Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Զ
       Երկու թուղթը Սթամպոլ Պահճէ Խաբու իրեն ծանօթ սարաֆ ի մը գրաւ դնելով, Ղուկաս աղան երեք ոսկի փոխ առաւ, ամիսէ մը վճարելու պայմանաւ։ Մարդը տուած ստակէն տասնհինգ ղուրուշ տոկոս զեղչեց։ Հարիւրին վաթսուն վաշխառութիւն մը թէեւ, բայց Ղուկաս աղան փոխառութիւնը իբրեւ իրեն մատուցուած մեծկակ ծառայութիւն մը սեպեց, ուստի եւ շնորհակալութիւններ յայտնեց։ Ոսկիները քէօշէ—սարաֆ էն մանրուք ընելէն յետոյ, Հաճի Պէքիր ին մտաւ, օխա մը աճիպատէմ եւ կէս օխա խառըշտին րահաթ ի շտկեց, իքսիրին համար ալ Ղալաթիա անցաւ։ Ամէն գործ կարգադրած լմնցուցած, կէս օրէն ետքը շոգենաւ կը մտնէր։
       Շոգենաւին մէկ ծայրը քաշուած, սիկառէթը վառած, երեսը հովուն կը խորհէր քիչ մը հանդարտած սրտով։
       Ա՛լ եղածը եղած էր, այսպէս թէ այնպէս մէջէն ելլալ պէտք էր։ Ամէն բան կրնար իր տեղը գալ, եթէ քիչ մը ժամանակ վաստկելու ըլլար։ Արդեն երկու երեք շաբաթ, իրիկուան ուտելիքը առտուն պիտի չմտմտար։ Շատ կը յուսար, որ այդ միջոցին Պէյլիկ ին կարերուն ստակը վճարուէր։ Ականջին լուր մը հասած էր. թէ Սէրասկէր ը փոխառութիւն մը ընելով բոլոր պարտքերը պիտի սրբէր։ Ատ ստակը առած չառած, մէյմը սա շըմէնտըֆէր ները կ՚ազատէր ու ճերմակեղէնները կարել կ՚սկսէին։ Քիչ մը ատեն սանկով նանկով կրնար ապրիլ. անշուշտ ասդիէն անդիէն աւուրչէքով գործեր ալ կրնար ունենալ։ Փեսացուն կիրակի մը գալուն, կարգին կը բերէին եւ կարերը մէյ մը ցոյց կու տային. Շըմէնտըֆէր ներն ալ ամբողջ իրենց տեղը, վախնալիք ա՛լ ի՞նչ ունէր։ Գործը Արթաքիին խօսք հասկցնելու մէջ կը մնար։ Բան մը կ՚ընէի՛ն։ Չեղա՞ւ. ընտոր է նէ քիչ մը կը խաղցնէին։ Ասօր՝ ճերմակեղէններուն մէջ պակաս բան մը կար. վաղը՝ մօտիստրան ֆիստան ը չհասցուց։ Սուտ, շիտակ մինչեւ Խաչ կը քաշկռտէին։ Խաչին գործերը կը բացուէին։ Անշուշտ ատ քանի մը ամսուան մէջ Պէյլիկէն տասը տասուերկու ոսկիի գործ մը կ՚ըլլար։ Կարճ երկան հարսնիքը կ՚ընէին։ Ա՜խ, մէյ մը աս աղջիկը տեղաւորուէր, ա՛լ անկէ ետքը չոր հաց մըն ալ ունենային, իրենց կ՚օգտէր։
       Այս կարգադրութիւնները երբ մտովի լմնցուց, շոգենաւն ալ արդէն Հալըճը—օղլու հասաւ։ Ղուկաս աղան նախ գնաց չէօրեկները առաւ տուն խրկեց, յետոյ սափրիչին խանութը մազը մօրուքը շտկել տուաւ, վրան գլուխն ալ աղէկ մը վրձինեցին։ Քառորդ մը ձգեց, ինչպէս ամէն Զատկի, Ծնունդի առատաձեռնութեան սովորութիւն ունէր։ Հոնկէ սրճարան գնաց լրագիր կարդալու, ժամանակ անցընելու, մինչեւ ժամուն ատենը գար։ Ազնուապետականութեան երբեմնի կեդրոնավայր Խասգիւղը, հիմակ բանուորաբնակ թաղ մը դարձած ըլլալով, տօնական օրերը արարողութեանց ուշ կը սկսէին, որպէս զի ժողովուրդը՝ բանուոր ու մանրավաճառ, կարենար հասնիլ։
       Պզտիկուց ի վեր Ղուկաս աղան, ո՛չ Զատկի, ո՛չ Ծնունդի Խթման մը, «ընթերցուածներու» միջոցին եկեղեցիէն բացակայ գտնուած էր։ Ատ իրիկունն ալ գնաց քաշուեցաւ իր անկիւնը, իր մինտէրին վրայ նստաւ, ու երկիւղածօրէն գիրքերուն ընթերցմանը ունկնդրեց։ Սակայն, իր հոգեկան վերացման մէջ մէկէն ի մէկ ցնցուեցաւ, սթափեցաւ յանկարծածին յուզմամբ, երբ պատանի մը, ուժե՛ղ ձայնով՝ «Ընթերցուա՜ծս ի Դանիէլէ Մարգարէէ՜։ Յամի՜ն ութնեւտասա՛ներորդի թագաւորութեա՛նն Նաբուգոդոնոսորա՛յ արքայի…» որոտաց։ Թռա՜ւ գնա՜ց։ Մէկ րոպէի մէջ, քառսուն տարիներէ աւելի անցեալի մը հողվրտիքը նետուած էր։ Ա՜խ, տարի մը «Դանիէլինը» ինքն ալ էր կարդացած։ Ամիրաները ամէնքն ալ ժամն էին. շա՛տ շա՛տ հաւներ էին իր ընթերցմանը։ Կիրակի առտու Կէլկէլ ամիրան զինքը տունը կանչելով, «աֆէրիմ օղլո՛ւմ, դիւն վարդըպետ տ՚ըլլիս, լայո՛ւխ ես» ըսած էր ու տասը Մահմուտիյէ տուած էր իրեն, եւ «Եղիշէ» մը ընծայած, զոր մինչեւ հիմակ մասունքի պէս կը պահէր։ «Հէ՜յ կիտի մարդեր, հէ՜յ կիտի վախիտներ» հեծեց ու նորէն, հանդարտած, ունկնդրեց։
       Մութը ա՛լ կը կոխէր, երբ ժամուորները տաճարին բակը իրարու «Քրիստոս յարեա՜ւ» շնորհաւորելով, էրիկ մարդիկ խումբ խումբ շուկայ իջան, կէս մը «մէկ երկուք նետելու». մինչեւ կնիկներն ալ տուն դառնային եւ ինչ որ պէտք էր պատրաստէին։
       Երբ Ղուկաս աղան տանը դուռը զարկաւ, Արմիկը վազեց բանալու։ Հօրեղբօրը ձեռքը ուրախ ուրախ քաշեց պագաւ. ա՛ն ալ աղջկանը ճակատը տաքուկ մը համբուրեց «ապրի՜ս աղջիկս, Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց, շա՛տ տարիներու», շնորհաւորելով։ Ետքէն ալ Վարդենի տուտուն եկաւ, էրիկ կնիկ իրար ողջագուրեցին. «Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց», «օրհնեա՜լ է Յարութիւն Քրիստոսի» շնորհաւորական սրտաբուղխ մաղթանքներով։
       Սեղանը շտկուած էր, վրան երկու մոմ կը վառէին, անոնց մէջ տեղը պղնձէ փայլուն խնկամանը, որմէն անուշաբոյր ծուխը կ՚ոլրտկէր։ Նախ Ղուկաս աղան, յետոյ Վարդենի տուտուն ու Արմիկը կիսախուփ ափով երեքական անգամ ջերմեռանդաբար խունկ առին դէպի երեսնին. ծերունին «Հոգոցն հանգուցելոց» մը մրմնջեց, խորապէս յուզուած։ Աս, վերջին Զատի՛կն է, որ կ՚ընէին. գալ տարի աս օրս Արմիկը զատ տուն եղած, իրենցմէ բաժնուած պիտի ըլլար։ Ու իրենք, երկու պառաւ, գլուխ գլխի պիտի մնային մինակուկ։
       Անցան սեղանը նստան, երեսնին խաչակնքելով. Ղուկաս աղան ալ «Քրիստոս յարեաւ»ով ճաշը օրհնեց։
       Շտկուածը այն զատկական սեղանն էր, զոր հայ կինը խանդակաթ գուրգուրանօք կը պատրաստէ. կարծես գերեզմանէն դեռ նոր ելած Քրիստոսը այդ իրիկունը անտեսլաբար իրենց սեղանակից հիւր ունենալու հաւատքէ մը ներշնչուած։
       Ամբիծ, անարատ սփռոցը կլորած սեղանը ծածկած էր. «ձուներու պէս» երեք անձեռոց դրուած էին առընթեր մաքրամաքուր պնակներու, որոնց մէջ մէյմէկ պատառաքաղ, դգալ ու դանակ զերդ արծաթ կը փալփլային։ Մէկ անկիւնը խմբակ մը կը կազմէին կանանչ պնակով կարմիր հաւկիթը, որուն մէկ քովը ճեփ ճերմակ կաթնապուրը՝ վրան մատ մը սեր կապած, մէկալ քովը, դեղնորակ չէօրեկ ը, մօտիկը կանանչ սալաթա ն ու դեղին խաշար պանիր։ Իսկ սեղանին մէջ տեղը սեփ սեւ Միտիան։ Վարդենի տուտուն ու Արմիկը ջանացեր էին, որ բերանները համ առնելէ առաջ, աչքերը հաճոյք զգային գոյներու խատուտիկ, ներդաշնակ տեսքէն։
       —Աս ի՜նչ ալ աղուոր շտկեր էք, ըսելով կը հիանար Ղուկաս աղան։
       Արմիկիս մարիֆէթներն են, սրբագրեց Վարդենի տուտուն մայրագորով պարծենկոտութեամբ, զարդարման ամբողջ փառքը Արմիկին յատկացնելով։
       Գիտե՛մ, գիտե՛մ, պատասխանեց մարդը, ու Արմիկին հետ հաւկիթ մը զարկաւ. իրե՛նը կոտրեցաւ։ Աղջիկը եէնկէին հետ ալ զարկաւ. անորն ալ կոտրեց։ Կրկնեց, նորէն յաղթեց։ Տղու պէս կը խնդար, կ՚ուրախանար կողոպուտը պնակը հաւաքելով։ Բայց ամչնալէն կարմրեցաւ, երբ հօրեղբայրը,
       —Արմի՛կ, գալ Զատկին հաւկիթները էրկանդ հետ պիտի կոտրես, կատակաբանեց։
       Սուրճէն վերջը կանուխկէկ մը պառկեցան. մութուն պիտի ելլէին, «Առաւօտ լուսոյ»ին հասնելու համար։
       «Է՜յ կէնճութիւն, է՜յ, ո՞ւր ես» հառաչեց ծերուկը անկողինը մտած ատեն, յիշելով, որ ատենօք ինքն ալ Զատկին առտուն շապիկ կը հագնէր ու դասը դպիրներուն հետ կը բարբառէր։
       Կիրակի առտու, արարողութեանց աւարտումէն ետքը Ղուկաս աղան բարեկամներուն հետ սրճարան իջաւ, ուր օղիով իրարու դարձեալ կենդանութիւն եւ շատ տարիներ մաղթեցին։
       Կանուխկէկ տուն վերադարձին, սեղանը արդէն պատրաստ գտաւ, հաւու ջրով տաքուկ ապուրը խեղճ մարդը հոգնութիւններէն լաւ մը կազդուրեց։ Յետոյ դուրս ելաւ, Բարի-Տարիին այցելութիւնները նախ հեռաւոր գեղերէն սկսաւ։ Չմոռցաւ «փարաւոնին» ալ երթալ, որ Բերա կը բնակէր, «շունը կոտրել չ՚ըլլար ըսաւ, օր մը նորէն պէտքութիւն մը կ՚ունենամ իրեն»։
       Զատկին երեք օրերը ա՛յսպէս անզգալաբար անցան։