Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՄԵՐ ՍԿԶԲՆԱՎԱՅՐ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ

ԴՐԱԽՏՆ ԱԴԻՆԱՅ

Ինչուան հիմայ տեսանք [1] Հայաստանեայց հանդիսատեղիս նկատելով զգիրս եւ զբնութիւն երկրին․ մնայ այսուհետեւ տեսանել զհանդիսականս․ եւ ի բնականէն անցանել ի բանականն, եւ քննել որ ինչ յընթացս ժամանակի գործեցավ հոն եւ յիշատակեցաւ վկայութեամբ մարդկան։ - Եթէ բնաւ գրաւոր կամ աւանդական վկայութիւն մը մնացած չըլլար մեր եւ կամ որ եւ է աշխարհի վրայօք, եւ միայն ձեռագործ յիշատակարանք մնացած ըլլային, անոնցմէ պիտի գուշակէինք երկրին բնակչաց պատմութիւնը․ եւ եթէ այն յիշատակարանք ալ պակսէին բայց նախուստ գիտնայինք թէ հոն ժամանակաւ ազգ մը բնակել եւ հանդիսացել է, ինքն երկիրն իր հանգամանօքն՝ այսինքն կազմութեամբ, դրիւքն, զանազան ձեւերովն, բարձրութեամբ եւ ցածութեամբ, կլիմայովն՝ միանգամայն ասել՝ ամենայն բնական երեւութիւք պիտի ծանուցանէր փոքր ի շատէ իր բնակչաց պատմութիւնը գիտէ կամ կու տեսնայ, եւ կրնայ բաղդատել զերկիր ընդ երկրի եւ բնակիչ ընդ բնակչի։

Քանի որ ներկայէս ի վեր ելլանք դարերով եւ քանի ժամանակէնսկիզբներուն մօտենամք, երկրիս վրայի ազգք եւ ժողովուրդք սկսեալ ի նորագունից կամաց կամաց կու սկսին աղօտանալ, մթանալ, ծածկուիլ աներեւոյթ ըլլալ, եւ երկիրս չորս կողմերնիս կ՚անապատանայ ի մարդկանէ․ յանկարծ առաջ անապատ անբնակ մնացած մասերն կու սկսին բնականալ, հին մոռացեալ եւ հիմայ ջնջեալ ազգեր յերեւան կ՚ելլան ժամանակի սկզբանց մօտ, ինչուան որ աւելի վեր ելլալով անոնք ալ անյայտ կ՚ըլլան, եւ հազիւ քանի մը ազգք ներկայէս սկսեալ ինչուան խորագոյն հնութիւն ժամանակի միշտ տեսանելի կու մնան ի վերայ երկրի, եւ գրեթէ ժամանակւ ծայրերուն կը հասնին, որ է ըսել թէ պատմական ժամանակն կու սկսի անոնցմէ։ Մինչդեռ ի վերայ մէկ այլ ազգաց, աշխարհաց՝ խոր խաւար եւ լռութիւն տարածեալ է․ ասոնց վրայ գոնեայ աղօտ նշոյլ մը կու փայլի, որով կու նշմարին շարժմունք եւ հին կենդանութիւն։ Ընդհանրապէս հիմկու ծաղկեալ եւ պայծառ ազգաց սկիզբը ժամանակի սկզբներուն չեն հասնիր, այլ գրեթէ անթափանցելի մթութեան մէջ են․ գիտելի չէ թէ քանի մը (2 կամ 3) հազար տարի առաջ ի՞նչ հանդիպած է այն աշխարհաց վրայ․ ընդհակառակն կան քանի մը ազգեր ալ որ գրեթէ տեղերնուն պէս անշարժ մնացած անոր նման ալ հնութիւն մը եւ յիշատակներ ունին․ կան ալ որ եթէ նոյնպիսի անփոփոխութեան բաղդը չեն ունեցեր, այլ շատ յեղափոխութեամբ եւ տեղաշարժութեամբ դեռ նոյնպէս եւ թերեւս աւելի հնութիւն մ՚ալ ցուցանեն, եւ ասոնք կրնան կոչիլ անդրանիկ որդիք ժամանակի։

Յայսպիսեաց մէկն է եւ Հայոց ազգն, յայժմուս մեծաւ մասամբ բնակեալ ի Հայաստան եւ ի Փոքր Ասիա, ի Միջագետս եւ յԱսորիս, եւ յարեւելեանն Եւրոպա, եւ մասամբ ալ ցրուեալ ի զանազան կողմանս Ասիոյ, Եւրոպայ եւ յեզերս Ափրիկիոյ, ոչ իւր բնական երկիրն քաջ եւ աղէկ քննուած ու ծանօթ է այժմ, ոչ շատ հին յիշատակարանք կու տեսանին հոն եւ ոչ շատ պատմութիւնք աւանդեն անոր երկայն կենաց դէպքերը [2] սակայն եւ երկիրն եւ մնացեալ հիշատակարանք եւ պատմութիւնք՝ դեռ բաւական ցոյց եւ վկայութիւն կու տան թէ հնութեանը, եւ թէ զանազան անցեալ դիպուածոց։ Եթէ հասարակաց եւ արտաքին վկայութիւն չունենայինք թերեւս պէտք էր մեզի վախել որ ազգային եռանդով մը չմոլորէինք մեր ազգին եւ երկրին խոր հնութիւնը տեսնալովս․ սակայն բաղդաւոր եմք բաւական լոյս ունենալովս տեսնելու առանց խաբեութեան մեր աշխարհին հնագոյն դարերն ալ, շատերէ եւ թերեւս ամէն աշխարհէ աւելի․ եւ այսքան լոյսը անտես ընելով ուրիշ ազգաց պէս մեր երկրին պատմութեան սկիզբն ալ խաւարապատ եւ աննշոյլ ըսելն՝ կամաւոր կուրութիւն եւ յամառոտ տգիտութիւն սեպեմք։

Եթէ Հայոց ազգն ճանաչուած է իբրեւ մի ի հնագոյն ազանց յաւուրց անտի առաջին պատմչաց եւ աշխարհագրաց Յունաց (Եկադ․ Երոդ․ Եփոր) Քաղդէից (Բերոսոս Արիւդենոս), եւ Հրէից (Տովբիթ, Երեմիա [3] ), Հայաստան ճանաչի հնագոյն մասն քաղաքապատում երկրի եւ  առաջին աշխարհ մարդաբնակ, վկայութեամբ հնագունին եւ ճշմարտագունին գրոց եւ հաւանութեամբ ամենայն ողջախոհ բանասիրաց։ - Աւանդամոռաց եւ բանագիւտ իմաստասէրք ժամանակիս քննելով զլեզուս եւ զգիրս երկրի ուզեն հասնիլ ի բնավայրն մարդկութեան․ գեղեցիկ հնարք, այլ պակասաւոր, վասն զանց առնելոյ զաւանդութիւն իրավացի․ իրենց զիւտն կ՚առաջնորդէ ի բարձրաւանդակ աշխարհս Հնդկաց եւ Դիպեթաց, ու թէ լեզուաց հնութիւն եւ թէ երկրի բարձրութիւն կու գտնեն իբրեւ յարմար ի տարածել սփռել մարդկան ի չորս կողմանս․ սայկայն նոյնիսկ չափազանց բարձրութիւն երկրի՝ մեզ անյարմար երեւի ի նախնի բնակութիւն եւ ի սփիւռս մարդկան․ եւ լեզուաց հնութիւն ալ ըստ հմտագոյն քննարանից նախերիցութիւն կամ աղբիւր մը չեցոյց, այլ հաւասար հարազատութիւն մը [4] եւ ամէնէն կատարեալ եւ ճոխ հին լեզուն՝ Հնդկաց՝ այսօր ոչ մայր այլ քոյր ճանաչիզանգկին Պարսից եւ մեր հայկականին։ Քան զբարձրութիւնն յարմարագոյն է ի սփիւռ մարդկութեան այնպիսի աշխարհ մը որ երկրիս մեծամեծ եւ ծովազատոյց մասանց ալ հաղորդելի եւ միջադիր ըլլայ․ եւ այս դիրքս շատ աւելի քան զՀնդկաց բարձրավանդակս ունի Հայոց բարձրավանդակն, եւ աւելի քան զամենայն աշխարհս։ Դրիցն օժանդակ հաստատութեան են աւանդութիւն եւ հաւանութիւն եւ մանաւանդ նախայիշեալ հնագոյն պատմութիւնն, որ է Մովսիսի գիրք, աստուածային ազդմամբ գրեալ աստի 3500 տարի առաջ, որ է յառաջ քան զողջոյն կէս պատմական ժամանակի։ Հարկ է մեզ ընթեռնուլ այս նախապատիւ եւ նախաժէք գրոց սկիզբն որ զամենայն ազգաց սկիզբը յանդիման բերէ եւ ամենուն նախահօր բնակավայրը ի վերայ երկրի, զոր մեք իբրեւ առակ սովորեալ, կ՚ըսեմք թէ էր ի Հայաստան, եւ ցուցանել թէ արդարեւ էր հոն, թէ եւ հեղինակն աշխարհին անունը չիտար, եւ անոր համար այնքան խնդիրք եւ վէճք եղած են վասն տեղւոյ դրախտին եւ առաջին բնակութեան մարդոյն։ Արդ Ս․ Գիրք Մովսիսի այսպէս կ՚ըսեն վասն տեղւոյ դրախտին ըստ գեղեցիկ հայ թարգմանութեան գրոցն յեօթանասնից յունական թարգմանութենէ․ «Տնկեաց Աստուած զԴրախտն յԵդեմ ընդ արեւելս ․․․ Եւ գետ ելանէր յԵդեմայ ոռոգանել զդրախտն․ եւ անտի բաժանի ի չորս առաջս․ անուն միումն Փիսովն․ նա է որ պատէ զամենայն երկիրն Եւիլատայ, անդ ուր ոսկին է, եւ ոսկի երկրին այնորիկ ազնիւ․ եւ անդ է սուտակն եւ ակն դահանակ։ Եւ անուն գետոյն երկրորդի Գեհովն, նա պատէ զամենայն երկիրն Եթովպացւոց։ Եւ գետն երրորդ Տիգրիս, նա է որ երթայ յանդիման Ասորեստանի։ Եւ գետն չորրորդ Եփրատէս։ - Երեք նշան կամ տեղացոյց տայ Դրախտին նկարագրութիւնս այս․ նախ՝ տեղւոյն անունն Եդեմ, երկրորդ՝ արեւելեան գիրք եւ երրորդ՝ գետերն․ եւ այս ետքինս է ամէնէն գլխաւորն եւ հետաքննելին։ Առաջնոյն համար գիտելի է որ Եդեմ անուամբ տեղ կամ կամ տեղիք կու յիշուին ի Ս․ Գ Եդեմայիրս, եւ միշտ անորոշ է դիրքն, բայց միայն Եդեմ քաղաք մը ի Լիբանան․ մեր, ինչպէս ուրիշ թարգմանութեանց մէջ ալ, փոխանակ Եդեմայ, Եդոմ [5] կամ Եմաթ կամ ուրիշ անուանք կու դրուին։ Աւելի կարեւորն այս է որ Եդեմ անունն ոչ այնքան բնական անուն է տեղւոյն, որքան անոր նշանակութիւնն, որ է փափկութիւն, եւ այսպէս իսկ անուանի (Ծննդ․ Գ․ 24) կամ բարձրութիւն, եւ շատք Բարձրաւանդակ իմանան Եդեմ անուամբ․ եւ նոյնիսկ Պարտեզ բառն, որով օտարք (Հրեայք) Յոյնք եւ Լատինք կ՚անուանեն զԴրախտն, (Բարատիղուս Paradisus) ըստ սանսգրիտ լեզուի նշանակէ Բարձրատեղ [6] ։ Ուրեմն այսու նշանաւ այսչափ ստուգուի որ դրախտն ցած երկրի մի վերայ չէր, որպէս Ասորիք, այլ բարձրադիր, որպէս էր եւ Հայաստան [7] ։

Երկրորդ նշանն ալ, այսինքն յարեւելեան կողմն ըլլալու դրախտին, շատ ընդարձակ կրնայ ձգուիլ, որ եւ է երկիր Պաղեստինու արեւելակողմը, բայց սկսեալ ի մօտէն՝ Արաբիոյ եւ Քաղդէացւոց եւ Միջագետաց չի յարմարիր, անոնց ցածութեան համար, այլ անոնցմէ անդին Հայոց եւ Մարաց կողմերուն․ ճշդակի նայելով Հայաստան աւելի Պաղեստինոյ հիւսիսային կողմն է քան յարեւելս է․ մանաւանդ եթէ Մովսէս նկատմամբ Եփրատայ եւ Տիգրիսի կու նկարագրէր՝ արեւելք կ՚անուանէր զերկիրը յորմէ գային գետերն եւ յարեւելից Պաղեստինոյ անցանէին [8] ։

Բայց Դրախտին երկրին կարեւոր նշանքն են գետերն․ սակայն տունք իրենց երկուքին անուան եւ անցած երկիրներուն վերայ եղած պէսպէս կարծեօքն բոլոր Եդեմայ դրից վերայ ալ տարակոյս եւ մթութիւն ծագեր են․ մէկ այլ երկուքին, այսինքն Եփրատայ եւ Տիգրիսի վերայ բնաւ տարակոյս չէ եղած․ այլ մանաւանդ անոնցմով առաջիններն ալ գուշակեն ողջամիտքԼ Ըստ նկարագրութեան Մովսիսի յԵդեմայ մեծ գետ մը կ՚ելլար

Էջ 5 չկա

Յառաջակողմը կամ վերնակողմը, որ է Կորճայից սահմանակից․ ապա ինչպէս անտարակոյս է այս գետս այլ, այսպէս եւ անտարակոյս է Երթալ նորա ի Հայոց աշխարհէ յանդիման Ասորեստանի, որպէս եւ մինչեւ ցայժմ տեսանի։ Երրորդ գետն ըստ մեզ եւ երկրորդ ըստ կարգի գրոց Գեհովն հարկ է որ ըլլայ յելից Տիգրիսի, եւ (նկատմամբ դրից Եփրատայ) նաեւ ընդ հիւսիսոյ նորա․ միանգամայն եւ շատ հեռի չըլլայ այն երկուքէն, մանաւանդ աղբիւրն՝ նոցա աղբերակնէն․ վասն զի քառառաջ աղբեր կամ գետոյն յիշատակն քաջայայտ նշանակէ թէ չափաւոր էր տարածութեամբ թէ՛ ինքն եւ թէ Եդեմայ երկիրն, յորմէ դուրս կ՚ելլային գետքն․ եւ ոչ թէ անհուն տարածութիւն մը երկրի, ինչպէս շատք կարծեն, չմտածելով զայս իրաւացի տեսութիւնս, այլ միայն կա՛մ գետոց անուան նմանութիւնը եւ նոյնութիւնը դիտելով, կամ անոնց անցած եւ պատած երկրին անունը եւ բերդերը․ եւ այսու ինչպէս Եփրատայ եւ Տիգրիսի վերայ՝ ամէնքն միաբան են, Գեհոնի եւ Փիսովնի վերայ գրեթէ ամէնքն տարաձայնք, եւ ոչ այսչափ միայն, այլ եւ հեռաւոր աշխարհներ դնեն զանոնք։ ԶԳեհովն՝ որոյ համար Ս․ Գիրք կ՚ըսեն թէ «պատէ զամենայն երկիրն Եթովպացւոց», ոմանք ըստ անուան գետոյն համարին զ Ճիկուն մեծ գետն արեւելից եւ խոր Ասիոյ, որ եւ Ոքսոս․ որ թափի ի ծովն Կասպից․ ոմանք ալ համարին զԻնդոս մեծ գետն Հնդկաց, զայս աշխարհ համարելով Եթովպիա կամ Քուշ (ըստ Եբրայականին)․ վասն սեւութեան բնակչացն եւ վասն Քուշ-Կանաւա կամ Քուչա երկրին՝ որ ի միջին ընթացս Ինդոսի․ իսկ ոմանք բուն Եթովպիոյ աշխարհը նկատելով՝ զՆեղոս համարին․ մանաւանդ զի եւ Գեհովն իսկ կոչուած է գետս այս մեծ եւ աշխարհահռչակ։ Սակայն ոչ միայն նա եւ Ոքսոս, այլեւ շատ գետեր՝ որք նեղ ձորերէ եւ հորձանօք եւ հերձմամբ կ՚անցնին՝ նոյն անունը առածեն, որպէս եւ Ճիկունն Կիլիկիոյ, ըստ մեզ Ջահան եւ Պիւռամիս ըստ Յունաց․ ի Պաղեստին անգամ պզտի գետակ մի կայ Գեհովն անուամբ։ Այլ այսքան հեռաւորութիւնն անտեղի եւ հակառակ իսկ է կարգի գետագրութեան Ս․ Գրոց եւ հարկ է թէ ըլլայ Գեհովն, որպէս ըսինք, ի հիւսիսոյ արեւելից Տիգրիսի, միանգամայն եւ ակունքն մօտ ականց նախայիշեալ երկուց գետոց․ եւ արդ մերձագոյն գետ գետ նշանաւոր Տիգրիսի եւ Եփրատայ է Երասխ սեփական գետ Հայաստանեայց, եւ հաւանին այսմ բազումք յողջամտաց։ Իսկ անհաւանք [9], թէ եւ դրից համար չունին ինչ ասել, գոնէ զանունն եւ զերկիրն զոր զատէ՝ կրնան ընդդիմադրել․ - Այլ ոչ միայն դրից յարմարութիւնն յաղթէ ընդդիմադրութեանն, այլեւ զանունն եւ զերկիրն անգամ կարեմք ստուգել հաւանօրէն, եւ նախ ինչպէս ծանուցինք՝ Գեհովն նշանակէ ըստ Եբրայեցի բնագրին յախուռն եւ երագ ընթացք մը, նոյնը ճշմարտեալ եւ վկայեալ է վասն Երասխայ ի հնագոյն նախնեաց օտարաց եւ մերոց, եւ անունն իսկ Երասխ՝ Երազս կամ հերձումն նշանակէ, ըստ նոցին իսկ օտարաց (Յունաց)։ Այս չէ շատ դժուար ընդունելի անհաւանից, վասն զի գետոց անուանքն շատ փոփոխութիւն կրած են, եւ Եփրատ եւ Տիգրիս իրենց մեծութեամբն եւ շատ ծանօթ աշխարհներէ անցնելով աշխարհածանօթ եւ անփոփոխ մնացեր են․ այլ աւելի դժուարին է Եթովպացւոց երկիրն Երասխայ ընթացից տակ․ - սակայն որք զԵթովպիա կամ Քուշ բնառեն յամենայն Սեւաբնակ աշխարհս, կրնան ի Հայաստան ալ բնառել թէ կա՞ր արդեօք այնու անուամբ աշխարհ [10] մանաւանդ Քրիստոսէ 1600 տարի կամ աւելի առաջ, ըստ ժամանակին յորում գրէր Մովսէս․ եւ կ՚ասէ վասն գետոյն թէ «պատէ զամենայն երկիրն Եթովպացւոց»․ արդ ոչ Նեղոս եւ ոչ Ոքսոս եւ ոչ Ջահան՝ եթէ եւ Եթովպիոյ երկրէ մը անցնին՝ բայց կատարելապէս չեն պատեր երկիր մը․ իսկ Երասխ՝ բաւական է որ աշխարհացոյցի վերայ նայիմք եւ կու տեսանեմք որ նեղ Քարաձորէն ելլալով յԱյրարատեան դաշտն՝ ընդ հարաւ եւ ընդ արեւելս պատի զԱռան աշխարհաւ որ շատ յառաջ քան զՄովսէս, ըստ պատմչաց մերոց կոչուէր եւ կոչի իսկ Սիւնիք կամ Սիսական․ եւ յետոյ երկու աշխարհ բաժնուեցաւ ի մեծ եւ ի փոքր, որոց երկրորդն կոչեցաւ եւ Արցախ։ Գետոյն պատուածք յարեւմտից, ի հարաւոյ եւ յարեւելից ակն յայտնի եւ անտարակոյս է, այլ երկրին անո՞ւնն։ Եթէ յառաջ քան զՀայկն Քուշացի սերունդք բնակեալ էին ի Սիսական, չեմք գիտեր, թէ եւ ոմանք գաւառաց Արցախոյ Քուստի մականունն ունին մօտ Քուշ անուան․ այլբուն անունն ըստ մերոց պատմչաց առեալ է յորդւոյն Գեղամայ նահապետի ի Սիսակայ (Խոր․ Ա․ ԺԲ) բայց զի Սիւնիք կոչի ի մերոցս եւ չէ նման եւ չի կրնար ծագիլ ի Սիսակ անուանէ, պէտք է ըսել թէ այդ նահապետին կոչումն նուազական կամ փաղաքշական է (որպէս եւ Աղու կոչումն նորա) իբր Սիս-ակ․ ապա բուն անունն էր Սիս կամ ասոր նման․ ի Սիսայ ալ Սիւնիք չի ծագիր, հաւանական է թէ էր Սեաւս կամ Սեաւ [11] կամ Սի յորմէ Սիւնիք իբր Սեւունիք [12] ։ Պէտք է յիշել որ Երասխայ եւ Կուրի միջոց ուրիշ նշանաւոր տեղ մ՚ալ կայ Սեւանուն մարդկան, Սեւորդեաց աշխարհ կամ ձորն, անմիջապէս Արցախոյ եւ Ուտիոյ սահմանամէջ, Կուրի պարահովտին սեփական, բայց հին ատեն ընդարձակ ըլլալով մինչեւ աշխարհ կոչուէր եւ իբր զատ թագաւորութիւն կամ երկիր մը յիշուէր յԱրաբացի պատմչաց ալ, եւ մինչեւ ի Սիւնիս կու ձգէր, հնագոյն ատեն թերեւս աւելի ալ ընդարձակ էր․ եւ անունն առած էր ի Սեւուկ նահապետէ, որոյ ժամանակն անյայտ, նոյնպէս նոյն կամ օտար ըլլալն ի Սիսակայ։

Եթէ յետ այսքան նշանաց Սեւանայ, Սիւնեաց եւ Սեւորդեաց չշատանայ եթովպախնդիրն եւ եբրայական Քուշն ալ պահանջէ, զայն ալ կու գտնեմք հոս ի հայկազնն Գուշար որ էր յորդւոց Շարայի թոռնորդւոյն Հայկայ ըստ պատմչին մերոյ, եւ բնակէր Սեւանայ ծովուն մօտերը [13] ապա եթէ ոչ ի Հայկայ՝ այլ ի Քամայ պահանջուին Քուշացիք՝ ահաւադիկ եւ Քանանացիքն բնակեալք ի նոյն ծովեզերս Սեւանայ, յիշեալ ի պատմչէն մերմէ [14] ։ Այս ամէն փառաքս միաբան առնլով, չափ մի հաւաստիք տան Գիհուն համարելու զԵրասխ, եւ Քուշ՝ զՍիւնիս, կամ զմիջագետս Երասխայ եւ Կուրի։

Մնայ արդ գետն չորրորդ, որ է առաջին ըստ Գրոց, Փիսովն․ եւ ըստ դրիցն պիտի ըլլայ ի հիւսիսոյ Երասխայ եւ մերձաւոր աղբերականց նորա Եփրատայ․ եւ անշուշտ ոչ միայն ի Ս․ Գրոցն Փիսովն ըլլալու․ երկրորդ՝ Ճորոխ կամ Ակամսիս, երրորդ Կուր գետն մեծ, որք ի Փասիս կոչմանէ ազատ չեն մնացեր, ինչուան ոմանք [15] զԵրասխն իսկ ի սկզբանն նոյնպէս կոչուած համարին, հաւանօրէն Բասեան գաւառին համար ուսկից որ կը բղխէ ստուգիւ։ Արդ ո՛ր յայս գետոցս է «որ պատէ զամենայն երկիրն Եւիլատայ» (որ է ոսկի ազնիւ, ակն սուտակ [զոր հիմայ կ՚իմանան Rubis [16] ] եւ դահանակ, տեհնեճ ըստ պարսկին), ոսկիբեր եւ գոհարաբեր երկիր մը կու բնտռեն, եւ դարձեալ ի հարուստ Հնդկաստան խոտորելով՝ զԳանգէս համարին Փասիս, կամ զՀիւփաս որ եւ Հիւդասպ, յետ Գանգիսի եւ Ինդոսի մեծագոյն գետ Հնդկաց․ սակայն այնչափ անհաւանական եւ անտեղի է այս՝ որքան Գեհովնի Ինդոս կամ Նեղոս լինելն։ Ապա թէ ըստ բնական երեւութին ի հիւսիսոյ Երասխայ խնդրելու է ոսկիբեր գետն եւ երկիրն, երեք վերոյիշեալ գետերն ալ այնպիսի երկիր կ՚ոռոգեն կամ կու պատեն․ Փասիս, գետն Կողքեաց՝ որ յԱրգոնաւորդաց ժամանակէ ի վեր հռչակեալ է ոսկեբեր աւազովն կամ բովուքն․ Կուր, իր ընդարձակ պարահովտին պէսպէս հանքերովն, յորս ոսկւոյ հետք ալ յայտնուած են նաեւ ի մօտ ժամանակս [17] Ճորոխ արծաթաբեր բովուքն Սպերոյ ինչուան հիմայ հռչակեալ  է, եւ ոսկի ալ ունենալն ալ վկայուած է [18] զսա կարծենք Փիսովն սուրբ գրոց, եւ հօս զոսկին ազնիւ, որ անշուշտ հին ատեն աւելի հռչակեալ եւ հարուստ էր, ապա ուրեմն եւ երկիրն Եւիլաթայ որ է Խաւիլար ըստ Եբրայեցւոց՝ է Խաղտիք աշխարհ, ուր եւ Խուրադ լեառն եւ Խալթ ժողովուրդ մինչեւ ցայժմ պահեն զհին անունն, զոր եւ հին Հելլէնք կոչէին Խալիւթս եւ հայախալիւթս եւ Քաղդեայս այսինքն Խաղտիս․ եթէ գիտէին զայսոսիկ քաջ բնաբանք [19] կարծեմ զիջանէին թէ Խաղտիք ունին հաւանականութիւն Եւիլաթայ առաւել քան զԿողքիս՝ եւ առաւել եւ առաւել քան զԽուալիսի Ուրալ լերանց եւ Վոլկայ գետոյ մօտ՝ յորոյ անուն ՌուսքզԿասպից Ծով կոչեն Խուալիսեան ծով․ Ճորոխ՝ պատէ զերկիրն Խաղտեաց, յայտնագոյն եւս քան Երասխ զՍիւնեաց, իսկ այլք ի կարծեցեալ գետոցն՝ ոչ նոյնպէս զմերձակայ երկիրս։ Զատ յոսկւոյն երկու բերքն երկրին Եւիլաթայ, այսինքն Սուտակն ըստ մեզ, որ է խնկախէժ ծառոյ մը ծորուած (պտոլախ ըստ եբրայեցւոց, Պտելլիոն ըստ Յունաց) եւ Դահանակն [20] որ ծովագոյն բեւրեղ կարծի, հիմայ ծանօթ չեն ոչ ի Խաղտիս, ոչ ի Կողքիս եւ ոչ ի Խուալիս։

Գեհոնի եւ Փիսովնի կամ Երասխայ եւ Ճորոխի վերայ առանցայսչափ տեղեկութիւն ունենալու այժմեան քննիչք եւ մեկնիչք [21] չեն տարակուսիր որ դրախտն ալ իր չորս գետերն ալ ի Հայս էին, եւ որք շատ ընդարձակ համարին զերկիրն Եդեմայ՝ անհրաժեշտ զՀայաստան ալ ի մէջն բովանդակեն։

Հետաքննելի է թէ արդեօք եւ նախնիք մեր ունեի՞ն այս հաւանութիւնս եւ պարծեի՞ն ի վերայ դրախտին, որպէս անշուշտ կ՚ընէր որ եւ է ազգ եւ կ՚ընեն իսկ շատք առանց այսքան հաւանութիւն ունենալու․ - Հնագոյն եւ հեթանոս նախնեաց աւանդութիւն չունիմք․ իսկ քրիստոնեայ նախնիք մեր ըստ հասարակաց կարծեաց Ս․ Հարց՝   զԳեհոն եւ զՓիսովն հեռու աշխարհներ կու տեսնային, եւ երկու գետն միայն իրենց սեփական գրէին, որպէս ասէ Եղիշէ հեզաբան պարծանօք․ «Երկու գետովքս եւ տապանաւն գեր ի վերոյ եք քան զյոլովս»․ ուրիշ ոմն [22] կ՚ընդունի երեք գետ եւ զողջոյն դրախտն, «Յայսմ կողման Հայս) աստուածատունկ դրախտն ․․․ եւ եդեմաբուխ երից գետոցն հոսումն»։ Ուրիշ մ՚այլ ողբալով հայրենեաց անշքութիւնը գոչէ «Աւա՜ղ երկիր Հայոց գաւառ գեղեցիկ, աշխարհ արեւելեան, հուպ առ Եդեմ»։

Հիմայ անտարակոյսք Եդեմայ ի Հայաստան ըլլալուն, կու մնայ տեսնել թէ յո՞ր կողմն է․ ոմանք յայժմու բանասիրաց յարեւելեան կողմն համարին, Վանայ Ծովուն եզերքն, ի մէջ փակելով զնոյն ինքն ծովակն, թերեւս Եդեմայ գետարձակ աղբիւրը սեպելով, որուն արդարեւ մօտ են ինչուան հիմայ Տիգրիսի արեւելեան աղբերակն եւ ոչ հեռի Արածանոյն․ բայց հեռագոյն մէկ այլ գետքն որոց ամենուն աղբերականաց միջոցը կու վայլէ որ ըլլար Եդեմն, եւ էր ըստ իս ի Բարձր Հայս, եւ թերեւս յանուն բարձրաւանդակ դրախտին այս աշխարհս ի վաղուց կոչեցաւ այսպէս, այլ եւ Կատար երկրի․ կամ լավ եւս բարձր եւ Դ Հայոց միջոցն, գլխաւոր մասն կամ կեդրոնն էր Եդեմայ, իբրու թէ ի սահման հիւսիսոյ ունելով զՏայախաղտեաց լերինս մասամբ փորակացն Տայոց, յորս եւ Պարտիզացփոր յարեւելից զԱյրարատեան [23] եւ (մասամբ Բասենոյ) զՏուրուբերան աշխարհս, ի հարաւոյ զբազուկ Հայատաւրոս լերանց զանջրպետ Տիգրիսի եւ Արածանւոյ, յարեւմտից զԱնտիտաւրոս առ Եփրատաւ․ ի գետոց երեքին ինչուան հիմայ ակունքն Կարնոյ դաշտին մեջը եւ երկու կողմերը՝ յայտնի են․ չորրորդն Տիգրիս հիմայ հեռու մնայ եւ իր եւ անոնց միջէն կ՚անցնի ԱրածանիյԵփրատ դիմելովը․ սակայն յառաջ քան զջրհեղեղն՝ եթէ ծովակ մը ծածկէր զմասն մի եդեմական երկրիս, հարկ է որ դիրքն ալ այլակերպ էր․ եւ շատ հաւանելի է, նաեւ երկրաբանական դիտմամբք, որ այն ատեն Արածանի չկար, կամ թէ հիմկու ճամբան չունէր, այլ թերեւս ի վանայ ծովն կամ յայն կողմն իջնար․ բարձր եւ Դ Հայոց բարձրաւանդակք միակիցք էին տաշտաձեւ, եւ Սրմանց ջրաբուխ խճաշատ լեռնատափքն (Պինկէօլ) Կարնոյ դաշտէն սկսեալ երկայնաձիգ ծովակին կամ աղբերն յատակն էին, որք յետ ջրհեղեղին ամբարձան, եւ նախնի յուռթի գետնէն բղխեն այժմու լճակներն․ այն ատեն Տիգրիս ալ այն ծովաղբեր հարաւային եղերքէն կ՚իջնար ընդ հարաւ, որպէս Եփրատ ընդ արեւմուտս, Ճորոխ ընդ հիւսսիս եւ Երասխ ընդ արեւելս։

Ոչ ծովաղբիւրն, ոչ լերանց եւ ձորոց դիրքն, եւ ոչ փափկութեան պարտիզին տնկաբերուիւն մնացին նշան Եդեմայ, որ անշուշտ եւ յառաջ իսկ քան զջրհեղեղն անշքացաւ եւ թերեւս մեծամեծ սասանութեամբ եւ հրաբուխք այլայլեցաւ, եւ այնուհետեւ կարօտ չէր բոցասուր սերովբէից պահպանութեանը՝ որ անարժանք չմտնեն ի ներս։ Յետ ջրհեղեղին այլ աւելի կերպարանափոխ եղաւ երկիրն եւ բարեխառն կլիմայն մեծապէս ցրտացաւ․ բայց ի վերայ այսր ամենայնի ինչպէս գետոց հին նշանքն մնացին, այսպէս եւ եդեմաշունչ օդոց նշան է բարձր Հայոց եւ Սրմանց բարձրաւանդակաց գարնանային եւ ամարային օդոց պարզութիւնն եւ քաղցրութիւնն եւ անապակ շունչն, հանդերձ պայծառութեամբ եւ քաղցրութեամբ ջրոց, որոնց միայն պակաութիւն է մշտատեւ չըլլալն, այսինքն երկայն ձմերով մը խափանութիւնը որ ամէն տարի դրախտին կորուստը կու կրկնէ բայց դարձեալ կու նորոգէ ամենազուարճ գարունով, եւ պայծառ արեգակամբ․ որուն ամառն ալ որչափ կարճ՝ այնչափ ալ բարկ եւ բեղմնաբեր եւ եթէ կարճութեամբն՝ ջերասէր բուսոց բարգաւաճանաց անբաւական է, բայց ոչ սակաւ պտղոց եւ մանաւանդ արմտեաց, եւս առաւել բանջարոց, եւ առաւել եւս ալպեան կամ լեռնական բուսոց այնքան գեղեցիկ աճումն եւ զանազանութիւն կու տայ, որ եւ բազմատես բուսաբանից ոչ միայն զմայլումն բերաւ այլ եւ համարձակ ըսել տուաւ որ անշուշտ հոս եղած պիտի ըլլայ փափկութեան դրախտն [24] ։

Ո՞րքան ախորժելի եւ միանգամայն տխրաբեր յիշատակք եւ զրոյցք եղած պիտի ըլլան մեր ազգին նախահարց մէջ եւ մեր երկրին առաջին բնակչաց մէջ, որք ի հարկէ ոչ միայն զդրախտին յիշատակն կենդանի ունէին այլ եւ դիրքն լաւ քան զմեզ ճանչնային․ անկարելի էր Նոյի եւ իր որդւոցը որ նախաջրհեղեղեան անձը ճանչցեր էին եւ ադամաբնակ տեղուանք տեսած էին, շատ հաւանութեամբ, յետ ջրհեղեղին այն տեղուանց հետքը չի բնտռել, եւ իրենց որդւոց ալ չաւանդել․ եւ այսպէս շարունակել այն յիշատակը առ որ կու ձկտի ամենայն ազգ․ մինչեւ կրօնից փոփոխութիւն եւ օտար ժողովրդոց բռնի բնակութիւն՝ փոխեցին, այլայլեցին, լռեցուցին այն յիշատակները․ բայց իսպառ մոռնալ անհնար էր, նաեւ յետ հազարաց ամաց․ եւ եթէ հեռաւոր արեւելեայք իրենց սահմանները դեռ կու բնառեն եւ պատմեն դրախտի յիշատակ կամ՝ գեղեցկութիւն, աւելի իրաւացի չէ՞ անոնց լսել որոնց երկիրը կ՚ոռոգեն անտարակուսելիգետքն Եդեմայ․ ախորժելի ըլլայ ուրեմն լսել զրոյց մը, զոր Գերմանացի ճանապարհորդ [25] մը լսեց շատերէ, ջրառատ Պինկէօլի լերանց բնակող հին Հայոց սերունդներէ, մանաւանդ ի Պասքամ գիւղ Վարդոյ վիճակին, որ հին Հայ նահապետի մը անուն կրէ ցարդ [26] ։ Այն յուռթի եւ պարարտարօտ լերանց բարձրաւանդակի մը վերայ դրախտին ծովակն կու տարածուէր իր չորս գետերը բղխելով [27] ։ Ամենայն աւանդութիւնք ալ միաբանին ընդ մեկնչաց Ս․ Գրոց թէ դրախտն ի բարձրաւանդակի կամ ի լեռնավայրի էր․ Զանդիկք յԷլպորճ կամ ի Դէրէզադ սրբազան լերին համարին, մերձ յԷրիմէնէ-վէճոյ, եւ ունէր ծովակ մը զոր Զարեհ կոչեն, եւ առանձին անուամբ Ֆերահքանտ առատ ջրարձակութեան համար կոչէր եւ Նագետհրոյ (պորտ), յորմէ ստուգաբանի եւ Նպատ լերին անուն, որ ըստ մեզ Արածն աղբերականց մօտիկ է, եւ ըստ Հելլենաց բոլոր Հայատաւրոս լերինք Նպատք կոչին․ միայն թէ Զանդիկք երկու իրեք վիճակ կ՚ընծայեն այս տեղերու․ մէկ մը բուն եդեմական կամ նախաստեղծ մարդկան երկիր․ մեկ մ՚ալ բուն երանելեաց գրգարան, եւ դադար Որմզդի, եւ ըստ այսմ Էլպորճ անհուն բարձրութիւն ունի արեգակնաչափ, 800 տարի երկրիս ծոցէն դէպ ի վեր բարձրացեալ։ Ասոր նման կարծիք մը ունէին նաեւ Հայք եւ մեկնիչք Ս․ Գրոց, զդրախտն երկրիս արեւելեան ծայրերը եւ լուսնի չափ բարձր լերան մը մը վերայ համարելով [28] բայց յետ արտասահմանութեանն նախածնողացն այսպէս տարապայման բարձրացեալ, իսկ յառաջն չափաւոր բարձր, եւ միշտ ի լերին․ այս կարծիս հաստատէ մեր նախնի վարդապետ մ՚ալ «Օրհնեաց Աստուած զնախաստեղծն ի լերինն յԱդին ընդ արեւելս»․ որ եւ որոշ լեռ մը կ՚իմանայ յԵդեմ, մանաւանդ զնոյն իսկ Ադին կ՚իմանայ անուն լերին եւ տեղւոյ Դրախտին։ Այսպիսի տեսութիւն մի կ՚ընծայէ եւ Եզիկիէլ մարգարէ (ԼԱ․ 8)անտառային եւ լեռնային ծառեր յիշելով ի դրախտին սարդ եւ սարոյ նոճ մայր եւ սօսի։

Արդ այս լեռնավայր բարձրավանդակին վերայ պատրաստեց Արարչապետն զդրախտն փափկութեան հանդերձեալ մարդոյն, ամենատունկ, ամենապտուղ ամենահոտ, ամենազուարճ երկիր մը, քաղցր աղբերածովուն եզերք, բարձրաբերձ եւ հովանաւոր ծառօք պարսպեալ․ վասն այնորիկ եւ Պարտեզ կոչեցաւ, որ է շրջափակ կամ մացառապատ դրախտ, որչափ Ս․ Գիրք եւ աւանդութիւն միաբանին յաւանդել․ «Տնկեաց Աստուած զդրախտն յեդեմ ընդ արեւելս եւ բուսոյց եւս տէր Աստուած յերկրէ զամենայն ծառ գեղեցիկ ի տեսանել եւ քաղցր ի կերակուր․ եւ զծառն կենաց ի մէջ դրախտին․ եւ զծառն գիտելոյ զգիտութիւն բարւոյ եւ չարի»։ Յետ այսպիսի պատրաստութեան (որոյ վերայ խորհրդածել կամ շատ յերկարել՝ մեր նպատակէն դուրս է) «Ասաց (Ս․ Երրորդութեան Անձինք յանդիման ամենայն հրեշտակաց)արասցուք Մարդ ըստ պատկերի մերում եւ ըստ նմանութեան, եւ իշխեսցեն ձկանց ծովու եւ թռչնոց երկնից եւ անասնոց, եւ ամենայն երկրի, եւ ամենայն սողնոց սողին ի վերայ երկրի։ (Ծն․ Ա․ 26)․ Եւ ստեղծ Տէր Աստուած զմարդն հող յերկրէ, եւ փչեաց յերեսս նորա շունչ կենդանի, եւ եղեւ մարդն յոգի կենդանի։ (Բ․ 7)․ Եւ արար Աստուած զմարդն ի պատկեր իւր․ ըստ պատկեր Աստուծոյ արար զնա։ (Ա․ 27)․ Եւ առ Տէր Աստուած զմարդն զոր արար, եւ եդ զնա ի դրախտին փափկութեան գործել զնա եւ պահել»։ (Բ․ 15)։ Մարդոյն հրաշալի եւ ամենաստուածեան ստեղծումն, արժանի զմայլական խորհրդածութեանց, ընդհանուր պատմութեան մարդկութեան կամ կրօնից վերաբերելով քան ազգային պատմութեան՝ թողումք ի հաճոյս իմաստասիրաց․ իսկ այդ ի մէջ բերեալ Ս․ Գրոց վերջին տունն՝ ազգային պատմութեան կամ աշխարհագրութեան պատմութիւնը դարձեալի յուշ բերէ, Եդեմայ դուռը բանալով առ նորաստեղծ մարդն․ որ որպէս Ս․ Գիրք ցուցանեն ստեղծաւ արտաքոյ դր ախտին, եւ յետոյ դրուեցաւհոն․ եւ թերեւս, դարձեալ ըստ նոյն Ս․ Գրոց ցուցակութեան, նախ ստեղծաւ, ապա դրախտն պատրաստեցաւ եւ յետոյ մուծաւ հոն։ Դրախտին առաջ կամ յետոյ պատրաստուելուն որն ալ ըլլայ, ստոյգ է որ Ադամայ ստեղծման եւ ի դրախտ մտնելուն մէջ ժամանակ անցաւ քիչ կամ շատ։ Ո՞ւր ստեղծաւ Ադամ, կամ յետ որքան ծամանակի մուծաւ ի դրախտն, Ս․ Գիրք չըսեր․ միայն տայ գուշակել թէ ոչ տեղն հեռի էր եւ ոչ ժամանակն ուշ [29] ։ Մեկնիչք զանազան կարծիք ունին, որ մեզ աւելորդ է յիշել, բայց միայն զմէկն, ոչ իբրեւ ընդունելի, այլ իբրեւ ազգայիշատակ․ եւ է յանուն Ս․ Եպիփանու ասացեալ Արարածոց մեկնութիւն, եւ գրեալ վասն բարեկամին իւրոյ հայկազն Եպիփանու իմաստասիրի եւ ճարտասանի Եդեսացւոյ․ որ եւ ասէ ի Սիոն լերին Երուսաղեմի ստեղծեալ բանին Աստուծոյ զԱդամ, առեալ հող ի լեռնէն եւ ջուր յաղբերէն որ ընդ գեթսեմանի իջանէր ի ձորն Կեդրոնի, եւ յետ ստեղծմանն իջուցեալ յաղբիւրն սելովամայ եւ լուացեալ, եւ օրհնեալ․ եւ բերեալ ի Գողգոթայ լեռնակն եւ ի սահմանս տեղեացն՝ զոր ինքն Աստուած մարդացեալ յետոյ սրբացոյց տնօրէնութեամբ իւրով․ եւ հոն ստեղծեալ զԵւա,, (որում բնաւ ոչ հաւանիմք) եւ վեց օր այն տնօրէնութեան տեղուանքը շրջեցընելով, ի վեցերորդ աւուր ստեղծմանն որ է երկրորդ հինգշաբթին «հանէ զնոսա ի սուրբ լեառն Ձիթենեաց․ եւ յերրորդ ժամէն մինչեւ ի վեցերորդ ժամն աստուածային զօրութեամբ առանց աշխատութեան հասուցանէր զնոսա յԱրարատեան Գաւառն միջամուխ Հայաստանեայց աշխարհին, յարեւելս կոյս, ի լեառն յորում տապան Նոյի այժմ հանգուցեալ կայ։ Նաեւ զամենայն թռչունս եւ զգազանս եւ զանասունս եւ զսողունս ընդ նոսա․ ուստի եւ յերկրորդում ուրբաթուն ընդ մերկանալ լուսոյն յառաւօտէն փոխեաց զնախաստեղծ կուսանսն զԱդամ եւ զԵւա մեծապայծառ փառօք, եւ եդ զնոսա ի մէջ իւրաստեղծ սուրբ եւ լուսազարդ անապական դրախտին, որպէս փեսայ եւ հարսն ի մէջ առագաստի» եւ այլն։ Բայց մեք զԱդամ գիտեմք նախ միայնակ եղած ի Դրախտին․ ուսկից ալ հոն մտած ըլլայ՝ ի միայնութեանն ճանչցաւ զաստուած, զինքն եւ զշրջակայ արարածս, զկենդանիս եւ զանկենդանս․ եւ թէ ո՞րպէս կամ զի՛նչ զգաց, թողումք պերճաբան Պիւֆոնի կամ վսենախոհ Միլտոնի նկարագրել [30] ։ Ի միայնութեան նախ «Պատուիրեաց Տէր Աստուած Ադամայ եւ ասէ, Յամենայն ծառոց որ է ի դրախտիդ ուտելով կերիցես, բայց ի ծառոյն գիտութեան բարւոյ եւ չարի՝ մի՛ ուտիցէք․ զի յորում աւուր ուտիցէք ի նմանէ՝ մահու մեռանիցիք»։ (Ծննդ․ Բ․ 16-17)։ Այն բազմավտակ հայկական բարձրաւանդակները զոր այսօր Քուրդք եւ Թուրք իրենց հօտերովը ծածկեն, եւ որոյ եզերքը մնացորդք հին ժողովրդեան Հայկայ իրենց կէս ստորերկրեայ գիւղից մէջ ապաստանին, այս աստուածային առաջին պատգամները եւ առաջին զրոյցք մարդոյ լսուեցան, որուն սովրեցնէր արարիչն գործել զդրախտն, այսինքն դարմանել զծառսն գեղեցիկս ի տեսանել եւ զքաղցունս ի կերակուր, որք են զբօսանաց տունկք եւ ծաղկունք եւ պտղատու ծառք եւ պահել, զվայելչութիւն տեղւոյն, զգուշանալով կամ նորոգելով զվնաս որ ի տարերաց կամ յանասնոց եւ կամ ի նախարարէն, որուն թշնամութիւնը կ՚իմացընէր Աստուած պատուիրանաւն զգուշութեան արգիլեալ ծառոյն եւ մահուն սպառնալեօք։ - Այսպիսի է վիճակ մարդկան ի վերայ երկրի յառաջին վայրկենէ անտի լինելութեան նախահօրն մինչեւ ի վախճան․ ընդարձակութիւն ըղձից եւ ազատաձգութիւն մինչեւ յերկինս, չյագենալ բոլոր զգալի աշխարհաւս, եւ անձեռնհասութիւն, չափաւորութիւն կարողութեան, նա մանաւանդ անբաւ տկարութիւն․ այլ նշան եւ գուշակ ամենամեծ  կարողութեան եւ կատարելութեան զոր ի յուսացեալ եւ ի հանդերձեալ կեանս պիտի ստանայ, եթէ գոհանայ յայսմ վիճակի ըստ կամաց նախախնամող Արարչին։ Սակայն եթէ այսպէս մէկէն ի մէկ հրաման եւ պատուէր մը կու տեսնամք մեր նախահօր չորս դին, չիզարհուրինք չի տրտմինք․ այն պատուէրն բարոյապէս աւելի բան չէր քան զբնական դրախտին շրջապատ հովանաւոր ծառերն, որ կ՚ամփոփէին զԵդեմայ ազատ տարածութիւնն․ եւ եթէ ադամ այն պատուիրանաւ կ՚իմանար իր չափաւորութիւն եւ կախումն յԱստուծոյ եւ վտանգն ի չար ոգւոց, կ՚իմանար իր գերագոյն բնութիւնն ալ ի վեր քան զամենայն երկրաւոր արարածս, եւ իւր իշխանութիւնն ի վերայ նոցա․ վասն այսորիկ «ստեղծ եւս Տէր աստուած զամենայն գազանս վայրի եւ զամենայն թռչունս երկնից, եւ ած զնոսա ար Ադամ տեսանել զի՞նչ կոչեսցէ զնոսա․ Եւ ամենայն շնչոյ կենդանոյ՝ զինչ եւ անուանեաց Ադամ՝ այն անուն է նորա։ Եւ կոչեաց Ադամ անուանս ամենայն անասնոց եւ ամենայն թռչնոց երկնից եւ ամենայն գազանաց վայրի»։ Ս․ Գրոց մեկնչաց եւ բանասիրաց կը թողումք զքննութիւն կենդանեաց ադամադիր անուանցն, թէ ըստ բնութեա՞ն նոցա Յարմարցուց Ադամ եթէ ըստ արտաքին երեւութին միայն․ եւ աւելի կարեւոր խնդիրը թէ ի՞նչ բառերով զանազանեց անոնց անուանքը, եւ կամ թէ արդեօք այն բառերը, միով բանիվ Ադամայ խօսած լեզուն՝ մնա՞ց արդեօք քիչ շատ հիմակուան լեզուաց մէջ․ եւ թէ կարելի՞ էր լեզուաց մէջ առաջնութեան խնդիրը հանել մինչեւ ցԱդամ [31] ։ Շատ ըլլայ մեզի նկատել զհայրն մարդկան եւ զիշխան երկրի, նստեալ ի մենաւոր իշխանութեան իւրում յԱյդին, որ ապա մեր  ազգային հայրենիքն եղաւ եւ ի հանդիսի անցնելով զանասունս երկրի եւ օդոց՝ անուանել եւ հրամայել նոցա․ եւ միանգամայն քննել զանբան կենդանեաց բնութիւն եւ ընկերութիւնն․ եւ զինքն արտաքին մասամբ մի նման անոնց եւ միայն անընկեր կամ աննման ի բովանդակ բնութեան․ «Բայց Ադամայ ոչ գտաւ օգնական նման նմա»․ (Ծննդ․ Բ․ 20)․ եւ առ անծանօթ ընկերն ձկտիլ, կամ ըղձալ յԱրարչէն, որեւ ասաց․ «Ոչ է բարւոք մարդոյդ միայն լինել, արասցուք դմա օգնական ըստ դմա։ (Ծննդ․ Բ․ 18)․ Եւ րկ Տէր Աստուած թմբրութիւն ի վերայ Ադամայ եւ ննջեաց․ եւ առ մի կողից նորա եւ ելից ընդ այնր մարմին․ եւ շինեաց Տէր Աստուած զկողն զոր առ յԱդամայ ի կին, եւ ած զնա առ Ադամ։ Եւ ասէ Ադամ․ Այս այժմիկ ոսկր յոսկերաց իմոց եւ մարմին ի մարմնոյ իմոյ, սա կոչեսցէ Կին, զի յառնէ իւրմէ առաւ վասն այսորիկ թողցէ այր զհայր իւր եւ զմայր իւր եւ երթիցէ զհետ կնոջ իւրոյ»։ Ոչ ի հեռուստ ընդ Ադամայ մտաւ նախամայրն ի դրախտն․ այլ ի դրախտին ստեղծաւ, եւ միայն արարած որ ի փափկութեան եւ յերջանկութեան տեղւոջն ստեղծաւ, միայնակ գեղեցիկ շինուած Աստուծոյ, զի զայլ ամենայն արարածս կա՛մ ըսաւ եւ եղեն, կամ ստեղծեց, կամ արար որպէս զմարդն, իսկ զկինն շինեաց, իբրեւ ճարտարագոյն արուեստաւորութեամբ, վասն զի յարդէն գեղարուեստ եւ կենդանի նիւթոյ առաւ անոր նիւթը։ Եդեմայ ի Հայաստան ըլլալուն փափկագոյն պարծանաց գլուխն անշուշտ Եւայի հոն շինումն է, եւ միանգամայն մարդկան նախածնեաց ընդունարան ըլլալն․ զորս «Օրհնեաց Աստուած եւ ասէ․ Աճեցէք եւ բազմացարուք եւ լցէք զերկիր եւ տիրեցէք զմա, եւ իշխեսցէ ․․․» (Ծննդ․ Ա․ 28-30);

Ո՞րչափ ժամանակ տեւեց նախածնողաց երանական անարատ կեանքն ի փափկութեան Եդեմայ [32] ո՞րչափ ժամանակ մեր երկրին նախաջրհեղեղեան հողն մշակեցաւ անոնցմէ եւ սնոյց իր անմահունակ մշակները, քանի՞ առաւօտ արեգակն յարեւելեան դրունս դրախտին բարձր ծառակամարաց վրայէն իր ոսկեծիրանի նշոյլը վառեցանոնց հեշտալի հովանոցին վերայ, եւ կամ քանի՞ իրիկուն յետ օրուան զուարճախառն վաստակոյ քառառաջ գետոց մէկու աղբերահոսանց եզերք նստած՝ նորահրաշ արարչութեան վերայ կամ իրենց ապագայի ծննդոց եւ երկրիս բաղդին վերայ կու խօսէին, ոչ գիտեմք, ոչ քննեմք․ եւ ոչ իսկ այն սրբազան եւ խորհրդաւոր միայնութեան կամ միազուզութեան մերձենայինք, եթէ հայրենական երկրին յիշատակը չի համարձակեցնէր պահ մը կանգ առնլով հոս՝ մտածել ոչ միայն նախածնողացս այլ եւ մեր իսկ նախ սահմանեալ վիճակը, որուն Արարչապետն բնութեանս մերոյ նոյնպէս նախասահմաներ է պահարան տեղի զՀայաստան, իբրեւ սեամ եւ դուռն մարդկութեան ի մուտս ընդարձակութեան երկրի։ Եթէ չիք հնար նորէն յետս դառնալ եւ մտնել այն փակեալ դուռը, յետս դարձնել զերանութիւն, մեզի ր ոչ միայն ի նախածնողաց ժառանգեալ աղէտքը ունինք այլ եւ ի դարուց կուտակեալ բիւր չարիք, գոնեայ քիչ մ՚ալ ուշանամք նախածնողաց եւ մեր երջանիկ վիճակին տեսարանօք․ թարգման եւ առաջնորդ ընտրելով, փոխանակ մեր հին եւ կորուսեալ Եդեմահռչակ երգչաց, զԱլպիովնի երգչին դրուագը

    Արդ երեկոյն խաղաղասիք տակաւ գալով դեռ եւըս գայր,

      Եւ իւր լուրթն աղօտալոյս զտարերս ի զգօնն համակէր թոյր․

Ընկեր էր իւր՝ լռութիւն, զեռունք եւ հաւք մեկնեալ կային՝

Ի կանաչ նոքա խըշտիս մորեաց իւրեանց, սոքա ի բոյնս։

Ծիծեռնիկ եւեթ ըսկէր՝ գեղգեղելով զգիշերն ի բուն

Զդայլայլիկսըն սիրայինս․ զըւարճացեալ կայր լըռութիւն։

Նոյնժամայն ի կենդանի շափիղս երկինք շողշողեցան։

Գիշերավարն որ ածէր զաստղակաճառ բանակաց բոյլսն՝

Ընթանայր բոլորափայլ, մինչ ամպաշուք ծագեա; լուսին

Բամբիշն յայտնատեսիլ՝ զանհամեմատ լոյսն հոլանեաց,

Ըզշըղաշն արծաթափայլ արկեալ ի ստուերսըն խաւարի։

«Գեղեցիկդ իմ ամուսին, ասէ յայնժամ Ադամ ցԵւա,

Գիշերաժամս եւ ամենայն ինչ ի հանգիստ իւր փութացեալ՝

Ըզմեզ ի նոյն հրաւիրեն․ առ յԱստուծոյ փոխանակաւ

Կարգեալ վաստակ եւ հանգիստ մարդոյ ՚ստ տուընջեան եւ գիշերոյ։

Շաղ քընոյ ի դէպ անկեալ անոյշ եւ թանձըր թըմբրութեամբ

Հակէ զարեւանունս։ Ա՛յլ արարածք զօրըն ցերեկ

Սահեալ դատարկ եւ անգործ, չեն հանգըստեան ինչ շատ կարօտ․

Մարդոյս մարմնոյ կամ հոգւոյ սակեալ է գործ օր ըստ օրէ,

Նըշան պատուոյն, եւ յամենայն ի գնացըս իւր երկնի խնամոցն։

Իսկ անասունք վայրապար շըրջին անգործ վարատական,

Եւ Աստուած ոչ ունի զվարկպարազի գործոցն համար։

Այգուց, չեւ զուարթարար առաւօտուն յելից մարզէ

Զառաջինն ազգ արարեալ ըզնորամուտ լուսոյն գալուստ;

Պարտ է մեզ վաղայարոյց ի հեշտակիր կանխել վաստակս։

Մեզ մընան անդ հոցանոցքըդ ծաղկավարս առ ի սըրբել,

Եւ փողոցքըդ գալարուտք՝ միջօրէի մեր ճեմարանք,

Զորս ոստոցն անտառամոլք ի խեղդ արկեալ հեղձուցանեն․

Ծիծաղին զանբաւական մըշակութեամբս, եւ ըղձանան

Ձեռս առաւել քան ըզմեր՝ քըշտել զմոլին շըռայլութիւն։

Ծաղկունքդ իսկ այդոքիկ եւ հոյզք կաթեալ՝ հողեալ դընին

Երկրաքարշք, գետնաթաւալք, գձձատեսիլք եւ խորտաբորաք․

Հարկ է քաղել ըզգոսին, թէ սիրիցեմք հեշտի ճեմել․

Այժմ՝ ըստ կամըս բնութեան՝ գիշեր հրաման տայ մեզ զհանգիստ»։

Եւայն ամենագեղ շնորհազարդեալ՝ կըրկնեաց անդրէն․

«Նախասկիզբն իմ եւ իշխան, քո հրամայեալ՝ հնազանդիմ ես․

Աստուած այսպէս պատուիրէ, նա զքեզ օրէնք է եւ դու ինձ։

Չըգիտել ի՛նչ աւելի՝ փառք են կընոջ, ուղիղ հանճար։

Խօսակից ընդ քեզ եղեալ՝ ըզժամանակըն մոռանամ,

Յեղականք եւ յեղյեղմունք նոքին համակ ինձ քաղցրանան։

Քաղցր է շունչ առաւօտին, քաղցր է ծագումն առաւօտու

Ուրախարար նըւագօք առաւօտեալ հաւուց պարուն․

Հեշտ է արեւ ի սըփռելն ի բոյս դալար փափուկ դրախտիս

Ի տունկս ի միրգս եւ ի ծաղկունըս փայլ ի փայլցօղով լըցեալս․

Յետ կակուղ ջուրց անձրեւաց երկիր պարարտ է քաղցրաշունչ․

Քաղցըր գալուստ է խաղաղ եւ շնորհաշուք երեկորոյ,

Եւ անդ գիշեր լըռասէր՝ հըռչակելի թըռչնով իւրով,

Եւ լուսնիւըն գեղեցկաւ եւ գոհարօքն երկնաւորօք

Որ կազմեալ զիւրսն յօրինեն զաստեղախուռն յուղարկաւորս։

Բայց ոչ շունչ առաւօտին մինչդեռ ծագեալ ելանիցէ

Ուրախարար նըւագօք առաւօտեալ հաւուց պարուն,

Ոչ արեւ ի սըփռելն ի փափկութեան դարաստանիս,

Ոչ գալարիք, որ պըտուղք եւ ոչ ծաղիկքըն ցօղափայլք,

Ոչ բուրումն յետ անձրեւաց, ոչ շնորհաշուք հանդարտ եբեկ,

Ոչ գիշեր լըռասէր հըռչակաւոր իւրով թըռչնովն,

Ոչ ճեմելիք ի լուսնակի կամ ի դողդոջ փայլս աստեղաց,

Չունին ամենեւին ինչ քաղցրութիւն ․․․ առանց քո։

«Բայց աղէ առ ինչ աստեղքըդ փայլակեն զգիշերն ի գլուխ․

Ո՞ւմ իցէ շըքեղ տեսիլդ՝ ուր կափոյց քուն զաչս ամենայն»։

Նահապետս հասարակաց դարձոյց անդրէն պատասխանի․

«Դուստր Աստուծոյ եւ մարդոյն, ամենագեղդ իմ կատարեալ,

Ցերեկօրեայ յայդ լընուն աստեղք զընթացս իւրեանց զերկրաւ,

Ի ծագաց մինչեւ ի ծագըս մըտանեն եւ ելանեն՝

Բաշխել ըզլոյսըն ի պատրաստի ազանց որ չեւ են ծընեալ դեռ․

Զի մի՛ խոր կալցի խաւար զհին տէրութիւնն ի գիշերոյ,

Եւ շիջուսցէ կենազրաւ ըզհամագոյս եւ ըզբնութիւն։

Չափաւոր եւ մեղմախառըն բոցքըդ ոչ լոյս տան եւեթ,

Այլ, յամոք ի բազմազօր շողիւնս տածեն, ջեռուցանեն,

Անուշեն, սնուցանեն․ կամ զարփայինն աղդեցութեան

Արկանեն մասն յամենայն ի զարմազան էից բնութիւնս՝

Որ աճեն յերեսս երկրի, եւ պատրաստեն առ ընդունել

Ըզբուն իսկ կատարումն յարեգականն ի բարկ շողից։

Արդ ոչ ընդ վայր փայլեն դոքա՝ թէ եւ չտեսեալք ի խոր գիշեր։

Մի՛ ասեր ընդ միտըս քո, զի թէ բնաւ չէր մարդ ի միջի,

Պակասէր երկնի նկատող եւ օրհնութիւնք Աստուածութեան։

Բիւրք բիւրուց հոգեզինաց շըրջին ՚դ աշխարհս աներեւոյթք

Յարթմընի մեր եւ ի քուն, անլըռելի օրհներգութեամբք

Գովեն զգործս իւր ի զընին կացեալ ըզցայգ եւ ըզցերեկ։

Չիցէ՝ մեր յանտառս յաճախ կամ ձայնատու բըլրոցն յեմակս

Երկնաւոր լըւեալ բարբառս ըզգիշերոյն հասարակաւ,

Որ երգեն զմեծն Արարիչ մէն մի միայն կամ փոխ առ փոխ։

Բազում անգամ գունդ առ գունդ հըսկող զուարթունք կամ ցայգապահք՝

Ի նուագերգող աղեբաղխս երկնահանդէս կըտընգոցաց

Խառնեն ի մի յարմարութիւն հրեշտակերամ զերգոցըն ձայնս՝

Որ զցայգն ի պահս հատանեն, կամ ամբառնան ըզմիտս յերկինս»։

Զայս խօսեալ, եւ ձեռն ի ձեռըն մըտանեն մէն միայնուկ

Յերջանիկ տաղաւարն իւրեանց, որ էր ընտրեալ տեղի

Ի վեհէ տընկագործէն՝ յորմէ հետէ ստեղծագործեաց

Զամենայն ինչ յօրինեալ ի զուարճութեան մարդոյն ի պէտս։

Կամար նորին թաւախիտ յարկածածուկ հովանաւոր

Էր հիւսկէն մանուածոյ ի սարդենեաց եւ մըրտենեաց,

Եւ որ եւս աճիւնաճիւղ՝ ի խընկենեաց թանձըր կողերց․

Աստի անտի ականթ եւ թուփք անուշահոտք եւ ոստախիտք

Պարիսպ ամբարձեալք դալարագեղ կանաչազարդ․

Ծաղկին հոյլ վայելչավառ, երփն երփն հիրիկ, վարդ եւ յասմիկ,

Ծիլ ծիլ ի վեր փըթթինազարդ՝ պէսպէս ճամուկ նըկարակերտ․

Առ ոտս յակինթ՝ մանիշակ՝ քըրքում ի ճոխ նարօտաներկ

Կըկէին զերկիր գունեղ քան զմեծագին քարանց դըրուագ։

Ա՛յլ ինչ արարած, չորքոտանի՝ հաւ՝ բզիզ՝ զեռուն,

Չիշխէր մուտ անդր ունել՝ առ ի մարդոյն մեծարանաց։

Ոչ ուրեք, եւ ոչ ի կեղծս առասպելեաց պաճուճելոց

Յառաւել նուիրական եւ զերծ խորան ինչ հովանուտ

Նընջեցին Պան եւ Սիլուան կամ օթեցան պայք եւ Հարսունք։

Ի սրըսկապան ծաղկապատ ծաղկապըսակ՝ ի բոյր բուսոց

Հարսնացեալն Եւա պըճնէր նախ զանկողինն ամուսնական,

Եւ երկնաւոր պարերգակք զառագաստի նուագեցին երգս։

Այսն օր Հրեշտակն հարսանեաց առեալ առ հայր մեր ան զԵւա

Ի մերկիկ գեղեցկութեան անդ զարդարեալ եւ ցանկալի

Քան զՊանդորա զոր օժտեցին դիք պարգեւօք ամենաշնորհ,

Աւա՛ղ, յոյժ նըմանակիր նըմին՝ ողորմ պատահարաւն,

Երբ ի ձեռն Հերմեայ տարեալ առ Յապետի պանդոյր որդին՝

Վարանեաց զազգըս  մարդկան ի լար աչացըն գեղեցկաց։

Առ ի զԴիայ վրէժ հանել՝ յորմէ խորեաց զտիրականն հուր։

Հասեալ այսպէս յիւրեանց ի տաղաւարն հովանաւոր

Երկոցուն ի միասին, եւ անդանօր զտեղի առեալ՝

Դարձան կացին ՚դ բացօթեայ երկնիւք՝ պագին Էին երկիր,

Արարչին երկնից, օդոյ, երկրի, արփւոյն յոր հայէին,

Լուսաճեմ լուսնին գընտի եւ աստեղեայ վեհ կամարաց։

«Դու հաստեցեր եւ զգիշեր, Արարչապետդ ամենակալ,

Դու եւ զտիւ՝ զոր ի գլուխ հանաք ի սպաս սակեալ գործոցս,

Երանիք յընթերակայ միմեանց նըպաստ, ի սէր միմեանց՝

Որ պըսակ երջանկութեանս է առ ի քէն հրամայելոյ։

Դու եւ զայս՝ մեծ յոյժ ըստ մեզ՝ ըզդըրդարանս յօրինեցեր,

Ուր պակասեն լիութեանն հաղորդք, ընդ վայր թափեալ յումպէտ։

Բայց դու մեզ խոստացար սերունդ ի մէնջ զարմ եւ զաւակ,

Որ զերկիր լընուցու, եւ զանըսպառ քո բարութիւնդ

Ընդ մեզ փառաւորէ եւ ի զարթնուլս եւ ի խընդրել,

Որպէս եւ արդ ի ժամուս, զհանգիստ քընոյ՝ զքոյին պարգեւսդ։

Միաբան զայս ասացեալ՝ չարկին օրէնս ինչ այլ ի գործ;

Բայց երկիր եւեթ պագին՝ Տեառն ի պաշտօն հաճոյագոյն։

Զձեռանէ միմեանց առեալ՝ մըտին յալուց հովանոցին,

Եւ անաշխատք իթօթափել զոր մեքըս կրեմք ծանր այլակերպս,

Առ իրեարըս կողմնեցան։ Կարծեմ թէ ոչ դարձաւ Ադամ

Ի գեղեցիկ ամուսնոյն, եւ ոչԵւա ինչ զըլացաւ

Զխորհըրդակիր կրօնից օրէնս հարսնականի սիրոյն սըրրոյ։

Որ զինչ եւ բանք պատճառելեացըն բաբրեսցեն զսըրբութենէ,

Ըզտեղւոյն, զանմեղ կենաց, պիղծ բասրելով զսըրբեալն էին,

Զոր կիսոց եւ հրամայէ, զոր եւ տայ թո՛յլլ ամենեցուն։

Արարիչըն մեր հրաման տայ մեզ աճել եւ բազմանալ,

Ո՞վ այն խափան, բայց մարդատեացն՝ ոսոխ մարդոյն եւ Աստուծոյ։

Ուրա՛խ լեր, Սէր հարսնագեղ, խորհըրդական օրէնք եւ կարգ,

Սեռն աղբիւր սերընդոցըս մարդկայնոյ, ստացուած յատուկ

Ի դրախտին՝ ուր ամենայն հասարակաց էին բարիք։

Քեւ յօսնական վարար մոլուցք հալածեցան ի մարդկանէ

Տարագիր վըտարանդեալք ի պաճարացն անասուն ջոկս։

Քեւ հիմնեալ ի մտերմութիւն սուրբ եւ արդար՝ սիրոյն կապանք,

Եւ հօր, որդւոյ եւ եղբօր աղապատանք գորովագութ

Ի լոյս եւ ի ծանօթս եկին անդէն նախ զառաջինն։

Քա՛ւ յինէն ընդ մեղս երբեք դըրել ըզքեզ կամ ընդ ամօթ,

Կամ ընդ միտ ածել թէ չես ինչ վայելուչ վայրի սըրրում,

Աղբերակնըդ մըշտաբուղխ ընտանեսուն անուշութեանց,

Որ մահիճքըդ քո պարկեշտ քարոզեցաւ եւ անարատ

Առ այժմուս եւ ի հնումն, յոր ելին սուրբք եւ հայրապետք։

Աստ Սէր զոսկեղէնսն արկանէ զնետըս իւր ի կիր,

Աստ ըզջահն անշէջ վառեալ եւ սաւառնի ծիրանաթեւ,

Աստ տիրէ եւ զուարճանայ, չիք ի ժըմիտ վարձկան բոզից՝

Յոր չիք սէր, ոչ խընդութիւն, ոչ փարելի լինել իւիք։

Ի հասեւխած չիք վայելսն, ոչ յարքունեացըն սիրուհիս,

Ոչ ի խառըն կաքաւս ոչ ի խենէշ խաբեայ դիմակս,

Ոչ ի մէնջ գիշերի պար, ոչ ի ցայգերգըս տըռփոտի

Զոր նուագէ անսըւազ առ տարփածուն իւր գեղապանծ,

Զոր լա՛ւ եւս էր ընդ վայր թէ հարկանէր քամահաբար։

Արդ սոքա երկոքին ի սոխակաց երգս որորեալ՝

Քունէին միմեանց ի գիրկս, յորոց մարմինսըն մերկանդամս

Ծաղկալից գըմբեթն հոսէր վարդս որոյ զտոյժ նորոգէր այդ։

Նընջեցէք, ամոլք օրհնեալ, ո՜վ յամենայն ժամ երանեակք,

Թէ չխընդրեք երջանկագոյն կեանս եւ գիտէք չգիտել ինչ այլ։

Գիշեր զընթացն հասարակեալ էր կոնաձեւ մըթին ստուերուն

Ի կոհակըն բարձրածայր՝ լայն կամարին որ ընդ լուսնով։

Քերովբէք ի փղոսկրէիցն ելեալ դըրանց յօրինի ժամն՝

Ի ճակատ մարտի կարգեալ՝ վառեալ կային ի ցայգապահս։



[1] Հ. Ղ. Ալիշանի ծրագրին համեմատ՝ ներկայ գործս երկրորդ հատորը պիտի կազմէր Հայաստանի աշխարհագրութեան մը։ Յետ անոր մէջ երկրին բնախօսական հանգամանքները դիտելու, հոս բնակիչներուն վրայ պիտի ճառէր։ Գեղեցիկ ծրագիր, որուն երկրորդ մասը իրագօրծեց նախ, իբրեւ աւելի հետաքրքրական եւ ուսումնասիրելի։ Հ. Ալիշանի աշխարհագրական գրութիւնները բազմաթիւ են, բայց չենք գտներ անոնց մէջ այնպիսի մը՝ բաց ի, թերեւս, քաղաքական աշխարհագրութեան ետեւը զետեղուած Հայաստան գրաբար գրուածքէն, որ սահմանուած ըլլայ սկզբնաւորութիւն կազմելու սոյն երկասիրութեան: - Հոս ներկայացուած բոլոր ծանօթութիւնները Հ. Ալիշանի կը պատկանին, երբ Ծ․ Հրտ․ ստորագրութիւնը չեն կրեր Ծ. ՀՐԱՏ.  

[2]       Իրաւունք ունէր Հ. Ալիշան գանգատելու թէ սակաւ յիշատակարաններ եւ պատմագրութիւններ կան Հայաստանի մէջ, քանի որ, իր գրած ժամանակ, դեռ այնքան յառաջ գացած չէր Ուրարտագիտութիւնը

         Գիտեն ընթերցողք թէ Վանայ եւ իր շրջակայից մէջ եւ Արարատայ ստորոտը, որքա՛ն բեւեռագիր արձանագրութիւնք գտնուած են, որ կը ցուցնեն թէ Քրիստոսէ հազար տարիներ յառաջ կը բնակէր Հայաստանի մէջ Խալդի անուամբ ժողովուրդ մը․ իր հայրենիքը կ'անուանուէր Ուրարդու (Արարատ), իր մայրաքաղաքն էր Բիայնա (Վան)։

         Ի սկզբան անընթեռնլի համարուեցան այդ արձանագրութիւնք՝ որ Խորենացւոյ ժամանակէն սկսեալ՝ ամենուն զարմանքը կը շարժէին, « Հայեցուածն միայն զամենայն ոք ի զարմանս ածէ» (Խոր. Ա. ԺԶ)։ Հայաստանի սահմաններուն մէջ կը թուի թէ շատ բեւեռագիր արձանագրութիւնք թաղուած կան. «Ի բազում՝ տեղիս յաշխարհին Հայոց արձանս հաստատեալ նովին գրով յիշատակ ինչ հրամայէ գրել, եւ ի բազում տեղիս՝ սահմանս նովին գինով հաստատէր» (Խոր. Ա. ԺԶ)։ Մորտմանն գերմանացին հանեց նախ իր Entzifferung und Erklaerung der armenischen Keilinschriften von Van, ուր ամէն բան հայերէնով մեկնել ուզեց, նոյնը պաշտպանեց, բայց տարբեր դրութեամբ եւ տարբեր մեկնութիւններով Յովսէփ Վ Սանտալճեան իր «Les inscriptions ounéiformes urartiques » (Venise, 1900) մանրակրկիտ եւ ընդարձակ գործին մէջ. նոյն նիւթին վրայ աշխատած են գլխաւորապէս M. A. H. Sayce «The ouneiform inscriptions of Van» երկասիրութեամբ, գաղղիացին Լընորման, որուն ուսումնասիրութիւնը թարգմանեց Հ. Մինաս Վ. Նուրիխան (Բազմավէպ, 1876, էջ 137 , եւ այլն)։ Ռուսաց մէջ Նիկոլսկի եղաւ որ Բեւեռագիր արձանագրութիւնք Անդրկովկասում (Թրգմ. Խաչատուր Յովհաննիսեան, Ս. Ղազար, 1897) գործոյն մէջ ցցուց՝ թէ մեր Հայկազուն թագաւորներէն  շատեր՝ բեւեռագիր արձանագրութեանց մէջ ալ կը գտնուին , ինչպէս Մենուաս, Արամէ, Արգիշտի (Արագած===Արմենակ) եւ այլն։ Բաց ի Սանտալճեան Վ. էն, Հայոց մէջ ուրարտագիտութեամբ զբաղեցան Հիսարլեան էֆէնտի, Կարապետ Բասմաջեան, (նախ Բազմավէպի մէջ, յետոյ իր խմբագրած Բանասէր թերթի  մէջ)

Հ. Բ. Վ. Սարգսեան ալ ընդարձակօրէն համեմատած է ուրարտական արձանագրութեանց տեղեկութիւնները հայ աւանդութեան հետ. « Տեսութիւն Մարիբասեան աւանդութեան ըստ Մովսիսի Խորենացւոյ» Բազմավէպ 1883, 1884, 1885։

         Սակայն Ուրարտուի արձանագրութիւնք՝ փոխանակ հայ ազգի հնութիւնը հաստատելու, ըստ ոմանց՝ ցուցին թէ Հայաստան ամենէն առաջ ուրիշ կովկասեան ազգի մը հայրենիքն եղած էր, որովհետեւ արձանագրութեանց լեզուն՝ վրացերէնի ազգակից է. Խալդիացւոց աստուածները՝ հայկականներէն բոլորովին տարբեր են: Այսու հանդերձ դեռ կը գտնուին գիտնականներ՝ որ կը ջանան հայերէն խօսեցնել տալ այդ քարերուն, եւ յամենայն դէպս, Ուրարտու չջնջուեցաւ այլ նորեկ գաղթականներուն (Հայերուն) հետ խառնուեցաւ, ապա թէ ոչ պիտի չկրնային ուրարտական աւանդութիւնները՝ Հայկազունեաց անուան տակ Հայոց մէջ ապրիլ Ծ. Հրտ

[3]       «Պատուէր տուք յինէն Այրարատեան գնդին եւ ասքանազեան թագաւորութեանցն». Երեմիա, ԾԱ, 27։

         Կարապետ Բասմաջեան (Բազմավեպ էջ 63, 1898) պաշտպանեց թէ սխալ է այս խօսքը Հայոց վրայ առնուլ. նա կը յիշէ թէ հոս, օտար թարգմանութեանց մէջ, Միննի անունն ալ կայ․ զա՛յս պէտք է Հայ հասկնալ, իսկ Արարատեան գունդ «Ուրարտու» կը նշանակէր, ինչպէս Ասքանազեան թագաւորութիւնն՝ դրացի ուրիշ տէրութիւն մը։ Սոյն հայ գիտնականին կարծեօք Արմենիա միացումն է Ար(արատ) եւ Միննի բառերուն, միննիի ժողովուրդը Ուրմիոյ եզերքը կը բնակէր, եւ իր թագաւորներէն մին՝ կը ներկայանայ մեզ Յոբայ գրքին մէջ, իբր մխիթարիչ սոյն նահապետին Ծ. Հրտ

[4]       «Ամենէն կատարեալ եւ ճոխ հին լեզուն Հնդկաց՝ այսօր ոչ մայր, այլ քոյր ճանաչի զանդկին Պարսից եւ մեր հայկականին». Հ․ Ալիշանի այս խօսքը բոլոր գիտնականներու կարծիքն է, եւ գրեթէ հիմն է արդի լեզուաբանութեան: Ծաղրական է այժմ վիճել թէ արդի լեզուներէն որը եղած է արմատ եւ աղբիւր միւսներուն: Գիտնականք կ'ենթադրեն թէ ամենահին լեզու մը գոյութիւն ունէր, որ սկսած էր գաւառաբարբառներու բաժնուիլ, ինքը անհետացաւ, մինչ վերջինները իրենց գոյութիւնը պահեցին, նոր ստորաբաժանմանց ենթարկուելով։ Մայր մ'էր որ կը մեռնէր, իր դստերքը թողլով երկրիս վրայ։ Ըստ այսմ սանսկրիտը, զէնտը, եւ հայերէնը քոյրեր են, թէ եւ անդրանկութեան պատիւը միշտ սանսկրիտին կը պատկանի արիական ճիւղին մէջ։ 

         Հմմտ. Բոբ. Համեմատական քերականութիւն, Մաքս Միւլէր «Lectures on  the science of language» Փր. Միւլլէր «Grundriss der Sprachvissenchaft», Sayce « Principes of comparativ philology», Humboldt «Ueber die Verschiedenheit des menschlichen Sprachbaues» եւ այլն։ Հ. Ալիշան «Հայաստան աշխարհաց կեդրոն, միջադիր կը համարի. (տես յէջ 3, տող 22)։ Արդեօք ի՞նչ կը վկայութեան վրայ կը հիմնէ ասիկա: Մենք կը կարծենք թէ աւելի անձնական ենթադրութիւն մ’է, որովհետեւ եթէ ուրիշ փաստ մ'ունենար - Հայաստանի աշխարհագրական դիրքէն տարբեր - Հ. Ալիշան պիտի չյապաղէր զայն պարծանօք ի մէջ բերել ինչ պէս ըրած է՝ ուրիշ կէտերու նկատմամբ։ Սակայն կարելի եղաւ մեզ տեղ մը գտնել Խորենացւոյ մէջ՝ որ նոյն կէտը անկնարկէ. «Ի Հայոց՝ որ Է միջոց աշխարհիս» Գիրք, Դ գլուխ, Տպ. 1865, . էջ 72):

         Բայց ըստ ըստ մեզ հոս «աշխարհս» բառը երկրագունտ չնշանակեր, որչափ Հայաստան, եւ միջոց աշխարhիս՝ «Արարատ»։ Որովհետեւ՝ Վաղարշակայ զօրք ժողվելու առթիւ՝ ի՞նչ հարկ կար ըսել՝ թէ Հայասատան աշխարհիս կեդրոնն է։ Դիտուի նաեւ որ Բուզանդայ մէջ միջնաշխարհ բացատրութիւնը սովորական է Այրարատայ համար. «Հասանէր ի միջնաշխարն Հայոց՝ ի գաւառն Այրարատու» - «Զմիջնաշխարհն քանդեալ բրեալ զօրքն պարսից ապականէին » (Բուզանդ, Դ): Հ. Ալիշանի բանաստեղծական համոզմունքը այսպիսի խօսքերէ ներշնչուած կ’երեւայ․ Շիրակայ տեղագրութեան մէջ ալ Անին երգելով «աշխարհաց միջնակետ» կը կոչէ զայն։ Համեմատութեամբ Հնդկաստանի, Հայաստան աւելի արժանաւոր է անշուշտ այդպիսի կոչման մը։  Ծ․ Հրտ.  

[5]       Բենիամ. Դուտել Եդոմ կ'անուանէ զՀայաստան Կիլիկեցւոց։

[6]       Բարա՝ բարձր, տիլա՝ տեղի։ Իսկ ըստ Պարսից շրջապատ ծառատունկ տեղի։ 

         Պէտք է դիտել որ, ինչպէս կը գրեն Wetzer եւ Welte (Dictionnaire encyclopedique de la théologie catholique, tome XVII էջ180), «le paradis était dans une situation extrêmement élevée sur une montagne dont le sommet s'élancait dans une région sarnaturelle. Telle était l'opinion de S. Ephrem, de St. Basile, de S. Iean Damascène»

         Թէպէտ եւ լեռ մը, որչափ ալ բարձր ըլլայ , չի կրնար գերբնական աշխարհ մը մտնել, այնու հանդերձ սոյն կարծիքը կը զուգադիպի Հ. Ալիշանի ստուգաբանութեան։ 

         Դրախտի վրայ գրած են Hardoin «De Situ Paradisi terrestris», Bochart «Geographia sacra», Michelet «Recherches sur la situation géograpique du Paradis terrestre, Vienne, 1796. Schultess, «Le paradis terrestre, céleste, historique et mystique» Zurich, 1821, եւ այլն: Հայոց մէջ՝ Ինճիճեան « Հնախօսութիւն Հայաստանի» Հ. Մանուէլ Քաջունի «Հայաստանի աշխարհագրութիւն», «Ադամայ դրախտին տեղը» Բազմավէպ, 1843, Ա. 268։  Տէլիչ գերմանացին, որ Սուրբ Գիրքը բնաբանութեամբ բացատրել կ'ուզէր, Դրախտը Բաբելոնի մէջ զետեղեց, որովհետեւ Եփրատ ու Տիգրիս արդէն Բաբելոնի մէջ կը գտնուին, իսկ Շադ–էլ–արապը, կ՚ըսէր նա, այն աղբիւրն է ուսկից դրախտի գետը կ’ելնէր։ Եւ յիրաւի Շադ–էլ-արապ քիչ վերջ երկու մեծ ջրանցքներ կը յօրինէ, որ բաբելոնական արձանագրութեանց մէջ Գեհոն եւ Փիսոն անունը կը կրեն։ Բաց ի ասկից, կ՚ըսէ, Բաբելոնի երկիրը, ուր մէկ սերմ երեքհարիւր կարող է յառաջ բերել, արժանի է, իր բեղնաւորութեանը համար, դրախտ ըլալու

         Հմմտ. այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը Բազմավէպի մէջ, թարգմանուած նոյն գիտնականի մէկ գործէն. «Ո՞ւր էր երկրաւոր դրախտն» Բզմ. 1890, խը, 441։ Ծ․ Հրտ․ 

[7] Սակայն պետք չէ զանց առնել, որ նախնիք մեր փոխանակ Եդեմայ շատ հեղ Ադին կ’ըսեն դրախտին երկրին. արդ զանդիկ գիրք որ յետ Մովսեսի գրոց հնագոյնք են այսպիսի խնդրոց համար՝ Հետեն կամ Հետենէ կամ Հեդենեկ կոչեն երկրիս առաջին բնակեալ եւ երանելի աշխարհը, զոր աւելի սովորաբար կոչեն էրիէնէ-վէճոյ կամ էրէմէնոյ–վէճոյ, այսինքն վճիտ կամ՝ սուրբ Իրան երկիր, (Վահլ, Տիւպոա, Քանդու) այս առաջին Իրան կամ Էրէմէն (Տիւպոա) հիմայ շատք ի գիտնոց անտարակուսաբար համարին զՀայաստան, ոմանք զմասն մի նորա, այսինքն զԱսան, որ է Սիւնիք, կամ զԱտրպատական, բայց զսա ընդարձակագոյն առնլով։ - Uէն-Մարդէն կ'ասէ. « Aerièmeno était incontestablement l'Arménie»․

[8] Ըստ ոմանց մասնաւոր կերպով Արեւելք կ'անուանին ի Գրոց աշխարհք Ասորեստանի, Քաղդէից, Հայոց եւ Պարթեւաց․ (Պոտրան, Կալմէթ). Եսայի, Խա, 2. «Ո՞ զարթոյց Արեւելից զԱրդարութիւն կամ զարդարն», կ՚ըսէ վասն Աբրահամու, որ կոչեցաւ յՈւրայ Քաղդէից–Կորդուաց: Նոյնպէս մոգքն Ա րեւելից ի բազմաց քաղդեայք կ'իմացուին: Մեր նախնեաց եւ նորոց մէջ սովորութիւն է Արեւելից կամ Արեւելեան տուն անուամբ իմանալ զՄեծ Հայս։ Bible de Vence պարզապէս ասէ թէ Մովսէս Արեւելս կոչէ զՀայաստան։ Օտար չէ սեպել թէ Մովսէս հոս Արեւելք ըսելով՝ ոչ պարզապէս կողմ՝ կիմանար, այլ զանուն աշխարհին յորում էր Եդեմն. գրեթէ նոյնպէս անուանեց եւ իրեն ժամանակակից հակամարգարէն Բաղաամ, որ կ'ըսէ իրեն համար թէ կանչուեցաւ ի Միջագետաց ի լերանցն Արեւելից, ուր էր իր Փեթուր քաղաքը (Փեչար, ընդ մէջ Լճէի եւ Հազրոյ), զոր մեկնիչք կ'իմանան ի Վերին Միջագետս, որ է ըսել Հայոց արեւմտեան հարաւային սահմանն, եւ հաւանօրէն Մասիոս լերինք, Ամդայ սահմանն։ Արժան է յիշել եւ զայս որ յազգաց բաժանման ըստ Մովսէսի (Ծննդ. Ծ) Հայաստան արեւելագոյն աշխարհաց կարգն է, մանաւանդ թէ ամենէն արեւելեան հիւսիսային աշխարհն է. Արգոնաւորդք, Հոմերոս, եւ ինչուան Եկադէոս՝ որ քիչ յառաջ է քան զՀերոդոտ՝ Հայաստանէն անդին երկիր չէին ճանաչեր, որ իրենց համար վերջին արեւելք կըլլար: Միով բանիւ, ի հին Ս. Գիրս Արեւելք կոչին ամենայն աշխարհք՝ որ Եփրատ գետոյն ձախակողմն են եւ արդարեւ Հրէաստանի արեւելեան դին կ'ըլլան

[9] Այդ անհաւանքն են Կալմէթ, Ռընան, Պոտրան

[10] Bible de Vence Եթովպիա համարի զՄիջագետս Երասխայ եւ Կրի, ուր նախ բնակէին Սկիւթք։ 

[11]     Սիւնիք բառը ըստ արդի լեզուագիտութեան հայերէն սեաւ բառին հետ աղերս չունի։ Սիւնիք անունը կը գտնենք նաեւ ուրարտական արձանագրութեանց մէջ Սուինիա ձեւով որ ճիշդ Սեւանի կը համապատասխանէ, եւ ուրարտերէնի մէջ կը նշանակէ աւազան. հմմտ. Նիկոլսկի, Բեւեռագիր արձանագրութիւնք Անդրկովկասում, թրգմ. Խաչատուր Յովհաննիսեանի, Ս. Ղազար 1897, յէջ 59, ուր կ'ըսէ. « Suinia կոչումն սկզբնական հասարակ անուն է «լիճ աւազան», բայց յետոյ կարող էր յատուկ անուն նշանակել եւ յատկապէս լիճ Կեօք-չայի։ Այս կոչումն Suinia միանգամայն ծածկւում է Հայոց Սիւնիք անուամբ ... ոչ թէ միայն ձայնական, այլ եւ աշխարհագրական նշանակութեամբ համապատասխանում է Սիւնիք անուան»:

         Զարմանալի է որ բիւզանդացի պատմչաց քով ալ ճիշդ ուրարդական ձեւը կը գտնենք Σοδάva, օրինակ իմն Թէոփիլակտոս Սիմոկադայի մէջ, որ Մօրկայ կենսագրութիւնը ընելով կը նկարագրէ Պարսից եւ Հռովմայեցւոց մէջ տեղի ունեցած 

         պատերազմները՝ Գանձակի եւ Սեւանի մօտ. - (յէջ 194): Յետ այս յառաջաբանին կը խօսի պատերազմին վրայ յիշելով զՍուանիա նաեւ էջ 125 (քանի մ’անգամ), յէջ 154։  Ծ. Հրտ

[12]     Սի պիտի ըլլայ արմատ Սեւոյ, որպէս եւ ի թուրք լեզու Սիահ։

[13]     Բայց մեծագոյն եւ յայտնագոյն նշան սեւանուն երկրիս՝ անոր նշանագոյն եւ եզական մասն է Սեւան կղզին, յորմէ եւ Ծովն կոչեցեալ, որպէս եւ ծովն Պարսկահայոց Կապուտան. յորմէ գուշակուի եւ խորագոյն հնութիւն կղզւոյն եւ բնակութեանն, եւ հաւանօրէն խնդրեալ անունն ալ Սիւնեաց

[14]     Խոր. Բ․ ը: Թէ եւ յետ Մովսէսի յաւուրս Յեսուայ ասէ Խորօնեցի եկեալ զՔանանացիս յերկրէ Քանանու ի Հայս

[15]     Մաններդ եւ Ռաւմէր Փաuիս համարին զԵրասխ

[16] Rubis, կարմրագոյն ակունք մ'է, բերք Հնդկաստանի. այժմ՝ ընդհանրապէս Ակն սուտակ բառի տեղ կարկեհան բառը համապատասխան կը դրուի անոր։  Ծ. Հրտ.

[17]     Արգոնաւորդք գացին Կողքիս Ոսկեգեղմը գտնալու համար. այս զրոյցը, ըստ արդի գիտնականաց, ոսկեհանք մը կ'ակնարկէ։Ծ. Հրտ

[18]     Կամբալ, Փառանգ, Բորոն ոսկեհանքերը

[19]     Ռոզէն Սիւլլէր համարի զԿողքիս

[20]     Դահանակ, որ գաղղիերէն malachite կ'ըսուի, ընդհանրապէս կանաչ կ'ըլլայ եւ բիւրեղային վիճակի մէջ, ոչ միշտ «ծովագոյն բիւրեղ» Ծ․ Հրտ․

[21]     Կալմէթ, Պոչար , Պոտրան, Ռումմէլ, Ռոպէն Սիւլէր, Bible de Vence, Պիանգոյ, հին աշխարհացույց Վենետկոյ (1436 ), Դուռինայ հին աշխարհացոյց, Դուռնըֆոր, Պերթոյ, Ռաւմէր, Հանրիոն, Մոնիէ։

[22]     Սոյն կոչումը, որուն տեղը չէ նշանակած Ալիշան, բայց որ Տօնական ճառընտիրէ մ’առնուած կ’երեւայ՝ հիմնուած է հիներուն այն համոզման վրայ՝ թէ Գեհոն եւ Նեղոս նոյն գետերն են , նկատելով մանաւանդ որ Նեղոս կը պատէ զԵթովպիա, թէպէտ եւ Թովմա Արծրունի, Բէլայ վրայ խօսած ժամանակ Բաբելոնի ալ Եթովպիս անունը կու տայ։ «Եւ քանզի էր Բաբելոն  վիճակեալ Սեմայ՝ եւ բռնազբօսութէամբ Նեբրովթ յինքն գրաւէ, եւ հաստատէ անդ զթագաւորութիւնն Եթովպացւոց » (յէջ 6)

         Այդ է պատճառը, որ Հայաստանի մէջ դրախտի երեք գետերը միայն կը տեսնէ մեր հեղինակը, անշուշտ մին՝ Եգիպտոսի թողլով։  Ծ. Հրտ

[23]     Ըստ յոգունց կարծեաց ի կողմանս Տարօնոյ դրախտն:

[24]     Դուռնըֆոր, Ճեմելլի, Քոխ, երեքն ալ ականատեսք տեղեացն կու հաւանին որ Կարնոյ կողմերն էր դրախտն, առաջինն Էջմիածնայ սահմանն ալ մէջը կ՚առնու, որ, իր ժամանակը, հիմակուանէն աւելի մշակեալ կ’երեւայ։ 

[25]     Քոխ, Բ, 371

[26]     Հ. Փիլիպ. կարմեղական ճանապարհորդէ յառաջին կէս ԺԷ դարու ի Հայս. լսեր էր թէ դրախտն դեռ Մասեաց հովիտներուն մէկուն մէջ պահուած է յԱստուծոյ, անվնաս ի ցրտոյ եւ ի տապոյ։ (Շարտէն ):

[27]     Յամին 1687 դէպ ի Քրդաստան ուղեւորած քննող անձինք պատմեն, թէ քրիստոնեայք երկրին յամառսն բացօթեայ լինէին ի Պինկէօլ, որոյ հազար աղբերք հաւաքէին ի հովտին ի չորս տեղիս եւ գործէին չորս գետս մեծամեծս, Եփրատ, Տիգրիս, Goezo եւ Chalich (Գայլ), որոց ջուրք բազում անգամ խորասուզեալ ընդ երկրաւ, վերայայտնէին. դարձեալ ասէին անդ եղեալ զդրախտն

[28]     Ըստ այսմ եւ մերս Վարդան. «Դրախտն որ կայ ընդ Արեւելս, յերկրի արմատացեալ, ի կատարս լերինն բարձու, որ հաւասար է գնտին լուսնի, անծորրելի ուղղով, եւ անթառամ սաղարթիւք»

[29]     Մխ. Այրիվանեցի յետ 42 աւուրց ստեղծմանն՝ ասէ զԱդամ մուծեալ ի դրախտ

[30]     Թէ՛ Պիւֆֆոնի Ադամը եւ թէ՛ Միլտոնինը կը խօսին զգայարանքներու առաջին բացման եւ առաջին տպաւորութեանը վրայ։ 

         Միայն Միլտոնի Ադամը աւելի բանաստեղծ է եւ աւելի շնորհալի գոյներով կը ներկայացնէ իր տեսածները. մինչ Պիւֆֆոնինը՝ աւելի գիտնական է։ Մին դրախտի մը վրայ կը խօսի, միւսը՝ մեր ճանչցած սովորական բնութեան վրայ: (Սոյն հատուածները կարելի է ընթեռնուլ հայերեն թարգմանութեամբ ի Ծաղկաքաղ հատուածս, Վենետիկ, 1887, Ա. հտ. յէջ 20, եւ Բ հտ. 162) Ծ․ Հրտ

[31]     Ինչպէս ըսինք ծանօթութեան մէջ, արդի լեզուագիտութեան դէմ պիտի ըլլար ո՛ եւ է լեզու մը - ինչպէս որ զայն կը ճանչնանք հիմայ, նախամարդոյն ընծայել։ Բառերու հնագոյն ձեւերը ամփոփուած չեն մասնաւոր լեզուի մը մէջ, այլ դրուած այլեւայլ ազգերու քով, եւ լեզուաբանութիւնն է որ զանոնք պիտի հաւաքէ, դասաւորէ, ըստ կարելւոյն նախնականը վերականգնելու համար, որ անշուշտ շատ քիչ բառ կը պարունակէր, վասնզի բառերն ալ զուգահեռաբար կ'աճին՝ մարդկային գաղափարներու հետ։  Ծ. Հրտ .  

[32] Արիստակէս Վրդ. յաղագս Նաւակատեաց . «Աւուրս իս (ասէ կացեալ) Ադամայ ի պատուէր Արարչին Զայս աւանդութեամբ ի բնախօս արանց լուայ, զոր եւ կարեւոր համարեցայ ի տեղւոջս գրով նշանակել, քանզի կարի հաւատարիմ՝ էր ասողն»: - Զի՞նչ արդեօք տայր մեզ հաւաստիս:

Հին Տօնամակք, ոչ աւուրս, այլ ամս 40 ասեն կեցեալ ի դրախտին, եւ ոմանք 30 ամ ըստ կենաց Տեառն մերոյ։