Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. [ԻՐ ՓՈՐՁԵՐԸ ԱՅԼ ՍԵՌԵՐՈՒ ՄԷՋ]

Չէօկիւրեան գրած է քերթուածներ։

/487/ Հոս զանց կ՚ընեմ սկսնակի վաստակը, ինչպէս ըրեր եմ բոլոր մեծ քերթողներուն համար ալ։ Կը յիշատակեմ իր « Արձակ երգեր »էն Դ. երգը, որ Թէոդիկի « Տարեցոյց »ներէն մէկուն մէջ է լոյս տեսած։ Մեր գրականութեան այդ ունայնամիտ, չըսելու համար չարաշուք, դայեակը, դռնապանը (դաղիացիներուն concierge-ը) այդ երգին առիթով կու տայ գումարը (քսանհինգ ) այն արձակ քերթուածներուն, որոնք պատրաստ էին տպագրուելու։ Ո՞վ գիտէ ո՛ր բարի հրեշտակը միջամտեց, որպէսզի այդ վիժուկը խնայուէր մեր քերթողութեան։ Իրականին մէջ այդ արձակ երգերը, շատ հաւանաբար զառածումները, ներկուած ու փչուած վերարտադրումը պիտի ըլլային դպրոցական սեղաններու վրայ փառքի արժանացած « Յոռետեսի երգեր »ուն, որուն հրատարակման արտօնութիւնն ալ ստացուած էր, ըստ իր կենսագիրներուն, այդ օրերու (1907) այնքան դժուարահաճ տպագրական տեսչութենէն։ « Ամէնուն տարեցոյցը »ին մէջ տպուած այդ բանաստեղծութիւնը անարժան է նկատառման, քանի որ կու գայ մէկ ու նոյն աղբիւրէն արձակ քերթուածին, սպրիկ ու անհարազատ, կարծես Պոլիսի բովանդակ հոսհոսութիւնը համադրող անօթ մը սնոտիքի եւ կեղծիքի։

Բայց կարդացէ՛ք սա քերթուածը,

ՄԱՐՈՂ ԼԱՊՏԵՐՆԵՐ ...

Վերջալոյսի ծաւալական անդորրութիւնն է համբոյր…։
Հոն բլրակի
սէլվի ներուն հոգին եւ այլ կը կոծի.
Ու սարերուն ծաղկէն բուրումն այերին մէջ կ՚արծարծի։
Մինչ
էզա նին կը մարի յոյզն ծովերուն վրայ ոսկեթոյր։

 

/488/ Խնկաւէտուած արահետէն իջաւ դըւարն շուարուն.
Ալ եղտիւրին մէջ կը նիրհեն դաշներգները զիլերուն...:
Կը մտնէն ներս գերեզմանէն՝ հեզ, յամրաքայլ, ամօթխած
Կիներ նըւաղ, ու մելանոյշ՝ պարիկներու պէս անխօս…

 

Դողդոջ մատով ձէթի լապտերն դամբաններուն կը վառին.
Արդէն ժպիտն իրենց դէմքէն կ՚արտաթորի՝ տրտմահոս.
Ու ցանկութեան կը վառէ հուրն սիրատարփիկ աչքերնին։

 

Յետոյ կ՚երթան մեղկ գիշերին ապրիլ երազն հեշտավար…
…Արշալոյսին սակայն, աւա՜ղ, տրտմահոլով կու գան հոս
Մարել լապտերն ու կարւանն ալ երազներուն անհամար... »։

 

որ լոյս է տեսած « Ոստան » պարբերաթերթի երկրորդ տարիին մէջ։ Ընթերցումը մեր մէջ կ՚արթնցնէ հակընդդէմ՝ տպաւորութիւններ։ Սա հնչեակին ի՞նչն է որ կը պակսի, որպէսզի անիկա ըլլար արժանաւոր հրիտակ մը Չէօկիւրեան բանաստեղծէն, որքան ալ անվաւեր հնչէ սա վերադիրը այդ անունին քով։ Չենք կրնար այս դիտողութիւնը այս ձեւով կատարել « Երնէկ ջուր » . Սեւակ) ոտանաւորին համար, վասնզի այս վերջինը, պատկանելով հանդերձ սխալ ճաշակներէ բռնավար գրողի մը, կրելով հանդերձ այդ շրջանին ախտաւոր կնիքը, բանով մը կը գնէ ինքզինք, որ հարազատ բանաստեղծին շնորհն է, այնքան մեղքերէն, չարիքներէն միշտ ալ զգալի։ Չէօկիւրեանի սա քերթուածին մէջ բաներ կան Պոլսէն, գաւառէն, Եւրոպայէն, գիրքիրէն ու խմբակներէն (դուք կրնաք սրբագրել՝ գրական դպրոցներէն), Մեծարենց ու Տիրան Չրաքեան, Արտաշէս Յարութիւնեան եւ Եդուարդ Գոլանճեան, չըսելու համար ուրիշ անասելի անուններ։ Այսինքն մեր 1900–ը, որուն գերագոյն յաջողուածքը սակայն միայն բանաստեղծական մարզին վրայ արդէն մեզի տրուած էր հաստատել։ Չէօկիւրեանի քերթուածին մէջ պակսածը ապահովաբար քիչ բան է, այդ ալ՝ դարձեալ զանցառելի կողմէ մը, արտայայտութեան գետինէն։ Բայց դժբախտութիւն է, որ քերթուածը չնմանի վիպակին, որ ինքզինք կը յաջողի ազատել, թէկուզ քանի մը լայն վրիպանքներուն մեղքէն, հերիք է, որ մեզի բերէ բաւարարութիւն ուրիշ կողմերէ։ Քերթուածը չի կրնար դիմանալ նոյնիսկ սովորական զանցումներու։ Փոքր անոր ծաւալն է թերեւս պատճառ, որպէսզի խոշորնան փոքրագոյն իսկ զանցումները, մեղանչումները։ Քերթուած մը միջակ չի կրնար ըլլալ ։ « Մարող լապտերներ »ուն մէջ որոշ /489/ կշռականութիւն (բացի ոտանաւորով պայմանաւոր դաշնաւորութեան պարտադրածէն) շրջանակ, պահ, կեանք, խորք, զգայութիւններ, նոյնիսկ քիչիկ մը խորհուրդ, սարսուռ, որոնք մեզ կը տպաւորեն, իրաւ է թէ մեղմ, քիչ ձեւով մը։ Բայց նոյն այդ ոտանաւորին երեսէն մեր մէջ կը յառնեն ուրիշ ալ բաներ խակութիւն, վերյիշում (արդէն լսուած, տեսնուած վիճակներէ), անապահովութիւն մը վիճակը նորոգելու, անճարտարութիւն մը օրօրուն կամ խռովիչ նուազ մը թրթռացնելու, կարճ՝ բոլոր այն անորոշ համակրանքը, չըսելու համար արգահատանքը, զոր կը զիջինք ամէն սկսնակի, երբ ատիկա չէ հանճարային բխում մը, անժուժելի ու բացարձակ։ Չէք մոռնար հարկաւ, որ « Հայրենի ձայներ »ը կը կանխէ « Վանքը », որ վերջին վերլուծումով, յաջող սկիզբ մըն էր արդէն։ Տիգրան Չէօկիւրեան բանաստեղծ մըն է, ինչպէս են այդ օրերուն այնքան անուններ, 1900–էն ետք, զանազան ֆիրմայէ « Մասիս »ներուն, « Ծաղիկ »ներուն, « Լոյս »երուն, « Մամուլ »ներուն մէջ, իրենց տաղանդը դարբնելու, կերպադրելու երազովը, ճիգովը այնքան սրտառուչ ու դժբախտ։ Չեմ խռովեր արդար քունը անոնց, որոնց անունը մուտք չունենայ պիտի մեր քերթողութեան սրբարանէն ներս։ Բայց կան ուրիշներ [1], որոնք «իրենց ովսանն» չեն խնայած հայ գրականութեան ընդհանրապէս։ Որոնք մեր մեծ ռոմանթիքներէն վերջ կրտսերներուն ( Պէրպէրեան, Թէրզեան, Նար-Պէյ, Աճէմեան, քիչիկ մը Սիպիլ, Չօպանեան, իրենց քերթողութեան նախափորձերուն) կողմէ պարպուած վիճակ մը կը կրկնեն, երբ հեռուէն դիտուին։ Սէթեանի քերթողութիւնը Պէշիկթաշլեանի դիւանին հետ բաղդատուած, կը բերէ երեւան կարգ մը հանգիտութիւններ, որոնք ակնբախ են Չէօկիւրեանի սա հնչեակին մէջ Մեծարենցեան բանաստեղծութեան հետ ընդհանուր աղերսէ մը։ Ու ասիկա վճռական է, քանի որ 1911-էն /490/ (քերթուածին երեւման թուականը) մինչեւ 1914 (ուր կանգ կ՚առնէ արեւմտահայ միտքը, ահաւոր սպանդին բարդուող ստուգութեան դիմաց, ինքնակորոյս) երիտասարդ բանաստեղծը պիտի մնար զրկուած բաւարար ժամանակին բարիքէն, ինքզինքը ենթարկելու համար « Վանքը »ին փրկարար փորձին (կ՚ակնարկեմ անոր կառուցման տագնապին)։ Բայց ստոյգ է դարձեալ, որ Չէօկիւրեան չնմանեցաւ, անուն մը յիշելու համար, որ բանաստեղծէ որոշ տաղանդ մը յայտնաբերած ըլլալուն հակառակ ու հակառակ քառասուն տարիէ ի վեր քերթելուն, իմացական շատ մը բարեխառնութիւններ կտրած ու անցած է, անկնճիռ ու միամիտ, միշտ պատմուճանին մէջը իր պատանութեան, առանց երբեք կարիքը զգալու երիտասարդութեան, չափահասութեան ալ փաստերուն, դէպի իր ծերութիւնը առագաստ պարզած (որքան շատ է թիւը այս յաւէտ պատանիներուն)։ Տիգրան Չէօկիւրեան ունէ՞ր գիտակցութիւնը իրեն պակսածին։ Չունիմ բաւարար փաստ այս իմաստութենէն։ Թէոդիկի [2] « Տարեցոյց »ներէն մէկուն մէջ ան ունի « Երգիչը » վերնագրուած բառական ընդարձակ քերթուած մը։ Դէպի պոէմա (արեւելահայ գրականութիւնը օրուան նորութիւնն էր ու բաւական ալ հեղինակաւոր հմայք մը ունէր։ Շիրվանզատէի յոբելեանը մեր գրականութիւնը դղրդող համազգային երեւոյթ էր։ Իրարու հետ շուն կատու արեւմտահայ գրողները հրաշքը իրագործեցին, յարգանքի հարկի մը մէջ, խմբուելու Կամսարականի կոչունքին ) հակող, սակայն ճամբան մնացած սա քերթուածը, առանց այլեւայլի կը հաստատէ Չէօկիւրեանի քերթողական վրիպանքը։ Շունչի պակաս, երեւակայութեան քմահաճ նպաստը, որ պիտի չարտօնէր առաջին հանդիպողին էջքեր կամ խոյանքներ փորձել ժամանակն ի վար ու վեր, մարդերը կենագործելու սրբազան կրակէն իր աղքատութիւնը այդ քերթուածը կ՚ընեն հակառակ տաղաչափութիւն, որով զբաղվել չեմ ներեր ինծի։ Անիմաստ պիտի ըլլար /491/ մատի փաթթել նման անխառն ձախողանքները, որոնք արդեն չեն պատկանիր գրականութեան պատմութեան։ Չէօկիւրեանի բանաստեղծութեանց հատորի մը մէջ ամփոփումը անպէտք կու գայ ոեւէ նպատակի համար։

* * *

Բանաստեղծականին մէջ սա վրիպանքը անզօր է սակայն աղարտելու անոր գրական դիմագծութեան երկրորդ մեծ երեսը, զոր այս անգամ կը ջանամ երեւան բերել քրոնիկներէն [3] ։

« Ոստան »ի վեց թիւերուն մէջ Տիգրան Չէօկիւրեան ստորագրած է մէկէ աւելի ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ, հայ եւ օտար արժէքներու շուրջ, եւրոպացիներուն essais–ն յիշեցնող տարողութեամբ ու թեքնիքով։ Դարձեալ, Մեհեկան ստորագրութեամբ ամէն /492/թիւի վրա կատարած է հանդէս մը, բառին տալով քիչ մը թատերական տարողութիւն։ Այդ նշմարները, հատման փշրանքներ պարունակելէ զատ, արդար, արագ թելադրանքներ են գործերու ընդհանուր ձգտումներէն, բարեխառնութենէն։ Գնահատման (հին առումով, ուր կը մտնեն արժէքին չափ վրիպանքին ալ բաժինները) սա ամփոփ փորձերը, անշուշտ կատարուած առանց յաւակնութեան, զիս կը ձգեն անտարբեր, եթէ երբեք փաստը չարժեւորեն գրnղին ընդհանուր նկարագրին, ու մանաւանդ չունենան իրենց մասնաւոր ալ նպաստը Չէօկիւրեանի արտայայտութեան գործիքը ճկելու, կոկելու, ճարելով անոր բնականութիւն, արագութիւն, ողորկութիւն, սեղմութիւն ու tenue մը, որոնք յետոյ պիտի ըլլան այնքան օգտակար անոր վէպին համար։ Այդ մարզանքն է, որ պիտի հալեցնէ անոր արձակէն 1900–ի բոլոր բիրտ խստութիւնները, լալուկ կոտրտուքները, ապուշիկ նրբամոլութիւնը, դերբուկները, որոնք անընթեռնելի կ՚ընեն անոր երգերը, « Յոռետեսի երգեր »էն զառածած ու մեր արձակ քերթուածին բոլոր շահատակութիւններով, սպառազէն, այնքան, որ հիմնովին խղդուէր այդ ամէնուն տակ թերեւս հարազատ ալ զգայնութիւն մը։ Երկար ատենէ ի վեր թուրք գրաքննութեան ճնշումով ինքզինք զսպելու հարկադրուած հիւանդութիւնը կրելու, ասոր ամենէն յաւակնոտ կերպին՝ գիրք հրատարակելու, մէկէն կը վերածուի տեսակ մը իմացական փորհարութեան։ Հրապարակը, 1910–էն ասդին տառապէս ողողուած է ամէն կարգէ ու ձգտումէ, արժէքէ ու կշիռէ գործերով։ Չէօկիւրեանի պատրաստութիւնը անբաւական պիտի գար սա այլազան արտադրութիւնը պարկեշտ չափերով, արդար չափանիշներով արժեւորել ձգտող աշխատանքին։ Ան ստիպուած է հասնիլ « Ոստան »ի խմբագրութեան ուղղուած բոլոր հատորները առնուազն ներկայացնելու քաղաքավար պարտականութեանց սպառիչ ճիգին, կարդալ իրարմէ բոլորովին հեռու ձգտումներու ծնունդ, յաճախ խակ, յաւակնոտ գիրքեր, գտնելու համար ըսելիք բան մը, բարի նիշ մը ամէնուն։ Այսպէս է, որ ան պիտի փորձէ իրեն հիմնովին պակսող ընկերաբանական (արեւելահայերուն սոցիալակա՜նը) հմտութիւնը փոխանակել կցկտուր ծանօթութիւններով պրոշիւրներու բարի՛ք ու խօսիլ Վարանդեանի գործէն, որ աժան յաւակնութիւններու, վարժապետական գիտելիքներու ասպետն է այդ օրերուն, ու դառնալ համալսարանական տիրացուն, որ իր դասերուն արձագանգը կը պտըտցնէ անծակ երջանկութեամբ մը. ու խօսիլ նոյն ատեն Լեւոն Էսաճանեան անունով փախուկի մը տաղաչափական ձաբռտուքներէն, անոնց մէջ գտնելու համար անգոյ տաղանդին /493/ մասունքները։ Այս երկու օրինակները եզրեր են, ցոյց տալու ծառայող այն թշուառ ժամավաճառութիւնը, որ նուէրն է ապահովաբար այդ հեղեղին։ Բայց ամէն չարիք կրնայ բարիք մը դառնալ։ Չէօկիւրեան կը ծաղրուէր Սիամանթոյէն իբր քնարականութեան ձախաւեր ասպետ, որ ոչ միայն գրելու ատեն նիզակ կը ճօճէր, այլեւ աւելի անմեղ պահեր, երբ, օրինակի համար աշխարհագրութեան դաս մը կ՚աւանդէր…։ Խառնուածքի սա զեղումը անոր ոճին վրայ դուք կը հասկնաք, թէ ի՛նչ չարիքներու դուռ կրնայ բանալ։ « Ոստան »ի քրոնիկները եղան այն աշխատարանը, ուր Չէօկիւրեան հրաժարեցաւ բանաստեղծական զրահանքէն ու գտաւ պարզ միջոց մը իր մտածումները բանաձեւելու։ Չեմ զբաղիր այդ քրոնիկներուն խորք ծառայող իմաստի եւ հմտութեան քանակէն, ո՛չ թէ անոր անբաւականութեան փաստը օգտագործելով, այլ անկշիռ այն դերին պատճառով, որ պարբերաթերթի մը խմբագրութեան politesse-ը ունի իրեն զսպանակ։

 

Անշուշտ, համապատկերի մը մէջ չունիմ տեղ, արժեւորելու համար, հեղինակներու սա չորրորդական, պատահական, հանդիսական կողմերը, թերեւս քմահաճոյքները, շատ յաճախ զառանցանքները (Եղիայի արձաններուն մէջ յիշեցէք տեղը գրական, բանասիրական, լեզուաբանական, կրօնապատմական, ազգային հարցերու լուրջ վատնուած ճամարտակութեան, յիմարականին Բայց Չէօկիւրեան Շիրվանզատէի գործին նուիրած է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը, որուն կառոյցը, ընդլայնումին հաստատ եղանակը, շունչին ուժն ու մտածման արարքին լրջութիւնը ուշագրաւ են, հաւասար, եթէ ո՛չ աւելի, հրապարակին ամենէն վաւերական վարպետներուն, գեղագէտ-քննադատ որակուած համբաւներուն իրագործած բազմազան, բազմախորհուրդ ուսումնասիրութիւններուն։ Չէօկիւրեան Չօպանեանէն անմիջապէս վերջ կը զետեղուի, առնուազն իր շունչովը:

Հնուց խօսք է անտեղի է քննադատութեան մը քննադատութիւնը։ Այսօր մենք պիտի նեղուէինք այդ յօդուածին մէջ Ոստան », « Շիրվանզատէի գրական գործը ») պաշտպանուած ոչ միայն թեզերէն, այլեւ կերպէն, որով մտածման արարք մը, արեւելահայերուն մօտ հասկնալի, բայց արեւմտահայոց համար անընդունելի ներողամտութեամբ մը, կը վերածուի ուրիշին գիրքը պատմելու անփառունակ խաչագողութեան։ Այս զառածումը [4] չեմ փաթթեր մատի, /494/ քանի որ առնուազն Չէօկիւրեանի մօտ ոճի անժուժելի տափակութիւն մը խնայուած է մեզմէ։ Չէօկիւրեանի ուսումնասիրութիւնը իր արժանաւոր տեղը ունի արեւելահայ «տաղանդաւոր վիպասանին» ու «անզուգական թատերագրին» ի պատիւ Տ. Կամսարականի կողմէ նախաձեռնուած « Գրական կոչունք »ին, ուր բազմականները ջոջ դէմքերն են արեւմտահայ գրականութեան։

 

Իր անբաւարարութեանը հակառակ [5], այդ հատորը թանկագին է սակայն, ինչպէս ըսի, արեւմտահայ գրական հասկացողութիւնը լիովին պարզաբանող իր տարողութեանը պատճառով։ Հոն դատելու արարքը կը վերածուի կեանքի, տպաւորութեանց հանդէսի մը եւ ոչ թէ անհանդուրժելի այն տիրացութեան, որ դպրոց է կազմած արեւե/495/լահայ գրականութեան մէջ։ Ու ի՞նչ մեղքս պահեմ, Չէօկիւրեանի յօդուածը ինծի համար ունի երէցներուն ամբողջ լրջութիւնը, ինչպէս նաեւ մոտեռն այն հովը, որով քննադատութիւնը կը պատրէ իբրեւ ճշմարիտ գրական սեռ մը ծածկել ջանացող լրագրական իր ծագումն ու ինքզինքը արժեւորելու եղանակը։ Եթէ Մեհեկան ի գրչէն ելած դատումները մեզ կը ձգեն անտարբեր, վասնզի կու գան աւելի քան լրագրական կարիքներու մղումէն, Շիրվանզատէի հատորին մէջ զետեղուած յօդուածներէն։ Չէօկիւրեանի գրածը ամենէն ամբողջ պատկերն է այս մարդուն վաստակին, ամենէն բովանդակալիցը, գործածելու համար յիմար բառ մը։ Ու գեղեցիկ յաջողուածք՝ երբ բաղդատուի արեւելահայ քննադատի մը հոյակապ եղջերուաքաղին, ուր tour de force–ը կը փորձուի քանի մը հարիւր էջերու վրայ համառօտագրելու, ինչ որ վիպասանը սեւեռած է, մեծ դժուարութեամբ անշուշտ, երեք հազարէ աւելի էջերու մէջ, կեանքին շուքը, ուրուագիծը (ինչպէս Սիմոն Յակոբեանի « Շիրվանզատէ »ն)։ Անշուշտ Չէօկիւրեան չէ նորոգած գործ մը համալրելու արեւելահայ եղանակը, այնքան յաւակնոտ որքան անմեղ, բազմօգուտ որքան տափակ, որ կը կայանայ հեղինակի մը գործին ամփոփմանը մէջ, պատմելով իր կողմէն, այնքան անծակ երանութեամբ, այդ գործը կրկին, ու այդ առիթով խօսքեր ծախսել տիպարներուն, ասոնց կազմութեան, արարքներուն, բարոյական եւ ֆիզիք նկարագրին շուրջը։ Եւ սակայն պարտք է աւելցնել իսկոյն, որ Տիգրան Չէօկիւրեան յաջողած է ազատել ինքզինքը սա ջուրոտ, յաւակնոտ շառլաթանութենէն։ Իր ընթերցումները (որոնց սահմանը տակաւ կ՚ընդարձակուէր), Չօպանեանի տիրական եղանակը թերեւս կը միջամտեն սա արդիւնքին մէջ։ Չէօկիւրեան զգուշութեամբ ու պարկեշտութեամբ վճարած է իր պարտքը արեւելահայ եղանակին, նուիրելով՝ համաձայն ներկայացուելիք կտորին ներքին տարողութեան, երբեմն քանի մը տող, ուրիշ անգամ ալ քանի մը էջ, զանոնք ամփոփող, բայց միշտ ի խնդիր ընդհանուր գաղափարի մը ապացուցումին։ Յետոյ, կը զգաս որ գիրքը համառօտելու արարքը աճապարոտ, երկրորդական՝ դժկամ բան մը կը դնէ այդ ամփոփոյքին մէջ, քանի որ չի բռնանար ։ Ո՛չ թէ կեանքի պատկերացումը կը կազմէ մայր մտադրութիւն մը, այլ գաղափարներու ապացուցումն է, որ ընթացք կու տայ անոր յօդուածին նկարագիրը essais–ին։ Սխա՞լը եւ ո՞ւր չէ ինկած այս տղան սխալի մէջ համադրումի իր ճիգին համար պատմումին, ներկայացման վրայ իր լիակատար վստահութիւնն է, ու ասով՝ նախաձեռնութեան պատկանիլը ո՛չ թէ գաղափարներուն, այլ պատմումին։ Ընդարձակ /496/ ստեղծում մը, որպիսին է Շիրվանզատէի վաստակը, նուաճելի չէր Չէօկիւրեանի միջոցներով, ուժով, որոնք քրոնիկինն են առաւելագոյն չափով։ Ու մենք կ՚ունենանք, համադրական համապատկերի մը փոխան՝ վերլուծական առընթերադրումը, ժամանակագրական կարգով գործերուն մատուցումը։ Հարկ կա՞յ, յիշեցնելու նման եղանակի մը վտանգը։ Ըսի արդէն, թէ մինակ սա հանգամանքը բաւ է, որպէսզի տրտմութեամբ, չասելու համար զզուագին, մենք հեռանանք ամէն ուսումնասիրութենէ, ուր մեր գիտցածը միշտ կը կրկնուի արքենի աներեսութեամբ, անփութութեամբ։ Ուրիշ վտանգը՝ կերպին, մեզ արգիլելն է գործին վայելքէն, քանի որ այդ համառօտագրումները կը յագեցնեն մեր հետաքրքրութիւնը։ Արուեստի գործի մը Չէօկիւրեան անոնցմէ էր, որ կը հաւատային քննադատութեան իբր արուեստի մը, Օսքար Վայլտի աֆորիզմ ները լուրջի առնելով հիմնական տարրը կեանքն է, ամէն բանէ առաջ։ Համառօտուած բանը ՝ կեանքը չէր կրնար ըլլալ անշուշտ։ Գիրքի մը վրայ գրուած որեւէ ամփոփում մեզի կը բերէ տեղեկութիւն, բայց կը սպաննէ կեանքը։ Մենք կրնանք սորվիլ, բայց չենք ապրիր, երբ մեզի մատուցուածը կեանքի թելադրանքէն պարպուած անոգի տեղեկագիր մըն է։ Արուեստը աւելեալն է, նորոգուիլը, ազնուանալը ՝ պիտի գրէի, եթէ չվախնայի Շիրվանզատէի ուրուականէն, որ կրնար զայրագին վար խուժել իր երանութեան կայաններէն եւ հաւարի տալ գրական մեր խեղճուկ հասարակապետութիւնը։ Իր մենաշնորհը՝ բարոյականին, ազնիւին, գեղեցիկին ու վսեմին համար երկրի վրայ իր վաստակած մենաշնորհը չյարգող հոսհոսութիւն։

 

Այնպէս ինչպէս կ՚երեւայ դատումի մարդը « Ոստան »ի այդ ու սումնասիրութեան ընթացքին, որ տաք, քիչիկ մը ճապաղ, բայց երբե՛ք տափակ մտածողութեամբ, ու այնպէս, ինչպէս էր Մեհեկան ը, իր « Գրական քրոնիկներ »ուն մէջ, արագ, վառվռուն, քիչիկ մը կարճառօտ որովհետեւ շատ երիտասարդ իր վճիռներուն առնուազն իւրայատուկ արդարացիութեամբը, « Գրական ասուլիսներ »ու [6] հան/497/դիսական հիւրերուն, համախմբումներուն իր քնարական տրամաբանութեամբը, երբ կը խօսէր իր միտքէն աւելի սիրտին անսալով, ես կ՚ընդունիմ Տիգրան Չէօկիւրեանի քննադատական էջերը իր սերունդին աւելի ճիշդը այդ սերունդէն իր թեւին ընդհանուր միջինին (արդիւնք) վրայ, ո՛չ անշուշտ իբրեւ փառքի միութիւն մը, այլ իբրեւ արդար, պարկեշտ հետաքրքրութեանց արձագանգ մը, գրական հարց ին հանդէպ իր խանդոտ, կրքոտ ախորժակներուն ազնուական յայտարար, վկայութիւն ։ Պարտաւոր եմ հոս անգամ մըն ալ թարմացնել գարշանքը, զոր կը ստեղծէին, իրմէ չորս-հինգ տարի առաջ շողոմի կամ լուտանքի անարգ գապալները, գործ՝ այս ու այն հտպիտին։ Կրնաք շրջանը երկարել մինչեւ 1900, ուր երջանկափառ ( օգոստափառը այդ օրերուն հզօր ածական մըն է, մարդիկ բախտովն էին կրկնափառ՝ թերթերու մէջ իրենց սիւնակը բնակելու կամ հանդէսներ վարելու իբրեւ տնօրէն–խմբագրապետ, մարդիկ ի՛նչ ճճի փառամոլութեանց, ի՛նչ զզուելի հաշիւներու յորդորանքին չէին ենթարկած դատաստանական սա հանդիսանքը։ Տրտմութենէ աւելի բան է մտաբերել 1905-1906–ի քննադատութիւնը, իր բովանդակ ունայնութիւնը այնքան բնական ամբարտաւանութեամբ մը զգեստաւորած, գապալը՝ Ենովք Արմէններուն, Փայլակներուն, Տօմինօ ներուն, /498/ Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆներուն, Լեւոն Քիրիշճեաններուն, Թէոդիկներուն ու աւելի տղմոտ անուններու, մեր գրականութիւնը չափող, ձեւող, մունետիկող։ Շքախումբէն կը զատեմ Արտաշէս Յարութիւնեանը, ո՛չ իր դատումներուն տարողութեանը զիջումով մը, այլ շահասիրական, ունայնամտութենէ անմասն իր պարկեշտութեան համար, Արամ Անտոնեանը, որուն խառնուածքը միշտ անհաւասար, որուն կիրքը միշտ թանձր ու զօրաւոր, անոր յարձակումները կ՚ընեն առնուազն արի ու արու արարք մը։ Ան ալ գոված է, պոլսեցի էֆէնտիի մը բնատուր ճկունութեամբը, բայց պատած է համեմատական հեստութիւն մը, անկեղծութիւն մը, լրջութիւն մը, որոնք դատաստանական հովը կը վանեն իր գործէն։ Տիգրան Չէօկիւրեան իր հիացումները, զայրոյթները, մտածման մեքենականութիւնը իրագործեց սա բարքերու, աւանդութեանց, օրինակներու եւ բարեխառնութեանց ընդմէջէն։ Ան սորվեցաւ, թէ ի՛նչպէս մարդիկ կեանքի մէջ իրարու խունկ կը ծխէին, օտարներու առջեւ, բայց իրենք իրենց մէջ զիրար չէին վախնար աղբի մէջ թաղելէ։ Յետոյ՝ զուր տեղը չէ, որ մենք կ՚ապրինք այս կամ այն միջավայրին մէջ։ Մինչեւ 1909–ը երկարաձգուող սա շահատակութիւնները բախտ է, որ չըլլան վերջնապէս խաթարած սա տղան։ Երբ, քանի մը տարի վերջ, գրքունակ ու ատոր բարքերով կրկնապէս խարանաբար այդ տրտմութիւններէն կը յառնէ Տիգրան Չէօկիւրեանի մէջ, չեմ ըսեր տիրական դատող մը, արի, անշահախնդիր ու խորապէս պարկեշտ, այլ ա՛ն, որ կ՚ամչնայ գէթ շնականութենէ, սուտէ ու ի պաշտօնէ, նուիրագործեալ շողոմէ, ու կը գրէ, հազիւ զգալի յաւակնութեամբ իր գրականութիւնը շահագրգռող երեւոյթներու վրայ իր մտածումը, մենք չենք արտօնուած անոր մէջ վրիպած քննադատ մը ողբալու։ Չէօքիւրեանի համար կանխահաս էր Շիրվանզատէ մը համադրել։ Ո՛չ իր ուժերը, որոնք մատաղ էին շատ, ո՛չ ալ պայմանները, որոնք արեւելահայ փառքին փողարները եղան ու մթագնեցին ատենի մը համար արեւմտահայ պայծառ մտածողութիւնը, չեղան նպաստաւոր, որպէսզի մերինէն գրեթէ հիմնովին տարբեր ժողովուրդէ մը (սխալ չէ այսպէս զգալ ու տեսնել արեւելահայերը) ընդարձակ բարքերուն, երազներուն, պայքարներուն, նոր հաստատուած բայց իր շրջափոխումը այնքան արագ կատարելագործած ընկերութեան մը այնքան հարազատ այդ պատկերացումը ըլլար նուաճելի, համատեղելի տակաւին երեսունը չմտած ու սանկ ու նանկ կրթութիւն մը միայն ճարած գրողին կողմէ։ Կամսարականի հրատարակած գրական « Կոչունք »ն ալ, այդ երեւոյթին շուրջը, տարբեր ճակատագիր չունեցաւ։ Չէօկիւրեան իր տարիքին քնա/499/րականութիւնը սպառեց։ Ինչ ալ ըլլան կշիռն ու ծանրութիւնը սա վերապահումիս, անկարելի է չհամակրիլ Տիգրան Չէօկիւրեանի փորձին ։ Երեսուն տարի առաջ ալ, անոր « Վանքը » ողջունած էի գրեթէ նման տարազով։

* * *

  Կը մնայ խօսիլ Չէօկիւրեանի քրոնիկին միւս երեսներէն։ Զանց կ՚ընեմ իր յօդուածներէն, դասերէն (խօսած է, անամբողջ ու հատուկոտոր տուեալներու միայն կռթնող նօթերու վրայէն, հայ երաժշտութեան, ժողովրդական բանահիւսութեան, մանրանկարչութեան մասին ափյափոյ դասեր, որոնց տարրերը արդէն կան արձանագրուած « Վանքը »ին մէջ), անոնք, որ պատահական կարիքներու գոհացումը ունեցան։ Դարձեալ « Ծաղիկ » հանդէսին մէջ Ումէտիկ Պէյտա նկարչի մասին իր ուսումնասիրութիւնը դուրս է նկատառումէս, քանի որ գրական լիրիզմի կը վերածուի դատումի ճիգը, ճիշդ ինչպէս է պարագան Չրաքեանի « Նկարը » վերնագրուած ընդարձակ նկարագրականին ։ Կը զբաղիմ եւրոպական ոստաններէ իր տպաւորութեանց հանդէսովը, որ արուեստի քրոնիկ մըն է, ամէն բանէ առաջ։

 

Քանի մը տարի յաջորդաբար Չէօկիւրեան իր դպրոցական արձակուրդները օգտագործեց Եւրոպա ընելու, ինչպէս կ՚ըսէին այդ օրերուն, քաղցր ու իրաւ կարօտին խառնելով քիչիկ մըն ալ տիրացուութիւն։ Ամէն ճամբորդութիւն առնուազն հոգեկան նորոգում է։ Արեւմտահայ գրականութիւնը այդ Արեւմուտքէն ունի արժէքաւոր տպաւորութիւններ։ Չօկիւրեան իր սերունդէն առանձին նմոյշ մը չէ անշուշտ։ Լռութեամբ կ՚անցնիմ « Միամիտի մը արկածները » անուանուած պղտոր փորձին վրայէն։ Բայց կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան հարազատ ու թունդ իմաստը « Ներաշխարհ »ին, « Ուղեւորի մը էջերը » լեցնող պայծառ, կարճ բայց հաստատ զգայութիւններուն։ Այս գիրքերը ո՛չ միայն իրենց հեղինակները կը կերպադրեն, այլեւ իրենց արժանաւոր տեղը ունին արեւմտահայ գրականութեան փառքերուն մէջ։

 

Համեստ ծագումով սա սեռը ( Գրիգոր Օտեանի այդ կարգի քրոնիկները այնքան անբաւական են այսօր, բայց « Փարիզ եւ Լոնտոն »ը, առանց Հիւկոյիկ հակազդեցութեանց մարմաջին, պիտի տար, կրնար /500/ տալ երկու ոստաններուն քաղաքակրթական ճակատագիրը) Չէօկիւրեանի օրերուն կը թուի իր փառքը որոճալ։ Գրողներու հոգեկա՞ն շրջափոխութիւն, թէ գրական հրապարակին յաճախուիլը ուրիշ, աւելի բարդ ու խոր մտահոգութիւններէ, պատճառ են, որպէսզի տարաշխարհիկ սա տպաւորութիւնները իրենք զիրենք արտադրելու համար, գրի առնուին նկարչական սուր ախորժակներով ։ Ատիկա թերեւս աղօտ մէկ արձագանգն է նկարչամոլութեան, որ 1895–էն մինչեւ 1910 կատաղօրէն տիրապետեց, մեր մեծագոյն գրողներն իսկ ենթարկելով իր տարփանքին։ Թերեւս նկարչական որոշ տաղանդով մարդոց (Չրաքեան, Չէօկիւրեան, նկարներու հանդէպ քմայքէն անդին անցած են, արուեստի տագնապներ ալ դիմաւորած։ Կոստան Զարեան նկարչական քննադատ մը ըլլալու իր յաւակնութիւնը պիտի ջանար արդարացնել իր մեծատարած գործովը, որուն կէսէն աւելին հանուած է ճամբորդութիւններէ) մօտ սա կեցուածքը ունենայ իր արդարացումը։ Չէօկիւրեանէն մեզի ծանօթ, այսինքն լոյս տեսած [7] /501/ կտորները ունին հէնքի զանազանութիւն մը, rendu-ի ամրութիւն մը, դիպողութիւն (յարմարութիւն, որ մեծ չափով կու գան նկարիչէն ։

Եւրոպական մեծ ոստաններու մէջ այդ արագ փոխադրումներուն բարիքը, ինչպէս անպատեհութիւնները, համադրող էջեր են, որոնք կը կարդացուին, քառորդ դար յետոյ, ե՛ւ ձանձրոյթով, ե՛ւ հետաքրքրութեամբ։ Քրոնիկին խորագոյն պայմաններուն ծնունդ այս հանգամանքը չեմ տանիր իր ժխտական արժեւորման։ Բողոքներուն ու ասոնցմէ բխող հոգեկան գրութիւններուն նկարագիրն իսկ է սա անկայուն, անյարիր պատկերը, պատկերացումը։ Չէօկիւրեան միայն չէ անցած այդ ոստաններէն աչքերը գոց, ինչպէս է պարագան այնքան անգամներ Զարեանին, կամ չէ պտըտած այլ տեղերը իր մտքին մէջ կանխապէս արմատ նետած այս ու այն գաղափարը ապացուցանելու ամուր հաւատքով, ինչպէս սիրեց ընել Չրաքեան, իր ճամբու ընթացքին ներկան ու պատմութիւնը ենթարկելով ատոնցմէ մեր, անդին գոյ, իր մտքին մէջ ապրող խորհուրդներուն ծանրութեան։ Այնպէս, ինչպէս տուած է Չէօկիւրեան իր տպաւորութիւնները, այդ կեանքը (մտքէն ու նիւթէն, երազէն ու օրէն) մեզ կը գրաւէ։ Ձանձրոյթին բաժինը հաւանաբար կու գայ այդ նօթերուն տարաշխարհիկ (exotiquie) նկարագրէն։

 

Պատերազմի տարին (1914) Չէօկիւրեան իր արձակուրդը յատկացուց մեր Հայրենիքին։ Տագնապը զինքը գտեր էր Վան, ուրկէ իր ճակատագիրը զինքը պիտի տանէր Կովկաս ու ... Պոլիս։ Մինչեւ իր ձերբակալումը Չէօկիւրեան ինձի խօսած է այդ Հայրենիքէն։ Իր տեսածները տխուր, յուսաբեկիչ ըլլալով հանդերձ (մեր ներքին պառակտումները, եղբայրադաւ հակումները գերագրգռած էին իր ջիղերը), ունէին նկարչի նոյն ցայտուն, թարմ գիծերը, երկրին արտաքին պայմաններէն, ինչպէս են արդէն իրմէ տպուածները Վենետիկէն, Ամսթերտամէն, Դանուբէն։ Հայ Հայրենիքէն միմիայն pittoresque տեսնելը կը մեղադրէի իրեն, առանց անդրադառնալու, որ մեր երկիրը իր իրաւունքը կը պահանջէր իր զաւակներէն, որոնք /502/ տարտղնուած հեռաստանին խորշերը մինչեւ, այդ կարգէ պատահմունքներով միայն արտօնուած էին իրենց պապերուն զգայութիւնները վերագտնելու։ Նորոգուած հոգին տխուր վախերու տակ չկրցաւ ինքզինք ամբողջութեամբ արժեւորել։ Իր նօթերը յուշագրումներ էին միայն ու ինք կը վարանէր զանոնք մշակելու, կազմելու, ինչպէս ըրած էր Եւրոպայի համար։ Բայց կրնամ հոս արձանագրել իմ տպաւորութիւնը Չէօկիւրեան իր հոգեկան մեծագոյն մկրտութիւնն էր, որ կ՚առնէր այդ թշուառ Հայրենիքէն։

 

Իր Եւրոպայէն մեզի ձգած է նոյնքան շահեկան զգայութիւններու մթերք մը։ Իր նշմարները այդ կեդրոններէն, հոլանտական քերմէսէ մը իր ապրումները, Ռամպրանթի գործին դիմաց իր փոթորկումը ան տուած է կենդանի, սարսռուն ոճով մը, որուն խնայուած են հաւասարապէս Չրաքեանի նուրբ իմաստակութիւնը, Զարեանի քմայապարը պատկերէ ու բառէ։ Իր տպաւորութիւնները Վենեցիա յէն եթէ անբաւական կու գան Ադրիականի այդ դշխոյին բովանդակ գրաւչութիւնն ու խորհուրդը նուագելու, կը պահեն սակայն համեմատական շահեկանութիւնը հաստատ, պարզ ու նոյն ատեն խորանալ փորձող պատկերացումին։ Ինքնուրոյն են անոնք իբրեւ ձեւ, որքան իրաւ իբրեւ ապրումի անդրադարձ։ Այս բոլորը յաւելումներ են անոր գրական դիմագծութեան։

 

Ուրախ եմ հոս, կարենալ գրելու, որ իմացական սոփեստութիւնը, զուտ նկարչական նարկիսականութիւնը, հնախօսական, պատմագրական հում հմտութիւնը եւ ստերջ հետաքրքրութիւնը, աժան բարքերու ցուցակագրութիւն, գրեթէ զսպուած են Չէօկիւրեանի մեզի ձգած էջերուն վրայ։ Շատ տեղ ան գտած է կեանքը, որ փողոցներուն երեսին՝ ինչպէս թանգարաններուն ներսը, պատերուն կտուրներէն, ինչպէս արձաններուն անզգած մսուքէն կը խօսի մէկ ու նոյն լեզուն, հերիք է, որ ականջ ունենանք զայն լսելու։ Չեմ երթար առաջ, բախտորոշ համեմատութիւններու տակ ստուերելու համար արժէքը իր ճիգին։ Ան Զօհրապ մը չէր, կեանքին ծուծը հանած, ինչպէս կ՚ըսեն, որ մահուան քաղաքներուն մէջ տեսաւ մահուան իմաստը միայն, բայց անկարող եղաւ կեանքը վերակազմելու Ուղեւտրի մը էջերը »)։ Ան չեղաւ Չրաքեան մը, որ ոգեկոչումն ու նկարչի բիբը պիտի չարչարէր նոր, անտիպ, բռնի, հպանցիկ մտածողութեան մը յառնումին յատկացնելով զանոնք։ Ըսաւ իր տեսածները, որոնք անշուշտ արժանի էին պահուելու։

* * *

/503/ Չեմ զղջար, որ Տիգրան Չէօկիւրեանի վրայ սա փորձը հասաւ սա ծաւալին։ Իր սերունդին մէջ անոր պակասը, առանց ըլլալու ծանրակշիռ, պակասը պիտի ըլլար դժուար որակելի շնորհի մը։ Երիտասարդութիւնն էր անիկա, ուր Պոլիսն ու մեր Հայրենիքին հոգին (որբութիւնը) իրարու հետ հաշտ եղան։

 

 



[1] Արտաշէս Յարութիւնեան, Եդուարդ Գոլանճեան, Լեւոն Քիրիշեան, որ յետոյ պիտի ըլլար Լեւոն Լարենց, Մերուժան Պարսամեան, uանկ վեց–եօթը դիւաններու հեղինակ ու մինչեւ հիմա Պեգասոսէն չհրաժարած, օտար բարբառով, Կ. Ոսկեան, որուն զգայնութիւնը հարազատ բանաստեղծէ մը կու գայ, բայց որ չէ յաջողած զայն ազատագրել, նոյնիսկ Հերանոյշ Արշակեան, Հրանդ Նազարեան (որ յաղագս մեծութեան, իր մականունին ազնուութեան տառը, ց մը կ՚աւելցնէր ուզած ժամանակ), Իսրայէլ Տխրունի, Յակոբ Սիրունի, ամերիկեան նուէր մէկէ աւելի փարթամ համբաւներ, որոնք ովկիանոսը անցան, բայց չկրցան հայոց բանաստեղծութեան փոքր պատնէշը բարձրանալ ու ինկան անոր առջեւ։ Բոլորն ալ աւելի կամ նուազ տաղաչափներ եղան։ Մեղքը իրենց ճիտը:

[2] Սարսափելի, սուտ ու փուտ հիմնովին հոսհոս սա մարդը, որ մեր 1900–ը կ՚երկարաձգէր 1908–էն ասդին, ու պատերազմէն ալ ասդին, երբ կը կազմէր իր հիւրանոցները, այս ու այն լուսանկարները, այնքան թացիկ փաստերով պճնազարդած: Այդ կեանքին դէմ իր զայրոյթին մէջ, չէի կասկածեր, թէ մեր գրականութեան հոլովոյթին համար որքա՛ն թանկագին փաստեր կը հաւաքէր, առանց գիտնալու։ Որքա՛ն արձակ քերթուածներ ու որքա՛ն բանաստեղծութիւն, որոնք այդ պանդոկին մէջ այնքան զզուելի կը թուէին ինծի, այսօր ահա կ՚արդարացնեն իրենք զիրենք։ Գէշ ճաշակին այդ ախտաւոր մշակը իր « Տարեցոյց »ներուն մեղքը այս կերպով երբ կը քաւէ, առնուազն արժանի է հոս յիշուելու:

[3] 1910–ին քրոնիկը, մեր գրականութեան այդ շատ անուշիկ, կենդանի սեռը ենթարկուած է որոշ այլասերման։ Մեր հետաքրքրութեանց ընդարձակումը, գրաքննութեան բարձումը, մեզ բզկտող զօրաւոր կիրքերը լայնօրէն բացած են մեր լեզուն դէպի բուռն, երկարաձիգ յօրինումները, որոնք կերպարանքը կ՚առնեն պրոշիւրներու գրականութեան: 1885–ին, 1890–ին Գրիգոր Զոհրապ իր ճամբորդութեան տպաւորութիւննեըր եթէ երբէք ըլլար փորձուած գիրի կապելու, պիտի չգրէր ասոնք այն ձեւին տակ, որով լոյս տեսած են իր այդ տպաւորութիւնները 1913–ին, այլ Արփիարեանի « Օրուան կեանքը »ին կամ Հրանդի « Յիշատակներ »ուն իրապէս քրոնիկը արդարացնող կաղապարով։ Քրոնիկին սա նոր կերպարանքը, որուն կեանքէն դէպի օրուան գրական նորութիւնները, ախորժակները ուշագրաւ միակ փոփոխութիւնն է այդ սեռին մէջ։ Մեր կեանքին մեծ փորձերը կը սնուցանեն մեր զօրացած, ճիւղաւորուած կուսակցական մամուլը։ Գրախօսականը արդէն քաղաքացիական իրաւունք է ստացած դեռ 1900–էն։ Ու մակաբոյծ այդ սեռին բախտն է, որ կ՚իշխէ այդ թուականէն ասդին։ « Հանդէս »ներուն մէջ ո՛չ միայն փառասիրութիւն, այլ պարտք մըն է քանի մը տաղանդաւոր կամ խածան էֆէնտի ապահոված ըլլալ, այս ու այն յարձակումները վարելու կամ դիմաւորելու։ Գեղեցկագէտ–քննադատը տարազ մըն է, զոր ամէն քիչ մը բարձրաձայն արձակագիր կը զգենու մեր մէջ՝ իր վճիռները պատգամելու այս ու այն գրական հարցին, գործին վրայ։ Այլեւս մարդիկ անբաւական կը գտնեն վիպողը, քերթողը առանձին-առանձին ըլլալ։ Ու կը հաւատան ըլլալ ատոնց հետ միասին քննադատը ։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ « Ոստան » պարբերաթերթը ծնունդ կու տայ Չէօկիւրեան քննադատին։ Ասիկա անշուշտ չի նշանակեր այդ կողմէ արժեզրկել փորձել Տիգրան Չէօկիւրեանը, այլ ըսել՝ թէ ո՞ր մղումին գնով ան պիտի դառնայ դատող։

[4] Սահմանադրութենէն ետք արեւելահայ արշաւանքը կատարեալ գրառման մը ձեւը առաւ մեր իմացական, ազգային գործունէութեան մեծ երեսներուն վրայ։ Եթէ երբեք մեր քերթողութիւնը քաջութեամբ դիմադրեց սա յարձակողականին, պատճառը արշաւողներուն բացարձակ բոպիկութիւնն էր բանաստեղծութեան նոյնիսկ ըմբռնումին մէջ։ Բայց մեր կուսակցութիւնները ընկճուեցան։ Բայց մեր մամուլը տեղի տուաւ ճնշումին։ Մեռաւ, դիտապաստ, մեր քրոնիկը արեւելահայ պրոշիւրային իմաստակութեան նուազումներուն մէջ։ Ցնցուեցաւ մեր քննադատութիւնը, որդեգրելու աստիճան գեղջուկ այդ մարդոց մեթոդները։ Չէօկիւրեան կը փորձէ ազատագրութեան պայքար մը, որ սրտառուչ է, որքան դժնդակ։

[5] Սիմոն Վրացեան, մատաղատի քննադատը, կազմուած արեւելահայ աւանդութեանց մէջ, բայց զանոնք ուրացող, ենթարկված է այդ հատորը շանթահարիչ (ի՜նչ ալ իրաւ են երբեմն մեր բառերը իրենց երանելի միամտութեան մէջ) քննադատութեան, զայն յայտարարելով արեւմտահայ մտքին ճշմարիտ դամբարանը։ Սա քիչիկ մը խանդոտ (zélé) վճիռը չէ, որ մեզ կ՚ահաբեկէ այսօր, ինչպէս չահաբեկեց ալ երեսուն տարի առաջ: Սիմոն Վրացեան արեւմտահայերուն կը վերագրէր սուբյեկտիվ իրենց քննադատութիւնը իբրեւ ահաբեկիչ փաստ մը իրենց այլեւս վաւերագրուած, անսրբագրելի հոսհոսութեան։ Ու մտքին ետին իբր հսկայ կոթող ունէր անշուշտ խրտուիլակը օբյեկտիվ քննադատութեան։ Զանց կ՚ընեմ հոս ծիծաղելին այդ վերագրումներուն մէջ։ Սիմոն Վրացեան իր առաջարկած մեթոտը աւելի յետոյ ու մինչեւ այսօր առիթ չունեցաւ գործածելու: Չեմ գիտեր խայտա՞ց իր հոգին, երբ կարդաց Ս. Յակոբեանի « Շիրվանզատէ »ն, որ այդ մեթոտին յիշատակարանն է անշուշտ, այնքան անկանգնելի կերպով մը տափակ, անհորիզոն ու թշուառ։ Կ՚ընդունիմ, որ « Կոչունք »ին մէջ արեւմտահայ միտքը կը պարզէ ո՛չ մխիթարական պատկեր մը ։ Բայց նոյնիսկ այդ անմխիթարական կերպարանքին տակ, այդ միտքը հազար անգամ աւելի կ՚արժէ քան Արսէն Տէրտէրեաններու, Սիմոն Յակոբեաններու եւ աւելի վերջ Սուրէնեաններու անհուն pédantisme-ը:

[6] Այս անունին տակ պետք է տեսնէք Պոլիս, Եսայեան Սանուց Միութեան կողմէ կազմակերպուած գրական բացառիկ հանդիսանք մը, ուր տիտղոսաւոր մեր գրողները կը ճառէին այս ու այն մարդուն վրայ անշուշտ մեծահամբաւ գրագէտ սովորական, երբեմն ալ falsifié խօսքեր՝ դատական բարքերը, շատախօսանքը յիշեցնող հոգեբանութեամբ մը։ Խօսելու սա մարզանքը կամ մոլուցքը վերածել շրջանին (1909-1915) մէջ տիրական խօսքի համաճարակին մէկ արտայայտութեան, չի նշանակեր բան մը բացատրել։ Իրերագովական ընկերութեան տարազն ալ անյարմար է որակելու գրական սա բամբասանքը։ Ամբաստանիչ ու պաշտպանող կողմերու սյա աքլորամարտը եթէ կը յիշեմ հոս, Չէօկիւրեանի առիթով, պատճառը այն է, որ իր խօսքը « Հին աստուածներ » թատերախաղի մասին, միամիտ որքան յիմար, քնարական անկեղծութեամբ մը պաշտպանուած, ու Վարուժանի « Հեթանոս երգեր »ու վրայ, նոյնքան քնարական, տեսակ մը օտարութեամբ է վիրաւոր: Երբ Գերմանիա ուսած, այսինքն հոն գացած ու դարձած դոկտորներ լրբութիւնը կը ներէին իրենք իրենց խօսելու հարցերու մասին, որոնց կը մնային հիմնովին անհաղորդ որքան անծանօթ, Տիգրան Չօկիւրեան նանրամիտ ցուցադրութիւնը չըրաւ իր խօսելու կարողութեան ։ Նոյն մեղքն է այդ ճառերուն մէջ ալ, որ կը մտածէ քրոնիկի վարժութիւններով, սուր, փայլուն երազներուն վստահելով իր խօսքին բախտը քան թէ ամուր փաստերու բարիքին։ Լեւոն Սեղբոսեանի « Հին աստուածներ » խաղին մէջ համամարդկային տիպարները գտած ըլլալը չեմ մեղադրեր իրեն։ Այդ օրերուն մարդիկ տրամադիր էին ամէն բան խոշորցնելու թերեւս պէտքին, այլ իր հիմնական անհասկացողութիւնը թատերական երկ մը պաշտպանող տարրական օրէնքներէն։ Մնաց որ թեր ու դէմ բոլոր խօսողները իրմէն աւելի իմաստուն բաներ կ՚ըսեն այդ սրճարանի ասուլիսները յիշեցնող ժողովումներուն մէջ ։

[7] 1915–ի Ապրիլեան ձերբակալութիւնները մեր գրականութեան արժեցին ո՛չ միայն սրբազան գլուխներ, այլեւ գործեր, որոնց մասին ներելի է մեզի ափսոսալ։ Պատերազմէն ետք, անհատական միջոցներ կերպը գտան նահատակ գրողներու տունէն բռնագրաւուած բազմապարկ ձեռագիրներուն մէջէն ազատել Դանիէլ Վարուժանի « Հացին երգը »ին փշրանքները։ Չէօկիւրեան ինծի խօսած էր տպաւորութեանց իր ընդարձակ մթերքէն, որոնք քանի մը հատորի բաւող նիւթ կը պարունակէին։ Ատոնցմէ լոյս տեսած նմոյշները Ոստան »ի եւ « Նաւասարդ » տարեգիրքին մէջ) բարեփոխելի էին։ Իմ պահանջն էր քաղաքակրթական, հոգեբանական ամուր կողմերու արտահանում մը, մնալով հանդերձ նկարչական արտայայտութեան բարիքին մէջ: Աւելի յետոյ, Զարեանի իրագործումը չունէինք մեր մտքին առաջ, այդ օրերուն, երբ պատերազմը կը ծեծէր Պոլսոյ դռները։ Չէօկիւրեանի իմացական պարկեշտութիւնը երաշխիք մըն էր, որպէսզի զառածումները չառնէին քմայքին dimension–ները, ինչպէս, դժբախտաբար ըրին Զարեանի գործին մէջ, ուր ամէն էջի կը պաշարուիս վախովը սուտին, առնուազն չափազանցումին, որքան անպարկեշտ ազատութեամբ մը վարուած է տաղանդաւոր այդ քապոթէնը աշխարհներու, քաղաքակրթութեանց հետ, զանոնք տեսնելով իր մտքէն, աչքին առջեւ դրուածը զննելու յոգնութիւնն իսկ չզիջելով իր հանճարին: Հոն, ուր աչք ու ասոր առջեւ փռուածը դժուար էր հիմնաւորել Անցորդը եւ իր ճամբան »), Կոստան Զարեան հարկադրեալ իրականութիւն մը ունեցած է իրեն թելադիր։ Հոն, ուր այս պայմանը չունի գոյութիւն ան ներած է իրեն ամէն շեղում, այլայլում, աճպարարութիւն։ Այսպէս է, որ իր քաղաքները կրնան փոխանակուիլ իրարու հետ, Մատրիտը վերածուիլ Նիւ–Եորքի, առանց անպատեհութեան եւ Զարեան ստեղծած է Եւրոպա մը, Ամերիկաներ, առանց տառապելու։ Գրական խղճահարութեան սա պակասը ինք ազատ է ուզածին պէս որակելու։ Մենք կը սիրենք այդ տալու կերպին քմայքը, երբեմն յանդուգն գեղեցկութիւնը, բայց ի յառաջագունէ վստահ ենք տրուածին վաւերագրական տարողութեան։ Չէօկիւրեան, պարկեշտ թէ եւ սահմանափակ միտք, ունի իրեն հետ մեր վստահութիւնը։