Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ. ԱՐՏՕՐԷԻՑ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆ ԵՒ ՀԱՒԱՍԱՐ ՏԱՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
      
       Լաւ ուշադիր եղիր, Թոռնիկ, զի այս դասը երկրագործին համար շատ կարեւոր մի դաս է, որ նա գիտնայ իւր արտեր բարւոք կարգադրել եւ բաժնել։ Նախ եւ առաջ պէտք է իւրաքանչիւր արտերու սահմանը իրարմէ որոշել, եւ արտամէջ տեղեր թողնել որ գոնէ երեք կանգնուի չափ լայնութիւն ունենայ։ Այս արտամէջ տեղեր որ առանց հերկելու միշտ պէտք է կորդ մնան, չէ թէ միայն ճանապարհի համար է որ սայլեր դիւրութեամբ քալեն պինդ գետնի վերայ, այլ առաւել խոտաբոյսերու համար շատ կարեւոր է. եթէ մեզ համար ցորենաբոյս մեծ պիտանութիւն ունի, հապա աշխատող անասնոց համար որչա՞փ պէտք են խոտաբոյսեր, երբ արտերուն եզերք գտնուելով իբրեւ պատրաստի արօտատեղ կը լինին տաւարներուն որ գութանէն արձակուելով` անմիջապէս արածելու տեղ կը գտնեն հարկ չի մնար հեռաւոր տեղեր տանելու։ Հին ժամանակ որ ես տեսած եմ ընդարձակ արտամէջեր կային, զի մեր նախնիք շատ հոգացող եւ խղճմտանքով մարդիկ էին, անասնոց վերայ կարեկցութեամբ, գութ եւ խնամք ունէին։ Բայց արդի ժամանակ այդ առաքինութիւն բարձուած է գիւղական ժողովուրդի սրէն, որ միայն իւր հաց մտածել գիտէ, իսկ խեղճ անասնոց համար ոչինչ փոյթ չունի։
       Այժմ կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, թէ ինչպէս արտ արտի կցուած եւ ոչ քայլ մի անգամ միջոց մնացած է։ Եթէ յաջողիմի արտի տէր իւր դրացիէն յառաջ լծել գութան, նա կը ջանայ արեւուն առաջ յայտնի կերպով քանի մի ակօս գողնայ դրացիի արտէն, եւ խառնել իւր արտին եւ այսպէս առանց խղճի գողնալով ընկերոջ բաժնի հողէն մեծ անիրաւութիւն կը գործէ, որուն հետեւանք կը լինի անվերջանալի կագ ու կռիւ երկու դրացիներու մէջ։
       Սորա համար շատ եւ շատ կարեւոր է. որ ամէն արտատէր իւր արտին շրջապատ թումբ քաշելով որոշէ ճշմարտութեամբ իւր արտին սահմանն. որով ոչ միայն իւր սեպհականութիւն կապահովի, այլ աւելի ուրիշ օգուտ եւս ունի արտին շրջափակ թումբ, որ արար ջրուած ժամանակ ջուրն արտէն դուրս չի վազեր ողողելով եւ հեղեղատներ բանալով յորդ անձրեւներու ժամանակ, մանաւանդ երբ արտը հաւասարութիւն չունի դար ու փոս է։
       Արտերու բարեկարգութեան մասին մի պայման էլ այն է արտին փոս տեղեր հաւասարել, այնպէս որ արտին տարածութեան մակերեւոյթ մէկ ծայրէն միւս ծայր հաւասար եւ շիտակ լինի. եւ այդ շատ դիւրութեամբ կը լինի, ոչ միայն ձեռքի աշխատութեամբ, այլ նա եւ թէ անձրեւ եւ թէ ջուրը բնականապէս դարերուն հողերը ողողելով փոս տեղեր կը լեցնեն եւ ինքնին կը հաւասարին։ Միայն թէ բաւական չէ արտին շրջափակ թումբ, պէտք է արտին մեծութեան եւ դիրքին համեմատ թումբեր քաշուին, պարզ օրինակով բացատրեմ քեզ, Թոռնիկ, որ լաւ ըմբռնես։
       Եթէ մի արտ ունինք, որ երկու հարիւր կանգուն երկարութիւն ունենալ եւ հարիւր կանգուն լայնութիւն, եւ այդ արտ երկարութեան վերի ծայրէն սկսեալ մինչեւ վարի ծայր աստիճանաբար դարուվար լինի, ինչպէ՞ս պէտք է հաւասարել։ Շատ դիւրութեամբ կը հաւասարի եթէ արտին լայնութեան կողմէն մինչեւ միւս լայնութեան եզր թումբեր քաշուին երկու կամ երեք տեղ ի նկատի առնելով առապարին բարձրութեան եւ ցածութեան դիրք. եթէ խիստ առապար է, պէտք է յիսունական կանգուն չափել ւ թումբ քաշել. իսկ եթէ առապար այնքան առիվար չէ. բաւական եւ եօթանասուն եւ հինգ կանգունին մի թումբ քաշե, որով արտը չորս կամ երեք մասի կը բաժնուի։ Թումբեր պէտք է քիչ քաշուին, ամէն տարի գարնան եւ աշնան աշխատելով, պիտի տեսնաս որ երկու եւ երեք տարուան մէջ արտը հաւասարութեան աստիճան գտած է։
       Է՜ Թոռնիկ, գիտեմ պիտի ասես թէ արար իւր ամբողջութենէն բաւական կը կորսնցնէ այդ թումբերուն համար։ Ո՛չ, այդ հաշիւը սխալ է Թոռնիկ, ոչ միայն չի կորսնցներ այլ մեծապէս կը շահի, վասն զի արտն պտղաբերութիւն կրկնապատիկ էվելնալով` կորսնցուցած տեղերուն հաշիւը կը լեցնէ։ Եւ միթէ այդ թումբեր իրենց շահն եւ օգուտ չունի՞ն, ցանէ անոնց վերայ առւոյտի սերմն, տես ինչպէս պատուական կը լինի, թէ իւր արմատներով թումբ կ»ամրացնէ եւ թէ առատ եւ զօրաւոր խոտ կըստանաս ձմերան համար։
       Այժմ խօսիմ, Թոռնիկ, արտերու մաքրութեան մասին, որ երկրագործին աշխատութեան մի գործ պէտք է լինի, միշտ ամենայն խնամով արտերէն դուրս հանել մաքրել, եթէ կան իւր մէջ այնպիսի քարեր, որ հերկագործութեան եւ հնձելու ժամանակ արգելք կը լինին։ Թո՛ղ արտին երեսը երեւցած քարեր, կը գտնուին նա եւ հողին տակ խոշոր քարեր, որք հերկուած ժամանակ գւթանի խոփին զարնուելով կը կոտրեն զայն. գութան կը դադրի մինչեւ խոփը քաղաք տարուելով շինուի, որով բաւական ժամանակ պարապ կանցնի։ Ուստի լաւէ որ այդ պատահած քարերը փորելով գետնի տակէն հանեն եւ արտէն դուրս վարեն։ Փորձուած է, գութանի խոփերն ուրիշ պատճառներով էլ կը կոտրին. սորա համար կարող երկրագործ նախահոգ լինելով պէտք է ուրիշ պատրաստի խոփ մի եւս ունենայ, որ ի դիպել հարկին գործածէ, եւ չթողու որ աշխատութեան օրը պարապ անցնի։
       Քարեր մաքրելէն յետոյ, կարեւոր է նա եւ բարձրաբոյս դաժան փշեր եւ ուրիշ մոլախոտեր արմատահան անելով մաքրել։ Դու յիշէ այստեղ Թոռնիկ Աւետարանին առակը, թէ խուշեր կը խեղդեն սերմերը եւ անպտուղ կը լինին։ Աւելի հոգ տանելու է որոմնաբոյս խլել արտէն երբ ցորենին հետ կաճի եւ կը բարձրանայ, էն ժամանակ շատ դիւրին է որոմն ցորենաբոյսէն ժողովել։ Կը ցաւիմ որ Վանայ երկրագործներ շատ անհոգ են այս մասին, կ թողուն որ որոմն ցորենին հետ հնձուելով խառնուի, եւ ի միասին կասելով կը ժողվեն շտեմարանը. եւ գիտե՞ս որչա՞փ դժուարին է յետոյ ցորեն մաղելով որոմներ ջոկել։ Կան շատ գաւառներ որ ցորեան լուանալու մեծ հանդէս կանեն, բոլոր ընտանիք կերթան ջրաղաց, եւ այնտեղ օրերով մնալով մեծ խնամով կը լուանան ցորեն, ոչ միայն որոմն` այլ եւ մանր քարր եւ ուրիշ օտար սերմնահատեր ամբողջովին կը մաքրեն եւ ապա կաղան, որով հացն անխառն եւ շատ մաքուր կը լինի։
       Բայց որոմնաբոյսեր ցորենէն զատելու համար աւելի դիւրին միջոց այն է որ, կանխապէս դեռ արտ չը հնձուած արտի մէջէն քաղել, երբ որոմն փունջ փունջ կը բարձրանայ ցորենաբոյսին հաւասար եւ կսկի հասկ կապել։ Ինչպէս տեղեկացած եմ, սորա օրինակ կուտան մեզ Խարբերդու ժրաջան ընտանիք, որ ժամանակին կը թափին արտերու մէջ եւ որոմի փնջեր ամբողջ դուրս կը քաշեն, որով ցորենի աճումն աւելի եւս կը զօրանայ, վասն զի ամէն ինքնաբոյս խոտեր, որչափ շատ բուսնին մի արտի մէջ այնչափ աւելի մեր ցանած սերմի աճումն կը ճնշեն եւ կը ջլատեն։ Զարմանալի է, Թոռնիկ, որ այդ ինքնաբոյս անմշակ խօտեր աւելի կը զօրանան, եւ կը յօրանան, Առակ է այս, որ կը խօսին իմաստուն մարդիկ թէ ինքնածին բոյսեր իբրեւ հարազատ զաւակ կը համարուին մայր հողին, զորոնք աւելի կը սնուցանէ իւր կաթով եւ հիւթով։ Իսկ մեր ցանած սերմն իբրեւ խորթ զաւակներ կը համարուին։ Բայց մայր հողին բնական զօրութիւն անխտիր եւ հաւասար է ամէն բոյսերուն համար, նա հնազանդ է Աստուածադիր բնական օրէնքին, աշխարհիս մարդկանց մայրերուն չի նմանիր որ հարազատ զաւակներ միայն կը սիրեն եւ խորդեր ատելով կատեն։
       Հետաքրքիր կը լինի՞ս, Թոռնիկ, թէ ի՞նչ է բնական պատճառ եւ թէ ինչո՞ւ համար կուզեմք օտարաբոյս խոտերը քաղհանք անել մեր մշակած երկրէն։
       Երանի՞ թէ կարենայի գիտնականապէս բացատրել քեզ դորա պատճառ, բայց ժողովուրդ փորձով հասկցած է, որ ինքնաբոյս խոտերը մեր ցանած սերմնաբոյսերուն բռնաւոր թշնամի են, վասն զի իրենք աւելի աճելով ու զօրանալով կը նուաճեն եւ կը խեղդեն մեր բոյսերը. չեն թողուր որ աճեն եւ զօրանան, ուստի քաղհանք անելով արմատով դուրս կուտան, էն ժամանակ կը տեսնաս որ ընտանի բոյսեր շուտով կսկսեն աճել։
       Սորվիր, Թոռնիկ, թէ ի՞նչպէս է սորա ներքին եւ բնական պատճառ, ինձ կը թուի որ բոյսեր որչափ ցանցառ լինին, այնչափ աւելի ուժով եւ շուտով կը զօրանան, որովհետեւ աւելի հիւթ եւ սնունդ կընդունեն մայր հողէն, եւ քաղհանք եղած բոյսերուն բաժին հիւթը իրենք կը ծծեն եւ կուռճանան։ Ժողովուրդին մի խօսած առածը պարզապէս կը հասկցունէ այս միտքը. թէ «սոխին նօսր գլուխ կը ձգէ»։ Միթէ չունի՞մք աւելի բնական օրինակ, մեր մայր երբ երկուորեակ ծնի, նորա ստինքներու կաթը բաժին կը լինի երկու զաւակաց, այլ երբ մի հատիկ զաւակ ծնէ, երկու ստեաց կաթը միանգամայն բաժին կը մնայ նորածին մանկան, որով կաթնկեր մանուկն աւելի առատ ծծելով աւելի կը զօրանայ։ Այս չափս հերիք է արտերու մաքրութեան մասին, կարգն է այժմ, որ խօսիմ հողին պարարտութեան վերայ. որ կառաւելու երկրագործին շահն ու վաստակ, եթէ գիտնայ ի գործ դնել ամէն այն միջոցներ որ հողին ուժը եւ պարարտութիւն կուտան։