Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. [ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ՀԱՄԱԴՐԱԿԱՆ ՆԿԱՐԸ]

/272/ Հիմա, քանի մը արագ շարժումներով (վրձինի), համադրական իր նկարը։

Անոր վաստակը դատելու ատեն ես մօտեցայ, կարելի անկեղծութեամբ, բոլոր անոր կորանքներուն, տկարացմանց, աղմկոտ արժանիքներուն եւ զանազան երակէ անբաւարարութեանց, որոնք գործէն քառորդ դար ետք զգալի եղան, հետզհետէ ճշգրիտ, հետզհետէ վճռական դառնալու աստիճան։ Խուլ ու խորունկ անապահովութիւն մը ունի ինք իրեն հանդէպ։ Կը կասկածէինք, թէ անոր էջերուն մէջ պատանքուած զգայնութիւնը կողմով մը կը զանցէր ինքզինք։ Ու չէինք գիտեր, թէ դիւցազներգակ բանաստեղծի անոր համբաւը ոսին, ձրի տարազ մը չէր, դուրսէն թելադրուած, առնուազն գրական, տաղաչափական պատրանքներու արգասիք մը։ Ան բանաստեղծն էր մեր սերունդին ։ Այսինքն մարդոց, որոնք ապրեր էին մարմնի ու մտքի իրենց կեանքերը ճիշդ ու ճիշդ այն խռովքներու կշռոյթով, որ կը զգացուի Սիամանթոյի գործին ներսը։ 1914–ին այն տղաքը, որոնք վար էին երեսունէն, ուրիշ զգայութիւններ չունեցան իրենց մատուցուած օրերէն։ Ու անոնց այն զգայութիւնները, դուրս է կասկածէ, էին հասարակաց ամբողջ հայ ժողովուրդին։ 1940–ի պատերազմը այդ ժողովուրդին մնացորդացին բերաւ ուրիշ տագնապ։ Երկու պատերազմներու միջեւ մեր արուեստը կրեց ներքին քայքայում մանաւանդ։ Մեր նոր երիտասարդութիւնը, հեռու՝ Հայրենիքին դրախտէն հաւասարապէս, հաղորդ ուրիշ դրախտներու եւ դժոխքներու վայելքին ու հեշտագին սարսափներուն, բարբարոս մը, առնուազն բառերու ասպետ մը միայն տեսնել կարծեց, երբ մտաւ շփումի այդ այրեցաւեր, կործանած աշխարհին հետ, որ մեր սերունդին գրական վաստակն էր մինչեւ 1920։ Երկու պատերազմներու միջեւ Սիամանթոյի սերունդէն մնացողները յուսակորոյս թշուառութիւններ էին, գերեզման հալածող ու կեանքը (որ կը պարտադրուէր իրենց) անիծե/273/լու միայն ընդունակ։ Ու շատ ցանցառ քանի մը նմոյշ, այդ սերունդէն, միամիտ, որքան սխրալի յամառութեամբ մը, հոս ու հոն տակաւին կը պատմեն իրենց սերունդէն, հակառակաց անտարբերութեան ու լքումին ընդմէջէն։ Չեմ երթար առաջ, ինձմէ ներս ընդունելու աստիճան նման հոգեբանութիւն մը։ Բայց չեմ ալ տղայամիտ, ուրանալու համար հարազատութիւնը ապրումներուն, որոնք մեր Սփիւռքինն են այսօր։ 1910–ին տասը տղայ չէինք հաշուեր, որոնք մեր դարաւոր երազը դնէին կասկածի տակ։ 1930–ին լեգէոն էին այն տղաքը, որոնք ո՛չ միայն կ՚անգիտանային երազը, այլ չէին ամչնար անոր արդիւնք իրենց վիճակին պատասխանատու նկատելու զիրենք անմիջապէս կանխող սերունդը։ Ու լսեցինք աւելի տգեղ ալ խօսքեր, մեր ջարդերուն մէջ միայն մէկ ազդակ ընդունող, ու ասիկա զաւակներուն կողմէ անոնց, որոնք մեռեր էին անլուր միջոցներով …։

 

Էջերը, նուիրուած Սիամանթոյի, կը ձգտին արտայայտութիւնը ըլլալ սա երկու հակադիր վիճակներու, հոգեբանութեանց։ Ասկէ՝ թերեւս, իրենց վիրաւոր դժբախտութիւնը։ Սիամանթօն մօտ բարեկամ մըն էր, տրտում, բայց հաճելի ընկեր մը։ Կը խօսէինք գրականութեան վրայ, հաւասար կիրքերով։ Կը պաշտպանէինք մեր նախասիրութիւնները իրարու դէմ, բայց մտքէ չէինք անցըներ կործանել հակադիր ըմբռնողութիւններ։ Քառորդ դար ետք իր մահէն, երբ կը փորձեմ իր տեղը զատել մեր նոր գրականութեան մէջ, վարանում կը զգամ։ Նման վշտագին վիճակ մը չայցելեց ինծի, երբ այդ աշխատանքը կը կատարէի օգտապաշտներուն (1870–ի ռոմանթիքները) ու մեր իրապաշտներուն վրայ։ Եթէ այսօր չենք հանդուրժեր Սիամանթոյի հռետորութիւնը, չենք ալ հանդուրժեր ռոմանթիքներուն կեղծիքը եւ իրապաշտներուն տժգունութիւնը։ Անշուշտ անկանգնելի մահուան մը չեմ դատապարտած « Նուագք » քերթողաշարքը։ Երկու հարիւր տարի յետոյ, այդ տաղարանը առնուազն մէկ պահը կու տայ մեր լեզուին։ Ու մեր իրապաշտ վէպը, իր բոլոր անբաւարարութեամբը, փաստ մըն է մեր արժէքներէն։

 

Ան, որ լացուց ամբոխները իր բառերուն տակ տրոփող յուզումէն ու զանոնք դղրդեց իրենց անկարող դժբախտութեան խորագոյն ալքերը իջնող կրակէ սլաքներով, ան, որ փուշ-փուշ ըրաւ մազերը գրողին, որքան մտիկ ընողին, թերահաւատին, զարհուրագին կենդանութեամբը իր տեսիլներուն, ան, որ մեր լեզուն ընդերքներէն երեւան բերաւ հպարտ, վերապահ, ազնուական ցասում ու գողտր /274/ գորովանք ու պատմեց մեզի ոճիրներուն ոճիրը, ինչպէս հեռագրեց, հիւսիսայգեց (եթէ կը ներուի այս բառը) օրերուն օրը, ու լեզու դրաւ մեր երկրին աղօտած քաղցրութիւններուն, սուգին ու շիւանին ընդմէջէն ու գտաւ երբեմն ողիմպիական պայծառութեամբ շեշտեր ու խտութիւններ, կարճ՝ ան որ սանկ 15-20 տարի հայ հոգիին հզօր մէկ ձայնը իբրեւ ողջունուեցաւ, սիրելի է ինծի հաւատալ, չէր կրնար անազնիւ, գռեհիկ, վաղամեռ երեւոյթ մը միայն ըլլալ, գիրքերու պատմութեանց մէջ միշտ կարելի անհեթեթութեանց գնով։ Եւ սիրելի է ինծի հաւատալ, որ Սիամանթոյի գործը պիտի անցնի խաւարման սա շրջանէն, փառքին յաջորդող համատարած սա ուրացումէն ու պիտի գտնէ իր վերջնական հաւասարակշռութիւնը, առնուազն հերոսական սերունդի մը, իր պայմաններէն վեր աշխատողի մը, իրենց երազը ամրաբազուկ խղդողներու տանջանքին գրուած նահատակի մը այնքան սրտայոյզ կենդանագրովը, որուն վրայ այլեւս դադրէին ժամանակին աւերն ու քմայքները։ Սիամանթօ իր սերունդին մէկ կողմը ամենէն աղուոր, պերճ ձեւերով խտացնող արուեստագէտն է ապահովաբար։ Ո՞վ մենէ, 1900–ին, հոգեվարքին մէջէն, լքել պիտի անցընէր մտքէն յոյսը ։ Ո՞վ մեզմէ, 1900-1910–ին, մեր պայքարին հերոսական անբաւարարութիւնը պիտի արժեզրկէր։ Ու վերջապէս, ո՞վ էր այն տղան, որ 1915–ի սարսափներուն ատեն, լման ժողովուրդի մը ողջակէզին դիմաց անբաւարար պիտի դաւանէր Սիամանթոյի գործը, զայն վերածելով իրազանց պատկերաշարքի մը, մինչ աչքին առջեւ կը թաւալէր արնաշաղախ դիակոյտը միլիոնաւոր զոհերուն։

 

Պէտք չէ մոռնալ, որ Սիամանթօն խորհրդանշան մըն է, օր մը համատարած մեր երկիրը փաթթող, այսօր մեզմէ հեռու պտըտկող զգայութիւններու։ Արեւմտահայ գրականութեան կարճ կեանքին վրայ անոր մշակներէն ոմանք միայն բարձրացան սա արժանիքին։ Ամէն մեծահամբաւ գրագէտի չենք զիջիր նման փառք մը, ինչպէս՝ տկարութիւններու մէջ կորսուելու չափ այլակերպած գեղեցկութիւնը չենք զոհեր այս ու այն նկատումներուն։ Արտասանեցէ՛ք, օրինակի համար, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան բառը ու հետեւեցէք այն ներքին պատկերներուն, որոնք ձայնին զուգորդաբար կը յառնեն ձեր մտքին խորքերէն։ Գիտեմ, որ ազնուական այդ դէմքը մթագնող փոքրութիւններ, տկարութիւններ, պատեհապաշտ թշուառ տաղեր սպառնագին կարաւանովը իրենց, պիտի ընդառաջեն ձեր զգացումները, բայց անկարող պիտի ըլլան խղդելու այն հինգ-տասը քեր/275/թուածներուն անկորուստ գեղեցկութիւնը, որ ա՛լ նուիրագործած է վաղամեռ քերթողին անձն ու յիշատակը, մնացեալ շեղջակոյտին (nտանաւոր) անվերադարձ ընկլուզումին փաստովն ալ կրկնապէս մարդկայնացած։ Մեծարենցի ազատուած քերթուածներուն թիւր քսանը չ՚անցնիր։ Բայց այդ փոքր փնջիկին մէջ մենք այսօր կը զգանք մեր գաւառին ու մեր Պոլիսին երջանիկ շողապատումը, ի՜նչ փոյթ որ մնացեալ չորս անգամ աւելի քանակ մը պարզող մթերքը (անոր տաղերուն) մեզի խօսի դարձեալ այդ Պոլիսին սեթեւեթէն, բառամոլութենէն, սնոտիքէն։ Ու խորհրդանշան մըն է Միսաք Մեծարենց անունը այսօր։

 

Սիամանթօ իր նիւթին անհունութենէն տառապած ու տուժած է հաւասարապէս։ Ու պարտաւոր էք յիշել, ի նպաստ իր արժէքին, միւս իրողութիւնն ալ, որուն համեմատ ան իր անձին երգը (բան մը, որուն մէջ այնքան պատեհութիւն կայ դասական յղացքը բանաստեղծին՝ իրագործելու) ստորադասած է իր ժողովուրդին տագնապները։ Արի, առնական, կատաղի իր շեշտը մեզի, յետպատերազմեան արմատախիլներուս կը թուի կեղծ, փոխառիկ, օտար ու հեռու։ Ասիկա թշուառական պատրանք մըն է, ու քիչ մը ալ մեր տկարութեան վերադարձ մէկ փաստը։ Չենք կրնար անոր ոտանաւորը վիրաւորող անկումները չարաշահօրէն ընդարձակել, կործանելու համար անոր խորհրդանշանը։ Հրապարակին կը զիջիմ բոլոր բարբարոսութիւնները, իրազանց աղմուկները, դիւցազնատիպ ոգորումներուն տակ նշմարելի ռոմանթիզմը անոր գործին։ Ու գիտեմ նոյն ատեն, որ ան բախտը չունեցաւ անթերի կտոր մը մեզի ձգելու: Բայց ատոր փոխարէն, որքա՜ն շատ է թիւը իրմէ այն քերթուածներուն, որ այդ թերութեանց հետ ու մէջէն կ՚ամբառնան, ինք պիտի ըսէր կ՚աշտարակուին, շլացիկ ու անմոռանալի, դիմաստուերներ, հոգեվիճակներ, սլացքներ ու սարսափայեղց դրուագումներ բոլորը բաւական զօրաւոր զինաթափ ընելու մեր չկամութիւնները, նորաստած ախորժակներուն չտես բռնութիւնը։ Յետոյ, միշտ նկատի ունեցէք, թէ անոր ամենէն վտանգուած, տախտապարուած կտորին մէջ իսկ պիտի հաստատէք միշտ յանդուգն ու մռայլ գեղեցկութեանց փշրանքներ, որոնք ձեր ընթերցումը եթէ լիովին չեն վարձատրեր, գէթ կը դնեն մասով մը։ Դուք այդ բախտէն զուրկ էք, օրինակ, Ալիշանի մը, Թերզեանի մը, Պէրպէրեանի մը հիացուած տաղարաններուն մէջ, որոնց զլացուած է այդ բարիքը։

/276/ Ինչ որ ալ ըսեն պարզին, խորին, կտրուկ ու վերջնական կառոյցին նախանձախնդիր տղաքը (ապրող՝ իրենց երէցներուն ընծայուած պայմաններէն բոլորովին տարբեր մղումներու տակ), որքան ալ փորձեն ուրանալ այդ մեծաբարբառ, իրազանց, կատաղի ու ասով իսկ անլուրջ թուող քերթողութեան արժէքը, տեղը իրենց այսօրուան ախորժակներուն թելադրանքին մէջ, արեւմտահայ գրականութիւնը, մանաւանդ զայն գնահատելու սա կերպը չի կրնար հրաժարիլ Սիամանթոյի անունէն [1], ու ասիկա նոյնիսկ փաստին առջեւ աւելի կատարեալ, խոր, քիչ անկատար գործերու, որոնք նոյն այդ նիւթէն հանուեցան (կ՚ակնարկեմ՝ Վարուժանի, Թէքէեանի ազգայնական քերթուածներուն)։ Պիտի զեղչէ, հաւանաբար, շատ բան անոր գործէն, թերեւս չորցնելու չափ կեանքին երակները զայն սնուցանող, բայց պիտի զգուշանայ տապալելէ անոր խորհրդանիշ փառքը։ Կէս դար յետո՞յ։ Գիտցածս այն է, որ հայ գրագէտ մը դժուար կը հաղորդուի կորուստի սա ձեւերուն։

/277/ Յետոյ, միշտ յիշել, թէ գիրքերուն ետին կայ սիրտ մը։ Ու մեր բախտը մեզի հետ միշտ պիտի չվարուի մեր ուզածին պէս։ Կը զգաք, թէ ի՛նչ զգլխիչ քերթուածներ են կեանքերը, որոնք կը կոչուին Մ. Պէշիկթաշլեան, Պետրոս Դուրեան, տալու համար քանի մը անուններ։ Ու կը զգա՞. ք, թէ ի՛նչ արիւնափառ քերթուած մըն է սա տարօրինակ տղան, որուն աչքերը բացուեցան Հայոց Աշխարհին ամենէն բանաստեղծական մէկ վայրին մէջ (Ակնը իր ժողովրդական բանաստեղծութեանց մէջ անհաւասարելի գեղեցկութիւններ ունի, ինչպէս նաեւ քանի մը մեծագոյն անունները հայոց հին ու նոր գրականութեան), ու փակուեցան անպատմելի տեսիլքի մը վրայ, բոլորովին, եղերօրէն նման անոնց, զորս իր գրիչը մտադրած էր սեւեռել, հայոց հորիզոնին վերեւ, այնքան անգամներ։

 

Անոր նահատակութիւնը անշուշտ արժանաւոր փակումն է անոր օրերուն ու անոր գործին։ Բայց որքա՜ն իրաւ։ Մինակ սա պարագան բաւ էր հաշտեցնելու անոր գործն ու անձը իրարու։ Ու այսպէս ինկան այդ սերունդէն ազնուագոյնները, իրենց ժողովուրդին երազը քաւելու պարտքին դէմ, աննահանջ, արեան շապիկ մը միայն տանելով սա աշխարհէն։

 

Դժոխքէն կամ երկինքէն, թո՛ղ իր տառապած ուրուն ըլլայ ներողամիտ սա թշուառ տողերուն անբաւարարութեան։ Ինծի չափ ինքն է պատասխանատուն։

 

 

 



[1] Գրականութեան ճշգրիտ պատմութիւն մը ու անոր մատենագիտութիւնը տարբեր բաներ էին։ Տարբեր է, դարձեալ, ինծի համար, գիրքերու ու գրողներու վերլուծումը ու ասոնցմէ ծնող միւս վիճակը, որ սղագրութիւնն է համատարած ապրումներու: Արեւմտահայ գրականութիւնը փորձած եմ ենթարկել այս վերջին յղացքին ու իւրաքանչիւր գրողի ու գործի ետին տեսնել ջանացած այն աւելի դիմացող, աւելի խորունկէն եկող լինելութիւնը, որ համատարած ապրումին երակներուն մէջէն կը պտըտի, դարէ դար տեսակ մը արեան ձայն եւ ոչ թէ մտքի, գիտութեան, թեքնիքի վկայութիւն։ Այսպէս ըմբռնուած, մեր հին ու նոր գրականութեան մէջ դժուար թէեւ, բայց միշտ կարելիութեան սահմանին մէջն է հաստատումը ընել ժամանակէն ու շրջանէն վեր հոգեղէն վիճակներու։ Միակտուր երկինք մըն է հայոց հին բանաստեղծութիւնը, ինչպէս էր այդ դարերուն հայոց ընտրանին։ Միակտուր երկիր մըն է հայոց ժողովրդական բանաստեղծութիւնը, ինչպէս էր մեր ժողովուրդը, մեր հողերուն վրայ, տառապալից՝ բայց երբե՛ք յուսափշուր։ Ու դարու մը կեանքը ունեցող մեր զոյգ գրականութիւնները դարձեալ մեր ժողովուրդին այս ու այն խռովքներուն, ակնկալութեանց, տանջանքներուն գումարը։ Այս կերպ ըմբռնուած, գրականութեան պատմութիւն մը մեծ դիւրութեամբ կրնայ մոռնալ Եղիա Տէմիրճիպաշեան մը, Պէրպէրեան մը, Թերզեան մը, Ալիշան մը, Չերազ մը, մեր զարթօնքի սերունդին մեծահռչակ անունները, որոնց ո՛չ թէ արժանիքները կ՚ուրանայ, այլ որոնց մէջէն չի կրնար բարձրանալ ցեղային միակտուր ապրումներուն բարիքէն: Փորձեցէ՛ք հայ ժողովուրդ մը հանել « Նուագք » քերթուածաշարքէն։ Պիտի զգաք, թէ կը գտնուիք վճռական անկարելիութեան մը առջեւ: