Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3. ԼԵՒՈՆ ՍԵՂԲՈՍԵԱՆ (ՇԱՆԹ) (1869-1951)

/279/ Այս անունին տակ արեւմտահայ գրականութիւնը զետեղած է ուշագրաւ վաստակ մը, իբրեւ քանակ ինչպէս որակ։ Գրեթէ այն բացառիկ գրողն է անոր գործաւորը, որ ըլլայ իրականացուցած ցանկալի արժանիքը, ժամանակակից հայութեան գլխաւոր երկու բարեխառնութիւնները իր վրայ միաւորելու, անշուշտ որոշ չափերով։ Այս փորձառութիւնը (հոգեբանական) աւելի յետոյ անգամ մըն ալ երեւան պիտի գար Կոստան Զարեանի մէջ, բայց տարբերութեամբ մը. Զարեան լեզուէն դուրս քիչ բան, չըսելու համար ոչինչ՝ կը բերէր այդ գրականութեան, իբր ազգային տարր։ Կը յիշեմ Ծերենցը, որուն մէջ արուեստագէտը մնաց նախնական, անձերբազատ բոլոր շրջանային ազդեցութիւններէն։

Արժանիք, հզօր գեղեցկութիւն, լիակատար նուաճում եւ յարակից հպարտութիւններ (գրագէտներուն ներուած է երբեմն նման նանրամտութիւններ պարկեշտաւորել), ցեղային մեծ կնիք, անփոխարինելի համադրումներ չեն արթննար մեր մտքին մէջ, երբ կը խորհինք այդ գործին։ Բայց կ՚ունենանք տարբեր զգայութիւններ, երբ կը շփուինք անոր ընդարձակ զանազանութեան։– Ատիկա երամն է այն բազմաթիւ հարցերուն, որոնք ինքնաբերաբար կը յառնեն մեր մէջ, մեր նոր զոյգ գրականութիւնները տիրական կէտերու վրայ շահագրգռող։ Ո՛չ միայն մեր մեծ իրագործումներուն ուրուապատկերը, այլեւ ձգտումներուն դժուար, եղերական պարն ալ յստակ կերպով մը կը մերձենան մեր ճիգերու վառարանին։ Լեւոն Սեղբոսեան մարդն է, որ մեծ երազեց։ Ու չեղաւ յուսահատ տիրական վրիպանքէն, որմէ չէ ազատագրուած իր ո՛չ մէկ երկասիրութիւնը։ Բայց, գործին համար մեր վճռական շեղումը երբեմն կ՚ազդուի գործաւորին /280/ ալ ճակատագրովը։ Գրականութիւն մը շահագրգռելու մասնայատկութիւնը անհրաժեշտաբար միշտ չէ կապուած մեծ տաղանդի մը ժանտ կշիռին կամ արդիւնքի այլապէս ճնշող բարիքներուն։ Նահապետ Ռուսինեան, Նիկողայոս Զօրայեան մեր գրական թանգարանին մէջ չեն ներկայանար գործերու անառարկելի փառքով մը։ Բայց չէք կրնար գրականութեան պատմութիւն մը փորձել, առանց այդ մարդերը արժանաւորապէս ներկայացնելու, վասնզի անոնց գործունէութիւնը տաղանդ արժեց։

 

Ո՞վ է սակայն, յիսունի մօտ տարիներէ ի վեր, սանկ՝ առանձին մտածող, առանձին ձգտող, առանձին քալող, առանձին իրագործող, միշտ վրիպած, երբեմն փառքին երիվարը սանձած, բայց իր ախորժակներուն, բարեխառնութեան մէջ անսասան մնացած, իր վրիպանքը ոսկեզօծող ու իր փառքը արհամարհող սա գրագէտը։ Կը տեսնէք, որ բացառիկ է տիպարը։ Ի՞նչ փոյթ, որ գործը չըլլայ համեմատական գործողին։ Սրտառուչ է, ինծի համար, սա աննահանջ արիութիւնը չամբոխանալու։ Անշուշտ ան խոր կնիքին տակն է մեր զոյգ գրականութեանց բոլոր թերութիւններուն։ Լրացրեց, բոլոր մեր գրողներուն նման։ Վարդապետեց թերի գիտցած բաներուն վրայ, ինչպէս է ընել պատիժը ամէն գրիչ բռնողի։ Բայց պահեց écart մը ասիկա իր անձէն դուրս աշխատողի պարկեշտութիւնն էր։ Այս այլուրութիւնը անմիջական հոսանքներէ (կուսակցութեան մը սպասը մարդ մը կուսակցական չ՚ըներ), ապառնիի եւ անցեալի սա շեշտ ախորժակները հարկադրաբար անդրադարձած են իր գործին, զայն ընելով զատ, բացառիկ վկայութիւն մը (նկատի չունիմ արժէք, տարողութիւն եւ ուրիշ պայմաններ)։ Ո՞ր ժողովուրդին մէջէն, ո՞ր ժողովուրդին համար գրի է ինկած այդ գործը։

 

Անոր բանաստեղծութիւնները դուրս են մեր քնարական ընդհանուր ձգտումներին, իրենց թեթեւ, երգունակ, երբեմն խորհրդապաշտ, լուրջ, գերմանաչունչ գնացքով, բայց շեշտօրէն կը պատկանին մեր առաջին, պայքարող իրապաշտութեան ալ, միեւնոյն ատեն ըլլալով դժուար հաւասարակշռութիւն մը։ Տափակ ու պատմող քերթուածները, որոնք 1890–ի շրջաններուն նորութենէ աւելի էին, զայն առին իրենց հրապոյրին մէջը։ « Մրտոյի ուռը » միտքէ չ՚ելլեր, թէեւ այնքան մօտիկն է Աճէմեանի Մկոյին ։ Բայց չմոռցուած երգ է « Ահա ելաւ լուսինն արծաթ »ը։ Փա՞ստը այս տարօրինակութեան։– Այն՝ թէ Լեւոն Սեղբոսեան չէ իրագործած ինքզինք: Ըսել կ՚ուզեմ՝ իր /281/ առանձնութիւնը, զգաստութիւնը զինք արգիլած են ինքզինք արձակելէ ։ Արուեստագէտը քիչ անգամ ապրած է սա ժուժկալութեամբ։ Գիտեմ, թէ մեծ կատարելութիւններ երբեմն գինն են սա արիութեան։ Բայց մեր անձէն մեր գործին անցածն է, որ կ՚ապրի մեզմէ ետքը, մեզմէ վեր։ Լեւոն Սեղբոսեանի անունին հետ մեր միտքին մէջ չ՚ոստայնանար քերթողի մը ո՛չ թէ փառքը, այլ դէմքին ուրուապատկերը։ Մի՛ մոռնաք ասիկա։

Անոր վէպերը, դարձեալ։ Որոնք մեր վէպին ընդհանուր ձգտումներուն եթէ չեն մնար հիմնովին անհարազատ, բայց կը պատկանին լուսանցքային հոգեբանութեանց։ հոն ապրող մարդերը անշուշտ առնուած են մեր հասարակութենէն, բայց տրուած են իմացական գործողութեան մեր մէջ դեռ չփորձուած հոսանքին մէջ։ Ու ասիկա կ՚ընէ այդ մարդերը առանձին, բացառիկ, տարբեր մեր զգայնութիւնը կերպաւորող վիպային տիպարներու կարաւանին մէջ։ Յետոյ, փոխանակ բանալու կեանքի պատկերներ, թեզեր են անոնք, այսինքն գաղափարներու փոխասացութիւն մը, մշտաթաւալ տիալոկը իմաստի էպերուն, ուր հեղինակը ընկերային հարցեր, արուեստ, գրականութիւն ունի իրեն յանգումի կէտ եւ ոչ թէ իր խօսեցուցած մարդերուն նուաճումը։ Եւ որովհետեւ այդ տիպարները ընտրուած են միջինէն վեր խաւերէ, կը հասկցուի, թէ անոնց լեզուին տակ դրուած գաղափարաբանութիւնն ալ որչափով կը ցոլացնէ իր ժողովուրդին մտածողութիւնը։ Ո՛չ կատարելապէս միս ու ոսկոր մարդեր, ո՛չ ալ իրենց բոլոր ալքերուն մէջ պեղուած գաղափարային դրութիւններ։ Հեշտա՞նքը։ Այն՝ որ մեր միտքին մէջ չ՚ոստայնանար վիպասան Լեւոն Սեղբոսեանի մը դէմքը։ Տիկին Սիպիլի « Աղջկան մը սիրտը » վէպ մըն է, աւելի հարազատ իր պիտակին, քան « Դերասանուհին »։

Անոր խաղերը ուրիշ ողբերգութիւն։ Ընդարձակ է անոնց ծիրը, մեր միջնադարէն մինչեւ գալիք կարգերը շրջանակող։ Անոնք նոյն ատեն ընդարձակ յղացքներու յայտարար յօրինումներ դառնալու իրենց ճիգը կ՚ընեն, առանց ազդուելու պայմաններէն, որոնք մեր բեմը, մեր մտայնութիւնը, մեր ընկերային շերտաւորումները կը դիզեն արուեստագէտին ստեղծումին վերեւ ու կերպով մը զայն կ՚ենթարկեն իրենց ճնշումին։ Ի՛նչ փոյթ իրեն համար, որ Թիֆլիսի եւ կամ Պոլսոյ խեղճ ու պատառ թատրոնները տառացի անկարող են բեմադրելու « Շղթայուածը »։ Լեւոն Սեղբոսեան յուսալից է օրուան, երբ թատերական թեքնիքի կատարելագործում մը կարելի պիտի ընէ անոր ներկայացումը։ Չէ՞ որ եւրոպական բեմերը, սինեմայէն առաջ, գտած էին կերպը այդ ամէնը նուաճելու։ Ի՞նչ փոյթ իրեն համար, որ բեմը /282/ չի հանդուրժեր մտածում, գաղափարաբանութիւն, պատմական հայեցողութիւն, մանաւանդ տիալոկը, ուր կեանքին տարրը ըլլայ ստորադաս մտածական առաքինութեան ու հերոսները ապրելու տեղ մտածեն ու սաւառնին։ Ան պիտի գրէ « Օշին Պայլը », որպէսզի Ռուբինեանց հարստութեան քանի մը մտայղացքները հասնին ժողովուրդի ըմբռնողութեան։ Անշուշտ, երբեմն պիտի գիտնայ հրաժարիլ իր գաղափարական մենամոլ հեշտանքներէն ու պիտի տայ մարդերը այնպէս ինչպէս որ են։ « Կայսրը », իր լաւագոյն իրագործումը, նմոյշն է այդ արդարութեան։ Բայց հոն ալ սէմպոլիզմը կը գունաւորէ խաղարկութիւնը։ Ինչ որ դառն է այս յամառ, արի, ազնիւ ճիգին, թատերական արուեստին արդիական մնալու յեղումները իրագործելու երազն է մարումի մօտ, որ կը ձգտէր իր ուժերուն սահմանէն անդին։ Վրիպանք է անշուշտ այդ թատրոնն ալ։ Բայց սրտառուչ։ Լեւոն Սեղբոսեան ամբոխին մտքին մէջ աւելի տեղ չունի քան Շիրվանզատէն։

 

Քերթուած, վէպ, թատրոն, այսինքն ժամանակակից առաջնակարգ գրագէտ մը լաստակերտող տիրական գործունէութիւններ։ Այս ամէնուն մէջ, միջակ մեծութեամբ 5-6 հատորի հունձք մը, ինքնին ապահովութիւն մըն է, գրագէտին տարողութեանը մասին։ Անդին կը մնայ, իբրեւ ծաւալ, առաջինին հաւասարող ուրիշ ալ վաստակ, ընկերաբանական, մանկավարժական, հոգեբանական, լրագրական, կէս գիտական, կէս գրական, կէս հոգեբանական ուսումնասիրութիւններու ծնունդ։ Իր գրագէտի դէմքը չի պաշտպանուիր անշուշտ այս վերջին հետաքրքրութեանց բարիքովը, բայց անոնց մէջ իր ուղղութիւնը, դիտելու կերպը, այդ նիւթերուն մօտենալու իր ինքնայատուկ յանդգնութիւնը կը համերաշխին գրագէտին հիմնական նկարագրին։ Այս վերջին շարքին մէջ ալ առանձին քալող, առանձին պրպտող, առանձին դատել յաւակնող մարդն է ան, թէեւ ասիկա թուի քիչիկ մը տարօրինակ, քանի որ գեղեցկագիտութեան մասին (ինքը այդ ընկալեալ տարազը վերածած է բանահիւսութիւն տարտամ, շատ անբնական terme–ին) մեր ըսելիքները հարկադրաբար մեզ կը կապեն այդ ուսման ուսումներուն (ընկերաբանութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն) ընդհանուր եղանակներու։ Ինքնատպութիւնը, գերազանց պայման ստեղծագործ աշխատանքի, կը դառնայ վտանգաւոր, առնուազն անտեղի՝ կէս գիտական, կէս մտածական զբաղումներու համար։

/283/ Մասնակցած է ու ասիկա տարօրինակ է քաղաքական շարժումներուն։ Եղած է ուսուցիչ։ Վարած է դպրոցներ։ Այս ամէնը, անխափան, առաջին երիտասարդութենէն։ Եօթանասունէն անցած է անոր տարիքը։ Ու կը մնայ պատնէշին վրայ [1] ։

 

Այս բոլոր նախատարրերը, Լեւոն Սեղբոսեանէն դուրս, ոեւէ գրողի համար հաստատ նիւթ կը դառնան քննադատին աչքին, որ միշտ պիտի սիրէ գործերէն բարձրանալ գործաւորին։ Գործին ընդարձակութիւնը անշուշտ անոր պաշտպանութիւն մը կ՚ընծայէ։ Բայց զանազանութիւնը՝ հոմանիշ է հարստութեան։ Ու Լեւոն Սեղբոսեանի գործը Մխիթարեան վարդապետի մը նախանձը շարժելու չափ բազմազան է։ Ու ահա տարօրինա՛կը։ Այս բոլոր նախատարրերուն, վճռակայն իրագործումներուն դիմաց, քննադատը կը մնայ շուար, չըսելու համար perplexe: Այս ամէնը, այդ մարդուն առիթով, կ՚ուրուանան մեր միտքին առջեւ, բայց կրկնելով այն զգայութիւնները, տպաւորութիւնները, որոնք կային գործին երկնումի օրերուն իսկ։ Լեւոն Սեղբոսեանի որեւէ գործ մութ շարժում մը կը թելադրէր նեղ, մտերիմ շրջանակէ մը ներս, որոնք համակիր էին անոր։ Ըսի մութ, վասնզի դժուար է յստակ տեսնել, թե ինչո՞ւ գրուած էր « Լեռան աղջիկը » պոէման, որ ոչ վէպ է, ոչ քերթուած, բայց կը թելադրէ երկուքէն ալ կողմեր, առանց մեկը կամ միւսը ըլլալու, վճռաբար։ Կը հասկցուի, թէ ինքնատպութիւնը, իր ճամբան բանալու յամառ հաւատք մը չեն բաւեր միշտ մեր զանցումները արդարացնելու, մանաւանդ փրկելու ապագային առջեւ։ Այս է պատճառը, որ Լեւոն Սեղբոսեանի դէմքը ներկայացնէ բացառիկ տագնապ՝ քննադատին համար։ Այսօր մարդիկ շատ դիւրաւ պիտի շփոթէին « Գիշերապահը » քերթուածին ընթերցումէն վերջ, անոր հեղինակը Մկրտիչ Աճէմեանի կամ աւելի թշուառ անուններու հետ։ Ու այս անարդարութիւնը արդիւնք է թերեւս Լեւոն Սեղբոսեանի իսկ յաւակնութիւններուն։ Ան զարգացած է արեւմտահայ գրական աղտեղութիւններու մէջ ու իր ներքին հաւասարակշռութիւնը յօրինած արեւելահայ աւանդութեանց անկեղծ արդարացման մը մէջ։ Արդիւնքը՝ այս հակազդեցութեանց գոյութիւնն է գործէն ներս, ու չի փրկուիր։ « Գիշերապահը » ճշմարիտ քերթուած մըն է, որ սակայն կը յիշեցնէ, ըսի, տխուր անուններ, արեւմտահայերու համար։ Արեւելահայերը զայն դժուար կը հանդուրժեն, վասնզի գրուած է նախ հոսհոսերէն, երկրորդ՝ ո՛չ /284/ Թումանեան, ո՛չ Աղայեան, ո՛չ Իսահակեան կը հոտի։ Մարդիկ գիտեն, թէ օր մը, որոշ ալ հաճոյքով, կարդացած են « Դերասանուհին » անունով վէպ մը, գրուած քիչ մը զարտուղի լեզուով ու արեւմտահայ քերականութեան ոգիէն ալ որոշ շեղումներով։ Բայց չեն կրնար իրենց տպաորութիւնները (այս անգամ գրական) կազմակերպուած ձեւով մը վերարտադրել, երբ ատիկա ուզուի իրենցմէ։ Արդ, այս դժուարութիւնը չունի գոյութիւն, օրինակի համար, « Արաքսիա » կամ « Թիապարտը » վէպերուն համար (որոնցմէ առաջինը գրագէտի մեծ համբաւով ալ նուիրագործուած է)։ Մարդիկ պիտի սիրեն պատմել, թէ ի՛նչ անմեկնելի խանդավառութեամբ ներկայ եղեր էին օր մը « Հին աստուածներ » անունով խաղի մը, որուն մասին թերթերը լեցուն էին մինչեւ երկինք հասնող գովեստներով, իրենց համար ախորժելի, բայց որմէ իրենց տպաւորութիւնները անկարող էին հիմնաւորել, ինչպէս եղած էին արդէն նոյնիսկ ներկայացման պահուն, երբ, իրականն ու անիրականը, երազն ու թանձր գինարբուքը, սէմպոլն ու կիրքին բանդագուշանքը կուշտ կուշտի բեմ էին նետուած, սինեմայի truc–ներով, զարմացնելով, բայց չխռովելով, դպելով միտքին, բայց չհասնելով սիրտը։ Իրողութիւն է ասիկա իր ստեղծագործութեանց գրեթէ բոլորին համար ալ։ Ուսումնասիրութեանց կրկէսին վրայ, այս մարդը չէ աւելի բարերախտ։ Միջին խստութեամբ քննադատ մը, որուն հանգանակները չըլլան շատ այլամերժ ու հանդուրժեն գրականութեան վստահուած, բայց անոր համար ոչ էական դերեր, պիտի կարդայ որոշ չկամութեամբ անոր « Բանահիւսութիւն »ը, նախ նեղուած՝ վարժապետական թոնէն, որով կը մատուցուին գրական իրողութիւնները, հարցերը ընթերցողին (զոր գրասեղանի տղայ մը կ՚ընդունի Լեւոն Սեղբոսեան), յետոյ այս իրողութիւնները դատելու, դասաւորելու շատ անբնական ու միայն այդ եղող եղանակէն։ Դարերու փորձառութեամբ նուիրագործուած արդիւնքներուն անհպելիութիւնը չունիմ նկատի, երբ այս դիտողութիւնը կ՚արձանագրեմ հոս։ Ըսելու համար շատ մանկունակ, շատ սովորական բաներ, մէկը չունի իրաւունք այդպէս ռամկանալու։ Վարժապետ, մանկավարժ, Գերմանիա ուսած մեթոտիստը անոր ուսումնասիրութիւններուն կու տան անլուրջ, անապահով ոլորտ մը։ Այդ ուսումներուն շուրջ մենք պիտի ընենք զիջումներ միայն անոնց, որոնք կը նորոգեն անոնց տարողութիւնը։ Լեւոն Սեղբոսեանի հոգեբանական, գրա–քննադատական, ընկերաբանական յօդուածները ջրի, ծանծաղ տարածութիւններ են։ Չեմ գիտեր սա տողերը կրցա՞ն պատկեր մը շինել ընթերցողի մտքին։ Բայց անոնք իմ տպաւորութիւններն /285/ էին ասկէ առաջ։ Հիմա, երբ կը փորձեմ իր դէմքը յօրինել, այդ ամէնը գրեթե անփոփոխ կը խուժեն վրաս։ Քառորդ դար է անցեր « Հին աստուածներ »ուն փառքէն։ Խաղը կարդացէ՛ք ու գտէք հոն, ինչ որ դրած էին երանելի դերասանները, որոնք սիմվոլիզմ, սիմվոլիզմ պոռալով հաւարի կու տային գրական հրապարակը։

* * *

Բոլոր երկարատեւ գործունէութիւններուն վիճակուած ճակատագիրը անկեդրոնութիւն, ծանծաղում, վրիպանք՝ տիրական խորքէ մը վեր կոթողումի եղան իրն ալ։ Եթէ շնորհակալ ենք իրեն, ամբոխէն չզառածելու իր մաքուր յամառութեան համար, չենք կրնար չցաւիլ իր գործին այլուրութենէն։ Կէս դար աշխատիլ, ու իրեն պաշտպան, մտերիմ ընկեր ունենալ սեպհական տաղանդը մի այն։ Իրաւ որ հերոսական է քիչ մը։ Ի՞նչպէս դիմացաւ այդ տաղանդը այս իրերամարտ ազդեցութիւններուն։ Ուրիշ ողբերգութիւն մըն ալ ան է։ Յիշեցէք Արշակ Չօպանեանին, Լեւոն Բաշալեանին, Տիկին Սիպիլին ալ կէս դարերը, որոնք այդ մարդոց պատկանելով հանդերձ, կը պատկանին նաեւ իրենց ժողովուրդին, անոր բազմատեսակ տագնապներուն, ձգտումներուն։ Քանի մը տարի առաջ, Լեւոն Սեղբոսեան « Հայրենիք » (Ամերիկա) հանդէսին մէջ « Օշին Պայլ » անունով թատրերգութիւն մը հրատարակեց։ Գրական փառասիրութիւնը չեմ վերլուծեր, արդարացնելու համար մեր ինքնավստահութիւնը։ Բայց զայն չեմ կրնար վերածել գրական նանրամտութեան։ Ոեւէ միջին ընթերցողէ մը աւելի Լեւոն Սեղբոսեան ինք պարտաւոր էր դատել այս ողբերգական ձախողանքը, զայն հրատարակութեան տալէ առաջ։ Առաւ, այդ քայլը, հաւանաբար պաշտպանութեանը տակ իր երիտասարդական առաքինութիւններուն։ Չեմ հարցներ, թէ ի՛նչ կ՚ապացուցանէ « Օշին Պայլ »ը։ Բայց հետաքրքիր էր իր իսկ տպաւորութեանց, խաղին ներկայացումէն (զոր դժբախտ խաղարկութիւն մը կրկնապէս կործանեց, ինչպէս կը վկայեն քանի մը սիրող հանդիսատեսներ), երբ իր գործը տեսաւ բզկտուած բեմէն, դերակատարութենէն ։

 

Առաջին իր քերթուածներէն մինչեւ իր թշուառ ուսումնասիրութիւնները բանահիւսութեան Հայրենիք ») եւ մինչեւ « Օշին Պայլ », Լեւոն Սեղբոսեան առանց տէնտիզմի, վճռական պարկեշտութեամբ մը իրագործեց տիպարը, զոր եւրոպացիները կ՚որակեն աշտարակի /286/ գրագէտ ։ Ըսի, թէ իր գործը անհաղորդ էր իր շրջանին մայր տագնապներուն։ « Եսի մարդը », որ բացառիկ հոգեբանութիւն մը (1900–ի ցայգալուսային պայքարողները) կը յաւակնի նուաճել, տրտում ճապաղանքով մը ընկերաբանական թեզի մը կը վերածէ սրբազան տագնապը իր ժողովուրդին ազատագրութեան։ Ասիկա տիրական մէկ երեսն է անոր արուեստին։ Բայց միւս կողմէն չմոռնալ, որ ան հնգամեակ առ հնգամեակ հոգեդաշտ է փոխած։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ փոխնիփոխ ապրած է արեւելահայ եւ արեւմտահայ բարեխառնութեանց մէջ։ Ասիկա թերեւս իր վայել կարեւորութիւնը չգտնէ ձեր մտքին մէջ։ Բայց Լեւոն Սեղբոսեանի նման գրագէտի անխառն տիպար մը (կը զեղչեմ իր գիտական, հոգեբանական, մանկավարժական բոլոր յաւակնութիւնները, որոնք գրականութեան չեն պատկանիր արդէն) բացառիկ առիթ է, որպեսզի այդ երկու գրականութեանց քանի մը ինքնայատուկ կողմերը սեւեռուին, կարկառի վերածուին։ Ու, բնական է հետեւութիւնը, այս վերլուծումը յետոյ տանիլ իր համադրումին, որով կ՚ունենանք գրագէտը, որ մեր հաւաքական յատկութիւններուն ամենէն ընդհանրականները ըլլար խտացուցած։ Լեւոն Բաշալեանն ալ, Ծերենցն ալ ապրեցան արեւելահայոց մէջ։ Բայց այս մարդոց գործը զուտ արեւմտահայ ոգիի մը յայտարար է լոկ։ Պատերազմէն ետք արեւելահայեր ունեցանք, որ գրեցին մեր մէջ, բայց չէին դադրած իրենց տեղբնական հոգեբանութենէն։ Լեւոն Սեղբոսեան բախտը ունեցաւ կերպընկալ ջղային դրութիւն մը պաշտպանութեանը տակ դնելու արթուն բանականութեան մը։ Ան հայաստանցի միջին աշխատաւորի մը հաստատ զգայարանքները, սրատես ախորժակները, պարզ ու իրաւ ապրումի սովորութիւնները (բոլորը կրնաք տարածել դէպի արեւելահայ գրականութեան մեծ նկարագիրները, որոնք ուրիշ քիչ բան են այս մայր ձգտումներէն դուրս) հրաշքով մը անխաթար պիտի պահէր քմայական այն խուլ, խօլ որոնումներուն (իրենք՝ արեւելահայերը կարծեմ հնարած են հիմա՝ մտորումներուն ) ընթացքին, որոնք այնքան դժուար, անյարիր, անմիտ բան մը կ՚ընեն արեւմտահայ գրական ճիգը։ Ու եթէ երբեք արուեստագէտը ըլլար այնքան կատարեալ այդ մարդուն մէջ, որքան էր ձգտողը, մենք կ՚ունենայինք այսօր գործը, որ մեր ժողովուրդը ներկայացնէր անառարկելի ճշգրտութեամբ մը [2] ։

/287/ Լեւոն Սեղբոսեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ մարդն է, որ հակառակ իրեն ընծայուած կարելիութեանց, զգուշացաւ այդ ժողովուրդը զարնող հսկայ աղէտին մօտենալու։ Իր արդարացո՞ւմը։– Աւելի բարձր մարդկութեան մը կերտումին իր հետապնդումը, ինչպէս կ՚ուրուանայ իր գործը յատակող ոգիէն, ինքնին կը դառնայ անբաւարար, եթէ ոչ եղջերուաքաղային, երբ այդ արդէն բնաջնջած կ՚ըլլայ այդ ժողովուրդը։ 1909–ին Երեւանի մէջ « Հին աստուածներ » խաղը կը գրէ ան, երբ ասդին իր եղբայրներուն արիւնը կը հոսէր այնքան անաստուած մարդոց ձեռքով։ 1920–ին « Արեգ »ի մէջ հրատարակած « Շղթայուածը », հայկական հին միթոսէ մը աշխատանքի յաղթանակը երգելու ցանկութեամբ, երբ թերեւս խաղին յօրինման տարիներուն վիշապը կերեր էր այդ ժողովուրդին լաւագոյն մասը։ Մեղադրանք չեմ ըներ։ Կը ճշդեմ գրագէտի անոր կեցուածքը, ախորժակները։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ համամաս նիւթերու սպասարկու այս գրագէտը, ոսկի երիտասարդութենէն մինչեւ ծերութիւն, իր մտադրածէն չըրաւ շիջում ու շեղում, /288/ քալեց իր մեծաւորի ճամբան, իբր թէ հայ ազգային տագնապը ու յարակից հարցերը չունենային գոյութիւն։ Ոմանք այս կեցուածքը գուցէ արժեւորեն։ Ուրիշներ դատապարտեն։ Բայց ահա ուրիշ անուններ « Կայսրը », « Հին աստուածներ », « Ինկած բերդի Իշխանուհին », « Օշին Պայլ », բոլորն ալ պատմական խաղեր։ Ներկայէն փախուստ մը միշտ վատութիւն մը չէ անշուշտ։ Բայց, 1900–էն մինչեւ այսօր մեր գրականութիւնը (Լեւոն Սեղբոսեան ատոր ըմբռնողութեան մէջ ամրապէս կը մնայ կառչած արեւելահայ, օգտապաշտ դաւանանքին) առաւելազանց չափով մը պարտաւոր էր սպասարկել մեր նսեմացած հոգիներուն կորով, առնութիւն մատռուակելու, ո՛չ թէ անհատներու կասկածելի երգ մը տարփողելու (Լեւոն Սեղբոսեանի խաղը կու գայ Իպսէնեան անհատապաշտութենէն « Լերան աղջիկը » գերման ԺԸ. դարու պոէմայի մը գնացքով Հերման եւ Դորոթէա » ) ժամանակակից թուրիսթի մը աչքն ու ախորժակները կը պատմէ եւ ո՛չ թէ հայ լեռը, լեռնականը, աղջիկը։ Անկնիք սա ստեղծումը կրկնապէս կ՚ըլլայ դատապարտելի, երբ զայն ենթադրենք հպատակ գրական դաւանանքի մը։ Ի՞նչ անուն տալ վերլուծումին, որ « Ձիւնը » անունով պատմուածքին մէջ կը փորձուի։ Հերոսին հայ անունը այնքան պիտակ։ Հերոսուհիին ֆին ծագումը այնքան աննպատակ։ Երկուքին ձգողութիւնը այնքան սովորական, չըսելու համար գռեհիկ։ Այն ատե՞ն։ Ինչո՞ւ գրուեցան այս բոլորը։ Ու կու գամ տագնապին, որուն ակնարկուած է մուտքին։ Քննադատը համադրումի իր ճիգին մէջ կը տառապի ճշդելու այն քանի մը հիմնական տարրերը, որոնցմով մեր միտքին մէջ գրողի իր անունը կը վերածուի հաստատուն իրականութեան։

 

Ու այս ամէնուն մէջ, տարօրինակը՝ սակայն, ա՛ն, որ Լեւոն Սեղբոսեան իր ասպարէզը կանխապէս ճշդած, անոր համար լուրջ ջանքերով պատրաստուած եւ անհրաժեշտ տաղանդով ալ օժտուած գրագէտ մըն է։ Էր ան այդ գրագէտը նոյնիսկ քնարական անդրանիկ իր փորձերուն, գրեթէ խառնուածքի մը յայտ խոստումովը, երբ գրեց իր ոտանաւորները, մեր կրտսեր ռոմանթիքներուն ու առջինեկ իրապաշտներուն տեսակ մը միացման կէտ դարձնելով զանոնք, թեթեւ, անկայուն, զգացական որոշ խտութեամբ, երգի մը պէս քաղցր ու ոլորուն, երբեմն ալ ծանր իրականութեան մը ամբողջ տագնապանքովը։ Թախծագին այդ պատմումներուն տակը կը թրթռաց մեր իրապաշտներուն խորունկ կսկիծը։ Տարիքը, Եւրոպան զինքը ըրին աւելի լուրջ, ու աւելի բարդ։ Բանաստեղծութեան հանդէպ /289/ հետզհետէ իր զգուշաւոր, աւելի վերջ օտարացած կեցուածք մը անարժան չէ նկատառման։ Ան չըրաւ դժնդակ զիջումը, իր հասունութեան մէջ, պատանութեան ըղձաւորութեանց, ու չգրեց, օրինակի համար՝ « Յիսուս մանուկը » (Եղիշէ Դուրեան)։ Գրողի յեղաշրջո՞ւմ, ճաշակի հարկադրա՞նք։ Ի՛նչ ալ ըլլայ զսպանակը սա վերապատութեան, ընդդէմ չափաբերուած խօսքին, տաղաչափութեան, Լեւոն Սեղբոսեան հետաքրքրական րոպէ մըն է արեւմտահայ քնարերգութեան պատմութեան մէջ։

Անոր խաղերը արժանի են առաւելազանց ուշադրութեան, բազմաթիւ հանգամանքներով։ Կու գան անոնք գրական ամուր, մանրազնին աշխատանքէ մը. կը պատկերեն ծանր, իր ժամանակը յուզող համամարդկային խնդիրներ, թեզեր, կը փորձեն եւրոպական նորագոյն թեքնիքներու փոխազդումը խեղճ ու պատառ, գրեթէ անգոյ հայ թատերական գրականութեան մէջ, անոր աւելի քան ողորմելի բեմը յարդարելով վայր մը այն հոլովումներուն, որոնք եւրոպական մեծ ոստաններու մէջ ներկայացումները կ՚ընեն տեսակ մը հրաշալի խառնուրդ իրականին եւ երեւակայականին։ Բեմադրութեան ընծայուած սա կարեւորութիւնը Լեւոն Սեղբոսեան մեղքը գործեց, սակայն, շփոթելու բուն իսկ արուեստին էութեան հետ ու կործանեց իր խաղը, գէթ անոր այն մասը, որ ամենէն աւելի աղմուկ հանեց, երբ կտոր-կտոր ընելու չվախցաւ դարաւոր օրէնքը գործողութեան միութեան ու նոյն երկրին մէջ քանի մը գործողութիւններ փորձեց քալեցնել, հոգեբանական ճնշումին տեղ բեմական յարդարանքը ունենալով իրեն սպահովութիւն։ Բայց այս մասին աւելի ուշ։ Հոս, իմ ըսելիքս, չ՚անցնիր ընդհանուր գիծերու հարկադրանքը։

 

Անոր վէպը շատ մը չէ անշուշտ հայ գրականութեան համար։ Կրնար գրուած չըլլալ։ Ո՛չ ինքը եւ ո՛չ հայ գրականութիւնը չէին տառասպեր այդ պակասէն։ Բայց ամօթ մըն ալ չէ անիկա։ Վրիպանքը, բոլոր այս վէպերուն, կու գայ թերեւս արուեստի կամաւոր կարգապահութենէ մը։ Լեւոն Սեղբոսեան նորութեան հետամուտ մարդը եղաւ, գրեթէ իմացական բոլոր գործունէութեանց մէջ։ Րաֆֆիի ռոմանթիզմը, Շիրվանզատէի ռէալիզմը, մեր իրապաշտներուն եղերական լալկանութիւնը մեր վէպին տուած էին իր կարելի նկարագիրները։ Լեւոն Սեղբոսեան իմացապաշտ վէպը ընտրեց, մեր մէջ դեռ չփորձուած, առանց վախենալու, որ իր հերոսները կը դատապարտէր Տիկին Տիւսաբի հերոսներու ճակատագրին։

/290/ Երկու բարեխառնութեանց մարդ, գրեթէ մինակն է ան, որուն գործին մէջ մեր երկու գրականութիւնները կը ձգտին միութեան գիծի մը։ Պարզ, միջակ, ամուր, բայց երբեք տափակ իր արտայայտութիւնը լեզուն կը նկատեմ առանց դառնութեան, ինչպէս աւելորդ խանդավառութեան։ Զերծ է ան արեւմտահայ զարդախտէն, բառախտէն, նանրախտէն։ Ու վեր է նոյն ատեն արեւելահայ պապուկութենէն։ Նոր, ինքնատիպ գաղափարներէ իր ախորժանքը ասկէ խորապէս զուրկ, գեղջկամիտ արեւելահայ գրականութեան համար ուրիշ բարիք։


 



[1]     Լ. Շանթ մեռած է 1951–ին, Պէյրութ։ Ծանօթ. հրատարակչութեան։

[2] Ինչ որ ալ ըսենք, որքան ալ պոռպռանք, չենք կրնար փաստը հերքել, ըստ որում՝ արեւմտահայ գրականութիւնը մանտարինեան հոգեբանութեամբ գրողներու կողմէ իր մշակութիւն մեղքը չի կրնար քաւել։ Ապրէր այս ցեղը տակաւին հինգ դար մըն ալ, գտնելու համար իր հոգեկան միութիւնը եւ գային դատողները անոր գրական համայնական ճիգը տարազելու։ Հետաքրքրական ըլլալու էին անշուշտ այդ տարազները արեւմտահայ վաստակին շուրջ։ Բայց այդքան հեռուները երկննալէ առաջ, դժուար չէ տպաւորութիւններ բանաձեւել։ Չենք կրնար վտարել մեր, արեւմտահայ ժողովուրդը մեր գրականութենէն ։ Բայց չենք կրնար հերքել փաստն ալ, ըստ որում այդ գրականութիւնը հիմնովին կ՚ուրացուէր, կ՚ուրացուի եւ այսօր արեւելահայերէն ։ Ինծի կու գայ, թէ այս դժնդակ անհասկացողութիւնը ինքնին ուրիշ պակասի մը արդիւնքն է նոյն ատեն։ Ատիկա մեր ժողովուրդի հոգիին ճակատագրական անմիութիւնն է։ Դարերէ ի վեր մեր հոգեկան ամենէն խոր իրականութիւնը ինքզինք միայն ազատելը եղաւ ։ Ու նոյն լեզուն աւելի կամ նուազ տարբերակներով խօսող մարդոց, մտայնութեանց խումբեր կան, իրարու անվերածելի։ Սխալ պիտի ըլլար հայ կինը փնտռել Տիկին Սիպիլի վէպին մէջ, ինչպէս հայ յեղափոխականը Շիրվանզատէի թատրոնին մէջ։ Երկուքն ալ տարրեր ունեն, բայց ոչ ամբողջը թելադրող տիպարներ։ Լեւոն Սեղբոսեանի « Վերժին »ն ալ չէ անշուշտ հայ կինը։ Բայց անոր խաղերուն եւ վէպերուն մէջ մարդերը աւելի ընդհանրական են ու հետեւաբար տժգոյն, աւելի իմացապաշտ (ու հետեւաբար անհատապաշտ ) փաղանգներ կը կազմեն: « Հին աստուածներ »ու Վանահայրը աւելի է քան հայը. .. Բայց անոր Իշխանուհին պակաս է քան հայը ։ Լեւոն Սեղբոսեանի այս գործին մէջ այս ընդհանուր մասնաւոր հոգեբանութիւնը կը տարածուի իր սահմանէն շատ անդին: Արեւելահայ գրապաշտութիւնը եւ արեւմտահայ ռոմանթիզմը իրենց ամենէն նուազ բիծերովը կը ներկայանան ինծի Սեղբոսեանի գործին մէջ։