Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.
ՀԱՅԿՆ

      Սրբազան կամ համաշխարհային պատմութիւնն եւ ազգային պատմութիւնն իսկզբանէ միախառն կու գան ինչուան ի Թորգոմ նահապետ․ անոր դիմաց քաշուի աստուածահիւս վարագոյրն, գրեթէ ամենայն ազգաց համար, բաց ի Հրէից․ բայց մինչդեռ այլք ի մեծ եւ յերկար մթութեան մնան, մեր պատմութիւնն կամ ազգային աւանդութիւնն կու սկսի անմիջապէս Սուրբ Գրոց՝ Յաբեթի ազգաբանութեան լսած տեղէն, ի նոյն ինքն ի Թորգոմայ անդրանիկ որդւոյն, որ ժառանգելով անոր յաբեթաբաժին երկիրը, փոխանակ նորին եւ անոր նախնեացն կու թողու հոն եւ իրմէ սերեալ ցեղին վրայ իւր անունը․ եւ մինչդեռ առաջին անուանքն հետ զհետէ կու քաշուին, կու ծածկուին կամ քիչ քիչ յիշուին, այնուհետեւ մնայ իր անունն երկրին բնիկ ժողովրդեան մէջ, որ անով կոչեն զիրար Հայ եւ զաշխարհն իւրեանց Հայաստան․ եւ անշուշտ այս եւ այսպէս ըսուած եւ լսուած է (գոնե հոն) 4400 տարիէ ի վեր։ Այսչափ երկայն դարեր (որ խիստ քիչ ազգաց ժամանակագրութեան մէջ գտուին) չի կրցան մոռացնել կամ նուազել զանուն Ազգապետին մերոյ Հայկայ․ 44 դար առաջ իր որդիքն եւ անոնց ապաւինածանձինք ի զանազան տոհմից՝ զՀայկն հռչակէին իբրեւ ազատարար եւ պաշտպան իւրեանց ի բնաւորութենէն Բելայ, յետ այնքան դարուց այսօր այլ ի բերան եւ ի սիրտ իր սերնդոց քաղցր եւ գրեթէ պաշտելի է այդ անունդ յետ անուան Աստուծոյ։ Քրիստոնէութիւնն եւ անկէ առաջ այլ ճշմարիտ աստուածապաշտութիւնն օտար եւ մոլար ազգաց զառածմունքէն զգուշացունելով մեր նախնիքը՝ չի դրաւ ի կարգի աստուածոց, այլ իբրեւ աստուածամերձ եւ վեհագործ անձն դասեց ի պարս համաստեղութեանց, եւ հոն ընդ մէջ Երիզանոսի եւ Երկուորեակի տեսանէ եւ ճանաչէ ցայսօր իւր պայծառաճեմ Հայկն։

      Սուրբ գիրքն, ինչպէս ըսինք, մինչեւ ցինքն ազգաբանեն զՅաբեթեանս, եւ անմիջապէս իր հօրն անուամբ լռելով՝ Հայկն մնայ ընդ մէջ անժխտելի պատմութեան եւ ընդ մէջ աւանդութեան․ որով եւ երկբայութեան եւ հակասութեան ենթակայ կրնայ ըլլալ եւ եղած է․ կենդանի կամ շօշափելի արձանաց պակասութիւնն, օտար ազգաց լռութիւնն, զարուց հնութիւնն, եւ դիւցազանց մերձաւոր ըլլալն՝ թէ ժամանակաւ եւ թէ գործովք, կ’աւելցընեն այս տարակոյսս, մանաւանդ ի միաս օտարազգեաց, ուր մեր հայրենական սիրտն կանխելով, բաւական կու սեպէ ի հաւատս, մերազգի պատմչաց եւ Հարց միաձայն վկայութիւնը, պատմութեան անառասպել ճշմարտանմանութիւնը, այն մեծ անձին անուան յարատեւ մնալն թէ ի վերայ ազգին եւ թէ ի զանազան տեղիս աշխարհին իւրոյ։ Այս ետքի փաստս հասարակաց  մտաց այլ պէտք է մեծ հաւաստիք մ’ընծայել թէ եղած է Հայկն, զորոյ անունը կրէ ազգ մը յառաջ քան զժամանակս իւր Արմէն կոչուելուն յօտարաց, որ եւ ինքնին ըստ գրաւոր յիշատակաց 2500 տարուան՝ եւ ըստ աւանդութեան պատմչաց 4000 տարուան հնութիւն մ’ունի․ եւ դարձեալ ինչուան հիմայ մեր աշխարհին մէջ մեզի ծանօթ 10 կամ 15իի չափ Հայկ անուն տեղուանք, աւելի ի հարաւոյն կողմանս աշխարհին, զամէն երկչոտ եւ երկմիտ պիտի ստիպեն կանգ առնուլ եւ այդ անուան հնութեան եւ կրկնութեանց պատճառը պահանջել։ Ուրիշ արձան չունենալով՝ պէտք է այս փաստս ուժով բռնել եւ ասկէ սկսանիլ Հայկայ եւ մեր բնիկ պատմութիւնը։ Մանաւանդ որ մինչ հին մատենագրութիւն չունելով, կու ստիպուիմք յօտար ազգաց մեր հնութիւնները քննել, այս բանիս նկատմամբ՝ անոնցմէ այլ զուրկ եմք, այսինքն, ոչ թէ միայն զՀայկն չեն յիշեր, այլ եւ ոչ Հայ անուամբ զազգ նորա, այլ նախայիշեալ անուամբք (Թորգոմ, Արարատ, Արմէն եւ այլն)․ որով Հայ անունն գրուածով այլ գտնեմք նախ ի մեր ընտիր հեղինակս Դ-Ե դարուց։ Լսեցինք երբեմն թէ բեւեռաքանդակ արձանաց վրայ կարդացուեր է Հայ կամ Հայկայ անունն, այլ մեզ անստոյգ է եւ տեղին եւ ընթերցուածն։ Հայկայ անունն եւ պատ մութիւնը գիտեմք, որ գրուած էր յունարէն եւ ասորերէն գոնէ Քրիստոսէ դար մը առաջ ի ձեռն Մար Աբասայ․ բայց հիմայ ասոր ոչ բնագիրը եւ ոչ լիակատար թարգմանութիւնը ունենալով, հնագոյն պատմիչք մեր մնան ի Դ-Ե դարէ յետ Քրիստոսի։ Իսկ մնացեալ արձանագրութիւնք ազգայինք անոնցմէ այլ նոր են, թէպէտեւ ըստ որում նիւթական արձան՝ հնագոյնք քան զՁեռագիր գաղափարս պատմութեանցն։ Սակայն որպէս քամ զպատմիչքն հին են պատմութիւնքն, հնագոյն են եւ հայակիր անուանք տեղեաց․ մանաւանդ որ յոմանս ի տեղեացն հիմայ Հայ բնակիչ այլ չիդաուելով հին ատեն անոր հոն բնակիլը յայտնի է։ Այսպիսիք սեպելու է Հայք գեղը ի ստորոտ Զարասպեն Քէլի-շին (Կապոյտ-սիւն) լերին, յորոյ վրայ բեւեռաքանդակ արձանագիր կայ յ’9000՛ բարձրութիւն․ Հայկս, ի Պէրվարի վիճակի Հէքարեայ գաւառի կամ նահանգի Կորճայից, թէ նոյն իսկ այս հիմկու նահանգին անունն այլ չէ ծագած ի Հայք-արք անունէ կամ յԱյգասք գաւառէ Կորճայից․ որոյ մօտ ծանօթ է եւ Հայկան կամ Հէքան գեօղ ի Նօտըզ․ որպէս ի հնումն յիշեալ (Պտ, Հռիփսիմ․) Հայաստան գաւառ ի նոյն կողմանս․ եւ անկէ ոչ շատ հեռի յարեւելից հիւսիսոյ հիմկու () Վան գաւառին սահմանաց մէջ զանազան տեղիք ամէնուն ծանօթք, Հայոց ձոր գաւառակն, յորում պատմութիւնն յիշէ զՀայք, որ թուի հիմայ Խեք կոչուիլ․ Հայկայ-բերդն, մնացեալ աւերակ հին եւ մամռոտ քարերով․ Հայկաւանս, մօտ ի վան քաղաք․ միւս կողմէն՝ ի հիւսիսի արեւմտից՝ պատմութիւնն յիշէ զՀայկաշէն ի Հարք, եւ ճանապարհորդն կամ տեղացին ցուցընէ զՀայք (կամ Փայք) ի Խնուս, զՀայք աւան յԱլաշկերտ, եւ ինչուան յերկրին Կոտերայ այլ, ի ստորոտս Չիմէնտաղ լերին՝ Հայք գեղ մը, որք ամենեքին արձագանգ տան մեր ազգին անժխտելի ընդհանուր կոչմանն Հայ ՝ եւ աշխարհիս Հայաստան ։

      Օտարաց անծանօթ ըլլալովն՝ անոնց ստուգաբանութեան տակն այլ չէ ընկած այս անունս, ինչպէս Արմէնն եւ Արարադն․ իսկ ըստ մերոցս անտարակոյս է որ ծագած է յանուանէ մեր ազգապետին Հայկայ․ իսկ իր անունն ուստի՞ ծագել է կամ ինչ նշանակէ, շատ դժար է գուշակելն, իր կարճ եւ գրեթէ վանկ մ’ըլլալուն համար։ Ազգերնուս կոչումն զոր հիմայ Հայ գրեմք եւ վերջին գիրն այլ հնչեմք որպէս Y գիրն յունական կամ անգղիական, ստուգապէս է ՀԱ, ինչպէս ցարդ բնիկ երկրցիք կ’անուանեն զիրենք, եւ հոլովելով այլ Հա-ոց կ’ըսեն, մինչեւ Հաւոց այլ լսուիլ, զոր օրինակ Հաւու ձոր վիճակն, որ է Հայոց ձոր ըստ նախնի գրչաց, այսպէս թուի եւ Հաւուց Թառ = Հայոց - Թառ, փոխաձայն գրուած ի նախնեաց իսկ։ Արդ այս հնչումս եւ նոյն ինքն մեր ազգապետին անուան նուազական վերջաւորութիւնն Հայկ, յայտնէ թէ իր բնիկ կոչումն էր Հա, ինչպէս որ եւ Վրաց հին պատմիչն կոչէ զնա Հա-ոս, որ է ըսել Հա [1] եւ այս ձայնին յարմարի պատմութիւնն այլ, որ վկայէ թէ Հայկ զազգ իւր ինքնին անուանեց յոգնաբար Հայք ։ Այս փոքրիկ եւ հագագային հնչումն իբր յատուկ անուն մեր նախահօրն, շատ խոր հնութիւն եւ իսկական բան մը ցուցընէ, եւ աւելի զարմանալի է երբ յիշենք մէկ մը իր հօր եւ նախնեաց աւելի երկայն եւ յօդեալ անուանքը, Թորգոմ, Թիրաս, Գոմեր, մէկ մ’այլ իր որդւոց եւ թոռանց անուանքը, որ ամենեւին իրենին չեն նմանիր եւ ընդհանրապէս Ար ու ամ վանգովք յօդեալ են, ինչպէս Արամենակ, Արամայիս, Ամ-ասիա, Գեղ-ամ, Ար-ամ, Արա եւ այլն [2] ։ Թէ հարց եւ թէ որդւոց անուանքն՝ Արիական լեզուի յատկութիւն յայտնեն, իսկ իրենն կարծես թէ սեմական գաղափար մ’ընծայէ, կամ թէ սկզբնական լեզուին եւ ժամանակին նահապետաց յարմարի, ինչպէս Նոյ, Սեմ, Քամ, Յաբ եւթ (վասն զի մեզի յաւելուած մ’երեւի այս եր վերջաւորութիւնն մեր Նոյեան նահապետին անուան)։ Եւ այս անուան աննմանութիւնն ու եզականութիւնն այլ կրնար քիչ մը զօրացընել անոնց կարծիքը, որ առասպելեալ կամ դիւցախառն անձ մը համարին զՀայկն։ Բայց ինձ երեւի թէ Հա մեր ազգապետին երկրորդական կամ մակ-անուն մ’է, եւ գուցէ ոմանք նոյն իսկ մեր լեզուէն ստուգաբանէին Հի-անալ կամ Հայ-իլ բառերէն, որպէս թէ հիանալի կամ հայելի, հոյակապ, երեւելի անձն․ իսկ ես կ’ընտրեմ մեր Հ տառէն եւ ձայնէն առնուլ իբր ոյժ եւ զօրութիւն նշանակութեամբ․ որով կազմած կամ բաղադրած են Հ-զօր, Հասակ, Հսկայ, Հ-ոգի եւ այլն բառերն․ եւ մեր նախայիշեալ հին բառագրոց մեկնութեանն հաւանիմ որ զՀայք Հսկայք թարգմանէ․ եեւ թուի թէ ի Բաբելոն աշտարակաշինութենէ ետեւ հսկայամարտութեանց ատեն առած ըլլայ Հա (կամ անկէ ծագած Հայկ) կոչումը։ Յայտնի է որ անգղ-գերման լեզուաց մէջ համաձայն բառն այլ High կամ Heag (Հայ-Հիկ) նշանակէ Բարձր ։

      Ոչ միայն նուազաբար եւ փողաքշաբար անուանած է Հայկ իբր Հայակ, այլ իբրեւ այդ նշանական անունն իրեն սեփական, (զոր օրինակ եւ ախոյենին Նեբրովթայ հսկայ կոչուիլն ի Ս․ Գիրս), սովորութիւն եղած է ի հնուց անուան ծայրը աւելցնել անձնորոշ մասնիկը Ն, եւ իբր բնիկ անուանել Հայկան, մանաւանդ երբ այդ անուամբ նշանակուի մեր նահապետին նուիրեալ ասաղն, զոր Յոյնք եւ Լատինք կոչեն Որիոն, յանուն առասպելեալ դիւցազի միոյ․ որպէս ընթեռնումք ի Ս․ Գիրս Յովբայ, «Քո՞ բացեալ իցէ զպատրուակ Հայկին »․ եւ յԵսայի «Աստեղք երկնից Հայկիւն հանդերձ»․ «Ի վերայ եօթնաստեղաց   «Ո »․ եւ ի վարս Ս․ Դիոնիսիոսի Արիսսպագացւոց շատ անգամ, «Ուսոյց ինձ զկարգաւորութիւն Հայկինն ․․․ եւ յորժամ բանին դրունք Հայկինն»։ Թողլով առ այժմ Հայկին աստեղազարդ երկնակամարին մէջ բռնած տեղն, միայն անուան ուշ դնենք, որ թուի ինձ թէ այսու որոշեալ հնչմամբ Հայկն ծանօթ էր ի հնումն եւ մերձաւորաց ազգիս, յորս ամենամօտքն էին Փռիւգացիք, որպէս տեսանք (92), եւ սոքա ճանաչեն իրենց դիւցախառն ներդաշնակ երգահնար մը Հայկնիս կամ Հիակնէս անուն --, ի Լատինաց Hyagnes կոչեցեալ [3] ։ Անուանց նմանաձայնութիւնն երբեմն պատմութեան այլ նմանութիւն կու գտնէ․ այսպէս թուի հնասէր եւ բնասէր Հելուետիացւոյ մը (Տիւպուա, Բ․ 16) կարծիքն այլ, որ Յունաց առասպելաց յիշեալ   Այետէս թագաւորը Կոլքեաց՝ նոյն համարի ընդ Հայկայ․ Հայկն ասէ ի Բաբելոնէ եկաւ ըստ ազգային եւ Քաղդէացի աւանդութեանց․ այն քաղաքն Արեւու նուիրական քաղաք էր․ արդ Յոյնք այլ Այետեայ համար ասեն թէ էր որդի արեւու եւ Պերսեայ դստեր արեւու [4] ։

      Ուրիշ փիլիսոփայ հեղինակ մ’այլ (Վոլնէյ)․ պատմութեան հեռաւոր եւ բռնազբօսեալ նմանութիւն մը կու գտնէ՝ զՀայկ դիւցային կամ առասպել ջանալով ցուցընել, եւ անոր հալածուիլն ի Բելայ կամ ի բաբելոնէ՝ համարի Յունաց առասպելը իրենց Ապոլոն չաստուածոյն վրայօք, որ ի դից եւ ի դիւցաբնակ Ոլիմպոսէ հալածուելով՝ իջաւ յերկիր ի Թեսաղիա եւ անոր Ադմետայ թագաւորի հովուաց երգ եւ երաժշտութիւն սովրեցնէր։ Երաժշտապետի պատուով կու սիրեմ զՀայկ Ապոլոնի նմանցնել, որուն փռիւգական Հայակնի աւանդութիւնն այլ միաբանի, բայց ուրիշ կողմանէ հաւանականութիւն չեմ գտներ։ Զարմանք չէ օտարաց եւ նորոց տարակուսելն կամ այլաբանելն զՀայկայ, երբ մեր հնագոյն պատմչաց եւ աւանդաբանից մէջ այլ անտեղի զրոյցներ ըլլալն կ’իմացընէ մեզի Խօրենացին, զգուշացնելով հաւատալ անոր կամ անոնց՝որք «Անոճ իմն յաղագս Հայկա եւ նմանեաց կակազել» էին։ Իսկ իր պատմութիւնն զոր ի Մարիբասայ, յԱրիւդենեայ եւ յազգային զրուցաց հաւաստեր էր, քիչ այլայլութեամբ եւ յաւելուածով քանի մ’ուրիշ պատմչաց եւ աւանդաբանից՝ մեր պատմելեացն նիւթն է, եւ կ’ընծայէ մեզի նախ դիւցակերպ հսկայ կտրիճ մը, վարպետ աղեղնաւոր եւ զինաշարժ, հակառակորդ երկրիս առաջին բռնաւորին (Բելայ), յորմէ գոնէ իր հայրենի տոհմը եւ երկիրը կ’ազատէ, եւ քաջութեամբ վռնտելով զբռնութիւնը, կ’ապահովէ զազատութիւն երկրին իւրո, զոր եւ շինութեամբք եւ քաղաքական կարգօք եւ իմաստութեամբն յարդարելով՝ կու թողու իր որդւոցն։

      Թորգոմայ որդւոց անդրանիկն է Հայկ կամ ամենէն քաջն, ըստ վկայութեան մերոց եւ օտարաց, որպէս տեսանք, այն հին նահապետաց ազգաբանութեան համեմատութեամբ՝ իր հօր կենաց իբր 100որդ տարին ծնած կրնայ սեպուիլ, կամ իբր 350-400 տարի յետ ջրհեղեղի, յարարատեան կամ ի Նոյաբնակ երկրին, ջրհեղեղին վկայ եւ ազգահայր նահապետաց քով, Յաբեթի ընտանեաց եւ ժառանգութեան մէջ, որոյ եւ յետին թոռն կամ պայազատ կրնայ ըսուիլ, հոն ի հասարակաց հայրենիսն ի լոյս գալով, եւ որոյ անունն այլ կրէ իբրեւ սեփական իւր տոհմին կամ իբրեւ ուղիղ պայազատ․ մեր հին պատմչաց [5], թերեւս եւ վիպասանից մէջ, կոչելով Հայկն յաբեթեան կամ յաբեթածին, մանաւանդ ուր Բելայ եւ Տիտանայ դէմ յիշուի։ Հին նահապետաց սնած՝ անոնց նոյեան աւանդութիւններն այլ ընդունած էր։ Բայց ոչ երկար տարիներ հոն մնաց․ այլ երբ միաբանեցան շատք ի նահապետաց երթալ ի Սենաար, Թորգոմ այլ այն յանդուգն եւ ձեռնարկող տանուտեարց մէկն ըլլալով, զՀայկ այլ մէկտեղ տարաւ հոն, մինչ սա դեռ նորահաս երիտասարդ կ’ըսուէր ըստ այն ժամանակին․ վասն զի պատմութիւնն վկայէ թէ ինքն զԱրմենակ (իր անդրանիկը) ծնաւ ի Բաբելոն․ եւ ըստ այսմ տանուտեարց ցրուիլն այլ յԱրարատայ, գոնէ Թորգոմայ հետ ելլողներուն, պէտք է ըլլայ յառաջ քան զսովորական նշանակեալ թուական ազգաց բաժանման (525 տարի յետ ջրհեղեղի), կամ թէ առաջին ցրուելու ատեն ելած ըլլայ, զոր յիշեցինք (75). Դարձեալ պէտք է հաւանիլ որ հարիւրաւոր տարի բնակած ըլլայ Հայկն ի Բաբելոնի, որովհետեւ ոչ միայն որդիք ունեցաւ հոն, այլ եւ որդւոց որդիս, որք արդէն չափահաս կտրիճք էին՝ անկէ ելած եւ յԱրարատ դարձած ատեն։ Նոյնն գուշակուի եւ ընդհանուր պատմութեան եւ Ս․ Գրոց ոճէն, թէ ելեալքն յԱրարադայ ոչ կարճ ժամանակ բնակեցան ի Սենաար, հաւանօրէն իրենց առաջին նահապետական կամ տանուտիրական օրինօք․ եւ որովհետեւ երկիրն դաշտ էր ընդարձակ, եւ ոչ լերինք կային եւ ոչ քարինք ու քարայրք, անոնց մէջ ապաւինելու, կամ անոնցմով իրենց բնակարան շինելու, ինչպէս սովոր էին յերկրին Արարադայ, պէտքն եւ միտքն իրենց նոր ճար ցըցուց․ «Ասեն այր ցընկեր իւր, եկայք արկցուք աղիւս, եւ թրծեսցուք զայն հրով, եւ եղեւ նոցա աղիւսն ի տեղի քարի, եւ կուպր ի տեղի շաղախոյ»։ Այս նիւթերով ընդարձակ քաղաքներ կամ պարսպապատ բնակութեան տեղուանք շինեցին, որք յետոյ Բաբելացւոց եւ Քաղդէացւոց թագաւորներէն նորոգուելով եւ դարձեալ աւրուելով, մինչեւ ցայսօր կու թողուն աւերակներ զանազան դարուց խառնուրդ։ Այս շէնքերուն մէջ Ս․ Գիրք կու յիշեն ութ մեծամեծ քաղաքներ Ասորեստանի եւ Բաբելոնի եւ Տիգրիսի եւ Եփրատայ միջոց, եւ ասոնցմէ զատ Բաբելոնի մեծ աշտարակը, որ այն ահեղ եւ մեծազօր հսկայից արժանի մեծագործ շէնք մը պիտի ըլլար եւ յիշատակ ապագայ դարուց․ եթէ ոչ ցրուէր Աստուած անոնց մեծամտութիւնն այլ իրենց շինուածին հետ մէկտեղ, եւ զիրենք այլ մէկմէկէ զատէր աշխարհաքարոզ լեզուաց խառնակութեամբն, զոր յիշեցինք ի սկզբան պատմութեանս։

      Հոս կ’ուզեմք նկատել որ այս շինութեանց ձեռներէց առաջնորդ կու ցուցընեն մեզի Ս․ Գիրք զՆեբրովթ, որ է Բէլ ըստ արտաքնոց․ եւ ըստ ոմանց թարգմանութեան կամ իմացածոյ նաեւ Ասուր որդին Սեմայ [6] իսկ մեր աւանդաբան պատմիչք երեք գլխաւոր ասեն եւ շինարար, զԲէլ, զԼամսուր եւ զՀայկան։ Երկրորդն՝ եթէ ոչ նոյն ինքն Ասուր է, ո՞վ ըլլալն յայտնի չէ․ բայց ոմանք փոխանակ նորա՝ զՓաղէկն ասեն առաջնորդ Սեմեանց․ իսկ երրորդին՝ այսինքն մեր ազգապետին ձռնրիցութիւնն վկայեալ է եւ յօրինակագիր պատմահարց մերոց․ որոց հայրն եւ աղբիւրն Մարիբաս [7] ի Քաղդէացւոց հին պատմչաց վսեմ եւ վայելուր օրինակաւ կարգէ իր եւ մեր եւ Հայկայ պատմութեան սկիզբն․ զոր եւ արժան է ընդ վաղարշակայ ամենայն ազգասիրի արձանագրել իր դիւանաց մէջ․ «Ահեղք եւ երեւելիք առաջինքն ի դից, եւ մեծամեծաց աշխարհի բարեաց պատճառք, որ սկիզբն աշխարհի եւ բազմամարդութեան․․․ Յորոց մի էր եւ Յապետոսթեանն Հայկ, անուանի եւ քաջ նախարար, կորովաձիգ եւ հաստադեղն ․․․ գեղապատշաճ եւ անձնեայ, քաջագանգուր, խայտակն եւ հաստաբազուկ ։ Սա ի մէջ սկայիցն քաջ եւ երեւելի լեալ»։ Այս մեր ազգապետին բարեմասնութիւնքը ուրիշ ազգային հին պատմիչ մ’այլ՝ կամ նոյն առաջին պատմչին ուրիշ թարգմանք այլ (Սեբիոս․ Մովս․ Կաղանկ․) յիշեն, կոչելով զնա Սկայազօր կամ Հզօր զօրութեամբ, Արի, մարտիկ յոյժ, գեղեցիկ, բարի անձամբ եւ այլն․ յորս գլխաւոր գիտելի յատկութիւնքն են նախ հսկայութիւնն, որով կ’իմացընեն հինքն զմեծութիւն եւ զոյժ մարմնոյ․ որոյ հետ իմանալու է եւ բռնութիւնն ու բռնաւորութիւնն․ աւելի այս յետինս՝ ըստ Սուրբ Գրոց․ բայց արտաքինք եւ ռամիկք ըստ երեւակայութեան հաճոյից աւելի մարմնոյ յաղթանդամութիւն իմանալով, անճոռնի հասակներ եւ չափեր կու ստեղծեն, ինչպէս Բելայ համար այլ կ’ըսեն թէ 60 կանգուն հասակ ունէր, իսկ Հայկին համար 36 կանգուն․ անշուշտ առաջնոյն չափն Նաբուգոդոնոսորայ կանգնած անդրոյն չափէն առած է․ երկրորդն այլ գուցէ անդրիէ մը զոր Հայք կանգներ էին ի պատիւ իրենց նախահօր, որպէս յետոյ կանգնեցին Վահագնի եւ Գիսանեայ եւ այլն։ Բայց հսկայութենէն աւելի յատկացընեն պատմիչք զգեղեցկութիւն կամ զվայելչութիւն մարմնոյ եւ կերպարանաց ազգապետին մերոյ․ որով կ’իմացուի այլ թէ ազգերնիս ի վաղուց կու յարգէր եւ սիրէր այս անձնական ձիրքը, եւ ընդ ուժոյ պահանջէր շնորհք եւ զարդ կերպարանաց իր կտրիճներէն եւ գովելիներէն․ որոյ մեծհաւաստիքն է եւ Արայի պատմութիւնն․ իսկ հոս մեր դիւցազին ընծայուած մասնաւոր շնորհքն են Խայտակն ըլլալն, որ թուի վառվռուն նայուածքն, եւ քաջագանգուր, որով կ’իմանամ երկայն եւ հիւսուած խոպոպիկներն, ինչպէս Ասորեստանեայց անդրեաց վրայ տեսնեմք․ այս երկու մասնաւոր յատկութիւնքն այլ իբրեւ սեփականք Հայոց արդէն դիտուած են յօտարաց իսկ․ հին Հռովմայեցիք յիշեն եւ կոչեն վարսագեղ զՀայս, իսկ հիմայ շատոնց ծանօթ է Հայոց աչեղութիւնն։ Մեր դիւցազին երրորդ եւ մեծ ձիրք եւս վկայի քաջութիւնն, եւ իբրեւ սեփական ընծայուի իրեն մակդիր Արի այր, ինչպէս Բելայ Ահեղ արքայ եւ մարտիկ յոյժ բացատրութիւնն այլ յիշեցընէ այն հսկայից կռիւներն ու Բաբելոնի խառնակութեան ատեն եղան, եւ որոց մէջ անուանի հանդիսացաւ մեր նահապետն։ Բայց իր ամենէն յատուկ եւ եզական եւ գրեթէ սրբազնեալ տուրքն է աղեղնաւորութիւնն, որոյ համար զանազան բացատրութեամբ կոչի Աղեղնաւոր, կամ լաւ եւս յոյժ աղեղնաւոր, կամ կորովի աղեղամբ, հաստաղեղն եւ կորովաձիգ, եւ կրնամք թերեւս անուանել զՀայկան մեր հեղինակ աղեղան․ եթէ ոչ իբրեւ հնարողութեամբ՝ անշուշտ գործածութեամբ առաջին աղեղնաւոր աշխարհի․ թէպէտ հոս ազգազրոյց եւ գրաւոր աւանդութիւն մը (Դիւանք Աղթամարայ), զգիւտն լարաշարժ գործւոյս այլ ընծայէ Հայկայ, եւ կերպով մը սրբազանէ այլ․ վասն զի յերազի երեւցաւ նմա կ’ըսէ աղեղն եւ նետ, զոր շինելով եւ ի գործ ածելով, հարուածեց այնով իր թշնամիները․ եւ այս դիպուածս, ըստ զրուցաբանութեանն, եղաւ յետ դարձի Հայկին ի Բաբելոնէ եւ ի բնակութեան ի Հայոց Ձոր․ բայց ստուգագոյն է թէ եւ ի դաշտին Սենաարայ զուցեր էր Հայկան իր կորովաձգութիւնը հաստ աղեղամբն, որով մրցէր ընդ Նեբրովթայ կամ Բելայ, այն որ անուանէր որսորդ հսկայ առաջի Աստուծոյ (Ծն․ Ժ․ 9)։

      Յառաջ քան զաշտարակաշինութիւնն՝ որոյ վախճանն էր, ըստ Սուրբ Գրոց, յիշատակ մարդկան թողուլ յերկրի, անոր հեռաւոր կողմերը ցրուելէն առաջ, Սենաարայ մէջ բազմացեալ նահապետականօրինօք ապրէին եւ միաբանութեամբ եւ միով լեզուաւ․ իսկ երբ դարձեալ շատցան եւ այն ընդարձակ դաշտն այլ իրենց նեղ եկաւ եւ ձեռք զարկին շինութեան աշտարակին, արդէն ներքին շփոթութիւններն սկսեր էին նահապետաց մէջ, եւ իշխանասիրութեան կամ բռնութեան կամաց եւ ձեռաց երեւցաւ․ յորում յաջողագոյն կամ յանդգնագոյն գտուելով Նեբրովթ որդին Քուշայ Քամեան, եւ ըստ աւանդաբանից ոմանց՝ (Վարդան) քաջորսորդութեամբն կերակուր ճարելով աշխատողաց աշտարակին, զոմանս սիրով շահեցաւ, զայլս բռնութեամբ եւ բազմութեամբ իր կուսակցացն եւ ամէնուն վրայ կ’ուզէր իշխել․ հարկ էր կամ շատ հեռանալ այն կողմերէն, կամ զինքը ճանչնալ տէրմեւիշխող, հակառակ տանուտիրական օրինաց նահապետացն՝ որք ստիպուեցան այս երկու հնարից մեկը բռնել։ Բայց մէջերնին զօրագոյնքն՝ թէպէտ քիչք՝ երրորդ ճամբայ մ’այլ փորձեցին, բռնութեամբ բռնաւորին դէմ կենալ․ կամ նուաճել զնա եւ Նոյեան հրամանաց եւ կարգաց հաւանեցնել, կամ իրենց ցեղը եւ տունը անոր բռնաբարութենէն ազատ պահել։ Հոս ուրիշ արեւելեան աւանդութիւն կամ առասպել մ’այլ (զոր յիշէ պատմահայր մեր Խորենացի) աւանդէ թէ ոմանք այլ այս շփոթիցս մէջ ջանային խաղաղել զամենքը հաւասար իրաւանց տէր եւ անտարբեր ցուցընելով, յորոց էր եւ Կենտորոս Պիւսիդեայ ըսուած մէկն (որոյ անունն յայտնապէս այլայլեալ է ի Յունաց), եւ զոր Պարսք նոյնացուցին ընդ առասպելեալ դիւցազինն Բիւրասպի Աժդահակայ որ եւ հնազանդելով Նեբրովթայ՝ իր ցեղին տանուտիրութիւնը ժառանգեց, եւ սկսաւ հասարակայնութիւն մը քարոզել (communisme), որ ինչպէս հիմկու ատեն շատերը գլխէ կու հանէ եւ հաստատ գլխոց անընդունելի է, այն ատեն այլ նոյնպէս եղաւ․ ոմանք հետեւեցան իրեն, մանաւանդ որ, կ’ըսեն, աստեղահմայութեամբ եւ կախարդութեամբ այլ խաբխըբէր զիրենք, իսկ ոմանք այնով աւելի ճանչնալով անոր խաբէութիւնը՝ հալածեցին իրենցմէ։

      Ահա այս ատեն կ’երեւի Թորգոմայ դառնալն յերկիրն նահապետական․ իսկ Հայկն դեռ մնալով ի Բաբելոն, անդրանկութեամբ Յաբեթեան ցեղին պայազատն ճանաչուէր, եւ քաջութեամբ ու իմաստութեամբ նշաւաոր ի մէջ հսկայիցն․ որով «եւ ընդդիմակաց ամենեցուն որք ամբառնային զձեռն միապետել ի վերայ ամենայն սկայիցն եւ դիւցազանց»։ Ուրիշ իրաւախոհից նման կ’ուզէր որ ամէն տանուտէր իր վիճակին տիրէ, բայց շատերէն այլ զօրաւոր ըլլալովն, ոչ միայն բանիւ, այլ եւ ուժով դէմ կենար անոնց բռնաբարութեանը, եւ պաշտպանէր զտկարս։ Այսպէս պատմութիւնն ընծայէ մեզի զազգապետն մեր նախ եւ առաջ արդար եւ հզօր պաշտպան իրաւանց, նեղելոց եւ նուաճեալ ազատութեան․ ինչպէս որ զԲէլ ցուցանէ առաջին բռնաւոր եւ անիրաւ նուաճող օտարաց ազատութեանն։ Հարկ էր որ այս կրկին ոգիք միանգամայն եւ կրկին հսկայք քաջք, իրարու դէմ գային․ Բէլ արդէն ոչ միայն իր Քամեան ցեղին նահապետաց բազմութիւնը հնազանդեցուցեր էր, այլ եւ Սեմական ցեղը, ասոր վիճակեալ երկիրներուն մէջ բնակելով եւ քաղաքաշինելով․ կարգն եկաւ Յաբեթեանց այլ, որոց առաջնորդ եւ պաշտպան կեցաւ Հայկն, եւ «Խրոխտացեալ ամբարձ զձեռն իւր ընդդէմ բռնաւորութեանն Բէլայ, ի տարածանել ազգի մարդկան ընդ լայնութիւն ամենայն երկրի, ի մէջ բազմակոյտ սկայիցն, անհուն խօլաց եւ ուժաւորաց։ Քանզի անդ մոլեգնեալ այր իւրաքանչիւր զսուր ի կող ընկերի իւրոյ ձգելով՝ ջանային տիրել ի վերայ միմեանց․ ուր պատահմունք ի դէպ ելանէին Բելայ բռնանալ ունել զամենայն երկիր»։ Բէլ ոչ միայն մերձաւորաց, այլ եւ բաւական հեռաւորաց վրայ այլ իր իշխանութիւնը տարածեր էր․ թէ եւ յայտնի չէ թէ այն հին ատեն ի՞նչ էր հնազանդելոց պարտքն կամ հրամայողին իրաւունքն․ ըստ աւանդարանից՝ Բէլ ոչ տանուտէր՝ այլ թագաւոր անուաներ էր զինքն՝ թագով այլ պստկելով՝ եւ չէր թողուր ուրիշներու այդ պատիւը, եւ ուզէր որ զինքը ամէնէն ճանչնան գերագոյն տէր, եւ ինչուան, աստուած մը յերկրի, զորեւ ջանայր հաւատացընել Բիւրասպեան կախարդանօք, ըստ հին պատմչին մերոյ [8] իր պատկերն այլ փորագրելով խաւրէր իպաշտօն ազգաց եւ լեզուաց։ Հայկն արհամարհելով այս բաներս, բայց յետ երկար կռուոյ եւ փորձոյ (իբր 50 տարիներու), չկարենալով այլ քիչերով Բելայ միաբանից բազմութեան դէմ կենալ, իր հօրը եւ եղբարցն ճամբան բռնել ուզեց․ ժողովեց իր սերունդքը, որդիք եւ թոռունք, որոց թիւն կու հասնէր մինչեւ 302 կտրիճ մարդ [9], զատ ի կանանց եւ ի տկար հասակաց․ անոնց հետ՝ առաջուց իրեն իբրեւ ծառայող անձինքն եւ կամաւ իրեն ապաւինեալք, որք հարկ է թէ միանգամայն քանի մը հազար պիտի ըլլային․ ասոնց ամէն ստացուածքն այլ մէկտեղ առնելով՝ Բելայ ուրիշ տեղ զբաղած ատեն, կամ զէնքով ճամբայ բանալով, իր հարց եւ յետոյ մեր հայրենեաց երկրին բղխած գետերուն ընթացքը բռնելով՝ դէպ ի վեր ելաւ՝ երթալու յԱրարատեան եւ ի նոյեան բնաշխարհն․ եւ անցնելով Ասուրայ (Սեմայ անդրանկան) սեփականեալ սահմաններէն, եւ կտրելով անոր եւ Յաբեթական ցեղապետութեան անջրպետ Կորճայից լեռներն՝ մտաւ ի նոյաբնակն Արարատ։ Ահա այսփախուստն է Հայկին ի Բաբելոնէ, զոր Վոլնէյ համեմատէ կամ համարի Ապողոն յԱրամազդայ հալածեալ [10] ։

      Հայկայ դարձն յերկիր նախնեացն եղաւ իբր 2500 տարի յառաջ քան զթուական Փրկչին․ եւ իր նահապետական տունը մտած օրը՝ ըստ աւանդութեան տօմարագրաց եւ տօնագրաց մերոց՝ կարգեց գլխաւոր օր տօնի տարւոյն կամ տարեգլուխ․ վասն զի, կ’ըսեն, այսպէս ըրին ամէն ցեղապետք այլ, իրենց երկիրը մտած օրերնին․ իսկ Հայկայ մտած օրն էր ըստ յուլեան (հին) տօմարի, օգոստոս 11 կամ ըստ այլոց՝ 13 (23-25 ըստ նոր տօմարի)․ եւ մինչեւ ցայժմ այս է հաստատուն տարէմուտ հին հայ տօմարին կամ Յայսմաւուրաց եւ Սարկաւագի ըսուածին․ բայց այն օրէն սկզբնաւորեալ թուականն, որ եւ Հայկայ Շրջան կ’ըսուի, սկսած է քանի մը տարի ետեւ, 2492 տարի յառաջ քան զծնունդ Փրկչին, երբ Հայկն յաղթելով իր հակառակորդին՝ բոլորովին ազատեց զտունն Թորգոմայ ի բռնութենէ Բելայ։ Վասն զի այսօր իշխանութիւնն ոչ միայն Սենաարայ վրայ, այլ եւ հեռաւոր աշխարհներ սփռած էր, եւ նոյն ինքն Թորգոմ իր մէկայլ զաւակօքն անկէ ազատ չէր, նաեւ Արարադայ եւ Կովկասեան երկիրները անոնց բաժնելէն վերջն այլ․ ինչուան որ Հայկն հաստատուելով իր արարատեան բաժնին մէջ եւ նուաճելով չորս բոլորը, յայտնապէս գլուխ քաժեց եւ ինքնագլուխ ազգապետ եղաւ։

      Հայկ քիչ ատեն բնակեցաւ ի Լեռնոտն Արարատ, ի հին նահապետական տանն, ուր հաւանօրէն կային ի Բաբելոն զգացող կամ անկէ շուտ դարձող բնակիչք․ որոց մէջ անշուշտ մնացեր էր հին նոյական լեզուն․ եւ հարկ էր որ Հայկայ լեզուն այլ (եթէ նոր էր Բաբելոնէն բերածն) խառնուէր հնոյն հետ, մինչդեռ զատուելուն վրայ շատ տարիներ չէին անցեր [11] ։ Նահապետական շինուածոց վրայ ինքն այլ քիչ մ’աւելցուց, եւ բոլորն այլ թողուց իր թոռանը՝ Կադմեայ․ որոյ անուամբ յետոյ տեղն՝ մերձակայ սահմանովն՝ Կադմեայ տուն ըսուեցաւ, եւ Հայոց տէրութեան ատեն հարաւային արեւելեան սահմանակալ կու սեպուէր այդ տան իշխանն, եւ մեծաթիւ զօրաց բանակ ունէր։ Այսպէս Հայկայ առաջին բռնած տեղն ի հայրենիս մեր, յետին սահմանածայր եղաւ իր որդւոց պայազատութեան ատեն․ վասն զի հարաւէն դէպ հիւսիս տարածեցաւ իր ազգն եւ տէրութիւնն։ Ինչպէս որ նախ ինքն այլ ելնելով այսկէ իր ընտանեօքն՝դէպ յարեւմտեանհիւսիս գնաց Տիգրիսի հոսանաց դէմ, եւ հաւանօրէն անցաւ Բաղիշու գետոյն ձորէն, կամ Վանայ ծովուն արեւմտեան եզերքէն, որ այն ատեն այսքան յառաջ եկած չէր յայս կողմս․ եւ դառնալով այլ աւելի յաեւմուտք՝ Արածանի գետոյն հովիտները մտաւ, թէպէտ այն ատենուան ընթացքն յայտնի չէ, եւ հաւանօրէն շատ տարբեր էր հիմըկուընէն․ բայց գրեթէ անտարակոյս է որ այժմեան Արածանւոյ արեւմտեան աղբերականց մօտ հասաւ՝ որք ի Սրմանց լերանց կ’իջնեն ի դաշտն Խնուսայ, լերանց միւս կողմը թողլով Երասխայ աղբերակունքը։ Այս է այն բարձրաւանդակ դաշտն, ուր դրաւ Հայկն իր հաստատ բնակութեան տունն, «եւ անուանէ զանուն լեռնադաշտին ՀԱՐՔ, այսինքն թէ Հարք են աստ բնակեալք՝ ազգի տան Թորգոմայ։ Շինէ եւ գիւղ մի, եւ անուանէ յիւր անուն ՀԱՅԿԱՇԷՆ»։

      Հարք կոչումն երկրին աներկբայելի է, թերեւս ոչ նոյնքան մեր պատմահօր տուած հաճոյական եւ նոյնանիշ մեկնութիւնն՝ (ազգին) Հայրերն իմանալով նախ հոս բնակած․ թերեւս Հա-արք լինի բնիկ կոչումն՝ ըստ Հա անուան ազգին եւ ազգապետին, յաւելմամբ արք (մարդիկ) բառին, որպէս եւ Գուգ-արք ։ Սակայն ստոյգ եւ իրաւ է որ մեր ազգին Հարանց բնավայրն եղաւ այս տեղս, որ յետոյ Տուրուբերան աշխարհին գաւառաց մէկն սեպեցաւ․ եւ թերեւս ոչ միայն Հայկն իր սերնդեամբն՝ այլ նաեւ իր հայրն Թորգոմ գոնէ մէկ քանի որդւովքն հոն բնակած ըլլայ ատեն մը․ յորոց թերեւս Հեր կամ Հերոս իր անունն թողած է Հերեան կամ Հերեր գեղջ վրայ, որպէս կոչեցաւ եւ կոչի իսկ ի Վրաց՝ իւր աշխարհն Հերեթ․ իսկ այս գիւղս որ յաւուրս թարգմանչաց մերոց ընծայեցմեզի մեր ազգին նրբագոյն իմաստասէր հանճարը, զԱնյաղթ Դաւիթ, հիմայ այլ նոյն անունը պահէ քրդաձայն կոչմամբն Խըրդ եւ նշանակէ գաւառին գլուխը Երասխայ եւ Արածանւոյ անջրպետ լերին լանջակողմը։ Իսկ Հայկաշէնն պանծալի եւ փափագելի Հերեթէն իջած վտակին վարերը, դաշտին արեւելեան կողմերը նշանակուած է, իրեն մօտ այլ Հարամիկ աւանն, որ կրնայ Հարանց նման հին անուան մնացորդ մ’ըլլալ։ Այս կողմերս քրդաբնակ ըլլալով՝ լավ քննուած չեն, գուցէ ուրիշ եւ աւելի ստոյգ նշաններ այլ ունենան մեր Հարց եւ ազգապետին բնակութեանն․ որոցմէ մէկն այլ սեպուի կարծեօք՝ Էլփիս կոչեցեալ գիւղն՝ ընդ մէջ Հերեթայ եւ Հայկաշինի, որ յիշեցնէ մեր հին աշխարհագրական բառագրին ըսածն թէ «Հայկն զԱրփիսոն շինեաց»։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Հերեթէն քիչ հեռու եւ լեռան մը անդիի կողմը, հիմկու Վարդոյ վիճակին մէջ Պասքամ գիւղաւանն այլ, որ կրէ զանուն Հայկայ թոռանցմէկուն։ Այսքան մեզի կիսածանօթ տեղանշանքս այլ բաւական են հաւաստելու թէ ստուգիւ ազգապետն մեր Հայկն բնակեր է այս լեռնադաշտիս մէջ։ Ասոր հարաւակողմը երկայնաձիգ լերան մը ստորոտ (թերեւս Զեսնագ Լ․) դէպի Տարօնու կողմը, Հայկէն առաջ եկած բնակած էին քիչուոր մարդիկ․ ասոնք մէկէն Հայկայ իշխանութիւնն յանձն առին, վախնալով որ չըլլայ թէ Բելայ կողմնակից երեւնան եւ վնաս կրեն։ Այս դիպուածս՝ զոր յիշած են թէ հին քաղդէացի պատմիչն Հայոց (առ Մարիբասայ), եւ թէ մեր հնագոյն նախնեաց վիպասանքն եւ զրոյցքն, գուշակել տայ որ կարեւոր պարագաներ այլ ունեցած պիտի ըլլայ։

        Այն ատեն որ Հայկն ի Հարք եւ ի շրջակայ կողմանս իր հօրը սեփական բաժնին մէջ իշխանութիւնը եւ տունը կու հաստատէր, եղբարքն այլ իրենց տունը տեղը կու շինէին․ բայց, եթէ հաւատանք Վրաց պատմութեան, ամէնքն այլ վախնալով ի Բելայ՝ անոր գերագոյն իշխանութիւնը կու ճանչէին․ թերեւս Թորգոմ հայրերնին խոհեմագոյն սեպեր զայս՝ որդիքը մեծազօր հսկային բռնութենէն անկասկած պահելու համար․ եւ Հայկն առ ակնածութեան ծեր նահապետին՝ կու լռէր։ Իսկ երբ յետ մահուան նորա ինքն անցաւ ի նահապետութիւն բոլոր թորգոմազանց, ամէն յարաբերութիւն կտրեց ընդ Բելայ․ եւ կանչելով եղբայրները, իբրեւ իրենց վիճակները հաստատելու համար, եւ ուրիշ իրեն հպատակ տոհմապետներ, ամէնուն իմացուց որ Բէլ ոչ միայն անիրաւ բռնաւոր մ’է ի վերայ երկրի, այլ եւ աստուածուրաց, ոչ միայն հնազանդութիւն՝ այլ եւ աստուածային պաշտօն կու պահանջէ ի մարդկանց, որով իրեն հնազանդիլն անգամ իրենց եւ իրենց հարց պաշտած միոյն Աստուծոյ հակառակիլ պիտի սեպուի։ Նահապետաց օրհնութիւնն մեր վրայ է, ըսաւ, Աստուած մեզի ընդարձակ երկիր եւ բազմասերունդ զաւակներ եւ ընդոծիններ տուաւ․ ինչո՞ւ ()վախնանք ի Նեբրովթայ․ մենք մեզի բաւական ենք, Աստուած այլ օգնական։ ամէնքն հաւանեցան եւ հնազանդեցան Հայկայ, իբրեւ տանուտեառն Թորգոմայ ցեղին։ Մեր ազգին ընդունելի աւանդութիւն եղած է թէ Հայկայ գլուխ քաշելուն գլխաւոր պատճառն էր Բելայ անաստուածութիւնն․ եւ ընդունելի է թէ Հայկն եւ թոռունքն ճշմարիտ աստուածապաշտք էին, ինչպէս ուրիշ ցեղապետաց մէջ այլ կային յառաջ քան զԱբրահամ․ եւ թերեւս աստուածապաշտութեան ու նահապետաց երկիւղածութեան մէկ նշան մ’այլ սեպուի միակնութիւնն․ Վիրք Թորգոմայ համար կ’ըսեն թէ շատ կանայք ունէր, բայց մեր գիտնագոյն պատմիչք՝ թէ՛ Հայկայ եւ թէ իր թոռանց միշտ կին մը յիշեն եւ ոչ կանայք։ Եւ այս հին եւ մթին ժամանակ, գրեթէ ինչուան Ասորեստանեայց տէրութիւնն ի Հայս (առ Շամիրամու), մեր պատմութեան մէջ ամենեւին դիցաբանական յիշատակ մը չկայ․ որով եւ շատ հաւանական կ’երեւի մեր բարեպածտ նախնեաց կարծիքն այլ զՀայկայ, որ ոչ միայն անձնական այլ եւ կրօնական ոգւով հակառակէր Բելայ։ Այս երկու հակառակորդքն յամենայնի մէկմէկու ընդդիմակ ներկայանան մեզի․ եւ թերեւս միակ ընդդիմակք․ քանզի Սեմայ տոհմապետք նուաճեալք էին ի քամածին Նեբրովթէն, եւ մեր յաբեթածին ազգապետն միայն մնաց պաշտպան հայրենի եւ աստուածային իրաւանց։

      Արդ երբ երկու հակառակորդքն այլ իրենց իշխանութիւնը ամրացուցին եւ ապահովեցին․ մէկն (Հայկ) նահապետական պարզութեամբ, միւսն աշխարհակալաց նախօրինակ խրոխտանօք, հարկ էր որ գործով այլ յայտնուէին․ բայց մեր նահապետն ոչ Բելայ դէմ երթալու միտք ունէր եւ ոչ բաւական զօրութիւն․ իսկ սա գոնէ բոլոր Սենաարայ եւ Միջագետաց մէջ սփռեալ տոհմերէն կտրիճները ժողոված էր քովը՝ իր հակառակները նուաճելու համար, յետ ամենեցուն եւ տկարաց՝ կարգը հասած սեպեց Հայկայ։ Այս մեծ դիպուածս աւանդող պատմչաց սակաւ մնացեալ զրոյցքն այլ մեզի բաւական քաղաքական կրթութեան եւ հրահանգաց գաղափարներ կ’ընծայեն, որ թերեւս ոմանց նոր փիլիսոփայից անհաւատալի երեւայ․ այսպէս են նախ Բելայ եւ Հայկայ պատգամաւորութիւնքն։ Բէլ իր որդւոց մէկն դեսպանութեան գլուխ դնելով՝ հաւատարիմ եւ կտրիճ մարդիկներով խաւրեց առ Հայկն, որք խաղաղութեան ձեւով գալով՝ կրցան հասնիլ առ սա եւ բռնաւորին պատգամը տալ, որոյ իմաստն այս էր․ «Ամէն ցեղ եւ լեզու որ ցրուեցան երկրիս վրայ՝ ինծի հնազանդին եւ պատշաճ պատիւը տան, ոս այլ զիրենք խնամեմ եւ պաշտպանեմ․ դու միայն ինքնագլուխ մնացիր, եւ քեզի հետ քու ցեղակիցքդ մոլորցուցիր․ որոնք կենաց օգուտն անգամ յամառութեամբ մոռնալով՝ քեզի հետ ելան գնացին դէպ ի հիւսիս, սառնապատանբնակելի լերանց մէջ պահուեցան։ Թողէք այդ անյարմար մտածութիւնն այլ բնակութիւնն այլ․ եկէք նորէն ի Սենաար, բնակեցէք մեր ջերմիկ եւ բարեբեր դաշտերուն մէջ, վայլեցէք երկրին բարութիւնը։ Եւեթէ դու Հայկ՝ քու աղեղանդ փորձերը կու սիրես, ե՛կ եւ Բելայ որսապետն եղիր․ իրեն որսական բարակները վազցուր սիրած էրէոցդ ետեւէն։ Զայս խոստանայ Բէլ․ իսկ եթէ դեռ յամառեալ մնաս այս տեղս, ինքնին Բէլ կու գայ զքեզ որսալու»։ Այս պատգամս կ’երեւի թէ ոչ բերան առ բերան խօսեցաւ որդին Բելայ ընդ Հայկայ, այլ ինքն այլ ուրիշի բերնով իմացուց Հայկայ, գուցէ վախնալով ասկէ, կամ մեծութիւն սեպելով անոր չերեւալ ինչուան որ միտքը չիմնայ։ Իսկ Հայկն պատգամին սպառնալիքն այլ լսելով՝ բոլորովին մերժեց առաջարկութիւնը, մանաւանդ թէ խստութեան խստութեամբ այլ պատասխանեց, կ’ըսեն․ «Գիտեմ որ Բէլ շան պէս հաջէ, շան պէս որսայ, իր հետեւողքն այլ նոյնպիսի են։ Իսկ եթէ կ’ուզէ՝ գայ մեր վրայ եւ տեսնէ մեր ճարտարութիւնն այլ»։

      Բելայ որդին եւ պատգամաւորքն դարձան առ նա ի Բաբելոն․ յորոց իմանալով Հայկայ վստահութիւնն՝ Բէլ հարկաւոր սեպեց ժողովելու մեծ բազմութիւն զօրաց հետեւակաց հանդերձ իր փորձած կտրիճներու, որոց մէջ կային 60 անուանի հսկայք անճոռնի դէմքով հասակով եւ ուժով, որոց ամէն մէկն առասպելեալ դիւցազանց կարգ կրնար բռնել։ Հոս մեր պատմիչն (Խորենացի) թուի դիտմամբ յիշել որ բազմութիւն զօրացն Բելայ հետեւակ էր․ բայց ուրիշ կորուսեալ պատմչի (Ստեփ․ Ռոշք․) մնացեալ տող մը «Հեծելոցն սրաթեւութեամբ առ Բէլն հասին», կրնայ թէ՛ անոր կողմէն թէ դիմացինէն կարծել տալ այս հեծեալները․ թէ եւ ուրիշ պատմիչ այլ կ’իմացընէ յետ պատերազմին, որ գոնէ իբրեւ գրաստ կային ձիանք այլ ի բանակին Բելայ։ Այս բանս կարեւոր սեպեցի յիշել վասն մեծ խնդրոյն, թէ որքա՞ն հին է ձիոց գործածութիւնն ի պատերազմի։ Թէ ոչ զօրքը կրելու՝ անոնց բեռները եւ պաշարը կրելու համար հարկ էր գրաստ վարել․ եւ ասոնց հետ վերջին յիշեալ պատմիչն յիշէ նաեւ ուղտեր ի բանակի Բաբելացւոյն․ եւ այս այլ առաջին յիշատակն է այդ հարաւասէր անապատի անդրուվարին ի Հայաստան մտնելուն, որ կարաւանաց պատճառաւ մինչեւ հիմայ գտուի մեր ցրտակլիմ հայրենեաց մէջ։

      Նեբրովթ Մարաց եւ Ատրպատականի միջոց լերանց ստորոտքը պատելով (ըստ Վրաց պատմութեան), ի հարաւային արեւելքէն դէպ յարեւմուտս հիւսիսոյ դիմեց, ի տունն նահապետաց, յերկիրն Արարադայ, որ եղեր էր տուն Կադմեայ։ Սա բռնաւորին մօտենալը իմանալով եւ յառաջապահքը տեսնելով՝ թողուց տեղը եւ ընտանեօքը փախաւ ի Հարք առ Հայկ, եւ մեծ վախով լուր տուաւ․ «Գիտեա, ըսելով (ըստ հին պատմչին) ո՛վ մեծդ դիւցազանց, զի դիմեալ գայ ի վերայ քո Բէլ, յաւերժիւք քաջօք եւ երկայնադիզօք հասակօք սկայիւք մրցողօք։ Եւ իմացեալ իմ զմերձ լինելն նորա ի տուն իմ, փախեայ․ եւ գամ աւասիկ տագնապաւ։ Արդ աճապարեա խորհել զոր ինչ գործելոց ես»։ Նեբրովթ անաշխատ տիրեց Կադմեայ տանն, ուր թերեւս ինքն այլ ծներ էր ի միջի նահապետաց․ եւ փութացաւ Հայկայ վրայ երթալու, անոր բռնած ճամբէն, Հողսայ պահակէն, կամ հիմկու Ռահվայի եւ Բաղիշու ճամբէն։ Այս ճամբուն գլուխը, Մշոյ դաշտին եւ Վանայ արեւմտեան այս պարատափին միջոց եւ անջրպետ ծանօթ է մինչեւ հիմայ Նեբրովթայ լեռն, Նամրուտ կամ Մամրուտ կոչուած, յանուն բռնաւորին, որ հաւանօրէն հոս կեցած կամ յիշատակի արժանի բան մը ըրած պիտի ըլլայ․ զոր ոչ յիշէ գրաւոր պատմութիւնն․ իսկ աւանդութիւն տեղացեաց մինչեւ ցայժմ առասպելախառն զրուցէ, թէ Նեբրովթ բռնաւորն եկեր էր ի հարաւոյ այս կողմերուն այլ տիրելու, եւ այս լերանս վրայ կու շինէր իրեն բերդ եւ բնակարան մը․ եւ երբ աւարտեց բարձրակառույց շինուածը, տանեաց վրայ ելնելով եւ իր ժողովրդեան հաւատացընել ուզելով որ ինքն ամենակարող է՝ լարեց զաղեղն յերկինք ի վեր, որպէս թէ անոր իշխողն այլ (զԱստուած) զարնէ եւ վար ձգէ․ իսկ Աստուած ծովէն մեծ ձուկ մ’առած՝ նետին դիմաց դրաւ․ որոյ արիւնն վար վազելով՝ Նեբրովթ կարծեցուց թէ իր ուզածն էր զարկածը․ այն ատեն Աստուած վերէն կայծակներ թափելով՝ կործանեցՆեբրովթայ շինածը, եւ զինքն իրեններովն  շէնքին հետ հետ մէկտեղ լերան անդունդքը իջուց, եւ անկէ ջուր բղխեցնելով ծածկեց աննշան ըրաւ տեղը․ միայն այն բղխած ջրէն են ինչուան հիմայ լերան վրայ եղած լճերն։ Նոյն ատեն, կ’ըսեն, Նեբրովթայ ուղտերն այլ որ Դատուանայ ծովեզերքէն աւազ բերէին շէնքին համար, քարացեալ մնացին հոն․ եւ ասոնք են ինչուան հիմայ Ըղտու քարեր ըսուած մեծամեծ ապառաժի կոտորքն՝ որ Նամրուտայ եւ Դատուանայ միջոց իբրեւ շարեալ կան 60իւ չափ։ Վանայ ծովուն եզերքն ուրիշ տեղուանք այլ կան որ Բելայ առասպելախառն աւանդութիւններ պահեն, ինչպէս քիչ մ’ետեւ տեսնենք․ եւ գոնէ զայն կու հաւաստեն թէ Նեբրովթայ դիպուածն այս կողմերս եղած է;

      Գլխաւոր դիպուածն որ է Նեբրովթայ եւ Հայկայ պատերազմն, ասոր յաղթելն եւ անոր սպանուիլն, հիմայ մեզի մնացեալ պատմիչք՝ երեք քիչ շատ զանազանութեամբ պատմեն եւ կրնան երեք աղբերք ըսուիլ (որ են Խորենացի, Վրաց պատմիչն, եւ Սեբիոսի սկիզբն եղած հատուածքն)․ բայց ամէնքն այլ մէկ մեծ դիւցազնական վիպասանութենէ մ’առաջ եկած կ’երեւին, կամ շատ հին պատմութենէ մը՝ որ ժամանակին վսեմութեամբը եւ ծանրութեամբ պատմուած է, եւ երեքին յիշածն այլ ըստ մեզ այսպէս միաբանին։ Նեբրովթ՝ դեսպանագնացութեան օրինակին համեմատ՝ ծանրէն քաշելով մէկէն անձամբ չելաւ Թորգոմազանց վրայ, մանաւանդ որ դեռ բոլոր զօրաց բազմութիւնն այլ հասած չէր․ այլ Կադմոսի տան եւ Հարքայ միջոց տեղ մը դադրելով (թէ ոչ յիւր անուն լերինն) յառաջամարտ գունդը ղրկեց 60 հսկայիւքն։ Հայկն այլ նոյնպէս յառաջ չնետուելով, այլ զինքն պահելով Նեբրովթայ դիմամարտելու, ընդդէմ անոր հսկայիցն հանեց իր հսկայ եղբարքն եւ որդիքն․ ինքն այլ ետեւնին կեցաւ իբր վերջապահ եւ ապաւէն․ երկար եւ զանազան կռւոյ գործեր եղած են, եւ ոչ մէկ պատերազմ միայն, ինչպէս կրնայ կարծել մէկն միայն Խորենացւոյ պատմածը յիշելով․ եւ երկու կողմին այլ տագնապ եւ դժարութիւն հասած։ Առաջին պատերազմն կ’երեւի Բզնունեաց եւ Խոռխոռունեաց գաւառին կողմերը եղած, ի ստորոտս Մասիք (Սիփան) լերին, ուր կեցած էր եւ Հայկն։ Նեբրովթեանց ինչուան հոն մօտենալուն չսպասելով՝ Թորգոմազունքն յարձակեցան անոնց վրայ, եւ հսկայից անուան եւ գործոց արժանի եղաւ պատերազմն ահաւոր, «խառնեալք ի միմեանս ահագին եւ սաստիկ բախմամբ իբրեւ զձայն որոտման ամպոց․ եւ հողն որ վերանայր ի ներքոյ ոտից նոցա թանձրանայր որպէս զամպս․ փայլատակունք զինուց նոցա որպէս յերկնից հատանէին, ձայնք նոցա որպէս զգոռալոյ շանթից, եւ նետք եւ քարինք որպէս տեղատարափ թօթափեալք, եւ արիւն որպէս զհեղեղս գետոց յորդեալ ընթանայր»։ «Եւ եղեն կոտորածք յերկոցունց կողմանց անթիւ եւ անհամար։ Եւ Հայկն կայր յետուստ կողմանէ խրոցն եւ սրտապնդեալ քաջալերէր զնոսա ահեղագոչ ձայնիւն, եւ ինքն իբրեւ զկայծակն ասպատակէր շուրջանակի, եւ ընկենոյր զվաթսուն հսկայքն ձեռամբ քաջաց հարազատացն», որք բոլոր թշնամի գունդն այլ վռնտելով՝ յաղթական խնդութեամբ ժողովեցան առ Հայկն, ոչ այնքան իբրեւ իրենց այլ Աստուծոյ թշնամիներուն յաղթողք սեպուելով։

      Նեբրովթ այս անկարծելի գործը տեսնելով եւ թերեւս չի լմնցած՝ փութացաւ յանկարծոյն Հայկեանց վրայ հասնիլ՝ հակառակ կողմէն, այսինքն Վանայ ծովուն հարաւային արեւելեան եզերքը պտտելով։ Հոս Ռշտունեաց գաւառին գլուխը՝ Բելու անուամբ գեղ մը կայ, որոյ համար մինչեւ ցայժմ ռամիկն զրուցէ թէ Բելայ յիշատակաւն է, անոր սպանուելէն ետեւ հոս բերուած եւ դադարած ըլլալով։ Հայկն որ իր հակառակորդը կու գիտէր, ինչպէս նա զոտ, փութացաւ իր կողմանէն Բելայ առջեւ ելնել, ծովուն հիւսիսային կողմէն պատելով, եւ աւելի շուտ հասնելով՝ յետոյ Երուանունեաց ըսուած ըսուած գաւառը, հոն չորս դին լեռնապատ ձոր մը իջաւ, որ իր եւ իրեններուն անուամբ Հայոց ձոր ըսուեցաւ եւ ըսուի մինչեւ հիմայ, որոյ արեւելքէն գայ Հորգոմայ գետն եւ թափի ծովն՝ այդ անուն գիւղին քով, որ դեռ ԺԷ դարուն մէջ շէն էր, հիմայ չյիշուիր․ իսկ գետն հիմայ Խօշապայ անուամբ ճանաչի։ ասոր աջ կողմը բարձրկեկ եւ ամուր տեղ մը կեցաւ Հայկ, տեսնելով հեռուանց Բելայ զօրաց յառաջահասները․ միանգամայն գուշակելով որ շատ մեծ բազմութիւն պիտի հասնի, փութացաւ ինքն իր քիչուոր գունդը բանակեցնել ամուր եւ ճարտար դիրքով, երեքանկիւնի ձեւով մը, որուն ծայրը ինքն կեցած էր․ աջ թեւը՝ որ Վանայ ծովուն կու նայէր՝ յանձնեց իր երեք որդւոց՝ զանդրանիկն Արմենակ առաջնորդ դնելով․ ձախ թեւն այլ տուաւ ուրիշ երկու երկու որդւոցն, գլխաւոր դնելով զԿադմոս որդի Արմենակայ, զոր իբրեւ անդրանկածին պայազատ, միանգամայն եւ կտրիճ՝ նախապատուել կ’երեւի․ մնացեալ որդիքն եւ թոռունքն եւ իր եօթն դստերաց որդիքն այլ (Սեբիոս պտմ․) անոնց օգնական տուաւ, զոմանս այլ վերջապահ թեւին առաւ․ հաւանօրէն իր եղբարքն այլ հոս հոն բաժնուած էին։ Հայկայ դիտածն էր, ինչպէս ըսաւ այլ իրեններուն, փութալ չսպառել բոլոր թշնամեաց հաւաքելուն, այլ դիտել գտնել թէ ո՞ր կողմն է Բել, եւ հոն յարձակիլ․ կամ ուժով յարձակմամբ մը յանկարծ վրան հասնելով եւ զնա սպաննելով՝ բոլոր բանակը վախով ցրուել, կամ գոնէ այն ահեղ բռնաւորին եւ իր հսկայից հետ կռուելով՝ քաջութեամբ մեռնիլ՝ քիչեր շատերէն։

      Նոյնպէս Բէլ այլ զՀայկն դիտելով, իր յառաջահաս զօրքերը շտապեցնելով հասաւ Հորգոմայ գետոյն ձախ եզրը եւ Հայկայ դիմաց բարձրագոյն բլրակի մը վրայ կեցաւ․ որ՝ ժամանակ չտալով անոր զօրաց գումարելուն եւ շարուելուն, իր բանակը յառաջ շարժեց զգուշութեամբ․ Նեբրովթ այլ իրենները առաջ քշեց․ «Եւ հասեալ երկոցունց կողմանց հսկայիցն ի միմեանս՝ ահագին դղրդիւն ի վերայ երկրի առնէին շահատակելով, եւ ահս պակուցանողս տարազուք յարձակմանցն սկայազունքն զմիմեամբք հարկանէին։ Անդ ոչ սակաւք յերկոցունց կողմանց արք յաղթանդամք բերանոյ սրոյ դիպեալք՝ տապալ յերկիր կործանէին․ եւ մարտն յերկոցունց կողմանց մնայր անպարտելի»։ Այս անգամ այլ Նեբրովթ իր յուսոյն վրիպելովն սկսաւ յետ քաշուիլ՝ իր բլուրը, սպասելու յետամնաց զօրաց բազմութեան հասնելուն․ Հայկն այլ նոյնպէս իր տեղը քաշուեցաւ․ թերեւս գիշերն եւ յոգնութիւնն այլ կու ստիպէին։ Եւ թէպէտ այս դիպուածին մէջ այլ ինքն աւելի յաղթող սեպուեցաւ՝ ուշ ետ քաշուելովն, բայց ապագայն կու դժուարանայր․ վասն զի իր նուազած գնդին նորօգնական չկայր, իսկ Բելայ ետեւէ ետեւ կու հասնէին զօրքն․ որով սա աւելի վստահագոյն նորոգեց պատերազմը, Հայկն հարկաւ եւ իր սովորական սրտոտութեամբը յանձն առաւ․ մանաւանդ որ հիմայ ինքնին Նեբրովթ իր հսկայից գլուխ կեցած յառաջ կու յարձակէր։ Հայկն այլ ուժով դէմ յարձակեցաւ բայց չկարցաւ քշել այնքան բազմութիւնը, որ երթալով այլ կ’աւելնար եւ կու մօտենար իր բանակին․ պէտք եղաւ որ շուտ շուտ յետ քաշուի, եւ տեսնելով հակառակորդը մօտեցած՝ նորէն դառնայ դէմ յարձըկի։ Այս կերպ կռուիլն երկու կողմին այլ օգտակար կ’երեւար․ Հայկեանց՝ ժամանակ շահելու եւ դիրքերնին փոխելու․ իսկ բելեանց՝ երթալով մօտենալու անոնց․ եւ թերեւս ասոնց աւելի շահաւոր կ’ըլլար, եթէ իրենք այլ նոյնպէս կանոնաւոր յառաջ երթային, եւ ոչ խառն ի խուռն արշաւանօք՝ որոյ օրինակն այլ անզգաստութեամբ տուաւ ինքն Բէլն Նեբրովթ․ որ Հայկայ իրաւ կամ կեղծ փախչիլը տեսնելով՝ իր զօրացմէ յառաջ անցաւ իրեն զինակրաւն եւ քիչ մարդով, եւ կու ջանայր որ զՀայկն պաշարէ եւ ի ձեռք ձգէ։ Հայկն այլ նախատեսաբար իրեններուն ապսպրեց որ յետք կենան եւ զինքն ետեւէն պաշտպանեն, իր վրայ յանձն առնլով դէմ առ դէմ կռուիլն․ որոյ ժամանակն այլ շատ չուշացաւ։ Այնքան իրարու մօտեցեր էին երկու հսկայապետքն՝ որ երես դարձընելն՝ յաղթուիլ եւ կեանքը վտանգել էր․ թէ եւ հիմակուան դրից մէջ այլ աւելի Հայկն վտանգեալ կ’երեւար, սակայն կանգ առաւ եւ կանչեց ահեղ հակառակորդին․ «Ի՞նչ կ’ուզես, ինչո՞ւ ետեւէս ես անկեր․ չե՞ս տեսներ որ ես այն Հայկն եմ աղեղնաւոր․ միթէ կ’ուզե՞ս որ անսխալ նետերս թափե՞մ վրայդ»։ «Զքեզ բռնելու եմ եկեր, կանչեց Նեբրովթ այլ խրոխտանօք, բռնել, որպէս զի չըլլայ թէ ին կտրիճներս զքեզ սպաննեն։ Իսկ քու աղեղդ ու նետերդ պահէ՛, որ երբ տանիմ զքեզ ի Բաբելոն հոն իմ շանցս հետ տղոցս որսորդութիւն ընես»։ «Քու ըրածդ է շան գործ, կրկնեց, կ’ըսեն Հայկն, եւ քու ետեւէդ եկողներուն․ ուրեմն պետք է որ կապարճս պարզեմ վրանիդ»։ Այս ըսելով սկսաւ հսկայաքայլ յառաջ գալ, եւ ունէր ի ձեռին իւրում զաղեղն որպէս հեծան հզօր մայրափայտեայ»։ Մէկ մեծ եւ ծանրակշիռ գործողութեան մը որոշիչ վայրկեանը հասեր էր․ Բէլ յաղթութեամբն գուցէ կեանքէն մեծ բան չէր վասարկէր, բայց Հայկայ յաղթուելովն թերեւս աշխարհիս հնագոյն ազգաց մէկն պիտի չի մնար. Ուրեմն այս գործս ոչ երկու դիմամարտից կենաց եւ մահու խնդիր էր, այլ ազգի մը եւ ազատութեան, եւ այն ազգն էր մերն․ եթէ մէկ կետի կամ մէկ թելի վրայ էր այն ատեն ազգիս բաղդն, այն կէտն լաւ գիտէր մեր ազգահայրն այլ, եւ իր երեքթեւեան նետին ծայրը դրեր էր վստահութեամբ։ Վստահ էր Բէլ այլ, բաց իրեն հսկայներէն, նաեւ իր ամուր սպառազինութեան վրայ այլ, զոր անթափանց սեպէր ի զինուց․ վասն զի ունէր «ինքն գլխանոց ագուցեալ երկաթի, նշանաւորօք վերջիւք, եւ տախտակս պղնձիս թիկանց եւ միջաց եւ լանջաց, եւ պահպանակս բարձից եւ բազկաց․ գօտեւորեալ զմէջսն, եւ յահեկէ զստին՝ երկսայրի, եւ նիզակ անարի ի ձեռին իւրում աջոյ, եւ յահեկումն վահան» պղնձի։ Հայկայ սպառազինութիւնն չի պատմուիր․ աղեղնաւոր էր, ինչպէս իր որդիքն այլ միշտ անուանի աղեղամբ հազարաւոր տարիներ․ եւ աղեղնաւորաց չէր չէր վայլեր ծանր սպառազինութիւն․ միայն կամար գօտին յիշուի հանդերձ օղակաւն՝ յոր կախէր իր վրիծուց եւ քաջութեան գործաւորները, իր մահարձակ կապարճը։ Այսպէս այլ ըրաւ հիմայ՝ երբ բաւական մօտեցաւ Նեբրովթայ դիմաց․ ինք զինքն աղէկ դիրք մը դնելով, «զտեղի կալեալ պատրաստի ընդդէմ նորա (Բելայ) աղեղամբ, եւ կանգնէ զկապարճսն ընդ գետնոյ ընդ ինքեան յօդս սկայորէն կամարին․ եւ ընդ գիրկս մտեալ զօրութեամբ, լի քարշէ պինդ զլայնալիճն, դիպուցանէ զերեքթեւեանն կրծից տախտակին, ընդ պղնձի վահանն ի թափ անցուցանէ ընդ մսեղէն արձանն ի լուսանցոյցս արեգակնացայտս, եւ շեշտ ընդ մէջ թիկանցն թափանցիկլեալ՝յերկիր հարստի վտարեալ նեան․ եւ այսպէս ճոխացեալն Տիտանեան՝ զաստուածակարծեալ հսկայն յերկիր զարկուցեալ փչէ զոգին։ Իսկ ամբոխն (նորա) տեսեալ զայսպիսի ահագին գործ քաջութեան՝ փախեան իւրաքանչիւր դէպ երեսաց իւրեանց» (Խորենացի Սեբիոս Վրդ․ Պտմ․) [12] ։

        Այսպէս բովանդակեն հին պատմիչք մեր Հայկայ դիւցազնական եւ ըստ մեզ՝ անգին գործն, վասն  զի անով մեր ազգութեան ծնունդ եղաւ, եւ Բելայ այն հպարտ որսորդին եւ առաջին աստուածընդդէմ մարդոյ եւ զրկահար բռնաւորին կատարածը, որ ի հարկէ իր ազգայնոց կամ հետեւողաց պատմութեան մէջ լուռ եւ անյիշատակ է․ ինչպէս Հռովմայեցւոց մէջ Հռոմուլոսի չարաչար մահը, զոր ծածկելով համբաւեցին յերկինս յաստուածս յափշտակեալ։ Նոյնպէս ըրին եւ Բաբելացիք իրենց վեհագոյն առաջնորդին, նախնիքն ընդ համաստեղութիւնս դասեալ, որպէս եւ մերք իրենց Հայկն, եւ յետ մահուան նոցա նախանձընդդէմք զնոյն աստղն իւրաքանչիւր իւր դիւցազին անուամբ կոչելով, եւ անոր որսորդական ճարտարութեան նշանգրելով մօտի շուն համաստեղութեան նշանն․ իսկ յետին Բաբելացիք յայտնապէս իսկ աստուած ըսելով պաշտէին զՆեբրովթ յանուն Բէլ կամ Բահալ, որով եւ մեծագոյն քան զամենայն աստուածս կամ բուն իսկ Աստուածն ճանաչէր․ եւ յետ հազարաւոր ամաց նոր նորոգողն Բաբելոնի եւ ժառանգ հոգւոյ Նեբրովթայ գոռոզն Նաբուգոդոնոսոր՝ կանգնեց անոր անդրին կոթողաձեւ 60 կանգուն բարձրութեամբ եւ 6 լայնութեամբ։ Բայց ոչ հոն եւ ոչ յաստեղս, այլ Նեբրովթայ ստուգագոյն դիրքն եղաւ Հայկայ նետին տակ Հորգոմայ հովտին մէջ, որ այս յիշատակաւ ըսուեցաւ Հայոց Ձոր եւ այն բլրատափն յորոյ վրայ ընկաւ նա՝ եւ իրեններէն շատքն, Հայկն անուանեց Գերեզմանակ, որ եւ մինչեւ նոր ատեններ կոչուէր Գերեզմանք ։ Չաստուածութեան կարծեաց անհաւանք, նոյնպէս եւ մեր պատմութեան, կամ թէ անգէտք՝ կ’ըսէին թէ Բաբելոնի աշտարակին կործանման ատեն՝ փլածին տակն ընկած եւ կորած ըլլայ Բէլ․ արժանավայել զրոյց, որ եւ մեզի այլ ախորժելի կ’ըլլար՝ եթէ մեր գեղեցիկ եւ պանծալի ազգային աւանդութիւնը չունենայինք․ որ եթէ չափազանց այլ հռչակէ իր նախահօր ոյժը կամ աղեղնաւորութեան ճարտարութիւնը, հսկայի մը պղնձապատ սպառազէն մարմինը կողմէ կողմ ծակելով թափանցիկ եւ հանելով զոլաքն ի դուրս, յիշելու է որ հին ատեն սովորական էր պատերազմաց մէջ նետահար մահն, նաեւ զրահազգեստ մարտկաց․ իսկ նետին մատ մը աւելի կամ պակաս ներս մխուիլն կամ դուրս ելնելն պատմութեան հիմը չաւրեր։ Տեղական աւանդութիւն մ’այլ մինչեւ ցայսօր կու զրուցէ թէ Բելայ մարմինը ի Հայոց ձորէն դէպ ի Բելու տանելու ատեն՝ Ոստանայ եւ Նարեկայ միջոց տեղ մը իջուցին, եւ նետը որ դեռ կրծոց մէջ մխուած էր՝ դուրս քաշեցին կռնկէն, անանկ որ կողմէ կողմ մարմինը ծակուած՝ արեւու լոյսն միջէն շողաց, եւ անոր համար մինչեւ ցայժմ այն տեղի գեղն կ’անուանի Տշող ։ Որչափ այլ անհաւաստի կամ ծիծաղելի են այսպիսի աւանդութիւնք, այնքան սիրելի է ազգայնոց հին ժամանակի յիշատակներ կամ աւանդութիւններ պահելն։ Իսկ ստուգախնդիր պատմութիւնն Նեբրովթայ դիական համար կ’ըսէ, թէ Հայկն դեղերով օծել եւ զմռել տուաւ, եւ խաւրեց իր բնագաւառը ի Հարք, «եւ թաղել ի բարձրաւանդակ տեղւոջ, ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց իւրոց»․ որք այն տեղ մնացեր էին, մինչդեռ ամենայն կտրիճք Հայկայ հետ ի պատերազմ գնացին։ Այն՝ եւ դեռ ետեւի հին ատենուան սովորութիւնն էր մեռեալները (գոնէ նշանաւոր անձինք) բարձր տեղուանք թքղել, թէ շէնքերու եւ թէ բնական բարձանց․ Բելայ բուն թաղուած տեղն անյայտ է, ետքի ատեն սահմանուած բո՞ւն Հարք գաւառին մէջ էր, թէ առաջին ատեն ընդարձակ էր Հարքայ անունն, եւ գուցէ Նեբրովթայ լեռն այլ անոր սահման սեպուէր, եւ հոն թաղուած ըլլայ․ բայց անշուշտ ոչ ի Բելու գիւղն, ըստ նախայիշեալ աւանդութեան ռամկին, այլ հաւանօրէն Հայկայ դաստակերտ տան մօտ ի Հայկաշէն, ուր էին իր ընտանիքն։

      Պատերազմէն եւ Բելայ մեռնելէն ետեւ Հայկեանք ի հարկէ փախստականաց ետեւէն ընկան, գոնէ ինչուան Արարադայ եւ Ասորեստանի անջրպետ լեռները, եւ անոնցմէ աւար առին շատ ձի, ուղտ եւ ջորի․ եւ ինչուան որ բոլորովին Բելեանց վրէժխնդրութեան կասկածն չվերցաւ՝ առաջին բնակութիւննին չդարձան․ իսկ այս վրէժխնդրութիւնս տարակուսական է, վասն զի անով հրապարակաւ խոստովանել մը կ’ըլլար Բելայ խայտառակամահ սպանուելուն եւ Հայկայ յաղթութեան։ Բայց այս այլ ստոյգ է որ Հայկն ժամանակ մը կեցաւ մեծ պատերազմին եղած ձորը, հոն տեղուանքն այլ շէնցընելու եւ յիշատակարաններ թողլու, որոց գլխաւորն եղաւ իր բանակին ճակատած տեղը դաստակերտ մը, զոր եւ իր ուրիշ ձեռագործաց նման անուանեց ՀԱՅՔ, յանուն իւրեւ ազգին, որոյ տեղն է անշուշտ Ձորոյն հիւսիսակողմը, եւ անունն պահուած մինչեւ հիմայ Խեքուց վանքով (Հայք =Խեք)․ որոյ մօտ է այն երկայնանիստ լեռնաբլուրն այլ՝ յոր հասին նախ Հայկեանք եւ ուսկից «ի վեր զերեսս ամբարձեալ՝ երեւեցաւ նոցա բազմութիւն անկարգ հրոսակի ամբոխոյն Բելայ, ցան ու ցիր յանդուգն յարձակմամբ ընդ երեսս երկրին սուրալով»․ բոլոր լեռնագագաթն պարսպով պատած է, եւ մինչեւ հիմայ մնացեր են 3-4 կարգ անհեղեղ մեծամեծ քարերն, ծատն այլ փլած կամ փլուցած լեռնէն վար թափած․ քարանց տաշածութիւնն կամ ողորկութիւնն թերեւս կիկլոպեան ըսուած հնութիւնը չի ցուցընէ, բայց տեղացեաց յիշատակն զայս այլ հաստատէ Հայկայ Բերդ ճանչնալով եւ անուանելով․ որ ի հարկէ զանազան ատեն նորոգուած եւքակտուած է բնութեամբ կամ բռնութեամբ․ մէջն միայն քարափոր ջրամբարի նմամ փոս մը կայ, որ անշուշտ ի Հորգոմայ կ’առնուր իր ոգեպահ ջուրը՝ թշնամեաց վտանգի ատեն, ինչպէս որ ուրիշ շատ հին Հայոց բերդերու մէջ այլ կ’երեւի այս, եւ ազգային վաղեմի եւ կարեւոր ճարտարապետութեան արձան մ’ըլլալով՝ քննութեան արժանի է․ մանաւանդ այս Հայկայ բերդս իր սահմանօքն, որոյ համար արդէն հին գրաւոր աւանդութիւն մ’այլ (Դիւանք Աղթամարայ) կ’ըսէ, թէ ի բնակել Հայկայ հոս՝ «ազդեցութեամբն Աստուծոյ շինեցին զմեծ Բլուրն անառիկ բերդ ի յահէ թշնամեաց»․ եւ կ’աւելցընէ այլ թէ «եկին ի վերայ նոցա այլազգիք», որոց անունն ջնջած է բնագրին մէջ․ եւ այս առթիւս կ’ըսէ աւանդողն, աղեղն երեւցաւ Հայկայ յերազի, եւ անով հալածեց զթշնամիս։

      Ուրեմն կարևոր էր Հայկայ հոս ուշանալն, միանգամայն եւ երեւի թէ միայն Բելայ սպանմամբ չհաստատեց նա իր տունը եւ ազգը․ այլ եւ ուրիշ հսկայագործ կամ դիւցազնային քաջառնութեամմբք, զոր ծածկեց մեզմէ ժամանակն, եւ թերեւս դեռ յայտնուին։ Այս բերդս որ Հայոց Ձորոյ շինուածոց գլուխ եւ պսակն էր, կամ ինքնին Հայկն կամ իր որդիքն ի յիշատակ այն մեծամեծ գործոցն՝ որով իրենք քիչուորք՝ շատերուն եւ դժուարութեանց յաղթող եղան, գերագոյն նախախնամութեան երախտեօք անուանեցին Աստուածաշէն․ վսեմագոյն գրեթէ եւ հնագոյն անուն շինուածոց յերկրիմերում, բարեբաղդաբար եւ մնացեալ մինչեւ ցայժմ՝ թէ ոչ բերդին վրայ՝ այլ մօտ անոր յարեւելակողմն գեղին վրայ, որ դեռ շէն է եւ հայաբնակ․ արդեօք եւ այն Հայկայ ընկերաց ուղղակի սերո՞ւնդք են, որոց համար ասէ վերոյիշեալ գրաւոր աւանդութիւնն թէ «Եւ յետ նորա (ի) զարմիցն մնացին ի բերդն Աստուածաշինայ»։

      Որքա՞ն խոր հնութիւնք եւ որքա՞ն խորին քննութեանց պէտք, յառաջ քան զստուգել որչափ բան որ կրնանք մեր ազգահօր վրայ ստուգել, եւ մանաւանդ յառաջ քան զմերժել զամենայն աւանդութիւն քաջահին՝ իբրեւ զառասպելս դիւցաբանութեան Հելլենաց կամ այլոց։ Այսքան յիշատակաց մէջ (թողլով զաղեղան երազատեսութիւնն), թէ եւ փիլիսոփայական հաւաստիք մը չըլլայ իրաց, այլ եւ ոչ փիլիսոփայական անտեղութիւն մը կամ հրաշախառն բաներ կան, ինչպէս շատ հին ազգաց ծագման եւ պատմութեան սկզբանց մէջ․ եւ եթէ կային մեր հին հեթանոս նախնեաց մէջ այլ այդպիսի զրոյցք եւ առասպելք, մեր քրիստոնեայ հարքն զանոնք թօթափեցին եւ ստոյգը կամ ճշմարտանմանը զտելով աւանդեցին, զայս այլ խնդութեամբ կ’ընդունիմք, որ այսքան բաներ ստոյգ ճանչցուած են մեզմէ հմուտ եւ բարեպաշտ անձանց դատմամբ։ Բայց ունիմք մեծ եւ ուսումնական փաստ մ’այլ, թէ ոչ պատմութեան այս կարեւոր պարագայից, գոնէ անոր ժամանակին կամ տարէթուին․ որ եւ նոյնպէս պանծալի յիշատակ եւ առասպելաշնորհք մ’՝ ազգիս, ինչպէս ազատութեան կամ ազգութեան ձեւանալն։ Այս փաստս է Հայկայ Շրջանն կամ Թուականն, զոր մենք ուրիշ տեղ մանրամասն բացատրեր եմք, բայց հոս իբրեւ բնիկ աղբերը քով ըլլալով, գոնէ համառօտիւ պէտք չէ զանց առնեմք ըսելու, որ եթէ Հայկ, ըստ կեղակարծ աւանդութեան իր յԱրարադ հասած օրն տարեգլուխ դրաւ, ստուգապէս Բելայ յաղթելով իր Թորգոմազանց ազատութիւնը ապահովելն այլ թուական մ’ըրաւ, ինչպէս որ կու վայլէր այնպիսի մեծ դիպաց․ եւ եթէ ոչ Հայկն՝ գոնէ իր որդիքն պէտք էր այնով հաշուէին իրենց ազգային տարիքը․ եւ այնպէս այլ ըրին եւ կ’ընեն մինչեւ ցայժմ, թէ եւ չգիտաբար կամ մոռացութեամբ պատճառին։ Մեր պատմչաց մէջ միայն Յովհ․ Կաթուղիկոս կու յիշէ այս հին գործոյ եւ ժամանակին թուական մը, որ ըստ մեզ ոչ է ստոյգ, այլ շատ մօտ ի ստոյգն․ ի Հայկայ մինչեւ ի թագաւորելն Վաղարշակայ 2297 տարի կու գտնէ, որ է ըսել 2446 տարի մինչեւ ի Քրիստոս (սեպելով զՎաղարշակ թագաւորեալ 149 տարի նախ քան զՔրիստոսի թուականն)։ Եթէ Բելայ մահուանէն վերջի դիպուածէ մը սկսի սա Հայկայ թուականն՝ խօսք չունիմ, բայց մեր ազգահօր թուականն կու վայլէր սկսած ըլլալ այն մեծ գործէն, եւ է իսկ այնպէս․ իսկ այս թուականս է 2492 տարի նախ քան զՔրիստոսի թուականն․ որ մեր ազգային ժամանակագրութեան բեւեռն ըլլալով՝ պէտք է լաւ ճանաչել եւ հաստատ բռնել․ եւ որոյ երկու մեծ հաւաստիք ունիմք՝ մէկն պատմական, միւսն ուսումնական։ Պատմականն է Ափրիկանոսի եւ Եւսեբեայ քաջ ժամանակագրաց հաշիւքն՝ որ նախնի Բաբելացւոց եւ անոնց յաջորդ Ասորեստանեայց, մարաց եւ Պարսից թագաւորութեանց տարիները մանր մունր գումարելով, Քրիստոսէ ինչուան Բելայ թագաւորութեան վերջի տարին կու հանեն այս յիշեալ թուականս 2492 տարի։ Իսկ ուսումնական կամ չափաբերական փաստերնիս մեր ազգային ծանօթ ժամանակագրութենէն կ’առնումք, որ Հայոց թուական կ’ըսուի․ եւ ամենուն յայտնի է որ հիմայ (1864) անոր 1313-4 թուին մէջ եմք․ ըսել է որ սկսեալ է սա յամի Տեառն 552, երբ տօմարի մանաւանդ թէ տօնացուցի նորոգութիւն մ’եղաւ ի Հայս․ իսկ այն թուականին առաջին տարւոյն սկիզբն այլ՝ այսինքն առաջին օրն՝ եղեր է յուլիսի 11 (552 ամին Քրիստոսի)։ Այսպիսի տարեգլուխ՝ անկանոն անյարմար բան մ’է, եթէ կարեւոր պատճառ մը չունենար․ պատճառն այլ այս է՝ որ տօմարագիրքն կամ ժողովն Դունայ՝ միայն նոր թուական մը հաստատեցին, բայց հին տօմարը տարւոյն սկսիլն չփոխեցին, վասն զի ռամկաց մեծ շփոթութիւն կ’ըլլար, որք յանյիշատակ ժամանակաց աննահանջ եւ փոփոխական արեգակնային տարիներով հաշուէին իրենց ժամանակը․ սակայն գիտունք եւ մանաւանդ կրօնից պաշտօնեայք՝ գոնէ տարւոյն եղանակաց վրայ սահմանեալ տօները ճիշդ կատարելու համար պէտք էր հաստատուն տօմար մ’այլ ունենային․ այսպէս մեր ազգն այլ ունէր, եւ նման Եգիպտացւոց, անշուշտ եւ հին Քաղդէացւոց, որք հաստատուն աստեղաբաշխական կէտէ մը սկսեալ էին թուականնին, այսինքն աստեղ մը, եւ սովորաբարշնիկ աստեղ բարձրագոյն կէտին վրայ եղած ատեն արեւուն գիրքը եւ տարեգլուխը զուգելով, ինչուան որ նորէն նոյն բարձրագոյն կէտին զուգէր արեւն եւ տարեգլուխն՝ մէկ շրջան մը սեպէին, եւ անուանէին Շնկան շրջան (Սորիական ըստ Եգիպտացւոց, կամ Մենոֆրեան տարի) [13] որ է 1460 արեգակնային (այսինքն 365 ½ օրեայ) տարիներու, եւ 1461 աննահանջ (365 օրեայ) կամ շարժական տարիներու [14] ։ Այս հաշուով կու գտնեն Եգիպտացւոց շրջանաց եւ թուականաց սկիզբն․ այսով այլ մենք զմերս գտնեմք․ վասն զի արդէն մեր տօմարին մէջ երկու տեսակ թուական նշանակեմք, մէկն հասարակ եւ Հայոց թուական ըսելով, զոր ի վերն յիշեցի, միւսն Յայսմաւուրաց կամ Սարկաւագայ ըսելով․ այս ետքինս է անշարժ արեգակնային տարիներով չափած, եւ մեր գիտուն տօմարագիտաց ծանօթ է Հին Հայ անուամբ։ Արդ մեր շարժական թուականն որ անդադար կու համրուի, հարկաւ ժամանակի որոշեալ կէտէ մը սկսած է, զոր ինքն իրեն գտնելն դժուար է․ ըսել է որ այն կէտն է նաեւ անշարժ տօմարին սկիզբն, կամ պարզ եւս ըսելով, եղած է ժամանակ մը որ երկու տեսակ տարեաց գլուխքն այլ նոյն մէկ օրը սկսած են, թէ՛ կրօնական եւ թէ քաղաքական նաւասարդն (տարեգլուխ) մէկ են եղած։ Հիմայ մեր երկու տեսակ տարեաց զուգութեան կէտն կամ տարին փնտռելու ըլլանք՝ կու գտնեմք ո՛չ յամի 552 (յորում սովորական թուականս մեր հաստատեցաւ), այլ յամի Տեառն 428, ի վերջանալ Արշակունեաց թագաւորութեան եւ ի ժամանակի Թարգմանչաց մերոց․ բայց արդէն ասոնց գրուածներէն յայտնի է որ անկէ առաջ այլ այս շարժական եւ անհաստատ տարւոյ կիրառութիւն կար, եւ այն ատեն չէ՛ հաստատուած այս Շնկան շրջանն ի Հայս, եւ ոչ շրջան մ’այլ առաջ, որ է ըսել 1032 տարի նախ քան զՔրիստոսի թուականն, զի այս ատեն ոչ մեր ազգին եւ ոչ մեր դրացեաց մէջ նշանաւոր դէպք մի չի յիշուիր․ այլ եթէ շրջան մ’այլ ի վեր ելնենք՝ կու հասնիմք Քրիստոսէ առաջ 2492 տարւոյն, որ է վերը պատմութեան ցուցած Բելայ սպանման տարին եւ մեծի ազատութեանն եւ ազգութեան Հայոց ի ձեռն քաջին Հայկայ․ որ եւ թուի թէ ինքնին, որպէս նախ ըսինք, հաստատեց այս տարիս թուագլուխ իր ազգին ժամանակագրութեան, եւ արեգակնային ստոյգ տարւով կանոնաւորեց․ վասն զի հին տօմարն այս կանոնաւոր տարւոյն համար կ’ըսէ Հին Հայն եւ դարձեալ ուրիշ քաջահմուտ տօմարագիտէ մը (Սարկաւագ Վարդապետ) գիտեմք, որ Շնկան շրջանն ծանօթ էր Հին Հայոց եւ անուանէր Հայկայ շրջան բայց ինչպէս Եգիպտացիք [15], Քաղդէացիք եւ Հրեայք եւ այլք՝ քաղաքական կամ ռամկական օրինօք արեւուն առերեւոյթ շարժմունքը դիտելով շարժական տարւով հաշուէին հասարակօրէն, այսպէս եւ մերազգիք (մինչեւ ցայժմ ըստ Հայ թուականին)․ իսկ հաստատուն տարին քահանայից եւ գիտնոց ծանօթ էր, այլ հրապարակաւ չէր ի գործ ածուէր․ այսպէս վարուեցան մեր նախնիքն այլ ինչուան Քրիստոսի 122 թուականն, յորում Արտաշէս Բ Հայոց հին տօմարը ուզեց Հռովմայեցւոց տօմարին յարմարցընել եւ հաստատուն տարիներով վարիլ, եւ թողուց Հայկայ շրջանը․ բայց թէպէտ ուրիշ դրած կարգերէն ոմանք մնացին, այլ տարէթուին հին սովորութիւնն անփոփոխ մնաց հասարակաց մէջ, ինչպէս անկէ ետքն այլ, եւ դեռ հիմայ այլ այնպէս հաշուի եւ նշանակի թուականն Հայոց։ Արդ Հայկայ շրջանին կամ հին հայ տօմարին տարեգլուխն կամ նաւասարդն միշտ զուգի ընդ 11-23 օգոստոսի (ըստ Յուլեան եւ Գրիգորեան տօմարաց), որ է անպատշաճ տեղ մը եղանակաց մէջ, եւ պատճառն յառաջ նշանակեցինք ըստ աւանդաբանից մերոց՝ թէ Հայկայ յԱրարադ մտած օրն ըլլայ, որ էր ասեն 13 օգոստոս․ եւ հանդիպի 2450-2497 տարիներուն միջոց նախ քան զՔրիստոս։ Սակայն եթէ լաւ դիտենք մեր հայ ամսոց սկզբնաւորութիւնքն, արեգական ամիսն Արեգէ կու հանդիպի ճիշդեւ ստոյգ գարնային հասարակածին օրը, մարտի 9=21. Որ է արդարեւ բնական տարեգլուխ, ուսկից կու ջանային սկսիլ նաեւ Հրեայք, Պարսք եւ ամենայն կիրթ եւ բանգէտ ազգք կամ ազգապետք․ եւ մեր տօմարաց մէջ մինչեւ ցայժմ նշանակեմք այս գեղեցիկ, ճշմարիտ եւ հնութեաամբ պանծալի կարգաւորութիւնը, դժբաղդաբար առանց գործածելու եւ օգտելու։ Գոնէ ճանչնանք մեր հին նախնեաց գիտութիւնը եւ արդիւնքը․ որոց առաջին եւ հեղինակ ինքնին Հայկն վկայի ի հին տօմարագրաց մերոոց․ ոչ միայն արեգակնային շրջանին իւր անուամբն կոչուելովն Հայկայ շրջան, այլ եւ հին աւանդութեամբ ազգայնոց, թէ Հայկն դրած ըլլայ տարւոյ եւ ամսոց կարգերը եւ անունները․ եւ ազգիս աստուածաշնորհ պարգեւաց մէկն այլ ըլլայ այս կարգաւորութիւնս, մինչեւ մեկնիչն հին տօմարագրութեան Հայոց ըսէ․ «Զշարժումն ամսոց Եբրայեցւոց եւ զանշարժութիւն հայ ամսոցդ սահմանեաց Բարձրեալն․ զի հաւատ եւ գիր եւ տումար՝ այս երկու ազգիս միայն ետ Աստուած, եւ այլոց ազգացդ մարդկան են արարեալ ․․․ զՏումարս՝ անդ Մովսէս․ ասա՝ Հայկն յառաջ քան զնա»։ Նոյն դարձեալ․ «Յառաջ քան զՄովսէս ոչ ուրեք էր գիտութիւն արուեստիս, բայց միայն ի Հայ ամսոցդ, որ էին յառաջ քան զՄովսէս․ քանզի ասեն թէ ի ձեռն Հոգւոյն որ ազդէր ի նահապետսն՝ Հայկն առաջին նահապետն Հայոց՝ զամիսքդ կարգեաց, եւ զանուանս ուստերաց եւ դստերաց իւրոց ամսոցդ կոչեաց»։ Առաջին աւանդութիւնն որ եւ ի հնագոյն գրուածի է, այլ աւելի հնագոյն եւ սիրելի կարծիք եւ համարումն կ’ընծայէ մեր նախնեաց առ նահապետն իւրեանց Հայկն․ իբրեւ ոչ միայն քաջութեամբ՝ այլ եւ գիտութեամբն եւ բարեկարգութեամբք հայր եւ հեղինակ ազգին։ Իսկ երկրորդն, այսինքն ամսոց անուանքն ըստ Հայկայ զաւակաց կոչուած ըլլալուն, աւելի շատոց զրոյց է, ոմանք՝ ինչպէս հոս յիշած հեղինակս (Վանական, Վարդան), նոյն իսկ Հայկայ կ’ընծայեն այդ անուանադրութիւնը․ իսկ այլք՝ աւելի պատշաճապէս, թէ «Հայկ եդ որդւոց եւ դստերաց իւրոց անուանս, զոր առեալ Հայոց զանուանս ուստերաց եւ դստերաց նորա՝ եդին ի վերայ ամսոցդ, վասն մեծարանաց հօրն, եւ են այսոքիկ Նաւասարդ եւ Հոս եւ Սահմ եւ Մեհեկ եւ Արեգ եւ Մարեր, դստերք էին Հայկին․ իսկ Տրէ եւ Քաղոց եւ Արաց եւ Հրոտից որդիք էին Հայկին․ իսկ Մարգաց եւ Հարուան՝ զոր այժմ Ահկի կոչեն, զայսոցիկ ի գործոյ առին զանուանս»։ Ուրիշներն տարբեր կերպով կ’ըսեն․ ինչպէս Վանական առաջին եօթն ամսոց անուններն Հայկայ արու զաւակացն սեպէ, յետոյ երեքն՝ դստերաց, իսկ Մարգաց եւ Հրոտից ըստ եղանակաց տարւոյ․ բայց իւր կարծիքն է թէ «Ստուգապէս ամենայնդ ի վերայ յեղանակացդ» տարւոյն յարմարեալ է։ Այսպիսի քննութեան տեղն հոս չէ, բայց ի հարկէն բերուած մեր կարծիքն այլ ըսեմք համառօտիւ, թէ անհաւանական չէ որ ի սկզբան Հայկայ զաւակաց եւ ուրիշ դիւցազանց աուանքն գրուած ըլլան մեր ամսոց վրայ, բայց հիմայ յիշուած անուններն չեմ կարծեր նոյն․ բայց գուցէ Հոս ըլլայ Խոս ծանօթ որդին Հայկայ, այլ հաւանագոյն երեւի յետոյ դիցաբանական եւ աստղաբաշխական սկզբամբք գրուած ըլլալ։

      Իսկ խօսք մ’այլ Հայկայ որդւոց թուոյն վրայ ըսելով, պատմիչք եօթն դուստր յիշեն առանց անուան, հինգ այլ արու․ Բելայ դէմ ճակատամարտին մէջ այլ յիշուեցան հինգ որդիք Հայկայ, յանուանէ Արմենակն միայն․ իսկ պատմութեան մէջ յետոյ յիշուին եւ Խոս եւ Մանաւազ։ Թերեւս այս յիշեալ երկոտասանից թուոյն յարմարցուցին աւանդաբանք եւ տօմարագիրք երկոտասան ամսոց անուանքն։

      Այս ամէն միջանկեալ զրոյցներէս մեր ընդունած հետեւանքն է նախ, որ Հայկն որպէս ազգապետ եւ կարգադիր, միանգամայն եւ հմուտ նահապետական օրինաց, իբրեւ սրբազան կարգ մը սեպած էր տօնից եւ յիշատակաց եւ աւուրց հաստատութիւնն այլ, վասն այնորիկ եւ առաջին Տօմարագիր ըսուեցաւ․ որ եւ պատճառաւ իր ցեղազարմութեանն Յաբեթայ) Յաբեթական տումար ըսուեցաւ [16], ըստ մերոց տօմարաբանից։ Երկրորդ՝ զի Նեբրովթայ յաղթելուն տարին թէ ինքն եւ թէ իր յաջորդքն ազգային թուական մը սեպեցին, եւ գլուխ արեգակնային շրջանին, որ նորա անուամբն ըսուեցաւ Հայկայ շրջան, եւ որոյ սկիզբն է նախայիշեալ 2492 ամն նախ քան զՔրիստոսի թուականն․ ապա ամենայն իրաւամբք կրնամք եւ պէտք է մեր ժամանակագրութիւնն եւ ազգային թուականն սկսանիլ այս տարիէս, որ եւ յետ Հրէից ամենէն ստուգագոյն, հնագոյն նուիրական եւ պանծալին է ի թուականս ազգաց․ յիրաւի ուրեմն պարծի հին տօմարագիրն մեր այս հնութեան եւ առաջնութեան վրայ։

      Բայց պէտք է այս խնդիրներէն թօթափիլ եւ նորէն զՀայկն գտնել, իր յաղթանաց Ձորէն դուրս․ ուսկից՝ պատմութիւնն կու զրուցէ որ՝ դարձաւ յառաջին տուն նահապետաց, ի ժառանգութիւնն Կադմոսի, զոր Նեբրովթ գրաւեր էր, եւ ուր թէրեւս կային բռնացեալ Բաբելացիք, զորս հալածեց․ եւ անշուշտ հոն այլ ամրոցներ շինեց, եւ երկար ատեն այլ բնակեցաւ յապահովութիւն աշխարհին, վասն զի սահմանակից էր թշնամւոյն երկրին հետ։ Խորենացին այլ յիշէ այս բանս, բայց վերջը նորէն ի Հարք դարձաւ կ’ըսէ, ի բնագաւառն իւր, եւ հոն այլ կարծեցնէ անոր վախճանն․ իսկ միւս հին պատմիչն ընդ հակառակն ի Հարք երթալն ոչ յիշէ, այլ եւ որոշակի կ’ըսէ թէ հոս յառաջին տունն Արարատեան բնակեցաւ, եւ մեռնելու ատենը տուաւ ի ժառանգութիւն Կադմեայ, որպէս յառաջն, իսկ իր անդրանկան՝ Արմենակայ, պատուիրեց որ երթայ իր ընտրած եւ ոստանը հաստատած տեղը, ի Հարք գաւառն։ Երկուքին ըսածն այլ համաձայնի այսպէս․ ի Հայոց Ձորոյ եկաւ Հայկն ի տուն Կադմեայ, բնակեցաւ որչափ բնակեցաւ, եւ Բելայ աւարներէն մեծ մաս մը հոն թողուց՝ Կադմեայ, միանգամայն եւ կտրիճ մարդիկներ «յիւրոց ընդոծնացն արս անուանիս»․ որպէս զի թէ պէտք ըլլայ՝ Բաբելացւոց դէմ դնէ․ եւ ինքն գնաց իւր տիրական տեղը, ի Հարք։ Բայց յետ ժամանակաց որ եւ է պատճառաւ՝ դարձեալ ի տուն Կադմեայ եկած է (ինչպէս թերեւս շատ հեղ այլ գայր), եւ հոս այս սրբազան եւ սրբագիր Արարադեան երկիրը, ուր որ ծներ այլ էր ընդ առաջին որդիս եւ թոռունս Նոյի, ուր թերեւս անոնց շատերն թաղուեր այլ էին, ուր թերեւս ինքն իսկ Նոյ․ հոս եւ ազգահայր մեր Հայկն կնքեց իր նահապետական (իբր՝ 400ամեայ) կեանքն, իբր 50 տարի մը յետ մեծի պատերազմին եւ սպանման Բելայ․ եւ եթէ վերոյիշեալ Յովհ․ Կաթողիկոսի թուականը սեպենք Հայկայ մահուանը՝ 2446 տարի նախ քան զՔրիստոսի թուական, որ է 47 գ   տարի Շրջանին եւ Թուականին Հայկայ, թերեւս վերջին ըլլալով Նոյեան պայազատաց՝ որ այն երկրորդ մարդկութեան լեռնաստան բնավայրը՝ յԱրարադ բնակեցան ու մնացին․ եւ որոյ մօտ հաւանօրէն կային դեռ իբրեւ դրակիցք՝ Սեմայ պայազատքն այլ, մինչեւ յԱբրահամ նախահայր Հրէից։

      Հայկայ այս նահապետաբնակ եւ յաւերժահիշատակ երկրին մէջ վախճանիլն՝ նոր հաւաստիք մ’այլ կրնայ գրուիլ իրեն ընծայուած ուղիղ աստուածապաշտութեան, որոյ վրէժխնդիր եւ ջատագով կեցաւ ընդդէմ Քամեանց եւ Բեկեանց․ եւ զոր ազնուագոյն ժառանգութիւն թողուց իր ազգին, որք ընդ նախահարց Աբրահամու՝ Նոյի հաւատքը պահէին, թերեւս մինչեւ այս մեծ նահապետին ատեն, երբ տարրապաշտական հմայութեան շոշորդ մը կու յիշուի Հայկազանց մէջ։ Ասոնց աստուածապաշտութեան հոս յիշելու արժանի հաւաստիքն այլ այս է որ ամենեւին Հայկայ պաշտօն մատուցանել կամ աստուած ճանչնալ յիշուած չէ մեր պատմութեան մէջ, ինչպէս որ յետոյ ուրիշ քանի մը դիւցազանց համար յիշուի․ իսկ համաստեղութեանց մէջ դասելն զՀայկն՝ յետ ժամանակաց կ’երեւի, որ թէ եւ մոլոր սկզբամբ ըլլայ այն ատեն, կամ ի հակառակութիւն Բաբելացւոց, հիմայ որ այդ սնոտի կարծիքն հեռացուց մեզմէ ճշմարիտն Աստուած Քրիստոս, կ’ուրախանամք մեր ամենարժեայ ազգապետը երկնից լուսաւորաց մէջ անուանել եւ տեսնել իւրանուն պայծառ աստղը, եւ շնորհակալ եմք մեր սրբազան մատենագրաց այլ որ զոյգ անկորուստ աւանդեցին ի թարգմանութեան Աստուածաշունչ գրոց մուծանելով։ Այս առթիւս յիշեմք որ մեր աստղաբաշխական կամ տօմարական գրոց մէջ երբեմն Հրատ մոլորակին տեղ այլ Հայկն ըսուի․ կայ նաեւ Կշիռ համաստեղութեան տեղ այլ Հայկն ըսուած․ ինչպէս երբեմն այլ Հայկն եւ Շամփուր նոյնանիշ համարի․ իսկ Շամփրով թուի Սայլ համաստեղութեան մօտը կամ մասն իմանալ։ Այս ամէնս այլ ցուցընեն որ երբ ախտարաց պաշտօն մտաւ ի Հայս, եւ ըստ օրինակի այլոց՝ ազգային դիւցազունքը յերկինս դասաւորել ուզեցին մերայինք, նախ եւ ի վեր քան զամենայն զՀայկն պատշաճեցուցին հոն։ Թերեւս Հայկայ ըրած տոմարական կամ տօնական ինչ ինչ կարգաւորութիւնքն այլ (զոր յիշեցինք վերը) այս բանիս աւելի պատճառ տուած ըլլայ․ եւ զայս այլ Հայկայ թողած կամ իրեն ընծայուած բարի յիշատակաց մէկն պէտք է ճանչնամք։

      Ամենէն գլխաւոր յիշատակն եւ երախտիքն այլ է իր սերնդոց տալ եւ ապահովել ազգային ազատութիւն եեւ իրաւունք, զոր նահապետական օրէնքն եւ աստուածախառն բաժանումն բաբելական դաշտին տուեր էին մարդկան, եւ զոր Նեբրովթ կ’ուզէր վերցընել։ Արդ այն ցանկալի իրաւանց եւ ազատութեան, որոյ վրայ միշտ եւ առաւել եւս մեր ժամանակները խնդիր եւ կռիւ կ’ըլլայ, առաջին քաջ եւ յաղթօղ նահատակ պատմութիւնն հռչակէ զՀայկն, ի մեծ պատիւ իր ազգին, թէ եւ դժբաղդաբար իր յետին սերունդքն շատ ատեն զրկուեցան ինքնագլխութեան շնորհքէն։ Ինքնագլխութեան անհրաժեշտ հարկաւոր է ինքնուրոյն օրէնք եւ քաղաքական կարգք, մանաւանդ այնպիսի առթով ազգ կամ տէրութիւն մը ձեւացնողին պէտք է, որ թէ առտնին բարեկարգէ, եւ թէ դրսեցոց դէմ զգոյշ եւ ապահով պահէ․ ուստի անտարակոյս է թէ Հայկն այսպիսի կարգեր եւ զգուշութիւններ դրաւ․ եւ պատմութեանս կարգին բերած քիչ շատ յիշատակքն իրեն պատերազմական հմտութեան, բնակութեան եւ ամրութեան շինուածոց, յիշատակարաններ ամբառնալուն կրնան վկայ ըլլալ այս բանիս։ Առտնին վարչութեան կամ պայազատական օրինաց մէջ այլ դիտելու է՝ ժառանգութեան տուրքը․ որ թէ Հայկայ եւ թէ իր սերնդոց պատմութենէն կ’երեւայ, որ նախ անդրանկութեան իրաւանց մեծ պատկառանք ունէին․ տանուտէրն կամ նահապետն երբոր որդիքը մեծնային եւ որդւոց տէր ըլլային, իր սահմանաց մօտ տեղուանք կու սփռէր զանոնք, անդրանիկը քովը պահելով․ ընդ հակառակն կ’երեւի թէ (շատ հեղ) իր դստերաց ընկերները իբրեւ տուն-փեսայ իր մօտ կ’առնուր։ Երբոր խիստ բազմանային հայրենի տան մէջ, նահապետն ինքնին կու հեռանար անկէ՝ նոր տուն մը հաստատելու, որ եւ իր անդրանկան նոր ժառանգութիւն պիտի ըլլար, իսկ առջի տունը կրսեր որդւոց կու արուէր․ մինչեւ առ յետագայս այլ մնաց այս սովորութիւնս, ինչպէս յիշէ Մխիթար Գոշ ի դատաստանագիրս իւր․ «Զտուն հօր՝ կրսեր որդւոյն սովոր են տալ» (Գլ․ ՃՁ)։

      Հայկայ ուրիշ յիշատակ կամ արձան չի գտուիր, որպէս ի սկզբան ըսինք, բայց քանի մը համառօտաբան պատմչաց աւանդածն․ բայց թէ հին ատեն երկայն տեղեկութեամբք գրուած էր իր դիւցազնական քաջագործութիւնն, եւ թէ անգիր զրոյցներ այլ կային, զայն այլ յիշէ պատմութիւնն․ եւ բառագրոց մէջ մնացեալ քանի մը տողք պատմականք [17] (զոր ի կարգին խառնեցինք) վկայ են թէ նախնիք մեր անտարբեր չէին իրենց արժանաւոր աննման ազգահօրն․ եւ անշուշտ իրենց Վիպասանից երգոց մէջ պէսպէս այլաբանութեամբ ստոյգ եւ սուտ զրոյցներ այլ կար Հայկայ վրայ, զոր յետոյ ժամանակին երկարութեամբ իրարմէ ընտրել չկարացին ոմանք, եւ այնպէս խառնեցին իրենց գրուածոց մէջ, որոց համար ըսէ Խորենացին, «ի բայ բանից եւ անոճ իմն յաղագս Հայկայ եւ նմանեացն կակազէ» [18] ։

      Յայտնի է որ ազգն՝ ամէն բանէն աւելի իր նահապետին վրայ մեծօգուտ քաջութիւնը կու գիտէր եւ հիանայր, իբրեւ գերմարդկային իմն շնորհք եւ գաղափար ուժոյ եւ վայելչութեան, միանգամայն ասել դիւցային աստուածախառն իմն անձն եւ օրինակ․ այնպէս որ գրեթէ Հսկայ եւ Հայկ ըսելն միանայ ի միտս նախնեաց մերոց քաջասիրաց․ ըստ այսմ եւ հին ընտիր գրիչք մեր՝ ազգային ոգւով եւ լեզուով՝ փոխանակ մեծամարմին հսկայի կ’ըսեն Հայկաչափ (Փիլ․ Լին․ Ագաթ․)․ անհնարին ուժով ըրած բանին՝ Հայկաբար, զոր օրինակ Ագաթանգեղոս Տրդատայ համար ասէ․ «Առեալ Հայկաբար զութ արձանսն ի վերայ ուսոց»․ ուր կրնայ եւ կարծիս այլ տալ թէ Հայկն այդպիսի գործ մ’այլ ըրած ըլլայ, այսինքն մեծամեծ քարեր շարժած, վերուցած, ձգած, ինչպէս յունական հսկայքն այլ։ Անվախ եւ կտրիճ քաջը կոչեն Հայկասիրտ (Թ․ Արծր․)․ թերեւս Հայկայ վայելչութիւնն այլ իրեն նուիրեալ աստեղ հետ խառնելով, գերազանց իմն յանդգնութեամբ, սրբազան անձն մը՝ որ միայն կրնայ այսպէս անվախ յանդգնիլ՝ զամենաշխարհ Աստուածածինն իսկ կոչէ Հայկանման ի պատրուակն Հայկին խորհրդաբանելով զսուրբ եւ Քրիստոսածին որովայնն։ «Գաբրիէլ յաւետաւորութիւն առաքեալ Հայկանման Կուսին, երջանիկ եւ երանելի տիրուհւոյն, հրեղէն թեւօք սաւառնեալ, ուրախ լեր բերկրեալ եւ Տէր ընդ քեզ, ասէր»։ Եւ ի վերջոյ․ «Իբրեւ զՀայկն գեղեցիկ փայլելով՝ զԱստուած ընգալցուք»։ (Ս․ Գր․ Նարեկ․ յՈվ է Գայ)։

      Եթէ այսպիսի դիւցախառն միանգամայն եւ նահապետական անձի մը ո՛ր եւ է յիշատակն ցանկալի է, եւ կորուստ յիշատակացն ցաւալի, պէտք է մխիթարական ըլլան նոր ատենս անոր արծարծմունքն ի բանասէր սերունդս իւր եւ յօտարս իսկ [19] որոց մեծագոյնն եւ արժանաւորն է հոմերական Վէպքն ի Հայկն որ գրեթէ մեր ազգի մատենագրութեան եւ ազգային պարտուց մէկ պակասութիւնը լեցուաց։



[1]       Ոս մասնիկն յունական վերջաւորութիւն է, եւ երեւի թէ հին պատմիչն ի յոյն կամ անկէ թարգմանեալ գրքի առած է այդ անունը, ինչպէս նաեւ իր ազգապետին անունն այլ Քարթլ-ոս, կամ մերոյն թոռան անունն Կադմ-ոս

[2]       Հայ անուամբ զանազան քաղաքք նշանակին ի Ս. Գիրս ինչուան Աբրահամու ատեն, ըստ Եբրայական բնագրին, որ ի մեր թարգմանութեան ըստ յունին փոխեալ են յԱնգէ, Գայի եւ Գեհ։ 

[3]       Առ Յոյնս Հայկայ նման անունն մ’այլ է Հիակնես  կամ Ալակ որով ճանաչուի հաւն Աքիլլեայ, ծնեալ յԱրամազդայ եւ յԵւրոպեայ կամ յԵգինեայ

         Կարելի չէ՞ այս առթիւ Հիակնիսի տեղ՝ Վահագնը Հայկայ հետ համեմատել. դիտուի որ Հնդկաց քով՝ Վահագնի սովորական ձեւն է Ագնի։ Եթէ ոչ իբր  հաւանականութիւն, գոնէ իբր երթադրութիւն մը կրնայ մտնել Հ. Ալիշանի մէջ բերած կարծիքներու հաւաքածոյքին մէջ։  Ծ․ Հրտ

[4]       Չինաց առաջին թագաւոր կոչի Եաօ. Արեայք զնախամարդն եւ զնախահաւ իւրեանց կոչեն Այու, որ է Մանու (Մօրի Ա. 89):

[5]       Սեբիոս, որ ի հնագունից պատմչաց քաղէ. (149, 51)

[6]       Զբան Ս. Գրոց « Յերկրէն յայնմանէ Ասուր եւ շինեաց զՆինուէ» ոմանք ընթեռնուն վասն Բելայ թէ յերկրէն յայնմանէ՝ ի Բաբելոնէ ել յԱսուր, այսինքն յԱսորեստան եւ շինեաց եւն

[7]       Նման Մարիբասայ եւ Աբիւդենոս (առ Եւսեբ. Ա. 25)։ 

[8]       «Յայնմ ժամանակի թագաւորեաց ի Բաբելոն որսորդ հսկայն Բէլն տիտանեան, ճոխն չաստուածացեալ, որոյ հզօր զօրութեամբ եւ սաստիկ յոյժ գեղ պարանոցի իւրոյ: Եւ էր իշխան ամենայն ազգաց որ սփռեցան ի վերայ երեսաց ամենայն երկրի. որոց արարեալ առաչօք կախարդութեամբ հնարս եւ հրամանս թագաւորական ամենայն ազգաց. եւ հպարտութեամբ ամբարտաւանութեան իւրոյ կանգնեալ զպատկերս իւր, եւ ետ երկիր պագանել իբրեւ Աստուծոյ, եւ զոհս մատուցանէ։ Եւ վաղվաղակի կատարէին ամենայն ազգք զհրաման նորա. բայց մի ոմն Հայկ անուն ոչ հնազանդեցաւ ի ծառայութիւն նոցա, եւ ոչ կանգնէր ի տան իւրում զպատկեր նորա, եւ ոչ մեծարէր զնա աստուածօրէն շքով»։ (Սեբէոսի նախաբան):

[9]       Խոր. Ա. Ժ. «Հանդերձ որդւովք իւրովք եւ դստերօք, եւ որդւոց որդւովք, արամբք զօրաւորօք՝ թուով իբրեւ 30, եւ այլօք ընդոծնօք եւ եկովք յարեցելովք ի նա, եւ բոլոր աղխիւ

[10]     Վանակ. վարդապետ յ’13 Նաւասարդի ասէ զտարին, որ համեմատի ըստ Հայկայ շրջանի 2497—2500 ամաց։ 

[11] Վրաց հին Վախթանգ պատմիչն աւանդէ թէ ամենայն Թորգոմազունք՝ Հայկայ լեզուն կու խօսէին:

[12]     «Խաբեցին դիւթքն եւ կախարդքն (զՆաբուք. ) թէ հայրն քո Բէլ Քանանացի ապստամբեալ յԱստուծոյ շինեաց զաշտարակն. եւ ի բաժանել լեզուացն չաստուած անուանեցաւ, թաքուցանելով ի նմանէ՝ զտարամահ լինել ի Հայկայ յաբեթեան»

[13]     -- կամ` -- կամ՝ Մենեֆռա, յանուն թագաւորին առ որով սկսաւ շրջան մի 1322. Ն. Ք. յառաջ քան զայն 2782։ 

[14]     Ստուգիւ արեգակնային տարին ոչ է 365 օր եւ 6 ժամ, այլ իբրեւ 365 օր 5 ժամ եւ 48. որով ըսել է որ անոր եւ շարժական տարւոյն զուգասկիզբը ոչ 1460–1 տարին հեղ մը կ'ըլլայ, այլ 1500 (կամ 1505) տարին հեղ մը. այս այլ ծանօթ էր Եգիպտացւոց եւ կոչէին Մեծ շրջան, կամ   . զոր եւ յետոյ երեքի բաժնելով՝ ամէն 500 տարին մէկ դարձ մը սեպէին

[15]     Եգիպտացիք իբր զ’2800 ամաւ Ն. Ք. հաստատեցին զառաջին օր Թոթ ամսեան ընդ երեւման Շնկան. ըստ այսմ՝ եթէ սկսան շրջան  յ’2798 ամի՝ երկրորդ շրջան զոյգ կշիռ աւարտի ի 12րդ ամն Քրիստոսի։ 

[16]     Եւ կոչումնս Յաբեթական ցուցանէ զի շատ հին է սկիզբնաւորութիւն հայկեան տումարիս յազգիս:

[17]     Այս տnղից մէկն այլ, զորոյ պատշաճ տեղը չկարցանք գտնել՝ այս է. «Առ քաջն Հայկ յուսադրաբար գայ ասելով»։ 

         Հոս Հ. Ալիշան ակնարկած է անշուշտ Ստեփանոսի Ռոշքեան Կամենիցւոյ բառագրոց մասին, ուր հատակոտորներ կը գտնուին հին կորսուած հեղինակներու (հմմտ. Հայկազեան բառագրոց յառաջաբանը) Ծ․ Հրտ

[18]     Թուի մասնաւոր մէկու մը համար ըսել, որոյ գրուածոց հետեւող երեւի Սեբիոսին քով եղածն

[19] Կլինքա ռուս բանաստեղծին քերթուածն. Բազմ. Բ։ 

         Սարգիս Կլինքա ռուս բանաստեղծ մ'էր, Լազարեանց եւ Հայոց պատմութեան ընտանեցած. գրած է երկու հայկական ոտանաւոր, մին Հայկի վրայ, միւսն ալ Արդուարդի, տպուած Լազարեաններէն 1831ին. հիացողն է Հայոց աշխարհին եւ ազգութեան։ Ահա նմոյշ մը

         Աշխարհ, կըրկին դու խանձարուրք հայրենի,

         Նորափետուր մարդկան ազգի օթարան,

         Ի քեզ թըռիչս առեալ հոգւով կենդանի,

         Ըզքո շընչել կամիմ ես զօդ հեշտական

         Յորժամ՝ երկիր ջրապարփակ ողողէր

         Եւ սաստ կըրէր ըզմըրըրկեալ կոհակաց,

         ՅԱրարատեանն ի գագաթունս անդ ի վեր,

         Այն հրաշաճեմ տապան իջեալ դադարեաց:

         Անդ ընդ երկնիւք Հայաստանեայց գեղափայլ,

         Նորոյ ուխտի շողաց նըշոյլ առաջին.

         Անդ յԷին սէր փարատեցաւ մէգ մըռայլ

         Մինչ պատուիրեաց՝ մարդկան, արիւնք մի հեղցին։

         Տես Բազմավեպ, 1844 յէջ 79։ Ծ. Հրտ