Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ

/327/ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ գրեթէ առաջին ու միակ անուն մըն է Լեւոն Սեղբոսեան իբրեւ թատերագիր։ Նոյն ատեն վիճուած համբաւ մը։ Քառորդ դար առաջ իր « Հին աստուածներ »ը ծնունդ էր տուած ծանր պայքարի մը։ Հասկցողներու, դատողներու, ժողովուրդի տպաւորութիւնները՝ հակասական։ Անկէ անդին Լեւոն Սեղսոսեան շարունակեց արտադրել։ Ասիկա աւելի է քան ժամանակագրական ծանօթութիւն մը։

 

Իրողութիւն է, որ իր գրական ամբողջ վաստակին մէջ իբրեւ քանակ ու որակ (նկատի չունիմ վէպէն ու քերթուածէն դուրս մնացած ստուար թղթեղէնը, որ անոր ալ տուրքը եղաւ մեր լրագրութեան, անկէ գողնալով թանկ ուժ եւ ժամանակ), թատերական երկերը գրաւեն առաջին տեղը։ Ութը խաղ, որոնց երկնումը կը տարածուի քառորդ դարէ աւելի տարողութեան մը վրայ, բարձրագոյն թիւն է արեւմտահայ թատերական ճիգին մէջ։

 

Այդ գործերէն ոմանք կը պատկանին իրենց ժամանակին « Ուրիշի համար », « Եսի մարդը », « Ճամբուն վրայ »։ Ոմանք կը յաւակնին գալիք ժամանակներու պատգամին. « Շղթայուածը »։ « Կայսրը », « Օշին Պայլ », « Ինկած բերդի իշխանուհին » միջին ժամանակներու խորքէն կը թուին գալ, բայց կը կրեն մեր օրերու գաղափարախօսութիւն։ « Հին աստուածներ »ը երազ մըն է, որ կը ձգտի ժամանակին եւ միջոցէն ինքզինք զերծել։ Պատահականութի՞ւն, թէ որոշադրեալ ծրագիր, որ մեկնակէտ ծառայէր սա ընդարձակ արշաւին դարերէն ու ժողովուրդներէն։ Վերլուծումը կու տայ պատասխանը սա հարցումին։

Իր ժամանակը բնորոշող խաղերէն « Ուրիշի համար »ը խակ նախափորձ մըն է, պոլսական բարքերէ։ Անով Լեւոն Սեղբոսեան իր տիալոկը կ՚ենթարկէ բեմին փորձին։ Կառուցում, գործողութեան /328/ զարգացում, տիպարներ, հոգեբանական ճնշում, գրեթէ անգոյ են տակաւին երիտասարդ թատերագիրին համար։ « Եսի մարդը », « Ճամբուն վրայ » առնուած են 1900–ի յեղափոխական տագնապէն։ Այս վերջինները բոլոր պայմանները կը լրացնէին չքնաղ սեւեռումներու, քանի որ տիրական, կեդրոնական անձնաւորութիւնները, ինքզինք զոհելու ո՛չ միայն տրամադիր, այլ այդ զոհաբերումը բարձր գեղեցկութեամբ մը հետապնդող երիտասարդը գրական յօրինում մը չէր, այլ առօրեայ իրականութիւն։ Լեգէոն էին այդ տղաքը, որոնք հայ յեղափոխութեան ողջակէզը սնուցին, պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող արիութեամբ, վճռականութեամբ։ Լեւոն Սեղբոսեան իր երկու խաղերուն համար ընտրած է չեմ ըսեր տժգոյն, բայց անգոյն երիտասարդներ։ Ի՛նչ հեգնութիւն, որ « Եսի մարդը »ին մատնիչը եւ « Ճամբուն վրայ »ին աղջիկը (Մարի) ըլլան տիրական դիրքերը, երբ կեանքին մեզի տուածը ուրիշ էր անշուշտ։

 

Այն խաղը, որուն մէջ Լեւոն Սեղբոսեան ապագան կը հետապընդէ, « Շղթայուածը », վրիպանք մըն է Լեւոն Սեղբոսեանէն չկասկածուած պարզմտութեամբ մը։ Լուտերի հրամանով ջարդուող գիւղացի գերմանները անշուշտ չէին հասկնար, թէ իրենց փրկագործումին համար վերցուած սուրը ի՛նչպէս, ո՛ր հրաշքին գնովը կ՚իջնէր իրենց գլխուն, իրենց առաջնորդին իսկ ձեռքովը։ Կէս դար առաջուան մուժիկը երբ կը մտնէր իր կաղապարին մէջ, չէր կրնար մտքէ անցընել, թէ ցարերու պալատները կէս դար յետոյ պիտի բացուէին բոպիկ իր ոտքերուն ցեխաթուրմ հետքերուն։ Ընկերային տագնապը քիչիկ մը նման է աստուածներու տագնապին, այսինքն դուրս է մեր հաշիւներէն ու հասողութենէն։ « Շղթայուածը »ին մէջ հետապնդուած իտէալը չէ որ կ՚արժեցնեմ։ Ատիկա առաւել քան երբեք վատ նահանջ մը պիտի նշանակէր իմ ժողովուրդին հոգիէն։ Կասկածի կ՚ենթարկեմ բոլոր շղթայուածներուն դերը, երբ օր մը կը կոտրեն զանոնք կապող երկաթները։ 1915–ին ո՛չ ոք պիտի տարակուսէր արդարութեան անունով թափուած արեան ծովի ափին, թէ տարի մը չանցած ամենէն արդար դասը, իմ ժողովուրդին դատը պիտի մորթուէր այդ արդարներուն ձեռքովը [1] ։

/329/ « Հին աստուածներ »ը թատերական երկ մը ըլլալէ աւելի féerie մըն է։ Արդի թատրոնին տեսարանական թեքնիք կատարելութիւնը, մեծ ոստաններու (Փարիզ, Պերլին, մանաւանդ Մոսկուայի գեղարուեստական Մեծ Թատրոնը) բազմազան միջոցներով (արուեստի բոլոր սեռերէն հարուստ) իրագործուած, այդ օրերուն արդէն իր յաղթանակը ապահոված սինեման ու թեթեւին, փոխուողին, վազողին կնիքը մեր ստեղծումներուն վրայ (սաւառնակը բանաստեղծական ներշնչում էր 1908–ին, այժմ ու մահուան հրեշտակը դառնալէ առաջ), կրկին՝ հասկնալի, որ թատերագիրը յանդգնի արհամարհել իր արուեստին հիմնական պահանջները եւ գրէ իր երկը, որ այդ ամէնէն փշրանքները բերէր քով քովի ու կապէր ունկնդիրը բեմին, սինեմային արտօնուած ազատութեամբ, տեղերը, մարդերը, նիւթերը, աշխարհները (իմաստիւ ) փոփոխելով։ « Հին աստուածներ » խաղը Լեւոն Սեղբոսեանի գրական ասպարէզին մէջ գեղեցիկ շահարկութիւն մըն էր (exploitation) քան արուեստի լուրջ ճիգ մը։

« Ինկած բերդի իշխանուհին », « Օշին Պայլ », « Կայսրը » պատմական անուններով ծանրաբեռն կառոյցներ չեն անշուշտ։ Լեւոն Սեղբոսեան, արդիապաշտ, պիտի չզիջանէր միջնադարեան անձնաւորութիւնները բեմ հանել, անոնց շրջանին, միջավայրին, հոգեբանութեան սիրոյն, հետեւաբար ԺԹ. դարու համբաւաւոր պատմական տրաման (չեմ ղրկեր ընթերցողը կարդալու Քրոմուէլի յառաջաբանը, Վ. Հիւկօ) չունիմ նկատի երբ զանոնք կ՚ենթարկեմ վերլուծումի։ Այդ /330/ անունները իրեն պիտի տան գործողութիւն, որմէ այնքան նիհար են իր բոլոր ստեղծումները, պիտի ճարեն գետին իր տեսութիւններուն, այնքան խնդրական, անհարազատ, խորհրդաւոր, երբ ժամանակակից մեծ դրութիւններուն (իմաստէ, աշխարհահայեացքէ) խորհրդանիշներ կը ծառայեն, քան իրենց պատմական անձնաւորութեանց պատմական իմաստը կը ձգտին արդարացնել։

 

Այս բոլոր առարկութիւնները պահ մը կը մնան մէկդի, այն մեծ փաստին առջեւ, որ ինքը, այդ գործն է ամենէն առաջ։ Ըսի Լեւոն Սեղբոսեան առանձին ու առաջին անուն մըն էր արեւմտահայ թատերական գրականութեան մէջ։ Այդ հանգամանքով ան իմ առջեւ կը դնէ այդ գրականութեան մէջ թատերական հարցը, իր բոլոր ընդարձակութեամբը, շահեկանութեամբը։

* * *

Ի՞նչ էր թատերական գրականութեան հասակը, իրագործումը, ձգտումները, տարողութիւնը մեր մէջ։ Կա՞յ, Լեւոն Սեղբոսեանէն դուրս ուրիշ հեղինակ, միշտ արեւմտահայ գրականութեան մէջ, որուն գործը պարզէր գրական սա շահեկանութիւնը։ Որչափո՞վ այդ վաստակը կը պաշտպանէ իր հեղինակը։ Մեր ժողովուրդին ո՞ր մեծ կողմերը անով ինկան սեւեռումի։ Ինչպէս կը տեսնէք, իրարմէ աւելի ծանրակշիռ հարցեր են ասոնք։ Ու Լեւոն Սեղբոսեանի անձէն, վարկէն շատ ալ անդին անցնող։

ա. Արեւմտահայ թատերական ճիգը ամենէն անփառունակն է, երբ բաղդատուի միւս սեռերուն (գրական) վրայ վատնուած եւ իրագործուած աշխատանքին։ Անլրջութիւն պիտի ըլլար այս գործին առիթով յիշել մեր ռոմանթիք թատրոնը, որ հակառակ երկու մեծ բանաստեղծներու . Պէշիկթաշլեան եւ Պ. Դուրեան) բարձր վարկին, միակտուր վրիպանք մըն է։ Անլրջութիւն է դարձեալ ազգայնական խաչակրութիւնները (Վարդանանք), Սահմանադրութեան հետ յեղափոխական ամբոխավարութիւնները նկատի ունենալ իբր թատերական իրագործում։ Թլկատինցիի գործին յիշատակումը թերեւս ըլլալ չափով մը արդարանալի է, քանի որ խարբերդցի վարպետին գործը կազմուած է թատերական հաստատ յօրինումներէ, անկախաբար այս մասին անհրաժեշտ թեքնիք շնորհներուն բացակայ նպաստէն։ Չեմ կրնար նորագոյն գրականութեան մէջ (1920–էն ասդին) հապճեպով, /331/ խակ գործադրումները արժեւորել իր արուեստի արդիւնք, քանի որ « Հայրենիք » ամսագրին մէջ ամէն խօսակցութիւն կը մկրտուի իբր թատերական գործ։ Ու փաստը չի դադրիր իր ահաւոր իմաստէն։ Հարիւր տարուան կեանք մը ունի մեր գրականութիւնը ու մէկ հատիկ անուն, որուն առջեւ թատերական հարցը ծիծաղելի չէ յուզել, ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները սա թշուառութեան (Արեւելք, դերասանի տագնապ, բանաստեղծութիւն, անպատրաստ ժողովուրդ), իրողութիւն է, որ արեւմտահայ թատերական գրականութիւնը գրեթէ անբովանդակ, ձրի պարապ մըն է։ Վերցուցէ՛ք Լեւոն Սեղբոսեանի գործը, դուք կ՚ունենաք բացարձակ ամայութիւն։

բ. Լեւոն Սեղբոսեանի գործը ուրեմն մեզի կը ներկայանալ առանձին նպատակ, իրագործում, ու փաստ մեր գրականութեան մէջ, այս շատ բարձրորակ արուեստի սեռէն։ Թատերական գործ մըն է « Կայսրը », յառաջատու, երբեմն poignant գործողութիւն, կենդանի, վաւերական տիպարներով, տրամային կառուցմամբը։ Որուն մէջ սեռին պահանջներէն ամենէն կարկառունները յարգուած են։ Անոր մօտիկը կը կենայ, իբր գործողութիւն ու տիպարային ճշդութիւն « Ինկած բերդի իշխանուհին »։ Քերթուած մըն է թատերական որոշ գործողութեամբ « Հին աստուածներ »ը։ Դանդաղ « Օշին Պայլ »ը ու հապճեպ « Ճամբուն վրայ »ն առնուազն կենդանի, աշխոյժ տիալոկի մը տարիքը ունին ի նպաստ իրենց։ Ինչպէս կը տեսնուի, որոշ թիւով յաջող խաղեր, նոյնքան մըն ալ միջակներ այդ անունը կը պաշտպանեն գրականութեան պատմութեան համար։

գ. Թատերական սա վաստակը ունի ինք իր համար արժանիքներ ոգեղէն մթնոլորտ, ձգտում, խորհրդապաշտ ախորժակներ, եւրոպական բեմերու մեծ գործերուն անդրադարձը, տիալոկ, տեսարաններու զգայարանք, թէեւ տարօրինակ, բայց միշտ իրական մարդեր, կեցուած է կեանքին մեծ հարցերուն դէմ ։

* * *

Հիմա վերլուծում։

ա. Ոգեղէն մթնոլորտ: Իր վէպին ուսումնասիրութիւնը եղած էր առիթ, շեշտելու սա ոգեղինութիւնը, թանձրէն, տափակէն, գռեհիկէն, մարդոց մեծ մասին համար ամեն ինչ եղող առօրեայէն ձերբազատուիլ ուզող հոգեկան տրամադրութիւնը, որոնք Լեւոն Սեղբոսեանի մէջ կը յօրինեն դժուար հաւասարակշռութիւնը հակադիր կողմերու մէկ ու նոյն տաղանդէն։ Ազատ էք գործածել պատրաստ /332/ տարազներ ու տեսնել իրապաշտ եւ խորհրդապաշտ հանգանակներուն փաստը, որոնք իրարու հակադիր՝ գիրքերու մէջ բայց իրարու լրացուցիչ են Լեւոն Սեղբոսեանի անձին ներսը։ Գիտէք, թէ անոր աւագ անձնաւորութիւնները գրեթէ միշտ սէմպոլներ են ու անոնց քով շարժող մանր մարդերը իրականութենէն չզատուած ուրուագծային բայց կատարեալ յաջողութիւն։ Նոյնն է պարագան խաղերուն համար։ Լեւոն Սեղբոսեան վէպերու մէջ կը հետապնդէ թեզերուն, ընկերային հարցերուն փառասիրութիւնը։ Բարեբախտութիւն է, որ թատերական գործի մը մէջ արուեստագէտը ըլլայ ստիպուած կեանքին ենթարկուելու, ամէն գնով։ Օրէնքէն շեղումը կ՚ընենք կործանման գնով։ Այս իսկ է պատճառը, որ խաղերու ոգեղէն մթնոլորտը չճնշէ շատ ծանր խաղին կեանքին վրայ։ Կենայ, հեռուէ հեռու, բայց չլեցնէ բեմը։ Ու մարդիկ ժամերով չխօսին, չվիճաբանին, իրենց գաղափարները պաշտպանելու վարդապետական հեշտանքը չպարտադրեն մեզի։ Միւս կողմէ հաճոյք է ու այս անգամ խոր, որ չորս–հինգ արարներու թաւալումը հեղինակի մը համար չըլլայ առիթ կեանքին գռեհկութիւնները մեր աչքերուն հեշտագին փռելու ու իրականութեան հաւատարմութիւն մը բաւ համարելու մեր զեղումը փոխարինող։ Ուրիշ բան չէ ըրած, օրինակի համար, արեւելահայերուն մէջ գերահռչակն Շիրվանզատէ, անզուգական թատերագրի իր փառքը խարսխելով սա գռեհկութեանց արգանդին խորերը։ Լեւոն Սեղբոսեանի բոլոր խաղերը, միջակներն ու վրիպածներն ալ, կը ստեղծեն մեր մէջ ոգեղէն աշխարհ մը, սանկ բարձր տրամադրութիւն։ Ամէն ինչ, անձ, միջավայր, գործողութիւն, գաղափար, մեզի կը մատուցուին այդ ոգեղէն հեղանուտին ընդմէջէն, անով թեթեւցած, շոգեւոր, ջերմացած։ Տափակ, անհորիզոն, գետնաքարշ իրապաշտութենէն սա ճակատագրական զզուանքը առանձին հաստատում մըն է, այդ խաղերէն բոլորին համար ալ արժող։ Ուրիշ արժանիք՝ հակադիր վտանգին նիհարութիւնը. ըսել կ՚ուզեմ՝ թեզով հետապնդուած գաղափարաբանութեան պահուիլը իր տանելի սահմաններուն։ Ճիշդ է, որ սէմպոլիզմը կը միջամտէ նոյնիսկ ամենէն յաջող կառուցումներուն մէջ ու ամենէն տրամաթիք պահերու, պահ մը տագնապի մատնելու աստիճան ամբողջ խաղին կեանքը. բայց կը մնայ պարտուած։ Այս փորձանքն է ահա, որ « Շղթայուածը » կը զարնէ, իր ամենէն փաթեթիք տեսիլներուն մէջ, ու շարժումները énivrer ընելու, լուսաւորելու, իմաստի բարձրացնելու դերը կը վերածէ թատրոնէն վեր, դուրս, որով՝ անընդունելի կերպարանքներու։ « Կայսրը » խաղին մէջ Լեւոն Սեղբոսեան Օհան Գուրգէն մը կը ստեղծէ, միսով /333/ ու ոսկորով կայսրցու մը, բայց չի մոռնար այդ մարդուն ողնուղեղին մէջ զետեղելու պզտիկ հատիկը, հունտը, գաղիացիք կըսեն grain-ը, որ Իբսէնի հերոսներուն հեշտագին խորհրդաւորութիւնը կը կազմէ ու սանկ հազար մը տարի առաջ մեր օրերէն Կայսրը » շատ է որոշադրուած պատմական գոյնով, ազատուելու համար ասոր ճնշումէն) մեզի կը թուի տարօրինակ, եթէ ոչ անկարելի։ Բայց ահա աւելի՛ն։ Իբր թէ չըլլար բաւ, այս հունտը Օհան Գուրգենի ներսը, Լեւոն Սեղբոսեան պիտի չվարանի այր հունտին էգն ալ (եթէ կը ներուի սա բացատրութիւնը) զետեղել ազնուական լեռնnրդիի մը սիրտին մէջ ու բեմ նետել Հաննա անունով աղջիկ մը, լեռներու մէջ կորսուած դդեակի մի պարիկ, որ իր կարգին պիտի խորհրդանշէ նոյն ոգիին միւս երեսը, այն բացարձակապաշտ թռիչքը, բոլորանուէր խոյանքը, որոնցմով մեր օրերու աղջիկներ, իրենց սիրածին ետեւէն, երազին ետեւէն, ոճիրին կամ մահուան կը վազեն։ Ու ասիկա աւելի ծանր կերպով, խաղին ներքին միութիւնը խորտակելու աստիճան անտեղութեամբ մը, « Հին աստուածներ »ուն մէջ, ուր աւազ դերակատար ներէն զատ պարզ մարդերն իսկ կը թուին թաթխուած նոր հեղանուտին։ Ո՞վ է, այդ խաղին մէջ, ան, որ նախ ըլլայ ինքզինք, սանկ պարզ ու իրաւ, ապա՝ բեմի որեարը։ Հարցուցէ՛ք դուք իրենց բառերուն տարողութիւնը այն աղջիկներուն, որոնք եղջիւրով գինի կը խմեն, ընդերկրեայ խնջոյքի մը սեղանին։ Հարցուցէ՛ք դուք ատիկա Ճերմակաւորին, որ կը բանայ « Հին աստուածներ »ը։ Հարցուցէ՛ք դուք ատիկա միգանոյշներուն, ջուրերուն, ալիքներուն, միշտ այդ խաղին մէջ։ Այսքան յաճախող սա կեցուածքը՝ ոգեղէնը պարտադրելու, բեմէն, թերեւս Լեւոն Սեղբոսեանի թատրոնին ամենէն ծանր տկարութիւնը պիտի կազմէր, եթէ թատրոնին պայմանները հարկադիր արգել` մը չըլլային անոնց սանձարձակ տիրապետութեան։ Ըսի, թէ ատոնք պահեր են խաղին մէջ, բայց այնպէս մը բաշխուած, դասաւորուած, որ կը տարածուին արարներու ամբողջ հասակին։ Երբ կ՚աւարտէք ընթերցումը Լեւոն Սեղբոսեանի վէպին, որոշ գոհունակութիւն մը ունինք այդ ամբողջէն արտածորող, որ ոգեղէն իրողութեան պարգեւն է մեզի։ Նոյն պարգեւը կու գայ ձեզի այդ մարդուն թատրոնէն։ Ու եթէ յոգնած էք դուք այն տափակ իրապաշտութենէն, գռեհիկ առօրեայէն, սուտ ու փուտ սրամտութենէն, որոնց տեսարանումն է Շիրվանզատէի թատրոնը, գրեթէ երախտագէտ զգացումներով պիտի հանդուրժէք Լեւոն Սեղբոսեանի թատրոնը, ուր այնքան սանձուած են իրապաշտ տիպարները, իրենց գռեհկութիւնը արժեւորելու փառքը խլուած իրենց ախորժակներէն։ Ճահիճ մըն է Շիր/334/վանզատէի թատրոնը իր բոլոր ոստումներով եւ ահակզակ գիշատիչներով։ Սարահարթի մը մէջ շնչելու բարիքը կու տայ մեզի Լեւոն Սեղբոսեանի թատրոնը։

բ. Ձգտում ։ Ըսի իմ մտածումը իր վէպերը տկարացնող, վիրաւորող սա տիրական ազդակին մասին։ Թատերական երկերուն մէջ կեանքին, շարժումին, արագութեան օրէնքները բարեբաստ ձեւով մը կը միջամտեն, որպէսզի հերոսները անտեղի զառածումը, ճապաղանքը կամ հռետորական ընդլայնումը խնայեն բեմին։ Ոչ մէկ խաղ մեր վրայ չըներ թէզի մը ճնշումը, իր մօտ։ Բայց ամէն խաղ, իրմէ, կը պարունակէ մարզեր, որոնք ձգտումի մը ձայնը, մարմինը կը կերպադրեն ու մեր մտքին մէջ, առանց ճիգի կը վերածուին գաղափարի։ Անշուշտ, Լեւոն Սեղբոսեան Իբսէն մը չէ։ Բայց իր խաղերուն մէջ, մանաւանդ համակրելի տիպարները բարձունքներու ուխտաւորներ են։ « Ճամբուն վրայ »ի իրերու այդ յեղափոխականը, որքան ալ անխնամ ըլլայ ձեւուած, որքան ալ անբաւարար ներկայանայ 1900–ի յեղափոխական միսթիքը մեր մտքին մէջ միանգամ ընդ միշտ սեւեռելու, մարդ մըն է, որ թեւեր ունի։ Նոյնն է պարագան « Եսի մարդը » խաղին մէջ Եւրոպայէն դարձող երիտասարդ յեղափոխականին, որ բարձրագոյն դատի մը համար հանդերձուած մարդիկը թէեւ դժուար կը տիպարէ, բայց կը տառապի ճիւաղի մը կողմէ պատահաբար իրեն ընձեռուած բարիքի մը բեռան տակ։ « Շղթայուածը »ին մէջ մարդոց ստուար մեծամասնութիւնը մարմնացած ձգտումներ են ( դարբինը, ներկարարը, թզուկները, հայրը, աստիճանաւորը, իշխան Պահլաւունին, Սաղաթելը, Նաղաշը, հարճը, կեանքին դեւը, յիշելու համար պատահակի անուններ)։ « Ինկած բերդի Իշխանուհին » նմանապէս «զտումներու բախում մըն է ա) կինէ կին, ը) եղբօրմէ եղբայր, դ ) դասակարգէ դասակարգ ։ Նոյնն է պարագան գրեթէ բոլոր միւս խաղերուն։ « Հին աստուածներ »ը լեգէոն մըն է մարդ-ձգտումներու։ « Կայսրը »՝ դիրքերու (որոնք գինն են ձգտումներու) բախումի։ Երբ ուզենք այս բոլոր հակամարտ կիրքերու, ախորժանքներու թոհուբոհը խտացնել, ունենալու համար ներկայացուցչական մարդեր, ուրիշ խօսքով՝ երբ փորձենք գաղափարաբանական վերլուծում մը (ինչպէս ըրինք վէպին համար) այդ գործը ոտքի նետող քանի մը տիրական մտայնութիւններու, մեր ճիգը պիտի չգտնէ համապատասխան արդիւնք։ Վէպին մէջ թէզին, ձգտումին լրագրական տարողութիւնն էր վրիպանքին պատասխանատուն։ Հոս՝ սեռին իսկ նկարագիրը, որ չ՚արտօներ կեանքը քիչ մը շատ ազատ ոտքերով զանցել ու անձնական ախորժակներ քաջալերել։ Թատրոնը /335/ զանգուածին ուղղուած գրական սեռ մըն է։ Չափազանց ինքնատպութիւնը վտանգ մըն է հոն։ Անիկա պարտաւոր է նկատի ունենալ հանդիսականը, որ վերջնական փորձաքար կը մնայ խաղի մը արժէքին։ Այդ է պատճառը, որ դժգոհները չեն բռնանայ բեմին վրայ։ Կան ԺԹ. դարու ձգտումնապաշտ թատրոնները, Տիւմա Որդիի, Իբսենի, Թոլսթոյի, Պէքի, Հաուբթմանի գործերը։ Բայց այդ հեղինակներուն հակառակութիւնները տղայութիւն պիտի ըլլայ համեմատութեան դնել այն քանի մը հարիւր հոգիի ամբոխին, որ մեր ժողովուրդին թատրոն սիրող, սնուցանող տարրն էր Պոլիս ու Թիֆլիս։ Այդ է պատճառը, թերեւս, որպէսզի Լեւոն Սեղբոսեանի վարկը իբրեւ թատերագէտ հեռու իյնայ Շիրվանզատէէն, որ այդ քանի մը հարիւրին մէջէն կշիռը ունի իրեն պաշտպան միջին։ Լեւոն Սեղբոսեանի խաղերը չեն գտներ ոչ միայն միջինը, այլեւ կը վտանգեն թատերական ճաշակը [2] ։

/336/ գ. Խորհրդապաշտ ախորժակներ: Որոնք անշուշտ անուղղակի հետեւանքներն են վերի զոյգ փարակաֆներուն մէջ վերլուծուած իրողութեանց։ Տեղը եկած է ճշդումը ընելու Լեւոն Սեղբոսեանի սա տիրական յատկանիշին՝ ձգտումնապաշտութեան, որով կը զատուի իր քերթողութիւնը արեւմտահայ բանաստեղծութեան միջինէն, իր վէպը՝ մեր ռոմանթիք ու իրապաշտ հանգանակներուն մեզի պարտադրած հանգանակներէն։ Մտնելէ առաջ հարցին խորը, պատրաստ եմ հաստատել, որ սա սէմպոլիզմը ինքնաբուխ տաղանդին իսկ խորքէն ինքզինքը կերպաւորող կերպ մը չէ մտածման կամ զգայութեան։ « Մնաք բարովի իրիկունը » շեշտօրէն իրապաշտիկ ու պոլսական հիւմորով տոգորուն խառնուածք մը կը պատկերէ։ «Ուրիշին համար» տրաման առաջին վէպէն տասնեակ մը տարի ետք լոյս տեսած է (չեմ դիտել ե՞րբ է գրուած), բարքերու շեշտ համ մը կը թելադրէ։ Ռւ խորհրդապաշտութիւնը մարդ չի սորվիլ։ Եղիայի սկսնակ ոտա/337/նաւորները ճակատագրօրէն կը մնան հաւատարիմ, իբր ոգի, արուեստի: պրիսմակ, ձեւ ու զգեստ այն խորունկ բեկումով մը ճարճատուն քերթուածքն, որ « Խօսք ընդ Աստուծոյ » վերնագիրը կը կրէ ու դրուած է իր իմացականութեան վերջնական խաարման մուտքերուն (1875–ին)։ Լեւոն Սեղբոսեան սորված է խորհրդապաշտութիւնը իր Եւրոպայէն։ Նոր չէ, որ չենք կրնար սորվիլ գրականութիւնը։ Մեր կրցածը շատ–շատ զայն սիրելն է (Կ. Լանսոն)։ Այնպէս, որ իր տաղանդին հիմնական մարմինին վրայ արտաքին պատուաստ մըն է անիկա։ Պիտի ըսէի, բոլորովին փոխառիկ ու օտարոտի, եթէ երբեք անոր երկրորդ պատանութիւնը չըլլար կազմաւորուած Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան, այսինքն արեւելահայ գրականութեան մայր առաքինութեան ծոցը։ Աակէ՝ բացատրելի իր ախորժանքը գաղափարային տարողութեամբ արուեստի ձեւերէ։ Բայց օգտապաշտութենէն դէպի սանձակոտոր սէմպոլիզմի « Շղթայուածը » անդունդ կայ։ Սե/338/րունդի մը կռնակը թերեւս երբեմն կամուրջ ծառայէ այդ ճիղճերը իրարու կապելու։ Բայց նոյն մարդուն մէջ։ Կու գամ այդ սորուած սէմպոլիզմը դատելու։ Անիկա կ՚երեւայ իր ահաւոր, անյարիր բռնութեամբը կործանելու գեղեցիկ յղացքը « Հին աստուածներ »ուն։ Անկարելի պատկերաշարքի մը կը վերածէ արիւնոտ, հզօրապէս իրաւ ողբերգականութիւնը դարերու բախումին Շղթայուածը »)։ Գէշ, դուրսէն, դաժան օտարութեան մը պէս կը խառնէ իր յաւակնոտ, խնդրական վարկը « Կայսրը » խաղին ամենէն թատերական տեսարաններուն ու Հաննայի, Օհան Գուրգէնի վաւերատիպ իրականութիւնները կը մշուշէ, կը տարափոխէ, գիրքի հերոսներու տրտում մաքիյյաժին: Չեմ ըսեր, թէ միջնադարեան աղջնակ մը գոց տուփ մը ըլլայ այն բոլոր ցանկութեանց հանդէպ, որոնք այնքան ընտանի են այսօրուան կիմնազիստ օրիորդի մը հոգիին համար։ Գիտեմ, որ երազը երազ է դեռ գիտութեան ծառին իսկ շուքին օրերէն։ Բայց միջին դարուն լեռնանիստ դղեակներու ծոցին աղջնակը ուրիշ երազ էր: Ու Լեւոն Սեղբոսեան այդ երազն է, որ կը ձեւազեղծէ, անոր տալով մեր օրերում նկարագիր, անյագուրդ, անգիտակից ըղձաւորութիւնը, /339/ որ մեր քաղաքակրթութեան այրումն է, խարանը՝ մեր տեղերուն սարուածին։ Այսպէս խօսելու չէր, իր դուռը զարնող ասպետին աղջնակ մը։ Նոյնն է պարագան Օհան Գուրգենի, որուն չեմ մերժեր իր Պէտքար լեռը, իր միսթիքովը, բայց կը մերժեմ այդ լեռը կանչելը, տեսարանի մը վրայ, ուր անիկա կիրքի թիրատ մը միայն պիտի թելադրէ, կայսր մը սպաննող, անոր կինը (որ այդ սպարապետը պիտի առաջնորդէ դէպի գահ, արգանդին ճամբովը), իր սիրուհին կուսանոց ճամբող քաղաքագէտի մը, դիւանագէտի մը ։ Պէտքար լեռը եւ վարչութիւնը, այսինքն ատոր գիտութիւնը ուրիշ աշխարհներ են, իրարու հակոտնեայ ըսուելու չափ։ Լեւոն Սեղբոսեանի խորհրդապաշտութիւնը անձերու յօրինումը այսպէս ազատելու միայն չի ծառայեր։ Անիկա կը միջամտէ մանաւանդ խաղին իսկ կառուցումին։ Սէմպոլիստ թատրոն մը չի վայելել պաշտպանութիւնը հոգեբանութեան, որ ներքին գործողութիւնը վառ պահող գերագոյն գիտութիւնն է ոեւէ մոտեռն թատերագրի համար։ Ու հոգեբանութիւնը իր կարգին ժանտ կիրքերու թնճուկէ մը կ՚առնէ իր ճամբան։ Տեսիլները իմաստ կ՚առնեն երբ մէկիկ–մէկիկ թնճուկին լարերը կը ջարդուին իւրաքանչիւրին հոգիին մէկ կողմը լուսաւորող։ Լեւոն Սեղբոսեանի մարդերը, բեմին վրայ, ատեն չունին իրենք զիրենք բանալու, պարզելու ։ Քովնտի զարկեր, հանդիպումներ, խուժումներ արգելքներ են այդ գերազանցապէս թրաժիք արարողութեան համար։ Ու կ՚ունենանք, արարուածի տեղ, իրարու կարկտուած կտոր-կտոր տեսարաններու շարք մը, ուր ամէն մտնող ինքզինք կը բերէ, ոչ մէկ անհրաժեշտութեան հպատակ։ Ու կը բերէ այն թեթեւ շարժումը, որ հիւրն է որեւէ հաւաքատեղիէ մը ներս, այսինքն րոպէկան ու ատով՝ բեռ։ Սէմպոլիստ թիրատները, մանաւանդ աւագ դերակատարներու ամենէն յուզեալ րոպէներուն, կը հասնին հակադիր արդիւնքի։ Ամենէն տաղանդաւոր դերասանն իսկ չի կրնար փրկել Վանահայրը, Աբեղան, վասնզի այդ մարդոց թատերականութիւնը կու գայ սէմպոլիստ բառամթերքէն։ Այս երկու մարդերը մեզի պէս իրաւ են, երբ կը խօսին իրենց լեզուն ու ատով համակրելի։ Կը պաղին, կը ստորանան, երբ կը խօսին հեղինակին բռնադրածը։ Բեմին վրայ սէմպոլը կը ստեղծէ այս դժբախտութիւնները։ Ասկէ զատ, ըսի, թէ կը միջամտէ խաղին կառուցումին։ Լեւոն Սեղբոսեանի երկու մեծ խաղերը՝ « Հին աստուածներ » եւ « Շղթայուածը » գինն են այս տեսութեան։ Առանց սիմպոլիստ յաւակնութիւններու, երկուքն ալ ստիպուած էին իրենց համար ճարելու օրկանիք ա՛յն միութիւնը, որ կը զգացուի միւս խաղերուն մէջ Կայսրը » յաջողութիւն մըն է այդ /340/ ուղղութեամբ։ « Ինկած բերդի Իշխանուհին » (երբ զեղչուի բնագրային հռետորութիւնը) բուռն, ռոմանթիք գործողութեամբ մը կը ծածկէ յղացքին վայրագութիւնը։ Անշուշտ դժուար է հանդուրժել հայր մը, բեմին վրայ, որ իր զաւակը կը հարկադրէ դղեակին պատուհանէն ինքզինքը վար նետել, պատժելու համար անոր մէջ ձգտումը, երազը ։ Բայց տիպարին դիւական ճշգրտութիւնը կը պաշտպանէ արարքին ճիւաղայնութիւնը)։ Վրիպած են, վասնզի սէմպոլիստ արձակութիւնը [3] յաւակնած է բաւարարել զանոնք։ Այդ սէմպոլիզմին մէկ ուրիշ անպատեհութիւնը՝ պարագայական ըլլալն է։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ մարդիկ զայն կը դիտեն, կը բեմադրեն որոշ պահերու, բառական յարդարանքներով։ Բանաստեղծական (գէթ անոր հռետորական կողմը) շնորհէ ոչ զուրկ այդ խօսքերը, իրենք իրենց ունին որոշ կենդանութիւն։ Ըղձանոյշներուն, դեւերուն, աղջիկներուն, երիտասարդներուն, երազներուն բերածով շղթայազերծ այդ սէմպոլիզմը պահեր միայն կը փոփոխէ, առանց փոխելու տեսարանին մթնոլորտը։ Այդ է պատճառը թերեւս, որպէսզի Լեւոն Սեղբոսեան գործած է բեմական բացառիկ թեքնիք, այն հրաշալիին մօտեցող զգայարանականութիւնը, որ մեր բոլոր զգայարանքներուն կը խօսի միեւնոյն ատեն։

դ. Թեքնիքին սա խնամքը, ըսի՝ արդիւնք եւրոպական մեծ բեմերու անոր յաճախանքին, 1900–ին տագնապն իսկ է թատրոնին։ Բեմադրումին (mise en scène) յարաճուն կատարելագործումը, բեմէն դուրս արուեստներուն ճաշակով ու ճարտարութեամբ շահարկումը բեմին համար (երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, նկար/341/չութիւն), տագնապը զարգացուց այն աստիճան, որ սինեմայէն առաջ արդէն թատերական գրականութիւնը ենթարկուեցաւ որոշ անկումի։ Մարդիկ թատրոն կը վազէին կիներուն միսերը, զանոնք rehaussé ընող արդուզարդը, ճոխ սրահներուն կահաւորումը, հինաւուրց պալատներուն շլացուցիչ փառքը վայելելու։ Բեմը կը դառնար կախարդական հանդիսավայր մը, ուր մարդիկ իրենց բոլոր զգայարանքներով կը մասնակցէին թատերական վայելքին։ Եւ որովհետեւ այդ վայելքին ամենէն նրբին, շաղփաղփուն տարրը մարդկային հոգիին տագնապը կու տար, այդ իսկ հանգամանքով ըլլալով դժուարահաղորդ, հանդիսատեսը քիչ–քիչ հրաժարեցաւ բնագրին թարգմանութիւնը կազմող խաղարկութիւնը հետապնդելէ, ինքզինք լքելով դիւրին, աժան վայելքներու, աչքին, մորթին, երեւակայութեան խօսող։ Փորձեր, այս վտանգը դիմաւորելու եղան արդարեւ։ Ֆրանսացիներուն ազատ թատրոնը (théâtre libre) զայրագնոտ հակազդեցութեամբ մը վերադարձ մը պահանջեց ԺԶ. դարու բեմէն, երբ տեսարանին վրայ գրուած տախտակ մը կը թելադրէր խաղին շրջանակը։ Այս դարը սկսող թատերական սա տագնապը հետզհետէ աղէտի մը ձեւը, համեմատութիւնը պիտի առնէ Եւրոպայի մէջ, գլխաւորաբար սինեմայէն հալածուած։ Լեւոն Սեղբոսեան մեր բեմին համար չգործադրեց անշուշտ զօրաւոր truc–ներ։ Բայց ձախորդ, նուազագոյն ճիգին թելադրածը ընդառաջեց, տեսարաններու թղթատումի մը (թող ներուի սա փոխաբերութիւնը) վերածելով արարուածներուն հոգեբանական կողմը։ Իր խաղերուն ընդոծին սա դիւրութիւնը Հին աստուածներ »էն առաջ ալ անոր տեսարանները իրարմէ անկախ թերթեր կը թուին ու չեն բացուիր իրենցմէ առաջինին ճնշումով, ինչպէս չեն պարտադրել իրենց յաջորդը) հեշտագին փութկոտութեամբ մը պիտի հեղգանայ սա սինեմայի վայել ազատութեամբ։ « Վարդով մարդը »ին մէջ Հ. Պաթայլ անգամ մը միայն կը գործածէ թատերական truc–ը, բեմին վրայ կիսաթմբիր դերասանին միտքը արտադրելու, հոն թաւալող կեանքը (որ լայնօրէն կը կրկնէ բեմը լեցնող տագնապը) ուրուատիպ թելադրելու հանդիսականին։ « Կայսրը », « Հին աստուածներ »ը, « Շղթայուածը », մանաւանդ վերջին երկուքը կանգուն են այդ արտաթատրոն կամ շատ բացառիկ հարուածներով (coup), ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիք։ Պատմեցի՞, թէ ի՛նչ դժնդակ տպաւորութիւն գործեց իմ վրայ խաղարկութիւնը « Հին աստուածներ »ուն, ուր խեղճ ու պատառ բեմական միջոցներ անգամ մըն ալ կը խորտակէին պատրանքը, որ կը մատնէր, թէ իր թիթեռնիկի նման անկայուն ոստոստումներով վիճակէ վի/342/ճակ, արգիլելով ասոնց անձնացումը, առանձնացումը, թէ դիտուածը, որ չէի կրնար այդ թիթեռնիկի թեթեւութիւնը պատշաճեցնել իր արժանապատուութեան զգացումին։ Կրնա՞ք մտապատկերել խեղճութիւնը տեսարանին, Պոլսոյ մէջ իրագործուած, ծով մը, ալեկոծութիւն մը, ծովը իյնալ ու խեղդուիլ մը թելադրելու կանչուած։ Անշուշտ թատերական պատրանքը կը լրացնէ պակասը, պայմանով, որ ստեղծուի։ Ու անիկա կը ստեղծուի դերասանով, որ իր կարգին կը ստեղծուի բնագիրով։ Ու Լ. Սեղբոսեան վիճակի տեղ բառ կու տայ դերասանին, որ կը տառապի ա) բառերուն բեռը թօթափելու, բ) անգոյ վիճակը կազմելու, գ) թատերական յուզումը գտնելու, դ) կեանքը վերակազմելու իրարմէ հզօր պարտքերու ճնշումէն։

Կը մեղադրեմ Լեւոն Սեղբոսեանը այն մեղադրանքով, զոր գաղիացիք ըրին իրենց 1900–ի թատրոնին արտաթատրոն միջոցներուն ընդդէմ։ Իմը անշուշտ նկատի ունի խոր, աններելի զանցառութիւնը սինեմայական միջոցներով տպաւորելու, որոնք հեղինակը անփոյթ կ՚ընեն հոգեկան տագնապներու processus-ը հետապնդելու։ « Օշին Պայլ »ը, իր ամենէն վերջին գործը, աւելի զգաստ է այդ միջոցներու գործածութեան մէջ։ « Շղթայուածը », որ անոր թատերական գրականութեան միջին կէտը կը կազմէ, փոխադրուած Մոսկուայի Արթիսթիք Թատրոնը, պիտի կրնա՞ր թելադրել այն զգայութիւնները, զգացումները, որոնք կը թուին խտացուած ըլլալ կցկտուր բառերու, թերի շարժումներու շարքերուն տակ։ Չեմ գիտեր։ Կարիք կա՞յ, այս առիթով, Լեւոն Սեղբոսեանի թատերական ըմբռնումը վերլուծման ենթարկելու։ Շիրվանզատէ իր բոլոր թանձրութեան հակառակ, գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ընէ [4] ։ Բաւ է դիտել տալ, որ Լեւոն Սեղբոսեան առանձնութեան մարդն էր, կեանքին ինչպէս արուեստին մէջ։ Ու /343/ թատրոնը հաւաքականութեամբ պայմանաւոր արուեստի ձեւն է ճարտարապետութենէն ետք։ Անշուշտ Լեւոն Սեղբոսեան կը հաւատայ կիրքերուն, առանց որոնց խաղ մը ցուրտ թեզ մը, ստերջ abstraction մը կ՚ըլլայ։ Կը հաւատայ մարդերուն, որոնք ընդունարանն են այդ կիրքերուն։ Բայց ամենէն շատ կը վստահի ficelle–ներուն, որոնք այս ու այն կիրքը կը պրկեն կամ կը թուլցնեն, այս ու այն մարդը կը քշեն բեմ կամ կը քաշեն անկէ։ Աճպարար մը չէ անշուշտ այս շատ պարկեշտ, լուրջ, իր ըրածին վրայ հպարտ գրագէտը։ Բայց է աւելի՛ն. ՄԻԱՄԻ՛Տ ՄԸ։ Այդ միամտութիւնը մենք տեսանք իր արտայայտութեան ուրիշ կալուածներուն վրայ։ Ան նորոգուիլ կարծեց, մեր քերթողութեան լուսիններուն, արշալոյսներուն, վերջալոյսներուն, զեփիւռներուն, սոխակներուն, ու ռոմանթիք նուազումներուն կամ իրապաշտ նանրութիւններուն փոխարէն սանկ պարզ, իրաւ պարկեշտ անձ մը լաստակերտելով, որ հաւատար քանի մը խորունկ բաներու ( Ինչո՞ւ կը գրեմ ը հաւատոյ հանգանակ մը կրնաք ընդունիլ) ու ինքզինքը բազմապատկէր այդ հաւատքին իսկ սիրոյն։ Անշուշտ մեր բանաստեղծութիւնը չտօնեց այս քիչիկ մը աղանդաւոր, տարօրինակ տաղաչափը։ Ո՛չ ոք հպարտ էր (գրողներէն) անոր տաղանդովը։ Բայց շատ շատեր երգեցին իր ոտանաւորները։ Ու ասիկա աւելի էր քան հակասութիւնը։ Անցան խենթութեան ոսկի տարիները անոր երիտասարդութեան վրայէն։ Երեւան եկածը ուրիշ միամտութիւն մըն էր մեր ընկերութիւնը բարեկարգելու նախանձախնդիր ասպետ մը, որ սուրի տեղ տիալոկ կը գործածէր ու գաղտնիքը ունէր իր վէպերուն անգործօն միջակութիւնը, չըսելու համար գաղջ տափակութիւնը անզգալի ընելու։ Անշուշտ կարդացին զայն, բայց չեղան հպարտ իր վէպերով։ Ու այդ գնով, նոյն կազմածներով ան իր մուտքը ըրաւ մեր թատրոնէն ներս։ Ի՞նչ ունէր ըսելիք մեր հասարակութեան։ Իր մենաւոր անձին երգը հինցած էր։ Իր բարենորոգչական ձգտումները իրենք զիրենք իրագործած էին իր վէպերուն մէջ։ Իր թատրո՞նը։ Ուրկէ՞ պիտի առնէր իր ներքին սնունդը։ Ողջ ըլլային տանիմարքացիները, գերմանները։ Անոնք տուին իր անձերուն այն plastique–ը, որով գաղափարները զգեստ կ՚առնեն մեր մէջ։ Ու մնացածը կարծես լեցնել իր տիալոկին բնատուր կենդանութեամբը։ /344/ Ու հոս էր ծայրակէտը այդ միամտութեան։ Գաղափար, բեմական բոլոր տիտղոսները, դերասանական բոլոր տուրքերը չեն, որ «ի վերուստ իջած ըլլան», այլ՝ մարդերու հոգին հագնիլը, զայն իրը ընելէ վերջ ետ տալը, հոգիին տագնապը թանձրացնել գիտնալը ։ Այս տարազները, մահկանացուներու լեզուով, կը վերածուին հոգեբանութիւն ընել կրնալու աստուածային արարքին։ Ասիկա ձրի պահանջ մը չէ իմ խղճիս պարտադրուած մեր թատերական գրականութեան։ Դէմ եմ եղեր Շիրվանզատէի թատրոնին, որ հոգիի անորակելի աղքատութեամբ մը վիրաւոր, օրինակ մը կ՚ըլլայ թատերական trucներով, ուշադրութիւն կապելու աճպարարութեան։ Յանուն անհորիզոն իրապաշտութեան մը, ան ներկայ իրին, անկանգնելի տափակութիւնը (կեանքին) համեմեց դերասանական (մարդոց համար ձեւուած են իր խաղերը։ Այդ վիպասանը թատերագրի վերածողները արեւելահայ դերասանները եղան բոլոր սրամտութիւններով, տեղական գոյնի ծաղիկներով եւ որ ի կարգին։ Ու չմտածեց, թէ « Ի սկզբանէ էր Բանն », հոգին։ Լեւոն Սեղբոսեան տարբեր ճամբով պիտի կրկնէր փորձը։ Փոխանակ ընթացիկ թեքնիքին, պիտի գործածէր եւրոպական սէմպոլիստ միջոցները, ու սինեմայի շահեկանութիւնը պիտի շփոթէր հոգիին ձգողութեան։ Չեմ երկարեր։ Շանթի թատրոնին հետ դրուած հարցերուն մէջ ամենէն տիրականը, ամենէն մնայունը մեր գրականութեան պարունակէն դուրս ընդարձակ սա ողբերգութիւնն է, գերմանական էրզացի սա տագնապը։ Արուեստի տեղ անոր նման, մօտ բայց զայն չեղող տարրերով արուեստ կեղծելը։ Ո՞րն է խաղը (բացի « Կայսր »էն ), ուր մեզի տրուէր հոգեկան տագնապ մը, մերկ ու ամբողջ, անձերէն ու պահէն չեմ ըսեր անկախ (ծիծաղելի պիտի ըլլար նման պահանջ մը), բայց անոնց ո՛չ ենթակայ, որ զարգանար, ինչպէս կը զարգանան մեր կիրքերը մեր ներսը. գրաւէր մեր հոգիին բոլոր դրութիւնները ու մեզ տրորէր, փոշիացնէր, կործանէր։ « Հին աստուածներ »ու Աբեղա՞ն։ Բայց այդ թշուառական տղան երիտասարդ իսկ չէ կրցած ըլլալ։ Իր տագնապին ամենէն զօրաւոր շրջանը ան կ՚անցընէ թմբրային, երազային ոլորտներու մէջ։ Անոր արթնութիւնը խեղճ ու պատառ վիժուկ մըն է անամբողջ վիճակի կտորներու։ Վանահօր հետ իր բախումը ի՛նչ դպրոցական տեսարան է։ Կոյր վանականէն իր փախուստը որքա՛ն մանկունակ։ Ու իր մահուան վազելը որքա՛ն սուտ, շինծու, իսկապէս թատերական, ինչպէս կը պատկերենք կեանքէն սա սուտ ու փուտ դերասանական ելոյթները։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ, երբ կը բաժնուինք թատրոնի շէնքէն, « Հին աստուածներ »ը մեզմէ առաջ շոգիացած է մեր մտքէն։

/345/ ե. Իր տիալոկը ։ Որուն նկարագիրը ո՛չ բեմական է, ո՛չ ալ վիպական։ Անիկա տարօրինակ կենդանութիւն մը կը պարզէ երրորդական, չորրորդական անձերու բերնէն նշան, թէ փոքր մարդերու տիրապետութիւնը Լեւոն Սեղբոսեանի մայր առաքինութիւնն է միշտ։ Ըսի ատիկա իր վէպերուն առիթով, ուր աւագ մարդոց անամբողջ կամ վարդապետական խօսակցութիւնը կեանք կը ստանար հոսկէ ու հոնկէ նետուած խօսքի կտորուանքներով, բայց որոնք արժանիքը ունէին նկարագիր բերելու։ Չէր կրնար միտքին, թեզին, քարոզին արտայայտիչը ըլլալ, աւելի մեծ օրէնքէն նեղուած, որ բեմը կ՚ընէ անընդունակ ճառ պարպելու կրկէսի մը դերին։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն ի՞նչ կ՚ըսեն սա մարդերը, երբ հինգ արարներու փոփոխակ տեսարաններու թաւալման, դէմ դէմի կը կենան։ Այս մարդերէն անաւագները միշտ իրաւ խօսքեր ունին իրարու հետ փոխանակելու։ Բաւական ծանօթ է պատճառը սա յաջողանքին, որպէսզի տարուիմ բացատրելու։ Այս մարդերէն աւագները երբեմն կը խօսին հեղինակէն իրենց սորվեցուածը, որ թէեւ թեզը չէ, բայց անոր մէկ վարիանտն է, սէմպոլով զգեստաւոր, բաւական հռետորեալ, միշտ բանաստեղծական հեղանուտէ մը անցած, որ կեանքէն կը պահէ հաշուեալ բացութիւն մը, հեռաւորութիւն մը, չըլլալով անոր ձայնը, բայց չըլլալով նոյն ատեն սնամէջ աղմուկը վէպերու ճառերուն։ « Ինկած բերդի Իշխանուհի »ին մէջ տրամաթիք վիճակներու պահուն մեզ յուզելու անկարող այդ խօսքը մեզ կը գրաւէ, երբ դուրս կու գայ իր զաւակը սպաննելու որոշումը արդարացնող հօր մը բերնէն։ « Օշին Պայլ »ը միջակ խօսքերու իրերահիւս շարադրութիւն մըն է։ « Հին աստուածներ »ուն մէջ քնարական, պարիկներու յատուկ բարեխառնութեան մը ընդմէջէն խօսքը յաճախ կշռաւոր գնացք մը կը ստանայ, երգին ու ձայնին մէջտեղուանքը բան մը։ « Շղթայուածը » վերէն վար անիշխանական խօսքերու տարափն է, որ կը տեղայ մեր վրայ խօսքեր, որոնք այդ րոպէին, այդ բերաններին կեղծ չեն անշուշտ, բայց րոպէ մը վերջ կը մեռնին, մինչ թատերական խօսքին ուժը իր ռեզոնանս ին մէջն է աւելի, հնչումէն անդին մինչեւ վար երկարաձգուող թրթռումին խորը, որով բառերը մեզ կը խենթեցնեն կամ կը կործանեն։ Զմայլելի տիալոկ մըն է « Կայսր »ի մէջ պալատական կիներուն բամբասանքը։ Բայց նոյն խաղին մէջ կուսանոց ղրկուող Կայսրուհին ջլդիկ կնիկի մը տափակութիւնը կը պարզէ, երբ կը փաթթուի ոտքերուն իր ձեռքով գահ բարձրացող ու կայսր հռչակուած զօրավարին ու զայն ողոքելէ յուսահատ, անոր վրան կը թափէ ջատուկ կիներու ծամոց անէծքները։ Բանաստեղծական ջեր/346/մութիւն կայ Հաննայի զառանցանքներուն, Աբեղայի բանդագուշանքներուն, ներկարարին Շղթայուածը ») բիրտ հռետորութեան, Հարճին Շղթայուածը ») ազազուն անկեղծութեան մէջ։ Ինչպէս կը տեսնէք, չունիմ կարելիութիւնը հոս յիշելու տեսարան մը, ուր մարդն ու կիրքը, զգացումն ու ասոր մարմինը, մտածումն ու անոր նուաճումը ըլլային գործադրուած (exécuté) անառարկելի ամբողջութեամբ մը։ Միտքէս չ՚անցնիր ֆրանսիական թատրոնին երրորդ կամ չորրորդ արարուածներու սոսկ ութերորդ կամ իններորդ տեսարանը (զոր իրենք crucial կը կոչեն), ուր խաղը ամբողջութեամբ կ՚ըլլայ խտացած ու գտած իր գագաթը։ Իմ պահանջս աւելի համեստ է։ Պիտի ուզէի յիշել ամէն մէկ խաղէ այն քանի մը տեսարանները, ուր հաստատէի խաղին տագնապը իբր առանձին գագաթ, որ զատուէր շղթայէն ու բացատրէր ինծի իմաստը կառոյցին։ Ուր բառերը քիչիկ մը դիմանային, գագաթին խստութիւնը նուաճելու համար։ Չկան անոնք։ Ու գաղտնիք չէ, որ բառական հռետորութիւնը նոյնքան խոտելի է նման արդիւնքներու ստացումին։ Հոս չեմ դներ հարցը բառերով քնարականութեան եւս, որուն շատ մը տեղ կը սպասարկէ Լեւոն Սեղբոսեան, հեռաւոր կարօտ մը գոհացնելու հասկնալի զիջումով մը, հին օրերու բանաստեղծէն, ընդմիշտ լռած թերեւս իր մէջ։ Բայց շահեկան է միւս տագնապը. ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս երկրորդ անձերու բերնէն իրաւ ու վերջնական դուրս եկող այս տիալոկը դառնայ խնդրական խօսք կեդրոնական անձնաւորութիւններու, երբ կանչուի արտաբերել փաթեթիքը, հուրքը, տագնապը։ Դարձեալ կը մեղմեմ իմ պահանջս, Լեւոն Սեղբոսեանէն սպասելու կէս ժամի վրայ երկարաձգուող այն բախումը, որ լման արարուած մը կը գրաւէ երբեմն, մոտէռն խաղերու մէջ, երբ զոյգը ստիպուած կը զգայ ինքզինք յօրինելու, իր հոգեկան, մտաւոր ու ֆիզիք լինելութեանց բարի շէնքերը քայլ առ քար հիւսելով, ունկնդիրին իսկ մասնակցութեամբը։ Բախում, որ բառերով միայն կրնայ մատուցուիլ դուրսին բայց հրաշքով մը կ՚ըլլայ թեւաւոր ձայն ։ Այնքան խորունկ, հզօր է կիրքը, որուն աքցանին մէջ կը բզկտուին ճիղճ սիրտերը մարդոց որդիներուն։ Քեսմեքերս, Պակիյլ, Լավտան, Պէրնշթայն, Հաուբթման ունին այս տեսարանները, որոնց մէջ տիալոկը գործողութիւն է համակ, առանց որ զայն արտաբերող մարդերը շարժում մը, ձեւ մը, կորանք մը արտօնէին իրենց մարմիններուն եւ Լեւոն Սեղբոսեանի տագնապը, այս իսկ դիտողութեամբ, կը վերածուի տիալոկէն դուրս անբաւարարութեան մը։ Ատիկա թրաժիքին իր հասկացողութիւնն է։ Վէպի վերլուծման մէջ ես դիտել տուի, թէ Լեւոն Սեղբոսեան դիրք էր բռնած /347/ ընդդէմ եղերապաշտութեան, որ արեւմտահայ վէպին, վիպակին ամենէն փնտռուած լուծումն էր։ Նման կեցուածք մը իր խաղերուն մէջ թէեւ ոչ պայծառ ու վճռական Ճամբուն վրայ » խաղը կը վերջանայ ատրճանակին դաւական բոմբիւնովը), Աբեղան ՝ ծովով կը թաղէ իր յիմար սէրը. « Ինկած բերդի Իշխանուհին » եղերական տեսարաններու դէմ տեսակ մը ախորժ ալ կը մատնէ։ « Շղթայուածը »ին մէջ մարդեր կը մեռնին։ « Կայսրը » իր յուզումնալից մէկ տեսարանը կը պարտի մութին մէջ կատարուած սպանութեան մը), բայց յաճախուն բարեխառնութիւն մը իբրեւ կը տպաւորէ։ Կեդրոնական կիրքի մը պակասի պատճառն է թերեւս սա գաղջ ոլորտին։ Կը մտնենք անոր ամէն մէկ խաղին մէջ, առանց գուշակելու, թէ ո՛ւր պիտի բացուին թեւերը մեր հետաքրքրութեան առագաստին։ Բաժան–բաժան տեսարանները, միշտ ինքնաբաւ, կ՚ըլլան անբաւական, երբ կը յարդարուին մեր միտքին մէջ, մեզի թելադրելու համար մայր տագնապը։ Գործողութեան հանդէպ սա հերետիկոս դաւանութիւնը կրնայ ակադեմական վիճաբանութիւն մը սնուցանել, պայմանով, որ խաղէն դուրս տեղի մը վրայ, դատարանի կամ լրագրի մէջ կատարուի։ Լեւոն Սեղբոսեան յառաջաբաններ չէ կցած իր խաղերուն, ինչպէս կ՚ընեն երբեմն օտար մեծ հեղինակները, իրենց գրական հասկացողութիւնը, դոկման բացատրելու գուցէ աւելորդ փոյթով մը։ Ասիկա արհամարհելն էր իր ժամանակը։ Չունիմ առարկութիւն, պայմանով, որ գործը ինքզինք պարտադրելու մէջ վկայէր այդ արհամարհանքը արդարացնող ուժէն։ Աներկայանալի « Օշին Պայլ »ը երբ կիսատ-պռատ դերասաններու ձեռքերուն մէջ դիտապաստ կործանեցաւ Պէյրութ, արեւելահայ անուանի քննադատ մը անկէ մեզի պատմութեան դասեր փորձեց ձեւել։ Գիտէ՞ր, թէ ինչ կ՚ընէր այդ շատ հասկնալ կարծող մարդը, երբ անգամ մըն ալ խաղացուէր խաղը, վասնզի Լեւոն Սեղբոսեանի նուազագոյն հոգը կազմեց պատմութիւնը, այսինքն օտար ռոմանթիք վերարտադրութիւնները։ Իր այն խաղերուն մէջ, որոնք մեր ժամանակներէն դուրս կը մնան, Լեւոն Սեղբոսեան միշտ ու միշտ յաւակնած է մարդկային յաւիտենականը (արու եւ էգ) հետապնդելու։ Իր իրաւունքին մէջ էր ատիկա։ Բայց իր պարտքերուն տիրականը՝ պարզ, իրաւ, խորունկ տագնապ մը մեզի հաղորդ ընելը պիտի ըլլար։ Տագնապ, որ դրուէր առաջին տեսարաններէն իսկ ու աստիճանական զարգացումովը նուաճէր մեզ։ Եթէ չենք ձգեր Լեւոն Սեղբոսեանի խաղը արարներուն իսկ կէսին, ու հեռանալ զայրագին, ատիկա արդիւնք է ոչ թե կտոր–կտոր գործողութեան մը չունեցած ձգողութեան, այլ խաղին երկրորդական, չորրորդական /348/ ազդակներուն տէքոր, ելեւմուտ, սինեմա ։ Ասոնցմէ է անշուշտ տիալոկը։ Ասոնցմէ է ամենէն շատ տեսարաններու բնազդ մը, որ դարձեալ արուեստին հետ շատ պարկեշտ աղերս մը չունի, քանի որ շատ անգամ յաջողութեամբ կը հակակշռէ տաղանդը, ասիկա տապալելով իսկ երբեմն։ Եղեք իրաւ վիպասան, բոցաճաճանչ քերթող, ձեր տաղանդը պիտի պաշտպանէ ձեզ վէպին ու բանաստեղծութեան մէջ ու պիտի մատնէ ձեզ չարաչար, եթէ երբեք չէք զարգացուցած ձեր մէջ աշխարհիկ սա բնազդը, որ տեսարաններու զգայարանքը կը կազմէ եւ է այնքան անհրաժեշտ թատերագրին համար։ Տիւմա (Հայրը) իր սրահները ներկայացումներուն միշտ լեցուն կ՚ունենար, առանց տաղանդի, հոգեբանութեան պաշտպանութեան։ Ֆլոպէր, թերեւս հոգին խորունկ ճանչցողներէն մէկը, ողորմելի անկումներ արձանագրեց բեմին աշխարհէն։ Ուրիշ չէ եղած բախտը Հիւկոյի։ Մեր մէջ տուէ՛ք սա զգայարանքը Թլկատինցիին ու դուք պիտի ունենայիք մեծագոյն թատերագիրներէն մէկը մեր գրականութեան։ Ունկնդիրը բեմին կապող սա տիրական շնորհը անշուշտ պէտք չէ շփոթել Լապիշի, Սարտուի եւ ուրիշ աճպարարներու (կրնամ անունը տալ, այս մարդոց քով, Շիրվանզատէի) արուեստականութեան (artifice): Ծանօթ են ձեզի տրտմութիւնները, աւերումը բեմական չուաններուն, truc–ներուն, որոնց հանդէպ Լեւոն Սեղբոսեան որոշ զիջում մը անարժան չնկատեց, երբ իր մարդերը բեմ բերաւ ու հանեց անկէ, առանց հարկեցուցիչ զսպանակներու։ Բարդեցէ՛ք սա անպատեհութեան վրայ տեսակ մը հեռամշուշ exotisme: Լեռներու սիրտին մէջ ռոմանթիք քարայրներ չեն վախցուցած զինք, քանի որ արդի բեմադրական ճարտարարուեստը պիտի հասնէր օգնութեան, այդ մարզին վրայ ու երեւակայութեան վրէպը պիտի դարմանէր սինեմայի վայել դիւրութիւններով։ Աւելի՛ն. չէ վախցած այդ քարայրներուն մէջ տեսիլներ սարքելու եւ դեւերը մղելու քնարերգական զեղումներու։ « Շղթայուածը » « ելանէ ի հեքիաթէ եւ առնու ի թեզէ », եթէ կը ներուի սա մերձեցումը։ « Հին աստուածներ »ը իր անյարիր գործողութիւնը կը կարծէ պաշտպանել féerique վերնաշխարհով մը կամ սաթուռնական ստորաշխարհով մը, մէկէն միւսը կամուրջ կազմելով ըղձանոյշներու, կիւսերու միսերով։ Ընդերկրեայ քարայրներու խորը խնջոյք։ Ինչո՞ւ չէ, քանի որ ատիկա փաստն էր հին աստուածներուն յաւիտենական իրականութեան։ Բայց ի՞նչ հարկ գետնին տակը քաշուելու, հանդիպումը ընելու համար այդ թշուառութիւններուն։ Աստուածները երբե՛ք չեն հինցած, որպէսզի նորոգուին։ Անոնք են այն, ինչ որ էին, երբ առաջին անգամ թռան մարդոց դժբախտ ուղեղներէն /349/ ու, վամպիրներու նման, էրիննի ներու նման երբեք չեն ձգած անոնց արտաքին եւ ներքին աշխարհները։ Կրօնքները այդ տրաման կերպագրող գրութիւններ են հիներուն մօտ։ Ու դժուար է հաւատալ, թէ մարդը որեւէ չափով նոր իսկութիւն յաջողած ըլլայ ընդունիլ, իր անկանգնելի թշուառութիւնը ամոքելու։ Երկու հազար տարի է ահա կը տառապինք, մեր մէջ տիրական հինը, գազանը, Թէնի նկարէն բացատրութեամբ՝ կորիլլան զսպելու։ Ու 1940–ին միլիոններ, ամէն մեղքիս վրայ երիտասարդ, կը սպաննեն ուրիշ միլիոններ նոյն սառնութեամբ, անգթութեամբ, անասնութեամբ, որոնք պարզ, բնական իրողութիւններ էին քարայրներու դարաշրջանին…։ Տեսարաններու բնազդը չեմ դատեր, դատապարտել Լեւոն Սեղբոսեանի մօտ։ Կը գոհանամ դիտել տալով, որ հայ բեմ մը, մեր արդի պայմաններուն մէջ, անկարող է յաղթահարել ներկայացումը « Շղթայուածը »ին։ Այն ատե՞ն։ Ինչո՞ւ որոշներու այլ մղձաւանջային քաոսը, որ ո՛չ խաղ է, ո՛չ կեանք, ո՛չ գրութիւն, ո՛չ ալ իմաստասիրութիւն։ « Յաւիտենականին համար », թերեւս պատասխանէր Կոստան Զարեան, որ քրոնիկին ու իմաստին գաւիթներուն առջեւ փորձեց, ինչ որ Լեւոն Սեղբոսեան յաւակնած էր լինել « տախտակներ »ու աշխարհին վրայ։ Բայց ինչո՞ւ մոռնալ, որ յաւիտենականս ճճի, աղկաղկ, ֆանթասթիք տեսնելու հաւաքածոյ մը չէ, մատչելի առաջինն յաւակնողին։ Ըսի, թէ Լեւոն Սեղբոսեանի խաղը բերանփոխ մըն էր արեւելահայոց համար։ « Հին աստուածներ »ը օգտագործեց այդ տրամադրութիւնները։ Չեմ կարծեր, որ բեմին դիմանան « Եսի մարդը », « Ճամբուն վրայ » տրամաները, այնքան պարագայական է անոնց ֆապլիան ու այնքան նիհար՝ խաղ մը ապրեցնող սրբազան աւիշը անոնց ներսը։ Միջակ դերասաններու բերնէն « Ինկած բերդի իշխանուհին » թշուառութիւն է։ « Շղթայուածը » չի կրնար բեմադրուիլ։ « Օշին Պայլ »ը այլապէս աններկայանալի։ Կը մնայ « Կայսրը », ուր բեմականը բարեբախտ կերպով մը քիչ կը միջամտէ տագնապին։

զ. Կը մնայ խօսիլ այլ թատրոնը լեցնող մարդոց վրայ, որոնք կը տարբերին կեանքին միջինէն, այսինքն թատերական յօրինուածքին մայր օրէնքին ընդդէմ կը քալեն։ Ըսի, քանի անգամներ, թէ անոնցմէ անոնք, որ անկարեւոր դերեր միայն ունին կրելու կենդանի, իրաւ, առնուազն միջին արարածներ են (յիշեցէ՛ք իր վէպերը), որոնց արժանիքը չի սահմանափակուիլ իրենց միջնատիպար վաւերականութեամբ միայն։ Անոնք, առանց հեղինակին իսկ գիտութեան, ու թերեւս ի հեճուկս անոր, կը կազմեն միակ հաստատ խմորը մարդկեղէնին, իրական տարրը ՝ միգամածային այդ կառոյցներուն մէջ, /350/ որոնք լաստակերտուած են քիչ մը ամէն բանով երազ, թեզ, ձգտում, բանդագուշանք, իմաստասիրական անդաճմունք, զգայախաբութիւններ, կիրքերու simulacre, մարդու փշրանքներ, գրականութիւն, բեմական truc–ներ, չուան ու փոշի, տէքոր եւ ֆէըրի, հեքիաթ ու իրապաշտութիւն ։ Այդ թատրոնին մէջ, դժբախտ հերոսներ, անհայտանալու, ցնդելու մշտապատրաստ, տրտում պաշտպանութեանն են վստահուած terre a terre միջակներուն, որոնք ո՛չ միայն չեն վիրաւոր Լեւոն Սեղբոսեանի մայր մեղքովը, սէմպոլիզմով, այլ պարկեշտ ծառայութիւն ալ կ՚ընեն աւագներու վրայ ուռճազարդ աճող սէմպոլին մակաբոյծ կէսն ալ մեղմելու։ Անոնք ազդանիշներու կը նմանին, տրուած խաղերուն երկայնքին, իրականութեան ափունքները թելադրելու նախ դերակատարներուն, երկրորդաբար հանդիսատեսին։ Անոնք նոյն ատեն փոքր խտութիւններ են, իրենց մարմիններուն ծաւալէն աւելի թելադրանքով մը երբ ողջմտութիւնը, կեանքին իրական իմաստութիւնը, նկարագիրներուն ու կիրքերուն ծիծաղելին կը թանձրացնեն, ամենէն հերարձակ խոյանքներուն քովն ի վեր, սանձելով այսպէս խաղին խուժումը դէպի սահանքները բանդագուշանքին, փրաթակոնիստներուն անտեղի գերագրգռութիւններուն սահման մը յարդարելով։ Հոս գուրգուրանք ու գնահատանք միայն ունիմ արձանագրելու Լեւոն Սեղբոսեանի բոլոր երկրորդական մարդոց հասցէին, իրենց պարզ մարդկութեան հաշւոյն։ Բայց իմ տրամադրութիւնը կը փոխուի եւ շատ, երբ կը մօտենամ աւագներուն, անոնց, որոնց ուսերուն դրած է Լեւոն Սեղբոսեան իր իմաստասիրութիւնը, իր բարձր ցանկութիւնները մեզի ցուցադրելու պաշտօնը։ Ու ասիկա կը ստեղծէ այդ թատրոնին գերագոյն տագնապը։ Թերեւս անծանօթ էք օրէնքին, որով կ՚որոշադրուին թատերական անձնաւորութիւնները։ Անցեալին մէջ (հին թատրոնը ԺԶ., ԺԷ., ԺԸ. դարերու երկեր ու առաջին կէսը ԺԹ. դարուն) անոնք կամ ողբերգական են (tragique) կամ նկարագիրներ: Իբր այդ իրենց հոգեբանական խառնուածքը կ՚իրագործեն խաղին տալով իր տարողութիւնը։ Առաջին իսկ տեսարանին Իդիպոս Արքան ողբերգական, ճակատագրին դարբնուած թշուառութիւն մըն է ու մեզ պիտի յուզէ իր դժբախտութեանց կարաւանը վարելու իր բարձր իմաստութեամբը։ Առաջին իսկ տեսարանին Սիտը նկարագիր մըն է, որ խաղին զարգացման երկար իրադարձութիւններուն դէմ, մէջ պիտի պահէ ինքզինք ու խաղը պիտի կերպադրէ իր նկարագրին իսկ հնոցին մէջ, եթէ կը ներուի սա տարօրինակ փոխաբերութիւնը։ Բայց Հ. Պաթայլի, Պէրնշթայնի, Քեսմեքերսի խաղերուն մէջ դրութիւնը շտկուած է յաճախ։ Հոն /351/ մեզի հրապոյր ազդողը մարդ տարրին մեր աչքերուն իսկ առջեւ փոխակերպումն է։ Արարուածին սկիզբը իր ամուսինը ատող ու տունէն փախելու պատրաստ կինը ( Սամսոն, « Փարափը »՝ Պէրնշթայնի խաղերէն) խաղին վախճանին կ՚իյնայ իր ամուսինին գիրկը, նուաճուած հոգեկան մեծութեան փաստերէ կամ կեանքին դաւերէն. մեր խանդաղատալից հիացումին յանձնելով փշրանքները իր անդրանիկ անձնաւորութեան ու մեզ ամրօրէն տպաւորելով իր աւարտած անձին ո՛չ թէ խորհրդանշանովը (որ վտանգաւոր երազ է թատրոնին մէջ), այլ մարդկայնութեան բարձրագոյն պատգամովը պարագայ, որով թատրոնը քիչիկ մը աւելի կը մօտենայ մեզի, զանգուածին միջինին, որ թերեւս համադրութիւնն է միջակութիւններու։ Փոխադրեցէ՛ք ձեր մտածումները Լեւոն Սեղբոսեանի թատրոնը կազմող աւագ անձնաւորութեանց։ Ի՞նչ կը պատմեն այդ մարդերը։ Ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանին։ Որքանո՞վ կը թարգմանեն մեր ընկերութիւնը (Հայ) յուզող խոշոր հարցերը։ Ինչո՞ւ գրուած է Շանթի տրաման։ Հո՛ս է, որ կը դնեմ այս հարցումները, նկատելով, որ թատերական անձնաւորութիւնը (բարձրը) այն միակ տարրն է, որ տրամադրուած ըլլայ հեղինակին, այդ ամէնը արտայայտելու։ Վէպին էջերը, իրենց լայնութեամբը, արձակութեամբ, միշտ ալ միջոց մը պիտի ճարեն վիպողին իր ցանկութիւնները իրագործելու, ժամանակի ընթացքին։ Թատրոնը չափուած գետին մըն է ու մանաւանդ չափուած ժամանակ մը։ Չես կրնար տիալոկին ապաւինիլ, տրուած ըլլալով վտանգը, որ կը ծնի երկարող խորքէն։ Բեմին վրայ, ամենէն սահուն, յորդորուն, ճարտար, խնամուած խօսքը, արտասանուած ամենէն մշակուած կոկորդէն, պաշտպանուած ամենէն զուսպ, կոկ, շնորհալի միմիքէն կամ ձեւերէն (geste) մեզ կը յոգնեցնէ նոյնիսկ հինգ վայրկեանէն։ Չես կրնար տեսարաններուն զանազանութեանը, ուժգնութեանը, երազայնութեանը, քաղցրութեան կամ սարսափին վստահիլ, քանի որ տեսարանի մը միջին կեանքը դարձեալ չ՚անցնիր հինգ րոպէն։ Ու ասիկա այսպէս բոլոր այն միջոցներուն համար, որոնք վէպին մենաշնորհն են։ Կրնաս Ճէյմս Ճոյտի երկու հարիւր էջը անցնող dialogue intérieur–ը Ոդիսեւս ») կարդալ հետզհետէ աճեցուն շահագրգռութեամբ։ Այս փաստերը թերեւս կը նպաստեն լուսաբանելու թատերական անձնաւորութեան հետքին իսկ տարողութիւնը, այն տարօրինակ խտութիւնը, որ կը ճնշէ, հակակշռելու չափ միւս բոլոր տրամադրութիւնները դէպի տափակը, աղկաղկը կեանքին պարզ միջինին։ Այս տողերը կարդացողը թող բերէ իր մտքին առջեւ կարաւանը մարդոց (աւագները), որոնց վստահած է Լեւոն Սեղբոսեան գրեթէ ամէն /352/ բան, ու ասոր հետ նաեւ արուեստագէտի իր խղճմտանքը (բառին զոյգ առումներն ալ կը դնեմ անկէ ներս)։ Պիտի ներկայանան, ամէն մէկ խաղէ կարկառի հանուած զոյգեր, երբեմն կրկնազոյգեր։ Բայց ի՛նչ դժուարութեամբ է, որ միտքը պիտի յաջողի մերձաւոր պարզեցում մը, տիպարայնացում մը պարտադրել անոնց, վասնզի՝ ամէն խաղի միջուկ տարրերը, այնքան իրաւ ու իրական, ամէն րոպէ շփոթութիւն կը ստեղծեն, իրենց կենդանութիւնը արձակելով աւագորեարին փչուած խորհրդավորութեան դիմաց։ Կ՚ընտրեմ ամենէն լաւ կառուցուած խաղը, « Կայսրը », ու կ՚անցնիմ քննութեան անոր աւագորեարին։ Միակ դէմքը, որ ինքզինք հարկադրէ մեզի իբրեւ թատերական անձնաւորութիւն, անկասկած Կայսրուհին է։ Չեմ պատմեր։ Բայց պարտաւոր եմ յիշեցնելու, որ այդ բան տիրական անձնաւորութիւն մը ստիպուած է ամէն արարի իր անձին կամ խորհուրդին ոգետարրովը ինքզինք ընել զգալի, եթէ ոչ անխուսափելի։ Ու դժուար է հաւատալ թեքնիքին, որ պիտի արտօնէ կոտորակումը այլ անձնաւորութեան, զայն դնելով արարներէ ոմանց մէջ, զայն մերժելով ուրիշներու։ Երկրորդ տիրական դէմքը [5] այդ խաղէն, Հաննան, որուն եթէ պատռենք սէմպոլիք շղարշանքը, մենք կ՚ունենանք սանկ զօրաւոր խառնուածք մը։ Բայց որուն տեղը ո՛չ թէ սահմանագլուխի դղեակն էր ըլլալու, այլ պալատին իսկ կեդրոնը, Կայսրուհիին աչքին առջեւ, որպէսզի պայքարին էգ երեսը տանէին, ամուր ու կորովի, իրենց հրայրքովը լեցնելու համար բոլոր արարները ։ Այնպէս, ինչպէս բաշխուած են անոնք խաղին մէջ, անոնք պարտաւոր են հեղինակել իրենց հասցուած տկարութիւնը դարմանել աշխատիլ։ Թէոֆանոն պիտի ողբերգանայ, իրաւ է, բացառիկ բարձ/353/րութեամբ քանի մը տեսարաններու մէջ։ Բայց զուր վատնումի մը ճակատագրական կորանքովը։ Հաննան պիտի վսեմանայ, իր դղեակին խորուն ճամբու դնելով դէպի փառքը բոլոր ասպետները կիներէն երազուած, ու պահելով իրեն ինքզինք միայն, մեր օրերու ախտաւոր սնոպի մը տրտմութենէն ալ չվախնալով։ Ու մարդ կը հարցնէ, ի՜նչ էր գործը այդ աղջկան, սա խաղին հանգոյցներուն։ Սէմպոլին յաճախա՜նքը։ Տխուր է անշուշտ սա պատասխանը։ Բայց իրական ըլլալէ չի դադրիր։ Կիներու շքախումբէն սա երկուքին վճռական շէնքերը իրենց բարդ ու խնամուած, խորհրդապաշտիկ տարողութեամբը անշուշտ չեն զօրեր խաղը կերպադրելու։ Հաննան շուք մըն է, գողտր երազ մը, ուրուական մը որ կ՚երեւայ ու կը քաշուի բայց տարօրինակ դերովը խաղին իմաստասիրութեան կէսը պարզելու։ Այս իմաստասիրութեան միւս կտորները մենք պատրաստ ենք փնտռել ուրիշներու լեարդին մէջ (հիներ զուր չէ որ կը պրպտէին զոհերու ընդերքը)։ Այսինքն փակեալ սէմպոլները, որոնք խաղին համար ճարուած ըլլալով հանդերձ, Լեւոն Սեղբոսեանի փառասիրութիւնը կազմեցին, անդրանիկ վէպերէն իսկ։ Ու կը հարցնենք. Ո՞վ է այդ Կայսրը, ինչո՞ւ այդքան անաւարտ, աղկաղկ, անյարիր թշուառութիւն մըն է։ Իսկոյն մեր մտքին ներկայանան պիտի խումբ-խումբ գետնաքարշ այն արարածները, որոնք, մեր յիմարութեանը իբրեւ փառահեղ քանդակ, մեր կռնակներուն վրայէն պիտի բարձրանան ու բազմին իրենց գահոյքներուն, իրենց մարմինները ծիրանազարդած, անոնցմէ վար, դուրս, իրենց մեղքերը պարարելու պիտի սահմանեն, հաւատացնեն մեր կողմէ իրենց զիջուած այդ փառքին, մեր վախերուն, նանրամտութեան դարաւոր փաստերը փոխանցելու համար իրենց յաջորդներուն. ու ասիկա՝ սանկ քանի մը բիւր տարիներէ ասդին։ Կեսարները բոլոր դարերուն ու բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք շատ անկշիռ բացառութեամբ մը, միշտ յիմարութեան վերեւ իրենց սարդի փորը ոստայնած, խաղալիքը պիտի ըլլան անհակակշռելի կիրքերու ու զիրենք շրջապատող աւելի կամ նուազ իմաստուն աղուէսներու։ Լեւոն Սեղբոսեանի խաղին մէջ անկշիռ անձնաւորութիւն մըն է Կայսրը: Հեղինակը դիտումնաւոր, թէ պատահական անզգածութեամբ մը, այն կարծես նախասահմանած է իր ողբանուագ ոչնչութիւնը ընդքարշ ածելու խաղի ընթացքին ու կիներէ խաբուելու մարդկային իր դժբախտութիւնը պիտի պսակէ իր պահակներէն, զօրավարներին, ներքինիներէն ալ խաբուելու ճակատագրով։ Հարցուցէ՛ք այդ մարդուն, թէ ինչո՞ւ յիմար է այդ աստիճան. կնոջը դաւադրութեան փաստը իր ծոցին ունենալէ յետոյ, հաւատալու անոր թատերա/354/կանութեան ու անոր յարկաբաժինէն իրը քաշուելու, հոն խղդուելու համար այդ կնոջմէն վարձուած բազուկներէ։ Չի բաւեր ճակատագիրը, պատասխան մը ճարելու սա յիմարութեան։ Չեմ անդամազններ այդ մարդը։ Ազնուական մըն է, հին դարերու ապրանք, որ կը տառապի մեր ժամանակներու քանի մը յատկանիշներ ալ ստանձնելու (Լեւոն Սեղբոսեան անողոք է այս մարզին վրայ, իր բոլոր անձնաւորութիւնները զգեստաւորելու իր այս ու այն դիտումներով)։ Մեծանուն տոհմի, բանակներու հրամանատար, կայսր դնող ու վար առնող։ Զինքը պիտի կանչեն Արեւելքէն Պոլիս պալատին կիները, պիտի առնեն իրենց մահիճը, դուրս նետելու համար կրկին ուրիշներու հաշւոյն։ Պալատական դասերու վատառողջ պատկերացում մը չէ անշուշտ խաղին նպատակը։ Լեւոն Սեղբոսեան միշտ աւելիին ձգտած է։ Այն ատե՞ն։ Ինչո՞ւ այդ մարդը։– Որպէսզի ցցուի, փառակերտուի միւսը, ան ալ զօրավար, մօտէն ընկեր ու գործակից առաջինին։ Օհան Գուրգէն անունին տակ մէկ ու նոյն սա տիպարին կրկնաւորումը անշուշտ սրբագրումի փորձ մը չէ առաջինին։ Ան ալ սէմպոլ մըն է ու իբր այդ ենթակայ անգայտանալու: Լեւոն Սեղբոսեան հետաքրքրական տիպար մըն է գրագէտի մը, որ ունենար մեծ երազներ, յամառօրէն հետապնդէր նուաճումը ասոնց, վէպով, խաղով, ու մնալ մշտապէս դժգոհ իր նուաճումէն, քանի որ երազին կերպադրումը գործը միշտ կը խուսափէր մտապատկերին կատարելութենէն։ Օհան Գուրգէնն ալ կեսար մըն է, բայց ժամանակակից գանկով մարդ մը, որ ըլլար Իբսէն կարդացած ու ներկայ եղած « Ջրասոյզ զանգակը »ին։ Չեմ մեղադրեր այս մարդուն՝ իր զօրաւոր ձգտումները։ Կը մեղադրեմ անոնցմով պարծենալը, զանոնք ցուցադրելու իր մենագարութիւնը։ Թատերական է քանի մը անգամ, խաղի ընթացքին։ Ու ասիկա՝ առանց չուանի: Մեղք որ այդ թատերականութիւնը ըլլայ այսպէս պատահակի։ Խաղին երկար իրադարձութեանց ընթացքին անոր անձը անվաւեր խորհուրդ մըն է միայն։ Ինչո՞ւ ըլլային սա ոճով յօրինուած այս մարդերը։ Ինչո՞ւ խաղը ամբողջ չկրէին աւագները ու մեր ուշադրութիւնը պահուած չունենային, մշտապէս, իրենց տագնապին։ Այս երկար դիմանալու կարողութիւնը անշուշտ անոնք պիտի շահէին շատ աւելի խոր, բարդ, մշակուած ուժերու շաղախէ մը անցընելով իրենց հում կամքերը, ջիղերը։ Բայց այս թերութիւնը անձերէն չի բերեր։ Ատիկա Լեւոն Սեղբոսեանի թատերական ըմբռնողութեան ներքնատարր, անվերածելի հանգանակն է։ Իր վէպերուն մէջ, մարդերուն իր ճիղճ անբաւականութիւնը դարմանելու համար, ան օգտագործեց թեզն ու /355/ տիալոկը։ Իր խաղերուն մէջ, նոյն տկարութիւնը դարմանելու դերը ան պիտի վստահի տեսարանին, սէմպոլին, վարագոյրներուն, չուանին ։ Կարճ ու կատարեալ մարդուկն է Վասիլ Լիւպէնը, միշտ « Կայսրը » խաղէն։ …Անձնաւորութեանց սա զննութիւնը, իր մեծ գիծերուն մէջ, գործածելի է Լեւոն Սեղբոսեանի բոլոր խաղերուն համար։ Ու եզրակացութիւնը մշտապէս նոյն։ Փոքրերուն իրաւութեան դէմ աւագներուն սէմպոլիստ դատողութիւնը։ Ու երբ կը նստիք գումարի, ըսել կ՚ուզեմ՝ երբ այդ ութը խաղերը լեցնող մարդերը կը փորձէ դասաւորել, անոնց ետին տեսնելու համար ինչ որ մտայնութիւնը, գոյութեան պատճառը (raison d'ê'tre) կազմեց անոնց բեմ հանումին, դուք պիտի տառապիք ձեր պաշարող դժուարութեանց մէջ։ Շիրվանզատէի թատրոնին ընկերութեան մը տրուած մէկ շրջանը, անոյշ մտայնութեան որոշ տախտակները, զայն յօրինող կիրքի ու հոգեղէն կողմերու որոշ հանդէս մը, ի վիճակի ենք միշտ արձանագրելու, այլ մարդուն հաստ հասկացողութեան, անթռիչ իրապաշտութեան, տափակ իմացականութեան մեղքերը հակակշռելու գրեթէ բաւող։ Լեւոն Սեղբոսեանի թատրերգութիւնները, անհատապաշտ շեշտ ախորժանքով, սէմպոլիստ յաւակնութիւններով, ապագայապաշտ ցուցմունքներով, հազիւ թէ մեզի թելադրեն ընկերութիւնը, ընկերութիւնները, որոնցմով բխած կամ որոնց ուղղուած ըլլալու էին անոնք։

է. Պիտի չծանրանամ Լեւոն Սեղբոսեանի կեցուածքին, ժամանակակից կամ մեր պատմութեան ընդհանուր հոլովոյթը շահագրգռող հարցերուն դիմաց։ Ըսի այդ մասին բաւարար բան, որոնք անոր թեզը, ձգտումները կը ջանային համադրել։ Վէպերէն աւելի դժբախտ են անոր խաղերը, այս գետնին վրայ, ոչ անոր համար, որ Լեւոն Սեղբոսեան ինքզինքը առանց վերապահութեան ըլլայ ենթարկած կեանքին օրէնքին թատերական գերագոյն եւ թերեւս բոլոր արուեստներուն ալ տիրական օրէնքին այլ անոր համար, որ խաղերուն մէջ, սեռին պարտադրանքէն դուրս, ան մուտքն է արտօնած սէմպոլին։ Որեւէ վէպ Լեւոն Սեղբոսեանի համար հանդարտ տիալոկի վայր մըն է, ապացուցական տեսակ մը հանդէս, ուր ամէն ինչ նկատի կ՚առնուի, վիճարկութեան նիւթը կազմող հարցը, հարցերը ըստ կարելւոյն վերլուծելու։ Գաղափարները մէկիկ-մէկիկ կանցնին զննութենէ. դատումին լոյսը կ՚իյնայ ամէն ժամանակի։ Բեմին վրայ վերլուծումը քանի մը րոպէ մեզ կը շահագրգռէ, որոնցմէ վերջ մեր կիրքերը կ՚ընդվզին, իրենց մատուցուած այդ օդեղէն սնունդին դէմ։ Անշուշտ Լեւոն Սեղբոսեան ահարկու, էջեր գրաւող մենախօսութիւն/356/ներ խնայած է ունկնդիրներուն, ինչպէս զգուշացած է երկարաշունչ զեղումների (tirade ըսուածը գաղիացիներէ ), որոնք գրական լաւ իրենց բարձունքը դժուար կ՚ազատագրեն։ Բայց շնչատ, կցկտուր տողերու, անկարելի տեսարաններ Հին աստուածներ »ու ընդերկրեայ խրախճանութիւնները, « Կայսր »ին այն տեսարանը, ուր Հաննան կը մտակոչուի Պոլսոյ պալատէն, գրեթէ ամբողջ « Շղթայուածը ») վարանած է ան կեանքին մեծ հարցերուն դէմ իր կեցուածքը արտայայտել։ Այս կեցուածքը ո՛չ իմաստասիրութիւն է, ո՛չ քաղաքական, համոզում, ո՛չ ալ ընկերային դաւանանք։ « Շղթայուածը » հեռուէ հեռու կը թելադրէ ռուսական մեծ յեղափոխութեան քանի մը տուիքները ՝ բայց փարսախներով կը մնայ օտար շարժումէն։ « Հին աստուածներ »ը հակառակ հակադրութիւնն է մեղքին եւ բնազդներուն։ Յեղափոխական կեանքէ քաղուած պատառիկները անկնիք բաներ են, ո՛չ իսկ շարժումին արտաքին ծիրին մօտեցող։ « Ուրիշին համար »ը անհարազատ հով մը կը ջանայ թելադրել, բայց տիպարներու հաստ իրականութեան տակ կը մնայ ճզմուած ու չի բարձրանար իմաստի։ « Օշին Պայլ » եւ « Ինկած բերդի Իշխանուհին » ոչինչ կ՚ապացուցանեն, ընդհանրութիւններէ դուրս։ Այս թուումը, սա դժբախտ եզրակացութիւններով, նշանակութիւն մը կը ստանայ, երբ բարի ըլլաք խորհելու, թէ Լեւոն Սեղբոսեան թատերագիր մըն է ճիշդ ու ճիշդ ա՛յն ցանկութիւններով, որոնք զինքը ըրած էին քերթող ու վիպող։ Իր բանաստեղծութիւնները նուաճումի ճիչեր էին, իր թեւերը լայն պարզող մարդու խոյանք։ Գիտենք, թէ ի՛նչ խեղճուկ կտակ մըն է մեզի եկածը այդ մեծատենչ ճիգերէն։ Ուրիշ չէր իր վէպը։ Ու կը հետեւի, ուրիշ չէր կրնար ըլլալ իր թատրոնը։ Լեւոն Սեղբոսեան իր ժամանակին չպատկանելու փառասիրութիւնը չէ կրցած ազատագրել։ Դարերն ի վար փախուստ մը անշուշտ անարգել է այն ընկերութիւնը, որուն մէջ դրած էր զինքը ճակատագրին հրամանը։ Գիտենք, թէ նոր օրերու հայ խորագոյն թրաժիքը, հայ յեղափոխութեան միսթիքը ի՛նչ ողորմելի արդիւնք բերաւ Լեւոն Սեղբոսեանի թատրոնին։ Գիտենք, թէ մեր պատմութեան հին շրջանները ինչպէ՞ս ան շահագործեց, քանի մը բան, ռոմանթիք տեսարաններ ճարելու տրտում փառքին հետամուտ ու չմտածեց, խորհրդանշաններուն հալածանքին տակ, յատկանշական անձնաւորութեանց սեւեռումին։ Քեսունի իշխանը Ինկած բերդի Իշխանուհին ») կողմեր միայն, փշրանքներ միայն ունի ահաւոր տիպարէն, որ մեր միջնադարեան ասպետներուն միջին խմորը կու տայ։ Տժգոյն, տափակ Օշին Պայլը Օշին Պայլ ») իր դիւախումբին բովանդակ դատարկութեամբը /357/ մեկ անգամ մըն ալ կ՚ընէ յուսախաբ, մեր կարօտէն՝ աչքի առջեւ ունենալու մեր պատմութեան այն երազայնացած շրջանը, ուր պետական կեանքի բարիքն ու փառքը պիտի դողդղան, մեզմէ փախչող ու ընդմիշտ կորսուող հեռուներուն անհուն եղերականութիւնը, ու պիտի դողացնեն մեզ։ « Շղթայուածը »ին դեւերը ոտանաւորով չէ, որ մեզի պիտի թելադրեն արի, արդար, յարգուած կեանքի մը հեռաւոր միթը։

ը. Կարճեմ դարձեալ, երբ կը դատեմ իր թեքնիքը, որ հայհոյութիւն մըն է թատերական ծանօթ օրէնքներուն դէմ։ Անոր մարդերը կու գան ու կ՚երթան թուանշաններով 1, 2, 3, քուլիսներուն՝ մէջ սպասող խամաճիկներուն նման, կարգով, վանդակի ձայնին սպասող։ Հոգեբանութեան դէմ սա արհամարհանքը պատժեց ինքը սակայն։ Դաժան կարգէն սա փախուստը Լեւոն Սեղբոսեան պիտի կարծէ պաշտպանել նոր truc–ներով։ Ասոնցմէ ամենէն անտանելին իր մշտափոփոխ տեսարաններն են, որոնք, մանաւանդ հայ բեմին համար, ճշմարիտ տաժանք են իրար պատրաստութիւն։ « Ջրասոյզ զանգակը » այդ féerique իրողութիւնները կերպադրող ինքնաշարժ բեմ մը ունէր։ « Հին Աստուածներ »ու խաղարկութիւնը, Պոլիս, տաժանագին սպասումներու տարապարհակ մըն էր հանդիսատեսին համար, քանի որ մեր mise en scène–ը անկիւնի ատաղձագործին եւ աթոռավաճառին ողորմութեամբը կը մնար պայմանաւոր։ Դերասան ու հանդիսական իրենց տուներու առարկաներով կը լրացնէին բեմին յարդարանքը։ Սինեմայի եւ թատրոնի խառնուրդ այդ թեքնիքը խառնածին բաներու բախտը պիտի ունենար եւ ունեցաւ։ Այդ թեքնիքին ամենէն անտանելի երկրորդ զառածումը չուաններն են, այսինքն մարդերը կործածող մատները, որոնք խաղէն դուրս մարդոց կը պատկանին կարծես, քանի որ առանց անհրաժեշտութեան կը ղրկեն ու կը քաշեն իրենց ուզածը, ո՛չ թէ տեսարանին պահանջածը։ Զանազանութեան սիրոյն սա վերլուծումները Լեւոն Սեղբոսեանի տիրական մեղքը կազմեցին, անկէ հեռացնելով լուրջ խղճահարութիւնը մեզ յուզելու (ո՛չ թէ վարագոյրով, սուտ ու փուտ շարժումներով) հոգեբանութեամբ ասկէ բխող տագնապով։

* * *

Գիտեմք, թէ արեւմտահայ թատրոնը շահագրգռող հարցերը չեն սպառած է։ Բայց ինծի համար դժուար է polémique–ի վերածել սա ուսումնասիրութիւնները, ուր մտադրութիւնս է եղած ընդհանուր /358/ հոսանքներու քարտէսը, լայն շարժումներու պարագրումը, մեծ ու վերջնական նվաճումները, մեծ ճիգերու վարձատրութիւնները արձանագրել, քան թէ անլուծելի խնդիրներու շուրջ կրքոտ, անձնական, ակադեմական ապացուցումներ պերեւեթել։

Արեւմտահայ գրականութեան մէջ Սեղբոսեանի թատրոնը սկիզբ մըն է։ Ու քիչ անգամ սկիզբները վճռական յաջողուածքներու բանտը կը բերեն մեր ճիգերուն։ Յիսուն ու աւելի տարիներու շրջանի մը վրայ այդ գրականութիւնը, Սեղբոսեանի գործէն դուրս չունի ուրիշ նուաճում։ Թլկատինցիին խաղերը բարքի տախտակներ են ու զուրկ բեմական արժանիքէ, որ կէսն իսկ կը գրաւէ թատերական ամէն ստեղծումը շնորհներուն։ 1920–էն ասդին գլխաւորաբար « Հայրենիք » հանդէսին մէջ տարուէ տարի մեզ հրամցուող խաղերը, ըսեր եմ արդէն, մեղք մըն են մեր գրականութեան վիզին, ճիշդ ինչպէս մեղքեր էին մեր ռոմանթիք խաղերը, ազգային պատմութեան տիալոկէ դաւեր իսկ ըլլալ չկրնալու ուրիշ յանցանքներով կրկնապէս դատապարտելի։ Կը փնտռեմ գործեր։ Ու չկան անոնք։

* * *

Լեւոն Սեղբոսեան ստեղծագործ սա ճիգին հետ նկատի ունիմ ամբողջ վաստակը ըրած է ուրիշ մարզերու վրայ բաւական ընդարձակ պոպտումներ։ Իբրեւ կէս-գրական կէս-գիտական ուսումնասիրութիւններ, ատոնք զիս կը ձգեն անտարրեր։ Մանկավարժական, ընկերաբանական, բանահիւսական, հոգեբանական լայնաշունչ այդ աշխատանքները դուրս են գրականութենէն։ Այն շարքը, որ բանահիւսութիւն անունով լոյս տեսաւ « Հայրենիք » հանդէսին մէջ ու ծանօթ էսթէթիքն է արեւմտեան դպրոցներուն, դպրոցական իր նկարագրով, դարձեալ դուրս կը մնայ գրականութեան պարունակէն։ Ընդհանուր ու վարդապետական սա ընդլայնումներուն տիրական մեղքը թեզն էր ուսուցողական ու տափակ ու ասով իսկ օտար՝ արուեստին։

* * *

Լեւոն Սեղբոսեան երախտաւոր գրագէտ մըն է։

 

 

 

 

 

 

 



[1] Ընկերային տագնապները նոր թատրոնին մէջ տուած են առաջնակարգ գործեր։ Գերման իրապաշտութիւնը (Հաուրթմանի « Ջուլհակները »), ֆրանսական յեղափոխութեան թոհուբոհէն հանուած տրամաները (Ռոմեն Ռոլանի Trilogie-ն), արդի ռուս թատերական ուղղութիւնը (ժողովուրդը առնել դերասաններու մէջ) իրենց յաջողութիւնը կը պարտին ո՛չ թէ հեղինակներու, այլ այդ հարցերուն խորքը շինող տագնապին չափազանց ընդարձակ տարողութեան։ Միլիոններուն բերանն է, որ կ՚ուզէ ե՛ւ հացը ե՛ւ վայելքը։ Լեւոն Սեղբոսեան իր ժողովուրդէն ստիպուած է ճարել իր դերակատարները։ Ի՛նչ կրնար տալ այս ժողովուրդը իր արուեստագէտին իբր նախարար մեծ գործի մը, տարիներուն, որոնք անոր ողջակէզը յարդարեցին, մանաւանդ անոնցմէ ետք, երբ մարդկայինէն ալ խոնարհ բան էր այդ ժողովուրդին ուզածը։ « Շղթայուածները » պէտք է ազատուէին այդ մորթուած արդարութիւնը ազատելու համար, ամենէն առաջ։ Բայց Լեւոն Սեղբոսեանի համար տեսակ մը ազնուականութեան մագաղաթ է սա համամարդկութիւնը։ Իր վէպերուն մէջ տարտամ, այս ցանկութիւնը, չըսելու համար յաւակնութիւնը, իր թատերական աշխարհին համար գրեթէ տիրական ճնշում է։ Ինծի կու գայ, թէ մեր առարկութիւններուն բոլորին ալ (որոնք կը շօշափեն այդ թատրոնին ամբողջ դրութիւնը) Լեւոն Սեղբոսեան խորամանկ միամտութեամբ մը պիտի չվարանի պատասխանել ձախորդ տարազով համամարդկայնութեամբ։ (Տեսնել աւելի ուշ՝ այս մասին այդ առարկութիւնները)։

[2] « Հին աստուածներ » խաղը թիփիք նմոյշ մըն է այս ուղղութեամբ։ Դատողները չեն խաբուած խաղին միջակ տարողութեանը մասին։ Բայց ամբոխը միշտ պաշտպանած է այդ սինեման։ Հոս ոչինչ կայ անհասկանալի։ Բայց ինչ որ դժուար է բացատրել, մտաւորական դասակարգէն մաս մը մարդոց հասկացողութիւնն է անոր տեսակարար արժէքէն։ 1913–ին Պոլիս տեղի ունեցած գրական ասուլիսի մը եզրակացութիւնը (զոր ընողն է Խաժակ), թէ այդ գործը, «լուման, մեր բաժինն է» համաշխարհիկ գրականութեան, փաստ մըն է խիկարութեան որքան սոփեստութեան։ Իր կեանքին մէջ էջ մը բան չստեղծած մարդու մը վճիռը անշուշտ պիտի չվրդովէր զիս։ Բայց ահա՛ աւելին. Կոմիտաս վարդապետ, Զօհրապ, Զարդարեան, Վարուժան, Սիամանթօ (զանց կ՚ընեմ միւսները, որոնք ստորագրած են եզրակացութիւնը ժիւրիին), գործը ենթարկելէ ետք հրապարակային բանաքննութեան, գրած են սա տարօրինակ յօդուածը:

       …դ) Թատերախաղը («ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ») իր էութեամբ կը կրէ համաշխարհային բնոյթ՝ հայկական գոյնով եւ հայկական միջավայրի մէջ պատկերացուած ։ Մեր լեզուով ատիկա կը նոյնանայ Խաժակի «... Անոր Վանահայրը, անոր Աբեղան Թայիսի Պափնոսն է, Իբսենի Պրանտն է, մասամբ Զօլայի Փիեռ Ֆրոմանն է, Լերմոնտովի Մծիրին եւ այլն» չնաշխարհիկ դատումին։ Արեւմտահայ միտքին բարձրորակ այդ ներկայացուցիչները այս աստիճա՞ն միամիտ, որպէսզի չըլլան տառապած խաղը կործանող մեծագոյն վրիպանքէն, գործողութեան վրիպանքէն ու արուեստ տեսնեն հոն, ուր բառն ու գոյնը, տարազն ու տէքորը, féerie–ն ու exotisme-ը, միջնադարն ու ԺԹ. դարու սէմպոլիզմը իրարու կը խառնուին, բայց չեն գտներ ներքին, օրկանիք իրենց յօրինուածութիւնը: Ըսի, թէ Շիրվանզադէի թանձրաշողիչ ռեալիզմը բաւարար էր պատրելու արեւելահայոց ճաշակը, որ յոգնած իբր արուեստ մեր բեմը ողողող գռեհկութեան հեղեղէն, հաճելի բերանփոխ մը ունենար սա թեւաւոր, պճլտուն, ոգեղէնով կենսաւորուած խաղարկումէն։ Չեմ կրկներ հոս, ինչ որ ըսեր եմ խաղին Պոլիս ներկայացման առիթով « Մեհեան » ամսաթերթին մէջ (1914)։ Խաղի մը փորձաքարը ժողովուրդն է, կ՚ընդունիմ, բայց ո՛չ նոյն ժողովուրդը, որուն բարձրագոյն ներկայացուցիչը (անոնք, որ դիւրիին եզրակացութիւնը խմբագրած են, այս աստիճան անմասն են իմաստի ընդհանուր բարիքէն։ Ձգտումին վնասը սէմպոլին տագնապն է բեմին համար։ Զուր տեղը չէ, որ ֆրանսական սէմպոլիստ դպրոցը ո՛չ մէկ խաղ ըլլայ պարգեւած ֆրանսական գրականութեան։ Մէթէրլինկի խաղերը, Հաուբթմանի La cloche engloutie-ն, Իբսենի « Պրանտ »ը կը ներկայանան միտքիս: Լեւոն Սեղբոսեան ասոնց յաճախանքը օգտագործած է իր ոգեղէն աշխարհը ճարտարապետելու համար։ Բայց զանցած է իր ժողովուրդին իսկ տարողութիւնը: Գիտէ՞ք, որ « Հին աստուածներ »ուն մէջ ամէն ինչ ընդհանուր է, անանձն, սէմպոլիստ, որով եւ աղկաղկ, բացի վանականներէն (որոնցմէ դուրս կը ձգեմ Աբեղան եւ Վանահայրը իբր ոչ հայ), այսինքն վտիտ, տկլոր արարածներէն, որոնց վրայ Լեւոն Սեղբոսեանի maîtrise-ը արդէն վաղածանօթ է մեզի իր վէպերէն։ Խաղ մը իր աւագ դերերով է, որ կ՚իրագործէ ինքզինք։ « Հին աստուածներ »ուն վրիպանքը այդ աւագ դերերուն անկարելիութիւնն է, քանի որ մեզի համար դժուար է խաղին ձգտումը, կեդրոնական մտայնութիւնը որոշապէս զգալ պատասխանատու մարդոց վրայ մարմնացած, թէ մարդուն մէջ զգացումը, զգայական դրութիւնը գերակշիռ է քան մտածումը, իմացական դրութիւնը վերջոյ ամբողջ այդ տագնապը վերածելի է սա թեմային ) ո՛չ նորութիւն է, ո՛չ տիրական թրաժիք, պահելով թեման իր սովորական արժէքին վրայ (թատերական գործ մը աւելի յաճախ հասարակաց թեմաներով կը սնանի։ Նորութիւնը կրնայ վրիպիլ, միշտ ամբոխին պատճառով, որ անընկալուչ դիրք ունի ամէն նորութեան դէմ), տագնապը կը ստեղծուի այն տարտղնումէն, որով մեզի կը մատուցուի սա բախումը։ Այսպէս, ո՞րն է զոյգը, ուր այդ թեման ինք զինքը իրագործէր։ Ունինք ա) Վանահայր-Իշխանուհի զոյգը, բ) Ճերմակաւոր-Վանահայր զոյգը, գ) Աբեղա-Սեդա զոյգը, դ) Աբեղա-Վանահայր զոյգը, հ) հեթանոս-քրիստոնեայ բախումը (խաղին ամբողջ երկայնքին, մանաւանդ մեհենական տեսիլքին թանձր դրուագումին ընդմէջէն), զ) ուժին ու վայելքին եւ հաւատքին ու հրաշքին ճակատումները։ Բոլոր այս ճակատումներուն մէկ ու նոյն է զսպանակը որ խաղին թէզն է, ձգտումն է։ Այս կոտորակումը ահա, որ կը մնայ պատասխանատու անձերու ուրուային, անաւարտ կարաւանին։ Լեւոն Սեղբոսեան անծանօթ չէր օրէնքին։ Բայց իր վրիպանքը իրմէ վեր է։ Ան մարդն էր, որ հոգեկան վիճակներու վրայ չունէր հեղինակութիւն։ Անոր անձերը, վէպերուն մէջ, կը խօսէին ժամերով, բայց ոչինչ կ՚ընէին ։ Ու բեմին վրայ խօսքը ձանձրոյթ է, կեղեւ է, առանց գործի, գործողութեան, որ արտաքին է ու ներքին ։ Գործողութեան։ Իսկ երկու տեսակները միշտ կը բխին հոգիէն, կը զարգանան, կը զայրագնին, ու կը կործանեն: Հոս է թատերական տրամաթիքին ամենէն պարզ, որքան տիրական օրէնքը։ Կրնաք արտաքին միջոցներով ձեր արարը շարժանկարի մը պէս կենդանի, շահեկան, յուզիչ ընծայել։ Բայց որքան ատեն, որ այդ արարը հոգեկան յարդարում մը չի պարզեր արտաքին այդ գործողութեան, դուք դուրս էք թատրոնէն։ Գործը ներսէն կը բխի ։ Մարդոց արարքները անկէ են զսպանակուած։ Այս ներս ին տագնապն է, որ պիտի վարէ բոլոր միւս շարժումները։ Ու կը դառնայ ստիպողական զոյգը, միակ, որ այդ ներսին երկու երեսները պիտի խտացնէ։ Բոլոր երկրորդական դէմքերը, դրուագները իրենց նպաստը պիտի բերեն այդ արարողութեան եւ ո՛չ թէ պիտի սնանին զայն տարտղնելով։ Հիմա հարցուցէ՛ք, թէ ի՛նչ ունին իրարու դէմ հանելիք « Հին աստուածներ »ը լեցնող զոյգերը։ Պատասխանը պարզ է։ Մէկ ու նոյն տագնապը կերպարանել ։ Ու ասկէ դժնդակ զգացումը տժգոյն, փոքր, իրենք զիրենք պզտիկ ծպտումով մը վերստին կրկնող մարդերուն: Նոյնն են Վանահայր-Աբեղայ զոյգը, որուն ուրիշ մէկ փոփոխակն է Վանահայր-Ճերմակաւոր զոյգը, որուն ուրիշ մէկ կրկնութիւնն է Աբեղայ-կոյր Վանական զոյգը։ Ու ասիկա այսպէս բոլոր անձնաւորութեանց համար։ Որքան ալ փոփոխենք մեր տեսարանները, խնամենք մեր տէքորը, գործածենք արտաքին միջոցներ հանդիսատեսը շահագրգռուած պահելու բեմին, միտքը կ՚ընդվզի, քանի որ այդ շահագրգռութիւնը կը մնայ նպատակ արտաքին truc–ներու։ Լեւոն Սեղբոսեան զոհն է եւրոպական մեծ բեմերուն իրագործած թեքնիք յաջողութիւններուն։ Իրաւ է, թէ գերագոյն օրէնքը միշտ նոյնն է, հաճելի ըլլալ։ Բայց թոյլ տրուի յիշեցնել, թէ՝ որո՞ւ։ Այն հինգ հարիւր հոգին, որ ծափահարեց « Հին աստուածներ »ը, Պոլիս, ըրաւ նոյն շնորհը ուրիշ աւելի թշուառ ալ բաներու։ « Աւարայրի արծիւը » անկէ շաբաթ մը առաջ հազարներու խելացնոր ծափահարութիւնները ընդուներ էր։ Եւ սակայն ո՛չ խաղը եւ ո՛չ ալ անոր երջանիկ հեղինակը չեն անցնիր հայոց գրականութեան պատմութեան։ Ու մեծ ոստաններու հարիւրաւոր, հազարաւոր սինեմաները կ՚ընեն նոյն քաջագործութիւնը գիշեր–ցերեկ մարդոց արջառը երկու ժամ լարուած պահելու իրենց մութ վարագոյրին վրայ ուրուացող մարող տագնապներու։ Արուեստագէ՞տ՝ այդ ժապաւէններուն հեղինակները։ Չե՛մ կարծեր։

[3]     Լեւոն Սեղբոսեանի Գերմանիան « Ջրասոյզ զանգակ »ին Գերմանիան էր։ Այսինքն` իրապաշտութենէն յափրացած ընկերութեան մը խուլ ըղձաւորութիւնը՝ հեքիաթին, միթին, երազին, սէմպոլին ապաւինելու։ Երաժշտութիւն, բեմական մեծ դիւրութիւններ, դրախտային տէքոր ու զմայլելի խաղարկութիւն տարրեր են որոնք լայնօրէն կը փոխարինեն բնագրային նուազումները։ Մոսկուայի կայսերական թատրոնը 1914–ին կարծեմ բեմադրեց Մեթերլինկի « Կապոյտ թռչունը »։ Անկէ առաջ Լեւոն Սեղբոսեան ով գիտէ ի՛նչ երազայնութեամբ մը կը ձգէր բեմը, գերմանական մեծ ոստանի մը մէջ, « Ջրասոյզ զանգակ »ի մը ներկայացումէն վերջ։ Բայց մոռնալու չէր, որ « Կապոյտ թռչուն »ի féerie-ն գրողը գրած էր նաեւ « Մոնա Վաննա »ն։ « Ջրասոյզ զանգակը » գրողը հեղինակն էր « Ջուլհակները » խաղին: Այսինքն՝ մարդեր էին, որոնք առանց սէմպոլիզմին, իրագործած էին թատերական նուաճումներ: « Կայսրը » անշուշտ կը կանխէ « Հին աստուածներ »ը։ Բայց՝ « Ինկած բերդի Իշխանուհի՞ն »։ Բայց մանաւանդ անտանելի « Օշին Պա՞յլ »ը։

[4] Հետաքրքրական է յիշել անզուգական թատերագրին կեցուածքը Լեւոն Սեղբոսեանի խաղին դէմ։ Ինծի պատմած են իր արհամարհանքը « Հին աստուածներ »էն, որուն ներկայացումը չէ կրցած հանդուրժել մեծաբարբառ յայտարարելով. «Թատրոն չէ ասիկա»։ Ու ձգած հեռացած է։ Այս ճիգին մէջ կրնանք գրագէտի նանրամիտ, յաչաղկոտ պոռթկում մը ճանչնալ, թերեւս իրական ալ։ Բայց նոյն ատեն յաւիտենական ճշմարտութեան ցոլք մը։ Թատերական երկը կիրքերու ապացուցում մըն է ամենէն առաջ։ Ու ապացուցումին մէկ ճամբան կուռ, իրար յառաջացնող մտածումներու processus-ը։ Լեւոն Սեղբոսեանի մարդերը առանձին կը խորհին, կը խօսին իրենց լեզուն, կը մոռնան, թէ կապուած են տագնապի մը լուծումին։ Ու ասիկա կ՚ուրանայ Լեւոն Սեղբոսեան, բոլոր խաղերուն մէջ, մարդոց իրականութիւնը տրուած տեսարանին, աւելի ճիշդը տեսիլին վրայ միայն նկատի առնելով, անցնելու համար ուրիշ իրականութեանց։ Գոյացող զգացումը անմիութեան ան պիտի կարծէ դարմանել բեմական միջոցներով։ Ճիշդ ու ճիշդ հակառակ թեքնիքն է ասիկա Շիրվանզատէի, որ իր մարդերուն իրականութիւնը պիտի պաշտպանէ սկիզբէն մինչեւ վերջ, մէկ ու նոյն կիրքի մը կնիքին տակ։

[5] Լեւոն Սեղբոսեանի կիները, բաղդատուած այրերուն, ունին որոշ առաւելութիւններ, թերեւս անոր համար, որ անոնք նուազ ընդունակ են սէմպոլ հագնելու։ Ի վերջո, մոռանալու չենք, որ արուեստը Լեւոն Սեղբոսեանի համար փրոփականտի բարձր բեմ մըն է ու մեծ արարքները այրերուն մենաշնորհը կազմած են դարերով։ Հոն, ուր դժուար կը հանդուրժենք, « Ճամբուն վրայ » խաղին մէջ, օրինակի համար, Լեւոն Սեղբոսեան յանուն հռետորական փաթեթիքի, չէ վարանած հերոսուհի խաղալու, կիներով։ Իշխանուհիներ (ինկած բերդէ կամ ոչ) իրենց յիմարութեամբը կամ թրաժիքովը, հարճեր ու աղջիկներ իրենց կիրքերուն կրակովը կամ անմեղութեան հրապոյրովը, կարճ՝ իրենց պարզուած (simplifié) մարդկայնութեամբը կը գրաւեն մեր արգահատանքը, համակրութիւնը։ Իր էրիկը սպաննել տուող կայսրուհին իսկ մեզի կու տայ որոշ յուզում, առնուազն աւելի քան իր ամուսինը։