Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆՔ Ց’ԱՐԱՄ

ԱՐՄԵՆԱԿ-ԱՐԱՄԱՅԻՍ-ԱՄԱՍԻԱ-ԳԵՂԱՄ-ՀԱՐՄԱ

      Հայկայ տէրութեան երկիրն ըստ աւանդութեան Վրաց՝ էր բոլոր Մեծն Հայք, ի Թորգոմայ ժառանգեալ, որոյ վրայ կ’աւելցընեն ոմանք նաեւ այն երկրները՝ զոր յետոյ իր յաջորդքն ստացան եւ ձեւացուցին Հայոց աշխարհը կամ որոյ տիրեցին Արշակունիք․ ինչպէս որ ասէ Վարդան պատմիչ Վաղարշակայ ընդարձակ տէրութեան համար, թէ ժառանգեց «Զսահմանսն զոր Հայկն ստացաւ զաւակօք իւրովք եւ որդւովք եօթն դստերաց իւրոց»։ Բայց ստոյգ պատմութիւնն, ինչպէս տեսանք, մեզի ցուցընէ Հայկայ ձեռքին տակ՝ Հայաստանի միջին հարաւային չորս աշխարհքները միայն, այն այլ մասամբ, այսինքն են Կորճայք, Մոկք, Վասպուրական եւ Տուրուբերան։ Իր երկրակալութեան ընթացից գլխաւոր ուղղութիւնն էր ի հարաւոյ ընդ հիւսիս, ինչպէս նաեւ իր որդւոց եւ թոռանց․ միայն թէ ինքն դէպ յարեւմուտս գնաց, անոնք դէպ յարեւելս։ Յիշեալ աշխարհաց առաջինները ինքն կտակաւ կամ հրամանաւ թողեր էր Կադմոսի եւ ուրիշ որդւոց եւ թոռանց, իսկ ետքինը որ իր բնիկ ոստանն էր (Հարք), թողուց իր անդրանկան պայազատին՝ Արմենակայ․ որ եթէ առաջ այլ հոն բնակէր կամ չէր, հօրը մահուանն ատեն գտուեցաւ իր որդւոյն Կադմեայ տունը․ եւ նոր պատուէր առաւ հօրմէն՝ երթալու ի Հարք, ուր եւ յետ կատարելու անոր մահուամ եւ թաղման օրէնքները (որոց վրայ լռէ պատմութիւնն, որպէս եւ գերեզմանին տեղը), գնաց ի Հայկաշէն, եւ բնակեցաւ բաւական ժամանակ իր միւս եղբարբք եւ որդւովքն, մինչեւ աճելով լցուցին այն սահմանները։ Ապա Արմենակ իբրեւ տանուտէր եւ ազգապետ՝ իր երկիրը թողուց եւ բաժնեց իրմէ ետեւ եկող երկուց եղբարցն Խոռայ եւ Մանաւազայ, եւ ասոր որդւոյն՝ Բազայ, որք սփռեցան ի Հարքայ դէպ յարեւելք, մինչեւ Աղթամարայ ծովուն արեւմտեան եւ հիւսիսային եզերքն։ Իսկ ինքն բոլոր ընտանեօք՝ որդովք եւ թոռամբք եւ կրսեր եղբարբք եւ անոնց ընտանեօք եւ ընդոծնօք չուեց գնաց դէպ ի հիւսիս արեւելից, Արածանւոյ հոսանաց դէմ ելնելով, մինչեւ անոր ականց ծաւալեալ գեղեցիկ եւ ընդարձակ հովիտն Բագրեւանդայ, ու եւ ժամանակ մը կ’երեւիբնակած, եթէ այն տեղն հիմկու դիրք եւ բնութիւնն ունէր, եւ հոն թողած զոմանս յիւրոցն․ եւ անկից անցնելով Եփրատայ եւ Երասխայ անջրպետ՝ Հայկական լեռնապարէն, սկսաւ իջնել եւ կամաց կամաց բնակիլ ի պարահովտին Երասխայ, որ եւ բուն Հայոց գետահովիտն եղաւ, եւ Այրարատեան բնաշխարհ․ եւ նոյն ուղղութեամբ յառաջելով հասաւ գրեթէ մինչեւ ի հակակովկաս լեռները, անոնք՝ որ զԱյրարատ աշխարհ բաժնեն ի Գուգարաց։ Ասոնց ստորոտէն քիչ հեռու գեղեցիկ եւ ընդարձակ դաշտի մէջ հաստատեց իր տանուտիրական բնակութիւնը՝ մօտ բարձր լերան մը, որ դեռ Հայաստանի մէջ չափեալ լերան գրեթէ երկրորդ ճանաչի բարձրութեամբ, եւ Մասեաց պէս եւ աւելի իսկ զատուած ուրիշ լեռներէ շեղջաձեւ կ’ամբառնայ։ Այս տեղը եւ Արմենակայ բնակութիւնը կայտառ գրչով մը նկարագրէ մեր պատմահայրն Խորենացի, անշուշտ իր նախապատմչէն առած, ի Մարիբասայ, զոր եւ արժան է ընթեռնուլ․ «Արմենակայ առեալ զամենայն բազմութիւնն, խաղայ յարեւելս հիւսիսոյ, եւ երթեալ իջանէ ի խորին դաշտաւայր մի ի բարձրագագաթանց պարսպեալ լերանց, գետոց կարկաջասահից յարեւմտից ընդ մէջ անցելոց (որ են Երասխ եւ օժանդակք իւր), եւ զդաշտն արեւելեայ գոգցես իմն որսայսեալ, ձիգ յարեգակն կոյս զերկայնութիւնն պարզեալ․ եւ (առ) ստորոտովք լերանն բազում ականակիտ բղխեալ աղբիւրք, որք ի գետոց հաւաքումն եկեալ՝ հեզաբար առ սահմանօքն նոցա, ծնիւքն լերամբք եւ եզերօք դաշտին՝ պատանիք ոմանք իբրեւ առ երիտասարդուհեօք ճեմիցին։ Այլ հարաւայինն արեգակնաճեմ լեառն՝ (Մասիս) սպիտակափառ ունելով զգագաթն, ուղղորդ ի յերկրէ բուսեալ, երեքօրէիւ, որպէս ասաց ոմն ի մերոց, քաջագօտւոյ տոն շրջապատեալ -անապարհաւ լեառն ի մէջ երիտասարդացեալ լերանցն»։ Այս երկու լերանց միջոցն (Մասեաց եւ Արագածու) բուն Այրարատեան աշխարհ կոչեցաւ յետոյ եւ ազնուագոյն մասն աշխարհիս Հայոց․ այս այն երկու լեռներն ենէ զոր մեծ աշխարհագիրն Րիդդէր նմանեցուց երկուց դրանց պահակաց, յորոց միջէ կ’անցնին խոր արեւելքէն եկողք յարեւմուտք։ Արմենակ՝ այս լերանց հիւսիսագոյն կողմը հաստատեց իր բնակութիւնը, ուրիշ տեղուանք այլ շինելով, յորոց մէկն ըլլայ թերեւս հիմայ Արամլը ըսուած գեղն․ ի հարաւակողմն Արագածոտն գաւառի․ որ է Արագած լերան չորս կողմի եւ մանաւանդ դէպ ի հարաւ սահմանները․ եւ անուննին առած են, ըստ պատմչին՝ յԱրմենակայ անուանէն․ վասն որոյ ստուգաբանեն հիմայ Արմենակայ-ագած տեղ, գուցէ գուցէ համառօտելով զԱրմենագածն, եթէ այսպէս կոչուած էր ի սկզբան․ կամ թերեւս լավ եւս է կարծել որ մեր նահապետին անունն Արմենակ բաղադրեալ էր յԱր(այր) եւ Մեն կոչմանց, եւ առաջինովն միայն կնքեց լերան եւ գաւառին անունը․ որ յետոյ Այրարատայ 20 գաւառաց մէկն գրուեցաւ․ իսկ հիմայ գաւառն ուրիշ մանր վիճակներ բաժնուելով (Թալին, Թալիշ, Բիւրական եւ այլն) լեռն դեռ հին անունը կրէ, փոխեալ յայլազգեաց յԱլակէզ։ Լեռնէն եւ գաւառէն աւելի Արմենակայ անունը անմահացեալ էիր սերնդոց եւ ազգին վրայ, եւ թէպէտ հասարակօրէն իր թոռան թոռնորւոյն՝ Արամայ՝ անուամբ կ’ըսուի ազգերմիս Արմէն կոչուած, բայց թերեւս հաւանագոյն է որ այն երկիրն եւ ժողովուրդ որ մի ըստ միոջէ կրեց զանուն տան Ասքանազայ, Թորգոմայ եւ Հայկայ, ասոր յաջորդին անունն այլ առած ըլլայ, որ է իսկ Արմեն, թողլով զ’Ակ մասնիկն  եւ գգուական․ եւ զայլազգ գրուածս կամ կոչուածս, ինչպէս Արամանեակ, Արմանէկ, Արմանեակս, Արմենիկ [1] ։

      Յիշեցնէ պատմութիւնն՝ որ Արմենակ յետ ծննդեան եւ զարգացման իր պայազատին Արամայիսայ, շատ տարիներ այլ ապրեցաւ, ըսել է որ երկար ատեն ազգապետեց յետ Հայկայ, մինչ յ’220 թուական սորա։ Իրմէ որդիէ որդի յաջորդաբար ութ ազգ՝ Հայոց նահապետ եղան 300 տարւոյ չափ, մինչեւ Ասորեստանեայց բռնակալութիւնը․ յետ որոյ ընդհատեցաւ ուղիղ իշխանական ազգասերութիւն Հայկայ, եւ երբեմն անոր ցեղէն երբեմն յօտարաց կացին Հայպէտքն, բայց յետ հազար եւ աւելի տարիներու, Քրիստոսէ 7 դար առաջ դարձեալ յիշուին ազգապետք Հայոց յԱրմենակայ ցեղէն իջած, որոց սերունդքն այլ Դ Հայոց մէջ կամ Անգեղ տան կողմանց իշխանք եւ տանուտեարք, յորոց էր Վաղարշակայ ժամանակակից իշխան Տորք հսկայն։

      Բ․ Արմենակայ եղբարց մէջ աւագագոյնն կ’երեւի Խոս, թերեւս եւ Հոռ, մանաւանդ եթէ իւր անուամբն կոչուած է մեր տոմարին երկրորդ ամիսն Հոռի․ այդ անունդ հիմայ աւելի ռամկօրէն ծանօթ է պակաս, ծուռ կամ խոր նշանակութեամբ, թերեւս եւ խոլոռ (նայուածք)․ դարձեալ խոսն, եւ յախուռն հոմանիշք լսին․ յորմէ կրնայինք կարծել թէ իր ահեղ նայուածքէն կամ շարժուածքէն Խոս ըսուած ըլլայ, եթէ այդ բառն այլ այդպէս լսուէր այն ատեն․ այսիմաստին կրնայ նպաստաւոր ըլլալ նաեւ Խոռայ երկրորդ բնակութեան մէջ (զորյետոյ պիտի յիշենք) Խոժոռնի անուն տեղն, որ նոյնպէս խոլոռ նայուածք նշանակէ։ Իր անդրանիկեւ ազգապետ եղբօր ի հիւսիս երթալէն ետեւ, Խոռ ժառանգեց հօրը՝ Հայկայ դաստակերտ ոստանն եւ գաւառն Հարք, ընդ Մանաւազայ միւս եղբօրն, որոյ յետ զինակից էր Բելայ դէմ պատերազմին մէջ․ եւ յետ ժամանակի ասոր թողուց տեղը՝ ըստ հայրենի օրինաց, եւ ինքն քիչ մը յառաջ քալեց դէպ յարեւելք՝ հիմակուան Աղթամարայ ծովուն արեւմտեան հիւսիսային անկիւնը, ուր որ Արագածայ նման սրաձեւ բարձրանայր հին Մասիք լեառն, հիմայ Սիփան, եւ անկէ քիչ պակաս բարձր կ’երեւի․ այս լերան բոլորտիքն մինչեւ ի ծովեզրն իր անուամբ Խոռխոռունիք [2] ըսուեցան, եւ Տուրուբերանի 16 գաւառաց մէկն են, Հարքայ, Ապահունեաց եւ Բզնունեաց քով։ Այս Արարատեան Մասեաց անուանակիր եւ նախանձորդ լերին արեւելեան հարաւային ստորոտը մինչեւցայժմ ճանաչուի Խոռանց գիւղն, որ այս կտրիճ դիւցազին դաստակերտ ոստանն ըլլալ իմացընէ։ Գեղերուն մէկն այլ յարեւելեան հիւսիսի՝ Արմիզոնք անուանեալ՝ արդեօք Արամազո՞ւնք գուշակել տայ թէ արամազդայ պէս անուն մը․ ինչպէս այլ ըլլայ՝ շատ հին շէնք եւ անուն մը ցուցընէ, ինչպէս Տարօնք, Ցրօնք, աստղօնք եւ այլն։ Այս գաւառս այլ շինելով եւ բնակութեամբ լեցընելով Խոռ՝ թողուց իր կրսերաց, եղբարց եւ որդւոց, եւ ինքն Արմենակայ պէս չուեց ի հիւսիս, եւ անոր սահմաններէն այլ անդին անցնելով, այսինքն Վրահայոց կամ հակակովկաս լեռներէն, ինչուան Գուգարաց արեւելեան կողմը գնաց եւ բնակեցաւ, որուն վկայէ հին պատմիչն թէ, «Խոռն ի կողմանս հիւսիսոյ բազմանայ, կարգէ զշէնս իւր»․ եւ երկու շէնք, զոր մեր միջին դարու պատմիչք ստէպ յիշեն Խոռակերտ եւ Խոժոռնի, որք եւ հիմայ այլ ճանաչուին Շուլավէրի վիճակին մէջ հինն Ծոբոփոր)։ Այս չուագնացութիւնք նահապետաց մերոց յայտնի նշան են ժամանակին շինութեան, բազմածնութեան եւ երկարակեցութեան։

      Խոռայպայազատքն այլ Հայոց մէջ ամենէն հին եւ նախապատիւզեղ մը ձգեցին, «Մեծ նախարարութիւն ազգին Խոռխոռունեաց, արք քաջք եւ անուանիք»։ Հայկեան քաջութիւնն աւելի իմն սեփական սեպուեցաւ իր այս որդւոյն (Խոռայ) եւ անոր ցեղին․ այնպէս որ Վաղարշակ այլ անոնցմէ ընտրեց իր թիկնապահքը, որոց գլխաւոր եւ ցեղասպետն ըլլալով այն ատեն Մախղազ կամ Մալխազ ոմն մեծ, թիկնապահութեան պատիւն այլ Մալխազութիւն ըսուեցաւ, եւ երբեմն փոխանակ Խոռխոռունեաց տէր կամ իշխան ըսելու Մալխազ կ’ըսուէր, եւ Հայոց հարիւրաւոր նախարարաց եւ պատուաւորաց մէջ շատ հեղ նախապատիւ եւ նախագահն էր իշխան կոչմամբ [3], Հայկայ ցեղասերութիւնը յայտնի պահած ըլլալուն համար․ ինչպէս որ Սիւնիք այլ այս ցեղապահութեան համար թէ նախապատիւ եղան եւ թէ Հայկազունք կոչուէին ց’ԺԱ դար։ բայց ինչպէս ուրիշ մեծամեծ եւ հին Հայ տոհմեր, այսպէս այս այլ շատ հեղ երկու գլխաւոր ճիւղ կամ տէրութիւն ունէր, մէկն կ’ըսուէր բուն Մալխազ, միւսն Խոռխոռունի։ Դ եւ Ե դարուց մէջ շատ անգամ ի պատմութեան յիշուին մաղխազք եւ նահապետք Խոռխոռունեաց, որպէս Գարջոյլ, Խորէն եւ այլն։

      Գ․ Երրորդն յանուանէ ծանօթ որդիս է Հայկայ մանաւազ (եւ յեղափոխմամբ Մանազաւ) որդին, որոյ անունն այլ նշական յատուկ իմաստ մը խոստանայ․ ի սանսգրիտ լեզու Մանավաս՝ մարդիկ նշանակէ եւ շատ հաւանական է․ Ման, մէն (յորմէ եւ Ար-մեն-ակ) անուամբ սկսեալ եւ կցեալ է իր որդւոյն անուան նման (Բազ) ձայնով։ Սա այլ ժառանգեց զՀարք յետ Խոռայ, եւ անոր երկրորդ բնակութեան (Խոռխոռունեաց) հիւսիսակողմն այլ շէնցուց, որ է Հարքայ արեւելակողմն եւ Ապահունիք գաւառ կոչեալ յետոյ։ Այս երկու գաւառաց սահմանամէջն (Հարքայ եւ Ապահունեաց), Արածանւոյ վտակաց մօտ՝ հաստատեց իր բնակութիւնը, որ յետոյ ընդարձակելով եւ ամրանալով մեծ եւ նշանաւոր քաղաք մ’եղաւ եւ մինչեւ ցայժմ կայ եւ ծանօթ է Մանազկերտ անուամբ, որով եւ Հայաստանի ամենէն հին եւ մնացեալ քաղաքն է, 4000 տարիէ աւելի ըլլալով սկիզբն, որոյ չափ հին խիստ քիչ քաղաք կայ բոլոր երկրիս վրայ, յայտնի է որ անոնց պէս այս այլ փոփոխեալ եւ առաջին խինուածքին հետքն գտնել դժար է, սակայն նոյն անունը եւ տեղն պահած, եւ միշտ բնակուած եւ շինուած է։ Հայոց հին ցեղից եւ գահուց մէջ նախադասներէն մէկն եղան Մանաւազեանք այլ, ինչպէս կ’երեւի գահնամակաց մէջ, ուր անոնցմէ զատ նշանակի եւ Ապահունին, կամ երկու անգամ Ապահունի նշանակի, մէկը եւ առաջինը՝ բուն Մանաւազեանը ցուցընելով․ երկու տոհմն այլ հայկական զօրահանդիսին մէջ հազարական հոգի կու տային, որ նոյնպէս ցեղին մեծութեանը վկայ է։ Միջին դարուց ատեն, կամ Սկիւթացւոց եւ Բիւզանդացւոց աշխարհակալութեան՝ Հայաստանի ամուր միանգամայն եւ վաճառաշահ քաղաքաց մէկն ըլլալով Մանազկերտ՝ բռնաբարութեան եւ պատերազմի առիթ էր․ հիմայ փոքր քաղաքաւան մ’է։ Ապահունեաց գաւառին անուան ծագումն յայտնի եւ ստոյգ չէ․ հին բառակարգ աշխարհագիրն Հուն կամ Հոն կոչէ զշինողն Ապահունեաց, որ գուցէ Մանաւազայ որդի ըլլայ, եթէ ստոյգ է շինողդ, վասն զի գաւառին անունն կարծել տայ թէ շինողն Ապահ պիտի կոչէր․ գիտնոց ոմանց եւ մեկնչաց կարծիք է թէ յանուանէ Ման-աւազայ՝ Հայաստանի միջնաշխարհը հին ատեն Ման կամ Մին կոչեալ ըլլայ, եւ այս անունս է Երեմիայ մարգարէութեան մէջ յիշեալն ըստ եբրայեցի եւ լատին օրինակաց Ս․ Գրոց յայն անուն եւ Նիկ․ Դամասկացի թուի Լեառն Մինեայ կոչել զտապանակիր լեռը։ Անտարակոյս է որ յետ եղբարց Արմենակայ եւ Խոռայ ի հիւսիս չուելոյ, Մանաւազ ոչ միայն ժառանգեց իր հօր Հայկայ ոստանը, այլ եւ կ’երեւի թէ անկէ չհեռացաւ․ որով իր անունն մնաց այն եւ մերձակայ գաւառաց վրայ, եւ հարաւայնոց ծանուցաւ իբրեւ տուն Մանաւազայ կամ Մինայ։

      Դ․ Բազ որդին Մանաւազայ՝ բնակութիւնը հաստատեց Աղթամարայ ծովուն հիւսիսային արեւմտեան եզերքը, Խոռխոռունեաց, Տարօնոյ եւ իր հօր Մանաւազայ սեփական կալուածոց միջոց, եւ ինչուան ի ծովն տարածելով շինութիւնը, թէ զերկիրը եւ թէ զաղի լիճն անուանեց Բզնունի, ինչպէս գրեն պատմիչք մեր եւ միշտ նոյնպէս յիշեն զգաւառն զայն․ որով իմացուի թէ կամ անունը այլայլեր են յետինք, եւ կամ նահապետն բուն  Բազն ՝ անուանէր ինչպէս պապն այլ Հայկն այս անունն է հնագոյնն որ տրուած ըլլայ հիմայ վանայ ծով կոչուածին։ Բազայ դաստակերտն կամ ոստանն ո՞ւր էր՝ յայտնի չէ, թերեւս ծովէն կլուած ըլլայ, ինչպէս որ յառաջելով եւ բարձրանալով թէ՛ այս գաւառին եւ թէ Խոռխոռունեաց մեծ մասեր ծածկած է, ինչպէս գրեթէ զԱրծկէ այլ, որ գաւառիս գլխաւոր քաղաքներէն մէկն էր, եւ մօտեցած ի Խլաթ ՝ մեծագոյն եւս քաղաք, հիմայ երկուքն այլ գրեթէ աւերակ․ ուրիշմեծ քաղաք մ’այլ կայր, կ’ըսեն բնակիչք կողմանն՝ Արծկէի հարաւակողմը, զոր բոլորովին ծածկեր է ծովն։ Բզնունեաց տոհմն այլ մեծ եւ նախագահ տոհմից մէկն էր հին ատեն, ստորեւ քան առաջինն յիշեալսն․ եւ իր զօրաբաժինն էր 3000 մարդ, որով շատւոր ըլլալն այլ կ’իմացուի, ինչպէս հիմայ մեր լեզուն գուշակէ, նահապետին անուան ստուգաբանութիւնն այլ։ Բայց պատմութեան մէջ վերջերն գրեթէ չյիշուիր այս մեծ տոհմը, եւ պատճառն այլ ստոյգ նշանակուի, որ է այս։ Բազայ գաւառին սահմանակից (չէ յայտ ո՛ր կողմն) էր Որդունեաց երկիրն այլ, որք սերեալ էին անշուշտ Որդ կամ Որդի անուանեալ նահապետէն, որ թուի թէ էր եղբայր կամ որդի Բազայ․ այս երկու ցեղքն յետ հազարաւոր տարեաց իրենց հին բնակութեան սահմանաց վրայ կռուելով Հայոց անիշխանութեան միջոց մը, յետ մահուան Ս․ Տրդատայ, զիրար ջարդելով շատ քիչցան․ անոր համար Արշակունեաց եւ Սասանեանց իշխանութենէն ետեւ՝ չի կրցան այլ իրենց նահապետութիւնը քշել, եւ ընկան ուրիշներու իշխանութեան տակ եւ անյիշատակ եղան։ Այս երկուքին տոհմապետքն այլ Բազ եւ Որդ՝ իրենց հօրեղբարց պէս՝ կ’երեւին յետ ժամանակի նոյն հիւսիսային ճամբան բռնած եւ Խոռայ երկրորդ բնակութեան մօտ բնակած․ ուր եւ Խոռակերտի մօտ կայ մինչեւ հիմայ Բազկերտն կամ Բազաբերդ, եւ Բազու ձոր ՝ անոր մօտ ի Տաշիրս, ինչպէս նաեւ Բազում լեառն ի նոյն գաւառի․ հոն է (Տաշիր) նաեւ Որդաձորն յիշատակեալ ի պատմչաց․ եւ այս ամէնքն հաստատեն հին պատմչին ըսածն այլ չըսածն այլ․ այսինքն թէ Խոռայ եւ թէ իր եղբօրորդեաց վերջին բնակութիւնը ի լերինս եւ սկզբան ի հովիտս Կուր գետոյ, ի սահմանակցութեան Տաշրաց եւ Գուգարաց։

      Ե․ Հոս այս հին նահապետաց երկու իրարմէ հեռու բնակարանները յիշելով, մէկն ի տուրուբերան աշխարհի, միւսն ի Գուգարս, զարմանք եւ գիտելիք կուգայ, թէ ինչո՞ւ անոնց երկուքին միջոց գաւառքն ամենեւին յիշեալ չեն բնակութեամբ, որպէս արժան էր ըլլալ․ այսինքն ի Հաարքայ եւ յԱպահունեաց բնական կու գար անցնիլ ի Բագրեւանդ եւ ի Կոգովիտ եւ անտի յԵրասխաձորն կամ հովիտն․ լռութիւն հին պատմչին եւ բնութիւն երկրին գուշակել տայ, որ այն հին ատեն գոնէ Բագրեւանդ եւ Կոգովիտ ընդարձակ ծովակ մ’էին, որոց եզրակից էր մեծ հրաբուխ լեառն Մասիս․ եւ անշուշտ ասոր քովերէն (Վանայ ծովուն արեւելեան հիւսիսէն գալով) անցաւ յետոյ Արմենակ, Խոռ, իր եղբայրն եւ եղբօրորդիք յԱրագածոտն եւ ի տաշիր երթալու ատեն։ Այս կարեւոր եւ մութ խնդիրը թողլով ի քննութիւն երկրաբանից՝ դառնանք ի պատմութիւն Հայկազանց, եւ յերրորդ ազգապետն մեր,

Զ․ ԱՐԱՄԱՅԻՍ, կարծուի 60 տարւոյ չափ եւ մինչ յ’280 թուականն Հայկայ ազգապետեալ, շինութեամբք եւ քաջութեամբ գործոց անուանի եղեալ, ըստ ակնարկելոյ պատմչաց, եթէ անուանը ստուգաբանութենէն չեն գուշակեր իրքաջագործութւնը, վասն զի զ’Արամայս՝ Արութիւն իմանան․ ինչպէս Մագիստրոս, «Ո՞ւր Արմայիսեան արութիւն»․ եւ յառաջ քան զնա՝ Յովհ․ Կաթ․ զովութեամբ ասէ, թէ «Սորա արիական քաջամասնութեան հանդէսք՝ բաւական քեզ յառաջնոցն քան զիս մատենագրացն՝ պատմի»․ բայց զի չհասան այդ քաջագործ հանդիսից պատմութիւնքն, եւ ոչ գիտեմք թէ ընդդէմ որո՞ց էր գործածն, Բաբելացւո՞ց թէ այլ կողմանց [4] ։ Իր գլխաւոր եւ հաւանական թողած յիշատակն է դաստակերտ մը՝ որ հազարաւոր տարի Հայոց տէրութեան մայրաքաղաք եղաւ, այն է Արմաւիր կամ Արամայիր, զոր «եւ անուանէ յիւր անուն»․ ասէ պատմիչն (Խորեն)։ Արմաւիր անունն ինչուան հիմայ ծանօթ է՝ այդ հին դաստակերտին փլատակաց վրայ․ Հայկայ որդին այլ թոռն այլ Արամ ՝ ասոր նման անուամբ կոչուած են՝ ուրիշ բառ կամ մասնիկ մ’այլ հետն ունենալով․ իսկ ասոր անուան կցորդ բառը, որով քաղաքն անուանիէ կ’երեւի զուգաձայն եւ զուգանիշ հին Թրակացւոց Խրիա կամ Բրիաս բառը, որ նշանակէ քաղաք [5] ինչպէս են իրենց քաղաքներն Սելիւմբրիա, Մեսեմբրիա կամ Մենեբրիա (Մանաւիր) եւ այլն։ Այս քաղաքը կամ ոստանը, հաստատեց Երասխ գետոյն եզերքը «ի վերայ սարոյ միոյ», այսինքն բարձրկեկտեղ մը, հաւանօրէն գետոյն հիւսիսային եզեչքը, ինչպէս որ հիմայ այլ է , թէպէտ եւ բաւական հեռացեալ շէնքէն, ինչպէս որ արդէն Քրիստոսի Ա դարու վերջերն այլ՝ Երուանդայ ատեն՝ այնքան հեռացեր էր, որ դժար կ’ըլլար քաղքէն ջուր առնուլ, եւ անոր համար թողուց նա զհին զ’2300 տարուան մայրաքաղաքն Հայոց եւ շինեց զնորն, Երուանդակերտ․ բայց Արմաւիր իբրեւ թագաւորական կալուածք եւ ամրոց ճանաչուէր մինչեւ ի կէս Ե դարու․ յետ որոյ աւերեալ անշքացաւ, եւ հիմայ միայն տեղն յայտնի է, Թէփէտիպի ըսուած գեղին քով, բոլորովին ամայի եւ խոպան դարձած, ոչ շատ հեռու ի Սարտարապատ քաղաքէ։ Արմայիսայ յաջորդ Հայկազունքն մինչեւ ի բռնակալութիւն Ասորեստանեայց՝ թէ եւ առանձին դաստակերտներ շինեցին Այրարատ աշխարհին զանազան կողմերն, բայց առաջ կամ վերջը ամէնքն այլ յԱրմաւիր բնակեցան՝ որ արդէն մայրաքաղաք մը ձեւացեր էր հանդերձ ամրութեամբն․ որոյ եւ պարիսպն եւ աշտարակք յիշուին Արամայիսայ թոռնորդւոյն ատեն, որոց շինող անշուշտ ինքն էր հիմնադիրն․ թերեւս նոյն եւ տնկող սօսի ծառերու՝ իյիշատակ հօր իւրոյ Արմենակայ․ յորմէ կրնամք գուշակել թէ հոս փոխադրեց անոր մարմինն այլ, եւ թերեւս այն սօսիքն իր գերեզմանին շրջապատքն էին, որ սրբազան տեղ մը դառնալով, քիչ ատենէն անոնց տերեւոց ձայնքն այլ հովերուն շատ կամ քիչ փչելուն չափով՝ զանազան հմայից նշանք համարուեցան․ եւ սրբազան կամ կրօնական անձանց կայանք եղաւ, թերեւս եւ քրմարան եւ յետոյ մեհեան եւ վարժարան։

      Է․ Արմաւրայ շինութենէն կու սկսի անոր մատռուակող Երասխ գետոյն հռչակն այլ, որ Հայոց սեփականագոյն գետն եղաւ, ինչպէս իւր հովիտքն այլ ազգերնուս ամենէն հին եւ մեծ քաղաքաց յատակ եւ անոր պէսպէս անցից յիշատակարան։ Իր անունն այլ գրաւ Արմայիս, յանուն թոռին իւրոյ Երաստայ [6] ըստ պատմչին, որոց վերջաւորութիւնքը նման չեն, եւ հաւանելի է թէ մեր ազգապետին թոռն այլ Երաստ կամ Արաստ կոչէր, թերեւս երկու վսեմական անուանց բարդութեամբ Ար եւ Աստ, մին Աստուծոյ նշանակ, միւսն հայկական Արամենեանց․ մանաւանդ զի օտարաց մէջ Արաքս կամ Արաս եւ ըստ Պարսից Արազ կոչի գետս։ Բայց ի՞նչ պատճառաւ այս հայկազնոյն անունը դրուեցաւ գետոյն, մեր պատմութիւնն լսէ, այլ հետաքնին եւ բազմահմուտ հելլեն պատմիչն Պլուտարքոս՝ գետոց անուանաբանութեան գրոց մէջ պատմէ խառնակ աւանդութեամբ, թէ գետն առաջ Երմոս կամ Ակմոն կ’ըսուէր եւԱրաս ոմն Հայոց թագաւոր՝ որդի Պիլոսի՝ նետով զարկաւ սպանեց զիր պապը՝ զԱրբել, եւ տեղը անցաւ․ բայց խղճէն եւ յարհաւրաց տանջելով եւ վախնակով՝ ինք զինքը նետեց գետոյն մէջ, եւ անկէ անուանակոչուեցաւ։ Ուրիշ պատմիչ մ’այլ (Կտեսիփոն վասն Պարսից առ Պլուտարքոսի) կ’աւանդէրթէ Արաս Պարսից հետ մեծ եւ դժար պատերազմ ունէր, աստուածոց պատգամներէն իմացաւ որ եթէ իր երկու կոյս աղջկունքը զոհէ անոնց՝ կու յաղթէ թշնամեաց․ Արաս աղջկանցը արեան չդիմանալով, յաղթութիւնն այլ չուզելով փախցընել, իր մէկ արքունական պաշտօնէին (որոյ անունն էր Մեսալքս) երկու դստերքը զոհեց․ նա այլ հայրենի աղէխարշութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ՝ թագաւորի դստերքը սպաննեց, եւ փախաւ Սկիւթացւոց քով․ իսկ Արաս յուսահատեալ եւ չկարենալով վրէժխնդիր այլ ըլլալ՝ ձգեց զինքն ի գետն։ Մեր պատմութեան լռութիւնն այլ չարգելուր կարծել թէ այդպիսի դժբաղդ դիպուած  մը հանդիպած ըլլայ, այսինքն Արմայիսայ սիրելի թոռան ողբերգական մահփոխութեամբ․ թերեւս ուրիշ մը գետավիժութեամբ, թերեւս ուրիշ նշանական դիպուածովք, զոր այլափոխութեամբ յիշեն օտար պատմիչքդ, եւ այդ նշանական եւ եղերական դիպաց համար համբաւն տարածեալ ըլլայ յարեւելս եւ առ հելլենս, որպէս յետոյ եւ համբաւ եղերական մահուն Արայի եւ դիականն, այլափոժութեամբ գտանի յիշեալ եւ ի Պղատոնէ։ Այսպէս մարդկային բնութիւնն կամ սիրտն իմսկզբանէ հետէ աւելի զգայուն գտուած է առ ցաւալիս քան առ ուրախականս․ եւ առ մերս գալով, մինչդեռ մեր պատմութեան յաջողութեանց եւ գլխաւորագոյն դիպուածոց անգամ տգէտ են օտարք, անոր սրտահար դիպուածները իրենց ողբերգութեան նիւթ առած են․ եւ այս հայկազանց հանդիպածքն կարծես թէ ցուցանեն ողբերգութեանց առաջին նիւթ ըլլալ, պատմական կ արգաւ յառաջելով քան զամենայն հելլենական դիւցազանց դէպս։ Իսկ այս անուանակոչութեան դէպքը՝ նման է Հռովմայեցւոց հինպատմութեան յիշածին այլ, (Լիւ․ Ա․ Գ․) թէ Տիբերիոս՝ մի ի պայազատաց Ենէասայ, գետավէժ ըլլալով յԱլպուլա (Սպիտակ) գետ, սա անկէ ետեւ մինչեւ ցայժմ Տիբերիս կոչի։

      Երասխայ պատմական աւանդութեանց վրայ խօսելով՝ յիշենք աւելի անվաւեր զրոյց մ’այլ, յԱննիոսեանն Բերոսոսէ, ըստ որում Նոյ յետ ջրհեղեղի ծնած է բաց յայլոց եւ դուստր մի Արազա անուն, յորմէ կոչեցաւ գետն Երասխ։ Ասի թէ եւ Ս․ Ճիլտաս Բրիտանացի որ ի Զ դարու իր խրատական գրոց մէջ հայրենեաց վրայօք այլ խօսի, յիշած ըլլայ զԱրազա դուստր Նոյի եւ մայր Բրիտոնի, յորմէ Բրիտանիացիք․ որով համաձայնի ընդ մերայնոյն աւանդութեան զՄանիասնէ․ ըստ Աննեայ՝ Բրուտոս եւ Նեպոս որդիք են Սկիտայ, որդւոց Արազայ․ եւ ասոր անուամբ կ’ըսէ Սկիտայ կոչուեցաւ Հայաստան ի նախնումն․ Արազայ համար այլ ասէ թէ նկարէին կէս կին կէս իժ, մարդու հետ պլլուած։

      Ը․ Երաստ Արմայիսայ ո՞ր որդւոյն որդին էր, չըսեր մեր պատմութիւնն, այլ միայն երկու որդի յիշէ մեր երրորդ ազգապետին, զԱմասիա՝ որ իր յաջորդն եղաւ, եւ զՇարա ոմանք ի յետին դարու գրչաց մերոց (Եզ․ Զմիւռն․), այսօր տեղ երկու անուն կու դնեն Շարա եւ Սազ, եւ ոմանք՝ (Երեմ․ Չէլէպ․) այս երկուքը միացնելով Շարաազ ։ Շարա՝ ըստ պարսկականին Շէրէ, նշանակէ որկրամոլ, շատակեր․ արդ պատմութիւնն եւ աւանդութիւնն վկայեն թէ այսպիսի էր Արմայիսայ երկրորդ որդին, միանգամայն եւ յոլովածին․ թերեւս եւ բազմակին ըլլսլով, հակառակ նահապետական օրինաց, տէր եղ աւ շատ զաւակաց եւ թոռանց՝ որք այնքան բազմազան եւ տարածեցան Արմայիսայ կալուածոց մէջ, մինչեւ ուրիշ որդւոց բաժինները նեղցընել․ անոր համար հայրն խաւրեց զՇարա ամենայն ընտանեօքն իր դաստակերտին (Արմաւրայ) եւ Երասխաձորոյ հիւսիսակողմը, եւ Արագածոտան արեւմտեան հիւսիսակողմը, ընդարձակ եւ բարեբեր դաշտ մը, որ թէ յԱրագածայ եւ թէ ի Գուգարաց լերանց իջեալ վտակներով ոռոգի եւ բարգաւաճի, եւ հոն բնակեցուց․ որ եւ անոր անուամբ Շիրակ կոչեցաւ, եւ Այրարատայ ընդարձակ եւ բազմաշէն գաւառաց մէկն եղաւ, եւ ի միջին դարու արքունիք Բագրատունեաց հարստութեան։ Շարայի շատկերութեան կամ շռայլութեան համբաւը՝ իբրեւ առակ ազգէ ազգ բերնէ բերան անցաւ, մինչեւ յետ 2-3000 ամաց ազգային ռամկական առածից մէջ կ’ըսուէր շատկերաց համար, »թէ քո Շարայի որկորն է, մեր Շիրակայ համբարքն չեն»․ եւ ըստ համբաւոյն եւ աւանդութեան գուշակի թէ շռայլ եւ շուայտ, կերող արբեցող, զբօսասէր կենցաղասէր անձ մ’էր, եւ այնպիսի անձանց նախատիպ, թերեւս յետոյ եւ պաշտօնընկալ ի Հայս, որպէս Բագոսն Հոռոմոց։ Ըստ այսմ դիտման անյարմար չէ Շարայի եղբայր մ’այլ ունենալն Սազ անուամբ, նոյն պարսկերէն իմաստիւ Նուագարանաց, որ խնջոյից եւ գինարբուաց յորդորակք եւ ախորժակք են։ Շարայի թոռանց կամ մերձաւոր սերնդոց եւ պայազատաց մէկն իր անուան մօտ կոչմամբ յիշի Գուշար, որոյ սերունդքն բնակեցան Շիրակայ հիւսիսակողմը եւ Գուգարաց լերանց ստորոտը, լեռնահովիտ եւ լճոտ երկիր մը, որ կ’երեւի թէ Գուշարայ սերնդոց մէկուն անուամբ կոչեցաւ Աշոցք գաւառ, եւ Արարատայ հիւսիսագոյն մասն եղաւ․ եւ յետոյ առանձնակ իշխանութիւն կամ պայազատութիւն մը սեպուէր այս գաւառս, իբրեւ սահմանամէջ Հայոց եւ Վրաց․ այս ետքիններս փոխանակ Աշոց ըսելու՝ Ապոց կ’անուանեն զգաւառը։ Արշակունեաց թագաւորութեան հիմնողն Վաղարշակ՝ Գուշարայ սերունքը հաստատեց իշխանական տէրութեան երկրին․ եւ այս երկրին անուամբմիայն կու յիշուին անոր (Գուշարայ) ցեղն՝ Աշոցան [7] կոչելով, մինչեւ ի Ե դար, ընդ բաւական մեծապատիւ ցեղս, որոյ զօրաբաժինն այլ արքունի բանակին մէջ էր 500 ոգի։

      Թ․ ԱՄԱՍԻԱ թոռնորդի Հայկայ եւ չորրորդ ազգապետ մեր, երեւի իբր յ’280 թուին Հայկայ կամ աւելի ետքը տանուտէր նստեալ Հայոց յԱրմաւիր։ Իր անունը Մագիստրոս ստուգաբանէ Աստանօր տեսութիւն, չգիտեմ ո՞ր սկզբմամբ կամ լեզուաւ․ այս անունս Եգիպտացւոց թագաւորաց մէջ այլ գտուի Ամասիս կոչմամբ, եւ հեկկենաց այլ ոչ անծանօթ եւ ոչ հեռաւոր․ մանաւանդ ասով նշանաւոր՝ որ աշխարհիս մեծագոյն եւ հնագոյն մասին անունն Ասիա ՝ նախ այս մեր նահապետին անուան մէջ պարունակի․ յորմէ թերեւս խորհրդածեն ոմանք ի նոր բանասիրաց մերոց՝ թէ սա ինքն ըլլայ նախ հիմնարկող Ամասիա քաղաքին Պոնտոսի, եւ անկէ նախ այն կողմերն, ապա բոլոր մեծ մասն հին երկրին կոչեալ ըլլայ Ասիա։ Ասիկա շատ մեծ պարծանք կ’ըլլար թէ մեր նահապետին եւ թէ իր սերնդոցս, եթէ բաց յանուան նմանութենէն՝ ուրիշ փաստ մ’այլ ունենայինք․ այլ զի՛նչ եւ ըլլայ՝ նշանական է հնութիւնն՝ որոյ չափ վեր չեն ելներ ուրիշ ազգաց աւանդութիւնքն զԱսիոյ եւ զԱմասիոյ։ Մեր հին պատմիչն Ամասիոյ համար կ’աւանդէ միայն շինութիւնք Այրարատեան դաշտին եւ աշխարհին հարաւակողմը, եւ անոր եւ բոլոր Հայաստանի բարձրագոյն լերին անուանակոչութիւնն յիւրմէն՝ Մասիս կամ Մասիք, որպէս կոչուէր եւ Խոռխոռունեաց մէջ եղած բարձր լեռն Ցիպնայ (Սիփան), եւ որոց ձայնակից է Մասիոս լերինք՝ Միջագետաց եւ Հայոց սահմանակցութեան վրայ, յորոց գուշակի մասնաւոր նշանակութիւն մը անուան, սեփական լերանց, որ մեզ անծանօթ է։

      Արդ Ամասիա յետ երկար ատեն բնակելոյ յԱրմաւիր եւ ծնանելոյ հոն բաց յայլոց՝ երիս որդիք՝ Գեղամ, Փառոխ եւ Ցոլակ, առաջինը թողուց հոն իր տեղ, եւ մէկայլ երկուքովն անցաւ Երասխ գետը, դէպ յարեւելս հարաւոյ երթալով իբրեւ մը ճանապարհ, կամաց կամաց սկսաւ ելնել Այրարատեան բարձրագոյն լերին հիւսիսային տափերուն վրայ․ որոյ եւ բոլորտիքն բնակութիւններ հաստատելով՝ այն այլ առանձին գաւառ մ’եղաւ եւ անուանեցաւ յետոյ Մասեաց-ոտն։ Գլխաւոր երկու մեծ բնակարան շինեց «մեծաւ ծախիւք» ըստ պատմչին, լերան ամուր եւ խորունկ տեղուանքը․ մէկն անոր հիւսիսային արեւելեան կողմը, լեռնոտէն բղխեալ աղբերականց քով, եւ տուաւ զայն Փառոխի, որոյ անուամբն այլ Փասախոտ ըսուեցաւ։ Այս անունս եւ ստուգաբանութիւն երկբայական է․ միջի խ տառը բնիկ հայկազնեան չերեւիր այլ Սեմական [8] բայց եթէ անունն սեպուէր Փարախ ըստ այժմու նշանակութեան՝ հօտից տեղ, եւ շէնքն այլ Փարախոտ․ չեմք այլ կարծեր թէ շէնքին վերջանունը պարսկերէն Խուտա, աստուած, բառը նշանակէ։ Իսկ միւս շէնքը՝ յանուն Ցոլակայ կոչեցաւ Ցոլակերտ, եւ առաջինին արեւմտակողմն էր եւ անկէ հեռու իբրեւ օրուան մը ճամբայ հետեւակ գացողի։

      Ամասիոյ այս երից որդւոց դրուած պերճ ու պայծառ անուանքն՝ որ գեղեցկութիւն, լոյս եւ փառք իմացընեն, մեծածախ շինութիւնքն տան գուշակել, իր պերճասէր եւ բարգաւաճ բարքն ու վիճակն, միանգամայն եւ հարուստ ու յառաջացեալ քաղաքականութիւն մը, որոց չափն եւ արգասիքն կամ միջոցքն մեզմէ անծանօթ են, այլ թերեւս սովորաբար կարծուածէն աւելի՝ ժամանակին խաղաղութեամբ եւ երկարակեցութեամբ։ Ամասիա իր անուամբ կոչեալ գաւառին մէջ ատեն մը բնակելով իր կրսեր որդւոց քով՝ նորէն դարձաւ իր հայրենական ոստանը, եւ քիչ տարիէ վերջ՝ մեռաւ․ ինչպէս թուի շատ երկար չապրելով, վասն զի յետ մահուան ցուցանէ պատմիչն զծնունդ Հարմայի թոռին նորա։

      Ժ․ ԳԵՂԱՄ հինգերորդ ազգապետ մեր, գեղեցկանուն եւ գեղեցկաշէն, ըստ հայրենի օրինաց բնակեցաւ յԱրմաւիր այնքան ատեն, մինչեւ իր անդրանիկ եւ պայազատն Հարմա այլորդւոց տէր եղաւ, եւ այն կողմերընոր տամբք լեցընել սկսաւ․ ապա թողուց զնա յԱրմաւիր՝ յոստանն տիրական՝ հանդերձ անոր մանր որդեկօքն, ուզելով որ իր օրինաւոր ժառանգն մնայ պապուն հաստատած տեղը, եւ անկէ ետեւ ուրիշ տեղ չփոխադրին ազգապետքն [9] ։ Իսկ ինքն անոնց կրսեր եղբարց նոր տեղ եւ բնակութիւն պատրաստելու համար գնաց դէպ ի հիւսիսային արեւելք, ուր կ’երեւային երկայնաշար լերինք իբրեւ արեւելեան պատուարք այն երասխեան եւ արարատեան ընդարձակ դաշտաց՝ ուր սերունքն Հայկայ ազգէ յազգ սփռուէին։

      Այս լերանց մէջ քանի մը բարձր գլուխներ եւ մանաւանդ ամենէն բարձրագոյնն՝ որ հիմայՆալթէփէ եւ Ազ տաղ կ’ըսուին, եւ յետ Մասեաց եւ Արագածու բարձրագոյն չափեալ լեառն է Հայոց (12010) Գեղամայ աչքը քաշեց։ Այն ատեններ որ դեռ երթեւեկեւ բնակութիւն այլ չկայր երկրիս վրայ, գետերն միայն դարվեր ճամբայ էին, եւ բարձր լերանց գագաթունքն՝ ուղղեցոյց․ այսպէս Արմենակ զԱրագած դիտեց եւ գնաց ի հիւսիս, Խոռ զՑիպնայ Մասիքն, Ամասիա զմեծն Մասիս, Գեղամ այլ զսա, որ եւ յիւր անուն կոչեցաւ Գեղայ կամ Գեղայոյ լեառն, եւ իր լծակիցքն այլ մէկտեղ Լերինք Գեղամայ որոց թերեւս ոչ այնքան ձիւնածայր գագաթն ի տուջեան, որքան բացարձակ բաժակքն ի գիշերի իբրեւ ցամաքավար լապտերք ձգէին մեր առաջին երկրաշէն նահապետքը։ Գեղայ լերան մօտենալու յարմար ճամբան այլ էր իրմէ իջած գետը՝ (Ազատ) որ դէպ յարեւմուտք երթալով՝ Արմաւրէն ոչ շատ հեռու խառնէր յԵրասխ․ անոր ականց հասնելով Գեղամ՝ կու տեսնէր որ այն լեռն քովիններէն գրեթէ զատուած սրաբարձր է, եւ քովերէն տեղ կայ՝ Արարատեան պարահովտին ատուարը անցնելու, ինչպէս որըրաւ ինքն այլ։ Եւ երբ այն կողմը պատուարներէն վար նայեցաւ՝ սքանչելի գեղածիծաղ միանգամայն եւ շարժուն տեսարան մը նկարեցաւ աչացը․ ընդարձակ տաշտաձեւ հովիտ մը՝ չորս կողմէն բարձր լեռներով պատած, եւ մէջ տեղը կապոյտ ու պայծառ մեծկակ ծովակ մը իր հավտին ձեւով, որուն երեսն իսկ 6500 տաք բարձր ըլլալով, մեծ ծովուն երեսէն, ամառ ատեն շատ զով եւ զուարճալի պիտի ըլլար․ եւ այս եղանակին համար՝ թերեւս իր նախորդաց ամէն բնակած տեղերէն վայելուչ եւ զանազանն էր։ Ասկէ անդին ի հարկէ չէր ուզեր անցնիլ․ այն բարձր լեռը իր անուամբ կնելէն ետեւ, անոր ստորոտքն այլ՝ ծովուն դիմաց՝ շէնքերը շինեց եւ անուանեցկամ անուանեցան Գեղարքունի, ինչպէս հիմայ գրուի գուցէ լավ եւս Գեղամունի կամ Գեղակունի ըլլար, քան Գեղարքունի, որպէս ոմանք գրեն, բայց ոչ ըստ նախնեաց․ պէտք չէ այն հին ժամանակ անուանց ածանցման եւ բարդութեանց օրէնքն հիմկու օրինաց հետ նոյն համարիլ։ Ոչ միայն Գեղամայ շէնքերն՝ այլ բոլոր իսկ այն ծովուն բոլորտիքն, եւ մանաւանդ արեւմտեան ու հարաւային կողմանքն ըսուեցան Գեղարքունի գաւառս, եւ ծովն այլ նոյնպէս․ որք դարձեալ նահապերին անուամբ կոչին եւս Գեղամաշէն գաւառ, մանաւանդ հարաւակողմն, եւ Գեղամայ ծով։ Տօնական գրոց ճակատը (մեծանուն Սողոմոնի) վասն գաւառին ասի «Գեղարքունի՝ որ յորջորջեցաւ յանուն Նախարարին Գեղամայ» եւ վասն ծովակին «Դաշնաւոր անուանեալ ծովուն Գեղարգունեաց»։

      ԺԱ․ Արդ Գեղամ իր սիրուն դաստակերտաց   մէջ բնակեցաւ երկար ատեն, եւ հոն ծնաւ զաւակ մ’այլ զոր Սիսակ անուանեց, թերեւս ուրիշներ այլ․ բայց սա աւելի սիրուն եւ յառաջադէմ եղաւ շատ բարեմասնութեամբ․ վասն զի այն ատեն աւելի յարգի եղած՝ մարմնոյ վայելչութիւն եւ ճարպկութիւն ունէր, հսկայակերպ կազմուածք՝ ուժով, բայց պատշաճագեղ, եւ անոր համեմատ շարժուածք եւ ընթացք, երագութիւն եւ յաջողութիւն ի զինաշարժութեան, մանաւանդ աղեղնաւորութեան, յորում Հայկայ սիրելի յիշատակն արթընցընէր․ եւ ձեռաց ու ոտից շարժման հետ՝ լեզուի այլ վայելուչ շարժուած, զոր կորովաբան կոչէ պատմիչն․ ճարտարաբան եւ համոզող խօսուածքը գուշակել տալով, կամ թերեւս այն ատենուան յարմար տօնից եւ հանդիսից մէջ յորդորախօս կամ երգիչ։ Այս սիրուն եւ ճարպիկ որդւոյն թողուց Գեղամ իր Գեղարքունի գաւառը հանդերձ ամենայն շինուածովքն, եւ իր ստացուածոց մեծ մասն եւ ծովակին հարաւակողմէն առաջ անցաւ անոր հետ, Երասխայ ընթացքը բռնելով դէպ յարեւելս հարաւոյ, ինչուան գետոյն քարավազ հոսանաց տեղն, որ է հիմայ ընդ մէջ Գարապաղ եւ Գարատաղ նահանգաց, իսկ այն ատեն՝ քիչ մը տարբեր ընթացք ունէր․ ինչուան այս տեղս Սիսակայ սահման կտրեց, որ զաւկըներովն շէնցընէ․ արեւելքէն այլ անշուշտ ինչուան առաջին լերանց կարգը սահման դրաւ, ուսկից յետոյ Սիսակայ սերունդքն առաջ անցնելով ինչուան Կուրի եւ Երասխայ անջրպետ լեռները բռնեցին․ եւ բոլոր այս երկիրներս հանդերձ Գեղամայ ծովուն բոլորովն Սիսակայ ցեղին ժառանգութիւն եղաւ, եւ Հայոց հին ու գլխաւոր նահանգաց մէկն, որ յանուանէ նահապետին Սիսական աշխարհ ըսուեցաւ, զոր եւ Պարսք եւ Արաբացիք մինչեւ ցԺԱ դար Սիսէճան կոչէին․ իսկ մերայինք աւելի շատ անգամ կոչեն Սիւնիք, որ կ’երեւի յանուն Սեւան կղզւոյն Գեղամայ ծովուն․ եւ այն այլ անուանեալ թուի ի Սեւուկ նահապետէ, որ ի սերնդոց Սիսակայ, եթէ ոչ եւ ինքն Սիս-ակ սեւ նշանակէ․ եւ թէ ասոնց թէ թերեւս հնագոյն Քամեան բնակչաց պատճառաւ՝ այս աշխարհս է, ըստ իս, նախամարգարէին Եթովպիա կոչած երկիրն ի նկարագրութեան դրախտին։ Գեղամ այսքան ընդարձակ բաժին լեցընելու եւ շէնցընելու համար, Սիսակայ տուաւ բազմութիւն ծառայից եւ ընդոծնաց, եւ որպէս թուի այն կողմերը տեղ տեղ առաջուց ցրուած ու բնակած մարդիկը, զորս իր իշխանութեան տակ առած էր։ Այս Գեղամայ մասնաւոր խնամով մեծցուցած ցեղն Սիսական՝ այսպիսի ծագման համար, միանգամայն եւ պայազատաց քաջութեան եւ հարազատութեան համար՝ շատ հեղ յետոյ բուն Հայկազունի ըսուեցաւ աւելի քան զայլ ամենայն ցեղս Հայոց․ եւ ըստ այնմ այլ երբեմն գահագլուխ եղաւ ամենայն ցեղից, շատ անգամ այլ միայն քանի մը ցեղէ յետագաս․ Հայոց ամենայն հարստութեանց ատեն այլ, մեծապատիւ եւ քաջանշան եղաւ ցեղս, թագաւորութեան այլ հասաւ ի ԺԱ-ԺԲ դարս․ եւ թերեւս քան զայլ ամենայն տոհմս եւ տունս Հայոց իր նախնի իշխանական եւ արիական սեփականութիւնը, թէ եւ այլափոխեալ եւ նուազեալ, պահեց մինչեւ ի յետին դարս, եւ դեռ հիմայ այլ գտուին սերունդք նոցա մէլիք կոչմամբ պատուեալք։

      Միայն Սիւնիք չեն ի Սիսակայ յառաջացեալք, այլ եւ Աղուանք, ըստ աւանդութեան հին պատմչաց մերոց, գոնէ Կուր գետոյ եւ Սիւնեաց մէջ եղող Աղուանք, այսինքն են բնակիչք Արցախ եւ Ուտի նահանգաց․ եւ այդ անունդ (Աղուանք), կ’ըսեն, նոյն Սիսակայ ընծայուածէն յառաջ գայ, վասն զի իր անոյշ բարուց համար Ազու անուանէին․ եւ երբ նա իր բնիկ հօրը տուած բաժնէն այլ դուրս ելնելով դէպ յարեւելք բնակութիւն հաստատեց ի լեռնակողմանս Արցախոյ, եւ անտից ի վայր ի դաշտն միջագետաց Կրիեւ Երասխայ, զոր եւ լցին իր սերունդքն, բոլոր այն միջոցին բնակիչքն Աղուանք կոչեցան․ թէ եւ առանձնակ գլխաւոր տոհմեր եւ ցեղեր այլ ունէին, անշուշտ անոր զաւակաց եւթոռանց անուամբք, ինչպէս Ուտէացիք, նախապատիւ քան զայլս, որ եւ բոլոր նահանգի մը անուն տուին, եւ երբեմն բոլոր իսկ Աղուանից լեզուին, եւ թուին յառաջ եկեալ յՈտա կամ Ուտա անուն անձէ նը, (որպէս եւ յետոյ գտուի Օտա կամ Ոտա անուն նախարար յաւուրս Ս․ Տրդատայ)․ —Գարդմանացիք, որ նոյն Ուտէացւոց նահանգին մէկ գաւառը բռնեցին․ Գարգարացիք, որ ի հնումն մծազօր եւ մեծատարած ցեղ մ’եղած են, մինչեւ երբեմն Աղուանից կամ Ուտէից լեզուին տեղ՝ Գարգարացի ըսել, բայց յետոյ նուազեալ՝ չեն յիշուիր, սակայն դեռ անոնց անուանակիր գետն ծանօթ է ի դաշտին Կրի Երասպայ․ Ծօդէացիք, որ Կրի յայն կողմն (արեւելեան) բնակէին, եւ առանձին ազգ համարէին շատ հեղ անկախ ի Հայոց, եւ աւելի բնիկ Աղուանից յարակից։ Բնիկ Աղուանք ըսինք այդ Կուրի արեւելեան կամ ձախակողմը եւ Կովկասայ ողնաշարին միջոց Թորգոմական ազգը, զոր յիշեցինք ի սկզբան Թորգոմայ պայազատութեան մէջ (էջ 121)․ որք եւ միայն Կուրի անդժուար ընթացքն ընթացքն ունենալով անջրպետ հարթածաւալ երկրի մը մէջ, շուտով իրարու հաղորդեցան լեզուաւ եւ սովորութեամբք, եւ երբեմն քաղաքական վարչութեամբ [10] ։ Օտար պատմչաց այս ետքի արեւելեան Աղուանքն միայն ծանօթ են, զորս եւ Alvani կամ Albani կոչեն․ ոմանք յիշեն նաեւ զՈւտիացիս (Otene) եւ զԾաւդէացիս (Sodri)։ Հայկազանց ժամանակ բոլոր Երասխ եւ Կուր գետող միջագետաց երկրին (այսինքն Սիւնեաց, Արցախոյ, Ուտիոյ գուցէ եւ մասին Փայտակարանի) կ’իշխէր Սիսակայ պայազատն․ Վաղարշակայ ատեն Առան անուամբ մէկն էր ցեղապետն, զոր եւ հաստատեց նա յիշխանութեան երկրին միանգամայն եւ զինուորական կողմապետս դրաւ արեւելից․ անկէ ետեւ ասոր անուամբ բոլոր երկիրն այլ կոչեցաւ Ասան, եւ այսպէս ծանուցաւ Պարսից մէջ այլ մինչեւ ետքը։ Այս Սիսակայ եւ Աղուանից նկատմամբ ըսածներուս մէջ՝ կան երկբայական եւ քննութեան խնդիրներ, զոր ուրիշ տեղ լուծելու է։ Դառնանք հիմայ մենք մեր ազգապետին, հօրն Սիսակայ, որոյ ուրիշ մեծ շինութիւն մ’այլ յիշէ պատմութիւնը։

      Եւ է սա Գեղամի կամ Գեղամէ դաստակերտն, զոր շինեց Գեղամ նորէն Գեղայ լերանց ստորոտը, բայց ոչ յարեւելակողմն, ի բաժնին Սիսակայ, այլ յընդդիմակողմն Գեղարքունեաց, յարեւմուտս, յԱրարատեան աշխարհի, եւ ի բաժնի Հարմայի, կամ մանաւանդ անոնց մէկ ուրիշ եղբօր, որոյ անունն ոչ յիշի, այլ անոր որդւոցն, որ է Գառն կամ Գառնիկ ։ Այս դաստակերտը, որ թուի յետին բնակութիւն Գեղամայ, շինեց լերանց ամուր ձորավայր տեղ մը, Ազատ գետոյն ականց մօտ, գեղեցիկ դրիւք, եւ այլ աւելի գեղեցիկ եւ ահաւորահայեաց տեսարանօք, զոր աւելի շէնցընելով Գառնիկ՝ իր անունը թողուց վրան, եւ մինչեւ հիմայ ծանօթ է գառնի կոչմամբ, թէ եւ աւեր ամայի․ բայց եւ աւերակաց մէջն այլ ունի զգեղեցկագոյն մնացուած ճարտար շինուածոց, գեղամէն աւելի մեծ եւ սիրելի եւ սրբազան ձեռքի մը, մեծին Տրդատայ, որոյ Թաղտ կամ Սարաւոյթ կ’ըսուէր առ յետինս, եւ ի նախնեաց Հովանոց Խոսրովիդխտոյ ։ Գեղամայլերանց եւ ծովուն պարատափին արեւմտակողմը, այսինքն Այրարատեան աշխարհին արեւելեան հիւսիսային մասն, մանր գաւառներ բաժնուած է ըստ օրինակագիր աշխարհաց, որք են սկսեալ ի հարաւոյ Արած եւ Ուրծ, Մազազ, Կոտայք, Նիգ, Վարաժնունիք կամ Ծաղկունիք հաւանական է որ ամէնքն այլ Գեղամայ եւ Գառնկայ որդւոց եւ սերնդոց սեփականութիւն ըլլան․ ինչպէս ետքինին համար յիշուի որ Վաղարշակայ թոռան Ա․ Արտաշիսի ատեն Վարաժ ամուամբ կտրիճ եւ վարպետ աղեղնաւորի մը անուամբ կոչեցաւ, որ էր ի սերնդոց Գառնկայ եւ ի պայազատաց կողմանցն։

      Գեղամ իր երկու աւագ որդւոց բաժինները զատելով յարեւմուտս եւ յարեւելս, անոնց երկուքին միջասահմանը բնակելն նշանական բան մը կ’երեւի․ գուցէ նախանձու կամ բռնաբարութեան արգելք մը դնելու, նոյնպէս եւ հրամայելն Հարմայի որ Արմաւիրը չթողու, կրնայ կարծիք մը տալ ասոր վրայ կասկած կամ նուազ սէր ունենալու։ Այս այլ գիտելու է, որ մեր ազգապետքն Հայկայ ոստանէն ելնելով՝ միշտ դէպ ի հիւսիսային արեւելք կ’երթային․ հիմայ Հարմայի հայրենական բնակութեան թէ հիւսիսը թէ արեւելքը բռնուած էր, ինչպէս եւ հարաւ, անոր համար ի դէպ գայ հօրը պատուէրն Արմաւրէն չելնելու․ բայց եթէ դէպ յարեւմուտս կու մնար տարածուիլ․ ուր երթալու ինչ արգելք կար, չեմք գիտեր, մանաւանդ երբ հիմակուան երկրին դիրքը նկատեմք, Վանանդայ եւ Բասենու ընդարձակ եւ բարեբեր դաշտերը, նման Շիրակայ․ սակայն իրենց բնակազմութիւնն եւ ձեւն այլ նշան տան հին ատեն ջրով բռնուած ըլլալու, ինչպէս որ Բագրեւանդայ համար ըսինք։ Գուցէ եւս այն կողմերը դեռ Հայկայ հօրեղբօր՝ Ասքանազայ սերնդոց յետին արեւելեան սահմանքն էին, որոց հետ խնամութեամբ եւ բարեկամութեամբ ապրէին Հայկազունք։ Ասոնք իբրեւ վարկած թողլով յընտրութիւն բանասիրաց, ՀԱՐՄԱՅԻ մեր վեցերորդ ազգապետին համար կրնամք ըսել որ վրան պատմութիւն մը չյիշուիր․ բայց միայն բան մը, որ վերը ըսածնուս նպաստ կրնայ ըլլալ, այսինքն տանուտեարց եւ տոհմից սահմանները տարածելուն։ Վասն զզի հին պատմիչն Հարմայի ազգապետութեան միջոց յիշէ, թէ այս ատենէն սկսան Հայկազունք աւելի «բազմանալ եւ լնուլ զերկիրն», սփռելով չորս կողմն․ անշուշտ ոչ իբրեւ զառաջինն՝ ազգապետին առաջնորդութեամբ նախաբնակ երկրին եզերքները քշելով եւ ընդարձակելով, այլ թերեւս (եւ բռնութեամբ այլ) միջամուխ ըլլալով ի բաժին օտարաց, կամ անոնցմիջէն ճամբայ բանալով իխնդիր նոր բնակութեանց [11] ։

      Մինչեւ հիմայ յիշածնիս ցուցանեն որ յետ Հայայ հինգ ազգապետք իբրեւ 350 տարի, շինեցին եւ լցուցին Այրարատ աշխարհին մեծ մասը, նոյնպէս զՍիւնիք, զմասն Գուգարաց, անոնց հարաւաբնակ եղբարքն այլ, այսինքն Հայկայ առաջին բնակութեանց մէջ թողեալքն, անշուշտ լցուցին զՏուրուբերան, եւ Աղձնեաց, Մոկաց, Կորճայից ու վասպուրականի մասերը․ հաւանօրէն նաեւ Դ Հայոց կամ Ծոփաց արեւելեան մասը՝ որ Տարօնոյ սահմանակիցն է․ իսկ անոր արեւմտեան եւ հիւսիսային մասը, Բարձր հայք եւ Տայոց աշխարհը, ե՞րբ սկսան բնակիլ եւ շինուիլ ի Հայկազանց՝ անծանօթ է․ եւ երեւի թէ անոնցմէ առաջ բնակեալ էին ի Յաբեթական զարմից։ Ուրեմն մինչեւ հիմայ յիշեալ հինգ վեց ազգապետքը կրնանք կոչել աշխարհաշէն, ինչպէս որ կոչին այլ իրաւամբ ազգածինք անոնց յետագայք աւելի աշխարհակալ եւ ազգավար ինչպէս որ պիտի տեսնենք ի պատմութեան Արամայ։



[1]       Զսա իսկ կարծեմ՝ այսպէս կոչէ՝ եւ ետքի ըսածս հաստատէ Վարդան վարդապետ Մարաթացի. «Որք աճեցան ի Հայկականէն եւ կոչեցան Տուն Թորգոմայ, եւ ժողովուրդ եւ ցեղ եւ անուանակիր հզօր արքային «Արմենիկայ». եթէ եւ սա ըստ այլոց չիմանար զԱրամն, որոյ միայն զօրութիւն ծանօթ է մեզ: (Եղ. Զմիւռն. ասէ Ամանեակս՝ որ է Արմատ եւ մեծութիւն)։ 

         Հայկազունեաց Արմենակն, ըստ նորագոյն քննութեանց, կը համապատասխանէ Ուրարտացւոց թագաւորութեան մետասաներորդ ինքնակալին, որ կը կոչուէր Էրիմէնա, եւ թագաւորեց  675–670. (հմմտ. Sandaldjian, Les inscriptions cunéiformes urartiques, introduction, p. XLVI)։ 

         Սակայն «Բեւեռագիր արձանագրութիւններ Անդրկովկասում» գրքի մէջ (Վենետիկ, 1897) Նիկոլսկի կ'ուզէ ցուցնել, թէ Ուրարդեան պատմութեան մէջ Արմենակի համապատասխանողն է Արգիշտի։ Վասն զի, կ'ըսէ նա, Արմենակ կը  կոչուէր նաեւ Արագած, ապա թէ ոչ լեռը պիտի չկրնար իր անունը կրել: Իսկ արդ Արագած անունն՝ Արգիշտի կը յիշեցնէ ուրեմն Արմենակ–Արագած հայկազուն թագաւորը նոյն է Ուրարդուի Արգիշտիի հետ. (էջ 40)։

         Ռուս գիտնականը չէ բացատրած լեզուաբանական պատճառը՝ որով Արգիշտի Արագած կրնայ ըլլալ։ Մենք այսպէս կը մեկնենք. Արգիշտի հայկական Արգեստ ձեւը առած է, իսկ Արգեստ՝ Արագած եղած, հմմտ. Զ-գեստ եւ Զգածնուլ։ Այբի յաւելուածն՝ առարկութիւն մը չկրնար ըլլալ։ Ուրարդուի մէջ ալ Ա աւելցած է (Արարատ)։ 

         Բնականաբար գրքիս մէջ գրուած ստուգաբանութիւն (Արմենակայ-ագած) լեզուաբանական ճշմարտութիւն մը չկրնար ըլլալ, որչափ յիշեցուցիչ՝ հիներու հետաքրքրական կարծիքներուն: Նիկոլսկիի վերոյիշեալ գրքի մէջ (Թրգմ. Խաչատուր Յովհաննիսեանց) ընթերցողք պիտի տեսնեն՝ թէ Խորենացի Հայկազանց պատմութեան մէջ ինչպէ՞ս յաճախ արձագանգ կ'ըլլայ ուրարտական պատմութեան (հմմտ. Մենուաշի = Մանաւազ) ոչ հեղինակ առասպելներու, ինչպէս հռչակեցին ի սկզբան քանի մը անխոհեմ քննադատներ:

[2] Ինչո՞ւ կրկնութեամբ Խորխոռունիք, եւ ոչ Խոռունիք չէ յայտ : Ծ. ՀԵՂ

         Գարագաշեան իւր Հայոց քննական պատմութեան մէջ «Խոռխոռունիք» անունը կ'ուզէ մեկնել karker-carcer (բանտ) բառով, իբրեւ «բանտապահներ»։ Շատ հաւանական է՝ թէ անոնք Ուրարտացւոց մնացորդ մ' էին, քանի որ Մանաւազ (= Մենուաշի)՝ իրենց նախահօր իբրեւ եղբայր կը նշանակուի, (Խոր. Ա. ԺԲ) բայց ստուգաբանութիւնը երկբայական է։

         Հոս Խոր. կ’ըսէ. «Եւ ի սոցանէ ասեն լեալ զնահապետութիւնս մանաւազեան» եւ զբզնունեաց, եւ որդունին անուանեալ»։

         Կարծեմ թէ Որդունի Ուրարտացւոց Urdahini (Ուրարտացի) բառն է, զոր Նիկոլսկի կը գտնէ բեւեռաքանդակ արձանագրութեանց մէջ, բայց մոռնալով զայն համեմատել Հայոց Որդունի ցեղին հետ, որ կ’երեւի Ուրարտացւոց մի մեծ եւ հարազատ մնացորդն էր Ծ. Հրտ.

[3]       Ի գահնամակին Արտաշրի եւ Ս. Սահակայ՝ առաջին է։  

[4]       Մի ի թագաւորաց Եգիպտոսի ԺԸ հարստութեան կոչի Արմայիս, որ եւ Հռամսէս Բ, եւ համարի կեցեալ ԺԴ դար նախ քան զՔրիստոս նոյն կամ՝ եղբայր գոլ Սեսոստրի մեծի, եւ հալածեալ ի նմանէ, կոչի նա եւ Դանաոս։ 

[5]       Աստի կարծի Briց կոչումն գաղղիական քաղաքաց, եւ Burg գերմանաց։

[6]       Խոր. Արաստ գրէ, այլք Երաստ ասեն։ 

         Թէոփիլակտոս Սիմոկատա իւր (բիւզանդական) Պատմութեանց Գ. գրքին մէջ (յէջ 125) Կ'ըսէ. «--». այս վերջին բարբարոս տիտղոսը Հայոց կը պատկանի անշուշտ որովհետեւ Թէոփիլակտոսի Երասն անշուշտ հայկական Երաս(խ)ը կ’ակնարկէ։  Ծ․ Հրտ

[7]       Ի գահնամակի ԼԳ Գաշոցեան, Ի Ներսիսին Աշտոցեան. նոյնք թուին

[8]   Ըստ աւանդութեան մեր հին պատմչաց մէկուն՝ արդարեւ սեմական կ'ըլլայ անունը, եթէ, որպէս ասէ, Աբրահամու ընդոծնին թոռն էր Փառոխ, որպէս յետոյ պիտի յիշեմք

[9]       Զի այսպէս գրի յ0ր. ինչ. «Թողեալ զՀարմա յԱրմաւիր, հանդերձ որդւովք բնակել». մինչ այլ . «հանդերձ որովք բնակէրն»

         Թէ Գեղարքունի անունը Գեղամէն կ'ելնէ, շատ տարակուսական է այժմիկ. Նիկոլսկի զայն գտնել կարծէ ուրարտական Kiehuni (տես էջ 51) անուան մէջ: Մենք կարծենք թէ լաւագոյն կ'ըլլար Arkukini (յէջ 55) անունն ալ ի մէջ բերել եւ ըսել թէ Kiehuni-arkukini անուններու միացումով կազմուած է Գեղարքունի. ապա թէ ոչ՝ արք յաւելուածը՝ անմեկնելի պիտի մնար։  Ծ․ Հրտ.  

[10] Ըստ Չամչեան պատմահօր Շրուանք իսկ որ ընդ մէջ ողնաշարին Կովկասայ եւ Կասպից ծովու՝ կոչեցան յանուն Սիրուանայ որդւոյ Սիսակայ։ Բայց ոչ գիտեմ՝ ուստի՞ առեալ է զաւանդութիւնս այս

         Չամչեան անուանց նմանութենէն հետեւցուցած է թէ Սիրուանէ սերած պիտի ըլլան

         Գալով Աղուանից , Albani, կրկին ժողովուրդներ կան՝ որ անոնց յաջորդ ըլլալ կը թուին: 1 օ. Աֆղաններ, արիական ցեղէ, դեռ կը պահեն շատ սովորութիւններ, քրիստոնէութենէ մնացած. կ’երեւի թէ Աղուանք վերջ ի վերջոյ մահմետականացան մասամբ, ինչպէս հանդիպեցաւ Կովկասու շատ քրիստոնեայ փոքրիկ ժողովուրդներու: Նոյն իսկ Վրաց մաս մը (կիւրճի), Հայոց մաս մը (քիւրտեր) նոյն ճակատագիրն ունեցան

         . Ալպանիացիք կամ ըստ իրենց անուանակոչութեան Սքիփէթարի (արք ժայռից)։ Դիտելու է որ Աղուանք Վրացի եւ այլ շրջակայ ազգերէն Ասան կը կոչուէին, անոր համար Խորենացի այնքան հանճարեղաբար Ասան անուամբ նախահայր մը կը դնէ անոնց՝ որ աղու բնաւորութիւն ունէր

         Արդ այս Ասան անունը չկա՞յ՝ Ասնաուտ յորջորջման մէջ, ինչպէս Աղուանքը՝ Ալպանիացիի մէջ։ Տարակոյս չկայ՝ թէ բարբարոսութեամբ իրարու կը հաւասարին այս երկու ազգեր. այժմեան Ալպանիացիք ծանօթ են արդէն, իսկ հին Աղուանք՝ մարդազոհ ունէին, ինչպէս կ'ըսէ Մովսէս Կաղանկատուացի։ Եւրոպացիներ՝ Պեղագեանները կ'ուզեն տեսնել այժմեան Ալպանիացիներուն մէջ, մինչդեռ ուրիշներ գաղթականութիւն մը կը համարին զանոնք՝ Գոթաց, Ալանաց եւ այլոց հետ Եւրոպա եկած։ Նախ բնակեցան անոնք Ալվեսնիա գաւառի մէջ, անոր համար Ալվեսնացիք ալ կոչուած են։ (Տես այս վերջին կէտի մասին Բազմավէպ, 1847)

         Մովսէս Կաղանկատացւոյ (1860, Փարիզ, Կ. Վ. Շահնազարեան) հրատարակութեան մէջ Շահնազարեան ընդարձակ ներածութիւն մը կը նուիրէ Աղուաններու ազգաբանութեան։ Եւրոպայի մէջ որչափ Alb սկզբնաւորութեամբ անուններ կան, ըստ հմուտ Շահնազարեանի, Աղուանք բառէն յառաջ եկած են։ Այնպէս որ Անգղիացիք ալ Աղուաններէն յառաջ կու գան ոչ թէ միայն Ալպանիացիները, ինչպէս ցարդ կը կարծուէր, - Անգղիա՝ ի հնումն Albion չէ՞ր կոչուեր Ծ․ Հրտ.  

[11] Գր. Մագիստրոս ստուգաբանութեամբ թէ աւանդութեամբ կ՚ըսէ. «Ո՞ր Հարմայն հոյակապ հիմնարկութիւնս». աստի թուի, ըստ Չամչեան պատմահօր, թէ Հարմա քարակոփ պարսպով պատած ըլլայ զԱրմաւիր, եւ մեծագործ բնակութիւններ շինած հոն եւ դուրսը, որ մեզ անստույգ է կ՚երեւի։