Ե.
ԶԳԱՅԱԿԱՆԸ
«ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»ԻՆ
ՄԷՋ
/100/
Առաջին
հաւաստումը,
հոս,
յաճախանքն
է
գիրքին
միւս
բարեխառնութեան,
իմացականին
։
Դժուար
է,
արդարեւ,
ամէն
էջի
մտածելու
արարքէն
մշտաձիգ
անոր
ուղեղին
համար,
իմացական
ճախրանքը
միայն
հետապնդող
փառասիրութեան
սոսինձներէն
ազատել
ինքզինք
ու
զիջիլ
գործածել
այդ
ուղեղը,
պարագրկելու
համար
վիճակներ,
որոնք
մեր
ամէնուն
կեանքին
նախանիւթերը
կու
տան
մեր
զգայարանքներուն
միջոցով
դանդաղօրէն
մթերուած
ու
մեր
փխրուն
եսին
յատուկ
իր
ճարած
խաւը,
ենթահողը
մեր
ապրումներուն,
ուր
պիտի
աճին
կարելիութիւնները
մեր
տիեզերքին,
ժամանակին
ծոցէն
զմեզ
սեւեռելով,
արձակելով,
ճառագայթուն
կամ
խաւարակալ,
քանի
մը
հզօր
տրամներու
ակօսին
ընդմէջէն,
ջախջախուելու
համար
կանգուն
մը
լայն
երկու
կանգուն
երկայն
բանի
մը
շրթներուն,
որուն
չեմ
տար
անունը։
Տիրան
Չրաքեան
չէ
ամրակալած
այս
յենակները,
ինչպէս
պիտի
ըսէր
ինքը,
ամէն
ինչ
վերացնելու
ձգտող
իր
լեզուով։
Անոնք
անընդհատ
կոտորակուած
են
նախ
ներքնաբար,
հեղինակին
հիմնական
անկարողութեանը
պատճառով
վիճակի
մը
վրայ
կանգ
առնելու,
այսինքն
անոր
բովանդակած
ապրումին
բոլոր
ստեղները
պարտ
ու
պատշաճ
շահարկելու։
Երկրորդաբար՝
միջամտութեամբը
իր
անխորտակելի
ուղեղայնութեան,
որ
իրեն
անարժան
կ՚ընծայէ
պարզ
կեանքին
դէմ՝
կենալն
ու
անդրադարձելը,
զայն
մղելու
ծանր
այլայլացումներու,
իմաստայնացման
processus-ի
մը
ենթարկելու
կեանքին
պարզագոյն
պայմաններն
անգամ։
Անշուշտ,
գրագէտին
ուժը
այնքան
մեծ
է,
որ
նոյնիսկ
պակասաւոր,
այդ
վիճակները
իրենց
պահերուն,
կը
թուին
գրաւել
հոգեկան
յատակը
ու
կը
ձգտին
ոճ
մը
կերպադրել։
Յետոյ
չմոռնալ,
որ
լայնութեան
պարունակ
մը,
բոլոր
այս
զգայութիւններուն
համար
պատրանքի
սքանչելի
աղբիւր
մըն
է։
Կը
մտնէք
գիրքին
մէջ,
լաւ
տիրապետուած
զգայութիւններու
տարափի
մը
տակ։
Ձեզի
կը
թելադրուին
/101/
պահ
մը,
գիշեր
մը,
ծովեզերք
մը,
ծովու
մը
բացերը,
սկզբնական
հորիզոնի
մը
բոլոր
ընկալչութեամբը։
Քանի
մը
ուժգին
գոյներ,
ամուր
գիծեր
կը
պաշտպանեն
խաղարկութիւնը։
Ձեր
հետը
ունիք
արտաշխարհին
ապահովութիւնը,
ինչպէս
լայնութեան
հաճոյքը։
Երկրորդական
տպաւորութիւններ
կու
գան
աւելի
ամրացնել
սա
վստահութիւնը,
մինչեւ
որ
միջամտէ
անխուսափելին։
Ձգուին
երկիրը,
զայն
շինող
հաստատ
շերտերը
ու
բացուին
կամարները։
Այն
ատեն,
առանց
ծանր
անձկութեան,
բայց
միշտ
որոշ
վախով
ու
դժգոհութեամբ,
դուք
պիտի
հետեւիք
այդ
վիճակներէն
անդիին,
այս
անգամ
շատ
հեռու,
շատ
անգայտացած
նոր
տիեզերքներու
պարունակներուն,
իմաստէ
ու
պատմութենէ,
ու
մոռնաք,
թէ
ուրկէ՛
կու
գաք
ու
հարցնէք
նեղուած,
թէ
ի՛նչ
է
ձեր
գործը
այս
դոնդողակերպ
միգամածներուն
ծոցը
տհաս,
անհակակշիռ,
քմայահոս
թէութիւններուն։
Այսպիսով
է,
որ
զգացական
աշխարհը,
որով
գիրք
մը
վկայութիւն
մը
կ՚ըլլայ,
Չրաքեանի
մօտ,
պիտի
գործածուի
մեղապարտ
նպատակներու։
Գիրքին
բախտէն,
սակայն,
այդ
աշխարհը
իբր
նախանիւթ
ներաշխարհեան
կացութիւններու,
դարձեալ
պայմանաւոր
է
իրագործուած
մասերովը
այն
գեղեցկութեանց,
որոնք
տեղ
մը,
պահ
մը
կը
գրաւեն
սա
արեւին
տակ
(գեղեցկութիւնը
ցաւին
ու
ժպիտին
հաւասար
է
հոս)։
«
Ներաշխարհ
»ը
այն
գիրքն
է,
որ
իր
խարիսխները
դրած
է
անհաստատ
տարրերու
մէջ։
Անիկա
չէ
յարգած
տեւողութիւնն
ալ։
Ու
միջոցէն
եւ
ժամանակէն
զերծ
ըլլալու
սա
փառասիրութեան
վրայ
երբ
աւելցնենք
մտածական
ալ
փառասիրութիւններ,
դուք
դժուարութիւն
չեք
ունենար
հասկնալու,
թէ
ինչո՛ւ
այդ
գիրքին
մէջ
վիճակները
միշտ
ուրուային,
հոգեբանութիւնը՝
միշտ
տարրական,
նախնական,
յուզումները
միշտ
թեթեւ
կը
թուին
մեզի։
Անոր
հեղինակը
ճամբայ
չէ
ելած
վէպ
մը,
ինքնավերլուծում
մը,
քերթուած
մը,
վկայութիւն
մը,
յիշատակներու
շարք
մը,
սանկ
ու
նանկ,
մեզի
ծանօթ
արուեստի
արեւէ
կտակ
ձգելու
հաստատ
մտադրութեամբ։
Այլ՝
հոգեբանութեամբը
կիսաստուածի
մը,
ահաւոր
հերոսի
մը,
նոր
աշխարհ
մը
գտնելու
խանդավառող
մեծամտութեամբը։
Ու
մեկնումի
կէտը
կը
լուսաբանէ
շատ
մը
կողմերը
սա
մութ
արկածախնդրութեան։
«
Ներաշխարհ
»ը
տեղ
մը
չէ
գացած,
նախ
ատոր
արհամարհանքովը
(քանի
որ
ատիկա
պիտի
նշանակէր
ամէնուն
նմանիլ),
յետոյ
ատոր
անկարողութեամբը
։
Ծովերու
խուզարկումը
թիթեղէ
կամ
ոսկեթերթէ
պատուած
փայտերով
փորձել
պիտի
նշանակէր
ատիկա
(քանի
որ
Չրաքեանը
գրելու
մղող
պէտքը
ոճի
խուլ
փառասիրութիւն
մը
կամ
գիտակցութիւնն
է)։
Չրաքեանի
«
Նե
/102/
րաշխարհ
»ը
խոր
դատապարտութեան
տակն
է
սա
մեղապարտ
dessousներուն։
Արուեստի
գործ
մը
չի
կրնար
ազատել
ինքզինք
զգայարանական
նպաստէն։
Չրաքեանի
վիճակները,
հոգեպահերը,
իրենց
տեսակարար
կշիռովը
չեն
նպաստեր
սակայն
գիրքին,
թեթեւ,
արագ,
ուրուային,
գէշ
բառով
մը
պզտիկ
ըլլալնուն։
Եղանակը՝
պզտիկ
պահերէն
իրենց
կարելի
մեծութիւնները
արտահանելու,
կորզելու
իր
մօտ
հակառակն
է
դարձեալ
հակառակաց
օգտապէս
գործածուած
կերպին։
Տոսթոեւսկի
չի
սրբագրեր,
կը
բանայ
իր
տողերը
։
Մեր
լեզուով՝
ատիկա
կը
նշանակէ
առաջին
նուաճումին
անբաւականութիւնը
լրացնել
աշխատիլ։
Յաջորդական
հեղումներ
կը
լեցնեն
վիճակին
կարելի
հանդէսը
։
Այն
ատեն
է,
որ
մեր
ամենէն
առօրեայ
ապրումները
կ՚ընդարձակուին,
կը
գտնեն
իրենց
փաթաթներէն
անդին
իրենց
հաւանական
իմաստները,
ճամբաները,
որոնցմով
մեր
զգայնութիւնները
կը
հանդիպին
մեզմէ
դուրս
տարածութիւնը
ակօսող
բիւրաւոր
ուրիշ
դրութիւններու։
Ան
որ,
երիտասա՛րդ,
աղջկան
մը
ձեռքէն
բռնած
կը
քալէ,
պարզ,
ծիծաղելի
ձեւը
չէ
ռոմանթիք
սիրահարութեան,
այլ
դրութիւն
մը
յուզումներու,
հակազդեցութեանց,
տագնապներու։
Շարունակեցէ՛ք
վերլուծումը,
քննեցէ՛ք
տղան
ու
աղջիկը
իրենք
իրենցմէ,
որպէսզի
ըլլան
ասոնք
տան
մը
զաւակները,
իրենց
այսպէս
կոչուած
ջղային
դրութիւն/103/ներով,
դասակարգի
մը
նմոյշները,
դաստիարակութեան
մը
տախտակները։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
մարդերը
բարդ
տրամներ
են,
իրենք
իրենց,
առանց
պայքարի
նոյնիսկ,
երբ
կը
վերադառնան
զիրենք
այդպէս
յարդարող
պատճառներուն
ցուցահանումին։
Ի՜նչ
անբաւ
զգայնութիւններու
(դուք
սրբագրեցէք
փոքր
վիճակներու)
գինն
է
պայման
մը։
Արուեստի
գործ
մը
այս
ծովէն
վերբերում
մըն
է։
Վերլուծական
վեպը
(զոր
կրնանք
գործածել
«
Ներաշխարհ
»ը
գէշ
աղէկ
պիտակելու
համար)
անով
թանկ
է,
որովհետեւ
մեզի
կ՚առաջնորդէ
քանի
մը
դրութիւններու
յատակը
մինչեւ։
Չրաքեան
ունի
վիճակներ,
իրենք
իրենց
մէջ։
Ամփոփ
են
ասոնց
շրջանակները։
Բայց
միգամածային՝
աշխարհը,
ուր
կը
ղրկուին
կամ
կու
գան
ուրկէ։
Բայց
ասոնք
իրեն
համար
միջոցներ
են
անձնական
անդրադարձումներու։
Գեղջուկ
տան
մը
ետեւէն
ծաղիկ
մը
(
բանգը
)
իրեն
պիտի
տայ
ուժը
տասը
էջ
վերլուծումի,
որոնցմէ
երկուքը,
երեքը
բոյսին
ներկայացումն
են,
զմայլելի,
գրեթէ
անհաւասարելի
հարազատութեամբ
մը,
երանգներու
զգայարանքին
ամենաթափանց
ապահովութեամբը։
Որոնցմէ
ուրիշ
մէկ
քանիներ՝
մահուան
զգայութիւններ
կը
պատմեն
աւելի
կամ
նուազ
կասկածելի
հարազատութեամբ
մը,
բայց
դարձեալ
կը
պահեն
լրջութիւն
ու
թելադրականութիւն։
Որոնցմէ
ուրիշներ՝
ընդհանրացումներ
են,
կեանքէն
ու
մահէն
ալ
վեր։
(Եղանակը
այս
է
գիրքին
բոլոր
վիճակներուն
համար
ալ)։
Այս
իրերայաջորդ
վերծանումները
մէկ
ու
նոյն
նիւթին,
կատարուած
առանց
որոշ
ծրագրի,
նպատակի,
յաճախ
նոյն
փլանի
վրայ,
կը
ստեղծեն
ժանտ
յոգնութիւն
մը
(ասոր
երեւան
գալուն
մէջ
պզտիկ
չէ
բաժինը
իր
գրագէտի
նանրամտութեան,
ոճը
բեռնաւորող
իր
կամաւոր
դարբնումներուն),
որ
ընթերցումը
կը
վերածէ
տաժանքի,
քանի
որ
նիւթին
վրայ
սա
յամառումը,
տեղքայլը
միշտ
տեղի
կ՚ունենայ
նիւթի
եզրին,
միշտ՝
արտաքին
ազդմունքներով,
առատ
անցումներու
պատրանք
մը
չարաշահօրէն
օգտագործող։
Ճիշդ
է,
որ
այդ
վիճակները
(բոլոր
վիճակները
«
Ներաշխարհ
»ին)
կ՚ապրին
խիտ
ու
թրթռազին
մթնոլորտի
մը
տակ,
լայնօրէն
լուսաւորուած
իմացական
նշուլումներէ,
բայց
կ՚առանձնանան,
կորսնցնելով
յաջորդութեան
զգայութիւնը
իրենք
իրենց
ու
ընթերցողին
համար,
որ
պատրաստ
է
չհարցնել
անոնց
սա
սանձարձակութիւնը
ու
գոհանալ
րոպէականով։
Այդ
մեկուսացումները,
յաճախ
բռնազբօսիկ
ալ,
հոգեկան
մեծ
լինելութեան
վրայ
տեսակ
մը
շարժուն,
ծփուն
կղզեակներ
են,
որոնք
կ՚աշխատին
ունենալ
սեպհական
իմաստ
մը,
իրենք
իրենց
համար,
զիրենք
այդպէս
քշող
ուժերէն
մասամբ
մը
/104/
անկախ
(գէթ
այդպէս
թելադրող)
ու
իրենց
ձեւերուն
ալ
ներքին
ճարտարապետութիւնը,
ասիկա
թելադրող
խուլ
օրենքներուն
պատգամը։
Խենթը
միայն
ձեւ
մը
չէ,
այլեւ
խուլ,
անհասկնալի
օրէնքներու
դրութիւն
մը։
Ի՜նչ
փոյթ,
որ
Չրաքեան
պիտի
պատռտէ
ինքզինքը
այդ
օրէնքներէն
մէկ
քանիին
հասնելու
իր
ցանկութեան
մէջ,
մեծահեղեղ
անիմաստութիւն
քշելով
էջերն
ի
վար։
Մեր
մտքէն
կը
թռչին
այդ
տեսութիւնները,
բայց
կը
մնայ
ձեւը,
խենթը,
իբրեւ
դրոշմ
մը
խոր
մտապատկերներու։
Այսպէս
է
իր
եղանակը
զգայարանքներուն
տուրքը
մշտապէս
չարափոխելու
իմացական
ձգտումներով։
Յետոյ,
ամէն
վիճակ,
անոր
համար
դուռ
մըն
է
գլխագրուած
Անեզրութեան
մը
վրայ,
որ
իր
կարգին
մեծ,
իրաւ,
անկասելի
ու
անհասկնալի
կեանքն
է
մեր
վերեւ,
միջոցին
խորը
շամանտանուող
անհուն
անծանօթը,
Չրաքեանի
հեռատիպար
կախարդանքները,
անոր
միտքը
իրեն
քաշող,
թուլցնող,
խախտող
խորհուրդը։
Մարդեր
կան,
որոնց
մտքին
կապերը
պիտի
տկարանան,
այդ
առքը
դիմակալելու
անկարող։
Խենթէ՞րը։
Հանճարները։
Ոճրագործնե՞րը։
Շաբաթին
համար
մեռնողնե՞րը։
Ո՜վ
գիտէ։
Այն
պարագային,
երբ
անհունի
սա
առքէն
գրագէտը
ինքզինք
պահ
մը
յաջողի
ազատ
գիտնալ,
մենք
պիտի
ունենանք
աւելի
մեզամօտ,
որով
եւ
աւելի
սրտառուչ
խոստովանութիւններ։
Հոս
շրջագիծը
աւելի
համեստ
է
անշուշտ։
Վիճակներուն
առէջները՝
անյաւակնոտ։
Մարդն
է,
որ
ինքզինքը
պիտի
բաշխէ
իր
շրջապատին։
Մեր
վիշտերը
մեզմէ
դուրս
արձակումներ
են
այլեւս։
Ու
անզգած
ապառաժներ
իսկ
կը
քաղցրանան,
կը
մարդկայնանան։
Չրաքեան
տարազներ
հնարած
է
այդ
վիճակներէն
ոմանց
համար։
Գիտենք
հանրէութիւնը
(որ
կը
ձգտի
իր
ուղեղին
փշրանքները
հաւաքած
ըլլալ
դարերուն
ու
տիեզերքներուն
անբառոյքէն)։
Բնէականը,
հակառակ
իր
անորոշութեան,
կեանքին
սա
փոխադրումը
կը
թելադրէ
դէպի
անկէ
զուրկ
նկատուած
հոծ
կացութիւնները
իրերուն։
Բնամարդը
՝
մերձաւոր
ուրիշ
տարազ։
Ասոնք
կ՚ապացուցանեն
իր
ձգտումը
վիճակներէն՝
անվիճակը,
կազմաւորուածէն՝
անկազմը,
տարրէն՝
անտարրութիւնը
(ինք
պիտի
ըսէր
նիւթազերծումը
)
փոխն
ի
փոխ
թաւալ
գալու։
Ինչպէս
կը
տեսնուի,
ամէն
վիճակ,
իրեն
համար,
հակառակ
փոքրադիր
ծաւալին,
միշտ
կարելիութիւն
կ՚ընծայէ
մեծ,
անհունաստեղծ
հեռարձակումներու,
հիւլէացումներու,
երկնայնացումներու
–
բոլորը՝
սիրելի
մարզանքներ
իրենին
նման
նրբանուրբ
ջղային
սարուածով
մը
օժտուածներուն,
բայց
ոչ
մատչելի
հակառակաց
ճաշակին։
/105/
«
Ներաշխարհ
»ը
վերլուծական,
հոգեբանական,
բարուական
վէպեԼն
զատող
սա
մասնայատկութիւնը,
արժանիք
է
որքան
տկարութիւն։
Տուէ՛ք
զայն
կազմող
վիճակներու
գումարը,
օրինակի
համար,
Զօհրապին։
Արդիւնքը
էջ
մը
պիտի
ըլլար
հաստատ
տողերու,
բայց
ուր
բան
մը
իյնար
ընդմիշտ
սեւեռուած,
պզտիկ,
իրաւ,
յատկանշական
է։
Դժուարագոյնը
իրեն
համար
ընդնշմարուած
է
որեւէ
վիճակէ
–
բառին
տալով
հոգեբանական
processus-ի
մը
լայնքը։
Անգամ
մը,
որ
գտած
է
թելը,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
ան
խօլ
երջանկութեամբ
մը
պիտի
նետուի
զայն
քաշելու,
սնձանձիր
ու
անսպառ
դիւրութեամբ,
քանի
որ
կծիկ
մը
մինակ
բան
մը
չէ
սա
մեր
ու
թերեւս
մեզմէ
դուրս
աշխարհներուն
վրայ։
Ոչինչ
մը,
պատէն՝
նկար
մը,
ճամբէն
սայլ
մը,
երկու
լերանց
փէշերէն
ծովու
լեզուակ
մը,
զանգակ
մը,
յատուկ
անուն
մը,
յուշք
մը
բաւական
են
անոր
համար,
որպէսզի
դադրի
ինք
իրմէ,
անմիջական
անձնատուութեամբ,
ու
խորանայ,
որ
իր
կերպին
մէջ
հոմանիշ
է
լայննալուն,
ոչ
մէկ
ախորժ,
մտադրութիւն,
այս
ամէնը
հոգեկան
բարեխառնութեան
մը
ընդմէջէն
զարգացնելու,
գագաթելու,
ուրիշ
խօսքով՝
զգայարանքներուն
թելադրանքը
կազմակերպելու,
զանոնք
վերածելու
համար
աւելի
լայնատարր
արդիւնքի
մը,
որ
արուեստի
գործերուն
վերջին
նպատակն
է
միշտ։
Մենակ,
իր
ու
նիւթին
հետ,
իր
ուղեղը
կը
ճանչնանք,
այդ
մեծութունները
գործածելու
տեսակէտէն։
Խօսած
եմ
իր
աչքերէն,
որոնց
տարողութիւնը
տեղն
եկած
է
ճշդելու։
Գրագէտին
ամենէն
հաւատարիմ
զգայարանքն
է
ան,
ինչպէս
ամենէն
լաւ
սպառազէնը։
Կրնաք
լռութեամբ,
եթէ
ոչ
վարկաբեկող
տրամադրութեանց
մէջ
անցնիլ
անոր
միւս
զգայարանքէն,
ականջէն։
Կրնաք
սկեպտիկ,
եթէ
ոչ
անտարբեր,
դիտել
անոր
ճախրանքը
մտածական
ոլորտներէն։
Չէք
կրնար
Չրաքեանի
աչքին
տուրքը
ստորագնահատել։
Այն
միակ
անառարկելի
արժանիքը,
ուժը,
որ
այդ
մարդուն
անունը
կ՚աղօտէ,
ատիկա
իր
աչքերուն
առածն
ու
տուածն
է
իրերուն
աշխարհէն։
Այս
գործարանը
կը
տարբերի
մեր
գրականութեան
բոլոր
մեզի
ծանօթ
նրբագոյն
զգայարանքներէն։
Ան
չէ
գոհացած
մեզի
ընտանի
dimension–ներուն
նուաճումովը։
Ու
հրաշքը
հոն
է,
որ
չէ
ինկած
գոյնին,
գործին
երկրորդական
յաւակնութեանց,
գրական
կրկէսին
վրայ
զանոնք
գործածած
ըլլալու
սոսկական
նպատակներով։
Կ՚անուանէ
իրը,
անմիջապէս
անոր
տալու
համար
իր
շէնքը,
գիծերէ
ու
խորանարդներէ,
որոնք
կը
հպատակին
կախարդ
պրիսմակի
մը
խաղերուն։
Իր
նայուածքին
սլաքը
սուր
է
որքան
սողոսկուն,
առաձիգ
է
որքան
պարուրող։
Այս
զգայարանքով
/106/
առանձնացած
վիճակը
(առարկան,
իրեն
համար
ոստայն
մըն
է,
որուն
կեդրոնէն
ան
պիտի
արձակէ
անհամար
լարեր,
ամէն
ուղղութեամբ։
Անշուշտ,
դժուար
է
գործերով,
գիծերով
հաստատ
սեւեռումներու
հասնիլ։
Ի՜նչ
զաղփաղփուն
են
իր
նկարները,
անգայտ,
առաձիգ,
մշշային
ու
թեթեւ,
բայց
ի՞նչ
գեղեցիկ,
ի՜նչ
ձրի
ու
գեղօրային։
Այս
ճամբով
է,
որ
ան
պիտի
տարածէ
նկար(ագրութիւն)ը,
պզտիկ
հարուածներով,
ճօճումներով
ու
պիտի
ելլէ
դէպի
պարապը
երբեմն,
մտածումին
ամայութիւնները
գունաւորել
ձգտելով։
Երբեմն
անոր
պիտի
յաջողի
էջերու
վրայ
կատարել
այդ
դժուար
ստեղծումը։
Տեսաք
լոյսին
երանգներուն
դէմ
իր
ընկալչութեան
փաստը։
Կարդացեք
այն
ամէն
էջերը,
որ
բնութեան
պահ
մը
կու
տայ
խարիսխը
անոնց։
Իրարմէ
բխող,
իրարմէ
աղուոր
այդ
երանգներուն
իրականութեան,
հարազատութեան
չափ
անհանգստացող
առատութիւն
կայ
գիծերուն,
որոնք
ըլան
բաւական
կակուղ,
որպէսզի
պատշաճին
հոգեւորման,
ոգեւորման
processus-ի
մըն
ալ:
«
Դեռ,
մեղմօրէն
կ՚անձրեւէ
նոճիներուն
մէջ.
բոլոր
ցաւերը
արթնցած
են
յօրանջելով՝
հինաւուրց
ահարկու
ձանձրոյթ
մը
պատուհանս
կը
գունատէ։
Վերը,
նոճիներուն
թախծալի
երերքին
ու
աշխարհքին
վերեւը
միապաղաղ,
գորշութիւնը
թախծութիւն
կ՚արտասուէ.
անհուն
թախծութիւն
վիշտերու
յամր
ու
լռին
լացովը
զոր
կը
հոսէ
անշշուկ,
վերի
մեռելական
գորշութիւնը
կ՚արցունքոտէ
ամէն
բան.
իբրեւ
յոռետեսին
յղացած,
յոռետեսին
սպասած
մահուան
երանգը,
որ
աշխարհքին
վրայ
իջած
ըլլայ
մռայլամած
ճշմարտութենէ
մը.
պակուցիչ,
անխլիրտ
տիրականութեան
մը
գոյնը,
միակտուր
ու
վերջնական,
ուր
ամէն
երազ
կը
խղդուի:
Կ՚անձրեւէ,
կ՚անձրեւէ
մեղմօրէն,
սեւ
ծառերուն
երերման,
նոճիներուն
մեծ
սգերերքին
մէջ
մեղմօրէն
կ՚անձրեւէ։
Եւ
մանրամաղ
անձրեւին
իրականութիւնը
անգայտ
ծխայնութեամբ
մը
կը
հիւլէհոսի,
ու
նոճիները
կը
պարուրէ,
կ՚ողողէ՝
անջրպետին
անսահման
մշշային
սահմանողութեան
մէջ
նոճիներուն
սլացառկախ
անդրատենչութիւնը
շլմորած
կ՚երերայ։
Հովի
ընդհատ,
անզօր
արծարծում
մը
ստուերներ
կը
խուսափէ
նոճիներուն
ներքեւ
լճացած
ջուրերու
ցրտին
անփայլութենէն.
թրջած,
սրսփուն
ծղօտներու
շուրջ
անշարժ
առուակներու
շեղբային
երեսէն
մինչդեռ
հոծ
նոճիները
հովին
տակ
կը
սարսռան,
կը
հիւսալուծուին,
ու
անծալ
գորշին
վրայ
իրենց
ճօճուն
կմախներուն
սարսափը
կը
սեւագծին։
Կռիչներ
/107/
կ՚արձակուին,
պաղած
բարձունքներէ,
նոճիներուն
թախծալի
ծայրերէն,
ու
թռող
սեւ
որիները
կարծես
թէ
պատառներ
են
որ
կը
փրթին
անոնցմէ.
իբրեւ
թէ
նոճիները
որիներ
հառաչէին։
Եւ
անձրեւը
անընդհատ
կու
գայ,
բարակ,
մանրամաղ
անձրեւը,
գգուանքի
մը
պէս,
ինքնազրաւման
գալափարի
մը
յամառ
գգուանքով
կը
ցօղի`
սոսկալի,
անհաւատալի
անձրեւը,
վերի
գորշութենէն,
իբրեւ
բոլոր
յոռետեսութեանց
ձոյլ
սառչումէն,
տարածութեան
մէջ
իր
հալածանքը
ամպած։
Հոգւոյն
մէջ
յածող
յետամնաց
պզտի
հրճուանքները
կը
մարին,
երբ
որ
կայծի
մը
վրայ
ջուր
իյնայ՝
կայծը
ֆ՛սս
կ՚ըսէ,
կայծը
վա՜խ
կ՚ըսէ՝
կը
մարի.
ահաւասիկ
անձրեւէն
մարած
են
բոլոր
հրճուանքները,
բոլոր
կայծերը
որ
սրտիս
ա՛լ
սեւամաղձոտած
տրտմութիւնը
կը
մխիթարէին։
եւ
ուղեղս
մոխիրի
ցեխ
մ՚է
»
(«Ներաշխարհ»,
էջ
60–61)։
Ասիկա
անձրեւի
պահն
է։
Ո՛չ
մէկ
ընդլայնում
իմ
կողմէ։
Դիտել
կու
տամ,
որ
նման
պահեր,
ուրիշ
լոյսի
տակ,
լեցուն
են
հատորին
մէջ։
Դարձեալ
դիտել,
որ
այս
հրաշալի
էջին
պիտի
յաջորդեն
անտանելի,
ձգձգուած,
անպէտ,
նոյնիսկ
իմաստակ
ուրիշներ,
ո՛չ
միայն
վերի
օրինակէն
ետք,
այլ
գրեթէ
ամէն
տեղ։
Իմա՞ստը
այս
ընկրկումին,
այս
նուազումին։
Հաւանաբար
գրողի
հասկացողութեան
մը
անբաւականութիւնը
չի
միջամտեր,
որպէսզի
այդ
հասարակ
տեղիքը,
պատրանքով
լուսապսակ՝
տեղ
գրաւէ
այնքան
շքեղ
գեղեցկութիւններէ
վերջ։
Ներշնչումի
անհաստատութիւնը
մարդկային
է։
Բայց
մի՛
մոռնաք
յիշել
Փասքալի
ահաւոր
օրինակը։
Այդ
գնով
է,
որ
կը
մաքրուին
հակառակը,
փուճը,
անհարազատը։
Այդ
գնով
է,
որ
թօնօ
մը
անզուտ
հանածոն
պիտի
վերածուի
քանի
մը
կրամ
թանկ
մետաղի։
Այդ
պարկեշտութիւնը,
համբերութիւնը
չէ
ներած
իրեն
Տիրան
Չրաքեան,
որ
իր
վրայ
զմայլողներէն
առաջինը
ըլլալու
դժբախտութեամբը
ծնած
մեծամիտ
կամ
անմիտ
անձ
մըն
էր։
Ան
ամենէն
աւելի
կը
հասկնայ
գեղեցկութիւնը
վերը
օրինակուած
էջին
(կ՚ենթադրեմ,
որ
մէկ
շունչի
արդիւնք,
մէկ
գրիչով)
ու
ամենէն
ուշ
պիտի
համոզուէր
միջակութեանը,
հասարակութեանը
յաջորդողներուն։
Զգայարանական
մարզին
վրայ
սա
յաջողակութիւնը
ուրիշ
պատճառ
մը
նորէն,
աւելի
մեծ
պատրանքէ
մը։
Ատոր
ցաւագին,
որքան
անորակելի
մէկ
օրինակն
է
այն
գլուխը,
որ
կը
սկսի
«
Ամէն
բան
լոյս
պատկեր
մ՚է
…»
ու
կը
շարունակուի
երեսուն
ու
աւելի
էջերու
վրայ
(118-150),
հիմնական
վտանգի
մը
հետ
ամէն
տողի
ընթերցողը
ճա
կատելով։
Մանրանկար
գիրքն
է
այդ
գլուխը։
Անոր
գաղափարաբա/108/նութիւնը
խենթ
ին
իսկ
սա
մոթիֆովը
ինքնին
ամէն
վայրկեան
ենթակայ
է
ինքզինք
հերքելու,
կործանելու։
Այդ
բոլոր
սլաքները,
կայծակները,
Անեզրութեան,
Ազատութեան,
Ամենայնը
իւրացնելու
առասպելաբանութիւնները
կասկածելի
կը
մնան
նովին
իսկ
բանիւ,
ինչպէս
է
արդէն
իրականութիւնը
խենթի
մը
մտածման
հետ,
որ
ժամերով
կրնայ
դիմանալ
ու
պատրել,
բայց
որ
վերջին
րոպեին
ինքզինքը
կը
մատնէ
անկանոնելի
իր
կործանումովը։
Բայց
այդ
գաղափարաբանութենէն
դուրս,
այլ
երեսուն
էջերուն
մէջ
կան
զգայութիւններ,
լայնօրէն
հակակշռող
սա
կարգի
միտումներուն
ձրի
շատաբանութիւնը։
« ...
Խենթութիւնը
…
կենսական
ուժի
ապակեդրոնացում
մ՚է։
Յիշողութիւնը,
գիտակցութիւնը,
կամեցողութիւնը,
Եսը,
բաներ՝
որ
թոյլ
ու
քայքայուն
են
խենթին
մէջ,
պարզապէս
յայտակերպումներն
են
կեդրոնաձիգ
զօրութեան
մը
որ
կենսական
ուժն
է,
անշուշտ
ուղեղին
անորոշ
ու
խորհրդաւոր
ներքին
մէջ
հոծուած,
եւ
որ
մայր
կեդրոն
մ՚ու
առանցք
մ՚է
գաղափարներու
մօտաւորապէս
մոլորակային
դրութեանց
թաւալակոծ
բովանդակի
մը
որ
հոգեկան
ու
մտային
տրամադրութեանց
պարբերականութիւնը
կը
ծնի։
Հիացմամբ
կը
զգամ
թէ
միգամած
մը,
տիեզերք
մ՚է
միտքը,
ինչպէս
Տիեզերքն
եթէ
թերեւս
կեդրոն
մը
չունի՝
ոչ
թէ
անհուն
հանճար
մը,
այլ
գուցէ
անհուն
խենթութիւն
մ՚է
»
(«Ներաշխարհ»,
էջ
128—129)։
Չի՞
հասկնար,
թէ
բոլոր
այս
բառերը
ճիշդ
ու
ճիշդ
իրենց
ներհակին
համար
ալ
պիտի
կրնային
գործածուիլ
հաւասար
անպատասխանատուութեամբ։
Ու
հիմա
կարդացէք,
միշտ
այդ
գլուխէն .
«...
Ծռմռկած
կլոր
ֆէսը
սեւ
լաթի
մը
պիրկ
պատատով
զսպուած
է
պզտի
ճօճուն
ու
խռուամազ
գանկին
վրայ,
զայն
զսպելու
պէս.
դէմքը,
ճմռթկուած՝
կարծես
դիւային
ափի
մը
ճմլումով,
յեղյեղուկ
ու
կակուղ
միմքով
մը
ոգեւոր
է
ու
ցաւագին.
ծալուտ,
մազոտ
–
թէեւ
կ՚ածիլուի,
սրբագոյն
ու
անորոշ
կերպարանք
մ՚է
այն ...
»
(էջ
138)։
Մարդ
մը
նկարելու
սա
սուր
շնորհը,
ուր
վիպողը
դժուար
չէ
հաստատել,
ի՛նչ
դժբախտութեան
գնով
կը
վերածուի
ամէն
բան
ըսելու
շատախօսութեան.
ու
ընթերցողը
կը
ստիպէ
հանդիսատես
ըլլալ,
նոյն
այս
խենթէն,
այս
անգամ
հիմնովին
անշահեկան
մանր–մունր
արարքներու,
երկարօրէն
մանրամասնուած։
Հոս
կայ
հսկայ
պատրանքը
ա
/109/
մէն
ինչ
շահեկան
ընծայելու.
անշուշտ
իր
կողմէն
իրեն
շնորհուած
ուժի
մը,
հրաշքի
մը
միջոցով։
Եւ
սակայն
հրա՜շքն
իսկ
կը
յոգնեցնէ,
երբ
փոքր,
անարժան
արարքներու
վրայ
ինքզինքը
կը
յայտնէ։
Կը
տառապինք
այս
երեսուն
էջերուն
ընթացքին
ամէն
անգամ,
որ
կը
մտածէ
(ի
յառաջագունէ
ժխտական
տրամադրութիւն
մը
չէ
զսպանակը
այս
տառապանքին,
ներքին
նկարագրէն
իսկ
կը
բխի
անիկա),
կ՚ընդհանրացնէ
(որ
գրական
ձրի,
առնուազն
խնդրական
գործողութիւն
մըն
է
Չրաքեանի
մօտ,
միշտ
տրուած
ըլլալով
իր
մշակման,
պատրաստութեան,
կարելիութեանց
տարողութիւնը),
կը
միաբանի,
կ՚ինքնախօսէ,
կը
փիլիսոփայէ
։
Կը
տառապինք
դարձեալ,
երբ
քանի
մը
պիրկ,
հզօր
տողերու
մէջ
երեւակայութիւն
նուաճելէ
վերջ,
զայն
կ՚աղայ,
կ՚որոճայ,
ետ
կը
դառնայ,
ու
հազար
ու
մէկ
անկշիռ
մասեր
կը
նետէ,
միշտ
խենթի
մը
արարքներուն
պարունակին
մէջէն,
առանց
անդրադառնալու,
որ
այդ
երկրորդական,
անկարեւոր
շարժումները
մեզ
անտարբեր
պիտի
ձգէին
նոյնիսկ
ոչ–խենթերու
պարունակէն։
Այս
շրջուած
(à
rebours)
իրապաշտութիւնը
անտանելի
է
անով,
որ
ոչինչի
պէտք
կու
գայ,
նոյնիսկ
բարքերու
կարելի
սեւեռման
մը
բարիքէն
հարկադրաբար
զուրկ
ըլլալուն։
Կը
տառապինք
մանաւանդ,
շեղումներէն,
իմաստի
որքան
կեանքի
փլաններու
վրայ
գործադրուած,
նիւթին
հետ
շատ
տարտամ
աղերսով
մը,
երրորդական,
չորրորդական
նկատումներու,
դիտողութեանց,
թելադրութեանց
տարափէն,
որ
«
Ներաշխարհ
»ը
կ՚ողողէ
թարմատարով։
Այս
երեսուն
էջերուն
ընթացքին,
միշտ
պիտի
հանդիպինք
տողերու,
բացատներու,
իրաւ
ու
ապրուած
պահերու,
մարդկօրէն
քաղցր,
միջին
ու
ամէնուն
խօսող
զզացումներու,
որոնք
գլուխը
կը
տաքցնեն,
տեղ-տեղ
կը
բռնկցնեն
նոյնիսկ։
Ու
դարձեալ
պիտի
զմայլինք,
մէկէ
աւելի
անգամներ,
բացառիկ
ալ
հրափայլութեանց
առջեւ,
որոնք
կը
ցաթին,
կ՚աղուորնան
ու
կ՚անցնին
էջերուն
անդունդին
վերեւ,
խորհրդաւոր
լուսաւորներու
նման։
…
Ուրի՞շ
է
արդեօք
ճարտարապետութիւնը
ամբողջ
գիրքին։
Զգայական
վիճակներու
նիհար
քանակը
(գիրքին
մօտաւորապէս
մէկ
չորրորդը)
դժբախտութիւնն
է
հատորին։
Անոնց
առատութիւնը
պիտի
պակսեցնէր
անտարակոյս
իմացական
աւելորդ,
յաճախ
անիմաստ
յորդութիւնը։
Ճիշդ
է,
որ
որակի
տեսակէն
այդ
վիճակները
մեր
գրականութեան
մէջ
կը
մնան
եզակի,
ոչ–գերազանցուած,
քանի
որ
պատերազմէն
ասդին
Փարիզեան
թեւը
մեր
գրողներուն,
չունեցաւ,
հակառակ
իր
ցանկութիւններուն,
ներաշխարհեան
թեքնիքի
կատարելագործուած
էջեր։
Իր
սերունդը,
դէպի
քերթողութիւն
իր
հակումին
մէջ,
չըրաւ
փորձը
այս
վերլուծական
քնարերգութեան։
Իր
բոլոր
թերու/110/թուններով
Չրաքեանի
մեզի
հասած
որեւէ
վիճակ
մասնայատկութիւնն
ունի
մեզ
շահագրգռելու։
Ըսի
խենթին
մասին։
Գիտէք
լոյսը,
բանգը,
որոնք
նկարագրական
շքեղութիւններ
են
ամէն
բանէ
առաջ։
Կը
սպասէք,
որ
խօսիմ
Իռենա
յէն,
զոր
չարչարած,
վարկաբեկված
է
գիրքին
երայնքին,
քանի
մը
տեղ
սակայն
գտնելով
հզօր
գիծեր
ու
գոյներ։
Իրե՛ն՝
իր
խորհրդածութիւնները,
որոնք
մինչեւ
pédentisme
կը
տանին
երբեմն,
եթէ
մենք
պիտի
ուզէինք
կին
մը
տեսնել
այդ
յաճախ
ծանրաբեռն
նմանութեանց,
ձրի
վերագրումներուն
տեղը։
Իռենան
խորհուրդ
մըն
է.
գէթ
այդպէ՛ս
կը
ձգտի
թելադրել։
Սովորական
կամ
անսովոր
մտածման
սուզումներու
ընթացքին,
մէկէն
կը
շողայ
այդ
անունին
փայլակը
ու
կը
մարի։
Գիրքին
վերջին
գլուխը
նուիրուած
է
այդ
խորհուրդին
պարզումին։
Որեւէ
դատումէ
առաջ,
մէջբերումներ.
«...
Ահա
կ՚երթամ,
ամայի,
անսահման
Իրիկունին
մէջ,
ե՛ւ
բանաստեղծն
եմ,
ե՛ւ
սիրահարը
։
Անեզրութենէն
թափանցուած,
անեզրութենէն
այսահար
կ՚երթամ։
Աստղերու
հեռաւոր
նշոյլը,
անշարժ
ծառերուն
մեղմ
շշնջիւնը,
խոտերուն
դողդոջումը,
իրիկունին
մարող
բոսորը,
զենիթին
վրայ
սահող
ստուերի
այերովկէանին
ծաւալումը,
լռութեան
լաժուարդ
ու
խորին
տարածութիւն,
ու
հէք
զորս
քուրիկիս
աղօթքը
հեռուն,
ահագին
ներդաշնակութիւնը
որ
կը
պարուրէ
զիս,
ա՛լ
չապրելու
սրսփումներ,
հառաչալիր
թելադրութիւններ
կը
հոսին
ցաւագին
մտքիս
մէջ:
Իմ
բնազդիս
լաւատեսութեամբը
սիրած
էակս
ա՛լ
իմ
յոռետեսութի՛ւնս
է
միթէ
։
Անոր
մելամաղձութիւնը,
երկբայականութիւնը,
ստուերացումը
կը
տիրէ
տրտում,
երկբայական,
գիշերային
էութեանս։
Իռենային
անաշխարհայնութիւնն
ուր
կը
ձգտի
ընկլուզուելու
իմ
կիրքս,
տակաւ
միգամած
տեսակէտ
մը
կը
դառնայ
իմ
կյանքի
հայեցողութեանս
առջեւ.
կարծես
կը
ծիւրի
անիկա
անորակելի
անդրագոյն
բնագաւառի
մը
հայրենախտով.
եւ
աշխարհը՝
ցորչափը
չի
սքօղուիր
ստուերով՝
ցորչափ
չի
սքեմաւորի՛ր
եւ
աստղալի
Անեզրութիւնը
չի
գիտնար,
աշխարհը,
ցորչափ
իրիկուան
հայեցողութեան
մէջ
չի
խառնուիր
Անհունին,
դժնդակ
տեղ
մը
կ՚երեւայ
ինծի
որ
անոր
հոգւոյն
նոճեսլացքով
կը
յափշտակուիմ
իր
երազանքն
ի
վեր։
Ներսս
ամէն
ինչ
կը
կորսուի,
կը
հրահալի
անոր
զգայնութեանը
մէջ.
անոր
համար
կ՚ըլլայ.
անով
կը
բացատրուի,
անոր
կը
յանգի.
իր
կուսութեան
հիասոսկալի
ստուերին։
Սիրտս
ճշմարտութեան
տեսակէտ
մ՚է.
-
Իռենան
սկզբունք
մ՚է։
էութենէս
բղխած
/111/
անդրժելի
սկզբունք
մը։
Յաւիտենական
անդրեսութեանս
ոգին
է.
կուսեղութիւնը.
ա՛յն
է
ինչ
որ
եմ,
ինչ
որ
կ՚ըլլամ.
իմ
տառապանքներովս
ու
երանութիւններովս
բաղադրուած
միակերտուած
մեղեդի,
ներաշխարհէն
ելլող
միաձայն
ներդաշնակութիւն.
ո՛վ
իմ
ներաշխարհիս
գոյութեան
շքեղ
ու
ստուերալի
իմաստը:
Պէտք
էր
որ
իրօք,
մարմնովին,
էովին
կորսուէի
անոր
անձին
երանականութեան
մէջ.
անոր
նշանակութեան
խնկաբոյր
հեշտութեանը
մէջ
։
Երաժշտական
կենդանութեանը
մէջ
որ
անկէ
կը
բղխի,
կ՚եթերհոսի
իմ
մէջս,
ու
պտոյտ
կու
տայ
հիանուաղ
սրտիս
խաւարին
էութիւնս
իբրեւ
փայլակներու
մէջ
ինքնակորոյս
կը
բորբոքի.
ամէն
ինչ
ներսս
յանկարծ
կը
տոգորուի,
կը
լուսազանգուի,
անով.
ամէն
բան
զինքը
կ՚ըլլայ
յանկարծ,
յաւերժականութեան
պակուցիչ
զգայութիւններու
մէջ
որք
հանճարի
լուսեղէն
ու
համապարփակ
վայրկեաններուն
կը
նմանին։
Եւ
կ՚երթա՜մ,
փոսփորափայլ։
Իռենա,
Իռենա,
քենէ
եկող
արփային
շառաւիղներէ
հալածական,
թափանցուած,
քենէ
եկող
անդրմանիշակ
ճառագայթներէ
շնչասպառ
փոսփորափայլիլ
զգալով,
վառուելու,
նշուլարձակելու
հրեշտակային
երանութիւն
մը,
հոգեւին
աստղափայլելու
շլացքներ
զգալով։
Չի՜
գիտեր
թէ
ո՛ւր
եմ,
ի՛նչ
կ՚ըլլամ։
Սրսփուն
ամայի
գիշերամուտին
մէջ,
միայնակ,
ո՜վ
իմ
մելամաղձիկ
խաղաղութիւնս,
զքեզ
կը
տառապիմ,
զքեզ
կու
լամ
»
(«Ներաշխարհ»,
էջ
241—243)։
Տարբեր
չէր
կրնար
ըլլալ
տարփանքը
մարդու
մը,
որ
զգայութիւններուն
վրայ
շահադիտութեան
մը
վերածած
է
գրելու
շատ
պարզ
ու
պարկեշտ
տրամադրութիւնը։
Ասիկա
անշուշտ
ուրիշներու
չնմանելու
խուլ
ու
մեղապարտ
ցանկութեան
մը
խաթարումը
չէ
միայն,
անոր
ջիղերուն
վրայ
այդպէս
այլայլող
ու
գրեթե
անմարդկային,
այլ
ոճի
խաղարկութեան
մը
նոյնքան
յամառ,
մեղապարտ
սնոպութիւնը:
«Զանգակը»ով
սկսող
գլխուն
մէջ
տարբեր
չէր
վիճակը,
ժամ
գացող
հոգեբանութեան
մը
զառածումէն
մեզ
նեղող։
Ան
սիրելէ
առաջ
կը
մտածէ
այդ
զգացումին
շուրջը
թափառումներուն
տարողութեան։
Ու
ի՞նչ
տրտմութիւն,
որ
մարդոց
խորագոյն
զլացումը
անոր
համար
ըլլայ
նիւթ
(matière)
գրականութեան։
Կը
շարունակեմ
մէջբերումը։
«
Իմ
անձնաւորուած,
իմ
իտէանձնուած
երկինքս,
գիշերս,
ունենամ,
ցնորակոծ
արբենամ
զքեզ.
կոյս
մելամաղձութեամբդ
արբշռի,
հիահառաչ
անդորրի՛
վայրենի
խռովքս.
մի՛թէ
իմ
յաւերժական
իրա
/112/
ւունքս
չես
դուն.
դուն
որ
իմ
կատարելացումս
ես,
իմ
սրբացումս,
իմ
հոգիացումս.
մի՜թէ
պէտք
չէ՛
որ
խառնուիս,
տարրուիս
ինծի.
եւ
ա՛լ
ուրիշ
կյանք
չունենաս՝
իմ
Եսս
ըլլալէ
զատ.
ուրիշ
ձեւ՝
իմ
հոգիս
ըլլալէ
զատ.
ուրիշ
վայր
չունենաս
բայց
եթէ
իմ
անհուն
անէութիւնս.
վերադարձիր
ինծի.
իմ
արիւնէս,
իմ
մտածումէս,
իմ
հոգիիս
բղխած
երազ.
անյիշատակ
ատեններու
մէջ
ինձմէ
խնկաթեւած
հոգի.
կը
ճանչնամ.
միթէ
կը
կարծե՜ս
որ
մոռցած
ըլլամ
անցեալ
կատարելութեանս
ատենի
զմայլումս,
աղօթքս
որմէ
գոյացար
դուն.
մի՛թէ
կրնա՛մ
մոռնալ
իմ
կենդանութիւնս.
թոշնած
վարդը
մի՞թէ
չի
ճանչնար
իր
իւղի
շիթը.
թօշնած
նարնջածաղիկը
մի՞թէ
իր
ներոլակը
չի՛
ճանչնար:
Զքե՛զ
հեւացած,
զքե՛զ
միայն
եղած՝
ե՛ս
միայն
կ՚ըմբռնեմ
զքեզ.
ըմպեմ,
շնչեմ
զքեզ.
իւրախառնեմ
զքեզ.
վերստին
նոյնանամ
քեզի
հետ
եւ
իմ
երանութեան
անցեալիս
հոյզը.
ո՛ք
իմ
միւռոնացումս:
Շրթունքներս
քու
շրթունքներուդ
մերձեցնելով,
հպելով
փայլատակելէ
առաջ,
թափանցկացած,
թալկացած,
շնչեմ
զքեզ.
հիասոսկմամբ
զգամ
զքեզ,
իմ
իսկութիւնս,
իմ
արփս,
երանականութեանդ
հասած,
մերձեցած
ըլլալու
զգայութենէս
դողդոջեմ,
լուսնոտիմ,
սարսափահար
իմ
մահեշտանքս
խայտամ
խորհուրդիդ
արբեցնորող
բոյրին
մէջ։
Քու
ճշմարտութենէդ,
քու
գոյութենէդ
անէանա՛մ։
Մի՛թէ
կարելի
բան
է
որ
իմ
մատներս
հպած
ըլլան
քեզի.
միթէ
կարելի՛
է
որ
լսած
ըլլամ
ձայնդ,
ու
շունչդ
շնչա՛ծ,
քու
բոյրդ
խմած
ըլլամ,
քու
բերանդ
համբուրած
ըլլամ.
ներէ
իմ
հէք
կարօտիս.
իմ
պասքումիս.
անյագենալի՛
երջանկութիւնս,
անյագենալի
ազատագրումը,
զերծումս:
Իրա՛ւ,
համբուրա՞ծ
եմ
ես
քու
ծիրանի
բերանդ.
վա՜խ:
Ներէ՛
քեզի
հպելով
զքեզ
մարմնաւորած
ըլլալուս։
Ես
վայելեմ
զքեզ,
այնպէս
զքեզ
շնչելով
ինչպէս
ադամանդր
լոյսը
կը
շնչէ.
ինչպէս
նոճին
գիշե՛րը
կ՚ըմպէ։
Ա՜հ,
որքա՛ն
քաղցր
ես,
եւ
ինչպէս
կը
տխրեցնէ
զիս
քաղցրութիւնդ։
Քու
յուշացմանդ
պէս
քաղցր
ես
դուն,
զքեզ
կը
սիրեմ
իբրեւ
թէ
առ
յաւէտ
յուշացած
ըլլայիր.
կը
սիրեմ
զքեզ
իբրեւ
թէ
մեռած
ըլլայիր:
…
Գիտե՞ս
թէ
գաղտագողի
կանգ
կ՚առնեմ
ամայի
փողոցին
մէջ
եւ
պատուհաններուդ
նշոյլին
կը
նայիմ,
ամչնալով
կը
կենամ
հոն
քու
պատուհաններուդ
նշոյլին
նայելու
համար,
զքեզ
չտեսնելու,
զքեզ
զգալու
համար։
Պատուհաններուդ
լոյսին
զմայլումը
դիտելու
համար
։
Յետոյ
կ՚երթամ
նոճիներու
սենեակիս
խաւարին
մէջ,
սենեակիս
բոլոր
տարաբախտութեանը
մէջ
նստելու:
Ըսե՞մ,
հրեշտակս,
թէ
ինչ
կ՚ընեմ
ես
այն
տեղը։
Ծունկի
կու
գամ.
կը
կծկուիմ.
գլուխս
մահիճիս
կը
կռթնցումեմ,
դէմքս
գրկած,
տառապագին,
քու
/113/
վրադ
մտմտալու
համար:
Մտքիս
լոյսերուն,
յորձանքներուն
մէջ
կը
կանչեմ
զքեզ,
կ՚ընկլուզիմ,
կը
մղձկիմ
քու
ծանօթութեանդ
չարչարանքին
մէջ,
ծանօթութեանդ
խելացնոր
տօնին
մէջ.
սիրտս
ցաւալի
կերպով
կը
տրոփէ.
պաղատագին
կը
մտածեմ
քու
վրադ։
Ի՜նչ
կը
խնդրեմ
քենէ՜.
ոչինչ.
ոչինչ.
իմ
յաւիտենական
ոչնչացումս.
իմ
կորուստս,
իմ
ծիւրումս
ու
ցնցումս,
վախճանս.
եւ
քու
ծագումդ,
զեղումդ
իմ
անէացմանս
մեծութեան
մէջ:
Քեզի
կը
պաղատիմ
որ…
մի՜թէ
ես
գիտե՛մ
ինչ
որ
կը
պաղատիմ
քեզի.
զքե՜զ
կը
պաղատիմ,
ո՜վ
իմ
հոգիս,
շնչասպառ:
Եւ
սարսռագին`
բա՛ն
մը
չեմ
ուզեր
քենէ.
կու
լամ
որ
ըլլա՛ս
դուն.
Ահա
ասանկ
կ՚աղօթեմ
քեզի,
ծնրադրած,
եւ
ծունկերս
ցաւ
չէն
զգար.
գլուխս
չ՚աճիւնանար,
կուրծքս
չի
կոտրիր։
Արդեօք
այս
աղօթքը
զքեզ
կը
նեղացնէ՞.
արդեօք
զքեզ
մտքիս
մէջ
կոչելով,
չքանալու,
զմայլած
սպառելով`
որպէսզի
հոն
գաս
դուն,
չե՞ք
բռնաբարեր
քու
ազատութիւնդ.
քու
կուսութեանդ
խորհուրդը
չե՞մ
անարգեր
իմ
արու
թշուառութեանս
մէջ
կանչելով
տեսիլդ։
Մի՛թէ
դուն
կրնա՞ս
աղարտուիլ
ասով,
իմ
լուսանիւթ
ոգիս,
ո՜վ
իմ
արցունքում
ստեղծուած
ստուերանոյշս.
իմ
արցունքիս
ստուերանշոյլ
սարսուռով,
արցունքիս
բարոյականովը
բանաստեղծուած
երազս։
Դու
ուրիշ
բան
չես՝
քու
մարմինդ
ուրիշ
բան
չէ
այլ
քու
հոգիդ,
այլ
իմ
հոգիս:
Իմ
տառապանքս,
քայքայումս՝
կը
համադրէ
զքեզ,
ինձմէ
լուռ
հառաչներ
կը
քակուին,
էութենէս
պատառներ
կը
փրթին
զքեզ
կազմելու,
զքեզ
աւարտելու
համար.
ինձմէ
սպառելով
կտրուած
լար
մը
քու
դաշնակութեան
մէջ
զմայլելի
շեշտ
մը
կ՚աւելցնէ.
իմ
տագնապէս,
մոլորումէս
կ՚ելլէ
երկնային
խաղաղութիւնդ.
զմայլելութեա՜նդ
խաղաղութիւնը։
Որքան
շնչասպառիմ,
այնքան
հոգի
կ՚ըլլաս
դուն,
կը
հասնիմ,
կը
ցամքիմ,
եւ
կ՚երկնածաղկիս
դուն.
ինչպէ՛ս
իմ
խորին
աշունս
քու
հեշտաբոյր
գարունդ
կ՚երազէ,
իմ
փտութիւնս
ի՛նչպէս
քու
տադուրային
բոյրդ
կը
սաստկացնէ.
դուն
իմ
անէացմանս
երանաւէտ
կեանքն
ես.
միթէ
իմ
գերեզմանէն
բուսած
դրախտաբոյր
ծաղիկ
մը
չե՛ս
դուն
»
(«Ներաշխարհ»,
էջ
243-247)։
Դիտմամբ
արտագրեցի
սա
երկար
հատուածը։
Հոն
է
Չրաքեանը
իր
գէշ
զգայապաշտութեան,
ֆրազաբանութեան,
գրական
աճպարարութեան
վսե՜մ
շնորհներովը։
Ուղեղը
կրնայ
հիացումով
ճաշակել
այս
բառերու
անձրեւին
տամուկ
հասարակութիւնը
ու
այդ
խաղերուն
անսպառ
կրկնումին
մէջ
ընդունիլ
հանճարային
անպատասխանատուութիւնը։
Ինծի
համար
այդ
էջերը
մեծ
զգացման
մը
խարդախում՝
անգին
չեն
զօրեր
թելադրել։
Այսպէս
չեն
սիրեր
երիտասարդները,
երբ
/114/
ատիկա
ցուցնելու
մենագարութենէն
մտահալածուած
չեն։
Այդպէս
կ՚ուզեն
երեւիլ
անոնք,
որ
իրենց
«ոճին
երիվարին»
վրայ
ամբարձիկ,
կը
վարգեն
աջ
ու
ձախ
ու
կը
պոռպռան։
Գերազանցապէս
մարմնական
արարքէ
մը
հոգեկան
ոստայնացում
մը
ստեղծելու
փառասիրութիւնը
թերեւս
թաքուն
զսպանակն
է
սա
ցեղծանումին։
Ծայրեծայր
faux
այս
էջերը
ես
կ՚արձանագրեմ
այն
բռնավաստակին
կողմը,
ուր
արդէն
կը
բազմին
անոր
փիլիսոփայական
անդաճմունքները,
ընկերաբանական
տեսութիւնները,
անեզրախտութիւնները
եւ
որ
ի
կարգին։
Ու
հիմա,
բո՛ւն
Չրաքեանը։
«...
Այսպէս
հոն,
ամէն
ինչ
որ
կը
վերաբերէր
երկրին՝
ուղղապէս
ու
լիովին
հոգիին
կ՚երթար.
եւ
այսպէս
խորին
էր
հաճոյքը
որ
կը
թրթռացնէր,
կ՚ապրեցնէր
զիս
երբոր
խառնածին
ոստանին
մէջ
կը
տեսնէի
Արեւելքը,
—-
լուսապայծառ
Ծովուն
առջեւ
կորացող
հեռանուազող
Քաղաքը,
քանի
մը
արաբաձեւ,
ծիթրաւարտ
(terme.
en
bulbe
մինարէներով
գեղազարդուած,
որ
իրիկունները,
վերջալոյսին
ոսկեդեղին
յստակութեան
վրայ
կը
պատնեշէր
իր
տանիքներուն
զանգուածին
հարթբեկագիծ
շքանկարը,
ծովը
մթագնելով,
եւ
առաւօտեան
ծովուն
թափանցկութեան
մէջ
կը
ցոլածփէր
իր
արեւակէզ
քարակոյտին
ծիրաներփնումն
արեւածագէն,
գաղջ
ու
լուսանշոյլ
աւազափունքն,
ուր
խաժ
ծփանքները
կու
գային
փռուելու,
եւ
զոր,
աւազափանց
ազատութեան
մէջ
պղնձադէմ
տղաքներու
վազվռտուքը
կը
կոխկըռտէր,
կամ
վարշամակաւոր
աղջիկներու
բոպիկ
ու
հեշտին
երթեւեկն
ու
խաղե՛րն՝
արեւին
մէջ
պզտիկ
խմբակով
կոկոզիկ
ըրած,
կամ
մեծ
ընկողմանած
նաւակի
մը
շուքին
տակ
լեցուած
թուխ
ու
լուսածիծաղ
աղջիկներուն.
հեռաւոր
փողոցներու
տաք
կեանքը,
շողշողուն
ցերեկին
մէջ.
ամբոխին
աղմկալի,
խայտաբղետ
յարածփումը,
քրտնշուլող
անցուդարձը
կպրային
ոսկեմոյգ
(mord.
)
կերպարաններու,
պարեգօտներու,
ամղաններու
լուսածուփ
յեղյեղումը,
սեւ,
յորդառատ
վերարկուածքներու
մեծվայելչութիւնն,
ամբողջ
մովը
եզերտքի
տարազներու
բոլոր
վեհագիծ
փաղփումները.
ճերմակ
հագած
ֆէլլահներու
բոպիկ
զուարթագին
խառնաղանճովը
շաղապատուած,
սեւապարփակ
կիներու
թանձրոյքը,
հոս
հոն,
ցուցառաջքներու
դէմ
յամող,
շուկաներու
կամարացուրտ
ստուերին
գաղտանշոյլ
ընչաւէտութեանց
մէջ
սուզուող,
յուլացող,
շուկաբերաններէն
դուրս՝
շլացու
/115/
ցիչ
ուղփին
մէջ
յանկարծ
երանաւէտ
լուսաւորումը
խայտակեդրոն
փաթթոցներու,
ուսերը,
որոց
վրայէն
կամարին
ստուերը
կը
սահէր
կ՚իջնար,
ծաղարաններու
ոսկեզօծ
լորձունքը,
վաճառքներու,
արելելեան
իրերու
գեղեցիկ
երփնախառնուրդը,
տարաշխարհի
միրգերու,
երեկորնական
պտուղներու
կոյտերը՝
ծածքերուն
շուքէն
դուրս
յորդած,
հրավառ,
այնուհետեւ
մութ,
մաղձային
արաբերէնին
հեշտալուր
աղաղակն
անընդհատ,
կորովի
շուրթերէ,
հագագներէ
առոգանուած,
թաւալուած,
իր
ձեւային
իւրյատուկ
մտածողութիւնը
բարաւորներու
մարմարներուն
վրայ
դրոշմած,
կրպակներու
ներսը՝
շրջանակներու
մէջ
իր
անհուն
խոյանքներով
հառաչալիր
վերտառուած,
յետոյ,
յանկարծ՝
լուրթ,
անվրդով
հանգիստը
կողմնակի
գռեհներու,
լուռ
տուներու
ներքեւ
կամարուած
կարճ
լուսայանգ
անցքերու
հովանին,
փակ
միականի
փեղկերու,
խաւարին
դուռներու
խաղաղութիւնն,
ուր
շաքարեղէգներու
ոսկի՝
ծիրանի
ցօղուններով
բեռնաւոր
կնոջ
մ՚արաբ
վանկը
կը
հնչէր,
մենաւոր,
եւ
նորէն,
միշտ՝
փոշոտ,
յուսողոդ
զեռումը
պողոտաներուն
վրայ,
եւ
անոնցմէ
վեր,
երբեմն,
ստուերալի
փողոցի
մը
ծայրին
դէմ`
բազմանկիւն,
դրուագեղ
միմյարէի
մը
մովրաձեւ
աշտանակումը
կապոյտին
մէջ,...
(«Ներաշխարհ»,
էջ
221-223)։
Այս
թափով,
իրականութեամբ,
խորհրդով
ու
գունագեղ
զանազանութեամբ,
ուրուային
բայց
ամբողջ,
կը
շարունակուի
սա
ոգեկոչումը,
միակտուր
կառոյց,
տակաւին
6-7
էջ,
առանց
հանգիստի
(որուն
պէտքը
չես
զգար
արդէն,
այնքան
հեշտ,
իրաւ
ու
քաղցր
է
սա
թաւալումը
տեւողու
թիւնն
ի
վեր
ու
միջոցն
ի
վեր)
արեւելեան
այդ
վայրանկարին։
Չեմ
յիշեր
որեւէ
գրականութեան
մէջ
կարդացած
ըլլալ
նման
խռովիչ
հրաշալիք
մը,
որ
ո՛չ
նկարագրութիւն
է
հաստ
իրապաշտութեան,
ո՛չ
տարաշխարհութիւնը
ռոմանթիքներուն
ու
ո՛չ
ալ
աւելի
նոր
ժամանակներու
թելադրական
reportage–ը։
Այդ
ութը-տասը
էջին
վրայ
Չրաքեան,
առանց
գիտնալու,
մոռցած
է,
թէ
ինք
հանճար
մըն
է.
պարտքին
տակը՝
աշխարհը
հիացնելու,
տուած
է
իր
զգայութիւնները
առանց
այցուելու
աւելորդ
փառասիրութիւններէ։
Արդիւնքը,
ինչպէս
ըսի,
սա
հրաշալիքն
է,
որուն
ազդեցութիւնը
կը
տարածուի
գլուխին
մնացեալ
մասերուն
ալ
վրայ,
ընելով
ափրիկեան
այդ
ապրումը
մէկը
ամենէն
քաղցր
վայելքներէն,
զոր
տուած
ըլլան
երբեք
գիրքերը
մեզի։
Գլուխին
մէջ
նոյնքան
խռովիչ
է
սրճարանի
մը
աշխարհն
ալ,
ուր
հաշիշը
կը
մատուցուի։
/116/
Ու
կը
հարցնեմ.
–
Ի՞նչն
է
միջամտողը,
այս
զմայլելի
էջերը,
այսպէս
անաղարտ
պահելու
հանճարային
յաւակնութեանց
սեթեւեթէն,
մտածելու
մոլախտէն,
ու
պատահական,
առնուազն
խորհրդական
ընդհանրացումները,
զեղծումները
ոսկեզօծել
իր
եթերին
կամաւոր
պատրանքէն։
Ո՛չ
հոգեբանութիւն,
ո՛չ
խորհրդաճակատ
սաւառնումներ
(որոնք
բուրգերուն
առջեւ
անոր
զգայութիւնները
կը
վտանգեն
ու
զայն
կը
մղեն
անխուսափելի
ֆրազաբանութեան),
ոչ
ալ
ընթացիկ,
լրագրական
ծանօթութիւններու
հերքումը,
ու
իր
ոճին
վրայ
իր
մեղապարտ
վստահութիւնը
կշիռ,
չըսելու
համար
տեղ
մը,
դեր
մը
չունին
այս
անխառն
գլուխ-գործոցին
կառուցումին
մէջ։
Չրաքեանին
բաւած
են
իր
աչքերը,
ականջները,
քիչիկ
մըն
ալ
սիրտը
այսինքն
զգայարանական
իր
միջոցները
։
Ու
կը
հարցնեմ.
–
Ո՞վ
է
մեղաւոր,
որպէսզի
ամբողջ
«
Ներաշխարհ
»ը
չըլլար
շարք
մը
նման
անկնճիռ
գեղեցկութիւններու։
Ի
վերջոյ
կեանքը
կեանք
է
ամէն
տեղ,
երանգի
թեթեւ
տարբերութեամբ
մը։
Փոխադրեցէք
այդ
ոգեկոչումը
Պոլիս,
Սուլթան
Ահմէտի
հրապարակը։
Ու
պիտի
տեսնէք,
որ
տեղական
գոյնի
ու
հարազատութեան
շնորհները
չեն,
որ
կատարած
են
հրաշքը։
Նկարիչի,
գրագէտի
մը
համար
արտաշխարհը
մէկ
է
գրեթէ,
ո՛ր
կիսագունտին
ալ
վրան
ըլլայ։
Չրաքեանի
կղզին
(Իռենայի
հետ
վերջին
էջերը),
սենեակը,
Սեւ
ծովը,
անտառները,
Նէպիանը,
Իւսկիւտարը
կը
պահեն
ամէն
կարելիութիւնները,
մեզի
մատուցուելու
սա
եգիպտական
հրաշագեղութեամբ։
Կը
հետեւի,
թէ
հեղինակը
ինքն
է,
որ
այլայլված
է
իր
զգացողութիւնները,
անոնց
վրայ
անխնայ
փռած
միգամածային
մշուշը
անտեղի,
անտանելի
մտածումներուն,
երկնասուզումներուն։
Այս
քրէական
յանցանքին
գինն
է
ահա
«
Ներաշխարհ
»ի
կորանքը։
*
*
*
Զգայական
մասերը,
երբեմն
ամբողջ
քանի
մը
էջերու
վրայ,
չընդմիջուելու
բախտով
մը,
աւելի
յաճախ՝
մտածական
մարզանքներու
ընդմէջէն,
կը
մնան
«
Ներաշխարհ
»էն
իբր
լաւագոյն
վկայութիւններ
ծանօթ
հեղինակին
գրական
հսկայ
տաղանդէն։
Չեմ
մօտենար
սա
գեղեցկութեանց
գնահատումին
օրենքներով,
մանտաներով,
փոսթիւլաներով,
որոնք
գրական
գործին
շուրջը
դրութիւններու
ծով
մը
կը
պտըտցնեն,
անկէ
պահանջելու
համար
բարիք
(bienfaisance),
բարոյական
անդրադարձում,
ժամանակի
մը
նուաճում,
բարք,
տիպարային
ընդհանրութիւններ
եւ
որ
ի
կարգին։
«
Ներաշխարհ
»ը
վի/117/րաւոր
է
այս
պահանջներուն
հանդէս
անծածկելի
անբաւարարութեամբ
մը։
Ինչո՞ւ
պետք
է
սակայն
գեղեցկութեան
մը
վայելումը
կապել
իրեն
հետ
տարտամ
աղերս
մը
միայն
պարզող
հարցերուն։
Կ՚ընե՞նք
նոյն
բանը
այսօր
«
Աղօթամատեան
»ին
(Նարեկացի
համար,
որ
կը
մնայ
ճշմարիտ
գրական
հրաշալիք
մը,
հակառակ
իր
խորքին
հանդէպ
մեր
կարելի
անտարբերութեան։
Իրողութիւն
է,
որ
մեր
դրական,
անհորիզոն,
անիրական
կամ
շատ
ճիղճ
հոգեբանութեամբ
մը
անտանելի
գրականութեան
մէջ
ոչ
ոքի
յաջողուած
է
սկսիլ
քերթուածը
այնքան
պարզ,
սովորական
պայմաններէ,
զայն
քանի
մը
խոշոր
գիծերով
անգամ
մը
կտաւին
վրայ
գամելէ
ետք,
վերադառնալ
անոր
բանումին,
առանց
կրկնութեան
զգայութիւն
մը
արթնցնելու
ու
վերակազմել
ամբողջը,
անտիպ,
ուրիշներու
անմատոյց
տարրերով
ու
թեքնիքով։
Ո՛չ
մէկ
գիրք
մեր
մէջ,
անոր
մօտիկ
չափով
մը,
կու
տայ
սէնֆոնիք
տպաւորութիւնը,
որ
բազմամակարդակ
գրականութեանց
նկարագիրն
է
ու
մեր
ճաշակներուն
մէջ
նոր
է,
որքան
սիրելի։
Միամակարդակ
(uniplan)
գրականութեան
մը
ձգտող
մեր
ճիգը
(որ
ամբողջ
արեւելահայ
դպրութիւնը
կ՚ընդգրկէ,
առանց
մէկ
գործի
բացառութեան
եւ
արեւմտահայ
վաստակին
ալ
ջախջախիչ
քանակը)
Չրաքեանի
մէջ
շեղում
մը
կը
փորձէ։
«
ՆԵրաշխարհ
»ը
անարդար
պիտի
ըլլար
փորձել
այն
վարժութիւններու
գնով,
որոնք
արեւմտահայ
գրական
բարեխառնութիւնը
կը
մասնաւորեն։
Անոր
մեծ
գործաւորները
Դուրեան,
Եղիա,
Թէքէեան,
Վարուժան,
Մեծարենց
զգայութիւններ
են,
որոնց
տարողութիւնը
մեզի
համար
դժուարութիւն
կը
հանէ
ո՛չ
թափանցման
ո՛չ
ալ
վայելումի։
Անշուշտ
միամակարդակ
մեծ
կառոյց
մը
գրական,
երաժշտական,
ճարտարապետական
ինք
իր
մէջ
շքեղ
համադրում
մըն
է
երբեմն։
Այդ
զգայութիւնը
կու
գայ,
կ՚ըսեն
ճամբորդներ,
Այրարատեան
դաշտին
մէջ
մեր
երկրին
մեծ
լեռնէն,
Մասիսէն։
Այդ
զգայութիւնը
ես
ունեցեր
եմ
մեր
սրբազան
երաժշտութեան
որոշ
նմոյշներէն
ու
մեր
աշխարհիկ
երգին
համադրական
պատկերէն։
Մեր
հին
մատենագրութեան
ամենէն
տիպարային
գիրքերը՝
Խորենացի,
Փարպեցի,
Եղիշէ,
մեր
աղօթքներէն
որոշ
միութիւններ
(մանաւանդ
ձեռնադրութեան
ծանրակառոյց
ու
վսեմաշունչ
աղօթքները)
կու
տան
մեզի
տպաւորութիւնը
անմիջական
ուղղակի
ողողման
մը,
որ
գործէն
կ՚անցնի
մեզի
ու
մեզ
կը
միախառնէ,
առաջին
իսկ
մակարդակի
զգայութիւններ
միայն
օգտագործելով։
Բայց
«
Աղօթամատեան
»ին
վայելումը
կարօտ
է
ուրիշ
պայմաններու։
Բայց
գոթական
քաթէտրալի
մը
արթնցուցած
/118/
յուզումները
միշտ
ենթակայ
են
մէկէ
աւելի
փլաններէ
բխող
զգայութիւններու։
Բայց
Վակներեան
օփերայի
մը
վայելումը
պայմանաւոր
է
շատ
մը
դրութիւններու
(ջղային
կեդրոններ)
համանուագ
նպաստին։
«
Ներաշխարհ
»ը
այն
քիչ
գիրքերէն
է,
որ
նման
ազդեցութիւններ
կը
միջամտեն,
մեր
յուզումը
գունաւորող։
Նկարչական
շատ
յստակ,
արդար
զգայութիւններ,
մտածական
ճիգին
տագնապը,
աշխարհը
ըմբռնելու
համար
մեր
անձուկը,
մարդկային
տառապանքին
թրթռումները,
ձեւերուն
ու
շարժումներուն
իրարու
վերածումը,
այս
արարքին
ընկերացող
պրկումները,
աշխարհ
մը
երազ
ու
ասոնց
մոխիրը,
մնայուն
ամպը
Անհունին,
Անեզրին
անդոհը,
որ
երկինք
կոչուած
խենթեցնող
խորհուրդն
է
մեր
գլխին
կախ
–
տարրեր
են,
որոնց
աղբիւրները
կը
գտնուին
անջրպետով
իրարմէ
բոլորովին
հեռու
դրութեանց
մէջ։
«
Ներաշխարհ
»ը
գիրքն
է,
ուր
այս
ամէնը
կ՚օգտագործուին։
Հասկանալի
է,
թէ
ինչո՛ւ
անոր
հանդէպ
ընթերցողները
այցուին
այնքան
ներհակ
տպաւորութիւններէ։
Եթե
անհրաժեշտ
է,
որ
գիրք
մը
վերածուի
մանրանկար
պատկերի
մը,
«
Ներաշխարհ
»ը
կը
զատեմ
քանի
մը
մեծ
շերտերու,
որոնք,
իր
ըրածին
պէս
(«
Մեկնողական
»,
ուր
իր
գիրքը
գլուխներու
վերածելու
փորձը
կ՚ընէ
այնքան
կամայական
կերպով
մը),
չըլլան
մութ,
խնդրական
տարազներ,
այլ
մերձաւոր
թելադրանքներ
անոր
ամբողջութենէն։
Գիրքի
մը
հետ,
որուն
տիրական
ձգտումը
շեղումն
է,
տարազները
հարկադրաբար
կը
դառնան
յարաբերական։
Յաճախուած
եղանակներու,
վերադարձուած
թեմա
ներու,
կրկնուած
վերլուծումներու,
նախասիրուած
մոթիֆներու
ընդհանուր
գնացք
մը
կայ
գիրքին
մէջ։
Այսպէս,
ա.
Անիկա
որոշադրուած
հոգեկան
պահերու
տիրապետում
մը
կը
հետապնդէ,
լայնօրէն,
երբեմն
յոգնեցնելու
աստիճան
մանրախոյզօրէն
զննուած,
որոնք
կը
սկսին
մութ,
խաղաղ
ծփանքներով,
ինչպէս
կ՚իջնեն
խաւարին
մեծ
ալիքները
դաշտերու
երեսին
ու
կ՚ընդարձակուին,
բուռն
ներդաշնակութեան
մը
ի
խնդիր։
Ինքնին
այդ
պահերը
կ՚ընկղմին
ուրիշ
պահերու
հանդէսի
մը
մէջ,
անկշիռ
յարաբերութեամբ
մը
մայր
վիճակին
հետ,
որ
այս
անգամ
տարտամ
ակօսի
մը
դերին
կը
վերածուի,
ամէն
ծագերէ
անոր
ուղեղը
խուժող
զգայութիւնները,
հակազդեցութիւնները,
փոսփորափայլութիւնները
համախմբելու։
Ու
աւելի
յաճախ
հիմնական
պահը
կը
կորսուի
աչքէ,
ձեզ
ձգելով
հազար
ու
մէկ
թելադրութեանց,
ազդմունքներու,
մտա/119/ծական
նշուլումներու
տարափի
մը
տակ,
ալեկոծ
ծովու
մը
վրայ
հազիւ
նաւակ
մը
ունենալով
ինքզինք
բռնելու։
Յետոյ
ինք,
գրողը
կը
յոգնի
այս
ամէնուն
սպառիչ
ճնշումէն։
Այս
է
պատճառը,
որ
ո՛չ
մէկ
վիճակ,
պահ
չաւարտին,
գտնեն
իրենց
հանգիստը
ու
տան
տպաւորութիւնը
պակասին,
զոր
ընթերցողէն
աւելի
հեղինակը
կը
զգայ
արդէն,
երբ
մէկէ
աւելի
անգամներ
կը
վերադառնայ
հոն,
ուրկէ
մեկնած
էր։
Չեմ
գիտեր
որքա՛ն
ճիշդ
է
այս
եղանակը
մերձեցնել
երաժշտական
մշակման,
որուն
սեպհական
մէկ
կողմն
է
մեղեդիին
ընդլայնումին
մէջ
միշտ
ամուր
պահել
սկզբնական
պողոտան
ձայնի
ալիքներուն։
Հոգիի
պահ
իբր
սկսող
այլ
ինքնավերլուծումները
կը
տառապին
շատ
մը
աղաղակներու
ներքեւ,
քանի
որ
կտաւը
զգայութիւններուն
ձգուած
է
բախտին։
Ներկայացվող
պատկերներուն,
մտածման
փայլակներուն,
փշրանքներուն
դէմ
սա
անկարող
ներողամտութիւնը
պատճառն
է
գիրքին
տկարութեան
որքան
հրապոյրին։
Ու
դուք,
որ
սպասումին
մէջն
էիք
հայ
երիտասարդի
մը
հոգիին
մէկ
պայծառ,
յատկանշական,
ցեղին
համար
հասարակաց
մէկ
պահը
գէթ
ունենալ,
կը
նեղուիք
ի
վերջոյ
ձեզի
մատուցուածէն,
որ
ամէնէն
ծուէններ
ունի,
բայց
չէ
այդ
ամէնը։
Ամբողջ
հատորը
8-10
վիճակներ,
պահերու
վերլուծումն
է
։
Չունիմ
առարկութիւն,
եթէ
երբեք
այդ
ութը-տասը
վիճակները,
պահերը
թելադրեն
ինծի,
իմ
ժողովուրդի
համար
(գէթ
անոր
ընտրանիին
համար)
ընդհանրական
զգայութիւններ։
Ըսեր
եմ
անդին,
Չրաքեանի
մտադրութիւնը
արտուզումը
ըլլալով,
այդ
վիճակ–պահերուն
ալ
նկարագիրը
ինքնաբերաբար
ներհակօրէն
կը
զարգանար։
Բայց
այն
ատեն
կը
ծագի
միւս
հարցումը.
–
Ո՞ր
ժողովուրդին
համար։
Փոխադրեցէ՛ք
«
Ներաշխարհ
»ը
որեւէ
եւրոպական
լեզուի,
անմիջապէս
պիտի
զգաք
մեծութիւնը
աղէտին։
Վասնզի
մեզի
համար
քիչ
շատ
տանելի
խաղարկութիւն
մը
օտար
ոեւէ
միջին
մտքի
համար,
«
Ներաշխարհ
»էն,
առնուազն
նախատինք
է
իրաւ,
պարկեշտ
մտածումին։
Ինչ
որ
պիտի
գրաւէր,
միշտ
այդ
օտար,
միջին
ընթերցողը
այդ
գիրքէն,
անոր
զգայարանական
պատառիկները
պիտի
ըլլային,
անոր
կեանքը
ոգեկոչելու
շարժանկարային,
բայց
այնքան
ներքին
իսկութեամբ
հարուստ
մանրադիր
touche–երը,
որոնք
էջին
վրայ
հեռու
վայրերուն
հոգին
իսկ
կը
յաջողին
ցոլացնել
երբեմն,
ֆիզիք
գիծերու
ապշեցուցիչ
հարազատութեան
վերեւ։
Ո՛չ
վէպ,
ո՛չ
յուշ,
ո՛չ
վերլուծում,
ո՛չ
կեանք,
ո՛չ
մտածում։
Բայց
այս
ամէնուն
պատրանքին
մէջ
երկնուած
գործ
մըն
է
«
Ներաշխարհ
»ը
ու
կնիքին
յղացքին
տակն
է
յղացքին
իսկ
խօթութեան,
չեմ
ըսեր
ամբարշտութեան։
Վերցուցէ՛ք
գիրքին
մարմինը
այսպէս
փաթթող,
/120/
խզտող,
անճանաչելի
ընծայելու
չափ
խեղաթիւրող
եկամուտ
տարրերուն
մեղքը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
անոր
մտածական
ճախրանքները,
ուռուցիկ
ճիգերը։
Անոր
ես
ը
սատարող
զգայութիւններուն
բնական
ընդլայնումը
միայն
ղեկավարող,
զգուշաւոր
թեքնիք
մը
պարտադրելով
անոր
ցատկտուն,
շեղումներու
խենթ
մտածողութեան,
գիրքը
կը
դառնար
արդար
պատկեր
մը
մարդէ
մը,
որ
այդ
բոլորը
(զոր
թխմած
է
«
Ներաշխարհ
»ի
մէջ)
մեզի
քշելու
հարկէն
փոխանակ
տառապելու,
տքալու,
պիտի
պարզէր
ինչ
որ
1880–ի
սերունդին
(իրապաշտներուն
սկիզբը
եւ
ռոմանթիքներուն
տեղքայլը
)
շատ
յատկանշական
հոգեյատակը
կազմեց։
Անոնք
գիրքերու
վկայութիւնները
կը
ջանան
օգտագործել
սերունդներու
թափանցումին,
հասկացողութեան
վրայ
իբր
հզօր
վաւերաթուղթեր,
ու
անոնք,
որ
գրական
գործերու
մէջ
կ՚ախորժին
ենթաշխարհներ,
կէս-գիտակցութեան
մէջ
սուզուած
հոգեկան
դրութիւններ
ենթադրել,
չեն
ներեր
Չրաքեանի
խուսափուկ
յօրինումները
իրմէն
ու
իր
ժամանակէն։
Նոյնիսկ
անտանելի
«
Իննեակ
ի
/121/
մաստասիրական
»ը
(Մրմրեան)
ապացոյց
մըն
է
1860–ի
սերունդին
ոգեպաշտ,
ռոմանթիք
միտքէն։
«
Ներաշխարհ
»ը՝
ո՛չ
ոքի։
բ.
—
Որոշ
պահեր
արտաքին
աշխարհի
(կեդրոն
ունենալով
Պոլիսը,
Եգիպտոսը
)
ոչ՝
անշուշտ
վէպի
մը
մէջ
օգտագործելի,
հերոսներուն
հոգիին
արտաքնացմանը
իբր
նպաստ.
ինչպէս
վարժուած
ենք
հանդուրժել
անոնք
իրապաշտ,
տոքումէնթի
սիրահար
դպրոցին
մէջը
բնապաշտներուն,
բայց
տարաշխարհեան
զգայութիւններ
հետապնդող
սա
նկարագրամոլ
կեղծիքին
մէջը
աւելի
նորերուն
(մէջը՝
Չրաքեանը)։
Չրաքեանի
հետ
հարցը
այլապէս
բարդ
է
սակայն։
Այդ
պահերը
ո՞ր
նպատակներու
սպասը
կ՚ընեն։
Տրուած
ըլլալով
անոնց
հեղինակին
վրայ
տիրական
տաղանդը
գոյներու
եւ
գիծերու
արուեստէն,
ու
ապշեցուցիչ
հարազատութիւնը,
որով
գիրքին
նկարագրական
մասերը
իրենց
մանրախոյս
առատութիւնը
յաճախ,
եթէ
ոչ
միշտ
կ՚ազատեն
մեր
չկամութենէն,
ու
ան
միւս
աւելի
թանկ
արժանիքը,
որ
հոգեղէն,
իմացքի
էութեամբ
մըն
ալ
շոգեւոր
են
անոնք,
մարդ
կը
մատնուի
վարանքի
իրողութիւնը
բացատրելու,
հասկնալու
իր
ճիգին
մէջ։
1900–ը
ծանօթ
է
մեր
գրականութեան
մէջ
իբր
ոսկեդարը
փուճ
նկարագրութեան,
արձակ
քերթուածին
(որ
արձակ
նկարագրութիւն
է
գրեթէ
միշտ)։
Այն
ատե՞ն։
Այսինքն
Զարուհի
Գալէմքեարեանի
մը,
Անայիսի
մը
եւ
ուրիշ
աւելի
տխուր
անուններու
կողմէ
հեշտագին
կիրարկուած
մոլութի՞ւնը
գոյներու
զիջութեան,
կամ
նոյնքան
դժբախտ
քերթողականը
Սիպիլ—Չօպանեան
Յարութիւնեան
բանաստեղծական
իրաւապաշտութեան,
եւ
կամ
տափակ,
ցեխաթուրմ,
շաղղասարաս,
դիարանի
(morgue)
հոտերով
զզուառիթ
պատկերացման
մը
հպարտութի՞ւնը
(«
Միամիտի
մը
արկածները
»)։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
շրջան
մը
ամբողջ
ուրիշ
բան
չէ
ըրած
գրեթէ։
Ու
երբ
Տիրան
Չրաքեան
կը
նկարագրէ,
միտքը
ակամայ
կ՚այցուի
միւս
տրտմութիւններով։
Իրողութիւն
է,
սակայն,
որ
նկարը
ընդարձակ
կտոր
մըն
է
եւ
ուր
նկարի
մը
վրայ
նկարագրականին
չարիքը
ան
դիմակալած
է
ու
ինքզինք
կը
կարդացնէ։
«
Դէպի
Եփեսոս
»ը,
«
Տաւրոսէն
անցք
»ը,
«
Սամոթրակէ
»ն
(յիշելու
համար
միայն
մի
քանին
«
Ներաշխարհ
»էն
դուրս
իր
արտադրութիւններէն)
նկարագրական
էջեր
են,
այսինքն
արտաքին
աշխարհի
որոշ
պահեր։
«
Ներաշխարհ
»ի
մէջ
ասոնց
տեղը,
հեռու
գրական
որեւէ
նորոյթի
սնոտիքէն,
տաղանդի
իսկ
հիմնամասին
համազօր
կը
դառնայ։
Ինչ
որ
այդ
արդիւնքը
կը
զատէ
շրջանին
թշուառութիւններէն,
ըսի
քիչ
վերը,
անոնց
արտակարգ
հարազատութիւնը,
հարստութիւնը,
ոգեղինութիւնն
է։
Աւելի՛ն.
անյաջող
ձգտում
մը
երկու
աշխարհները
(
նկարն
ու
արտը
)
իրարու
վերածելի
ընելու,
հոգին
առար
/122/
կայել
շէնքերուն
ու
նկարին,
վայրին,
տեսիլին
տարրերովը
ու
ասոնք
ազատել
նիւթին
հնչումէն։
Չէ
տուած
արտաշխարհի
պահ
մը,
առանց
այս
արդար
ու
պատուաբեր
խորքին
(ուրիշ
հարց՝
յաջողուածքին
աստիճանը
կամ
տարողութիւնը)։
Մեկնելով
այս
հաստատումէն,
մատնանիշ
ընելով
առաւելապէս
այն
էջերը,
ուր
մտածայնացման,
ուղեղայնացման
եղանակը
մնացած
է
իր
ամենէն
համեստ
չափերուն
մէջ,
Չրաքեանի
նկարագրական
սեւեռումները
կը
դառնան
«
Ներաշխարհ
»ին
ամենէն
բարի,
անփոխարինելի
շնորհները
պարագայ,
որ
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
կը
փաստով
տաղանդին
ուժը,
բոլոր
սեռերէն,
դրական
արտադրութեան
պատգամներէն
վեր։
Պզտիկ
(երբեմն
ընդարձակ
ալ)
քերթուածներ
են
այդ
պատառիկները,
վերցուած
արտաշխարհէն,
որոնց
երանգային
զարմանալի
հարստութիւնը
համազօր
verbal
բազմազանութեամբ
մը
պաշտպանուած
է
յաճախ
(յիշել
լոյս
ին
այն
էջը,
ուր
մեր
լեզուին
այդ
տարրը
բացատրող
բոլոր
բառերը
կը
շահագործէ
ու
առարկայական
ճշդութեան
պատրանք
մը
կը
վերածէ
գրական
հրախաղութեան
մը
հրաշքին)։
Երբեմն,
անոնք
առանձին,
ինքնագլուխ
panneau–ներ
են,
գրքին
քովն
ի
վեր,
լայն
զեղազարդող
սուղ
նկարներ,
իրենք
իրենց
համար
գործադրուած,
իրենցմով
ապրող
ու
ինքնաբաւ.
բայց
որոնց
առանձնացումը
չի
բռնանար,
վտանգելու
աստիճան
խորքին
էութիւնը։
Այս
շքեղ
քանդակները
իրենց
բոլոր
վայելչութիւնը
պահելով
հանդերձ,
կը
կատարեն
իրենց
խուլ,
հեռազդեցիկ
դերն
ալ,
իրենց
իսկ
գեղեցկութեամբը
ցոլաւորելով,
ոճաւորելով
պահը
(Ռոզիին),
որուն
համար
արդէն
հանդերձուած
էին
անոնք
հոգիին
անդունդներէն։
Ու
«
Ներաշխարհ
»ի
ճարտարապետութեան
մէջ
որոշ
կերպ
է
ասիկա։
Հոն,
ուր
տաղանդը
պահած
է
համեմատականութիւնը
սա
յարաբերութեանց,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
հոն,
ուր
զգայական
տարրը
հզօր
է
ինքնին
ու
մթնոլորտը
պաշտպան,
տէր
ու
տնօրէն
միտքին
ինչպէս
ոչ–միտքին,
հոն
արտաշխարհը
կ՚ազդուի
այս
բացառիկ
ալ
խտութենէն
ու
կը
մտնէ
գոլին
մէջը,
խորքին
մէջը
սա
ոգեկանութեան։
«
Ներաշխարհ
»ին
յաջողագոյն
էջերը
անոնք
են,
ուր
գրողը
մտածելէ
յոգնած,
զզուած,
զգալու
իր
միջոցները
կ՚արձակէ,
ուռկանի
մը
նման,
իրողութեանց
ծովուն
վերեւ
ու
կը
սպասէ,
որ
այդ
ջուրերը
պատասխանեն
իր
տագնապին։
Ատոնք,
այդ
պատասխանները
ահա
գիրքը
կ՚ընեն
մարդկային
ու
իրաւ։
Ամէն
ուժով
ապրում
անոր
համար
արտաքնացում
մը
կըլլայ։
Ու
այդ
է
պատճառը,
որ
մենք
գիրքին
մէջ
մասնաւոր
հաճոյքով
մը,
հեշտանքով
մը
հետամուտ
ըլլանք
սա
մարդուն
զգայարանական
փորձառութեանց
(անոնք
որ
պիտի
մեկուսացնէին
զուտ
զգացական
պահերը
«
Ներաշ
/123/
խարհ
»ին
ու
անոնց
պիտի
տային
իբր
շրջանակ
արտաշխարհեան
համապատասխան
մասեր,
պիտի
ունենային
տարօրինակ
կերպով
կենդանի,
շքեղ,
թելադրական,
խիտ
ու
անհաւասարելի
հատորիկ
մը,
որ
ամէն
ժամանակներու
համար
ալ
պիտի
պահէր
իր
այդ
արժանիքները),
որոնք
միայն
մեր
գրականութիւնը
չեն
շահագրգռեր,
1900–էն
բաներ
մը
խօսող,
այլ
թերեւս
աւելի
բաներ
կը
թելադրեն
։
Այսպէս
ըմբռնուած,
այդ
նկարագրական
դրուագները
կը
դադրին
1900–ի
դպրոցին
մոլեալ,
մոլորեալ
բառամարզանքները
ըլլալէ
ու
կը
վերածուին
հոգեկան
վայրանկարներու։
Հօրը
ոգեկոչումը
կը
սկսի
իբր
portrait.
վախէն
էջը
լլկուած,
ապուշցած
սեռի
մը,
բայց
իսկոյն
կը
հեռանայ
կաղապարներէ,
ու
ոգեղէն
trait–ներու
(եթէ
կը
ներուի
այս
ձեւ
բացատրութիւն
մը)
սքանչելի
հիւսք
մը
իբրեւ
կը
զարգանայ,
կը
բարձրանայ
ու
փոխադարձաբար,
միշտ
մարդկային,
միշտ
հայրական
գորովի,
խանդաղատանքի
իմաստուն
խստութեան
մը
ընդմէջէն
ու
կը
շինէ
անմոռանալի
պատկեր
մը։
Ուրիշ
չէ
խենթը
։
Ուրիշ
/124/
չեն
եգիպտական
տեսիլները։
Թափեցէ՛ք
Իռենային
շրջանակէն
սուտ
ու
վատ
ծաղիկները,
աժան
ընդհանրացումները,
իմաստասիրական
œillade–ները
եւ
մնացածը
խռովքի
հոծ
արձան
մըն
է
դարձեալ,
տաք,
որ
մարմինն
ըլլար
մեր
սիրածին
ու
կենար
այսպէս
զառիթափի
մը
շրթունքին,
տերեւներուն
եւ
հովերուն
համբոյրին
բացուած
իբր
մեծ
համբոյրը
հողին,
ասոր
թաւշացած
բխումը,
որուն
քաղցրութիւնը
մարզերը
խենթ
կ՚ընէ…։
Յետոյ,
մեր
գրականութեան
համար
եզակի
միւս
շնորհը,
բնութեան
ամէն
ծփանքը,
ամէն
հէնքը,
ամէն
թրթռումը
մարդկօրէն
նուաճելու։
Գոյները
անոր
գրչին
տակ
տաք
են,
հոգի
մը
ունին
ու
կը
խօսին
սեպհական,
հասկանալի
լեզու
մը։
Գիծերը
շարժական
ոստումներ
են
տեւողութեան
ծոցին
մէջ
ու
կը
տառապին
իբրեւ
ծով,
նոճիրի
ոճ,
տերեւի
սրսփանք,
կամ
փրփուրի
թեւ։
Ու
կայքերը,
ըլլալէ
առաջ
համայնանկար,
հոգիի
կտորներ
են
կարծես,
խիտ
ու
արագ
շրջագիծերու
սեղմումին
անհանգիստ.
ու
պոռթկալու
տեղ՝
բիւրեղացող
է,
քանի
որ
անոնց
ճարտարապետը
ռոմանթիք
նուազումներու,
աժան
սլացքներու,
բացագանչութեանց
հասկաքաղ
մը
չի
հետապնդեր։
Երբեմն,
գիրքին
մշտածուփ
փլաններուն
վրայ
այդ
կայքերը
հոգեկղզիներու
խուսափուկ
շրջագիծեր
կը
թուին,
հաստատուն
գետինը
թելադրող,
ընթերցողին
որքան
իրեն
համար
անհրաժեշտ,
քանի
որ
մեր
թափառումը
ժամանակին
ու
միջոցին
մէջ
չէ
պաշտպանուած
ոչ
մէկ
ուրիշ
միջոցով։
Քմայքի
ծովուն
մէջ
այս
տարօրինակ
նաւորդը
երկիւղառիթ
իր
արշաւներուն
ետեւէն
գրեթէ
պատրաստ
էր
այն
ապահովութիւնը
ճարելու։
«
Ներաշխարհ
»ի
մէջ
արտաքին
աշխարհը
գրական
թեմա
մը
չէ,
ինչպէս
չէ
ռոմանթիք
զեղում
կամ
նկարչագեղին
(pittoresque)
ետեւէն
մանրամիջոց
փոյթ
մը։
Այլ
կայան,
խօսուն
փարոս,
աշտարակ՝
մէկու
մը
համար,
որ
յամառութեամբ
նետած
է
լոյսին
անդունդն
ի
վար
իր
միտքը,
բայց
մէկ
ոտքը
կ՚ուզէ
պահել
հաստատ
գետնի
վրայ։
գ.
–
Առաւելազանցումներ
(հիները
պիտի
ըսէին
շփացումներ
),
որոնք
միշտ
կասկածի
ծնունդ
տուող
զբաղումներ
են։
Չրաքեան
poseur-ի
մը
տպաւորութիւնը
զուր
տեղը
չէ
որ
կը
թողու։
Իր
երկու
աշխարհներուն
մէջ,
ան
դժուար
կը
պահէ
իրականին,
չզանցուածին
ապահովութիւնը։
Բայց
կը
պահէ։
Ամէն
րոպէ
կախ
է
ձեր
գլխուն
վերեւ
երկիւղը
ֆանթասֆիք
ին
մէջ
իյնալու,
քանի
որ
մտածական
մարզանքները
յաճախ
ուրիշ
բան
չեն
իր
մօտ։
Իմացականէն
դուրս,
զգայարանական
մարզին
վրայ
բախտը
չէ
տուեր
իրեն։
Այդ
վիճակները
թանձրացած
հպումներու
նման
կ՚անցնին
մեզի,
բայց
կը
պահեն
իրականին,
մարդկայինին
համեստ
կամ
խռով,
խճող
համերը։
Ու
/125/
չեն
գրական,
որ
լաւագոյն
վկայութիւն
մըն
է
մինչեւ
եղունգներուն
ծայրը
գրագէտ
սա
մարդուն
հակասական
արժէքներէն։
Մեր
լաւագոյն
հոգեբան
վիպողը,
Տիկին
Եսայեան,
իր
գործին
մէջ
յաճախ
կ՚իյնայ
մեղադրանքին
տակ,
երբ
էջերով
կը
յօրինէ
կիներ
կամ
աղջիկներ
ու
կը
զանցէ
յուզումներուն
մարդկօրէն
ընկալեալ
տարողութունը։
Անոր
արձակ
քերթուածները
նմոյշներ
են
այս
մեղքէն։
Կոստան
Զարեան
կը
յօրինէ՝
փոխանակ
դիտելու
եւ
կ՚երեւակայէ՝
փոխանակ
տեսածը
մեզի
փոխանցելու։
Իր
զանցումները
մեզ
կը
նեղեն,
քանի
որ
կը
ստեղծեն
անապահովութիւն
տրուածին
ճշգրտութենէն։
Իր
«
Երկիրներ
»ը
շինծու
են,
հակառակ
գոյներու
տանելի
իրականութեան։
Ու
կը
դնեմ
բնականութեան
հարցը
«
Ներաշխարհ
»ի
առջեւ։
Կը
յիշէք
անշուշտ
իր
տարազը,
այդ
մասին.
«Չրաքեանի
գիրքը
մեծապէս
բնական
է,
բայց
բաւական
արուեստական
չէ»,
«Մեկնողական»էն
վերցուած։
Ի՞նչպէս
կըլլայ,
որ
ամէն
տողի
վրայ
Նիցչէի
Զրադաշտին
նման
պարող
այս
բառախաղացը
նման
վճիռ
մը
տարազէ
աշխատանքի
մը
մասին,
որ
հարկադրաբար
հեռու
էր
բնականէն,
մարդոց
միջինին
համար
մատչելի,
ընդունելի
նկարագիրներէ
։
Եւ
սակայն
արուեստի
բացառիկ
գործերուն
ընտանի
մէկու
մը
համար
«
Ներաշխարհ
»ը
քիչ
բան
ունի
անբնական
(առաւելապէս
գործադրութեան
մէջ,
որ
խնայուելիք
տկարութիւն
մը
կը
պայմանէ,
երբեք
չվտանգել
տաղանդին
ուժն
ու
էութիւնը)։
Զայն
լեցնող
վիճակները
խորապէս
մարդկային,
որով
եւ
բնական
են։
Այդ
վիճակները
նուաճելու
իր
ճիգը
դարձեալ
մարդկային՝
քանի
որ,
բազմամանակ
ու
բազմաձեւ
սա
փորձերը
զգալու,
եւ
նոյն
ատեն՝
մտածելու,
իրերուն
թելադրանքները
իրենց
բազմաստեղծ
բախումներուն
բոլոր
հանդէսովը,
թափօրը
ներընկալելու
կամ
արտաբերելու,
ու
հոգին
արտաշխարհելու
եւ
արտաշխարհը
հոգեզինելու
իր
մտայնութիւնը
իրեն
կ՚ապահովեն
անկեղծութիւն
նիւթէ
եւ
ձեւէ։
Հոն,
ուր
անկեղծութիւն
կայ,
հոն
անբնականը
չունի
գոյութիւն։
Չրաքեանի
զանցումները
խորքի,
հիմունքի
(assises),
զգայնութեան
զանցումներ
չեն,
այլ
ընդաղօտ
տիրապետուած,
թերի
իւրացուած,
գիտցուելէն
աւելի
գուշակուած
իմացական
իրողութիւններուն
հետ
իր
յանդուգն
խաղարկութեան
ծնունդ
ԱՆԲԱՒԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
որոնց
դարմանը
կը
/126/
կարծէ
ճարել
արտայայտութիւնը
(ատոնց)
պէսպէս
զանցելով,
խոշորցնելով։
Բոլոր
վիճակները
պատրուակներ
են
իրեն
համար,
միշտ
մէկէ
աւելի
երեսներով,
բայց
ամէն
բանէ
առաջ՝
վիճակներ
։
Ատոնցմէ
յատկանշականը
տեսանք
Իռենայի
առթիւ։
Մտքէս
չեմ
անցըներ
կեղծ,
սուտ
ենթադրել
յատակը
սա
խռովքներուն,
որ
մարմիններուն
ձգողութիւնն
է
իրերուն
կոհակներուն
վրայէն,
երկու
մեծ
բջիջներու
յիմարութիւնը,
իրարու
դէմ
զգեստաւոր,
շատ
խորունկ
ու
նոյն
ատեն
պարզագոյն
սարսուռին
համար
հանդերձուած,
ու
յանգելու
ճակատագրուած
անխուսափելի
աղէտի
մը
։
Չեմ
դներ
կասկածի
տակ
այդ
տարփական
զզայութեանց
զօրաւոր
թրթռականութիւնը։
Բայց
կը
մնամ
անտարբեր,
երբեմն
նեղուած՝
այս
վիճակին
այլապէս
շահագործումին
դիմաց,
որ
մաս
կը
կազմէ
նորէն
իր
խառնուածքին
(գրական
որքան
մարմնական,
բարոյական)։
Ան
դերբուկներով
անդաշնացած
կեանք
մը
ապրեց։
Այլացումը,
ինքնացումը,
ինքնատէր
ըլլալու
պահանջը
անոր
ներքին
էութեան
իսկ
պարտադրանքներէն
եղան
եւ
ոչ
թէ,
հաւանաբար,
գրագէտի
առնական
նանրամտութեան
մը
կերպադրումները։
Ա՛յդ
է
թերեւս
պատճառը,
որ
սա
երիտասարդը,
իր
սիրածը
համբուրած
ատենը
հարիւրաւոր
բաներու
ալ
մտածէ,
գլխաւորաբար
այցուած,
հեռազդուած՝
սիրելու
անատակ
բջիջի
իր
խուլ
évidence-ներէն։
Այս
կերպ
մտածում
մը
Չրաքեանի
այդ
զանցումները
պիտի
հասկնար
որպէս
կարելի
հակազդեցութիւններ։
Սիրոյ
պահի
մը
մէջ
փիլիսոփայելը,
քիչիկ
մը
ծիծաղելի,
բայց
դուրս
չէ
իրականութենէ,
առնուազն
կարելիութենէ։
Ու
խորհելու
այս
գնացքը
մեզ
կ՚առաջնորդէ
դատել
իր
միւս
զանցումներն
ալ,
ուրիշ
complexe-ներու
կշիռին
ներքեւ։
Խենթը,
ալքոլին
գութը,
բանգը,
գիշերը,
զանգակին
պահը,
բոլորն
ալ
քանի
մը
անգամ
ձեռնուած,
վերակազմուած,
լաստակերտուած
ապրումներու
ու
ցանցումներու
խաղարկութիւն՝
եւ
նոյն
ատեն,
ամէն
բանէ
առաջ
իրենց
յատուկ
իրականութեամբ
մը
իրական։
Չրաքեան
խորքի
մեղաւոր
մը
չէր
կրնար
ըլլալ։
Ու
չէ։
Ու
ահա
աւելի՛ն։
1910–ին,
արձակ
քերթուածը
հսկայ
կեղծիք
մըն
էր,
արտայայտութեան
սնոտիքին,
փուճ
զարդարանքին
մեղքին
չափ
/127/
խորքէն
սուտ,
չապրած
կեղծիքովը
կրկնապէս
խարանատար։
Ամենէն
տաղանդաւորը
այդ
սեռը
մշակողներէն,
Տիկին
Եսայեան,
իր
«
Աշուղը
»
քերթուածին
մէջ
(արձակ)
կու
տայ
փաստը
սա
առաւելապէս
բառելու
վստահուած
յուզումին։
Չ՚արժեր
խօսիլ
միւսներէն
բոլորն
ալ
տաղանդաւոր
գրողներ,
Չօպանեան,
Յարութիւնեան,
Ռ.
Զարդարեան,
Միսաք
Մեծարենց,
որուն
արձակը
անտանելի
է
մէկ
ու
նոյն
մեղքով,
քերթուածայնութեամբ
։
Եղիկէ
Եպիսկոպոս
Դուրեան,
որմէ
ողորմելի
էջ
մը,
«
Ա.
Բ.
Գ.
ի
դասը
»,
ահաւոր
համբաւ
մը
ապրեցաւ
–
որոնք
արտայայտութեան
խնամքը
բաւ
սեպեցին
խորքին
նիհարութիւնը
հակակշռելու
իրենց
մեղաւոր
միամտութեան
մէջ,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
սանկ
ուրուագրուող
թերութիւն
մը
(ռոմանթիքներու
բառամոլութիւնը)
տիրական
փաստի
մը
կանչելով։
Չրաքեանի
«
Ներաշխարհ
»ը,
ըսեր
եմ,
մեծ
ծաւալով
արձակ
քերթուած
մըն
է։
Ե.
սակայն
այդ
դուրս
չէ
սեռին
կշիռէն։
Արտայայտութեան
մեղքը
(որ
պիտի
քննուի
առանձին)
Չրաքեանի
մօտ
անկարող
պիտի
ըլլաը
խորտակելու
քերթուածին
ներքին
տարողութիւնը։
Ուրիշ
խօսքով,
ան
իր
ինքնատպութեան
մոլուցքին
մէջ
չէ
խօսած
առաջին
նուաճումին
առջեւ,
որ
խորքին
մէջ
իր
չունեցածը՝
անպայման
յաղթահարել
տագնապը
վերածած
է
գրական
տագնապի։
Փոխանակ
ուրիշներու
նման
նիւթէն
փախչելու
(վասնզի
յոգնած
էր
ու
յոգնեցուցած
է
կրկին
կարողութեամբ
մը
կը
յարձակի
անոր
վրայ
ու
կ՚ընէ
մէկէ
աւելի
անգամներու
տուրք
մը
սկզբնական
նիւթին։
Այսպէս
յամառութեամբ
հետապնդուած
վիճակը
ի
վերջոյ
կը
նուաճուի,
բայց
թարմատար
տարրերու
հոծ
միջամտութեամբ
մը։
Ինք
այս
մեղքը
կ՚որակէ
ո՛չ
արուեստական,
այսինքն՝
արուեստի
լայնաւորութեան,
շնորհին,
միութեան
օրէնքներուն
ո՛չ
ենթակայ։
Ու
իրավունք
ունի։
Չրաքեանի
զանցումները
գիրքին
վնասած
են,
բայց
չեն
կրնար
վնասել
հեղինակլին,
քանի
որ
անբաւականութիւն
ըլլալէ
աւելի,
մեծ
խղճմտանքի
մը,
տագնապի
մը,
ճիգի
մը
մասին
ստոյգ
վկայութիւններ
են։
Այս
կրկնութիւնները,
վերադարձները
թող
չկատարուէին
իմացական
հրախաղութեան
մը
լոյսերուն
տակ
ու
քալէին
զգայարանքներու
պարզունակ
ճամբաներով,
գիրքը
պիտի
ազատէր
իր
թշուառ
այն
տպաւորութենէն,
որ
իմացականին
հակառակովը
կը
հնչէ
մեր
վրայ,
կամ
քմայականովը,
կամ
խնդրականովը։
Մեր
ջիղերուն
մեզի
տուածը
միշտ
զերծ
է
այս
տկարութիւններէն։
դ.
–
Հոն
ուր
իմացականն
ու
զգայարանականը
ներդաշնակ
են
իրարու,
«
Ներաշխարհ
»ը
կը
հասնի
մեծափառ
գեղեցկութիւններու։
Ատկէ
նմոյշ
մը
ունին
ընթերցողները
այն
հատուածին
մէջ,
ուր
լոյ/129/սին
կերպափոխութիւնները
կը
դէմդէմուին
քաղաքակրթութեանց
քանդակներով։
Ատկէ
ուրիշ
նմոյշներ
կան
բանգ
ին
հետ
զուգորդ
մահուան
ու
գեղեցկութեան
զուգակշռին
մէջ։
Նման
հրաշալիք
մըն
է
եգիպտական
տեսիլքներու
ոգեկոչումը։
Ու
բոլոր
այն
նկարադրական
էջերը,
որոնք
անոր
իմացական
խոյանքները
կա՛մ
կը
բանան
կա՛մ
կը
գոցէն։
Ուրիշ
խօսքով՝
գիրքին
կէսը
գրեթէ։
Այն
ատե՞ն։
Բայց
յաւիտենապէս
ճիշդ
է
Աւետարանը.
«Որում
բազում
աւանդեցաւ,
առաւել
եւս
պահանջեսցեն
ի
նմանէ»։
Չրաքեանի
գործին
հանդէպ
սա
կեցուածքը,
որ
իմն
է
եղել
քառորդ
ու
աւելի
դարի
առաջ,
հոս
կը
գտնէ
իր
բացատրութիւնը։
Անշուշտ,
իր
կերպովը
ու
տարողութեամբը,
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ունի
գործեր,
որոնք
վկայեն
անոր
շնորհներէն,
մանաւանդ
զգայարանական,
որով
չափով
հոգեբանական
աշխարհներու
նուաճումին
նուիրուած
ու
հասած
արդիւնքի։
Բայց
չունի
ներաշխարհ
մը,
որուն
պատկերը
կը
թելադրուի
ինծի
Չրաքեանի
նոյնանուն
գործէն։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
չունինք
գրող
մը,
որ
ըլլար
իր
չափովը
օժտուած
միտքը,
իմաստը,
խորհուրդը,
այսինքն՝
վերացական
խռովքները
տիրապետելու,
այլ
բառերով
հետապնդուած
գործողութեամբ
մը
մեզի
բերելու
փաստը
մեր
իմացական
այլ
կարելիութեանց,
իմաստասիրական
որակուած
գործօնութիւնը
միանգամ
ընդմիշտ
ազատելով
իրեն
նման,
բայց
զինքը
չեղող
հռետորական
մարզանքներու
բախտէն
(Ռ.
Պէրպէրեան),
բառախաղային
սնոտիքէն
(Յ.
Գ.
Մրմրեան),
լրագրական
սրամտութենէն
(մեր
քրոնիկագիրները)
ու
ամերիկեան
դպրոցներում
նուէր
գռեհիկ,
գործնապաշտ
բարոյականութենէն
(բողոքական
դպրոցներու
եւ
մամուլին
հեշտախտը)։
Ան
մարդն
էր,
որ
գիտէր
մտածել,
կրցաւ
մտածել
։
Ան
մարդն
էր,
որ
իրերուն
ու
հոգիին
առնչութիւնները
գիտէր
տեսնել
ու
տեսաւ։
Աւելի՛ն.
ան
մարդն
էր,
էր
տիեզերք
մը
խորհելու
յանդգնութիւնը
ներեց
իրեն։
Բոլոր
այս
երանգները
կը
ձգտին
մտածողը
համադրելու,
մեր
գրականութեան
մեծ
պակասը
դիմաւորելու
խաղաղութեամբ
մը։
«
Ներաշխարհ
»ը
այս
ամէնէն
կու
տայ
ծուէններ,
բայց
մտածման
գիրք
մը
չէ,
չէր
կրնար
ըլլալ։
Իմացական
մթնոլորտ
մը
կը
պտըտցնէ
իրեն
հետ,
բայց
մեզ
կ՚ընէ
յուսախաբ,
թէ՛
այդ
մթնոլորտին
դէմ
իր
մեղանչումներովը,
թե՛
իր
զգայարանական
մասերուն
շքեղ
գեղեցկութիւններէն
նուաճուած
մնալու
ընկրկուն
բախտովը։
Կը
կարդանք,
առանց
ընդվզումի,
ինչ
որ
ելած
է
այդ
մարդուն
գրչէն,
հերիք
է,
որ
ան
զգայ
։
Այս
զգացման
կուտակումներն
իսկ
ի
վերջոյ
գեղեցկութիւն
մը,
ոճ
մը,
դրութիւն
մը
կ՚ըլլան,
տարբեր՝
զիրենք
ստեղծող
զգայութիւններուն
/129/
հանդէսէն։
Ու
չենք
գիտեր
անոնցմէ
զանցուելիք
որեւէ
բաժին։
Արդիւնքը
վճռական
է։
Ու
այս
անհաւասարութիւնը
գիրքը
կ՚ենթարկէ
իր
ճակատագրին։
Չեմ
դառնար
է,
վերստին
խօսելու
համար
անկէ,
այդ
անհաւասարութենէն։
Բայց
«
Ներաշխարհ
»ը
պիտի
ըլլայ
ապագային
մէջ
գիրքը
փորձին,
միտքն
ու
զգայարանքները
իրարու
հաշտ
ընելու
փորձին։
Գի՛րքը՝
որ
մտածելը
ջանաց
զերծել
մեզի
յատուկ
իր
մեղքերէն
եւ
այլ
ջանքը
իր
կարգին
վերածեց
ուրիշի
մը։
Ու
նոյն
ատեն
այդ
գիրքը
պիտի
ըլլայ
զգայութիւններու,
զգայարանական
բարձր
եւ
նուրբ
վիճակներու
շքեղագոյն
հանդէս
մը,
վկայութի՛ւն
մը՝
մարդէ
մը,
որուն
դժբախտութիւնն
էր
առաքինութիւնը,
զարտուղութիւնը,
անաշխարհայնութիւնը։
*
*
*
Ինչպէ՞ս
կառուցուած
է
«
Ներաշխարհ
»ը։
Ուրիշ
գիրքի
մը
համար
նման
հետաքրքրութիւններ
անտեղի
են,
քանի
որ
գոյութիւն
չունի
ատոնք
ստեղծող
վիճակը։
«
Ներաշխարհ
»ը
ոչինչով
կազմուած
գիրք
մըն
է,
որ
փարատոքսը
կ՚իրագործէ
այլ
անողնայարութիւնը
երկու
հարիւր
յիսուն
էջերու
հասակովը՝
ապրեցնելու։
Ու
եթէ
կենանք
այն
միւս
ալ
իրողութեան
առջեւ,
որուն
համեմատ
երկկենցաղ
նկարագիրը
վտանգի
մը
պէս
կը
հալածէ
զայն,
բայց
քիչ
անգամ
կը
վիրաւորէ,
անկարող
ըլլալով
կործանել
անոր
օրկանիզմը,
կը
հետեւի,
թէ
գրական
կառուցման
քննութիւն
մը
անհրաժեշտ
կը
դառնայ,
բացատրելի
ընելու
համար
գաղտնիքը
սա
յաջողուածքին։
«
Ներաշխարհ
»ը
գրաւ
մըն
էր,
այսինքն՝
զայն
գրելու
մտածումն
իսկ՝
վտանգներու
ենթակայ
իրողութիւն։
Գիրքը
մեկնում
մըն
է
(բոլոր
գլուխները
անկախ
արկածախնդրութիւններ
են,
գիրքին
ընդհանուր
յատակագիծէն
բոլորովին
հեռու,
օտար),
արտաքին
աշխարհի
որոշ
մէկ
կէտէն,
պահէն
։
Ո՛չ
մէկ
պատրաստութիւն։
Առաջին
գլուխին
համար
ասոնց
զանցումը
յատկանշական
կողմ
մըն
է
թեքնիքէն։
Բայց
կը
բռնանայ
գիրքին
մարմինին
մէջ
սա
անկապակցութիւնը,
քանի
որ
միւս
գլուխներն
ալ
իրարու
հետ
ոչինչ
ունին
հասարակաց։
Զարգացումը,
խճողումը,
կնճռոտորումը,
զայրագնումը,
գագաթումը
եւ
լուծումը
այսինքն
գործի
մը
ողնայարը,
իմացական
հէնքը
(բնախօսութեան՝
ջղային
դրութիւնը),
միութեան
մեծ,
անզանցելի
օրէնքը
–
գոյութիւն
չունին
հոն.
բայց
չեն
կործանել
գիրքը։
Հո՛ս
է
զարմանալի
կողմը
սա
արկածախնդրու/130/թեան։
Ի՛նչ
անուն
ուզէք,
տուէք
եղանակին
ինքնատպութիւն,
խարդաւանանք,
խաբեբայութիւն,
հանճարայնութիւն,
գիրքը
կ՚ազատի
բոլորէն
ալ,
առանց
մեծ
տագնապի
ու
կը
դիմանայ։
Հեղինակին
հետ
մենք
ալ
չենք
գիտեր,
թէ
ո՛ւր
կ՚երթանք,
ինչո՛ւ
կը
սկսինք
մանաւանդ
(բոլոր
այս
վերլուծումները
կը
տարածէք
գլուխներուն,
քանի
որ
շրջուած
է
օրէնքը
զարգացման։
Առանց
փոքրագոյն
իսկ
վնասի,
կրնաք
տեղափոխել
զանոնք
ու
գիրքը
կը
մնայ
նորէն
ոտքի)։
Ու
չենք
գիտեր
ամենէն
ծանր
մեր
պարտքը,
ՄԵՐ
ԸՍԵԼԻՔԸ։
Անձնական
վերլուծումներուն
ազատութիւնը
չէ
ասիկա,
որով
գրողը
զերծ
է
նիւթին
տագնապէն,
քանի
որ
ատիկա
արդէն
մթերքն
է
կեանքին
դիզուած
իր
ետին,
rétrospectif
սուզումով
մը
միշտ
մեզի
հասնող։
Տիրան
Չրաքեան
ճերմակ
թուղթը
միայն
ունի
իրեն
ներշնչարան։
Ուրիշ
խօսքով,
ան
տիրական
այլուրութեամբ
մը
գիրք
մը
հակակշռող
պարտքերէն
ու
օրենքներէն,
անտարբեր՝
մանաւանդ
մտածման
մը
հիմնական
հարկադրանքէն,
ինք
իր
մէջ
յառաջատու,
ինք
իրմով
պատասխանատու,
ապացուցման
մը
ձգտող,
բաներ
մը
հերքող,
ուրիշներ
պաշտպանող
տարերական
պարտքէն,
պիտի
ըսէ
այն
ամէնը,
որուն
իր
ուղեղին
écran–ին
վրայ
կ՚ուրուանան,
երբեմն
թուխպ,
երբեմն
պայծառ։
Զգայութիւններ,
անտարակոյս
։
Բայց
տարուած
իրենց
անդրագոյն
այլայլումներուն,
ազազումներուն։
Փրուստի
գրելու
կերպը
որակած
են
écriture
en
cascade։
Չրաքեանի
զգալու
կերպը
կը
նմանցնեմ
այն
բացառիկ
տպաւորութեան,
զոր
երբեմն
կ՚ունենանք
կարգ
մը
հովտակներու
մէջ,
ամէն
կողմէ
մեծ
ժայռաշղթաներով
պաշտպանուած։
Հոն
մեր
ձայնը
կ՚ենթարկուի
բազմաթիւ
բեկումներու
մէկ
քարէն
միւսին
զարնուելով
ու
մեզի
դառնալու
ատեն
թելադրելով
ռմբակային
առատութիւն։
Մտածումներ,
անտարակոյս
(որոնց
արժէքը
չունիմ
նկատի),
բայց
որոնք
կ՚ենթարկուին
նոյն
աղաւաղման։
Գիրք
մը
քիչ
անգամ
այս
երկուքէն
տարբեր
բաներ
կը
պարունակէ։
Տիրան
Չրաքեան
պիտի
նետուի
իր
էջին
վրայ,
այս
զոյգ
ապահովութիւններով։
Ան
արդեն
իսկ
կը
լողայ
իր
նիւթին
ծոցը,
որ
իր
երազն
է,
ծովը
իր
մեծ
ու
պզտիկ
ապրումներուն։
Առաջին
էջը
միշտ
այդ
սուզումին
շարժումները,
ճիգը,
կշռոյթը
կը
փոխանցէ
մեզի,
մինչեւ
որ
սպառումը
դառնայ
զգալի,
որմէ
ետք
ան
պիտի
ապաստանի
իր
ամենէն
հզօր
զգայարանքին,
իր
աչքին,
զոր
կը
բանայ
ամէն
ուղղութեամբ
(անոր
լսելու
զգայարանքը
վեր
չէ
իր
սերունդին
սովորականէն,
եթէ
երբեք
վար
ալ
չէ
յաճախ
)։
Ու
պաշտպանուած
իր
աչքէն,
ան
պիտի
արձանագրէ
իր
զգայութիւնները
այդ
թաւալուն,
խառնակ
վիճակներէն,
ասոնց
պղտորու/131/թիւնը
հետզհետէ
պարզելով,
հասնելու
համար
ձեւերու
սկզբնատիպ
հարազատութեան
մը։
Ուշադրութի՛ւն։
Մտածական
պլանը,
այդ
զգայութիւնները
կը
պարոյրէ
ամէն
կողմէ,
հորիզոն
ու
աւազան
է
անոնց,
ինչպէս
մեծ
ջուր
մը,
ու
պատուհաս՝
անոնց
անհատականութեան,
կարկառին,
սեպհական
կշիռին,
զլանալով
անոնց
իրենց
իսկ
բարիքը,
որ
առանձին
կեանքինն
է։
Չեմ
ըսել,
որ
իրականութիւնը
խանգարուած
է,
զեղծուած
է,
չարափոխուած
է,
այդ
եղանուտին
մէջ,
բայց
չէ
ալ
պահած
իր
պարզագոյն
համը։
Ազատ
ու
նոյնքան
զարմանալի
ձեւազեղծում
մը,
տեսակ
մը
գոլ,
տեսակ
մը
երկրորդ
aura
է
այլ
վիճակներուն,
անոնց
հետ
թաւալող
մթնոլորտ
մը
որ,
խորքին
կմախքը
պահէր
սակայն,
հոգ
չէ
թէ
ուրուատիպ,
իր
շէնքը,
որ
թեւ
կ՚առնէ
ինչպէս
կտաւէն
փախչող
նկարի
մը
հոգին
կը
լքէ
լարերը
իր
յօրինումին,
մտնելու
համար
գերիրական
պարի
մը
մէջ։
Հոս
առարկաները,
միսերը,
հոգին
ու
իր
թափօրը
կ՚այլանան,
կը
նորնան,
կը
ծխանան,
պարապին
փախչող
ձգտումներով։
Առանց
գրագէտին
ծանր
ճիգերուն,
անոնք
պիտի
խուժէին,
հոսէին
պարապն
ի
վար։
Զանոնք
սանձող
մատները
կը
տառապին
կայանի
կերպով
մը,
որ
կ՚անցնի
մեզի
ու
գիրքին
վրայ
կ՚ազդէ
յոգնութեան
հզօր
ճնշումով
մը։
Բոլոր
անոնք,
որ
բարի
կամեցողութեամբ
մը
բացած
են
«
Ներաշխարհ
»ը,
չարչարած
իրենց
համբերութիւնը
ու
յաղթած
են
տաժանքը
գոնէ
գլուխ
մը
աւարտելու,
հետամուտ,
խելացի,
արուեստի
գործերէն
վայելք
զգացողներ
ըլլալնուն
հակառակ,
ու
գտնելնուն
հակառակ
որոշ
վարձատրութիւն
իրենց
տանջանքը
փոխարինող,
այդ
ընթերցումէն,
երբ
չեն
վերադառնար
գիրքին
շարունակութեան
(ու
լեգէոն
են
անոնք
մեր
գրական
հասարակութեան
մէջ),
զոհն
են
սա
դժբախտութեան։
«
Ներաշխարհ
»ը
գիրք
մը
չէ,
մեր
գիտցածին
պէս
ազատ
ներշնչումի
մը
ծնունդ։
Հոն
ամէն
ինչ
ինկած
է
ճիգին,
պրկումին,
խտացումին
եւ
ուրիշները
զարմացնող
քիչիկ
մը
սնապարծ
ձգտումին
ներքեւ։
Բնութեան
տարրերու
թուումը,
այսինքն
արտաքին
իրականութեան
վերլուծումը,
որ
խաբուսիկ
հրապոյր
մըն
էր,
տեսակ
մը
հասարակ
ընթերցողը
ներս
առնելու,
տեղի
կու
տայ
ծանր,
դաժան,
ինքզինքը
միայն
ճանչցող
համադրութեան
կերպի
մը,
իրմէ
միայն
ծանօթ,
պայմանաւոր
օրէնքներով։
Այնպէս,
որ
դեռ
քերթուած-գլուխին
մէջ
չառաջացած,
չենք
կրնար
չանդրադառնալ,
որ
արդէն
մտած
ենք
սիքլի
մը
մէջ,
ուր
իրականութիւնն
ու
ասոր
շուքերը,
երազն
ու
ասոր
ծփափայլութիւնները,
տեսնուածն
ու
թելադրուածը,
զգացուածն
ու
գուշակուածը,
խորապէս
ապրուածն
ու
սանձարձակօրէն
բանդագուշուածը
անդադար
կը
բախին
իրարու,
կը
/132/
հալածեն
զիրար,
միտքը
(ընթերցողին)
վերածելու
համար
մշտայոյզ,
մշտական
ծովի
մը
երեսին։
Այսպէս
է,
որ
կը
սկսի
ամէն
գլուխ։
Ու,
իրականութիւնը,
ասոր
ձեւազեղծումը,
կրկին
համադրումը,
առանց
որոշ
յաջորդականութեան,
անայլայլ
օրէնքի
մը
նման
կը
տիրեն
գլխուն,
մուտքէն
իսկ,
կ՚ենթադրեմ՝
հակառակ
իր
իսկ
ուզելուն,
քանի
որ
Չրաքեանի
գերագոյն
փառասիրութիւնը
կը
կազմէր
օրէնքներէ
դուրս
ըլլալու
յամառ
ճիգը։
Ան
մարդն
էր,
որ
յանուն
ինքնատպութեան,
խորտակած
էր
գիրքերու
ճարտարապետութեան
օրէնքները,
անկանոնին
մէջէն
իսկ
ձեւելով
իր
օրէնքները։
Ու
կը
քալենք
գլուխն
ի
վեր։
Մեր
(գրողին)
հոգը
չէ,
թէ
մեզի
հետ
ունի՞նք
ընթերցողը,
զոր
արդէն
կ՚արհամարհենք։
Մեր
հոգը
չէ
դարձեալ,
թէ
մեր
ոտքերուն
տակ
հող
կա՞յ,
տակաւին,
երբ,
առնուած
մեր
տպաւորութեանց
կոհակներէն,
կը
լողանք
դէպի
առաջ,
մեր
գլուխը
բարձր
բռնած
ջուրերուն
վերեւ,
տեսնելով
հորիզոնները,
շրջակաները,
իրերն
ու
երազները,
որոնք
մեր
շարժումներուն
հետ
թաւալ
կու
գան։
Կը
պատահի,
որ
անդրադարձը
վայրկեան
մը
երեւի
մեզ,
պատրանքը
վանենք
մեր
աչքերն
ու
տանք
հաստատ
գիծեր։
Բայց,
հակառակն
է,
որ
ճիշդ
է
յաճախ։
Կը
պատահի,
ուրեմն,
որ
ուրիշ
կողմէ
կանչուած,
ձգենք
մեր
լարերը
ու
ընկղմինք
ուրիշ
dimension-ներու
ի
խնդիր։
Այս
պատկերացումը
կը
պատշաճի
անոր
այլաշխարհին
։
Բայց
տրտմութիւն
է,
որ
ան
ամէն
րոպէ
լինզքինք
հեղինակը
դաւանի
«
Ներաշխարհ
»ին։
Այդ
յաւակնութիւնը
կրկին
պիտի
խուժէ
անոր
վրայ։
Պիտի
տուժել
տայ
զիջումը
ու
պիտի
առնէ
տանի
անոր
առարկայացած
անձնաւորութիւնը
՝
դէպի
անառարկայ
անձնութիւնը,
իտէականութիւնը,
գաղափարայնացումը։
Ու
դուք
պիտի
ունենանք
շարքը,
քաոսը,
քոզմոսը
վերացումներուն։
Դժուար
չէ
նմանցնել
«
Ներաշխարհ
»ի
հեղինակը
ճամբորդի
մը,
որ
խառնափնդոր
ձեւերու
եւ
կարկառներու
մռայլ,
բայց
իրական
հանդէսէ
մը
վերջ,
ինքզինք
կրկին
կը
գտնէ
հասած
կէտի
մը,
որ
կը
տիրէ
տեսարանին։
Հանգիստի
պա՞հ
մը։
Ուրիշներու
համար
շատ
բնական
ու
արդար
սա
պահանջը,
անոր
համար
զանցառելի
շեղում
մը
պիտի
նշանակէր։
Ան
պիտի
բանայ
լայն
թեւերը
իր
երեւակայութեան
ու
պիտի
արձակէ
իր
միտքը
առջեւը
տարածուող
ամայութեանց
խորքերը
մինչեւ։
Ուրիշ
դժբախտութիւն՝
երբ
այդ
թռիչքները
կը
ծանրաբեռնուին
վերյիշումներով։
Ան
պիտի
բռնէ
մազերէն
գիրքերու
եւ
հեղինակներու
ու
պիտի
ընդքարշէ
իր
ետեւէն,
զանոնք
բացատրելու
/133/
եւ
յատկանշելու
վարդապետական
յաւակնութիւններով։
Այս
գնով
կ՚ունենանք
մեկնաբանական
էջեր,
որոնք
հմտութիւն,
խորութիւն
թելադրէին
բայց
ըլլային
հեռու
պարկեշտութենէ։
Ան
չի
մտահոգուիր,
թէ
ուրիշներու
գիրքերէն
մեր
մէջ
մնացած
նիւթերը
մերը
չեն
կրնար
ըլլալ։
Բայց
պատրանքը
չի
կրնար
լքել
զինքը,
քանի
որ
գրագէտին
միջնորդութեամբը
տեղի
է
ունեցած
նոր
համախառնումը
եւ
դուրս
եկած՝
նոր,
փայլուն
ֆրազը։
Չէք
մոռնար
անշուշտ,
որ
դուք
զգացական
վիճակէ
մը
մուտք
էք
գործած
գլուխին
մէջ։
Ու
անոր
զարգացման
ընթացքին
չէք
կորսնցուցած
տարտամ
գիտակցութիւնն
ալ
ասոր։
Բայց
կը
հարցնէք,
նեղած
ու
զարմացած,
թէ
ի՛նչ
ունիք
սա
օտար,
անկապ,
իրար
հերքող
խաւերուն
հետ։
Աւարտած
է
գլուխը։
Երկու
տող
կու
տան
20-30
էջերու
հիմնական
խորքը,
պարզագոյն
կորիզը,
ինչպէս
ուրիշ
երկու
տող
կը
սեւեռեն
պարզագոյն
մտածումը,
որուն
փոշիները
ամպ
կը
բռնեն
այդ
երեսուն
էջերուն
վրայ։
Ու
կը
հասնին
կարեւորին։–
Այսքան
պարզ
իսկութիւն
մը
այսքան
ընդարձակելու
արարքը
երբե՛ք
չի
կործանիր
բառեր
թխելու
մեղքին
մէջ։
Անգամ
մը,
որ
ընդունինք
այդ
տարածութեան
վրայ
պարող
տարրերուն
պարզագոյն
իրաւունքը,
սովորական
կեանքին
իրաւունքը,
չենք
տառապիր,
գէթ
մեր
հաշւոյն,
քանի
որ
առնուազն
մեզի
կը
շնորհուի
վայելքը
պատկերի,
զգայութեանց,
երանգներու
փարթամ
թափօրին,
եւայլն
եւայլն։
Յաջորդ
գլուխը
իբրեւ
նիւթ,
անկախ
է
հիմնովին,
ոչինչով
կապուած
կանխողին։
Ու
ինչ
որ
աղէտաւոր
պիտի
ըլլար
ուրիշ
որեւէ
գիրքի,
հոս
կ՚ըլլայ
միակ
հնարաւորը,
անխուսափելին։
Գործօնական
վիճակը
ինքնին
սպառած
կանխող
էջերուն
մէջ,
նոր
գլուխի
մը
վրայ
դիակ
իսկ
չէր
կարող
ըլլալ։
Ատոր
համար
է,
որ
կը
բանանք
ուրիշ
գլուխ
մը,
միշտ
արտաքին
աշխարհէն
ու
կը
նետուինք
անկէ
ներս,
գրեթէ
մաթեմաթիքական
ճշդութեան
հետեւելով
առաջին
խաղարկութեան։
Պարզագոյն
վիճակէ
մը
մեկնում,
ու
քովնտի
անհուն
շեղումներ,
սուզումներ,
վերյիշումներ
ու
ձգտումներ,
երազ
ու
բանդագուշանք,
մինչեւ,
որ
այս
թարթափանքէն
ուժասպառ
դառնանք
հոն,
ուրկէ
ճամբայ
էինք
ինկած։
*
*
*
«
Ներաշխարհ
»ը
անհուն
թելադրականութիւններ
ունեցող
գիրք
մըն
է։
Նոյնիսկ
իր
անբաւարարութիւնը
չի
վնասեր
իր
փառքին
(ու/134/րիշ
խնդիր
ասոր
մատուցած
իր
սպասը,
հանճարայնութեան
առասպելը
չունի
ուրիշ
զսպանակ),
քանի
որ
շատ
ուզելու,
մեծին
ձգտելու,
կարօտով
մը
կ՚արդարանայ։
Անոր
անտարազելի
ըլալը
ուրիշ
արժանիք։
Յուսահատեցնող
դեգութիւնը,
վանողականութիւնը,
դարամոլութունը,
լեզուական
յանդգնութիւնները,
իմացական
նենգութիւնն
ու
ճապաղանքը
բոլորը
մէկ
չեն
կործաներ
գիրքին
անկեղծութիւնը,
այն
մէկ
հատիկ
իրականութեան
գնով,
որ
այս
տկարութիւնները
կը
դիմաւորէ
–
գրագէտին
խղճմտանքը
իր
գործին
վրայ
հաւատքով
մը
պայմանաւոր։
Ու
դուք
գիտեք,
թէ
հաւատքը
որքա՛ն
դիւրաւ
կը
զառածի,
ըլլալու
համար
մոլեռանդութիւն
։
Մերկացած
իր
մեղքերէն,
ազատագրուած
իր
յաւակնութիւններէն,
վերածուած
իր
պարզագոյն
եզրին,
անիկա
գիրք
մըն
է,
մեր
գրականութեան
մէջ
(նոր),
իր
նմանը
չունեցող
ձգտումէ
մը
փրթած
ու
ինքնավերլուծման
փառասէր
փորձ
մը։
Զատեցէ՛ք
Չրաքեանը
1900–ի
պոլսահայ
հոգեբանութենէն,
տարէ՛ք
Անգլիա,
Ֆրանսա,
Գերմանիա,
Ռուսիա։
Այն
ատեն
պիտի
տեսնէք,
թէ
այդ
փորձը
(ինքզինք
վերլուծելու,
ի՞նչ
շքեղ
վկայութիւն
մը
պիտի
ըլլար,
քանի
որ
պիտի
դառնար
փաստաթուղթ
մը
անհուն
հոգեբանութիւններէ։
Պիտի
տար
մեզի
երիտասարդութեան
մը
մտակաղապարը
եւ
զգացական
լիութիւնը,
այսինքն
քաղաքակիրթ
մարդկութեան
մը
պատկերը,
հայելին։
1900–ի
հայ
հոգեբանութիւնը,
աւելորդ
է
հասկնալ
ջանալ,
հոդ
է
գիրքին
դժբախտութիւնը։