Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՎԻՊՈՂԸ

/376/ Օտեանի ամբողջական գործին մէջ վէպը, իբրեւ ծաւալ, կը հասնի պատկառելի մեծութեան մը։ Օրաթերթերու մէջ երբեմն վեց ամիս, երբեմն տարիներ տեւող իր թերթօնները [1] եւ երբեմն մէկ-քանի էջ ու երբեմն քանի մը պրակ առնող իր պատմուածքները [2], ըսեր եմ արդէն, Սահմանադրութենէն ետք, մինչեւ իր մահը, կը կազմեն գրական հրապարակին ամենէն ընթացիկ ապրանքը։ Զայն կարդալը պարտք մըն էր շուկացիին, ինչպէս ինտելիգենտին համար։ Մօտ քսան տարի մեր օրաթերթերը ամէն ջանք թափեցին անոր ստորագրութիւնը հրամցնելու իր ընթերցողներուն։ Անդադար ան հալածուեցաւ ձեռագրի խնդրանքէն։

Կ՚աշխատէր անկանոն, ըսել կ՚ուզեմ՝ խմբագրատանց թոհուբոհին մէջ, աղմուկներով բզիկ-բզիկ ներշնչումի մը մէջ, շարունակ խանգարուելով մտնող ելլողին բարեւէն, շաղփաղփութենէն, օրուան լուրերուն անդրադարձումներէն։ Ու դուք չեք գիտեր, որ Պոլսոյ հայ խմբագրատուները առնուազն փոքր պետութեան մը հիւպատոսարանին չափ բազմազբաղ էին այդ տարիներուն։ Գլուխը ցաւողը շ ունչը հոն կ՚առնէր։

/377/ Իր սեղանին փակած, ծուռիկ իր մարմինը մոռցած, ան, ընդհանրապէս կէս օրերէն վերջ, կը գրէր անդուլ։ Նիւթ, ոճ, խնամք անշուշտ համեմատական կրնային ըլլալ սա պահանջէն, քանի որ փորձ, ընթերցում, քանի մը թերթերու կողմէ ղրկուած ձեռագիրի փոխադրիչները զինքը երբեք ազատ չդրին իր ստեղծումներուն դէմ։ Այսպէս ճարտարապետուած աշխարհ մը, պէտք չկայ մեծ կղերիկոս մը ըլլալ ասիկա հասկանալու համար, հեռու է լրջութենէ։ Ու հակառակ անոր, որ ահագին թիւ մը մարդոց, մեծ մթերք մը բարքերու, շատ յաճախ աշխոյժ երգիծանք մը այդ թերթօններուն համար գոյութեան խարիսխ մը կրնան հայթայթել, բայց անկարող կը մնան զանոնք արուեստին բարձրացնելու։ Ու հո՛ս է դժբախտութիւնը, Օտեանի յիշատակին կապուած ողբերգութիւնը։

Կամովի՞ էր այս թերացումը, թէ արդիւնք արուեստի անբաւարարութեան մը (insuffisance)։ Ո՛չ մէկը եւ ո՛չ միւսը, հաւանաբար։ Ան թերթօնը կը սկսէր մեծ խանդավառութեամբ, խղճմտութեամբ, փորձ արուեստագէտի մը կիրբոլը (passion)։ Առաջին պրակներուն մէջ ճշմարիտ հաճոյք մըն էր հանդիպիլ այդքան լաւ դիտուած, տարբերացած, անձնաւորուած տիպարներ, որոնք քանի մը էջերու մէջ իրենց դիմագիծը, պատմութիւնը, ժառանգութիւնները, բարոյական ու իմացական կարկառուն յատկանիշները կը պարզէին, արագ, կենդանի, միշտ շահեկան դրուագումներով։ Ձեր մտքին մէջ անգամ մը այդպէս campé այդ մարդերը Օտեան գաղտնիքը գիտէր որոշ հետաքրքրութեամբ գործողութեան մը ակօսներուն մէջ նետելու։ Մնացա՞ծը։ Միշտ մնացածն է ահա, որ կը յօրինէ, կը պահէ հարազատ արուեստագէտները։ Օտեանի թերթօնները բոլորն ալ պատմուածքներ են, որոնք լրագրական պատանիներու ճնշումին տակ աճած, ուռած, յորդած են, անշուշտ ի վնաս արուեստին։ Այս է պատճառը, որ այդ պատուական մարդերը կը փոխադրուէին վէպին բնական սահմաններէն անդին ու կը քաշքշուէին գործերու, կացութիւններու, որպէսզի լեցնէին քանի մը հարիւր թիւերը օրաթերթին։ Այս զառածումը, արդիւնք՝ ծրագրի պակասի, կը սաստկանար աշխատանքին իսկ նկարագրովը։ Արուեստի գործ մը քիչ անգամ կը նուաճուի առաջին շունչով։ Կը յիշեմ ահարկու չարչարանքները Պալզաքի, Թոլսթոյի, Ֆլօպերի, Տոսթոեւսկիի, որոնք գործի մը վրայ իրենց փառասիրութիւնը այլապէս կ՚ախորժէին աճեցնել։ « Պատերազմ եւ խաղաղութիւն » հազար ու կէս հազար էջնոց վէպը Թոլսթօ քսան անգամ սրբագրած է ։ « Սալամպօ »ն (Կիւսթաւ Ֆլոպէր) գրուած է շատ աւելի սպառիչ վաստակներու գնով։ Երուանդ Օտեան զուրկ էր ա/378/րուեստին խղճմտանքէն։ Դժուար է դատաստանը։ Իրողութիւն է, որ անոր գործէն յաջողակ, բարձրորակ մասեր ալ ուրիշ կերպ մը չունեցան « աշխարհ գալու », որքան ասիկա իրական էր իր գործին անհարազատ մասերուն համար (ինչպէս ինքը կ՚անուանէ իր վէպերը)։ Իր իսկ գիտակցութեամբ, չըսելու համար մեղսակցութեամբ, Օտեան իր վէպը տկարացուցած է շատ աւելի չափով մը, որքան հանդուրժելի չէ արուեստի պայմաններուն սահմանին։ Քանի մը հազարներու հասնող այդ էջերուն մէջ կ՚ընդունիմ, թէ շքեղ բաժիններ են արդի վիպողէ մը սպասելի բոլոր արժանիքները լիուլի արդարացնող։ Կ՚ընդունիմ, թէ արեւմտահայ մտայնութեան մէկ կարեւոր գօտիները, գլխաւորաբար շուկայիկ դասակարգէն, բարքերու որոշ տախտակներ, վիպող մը սիրելի ընծայող լաւ յարդարուած կացութիւններ միշտ կը վարձատրեն Օտեանէն ստորագրուած որեւէ, նոյնիսկ ամենէն ձախող վէպի ընթերցումը։ Բայց ահա՛ աւելին։ Այսօր Րաֆֆին, վերընթերցումի մը պահուն, մեզ կը նեղէ ո՛չ թէ արուեստի անբաւարարութեամբ մը, այլ այդ արուեստի ուսերուն վստահուած ու անոր հետ աղերս մը չունեցող ուրիշ պարտքերուն բեռովը։ Միշտ արուեստին հետ ու արուեստին մէջն է այդ մարդը։ Ու մենք րոպէ մը իսկ չենք տարակուիր գործաւորին խղճմտանքէն։ Հինցած մասերը Րաֆֆի-ին ըլլալէ աւելի հայ կեանքին հաւաքական scorie–ները կը նկատուին ու ատով կը դառնան բնական, անխուսափելի երեւոյթներ։ Օտեանի համար նման չքմեղանք մը չունի գոյութիւն։ Անոր գործին մեռեալ տարրը մեռեալ էր ծնած օրն իսկ։

Չեմ գիտեր, անարդարութի՞ւն է ծանրանալ հեղինակի մը գործէն ասոր վրիպած մասին։ Նման խղճմտութիւն մը չ՚այցելեր դատողը, երբ այդ վրիպանքը ըլլայ արդիւնք անխառն անբաւականութեան մը (Տիւսաբ, Սմբատ Բիւրատ, Քասիմ, Արմէն Շիտանեան)։ Դարձեալ, ինչպէս դիտել տուի քիչ անդին, գրական ճաշակ, նորամոլութիւն (mode), ուզուած գաղափարագրութիւն, դաւանանք կրնան հեղինակ մը պաշտպանել իր անցումէն անդին, անոր կեանքը լայն փառքով մը ոսկեզօծելէ ետք ու գոնէ գրականութեան պատմութեան մէջ արձանագրութիւն մը վաստակել, ի հաշիւ մոռցուած, կործանած գրագէտին։ Երուանդ Օտեանի պարագան չի նմանիր Ժորժ Սանին, որուն հարիւրը անցնող հատորները կը յիշուին միայն երկու վէպի արժէքին գնովը։ Ալեքսանդր Տիւման իր չորս հարիւրէն աւելի հատորներով տեղ մը չունի ֆրանսական վէպին պատմութեան մէջ։ Հիւկոյի վէպերը, հակառակ ահաւոր իրենց փառքին, բեռ են, մեղքն են իր տա/379/ղանդին։ Այս անուններէն եւ իրողութիւններէն վերջ, Երուանդ Օտեանի վրիպանքը ո՛չ եղերական է, ո՛չ ալ բացառիկ։ Ան մեր գրականութեան պարունակին մէջ դժբախտութիւն մըն է անշուշտ։ Խորհեցէք հրաշալի իրողութեան, որ պիտի ըլլար այդ վէպը, եթէ երբեք անոր գործաւորը քիչ մը խնամք ( շատ չէ, ոչ ալ անոր ուժերը զանցող), քիչիկ մը խղճմտանք ըլլար վատնած անոր կառուցումին մէջ (Երուանդ Օտեան ծնունդով թերթօնագիր մը չէ, անժառանգ ու անսրբագրելի, ինչպէս արդի օրաթերթերուն մեծ հայթայթիչները թերթօնէ, Էօժէն Սիւ, Քսավիէ տը Մոնթէփէն, Միշել Զէվագօ, Փոնսոն տիւ Թէրրայ, յիշելու համար մեր մէջ թարգմանօրէն հանրահռչակ մարդեր), որ պիտի արտադրէ իր գիրքերը, գիտակ իր ուԺերուն ու համակերպած իր բախտին։ Ըսի արդէն, թէ անոր վէպերը շքեղ մուտք, լաւ կազմաւորուած դերակատարներու խումբ, լաւ առաջնորդուած վիպային շահեկանութիւն մը ունեցան։ Ըսի, թէ արուեստը ասոնցմէ անդին էր, որ կը սկսէր։ Մենք կ՚ունենայինք այսօր մեր ժողովուրդին ամբողջական պատկերը, երկու դարերու մէջտեղ, իր արտայայտութեան բազմադիմի կերպերուն մէջ։ Ու կ՚անցնին մտքէս յաջողուածքները Պալզաքի, Տիքընզի, Տոսթոեւսկիի, Փրուստի, որոնց տաղանդներուն տեսակարար կշիռը չէ գործերը այդքան թանկ ընողը, այլ ապահովաբար արուեստը ըմբռնելու իրենց խորութիւնը, խղճմտութիւնը։

Չեմ փորձուիր Օտեանի վէպին մէջ փնտռել այն ամէն հարցերը գրական, ընկերային, քաղաքական որոնք որեւէ միջակ վէպի մը կը բացուին քննադատին ուշադրութեան, երբ արուեստի կենդանակերպի մը տակ գրուած է այդ վէպը։ Չեմ կրնար Րաֆֆին անարգել իր թերթօններուն մեղքը իբրեւ խարոյկ գործածելով իր յիշատակին։ Բայց կ՚ըսեմ՝ աւելի անգութ բան մը « Սեւ լերան մարդը » (վէպ Մ. Մամուրեանի) գրականութեան պատմութեան մէջ կը յիշուի իր բացարձակ վրիպանքին հակառակ, պարզ այն պատճառով, որ գրուած է գրագէտի ծանր խղճմտութեամբ մը։ Օտեանէն որեւէ վէպ չեմ կրնար յիշել իր անունին իբրեւ պատուանդան։

Անշուշտ տխուր բան է այսքան ընդարձակ արդիւնքի մը դէմ սա վճռական մերժումը։ Բայց ծաւալը չհակակշռեց խտութիւնը, իսկութիւնը, ո՛չ մէկ ատեն։ Անոր թերթօններու բուրգին դէմ, գրականութեան պատմիչը կ՚ըսէ անոր զանգուածը, կը յիշէ այդ զանգուածին մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ տեղեկութիւններ, որոնք անբա/380/ւական են սակայն վերընթերցումին գինը տալու ու կ՚անցնիմ։ Ո՛չ մէկ անուն, վասնզի բոլորն ալ այդ վէպերուն գրուած են նոյն անփութութեամբ, մեղապարտ մտայնութեամբ։ Իր ստորագրութիւնը ծախող մարդու այլուրութեամբ մը իրմէ, արուեստէն։

* * *

Վիպողը, Օտեանի մէջ, իրական է սակայն։ Զայն կը գտնենք իր վիպակներուն մէջ։

Այս հաստատումը այսպէս պատահական, ձրի շնորհ մը չէ։ Քիչեր միայն գիտեն, թէ արուեստի այս իրարու բոլորովին նման տիսիփլինները խորքին մէջ տարբեր են բոլորովին ։ Վէպը ինք իր համար կը պահէ նկարագիրներ, որոնք ո՛չ միայն չեն պատշաճիր վիպակին, այլեւ կը վնասեն։ Վէպին հոյակապ մէկ ճարտարապետը, Պալզաք, գրեթէ ընթացիկ Էմիլ Ռիշպուր մըն է երբ վիպակ կը ստորագրէ։ Վիպակը առանձին տեսակ մըն է, գործարանաւորութիւն մը, իր սեպհական նկարագիրներով։ Անտոն Չեխով՝ նմոյշ մը։ Կը պատահի, որ երկու տեսակներն ալ հաւասար արդիւնքներով փորձուին մէկ ստորագրութեան տակ։ Բայց ասիկա բացառութիւնն է։ Կը յիշեմ Մօփասանը, բայց կը ծանրանամ իր վէպերուն նահանջին ու վիպակներուն յարաճուն փառքին։ Մեր մէջ վիպող Րաֆֆին միջակ վիպակներ ստորագրած է։ Վիպակներու մեծ վարպետ Շիրվանզատէն միջակ վէպերու միայն ծնունդ տուած է։ Երուանդ Օտեան արեւմտահայ վիպակին մէջ իր պատուաւոր տեղն ունի։

Նախ վիպակը Օտեանի տաղանդին հարազատ մէկ մարմնառութիւնն է։ Չմոռնալ որ ան կազմուած է յաճախանքին մէջը ո՛չ թէ վէպին, որ մեր մէջ բացառութիւն է, այլ վիպակին, որ ընթացիկ իր ուրիշ անունով, նորավէպ ՝ կը կազմէ արեւմտահայ գրականութեան երկրորդ մեծ յաջողուածքը (առաջինը ըլլալով քնարական բանաստեղծութիւն)։ Մեր ընկերային պայմանները, լրագիրը, որ գիրքը փոխարինեց սանկ կէս դար մը, գրողին վրայ բռնադրուած աշխատանքի պայմանները, ընթերցողը եւ իր ախորժակները, մանաւանդ գրականութեան մը կշիռը՝ գլխաւոր ազդակներ, որպէսզի վիպակը մշակուի մեր գրականութեան մէջ շատ աւելի խանդով ու բարի արդիւնքներով։

 

Օտեանի վիպակները շատ բնական յառաջատուութեամբ մը կու գան Արփիարեանէն, Լեւոն Բաշալեանէն, որոնց տաղանդին վրայ իր /381/ գնահատումը ան պիտի պահէր անայլայլ, նոյնիսկ պատերազմէն վերջ, երբ կը յամառէր իրենց ժամանակին մէջ իրենց արդար փառքը արժեւորող այդ հեղինակներուն վաստակը գնահատել մեր կշիռներով։ Կը յիշեմ իրեն հետ մեր խօսակցութիւնը, « Նոր կեանք »ի մէջ Լ. Բաշալեանի « Կաղանդը » վերնագրուած սովորական կտորի մը վրայ։ Օտեան կը հիանար անոր, Արփիարեանի բերանովը, որ իր ալ բերանն էր այդ պահուն։ Իր մանկութեան, պատանութեան զգացումներուն, զգայութիւններուն հանդէպ հաւատարմութենէ մը չէր գար անշուշտ այս յետադարձ համակրանքը։ Ասիկա արտայայտութիւնն էր գրական խառնուածքի մը։

 

Օտեանի վիպակները օժտված են տեսակին յատուկ քանի մը մայր առաքինութիւններով։

ա. Անոնք արագ յօրինումներ են, քալող, զարգացող։ Գիտէք իր շնորհը մարդեր ստեղծելու։ Ըսի ձեզի իր ճարտարութիւնը իր մարդերը ակօսներու մէջ դնելու։ Միշտ բարեխառնութիւններու մեծ մասնագէտ մըն էր ան։ Այս քանի մը ցուցմունքները իրենց արդարացումը կը գտնեն Օտեանի ամէն մէկ վիպակին մէջ։ Ամէն յաւակնութիւններէ զերծ, ամէն գաղափարային հանդերձանքէ թեթեւ՝ այդ պզտիկ պատմումները, իրենց սեպհական ուժերով կ՚ընթանան սանկ քսան, քիչ անգամ յիսունը անցնող էջերուն ճամբով։ Այս արագ, գործօն, կենդանի վիպումը երբեմն մօտիկը կը հասնի մեծ արուեստին։

բ. Անոնք տիպարային շեշտ սեւեռումներ են, իրականութեան բոլոր ստորոգումներով բարբառ, tic, մտայնութիւն, արտաքին կաղապար, նկարագիր ու յատկանշական ցցունքներ։ Անգամ մը երբ կիջնեն տողերուն կրկեսը, կ՚ապրին իրենք իրենց։ Գրեթէ յաճախ, անկախ հեղինակին դիտումներէն։ Չմոռնալ սա շատ մասնակի կողմն ալ Օտեանի մեծ յաջողութիւնը, զուտ արուեստին գետնին վրայ « Փանջունի »ն եւ « Իգնատ Աղա »ն պատմուածքի զաւակներ են։ Վէպերուն մէջ տիպարներ կերտելու սա շնորհը կը կորսուէր թերթօնին պահանջներուն բռնութիւններուն խորը։ Հոս, յատուկ գործողութեան մը յատակին վրայ, իր մարդերը կը բաւեն իրենց ու իրենց շուքին։ Տիպարներու հարազատութիւնը մինակ չի մնար այդ պատմուածքներուն մէջ։ Միւս կողմերն ալ մշակուած են բաւարար խղճմտութեամբ։ « Համբարձում Աղա »ն հոյակապ ու ամբողջական ոչնչութիւն մըն է, զոր մեր իմաստութիւնը պիտի ստեղծէ ամէն գնով։ « Ազգային բարերար »ը իր միջակութեան ամբողջ պատկառանքը կը /382/ շահագործէ միշտ իր շրջապատին վրայ հեղինակութեամբ մը, որ միայն թուղթի վրայ չի զարմացներ, այլ իրականութեան մէջ ալ իր ազդեցութեան գաղտնիքը գիտէ արժեցնել։ « Ճեպընթաց նորածինը »ին Գեղամը, հակառակ դէպի ծաղրանկար ու անհաւատալիութիւն քշուելուն, կը մնայ կողմով մը մարդկային ու կարելի։ « Յեղափոխութեան մակաբոյծները » միշտ այդ իրականութեան վրայ calqué մարդեր են։ Անոնց իրեն տրուած իրական մարդէն աւելի կ՚արժեն այդ քրոքիները ։ Փանջունին քանի մը մարդերու համադրում մըն է, « Մանանայ »ի ազգային երեսփոխանները իրաւ են թէ՛ իբր մարդ, թէ՛ իսկ ծաղրանկար։ « Բարի դահիճը » պարզ պատմումի պարզ բերան մը, պատրուակ մը չէ, այլ ողբերգութեամբ մը շաղախուած կեցուածք մը։

գ. Անոնք հաճելի, տաք գործողութիւններ են, Օտեանի վէպերուն մէջ ամէնէն շատ պակսող առաքինութիւն, քանի որ էջերը, որոնք տրամադրված են վիպական հոլովումին, իրենց սահմանին փոքրութեամբը լիուլի կը դիմաւորեն հեղինակին ստեղծագործ ուժը ու կ՚ընդունին զայն, վերածուելու համար արդիւնքի։ Մինչ վէպերուն շատ ընդարձակ տարածութեանց մէջ այդ ուժը կը մնար անբաւարար ու հետեւաբար կը դժուարանար, վիպակին ամփոփ շրջանակը զայն կը դնէ իր իսկական տարողութեան մէջ։ Ըսի, թէ Օտեանի բոլոր վէպերը տպաւորիչ յաջողութիւններ են իբր սկիզբ։ Թէ երկու պրակը արդեն միջին սահման մըն էր այդ ուժին, որմէ անդին վէպը կը ծանրանար, կը ճիւղաւորուէր, իրարու նմանող դրուագներու շարքի մը վերածուելու համար ի վերջոյ։ Այս չաճելու, չզարգանալու զգացումը թերթօնին պատրանքին մէջ, օրուան մը ընթերցումին ատեն տարտամ, հատորին համար ճշմարիտ աղէտ մըն է ։ Այս է պատճառը, որ Օտեանի թերթօնները տուժեն հատորէն, պատմուածքները շահին։

դ. Անոնք կեանք մը տալու եղանակ մըն են, քիչ մը ընտանի, առանց խոր ու մանաւանդ տրամաթիք բարդութեանց, մթնոլորտի։ Այս ճշդումը բան մը կ՚ապացուցանէ անշուշտ։ Ընթերցողը գիտէ, թէ վիպակին քանի մը պրակներուն մէջ քիչ բան պիտի դպի իր ջիղերուն։ Ընդհակառակը։ Այդ գիտնալը վստահութեա՛ն զգացում մըն է ինքնին աւելի գեղեցիկ վայելքի մը, որ հեգնութիւնն է, իբր մթնոլորտ, բոլոր վիպակները տաղաւարող։ « Մօսա Քլէսիմ »ը պատմումին պարզագոյն նմոյշն է այդ ուղղութեամբ։ Ու բոլոր վիպակները, այսպէս իրարմով պաշտպանուած, չեն բարձրանար, ի հարկէ խոշոր բանի մը իմաստասիրութեան (այնքան ծիծաղելի դարձած), այլ /383/ կ՚ըլլան Օտեանի խառնուածքին ամենէն հարազատ ցոլարանը։ Այդ վիպակներուն ընթերցողները, պարզ թէ ինտելիգենտ մարդիկ, կը տպաւորուին հեղինակին զուարթ, պոհեմ հոգեբանութենէն ու կը սիրեն ասիկա։ Արփիարեանի հետ մարդ միշտ զոհերու եւ զոհողներու պայքարի մը վախը ունի։ Լ. Բաշալեան շատ լուրջ ողբերգական շունչ մը կը պտըտցնէ պատկերներուն ետեւէն։ Զօհրապ մեծահանդէս բողոքարկու մըն է ընդդէմ ընկերային չարաշահութեանց։ Երուանդ Օտեան ժպիտէ, զուարթութենէ դուրս ուրիշ նպատակ մը չէ առաջադրած իր պատմումին։ Այնպէս, որ Օտեանի ըմբռնողութիւնը կեանքէն, կեցուածքը, նոր բառով մը, մենք կը գտնենք այդ վիպակներուն մէջ։

Այս բոլոր ցուցմունքներէն վերջ, կը գոհանամ ակնարկելով երգիծավէպ տարազին իմաստին տարազ, զոր չէ պակսած գործածել է իր պատմուածքներուն անունները ենթատիտղոսելու համար։ Գիտակցական ըլլալէ աւելի ընթերցողին հրամցուած խայծ մըն է անիկա։ Խնդացնելու համար գրիչ բռնելը ո՛չ տկարութիւն է, ո՛չ ալ ծիծաղի արժանի թեթեւութիւն։ Միւս կողմէն, բարեբախտութիւն է, որ այդ վիպակները ըլլան երբեք չգրուած ։ Գիտենք, թէ ի՛նչ տխուր անկումներու տարաւ այս յաւակնութիւնը արդիւնքները մեր օժտուած գրողներուն։ Արշակ Չօպանեանի բոլոր վիպակները այսօր չեն կարդացուիր այս մեծ մեղքին համար։ Օտեան ոճի հարցին մէջ մնացած է աննահանջ պարզապաշտ մը։ Եթէ արուեստի գործին արտաքին յարդարանքին համար իր կեցուածքը արժանի է գովեստի, նոյն այդ գործին ներքին յարդարանքին համար իր անհոգութիւնը չազատիր մեղադրանքէ։ Ո՛չ մէկ մշակում ։ Կը հասկնամ՝ եթէ երբեք արուեստը մամիկները գոհացնելու կանչուած պարզմտութիւն մըն է միայն։ Այլապէս, մարդերը պարտավոր ենք խնամել, կոկել, ցայտուն դարձնել։ Ո՛չ մէկ յետնաշխարհ ։ Բայց արուեստի գործը չենք կրնար առանց պատիժի ընել մի երես (uniplan)։ Ու մինչ 1910–ի Համբարձում Աղան 1940–ին գունաւոր պատկեր մըն է, Զօհրապի Նիկողոս Աղան Լուսահոգի » նորավէպին մէջ) չէ տուժած այն պարզ պատճառով, որ խնամքի ծնունդ մըն է։

 

Երուանդ Օտեանի տաղանդին սա կարեւոր երեսները երբ կ՚իյնան վերլուծումի, ընթերցողը կը զգայ, թէ քննադատը տառապագին աշխատանք մըն է որ ստանձնած է։ Գրողին ժողովրդականութեան մեծ գահաւորակը, թերթօնը երբ դուրս կը ձգեմ արուեստին շրջանակէն, /384/ առանց խղճահարութեան, չեմ կրնար անտարբեր արձանագիր մը մնալ, անոր վիպակին դերը սահմանելու պահուս։ Նորավէպը արեւմտահայ գրական ճիգին մէջ կը ներկայացնէ բարձր հասկացողութեամբ կեցուածք ու մտադրութիւն։ Ու ծառայած է իբր գետին որոշ նպատակներու իրագործումին։ Գրական մեծ շարժում մը, իրապաշտութիւնը, անոր մէջ դրաւ առաքելութեան ծանրութեան կեդրոնը։ Օտեան կու գայ այդ շարժումէն։ Բայց իր վիպակը հազիւ թէ հաղորդ է սերունդին մայր ցանկութիւններուն։ Ստոյգ է, որ անոր « Համբարձում Աղա »ն « Մաքրինէ » մը (Եղիա) չէ, բայց չէ նոյն ատեն ո՛չ մէկը իրապաշտ հանգանակով գործադրուած պատմումներուն նման կտոր մը, ուր երեւար իր ըրածին հաւատաւոր, իր ժողովուրդին սպասարկու գրագէտի մը կամքը, հոգ չէ վրիպանքի գնով նոյնիսկ (Երուխանի վիպակները)։

 

Ձախողանք՝ վէպի մէջ։ Սահմանափակ նպատակներ՝ վիպակին մէջ։ Օտեանի գրական վաստակին կէսը ու աւելին այսպիսով կը չէզոքանան, անոր գրագէտի դէմքը պաշտպանելու իսկ անկարող, միջակ խստապահանջութեան մը դիմաց, որուն ոգին է, որ կը վարէ ներկայ աշխատանքը։ Նոր օրերու մեծագոյն սեռին մէջ վաւերական գրողի մը սա վրիպանքը անով կ՚ըլլայ աւելի վշտագին, երբ աչքի առջեւ ունենանք վատնուած վաստակը։ Առանց սխալի կրնանք յայտարարել, որ իբրեւ տպուած էջ, Օտեանի վէպը ո՛չ ոքի կը զիջի ծաւալին փառքը։ Թերթօ՛ն։ Անշուշտ։ Բայց Րաֆֆին ալ թերթօններու զոհ մըն է, տարբերութեամբ մը սակայն։ Այսօր « Խաչագողի յիշատակարանը » կը կարդանք, ինչպէս կը կարդանք Վ. Սքոթի « Այվընոհէ »ն։ Այսինքն կը զեղչենք անկէ ինչ որ չենք կրնար հանդուրժել։ « Միջնորդ Տէր Պապան » . Օտեան) մեզ կը նեղէ ո՛չ իր ռոմանթիզմով, ո՛չ կորսնցուցած նորութեան տագնապով, ո՛չ ալ լեզուական հնամաշ, փոշեբոյր տկարութիւններով, այլ հիմնական իր անբաւարարութեամբը՝ իբր արուեստի գործ։

Պատասխանատո՞ւն։

Ինքը, որքան իր ժամանակը։


 



[1] Ահա ամբողջական ցուցակ մը. « Սալիտա Հանըմ », « Ընտանիք, պատիւ, բարոյական », « Թաղականին կնիկը », « Միջնորդ Տէր Պապան », « Դատաստանական խորհուրդին առջեւ », « Մատնիչը », « Ես դրսեցի չեմ առներ », « Թիւ 17 խաֆիյէն », « Կանաչ հովանոցով կինը », « Կաւէ հերոսներ », « Տաբիթա », « Հայ տիասբորան », « Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս »։

[2] Ահա կարելի ցուցակ մը. - « Միքէի սիրարկածը », « Չաքըր Ավրամ », « Ճեպընթաց՝ նորածինը », « Տոքթոր Վարդան », « Վաշխառուն », « Գործ եփող մը », « Ազգային բարերար », « Ոսկեմոլ », « Գործի մարդիկ », « Մուլետ », « Բարի դահիճը », « Մօսա Քլէսիմ », « Համբարձում Աղա », « Բրոբականդիսթը », « Վաճառականի մը նամակները », « Վարպետ Պօղիկարպոս », « Ճուղուպրիստ եւ ընկերութիւն », « Յեղափոխութեան մակաբոյծները », « Լեւոն Շաթրեան »։