Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ (ԻՆՏՐԱ) (1875 - 1921)

/7/ Արեւմտահայ գրականութիւնը ունի մէկէ աւելի կսկծալի ճակատագրով գրողներ, հազիւ երկու խենթ։ Ասոնցմէ մէկը, Եղիան, իր տաղանդն ու իր համբաւը սպառեց գերեզման չիջած։ Իր գործը, այս դարու սկիզբին, մոխրակոյտ մըն էր, քանի մը ջերմ կայծեր հազիւ պարածածկող։ Միւսը, Տիրան Չրաքեան, իր տաղանդը խզտեց իր իսկ մատուըներով, բայց անզօր դուրս եկաւ իր համբաւը սպաննելու, քանի որ այդ համբաւը այսօր անվթար է իր մեծ գիծերուն մէջ։ Քառորդ դարը անցնող տեւողութիւն մը նպաստաւոր եղաւ այդ վարկին։ Տիրան Չրաքեանի տկարութիւնները, անբաւարարութիւնները օգտագործեցին մոռացման, ժամանակին օրէնքները ու թռան, անձին ինչպէս գործին վրայէն։ Իր պարականոն, գրեթէ խենթ իմացականութիւնը, որ շքեղ սկիզբ մըն էր երբ անոր առաջին պատանութիւնը հրաշքներու սահմանող, քաշկռտուեցաւ մէկէ աւելի հետաքրքրութիւններու գիտութիւն, իմաստասիրութիւն, գաղտ գիտութիւններ, թէոզոֆի, գրականութիւն, ու ... շաբաթապահութիւն, որ առանձին ողբերգութիւն մըն է արդէն, երբ կը դրուի այս մարդուն ամենէն հասուն շրջանին առջեւ իբր պողոտայ, ուրկէ պիտի քալէր մահուան։

Զարտուղի մը, խենթ մը, հանճար մը այսպէս տարազեցին մարդիկ այս պոլսեցին։ Ու կը խորհիմ, այս վերադիրները, հեռու իրար հերքելու, ինչպէս կը թուին ընել առաջին ակնարկով, անհրաժեշտ բաղկացուցչիներն են անոր խորհուրդին: Ոչի՛նչ, իր գործին մէջ, որ հպատակէր պոլսական ընթացիկ ախորժակներուն։ Իր ոտանաւորը մերժուեցաւ իբրեւ խուժ ու անգործօն (inorganique), անյարիր ։ Իր արձակը շեշտօրէն կը հակասէր իրապաշտներով հաստատուած /8/ արեւմտահայ մեր գրական հասկացողութեան։ Իր կեանքը ուրիշ հաստատում մը, քանի որ, թափառական ֆաքիրի մը պէս, ան չափեց աշխարհները, Եւրոպան, Ասիան ու Ափրիկէն, անկարող՝ տեղ մը մամուռ կապելու, գործածելու համար ժողովրդական նկարէն բացատրութիւն մը։ Իր զգայական դրութիւնը կ՚իյնայ այս հաստատումին ներքեւ դարձեալ։ Ան իր տունը դժոխք ըրաւ, ուրացաւ կինն ու զաւակը ու ապրեցաւ սանկ 8-10 տարիներ, ինքն ալ զարմանալով անշուշտ, մտապատկերներու հետ, վրայ, որոնց հասարակութիւնը, ծիծաղելիութիւնը ամենէն աւելի իրեն պարտ էին ծանօթ ըլլալ։ « Ներաշխարհ »ին այն գլուխը, ուր ան կրօնական զգացումի լոյսին տակ անդրափայլումը կը դաւանի, դուրս էր իր հասողութենէն այն օրերուն, երբ շաբաթը կը պաշտէր ժօռատ ամերիկուհիներուն հացն ու մարմինը պժգանքով ծամելով։ Ո՛չ ոքի համար, մեր վրայ, զարտուղի վերադիրը պիտի գործածուէր այսքան ուղղափառ ։ Խենթ մը չէր անշուշտ ան, գէթ Եղիային հետ համեմատուելու աստիճան։ Բայց իր զարտուղութիւնը միայն դրական գետիններէ չախորժեցաւ։ Իր պատանութենէն մինչեւ վաղահաս իր մահը, ան փոխնիփոխ պիտի անցնի հոգեկան դրութիւններէ (արտաքին իր յարաբերութեանց մէջ մանաւանդ) ու պիտի սպառի։ Անոր Եւրոպան, երբ տեսնուի իր ճշմարիտ իմաստին մէջ, տեսակ մը կրկնութիւնն է Եղիայի Եւրոպային։ Ան ոչինչ ունի սորվելիք, քանի որ անոր իմացականութիւնը իր ճիգերէն դուրս էր դեռ Պոլիս, Պէրպէրեանը չաւարտած։ Ու գաւառական քաղաքներու մէջ իր վարժապետութիւնները տիրական տարօրինակութիւններ են, եթէ ոչ գայթակղութիւն։ Անոր ընտանիքը (կին ու զաւակ) նոյնքան անիրական շէնք մը, որքան դրութենէ դրութիւն հսկող իր իմացականութեան անհաստատ շէնքը։ Ան ապրեցաւ երկու աշխարհներու եզրին։ Ասոնցմէ մէկը երերուն, փուտ ստուերներուն թագաւորութիւնն էր, բայց ո՛չ վաղածանօթ փոխաբերութեամբ թելադրուած մահէն անդինը, այլ ա՛յն ստուերներուն, որոնք մեր մտքին վրայ առկախ դրօշներ են, մշտապէս բաց, ու մեզ անատամ կ՚ընեն ուրիշներու աշխարհը նետելու, չեմ ըսեր՝ սիրել, հասկնալու։ Անշուշտ իր լաթերը չպատռտեց, ո՛չ ալ ժամուն դուռը մուրացիկին պնակը բռնեց, բայց ըրաւ աւելին։ Ձեզ ըսեր եմ, թէ ի՛նչ ողբերգական պատկեր էր իրը, երբ կիսամութ սրահի մը մէջ, յիմարներու հաւաքածոյի մը առջեւ, ան, ի՛նչ այլուրութեամբ մը ինք իրմէ, շաբաթը կը պաշտպանէր, թուրքերէն, ու կը պաշտպանէր այդ յիմարութիւնը ահաւոր բնականութեամբ մը։ Խենթ մը, որ ինքզինք կայսր յայտարարէր, պիտի չգործածէր տարբեր ինքնավստահու/9/թիւն։ Հանճա՞ր մը, այս զարտուղիին ու յիմարին ետին։ Ինչո՞ւ չէ։ Ինք ո՛չ առաջինն է, ո՛չ ալ վերջինը այն մարդոց, որոնք միջին տարողութենէ մը վեր արարքներու հեղինակ, երբեմն աւելի բարձր ծիրէ մը գործողութեանց սպարապետ, պիտի զարնուին իրենց ուժերուն ամենաշքեղ յորդութեան իսկ մէջը ու պիտի խաւարին, յիմարանոցի մը ողջ գերեզմանն ի վար։ Չրաքեանի կեանքը խենթի մը կեանքն է թերեւս։ Գո՞րծը։ Չեմ երթար առաջ, զայն լուսապսակելու հանճարային անպատասխանատուութեամբ մը։

 

Կը հետեւի այս կարճ տողերէն, թէ ի՛նչ շահեկանութիւն կը ներկայացնէ Տիրան Չրաքեանի պարագան արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ, թէ ի՛նչ զօրաւոր հարցերու կապուած է անոր գործին հասկացողութիւնը, թէ ի՛նչ վտանգներ կը պարզէ հաշուեկշիռը այդ գործին։ Այս շահեկանութիւնը մասամբ ինքզինք զգալի ըրաւ արդէն, երբ ողջ էր գործին հեղինակը։ Անոր մահէն ետքը, ըսի, թէ տկարութեանց նուագը տակաւ աղօտած է, բայց չէ դադրած աճումը անոր հանճարին ու իր հեքիաթին։ Այսօր գրեթէ կը բիւրեղանայ այդ հեքիաթը։ Հին սերունդէն մնացորդներ զայն արժեւորելը անուղղակի պչրանքի մը վերածած են, թերեւս անգիտակից շահախնդրութեամբ մը, նորերուն ուրացումները հակակշռող միջոց մը իբրեւ։ Նորագոյններ զայն կ՚անգիտանան, քանի որ իրենց իմացական եւ զգայական ախորժակներէն այնքան անմասն կը գտնեն անոր « Ներաշխարհ »ը, որ հաստ, հեշտամոլ, սրամիտ, առնուազն թափանցիկ չէ, ինչպէս անարժէք՝ անոր ոտանաւորը, որ խժդուժ է ու անարձագանգ։

Կը կենամ երկու ծայրայեղութեանց մէջտեղ։