Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԵ. ՈՉԽԱՐ ԵՒ ԻՒՐ ԱՄԵՆԱՇԱՀ ԱՐԴԻՒՆՔ
      
       Աշխարհի բոլոր ընտանի կենդանեաց տեսակին մէջ, ամէնէն շահաւոր կենդանին ոչխարն է, որ մի տարուան շրջանին մէջ գրեթէ իւր զնոյն հաւասար արդիւնք կուտայ` մի մաքին մեր երկրի միջին գնով կարժէ յիսուն դահեկան։ Մաքին կուտայ տարին մի գառն, որ կարժէ քսանէն մինչեւ քսան եւ հինգ դահեկան, երկու քաշ պանիր երկու քաշ իւղ կուտայ, այն եւս կարժէ տասն եւ վեցէն մինչեւ քսան դահեկան, մի քաշ եւս բուրդ կուտայ, էն էլ հինգ դահեկան հաշուելով ամբողջ ի միասին կը լինի քառսուն եւ մէկ դահեկան, թէ որ ժաժիկն էլ հաշուեմ կը հասնի մինչեւ քառասուն հինգ դահեկան։
       Ոչխար, շատ օրհնեալ, հեզ, ընդասուն եւ անմեղ կենդանի է. անապատի ճգնաւոր Յովհաննէս Մկրտիչ երբ տեսաւ զՅիսուս Աստուծոյ գառն կոչեց զինքն։ Հայր Աբրահամ երբ Իսահակ կապելով դրաւ սեղանին վերայ, որ պիտի մորթէր, հրեշտակ կանչեց զինքն, Աբրահամ դէպ ի վեր նայեցաւ տեսաւ որ պատուական մի խոյ կախուած է Սարեկայ ծառէն, Աստուած ղրկեր էր այդ խոյ որ Իսահակի փոխան` զոհ լինի եւ Իսահակն ազատուի։
       Ոչխար շատ զարմանալի աճուն կենդանի է, որովհետեւ փոքր եւ հանդարտ բնաւորութիւն ունի, հազարներով կարող ես պահել մէկ տեղ։ Ոչխար թէ փափուկ եւ թէ դիմացկուն մի կենդանի է, ամառն շոգէն շատ կը նեղուի մանաւանդ երբ իւր արօտատեղ դաշտավայր լինի, իսկ հովասուն լեռներ եւ լեռնադաշտեր` ոչխարի համար արքայութիւն է։ Այն գիւղեր որ դաշտավայրի մէջ շինուած են, եւ ընդարձակ մարգագետին ունին, ինչպէս մեր գիւղ շատ յարմարութիւն չունին ոչխար պահելու համար. մանաւանդջրոտ մարգագետիններ մի տեսակ հիւանդութիւն կը պատճառեն արածող ոչխարներուն եւ այս տեսակ հիւանդութեան «քեափանակ» կասեն, որ կարծեմ քիւրդերէն պէտք է լինի։
       Իսկ լեռնային գիւղերն, որ ընդհանրապէս քիւրդերուն բնակավայրն է, ոչխար պահելու շահեկան շատ ընդարձակուած է. վասն զի քիւրդեր այս մասին մեզմէ աւելի խելացի են եւ շահագէտ։ Հազարներով ոչխար կը պահեն եւ գիտեն քաջ դարմանել։ Նախ որ իրենց արօտավայր տեղեր շատ լայնածաւալ են, խոտաւէտ լեռներ, ծաղկաբոյս հովիտներ, աղբիւրաշատ ձորեր` մեծ բաժին եղած է իրենց, ուր ամրան կարածեն ոչխարներ, եւ ձմերան համար, որչափ ուզեն կարող են խոտ քաղել պատրաստել մեծամեծ դէզերով, եւ միայն այն ժամանակ խոտ կուտան ոչխարին երբ ձիւն սաստիկ կուգայ, եւ կը ծածկէ բոլոր լեռներ եւ արեգդէմ պառեկներ, իսկ երբ ձիւն այնչափ շատ չի լիներ եւ քամին արեգդէմ լեռներու ձիւներ կը տանի, ոչխար կարող է արածել եւ կշտանալ, գիշերն եւս ոչխարներ լեռներուն ծոցաւոր տեղեր կը մնան ուր որ հով չի բաներ եւ արեգդէմ է։ Այս բացօթեայ ջերմին տեղերուն քիւրդեր հաւշի կասեն։ Ժամանակ կը լինի որ ոչխարի հոտեր, մինչեւ երեք օր կարող են անօթի մնալ հաւշիներուն մէջ մինչեւ որ ձիւնաբուք քամին անցնի։ Սորա համար ասի քեզ թէ ոչխար ամրան շոգին չի դիմանար, բայց ձմրան ցուրտերուն դէմ կը մրցի։ Տէր Աստուած հոգալով` այդ խեղճ կենդանին թանձր բուրգով նորա քամակ պատսպարեր է. միթէ այդ օրհնեալ կենդանւոյն բուրգով մեր թիկունք չի՞ տաքնար։
       Իսկ մեք գիւղացիքս, որ մէն մի տան սակաւաթիւ ոչխարներ ունիմք, ձմերան գոմի մէջ կը պահեմք, եւ ցորեկներ դուրս հանելով ձեան վրայ խոտ կուտամք եւ նորէն կը գոմենք։
       Ոչխարի գոմ իւր քանակութեան չափով պէտք է ընդարձակ լինի, այնպէս որ առանց նեղուելու նստեն, կանգնին. տանիքէն եւ պատերէն պէտք է երդիք ունենայ, վասն զի ոչխարին համար շատ պէտք է մաքուր օդ, նա սովորած է լեռներուն հովասուն օդ ծծել միշտ։ Ոչխար մաքրութիւն եւ չորութիւն կը սիրէ, պէտք է միշտ գոմին յատակ չոր եւ մանր փայեն պարզել, զոր պէտք է ամրան հաւաքել ու պահել։ Նմանապէս մեծ հոգատարութիւն պէտք է գոմի տանիքին համար, զի կաթիլք շատ վնասակար են ոչխարին։
       Գարնան, Ապրիլ ամսոյ կիսուն կսկսին ոչխարներ հետըզհետէ ծնիլ, երբ դուրս եղած կարածան նորաբուսիկ եւ հին խոտերով։ Նոր ծնած գառներ եւ ուլիկներ հովիւ իւր իշկուն բառնալով իրիկուան գիւղ կը բերէ։ Մայիս ամսուան մէջ երբ արօտներ կը զօրանան կսկսեն ոչխարներ կթել։ Կէսօրին հովիւ ոչխարներ կը բերէ պէրատեղ, կը տեսնաս որ գիւղի հարսներ եւ աղջիկներ կաթի կժեր եւ կթոցներ առնելով կուգան պէրատեղ, ամէն մէկ իւր ոչխարներ կը կթէ։ Էդ երջանիկ կթուորներ գարնան գոյնզգոյն ծաղիկներով կը զարդարեն իրենց գլուխ եւ կաթի կժերուն բերան, կը շալկեն, ուրախ ուրախ երգելով գիւղ կը դառնան։ Եւ երբ կիթն կը լմննայ, գառնարածն որ գառնուկներ եւ ուլեր առանձին տեղ պահած է թող կուտայ, դու տես էն ժամանակ մի զուարճալի տեսարան, ոչխարներ կը բառաչեն, գառներ կը մայեն, կը թուի թէ մայր ոչխար իւր գառնուկին հետ կը խօսի եւ գառնուկ մօր հետ. հարիւրաւոր ոչխարներ գառներ կը խառնուին իրարու հետ, մինչեւ գտնեն գառներն իրենց բուն մայրեր, բուն մայրեր երբէք օտար գառն չի ընդուներ իւր տակը։ Այս զարմանալի է հովուին ճարտարութիւն, երբ գառն կը մոլորի չի կրնայ գտնել իւր մայրն, հովիւն իսկոյն կբռնէ գառնուկն եւ կը յանձնէ իւր մօր։ Եւ ինչպէս կը ճանչնայ գիտե՞ս, բաւական է որ նա ծնած ժամանակ տեսնայ մի անգամ, գիտես թէ լուսանկարի պէս նորածին գառան եւ մօր պատկեր էնպէս կը տպաւորի նորա անմշակ մտքի մէջ, որ նա կարող կը լինի հարիւրաւոր ոչխարներու գառներն` առաջ եւ ետքը ծնած գոյնով իրարու նման սրատես աչքով որոշել իրարմէ։ Այսպիսի հովիւներ շատ հազուագիւտ են, եւ պսպօր կը կոչուեն, որ սրատես եւ ճարպիկ ասել է։
       Չմոռնանք այս տեղ, Թոռնիկ, թէ հովուին համար շատ կարեւոր են գամբռ հուժկու գայլախեղդ շներ, շատ ճիշտ է թէ որ ասենք հովուին թիկնապահ եւ յառաջապահ զինուորներ են, որ հօտին առաջ երթալով կը դիտեն չորս կողմն։ Եթէ մի գայլ տեսնեն հեռուստ, տես դու ինչպէ՞ս խմբովին կը յարձակին, մինչեւ հալածեն։ Կը պատահի երբեմն եթէ հասնեն բռնեն գայլ եւ խեղդեն, այն օր հովիւն իւր քաջարի շներուն մեծ ճաշ կուտայ։ Որ կը պատրաստուի հացով եւ իւղով, որուն ճմուռ կասեն։ Իսկ շներու սովորական կերակուրն է կաթ, որ մի մեծ փայտէ կօտի մէջ կը լեցնէ հովիւն ազատօրէն, գարէ հացն էլ մէջ կը բրդէ, էդ քաղաքավար շներ շուրջ կը բոլորին եւ կուտեն առանց կռուի։ Միթէ քաղաքի փողոցի անօթի շնե՞րն են, որ ոսկորի վերայ կռուեն։ Հովուի շներ գիտես թէ մի վեհանձն բնաւորութիւն ունին, ոչինչ տեղ չեն հաջեր, բայց հօտին մօտ անծանօթ մարդ տեսնան սկոյն կը յարձակին։
       Վերջապէս, Թոռնիկ, գամբռ շներ շատ պիտանի են ոչխարի հօտին համար, եթէ չը լինին գայլերէն շատ վնաս կը հասնի ոչխարներուն եւ հովիւ միայն կարող չէ պաշտպանել հօտն։ Մանաւանդ մշուշ եղած ժամանակն չգիտեմ, գրքեր հովուին անուն շատ կուտան. շներն ի՞նչու չեն յիշեր, որ հովուին օգնական զօրավիգն են։ Մեր ոչխարի շներուն լաւ նայէ, Թոռնիկ, եթէ տկարանան ուժաթափ լինին այլ եւս կարող չեն գայլեր հալածել, նմանապէս հովուինեւս լիովին վճարէ եւ աւելի հոգայ ու երբեմն պարգեւներ տուր պսպօր հովուին։ Գիտե՞ս դու, ոչխարի հովիւ ժողովուրդի հովուին չի նմանիր, որ առանց վարձքի ժողովուրդ հովուէ ու համբերէ։ Ինչպէս մեր գիւղերու քահանաներ։
       Մոռցայ խօսել, Թոռնիկ, թէ ոչխարներուն ժամանակին աղ տալու է, ոչխարներ չափազանց աղ կը սիրեն, եթէ աղ չուտեն իրենց ոչ կաթին եւ ոչ մսին մէջ համ կը լինի։ Թէպէտ այն գիւղեր որ Վանայ կամ Արճակու ծովուն մօտիկ են` աղի տեղ ծովու ջուր կը խմցունեն, որ վնասակար է, վասն զի այդ ծովերուն ջրեր աւելի բորակ ունին իրենց մէջ, եւ ոչ թէ զուտ աղ, թող այս երբեմն եւս չափազանց խմելով կը վնասուին, ուստի աւելի լաւագոյն եւ օգտակար համարուած է աղն։
       Հովուական կեանք շատ անմեղ եւ երջանիկ կեանք է, Թոռնիկ, թէ եւ մարդիկ կը կարծեն, թէ հովիւներ մի ապերջանիկ մարդեր են, մարդոց ընկերական կեանքէն զրկուած, անբան անասնոց հետ կապրին, միշտ ամայի լեռներուն վերայ կը շրջին, շատ տխմար ու բթամիտ կը լինին։
       Այս կարծիք շատ սխալ է, հովիւներ իրենց արուեստին հմտութիւն քաջ գիտեն, ոչխարներու ամէն կերպ հիւանդութիւններ կը ճանչնան, գիտեն դերն ու դարման, լեռներու մէջ դեռ անծանօթ մնացած ամէն ծաղիկներու, բոյսերու արմատներուն զօրութիւն փորձով գիտեն։
       Հովուական կեանք հին նահապետաց կեանքի մի պատկերն է, ուր կը տեսնամք ոչ միայն այր մարդ, այլ եւ աղջիկներ ոչխար կարածէին` ինչպէս Ռեբեկայ, Ռաքել եւ այլն։
       Այդ լեռնասուն հովիւներ, այո՛, միշտ երջանիկ են, երբէք հիւանդութիւն չը գիտեն. զի նոքա ամենամաքուր օդ կը ծծեն. եւ ին՞չ է իրնց բնական եւ սովորական կերակուր, գիտե՞ս` մաքիներ կը կթեն. այն փրփրուն անխարդախ կաթին մէջ կը բրդեն հաց, պաղ աղբիւրի մէջ կը դնեն, գըգալով կուտեն. նոքա ուտելու ժամ ու ժամանակ չեն որոշեր. երբեմն գիշերապահուն կաթ կթելով կը դնեն պտղոց մինչեւ առաւօտ, կը նայես որ այդ կաթին երես մի մատ սեր կապած է, էդ էլ հովուին առտուն նախաճաշիկն է։ Հովուին խմած ջուրն, այն սառն-ստակ աղբիւրներու զուլալ ջրերն են. հովուին շունչ ամենազան ծաղիկներու բուրումն է եւ իւր ռնգունք նոցա հոտով կը զմայլի։ Հովուին գիշերուան քուն շատ անդորր եւ անշունչ է. նա չունի կակուղ անկողին, նա կը տառկի գետնախըշտի, մի քար գլխուն բարձ կը դնէ, եւ իւր թախսէ կափանակ վրան կը քաշէ, նա կը քնանայ եւ շներ պահապան կը լինին հօտին։ Հովուին քուն շատ թեթեւ ու կարճ է. նա գրեթէ կիսարթուն կը ննջէ, զի միշտ իւր սրտին մէջ կասկած եւ երկիւղ ունի, թէ գայլեր գիշերուան պահուն յանկարծ կը յարձակին հօտին վերայ։ Զարմանալի է երբեմն` հովիւ երազի մէջ գայլոց գիշերուան պահուն յանկարծ կը յարձակին հօտին վերայ։ Զարմանալի է երբեմն` հովիւ երազի մէջ գայլոց վոհմակներ կը տեսնայ, նա կսկսի քունին մէջ ինքնախօս լինել եւ շներ քշքշել եւ մերթ եւս իսկոյն լեր կը ցատկէ շփոթուած։
       Հովիւ գեղարուեստի դպրոցէն ելած չէ։ Թոռնիկ, բայց ինքն բնական երաժիշտ է. նա իւր հովուական փողն առնելով կը նստի բարձր քարի վերայ` կսկսի փչել, եւ գիտե՞ս որչա՞փ քաղցր եւ անուշ է այդ հովուական փող։ Մերթ եւս հովիւնիւր փողով իբրեւ զօրավար մի հրամանատարութիւն կանէ իւր հօտին, ցրուածներ կը ժողվէ եւ իւր մօտ կը կանչէ. մանաւանդ աղ տալու ժամանակ. ի՞նչպէս հօտն միահամուռ կը դիմէ դէպի աղն, որոյ կարօտութեան դէմ հոգի կուտան ոչխարներ։
       Ահա հովուին կեանքն ու գործն, շատ համառօտ նկարագրեցի քեզ, Թոռնիկ, բայց խնդիր մի կայ, մեք որ հովուին կեանք երջանիկ կը համարինք, բոլորովին ազատ աշխարհի աղմուկներէն, բայց տեսնանք, թէ հովիւն էլ ինքզինքը երջանիկ կը համարի` եւ իւր կեանքէն գո՛հ է։ Սորա համար խելացի մարդոց մի առակ միտքս կուգայ, խօսիմ քեզ, ուշադրութեամբ մտիկ արա։
       Մի հարուստ հովիւ որ շատ ոչխարներու եւ տաւարներու տէր եղած է, մի օր ծովուն մօտիկ մարգագետին վերայ, երբ իւր անասուններ կարածայ, աչքն դէպի ծով կը դարձունէ, կը տեսնայ ծով մեղմաշունչ զեփիւռէն ծածանելով կը ծիծաղի, վաճառականաց նաւեր առագաստներ պարզած ու լցուած դէպի նաւահանգիստ կուգան։
       Մեր անփորձ հովիւն հրապուրուելով այս բաղդին տեսարանէն, մի ա՞խ կը քաշէ եւ կսկսի իւր բաղդէն դժգոհալ. երանի՜ ես էլ մի վաճառական լինէի, ծովովու ցամաքով աշխարհէ -աշխարհ ճամբորդէի, լսէի, աշխարհի՞ բաներ հասկնայի, պատուաւոր վաճառական լինելով անուն հանէի։ Ի՞նչ է այս իմ կեանք. գիշեր ցորեկ անասնոց հետ կեանք կը վարեմ, աշխարհ բոլոր քաղաքակրթութեան ետեւ կը վազէ. ես դորա համ ու հոտ չ»գիտեմ, իրաւ է որ տունս ամենայն բարութեամբ լի է, կը վայելեմ Աստուծոյ տուած բարիքներ, ոչինչ կարօտութիւն չունիմ։
       Բայց միթէ մարդոյն համար միայն ուտել խմել բաւակա՞ն է - հարուստ եմ` այլ ինչ օգուտ, որ անծանօթ մնացեր եմ, իբրեւ մի սոսկական հովիւ, թէ մեռնիմ` յիշատակս էլ կը կորնչի. ո՛վ է տեսեր որ հովուի գերեզմանին վերայ կոթող մի կանգնեն. ես կուզեմ որ անունս արձանագրուի աշխարհի մեծագործ մարդոց հետ, ապագայ սերունդ կարդայ եւ յիշէ զիս։
       Այս խաբուսիկ երեւակայութենէն խաբուեցաւ մեր հովիւ. գնաց վաճառեց իւր բոլոր անասուններ, մեծ գումար մի եղաւ. տուաւ գնեց բազում ապրանքներ, տարաւ նա, որ երթայ օտար աշխարհ վաճառէ։ Այս մեր անգիր, անհաշիւ հովիւն ուրախ-զուարթ նստելով նաւուն վերայ` ինքնին մտաւորական հաշիւ կանէր, այսպէս առի եւ այսպէս բարձր գնով պիտի ծախեմ, եւ այս առջի անգամին այսքան պիտի շահիմ։
       Մինչդեռ հովիւն իւր այս հաշւով կը զուարճանայր, ծովն էլ իւր բնութեան հաշիւն սկսեց. սոսկալի փոթորիկ հանեց, նաւն տարաւ զարկաւ մի ցամաքի ապառաժներուն, խորտակեցաւ նաւ եւ բոլոր ապրանքներ թափեցան ի ծով, խեղճ հովիւն մի փրկութեան տախտակ գրկելով հազիւ ազատեցաւ, ելաւ ցամաք, եւ յետոյ մի ուրիշ նաւուվ դարձաւ եկաւ տուն` մերկ կողոպուտ։ Առաջ տէր էր, յետոյ վարձկան ծառայ դարձաւ, եւ հետզհետէ անասնոց տէր եղաւ, հասաւ իւր առաջի վիճակին։ Մի օր գնաց դարձեալ այդ ծովեզերի արօտատեղն տեսաւ որ ծովն առաջուան պէս դարձեալ կը ծիծաղի իւր դէմը եւ նաւեր բարձուած կուգան։
       Մեր հովիւ խելաբերելով կասէ, է՜, անիրաւ ծով, այլ եւս քո ծիծաղին չեմ հաւատար, տունս քանդեցիր։ Բայց ես էլ բան հասկցայ քո փորձանքէն, թէ հովիւ վաճառական չի կրնայ լինել, եւ պէտք է այսուհետեւ իմ վիճակովս գոհ լինիմ եւ փառք տամ Աստուծոյ։
       Տեսա՞ր, Թոռնիկ, այս առակ թող քեզ խրատ լինի, չի լինի թէ դու էլ մի օր ունայն երեւակայութենէն խաբուելով ասես. ոչխարներս ծաեմ, որ գութան տաւարներով ծախեմ, բոլոր արտերս ծախեմ, որ կը լինի մեծ գումար, երթամ ի Վան վաճառական լինիմ, թողնեմ գեղացիութիւն, եղնիմ քաղքցի. գեղեցիկ տուներ շինեմ, երբեմն եւս երթամ Ըստամպոլ` գամ, մեծ վաճառականի վարկ ու համբաւ ստանամ եւ այլն։ Դու չ»գիտես, Թոռնիկ, դեռ անփորձ ես, թէ քաղաքային կեանքի փորձանք ծովու փորձանքէն էլ աւելի կործանիչ է, թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, քաղաքէն եւ քաղաքացւոց կենցաղավարութենէն։ Ապահով կեանք գիւղն է, եւ արդար վաստակ մշակութիւն է, հողագործ` վաճառական չի լինիլ, մաճակալն էլ ծովու նաւապետ կամ ղեկավար։ Խնամակալ Աստուած ամէն մարդ իւր տեղ դրած է, որ աշխատեն. քաղքցին ի քաղաք, գիւղացին ի գիւղ, նաւապետնի ծով, մաճկալն ի դաշտ։ Մարդիկ երջանիկ կը լինին, եթէ գոհ լինին իրենց գտնուած վաճակէն եւ չ»ձգտին այն բանին, որ իրենց ուժէն եւ չափէն վեր է, եւ չեն կրնար հասնել։ Այնպէս չի հասկնաս, Թոռնիկ, երբ դու յառաջադիմել կուզես, ես քար կը դնեմ ոտքիդ առաջ, որ անշարժ մնաս ուր որ ես։ Ո՛չ, իմ միտքս այն է, որ գիւղական կեանքի մէջ յառաջդիմես, տանուտէր լինիս, ագարակի տէր լինիս, հազար-հազար ոչխարներ ունենաս, բայց չը թողուս գիւղն ու դաշտ եւ միշտ յիշելով մեր առակ` ծովեզրրին չը մօտենաս։
       Աւարտելով այս երկար դաս, զոր խօսեցայ քեզի, ոչխարների խնամոց եւ դարմանի վերայ, այժմ պիտի խօսիմ անասնոց հետ գթութեամբ վարուելու մասին։