Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ (ՍԻԱՄԱՆԹՕ) (1878-1915)

/215/ Այն երիտասարդ է, որ Սիամանթօ անունին տակ իր ոսկեդարը ապրեցաւ, 1908-1915, գրական բացառիկ ճակատագիր մըն է։ Նկատի չունիմ իր տաղանդը, որ իրական է, իր կեանքը, որ անիրական եղաւ, իր գործը, որ ճանչցաւ կարելի փառքը։ Նկատի ունիմ իր գրականութիւնը, որ ինքնիրեն համար գոյ (գերմանները անցնող դարուն սկիզբը պիտի գրէին Ding in sich), դարձաւ տեսակ մը խորհուրդ, խորհրդանշան մեր պատմութեան ամենէն ահաւոր մէկ շրջանին։ Հայ յեղափոխութիւն, հայ նահատակութիւն, հայ կործանում թաքուն միութեամբ մը կը յառնեն մեր մտքին մէջ այդ անունին առջեւ։

 

Հայ ժամանակակից տառապանքը աւելի քան նուազ լայնքով ու խորութեամբ անկարելի է չգտնել այն երկու սերունդին գործերուն մէջ, որոնք 1885–էն մինչեւ 1915 սպասարկեցին արեւմտահայ գրականութեան։ Թէ գրաքննութեան տեւողութեան Պոլսէն չհեռացող ու աչքերնին փակող գրագէտներու մօտ այդ տագնապը չէ ինկած սեւեռումի, իրողութիւն մըն է, որ չի հերքեր ճշմարտութիւնը։ Տիրան Չրաքեան, Միսաք Մեծարենց, աւելի երէցներէն՝ Հրանդ Ասատուր, Սիպիլ եւ ուրիշներ բաժին չառին այդ տագնապին արտայայտման մէջ։ Բայց մեր բոլոր գրողներուն հոգեյատակը ողողուած է այդ զարհուրանքով ։ 1941–էն վերջ, շառաւիղները այն մարդոց, որոնք այդ զարհուրանքը ապրեցան, կրնան տրտմօրէն ժպտիլ մեր, հիներու լալկանութեան, հռետորութեան, թէկուզ՝ վախկոտութեան վրայ։ Ուրիշ բան չեն ըներ, եթէ ոչ աւելորդ անգամ մըն ալ ապացուցանել կեանքին գերագոյն իմաստը, որ տեւական ներկայ մը, ներկայութիւն մըն /216/ է։ Պէտք կա՞յ յիշեցնելու 1941–ի տղոց, թէ ինչ որ իրենք այնքան բոցեռանդն հպարտութեամբ ժամանակակից կեանք կ՚անուանեն, երկու տարի վերջ շքեղօրէն ցուրտ անցեալ մըն է։

 

Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնը անշուշտ մինակ չէ քնարերգութեան այդ շրջանին համար։ Վարուժանի առիթով ես տուած եմ այն քանի մը հզօր հարցերը, որոնք կը ծագին մեր հոգիին ու մեր արուեստին քանի մը մեծ ցուցմունքներուն մէջ։ Բայց « Ցեղին սիրտը » հոգեբանութիւն մը ըլլալուն չափ, գիրք մըն էր, որ անկարելի չըրաւ « Հեթանոս » կամ « Հացին » երգերը ուրիշ հոգեբանութիւններու յայտարարներ երկուքն ալ։ Եթէ զեղչէք « Ս. Մեսրոպ » վտիտ տետրակը Սիամանթոյի գործէն, մնացեալը, դարձեալ տասնհինգ տարիներու երկունք, բացառաբար նիւթ ունի մէկ ու նոյն զարհուրանքը ։

 

Կը հասկցուի, թէ որքան դժուար է ճիշդ կշիռ մը պահել սա շեշտ ու շքեղ, յոգնեցնող միօրինակութեան դէմ։ Քառորդ դար առաջ այս վիճակը ինքզինքը կը բանաձեւէր Սիամանթոյի անունին շուրջը կազմելով իրարու վճռօրէն հակադիր հասկացողութիւններ։ Արեւելահայերը զայն վերածեր էին անհանդուրժելի բառախաղացի մը, պատմուճանաւոր հոսհոսի մը, որ վերջնական փարթամութեամբ մը կ՚արտայայտէր արեւմտահայ գրականութեան ամենէն մահացու մեղքը, բառին, վանկին զեղծանումը ։ Արեւմտահայերը անոր մէջ կը հաստատէին բանին իշխանը, մեր օրերու շատ հզօր քերթողներէն մէկը, առնվազն մասնագէտ երգիչը այն զարհուրանքին, որ իբրեւ կեանք տրուեցաւ իրենց զգայարանքներուն այդ եղերական քառորդ դարուն ընթացքին, 1890-1915։

 

Հիմա, դարձեալ նոյն դժուարութիւնը կը ներկայանայ ինծի, երբ կը փորձուիմ դատել այդ գործը։ Կը զգամ, թէ մնայուն վսեմին մէջ ապրելու եւ ապրեցնելու վտանգը (որ արուեստի կարգ մը արտայայտութեանց ճակատագիրը կը կազմէ ինչպէս « Դրախտ կորուսեալ »ը, « Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը ») մեր մէջ ամենէն աւելի գոյ է Սիամանթոյի համար։ Կը զգամ, թէ այդ քերթողութեան գործածած միջոցները շատ փնտռուած, չըսելու համար բռնազբօսուած truc–ներ են, արուեստին հիմնական պարկեշտութեան հետ չհաշտուելու աստիճան։ Թէ իր հատորիկներէն մէկ քերթուած զօրաւոր իսկութեան մը նման թունդ, կը ստեղծէ որոշ խռովք, բայց տասը քերթուած կը սպաննեն զայն, այդ խռովքը։ Թէ անոր տողը իրմով կանգուն բարկ ու բարդ հաւասարակշռութիւն մըն է շատ մը թռիչքներու դաշնաւորմամբը, /217/ բայց անոր քերթուածը, որ այդ տողերուն ճարտարապետած շէնքն է, մեր մէջ ծնունդ կու տայ inorganique, չըսելու համար խուժ վախերու։ Ու ամենէն աւելի կը տառապիմ այն դժնդակ փաստէն, որ կը զարնէ այդ գործը իրականութեան չեմ ըսեր զեղծումը, այլայլումը, այլ հեռացումը, խորհրդապաշտացումը, ժամանակէն ու միջոցէն փախուստի մը պատրուակին տակ՝ անճանաչելի ըլլալու աստիճան ընդհանրացումը։ 1909–ի աղէտէն տասներկու պատկերներ Կարմիր լուրեր բարեկամէս »), իրենց ահաւոր իրականութեան հակառակ, չեն յօրիներ իմ մէջ այն մեզայատուկ, մտերիմ հոգեվիճակը, որ կը շինուի « Կիլիկեան մոխիրներ »ուն քերթուածով, ան ալ նոյն աղէտէն թելադրուած։ Իրազանց արուեստի մը (թող ներուի տարազը) առջեւ քննադատին մէկ չէ տագնապը, այլ տասներկու։

* * *

Այդ իսկ պատճառով չեմ զբաղիր մարդով, որ իրական էր սակայն, երբ իր գունատ մասքը, դժխեմ խորհրդանիշ մը իբրեւ, կը պտտցնէր 1908–էն յետոյ, Պոլսոյ խանդավառ հանդէսներուն, արժանաւորութեամբ կրելով իր համբաւին վարշամակը։ Չէ բացուած իր բերանը երկու իրաւ խօսք արտաբերելու, զինքը լեցնող սարսափներէն։ Չէր զիջաներ այդ անձը հրապարակ դնելու, այդ անկարողութիւնը այսպէս ոսկեզօծելով։

Նոյն պատճառն է, որ զիս կ՚արգիլէ զբաղելու այդ կեանքով, որ աւելի քան իրական է եղած զոյգ ողբերգութեանց ծիրին մէջ, ա) շրջանին, բ) սեպհական մարմինին։ Իր սերունդին բոլոր աւագ դերակատարներուն նման, ան ճանչցաւ 1900–ը, այսինքն տարագիր հայութիւնը իբր ստեղծագործ երիտասարդութիւն, տարտղնուած՝ Եւրոպայի փարթամ ոստաններուն անանուանելի գռիհներուն։ Ու յարակից ամբողջ դառնութիւնն ու կորանքը, անօթութիւնն ու անդարման կսկիծը։ Բայց ահա աւելին։ Արփիարեան, Չօպանեան, Պարթեւեան, Բաշալեան իրեն լուսաղբարներ են, բայց ունին իրենց ուսերը ամուր բռնող ոսկորներու շէնք մը։ Կրնան պառկիլ, ո՛ւր որ զգան իրենց դիմանալու կարողութեան սպառումը։ Առնուազն առողջ մարդեր են։ Սիամանթօ հիւանդ մըն է, երիտասարդութեան հիւանդութեամբ մը։ Չեմ գիտեր, կա՞ր աւելի ողբերգական պատկեր, քան այն, որ սա տողերուն տակը կը պահուըտի։ Պայքարած է, սակայն, հիւանդութեան դէմ։ Պէտք էր լսել իր բերնէն տրտում իր զուարթութիւնը, երբ կը խօսէր իր կամքէն, չմեռնելու, յաղթելու չարաշուք ախտին։ « Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր »ը առանց սա պղտոր, արիւնոտ ծանօ/218/թութեանց, հռետորական ոuին տարազ մը պիտի թուէր շատերուն։ Հատորին կազմութի՞ւնը տասը տարի, 1897-1907: Ու ահա ձեզի քաղաքներ Ժընեւ, Փարիզ, Լէյզէն, Լոզան, Ուշի ։ Ի՛նչ խորունկ կսկիծներ են այդ քաղաքները, առանձին–առանձին։ Անոնց իւրաքանչիւրին համար հայ մտաւորականութիւնը ունի անփոխարինելի զգայութիւններ։ Հոս կը ճշդեմ միայն մէկը անոնցմէ, Լէյզէնը, որ մահուան ու կեանքի կայան մըն է, Զուիցերիական Ալպերուն մէջ։ Հոն կ՚երթային հոգեվարքի ջահերը իրենց ափերուն ամրապինդ տղաք որոնք քսանին ու երեսունին մէջտեղը օր մը իրենց բերնին մէջ մեռած միսի համ մը զգացին ու կարմիր թքան…։ Չեմ բանար գաղափարներու զուգորդութեանց ահաւոր հանդէսը։ Սիամանթօ դարձած է մահուան քաղաքէն, բայց պահելով ընդմիշտ անոր կնիքը մասքին վրայ։ Տժգոյն էր ու դիւրազգած։ Անհուն իր փառասիրութիւնը չէին հասկնար մարդիկ, որոնք մահուան մէջ հասունցած զգացումները միշտ սխալ պիտի դատեն։ Ու ատոր համար իսկ էր, որ անցաւ մարդոց մէջէն հին օրերու քուրմի մը նման, տխրամոյն, հպարտ։ Ներսէն վշտոտ երիտասարդ մըն էր։ Գիտէր ուրիշին ցաւին թափանցել, բայց կը զգուշանար զայն, ցաւը կեցուածքի վերածել։ Մեր քնարերգութեան ամէնէն տրտում թեման եղաւ իր գործը։ Բայց չունեցաւ ան ողբասացի պաշտօնական տիտղոս մը, ինչպէս են աւելի կամ նուազ վաւերական եղերերգակները, Աետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Որբերեան։

 

Յետոյ, չնմանեցաւ իր սերունդէն ո՛չ մէկուն։ Իր պսակաւոր քերթողի դերը զոր յեղափոխական կուսակցութիւն մը ձեւած էր իրեն ան արժեցուց քիչերու մօտ դիտուած լրջութեամբ։ Ինչպէս իր գործին կը պակսին մասնաւորը, առօրեան, լրագրականը, իր անձին ալ թաքուն, քօղածածուկ մնացին անձնաւորութիւն մը պայմանող հզօր կողմերը։ Ան Եղիշէի իջած ամրան ճպուռներուն կեանքը ունեցաւ, որոնք իրենց երգին «քաղցրութեամբը» կը գոհանան։ Ըսի, թէ մութ զուարթութիւն մը կ՚արտածորէր իր դալկահար դէմքէն։ Մահէն դարձողի իմաստութի՞ւն։ Բնական անընդունակութի՞ւն՝ պարզ, առատ ապրումի, որ մեզմէ շատերուն համար մասն իսկ է մեր աշխարհին։ Ի՜նչ գիտնամ, պիտի ըսէր Պարթեւեան, որ իրեն պէս անհուն ըղձաւորութիւններու տակ տրորուած, կործանած թշուառութիւն մըն էր, բայց զուրկ էր ծնած ինքզինքը պարտակելու պարզագոյն թեքնիքէն ու իր գրական հսկայ շնորհները մէկիկ-մէկիկ ի վաճառ հանեց այդ պակասը դարմանելու եւ վերջ ի վերջոյ ինքզինք սնանկ յայ/219/տարարեց մարդերու միջին բարոյականին պարտադրանքներէն։ Եթե տեղ կու տամ սա դիտողութիւններուն, նպատակը քիչ մը մարդկային տարր նետել է գործին մէջ։ Սիամանթոյի գործը անշուշտ անանձն չէր կրնար ըլլալ, քանի որ ... առնուազն բանաստեղծական էր։ Ու ամէն տաղարան շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ մարդու մը պատկերն է։ Անոնք, որ յիսուն տարի վերջը կը կարդան Պէշիկթաշլեանի քերթուածները, շատ դիւրաւ կը յօրինեն հեղինակէն մտապատկեր մը, որ իր մեծ գիծերուն մէջ չի հերքեր վաւերականը։ Նոյն փորձը այսօր Սիամանթոյի համար պիտի տար անկարելի արդիւնք մը։ Ո՞վ կայ « Հայորդիներ »ու շարքին ետին։ Ո՞վ՝ « Հայրենի հրաւէր »ները ձայնասփռել յաւակնող մեծատարած դերասանին ներքեւ։ Ու այս հարցականները տրտմօրէն ճիշդ են բոլոր իր հատորներուն համար։ Քերթուածի մը մէջ, որ մեծ վարկ էր ու կ՚արտասանուէր տարին հարիւր հեղ « Ափ մը մոխիր, հայրենի տուն » ան կրցած չարիքը փորձած է այդ տունին իրական պատկերը աղարտելու, որպէսզի պաշտպանէ իր անձը, ըսել կ՚ուզեմ՝ չյանձնէ ուրիշներու թափանցումին իր քրմազգեստ, սրբազնասուրբ անձնաւորութիւնը։

 

Կ՚ապրէր մեզմէ դուրս, ըսել կ՚ուզեմ ի՛ր իսկ յօրինած աշխարհին մէջ, որ թէեւ չէր իջեցներ փղոսկրէ աշտարակը, բայց գէթ Պոլսոյ մէջ կրկնութիւն մըն էր 1900–ի էսթեթներու կենցաղին։ Տունի, պարտքի, ընթացիկ հետաքրքրութիւններէ հիմնովին հեռու մարդեր էին ասոնք, արեւմտեան ոստաններու յառաջապահ ընտրանին, արուեստներու ջահակիրներ, որոնք այդ կղզիացումը պաշտամունքի հանգանակի էին վերածած չէին շփուեր նոյնիսկ իրենց ժողովուրդին հետ։ Ատոնցմէ իբր նմոյշ կրնամ տալ անունը Կոստան Զարեանի, որ մեզի գալէ առաջ այդ միջազգային երիտասարդութեան մէջ էր կազմեր իր հողեղէնը ու հակառակ չունենալուն, չէր զիջաներ երրորդ կարգ առնել հանրային հաղորդակցութեան միջոցներուն մէջ, երբ կը մերժէր հանրակառքը, եւ ուրիշին դրամով կը նստէր ազնուապետական կառքը…։ Սիամանթոյի մենագրութիւնները եղան զուսպ, անտարակոյս։ Բայց իր մեծ բանաստեղծի վարկը ան գործածեց դուրսին համար ակնցիի վայել իմաստութեամբ մը (ուրիշներ կրնային ճշդել՝ խորամանկութեամբ մը)։ Ամէն հանդէսի ան պաշտօնական կուռքի մը պէս լրջութիւն էր մարմնին դարձած։ Հայ գիրերու գիւտին հազար հինգ հարիւր ամեակին առիթով (1913) սարքուելիք հանդէսները զինքը ըրին աւելի քան տրտում փառասէր, չըսելու համար այսահար մը։ « Ս. Մեսրոպ »ին երկունքն էր այդ տագ/220/ նապին պատասխանատուն։ Ամիսներ տառապեցաւ ան այդ տարփողագիրը նուաճելու։ Չէք գիտեր անշուշտ, որ կը գրէր տաժանքով, տքալէն, ծամելէն՝ իր մտածումները ու տրտմելէն՝ իր զգացումները։ Գիշերուան մը ճիգին գինը, երբեմն երկու տող, յաջորդ առտու կը բազմագրուէր ձեռքէ ձեռք անցնելով։ « Գուրան »ի խմբագրումը յիշեցնող սա վիճակէն ունէր ներքին խոր գոհունակութիւն սակայն։ Իր թաքուն հպարտութիւններէն մէկն էր համեմատուիլ Նարեկացիին հետ իր բանի հեղեղ ու պատկերներու դարբնարան։ Քանի՜-քանի անգամներ ստիպուած եմ եղեր պատասխանել իր պնդումներուն, նման բաղդատութեան մը համար իր փաստերը արժեւորող։

Ու այսպէս անցան անոր օրերը։ Քերթուածը, ասոր ցուցադրումը, ասոր պարտադրանքը անոր համար փոխարինեցին կեանքին աշխարհը։ Թերթերու եւ պարբերականներու հանդիսաւոր թիւերը, այսինքն անոնց բացառիկները իր հեշտանքը կը կազմէին։ Ու իր անհաշտ, անհամաչափի տողերուն մռայլ պատկերը, կրկնաւիւն ու ազատ, իրեն կը պարգեւէր ստեղծումին անճառելի գոհունակութիւնը։

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին orgue de barbarie–ն էր ան, ինչպէս որակեց օր մը զինք Կոստան Զարեան։ Իրականութեան մէջ անոր քերթուածին արտակարգ հնչականութիւնը, բառերուն ներքին dynamisime–ը, ճարտար թեքնիքով մը կրկնապատկուած, առանձին բան մըն է, երբ գայ մեզի քիչ-շատ զգայուն հոգիէ մը կամ արտասանելու որոշ շնորհներով օժտուած բերանէ մը։ Կը յիշեմ օրը, 1913–ի յոբելեանի հանդէսներուն, երբ Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ առնուած հազար գլուխ խաժամուժը, զոր կառավարական, ազգային, եկեղեցական բոլոր դիտողութիւնները, սաստերը չէին կրցած լռեցնել, ինչպէս յանկարծակի գտաւ ինքզինք, « Ս. Մեսրոպ »ի արտասանումով, կատարուած Կոստան Զարեանի կողմէ։ Ու մտիկ ըրին հասկցողն ու չհասկցողը։

Սիամանթօ հանդիսական բանաստեղծութիւնը ազատագրեց հոսհոսութենէն, թացիկ ընտանութենէն, դպրոցական տափակութենէն։ Ու ըրաւ անկարելին՝ այն երջանկութիւնը, որով փառաւորուեր էին հնօրեայ վարժապետներ, գրաբարախառն քերթուածներու տարափով մը քանի մը ժամ գլուխ արդուկելու իրենց երանութիւնը ոսկեզօծելով երբեմն ազգային բանաստեղծի լուսապսակով մըն ալ։ 1910–ին մարդիկ չէին կրնար մտիկ ընել Թերզեանը, Պէրպէրեանը, Սէթեանը, Սիպիլը, իբր քերթող։ Բարի՞ք։– Թերեւս։