Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ․ ՂԵՒՈՆԴ Վ․ԱԼԻՇԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔԱՆ ԶԼԻՆԵԼՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՎԵՆԵՏԻԿ Ս․ ՂԱԶԱՐ

1904

***

Նորագոյն գիւտերու եւ ուսումնասիրութեանց վրայ ալ յստակ գաղափար մը տալու համար՝ հարկ տեսնուեցաւ գրքին ետեւը մի քանի նոր ծանոթութիւններ աւելցնել՝ մեր կողմանէ։

Այսպէս կարելի չէ այժմ Հայոց ծագման վրայ խօսիլ՝ առանց Հայաստանի հնագոյն բանկիչները Ուրարտացիները յիշելու։ Հայկազունեաց պատմութիւնը մասամբ կը գտնուի անոնցմէ մնացած արձանագրութեանց մէջ․ այսպէս Մենուաս = Մանաւազ, Արամիս = Արամ, Էրիմէնա = Արմենակ․ եւ այլն։

Եէնսըն գերմանացին հայերը կը նոյնացնէր Հատ (= Հայ) կամ Հիտտիտ կամ Քետացի ազգին հետ։ Կարելի չէր այս տեսութիւնն առանց յիշելու անցնիլ։ Կը թողունք ուրիշ ստուգաբանական, աշխարհագրական, մատենագրական կէտեր՝ ուր ստիպուեցանք զարտուղութիւն կամ դիտողութիւն մ՚ընել։

Վերջին տեսակէն է, օրինակ իմն, Կեղծ-Սեբեոսի նուիրուած քննութիւնը, զոր Բուզանդէ գրուած կ’ենթադրենք։ Այս կարծիքը, զոր առաջին անգամ հոս առիթ կ՚ունենանք ներկայացնելու, յուսանք զուրկ չի մնար գիտական ուշադրութենէ։

***

 

Քանի մ՚օրէն՝ Նոյեմբերի 21-ը պիտի գայ, Հ․ Ալիշանի մահուան՝ երրորդ տարեդարձը։ ․․․

Ազգային տօն մ՚է ան, որ թրթռուն յիշատակներ կը զուգէ անոյշ զգացումներու հետ։

Այդ օրը, սոյն գիրքը պիտի տանինք իր դամբանին վրայ զետեղելու համար։ այն ատեն աւելի խաղաղ պիտի ըլլայ իր նիրհը դրախտի չորս գետերէն օրօրուած, աւելի հմայիչ՝ երբ դրախտի վարդերն եւ անտառները՝ իրենց հովանին ձգեն իր երազաւէտ ճակատին վրայ։ ․․․

8 նոյեմբեր 1904