապա յատուկ կռապաշտութիւնը

Այլ ո՜րչափ պժգալի է ողջախոհ քրիստոնէի՝ թողլով ստոյգ աստուածպաշտութեան յիշատակները, դառնալ իր հնացեալ եւ մոռացեալ նախնեաց՝ ցնորից, ախտից, կրից եւ տգիտութեան, եւ ստեղծած կամ կարծած սնոտիքը փնտռել… Սակայն գոնէ փոխանակ անոնց՝ մենք ուղղահաւատ բաղդաւոր որդիքս՝ անգամ մ’այլ աւելի երկրպագութիւն եւ գոհութիւն մատուցանեմք՝ զմեզ լուսաւորողին եւ փրկողին Քրիստոսի, ճշմարիտ Աստուծոյ



[1] Յատուկ անուն այլ եղած, ինչպէս Յազդ Սիւնի նահատակեալ յաւուրս Վարդանանց

[2] Այս աւանդութեանց վրայ կըրնամք ուրիչ բան այլ աւելցընել, երբ առանձինն Հայկայ վրայ խօսիմք: