Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ «ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»Ի ՄԷՋ

/46/ Իր հերոսական օրերուն, գիրքը դիմաւորեց իր վրայ յարձակողականները մտածական մարզէ պերճ առաքինութիւններով։ Անոնք որ ուրացան զայն, պարտքը զգացին նոյն ատեն արդարութիւն ընել գիրքին մէջ տիրական իմաստի բարեխառնութեան, նախադասութեանց ծածկած խոր, հոծ բաներուն արժէքին։

Այսօր, այդ գիրքին հաւատարիմները կ՚ենթադրեմ, թէ չեն հրաժարած իմաստի սա աւանդութենէն, չըսելու համար պատրանքէն, թերեւս իմացական կրաւորութեամբ մը, թերեւս իմաստի մասին ըմբռնումի այլուրութեամբ մը։ Կան ուրիշներ ալ, որոնք յօժարակամ զանց կ՚ընեն իմաստի սա հեքիաթը, ծանրանալու համար արուեստի զգայութիւններու առատ մթերքին, որով զեղուն են գիրքին բոլոր էջերը։

Այս հակամարտ մտայնութեանց առջեւ, ինքզինքս պարտաւոր կը զգամ հանդարտ քննութեան մը տակ ձգելու « Ներաշխարհ »ին տարողութիւնը՝ իբր մատեան անխարդախ մտածման [1] ։

/47/ Կ՚աւելցնեմ անմիջապէս, որ մեր մէջ բացառիկ շփոթութիւն մը կը տիրէ իմաստասիրութիւն, իմաստ, իմաստասէր բառերուն շուրջը։ Եւ ասիկա՝ մեր գրականութեան նախնագոյն օրերէն իսկ, դեռ Ե. դարէն, ուր շփումի կը մտնենք հելլեն մտածումին հետ։ Նոյնպէս, պէտք չէ չափազանցել արժէքը ճիգին, որ դար մը յետոյ մեզ պիտի մղէ թարգմանութիւններու, ու խաբուիլ փաստովը Արիստոտէլէն մեր փոխադրումներուն։ Ըրած ենք ատիկա աղեքսանդրական, այսինքն յոյն մեկնաբան դպրոցին ոգիովն ու ցուցմունքովը, կրօնական կարիքներու համար ու փախած ենք իմաստին, այսինքն՝ իմաստասիրութեան իմաստին գետէն, Պղատոնին, որ հինգ հարիւր տարի պիտի սպասէ Մագիստրոսի ձեռքով հայերէնի վերածուելու համար։ Անկէ ասդին մեր հետաքրքրութիւնը չէ բարձրացած սքոլաստիկ ձեւականութիւնը մինչեւ։ Տարօրինակ, որքան դժնդակ սա պատկերը ժողովուրդի մը, որ տասնհինգ դարերու մտքի կեանք մը կ՚ապրի եւ կարիքը չի զգար այդ կեանքին համար իմաստի խարիսխ մը իսկ ճարելու (այնքան քիչ է մեր մէջ հերձուածը, որ չի կրնար ճակատ մը յարդարել ուղղափառ անշարժութեան դէմ)։ Գէթ տառապելու՝ ատիկա ճարելու համար։ Չեմ գիտել, որքա՛ն իմաստի ագոյց կայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանաբանական կառոյցին մէջ, բայց գիտեմ, որ անիկա կու գայ, մեծ գիծերուն մէջ, ընդհանրական վարդապետութենէն։ Աստուածաբանութիւն, տրամաբանութիւն անուններու տակ մեզի հասնող հատորները թարգմանութիւններ են։ Նոր շրջանին իսկ /48/ մեր տպարանները ուրիշ բան չտուին մեզի։ ... Առաջին անգամ, 1850–ին, մեզի վիճակուած է ունենալ իրապէս իմաստի սերունդ մը, կատարեալ փաղանգ, բազմադիմի ու բազմախնդիր, համալսարանական պատրաստութեամբ, շատ բանով աւելի լայն այն միւսներէն, որոնք սա նոր դարուն այդ համալսարաններէն մեզի ուրիշ բան չբերին, եթէ ոչ դոկտորի էապէս ծիծաղելի պիտակը, իրենց ճճի անուններուն հասակն ի վեր։ Այդ մեծ սերունդին ընտրելագոյն ներկայացուցիչը, Գալուստ Կոստանեան, յանդուգն փորձէ մը վերջ (թարգմանութիւն՝ Տէքարթի « Մեթոտի վրայ » ճառին) լքած է իմաստին ճակատը, հաւանաբար յուսակտուր՝ «անիմաստասէր» մեր բարքերէն, իրական եւ տրտմօրէն ճիշդ, հիմա որքան այն ատեն, որքան Փարպեցիի, Խորենացիի դարերուն։ ԺԹ. դարու փիլիոսափայական դասագիրքերու թարգմանութիւններն ալ, կատարուած կրօնական յարանուանութեանց կողմէ, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ այլ երանգ ու աւելի եղկ, աւելի դալուկ շարունակութիւնը աստուածաբանական մեր հրատարակութեանց եւ որոնք քիչ չեն նպաստած իմաստին սա աղաւաղումին [2] ։ Աւելի յետոյ, Շահնազարեան վարժարանի մտայնութիւն մը, դժբախտ զառածումով, պիտի խրի գրական մտածողութիւն որակելի անհեթեթութեան մէջ, որ, նման ամէն եկւորի, պիտի փոխարինէ տանուտէրը եւ անցնի իբր իմաստասիրութիւն, առնուազն՝ իմաստասիրական [3] ։ Մամուրեան, Չերազ, Եղիա, Պէրպէրեան, յիշե/48/լու համար միայն իրական տաղանդներ, սեռը պիտի աճեցնեն աժան, անլուրջ յաւակնութիւններով։ Ֆրանսականին վրայ կաղապարուած սա գրա–իմաստասիրական ճամարտակութիւնը նիւթ է առանձին ուսումնասիրութեան։ Չունիմ ատոր տեղը։ Դիտել կու տամ, որ Հիւկօ, Լամարթին, Վ. Քուզէն մեր հրապարակին վրայ վարկը ունին մտածումին։ Քիչ չէ բաժինը սա զառածումին մէջ « Թշուառներ »ու թարգմանութեան, մանաւանդ անոր ենթատիտղոսին ( Դարուն Աւետարանը Այս մտայնութեամբ ու այս մշակներով է, որ կը լաստակերտուի այն տարօրինակ իմացքը, որ հերքումն իսկ է իմաստին։ Մեր ռոմանթիզմը, մեր քերթողներուն շեղումէն վերջ, կը փոխադրուի լրագրական ասպարէզը ու կը հայթայթէ գրական որոշ ջնարակ սա որձեւէգ բանին։ Պէրպէրեան, որ հետաքրքիր միտք մըն է եւ ծանօթ, որոշ չափով, իմաստասիրական հարցերու, պիտի վախնայ ֆէթիշը խորտակելէ։ Աւուր պատշաճի բարոյախօսութիւնը, եկեղեցական քարոզը, պատմական նշմարանքները ուռին պիտի փիլիսոփայական յաւակնութիւններով։ Դպրոցական ճառերը պիտի ոսկեզօծուին միանման փշրանքներով, փոշիներով։ Եղիա « քարիւղի թիթեղներով » պիտի վազէ հրդեհին, ինչպէս կ՚ըսեն, եւ իր իմաստի անատակ, բայց լայն տեսարաններու մէջ ճարտար իր խառնուածքին անլրջութեան պիտի բարդէ ջրվրայ երգիծանքն ալ, կեանքին մէջ երբեք չկրցած, չունեցած ծիծաղը բռնի պահանջելով բառերէն։ Իր « Իմաստասիրական բառարան »ը միայն ճճի պրակներու փղապատիճ տիտղոս մը չէ, այլ մանաւանդ ծաղրանկարային ստուգութիւնը տարափոխուած իմացքին։ Մինչեւ իր մահը պիտի չազատագրուի սա աճպարարութենէն։ Անոր անունին հետ, ինքնաբերաբար, կը յառնէ միւսը, Մրմրեանը [4], /50/ որ շրջանին շատ ախորժ արձակ քերթուածները պիտի պատմուճանէին « իմաստասիրական անդաճմունքներով » ու իր ազատ, բայց հարկադրօրէն սնամէջ նախադասութեանց փայլն ու «շկահիւնը» կամաւ պիտի շփոթէ մտածումին հետ։ Իր « Իննեակ իմաստասիրական »ին մէջ դժուար է ուրիշ բան գտնել։ Քիչ բան՝ Չերազէն [5], ու ան միւսներէն [6], որոնք փիլիսոփայութեան պատմութիւնը, այս պատմութեան դասաւանդումը [7] պիտի լուսապսակեն. ու ասիկա՝ կամաւոր միամտութեամբը բուն իսկ յղացքին, այսինքն իմաստասիրելուն առաքինութեամբը (որ տարբեր բան է իր պատմութենէն)։ Ու կան տակաւին ու/51/րիշներ, այլապէս մեծ մարդեր, որոնք դասագիրքեր պիտի թարգմանեն, սրբագրելով, այսինքն սրբելով հեղինակին անունը, իրենցը տեղաւորելով հոն, երջանիկ այլուրութեամբ մը։ Մարդեր, նոյն ոճով եւ ճամբով հեղինակ՝ ուրիշ հատորներու, այս անգամ խօսող հանքերէ, տարրերէ, աշխարհներէ, երբեմն պարզ, երբեմն քերթողաբար, այսինքն ոտանաւոր, պատմելու համար մեր հին հերոսներուն ու հերոսուհիներուն արարքները, փառքերը, ողբերգօրէն, երկնային միամտութեամբ։ Այս է պատկերը կիսադարեան սա զառածումին [8] ։

 

Չրաքեան ո՛չ աւելի է եւ ո՛չ պակաս։

Կարաւանին մէջն է, մտածման նոյն այլուրութեամբ, իւրայատուկ մենագրութեամբ եւ մեծվայելչութեամբ, պատասխանազանցութեամբ, որքան Մատաթիա Գարագաշը իր հեղինակած (թարգմա/52/նութիւնը նոր չէ, որ մեզ հեղինակ կը կացուցանէ) Տրամաբանութիւն դասագիրքով։ Որքան Ն. Ֆրանգեանը՝ « Իսահակեան եւ Նիցչէ » գրախօսականով, որքան կուսակցութեանց տեսարանները, սոցիոլոկները, իրենց ահաւոր Մարկոնով (լոյս իջնէ գերեզմանը մեծ տիալէքթիսիէն... Սապահգիւլին)։

 

Տրուած ըլլալով

ա. Տարիքը, ուր « Ներաշխարհ »ը գիրի ինկաւ (գիրքին մէջ շատ զօրաւոր է հոտը դպրոցական դասախօսութեանց։ Ու նոյնքան ուժգին՝ միամտութիւնը, զոր գրասեղանը կը պարգեւէ մեզի, այն միամտութիւնը, որ բառեխառնութիւն մըն է մեր մտքին համար, իբրեւ պահպանակ մը, առժամեայ, իմաստին խանձարուրքը կեանքին խստութեանց ընդէմ։ Մինակ նորածինը չենք խանձարրեր)։

  /53/ բ. Մինչեւ 1900 երկարող մեր իմացական ընդհանուր ոլորտը, որ գրական է դժբախտաբար։

գ. Մասնակի ազդեցութիւններ, որոնք լիացուցած են անոր առաջին հետաքրքրութիւնները եւ որոնք ամրօրէն քերթողական, գրա-իմաստասիրական են (տարազին տուէ՛ք 1850–ի melanges littéraires et philosophiques անհեթեթութեան իմաստը։ Չմոռնալ, որ անոր ուսուցիչը՝ Պէրպէրեան, համադրութիւնն իսկ է շրջանային մասնակի մտայնութեան, որ քերթուածը, ճառը, քրոնիկը, իմաստասիրութեան դասերը կ՚ենթարկէ նոյն կաղապարին)։

Ան չունէր ո՛չ ժամանակ, ո՛չ ալ միջոցը, իր մեծ կանխահասութեամբ իսկ, իւրացնելու մտածման դրութիւն մը, իւրայատուկ հայեցողութիւն, որոնք մեր մէջ կը պարտադրուին, բիւրեղ առ բիւրեղ, աշխարհէն թափանցուելով, դանդաղ, դժուար ապրում էին մեր մէջ արձագանգի հանած սրբագրումներով, անշուշտ մեր տաղանդը տանելու բախտով մըն ալ՝ իր բարգաւաճման, բայց որոնք կարող չեն ոսպի մը հունտէն կաղնի մը (արտահանել»։

Արտաքին, տիրական սա ազդակներէն զատ Չրաքեան վիրաւոր է, մտածելու համար, ծնունդով ։ Ուզողը չէ, որ կ՚ըլլայ իմաստասէր կամ դարբին։

« Ներաշխարհ »ի ընթերցումը իմաստի զօրաւոր թելադրութիւններ կ՚արթնցնէ մեր մէջ։ Ո՛չ մէկ տարակոյս այդ մասին։ Բայց պատանութեան օրերէն իսկ այդքան ուժգին կերպով ինքզինքը յայտնաբերող իր մտքի կերպը հետզհետէ աճելու տեղ պիտի զառածի, ներգեւի [9] ։ /54/ Ու դժբախտութիւն է, որ այդ մտքին քայքայումն ալ (իր շաբաթապահի քարոզները ատոր վկայութիւններն են) բացատրելի չ՚ըլլայ սա սկիզբով ալ։ Ըլլալէ առաջ ու աւելի՝ մտածման hiérophante մը, ինչպէս փոյթը ունեցաւ ինքզինք արժեւորելու, ան հսկայ հանգոյց մըն է անյագ հետաքրքրութեանց, դրուած խորը ազնուական, այլապէս նրբաշաւիղ, նրբաթափանց զգայարանքներու, որոնց մէջէն կ՚առանձնանայ, գրեթէ անհաւասարելի տարողութեամբ մը, տեսողական իր դրութիւնը, մեր գրականութեան համար իրապէս եզակի մինչեւ այսօր։ Այդ զգայարանքը, որով պայմանաւոր է նկարիչը, Չրաքեանի մէջ կեդրոնն է կարծես ամբողջ անոր ջղային կարելիութեանց, եւ իր զարկը կը ձգէ ստեղծումի ամէն modalité։ Ու պէտք է նոյն ատեն, առանձին ուշադրութեամբ ալ, արժեւորելու փաստը սա անողոք ցրուումին, որ հետեւանքն է իր անյագ, անյատակ, ինք պիտի ըսէր՝ անշրջագիծ հետաքրքրութեանց։ Նկարիչ։ Ծաղրանկարիչ։ Բնական գիտութեանց (մասնաւորաբար բուսաբանութիւն), humaniste ուսումներու դասախօս։ Ոգեհարց։ Պատմագիր։ Գրագէտ, Բանաստեղծ։ Քննադատ։ Տակաւի՞ն։

- Այո՜։ Աւա՜ղ։ Նաեւ իմաստասէր, որպէսզի լեցուի գիրը։

 

Այս թուումը, հեռու հեգնական երանգէ, պերճախօս է բաւական, տալու, բացատրելու համար մեր տկարութեանց, անաւարտութեան թաքուն զսպանակները։ Չեմ ընդհանրացներ երեւոյթը, մերժելու աստիճան հանճարային կարելիութիւններ եւ արդիւնքներ մարդոց մօտ, որոնք լոյսի վրայ բնագիտական traité մը եւ «Ֆաուսթ»ը կը գրեն նոյն գրիչով։ Ատկէ դուրս, ստոյգ ալ է, որ վերը թուուած տուրքերը երբեմն յարմար միջավայրերու մէջ, կը տարուին իրենց լիակատար արգասաւորման։ Մե՞ր մէջ։

- Ընդ բուսանելն չորանան։

Տարազը եղերապէս ճիշդ է, մանաւանդ անոր համար, որ ամէն բանի կեղեւով զբաղիլը, խորքէ փախչիլը մինակ այժմեան կարգախօս մը չէ։ Անիկա, Չրաքեանի ժամանակ, աւելի քան հարկադրանքն էր մեր հրապարակին։ Ի վերջոյ, արդար է, որ իրապաշտները եւ յաջորդ սերունդը դատելու ատեն, միշտ աչքի առջեւ ունենանք գրաքննութիւնը, որ միայն ազգային ոգիին հալածանքը չունի նպատակ, այլեւ բնազդաբար, թշնամի է ամէն մտածումի։ Այդ գրաքննութիւնը բարքերու եւ աւանդական բարոյականին պաշտպանութիւնը ստանձնած ըլլալով, անկարելի էր դարձուցած գիրք գրելը ։

/55/ Բայց այս ամենէն աւելի, ինծի կու գայ, թէ հարկ է ծանրանալ անոր մտքին, ասոր տիրական կերպին, որ գրական է գերազանցապէս, ստուերի մէջ պահելու չափ անոր ուղեղին միւս compartiment-ները, եւ անկէ կը խլէ կարելիութիւնը հանդարտ, երկարոգի զննումով, գիտական լուրջ պատրաստութեամբ եւ առաւելապէս թուական, երկրաչափական intuition–ներով գործող ուղեղին, ասպարէզէն ու ծնունդէն իմաստասէրներուն։

* * *

Տիգրան Մէլքէնճեան, որ « Ներաշխարհ »ը ենթարկած է խնամոտ վերլուծման մը, շրջանը կ՚ընէ գիրքին մէջ իմաստի վրիպանքին, անոր ճարելով գաղափարագրութիւն մը, հին ու նոր փիլիսոփայական դպրոցներու անունները թուելով։ Այս պատուական գրասէրին պարզունակ դատումներէն աւելի, շահեկան կը նկատեմ խօսեցնել Չրաքեանը ինք իր մասին, մէջ բերելով « Ներաշխարհ »ը պաշտպանող իր « Մեկնողական »էն Բիւզանդիոն ») այն մասը, ուր կայ համադրումը գիրքին մտածողութեան։

Ահա՛ այդ դատաստանը:

«... Ինտրա պարտէր, զոր օրինակ, իբր բնութենապաշտ որ է՝ մէկ գլխու մէջ ամփոփել, ինչ որ կը պատմէ բնութենէն։ Իբր ընկերային մարդ որ է՝ (անընկերական կամ ոչ) պարտէր զատ գլուխ մը նուիրել իր բարւոքչական հայացքներուն, իր մենասիրութեան եւ առանձնութեան ներբողին կամ իմաստասիրութեան, իբր միստիք՝ պարտէր իր կրօնակերպ յայտերը դնել ուրիշ գլուխի մը մէջ: Եւ վերջապէս պարտէր իր սէրն ալ զատ պատմել իբրեւ տարփաւոր: Այսինքն հարկ էր, որ Ինտրա ինքզինքը ցոյց տար մեզ հանդէպ Իռենային, հանդէպ Ընկերութեան, հանդէպ Բնութեան, հանդէպ Յաւիտենականին: Եւ թող դարձեալ գլուխներն իրարմէ տարրեր պարունակէին, բնականաբար, եւ ոչ մէկուն գլխաւոր գաղափարը խստիւ առանձնացուէր իրեն յատկացուած բաժինին մէջ, ամբողջութեան երազանքն ու կեանքը պահպանելու համար։ «Ներաշխարհ»ին մէջ յարգուած չէ այսպիսի յօրինուած մը, այս կերպ բաշխում մը։ Ինտրայի գիրքն առ առաւելն հարազատ է, բայց անաւարտ, մի է բայց ոչ ամբողջ. կրնայ ամբողջէն աւելի ըլլալ եւ ինչ որ կը նշանակէ, թէ դարձեալ ամբողջ չէ։ Շատ բան կայ հոն, բայց ո՛չ լոկ ամէնը։ Ինտրայի գիրքն անկեղծապէս ինքնաբերուած է եւ բաւական զննուած չէ։ Մեծապէս բնական է, բայց բաւական արուեստական չէ։ Այս լեռնակոյտը բուրգ մը չ՚արժեր » Բիւզանդիոն », թիւ 3125)։

/56/ Գիրքին երկունքէն հինգ-վեց տարի վերջ զայն դատելու սա կերպին մէջն է ամբողջ Չրաքեանը իր մեծամտութեան բովանդակ բեռովը, ինչպէս ճարտարանքովը ատիկա պարտկելու, ծածկելու [10] եւ ժխտումով հաստատում հետապնդելու։ Հարուածին թոնը թելադրանք ալ կու տայ մեղապարտ իր գոհունակութեան, որով կը լուսաւորուի իր զանցառութիւնը իր պարտքէն։ Ոչ միայն չի բաւեր ըրած ըլլալ (կը պարտէր), այլ ամէն մեծամիտ, քիչ մըն ալ սնապարծ մտածողի նման գոհ է իր եղանակէն։ Ու երբ վերլուծումը խորացնենք աստիճան մը աւելի, սա հոգեկան տրամադրութիւնը յատուկ պիտի ընդունինք գիրքին գրուելու կերպին։ Այն ատեն է, որ կը ծագի աղետաւոր, բայց անխուսափելի հարցը։

« Ներաշխարհ »ը՝ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆ (իր յարակից բոլոր փոքրութիւններով, յիմարութիւններով եւ տրտմութիւններով),

Թէ ներսէն դուրս տարերային պոռթկում (որ այդ միակ արժանիքով մեզ կը զինաթափէ եւ մեր դատաստանը կ՚ենթարկէ ուրիշ ուղղութեամբ մեզի մատուցուածը, ձգտումին եւ ասոր նուաճումին միջեւ գոյացած բացը ընդունելու. գիրերու արուեստին իրական, սրտառուչ, անկեղծ տրամներէն մէկը եւ ոչ թէ խաբեբայական հնարմունք մը)։

Ոճի վարպետի մր խաղարկութի՞ւն (ամէն խաղ պզտիկութիւն է արուեստի մէջ),

/57/ Թէ հոգեկան ապրումի մը, լրջօրէն բռնուած իմաստասիրական խորհրդած ման մը փաստագիրը [11] ։ Հեղինակի մը հանճարին, արժանիքին հետ դրուած ամենավտանգաւոր, դառնագոյն հարցումն է ասիկա։

Մէջբերումներ, գիրքին զանազան տեղերէն, պատասխանի փորձեր են։ Բացէք, « Ներաշխարհ »էն, ուր էջը որ կ՚ուզէք, միշտ պիտի հանդիպիք սա՛ ձեւով խօսքերու.

«... Ահա նոյն կարօտն է նորէն, հասարակ կենցաղին ձանձրոյթներէն անդին հեռանկարուած, վսեմ վայրենութիւններու մեղեդային կոչերով կախարդող Անեզրութեան կարօ՜տը, անբաւական հորիզոնի մը միջեւ գալարուն, ցաւագին։ Հակառակ կենցաղին պարտադրումը կը փակչի էութեանս՝ ժանգի մը պէս որ անոր կ՚արգիլէ տիեզերական լոյսն անդրադարձնել, հրճուագին. անսպառօրէն բեղմնաւորուող Յա /58/ ւերժութեան տեսիլէն թափանցուիլ եւ զմայլած անդրադարձում մը զեղուլ » Ներաշխարհ », էջ 50)։

 

Անկախաբար դժուար հասկցուելու փաստէն, դուք պիտի ըսէիք՝ մեծութեան [12], կուտակման հարցերէն, թափանցող ակնարկը առանց դժուարութեան կը տեսնէ մանաւանդ իմաստին հակառակութիւնը սա տողերէն ներս ու չըմբռներ պէտքը, սա սովորականութիւնը այսպէս այլայլու։ Մի՞տք բանին՝ սա տողերուն.

Կեանքէն անդին անցնելու, անեզրութեան մէջ ընկղմելու եւ այդ ընկղմումէն արձագանգ մը ետ բերելու փափաք, որուն արգելք է սովորական կենցաղը սակայն։

 

Ու հիմա, քննութիւն։

Չեմ ուրանար բնականութիւնը, նոյնիսկ գեղեցկութիւնը սա անեզրութեան կարօտին, մեծ մոթիֆներէն մէկը անոր գրականութեան։ Յետոյ, լայն եմ բաւական, արուեստին հետ ու համար, սահմաններէն վեր ըլլալու։ Ամէն նիւթ պարզագոյն, խոնարհագոյն, ընդունակ է ա/59/րուեստին բարձրանալու։ Բայց, ինչ որ հոս կ՚ընէ զիս վերապահ՝ երկրորդականով, ոչ անհրաժեշտով, այդ կարծեմ ծանրաբեռնելու իր ճարտարանքն է։ Ասիկա մայր գաղափարը խորտակելը չէ, ինչպէս կ՚ընէ Մարսէլ Պրուստ, անկէ ներս տեղ տալու համար երկրորդականին, աս ալ խորտակելով՝ մուտք ճարել երրորդականին, չորրորդականին։ Ֆրանսացին զերծ է մեղադրանքէն, վասնզի ամէն նոր տարր իսկական, թանկ յաւելում մըն է ու ատով՝ անհրաժեշտ։ Մենք չենք տառապիր մայր մտածումին պահ մը ընկրկումովը ու կը մտնենք փակագիծէն ներս, հաճոյքով, վստահ, թէ հոդ ալ մեր գտնելիքը միշտ նոյնն է, յաւելումը, ո՛չ թէ կիսերանգը, հոմանշական ընդլայնումը։

Պարզումի, մեկնողական վերլուծումէ աշխատանք մը թէեւ վարդապետական, կը խորհիմ, թէ աւելորդ պիտի չգայ սա տողերէն վերջ, ճշդելու համար իմ հասկացողութիւնը Չրաքեանի եղանակէն ու աստիճանն ու երանգը իմ վերապահումին։

Կրկին կարդացե՛ք վերի խօսքը ու պահեցէ՛ք առաջին նախադասութիւնը։

« Ահա նոյն կարօտն է նորէն ... »։

Բայց շարունակելէ ետք ընթերցումը, կեցէ՛ք ու հարցուցէ՛ք.

Ի՛նչ հարկ այդ կարօտը ծանրաբեռնել «վսեմ վայրենութիւններու մեղեդային կոչերով կախարդող անեզրութեամբ» մըն ալ։ Անշուշտ չենք սակարկեր անեզրութեան կարօտը։ Բայց նախ՝ կա՞յ, այդ ձայնը մեր գլուխն ի վեր փորուող «վայրենութեանց» խորը։ Եթէ այո՛՝ նկարագի՛րը այդ ձայնին։ Ի՜նչ տժգոյն է այդ վայրենութեան մեղեդին։ Հապա անոր կախարդող կո՞չը։ Նոր չէ, որ այդ ամայութիւնները մենք կը փորձուինք լեցնել ամենէն հուժկու, զարհուրելի նուագներովը աշխարհներու եռեւեփին, որոնք տիեզերքի այսպէս մտապատկերուած կաթսային, միջոցին ծոցէն պղպջակներու նման կամ բառնան, կը կործանին, ամէն մէկը անպարագիծ աղէտով։ Ու քանի որ ինծի արգիլուած չէ սա զառիթափը (երեւակայելու), ես կը հարցնեմ կրկին.

Ո՞ւր է, ի՞նչ է այդ ձայնը, իբր հաստատ, առնուազն մեր իմացական, զգայական միջոցներով կշռելի իրականութիւն, գոնէ զգայութիւն, առնուազն թելադրականութիւն։ Ու իմ միտքը ազատ է, միշտ այդ զառիթափէն, միջոցը լեցնելու անհուն «շարժուկոծումներ»ով, երկնային մարմիններու աներեւակայելի խաղերուն առջեւ, ամէն րոպէ կործանուող ու նորէն կառուցուող՝ անհունութեան մը պարունակներուն վրայ օր մը (դուք կրնաք այս բառիկը փոխանակել քանի մը միլիոն տարիով կամ դարով, սխալի մէջ չէք ապահովաբար) /60/ կայլակուող եւ իրիկուան մոխրացող աշխարհներուն ամբողջ հրթիռը արձակելով միջոցն ի վար…։ Կը տեսնէք, թէ որքա՛ն ընդարձակելի տարազ է սա իմացական ալշիմին ։ Բայց շա՞հը։ Թերեւս ներքնօրէն մեղապարտ, մեծամիտ ցուցադրումն է կատարուածը երեւակայելու մեր ուժգնութեան։ Այնպէս, որ « մեղեդային կոչերու կախարդանքը » քիչ բան կ՚աւելցնէ մտածումին, եթէ երբեք կ՚աւելցնէ իսկ։

Յետոյ, երկրորդ եզրը մտածումին.

Սովորականութիւնը մեր կեանքին մէջ կ՚արգիլէ թափանցուիլ յաւերժութենէն եւ զմայլանք մը զեղուլ:

Այսի՞նքն։

Հարցուցէք սակայն։ Շատ մը պատասխաններ ներկայանան պիտի, անգամ մը, որ ժխտումը ձգէք ձեր ետին, ինչպէս դիտել տրուեցաւ վերը։ Խնդրական է այս մտածումին երկրորդ մասը, վասնզի չենք կարծեր, որ մեր կեանքին սովորականութիւնը արգելք ըլլայ մեզի յաւերժութեան բարձրանալու։ Ինչպիսի՞ կեանք մը նման փափաք մը իրականանալի պիտի ընծայէր։ Ո՞ւր չէ այդ յաւերժութիւնը, որպէսզի չըլլայ մեր կորստական րոպէներուն իսկ ծոցը։ Ո՞վ կարող է երկաթահիւս վանդակ բռնել, բռնադրել մեր մտքին անհունաստեղծ ճառագայթումին ընդդէմ։ Խեղճուկ օրինակ մը, սակայն, պիտի բացատրէ այս տագնապը։ Առէ՛ք ամենէն խոնարհ մարդը, պարզուկ մշակ, բանուոր, գեղջուկ, թերեւս անօթի ալ, որ լման ցերեկը տաժանագին աշխատանքէ մը ետք կը նստի հերկին գլուխը, մինչ արեւը իր խորհրդաւոր սեղանը կը գլորէ լերան ետին։ Կը սրբէ ան ճակտին քրտինքը, աղի ու բարի լաթին վրայ, ու ձեռքը կ՚երկարէ ջուրի սափորին, զայն կը տանի շրթներուն, քիչիկ մը ընկրկած՝ գլխիկէն։ Անոր աչքերը, առանց իր ուզելուն, իրենց սլաքները պիտի արձակեն դէպի կամարը յաւերժութեան։ Ու ասիկա՝ առանց էջ մը թուղթի, առանց գրական էֆեկտ ներու անձուկին, այլ պարզ ձգողութեամբը անհուններուն, որոնցմով կը դասաւորուի վերի երկինքը ու մեր ներսի երկինքը, լուսագունդը մեր ուղեղին։ Այո՞։ Ու գեղջուկի մեր միտքը կ՚անցնի գիտունին միտքին նման ոչ անշուշտ՝ նիւթին հազար ու մէկ ձեւափոխութեանց մրցարան յայտարարող այդ տարածութիւններէն մշտապէս ինքզինքը ստեղծող ու աւրող անտարազելի այդ երկինքներէն ու կը բանայ ճամբայ մը պարտէզ մը դէպի, նստելու համար պահիկ մը, քովը մեր մէկ սիրելիին, մայր, հայր, քոյր, կին, զաւակ, զոր թաղեր ենք գեղի մեր գերեզմանին, տարի առաջ եւ զոր կը հաւատանք դրած ըլլալ, այդպէս կծիկ մը լոյս ու միս, Աստուծոյ արքայութեան մէջ, խունկի ծառի մը ներքեւ, հրեշտակ/61/ներու ընկերակից…։ Կա՞յ, թէ չկայ սա տրամը մեզմէ շատերուն մէջ։ Զայն հերքելը տրտում է, որքան ստիպուած ըլլալը զայն ապրիլ։ Ալ ի՛նչ հարկ, պատեպատ բառերու, ատոր ճնշումին զմեզ զերծ կարծելու։ Այս մէկ հատիկ օրինակը ի զօրու է բոլորիս համար ալ, հասարակ կենցաղին [13] ժանգէն իսկ զմեզ երկարելու, հանդերձելու դէպի անդրադարձումը յաւերժութեան տեսիլքին։ Այնպէս որ, սա մասնաւորումը հասարակ կենցաղին կը դադրի իր անհրաժեշտութենէն, քանի որ գործողութեան հիմնականը, « տեսիլք անդրադարձելը », միշտ ալ կարելի կ՚ըլլայ առանց այդ պայմանին։ Ու կու գանք «անսպառօրէն բեղմնաւորուող Յաւերժութեան» տեսիլքին։ Երկու բառերով տաղաւարուած յղացքը մեծ է իրենցմէ, զիրենք կը պարունակէ իբր շամանդաղ իր ծոցին մէջ։ Կրնա՞ք մտապատկերել սպառող յաւերժութիւն մը ։

Սա փոքր հատուածիկին համար շատ մի՛ տեսնէք սա մեկնողականը։ Հոս բանաձեւուած դիտողութիւնները տարածելի են ամբողջութեան, անոր ամենէն հաստատուն մասերէն մինչեւ ամենէն գաղփաղփուն, անկայուն մասերը։ Ուրե՞մն։ Աճպարա՞ր։ Խարդա՞խ։ Հոմանիշի ասպե՞տ։ Այս խիստ տարազներուն մօտենալէ առաջ, պէտք է յայտարարել, որ անոր տուածը բառ չէ, ինչպէս է պարագան անպարկեշտ մտածողներուն։ Չրաքեանի մօտ ամէն նախադասութիւն յղի է իմաստով, երբեմն քանի մը dimension–ներէ։ Ու ասիկա պզտիկ բախտ մը չէ, բայց դարձեալ չերաշխաւորեր գիրքին դիրքը։ Վասնզի /62/ կը մնայ հիմնական պահանջը. Ո՛ւր դնել մտածման գիրքէ մը սպասելի նորութեան պայմանը։ Ու կը դնեմ հարցը այս անգամ ուղղակի. Ինչո՞ւ այսքան պատեպատ գայթում կամ կորաթեւ սաւառնում՝ մեզի ըսելու համար մեր գիտցածները։ Ինչո՞ւ այդ սովորականութիւնը ներկելու սա տրտում տկարութիւնը, երբ այնքան դիւրին էր իրեն համար պարկեշտ, արդար տեսնող մը ու գեղեցիկ, գեղակերպ արտաբերող մը ըլլալ նոյն ատեն։ Ինչո՞ւ մանաւանդ իր անփութութիւնը՝ իր ճիգին անօգտութեան, զոր վստահ եմ, թէ ամենէն առաջ ինք վերզգաց, հրապարակին աղմուկէն ու ծափէն առաջ, երբ գրելէն չորս–հինգ տարի վերջը վերադարձաւ ձեռնարկին, հրատարակման ատեն։

Բայց Չրաքեանի մօտ բառերուն տակ միշտ մտածման մը գոյութիւնը արգելք չի կազմեր, այդ մտածման որակն ալ ըստ պատշաճի արժեւորելու ։ Եթէ երբեք այս կէտին վրայ մենք յաճախ յուսախաբ ենք « Ներաշխարհ »ի մէջ, միւս կողմէ, այնքան յաճախ կը հաստատենք, որ մտածողական սա մարզանքները, հակառակ իրենց սովորականութեան, աննորութեան, տանելի են իրենց առիթով մեզի ընձեռուած ուրիշ, այսինքն գրական զգայութեանց կշիռովը, որ այլապէս նոր է ու միշտ նորատիպ։ Ես չեմ որ այս շնորհը պիտի ձգէի կասկածի։

Մեծ գրագէ՞տ մը։

Առանց տարակոյսի։

Մեծ մտածո՞ղ մը, ինչպէս չեն վարանիր շատեր պոռալէ։

Կը կասկածիմ։

 

Ու կը հանեմ գիրքէն օրինակներ, որոնք այդ հարցերը ընէին աւելի յստակ։

Ահա՛ ուրիշ մէջբերում մը, քիչ մը աւելի ընդարձակ:

 

«... Թող ներուին անոնք որ կը խմեն: Եւ մանաւանդ անոնք որ ստեղծողութեան զուարթութեանը կարօտ են։ Կենցաղէն վեր սաւառնաթեւ հոգին չի կրնար տեսնել թէ ալքոլով վառուած յայտատեսութիւնը գուցէ Էտկառ Բօէի դանդաչանքին մէջ պիտի մարի վաղը։ Պէտք է որ ստեղծող յուզմամբը խռովի անիկա, իր յղացումներուն տեսլական հայեցողութեամբը խաղաղելու համար։ Եւ յոյզին իբր հառաչալեր սփոփ մ՚արտադրութիւնը մտածումն է, որ երբեք այնքան կենսալի չէ քան երբ որ ծնի յոյզէն. ի՛նչ որ ալ այդ յոյզն ըլլայ իբրեւ յեղաշրջումներու, տարտամութեանց կորովի արտադրողութենէն, եւ որ իմացականութեան մէջ կը ճառագայթէ երբ խռովքին /63/ թրթռագին ներշնչողութիւնը կ՚անցնի անկէ, քանի որ մտածումի լոյսին յետին քայքայականութիւնն է, որու վերլուծական, բաղմասնական ծայրայեղութիւնը կը ձգտի վերջին ու առաջին իտէանիւթական համադրոյթին, Լոյսին, բաժակին [14] անյատակ կայծկլտուքին մէջէն անջրպետներուն ու ժամանակներուն մէջ ընկրկած. Լոյսին, ինչպէս զգայարանական իմացողութիւնը քայքայականութիւնն է (dec. ) դէմյանդիմանութեան, զննողութիւնը՝ տեսանողութեան, ինչպէս գիտութի՜ւնը՝ հաւատքին ինչպէս ճանաչումը՝ սիրոյ: Վասնզի իմացականութեան կատարելութիւնը՝ իմացականութեան ծագումն ու վախճանը՝ դէմյանդիմանութիւնն է. տեսանողութիւնը, Հաւատք հանճարը, Սէր հանճարն է, եւ այս բառերը միեւնոյն նիւթին ու միեւնոյն զօրութեան այլազան ըմբռնումներն են միայն, եւ ուրիշ բան չեն նշանակեր, բայց միայն Եթերը, բայց մի միայն Լոյսն առ որ արարչագործութիւնը կը ձգտի եւ որով կը թրթռայ, կ՚ապրի, յաւիտեան » («Ներաշխարհ», էջ 111–112)։

 

Գեղեցկութի՞ւնը սա մուտքին, որ տպաւորիչ, ծանր, լեցուն է, արեւելեան առածի մը նման եւ կու գայ էջերով զգայութեանց բոլորն ալ հաստ, հաստատ հանդէս մը այդպէս համադրել։ Յետո՞յ։ Բայց Չրաքեանը, այսինքն՝ ըլլալէ աւելի մտածելու մենավարութեամբ տառապող մարդը, որ գոհացում տալու համար իր մոլութեան (մտածելն ալ մոլութիւն է երբեմն), պիտի կցէ էջ մը անդաճում իբր աւարտ, համադրոյթ՝ այնքան քաղցր յոյզերու։ Ու այս գնով դուք պիտի ունենաք բարբարոս, շառլաթան էջը, ուր անհարազատ, վիճելի, սուտ ըսուելու չափ առաձիգ խորհրդածութիւնը կը փչուի, կը գլխագրուի, խրելու համար Եթերին լլկուած ճախինին խորը։ Բայց ատկէ առաջ պարտաւոր ենք իրմէ հաշիւը պահանջել սա բառերուն, որոնցմէ ոմանք իմաստասիրական բառարանի մը մէջ իրենց որոշ առումները նուիրագործած են արդէն եւ սա այլակերպ, ուրիշներ՝ ճամբան, ըսել կ՚ուզեմ՝ գրած ժամանակը կլայուած, զօդուած թիթեղի կտորներ։ Ահա՛ ամփոփոյք մը. ստեղծողութիւն, յայտնատեսութիւն, որ այնքան անգամներ յեղյեղուելուն հակառակ՝ /64/ չէ սահմանուած), յուզում, յղացում, տեսիլ, հայեցողութիւն, մտածում, յեղաշրջում, տարտամութեանց կորովի արտադրողութիւն, իմացականութիւն, թրթռագին ներշնչողութիւն, լոյս, քայքայականութիւն, վերլուծական բազմամասնական ծայրայեղութիւն, իտէանիւթ, համադրոյթ, զգայարանական իմացողութիւն, զննողութիւն, հաւատք, հանճար, Սէր, եթեր ։ Ի՞նչ է այս terme–երուն (վասնզի անոնք աւելի են քան պարզ բառը, գէթ իր անոնց մէջ դնել ուզածովը) իւրաքանչիւրին տակ տրոփող իրական, հարազատ, անվիճելի իմաստը։ Ա՞ն, զոր ինք դնել է կարծած, թէ՝ ա՛ն, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի, պարտի ունենալ արդէն, դարերով նուիրագործուած առումներով։ Չեմ միամիտ, անոնց կարելի ֆրանսերէն յեղումովը կշտանալու [15] աստիճան։ Վասնզի ըլլայ զուտ իմաստասիրական, ըլլայ մտածման որոշ բարեխառնութեամբ տոգորուած բայց միշտ պարկեշտ էջերու մէջ, բառ մը որոշ իմաստ մը կը թաւալէ, ու կը ջանայ, եթէ նոր է կերտուած, հաւատարիմ մնալ անոր [16] ։ Շեղագրուած սա բառերը կրնան ունենալ համապատասխան կամ մերձաւոր իրենց ֆրանսերէն/65/ները, բայց չունին գործածման մէջ ու անհաստատ, անպատասխանատու սանձարձակութիւնը, որով եւ կը դադրին որոշ իմաստներ փոխադրելէ ու կ՚ըլլան որեւէ իմաստ: Ու հոս է վտանգը։ Գրական որակուած մտածողութիւնը իրեն պիտի ներէր այս անորոշութիւնը, վասնզի չէր տառապեր մտածման ծանր երկունքէն։ Իմաստասիրական մտածումը մտածումն է ամէն բանէ առաջ ։

Հատուածին միտք բանի՞ն։

Ալքոլէն լոյս, լոյսէն մտածում, մտածումէն կրկին լոյս, լոյսէն եթեր, եթերէն արարչագործութիւն։ Դարձեալ լոյս։ Ու այս յոռի շրջանակին մէջ, համար, տարտամ զգայութիւններ, երբեմն սեղմ, յանդուգն տարազներ, հակադրական ցուցումներով։ Ու իր սիրական մենագարութիւնը, լարախաղացի մը վայել, որով մէկ եզրէն միւսը կը յամառի թռիլ, երկու աշխարհներ միշտ պահելու համար իր հասողութեան ծիրին մէջ։ Այսինքն վերլուծում–համադրում (ինք կը գրէ համադրոյթ) իմացական ալշիմին ։ Գիրքին ամենէն թշուառ, լլկուած, ցնցոտի դարձած տարազներէն մէկը։ Հարցնէիք քիչ մը, թէ սա մէկ էջին մէջ ի՛նչն է որ կ՚ուզուի համադրել։ Դիւրի՞ն՝ մէկ էջի մէջ սեղմել բաներ, զորս կը ջանանք աշխարհէն ինք պիտի գրէր՝ տիեզերքէն, վերացնել ու տարազել ձգտիլ, ինչ որ բանի մը հարիւր սերունդ աշխատած են գտնել, հասկանալ, բացատրել, անոր, այդ տիեզերքին ահաւոր խորհուրդէն։ Անպարփակ միամտութիւնը, գրեթէ ծիծաղելիութիւնը, ամէն հարց լուծելու, տարրալուծելու ֆիզիք լոյսով, որ, հաւանաբար, գիտութիւնը ընդհանրացնող աժան հանդէսէ մը ինկեր է իր մէջ իբր տեղեկութիւն, ինքնաբերաբար կը վերածուի անլրջութեան (մարդ կը յիշէ հիներուն թիւերը, հիւլէները, տարրերը եւ յարակից ամբողջ սնոտիքը)։ Այս կերպ յառաջ տարուած մտածողութիւն մը հեռու է հաւասարապէս թէ՛ գիտականէն, թէ իմաստասիրականէն։ Ու անով համադրուած խորհուրդն ալ զուրկ՝ երկուքին ալ պաշտպանութենէն։ Մարդ ցաւով կը կարդայ սա միջակիմաստ բառերը ու կ՚անցնի։

 

Այդպէս չէ պարագան, սակայն, հատուածին շարունակութեան մէջ, ուր նոյն բառը, լոյսը, առիթ է գրական յօրինումներու, առնուազն պատմական ընդհանրացումներու, ոգեկոչական շեշտ, ընդարձակ ճնշումի մը ընդմէջէն։ Նկատի չունիմ միշտ, այդ ընդհանրացմանց ստոյգ տարողութիւնը ։ Չեմ ալ տառապիր հաւանական անստուգութեամբը անոնցմէ շատին։ Բայց կը հետեւիմ հաճոյքով, երբեմն հիացմունքով տարօրէն յանդուգն, ամրակալուած, խիտ կեր/66/պադրումներուն, որոնք նոյն ատեն տարազներ են, զարմանալի raccoursi–ով մը եւ կը ցցեն, բարձրաքանդակային վայելչութեամբ ալ շէջ քաղաքակրթութիւններ, նուաճուած փայլակնային արագութեան մը մէջէն, կրելով շողը, կերպը, լինելութեան մերձաւոր հանգոյցը, որով կնքուած կը պառկին այդ ոգեկոչուած մշակոյթները պատմութեան դամբարանին։ Ատոր փաստը տալէ առաջ, սակայն, կ՚ուզեմ Տիրան Չրաքեանի գրական հսկայ տինամին բացատրող ուրիշ նմոյշ մը բերել հոս, միշտ նոյն հատուածին մէջէն.

«… Եւ այս անվերջ յուսահատութիւնը չէ՞ մշտանորոգ ու անյագ տենչի այս յուսահատութիւնը որ պատրող բայց սփոփիչ երանութեամբ մը եւ ինչո՞ւ պատրող կը յառէ տեսլականի, զրկեալի, խենթի աչքս ուր որ նշոյլ մը կը փայլի։ Թռանցնող կամ կառչող ցոլք մը, անշարժ, հիացական, պզտիկ անօթի մը շուրթին, մետաղէ բանի մը կորանքին, եզրին, անկիւնին լուսագծութիւնը, թիակին տակ, նաւառաջքին դէմ, աղբիւրին մէջ բեկբեկող նշուլումը, անտառին մէջ մղուող շառաւիղը, կոհակի մը ծոցը դողդոջող փաղփիւնը, եկեղեցւոյն մէջ իջնող ճառագայթը, կրակին շառայլը, բիւրեղի մը մէջ ինկած ճաճանչ մը, ադամանդին պաղպաջը, այգաթեւ կամ իրիկնածուփ ամպի մ՚ոսկեփայլիւնը, մենարանին պատուհանին լուսաղօտութիւնը, ծիածանի երանգի մը շողիւնը պրիսմակին մէջ, կաթիլի մը լուսաշիթը, հեռաւոր լապտերի մը փշփշանքը գիշերին մէջ, Ալտեպարանին բոցը ..., Ռիգելին պսպղումը, Մե՜ծ Սիռիուսին փողփողիւնը…, Լուսաբերին անշարժ արծաթափայլ ջահումն արշալոյսին..., ամէն ինչ որ կը փայլփլի, կը բոցավառի, կը շողասլաքէ, կը կայծկլտայ, կը բռնկի՝ ամէն պայծառութիւն որ չի շլացներ աչքն ու կը թուի զմայլիլ, կը թուի սիրե՛լ, կը մագնիսէ, կ՚ըմբռնէ, կ՚ողողէ զիս. ա՛հ, ինչպէս կը յառիմ Լոյսին » («Ներաշխարհ», էջ 112-113)։

 

Գերազանցապէս գրական, այսինքն ստեղծագործական սա պատառիկը, մէկ նիւթէ մը վերբերուած, ու անոր արտակարգօրէն զանազանակ ճոխութիւնը, որ գրագէտի մը եղանակէն ըլլալուն հակառակ, չի յոգնեցներ, այդ գիրքը լեցնող, փրկող, ապագային վրայ բրգօրէն ամբարձիկ ու անոր արժէքը անթառամ ընծայող էջերուն մէկ օրինակն է ահա, ուր, առանց բաժնուելու զգայարանքներուն կարկինէն ու կողմնացոյցէն, ան առիթը ունի երեւոյթներուն անսպառ փոփոխականութիւնը նուաճելու, հիւսքի վերածելու այնքան տիրական նկարչութեամբ մը, ու ասիկա՝ առանց գիտութեան, իմաստասիրու/67/թեան ամպերուն (ինչպէս չզմայլիլ Արիստոֆանին)։ Կարճ եմ հոս, վասնզի Չրաքեանի մէջ գրագէտը պիտի տեսնենք յորդ վերլուծումով։

Գրական իր շնորհներուն մէջէն ոգեկոչականը կ՚արժէ այլապէս։ Ահա՛ փաստը այդ տուրքերուն.

«... Լոյսին. որով Աստուածները կերպարանացան ժամանակներուն մէջ. որու աղօթեցին թերեւս «լաւագոյն» (Գօնտօռսէ) դարերն՝ իբր վիճակներու երկնահուսկ կատարելութեան քաղդէական գիշերներու պերճ երկնակամարին որ Տիգրիսի խաղացքին մէջ կը հոսի, ու Միջագետքի անհուն անդրհայեցութիւնը կ՚ըլլայ. խունկի բլուրներու այրմա՜ն հետ վերթեւող անդրհայեցութիւնը լիբիական աւազներու Ա՛մմոնին ՝ որ Նեղոսի ջուրերուն խաղաղաւէտ բարութեան մէջ կը ցոլայ, ու Հoռnսին՝ որ Բուրգե՜րն յղացող քաղաքակրթութեան մէջ կը ցայտէ. Զայէնտայի ծփանքներուն մէջ բեկբեկող ու ՏԷմավէնտի ձիւներուն մէջ պաղպաջուն որմզդական լոյս իմացականութեա՛ն որ իրանեան առաքինութիւններուն մէջ կը վերլուծուի. Տէվաներուն Ա՜դմային՝ որ Գանգեսի սրբութեան մէջ կը խորհրդափայլի ու Հիմալայաներուն ձիւնափառ գերաշխարհը կ՚օծէ. Ապողոնին՝ որ Պինդոսի կատարէն իտէական ուղխը կը ճաճանչէ Ելլադան ու աշխարհը լուսաւորելու, թրթռացնելու.   Սինայի ամպրոպներուն փայլակի՛ն` որ կը վերածուի, կը հմայափոխուի Մովսէսի ճակտին միսդիք կարկառներուն զոյգ ճառագայթին. պայծառութեանը որ Հերմոնի վեհավայրերուն վրայ, Պաղեստինի խորհրդածուփ լճափներուն վրայ կը սաւառնի, Յորդանանի ջուրերուն օծութեան մէջ կ՚երազէ, ու կը դիմակերպի, կը խորհրդանշուի Աշխարհի Լոյսին մէջ, որ տեսիլի մը պէս կ՚անցնի մարդկութենէն զոր կը լուսնոտէ, կ՚ամբառայ. եւ կը հոծուի, կ՚էանայ հոգւոյն մէջ որով կ՚արբենան անոնք որոց անձնուիրութիւնն արժանի է անոր սրբութեան. Լոյսին, որ Արեւները կը ծնի, զոր, ա՜լ անմարդաձայն ամայութեանց մէջ, քաղաքակրթութիւններէն հեռու՝ Պաալսէքի, Ովնի, Թեբայիտի աւերակներուն մէջ՝ տաճարներու ու գաղափարներու փլատակներու մէջտեղ դեռ կանգուն մռայլ սիւներու յայտնատեսական կոթողումները կը սեւեռախոհեն։ Եւ զո՜ր ներանձնական Եսս կը տենչայ էութեանս խորերէն, անդրեսական հանրէութեանս դարերէ՜ն ի վեր » («Ներաշխարհ», էջ 114-- 115)։

Ինչպէս տկար է անձին սա միջամտութիւնը սա շքեղ շարժապատկերին թաւալման։ Քանի մը նման տող, սովորական, մասնական, ան/68/բնական զեղումի, որ անտանելի թխումէ մը իբրեւ կը զատուի սա զմայլելի կառոյցին մէջ։ Որոնցմէ վերջ բանաստեղծ-պատգամագիրը կը շարունակէ:

 

«... Բոլոր զօրութիւնները միեւնոյն ոյժն են. համատարած, ամենաթափանց Եթերին թրթռումը։ Ամէն ինչ կը վերածուի թրթռումին ու շարժման, այսինքն սա բառին. Ձգտում (tend. Հանճարը, ելեկդրոսանքը, հաւատքը, կամքը, սէրը, ծանրութիւնը (gravita. ), բարոյականը, աղօթքը, միեւնոյն ձգտումին առումները, պարագայացումներն են: Երանի՜ անոր որ սաստկապէս թրթռագին է, անդուլ թրթռուն է արփով. ահա անիկա է տեսանողը, հանճարը, դիւցազնը, սուրբը, մարտիրոսը: Մարմինները հիւլէկոյտեր են որք ուրիշ բան չեն այլ Եթերի հոծոյթներ, Եթերի եղափոխական, ձեւափոխական վիճակներ։ Նիւթ ըսուածը խտացած, սահմանաւորուած Արփն է. Հոգին է. եւ հոգին՝ սահմանազերծ, անպարագիծ Նիւթը։ Նիւթին նախնաձեւութիւնն ու վերջնաձեւութիւնն է։ Այս երկու անհուն ձեւերն արարածներուն մէջ ժամանակակից են անհունազան չափերով բոլոր էակներն այս երկու ձեւերը միանգամայն կը կրեն։ Երանի՜ անոնց որ կարող են զեղման, անեսականութեան, եւ կրնան թոյլ տալ Արփին՝ յորդակոհակ թափանցելու զիրենք. որոց մէջ հիւլէկոյտերն անօսր են. որոց հիւլէդրութիւնները լայնածիր են եւ ամբողջին թրթռացումը մեծ է. վասնզի հիւլէներուն դարձդարձումը՝ թրթռացումն է մարմնոյ մը բովանդակին, ինչպէս լուսաւորներուն թաւալումը Տիեզերքին ամեհի թրթռացումն է: Հոգիացո՛ւմ, հոգիացո՛ւմ. վերադա՛րձ առաջին եւ վերջին ձեւին։ Զոյգ անհուն ձեւերուն մէջտեղ մէկը կայ, անպատում էակ, որ փոխանցումն է Նիւթէն Հոգւոյն, Նիւթին տրտմութեամբը դեռ լի։ Հոգւոյն երանութեամբն արդէն զեղուն. եւ յամրօրէն կը բարձրանայ, դէպի նիւթազերծումը, դէպի աստիճանական, դէպի արդէն իրագործուող հոգիացումը, դէպի հոգոյն փառքը. հետզհետէ աւելի քաղցրութիւն կ՚ըլլայ. հետզհետէ աւելի ներում, աւելի սէր կ՚ըլլայ, կ՚աննիւթանայ, կը վերանայ. Եօշուան է, Եօշուան է, Եօշուան է... »։ («Ներաշխարհ», էջ 116–17)։

 

Այս քիչիկ մը ընդարձակ մէջբերումը անհրաժեշտ էր, լոյսի տակ ձգելու համար յատկանշական գնացքը, չըսելու համար թեքնիքը Չրաքեանի մտածողութեան ։ Անոր այն մասին մէջ, ուր քաղաքակիրթութիւններ կ՚ոգեկոչուին, գրական (ուշադրութիւն վերադրին) շատ յաջող, արագ, կայծկլտուն համադրումներ կերպընկալ (plastique) ձեեւրու կը համադրեն անոր Եզեկիէլեան երեւակայութիւնը ու ոճա/69/կերտ (styliste) արուեստագէտի իր արտակարգ շնորհները։ Չեմ գիտեր՝ պէտք կա՞յ, դիտել տալու, այս երեւակայութիւնը մէկ վիճակն է միտքին, բայց չէ զայն լիութեամբ։ Ու ոճի զգայարանք մը դարձեալ հեղինակի մը մտքէն խստօրէն առանձնացուող յատկութիւն մը չէ, բայց ո՛չ մէկ ատեն չենք փորձած տարրաբանութեան վրայ գիրք մը դատել արուեստի պարունակէն։ Չրաքեան նոյն էջին վրայ փառասիրութիւնը կը հետապնդէ սա զոյգ, թերեւս իրարու հակադիր վիճակները համադրելու: Եւ սակայն մենք գիտենք, թէ միտքին պատմութեան մէջ նման հրաշքներ քիչ անգամ կը պատահին, մէկ մարդու վրայ։ Ո՛վ գիտէ քանի դարեր հոլովին պիտի երկրորդ Փասքալի մը ծնունդին համար։

 

Դառնալով հատուածին, չեմ մատի փաթթեր ստուգութեան, ճշգրիտ հարազատութեան աղերսը յատուկ անուններուն եւ ասոնցմով սեւեռել ուզուած խորհուրդներուն միջեւ, որ առաձիգ է միշտ (վասնզի կու գայ գրական մտածողութենէն), տարտամ է երբեմն, քմայական ու նոյնիսկ հակատարր, իրար հերքող։ Որ կրնայ բոլորովին պակսիլ ալ։ Գոհ եմ, սակայն, երբ անուններուն եւ զանոնք շրջանակելու, յստակելու պաշտօն ունեցող պատկերներուն միջեւ կարելի է մերձաւոր, փոխադարձ վերածումը. չըլլան անոնք փցուն, իրար հակասող, առնուազն հիմնովին անաղերս, չըսելու համար թշնամի իրարու, ինչպէս է պարագան Եղիայի մօտ, որ յատուկ անունները կը գործածէ ածականներու նման, անոնց գոյնին եւ ձայնին սիրոյն, եւ կամ աժան փառասիրութեանց հաշւոյն, իմաստութեան տախտակներէն, ուր իրեն կը միանայ Արշակ Չօպանեան, որ չի կրնար խոնարհագոյն հայ գրողի մը անունին քովն ի վեր ցոյցի չհանել մտքի մեծագոյն հսկաներուն անունները, առանց վախի ու իմացական ամօթխածութեան։ Այս մեղքերը չեկան բարեբախտ կերպով մը վերի մէջբերումներուն մէջ։ Հոն թելադրուած, բանաձեւուած մտածումները, իմաստները, երբ կը հեռացուին իմաստասիրական աշխարհէն, բերուելու համար զգայարանքներու հասողութեան, անոնք, այդ համեստ ու պարզ փոխադրումով, կը դադրին իրենց խոշոր յաւակնութիւններով մեզ նեղելու, ու կ՚ըլլան դեղակառոյց քանդակներ, տարօրէն պերճ շողիւններով ոճաւոր ու ակնառու։ Մենք կը նայինք անոնց շարանին, իբր հրաշալի պարի մը, ուր կախարդական զգեստաւորման մը մէջ կը դառնան ու կը դառնան մարդոց դարերը, անշուշտ իրարու նմանակ, բայց միշտ սեպհական նկարագիրներով։ Հոն, իմաստին պարզութիւնը, սովորականութիւնը գրեթէ կըլլայ անզգա/70/լի։ Գրական ընդլայնումը, յառաջատուութիւնը, ինքնակծկումն ու ինքնարձակումը տեղի կ՚ունենան շլացուցիչ յորդութեամբ, ամուր, ներդաշնակ, պերճ զարկերով, այնքան, որ պատմական սա տարազներուն կտրուածքին (coupe) վայելչութիւնն ու ճաշակը զիս լիուլի կը բաւարարեն, որպէսզի չանցնիմ աւելի անդին, իրենցմէ պահանջելու համար վաւերագրական այլ իրականութիւն, որ զուտ մտածող մարզանքին գերագոյն նպատակն է միշտ։ Կրնային, ինչպէս դիտել տուի քիչ վերը, այս տարազները ճիշդ ըլլալ հիմնովին ։ Պարագան քիչ բան պիտի պակսեցնէր անոնց ներգոյակ արժէքէն [17] ։ Այդ տարազները նկարուած են անձնական միջոցներով, իր շքեղօրէն օժտուած, կենսապարգեւ երեւակայութեան ընդերքներէն, ու ատով՝ կերպով մըն ալ զերծ՝ հաստատ մտածումին հակակշռէն, որուն արժէքներուն հետ կը վարուին իւրայատուկ ուշադրութեամբ։ Լոյսի խաղերուն հանդէպ այն անսովոր ընկալչութիւնը [18], որով ամբողջ էջ մը կ՚ողողուի /71/ շողիւններով, լոյսին երանգափոխութիւնները, կերպարանափոխութիւնները իրարու վերածելու իր դիւրութիւնը, որով փոքր իր եսը կ՚ազատագրէ ճիղճ իր մարմինին կապերէն, կ՚արձակէ միջոցն ի վար ու ժամանակն ի վար, « հանրէութեան իր դարերը մինչեւ » (երբ հիւլէ մըն էր անուններուն վրայ լիւղ եկող), ճառագայթն ու նայուածքը, միսն ու շերտ մը թրթռումը (Լոյսէն) նոյնեզրելով, նոյնելով, Անսկիզբն Ժամանակէն իսկ, ու այս անհունութիւններէն դէպի մեր խեղճ մարդակեդրոնականութիւն էջքը, նորածին վերջաւորութեան, ուր մարդն ու Աստուած իրարու կը հիւսէին, կը միանան, հոգի կ՚ըլլան ... միայն շքեղ խաղարկութիւններ չեն հմայական պատկերակերտութեամբ մը հասկնալի, այլեւ հաւանաբար, անբնական, եթէ ոչ լրիւ ապրումներ, զի միգամածային զգայական վիճակներ, որով եւ համակրելի, վասնզի կարելի։ Ի՛նչ հարկ խստապահանջօրէն անոնց մէջ փնտռել արդի բնագիտութեան կարգ մը վարկածային խաւարումները, Եթերին մայր վարկածէն մեկնող։ Այս շեղումէն յետոյ, դժուար չէ հանդուրժել Չրաքեանի խաղարկութիւնները, իր մտածումներուն զլանալով իրական, ամուր, գիտական խարիսխ ու հանգամանք, բայց անոնց արտաշխարհման մէջ նուաճուած ձեւական գեղեցկութիւններն ալ սրտագին սիրելով։ Ասկէ զատ, պէտք է զմայլիլ այն արագութեան ալ վրայ, թրթռագին ու շարունակեալ մթնոլորտ, որ յատուկ անուններու կռնակին կը թաւալի ու փոխանակ բացատրող կշռոյթին, կը նախասիրէ ստեղծող կշռոյթը. հարուածին վերջին մասը, ուր եթերը կը մտածուի (բառը գործածելով իմաստասիրական առումով), զիս կը ձգէ անտարբեր, պարզ այն պատճառով, որ բոլոր այդ որոճմունքները, հաւաստումները, պատգամները, ժխտումները կրնային չըլլալ, կամ ըլլալ ճիշդ հակառակը իր կարծածին, գիտցածին, հաւատացածին։

 

Բուրգերու դիմաց կերպը նոյնն է մտածումին։ Ազատ չէ այդ մերձեցումներու, հակադրումներու, հաստատումներու տարափին մերժել հաստատ իմաստի մը բարիքը, բայց չէք կրնար զանոնք բառախաղի վերածել (Եղիա, Մրմրեան)։ Անոնց խորը կը թրթռայ շողիւնը մտքի մը, որ նշոյլներ կ՚առնէ ամբաւութեան բոլոր պարունակներէն ու կը ջանայ այդ հիւսիսայգային տեսարանումը իմացականութեան, իմաստի, հոգեղէն խորհուրդի մը վերածել, արարչութեան առասպելը ազատագրել իր անիմաստութեան առասպելէն։ Նիւթը սահմանազերծելը տեսանք։ Մարդն ու աշխարհը, տիեզերքները վերածնելու (cosmogonie–ն ուրիշ բան չէ) սա մեծամիտ ու դժբախտ   /72/ ճիգը սրտառուչ ալ է, իր միամիտ լուծումին վրիպանքովը նոյնիսկ։ Դիւրին էր պարպել տարածութիւնը այն անիմաստ, գրեթէ անկարելի ուրուականներու բանակներէն, զորս մարդուն մեղքը նետեր էր հոն, սոսկումովը այդ իսկ պարապին, իր նախնական դարերուն։ Ատիկա ըրաւ մեր օրերու գիտութիւնը։ Բայց պարապը, աւելի ահարկու, կը մնար կախ մեր գլխուն վերեւ։ Չրաքեան, բոլոր մտածումներուն տագնապովը, հոն կը դնէ բաներ, որոնք նոր չեն անշուշտ, բայց կը թուին տարբեր։ Իր Եօշուան դեռ նիւթէն չէ ազատագրուած, այդ պարապութիւնը իբր հոգի գահակալելու։ Բայց աւելի տանելի է քան անխառն առասպելը, անբան զանգուածը, խելքէ զուրկ թոհուբոհը։ Ու հոս դէմ չենք իրեն, համաձայն ալ չըլլալով իրեն։ « Ներաշխարհ »ը, հակառակ իր պատեպատ թափառումներուն, գիրք մըն է հոգեղէն իսկութեամբ պաշտպանուած։ Ու ասիկա բաւ է իրեն։

Չրաքեանի ընկերային գաղափարները 1840–ի բարեխառնութեան մէջ կազմուած, չեն գտած իրենց բնականոն զարգացումը։ Աշխատանքին վրայ իր հաւատքը տարազ մըն է, որ կու գայ 1848–ի յեղափոխութիւնը առաջնորդող հոգեբանութենէ մը։ Իրեն անծանօթ չէ անշուշտ պատմական նիւթապաշտութիւնը, բայց անով իր զբաղիլը հասկնալի է իր ոգեպաշտիկ հակումներուն լոյսին մէջ։ Գիրքին մէջ նօթի մը ձեւով միայն պահուած այդ հարցերը մնացած են իրենց ուրուային ձեւ ին մէջ ու չեն խօսիր ի նպաստ Չրաքեանի։ Նոյն անկատարութիւնը նաեւ պաշտօնական դպրոցներու (իմաստասիրական) ըմբռնումին ու գնահատման մէջ։ Մահուան, յիմարութեան, հոգիի վրայ իր մտածումները աւելի մանրամասնուած, կեանքի տարրերով բարեխառնուած, կը դառնան խառնօրէն գրական եւ իմաստասիրական, այսինքն՝ ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը։

 

Ահա՛, մեծ իր գիծերուն մէջ, Չրաքեանի մտածողութեան մեքենականութիւնը որ, ամրապէս ենթակայ, պարտական գրական տուրքերու, ասոնց մղումին տակ ընդունակ հզօր իրացումներու՝ կը հեռանայ լրջութենէ, անպատասխանատու խօսքի վերածուելու աստիճան, երբ զուտ իմաստասիրական կամ բնագիտական հարցեր կը հետապնդէ, ասոնք արտաշխարհելու իր ճիգին մէջ երբեմն վտանգելով նաեւ կերպընկալ փաստերը իր ազնուազգի զգայարանքներուն։ Որ կ՚իյնայ նոյն կամայականութեանց մէջ, երբ ուրանալով զինքը կանխող քսանէ աւելի դարերու (մտածման) աշխատանքը, մեթոտները, արդիւնքները, ինք իր գլխուն կը յաւակնի տիեզերք յօրինել, առանց /73/ անդրադառնալու, որ շինելու համար չի բաւեր փլել գիտնալը, այլ մանաւանդ փլածը գիտնալը. զի ան չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կը փլէր։ Բոլորովին ինքնահնար միջոցներով իմաստասիրելուն մէջ միամտութիւն որքան անգիտութիւն կայ։ Իրաւ է, որ զգացական իր սեւեռումներուն Ներաշխարհ »ին անմահ մասը) եւ իմացական խոյանքներուն Ներաշխարհ »ին արդէն իսկ մեռած մասը) ընդմէջ երբեմն անոր կը պատահի նուաճել զօրաւոր, փայլուն, հնչական տարազներ, որոնք աւելի քան փարատոքսը կը թողուն տպաւորութիւն եւ ունին պատրանքը իրաւ մտածումին, բայց դարձեալ խոտելի են, վասնզի առնուազն անտեղի են, այսինքն չեն բխիր բնական ծնունդի մը օրէնքներովը, այլ կ՚երեւան, կայծակնաձեւ ու անակնկալ ու չեն պաշտպանուիր, քանի որ մինակ են թոհուբոհին վրայ։ Անոնք, էջին կամ գլուխին ամբողջութեան մէջ տարր, ատաղձ չեն, այլ դուրսէն դրուած փայլուն, տպաւորիչ ցայտքեր։ Ահա՛ նմոյշներ.

«... Վասնզի մի՞թէ անիմանալի յաւերժութիւնը, որու երկնային ընծայումն է Լոյսը՝ առաջին ու վերջին անծանօթ ձեւը չէ՜ բոլոր իրերուն որ միջին ձեւեր են միայն » («Ներաշխարհ», էջ 113)։

«… Հիւլէներուն դարձդարձումը՝ թրթռացումն է մարմնոյ մը բովանդակին, ինչպէս լուսաւորներուն թաւալումը Տիեզերքին ամեհի թրթռացումն է » (Ներաշխարհ», էջ 116)։

Այս կարգի առածաձեւ ասութիւններ կը վխտան գիրքէն ներս։ Հոգեղէն մարզէն անոնք այլապէս սրտառուչ են, քանի որ բարոյական փորձառութեան մը կսկիծն ալ կը պտըտցնեն իրենց հետ։

Յետոյ, անուրանալի է նոյն ատեն առանձնակի արժէքը տարողութեան ու նորութեան հարցերէն անկախաբար իրերագոյ, այդ գաղափարներուն, որոնք իբր յատակ կը ծառայեն անոր զգացական կառոյցներուն։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի կան այն գիրքերէն ալ, որոնց մէջ բառերը փքոցուռոյց աղմուկներ են, նոյնիսկ ասպարէզէն մտածողներու մօտ [19] ։ Միշտ խնդրոյ առարկայ պահելով վերի ընդար/74/ձակ մէջբերումը, չեմ կրնար ուրանալ, միւս կողմէն, որ բառերու սա իրերախառնումը, նորաձուլումը, նորակերպումն ու նորայարդար ագոյցը ծնունդ կ՚առնեն, թերեւս հեղինակէն անկախաբար քիչ մը, տիրական պատկերի մը ճնշումէն, Լոյսին (որ ա՛լ նիւթեղէն յղացք մը չէ իր մօտ, այլ սկզբնանիւթը, անհունաստեղծ ստեղծում մը, թէ՝ իրմէ, մեզմէ դուրս Միջոցին անդունդներն ի վար, թէ՛ ներսը, իր, մեր ուղեղին ծալքերուն վրայ լուսոստայնուած անպարագրելի խորհուրդը, իբրեւ սկիզբն ու վախճանը՝ Տիեզերքէն մեզի մատչելի փշրանքի մը)։ Որուն մէջէն միտքն ու նիւթը յօրինեն զիրար, քայքայեն զիրար, վերակազմեն։– Ահա՛, պարզուած ձեւի մը տակ, տիրական մասը սա խորհրդածական փոթորիկին։ Միջանկեալ դարե՞րը։ Այսինքն երկրէ երկինք երեք–չորս էջ թափառո՞ւմ ու փոխադարձաբար։ Կը տարակուսիմ ասոնց աւելցուցած արժէքին, միշտ իմաստի գետնին վրայ. զի Չրաքեան չունի տեղ մը, ուրկէ բացակայի գրագէտը։

Գիրքին մէջ մէկ ու նոյն թեքնիքը կ՚իշխէ։ Փոխանակ մայր մտածումը նուաճելու իր ճիգը կեդրոնացած պահելու, կ՚ախորժի տարտըղնումէ, ճիւղաւորումէ, տարածուելէ, միշտ երանգներու նորոգումը հետապնդելով ու չտառապելով իսկ ասոնց քիչ փոփոխումէն։ Անոր սիրական մէկ եղանակն է նորէն մտածումին սարուածը փորաւորել, անկէ ներս տեղ ճարելու համար ուրիշ ալ փայլակներու, որոնք իրենք իրենց համար երբեմն ուղխ, հրթիռ, հրաբուխ, գեղեցկութիւն, նպաստ չեն բերեր մայր մտածումին սիւնագալար գնացքին, եթէ երբեք զայն չեն  /75/ թաղեր թարմատար իրենց բուռքին մէջ։ Գոնէ կ՚ընեն աւելին կը կեցնեն ընթերցողը, որ յաւելեալ տառապանքի մը ենթարկէ իր ուշադրութիւնը, ինքնին դժուար զետեղելի մտածումը պարագրկելու ճիգէն զատ, բեկբեկումներն ալ նայուածքի դաշտին աւազանել կարենալու համար։ Յոգնեցուցիչ եղանակ, արդարեւ, մանաւանդ իմաստներու կրկէսին մէջ, երբ մեր ճիգը փոխարինելու, մեր համակրութիւնը վարդապետելու համար համարժէ խորութիւն, նորութիւն, իմացական վայելք չեն միջամտեր։

Մէջբերումներու թիւը շատցուցէք որքան որ կ՚ուզէք։ Անոնց ամէնուն տակը պիտի գտնէք միշտ որեւէ մտածում, որ յաճախ չի փրկեր մեր ուշադրութեան վատնումը, զինքը իր թարմատար փաթաթներէն հանելու։ Նախ տաժա՛նքը՝ անպատճառ մէկէ աւելի անգամներ կարդալու: Յետոյ՝ յուսախաբութիւնը մեր գտածէն, որ յաճախ հակառակ տեղիք է, կամ ասոր մօտիկ բան մը գրեթէ։ Ու կը հարցնեմ .

Մտածելու համար մտածո՞ւմ սա բռնավաստակ, անպատճառ եղանակը, պարզագոյն բաներն իսկ այսպէս մշուշելու, եւ խնդիր պատրանքի մը թելադրութեան։ Այսինքն՝ տեսակ մը հակադի՞ր տարազ՝ « Արուեստը արուեստին համար » յղացքին։

 

« Ներաշխարհ »ը պատասխան չէր կրնար ունենալ։ Դժբախտաբար այդ պատասխանը չունի դարձեալ « Մեկնողական »ը։

Ի՛նչ որ իբր մեծ բարիք չի մոռցուիր անոր ընթերցումէն, իմաստի ոլորտի մը մէջ պահելու իրողութիւնն է, հայ գրականութեան մէջ շատ քիչ հայթայթուած վայելք։ Զանց կընեմ այդ վայելքին խուզարկումը մեր հին մատենագրութեան մէջ։ Մեր զոյգ նոր գրականութիւնները չեղան աւելի բախտաւոր։ « Ներաշխարհ »ը, առանց ըլլալու մատեանը հաստատ, պայծառ մտածողութեան մը, է սակայն այն մատեանը, ուր ամենէն շատ մենք շփումի կու գանք գաղափարներու մթերքի մը հետ։

Ու ասիկա մեծ արժանիք մըն է։

* * *

Հիմա դատաստանը։

Ներաշխարհին կը պակսի մայր, մեծ գաղափար մը, չեմ ըսեր գաղափարաբանութիւն մը (որմէ փշրանքներ, փոշիներ կ՚ամպանան ամէն /76/ էջի), առանց որու իմաստի էջերը շատ մօտիկ կը կենան Շոփէնհաուըրէն բանաձեւուած խիստ վճռին, շառլաթանութեան, որ միայն գրական մեղք մը չէ, մեր օրերուն շատ ընթացիկ, այլեւ մտքի մեղք մը [20] ։

Առանց աւելորդ խստապահանջութեան, ընթերցող մը իրաւունք կու տայ իրեն, « Ներաշխարհ »ի առաջին յիսուն էջերը աւարտելէ ետք, հարցնելու ինք իրեն, թէ սա տողերուն հեղինակը իմաստասիրական ո՛ր դպրոցին կը սպասարկէ, վասնզի հատորի մը քառորդը բաւարար տարածութիւն է հեղինակի մը հիմնական նկարագիրը թելադրելու։ Ու մեղք չենք գործեր, երբ, յիսուն էջի մը ընթերցումը իրեն զիջելէ ետք, ուզենք իրմէ մայր իր մտածողութիւնը, որ թելի մը նման մեզի առաջնորդէր իմանալի այդ լաբիւրինթոսին ընդմէջէն դէպի անդաստակները իմաստի որոշ դրութեան մը [21] ։ Անոր հեղինակը թե/77/րեւս ապրեցաւ ալ հզօր այդ տառապանքը, գիրքէն առաջ ու վերջ, կեանքին ու մտքին մէջ գտնելու հոգեկան սա միութիւնը, որ մեր օրերը կը վերածէ յաճախ երկաթ շղթայի, օղակ-օղակ բայց հաւատարիմ էինք իրեն, ու ինկաւ հորին մէջ, առաջին իմաստասէրին նման։ Ամէն ժամանակներու, ցանուցրիւ, մեծ կամ աննշան մտածողներու փշրանքներով տոգորուն [22], անոնցմէ այլանալ ձգտող բայց շատ քիչ, տարտամ բաժիններով ինքնացող « Ներաշխարհ »ին մտածողութեան գերակշիռ մեղքը իր գրականութիւնն է, որ գիրքը կը կտրէ խառնուրդներու (mé/78/langes) տարադէպ ու տարաբախտ սեռին։ Ուր, գրական չեմ ըսեր՝ զարդարանքը (ընդհանրապէս Չրաքեան դուրս կրնայ նկատուիլ ծաղկեալ ոճին ոճիրէն), այլ եղանակը իր նորակտուր շքեղանքովը, թերեւս բնականութեան հետ շփոթուելու ձգտող արուեստականութեամբը (իրն է տարազը) պարտքն է ստանձնած իմաստի ընդոծին տկարութիւնը, նիհարութիւնը պարտակելու։ Միշդ գոյ է կարելիութիւնը՝ մերկացնելու, իր չոր հէնքին վերածելու մտածման սա արապէսքը, գտնելու կամքը բառերու փարթամութեան սքօղուն ու տկլոր մարմինին, ինչպէս պիտի տեսնուի քիչ յետոյ, յաճախ մեծարուեստ, աղմկայոյզ, խաւարչուտ կամ հոլաթեւ, լուսալիր սա նախադասութեանց յատակը լրագրական տարողութեամբ հակառակ տեղիքն է մեր հաստատելիքը, իմաստներ աշխարհէն՝ գրականութեանց պատմութեան առձեռններուն (manuel) մէջ ինկած ճիղճ փշրանք։ Չեմ երթար առաջ, եղունգին մէջ տեսնելու հով աղացող իմաստուններուն դժբախտութիւնը։ Ուրե՞մն։ Ինչո՞ւ, զգալու տեղ, մտածել, երբ գիտենք, որ մեր մտածումը ուրկէ՛ կու գայ ու ի՛նչ կ՚արժէ։

Պանդոյրները, փղշտացիները, միամիտները տաղաւարելու եղիակա՞ն մտագարութիւն։

Մութ հրապո՞րը շեղումի։

Իսկական անպատասխանատու բո՞ւխք մը ուղեղային հրարձակման, որուն նմոյշները ունի արձանագրած գրականութեանց պատմութիւնը (Նիցչէ, Ռէմպօ)։

  /79/ Մեր հարցականը պատասխան մը չունի մեզ բաւարարող։ Նիցչէի գիրքերը արտաքին տարտղնումին մէջ ունին ներքին օրկանիք միութիւն։

Չեմ գիտեր, անտեղի՞ է արդեօք փորձ մը « Ներաշխարհ »ին բուխքը մօտեցնելու « Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը » հատորին։

 

Խօսքը կու տամ Հանրի Ալպէրի, որ Նիցչէի գործերուն թարգմանիչն է ֆրանսերէնի.

« Առաջին մասը («Այսպէս խօսեցաւ Զարադուստրա») գրուեցաւ Ճենովայի մօտ, Ռափոլլոյի ծիծղուն եւ լուսաւէտ ծովախորշին մէջ, ուր Նիցչէ անցուց 1883–ի Յունուարն ու Փետրուարը: «Առտուն բարձրացայ Զոակլիի շքեղ ճանապարհով, ուղղելով դէպի հարաւ, երկայնքն ի վար մայրերու անտառի մը։ Կը տեսնէի առջեւս պարզուիլը ծովուն, որ կը տարածուէր մինչեւ հորիզոնը։ Այս երկու ճամբաներուն վրայ է, որ ինչ ինկաւ գաղափարը « Զարադուստրա »յի առաջին մասին. ամէնէն առաջ, Զրադաշտը ինք, իբրեւ տիպար, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ինկաւ վրաս»։ Նիցչէ շատ անգամներ ճշդած է, որ երբեք աւելի չէ տուած քան տասը օրեր «Զարադուստրա»յի առաջին երեք մասերէն իւրաքանչիւրին համար. այս բառերուն տակ ան կը հասկնայ այն օրերը, ուր գաղափարները երկարօրէն հասուննալէ վերջ, կը խմբագրուէին ամբողջի մը մէջ, ուր, օրուան (երկար եւ ուժգին արշաւներէն վերջ, անբաղդատելի ներշնչման վիճակի մը եւ իմացական սաստկագին ճնշման մը մէջ, գործը կը բիւրեղանար իր ամբողջութեամբը, խմբագրուելու համար յետոյ, իրիկունը, սա առաջին բուխքին ձեւովը։ Այս տասը օրերէն առաջ, միշտ պատրաստումի ժամանակ մը կայ, աւելի կամ նուազ երկար, որմէ անմիջապէս վերջ՝ վճռական ձեռագրին յարդարա՛նքը. այս վերջին աշխատանքն ալ կը կատարուէր նոյնպէս զայրագին ուժգնութեամբ (véhémence) եւ որուն կ՚ընկերանար գրեթէ անժուժելի արտաձգում մը զգացման » («Այսպէս խօսեցաւ Զարադուստրա», էջ 502, թարգմանչին ծանօթութիւնը)։

«… Հռոմ, մելամաղձոտ գարնան մը ընթացքին, դրուեցաւ երկրորդ մասին « Գիշերուան երգը » եւ երկրորդ մասը ամբողջ, նորէն տասը օրուան մէջ» նոյն գիրքը, նոյն էջը

«… Ձմրան, Նիսի ովկիանեան երկինքին տակ, որ առաջին անգամը ըլլալով ճառագայթեց այն ատեն իմ կեանքիս վրայ, ես գտայ երրորդ «Զարադուստրա»ն որ յօրինուեցաւ ամենադժնդակ վերելքի մը ընթացքին, կայարանէն դէպի մօտիկ գիւղը Էզա, կառուցուած ժայռերու սիրտին։ Այս անգամ ալ «տասը օրուան գործը» աւարտեցաւ /80/ Յունուարի վերջը, մաքուրի քաշուելով Փետրուարի կիսուն» ( նոյն էջը

Տարի մը վերջ՝ չորրորդ մասը։

Ահաւոր հիւանդութեան մը զայրագնումին, տաժանքներուն մէջէն, ահաւոր ցաւէ մը գանկը երկաթ գելակներու ճնշումին տակ պայթելու աստիճան կարդալէ, թաշկինակով աչքերը փակած լոյսին, զոր չէր կրնար հանդուրժել, բայց հրաժարումին մէջը իր ներաշխարհին, Զրադաշտի ստեղծագործ մարգարէն բառերը կը թափէ բերնէն (մինչ իր հանճարին վրայ մոլեռանդ հաւատաւոր իր մէկ աշակերտը կրօնական երկիւղածութեամբ զանոնք կը հաւաքէ թուղթին), ինչպէս անժուժելի տեսիլքի մը լուսային փշրանքները, երբ հնոցին, խառնարանին խորը մտածումը, սրբանիւթը փոխանակ սպառելու կ՚աճի, կ՚աճի իր ոստղային բողկուկները հետզհետէ աւելի խոր մխելով, մխրճելով գրեթէ իր միսերն ի վար, պայծառ, հաստատ, նոր, խոր մտածումներու իսկական հրախաղացք, բայց իր փշուրին մէջ իսկ, ինչպէս կը տեղան ալիքին, ինք իրեն հաւատարիմ, հաւատարիմ՝ մանաւանդ զինքը ծնող արգանդին։ Եզակի գիրքի մը եզակի սա Ոդիսակա՜նը։

 

Անոնք, որ Չրաքեանը կը ճանչնան, կը յաւակնին ճանչցած ըլլալ, իր մօտ անկարելի չեն գտնել Նիցչէական փառասիրութիւն մը (իրողութիւն է, որ գերման մտածողին վերափառքը իր շողշողուն արշալոյսը կ՚ապրէր 1900–ին)։ « Կեղծ հանճարներ » հատորին մէջ, պարսաւը քիչ մը poussé թէեւ, հաւանաբար իր սնունդը կ՚առնէ Չրաքեանի մօտ նման յաւակնութիւններէ։ Տիկին Եսայեան Չրաքեանի տիպարը ծաղրանկարային այլայլումի տանելու համար, դիւրութիւն կը գտնէ, կ՚ենթադրեմ, տիպարին կարելի վստահութենէն իր արժէքին մասին։

 

Իմացական ընդհանուր միութեան մը սա պակասէն դուրս, պարտաւոր եմ տակաւին մօտենալ դիրքին դժնդակ այն կորանքին, որ կազմական (organique) միութեան պակասովը կը ստեղծուի, գիրքին թելադրած տհաճ զգացումներուն պատասխանատուն դառնալով։

Ամէն ընթերցող ինքնաբերաբար զլացած է, որ գիրքին գնացքը կարգ մը տեղեր կը դանդաղի, կը կաղայ, կը կենայ նոյնիսկ, առանց որ կարեւոր բան մը ըլլար փոխուած բառերուն, մտածման որակին, վիճակներու ագոյցին, արդարանքին մէջ։ Այս կապումը գիրքի մը թալալուն ուժին (զոր ուրիշ տեղեր այնքան յատակ կը դիտենք, երբ առանց մեր գիտնալուն իսկ էջերը կը հալածեն զիրար, հեւշտապ, յախուռն, /81/ մար, ատեն չձգելով հակազդեցութեն, անդրադարձումի), ինքնին նշանն է ավելի խորունկ իրողութեան մը։ Իմ կարծիքով, ասիկա կը պատահի ամէն անգամ, որ ներշնչումը չէ նուաճուած ։ Ըսել կուզեմ՝ ԱՅՆ ԱՏԵ՛Ն, երբ հեղինակը, սովորութեան մը: Հնազանդելով, կ՚անցնի իր թուղթին առջեւ, տարտամ վստահութեամբ մը իր ոճին, իր ըսելիքներուն հաւանական տարողութեան, առնուազն հռետորական թաքուն դիւրութեան մը, անոր մէջ գրեթէ խառնուածքի մասեր կը կազմէ։ Կա՛յ այս դժբախտութիւնն ալ հռետորական մտածումի [23], երբ առանց խոր, զօրաւոր յուզումի, մղումի, թրթիռի՝ զմեզ ատակ կը դաւանինք ստեղծելու [24], թաքուն մեղսակցութեամբը մեր տաղանդին, մեր էջէն /82/   (գրելիք) սպասելով սրբազան նպաստը։ Այն ատեն դուք ունենաք պիտի, չեմ ըսեր անտանելի է, այլ ապարժէ այն էջերը, որոնք տեղ են գիրքին մէջ եւ ուրիշ ոչինչ։ Որոնց պակասը շահ մը պիտի ըլլար դիր քին հոգիին ու մարմինին։ « Ներաշխարհ »ի մէջ սա մեղքը յաճախադեպ է։ Գլուխները սկզբնաւորող քանի մը էջերը (բացի առաջինէն, ուր նորաստեղծումին հուրքը, անակնկալը, տարօրինակութիւնը կը հալեցնեն ամէն դերբուկ ու խարակ) շատ ուժգին է զգայութիւնը այդ վրիպանքին։ Կարդացեք առանց նեղուելու (եթէ կրնաք) գլուխին մուտքը, որ կը սկսի «Ամէն բան լոյս պատկեր մ՚է» (էջ 118) բառերով, երբ ձեր /83/ մտքին մէջ թարմ է կանխող էջերուն մեծաթռիչ բանաստեղծականութիւնը։ Կարդացէ՛ք այն միւսը, որ « Զանգակն է » մուտքը ունի. էջերը կը դառնան, առանց որ ջերմութիւնը անցնի մեր ջիղերուն։ Բայց բառերը նոյնն են միշտ։ Յայտնի է, որ ճիգը գրելէն դուրս, մտքին խորը կը գործէ։ Ուրիշ գրողներ, գործին շեղումէն ու կաղապարի մը մուտքէն վերջ, չեն վարանիր մէկդի ընելու խնամքով, այդ անշուտ վազքերը։ Չրաքեան, որ իր հանճարայնութեան միթը չէ դադրած մշակելէ, թերեւս մինչեւ յիմարութիւն պողոտայ ալ ուզելով (քանի որ այդ օրերուն հանճար-յիմար տեսութիւնը իր փառքին մէջն էր) կամ բռնի /84/ յարդարելով, չէ ըրած սրբապղծութի՜ւնը այդ զոհին ու մեզի պարտադրած է կսկծագին տառապանք մը, այն դժնդակ զգացումը, որ աւելի է ցաւէն, քանի որ վկայութիւնն է բարձր, գեղեցիկ կարելիութեանց, որոնք խնայուեցան մեզի, այդ անիմաստ յաւակնութեան գնով։ Այսպէս է, որ կը քալէ « Ներաշխարհ »ի ընթերցումը, այսինքն՝ այսպէս է որ գրուած է անիկա ատենին։ Խուժդուժ անձկութեան պահեր մեզմէ կը կոտրեն ամէն բարի կամեցողութիւն, մինչեւ որ սրբազան հուրը (ներշնչումին) հասնի վերջապէս ու կարմրցնէ էջերը։ Մտածումին եւ անոր տարազը կազմող բառերուն միջեւ ծանր պարապը, որ քիչ առաջ այնքան նեղիչ էր, կը լեցուի։ Ու գիրքին խորհուրդը կ՚իրակերտուի այդ բռնկումին մէջ։ Ա՛լ չես փնտռեր ամբողջին շուքը։ Կը գոհանաս տրուածէն։ Կը խանդավառուիս երբեմն, մինչեւ որ նորէն կոտրին թեւերը ներշնչումին ու գրագէտը մինակ ձգեն բառերու հեղեղին դէմ։

Բացի գլուխներու մուտքէն, կրաւոր(ական) սա մտածողութիւնը, անոր տխուր, անփառունակ մարզանքը ի յայտ կու գայ նորէն ամէն անգամ, որ գլուխներու մարմինին երկայնքով հեղինակը կը սպառի [25] իր նիւթէն ։ Ուրիշներ, նուազ յաւակնոտ, պիտի ձգեն սեղանը ու իջնեն աշխարհ, իրենց ջիղերը հանդարտելու եւ զանոնք կրկին յարդարելու համար զգայութեանց նորոգիչ, անտես ցօղերուն։ Այս զգուշաւորութեամբ ակօսը կը մնայ թարմ։ Չրաքեան պիտի յամառի, թարթափի, յօրանջէ, շատախօսէ, շպարէ, մեծաքանակ հակառակ տեղիք պիտի ներկէ, սովորական բաները պիտի պաճուճէ ոճին բեհեզներովը, կամ՝ հեւասպառ իյնալու համար, կամ՝ գտնելու համար իրական ներշնչումը։ Երկուքն ալ մեր կարելիութեանց մէջն են։ Նոր չէ, որ գերագոյն պրկումով մը մեր ջիղերէն կը ստանանք անկարելի բաներ։ Բայց ասիկա Պիւռոսեան յաղթանակ մըն է յաճախ։ « Ներաշխարհ »ը կերած է այդ մարդը, ինչպէս Չրաքեանն է, որ աշխատութեան սա եղանակին կիրառումովը՝ « Ներաշխարհ »ին շքեղ փառքը։ Քիչ աւելի պրկելով վարկածը, դժուար չէ բանալին ունենալ գիրքին շուրջ գոյ տարակարծութեանց։ Յաջողակ էջերուն մէջ (բոլոր գրականները, պատահակի՝ /85/ մտածողականները ) անառարկելի, ընդքարշող հրապոյրը, հանգիտութեան օրէնքով մարդիկ տրամադիր եղան տարածելու գիրքն ամբողջութեանը վրայ, մտացիր ոստումով մը գիրքին խոտան, պակասաւոր, անհանդուրժելի կողմերուն վրայէն։ Այսպէս, փորձեցէք կարդալ, օրինակ, էջ 118–129, ուր սոփեստութիւն, տղայամիտ յաւակնութիւն, մանաւանդ ինքնագլուխ տեսութեանց պղտոր հեղեղ մը թաւալ կու գայ, ճչան՝ որքան ուռուցիկ։ Հակառակ անոր, որ գրական հսկայ սպառում մը կայ հոն, ոճի տուրքերէ, այդ ամէնուն ճարելու համար տեսակ մը արիւն, ջերմութիւն, այդ էջերը դուրս կը մնան մեր վայելումէն, կ՚ըլլան միայն իրենք զիրենք, այսինքն՝ գիրքերու աւելի կամ նուազ նենգուած, ներկուած վերյիշումներ, ընթերցման մոխիր, օրուան նորութիւն, լրագրական reportage–ին հետ չխոթելու չափ մերկ ու անկնիք, որոնք տեղ ունենալու չէին « Ներաշխարհ »ի մէջ [26] ։

Ահա նմոյշներ։

«... Կրօնքը, բանաստեղծութիւնը, գեղարուեստը կ՚երթան մինչեւ իրենց հանրացման վերացականութիւնը թանձրացնելու մասնաւոր պատկերներու մէջ, եթէ թանձրացած մասնաւորութիւննե՛ր գիտութիւնը կը հանրացնէ գլխաւորաբար » («Ներաշխարհ», էջ 121)։

Ասիկա վաղածանօթ տարազն է « Բարդէն դէպի պարզը, վերացեալէն դէպի թանձրացեալը եւ փոխադարձաբար »։ Շա՞հը՝ նոր, Չրաքեանի կաղապարին։ Ազատ էք ձեր հաշւոյն օգտագործելու զայն։

Ու շարունակելով։

« Հանրացումներուն՝ իրաձեւ դիմառութիւններով վերստին նոր թանձրացման մէջ կայ կորնչական, մասնաւոր մարդը, որ կ՚ուզէ իրակերպել, մարմնաւորել անմարմին վերացականութիւնն ընդհանուր գաղափարները: Զգայարանքներում մարդը պետք է պատկերացնէ՝ /86/ զգայարանական ընէ ինչ որ իմանալի է, եւ անշրջագիծ, զայն մատչելի դարձնէ իր արտաքնութեան (մարմնաւորութեան, եւ ինչպէս Կրօնքը՝ Գեղարուեստներն ու բանաստեղծութիւնն ալ խորհրդանշանական են այսպէս, ամէն ժամանակներու, ամէն դպրոցներու իսկ մէջ, եւ իրենց իմաստասիրական արժէքը համեմատութիւնն է որով իրենց ստեղծումներն ըլլան այնքան մասնաւոր իրենց երեւոյթով՝ որքան իրենց իմաստով յարաբերաբար ընդհանուր՝ զգայարանականութեամբ այնքա՛ն մարդկային` որքան ոգեկամութեամբ յարաբերաբար տիեզերական, աստուածային » («Ներաշխարհ», էջ 121-122)։

Ա՞յս։

Նոյնիսկ այն պարագային, երբ այս տողերուն զիջեինք գոնէ terme–երուն արժէքներուն դրական իմաստը, զոր անոնք կը վայելեն դարերէ ի վեր իմաստասիրութեան մէջ, դարձեալ դժուար է հանդուրժել սա տողերով մեզի մատուցումը փորձուած իմաստին հասարակութեան գռեհիկ, անլուրջ հակադրութիւնը Նիւթին եւ Աննիւթին, Զգայարանքներուն եւ Իմացականութեան։ Ու մարդ չի կրնար չհարցնել դերը սա պատէպատում ին (թող ներուի այս գէշ բառը՝ ի վերջոյ « Ներաշխարհ » կը կարդանք) ու չցաւիլ ձեւին սա խուժ, անաւարտ, բռնադատող զարտուղումէն, որով սրամիտ յաւակնութիւն մը կը ներէ իրեն Տիրան Չրաքեան մտածում աղալու: Իմ կարգիս, չեմ փնտռեր այս ամէնուն մէջ նորը, ի յառաջագունէ հաշտուած ըլլալուս, նոր մտայնութեան մը մեզի համար ցարդ անկարելի բախտին։ Բայց չեմ ալ ծածկել իմ դժգոհութիւնը, առնուազն անտարբերութիւնս՝ մեզի այլապէս ծանօթ, հարիւր անգամ յեղյեղուած, քիչ շատ մտածման էջերու վարժ մտքի համար հակառակ տեղիք դարձած գաղափարները պրկելու, ոլորելու, գիծերու հէնքը այլայլելով նորութեան վարկ մը բախտախաղելու իր տաղանդին անվայել սա եղանակին դէմ միամտութի՞ւն, խարդաւանա՞նք, mystification?։ Ուրի՞շ է արդեօք Շոփէնհաուըրի զայրացկոտ տարազին տարողութիւնը՝ խարդախ մտածում ին հանդէպ։ Ուրի՞շ` Արիստոփանի եւ Մոլիէռի կողմէ այնքան անգթութեամբ ծաղրուած իմաստասիրութիւնը։ Վասնզի անկախաբար մտածման առարկային հասարակութենէն, զայն արտայայտող սա կերպը [27], իր քմայական, անհաստատ, /87/ մանաւանդ անպարզ գնացքով փոխանակ իմաստը ցցելու, շրջագծելու, ասոր արդէն ծփուն, կեդրոնախոյս ձգտումները սանձելով՝ տարազի, դիւրաւ ըմբռնելի կերպարանքի կապելու, զայն կ՚անօսրէ, կը տարտղնէ, ճառագայթման անոր աւազանին վրայ բարդելով աւելորդ մշուշ, աղմուկ։

/88/ Այսպէս.

ա. Զգայարանքներով նուաճելի, սեւեռելի աշխարհը եւ իմացողութեամբ ըմբռնելի, ըմբռնուող միւս աշխարհը, որոնց երկուքին հաշտեցման processus–ն է որ կը պատմեն, կը հետապնդեն իմաստասիրութիւն որակուած հսկայ, սրբազան խենթութեան երեսունի մօտ դարերը Վէտաներէն մինչեւ ստեղծագործ յեղաշրջականութիւնը . Պէրկսոն)։

  /89/ բ. Պատմական սէմպոլիզմը, որ բոլոր կրօնքներուն (ինք պիտի ըսէր անդրհայեցութիւններուն, կարելի է երկրաւոր, մարդկային յատակ մը կը յարդարէ եւ հոգին զգալի ընելու դժուար ձգտումին արտայայտութիւնն է իրերուն լեզուով, մոմով, խունկով, գոյնով, մարմարով, գնով, ձայնով։

գ. Ընդհանուր մասնաւոր տարազը, հաւանաբար դպրոցի բառերն ամրապէս իր ուղեղին կառչած պատկեր, եթէ ոչ չարիքը՝ փիլիսոփայական յօդուածի մը կամ բառարանի մը, սա հինգ-վեց տողերուն մէջ այնքան անհոգութեամբ, անտեղութեամբ քով քովի եկած, պարզ իրենց հաւաքման սա անհեթեթութեամբը զիս կը մղեն կասկածի։ Վասնզի այդ բառերէն, նախադասութիւններէն իւրաքանչիւրը հատորներու նիւթ է հայթայթած իմաստասիրական գրականութեան մէջ։ Ու երբ, Չրաքեանի գրչին տակ, հինգ-վեց տողերու միջոցի մը վրայ կու գան կոկոզավիզ ու փչուած, կու գան մանաւանդ բառարանական խորութեամբ ու անկապակցութեամբ, ա՛լ կը հեռանան, նոյնիսկ կը դադրին իրենց նուիրագործուած իմաստ-արժէքներէն։ Ու չեն փոխանորդները հարազատ մտածումին, ապրումին։ Այս կերպ մտածելը, կրկին կը յայտարարեմ, դուրս է ո՛չ միայն իմաստասիրական, այլ պարզ, անվերադիր լրջութենէն իսկ։

Ու ասիկա հիմնական իմ մեղադրանքն է այս գիրքին։

* * *

Ու ամփոփելու համար սա քիչ մը երկար վերլուծումը, « Ներաշխարհ »ին կը մերժեմ.

ա. Իմաստասիրական տարողութիւն,

բ. Իմաստասիրական jargon-ը։

Ա. Տարողութիւն իմաստասիրական ։ Իր լեզուն սորվիլ, օտար մէկէ աւելի լեզուներու նախատարերքը իւրացնել, կարդացած ըլլալ ու լսած ըլլալ, նոյնիսկ ծնիլ իմաստասիրական շեշտ ընդունակութիւններով շատ-շատ Պէրպէրեան մը կարելի ընող պայմաններ էին անցնող դարու վերջերուն։ Չրաքեան, ըսի ատիկա, չանցաւ իմաստասիրական կրթանքէն ու ասիկա առաջին պատճառներէն մէկն է իր կորանքին։ Հակասութիւններով, յախուռն հերքում–հաստատումներով, ձրի կառուցումներով, վիճարկային տրամաբանութեամբ, բայց մանաւանդ կիրքով, խուլ, անասելի մղումներով մշտագրգիռ իր ուղեղը անատակ էր լրջօրէն, պարկեշտօրէն, զգոյշ զննողութեամբ ու հաստատ հմտութեամբ միայն՝ կարելի, խորհրդածուած, խորաչա /90/ փուած, պարագրկուած իմաստի դրութեան մը ճարտարապետումին։ « Ներաշխարհ »ը գիրքն է հակառակ տուրքերու եւ փաստերու։ Տարիքը անշուշտ վճռական ազդակ մը չի կազմեր սա շքեղանքին մէջ, քանի որ մէկէ աւելի անգամներ հերքուած է տաղանդաւոր, հանճարային պատանիներու գրչով մեզի հասած մեծ փառքերէն։ Յետոյ, պէտք չէ աչքէ հեռացնել հեղինակը, իր գործին առաջադրութեանցը դէմ։ « Ներաշխարհ »ը մեծ, իմացապաշտ, զգայապաշտ քրոնիկ մըն է, ինքնավերլուծման փաստաթուղթ մը եւ ո՛չ թէ իմաստասիրական աշխատութիւն մը։ Այս գիրքէն կարելի չէ արտահանել ոչ միայն՝ հաստատ, ինք իրեն հաւատարիմ, լայնօրէն ուսումնասիրուած ու խորութեամբ տիրապետուած աշխարհայեցողութիւն մը (իր թեքնիքովն է այս բառը, իրը չէ), նոյնիսկ շնորհելով անոր հեղինակին զուտ բնազանցական մտածողութեան համար որոշ ընդունակութիւն, ձերբազատմամբ մը` իր ժամանակէն, միջավայրէն ու (աւելի դժուարօրէն) իր ցեղէն [28] ՝ այլ փաստը, բախտը տարրական համադրումի մը, հեղինակին ուղեղը պաշարող բազմազան հայեացքներու կաղապարու/91/մով, իրարու վերածումովը իրանալի հայեացքներ, որոնք այդ աշխատանքով թափուէին սեպհական, միշտ նոյն, առնուազն համասեռ ձեւերու, կաղապարներու։ Ո՛վ որ կը դիմէ իրեն գիտնալու, սորվելու, համոզուելու, աճելու մեղքերով, կը սխալի։ Միստիք, համաստուածեան, քրիստոնեայ, ոգեպաշտ, իրապաշտ, իտէապաշտ, բնամարդ ի՛նչ դիւրութեամբ կը շարուին իր անունին քովն ի վեր սա բառերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բաւ էր ոչ միայն կեանք մը /92/ լեցնելու, այլ կը յորդէր ալ անկէ։ Եւ տակաւին տասը-քսան պիտակներ։ Հարստութի՞ւն։ Ձեզի հետ չեմ ծովն ու ճախճախուտը հոմանիշ նկատելու համար։ Չրաքեան սա մասնաւորումները չէ մշակած, իւրաքանչիւրին յատուկ, յստակ, անյեղլի նկարագիրները ցայտեցնելու ջանքով մը։ Այս ամէնէն ծուէններ, հրաշալի իր աչքին (միտքն ալ աչք մը ունի) անտես բողկուկներով խլուած ու նետուած երկրին ու երկինքին վրայ, ասոնց՝ այսինքն այդ ծուէններուն քանի մը շամանդաղային ծուփերը, խաղերը, երանգին շնորհները։ Ու վարագոյր։ Թող պակսի աչքի սա խաղը (ըսել կ՚ուզեմ գունաւորումը), այդ ծուէնները, մասնիկները աւազի հատիկներու անգոյն իրենց լքումին կը դառնան իսկոյն (ու հոս է տկարութիւնը։ Կան մտածումներ, nրոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն ի հեճուկս զիրենք բանաձեւողներու ձախողանքին)։ Ասիկա այսպէս է, գիրքին մէջ, ամէն անգամ որ մտածում մը լարուի. այսինքն՝ ամէն անգամ, որ Չրաքեանի միտքը ճիգը կ՚ընէ յղացք մը նուաճելու, կերպադրելու։ Իր ջիղերը (ուզենք չեղենք, ասոնք նորէն ապահով միջոցներ են) խոցուած՝ ո՜վ գիտէ ինչ արիւնավազ (ժառանգական), անողոք սլաքներէ, Եղիային մօտ գիտուածին նման, չեն դիմանար այդ յղացքներուն բեռին կամ զանոնք յաղթահարող ձգտումին ու տեղի կու տան, զինք լքելով, առնուազն նահանջի հարկադրելով դէպի հաստատ իրերուն աշխարհը։ Ու դժնդակ է մեր վրայ տպաւորութիւնը այս խեղճ նահանջին։ Չենք կրնար վստահիլ ո՛չ միայն իր ուժին, ճակատամարտը շահելու (ամէն ընթերցում յաղթանակ մըն է, այլեւ իր նիւթին: Ներաշխարհը, ըսի անգամ մը, հասուն մտածողութեան մը արգասիքը չէ, քիչ շատ պարկեշտ, խղճամիտ փորձարկութեանց իր աշխարհը կազմած մարդու մը խօսքը, որպէսզի կարենայ ընթերցողին ալ հայթայթել նման ապահովութիւն մը, քանի որ իմաստասիրական մեծ տարազները ուրիշ փաստարկութիւններ չունին աւելի ազնիւ, սրտագին՝ քան կեանքին առեղծուածին յանդիման մեր անձուկին իրենց բերելիք նպաստը։ Հասարակաց փոխադրելի սա մտածողութիւնը գիրքը կ՚անձնացնէ, իրաւ է, բայց զայն կ՚ընէ նոյնքան ալ մասնակի, մէկու մը համար գրուած ։ Միւս կողմէն, այդ մասնաւորուած իմաստներն ալ չեն առաջնորդուած իրենց անդրագոյն եզրերուն, եզականացման, որոնք մարդ մը լիովին կը ցցեն, կը զարտուղեն։ Գիրքը գոցեցէ՛ք ու փնտռեցէ՛ք ձեր մտքին դէմ մէկը, իբրեւ հեղինակ։ Ի՞նչ է այդ միտքը, իբրեւ ուղղութիւն։ Ի՞նչ է այդ մարմինը, իբրեւ կենդանի հակազդեցութեանց վառարան։ Ո՞վ է այդ խաղարկութիւնը վարող կախարդը։ Այս հարցումները պատասխան չունին։

/93/ բ. Իմաստասիրական jargon։ Կը մերժեմ իր իմաստասիրական բառերը (մեծ չափով), որոնք յաճախ ծնունդ կ՚առնեն գրական զդայութիւններէ ու գրական էֆեկտ ներու ի խնդիր։ Իբրեւ գրական արարք (իր կազմածներուն կ՚ակնարկեմ) անոնք երբեմն յաջող, հնչեղ, պատկերուն, թելադրական, այս իսկ շնորհներուն գնովը կը դառնան քմահաճ, անորոշ, նոյնիսկ անբովանդակ։ Այս կալուածին վրայ մեր աշխարհաբարին տկարութիւնը չէ անշուշտ, որ զինքը կը մղէ սա զեղծանումին կամ գերեռանդին, այլ խորքի մեղքէն անխուսափելի անդրադարձը, որ անոր գաղափարներուն ամբողջ հանգոյցը ենթարկած է այս անկապակցութեան։ Արդ՝ ինքզինք իրեն միայն յանձնելու, վստահելի նկատելու իր անսրբագրելի մենագարութիւնը, որով անուղակի անխոստովան բայց թափանցիկ անպարկեշտութիւնը կը ներէ իրեն, իմաստը, իմաստասիրութիւնը սկսած ըլլալու, մինակը, մեր մէջ ուրանալով լռելեայն ուրիշները։ Բայց առանց պատիժի մարդ չի կրնար իմաստասիրական բառերուն դէմ դարբնել որեւէ բան, իբր համազօր, անոնցմով կազմելու համար որեւէ նախադասութիւն։ Այս փառասիրութիւնը, զոր ո՛չ մէկ պատրաստութիւն կը պաշտպանէ բացի գրական զօրաւոր գիտակցութենէն, թերեւս մեծագոյն ազդակն է իմաստի անիշխանութեան չափ, լեզուական ալ սանձարձակութեան։ Չրաքեանն ու իր « Ներաշխարհ »էն ետքը, քառորդ ու աւելի դար է անցեր այր հարիւրաւոր բառերուն ծնունդէն ասդին, եւ սակայն երկու հատ չկայ անոնցմէ, որ անցած ըլլայ հակառակաց սեպհականութեան։

* * *

Մերժելով Չրաքեանի մտածողութեան դրական, ոչ յաւակնոտ ոգիով մը՝ գիտական խարիսխ մը [29], իմաստասիրական որակուած հանդարտ, խոր, անսայթաք մտածողութեան մը յառաջատուական նկա/94/րագիր [30] մը, զայն կըլլանք վերածած մեր օրերուն բառական ընթացիկ գրական մտածողութեան, այս անգամ տարազին տակ ձգելով ո՛չ թէ գրական քննադատութեան քիչ մը սնամէջ, յաճախ արկածախնդիր ու յաւակնոտ ընդհանրացումները, այլ արդի կեանքին ուշադիր զննողութեամբը, անկէ լայնօրէն ողողուելով պայմանաւոր այն վերացումները, վերլուծումները, մտամերձեցումները, որոնք, հակառակ իրենց անբաւարարութեան, խնդրականութեան, երբեմն անտեղութեան, միշտ ալ վիրաւոր չեն reportage–ով եւ միշտ ալ մատչելի են ամէն մշակուած ուղեղի հարկ չկայ այս պարագային անպատճառ ասպարէզէն իմաստասէր մը պայման առնելու, այլ ուղեղը ուսերէն վեր կրելու համար երբ ասիկա իր ընկալչութեան լարերը, վարմերը կը նետէ տպաւորութեանց ամբաւ ջուրերուն, քաղաքէ քաղաք, մշակոյթէ մշակոյթ, ոլորտէ ոլորտ, ու նօթեր կ՚ընէ իր զգայութեանց մէջ հաստատած նորութիւններուն։ Եւրոպացի արուեստագէտներ ատոր գեղեցիկ փորձը կ՚ընեն, երբ Արեւելք կամ Ամերիկա շփումի կը մտնեն այլասարուած զգայութեանց հետ։ Հիներուն exotisme-ը չէ ասիկա, նկարչական տպաւորութիւններով եւ բարքերու պատկերներով համեմուած։ Անգլիացիներուն սիրական essais–ն է ասիկա գրեթէ, երբ մասնաւորուի գրական դէմք մը, շրջանի մը, ըմբռնումներու պարագրկումին։ Քէյզէրլինկ, Տիւհամէլ, Մորան, Մորուա, այժմու կեանքին վրայ ունին այս կարգէ սեւեռումներ, ուր լայն, ամուր հանդէս մը դէպքերու, դիտողութիւններու կը յանգի քանի ընդարձակ համադրումներու։ Դէպքերուն դա՛սը։ Շնո՛րհը։ Վարձատրութի՛ւնը։ Արեւմտահայ գրականութիւնը շատ դժբախտ է այս ուղղութեամբ [31] ։

/95/ Նորէն « Ներաշխարհ »ը իր բոլոր թերութիւններով երեւոյթ է։ Կէս ուշագրական, կէս մտածողական այս էջերը մեզի կը բերեն զգայարանական միջոցներով սեւեռուած որոշ, մէկէ աւելի վիճակներ, նոյն հստեն շեշտօրէն ուղեղայնացած, որոնց նուաճումին, «արտաշխարհայնացումին» համար անիկա միշտ պիտի պաշտպանուի իր ոճէն որ, գիտէ, հաւասար ուժգնութեամբ, ներաշխարհային յոյզերու միգամածէն ու լերան մը կողը սիւնազարդող անտառէն հանել երկմակարդակ պատկեր մը, մտածումին շոգիովը ոլորտաւոր, երանգաւոր, ու նիւթին թեւովը իտէացած, հաստատուն իրերու աշխարհէն ինչպէս նաեւ շարժումնային (dynamique), գէշ բառով մը՝ կազային (ով գիտէ, թերեւս պիտի գայ օրը, երբ մտածելու գործողութիւնը տարրաբանական փորձարկութիւն մը պիտի դառնայ գիտուններու գործիքներովը հակակշռելի եւ վերակազմելի) խաղերէն, որոնք մեր ուղեղին մէջ կը փթթին, դէպի խորացում ու դէպի «վերթեւում» սա անարգել, միշտ ճամբան բաց ունեցող ինքնաբաշխումն ու ինքնամփոփումը, երկու աշխարհներու սահմանին, իբր ասոնց մանրանկար սիրտը, մշտագործօն սա systole–ն ու diastole–ը, անձնաւորման [32] ու /96/ մասնաւորման [33] մեր մէջ եզակի սա տիրոյթը (maîtrise) միտքս նիւթի մը պէս տարրաբաշխել ձգտելու, եւ նիւթը խոր ու բարձր ճնշումներու տակ, ատրաշէկ, շոգեւոր, ամէն րոպէ երազի, առնուազն ուղեղային խաղի փոխակերպելու սա չյոգնող ստեղծագործութիւնը մեր մէջ չեմ տեսներ ուրիշ գրողի մը մօտ։ Իրմէ ետք, Կ. Զարեան քոզմիք մտածողութեան մը տիրակալումը հետապնդեց, հասնելու համար աւելի ձախորդ արդիւնքներու։ Չրաքեանի համար ամէն մտածում այս բառը հոս չի հետապնդեր անհրաժեշտաբար խորութիւն, ինքնատպութիւն շօշափելի իրողութեան մը նման պայծառ է ու կերպընկալ, հերիք որ մնայ իր եզրերուն ապահովութեանը մէջ. շողարձակ՝ ինչ ոչ նիւթեղէն գրութիւն մը, զոր հերկեն լոյսի ալիքները, բիւրեղներու վերածելու աստիճան թանձրութիւնը անոր։ Այդ մտածումին բոլոր շեղումները, երեսակները, ծփանքները «դէմ-յանդիման» են իրեն։ Ան կը տեսնէ կարծես իմաստներուն երանգները, ուղղակի, առանց օգնող կամ միջնորդ գործողութեանց։

Այնպէս որ, այսպէս պարզուած, իր յաւակնութիւններէն զեղչուած, վերացումներուն մէջ զգաստութեան կանչուած այդ մտածումը ինք իր համար կը ստանայ որոշ տարողութիւն ու կշիռ, իբր սեւեռում մը տարօրէն խեւ, բազմագունակ, բազմերես զգայական վիճակ /97/ ներու ։ Վասնզի գրեթե միշտ, բնազանցական մրրկումներուն ամենէն բուռն պահերուն իսկ ան պիտի գտնէ պատեհութիւն, ընդհանրացման, վերացման, բառէ բառ սահումին ճամբաներով, գրեթէ միշտ հասնելու նիւթեղէն զգայութեանց։ Ալքոլը եւ անոր կրակէ կաթը միջոցներ են, որպէսզի վերանայ այդ հեղուկով կարելի ձերբազատման, արշաւներուն. բայց ըսի մէկը իր այնքան սրտառուչ խօսքերէն «Թող ներուին անոնք որ կը խմեն... »։ Ի՜նչ փոյթ, որ այս հրաշալի տողին պիտի յաջորդեն քիչ վերը արտագրուած պատեպատ ու բարբարոս տողերը …։ Խորհրդածելու սա տրտում յաճախանքը թերեւս տեսակ մը գրգիռ ալ է, որուն կարօտը ունին կարգ մը արուեստագէտներ, զանազան իրերէ հաշիշ, ալքոլ, հոտ, կենդանիներ, բոյսեր ստեղծագործ տենդը արծարծելու։ Ո՞վ չի յիշեր Պալզաքի անսպառ ու զանգուածային սուրճերը։ Անշուշտ, որ « Ներաշխարհ »ի մէջ մեծ է ծաւալը այն վիճակներուն, որոնք դուրս են սովորական ապրումին սահմաններէն։ Բայց ասոնք չեն արգիլեր, որ տարազուին, ճշդուին ու ապշեցուցիչ քաղցրութեամբ բառերու անձրեւէն վերջ, բացուին, ծաղկալից հրապոյրով մը ուրիշները, սարսռուն, մարդկային, տարօրէն նուրբ, որոնք կը յառնեն հազիւ գուշակելի խօսքերէ։

«… Ծովը կը ծփար լայն ու խորին խաղաղութիւնը շափիւղայ ջուրերուն զմրուխտ թափանցկութեան. երկինքի մը մէջ հալած անտառ՝ որուն հմայքին վրայ մեծ նաւը կը սահէր կ՚երթար։ Նաւառաջքէն ընկրկող ծփանքներուն շշունջը կը թռչէր իրիկունին մէջ ուր թալացման (pam. ) նայ երանգներ կ՚երկնածաղկէին. արեւմուտքին մանիշակ, ծիրանի երազանքին մէջ սուզող Արեւը Անատօլուին վեհաշուք կարկառները դեռ կը դիւթերփնէր հիրվարդ ծխիւններով։ Հրահալած գոյներու շունչեր վերթեւելով կը տատամսէին դժնէ բարձունքներուն վրայ հրուանդաններուն ափափայքին, որոնց սորերուն մէջ լաժուարթ ստուերներ կը մթագնէին արդէն. մինչ իրենց ընկրկած արտեւանները յամրօրէն կը կապուտնային, կը լուծուէին լրթաղօտ դատարկին մէջ արեւելեան հեռուներուն ուր նաւուն ճերմակ ծիրը կ՚երթար դեգերելու նուրբ հառաչի մը պէս, հետախաղաղ աներեւոյթ ափունքը փնտռելով, եւ ուր մթնածուփ անօսրութիւններ հրային երանգներու՝ կը հատնէին խորերը գիշերուան երազ ովկէանին որ թերին մէջ կը բարձրանար » («Ներաշխարհ», էջ 47)։

Զուտ, մեզի ծանօթ ցուրտ, մեռել նկարագրութիւնը չէ այս էջը, հակառակ գիծերուն ու փլաններուն տարօրինակ բարեդիպութեան։ /98/ Անոնց մէջտեղէն քանի մը բառ տատամսիլ, խաղաղութիւն ծփալ, հառաչի մը նման դեգերուն, ափեր փնտռել, երազ ովկէան ահա գոյները կ՚արիւնոտին, կը մարդկայնանան։ Տեսարանի, գրեթէ տեսիլքի սա վայելքը ան պիտի տայ մեզի, իմաստի մթին, յոգնեցնող փայլակումներէն ետքը, երբեմն այսպէս էջ մը լման վիճակ է, երբեմն երես։ Երբեմն ալ քանի մը տող։ Բայց պիտի տայ։ Միսերուն վրայ կրուա՜ծը։ Որ պիտի միջամտէ խորհրդածութեանց բաւիղներէն անդին, կենդանի, արիւնոտ աչքի մը նման բացուելով այդ մռայլամած ուրուացումներուն վերեւ։ Յետոյ, չմոռնալ յարաբերականութիւնը մտածում–վիճակ կամ վիճակ–մտածում տարազներուն, հաւասարապէս ճիշդ, փոխնիփոխ պատճառ ու արգասիք։ Բանաստեղծը կը փոխէ իր պատկերներէ յոգնած լեզուն, փոխադրուելու համար « լայն ասպարէզները » սանձակոծ ընդհանրացումներու։ Ու այսպէս, մէկէն միւսին անցքը կ՚իրագործուի, գիրքին ճարելով վտանգամերձ հաւասարակշռութիւն, անոր տալով հաստատուն տարողութիւն մը հոն իսկ, ուր վախը կար պարապին հասնելու։

Եթէ իբրեւ իմաստասիրական ստոյգ միջոց մը արտայայտման՝ այդ լեզուն մեզ կը մատնէ շփոթութեան, միւս կողմէն, դարձեալ չի յանգիր բան մը չըսելու անհեթեթութեան (կարդալ Մրմրեանի « Բովանդակը »)։ Վասնզի գրեթէ միշտ, նորէն լեզուական այդ յարդարանքը կը միջամտէ, որպէսզի մեզի խնայուին մտածումներու սկզբնական հակառակութիւնները (մենք չենք տառապիր, երբ համոզուինք, թէ մտածել յաւակնող մարդոց մեծ թիւ մը ուրիշ բան չ՚ըներ, եթէ ոչ թարմացնել հինը, ասոր տալով զգեստը անձնական ձեւի մը)։ Տեսէ՛ք, ի՛նչ արդիւնքներու կը տանի ան մեր այսօր այրիացած, բայց մեծ բախտի այնքան արժանաւոր լեզուն.

«... Իռենան սկզբունք մ՚է. էութենէն բղխած անդրժելի սկզբունք մը։ Յաւիտինական անդրէնութեանս ոգին է. կուսեղութիւնը. ա՛յն է ինչ որ եմ, ինչ որ կ՚ըլլամ իմ տառապանքներովս ու երանութիւններովս բաղադրուած միակերտուած մեղեդի, ներաշխարհէն ելլող միաձայն ներդաշնակութիւն. ո՛վ իմ ներաշխարհիս գոյութեան շքեղ ու ստուերալի իմաստը: Պէտք էր որ իրօք, մարմնովին, էովին կորսուէի անոր անձին իրանականութեան մէջ. անոր նշանակութեան խնկաբոյր հեշտութեանը մէջ։ Երաժշտական կենդանութեանը մէջ որ կը բղխի, կ՚եթերհոսի իմ մէջս, ու պտոյտ կու տայ հիանուաղ սրտիս՝ խաւարին էութիւնս իբրեւ փայլակներու մէջ ինքնակորոյս կը բորբոքի. ամէն ինչ ներսս յանկարծ կը տոգորուի, կը լուսազանգուի անով. ամէն /99/ բան զինքը կ՚ըլլայ յանկարծ, յաւերժակենսութեան պակուցիչ զգայութիւններու մէջ որք հանճարի լուսեղէն ու համապարփակ վայրկեաններուն կը նմանին։ Եւ կ՚երթա՜մ, փոսփորափայլ, Իռենա, Իռենա, քենէ եկող արփային շառաւիղներէ հալածական, թափանցուած, քենէ եկող անդրմանիշակ ճառագայթներէ շնչասպառ փոսփորափայլիլ զգալով, վառուելու, նշուլարձակելու հրեշտակային երանութիւն մը, հոգեւին աստղափայլելու շլացքներ զգալով » («Ներաշխարհ», էջ 242—243)։

Աւելորդ է մատնանշել սա իմաստներուն հակառակութիւնը, քմահաճութիւնը, անուղղութիւնը։ Բայց դիտելի է, որ բառերու սա երամը ինչպէս ինքզինք կը կրկէ, բացի հզօր համադրական, քանի մը պատկեր մէջ բառի մէջ դիզող բարդումներէն, իր ընդունելիութեամբը։ Հռետորականին, ճամարտակուածին, կոնկոռականին այնքան մօտիկ, սա բարբառը կ՚ազատէ ինքզինք, ծանր ու լուրջ յղութեան մը նման է, որ կը նուիրագործէ իր դաշնաւորութեան մէջ եղծուած մարմինը։ Հոս, հոգեկան սա յղութիւնը կ՚աստեղահոսէ անոր թշուառական, գերբկահար եսը, կը պրիսմակէ, զայն մղելով այլապէս հզօր անդրմանիշման մը, իրմէն հեղեղելու սրբազան ճաճանչները իրաւ արուեստին։

 


 



[1]     Այս բառին տակ չեմ զետեղեր միայն ու միայն իմաստասիրական մտածումը, ուր ունի իր որոշ դէմքը, դպրոցները, տիսիփլինը, մանաւանդ առարկան, եւ իբր այդ արդէն, իյնայ դուրս գրականութեան կալուածէն։ Գրականութեանց պատմութիւնները Պղատոնին եւ Արիստոտէլէն ետք քիչ բան կ՚առնեն ներս։ Մտածում տարազին տակ եւ կը գոհանամ այն պարկեշտ կրթանքով, որուն ապացոյցը կու տայ որեւէ ասպարէզէն գրող մը գրուածքի մը մէջ, ուր կարելիութիւն ստեղծուի զգացական բարեխառնութեան կողքին, վրայէն, անդին` թելադրելու իմաստի որոշ բարեխառնութիւն, ախորժ, փոյթ՝ ոչ անշուշտ աշխարհը, աւելի ընդարձակ բառով մը՝ տիեզերքը հասկնալու եւ բացատրելու ձգտող յաւակնութիւններով, ինչպէս են մեզի ծանօթ մեծ դրութիւնները հելլեն իմաստասիրութենէն, նոր ժամանակներու մէջ` Սպինոզայէն, Տէքարթէն, Լայպնիցէն, Քանթէն, Օ. Քրոնիէն, Պէրկսոնէն։ Չունիմ նկատի դարձի ալ, հռետոր գրագէտներու եւ իմաստի մուրացկան բանաստեղծներու կողմէ փորձուած երկակենցաղ, անհարազատ գրելու կերպը, որ ԺԹ. դարու յառ աջին կէսին այնքան յոխորտ յայտարարութիւններ պատգամեց՝ գրականութիւնը րոնի իմաստասիրութեան փոխակերպելով։ Նմոյշ մը նման աճպարարութեան Քրոմվելի յառաջաբանը, ուր կայ կոթողը այդ սեռին, իմաստէ այնքան բացարձակ այլուրութեամբ մը։ Իմ պարունակը, հոս, աւելի համեստ է եւ նկատի ունիմ Նիցչէի, Էմըրսընի, Կիւյյոյի, Կուրմոնի այն էջերը, ուր գրագէտը, առանց բաժնուելու գրականութենէն, առաւելապէս արուեստի հարցերու շուրջ եւ ասոնց առիթով իր տպաւորութիւնները, զգայութիւնները աւելի յարդարէր, դասաւորէր, ընդարձակութեան հակումով մը, Չրաքեանի բառով` հանրացնէր, ստիպուած մօտենալով այդ հարցերը բոլորը իր ծոցին մէջ կրող իմաստին, որմէ ճիւղեր, մարմնառումներ են ի վերջոյ մեր հոգեկան բոլոր անշահախնդիր արարքները: Զգալ, ու ասիկա ընել նորէն վերացման մարզերու վրայ, առանց բաժնուելու զգայարանքներուն նպաստէն (Թէն, Ռընան որոշ գիրքերու մէջ։ Սենթ-Պէօվը՝ իր քննադատութեանց մէջ։ Ֆակէ, Պրընիւթիէր, Պուրժէ, նոյնիսկ իրենց ծանրատաղտուկ վարդապետութեանց մեղքերով)։

[2]     Չամուրճեան պատուելիի թարգմանութիւնները (Les pensées եւ ուրիշներ) եւ աստուածաբանական հրատարակութիւնները ուսումնասիրութեան արժանի երեւոյթներ են, մեր նոր գրականութեան մէջ իմաստի պատմութեան մը իբր սկիզբ։ Ռուսինեանի դասագիրքը՝ ուրիշ կողմ մը, այդ ոգիէն։ Բողոքական հրատարակութիւնները՝ ուրի՛շ։

[3]     Իրականութեան մէջ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ օրերուն իր սկիզբը ընող քրոնիկը, ա՛ն` զոր լրագրական մեր կռուական բնազդները, հասարակ լուրի կաղապարէն պիտի բարձրացնէին գրեթէ գրական լուրջ սեռի մը արժանիքին։ Այդ քաշքշուքը, ակնարկութիւններով, անբնական հեղումներով տրոփուն պարսաւը, գովեստը փոխադրեցէ՛ք գրական հարցերու կալուածը, ու դուք կ՚ունենաք Ե. Մուրատեանի պայքարակուռ յառաջաբանները, Խ. Միսաքեանի saillie–ները, եւ այն շատ հետաքրքրաշարժ գրականութիւնը, ազգային, պատմական, բանասիրական, լեզուաբանական, գրական բազմագոյն կողմերով, որ օրաթերթերուն մթնոլորտ մը կը ճարէ ու կարօտ է, արժանի՝ լուրջ վերլուծման: Յետոյ, գրական քննադատութիւնը, աւելի վերջ, ժառանգորդը այս ամէնուն, պիտի ոսկեզօծէ պատրանքը, աւելորդ անգամ մըն ալ շփոթելով մտածելը քնարերգօրէն խորհրդածութիւն ընելու մեզայատուկ երեւոյթին հետ . Չօպանեան)։ Մինչեւ Չրաքեան, սերունդ մը, գրական քննադատութեան այս պատրանքը փոխադրեց լրագրական իմաստասիրութեան, մեր մէջ միշտ հանդուրժելի անհեթեթութեան։ Դասագիրքեր կային, 1900–ին, « Իմաստասիրականք » բաժիններով։ Անմոռանալի է յօդուած մը, այդ բաժիններէն, « Շրջանա՞կը թէ շրջանակները », ուր, մեր օրերում հասարակ լրագրող մը կը փիլիսոփայէ՜ շրջանակ դարձնող ու խաղցող տղու մը պատկերին դիմաց։ Դե՞րը մեր իրապաշտներուն։ Քրոնիկին մէջ պուտ մը իմաստ զետեղելու սա նախանձախնդրութիւնը պատրաստեց ապագայ փորձանքը մեր ամենազօր լրագրութեան։ Հիմա, ամէն օր, խմբագիրը պիտի մտածէ։ Բայց չարիքը հո՛ն է, որ այդ մտածումը պիտի մատուցանէ հասարակաց վայելումին, ի շինութիւն ։

[4]     Ուրիշ շահեկան դէմք մը, վաթսունի սերունդին խանդավառութեան մէջ կազմուած, ոճի ընտիր տուրքերով, որոնք բախտը չունեցան կեանքին հակահարուածովը ամրանալու եւ խզուեցան գրքունակ խանձարուրին մէջ։ Զառածած մը, նման Եղիային, որ կէս դար պտըտցուց իր խառնուածքը, կէս միսթիք, կէս խենթ իր հոգին, զանոնք կերպադրելու կամքէն, ասոր պակասէն տառապահար։ Ջերմ, մաքուր իր հայերէնը ի՜նչ գեղեցիկ փաստ կը բերէ մեր աւագ սերունդէն, ուր ազգային գեղեցիկ յատկութիւններ տիրական էին դեռ: Անիրաւուած մը, սպասող իր յետ մահու ոչ թէ փառքին, այլ ողջուցը չունեցած կեանքին:

[5]     Որ պիտի չքաւէ մեղքը Եղիայի ձրի պատգամներովը շլանալու։ Իր « Արեւելեան վիպակներ »ուն մէջ կայ ճշգրիտ ու քաղցր աչքը եւ մեր ցեղին տուրքերուն վրայ վաթսունի սերունդին պարզ ու պայծառ գուրգուրանքը։ Ի՜նչ թանկագին վիպող մը կը մեռնի այդ մարդուն մէջ այն օրէն, երբ մտածելու, ազգը դաստիարակելու, լեզու կերտելու, աւելի յետոյ ազգը փրկելու տրտում փառասիրութիւններ պաշարեցին անոր շնորհները։ Ան մեր «Հիւկօ»ն էր, Եղիայի պատգամովը։

[6]     Հետաքրքրական է դիտել տալ այն տարօրինակութիւնը, որով իմաստին համար ու իմաստի կեդրոններու մէջ պատրաստուած բուն փաղանգը գրեթէ ձեռնթափ ըլլայ իմաստի շահագրգռութենէն, ինքզինքը տրամադրելով կրթական, բարենորոգչական ձեռնարկներու: Ո՛չ Զօրայեանը, ո՛չ Ռուսինեանը, ո՛չ Օտեանը, ո՛չ Սերվիչէնը, բոլորն ալ պատրաստուած ուղեղներ, չենք տեսներ իրենց կազմութեան յայտարար իմացական ախորժակներու մէջ։ Անդին, բարձրագոյն նախակրթարանէ մը անցնողներ, չեն վարանիր իրենց ճիգը, փառասիրութիւնները երկարել մինչեւ իմաստին հարկերը։ Շահնազարեան վարժարանի սերունդին սա anomalie–ն չի բացատրուիր հոսհոսական ռոմանթիզմով։

[7]     Երկրորդական վարժարաններու հաստատումը (Պոլիս) եւ հոն դասախօսուած précis-ներուն միամիտ յաւակնութի՜ւնը, որ կը տեւէ մինչեւ այսօր, բազմաձեւ. պեղումներով, զուտ բնազանցական յօդուածներէն, որոնք այս ու այն հանդէսին կամ տարեգիրքին մէջ իբրեւ ճաշակ կը մատուցուէին հանրութեան, մինչեւ տափակ, հասարակ, բոլորովին ապարժէ էջերը, միշտ բազմապիտակ, միշտ փիլիսոփայական: Դուք կը զգա՞ք, իր անփոխարինելի ծիծաղելիութեան մէջ, ողբերգութիւնը տարազին, որ կը պսակէ լրագրական խեղճ երկու սիւնակի վերեւ իբրեւ գործնական իմաստասիրութիւն, ուր, մարդուկ մը, վարժապետ, իր փոքր յիշատակները եւ քաղաքավար կենցաղին մեծ օրէնքները կը պատգամէ, անդիմադրելի լրջութեամբ, խոր՝ իր հաւատքին մէջ իր ծերութիւնն իսկ իմաստին ի սպաս դրած ըլլալու ։

[8]     Զուտ իմաստասիրականին սա վրիպանքը աւելի շեշտ տկարութեամբ մը կը ներկայանայ մեզի, երբ փոխադրուինք իր բուն կալուածին յարակից բաժինները, Ուր իմացականը կորիզը կու տայ գործունէութեան։ Նոյն զօրաւոր աղաւաղումը հոն ալ։ Տակաւին շատ կանուխէն մեր լրագիրները, հանդէսները մտածման արարքը վերածած են քրոնիկի, առնուազն խմբագրական անպատասխանատու խօսքերու։ Մեր օրագրողները, որոնք Իւթիւճեանէն ու Քէլէկեանէն մինչեւ հայրենակցական օրկաններու պարոնիկները ուրիշին չեն զիջիր մեր ժողովուրդին «օգտին եւ բարոյն» համար չարաչար մտածելը։ Ողջամիտ ու պատուական լրագրող մը (որքա՜ն դժուար են սա վերադիրները մեր օրերուն), Մ. Մամուրեան, երկար ատեն, մինչեւ իր մահը ըսէք, չէ հրաժարած մեծ գրագէտի իր տիտղոսէն, զոր շահեր էր երիտասարդ աշխատանքին շրջանէն, ազգային կեանքին ու դէմքերուն շուրջ իր ընթացիկ յօդուածներով, այն օրերուն մեծատիտղոս երկունք։ Դպրոցական, օրագրական սա գործունէութիւնը չես գիտեր, ուր հրաշքով փոխադրուեցաւ գրական կալուածը։ Ու ասիկա այսպէս, մեր ամենազօր դատողներուն մօտն ալ։ Աւելի՛ լուրջ, յաւակնոտ է երեւոյթը արեւելահայ ճակատին վրայ, հիմա, ինչպէս մերձաւոր անցեալին։ « Հիւսիսափայլ »ի այլապէս մեծ, համալսարանական փաղանգը իր միամտութեամբը ստուերի մէջ կը ձգէ պոլսեցիները, քանի որ սնապարծութիւնը նոյնն է անոնց մօտ ալ, աւելի խոշոր քանակով, իմաստը հերքող աշխատութեանց մէջ իմաստասիրութիւն դնելով։ Կարդեցէ՛ք Ս. Նազարեանցի յօդուածները, ազգային լուրերէն մինչեւ տնտեսութիւն եւ ազգային ընթերցանութիւն որակուած հարցերու շուրջ։ Նոյն մոլութիւնը՝ բառով մտածելու, հռետորելու, ու խորքի քանի մը արժէքաւոր գաղափարները զուր տեղը վտանգելու։ Փիլիսոփայել, ու ամէն բանի շուրջ։ Այսինքն՝ կարդալ նոր սորվող մարդոց ճաշակները, պէտքերը գոհացնող ամէն նիւթի շուրջ։ Ուրիշ պիտակ մը չունիմ Նալպանտեանի աշխատանքը որակելու համար, քանի որ «Ազատն Աստուած»ի հեղինակը ամէն առիթ գիտցած է շահագործել իր ժողովուրդին օգտին համար խորհրդածելու, քնարերգութենէն մինչեւ երկրագործութիւն։ Շահազիզ իմաստասէր մըն է արդեն, քանի որ պոէմա կը գրէ, այսինքն գիտէ գրել, այսինքն առօրեայ խմբագրականները տաղաչափել։ Ու դժնդակը հո՛ն է, որ վերանորոգչական, ուսուցողական, լրագրական այլապէս արդիւնաւէտ սա վաստակը, իր կարգին, համալսարանական սերունդի մը կողմէ գործադրուած, դարձեալ ըլլայ զուրկ իմաստին այն բարակ իսկ ջնարակէն, որով գոնէ կը գունաւորուի Մամուրեանի մը գործունէութիւնը: Աւելի յետոյ պիտի գան անոնց փքուն, փցուն, ճչան ոտանաւորները (Յովհաննէս Թումանեանի քառեակները, Աւետիք Իսահակեանի « Աբուլալա Մահարի »ն), արեւելահայ տիրական տափակութեամբ։ Չմոռնալ տակաւին մարդերն ալ, որոնք միշտ յանուն իմաստի, պիտի չամչնան Նիցչէին քով դնելու անունները Վրթանես Փափազեանի կամ Աւետիք Իսահակեանի, որոնց անկանգնելի արձակը կամ սազերգակ, թափ թուք ոտանաւորը մեզի համար կը թելադրէ այնքան իմաստ որքան աւստրալեան անտառներուն վայրի մարդ որակուած անասունէն սպասելին, մարդկային նկարագիրներէն, իր պատկերին մեզակերպ փաստովը։ Անշուշտ ստիպուած ենք մարդ անուանել Պայրընն ու հոթէնթոթը, քանի որ երկուքն ալ ունին զոյգ մը ձեռք ու զոյգ մը ոտք, կը քալեն, կ՚ուտեն ու կը սերնդագործեն, կը մեռնին ալ, լրացնելու համար զարհուրելի նմանութիւնը, այնքան անգութ բացարձակութեամբ մը։ Իսահակեան եւ Նիցչէ, քով քովի՜։ Ասիկա անվերադիր յիմարութիւնն էր, իմաստի պատմուճանին տակ։

[9]     « Ներաշխարհ »ի հրատարակումէն մինչեւ իր իմացական խաւարումը, ուշագրաւ է, որ ան ըլլայ թափառած իմաստի մարզերուն վրայ։ Իր գրախօսականները այդ տրամադրութեան յայտարար նշաններ կը շարունակեն ըլլալ: Ըսի, թէ ինչո՞ւ անտեղի էր իր մտքէն դրութիւն մը սպասել, հակառակ անոր, որ « Ներաշխարհ »ը ատոր ճիգն էր, առնուազն մտածելու արարքին հանդէպ բարձր ոգեւորութիւն։ Յետոյ, մինչեւ իր վերջնական խաւարումը, ան պիտի գրէ ուրիշ որակէ կտորներ։ Հատուկոտոր այդ գրուածքներէն ոգեկանութիւն մը կ՚արտաբերուի, բայց ոչ մտածողութիւն մը։ Աւելի՛ն. մինչ դիտողութեան եւ գոյնի զգայարանքները անոր մօտ պահած են իրենց՝ կորովն ու թարմութիւնը, նոյնիսկ « Նոճաստան »ի եւ արձակ նկարագրական էջերուն վրայ, ինչո՞ւ անոր մտածումը հետզհետէ նուազած է իր սկզբնական Ներաշխարհ »-ի) թափէն։ Չէ՞ կարելի այն անբնականութիւնը հասկնալ փորձել, զայն հաշտեցնելով անոր խառնուածքին, որ « գրական » է ջախջախիչ չափով մը, ինչպէս կ՚ըսեն։

[10]   Այս վերագրումը նկատի չունի քաղաքական ապրիկ կանոններ կամ ասոնց զանցումէն գոյանալիք հերձուածող հաճոյքը։ (Աւելի տխուրը ան է, որ այս խարդախանքը գիտակցական արարք մըն է։ Չրաքեան, իր քննադատներէն կամ փառաբանիչներուն ոեւէ մէկէն աւելի, տեղեակ է իր մտածման իսկական տարողութեան, ինչպէս հասկցած է մտածման տարողութիւնը իրմէ դուրս: Սա գիտակցութեան իրեն առթած ցաւն է, որ զինքը մղած է աջ ու ձախ զանցումներու, աճպարարութեան, շարժկտուքի (gesticulation), իր ետեւէն ստեղծելու համար մեծ աղմուկ, մթութիւն, պատրանքը դիմաւորելով նախ ուրիշներու, ի վերջոյ իր հաշւոյն։ Ու ասիկա ողբերգական է։ Մարդկային մտքի մը պարունակը ընդարձակել, ամբողջ տիեզերքը հոն ներընդունելու, Ներաշխարհ »ը, չգրուած, Ինտրայի ուղեղին յաճախանքն է, սա փառասիրությւսմբ) մոլուցքով մը, գիրերու արուեստէն առնելու համար նմանը չունեցող փաստաթուղթ մը: Ասիկա իր մտալլկումն է։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց ճիգին արդի՞ւնքը։ Այսինքն արտահանուածը՝ այդ պարունակէն։ Ասոր սովորականութիւնը զինքը լացուցած է ամենէն առաջ։ Ասկէ դէպի խարդաւանք, խարիսխ մտածում՝ զառիթափը դիւրին է։ Այդ ահեղ փառասիրութեան ծոցին գիտակցութեան սա սրտի տրամն է « Ներաշխարհ »ին իմաստէ վրիպան քին։ Ու, ոչ լոկ ամէնը պզտիկ տարազ մը չէ միայն, անհուն յետնաշերտով, այլ բանալին իսկ անոր կործանումին։

[11]         « Ներաշխարհ »ի համար ճակատագրական է այս հարցը, քանի որ անոր անսովորութիւնը զինքը կը զրկէ միւս գիրքերուն շնորհուած բարիքներու վարկէն, պաշտպանութենէն: Ուրիշներէն փախուստ մը միշտ կը պատուհասուի մեր օրէնքներով։ Ո՞ր հոգեբանութեան արտայայտութիւնն է « Ներաշխարհ »ը։ Նման հարցում մը չ՚անցիր մտքէս, երբ կը կարդամ Պ. Դուրեանի տաղերը (յաջողածները), Պէշիկթաշլեանի մի քանի սիրային քերթուածները, Թէքէեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Մեծարենցի, Տիկին Եսայեանի յաջողագոյն էջերը, պարզ այն պատճառով, որ յիշուած անուններէն իւրաքանչիւրը իր զգայնութեան եւ աւելի բանի մը Չրաքեանի տարազով՝ աշխարհի մը հարազատ կնիքը դրած է այդ էջերէն շատերուն վրայ, ոչ՝ Չրաքեանի մօտ դիտուածին նման՝ պատահականներու վրայ։ Ու չ՚անցնիր կրկին հարցումը իմ մտքէն այն պատճառով, որ անոնք զիս կը տպաւորեն ո՛չ թէ իբր գրուած բան (chose écrite), այսինքն գրականութիւն, այլ իբր մարդերու դրութիւն, այնքան տաղտ, իրաւ է, լեցուն՝ տարերայնութեամբը իրենց հետեւանքներուն: Վերցուցէ՛ք մեր գրականութենէն այս անուններով նուիրագործուած զգալու կերպերն ու արտայայտութիւնները, վերցուցած պիտի ըլլաք ապրող մարդեր: Ըրէք փորձը աւելի մեծահամբաւ գործերու վրայ, Ալիշանի « Նուագք »ին, Բագրատունիի « Հայկ Դիւցազն »ին, Սիպիլի « Ցոլքեր »ուն վրայ, մեր գրականութիւնը պիտի չտառապէր խառնուածքներու պակասով մը։ Ո՛ր կրակին մէջ Նարեկացին խմբագրեց իր աղօթքները բարբարոս իր գրաբարի՞ն թէ իր դարուն ամբողջ աշխարհը հրդեհող զգացումին շռայլովը: Կրկնեցէ՛ք հարցումը Չրաքեանի հետ։ Ձեր պատասխանը պիտի չստանաք անշուշտ « Ներաշխարհ »էն, որ Չրաքեանին իսկ հազիւ կը պատկանի։ Ո՛չ ալ 1900–ի մեր տաղերգակներուն հոգեբանութենէն։ « Ներաշխարհ »ը դուրս է արեւմտահայ հոգեբանութեան խոշոր կողմերէն:

[12]         Աւելորդ չէ անցողակի դիտել տալ, որ մթութիւնը անորոշ, երբեմն անիմաստ տարազ մըն է, զոր կը փութանք գործածել միտքի մեզավայել ծուլութեամբ մը, երբեմն ալ փղշտացի անգթութեամբ, սոփեստութեամբ, առանց անդրադառնալու տարազուած երեւոյթներու երբեմն իրարու հիմնովին հակադիր նկարագրին։ Բագրատունիի մը նախադասութիւնը մութ է, յաճախ, զուտ լեզուական, քերականական յաւակնութեանց իբր փաստ, օրինակ յօրինուած ըլլալուն։ Պարզ, փայլուն, քերականօրէն անթերի լեզուն « Իննեակ իմաստասիրական »ին . Գ. Մրմրեան) մութ է, իմաստին լոյսէն, այդ անուշիկ պատրոյգէն զուրկ ոսկեդրուագ կանթեղին նման։ Եղիան կը դառնայ մռայլ, իր կարգ մը էջերուն մէջ, վասնզի, առակին կապիկը, որ կը մոռնայ մոգական լապտերին մէջ մոմը վառել, աւելի քան իրաւ էր այս մարդուն մէջ, երբ կը գրէր բաներ, որոնց գիտութիւնը չունէր։ Անշուշտ այս անբաւականութիւհը չէք շփոթեր կամաւոր, խաբեբայ, բառակերտական եւ սատիք նպատակներով գործող ուրիշ մեծութիւններու հետ, որոնցմէ այնքան առատ կայ մեր հին մատենագրութեան մէջ։ Երբեմն շատ խոշոր ամօթխածութիւն մը մեզի անթափանց կ՚ընէ Թէքէեանի մէկ–երկու ոտանաւորները։ Երբեմն նանրամտութիւն մը անհասկնալի ըլլալու՝ Մագիստրոսի նամակները կը վերածէ հանելուկի։ Ահա՛ իրարմէ տարբեր անուններ, հետեւակ շրջաններէ, հետեւակ արդիւնքներով։ Մեծութիւնը կապ չունի տաղանդին հետ: Ու մենք պատրաստ տարազը կը փակցնենք ամէն անգամ, որ գործի մը ընթերցումը թերթօնէ մը աւելի ճիգ կ՚արժէ մեզի։ Ուրիշ՝ կուտակումը, որ մտքի զգայնութեան ձեւ է եւ աւելի քան գրելու թերութիւն մը։

[13]         Տարազը յաճախադէպ է գիրքին մէջ ու կը թուի կասկածելի, առնուազն ծնունդ՝ գրական հոգեբանութեան։ Ո՞րն է առհասարակ կենցաղը ։ Այսինքն՝ ա՞ն, զոր աշտարակի բանաստեղծներ եւ սենեակի գրագիրներ կը տարփողեն, արուեստն ու կեանքը անդնդելով իրարմէ։ « Ներաշխարհ »ը տեսակ մը փորձ է արդեն այդ հասարակ կենցաղը վերացնելու, իտէացնելու (իրն են բառերը)։ Ասիկա՝ գրականութեան մէջ ծանօթ transposition–էն տարբեր ալ կորանք մըն է Ներաշխարհ »ը անհաւասարելի գեղեցկութիւն կը գտնէ, երբ այդ transposition-ը կը կատարէ) ու կը թուի կեանքը ո՛չ թէ եղծել, գէթ անոր ամենէն հաղորդական կողմերը այլակերպել։ Տիրան Չրաքեան յաճախ մեղքն է գործած կեանքը այդ քրէական խանձարուրով փաթթելու։ Ու այս ցաւը մեծ է անոր համար, որ ո՛չ ոք մեր մէջ այս կեանքը իր բոլոր սրութեամբը զգալու զգայարանքը ունեցած է, իրեն հաւասար յորդութեամբ, մանրամասնութեամբ։ Ի՜նչ բերք պիտի ըլլար « Ներաշխարհ »ը կամ իր ուզած անունով՝ ուրիշ մը, եթէ անոր մէջ հեղինակը, փոխանակ զգայութիւնները այդպէս երկնայնացնելու, զանոնք ընծայէր մեզի առանց այդ այլայլումին։ Այն ատեն, այդ Պոլիսը ինկած կ՚ըլլար անխորտակելի բիւրեղացման մը։

[14]   Այս հատուածը, մէկը «Ներաշխարհ»ի ամենէն խոր կարծուած մասերէն, կը ջանայ սպառել օղիի բաժակի մը առջեւ իր զգայութիւնները, որոնք, երբ կը պատմեկ իրական կարծուած երանգներ, կը հասնին անհաւասարելի գեղեցկութեանց։ Անզգալաբար կը յիշեմ « Անկեղծ ծխողի մը յիշատակները » (Գուէնսի Ափսո՜ս, որ այսքան թարմ, զօրաւոր տեսողական պատկերներ յանգին սա վերի կալիմաթիային։

[15]   Ըրած է այդ փորձը, բառերէ աւելի փրազները փոխադրելով ֆրանսերէնի Ներաշխարհ »ին « Մեկնողական »ը, « Բիւզանդիոն »), աւելորդ միամտութեամբ որքան փութկոտութեամբ մը, դիմաւորելու համար մթութեան, անհասկանալիութեան մեղադրանք մը ու չէ հասկցած դարձեալ, թէ ինքզինք եւ ընթերցողը միայն կը խաբէր, երբ իր բռնադիր բառերուն դէմ տժգոյն համապատասխան ֆրանսերէններ միայն կը շարէր։ Վասնզի, այսօր, երբ ձեռք առնենք հարցը, անոր հիմնական կողմը անհասկանալիութիւնը՝ չունի գոյութիւն, ինչպէս անշուշտ ունենալու չէր այն ատեն ալ, քիչ շատ ուշադիր ընթերցողի մը համար։ Հարցը իրեն ու մեզի համար ուրիշ բան է սովորականութիւնն է այդ ըսուածներուն, ամէն բանէ առաջ, հասարակ տեսլիքը (մտածման) այսպէս չարչարելու, ներկելու, ծանրաբեռն զգեստներով տպաւորիչ ընելու աններելի աճպարարութիւնը։ Ինչ հարկ՝ ընթացիկ, ամէնուն ծանօթ մտածման ծագումը պարտակելու համար բառերու սա հեղեղին, երբ այդ ամէնուն տակ նորէն ու նորէն նոյն հին իմաստն է, որ կը պահուըտի։ Իր պատառիկները, այսպէս փոխադրուած ֆրանսերէնի, նոյնքան ապարժէ են իբրեւ ֆրանսերէն, որքան էին բնագրին մէջ։ Բառերը, ֆրանսերեն կամ չինարէն, չեն փոխեր մտածումը։

[16]   Թերեւս իրեն համար մասնաւոր, կախարդական երանգ մը ունին սա երկեակները Հաւատք–հանճար, Սէր-հանճար ։ Մենք կ՚անգիտանանք, կ՚ուրանանք այդ երանգը իբր բոլորովին քմածին, անորոշ terme–եր, բառ շիճող մարդու փառասիրութիւնը, քմահաճոյքը, խառնուածքը պատկերող, քան որեւէ ամուր իմաստ մը տարազող։

[17]   Քիչ ընթերցող պիտի կրնայ այս տարազներուն դիմաց, անոնց գոյնը, հարազատութիւնը, իրականութիւնը փորձի ենթարկելու հնէաբանութեան, պատմութեան տուիքներով։ Չրաքեանի տարազները չեն դիմանար նման ճնշունի, պարզ հմտութեան պակասէն աւելի տարիքին, շփումին նիհար նպաստներովը։ Ո՞ւր է դիտեր անիկա Զայէնտան, Յորդանանը, որպէսզի այդ ջուրերուն խորհուրդը լոյսին հետ խաղի հանէ։ Բայց այս վրիպանքը գրական վրիպանք մը պիտի ըլլար։ Իբրեւ իմաստ, ըսի արդէն, մենք ատոնք կը մերժենք ի սկզբանէ ։ Գրուածքը կ՚արժէ իբր գրական սքանչելի ոգեկոչում եւ ո՛չ թէ իբրեւ իմաստասիրական կառուցումի տախտակ։

[18]   Որ արդար համեմատութիւն մը կը դիմաւորէ Նարեկեան ահաւոր Յարութեան հետ, հանդէպ քանի մը շատ խոր զգայութիւններու եւ հայեցողական սուզումներու   Մեղքին, որ « Աղօթամատեան »ին մէջ ունի նոյն պերճ հարստութիւնը, որքան Լոյսը՝ « Ներաշխարհ »ի մէջ։ Մեղքի իշխանին ու անոր շուքին մէջ զեռացող սարսափին, որոնք թուղթին վրայ նիւթական զգայութիւններու նման կը տպաւորեն մեզ, հակառակ մեր կարծրացած, այդ զգայութեանց համար ա՛լ անհաղորդ ջիղերուն: Երկինքին ու զայն լեցնող Էակին անպարագիծ պշուցումին համար վանական նոյն ուժգնութեամբ, նոյն անտրամաբան հեղեղումով ինքզինք կը հոսեցնէ բառերուն տարափովը, աւելի ճիշդ՝ կոհակներովը, հետզհետէ աճելով, ուռելով, յորդելով, յոգնելու տեղ խորանալով ու էջերը առնել տանելով մերթ իբր ածականներու անսպառ, շանթարձակ կարկուտ ու փոթորիկ, մերթ հակադրութեանց սպառազէն կարաւան, մերթ նմանութիւններու տողանց ու երբեմն ալ «անհունահառաչ» զեղումը, « հիւլէաբաղխումը », « սահմանազեղծումը », կայլակ մը իր մարդկեղէն սիրտէն, մեծ սիրտին մէջ Աստուածութեան։

[19]   Այսպէս կը բանաձեւ է, օրինակի մը համար, Շոպենհաուըր իր վայրագ յարձակողականը Հեկէլի եւ Հերդերի դէմ, այս իմաստասէրներուն վարդապետած բնազանցութիւններէն աւելի, անոնց ոճերուն հերարձակ անբնականութիւնը հարուածելով ու շառլաթաններ միայն տեսնելով մարդոց մէջ, որոնք ԺԹ. դարու առաջին կիսուն, մտքի իբր տիտաններ անցեր էին։ Ճիշդ է, որ մտածման մարզին վրայ կան նուիրագործուած տարազներ, որոնք, այլընդլայլոյ գործածութեամբ մը, վարկաբեկուելու չեն իրենց ընկալեալ իմաստներէն։ Պարագան պատշաճեցնելով Չրաքեանի լեզուին, կը հարցնեմ. Ո՞րն է ճիշդ յղացքը, զոր Տիրան Չրաքեան կ՚ուզէր դնել դէմ յանդիմանութիւն, յայտնատեսութիւն, յայտնութենական, տեսլահար (թէեւ hallucination–ը կը թելադրուի երբեմն) բառերուն մէջ։ Ո՞րն է իմաստասիրական հաստատ նշանակութիւնը ներհայեցութիւն բառին, որ այնքան յաճախ կը ցցուի բարձրագլուխ, տեղի ու անտեղի, իրարմէ հեռու առումներ ալ թելադրելով։ Ի՞նչ իրաւունք ունէր սա անգթութեամբ վարուելու մեր աշխարհաբարին տկարութեան հետ, ստեղծելու համար մտածման քաոսին քով terme–երու ալ քաոս մը։ Պարզ է, որ այս դիտողութիւնը միայն իմաստասիրական բառերուն անորոշութիւնը, կամայականութիւնը, անհաստատութիւնը ունի նկատի ու չ՚երկարիր Չրաքեանի բառակերտութեան տագնապը մինչեւ, որ առանձին երեւոյթ է ու իբր այդ պիտի իյնայ ուսումնասիրութեան ներքեւ։ Ի դէ՛պ՝ մեր իմաստասիրական բառերուն մէջ սա անիշխանութիւնը աւելի քան տխուր է Գալուստեանէն մօտ հարիւր տարի վերջն ալ։

[20]   Մեր յեղափոխական գրականութիւնը (նկատի ունիմ ասոր գաղափարագրական, յաւակնոտ ոճը, պրակային կամ լրագրական յօդուածներու այն անհանդուրժելի jargon-ը, որով, օրինակի համար, Սապահգիւլ մը գերմանական իմաստասիրութենէն այնքան սխրալիօրէն անհասկանալի էջեր ընծայաբերեց), արեւելահայ ինքնակոչ-փիլիսոփոս գրադատներու պատէպատ պատգամները, ամէն անգամ որ քիչիկ մը թօթուեն իրենց տափակութիւնը եւ իմաստի ձգտին, ու, այսօր իսկ, հոս ու հոն իմաստասիրութեան դոկտորներու խորունկ, ամեհի ուսումնասիրութիւնները բաւական են գաղափար մը տալու գրելու սա կերպէն, որ ընկերային գիտութեանց պսակաւոր կամ անպսակ մշակներու ձեռքովը բռնադրուեցաւ մեր նոր զոյգ գրական լեզուներուն։ 1900-ը ոսկեդարն է այդ բարբարոսութեան: Ու անկէ քառասուն տարի ետքը պակաս չեն միշտ մարդեր, որոնք լրագրական հասարակ տեղիքը, հասարակէն ալ վար հանդերձանքի մը ներքեւ իրենց ստորագրութիւնը չեն կրնար չպաշտպանել իրենց համալսարաններուն, ասոնց անուանի դասախօսներուն վկայութիւններովը։ Առնուազն իմաստասիրութեան դոկտոր պէտք է ըլլալ, մեծ լրջութեամբ, արեւածաղիկի կամ գորտի վրայ թեզ մը պատրաստելու կամ ժառանգականութեան հոգեվերլուծման վրայ պրոշիւրներ հրատարակելու անփոխարինելի փառքով մըն ալ պսակաւոր։

[21]   Անտեղի չէ այս պահանջը, որ տարբեր է գիրքէ մը իր չունեցածը ուզելէն։ Բայց ուշադիր զննութիւն մը, դատաստանի մը պարտքը մեզ կը հաշտեցնեն պահանջին հետ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գիրքին տարածութիւնը, բաժանումները, հորիզոնն ու մթնոլորտը, երկրաչափական բառով՝ տեղագրութիւնը ճանչնալու համար ամենէն ապահով աշխատանքն է, անոր քարտէսը գծելու ։ Վասնզի այն նիւթերը, որոնք մարմինը, կմախքը կը կազմեն « Ներաշխարհ »ին, հասարակաց են: Չրաքեան վէպ մը չէ գրած, որուն համար անծանօթ աշխարհ մը ստիպուած ըլլար խուզարկելու։ Դաշտանկար մը կրնայ ողողուիլ մշուշով դրէ՛ք այս բառին տակ անձնականութեան մը ծորումները, արտայայտման կերպերուն այլայլումները, բայց չի կորսընցներ, չէ կորսնցնելու ինքզինք։ Երբ մէկը, ամէն էջի, ամենէն հասարակ դէպքին յեղումին մէջ կը յաւակնի իմաստի բարեխառնութիւն թելադրել ու ամէն զգայութիւն պատրուակ կը նկատէ իմաստասիրական անդաճմունքի, հարկադրօրէն ընթերցողին մէջ կը յօրինէ որոշ յղացք մը (քերթուած մը, վէպ մը, թատերական ներկայացում մը իւրայատուկ պատրանքներով կ՚ապրին մեր մէջ, որոնք գործին վայելումին պայմանն իսկ են երբեմն։ Թատերական սա պատրանքը վերցուցէ՛ք բեմէն ու անհեթեթութիւն պիտի անուանէք վարագոյրի մը վրայ նկարուած պալատը, որ այդ պատրանքին նպաստովը, ձեր մտքին մէջ տեղը ունի իրական պալատին)։ Հո՞ս։ Ո՞րն է այդ յղացքին իրական նկարագիրը։ Անշուշտ իմաստի բարեխառնութիւններէն դէպի մեծ, ամբողջ դրութիւնները (իմաստի) ճամբան հեռու է բաւական։ Բայց մեր պահանջը արդար կը դառնայ, երբ ամէն էջի մեզ կը կեցնեն ու կը պատռտեն մեզի մատուցուած զգայութիւններու պատկերները, մեզ ստիպելով հետեւիլ մտածումներու թափօրի մը։ Զգայութենէն իմաստ սա անդուլ ելեւէջը, խաղը մեզ կը նեղեն անպարկեշտութեան մը նման։ Դիտելի է, որ Չրաքեանի մօտ իմաստասիրական բառերը էջէ էջ կը տարբերին ու կը ծառայեն իրարու ոչ թէ անհաշտ, բայց ոչ հաւատարիմ յղացքներ ծածկելու։ Անշուշտ ասիկա լեզուին հանդէպ ըմբոստութիւն մը չէ միայն, այլեւ անիշխանութիւն` իմաստին հանդէպ։ Ու ասիկա մեր մէջ կը ստեղծէ անվստահութիւն ըսողին, ինչպէս ըսուածին անկեղծութեան, լրջութեան մասին։

[22]   Ուշագրաւ է, որ ուսուցչին մեծապայծառ իմացականութիւնը (Պէրպէրեան), իմացական հաւասարակշռութիւնը դեր չըլլայ ունեցած աշակերտին վրայ, որ մինչեւ իր մահը որդեգիր մնաց բնազանցական տառապանքին, ՃԱՄԲԱՅ ՓՆՏՌԵԼՈՒ այլապէս եղերական տագնապին, ու վերջին տարիներուն խուժ սրբապղծութիւնն ալ ներեց իրեն, զայն այդ ճամբան գտնելու այնքան եղկելի ճահիճի մը ափունքին, որ կը տարածուէր Շաբաթի անապատի ետեւը։ Բայց « Ներաշխարհ »ի՞ մէջ։ Այո՜։ Հանրէութիւն, բնամարդութիւն, համաստուածութիւն, միստիքականութիւն, ու ափերով նմանութիւններ, որոնք իր կողմէ դարբնուած բառեր ալ չեն մեծ մասամբ, այլ տարազնե՛ր, բանաստեղծական անգայտութեամբ, տառական (անկայուն) ու ծփուն ու ասոր համար ալ տկար, քանի որ զուրկ են զիրենք լեցնելու կարող միսէն, մարդկային խմորէն. որ, զգացական կամ իմացական. նիւթ է որքան միտք, մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջը ու կ՚անցնի մեր բառերուն։ Անոնք, որ իմաստասէրներու կողմէ կառուցուած բնազանցական մեծ դրութիւնները կը դնեն քնարական յօրինումներու, սխալի մէջ չեն։ Յետոյ, « Ներաշխարհ »ը, շքեղօրէն, բարձրօրէն զերծ է բարոյական խորհողութիւն որակելի մարդակեդրոն եղանակէն ալ։ Չմոռնալ, որ ամէն բնազանցութիւն կը ձգտի նման նպատակներու։ Վերի բառերը ու հանգոյն ուրիշներ, մտածումի կաղապարներ ըլլալէ առաջ velléité-ներ են իր մէջ, ուրուային ձգտումներ, երբեմն դանդաղակերպ, երբեմն լուսային, ինչպէս են առհասարակ իր միւս ըղձաւորումները գրական զգայութեանց ճոխ, գունագեղ, նրբենի ու ակնախտիղ միգամած, ուր անոր երեւակայութիւնը կը թարթափի անդադար, կը վազէ շլացուցիչ կամ հասարակ գանակներ ետ բերելով իր արշաւէն, բայց երբե՛ ք խոր, տրտում, դառն կամ տարօրէն քաղցր հոգեկան այն սխրանքը, կորանքը, հեշտանքը, կամ քայքայումը՝ որ մարդունն է, երբ դէմ դէմի կու գայ աստուածայինէն յետոյ, մարդկայինին թշուառութեան, մեծ միսթիքներու գործին մէջ:

[23]   Հռետորական եղանակը (մտածման) տեսակ մը մեղք է իմաստասիրական դրութեանց ճարտարապետներէն ոմանց համար։ Անկարելի է Պղատոնի մօտ չզմայլիլ գրագէտին որ քան խորհողին, բայց չտառապիլ Արիստոտէլի ցամաքութենէն։ Նիցչէ գրեթէ կշռաւոր իր արձակը կը քալեցնէ քերթողական շեշտ ուժով մը, որ մտածող ու տրամաբանող կերպը կ՚ազատէ յաճախադէպ զօրութենէն։ Անշուշտ Արիստոտելի եւ Պերկսոնի ոճերուն միջեւ տարբերութիւնը տարածուն է բաւական, ընդունելու համար դարերու բացառիկ դրութիւնները (իմաստէ) ու անոնց գրական այլազան տարողութիւնը։ Այս մարդոց հետ միշտ ապահովութիւնը ունինք ՄՏԱԾՈՒՄԻՆ։ Բայց չմոոնալ վտանգը Քուզէնեան (Victor Cousin) եւ Հեկէլեան եղանակներուն, որոնք իմաստասիրական հարցերու վրայ շահադիտական յօրինումներու կ՚առաջնորդեն ընդհանրացման հակամէտ ուղեղները եւ բառերով իմաստասիրութեան վարկածը իրական կ՚ընեն (մեր մէջ շքեղ նմոյշ մըն է Յ. Գ. Մրմրեանը)։ Չրաքեան չ՚իյնար մեղադրանքին լիութեան տակ, անոր համար որ դրութիւն չէ կառուցած։ Բայց վարակուած է եղանակէն, որ անոր ֆրազը կը պահէ իր ազդեցութեան մէջ։ Այդ եղանակը անոր համար պատրաստ երաշխիք մըն է ամէն անգամ, որ իմաստասիրական տարազները, բառերը նախադասութիւն կազմեն, առանց ի հարկէ քերականական սխալի, եւ ըսեն որեւէ բան ։ Հռետորական մտածումին մէկ ուրիշ երանգը, պատկերաւոր արտայայտութեան ապաստանի՛լ, երբ միտքը կը յոգնի իմաստի վերացական աշխատանքին ու կը դառնայ իրերուն աշխարհը։ Ու կայ տակաւին հոմանշական մտածողութիւնը, որ չի գոհանար մէկ նախադասութեամբ, այլ, բացատրելու ձեւին տակ ինքզինք կը կրկնէ, բառերու փոքրիկ փոփոխումներով։

[24]   « Ներաշխարհ »ի խմբագրական թեքնիքը (հեղինակը լուռ է այդ մասին, բայց ուշադիր ընթերցումը կը գտնէ բան ցուցմունքներ), որ գիրքին կազմական վրիպանքը արտադրած է, լոյս կը բերէ նաեւ խորքի սա կորանքին ալ վրայ։ Չրաքեան, այդ երկունքին ատենը, չէ տառապած իրմէն դուրս կեանք մը նուաճելու ճիգին, որ կը պիտակէ հաւանաբար արուեստագէտի մը ամենէն ազնուական պարտքը ապահովաբար: Ան մշտապատրաստ ունի իր նիւթը, որ է ինք, ինքզինք, ինչպէս կ՚ըսեն։ Ու այդ ինքին ալ ամենէն անտարազ մասը, ըսել կ՚ուզեմ՝ հիմակուան գերիրապաշտներուն նախասիրած զգացական միգամածը, որ մեր ամէնուն ձգած ճամբան է մեր ետին, մեր անցեա՛լը, բայց առանց դասաւորման բարիքին ենթարկուելու, այլ խառնիխուռն, այնպէս՝ ինչպէս ինկաւ անիկա մեր ետին, մեր ուղեղէն փրթած տաշեղներու տաշտ մը ինչպէս, անխուսափելի խրամատներով, անյաջորդութեամբ եւ անիմաստութեամբ (օրուան կեանքը երբ կը դիզենք մեր ուղեղին խորը, նման տեղ մըն է ժամանակին մէջ)։ Այդ անցեալին դառնալ, անկէ առնել իր ուզածը, միշտ առանց ծրագրի, առանց նպատակի ու բաժնել ատիկա ահա՛, թէ ի՛նչ է ըրած Չրաքեան։ Չրաքեանի դիւրութիւնը՝ գրելէ, կը թելադրէ, թէ ի՛նչ նուազագոյն ճիգով մը ան պիտի յաղթահարէր իր երկու հարիւր յիսուն էջերը։ Եւ սակայն, հակառակ այդ անպատասխանատու ազատութեան, երկու տարիներ զոհուած են (գէթ այսպէս է ճշդուած յառաջաբան ծանօթութեան մէջ) գիրքին զեղումին։ Մեր լեզուովը ասիկա կը նշանակէ տառապիլ ներշնչումէ ։ Ամեն անգամ, որ ասիկա գտած է զինք ու բռնկցուցած, էջերը թաւալած են դիւրագին փոյթով մը։ Ասիկա կը զգանք ընթերցման պահուն, երբ թուղթերը անզգայաբար կը դառնան (կարծես թէ Չրաքեանի ոճին բոլոր խարակները հալած ըլլային երկնային հուրէ մը) միակտուր, ու մենք չենք կենար, ինչպէս կ՚ենթադրեմ, չէ կեցած հեղինակն ալ անոնց հետ։ Յետոյ՝ սպասում, այսինքն դադար։ Մոխի՛րը ներշնչումին, որ պաղ–պաղ կը պառկի։ Ե՞րբ, վերադարձը կախարդ պարիկին։ Չի գիտեր, պիտի սպասէ, բայց պիտի խաբուի։ Ու յուսահատ, պիտի մտնենք մեր սենեակը, պիտի փակենք մեր մարմինը մեր մէջ ու բռնանանք մեր մատներուն։ Անշուշտ, այդ ատենն ալ պիտի ունենանք սեւցող էջեր, որոնց մէջ մեր գիրը, թերեւս մեր բառերը, նոյնիսկ մեր մտածման սարիքը ուրուափայլին, մեզ պատրելու աստիճան մենք քիչ անգամ ականջ ունինք մեր գրական խղճմտանքին բայց որոնց մէջ մենք կը պակսինք, նախ մեզմէ, յետոյ մեր պատկերէն։ Ի՜նչ խոր ու իրաւ է տարազը, որ երբեմն անիմաստ կը թուի գրականութեան աշխատաւորին համար, բայց մեզ կ՚առաջնորդէ արդար վաստակին աւելի նուազ տաղանդ, աւելի շատ կամք, որոնք իրար կ՚արժեն սա ինքնազեղումներուն դէմ, երբ հարցը կեդրոնացած է առնելու, դատելու, յարմարագոյնը ընտրելու դժուար տագնապին մէջ, քանի որ անհուն է մեր նանրամտութիւնը (գրական), եսամոլութիւնը։ Ու մեր ուղեղէն փրթած մղեղն անգամ գերանի վերածելու համար, ուրիշին հրաւէրին կամ սաստին չենք սպասեր։ Չրաքեանի տկար էջերուն պատասխանատուութիւնը թերեւս կ՚իյնայ աշխատութեան սա եղանակին, թերեւս տեսանող իր խառնուածքին. բայց թերեւս ամենէն շատ՝ իր վստահութեանը՝ իր ոճէն։ Վասնզի գրական մեր մեղքերը գործուած են սա ապահովութեամբ, քեզի հանդէպ մեր ժպտաշուրթն ներողամտութեամբ։ Ամէն ով որ հռետոր է ծնած, պիտի մատնուի առնուազն քաւարանին, եթէ ոչ գեհենին։ Ու տրտմութեամբ, բայց հպարտութեամբ կը յիշեմ Փասքալը, որ մինչեւ տասնութը անգամ բարեփոխած է, չեմ ըսեր սրբագրած, գրած է իր նամակները (Lettres à un provincial), ու ատիկա այն ատեն՝ երբ ասոնց առաջին յեղումը ափ ի բերան էր ձգած կարդացողները: Աչքի առջեւ կը բերէ՞ք մեծ գիտունը, երկրաչափը, ու նոյն ատեն վիրաւոր, թրթռուն հաւատացեալը, երկնասոյզ տեսանողը, որուն միտքը խառնարան մըն է գաղափարներու ու հրդեհ մը հրաշալի ձեւերու, բայց որ չի վարանիր իր ճգնարանին մէջ յղկելու ու յղկելու իր ադամանդը, անոր բոլոր երեuակներուն լուսաւոր ջուրը բանտելու համար էջերուն ձեւերուն խորը ու չի դադրիր արիւնելէ մատները, երբ անոր հիւանդ մարմինը ցաւի հազարաւոր ասեղներով ծակծկուած, անոր աստուածային ջիղերը հազար կրակներով ճենճերուն, օրերով զինք կը գամեն իր խշտիին, բայց չեն խորտակեր անոր կամքը իր էջը աւարտած դուրս բերելու իր գործասեղանէն...: Լափոնթէնի առակներէն պահուած ձեռագիրներ կը փաստեն, թէ ի՛նչ անհուն դժուարութեամբ մարդիկ կը հասնին դիւրութեան, սահունութեան, յարաբերաբար կատարեալին։ Առաջին յեղումէն մինչեւ տպուածը, առակներ կան որ հազիւ երկու բառ կը պահեն չաւրուած։ Ու տակաւին Թոլսթօն, որ իր « Պատերազմ եւ խաղաղութիւն » վէպին հազար հինգ հարիւր էջերը օրինակելու համար կինն ալ գործածած է, մինչեւ քսան անգամ, ձեռագիրը ծայրէ ծայր սրբագրելով։ Ու Տոսթոեւսկին, որ գիշերները կը լուսցընէր: Այս քանի մը անունները անշուշտ չեն կրնար հերքել միւսները, որոնք նման Նիցչէին տուին մէկ գրիչով ։ Չրաքեա՞նը. կարդացէք յառաջաբանին անարդար, սուտ, սնամիտ ծանօթութիւնը, իր խղճահարութիւնը պատմող։ Չէ սրբագրած, հարազատութեան համար։ Իրականին մէջ՝ նմանելու համար ... Նիցչէին։

[25]   Առանց որոշ նիւթի, մանաւանդ խորհրդածող հաւաքումներու, մտորումներու ճամբայ ինկող մարդոց ճակատագիրն է ասիկա: Ատկէ զատ, կայ « Ներաշխարհ »ին իսկ նկարագիրը, բոլորովին անձնական։ Չրաքեան այդ գիրքին մէջ զուրկ է ամէն պաշտպանութենէ, որով հեղինակ մը իր սպառումը կը դիմաւորէ գոնէ ատենի մը համար։

[26]   Մտածման սովորականութիւնը միտքէս չ՚անցնիր դատապարտել ո՛չ ոքի մօտ, ինչպէս Չրաքեանի։ Անհեթեթութիւն պիտի ըլլար մէկու մը մոյնքը տալ իր երեսին: Բայց հարցը կը փոխուի, երբ կամաւ, գիտակցօրէն կը խորտակենք մեր մտածումը, անոր հագցնելու համար յատկութիւններ, որոնք փոխառիկ ու արտաքին, անկարող են մեր մտամոյնքը այլակերպելու: Չրաքեան ուրիշ բան չէ ըրած « Ներաշխարհ »ի մէջ: Իրեն օգնական ունենալով իր ոճը, ան անխնայ վարուած է մտքի պարկեշտութեան հետ։ Իր վճիռները, ընդհանրացումները մարդկօրէն սխալական իրացումներուն մեղադրանքն ալ չունին, քանի որ չեն գար իր անհատականութեան հեռանիստ ակունքներին, այլ կու գան երբեմն բառերէ, երբեմն ընթերցումէ, երբեմն խաբխբելու ընդոծին պահանջէ մը։

[27]   Մտքէս չ՚անցնիր իմաստասիրական մտածումին համար գրական ճարտարապետութիւն մը (օրէնքները) պահանջել, մանաւանդ մեր մէջ, ուր իմաստին չափ լեզուն ալ կը դաւէ մտածողին։ Ըսեր եմ արդէն, քիչ չեն անոնք, որոնք իմաստասէրներու կողմէ կերտուած բնազանցական մեծ դրութիւնները կ՚ենթարկեն խառնուածքներու, ասոնց կերպով մը արտայայտման, որ մահկանացուներուս բարբառովը թարգմանի ... բանաստեղծութիւն։ Ըստ հետեւութեան, ձեւին անձնացումը, զարտուղումը անխուսափելի պայման մը պիտի կազմէր այդ արտայայտումին։ Իրողութիւն է, որ չէզոք, անանձն եղանակ մը կայ բնախօսութիւն ընելու, բայց ոչ՝ բնազանցութիւն։ Ոչ ոք մտքէն պիտի անցընէր մեղադրել Պղատոնը իր ոճին գոյնին, ջերմութեան, իր խանդագին սլացքներուն, սուզումներուն, իր յանդուգն կառոյցներուն մէջ կիրարկած գրականութեան համար (Phédon), ինչպէս արժեզրկել Ալիստոտէլը ճիշդ հակադիր յատկութիւններուն պատճառով։ Երկուքին մօտ ալ բառը երկրորդական է իմաստին զգեստը եւ ուրիշ ոչինչ։ Մէկուն մօտ այդ բառը բազմերանգ կերպաս մըն է, հազար ու մէկ զգայութիւններ համադրել ձգտող, միւսին մօտ՝ քար ու կիր, թիւ, օրէնք։ Դրէ՛ք այս երկու հակամարտ օրինակներուն մէջտեղ « Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը » հատորէն ալ սա գուբղաները։

       «Օ՜, ինչպէս պիտի չըլլայի խանդահար (սիրահարը) յաւիտենութեան՝

       Խանդահարը հարսանեկան մատանիներու մատնիին, մատնիին լինելութեան վերադարձին»։

       «Երբեք չեմ գտած տակաւին այն կինը, որմէ ուզէի զաւակներ ունենալ,

       Եթէ չէ ան այն կինը, զոր կը սիրեմ, վասնզի քեզ կը սիրեմ, ով Յաւիտենութիւն... »։

       ու կ՚ունենանք շրջանակին ամբողջը։ Եւ սակայն քիչ չեն դարձեալ անոնք, որ կը դատափետեն Պերկսոնը իր ոճին անորոշութեան (imprécision), գրականութեան, անթափանցութեան մեղքերը տարածելով իր մտածողութեան։ Դառնալով Չրաքեանին, մարդ կը դժուարանայ անուն մը գտնելու սա ինքնագլուխ, անպատասխանատու բառամարտին, բառատարափին, որ գիրքին մօտ կէսը կը գրաւէ, ըսելու համար թատերական կերպաւորումով մեզի վաղածանօթ բաներ, կամ` տարօրէն առածիգ, րոպէի մղումներէն ժայթքող վարկածներ, կամ՝ բոլորովին ինքնահնար ցնորք ու բանդագուշանք, որոնց ետին ոչ մէկ իրականութիւն հնչեր է օր մը կամ հնչելու է, վասնզի Չրաքեան յուսալից է ապագային ու իր գիրքին գաղափարը պտըտցուցած է տարիներով, անոր կողերուն տակ մեծ ապառնին պաշտպանելու հաւատքով։ « Ներաշխարհ »ին մէջ ամէն ինչ կայ ։ Մինչեւ իսկ ընկերային բարենորոգչական ձգտումներ. բայց ինչպէս բառերը՝ բառարանին մէջ։ Ու խիստ չէ սա նմանութիւնը։ Ինքն է ըսողը։ Ո՞ւր է սակայն, այս գիրքին մէջ իր ժողովուրդը ։ Ասոր ճակատագի՛րը։ Խորհո՛ւրդը: Առնուազն անոր անհուն ողբերգութիւնը։ Չի բաւեր Համիտեան գրաքննութեան ֆանթոշը ձողաբարձ տնկել մեր առջեւ, փրկելու համար, այդքան խորունկ յաւակնութիւններով ուռած գիրքի մը անհաղորդութիւնը ցեղային կսկծագին հարցերէն։ 1908-էն ետք ան, առնուազն իբրեւ մարդ, եթէ ոչ հայ, անցաւ, այլապէս ահաւոր աղէտներու թաթառներուն ընդմէջէն: Ընդունելով պահ մը, որ 1915–ի սպանդը չէր կրնար թրթռման հանել այլեւս մեռած անոր ուղեղը, չեմ կրնար իմ տրտում զարմանքս զսպել իր լռութեան վրայ Ատանայի եղեռնէն: Անոր ամբողջ գրականութեան մէջ հունչ մը իսկ չենք զգար ցաւերու ցաւէն, որով տառապած է արեւմտահայ գրականութիւնը։ Ասոր քանի մը մեծ անունները կը բխին ուղղակի անկէ։ Չէ կարելի սա լռութեան հաւանական պատճառ ընդունիլ Չրաքեանի հակակրանքը հանդէպ հռետոր բանաստեղծներու (մեծափառ արհամարհանքով մը ուրացած է Սիամանթօն, Վարուժանը, Զարդարեանը, հիանալու համար, 1911–ին ... Պէրպէրեանի, Եղիայի, Չերազի վրայ), ոչ ալ գրական հանգանակներ օգնութեան կանչել, իր այլուրութիւնը, ապառնիութիւնը, ընդհանրականութիւնը մարդկային պարունակներ բերելու համար։ Ուզածը ազատ է ըլլալու մէկը, պայմանաւ որ մնայ մարդ։ Այսքա՞ն անկշիռ, թեթեւ իրողութիւն մըն էր Ատանայի սպանդը, որ անխտիր արիւնեց հայերու հոգին, որպէսզի ըլլար անարժան բրդուճ մը յուզումնահար ցասումի, առնուազն մարդկային խռովքի այն գրիչին համար, որ Սեւ ծովու եզերքը նաւաբեկեալ մավունայի մը ծով թափած քարիւղի թիթեղներուն, աւազին մէջ պարզած ողբական, նշուլազարդ ու յուսահատեցնող տրտմութիւնը երգեր էր այնքան շքեղ քնարականութեամբ մը Ներաշխարհ »)։ Տիրան Չրաքեան ինքնատպութեան կատաղի ասպետ մըն էր։ Իրեն չեմ մերժեր իրաւունքը ուզածը ըլլալու։ Բայց յանուն այդ ինքնատելութեան քար դնել իր սրտին, սանձ՝ իր մտքին, կապ՝ իր գրիչին, որպէսզի չըլլար նման իր սերունդին, ասոր գերագոյն խռովքներուն մէջ։ Ասիկա անընդունելի է ահա: Ի՞նչ կայ Խասգիւղէն մեզի եկած երրորդութեան անձերուն եւ գործերուն մէջ այնքան խորունկ բան, որ անզգալի ըլլար մեզի։ Հոսանքին դէմ թի քաշելը չէ ասիկա, այլ շրջուած մուրացկանութիւնը այժմէութեան։

[28]   Ձերբազատում, որ գործը կ՚արձակէ թէեւ տխուր, պզտիկ, պարտադիր կապերէ, մուտք ճարելու համար ասոր՝ դէպի աւելի լայն «հոգեդրութիւններ», բայց կը վտանգէ յաճախ անոր առարկայական իրականութիւնը։ Ամէն մարդ Սպինոզա մը չէ ի վերջոյ։ Վասնզի, առանց իջնելու զուտ իմաստասիրական հարցերու ընդհանրութեան, մնալով՝ (ու ասիկա հարկադրաբար) ժամանակի մը ճնշումին տակ, միտքը չի կրնար ազատագրել ինքզինքը այդ ժամանակին մեծ կնիքներէն։ Ո՞րն է մարդը, որ (1900–ին, Պոլիսը դուք շինեցէք հայուն Պոլիսը) մտածեր է յաւիտենական հարցերու շուրջ ու մնացեր է այնքան անայժմէ, որքան ինքը կ՚ուզէ թելադրել « Ներաշխարհ »ին այն էջերէն, ուր կը ծեծուին զգայարանականէն վեր խնդիրներ։ Անոր ալքոլի պա՞հը։ Բայց ցաւ է ինծի, որ այդ քսանով–երեսունով էջերէն չսեւեռուի իմ մէջ պատկերը պոլսական դաշտանկարի մը, հնօրեայ աղբիւրին կուշտին, մեծ բարի սօսիի մը թեւերուն տակ, նոյնիսկ ուրուագրուած ինճէսազին երգին ալ նպաստովը, նկար, ուր քանի մը թշուառ մարդեր պարպէին այդ հեղուկ ճերմակ կրակը դէպի հրդեհը իրենց հոգիներուն եւ այդ ջուրէն հանէին քանի մը պարզ, խոր զգացումներուն ճենճերը, մխալը։ Անոր եկեղեցիի պա՞հը ։ Բայց այդպէս չի մտներ հոն ո՛չ մէկը մեզմէ։ Կեցէ՛ք տաճարի մը դուռէն քիչ մը բաց ու դիտեցէ՛ք. պիտի տեսնէք թերեւս ամբողջ մեր ժողովուրդը, բայց ամենէն աւելի՝ անոր հոգին, մարմնեղէն տարազի բիւրական տարբերակներուն հակառակ, տարօրէն մէկ։ Չրաքեան ո՛չ միայն հեռի է ընդհանրական միսթիքէն (որքան տառապեցուցած է այս ինքնին դժբախտդ բառը), այլեւ հեռու է ազգային, հայկական միսթիքէն։ Ու ասիկա ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ։ Վասնզի խորհրդածելու համար ժամ մտնողը բառեր միայն ունի իրեն հետ, հոգին ստիպուած ըլլալով դուրս ձգելու։ Եթէ կը տպաւորուինք ի վերջոյ, ատիկա շնորհիւն է զգայարանական տպաւորութեանց, որոնք ուրիշ բան են, մեր ամէնուն համար փորձարկելի, իրաւ, բայց քիչ անգամ խորհրդածութիւն։ Նոր չէ, որ միտքը չի տանիր Աստուծոյ։ Անոր Եգիպտո՞սը ։ Բայց մօտէն իսկ չ՚անցնիր անիկա առեղծուածին, զոր բուրգերը կը դիզեն ընդհանրական, իսկապէս քոզմիք մտածողութեան դաշտն ի վեր։ Ո՞վ, ո՞ր հոգեկանութիւնն է նետեր ասոնք այդպէս, աւազն ի վեր, դէպի կաթնակապոյտ կամարը Նեղոսեան դաշտանկարին, վերեւը՝ բոլորէն պայծառ բայց դեղնօրէն պղտոր հորիզոններուն, որոնք մոխիրի, ոսկիի, յակինթի հիւսուած պաստառներու նման, մեծ վրանին (երկնքին) փէշերը կը կախեն, դեղնորակ հեւքի մը ընդմէջէն, ուսերուն վրայ թրթռումին, անշրջագիծ, մեռած, մոմիացած լեռներուն։ Ո՞ւր է հոն հոգին, որ իր դաշտանկարները պատմուճան էր, բայց անոնք զանազանելով, մասնաւորելով, որոշ եւ ուրիշին չնմանող պատկերաշարքի մը մէջ ընդմիշտ սառեցնելով։ Հինգ–տասը տուննոց քերթուած է մը Փիղերը », Լըքոնը տը Լիլ) այդ զգայութիւնը կ՚ոսկեգրուի իմ մէջ, գրեթէ անքակտելի։ Մոպասանի համար երկու էջ բաւ են, որպէսզի Ափրիկեան մոյնքը, անջինջ, վարշամակի մը պէս, շղարշէ ընթերցումին յիշատակը մտքիս մէջ։ Չրաքեանի՞ մօտ։ Կ՚ընդունիմ հրաշալի գեղեցկութիւնը էջերուն (221-232), ուր անմոռանալի զգայութիւններ անընդմիջաբար կը սեւեռուին, քիչ անգամ հանդիպելի բախտով մը, այնքան, որ մարդ հեշտագին կը մոռնայ կանխող էջերուն չոր տաժանքը ու չի համարձակիր հաւատալ հրաշքին, որ անխուսափելի կերպով կը կործանի, քանի որ կեանքէն ետք ՝ անոր շուքը պիտի օգտագործի այդ էջերուն անուղղայ հեղինակը, որպէսզի իր կիսաստուածի մտածումները արձանագրէ այդ ծփանուտ կտաւին վրայ։ ՄՏԱԾՈՒՄԸ (որքան ալ գլխագրեմ բառը, չեմ կրնար դնել հոն, ինչ որ ինքը ուզած է բեռցնել խեղճ այդ բառին քամակին) այս մարդուն մղձաւանջը եղաւ։ Ու եղանակ է իր մօտ հայեցողական մասերուն ընդմէջէն զգացական շողիւններ անցընելը, որ զուտ նկարչական մասերուն անառարկելի գեղեցկութիւնները անպայման պիտի աղօտէ, աղարտէ իմաստին մշուշովը, որպէսզի գոհանար իր փառասիրութեան մէջ։ Գիրքին ամէն էջին վրայ գո՛յ՝ սա դժբախտ պայքարը։ Ամէն արտաքին պահ իրեն համար ճամբայ է, պատրուակ, դէպի անխուսափելի համադրոյթը, հարիւր հեղ կրկնուած, բայց միշտ աննուաճ տարազ։

[29]   Գիրքին թելադրանքը կը ծփայ ընդմէջ զգայութեանց եւ մտածումներու. բայց իր յաջողած մասերուն մէջ զգալու փորձ մըն է, քան որոնելու։ Իր անցեալը փորելու սա եղանակը արդէն պայմանաւոր է զգայութեանց վերակազմումով, որոնք նախատարրն են յաճախ արուեստի գործին։ Այս ինքնին նուրբ ու դժուար աշխատանքին քովն ի վեր նպաստ մըն է անշուշտ մտածումը. բայց ոչ հիմնատարր: Անոնց բացակայութիւնը թերեւս արժէր կորուստը միայն ու միայն բառական, լեզուական գեղեցկութեանց, բայց երբեք պիտի չվտանգէր գիրքին տարողութիւնը իբրեւ խորհուրդի, ապրումի մատեան։

[30]   Որ ունի իր օրէնքները, գնացքին պայմանադրական processus-ը եւ հետեւաբար ոճը։ Դիտելի է, որ այս վերջինը շատ քիչ անգամ ըլլայ զիջող զգայայանական տարրերու շահագործման ու նախասիրէ իմացական զինարանը, վերացեալ terminologie, բոլորովին տարբեր Չրաքեանի հում, անաւարտ, քմահաճօրէն համադրական, բայց իմաստի աշխարհին համար ընդունելի բառագործութենէն։ Չրաքեան այն իմաստասէրն է, որ խնդրական մէկ ու նոյն երեւոյթին համար չէ վարանած փոխնիփոխ մէկէ աւելի տարազներ գործածելէ։ Գեղեցիկ intuition բառին դէմ իր հայերէնները: Ջանք մըն ալ չէ ունեցած տարազներու ճշդումին, իբր բացատրութիւն։ Ի՞նչ կը հասկնայ խորհողութիւն, խորհրդածում, մտածողութիւն, մտածում բառերէն իւրաքանչիւրին տակ։ Իր էջերը պատասխան մը չունին։

[31]   Հասկնալի է, որ չխանդավառուիմ գրական քննադատութեամբ, մեր մէջ, ու մնամ հանդարտ Զոհրապի, Մամուրեանի այս կարգէ փորձերուն ճիղճ տարողուեան առջեւ: Գ. Օտեան լրագրութենէն չէ բարձրացած։ Նորագոյններէն Կ. Զարեան յանդգնութիւնը ներեց իրեն իր « Ճամբու տպաւորութիւններ »ը մեզի ընծայելու իմաստի բարեխառնութեան մը ընդմէջէն։ Արդ, Կ. Զարեան մէկ ուրիշ կրկնութիւնն էր Տիրան Չրաքեանի, ասոր չափ անուղիղ, անպատասխանատու, իրողութիւնները խեղաթիւրող եւ ընդհանրացման իր վազքին մէջ կանգ չառնող ո՛չ մէկ անհեթեթութեան հանդէպ։ Այս ոգիին գինն է իր գործը Անցորդը եւ իր ճամբան », « Բան–կօօպը եւ մամութի ոսկորները », « Երկիրներ եւ աստուածներ »), ուր, այդ մտադրութիւնը թէեւ պաշտպանուած նկարով, երբեմն զգացող, միշտ սլացքով գրագէտի մը շնորհներէն, պատճառ կը դառնայ փչողական անպարկեշտ յօրինումներ, որոնց ո՛չ ոք կրնայ հաւատալ։ Անշուշտ իմաստասիրական անխառն մտածումը չէ ասիկա, բայց է ան, զոր Չրաքեանը իրեն նպատակ էր ըրած։ Երկուքին ալ տաղանդը վեր է կասկածէ։ Երկուքին ալ յաջողուածքը ենթակայ բոլոր կասկածներու: Ըսի մտածումս Ռ. Պէրպէրեանի, Յ. Գ. Մրմրեանի մտածողութեանց մասին։ Կ՚ընեմ բացառութիւն ու իմաստասիրական մտածման համար իրաւ, անկեղծ նմոյշներ կը ներկայացնեմ Պր. Շ. Պէրպէրեանի փորձերը, ուր մեզի համար առաջին անգամ ըլլալով իմաստասիրելու պարկեշտ, քիչ մը գունատ, բայց անպայման հարազատ եղանակ մը կը կիրարկուի ապահովաբար։

[32]   Հոյակապ է այս ուժը իր մօտ, որուն բաղադրիչները ծխաններուն մէջ կը թաղեն անոր անձին իրենց արմատները։ Պոլսեցին, գիտունը, միստիքը, կէս մը խենթը կողմեր են այդ ուժին։ Աստուածային ձրիութեամբ մը ան լեռներու հոգի, խելք, մարդկայնութիւն, վեհափառութիւն պիտի պարգեւէ, առանց իյնալու ռոմանթիք զեղծանումին ծոցը։ Անոր դաշտանկարները ո՛չ միայն մարդկային սիրտի մը պէս կը բաբախեն բնութեան շունչին ներքեւ, այլեւ ուղեղի մը ծալքերուն համապատասխան ծփանքներ գիտեն ոլորել։ Անոնք կը մտածեն ու կը տառապին։ Հով մը էջերով անոր հետ խօսքեր ունի, մարդկային հոծութեամբ մը։ Ծովը էակ մըն է, հեշտագին ու խորհրդաւոր. կնիկի մը պչրանքներովը։ Նոճիները սեւազգեստ միտքեր են, դրուած մօտիկը իր պատուհաններուն։ Անշունչ պարերն իսկ լեզու կ՚ելլեն իրեն համար։ Չրաքեան նկարչի եւ բանաստեղծի իր ջիղերը կը դնէ տրամադրութեանը տակ այս տիեզերքին ու ամբողջ արտաշխարհը կ՚ախորժի իմացական սէնֆոնիի մը նման վերարտադրել, մեր մէջ անզոյգ դիւրութեամբ ու յաջողութեամբ։

[33]   Միայն ընդհանրականին մէջ չէ, որ ան պիտի տայ փաստը իր այս ուժերուն: Ան խոտի մը ցօղունը, ներդահիւս բայց աննիւթօրէն իրական լարի մը նման կ՚օգտագործէ, իր մտքին բոլոր սարսուռները անով խողովակելու եւ, օրինակի համար, երկնային մարզերէն կ՚ինքնաբաշխուի մինչեւ անեզրութեան լուսախռիւ ցնցղումները, ուր կը շինուին ու կը քակուին մեծ ու փոքր շրջանառումները տիեզերք սրտի արիւնին, կամ՝ անոր շրթներէն, սարսուռի մը գնովը, պարոյրովը, վէտովը ինքզինքը կ՚արձակէ անեզրութեան մեծ սիրտը մինչեւ, որուն չի վախնար բազմազան տարազներ ալ յարդարելէ ու կ՚ընկղմի մեծագոյնին մէջ, « սիրոյ պշուցման », իր կարգին ուրիշ մեծագոյն տարազ = « Զի սէր է Աստուած... »։