Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Երեքշաբթի առտու արեւը շատոնց ծագած էր, ու Ղուկաս աղան դեռ անկողինը կը մնար։ Բարձին վրայ ինկած գլուխը՝ մտմտուքը մէջը կապարի պէս թխմուած գլո՛ւխը վեր չէր կրնար վերցնել։ Ինչ եւ է— ըրաւ չըրաւ ելաւ, երեսը լուաց, հագուեցաւ, սուրճը խմեց ու,
       —Իրիկուան բան մը պէ՞տք է, հարցնելով, դուռը գոցեց գնաց։
       Մինչեւ իրիկուն հոս հոն սլքտաց.
       —Ա՜խ, աս ի՜նչ դժուար բան է եղեր պարապ պտըտիլը, կ՚ըսէր մտովի, Աստուած թշնամիս առանց բանի գործի չթողու։
       Աստանդական թափառումը միւս օրն ալ շարունակեց։ Հինգշաբթի՝ «երանելի նախահարց իմաստուն եւ հեռատես կարգադրութեանց» բարիքները անգամ մը եւս վայելեց։ Առտուընէ մինչեւ կէս գիշեր ժամը անցընելով, սիրտը չնեղացաւ։ Ուրբաթ, Թէրսհանէին ճամբէն նորէն երկնցաւ։
       Կամաց կամաց կ՚երթար, մենախօսելով, մերթ կանգ առնելով ու մատուըներուն վրայ համրանքներ ընելով։ Յառաջիկայ շաբթուան ելմտացոյցը կը քննէր։
       Զատկի շաբթուան անխուսափելի ծախքերուն մէկ մասը ըրած լմնցուցած էր։ «Ըստ վաղեմի սովորութեանը», ութ հարիւր օխայ իւղագին գրուելով, մէճիտիէն Ծաղկազարդի առտուն ցնծացեր էր։ Ա՛ս գնաց։ Հաւկիթը դուռնէն առեր էին, հարուրը երսունի. ա՛ս ալ լմնցած էր։ Երսուն ղուրուշ ալ խթումի իրիկուան եւ Զատկի կիրակիին ուտելիքին համար տուած էր, չէօրեկ ը մէջը չըլլալով։ Մէճիտիէ մը ա՛ն շաբթու ժամը թապախները ձգած էին, քանի մը ղուրուշ ալ ինքը ծախսած էր. համագումարը հարիւր տաս ղուրուշ։ Հոս կանգ առաւ, ձեռքը գրպանը խօթեց, պատրաստի դրամը հանեց համրեց։ Քովը տասնըհինգ ղուրուշ քանի մը փարայ կը մնար։ Ու նորէն ճամբան շարունակելով, «թուումն մասանց»ը կ՚ընէր այն ծախքերունն ալ, որոնց դէմ գրպանին երեք քառորդը բարեխօս ունէր միայն։
       Էյ խելքի՜ գալիք բան։ Երկու ոսկին պիտի չօգտէ՜ր։ Մէճիտիէ մը չէօրէկ ին, մէճիտիէ մը՝ շաբաթ իրիկուան եւ կիրակի առտուան թապախ ներուն։ Տէրտէրը տուն օրհնէնքի պիտի գար, մէճիտիէ մըն ալ անոր։ Ետեւէն՝ ժամկոչ, պէքճի, չէօփճի, ո՜ր մէկը, տաս ղուրուշ մըն ալ ասոնց։ Շիշէ մը իքսիր ու օխայ մը աճըպատեմ չառնէ՞ր։ Շնորհաւորի եկողները նաեւ Արմիկին նշանտուքն ալ պիտի աչքիլուսէին. անշուշտ Արթաքիին ամուճան ալ պիտի գար. առջեւնին անուշ մը, խահուէ մը քշելով ճամբու պիտի չդնէին եա՛։ Տասը քսան ղուրուշ մըն ալ իր զատկական այցելութեանց ճանապարհածախս։ «Աւստոսի շուներուն պէս լեզուս դուրս ինկած, Խասգեղէն Պէյօղլու, Պէյօղլուէն Սամաթիա պիտի չվազե՞մ եա՛, Իւսկիւտար, Ղադիգեղ լողալո՞վ պիտի անցնեմ» կ՚ըսէր։
       Ու յետոյ, չորեքշաբթի առտո՞ւ ինչ պիտի ընէին, մինչեւ գործ մը գտնա՞լը ինչ պիտի ուտէին։ Պախալ, խասապ, էքմէքճի քիչ մը մաքրելու չէ՞ր, որ անոնք ալ շարունակէին նորէն ապառիկ տալ։
       Երկու՜, ոսկիէն եւել պէտք էր. ի՞նչ ընէր, որո՞ւ երթար։ Գործ ունեցող բանուորին անգամ, առանց գրաւի ոչ ոք փոխատուութիւն կ՚ընէ. ու բան մըն ալ չունէր, որ տեղ մը ձգէր եւ տոկոսով երկու երեք ոսկի վերցնէր։
       «Գրաւ» բառը ա՛յն ինչ շրթունքներուն վրայ եկաւ, մէկէն կանգ առաւ կայնեցաւ. մտքէն ստորմիքը յանկարծածին լուսի մը պլպլուկը կը զգար։ Ձեռքովը ճակատը արագ արագ շփել սկսաւ, հաւանօրէն՝ պլպլուկը մարելու ջանք մը։ Զուր ջանք։ Ճամբան շարունակեց. կարծես քիչ մը թեթեւցած կը քալէր։ Յոյս մը զինքը առաջ կը մղէր։ Երբ Ղալաթիա հասաւ, պզտիկ սրճարան մը մտաւ, մութ անկիւն մը առանձնացած, ֆէսը հանեց, թաշկինակովը ճակատը սրբեց ու սուրճին հետ սիկառէթը քաշելով, տխուր—տխուր կը խորհէր։ Պլպլուկը, հիմակ ա՛լ արծարծուն իբր լոյս կը փայլէր, եւ հուրքէն կարծես քիչ մը պիտի թուլնար մտմտուքներուն կապարը, ուղեղին վրայ ծանրանի՜ստ։
       Արմիկին Երկաթուղիներէն մէկը սարաֆի մը գրաւ դնելով երկու ոսկի փոխառութիւն մը ընելու գիւտն էր, որ երկու ժամէ ի վեր շրջմոլիկ—հուրի պէս մտքին բոլորը կ՚ոլրտկէր. դիմադրեց, շա՜տ դիմադրեց չար սատանային թելադրած այդ փորձութեան, որուն սակայն վերջը վերջը անձնատուր ըլլալու պարտաւորուեցաւ։
       Ի՞նչ ընէր, ի՛նչ։
       Երբ սրճարանէն մեկնեցաւ, սիրտը հանդարտած էր այն խաղաղութեամբ, զոր ծանր հանգամանքներու մէջ վճռական որոշում մը կը պարգեւէ։
       Խուլէ—Խափու էն վեր Բերա ելաւ։ Գարնանային արեւը կ՚աղուորցնէր Բերան, որուն մեծ պողոտան կը վխտար Հայերու, Յոյներու, Եւրոպացիներու բազմութեամբ, ամէնքն ալ տօնական ուրախութեան մէջ։ Նորէն «ա՜խ» մը ըրաւ։ Իրեն սեւ Զատիկ կու գար։ Մինչեւ Շիշլի գնաց, պտտեցաւ։ Ետ դարձին Երրորդութիւնը մտաւ ու անկիւն մը քաշուած, վերացեալ հոգով երկիւղածօրէն եւ զգացեալ, «Խաչի քո Քրիստոս»ը մտիկ ըրաւ։ Յետոյ կարճ ճամբով մը Խասգեղ իջաւ, ու շիտակ տուն գնաց։ Մեղք կը սեպէր Աւագ Ուրբաթ իրիկուն սրճարան հանդիպիլ։
       Գիշերը սակայն վրդոված անցուց. խղճի խայթէն կը տանջուէր, որ խեղճ աղջկանը ունեցածին ձեռք պիտի դպցնէր։ Անկողնին մէջ մէկ կողմէն միւսը կը դառնար, մինչ կինը անդին, ուրիշ անկողին, անխռով կը նիրհէր։
       Առտուն դժկամակութեամբ ելաւ, սիրտը տակն ու վրայ։ Գնաց պատուհանը բացաւ, ու ցաթած արեւուն դէմը կեցած, քիչ մը անուշ օդ ծծեց։ Շուտ հագուեցաւ ու խոհանոց իջաւ։ Կնիկը եւ Արմիկը թեւերնին սօթտած, Խթումի եւ Զատկի կերակուրներուն պատրաստութիւնները կը տեսնէին, ուրախ ուրախ։ Վարդենի տուտուն պարծենկոտութեամբ միտիաները ցոյց տուաւ. «Հելէ՛ տե՛ս, ինչ խոշոր են», կ՚ըսէր։ Ինքը կը բանար, Արմիկն ալ կը լեցնէր։ Կաթնապուրը եփուած լմնցած էր, վար առեր էին։ Հաւկիթներն ալ ջուրը պիտի ձգէին, կալիպարտիով պիտի կարմրցնէին։
       Պառաւին ու մատղաշ աղջկանը դէմքերուն վրայ այն հոգեկան զուարթութիւնը կը փայլէր, որ Զատկին ու Ծնունդին ամէն տան մթութիւնը պահ մը կը փարատէ։
       Արմիկը ձեռքին գործը ձգեց ու հօրեղբօրը սուրճը եփեց բերաւ։ Ղուկաս աղան «ապրի՜ս աղջիկս» մը ըսելով, ֆինճան ը առաւ քովը դրաւ, ծխախոտն ու թուղթը հանեց, վարանոտ ձեռքերով սիկառէթ մը շինեց եւ սկսաւ ծխել։ Բայց սուրճն ալ կամաց կը քաշէր, սիկառէթն ալ։
       Երբ լմնցուց դուրս ելաւ, վեր գնաց, նորէն եկաւ, ու քանի մը րոպէ լուռ մնալէ յետոյ, վարանումով մը կնկանը հարցուց, թէ՝
       —Մեծ սնդուկին բալլիքը ո՞ւր է։
       Վերը, սեւ ֆիստանիս ճէպ ն է, եուքին մէջ, պատասխանեց։
       Վեր ելաւ, հոն եիւքը կախուած ֆիստան ին գրպանէն բանալին առաւ. սենեակին դուռը գոցեց, գիտնալով հանդերձ թէ վեր ելլող մը պիտի չգտնուէր, սնտուկին առջեւը ծնրադրեց, զայն բացաւ, պոխճա ներուն տակէն գտաւ աթլազ ծրարը, որուն մէջ փաթթուած էին Երկաթուղիները։ Զայն քակեց, ճերմակ թուղթերէն հա՛տ մը քաշեց հանեց եւ աճապարանօք բալթո յին գրպանը խոթեց, քիչ մը մտմտաց, հատ մըն ալ քաշեց հանեց։ «Անանկ ալ աս բանս ըրի, ասանկ ալ, ըսաւ, պարէմ գլուխս երկու երեք շաբաթ մը տինճ մնայ տէ, ընելիքս գիտնամ»։ Յետոյ, պոխճաները շտկեց, սնտուկին դուռը աղէկ մը կղպեց եւ բանալին նորէն տեղը դնելով, խոհանոց իջաւ.
       —Էյ իրիկուան ի՞նչ պէտք է, հարցուց։
       Բան մը պէտք չէ, ամէն բան թէքմիլ է, պատասխանեց կնիկը, մինակ ժամու քիչ մը մանրուք տուր։
       Նա՛, ըսաւ, եւ գրպանէն տաս ղրուշի չափ մէթալիք հանելով, սեղանի մը ծայրը դրաւ։
       Երբ մնաք բարով ըսաւ ու դուրս կ՚ելլար, Արմիկը առջեւը եկաւ, ձեռքը քաշեց՝ պագնելու։
       —Ի՞նչ կայ քի, աղջիկս, հարցուց։
       Աղա ամուճա, պատասխանեց աղջիկը խեղըպնալով, ծոմ պիտի բռնեմ, իրիկունը ճաշակ պիտի առնեմ։
       Է՛յ հայտէ նայինք, ապրի՜ս աղջիկս, շնորհաւոր ըլլայ, մաղթեց խնդալով։
       Վարդենի տուտուն ալ եկաւ, ու «ես քեզ մեղայ», ըսաւ։
       —Դո՞ւն ալ աս իրիկուն պիտի առնես, հարցուց։
       —Հէլպէտտէ քի։
       —Է՛յ, կրնա՞ս դիմանալ։
       —Մեղա՛յ, ա՞տ ինչ խօսք է քի, ամէն տարի ընտո՞ր կը դիմանամ։
       —Էյ ամէնքս Աստծու մեղայ։
       Դուն ալ վաղն առտու պիտի առնես, անանկ չէ՞, հէլպէտ խոստովանեցար, հարցուց կինը։
       Այս հետաքրքրութիւնը շա՛տ հաճելի չեղաւ մարդուն, «նայինք» մը կմկմաց։
       Նայի՞նքը ինչ է քի, վրայ բերաւ կինը քիչ մը բարկութեամբ. աճապա սօն տարիքիդ դո՞ւն ալ մի ֆարմասուն եղար։
       Ճանըմ ձգէ, պատասխանեց քմծիծաղով, սա օրերս շանը մէկուն հետ բռնուեցանք, քիւֆիւր կիւնահ ըրինք, մեղքի մէջ մտայ. հիմակ ան ալ հոս չէ քի պարշիմ։
       Էյ ինշալլահ Աստուած Նոր կիրակիին խըսմէթ կ՚ընէ։
       —Ինշալլահ։
       Դուռը գոցեց գնաց, արդէն ծանր վիրաւորուած։ Յիսուն տարի էր Զատկի կիրակի մը, Ծնունդ մը առանց հաղորդուելու անցուցած չէր։ Օր առաջ խոստովանելով, շաբաթ մը Նարեկ կը քաղէր ու անկէ ետքը կը հաղորդուէր։ Հիմա՛կ, ան շա՛ն սուրաթ ին սէպէպ ին մեղքի մէջ թաթխուած էր։ Չըֆը՛տ օղլու չըֆըտ ին օրը հազար քիւֆիւր կ՚ընէր. չընէր նէ պիտի ճաթէր։ Մէյ մըն ալ ան զավալլը որբին մալ ին ձեռք դպցուցած էր։ Էմանէթ ին խըյանէթ ութիւնը գողութեան պէս բան մըն է։ Շըմէնտըֆեր ները մինչեւ տեղը չդարձնէր, խիղճը պիտի չհանդարտէր։ Չէ՛, ատ սեւցած հոգիով չէր կրնար «սուրբ սեղանին» մերձենալ։ Հաղորդութիւնը իրեն խռով պիտի կենար, զինքը չարթմիշ պիտի ընէր։
       —Ինշալլա՜հ , հառաչեց սրտին խորէն, ինշալլա՜հ , ա՛ն խային խըյանէթը չարթմիշ կ՚ընէ։ Ամա ան չըֆըտը հաղորդութեան ինչ ըլլալը գիտէ՞ քի։ Իշտէ ասըլ ֆարմասօն ը ան է։ Հէմ մո՛ւթլախ անանկ է. չըլլար նէ, ասանկ օրերով աս անօրէնութիւնը կ՚ընէ՞ր։