Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.
ԲԱԺԱՆՈՒՄՆ ԱԶԳԱՑ ԵՒ ԼԵԶՈՒԱՑ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՎԻՃԱԿ ՅԱԲԵԹԵԱՆՑ ՄԻՆՉԵՒ Ի ԹՈՐԳՈՄ

      Ազգաց պատմութեան ամենէն հետաքննելի եւ քննագրգիռ խնդիրն ՝ է իրենց ծագման եւ ցեղապետին գիւտն, եւ հնութեամբն ի հարկէ ամենէն մութ եւ եբրայական խնդիրն այլ է․ բայց քանի որ յիշատակարանաց մնացորդք կամ նշաններ գտուին, հնախոյզք եւ մարդապատումք ոչ երբեք պիտի դադրին այդ քննութենէն եւ ի նորանոր կարծեաց, որք եթէ տեղ տեղ քիչ մը լոյս ծագեն, մթութիւնն ալ աւելցընեն ուրիշ մասանց վրայ այդ ընդարձակ ասպարիզին մէջ։ Լեզուաքննութիւնն որ հիմայ իմաստասիրաց գլխաւոր մտադրութեանց մէկն է, եւ պատմական ու արուեստական յիշատակարանաց պակսութիւնը լրացընէ, ազգաց ծագման եւ յարակցութեան յայտարար ծանուցեալ է, արժանապէս, սակայն այդ լեզուած գիտութիւնն կամ քննութիւնն ալ այնքան բազմակնճիռն եւ դիւրախաբ է՝ որ աւելի շատ տարակոյսներ եւ վիճմունք հաներ է այս խնդրոյս մէջ, քան իրական ապացոյց։ Եւ հարկ է խոստովանիլ որ, ի վերայ ամենայն ջանից եւ հետաքննութեանց հնագրաց երկու դարէ ի վեր, դեռ սակաւածանօթեւ զգուշահաւատ է ազգաց ծագման եւ առաջին բնակութեանց եւ գաղթականաց խնդիրն․ եւ ալ աւելի տարակուսական եւ անընդունելի կ’ըլլար՝ եթէ չունենայինք ամենահին Սուրբ Գրոց մէջ գլուխ մը բանի համառօտ, այլ կարեւոր եւ բաւական լուսացայտ ժամանակաց եւ երկրի մթութեան վրայ․ զոր ամէն հին պատմիչ առաջնորդ կ’առնու, այլ ըստ չափու հմտութեան եւ հաստատութեան մտաց մերձենայ կամ հեռանայ ի ճշմարտութենէ։ Մեկնչաց եւ պատմչաց ամենարժենայ գանձ մ’է Ծննդոց Ժ գլուխն, միանգամայն եւ զանազանութեան կարծեաց արձակարան մի, յոր հարկ է հիմայ մեզի այլ մտնել, ոչ միայն մերազգին զեղապետն եւ սկիզբն գտնելու համար, այլ եւ առ ի տեսանել ուրիշ շատ ազգաց ծագումն եւ սփիւռն այլ յայն երկրէն՝ որ եր նահապետին եւ մեզի սեփական եղաւ․զգուշանալով ըստ կարի այսպիսի խնդրոյ մէջ զանազանելու ինչ որ ստոյգ համարիմք ի հաւանականէն եւ ի կարծիականէն։

      Այս կարեւոր խնդիրս իր անհրաժեշտ խնդիրներովը գլխաւորապէս կու դիտէ քննել, թէ արդեօք ամենայն ազգք յերից որդւո՞ց Նոյի սերած են․ ո՞րք յազգաց աւելի կամ պակաս տեղածինք կրնան ըսուիլ, եւ ո՞րք գաղթականք․ ո՞ր յորմէ ծագեր է․ ինչպէ՞ս կրնան զանազան ազգք եւ լեզուք քանի մը գլխաւոր ցեղի կամ տոհմի վերածիլ․ այս ցեղապետքս ուսկի՞ց ելեր են իրենց զանազան տոհմերուն երկիրը երթալու․ ե՞րբ ելեր են իրենց առաջին երկրէն կամ բնակավայրէն․ միանգամա՞յն թէ այլեւայլ ատեն եղած է ազգաց եւ ցեղապետաց չուելն եւ բաժանիլն․ եւ այլ այսպիսի խնդիրներ, որոց շատն մեր նպատակէն հեռացընեն զմեզ, եթէ ուզեմք քննել․ այլ մենք բաւական սեպենք Ս․ Գրոց պատմութեան կարգին հետեւելով նկատել զտեղի, զժամանակ եւ զհնագոյն ցեղապետս ազգաց բաժանելոց եւ զ աշխարհս նոցա ։

      Նոյեան ընտանեաց նախկին բնակարանը տեսանք հաստատ վկայութեամբ Ս․ Գրոց որ էր յԱրարատեան երկրին, ի ստորոտս լերանց Կորդուաց, ուսկից հաւանօրէն շատ զհեռացաւ մեծ նահապետն, եւ ոչ իւր նախաջրհեղեղեան որդիքն իւր կենդանութեան ատեն․ անտարակոյս է որ անկից ցրուեցան առաջին տոհմք եւ գաղթականք ազգաց․ բայց ե՞րբ եւ ո՞ր տարի եղաւ առաջին ցրուիլն ազգաց՝ Ս․ Գիրք յայտնապէս չեն ըսեր, այլ գլխաւոր բաժանման ժամանակը նշանակեն, Սեմայ թոռան թոռնորդւոյն Փաղեկայ ծննդեամբ․ «Եբերայ ծնան երկու որդիք․ անուն միոյն Փաղէկ, զի յաւուրս նորա բաժանեցաւ երկիր»։ Այս ժամանակը գտնելու համար ուրիշ բան պէտք չէ ընել, բայց եթէ գումարել ի սեմայ մինչչեւ յԵբեր նահապետաց տարիքն յառաջ քան զորդէծնութիւնն, որպէս եւ ընեն ամենայն ժամանակագիրք, եւ սակայն ամենեւին, յորս շա տարբերութիւն աննման եւ անմօտ գումար մը կու հանեն, հետեւելով այլեւայլ թարգմանութեանց եւ օրինակաց Ս․ Գրոց, յորս շատ տարբերութիւն կան․ մինչեւ հնգապատիկ զանազանել միջոցին ի ջրհեղեղէն ցՓաղէկ․ որ ըստ այժմու Եբրայերէն բնագրին 100 տարի միայն է, իսկ ըստ Եօթանանից որ զԿայնան նահապետ ալ ընդունին թոռն Սեմայ, 525 կամ 531 տարի է․ եւ ըստ այսմ ազգաց եւ լեզուաց բաժանումն ոմանք միայն 120 կամ 135 տարի յետ ջրհեղեղին կու դնեն, իսկ այլք ինչուան 660 տարի։ կարճ միջոց դնողք՝ որ ի ժամանակս կենաց Նոյի համարին զմեծ բաժանումն մարդկան եւ երկրի, ի հարկէ կը դժուարին այնքան բազմացընելու զմարդիկ՝ մինչեւ եօթանասնի չափ ազգ եւ երկիր բաժանուին, ի վերայ այսր ամենայնի ոմանք նաեւ 120 տարուան միջոց 700, 000էն աւելի ծնունդ գումարեն եւ 60 գունդ կամ տոհմ կրնան բաժնել, իւրաքանչիւր 12000 ոգւով։ Բայց որչափ ալ հաշուի՝ հաւանական չերեւար այդչափ կարճ միջոցի մէջ դնել մարդկան մեծ բաժանումն եւ Բաբելոնի խառնակութիւնն, եւ ազգաց սփռիլն յաշխարհս՝ զորս նշանակէՄովսէս (Ծննդ․ Ժ)․ թէ եւ այս այլ խոստովանելու է որ պէտք չէ ենթադրել թէ մեծ մարգարէին յիշեալ ազգերն ալ միանգամայն մէկ տարւոյ կամ մօտ տարիներու մէջ բաժնուած եւ ցրուած են։ Մենք Եօթանասնից հաշուին հետեւելով մարդկան մեծ ցրուիլն եւ լեզուաց բաժանումն ջրհեղեղէն 5-6 դար յետոյ կը դնեմք, բայց կ’ընդունիմք որ եւ յառաջ քան զայն գաղթականներ ելած էին ի Նոյեան սահմանաց եւ հեռու երկիրներ ալ գնացած, թէպէտեւ հաստատութեամբ չեմք կրնար ցուցընել։ Եթէ ստոյգ են Սեմայ եւ տարբանայ աւանդութիւնքն՝ հետեւի որ Նոյի կենդանութեան ատեն ուրիշ թոռներն ալ ցրուեցան կամ ընդարձակեցին բնակութիւնն իր բնակած տեղւոյն շրջանակները եւ ալ հեռու։ Իսկ յետ իւր մահուան առաջին մեծ բաժանում մը եղած է երկրի, որպէս յառաջ յիշեցինք, եւ հաւանական է որ այն ատեն երեք ցեղապետքն մարդկութեան Յաբեթ, Սեմ եւ Քամ, իրենց որդիքը եւ թոռունքը ղրկեցին կամ տարին երկրիս իրենց ընկած կողմին զանազան աշխարհները․ միշտ անդրանիկներն յառաջադէմ կամ հեռագնաց ըլլալով, այնպէս որ յաջորդաբար կրսեր եղբարք կամ որդիք առաջնոց տեղը բռնեցին․ եւ այս կարգը դիտելու բան է, որ մեր առանձին պատմութեան մէջ ալ յետոյ պիտի տեսնուի Հայկայ սերնդոց ժամանակ։ Այս կամ ասկէ ետեւ եղած բաժանումն է Փաղեկայ ծննդեան ատեն յիշածն ի Ս․ Գրոց, որ է ըստ մեզ յետ իբր 525-530 ամի ջրհեղեղին, եւ իբր 2620 տարի Ն․ Քրիստոս․ յորում մարդիկ այնքան բազմացեալ եւ լցեալ էին արարատեան երկիրը եւ անոր մերձակայ եւ դիւրաբնակ արեւելեան, արեւմտեան եւ հիւսիսային սահմանները, որ ուզեցին բազմութեամբ երթալ դէպ ի հարաւակողման ընդարձակ դաշտերը ծաւալիլ, եւ իջան ի Սենաար կամ Բաբելոնի դաշտագետինը։ Մեր պատմչաց մէկն (Վարդան) ասէ Փաղէկի ատեն բաժանման համար․ «անհաւան լեալ վիճակացն տուելոցն ի Նոյէ՝ վիճէին․ մինչեւ դարձեալ բաժանեցին ըստ բազմին եւ ըստ սակաւուն աճման ազգի մարդկան։ Եւ ապա միաբանեալք ընդ միմեանս սիրով՝ խորհեցան գնալ ընդ արեւելս»։ Ս․ Գիրք եւս յառաջ քանզԲաբելոնեան խառնակութիւնն պատմել, դասեն զբաժանումն կամ զցեղապետութիւն ազգաց ըստ երից որդւոց Նոյի․ յորմէ իմանամք թէ անոնցմէ շատն արդէն ցրուեալ եւ սփռեալ էին հեռաւոր աշխարհներ, եւ ոմանք ի մնացորդացն յԱյրարատ էին գնացողք ի Սենատր․ թէ սոքա եւ թէ առաջինք միանգամայն այդ երից մեծ նահապետաց եւ իրենց որդւոց եւ թոռանց եւ թոռնորդեաց տոհմաթուօք 72 համրուին․ եւ այս է ռամկօրէն 72 ազգ եւ լեզու ըսելն երկրիս բնակչաց։ Այս թուին առանձին համարոյն մէջ ալ զանազանութիւն գտուի ըստ օրինակաց Ս․ Գրոց․ այլ մեծագոյն մասն գրոց եւ մեկնչաց միաբանին թուելու 15 ազգ կամ տոհմ Յաբեթի, 25 Սեմայ, 32 Քամայ․ ըստ ոմանց ցեղապետներն ալ մեկտեղ համրելով, այսինքն զՅաբեթ, զՍեմ եւ զՔամ, եւ ըստ այլոց անոնցմէ զատ․ ըսել է որ որդւոց թուոյն մէջ զանազանութիւն կայ ըստ օրինակաց եւ գրոց, եւ գլխաւորապէս Յաբեթի որդւոց, որ ընհանրապէս 7 կու համարուի, Գոմեր, Մադովդ, Մադայ, Յաւան, Թոբել, Մոսոք, Թիրաս․ բայց ոմանք յաւելուն եւ զՔետիմ եւ զԵլիսա․ այս ետքինս մեր թարգմանութեան մէջ այլ կայ, իսկ առաջինն մեր պատմչաց մէջ․ որք երեւի թէՅաւանայ որդւոց հետ շփոթեն․ վասն զի Յաւանայ չորս որդիք յիշին՝ Ելիսա, Թարսիս, Քետիմ կամ Կիտացիք, եւ Դոդանիմ։ Այս յաբեթական ցեղս մեր պատմութեան կարեւոր գիտելիք է, վասն որոյ պէտք էքիչ մը վերջը նորէն դառնամք ի քննութիւն։ Իսկ Սեմայ ցեղն երկրորդաբար հարկաւոր է․ ասոր ազգապէտք են Սեմայ 5 որդիքն Ելամ, Ասուր, Արփաքսազ, Լուդ, Արամ․ Արամայ 4 որդիքն, Արփաքսադայ թոռան կամ թոռնորդոյն երկու որդիքն, եւ անոնցմէ կրսերոյն 13 որդիքն, որք Սեմաւ հանդերձ կ’ըլլան 25։ Ասոնց վրայ այլ յետոյ տեսութեան դառնաւք։ Իսկ Քամայ ցեղն որ հեռագոյն եւ օտարագոյն է ի մէնջ, բազմաթիւ եւս է քան զեղբարցն՝ գէթ ի ժամանակի բաժանմանն․ եւ են տոհմապետքն 4 որդիքն Քամայ, Քուշ, յորմէ Եթովպացիք, Մեստրիմ՝ յորմէ Եգիպտացիք, Փուդ՝ յորմէ Լիբիացիք կամ մասն մի Եգիպտացւոց եւ Քանան՝ յորմէ Քանանացիք․ 6 որդիք Քաշայ, Սարա, Եւիլա, Սաբաթա, Հռեգմա, որք ի կողմանս Արաբիոյ եւ Պարսից ծոցոյ բնակեցան, Սաբակաթա եւ Նեբրովթ․ որք յիշելի են յետոյ ի պատմութեան մերում․ 2 որդիք Հռեգմայ՝ Սաբա եւ Դեդան կամ Յուդագան, որք յԵրջանիկն Արաբիա ասին բնակեալ․ - 7 որդիք Մեսարեմայ եւ թոռն մի կամ ծագումն միոյ յորդւոցն, որք բոլոր Եթովպիոյ, Եգեպտոսի, Կարմիր ծովու եզերքն բնակեցան․ միայն երկու յետինքն ի նոցանէ Քասղոն եւ Կափթոր մեզ քննելիք են․ եւ 11 որդիք Քանանու․ որք Քամաւ հանդերձ կ’ըլլան 32․ եւ այսպէս ազգք երից ցեղապետութեանց միանգամայն 72։

      Յաբեթի ցեղէն միայն երկու տոհմապետի ծնունդք յիշուին, եւ երկուքն ալ որդիք են նորա․ Քամայ ցեղէն հինգ տոհմապետի ծնունդք յիշուին մինչեւ ցչորրորդ պորտ ի Քամայ․ Սեմայ ցեղէն երեք տոհմապետի ծնունդք յիշուինյորոց մին իջնայ մինչեւ ի վեցերորդ կամ յոթներորդ ազգ ի Սեմայ։ Այսու վկայի պատճառ սակաիութեան Յաբեթայ ցեղին տոհմապետաց, եւ Քամայ բազմութեանն․ այսինքն Մովսէս լռեր եւ չէ յիշեր Յաբեթայ եւ Սեմայ որդւոց այն սերունդքը որ շատ հեռու էին ի սահմանաց Պաղեստինոյ, այլ երկուքին ալ միայն երկու որդւոց ազգերն յիշեր է, որք մերձաւորագոյն եւ ծանոթագոյն էին կամ պիտի ըլլային Հրէից․ իսկ Քամայ ցեղէն աւելի շատ յիշեր է, վասն զի մերձագոյնք եւ սահմանակիցք էին Հրէաստանի․ այսու պատճառաւ Սեմայ ցեղէն ինչուան եօթներորդ ազգը իջեր է, յորդիս Յեկտանայ որդւոյ Եբերայ, վասն զի յԱրաբիա բնակէին նման Քուշայ որդւոց, եւ ազգականութեամբ խնամի էին Հրէից, յԱրփաքսագայ տոհմէն եւ յԵբերայ շառաւիղեալ երկուքն ալ։ Աստի հետեւի որ ազգաց բաժանման ցուցակն երկրիս չափաւոր մասին ցուցակն է, եւ ամէն տոհմապետաց մանր ազգաբանութիւնն յիշեալ չէ․ եւ ոչ միայն երից ցեղապետաց ամէն թոռունքն յիշեալ չեն, այլ եւ ոչ յիշեալ թոռունքն միայն են անոնց թոռունք, եւ ոչ իսկ բովանդակ որդիքն․ գրեթէ անտարակոյս է որ ոչ միայն Յաբէթ, Սեմ եւ Քամ միանգամայն 16-17 որդիէ աւելի, հարիւրաւուր որդիք ունէին, այլ եւ անոնցմէ շատն հաւասար յիշելոցն՝ յառաջ կամ յետոյ երկրիս զանազան մասանց մէջ տոհմապետ եղան իրենց եղբարց հետ կամ առանձինն։ Բայց աւելորդ է մեզ քննել եւ յիշել հնախոյզ պատմութեանց կամ աւանդութեանց մէջ արտաքոյ Ս․ Գրոց յիշեալ որդիքը երից նահապետաց, բայց եթէ մեր պատմութեանն կարեւոր ըլլայ [1] ։

      Դառնանք հիմայ երից ցեղապետութեանց ազգաբաժնին եւ ազգատոհմին, եւ անոնց բաժանման կենդրոնին։ Ազգքն Քամայ Ափրիկիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան եզերքէն ինչուան անոր խորագոյն եւ անծանօթ կողմերն կ’երթան․ բայց Ափրիկոյ սահմանակից Ասիոյ երկիրն ալ տարածուած են ի սկզբան, այսինքն Արաբիոյ արեւմտակողմն ի Պաղեստին, ի կղզիս ինչ Միջերկրականի Ափրիկիոյ մերձաւորս․ Մեստրեմայ երկու յետին որդիքը պիտի յիշէինք, Քասղոն եւ Կափթոր․ առջինին համար ընթեռնումք ի Մովսէս «յորմէ ելին Փղշտացիք», որ վերջինին համար ընթեռնլի է․ վասն զի ուրիշ շատ տեղ Ս․ Գիրք Օրէնք, Բ․ 23․ Երեմիա ԽԷ․ 4․ Ամովս Թ․ 7․) վասն Փղշտացւոց, որ նոյն են ընդ Այլազգեաց, ասեն թէ ելին ի Կափթորայ․ իսկ Կափթոր որ ի մերում թարգմանութեան ի նշանակեալ տեղիսդ Գամիրք թարգմանի, վասն այսորիկ եւ ի բազմաց ըստ ձայնին եւս Կապպադովկիա ճանաչի, յայլոցնախադասի լինել Կիւպրոս կղզի։ Եւ հաւանելի է թէ նախ ազգապետք Յաբեթայ ի տոհմէն Գոմերայ բնակեցան եւ ի Կիպրոս [2], որպէս Կիտացիք որդիք Յաւանայ ի Հռոդոս, յետոյ Կափթոր որդի Մեսարեմայ նաւեց եւ տիրեց Կիւպրոսի, որպէս եղբայր իւր Պտարոսոն՝ Կրետէի․ այն ատեն Կիւպրոսի հին բնակիչք «Գամիրք որ ելեալ էին ի Գամբաց» (ըստ Բ Օրինաց) անցան դիմացի յԱսիոյ արեւմտակողմեան հարաւային ափունքն ուր Քանանու Խեւ որդւոյն ազգը տիրէր, եւ հալածելով եւ ջարդելով զանոնք բնակեցան հոն․ եւ որովհետեւ իրենք միայն էին օտար ազգ մը ի մէջ 11 ազգաց որդւոյն Քանանու՝ կոչեցան Այլազգիք կամ Փղշտացիք [3] այս ետքի անունէն ինչուան հիմայ Պաղեստին կոչի Հրէաստան․ վասն զի բուն այն երկիրը Սեմայ ցեղին բաժին էր եւ Քամեանք բռնութեամբ տիրեր էին, վասն որոյ Հրեայք առաջնորդութեամբ Մովսիսի եւ Յեսուայ եկան մտան հոն եւ իբր 1000 տարի բռնացեալ եւ յափշտակող ազգերը ջարդելով ջնջեցին․ միայն զայլազգիս, զյաբեթեան Փղշտացիները չի կըրցան ջնջելու, այլ եւ շատ հեղ անոնց իշխանութեան տակ ընկան․ եւ յայսմ եւս կատարուեցաւ նախագուշակութիւն Նոյի թէ «Ընդարձակեսցէ Աստուած Յաբեթի, եւ բնակեսցէ ի տան Սեմայ, եւ եղիցի Քանան ծառայ նորա [4] » (Ծն․ Թ․ 27)։ Թերեւս աւելորդ էր զայս յիշել ի խնդիրս Հայոց պատմութեան, բայց երկու մեծ նշանաւոր եւ դիտելի բան կար, մէկ մը երից ցեղապետութեանց այլ այն օրհնեալ Պաղեստինու երկրին վերայ գումարիլն եւ վիճիլն, որ ըստ կրօնական տեսութեան այնքան վեհագոյն եւ աննման երկիր եղաւ, մէկ մ’այլ Յաբեթայ ցեղին հարաւագոյն եւ գրեթէ անբնական սահմանն ըլլալն։ Քասղոնն կամ Քասղոնիեմ Կափթորայ ազգագաւառն ալ ոմանք (Տէլիլ) ընդհակառակն ինչուան ի Կողքիս տանին, որ մեզ եւ բազմաց չէ բնաւ հաւանելի, այլ ըստ ոմանց է յարեեւմտակողմանս Կարմիր ծովու, կամ ի Կիւրենեան երկիր Ափրիկոյ, կամ թէ շատ՝ Լիւկիա [5] հարաւագոյն եզր Փոքր Ասիոյ եւ բաժին Յաբեթայ։ Քամայ ցեղին հիւսիսագոյն երկիրն այլ բռնասահմանն եղաւ Բաբելոն, զոր նուաճեցՆեբրովթ եւ շատ քաղաքներ շինեց անոր սահմանները, յԱսորեստան եւ ի Միջագետս, որք բնական բաժին էին Ասուրայ որդւոյ Սեմայ եւ քեռւոյ Նեբրովթայ, զոր եւ յետոյ պիտի յիշեմք։ Հոս նշանակեալ միայն ուզեմք որ Սեմայ ցեղին այլ հիւսիսագոյն կալուածն Ասորեստանի, Միջագետաց եւ Կորդուացգիծն է։ Նոյն ինքն Սեմ ըստ աւանդութեան մեր նախնեաց ( Խոր․ Ա․ Զ) եւ արեւելեայց, բնակեցաւ ի Զարեւանդ գաւառի Պարսկահայոց, որ եւ իր անուամբն (Զրուան) կոչե ցաւ․ եւ է գրեթէ անմիջապէս հիւսիսոյ յարեւելից առաջին բնակութեան Նոյեանց եւ մօտագոյն քան զՏարօն, ուր նախ բնակեցաւ ընդ արեւմուտս հիւսիսոյ։ Այս այլ կու ստուգէ այն հին նահապետական բնակավայրին տեղն եւ երից ցեղապետաց արձակարանն։ Իսկ հարաւագոյն գիծ Սեմեանց ինչուան Արաբիոյ հարաւակողմն եւ Պարսից ծոցոյն եզերքն կ’երթայ, ուր որ Ելամ ազգապետեց․ անոր բաժնէն ինչուան Տաւրոս եւ Կորդուաց լեռները՝ Եփրատայ եւ Տիգրիսի ցած եւ ընդարձակ հովտաց մէջ ծաւալեցաւ Ասսուր բռնաբարեալ ի Քուշայ տոհմից․ իսկ Արփաքսադ տոհմապետ Քաղդէացւոց եւ Հրէից՝ Նոյեան տան բնիկ սահմաններն ժառանգեր էր, իբրեւ ուղիղ կամ ընտրեալ պայազատ Սեմեան․ միւս եղբայրնին Արամ՝ Միջագետաց վերին կողմն եւ յերկիրն Ասորւոց սփռեցաւ իր չորս որդւովքն, մինչեւ ի կողմանս Արաբիոյ եւ Պաղեստինեայ․ հիւսիսագոյն սահման որդւոցն է ի Մոսոքայն կամ Մէշայ Մասիոս լերանց կողմերն, որ է Գարաճա տաղլար Տիարպէքիրու մօտ․ իսկ Եմուղ կամ Հուլ որդին Արամայ ըստ Յովսեպոսի աւելի վեր դէպ հիւսիս բնակեցաւ ի Հայաստան [6] ։ Սեմայ հինգերորդ որդին Լուդ, ինչուան Փոքր Ասիոյ Լիւդիոյ կողմերը տարածեցաւ հաւանօրէն․ եւ անշուշտ անոր սերունդքն են Սպիտակ-Ասորիք Լեւգոսիրիի անուանեալքն ի հին աշխարհագրաց Յունաց ի Փոքր Ասիա․ թէպէտ ոմանք Մեծրեմայ Լուդեմայ Լուդեմ որդւոյն համարին զԼիւդիա, բայց հաւանագոյն է թէ նա զկողմանս Եթովպիոյ ժառանգեց։ Ի վերայ այսր ամենայնի կ’երեւայ թէ երից նահապետաց տոհմերէն ոմանք յարեւելից յարեւմուտս խաղալով, ըստ Ս․ Գրոց յառաջեր են Փոքր Ասիոյ հարաւակողմերը իբրեւ իրենց բաժնին սահմանածայր, Քամայ ընդ հիւսիս, Սեմայ ընդ արեւմուտս, Յաբեթայ ընդ հարաւ արեւելս։

      Քամայ եւ Սեմայ սահմանաբաժին գիծը ցոյց տայ Յաբեթայ բաժնին այլ հարաւային գծին, որուն արեւմտեանը ինչուան Ասիոյ եւ Եւրոպիոյ արեւմտագոյն եզերքը, եւ Միջերկրական եւ Ատլանդեան համատարած ծովուց մէջ անհետանան, հիւսիսայինն Եւրոպիոյ եւԱսիոյ Սարմատական եւ Սկիւթական անապատաց մէջ կորսուին, իսկ արեւելեանն ալ նոյն Սկիւթիոյ եւ Թաթարաց ընդարձակ խոպաններուն մէջ ծածկին․ ծանօթագոյն մնալով միայն հարաւամասնն, որ անմիջապէս Քամայ եւ Սեմայ բաժնին հպելով ցուցանէ մեզ նախ զՀայաստան արձակարան ազգաց երից ցեղապետութեանց, եւ ապասեփականութիւն Յաբեթեան․ որոյ հարաւագոյն արեւելեանն ծանօթ եւ յիշեալ ազգաբաժինն է Մարաց աշխարհն կամ կալուածն Մագայի երրորդ որդւոց ցեղապետին, որ հնագոյն ժամանակէ ի վեր դրակից եւ գիտակից եղած է Հայոց աշխարհւն․  Մարաց աշխարհէն անշուշտ անցած են սերունդք տոհմապետին յաշխարհս Պարսից եւ Պարթեւաց եւ վերին Հնդկաց, մինչ ստորին Հնդիկք կրնան ի Սեմեանց այլ սերիլ․ Մադովդ որդին ճանաչի տոհմապետ Կովկասեանց եւ Սկիւթացւոց յայնկոյս Կովկասու․ ըստ ոմանց եւ Սարմատացւոց եւ Գոթաց եւ նաեւ Գաղատաց․ բայց իրնախաբնակ երկիրն համարի Հայոց եւ Վրաց մէջ Գուգարաց նահանգն։ Յիշելու է որ յազգութիւն Գովդ առանձին չի գրուիր այլ Մադովդ միայն, բայց մարգարէք Գովդ եւ Մադովդ միաբան յիշեն, եւ ըստ Եզեկիէլի Գովդ անուանի իշխանն եւ Մադովդ երկիր նորա․ արեւելեայք Աճուճ Մաճուճ անուանեն զսոսա եւ համարին յայնկոյս Տէրպէնտի․ Թոբէլի որդի Յաբեթայ ազգն եւ գաւառն շատ կարծեօք զանազանի, մինչեւ յԻբերիա եւ ի Սպանիա ձգելով, եւ յԻտալիա․ ըստ ոմանց է Պոնտոսի եզերքը Տիբարեան ժողովրդեան տեղն․ ըստ մերոց պատմչաց Թոբել Թետալաց նախահայր է, որ է սկիւթական կամ թաթար ժողովուրդ մը, եւ Մովսէս Կաղանկատուեցի Թոբելական աղգ եւ իշխան կոչէ զՀոնս կամ զազգակիցս նոցա․ ըստ ոմանց եւս Վրաց մայրաքաղաք Տփխիս, Թպիլիսի․ (հաւանօրէն ջերմաջրոց համար) ի Թոբելայ անուանեալ է․ գուցէ այն կողմերը նախ բնակելն անհաւան չէ, եթէ Մադովդ բնակեցաւ ի Գուգարս, եւ միւս եղբայր նոցա Մոսոք նախ ի Մեսխո կամ ի Սամցխէ եւ ի Մոսքիկեան լեռնակողմանս․ եւ ապա ի սահմանս Մոսկովաց, որք նշանակին յանուն Ռովս-Մոսոքեան իշխանին զոր Եզեկիէլ մարգարէ յիշէ ըստ վերոգրելոցդ․ (ԼԲ․ 26) իսկ ոմանք յարեւելից յարեւմուտս դարձուցեալ զՄոսոք համարին համարին հայր Լիւրիկեցոց, թերեւս լաւ եւս՝ Միւսացոց․ վասն զի եւ միւս եղբայր որպէս Թիրաս տոհմապետ ճանաչի Թրակացւոց որք յարեւելեան հարաւային ծայր Եւրոպիոյ․ որոց մերձաւոր Մակեդոնացիք սերունդք ասին Քետիմայ միւս եղբօրն․ բայց լաւ եւս որդւոյ եղբօր նորա Յաւանայ, որոյ ազգք Կիտացի կոչի ի Ս․ Գիրս մեր, եւ ազգահայրն անշուշտ Կիտ անուանելի․ ըստ ոմանց ի սմանէ են եւ լատինք եւ Կիւպրացիք․ իսկ ի Դոդանայ միւս որւոց Յաւանայ՝ ըստ ոմանց Հռոդացիք ըստ այլոց Դոդոն Յունաց, կամ Դարդանենք [7] ․— Թարսիս եղբայր նոցա հաւանօրէն հայր է Տարսոնացւոց Կիւլիկիոյ, եւ ըստ ոմանց Տիւռենացւոց եւ Եարուրաց իսկ․ միւս երէց եղբայր նոցա Ելիսա՝ հայր Հելլենաց կամ Ելիսացւոց Յունաստանի, ըստ մերոց ոմանց՝ եւ Սիկիլիացւոց․ եւ ինքն Յաւան կամ Յօն, որպէս եւ միջին որդի Յաբեթի՝ հայր Յոնիացւոց Փոքր Ասիոյ եւ Յունաց որք անցան ի կղզիս։ Յորդւոց Յաւանայ «մեկնեցան կղզիք ազգաց յերկրի իւրեանց», ըստ Ս․ Գրոց․ (Ծն․ Ժ․ 5)։ Յետ ամենեցուն թողուցինք զյառաջադէմն ամենեցուն եւ զնախակարգեալ ի Ս․ Գրոց զԳամեր անդրանիկ Յաբեթի անդրանկան Նոյի, որոյ նախավայր բնակութեան պէտք էր ըլլալ ընդդիմակողմն բնակութեան Արփաքսադայ ընդ հիւսիս որպէս եւ Քամայ յանդուգն պայազատն անոր հարաւային ընդդիմակողմն գրաւեց․ արդ Արփաքսադայ կամ Կորդուաց հիւսիսակողմն է Մոկաց երկիրն մինչեւ ի Վանայ Ծով․ եւ յերկրի անդ Մոկաց ծանօթ է մինչեւ ցայժմ Գոմեր գիւղ․ որ թէ եւ չըլլայ յանուն ազգապետին Գոմերայ յաբեթեան, անտարակոյս է անոր նախ ի Հայս բնակելն եւ միջնաշխարհին Հայոց, եւ կամաց կամաց ընդ արեւմուտս հիւսիսոյ երթալն․ Դարանաղեաց եւ Բաբերդու կողմերն ալ կան Գոմեր անուն տեղիք [8] եւ վտակք․ յորոց անշուշտ անցաւ նա ի Փոքր Ասիա, եւ յերկար բնակութեամբն Գամիրք անուանեցաւ եւ միջնաշխարհ նորին որ յարտաքնոց Կապպադովկիա կոչի։ Ի Գոմերայ են եւ Փռիւգացիք, որք եւ յԵրոդոտէ ազգակիցք համարէին Հաոց․ դարձեալ ի Գոմերայ ճանաչին եւ Գաղտտք, ոչ ասիացիքն միայն, այլ եւ Եւրոպէացիք Կելաք եւ Կիմբրացիք, կամ Կիւսրիք, որք մինչեւ ցայժմ ճանաչին յ’Ուէյլզ կղզի Անգղիոյ․ ընդ Սեաւ ծով նայելո՞վ թէ եզերքը ոլորելով հասաւ Գոմեր մինչեւ ի սիրտ Եւրոպիոյ, աւելորդ է մեզի քննել։ Իւր ճամբան բռնեց բնաբար եւ իր անդրանիկն Ասքանազ, որ նախ իր հօրը տունը բռնեց ի միջին Հայս․ վասն որոյ ոչ միայն Քրիստոսէ վեց դար առաջ մարգարէն Երեմիա ընդ Արարատեան գնդին եւ Մինեայ յիշէ զԱսքանազեան թագաւորութիւնս, այլ եւ անկէ 1000 տարի վերջը ընդ աւագագահ բարձ Հայոց դասէր Ասքանազեան [9] տոհմին պայազատն, եւ պատմիչք մեր իբրեւ համանիշն, Հայաստանեայց տան զայս անուն․եւ ըստ վկայութեան Յովհ․ կաթողիկոսի «Նախ Ասքանազ իսկ էր յիւր անուն սահմանեալ զմերազնեայս»․ յետոյ հօրը հետեւելով Պոնտոսի կողմերը գնաց եւ հաւանօրէն այն խեռ ծովուն ձգեց իր անունը, զոր Յոյնք ծռելով եւ ըստ կամի ստուգաբանելով Եւքսինոս եւ Աքսինոս կոչեցին իբրեւ հիւրընկալ եւ անհիւրընկալ․ զինքն այլ ոմանք Փռիւգացւոց [10] նախահայր համարին, ըսել է որ հոն ալ հօրը տեղը բռնած ըլլալով․ եւ բազումք՝ հայր Գերմանացւոց եւ Սարմատացւոց, եւ բնակչաց յեզերս Ազախու․ սաքսոնացիք այլ հին երգոց մէջ իրենց առաջին թագաւորն անուանեն Ասկանիոս [11] ։ Սակայն ինչպէս Գոմերայ անունն մնաց Գամրաց վրայ, Ասքանազայ այլ բնագաւառս սեպելու է անոր արեւմտակողմը եւ հիւսիսակողմը։ Րիփար եղբայր Ասքանազայ ըստ ոմանց (Փրեկուլփ) հայր է Պափլագոնացւոց, որ են մերձակիցք Փռիւգաց եւ գամրաց, եւ յետոյ հայր Սաւրոմատաց, եւ Րիփեանց, եւ Փռանկաց անգամ կ’անուանի․ զոր թողլով ի քննութիւն տեղացեաց, հաւանական սեպեմք որինքն ալ զհետ հօրն եւ երիցու եղբօրն երթալով առ ժամանակ մի ի Հայս բնակած պիտի ըլլայ, թէ եւ բնաւ չյիշուիր անունը ի հայս, բայց եթէ պահանջող մը ըլլայ՝ տամք իրեն Նպատ անունը որ Նիփատ անուանի յօտարաց, եթէ ընդունի Ր—Ն տառից հին լծորդութիւնը [12] ։ Հուսկ յետոյ գայ Թորգոմա կրսեր որդի Գոմերայ, Թոկարմա կոչեցեալ ըստ Հրէից եւ այլոց ազգաց, զոր Յովսեպոս եւ այլք ոմանք ասեն հայր Փռիւգաց եւ Կապպադովկացւոց, Հրեայք եւ Քաղդեայք՝ հայր Գերմանացւոց, եւ ոմանք Թուրքաց, իսկ բազմագոյնք Հայոց․ Եզեկիէլ մարգարէ յիշէ «զտունն Թորգոմայն ի ծագաց հիւսիսոյ» զոյգ ընդ Գոմերայ եւ որ շուրջ են զնովաւ․ իսկ մեր հեղինակաց եւ հին պատմչաց մէջ Տուն Թորգոմայ կամ Արամայ եւ Հայաստան ըսելն անզանազան է, եւ աւելի քան զԱսքանազ ստէպ յիշատակեալ․ յայտ ուրեմն է զի Թորգոմ յետ նորա եւ յետ Գոմերայ բնակեցաւ ի Հայս ընդերկար․ եւ թերեւս յետոյ գնաց ընդ հարցն կամ յարեւմուտս ի Փոքր Հայս, եւ կամ յարեւելս յայնկոյս Կազբից ծովու, եւ հայր եղաւ Թիւրքմենաց․ վասն զի իրենք ալ զյաբեթեանն Թորգոմ ճանաչեն նախահայր իւրեանց, եւ անունն իսկ այնպէս լսել տայ․ եւ իբր հին աւանդութեամբ զՀայս անուանեն հօրեղբօրորդիս իւրեանց։ Իսկ Աֆղանք, զորս ոմանք յԱղուանից կարծեցին ծագեալ, համառօտելով զազգաբանութիւնն ասեն, Յաբեթի երեք որդիք էին, Արմէն, Աֆղան եւ Կարդուէլ․ յառաջնոյն զՀայս, յերկրորդէն զինքեանս, յերրորդէն զՎիրս ցուցանելով [13] ։ Հաւանական նաեւ ի պատմութեանց մերոց եւ Վրաց վկայեալ է որ Թորգոմ այլ յետ ընդ երկար բնակութեան ի Հայս, թողուց զայն անդրանկան իւրում Հայկայ Ժառանգութիւնն, եւ մէկայլ եօթմ որդւոցն ժառանգեցուց զԿովկաս եւ զարեւելս մինչեւ ի Կազբից ծով եւ ի սահմանս որդւոց Մադայի, այսինքն Մարաց։ Այս բաներս թողումք քննել յետոյ, վասն զի հոս վերջանայ Ս․ Գրոց ազգութիւն եւ բաժանումն աշխարհաց։

      Ս․ Գիրք յետ թուելոյ առանձինն երեք ցեղապետաց ազգահամարն այլ՝ ասէ իւրաքանչիւրոյ համար թէ սոքա են սերունդք նոցա զանազանեալք կամ բաժանեալք յազգս, յաշխարհս, ի տոհմս եւ ի լեզուս․ եւ դարձալ յետ ամենեցուն միանգամայն վկայէ թէ «Ի սոցանէ սփռեցան կղզիք ազգաց ի վերայ երկրի յետ ջրհեղեղին»․ որպէս թէ ցրելով զկարծիս եւ զտարակոյս նոցա՝ որք համարին թէ հեռաւոր կղզեաց եւ ովկիական կողմանց բնակիչքն նախաջրհեղեղեան մարդկան սերունդք ըլլան։ Լեզուօք զանազանութիւնն յայտնապէս ցուցանէ զի յետ Բաբելոնեան չուոյն եւ խառնակութեանն եղաւ գլխաւոր բաժանումն ազգացս․ սակայն որպէս յառաջ ըսինք հաւանական է որ անոնցմէ զատ անյիշատակ տոհմապետք այլելեր ւ հեռացեր էին ընդ արեւելս եւ ընդ հիւսիս, յորդւոց Սեմայ եւ յաբեթի։ Բայց մեծագոյն կամ գլխաւոր մասն պայազատաց երից նահապետացն դեռ մէկմէկէ քիչ հեռի սփռած բնակէին անոնց նախկին բնակարանին եւ թերեւս յետին քնարանին ալ մօտ, Հայատաւրոս լերանց երկու կողմը, եւ որպէս թուի Պարսկահայոց եւ Ատրպատականի կողմերն ալ, մինչեւ նախաջրհեղեղեան տունն ալ անհետացաւ մահուամբ, յորոց միայն Սեմայ կենաց թիւն յիշի 502 տարի ձգեալ յետ ջրհեղեղին․ իսկ ի ծննդոց նոցա երկարագոյն կեանք յիշի Արփաքսադայ որդւոց Նոյի 535 տարի։ Այս տոհմապետս Սեմայ եւ հաւանօրէն Նոյեան բնատեղին ժառանգեր էր, վասն զի Սեմայ ուղիղ նուիրական պայազատն ճանաչի ի Ս․ Գրոց, եւ հայր Քաղդէացւոց, որոց բնաշխարհն հիմայ վկայի եւ ի գիտնոց լինել ի սահմանս անդ Կորճայից, ուր եւ արտաքին հեղինակք (Յոյնք) դնեն գաւառմի Ասապաքիդիս անուն, զոր այժմեան քննիչք [14] մերձաձայն գտանեն անուան Արփաքսադայ, որպէս եւ Քաստիմայ՝ որ է ըստ Եբրայեցւոց անուն Քաղդէացւոց․ Արփաքսադայ կենաց յետին տարիներն եւ իր թոռան թոռին առաջին տարիներն՝ հանդիպեցաւ մարդկութեան նշանագոյն դիպուածոց մէկն, եւ թերեւս առաջինն յետ ջրհեղեղին, այսինքն անոնց մեծ բազմութեամբելլալն յիշեալ նախաբնակութենէ եւ խաղալն դէպ յարեւմուտս եւ ի հարաւ՝ ընդարձակ սահմաններ բնտռելու եւ բնակելու մինչ դեռ եւս ըստ Ս․ Գրոց վկայութեան, «էր ամենայն երկիր լեզու մի եւ բարբառ մի ամենեցուն»։ Ի՞նչ էր պատճառ չուոյ այս համաշխարհական գաղթականին եւ ուսկի՞ց ո՞ւր դիմած եւ դիտած, չըսեր Ս․ Գիրք․ բայց միայն զի «Եւ եղեւ ի խաղալն նոցա յարեւելից՝ գտին դաշտ մի յերկրին Սենաար, եւ բնակեցան անդ»։ Բնակած տեղերնին յայտնի ըլլալով՝ ի սահմանս Բաբելոնի, ելածկողմերնին ալ՝ ոմանք անոր արեւելքէն կու բնտռեն, Ս․ Գրոց ըսածին յարմարագոյն սեպելով․ սակայն մեք յառաջագոյն ալ տեսանք՝ որ արեւելք ի Դիրս Մովսիսի ի սկզբան պատմութեանց իմացուի ամենայն Եփրատայ արեւելակողմն, նկատմամբ Պաղեստինեայ, որով Կորճայից երկրին նշանակութիւնն ամենեւին չի վնասիր․ մանաւանդ թէ բազմութեան ազգաց գնացած եւ բնակած կողմերը դիտելու ըլլանք՝ ամենայն հարկաւ պէտք է ըսել վասն մեծ գաղթականին խաղալ յարեւելից յարեւմուտս։ Վասն զի ազգաց հաստատուն եաղը բաժանման գիծը դիտելով եւ անոնց զանազան ընտրած կողմերը քննելով, կու տեսնեմք յայտնապէս որ յիշեալ 72 ազգաց երեք քառորդէն աւելին այն տեղւոյն արեւմուտքը գացեր են, եւ միայն սակաւաթիւ տոհմք ընդ հարաւ կամ ընդ հիւսիս․ եւ ասով միանգամ եւս հաստատի Հայաստանի ազգաց նախավայր եւ արձակարան ըլլալն․ եւ բնական հաւաքարան եւ կենդրոն, յորմէ շառաւիղեցան ամենայն նահապետք ազգաց եւ հին ժողովուրդք, որք յետոյ եւ այլուր բաժանեցան յազգս եւ լեզուս բազմապատիկս, եւ գլխաւորապէս ի Բաբելոն, որ է ամենայնիւ հակառակն Հայաստանի, արտակենդրոն, բաժանարան եւ խառնակարան։ Ժ Հայաստանէն ի Բաբելոն գալու համար շիտակ դէպ ի հարաւ իջնալու է․ բայց Կորդուաց ահեղ լեռներն ի հարկէ այդ ուղղութիւնը չէին թողուր այնպիսի բազմախումբ կարաւանի մը, որ ընդարձակութեան եւ դիւրութեան կարօտէր․ եւ հաւանօրէն նախ արեւելեան Տիգրիսի առաջքը բռնած ապա բուն գլխաւոր ընթացքին եզերքը առած իջան ի Սենատր․ եւ ըստ այսմ եւս ի դէպ գայ անոնց յարեւելից խաղալուն յարեւմուտս․ եւ անտի դարձեալ դառնալն եւ ընդ հարաւ արեւելք։

      Սենաարայ դաշտին մէջ մարդկան բնակութիւնն, որ հաւանօրէն երկայն տարիներ տեւեց, եւ հոն առաջին մեծագործ շինութիւնն, Բաբելոնի քաղաքն եւ աշտարակն, եւ անոր կործանումն աստուածային զօրութեամբ, եւ պատուհաս մեծամիտ ձեռնարկութեան մարդկանն՝ լեզուաց խառնակմամբ, ընդհանուր պատմութեան յառաջաբանութեան մէջ ծանրակշիռ նիւթ մ’են իմաստասէր քննութեան, սակայն մասնաւոր ասգային պատմութեան չեն վերաբերիր։ Շատ ըլլայ մեզի միանգամ եւս ընթեռնուլն զյետին տուն այնր պատմութեան Ս․ Գրոց, որով աւարտէ հրաշագոյնն վիպագրաց մեծն Մովսէս զհամառօտութիւն ընդհանուր պատմութեան սկզբան մարդկան եւ ազանց, եւ անցնի ի մասնաւոր պատմութիւն Փաղեկայ տոհմին։ «Անդ խառնակեաց տէր Աստուած զլեզուս ամենայն երկրի, եւ անտի ցրուեաց զնոսա Տէր Աստուած ընդ երեսսամենայն երկրի»։

      Այսպէս ուրեմն ազգաց պատմութիւն, որ է ըսել սկիզբն քաղաքական կենաց նոցա սկսի խառնակութեամբ, անհամաձյնութեամբ, բաժանմամբք, կռուօք եւ պատերազմօք, իրենց առաջին իջեւանին մէջ (Բաբելոն) յետ ելլալու ի նահապետական երկրէն Արարադայ, որ մարդկութեան կրկին երջանկագոյն ժամանակաց ասպնջական եղած էր, այն զոր բանաստեղծք ոսկեղէն եւ արծաթեղէն դարուց անուամբք նշանակեցին, եւ որովք եդեմական եւ Նոյեան դարերն պէտք է իմանալ․ այս երկրորդ դարն Նոյեան, իրաւամբք կրնայ ըսուիլ արծաթի եւ դեռ երջանիկ, վասն զի ընդհանրապէս խաղաղութիւն եւ համաձայնութիւն տիրած երեւայ, տանուտիրական իշխանութեամբնահապետական պայազատաց, որուն վկայութիւնն այլ կարեմք համարիլ Ս․ Գրոց ըսելն, թէ էր ամենայն երկիր լեզու մի եւ բարբառ մի ամենեցուն, ցորչափ ի կենդրոնի անդ բնակութեան նահապետացն կէին, որ յետ բաժանմանն սեփականեցաւ Թորգոմայ եւ Հայոց։



[1]       Քերովբէ ոմն մեր վարդապետ հին՝ յիշէ աւանդութեամբ գալստեան ճառի) թէ Քամ ունէր եւ այլ որդի մի Քվակ անուն, յորմէ եղեն որդիք Գայի, Քաղա եւ Երեքոյ, որք շինեցին զհամանուն քաղաքսն ի Պաղեստին

[2] Կամ գուցէ սերունդք Քամայ բռնաբնակք ի կողմանս

         Գամրաց եւ անտի ի կղզին եկեալ կամ՝ վարեալք գուցէ յԱրամայ հալածեալ Պայապիսն

[3]       Առ Աբրահամաւ յիշին Փղշտացիք. ուրեմն յառաջ քան զնա եկեալք

[4]       Ոմանք զԿրետէ ասեն Կափթորայ երկիր, եւ այլք զԿոպտոս կղզի Նիւղոսի. եւ պէսպէս մեկնեն զբանս Ս. Գրոց, ուր յիշին Կափթոր կամ՝ Փղշտացիք

[5]       Բիւզանդացիք եւ Հայ պատմիչք ասեն Լիւկիա

[6]       Հուս ի կողմանս Լիբանանու կամ Դամասկոսի, որոյ եւ շինող ասի: Գադեր ըստ Սիւնկելեայ հայր է Արմենեաց բայց ոչ զՀայս իմանայ այսու անուամբ։

[7]       Զի պարտ է Ռոդանիմ ընթեռնուլ զԴոդանիմն Եբրայ. ի Ծննդ. Թ. Դ. քանզի եւ Դոդանիմ գրի ի մնացորդսն. իսկ Ամրացին եւ ի Յուն Ռոդնիմ ասէ

[8]       Զորս այժմ տաճիկք Քէօմիւր անուանեն։

[9]       Մ. Նիպուր (135) ի բանի աստ զՄարս իմանայ յանուն Ասքանազայ։ 

[10]     Գտանին դրամք լուսնի դից փռիւգագդակ, գրութեամբս MHN AΣKANOΣ (լուսին ասքանազեան)։

         Հ. Ալիշան Հին հաւատք Հայոց գրութեան մէջ, (Վենետիկ, 1875 յէջ 101–102) ընդարձակօրէն կը խօսի փռիւգական սոյն աստուծոյն վրայ, դնելով նաեւ զպատկեր փռիւգագդակ լուսնին։ 

         Պոնտոսի եւ Վրաստանի մէջ Փաuնակ կը կոչուէր անձնաւորեալ լուսինը։ (Տես անդ, յէջ 102)։  Ծ. Հրտ

[11]     Վիվ. Ս. Մարդ. Ա. 170. Բենիամ. Դուտել. ասեն տեսեալ ի Դամասկոս զազդր հսկայի 9 թիզ (սպանիակ. ) երկայն եւ զլայն, եւ արձանագիր գերեզմանին Ազքանազ թագաւոր հզօր ի վերայ ամենայն երկրի․ 

[12]     Ըստ այսմ եւ Թմանիք ութից Նոյեանց թուի ինձ կոչեցեալն ի մէնջ Տմորիք։ Հմմտ. Սանեսան = Սարեսան։ 

[13]     Hanway. Beschreib. Persien. 19. (Պրոսէ Ա. 16)

[14]     Ըստ Նիպուրայ եւ այժմեան անուն Պohդանայ զնոյն արտաբերէ։