Բ.
ՑԱՅԳ
ԱՐՏԱԴՐԱԽՏԻԿ
ՆԱՀԱՊԵՏՔ
Ի
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԴՐԱԽՏԻՆ
յիշատակք
եւ
դիպուածք
դարձեալ
մեր
ուշը
գրաւեն,
բայց
այգերնիս
ի
ցայգ
փոխուի․
փոխուի
մեր
եղանակն
ալ,
եւ
կարճատեւ
երանութեան
վիճակիս
կու
յաջորդէ
թշուառութիւն
անվերջ․
Ոչ
եւս
մարդ
ընդ
Աստուծոյ
կամ
հրեշտակի
կենցաղակից՝
Ընդ
հիւրս
իւր,
որ
ընտանիք
եւ
մարդասէրք
էին
սովոր
Գալ
բազմել
ընդ
իւր
հանգոյն
ընդ
մըտերիմ
բարեկամի,
Եւ
լինել
վայրի
ճաշոյն
իւրում
հաղորդ
սեղանակից,
Անպարսաւ
շնորհելով
անդէն
նըմին
խօսել
անմեղս։
Հարկ
է
ինձ
այսուհետեւ
փոխել
ի
ձայն
ողբերգական
Ի
մարդոյն
կողմանէ՝
նախատակօծ
խենթ
ու
կասկած,
Հեստանք
ուխտանենգ
եւ
խեռութիւն
վըտարանջող։
Իսկ
յերկնից
ի
կողմանէն՝
աստ
առ
տեղեաւս
խորթացելոյ՝
Օտարութիւն,
գառնութիւն,
ցասումն
արդար
եւ
պատուհաս,
Եւ
դատակնիք՝
որ
զաղետից
խուռն
խուժան
եմոյծ
յաշխարհ,
ԸզՄեղս
եւ
զչարաշուք
ըստուեր
նորա
մըթին՝
ըզՄահ,
Եւ
զաղցաւոր
տառապանս՝
ըզկարապետըս
ժանտ
մահուն։
Մեր
նախածնողաց
երջանկութեան
վերայ
վաւեր
եւ
անվաւեր
քիչ
յիշատակք,
իսկ
դժբաղդութեանն
վերայ
կան
շատ
աւելի
յորոց
իբրեւ
ազգային
զնախ
յիշեալ
Եպիփանու
զրոյցն
ի
մէջ
առնումք․
«Յերրորդում
ժամու
չորեքշաբաթին
երրորդի,
եկեալ
առանց
իրիք
պատճառի
սատանայ
…
եւ
գտեալ
զԵւա
յեզր
դրախտին
եւ
յարտաքին
բոլորին,
եւ
սկսաւ
պատերազմել
…
Եւ
շրջէր
Եւա
փառաւորելով
զԱստուած
յեօթներորդ
եզր
պարունակին
աստուածատունկ
ազգի
ազգի
ծառոցն
գեղեցկատեսիլ
քաղցրաճաշակ
եւ
բարեհամ,
այլ
եւ
եօթնագոյն
վայելուչ
շարամանեալ
առ
տեսութիւն
հայեցողացն
…
Եւ
գտեալ
զնա
թշնամին
միայնակ՝
խօսի
ընդ
նմա
միայն
բերանով
օձին
անիծելոյ
…
Իբրեւ
լուաւ
նախամայրն
զնենգաւոր
եւ
զմահացու
բանս,
որ
ծածկեալ
էր
աստուածային
անուամբն՝
լինիջիք
իբրեւ
զԱստուած
ճանաչել
զբարի
եւ
զչար,
աստուածութեան
փառաց
ցանկանալով
առ
ժամայն՝
որպէս
ի
մտաց
անկեալ
եղեւ
այլ
յայնչափ
խնդութենէն
հատեալ
եղեւ
սիրտն
զհետ
անհաս
խորհրդոյն․
ուստի
եւ
ամենայն
բնութիւն
արարածոց
գիտացեալ
թէ
հաւանեցաւ
առնել
զզկամս
խաբողին,
(վասն
զի
դեռ
եւս
միաւորէր
Արարիչն
ընդ
արարածս,
զի
չեւ
էր
տակաւին
անիծեալ
առ
ի
նմանէ)․
եւ
ամենեքեան
առհասարակ
հեծեծելով
երկնեցին՝
հառաչս
ի
վեր
առ
արարիչն
առաքելով
…
Լուսինն
որ
լի
էր
լրմամբ
ի
լոյս
…
ունայնացեալ
եղեւ
առ
ժամայն
ի
քաղցրահայեաց
լուսոյն
եւ
նսեմացաւ,
սակայն
զբոլորակն
ամբողջ
պահելով,
եւ
այն
էր
փուլ
առաջին
․․․
[1]
»։
Երանազուրկ
նախածնողաց
առաջին
զգալի
փոփոխութիւնն
ըստ
բազմաց
կարծեաց
է
զրկումն
յարտաքին
լուսափայլութենէ
մը
որ
իւրեանց
անմեղութեան
զգեստն
էր․
յայս
միտս
ասէ
մեր
շնորհալի
հոգերգուն
վասն
նոցա
Յորում
ցընծայր
զուարճացեալ
անտխրական
խընդութեամբ,
Քանզի
զԱստուած
տեսանէր
միշտ
խոնարհեալ
ի
դրախտին,
Յորմէ՝
զլուսոյն
ճառագայթ
տըպաւորէր
ի
յինքեան։
․․․
Ի
տիպ
պատմուճանին
առաջնոյ
Որով
պճնեալ
զարդարիւր
ի
փառըս
մարդն
առաջին
Դարձեալ
հնագոյն
երգիչն․
«Լոյսն
ի
հօրէ
լուսոյ
ծագեալ
Լուսափայլ
զարդարեաց
զԱդամ
ի
դրախտին
եդեալ
անմահ
տնկոցն
երկրագործ։
…
Իսկ
պատրանօք
բանսարկուին
ի
դրախտէն
արտաքս
անկեալ
Ի
յաւէժ
կենդանութենէն,
մահառիթ
պազով
մեռեալն
Մերկացաւ
ըզփառս
անըստուեր
լուսոյն։
Փոխանակ
փառապանծ
լուսոյ՝
ամօթոյ
սեւութիւն
կու
պատէ
զմեղուցեալ
նախածնողս․
փոխանակ
երանական
զգացմանց
խիղճ
եւ
երկիւղ
տագնապէն
զյանցաւոր
սիրասն․
արտաքին
կերպարանաց
ծածկոյթ
առնուն
կարելով
զտերեւս
թզենւոյ,
(որ
եւցուցանէ
զբարեխառնութիւն
կլիմայի
երկրին
յայնժամ,
ուր
հիմայ
չի
գտուիր
այս
ծառս)
իսկ
ներքնոյն
ոչ
ինչ
գտանեն
պաշտպանութիւն,
մինչեւ
ինքնին
Տէրն,
ըստ
սովորութեան
իւրում,
որպէս
իմանան
մեկնիչք,
երեկոյան
հովուն
ատեն
կու
գայ
ի
դրախտն․
յանցաւորքն
սոսկալով
ի
հեզաձայն
զգնալոյ
նորա
փախչին
«եւ
թաքեան
Ադամ
եւ
կինն
իւր
յերեսաց
Տեառն
Աստուծոյ
ի
մէջ
ծառոց
դրախտին։
Եւ
կոչեաց
Տէր
զԱդամ,
եւ
ասէ
ցնա,
ո՞ւր
ես։
Եւ
ասէ
լուայ
զձայն
քո
ի
դրախտի
ասա՝
եւ
երկեայ․
քանզի
մերկ
էի
եւ
թաքեայ։
Եւ
ասէ
ցնա․
ո՞
պատմեաց
քեզ
թէ
մերկ
ես․
բայց
եթէ
ի
ծառոյն
յորմէ
պատուիրեցի
քեզ՝անտի
եւեթ
չուտել,
կերա՞ր
արդեօք
ի
նմանէ։
Եւ
ասէ
Ադամ․
կինս
զոր
ետուր
ընդ
իս՝
սա
ետ
ինձ
ի
ծառոյ
անտի
եւ
կերայ։
Եւ
ասէ
Տէր
Աստուած
ցկինն․
զի՞նչ
գործեցեր
զայդ․
եւ
ասէ
կինն․
օձն
խաբեաց
զիս,
եւ
կերայ։
Եւ
ասէ
Տէր
Աստուած
ցօձն․
փոխանակ
զի
արարեր
դու
զայն,
անիծեալ
լիջիր
դու
յամենայն
անասնոց
եւ
յամենայն
գազանաց
երկրի․
ի
վերայ
լանջաց
եւ
որովայնի
քո
գնասցես,
եւ
հող
կերիցես
զամենայն
աւուրս
կենաց
քոց․
եւ
եդից
թշնամութիւն
ի
մէջ
քո
եւ
ի
մէջ
կնոջդ,
եւ
ի
մէջ
զաւակի
քո
եւ
ի
մէջ
զաւակի
գորտ․
նա
սպասեսցէ
քում
գլխոյ,
եւ
դու
սպասեսցես
նորա
գարշապարի;
Եւ
ցկինն
ասէ․
բազմացուցանելով
բազմացուցից
զտրտմութիւն
քո
եւ
զհեծութիւնս
քո․
տրտմութեամբ
ծնցես
որդիս,
եւ
առ
այր
քո
դարձ
քո,
եւ
նա
տիրեսցէ
քեզ։
Եւ
ցԱդամ
ասէ․
փոխանակ
զի
լուար
ձայնի
կնոջդ
քոյ
եւ
կերար
ի
ծառոյ
անտի,
յորմէ
պատուիրեցի
քեզ
անտի
միայն
չուտել,
եւ
կերար
ի
նմանէ,
անիծեալ
լիցի
երկիր
ի
գործս
քո․
տրտմութեամբ
կերիցես
զնա
զամենայն
աւուրս
կենաց
քոց․
փուշ
եւ
տատասկ
բուսուսցէ
քեզ․
եւ
կերիցես
զբանջար
վայրի․
քրտամբք
երեսաց
քոց
կերիցես
զհաց
քո,
մինչեւ
դարձցիս
յերկիր
ուստի
առար․
զի
հող
էիր
եւ
ի
հող
դարձցիս։
Եւ
կոչեաց
Ադամ
զանուն
կնոջ
իւրոյ
կեանս․
զի
նա
է
մայր
ամենայն
կենդանեացԼ
Եւ
արար
Տէր
Աստուած
Ադամայ
եւ
կնոջ
նորա
հանդերձս
մաշկեղէնս,
եւ
զգեցոյց
զնոսա․
եւ
ասէ
Տէր
Աստուած․
ահա
Ադամ
եղեւ
ինրեւ
զմի
ի
մէնջ
գիտել
զբարի
եւ
զչար։
Եւ
արդ
գուցէ
ձգիցէ
զձեռն
եւ
առնուցու
ի
ծառոյն
կենաց,
ուտիցէ
եւ
կեցցէ
յաւիտեան։
Եւ
եհան
արձակեաց
զնա
Տէր
Աստուած
ի
դրախտէ
անտի
փսփկութեան՝
գործել
զերկիր
ուստի
առաւ․
եւ
եհան
զԱդամ
եւ
բնակեցոյց
յանդիման
դրախտին
փսփկութեան․
եւ
հրամայեաց
քերոբէից
-բոցեղէն
սրոյ
շուրջանակաւ
պահել
զճանապարհս
ծառոյն
կենաց»։
(Ծննդ․
Գ․
8-24)։
Այս
ծանրակշիռ
պատմութիւն
որ
բոլոր
մարդկային
կենաց
դատապարտութեան
եւ
փրկագործութեան
վիճակն
յայտնէ,
համաշխարհական
մտածութեանց
նիւթ
թողլով,
միայն
մեր
պատմութեան
վերաբերեալքը
յուշ
ածեմք։
—
Յետ
յանդիմանութեան
եւ
վճռոյն
Աստուծոյ
որ
այս
սրտասարսուռ
խօսքով
կու
լմըննայ
«հող
էիր
եւ
ի
հող
դարձցիս»,
Ադամ
կ՚անուանէ
իւր
կողակիցը
կեանս․
բայց
այս
երկու
դիպուածին
մէջ
հաւանօրէն
միջոց
մը
անցավ,
զի
չէր
իսկ
կարելիոր
այնպիսի
սոսկալի
դատապարտութեանն
արհաւիրքը
մէկէն
մոռնալով
կամ
անփութալով
Ադամ
իւր
չարեաց
պատճառ
սիրելին
ստածէր․
եւ
զարմանք
չերեւայ
ոմանց
եթէ
յետ
մեղաց
եւ
դատապարտութեան՝
մէկէն
ի
մէկ
դրախտէն
դուրս
չեմք
հաներ
մեր
նախահայրը,
վասն
զի
Աստուծոյ
իսկ
դիտումը
կու
նկատեմք
ոչ
այնքան
զանոնք
ի
դրախտէն
մերժելն,
որքան
յաշխատութիւն
եւ
ի
մահ
դատապարտելն․
զի
եւ
զայս
ի
սկզբանէ
սպառնացեր
էր
եւ
ոչ
ի
դրախտէն
վռնտուիլն․
ապա
թէ
ոչ
ի
նմին
իսկ
վայրկենի
մեղացն
պէտք
էր
վռնտուէին․
իսկ
Աստուած
հաւանօրէն
յետ
բազում
ժամուց
երեկոյեան
այցելութեան
սովորական
ժամը
ընտրեց
նաեւ
դատաստանին։
Յայսմ
միջոցի
Ադամ
որ
մարդ
նշանակէ
յեբրայական
[2]
որպէս
եւ
ի
թուրք
լեզու,
կամ
ըստ
ոմանց
հոգեղէն
կամ
կարմիր
հող
(
ատամա
)՝
անուանէ
զկողակիցն
Հեւա
կամ
Եւա,
ըստ
մեզ
կեանս,
որ
եբրայերէն
նշանակէ
կեանք
․
եւ
հոս
մեք
պէտք
է
դիտեմք
որ
մեր
լեզուին
մէջ
հոմածագ
են
կին
եւ
կեանք
բառք,
եւ
երկրորդն
անեզակի
է,
առաջնոյն
ալ
յոգնականն՝
անսովոր
ձեւով։
Յետ
այս
տիրական
եւ
իմաստասիրական
գործոյ
Ադամայ,
որ
իր
երկրորդ
մարգարէութիւն
կրնայ
կոչուիլ,
Աստուած
իբրեւ
գթած
եւ
խնամող
հայր՝
կու
պատրաստէ
մեր
նախածնողաց
հաստատուն
զգեստ
մը
մաշկեղէն,
յապաւէն
մերկութեան
եւ
օդոց
վնասու։
Եւ
դարձեալ
կ՚երեւի
միջոց
մը
ինչուան
յետ
իբր
ծաղրաբանութիւն
մը
Աստուծոյ
ըսելուն
«Ահա
Ադամ
եղեւ
իբրեւ
զմի
ի
մէնջ»
եւ
զանոնք
արձըկելուն
արտաքս
ի
դրախտէն
դուրս
հանելն
չէր
Աստուծոյ
գլխաւոր
նպատակը,
այլ
զի
չուտեն
կենաց
ծառոյն
պտղէն՝
որով
եւ
չապրին
յաւիտեան,
այլ
ըստ
դատապարտութեան
մեռնին
ի
ժամանակին։
Մինչչեւ
արտասահմանելոց
հետքը
բռնելու
եվ
նոր
բնակութիւնը
բնտռելու,
յետին
աչք
մը
տանք
մենք
ալ
դրախտին,
թէ
ի՞նչ
եղաւ
իր
ծառերովն․
—
Աստուծոյ
կարգեալ
զգուշութեան
քերովբէն
կամ
քերովբէք
եւ
բոցեղէն
սուրն
կ՚իմացընեն
որ
չաւրուեցաւ
շուտով
[3],
այլ
եւ
բնական
մեծ
արգելք
մը
չկար
ներս
մտնելու,
ոչ
երկրի
բարձրանալով
եւ
ոչ
տակն
ու
վրայ
ըլլալով,
բայց
թէ
ինչուան
ջրհեղեղ
անաղարտ
եւ
անմուտ
մնաց,
յայտնի
չէ
բայց
հաւանական
է
թէ
այնչափ
երկար
ժամանակի
մէջ
երկրաբանական
փոփոխութեամբք
այլայլեվաւ․
յառաջ
քան
զջրոց
ներգործութիւն
հրաբուղխից
սաստկութիւնն
կրեց
[4]
․
թերեւս
զանդկաց
աւանդած
կլիմայի
փոփոխութիւրնն
ալ
կամաց
կամաց
պարարտ
եւ
ջերասէր
տնկաբերութիւնը
խանգարեց,
վերջապէս
կենաց
ծառն
ալ
(որպիսի
եւ
ըլլայ,
բայց
միշտ
սովորական
պտղատու
ծառ
մը)
իր
զօրութիւնը
կամ
բուսական
կեանքը
կորոյս
կամ
կորաւ․
եւ
զի
բուն
սաոր
մօտենալն
էր
արգիլեալն,
այնուհետեւ
դրախտն
ալ
իր
շրջակայ
երկրին
նմանելով
կրմար
մարդկանց
հաւասար
բնակութիւն
ըլլալ։Կու
լռեմք
հոս
շատ
մը
արեւելեան
աւանդութիւններ
[5]
եւ
բանասիրաց
վէճեր
ղբնութենէ
այն
երկու
զարմանալի
ծառաց
եւ
անոնց
վախճանին,
եւ
այն
բարեպաշտ
կարծիքը
թէ
կենաց
ծառոյն
փայտէն
կամ
անոր
ճիւղէն
կազմեցաւ
Փրկչին
խաչն
որ
ջրհեղեղի
Տեղափոխութեամբ
ի
Պաղեստին
կամ
ի
Լիբանան
տարուեր
էր
ի
նահապետաց
Եբրայեցւոց․
եւ
զայս
կարծիս
երգէ
մեր
սրբազան
շարականն
ալ․
«Արեւելք
ի
դրախտին
ընծայեցին
զփայտ
խաչին,
Եւ
եկեալ
կատարիւր
ի
տեղւոջ
կառափման,
Բարձրանայր
ի
գիտին
տարրեղէն
փայտակերան՝
Սուրբ
քառաթեւն
պահապան
անձանց
մերոց։
Դարձեալ
միւսն․
Ո՞վ
պահապան
որ
ծագեցար
յԵդեմայ
Նըշան
յաղթութեան
ընդդէմ
աներեւոյթ
թշնամւոյն»։
Թողլով
ծանր
եւ
վսեմ
վկայութիւններ,
յիշենք
կամ
աւարտեմք
ռամկական
եւ
ախորժական
աւանդութիւն
Սրմանց
լերանց
դրախտասահման
բնակչացն
Հայոց,
որք
դեռ
ի
բարձրատափս
բիւրաղբեր
լերանցն
կու
ճանչնան
զյատակ
դրախտին։
Յետ
արտասահմանութեան
նախածնողաց՝
կ՚ըսեն
[6],
Աստուած
պահապան
մը
դրեր
էր
դրախտին
որ
արգելու
զմարդիկ
ի
ներս
մտնելէ․
ուր
անմեղ
կենդանիք
ազատ
կենային,
եւ
ծովաղբեր
մէջ
պայծառ
կարապներ
կու
լուղային։
Բայց
դիպուածով
օր
մը
պահապանին
հեռու
գտնուած
ատեն
որսորդ
մը
ելլալով
բարձրաւանդակին
վերայ
կու
մտնէ
ի
դրախտն․
կու
զարմանայ
բնականապէս
թէ
տեղւոյն
գեղեցկութեանը
եւ
թէ
կենդանեաց
վերայ
եւ
աւելի
այն
սպիտակ
կարապներուն
վերայ,
որոնց
Վերայ
կու
հասցընէ
իր
աղեղան
դիպաձիգ
նետերը․
եւ
ուրիշներէն
զատ
պահապանին
սիրական
կարապն
ալ
կու
զարնէ
եւ
որսերը
առած
կ՚իջնայ
իր
խորանիստ
հովիտը
ուր
կու
բնակէր։
Քիչ
ատենէն
պահապանն
կու
հասնի
կ՚իմանայ
եղածը,
եւ
կսկծալով
մանաւանդ
իր
սիրական
կարապին
վերայ
կու
լայ
կու
պաղատի
երկնից
որ
պարգեւեն
իրեն
կորուսեալ
մտերիմը։
Իր
առաջին
հաւատարմութեան
համար
Աստուած
կու
լսէ
աղաչանացն
եւ
մինչդեռ
որսորդն
ուրախութեամբ
եւ
պարծանօք
որսերը
իր
ընտանեաց
դիմացը
կու
դնէր,
սիրելի
կարապն
կենդանացեալ
կու
թռչի
դառնալու
յիւր
ծովակը․
բայց
դարձեալ
մահացունետ
որ
կու
հասնի
եւ
օդուն
մէջ
կու
վիրաւորէ
զնա։
Այս
բանիս
Աստուած
ալ
բարկանալով
կու
ցամքեցընէ
զծովաղբիւրն,
քառառաջ
գետերը
կու
դադրին
գետինը
կու
չորնայ,
բոյսերն
կու
նուաղին,
սով
կ՚ըլլայ․
շատ
մարդ
եւ
անասուն
կու
մեռնին,
վայրենի
որսորդն
ալ
անոնց
հետ․
Աստուած
զդրախտն
իր
բնակչօքն
կու
փոխադրէ
անմարդաբնակ
տեղ
մը․
բայց
մնացեալ
մարդկան
աղաչանաց
ալ
լսելով՝
դրախտին
հին
լերան
վերայ
ուր
որ
այն
սրբազան
կարապին
արիւնէն
կաթիլ
մը
ընկեր
էր
աղբիւր
աղբիւր
մը
կու
բղխէ,
եւ
նորէն
զերկիրը
կու
դալարեցնէ․
ասկէ
կու
ձեւանան
Պինկեօլի
լճակներն
եւ
այդ
անունը
կ՚առնուն․
եւ
ոչ
միայն
այդ
լճակք
այլ
եւ
դարձեալ
չորս
գետեր
կու
բղխեն
անկից
եւ
երկրիս
չորս
կողմը
կու
դիմեն,
թէ
եւ
յետոյ
քիչ
մը
կու
փոխուի
Ընթացքնին
եւ
այս
գետերս
են
Երասխ
ընդ
հիւսիս,
Դուզլա
չայ
յարեւելս,
Լեչիկ
ընդ
հարաւ,
Դերջանայ
ջուրն
ընդ
արեւմուտս։
Դառնամք
հիմայ
մեր
ի
դրախտէն
արտաքսեալ
նախածնողաց
երկրորդ
ասպնջական
տեղը
տեսնելու
յաշխարհի
մերում,
որպէս
եւ
բազմաց
ընդունելի
է
հոն
ըլլալն
[7]
։
Սուրբ
Գիրք
յայտնապէս
կ՚ըսեն
թէ
Աստուած
բնակեցոյց
զանոնք
յանդիման
դրախտին․
եւ
զի
արգելք
դրած
էր
հոն
մտնելու,
յայտ
է
որ
դրախտէն
հեռու
չէր
իրենց
առաջին
բնակութեան
տեղը․
եւ
ոչ
միայն
մերձաւորութիւնը
այլ
եւ
կողմը
կու
նշանակուի
ըստ
ոմանց
թարգմանութեան,
յարեւելս
Եդեմայ
ըլլալ․
որ
է
ըստ
իս
ի
գետահովտին
Երասխայ,
թերեւս
ի
հարաւակողմն
դաշտին
Բասենու։
Որք
զդրախտը
աւելի
ընդարձակ
կամ
աւելի
դէպ
յարեւելս
կու
համարին
Ադամայ
բնակութեան
տեղն
ալ
Մարաց
կամ
Ատրպատականի
կողմը
կու
գրեն
[8]
․
թերեւս
աւելի
պիտի
հաստատուէին
յայս
կարծիս՝
եթէ
գիտնային
որ
մերձ
յԱտրպատական
ի
մեծն
Աղբակ
գաւառի
Հադամակերտ
քաղաքն
կայր,
իշխանասիրտ
Վասպուրականի
նախարարաց։
Նախայիշեալն
Եպիփան
օրուան
մը
ճանապարհաւ
հեռու
կ՚ըսէ
զբնակութեան
տեղին
յԵդեմայ,
եւ
նոյն
կու
համարի
ընդ
Նայիդայ
կամ
Նօդայ
ուր
բնակեցաւ
եւ
Կային
յետ
սպանութեան
եղբօրն,
յանդիման
Եդեմայ,
եւ
հաւանական
է
երկուքին
բնակութիւնն
ալ
նոյն
ըլլալ։
Իսկ
այս
Նայիդս
[9]
ոմանք
ըստ
Եբրայական
նշանակութեան
թափառիկ
կամ
երերուն
Կայենի
համար
կ՚իմանան,
որպէս
թէ
երերական
կենօք
բնակեցաւ
յանդիման
Եդեմայ,
բայց
հասարակաց
կարծիք
է
թէ
յատուկ
անուն
է
տեղւոյն,
որ
թերեւս
նոյն
պատճառաւ
տառապեալ
եւ
աստանդական
կենաց
հախահարցն՝
կամ
Կայէնի,
այնպէս
ըսուեցաւ․
եւ
այնպէս
թարգմանեցաւ
ի
Միվսիսէ
յԵբրայականն․
որ
ըստ
մեզ
կրնայ
ըսուիլ
Երերին,
որով
անուամբ
զանազան
տեղիք
կան
ի
Գեղարքունի,
ի
Սոթ
եւ
ի
Վայոց
ձոր
Սիւնեաց,
եւ
մօտագոյն
եւս
Երերունքն
ի
Շիրակ
դաշտակից
Բասենոյ։
Քիչ
մ՚աւելի
կամ
պակաս
մօտ՝
սակայն
այս
սահմաններէն
հեռու
չէր
Ադամայ
տունն,
եւ
ոչ
մինչեւ
ի
Սէյլան
կղզին
բացաձգեալ,
որպէս
ասեն
արեւելեայք
եւ
մահմետականք,
եւ
ի
մերոցս
իսկ
ոմանք
[10]
ուր
եւ
ի
միջավայր
կղզւոյն
ամբառնայ
քարալեառն,
յորոյ
գագաթան
ցուցանեն
ստից
կնիք
մը,
զոր
ասեն
Ադամայ
ըլլալ՝
երբ
ի
դրախտէն
կամ
երկնից
անկաւ
հոն․
եւ
ստից
կնքոյ
մեծութիւնն
70
կանգնաչափ,
այնքան
մեծ
հսկայ
սեպելով
զԱդամ
թէ
եւ
երկու
ոտնաչափէն
աւելի
մեծ
չըսեր
ականատես
մը
[11]
․
այս
առասպելի
սկիզբը
ուստից
գալն
յայտ
չէ,
բայց
բաւական
հին
է,
եւ
մինչեւ
հիմայ
Ադամայ
Սար
կ՚անաունի
տեղին,
Ei
Pico
d՚Adam
ըստ
բորդոգալաց։
Ադամայ
հասակին,
գեղեցկութեան,
գիտութեան,
մարգարէութեանց,
լեզուին,
գրուածոց,
գիւտից
եւ
այլն
վրայ
եղած
աւանդութիւնները
կամ
առասպելները՝
կը
թողումք
մեզմէ
հեռու․
ճշմարիտ
եւ
հաւանական
եղածները
յիշեմք․
որոց
առաջինն
է
Ադամայ
ապաշխարութիւնն
իր
յանցանաց
վերայ,
եւ
զղջական
կեանք
մը
անցընելն,
որ
թէ
Ս․
Գրոց
եւ
թէ
Ս․
Հարց
վկայութեամբք
եւ
եկեղեցւոյ
հաւանութեամբ
ընդունելի
է,
մանաւանդ
յարեւելեան
եկեղեցւոջ
եւ
ի
մեզ,
որք
Ս․
Նախահարց
պարագլուխ
կարգեն
եւ
տօնեն
զԱդամ։
Այս
ապաշխարհութեան
ոգւով
զզուանօք,
կ՚աւանդեն
գրեթէ
ամենեքեան,
որ
Ադամ
չէր
մօտենար
առ
Եւա,
մինչեւ
Աստուծոյ
հրամանաւ
կամ
իր
կամօք
յանձն
առաւ
մահկանացուաց
հայր
ըլլալ։
Այս
հրաժարման
եւ
կուսական
միջոցը
ոմանք
5
օր
միայն
կու
դնեն,
ոմանք
շատ
տարիներ,
ինչպէս
15
կամ
30
կամ
70
եւ
մինչեւ
100
[12]
․
հաւանական
է
դրախտէն
ելլալուն
եւ
Կայէնի
ծննդեան
միջոց
ժամանակմը
դնելն․
եւ
այդկէ
ետեւ
կամ
Կայէնի
ծնունդէն
կու
սկսի
պատմական
ժամանակն
եւ
ամենայն
ժամանակագրութիւնք․
անկէ
առաջ
թէ
դրախտին
մէջ
եւ
թէ
անկէ
դուրս
եղած
ժամանակ,
թէօր
թէ
տարի
յայտնի
չէ․
Ադամայ
930
տարուան
կեանքն
ալ
այդկէ
կու
սկսի
համրուիլ
[13]
։
Ուրեմն
ի
սկիզբն
կամ
յառաջնում
ամի
ընդհանուր
պատմութեան
եւ
ժամանակագրութեան՝
եղաւ
առաջին
ծնունդ
նախահարցն,
Կային
որ
նշանակէ
յեբրայեցին
Ստացուած․
եւ
այդպէս
անուանեց
Ադամ
ըսելով
«Ստացայ
մարդ
Աստուծով»
եւ
երանի
թէ
Աստուծով
ալ
պահեալ
ըլլար
նախածին
մարդն
այն․
որ
մարդկութեան
դուռը
բանալով
անոր
ամենայն
գառն
եւ
անարգ
կրից
սկզբնաւորն
ալ
եղաւ․
թէ
զղջացեալ
Ադամ,
այլ
ընդ
անիծիւք
էր,
եւ
ապականեալ
բնութեամբ
ծնաւ
իր
անդրանիկը։
Շատք
կ՚աւանդեն
թէ
իրեն
կին
եղած
քոյրն
ալ
իրեն
արգանդակից
էր
եւ
կորէր
ըստ
զանազանից
Կամսա,
Կալմահա
կամ
Քաղրանան
կամ
Կլիմա,
Լերուդա
կամ
Ազուրա
կամ
Ազրուն,
Ապուգա
կամ
Աւուտ
Կայինուհի
․
այսպէս
եւ
վասն
Աբելի
եւ
ուրիշ
զաւակաց
կ՚ըսեն
ջուխտակ
ծնած
[14]
սակայն
մեզի
հաւանելի
չերեւար,
այլ
նախ
եւ
միայն
ծնած
Կային,
եւ
յետոյ
այլք։
Անոր
եւ
Աբելայ
Ծննդեան
միջոց
տարի
մը
կ՚իմանան
մեկնիչք
հասարակօրէն,
բայց
որովհետեւ
Ս․
Գիրք
Աբելի
ազգաբանութիւն
չեն
ըներ,
յայտ
չէ
ծննդեան
ժամանակն․
զոր
աւանդողք
30
տարի
յետ
Կայէնի
համարին
[15]
․
եւ
իրեն
ալ
ծննդակից
քոյր
եւ
կինը
անուանեն
Աբելուհի,
կամ
Եմա,
Եւմուզպա,
Ազետովրա,
Դելբորա
կամ
Լեպորա
կամ
Լեթովրա
կամ
Լեսուրա,
Ուվե
կամ
Աւվինա,
Դեկլա
կամ
Եդոկլա
եւ
այլն։
Հարկն
եւ
Աստուծոյ
հրամանն
իսկ
կամ
վճիռն
ստիպեր
էր
զԱդամ
երկրագործութեամբ
իր
կենաց
ապրուստն
ճարելու․
երկրագործութեան
անբաժան
ընկեր
է
անասնադարմանութիւնն,
զոր
նոյնպէս
հոգայր
Ադամ
քանի
որ
ուրիշ
օգնական
չունէր․
մեր
աւանդասիրաց
մէկն
յայսմ
ալ
Աստուծոյ
խնամքը
ցուցանէ․
«Եւ
բերեալ
(հրեշտակի)
եզն՝
հնազանդեցոյց
նմա,
նովաւ
վարել
եւ
վաստակել,
գործել
զերկիր,
եւ
ի
պտղոյ
նորա
ուտել
եւ
լիանալ․
եւ
հրամայեաց
ի
պտղոյ
անտի
բաժին
հանել
Աստուծոյ»։
—
Ասոնք
էին
Ադամայ
սովրեցուցած
արուեստքն
առ
որդիս
իւր,
որոց
անդրանկանն՝
Կայենի՝
երկրագործութիւն
յանձնեցաւ,
Աբելի՝
հովութւթիւն։
30
տարուան
էին,
ըստ
Եպիփանու,
երբ
աշխատիլ
սկսան
ի
դաշտի
եւ
յարօտս․
իսկ
ըստ
այլում
20
տարուան
էր
Աբէլ
առաջին
հովիւն
եւ
անմեղ
ու
ցանկալի
հովուութեան
նախատիպն,
երբ
հօտը
տարաւ
արածելու։
Երկուքին
ալազդած
էր
հայրն
մարդկութեան
երախտապարտ
զգացմունք
եւ
պաշտօն
առ
տուիչն
ամենայն
բարեաց․
եւ
որպէս
առաջին
յանցաւոր,
այդպէս
ալ
առաջին
քաւարար
կամ
քահանայ
եղած
էր,
պատարագաւ
պաշտելու
զԱստուած։
Ըստ
այսմ
եւ
որդիքն
յանդիման
դրախտին
իրենց
վաստակոց
արգասիքէն
մասն
կամ
ողջակէզ
հանէին
Աստուծոյ․
բայց
իւրաքանչիւր
ըստ
սրտի
իւրում,
Կայէն
ակամայ
եւ
ագահորէն,
Աբել
առատապէս
եւ
կամովի․
վասն
այնորիկ
Աբել
հաճոյ
եւ
սիրելի
էր
Աստուծոյ
եւ
ծնողացն,
Կայէն
ոչ
նոյնպէս։
Աստի
նախանձն
նորա
եւ
եղբայրասպանութիւն
որում
ուրիշ
եւ
աւելի
զգայական
պատճառ
մը
կ՚աւանդէ
Եպիփան
եւ
այլք․
այսինքն
զնախանձ
Կայէնի
ընդ
քոյրահարսն
Աբելի
ընդ
աբելուհին
Ելմուզպա,
զոր
փոխանակ
Ծննդակցին
իւրոյ
կ՚ուզէր
առնուլ
յեղբօրէն,
եւ
Ադամ
ոչ
թողոյր։
Եւ
վասն
այսօրիկ,
ասեն
ուզեցին
զոհ
մ՚ալ
մատուցանել
եւ
յԱստուծոյ
նշանով
մը
իմանալ
իր
կամքը։
Այս
պատարագն
է
զոր
Ս․
Գիրք
այլ
յիշեն,
միանգամայն
եւ
զնիւթ
պատարագի
եւ
զընտրութիւն
Աբելի
յանդրանկաց
եւ
ի
պարարտաց
հօտին,
զհաճիլն
Աստուծոյ
ընդ
պատարագ
նորա
եւ
զչհաճիլն
ընդ
պատարագ
Կայէնի․
բայց
զնշան
հաճութեանն
կամ
տհաճութեան
ոչ
յիշեն․
որ
ըստ
աւանդողաց
էր
հողմն
եւ
հուր։
Կայէնի
զոհն
կամ
նուէր
էր
հասկ
ցորենոյ,
այլ
վտիտ,
եւ
փուչ․
իսկ
Աբելին՝
ըստ
Եպիփանու
ընտիր
«գառն
մի
տարեւոր
արու
սպիտակ
որպէս
զձիւն
նորաբեր,
ամենեւին
ոչ
ունելով
արատ
ինչ
///
յեղջերացն
մինչեւ
ցոտս
եւ
ցծայրս
կճղակացն»․
կամ
ըստ
այլոյ
վարդապետի
մերոյ
գառն
մի՝
որ
«հազար
եւ
մեկ
պուտ
ունէր»,
զոր
վաղուց
պատրաստել
էր
Աստուծոյ
նուէր
բայց
սպասէր
որ
եղբօր
հունձքն
հասնին
եւ
միաբան
մատուցանեն։
Մատուցարան
կամ
սեղանն
էր
ըստ
Եպիփանու
մօտ
ի
դրախտն
երեք
ասպարիզօք,
«տեղի
լալոյ
եւ
աղոթելոյ
առ
Աստուած։
Եւ
էր
անդ
բնաբար
վէմ
հաստատեալ
իբր
քառառաջ…
բարձրագոյն
իբրեւ
երեք
կանգնաւ»։
Շատ
հաւանելի
է
այդպէս
բարձրացեալ
քարի
մը
վերայ
պատարագեալ
նախահարցն,
վասն
զի
ամենէն
հին
սեղանքն,
յաւուրց
Աբրահամու,
այդպիսիք
են
առ
ամենայն
ազգս։
Կայէնի
նուէրքն
սեաւ
ամպով
եւ
մրրկոց
ցրուեցան
ըստ
աւանդութեան,
Աբելին
պայծառ
կրակով
մը
ընդունելի
եղաւ
եւ
լոյսն
իջաւ
Աբելի
վերայ
[16]
։
«Եւ
տրտմեցաւ
Կայէն
յոյժ․
եւ
խոնարհեցան
անկան
երեսք
իւր։
Եւ
ասէ
Տէր
Աստուած
ցԿային․
Ընդէ՞ր
տրտմեցար
կամ
ընդէ՞ր
խոնարհեցան
անկան
երեսք
քո․ո՞չ
ապաքէն
եթէ
ուղիղ
մատուցանես
եւ
ուղիղ
ոչ
բաժանես
մեղար։
Լուռ
լեր,
առ
քեզ
լիցի
դարձ
նորա,
եւ
դու
տիրեսցես
նմա»։
(Ծն․
Դ․
67)։
Յետին
խօսքով
կ՚իմացընէ
Աստուած
որ
Կային
իբրեւ
անդրանիկունէր
իրաւունք
մը
եղբօրը
վերայ,
եւ
աստի
այլ
գուշակուի
որ
ոչ
տարւով
մի՝
այլ
տարեօք
մեծ
էր
քան
զնա։
Բայց
եւ
աստուածային
յանդիմանութիւնն
եւ
մխիթարութիւնն
անգամ
չազդեց
ոխակալ
սրտին․
որ
ատելութիւն
եւ
վրէժ
մտածէր
եղբօրը
եւ
անտի
բերաւ
ի
խորհուրդ
սպանութեան՝
առաջին
եւ
սրտառուչ
սպանութեան
յանդիման
անմահունակն
Եդեմայ,
արժանի
քան
զամէն
առիթ
ողբերգութեան,
որպէս
եւ
զբազումս
յորդորեաց
եղերերգեալ
զնոյն,
յորս
վեհագոյն
Կեսներ
Գերմանացի։
Ս․
Գիրք
համառօտիւ
կու
նշանակեն
այս
առաջինմարդազզուելի
դիպուածը
[17]
․
«Եւ
ասէ
Կային,
ցՀաբել
եղբայր
իւր
«ե՛կ
երթիցուք
ի
դաշտ։
Եւ
եղեւ
իբրեւ
չոգան
ի
դաշտ
անդր,
յարեաւ
Կային
ի
վերայ
Աբելի
եղբօր
իւրոյ
եւ
սպան
զնա»։
(Ծնն․
Դ․
8)։
Աբելի
կենաց
կամ
սպանման
տարին
ալ
յայտնի
չէ,
իսկ
կարծիքն
են
թէ
էր
20
կամ
30
կամ
34
կամ
40
կամ
129
տարուան։
Իսկ
սպանման
տեղն
կոչեցավ
Բերան
երկրի,
ըստ
պատմչի
միոյ
[18]
մերոյ
անշուշտ
Աստուծոյ
առ
Կային
ըսածէն
հետեցընելով,
թէ
«Գոչումն
արեան
եղբօր
քո
բողոքէ
առ
իս
յերկրէ
եւ
արդ
անիծեալ
լիջիր
դու
ի
վերայ
երկրի,
որ
եբաց
բերան
իւր
ընդունել
զարիւն
եղբօր
քո
ի
ձեռաց
քոց»։
Այս
առաջին
անպարտ
արեան
համար
կ՚աւանդէ
վարդապետ
մ՚ալ,
թէ
եւ
յետ
թաղելոյն
ի
ծնողացն
չէր
դադրէր
ի
բղխելէն,
այլ
հողէն
դուրս
կ՚ելլար
ինչուան
որ
Ադամ
ալ
մեռաւ
եւ
ի
հող
մտաւ,
ապա
Աբելի
մարմինն
ալ
հանդարտեցաւ
իր
հօրը
քով։
Այո
առաջին
եւ
պժգալի
սպանութեան,
որուն
թաար
եղաւ
մեր
աշխարհը,
Աստուած
եղաւ
դատաւոր
եւ
վրէժխնդիր․
եւ
անզեղջ
ու
լիրբ
սպանողը
անիծեց,
տառապանօք
աշխատիլ
գործել
զերկիր,
եւչգտնալ
անկէ
ապրելու
բաւական
զօրութիւն,
վասն
այնորիկ
երերեալ
եւ
տատանեալ
կեանք
մը
անցընել
տեղէ
տեղ։
Իմացաւ
Կայէն
պատժիցն
սաստկութիւնը,
եւ
յուսահատ
եւ
զզուելի
կենաց
դառնութիւնը,
վասն
այնորիկ
լաւագոյն
համարէր
զմահ,
փոխանակ
մահու
եղբօրն,
եւ
սպանուիլ
փոխարէն
սպանմանն․
սակայն
Աստուած
սպանչին
խիղճն
իրեն
կենդանի
դահիճ
թողուց,
գոնէ
շատ
երկայն
ատեն,
ի
սոսկումն
տեսողաց
եւ
ապագայից․
եւ
սպառնացաւ
ալ
եօթնպատիկ
պատուհաս
անոր՝
որ
զԿային
սպաննէ․
նշան
մ՚ալ
դրաւ
վրան․
զոր
տեսնելով
չսպաննեն
զնա։
—
Այս
նշաննշատք
կարծեն
սեւութիւն
մը
երեսաց,
կամ
ճակտին
վերայ
սեւ
պիսակ
մը
կամ
բոր
մը,
եւ
ոմանք
ռամկարար՝
կոտոշ
մը,
որով
անասնոց
նմանութիւն
մ՚ալ
կ՚ընծայեն․
եւ
ոչ
միայն
կոտոշ՝
այլ
եւ
կ՚ըսեն
ոմանք
(ի
մերոցս)
ձայնաւոր
կոտոշ
որ
միշտ
գոչէր
«Կային
եղբայրասպան»
այսպէս
եւ
ուր
անցնէր
«սար
ու
քար
ձայնէր
եւ
ասէր
Կային
եղբայրասպան
[19]
»։
Յետ
անիծիցն
Կային
բնակեցավ
ի
Նայիդ
(Երերօնք)
որ
էր
ըստ
Մեթոտիոսի՝
«ի
դաշտին
ուր
սպանաւ
Աբէլ»։
Եւ
յետ
այնորիկ
ըստ
Ս․
Գրոց
ծնաւ
իր
որդին
Ենովք,
որ
նշանակէ
յեբրայեցին
Նուիրեալ
․
եւ
այս
անուամբ
քաղաք
մ՚ալ
շինեց․
որ
է
առաջին
քաղաքշինեալ
ի
վերայ
երկրի․
որոյ
տեղն
ոմանք
հեռու
աշխարհներ
կու
բնտռեն
ուր
որ
զԵդեմ
ալ
կու
տանին․
իսկ
սմանք
Հենիովքի
կոչեալ
ժողովրդեան
երկրին
մէջ,
որ
էր
ի
Հ․
Մ․
Ծայր
Պոնտոսի
ընդ
մէջ
Ճորոխի
եւ
Փասիսի
գետաբերանոց․
այլ
տեղն
պէտք
էր
ըլլալ
ի
Նայիդ
յարեւելս
Եդեմայ,
եւ
ոչ
յարեւմուտս
[20]
։
Տեղէն
աւելի
նշանելի
է
շէնքն,
քաղաք
կոչմամբ,
որ
ցուցանէ
բաւանդակ
ընդարձակ
եւ
ամուր
շինուած
մը․
զոր
կ՚երեւայ
թէ
շինեց
Կային
երբ
բաւական
շատցեր
էին
Ադամայ
որդիքն
եւ
թոռունք
եւ
զինքն
ատողք,
որոց
թշնամութենէ
վախնալով
գուցէ
այդ
պատսպարանը
կանգնեց։
Կայինի
կ՚ընծայուի
(Յովսեպոսէ)գիւտ
կամ
հնարք
չափուց
եւ
կշռոց,
սահման
բաժնելու,
եւ
աղեղն
որսորդութեան,
թերեւս
եւ
գործի
պատերազմի,
որուն
այլեւայլ
զէնքերն
ալ
նոյնպէս
Կայէնի
կամ
որդւոց
Կայէնի
կ՚ընծայեն։
Եւ
զնոյն
ինքն
Կայէն
հասարակաց
աւանդութիւնն
իւրահնար
զինուն
զոհ
եղած
կու
ճանչնայ,
սպանեալ
ի
Ղամեքայ
ի
թոռնորդւոյ
թոռան
իւրոյ,
այսինքն
իր
վեցերորդ
ազգի
սերունդէն․
որուն
համար
կ՚ըսեն
Ս․
Գիրք
յետ
աւարտելոյ
զազգաբանութիւնԿայենի,
թէ
Ղամէք
եւշրկու
կին
ունէր
Ադդա
եւ
Սելլա
որոց
ըսաւ
օր
մը․
«Լուարուք
ձայնի
իմում
կանայք
Ղամեքայ
եւ
ունկն
դիք
բանից
իմոց․
զի
այր
սպանի
ի
վէրս
ինձ
եւ
երիտասարդ
ի
հարուածս
ինձ․
զի
եթէ
եօթն
անգամ
վրէժք
խնդրեսցին
ի
Կայենէ,
ապա
եւ
ի
Ղամեքայ
եօթանասնեկին
եօթն
[21]
»։
Ասոր
վերայ
կ՚աւելցընէ
աւանդութիւնն,
թէ
Կայէն
անասնոց
մորթ
հագած
անտառաց
մէջ
թափառէր․
օր
մը
ղամէք
ալ
որսի
ելած՝
անասուն
կարծեց
զնա
(մանաւանդ
որ
աւանդութիւնն
Կոտոշաւոր
համարի
զԿային)
եւ
նետահար
սպանեց․
յետոյ
իմացաւ
որ
իր
թշուառ
նախահաւն
էր
եւ
ցաւելով
պատմեց
իրկանանցը․
որք
եւ
աղօթիւք
հաշտեցուցին
զԱստուած
եւ
Ղամեքայ
վերայ
պատիժ
չեկաւ։
—
Կայենի
մահուան
[22]
տարւոյն
վերայ
ալ
զանազան
կարծիք
եւ
խնդիր
եղած
է․
շատք
860
տարի
ապրած
կ՚ըսեն․
իսկ
ոմն
ի
մերոց
[23]
ասէ․
«ԶԿայէնի
ամքն
հաւաստեաւ
գտի
ի
պատմագրի
իմն,
որ
870
ամաց
սպանաւ,
ասէ»։
Այսչափ
երկար
կենաց
ատենԿայենի
միշտ
յԵրերքս
ի
նայիդ
մնալն
հաւաստի
չէ,
բայց
թէ
եւ
հեռացեալ՝
ոչաւելի
քան
զՀայաստան։
Սեւանայ
ծովուն
արեւելեան
հիւսիսային
ծայրը,
Ուտիոյ
սահմանակցութեան
գլուխը
կ՚ըսուի
Կայենոյ
ձոր
կամ
աշխարհ,
ուր
եւ
Կայէն
բերդն
անուանի
յաւուրս
Բագրատունեաց
հարստութեան,
եղբայրասպանի՞ն
անուամբ
եւ
յիշատակաւ՝
թէ
ուրիշ
պատճառաւ
այսպէս
կոչուած,
չէ
յայտ։
Դառնանք
հիմայ
առ
կրկնակի
սգաւոր
նախահարս
մեր,
որոց
ցաւք
եւ
տրտմութիւն
սաստկացան
սպանմամբ
արդարոյն
Աբելի․
եւ
ըստ
ոմանց
100
տարի
սգով
եւ
հրաժարմամբ
ապրեցան,
եւ
յետոյ
հրամանաւ
Աստուծոյ
ծնան
զՍէթ
230
տարի
յետ
ծննդեան
Կայէնի,
վասն
այնորիկ
եւ
այդպէս
անուանեց
զնա
Ադամ
որ
թարգմանի
Տուրք
կամ
Մխիթար
․
«Զի
յարոյց
ինձ
Աստուած
զաւակ
այլ
փոխանակ
Հաբելի
զոր
սպան
Կային»։
Մեծ
եղաւ
նախահօրն
խնդութիւնը
ի
վերայ
Սեթայ,
զի
ոչ
միայն
փոխանակ
սիրելւոյն
եւ
արդարոյն
ընծայեցաւ,
այլ
եւ
նման
նմա
եղաւ
վարուք,
եւ
կերպարանօք
նման
Հօրն
աստուածաստեղծ
նախամարդոյն․
վասն
զի
ասէ
Գիրքն
«Ծնաւ
ըստ
կերպարանաց
իւրոց
եւ
ըստ
պատկերի
իւրում,
եւ
անուանեաց
զանուն
նորա
Սէթ»
(Ծննդ․
Դ․
25)․
Սէթ
եղաւ
բնիկ
ժառանգ
եւ
յաջորդ
Ադամայ,
եւ
Աստուծոյ
դիտումն
եւ
օրհնութիւնը
դարձուց
իւր
եւ
իւր
ցեղին
վերայ։
Թէ
յառաջ
քան
զնա
զատ
ի
Կայինէ
եւ
յԱբելայ
ուրիշ
որդիք
ալ
ունէի՞ն
նախաստեղծքն՝
Ս․
Գիրք
չեն
ըսեր,
նոյնպէս
թէ
Աբէլ
զաւակ
թողուց․
առաջինն
շատ
հաւանական՝
երկրորդն
ոչ․
նոյնպէս
յայտ
չէ
թէ
Կայէն
յառաջ
քան
զԵնովք
կամ
յետոյ
ունէ՞ր
ուրիշ
զաւակներ․
մեր
աւանդապատում
վարդապետաց
մէկն
կ՚ըսէ
թէ
Սեթայ
ծնած
ժամանակ՝
Կայենի
ցեղէն
380
կին
կար,
24
մարդ։
Յետ
Սեթայ՝
Ադամ
«Ծնաւ
ուստերս
եւ
դստերս»,
եւ
ապրեցաւ
700
տարի
ալ․
այս
որդւոց
մէջ
մէկն
կ՚անուանէր
[24],
ըստ
աւանդութեան
ոմանց
Մամփիոս
եւ
քոյրն
Գալեմա
կամ
Խելմանա,
եթէ
չեն
շփոթեր
ընդ
քեռ
Կայէնի
[25]
։
Կու
յիշուին
ի
մերոցս
եւ
երեք
դստերք
Ադամայ,
Կամսա,
Զամրուրա,
Ամովկա
։
—
Բոլոր
կեանքն
Ադամայ
930
տարի
տեւեց
ի
Կայէնի
ծննդենէ
սկսեալ․
եւ
հաւանօրէն
չհեռացաւ
իր
առաջին
բնակութենէ
Եդեմայ
դիմացէն,
լեռնակողմ
մը,
որուն
արեւելք
էր
Կայէնի
բնակութիւնն,
եւչորս
դին
իր
միւս
որդւոց
եւ
սեթայ
բնակարանքն։
Ասոր
անդրանիկն
Ենովս
(որ
նշանակէ
Մարդ
ծնեալ
յամի
335)
նմանաբարոյ
հօրն՝
սիրելի
եւ
հաճոյ
եղաւ
Ադամայ
եւ
Աստուծոյ․
եւ
«նա
յուսացաւ
կոչել
զանուն
Տեառն
Աստուծոյ»,
ըստ
Գրոց՝
որ
հաւանօրէն
նշանակէ
թէ
Ենովս
նախ
սկսաւ
աստուածային
պաշտաման
մէջ
ծէս
եւ
հանդէս
մտցընել
[26]
եւ
համարձակ
հռչակել
Կայենեան
ամբարիշտ
ցեղին
առջեւ․
եւ
իբրեւ
քահանայապէտ
մը
եղաւ,
եւ
իր
որդւոց
թողուց
այս
պատիւը․
որով
անոնք
ըսուեցան
Որդիք
Աստուծոյ,
իսկ
Կայինեանք
Որդիք
մարդկան․
եւ
այս
խտրութեան
ականատես
էր
նախահայրն,
որ
եւ
ինչուան
իր
թոռանը
թոռը
Մաղաղայէլը
տեսաւ
ըստ
Եօթանասնից
թարգմանութեան
Ս․
Գրոց,
իսկ
ըստ
Հրէից՝
ինչուան
ութերորդ
ազգը,
այսինքն
տեսաւ
զՂամէք
ալ
զհայրն
Նոյի։
Մեր
նախամօր
Եւայի
վերայ
բան
մը
չեն
զրուցեր
Ս․Գիրք,
բայց
միայն
կանանց
առաջին
պաշտօնը
յիշեն,
որ
է
մայրութիւն․
հասարակաց
կարծիք
է
թէ
մեռաւ
յառաջ
քան
զԱդամ․
ըստ
Եպիփանու
3
ժամ
միայն
յառաջ
քան
զայրն,
որ
եւ
լալով
կնոջ
մահուանն
վերայ՝
աւանդեց
հոգին,
երկուքն
ալ
առանց
հիւանդութեան։
Յառաջ
քան
զիրենք
անշուշտ
իրենց
զաւակաց
եւ
թոռանց
շատի
մահը
տեսեր
էին,
յետ
Աբելին,
եւ
հաւանօրէն
նաեւզԿայէնի․
բայց
Ս․
Գիրք,
որ
զԱբելի
սպանումն
պատմէ,
նախ
նոյն
իսկ
Ադամայ
աստուածաստեղծ
եւ
անմահավիճակ
մարդուն
համար
ասէ
այն
բառը՝
որ
զամէն
սիրտ
խոցէ,
Մեռա՜ւ։
—
Անվրէպ
սահման
արդարութեան
Աստուծոյ։
Գերեզման
նախահօրն
հաւանօրէն
իր
ապաշխարհութեան
վայրէն
հեռու
չէր,
յանդիման
Եդեմայ,
ուր
եւ
Եպիփանեան
[27]
աւանդութիւն
կու
դնէ
աղօթից
սեղանոյն
քով
թաղած,
Աբելի
աջ
կողմը,
զԵւա
ալ
յաջմէ
Ադամայ․
ուրիշ
հնաւանդ
մ՚ալ,
Ալքանուզ
կոչէ
զԼեառն
որոյ
քարայրին
մէջ
կու
թաղուէին
առաջին
նահապետքն,
եւ
տեղին
սրբազան
կու
համարէր,
նոյ
յառաջ
քան
զմտնելն
ի
տապան,
կ՚ասեն,
հանեց
զմարմին
Ադամայ
եւ
Եւայի
եւ
լալով
վերջին
ողջոյն
տալով
հանդիպակաց
դրախտին՝
դրաւ
ի
տապանին․
յետոյ
աւանդեց
Սեմայ
կամ
Մելքիսեդեկի
որ
տարաւ
եւ
ի
Գողգոթա
թաղեց,
ի
տեղին
ուր
կանգնեցաւ
Խաչն
Քրիստոսի․
այս
կարծիք
էր
շատ
Ս․
Հարց
եւ
հին
Քրիստոնէից,
որք
մատուռ
մ՚ալ
շինեցին
Ադամայ
կարծեալ
թաղման
տեղւոյն
վերայ․
եւ
ինչպես
նախ
յիշեցինք՝
յիշատակն
այլ
կատարեն
արեւելեայք․
արեւմտեան
տօնացուցաց
ոմանց
մէջ
ալ
դրուած
է
յիշատակն
Ադամայ
ի
24
ապրիլի
կամ
24
դեկտ։
—
Մահմետականք
ինչուան
ի
Մէքքէ
կու
ձգեն
Ադամայ
Գերեզմանը,
ուրիշներն
ի
Սերանտիպ
կամ
Զերանտիր
Սէյլանայ
[28]
։
—
Ալքանուզայ
քարածերպ
գերեզմանաց
մէջ
թաղեցան
ըստ
Եպիփանայ՝
յետ
նախածնողացն
Աբելուհի
կուսահարսն
որ
իր
մաքուր
փեսային
եւ
ծնողաց
գերեզմանացը
սպասաւորէր,
իբրեւ
առաջին
սգաւոր
կուսան
եւ
անաղտ
այրիացեալ,
նախօրինակ
եկեղեցւոյ
ինքն
ալ
930
տարի
ապրեցաւ
ըստ
աւանդութեանն,
եւ
թաղեցաւ
ընդ
մէջ
Ադամայ
եւ
Աբելի,
ապա
եւ
Սէթ
եւ
ամենայն
գլխաւոր
նահապետքն
մինչեւ
ի
Ղամէք,
20
ոգիք։
[1]
Եպիփանու
սոյն
գրութեան
յունարէնն
ալ
հասած
է
մեզի.
սա
վերնագիրն
ունի.
«--»։
Հ.
Բարսեղ
Վ.
Սարգիսեան
ընդարձակ
տեղեկութիւններ
կու
տայ
իւր
«Հին
կտակարանի
անվաւեր
գրոց»
ուսումնասիրութեան
մէջ,
համեմատելով
զայն՝
ուրիշ
Ադամգիրք
կոչուած
աստուածաշնչական
վիպասանութեանց
հետ,
(տպ.
Վենետիկ,
1898)։
Ադամայ
դրախտէն
աքսորուիլը
քրիստոնէութենէ
առաջ
եւս,
հրէական
շրջանին
մէջ,
գեղեցիկ
զրոյցներու
առիթ
եղած
էր,
եւ
թարգմանութեամբ
ծաւալած
գրեթէ
ամէն
ազգերուն
մէջ։
Հայկականները,
որ
ժողովրդեան
մէջ
ալ
դեռ
շրջան
կ'ընեն,
այլ
եւ
այլ
դարերու
արտադրութիւնք
են,
Հ.
Սարգիս
Վ.
Յովսեփեան
հաւաքեց
զանոնք
Ս.
Ղազարու
ձեռագրաց
մէջէն,
եւ
հրատարակեց
հետագայ
վերնագրով․
«Թանգարան
հին
եւ
նոր
նախնեաց,
Ա
հտր.
Անկանոն
գիրք
հին
կտակարանաց,
Վենետիկ,
Ս.
Ղազար,
1896».
լատիներէնի
մէջ
Liber
poenitentise
Adamse,
յունարէնի
մէջ
Bios
Ads
տիտղոսը
կը
կրէ։
Այդ
զրոյցները
գիտնական
աշխարհի,
մանաւանդ
բողոքական
շրջանակի
համար,
մեծ
կարեւորութիւն
ունին,
ըլլալով
Աստուածաշնչի
բնագրական
քննութեանց
համար
յաճախ
սքանչելի
աղբիւրներ.
անոր
համար
ալ
շատ
ուսումնասիրուած,
օր.
իմն,
Հառնաքէն,
Geschichte
der
altchristl.
Litteratur,
Leipzig,
1893,
Հենրիկոս
Գելցեր
անուղղակի
իւր
Die
bysant.
Chronologie
Leipziy,
1885,
Դիլման
Das
christliche
Adambuch
des
morgenlandes,
1853,
Տրուպպ
Der
kampf
Adams,
եւ
այլն
(
Տես
այս
ամէն
կէտերուն
նկատմամբ
Հ.
Բարսեղ
Վ.
Սարգիսեանի
Ուսուսնուսիրութիւն
անվաւեր
գրոց
հին
կտակարանի
էջ
8–65):
Ծ.
Հրտ.
[2]
Յեբրայեցերէն
Մարդն
կ'ըսուի
իշ,
կինն
իշշա․
ըստ
այսմ՝
Պարսք
զառաջին
մարդն
կոչեն
Մէշիա,
զկինն
Մէշեովտ ,
նման
իմն
ի
լատինն՝
մարդն
Վիր,
կինն
Վիրակօ։
—
Առ
մեզ
եւ
առ
արիականս
Այր
անուն
սեփական
մարդու
եւ
կտրճի․
իսկ
կինն՝
համանունութեամբ
առն՝
Եղար
կոչի.
եւ
այսմ՝
կու
յարմարի
Ադամայ
ըսածն.
«
Սա
կոչեսցի
կին,
զի
յառնէ
իւրմէ
առաւ
(եղար,
իբր
եղեալ
յառնէ):
Սկանտինաւեանք
Ասք
կոչեն
զառաջին
մարդն,
Եմպլա՝
զկինն:
[3]
Թուական.
Ստուգ.
Ա.
322,
է
յայլ
կարծիս.
հաւանական
աստ՝
փութով
ընդ
մերժիլն
Ադամայ
ապականել
դրախտին
եւ
նմանել
շրջակայ
տեղեացն։
[4]
Եզեկիէլ.
լա,
8–9.
զԱսորեստան
նմանցնելով
բարձր
եւ
մեծուղէշ
նոճոյ
մը,
կ'ըսէ
թէ
«Նախանձեցան
ընդ
նմա
ամենայն
ծառք
դրախտին
փափկութեան
Աստուծոյ».
այնպէս
կ’երեւցնէ
թէ
դրախտն
դեռ
չէն
կայր,
թէ
եւ
բանաստեղծութեամբ
կրնայ
անցեալ
ժամանակէն
ալ
ներկայացնել։
[5]
Մխ.
Այրիվ․
«Քրոբէական
սուրն՝
որ
պահէն
զդրախտն՝
շանթիքդ
է
որ
անկանի
յերկնից
պահ
եւ
յերկիւղ
ամբարշտաց․
իսկ
գեղարդնաւոր
եւ
աշտէաւոր
սերովբէքն՝
ընդ
հեռանալն
Ադամայ
ի
դրախտէն՝
եւ
նա
վերացաւ»:
[6]
Հ.
Ինճիճեան
եւս
գրութիւն
մ'ունի
«Մնացորդք
նշանաց
Եդեմայ
կամ
տեղւոյ
դրախտին»
Հնախօս.
Ա,
266:
—
Սոյն
հօր
մի
եւ
նոյն
նիւթի
վրայ
աւանդածները
կարելի
է
գտնել
նոյն
Հնախ․
245–264։
Ծ․
Հրտ.
[7]
Սումէ
այսպէս
կ’երգէ
(Աստուածային
վէպ,
Ե).
Հովանաւոր
ափունք
Տիգրեայ,
ո՜վ
Հայաստան
դու
երկիր,
Զոր
իւրացոյց
Եւայն
եղեալ
առ
յԵդեմայ
տարագիր:
Bords
ombragés
du
Tigre,
Arménie!
Pays
qu'
Eve
adopta
quand
l'Eden
l'ent
bannie.
[8]
Այսպէս
կը
դնէ
Bible
de
Vence:
[9]
Փաւստոս
Բուզանդ ,
խօսելով
սոյն
Եպիփանի
վրայ
կ'ըսէ.
(Գլ.
ԻԵ.
էջ
994).
«
Եպիփան,
եւ
էր
սա
ազգաւ
յոյն
եւ
նստէր
սա
ի
մեծի
լերինն
ի
տեղի
դիցն՝
զոր
կոչեն
աթոռ
Նահատայ»:
Ծ.
Հրտ.
Ընդ
մէջ
Եդեմայ
եւ
Նայիտայ
հաւանօրէն
դժուարագնաց ,
նեղ
լեռնանցք
մը
կամ՝
կիրճ
մը
կայր
եւ
թերեւս
հոն
էր
պահապանն
հրասուր.
յայս
ակնարկէ
սրբազան
երգիչն
մեր,
«Սովաւ
(խաչիւ)
մտցուք
ընդ
նեղ
դուռն
անձնացեալ
ճանապարհին,
որում
ցանկային
երկրածին
որդիք
մարդկան»:
Ծ․ՀԵՂ.
[10]
Մխ.
Այրիվանեցի
«Յայլում
ուրբաթու
յանցեան
նախաստեղծքն
եւ
ելին
ի
դրախտէն,
եւ
անկան
ի
Սէլան
կղզին»:
[11]
Ագլիացի
մը
երկու
դար
յառաջ։
[12]
Ի
պատմութեան
միում
թարգմանելոյ
յԵրուսաղէմի
ի
Սիմէոնէ
հոգեւոր
Տեառնէ
գրի
18
ամ
եւ
2
ամիս:
[13]
«Յարարչութենէն
զժամանակս
ոչ
ոք
կարասցէ
գիտել
ի
մարդկանէ,
բայց
միայն
յարտաքսելոյն
Ադամայ
ի
դրախտէն»:
Սարկաւագ
վարդապետ:
[14]
Վարդապետ
ոմն
ասէ .
«Եւա
յերեսուն
տարին
մէկ
փոր
կու
ծնէր
ջուխտ,
մէկն
արու
եւ
մեկ
աղջիկ»:
Իսկ
Ծն.
Այրիվանեցի.
«Եւա
երկու
երկու
ծնանէր,
եւ
ծնաւ
15
Ծնունդս»։
Սա
կ'ընծայէ
30
զաւակ,
իսկ
առաջինն
60:
Ինչ
որ
Հ.
Ալիշան
հոս
Վարդապետ
ոմն
կոչէ
է
Պատմութիւն
որդւոցն
Ադամայ
Կայենի
եւ
Աբելի
(տպ.
Ս.
Ղազար,
1896,
ի
Հ.
Սարգիս
Յովսեփեանէ)։
Հ.
Բարսեղ
Վ.
Սարգսեան
իւր
Անվաւեր
կտակարանաց
ուսումնասիրութեան
մէջ
կը
ցուցնէ
թէ
այդ
աւանդութիւնը
Յունաց
եւ
Ասորւոց
քով
ալ
կայ
(Հմմտ.
Մեթոտիոս,
Գլ,
3.
Ապուլֆարաճ,
Պտմ.
Հարստութեանց,
էջ
4,
Եւդեքիոս
Աղեքսանրացի,
Տարեգր.
Հտ.
Գ,
էջ
16.
Միք.
Ասորի
ժամանակագրութիւն,
Սինգեզոս
եւ
Կեդրենոս:
Իսկ
ի
մերայնոց
(հմմտ.
բաց
ի
Մխիթար
Այրիվանեցիէն
Վարդան
եւ
Սամուէլ)։
Ծ.
Հրտ․
[15]
Վարդան,
Մխիթար
Այրիվանեցի:
[16]
Յառասպելայսդ
վկայաբանութեան
Յովսիմիոսի
Ռափեւս
կոչի
հրեշտակն
կամ
ոգին՝
«որ
ընդունէր
զզոհն
Աբելի,
եւ
իջեալ
դիզէր
զսեղանն,
առ
ի
պատրաստական
շինելոյ
զընծայսն
իւր»։
Աւանդեն
Հնդիկք
թէ
յառաջին
դարուն
մարդիկ
մեծ
պատարագ
մը
մատուցին
Աստուծոյ,
որ
իջաւ
յերկիր
տեuնալու
զայն.
եւ
թուի
թէ
այս
պատարագն
Աբելի
էր:
[17]
Եպիփան,
նման
այլոց
աւանդողաց,
այսպէս
նկարագրէ.
«Ասէ
Կայէն
զԱբել
զուարթագին
երեսօք»
երթանք
դաշտ
զբօսնելու.
Աբել
կու
խաբուի,
որթատունկի
մը
քով
կ'երթայ,
իր
դաժան
եղբայրը
զայն
կու
պատատէ
ճիւղերով,
եւ
այսպէս
կու
դիւրացնէ
մարդասպան
գործը։
Այսպէս
կ'աւանդէ
Եպիփան
իւր
Յաղագս
սպանման
գործին
մէջ,
Գլուխ
Ա:
[19]
Ոմանք
մեծագոյն
նշան՝
զդողալն
եւ
երերալն
իմանան.
այլք
զուտելն
եւ
զկշտանալն,
զդադրելն
եւ
զհանգչիլ,
զթմրիլն
եւ
զքնանալ:
Հայոց
մէջ
այնքան
տարածուած
էին
Կայէնի
վրայ
յերիւրուած
զրոյցները՝
որ
յիշատակարան
կամ
արձանագրութիւն
գրողք,
յաճախ
իրենց
կտակը
ջնջողները
նզոված
ժամանակ
կը
չարամաղթեն
երերալ
Կայէնի
պէս.
«Եղիցի
երերեալ
եւ
տատանեալ,
որպէս
Կայենի»
կ'ըսէ,
օրինակ
իմն,
1233ին
գրուած
արձանագրութիւն
մը
որ
կը
գտնուի
Գուգարաց
Կայան
բերդին
մօտ
(տե՛ս
սոյն
բառը
Բնշխ.
Բառ.
յէջ
271,
ուր
զետեղուած
է
ամբողջ
արձանագրութիւնը)։
Ծ.
Հրտ.
[20]
Եթէ
տեղ
մը
յարմարցնել
պէտք
է՝
որպէս
Նայիտայ
զԵբերօնս,
Ենովքայ
ալ
յարմարցնենք
զԱնի,
մանաւանդ
որ
ի
Թուրքաց
երբեմն
կոչուեր
է
Եանաք
գալէսի։
—
Ծ․
ՀԵՂ:
Հ.
Ալիշանի
յիշած
կոչումը
կը
գտնուի
յէջ
6
Վարդան
պատմչի
(Վենետիկ,
1862
եւ
բաւական
մթին
է.
«Ղամէք
խոստովանի
կանանցն
այր
եւ
երիտասարդ
սպանեալ,
զոր
ասեն
եղբարք
արդարոյն
Ենովքայ,
եւ
ոչ
թէ
զԿայէն
եւ
զորդի
նորա,
զոր
նման
հօրն
ասեն,
զոր
Աստուած
ասաց՝
ոչ
ումեք
սպանանել
զնա»։
Ծ․
Հրտ․
[21]
Վարդան
Պատմիչ
ասէ
աւանդել
ոմանց՝
թէ
այրն
սպանեալ՝
էր
Կայէն,
եւ
երիտասարդն՝
որդի
նորա,
բայց
ըստ
այլոց՝
սպանեալքն
էին
եղբարք
արդարոյն
Ենովքայ,
զորոց
կանայս
էառ
Ղամէք,
իսկ
Կայէն
նախատալից
եղեալ՝
մեռանի։
[22]
Ոմանք
զԿայէն
ապաշխարեալ
եւ
փրկեալ
համարին,
հասարակաց
կարծիքն
հակառակ
է
այդմ:
[23]
Եպիփանեանն
յետ
7
անգամ
7
տարւոյ
(49)
սպանուած
համարի
զԿայէն
ի
կոյր
Ղամեքայ:
[24]
Եղ․
Ջմիւռնիացի
ասէ՝
ըստ
Ափրիկանու,
Յհ.
Դամասկ․
եւ
Ենանոսի:
[25]
Մահմետականք
երկու
որդի
ալ
կ'առասպելեն
Ադամայ՝
Ապալհարեբ
եւ
Ռոքայել։
[26]
Ըստ
Մովսէս
Խորօնեցւոյ.
Ա.
«Յօգնականութիւն
կոչէ
զԱստուած»:
[27]
Եւտիքիոս
Տարեգր.
առ
Փաբրիկ.
241։
[28]
Ոմանց
համարեցան
ի
Քեբրոն
Պաղեստինոյ
թաղեալ
զԱդամ.
վասն
զի
բանն
Յեսուայ
ԺԴ.
15
«Անուն
Քեբրոնի
էր
յառաջ
քաղաք
Արբոկ.
նա
էր
մայր
քաղաքաց
Ենակիմացն».
յայլ
թարգմանութիւնս
ասի․
«անդ
էր
Ադամ
առաջինն
հսկայից»։