Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԶ
       Ամառն ալ անցաւ. Արմիկին վրայ կոտրածութիւն մը կ՚երեւնար. Վարդենի տուտուն մտերիմ դրացուհիներու մտահոգութեամբ կ՚ըսէր, թէ «զավալլը աղջիկը թիւրլիւ մըն է»։ Երբեմն երբեմն չոր չոր կը հազար, գիշերները կը քրտնէր. ու աչքին ալ անանկ կու գար, որ կը զայիֆնար։ Օր մը Ղուկաս աղան աղջիկը առաւ Բերա տարաւ, Բարիզէն նոր եկած տօքթօրի մը, որ շաբաթը երկու անգամ աղքատ հիւանդները Ծաննիին դեղարանը ձրի կը նայէր։ Լրագիրներուն մէջ վրան շատ գովասանք կարդացած էին։ Բժիշկը, հետ զննութեան «բան մը չունի» մրթմրթաց քթին տակէն… դեղագիր մը գրելով, «թո՛ղ շատ չյոգնի» յանձնարարեց։
       Շաբթուան մէջ Ղուկաս աղան անգամ մը մինակը բժշկիին գնաց, որ ինչ ինչ տեղեկութիւններ հարցնելով, «անմիջական վախ մը չկայ» յայտարարեց, եթէ աղէկ նայուի, բայց…
       Ու «բայց»ը չշարունակեց։
       —Բայց ի՞նչ, տօքթօր, հարցուց մարդը սրտադողի մէջ։
       Կը թուէր, թէ բժիշկն ալ կ՚ամչնար ըսելիքէն։ Սակայն, քիչ շատ վարանումէ յետոյ կմկմաց.
       —Բայց, պէտք է, որ աղէկ կերցնէք, աղէկ խմցնէք, ու եթէ ձմեռն ալ Ղատի գեղ տանելու ըլլաք նէ, կ՚անցընէ։
       Ղուկաս աղան դեղարանէն դուրս ելաւ, սրտէն զարնուածի պէս։ Գլուխը կախ, կամաց կամաց քալելով, իւրովի կը մենախօսէր.
       Ես ալ գիտեմ քի Ղատիգեղը պզտիկ Մըսըր մըն է, բայց եթէ Քրիստոսնիս ըսաւ, որ Աստուած իր արեւը արդարներուն վրան ալ, մեղաւորներուն վրան ալ, հաւասարապէս կը ցաթեցնէ, սակայն ատ խօսքը Ղատի գեղին արեւին համար չէ. ան տեղին արեւը փարայո՛վ է. Աստուած ան արեւը Ղայսերցիներուն համար ստեղծեր է։ Հոն բանուորի բնակելու տե՞ղ է մի. ես հոն աժան տուն ո՞ւր պիտի գտնամ. հոն պէյլիկ ի կար կը բերե՞ն։ Ու մէյ մըն ալ ես ձո՞ւկ եմ, որ լողալով Ղատի գեղ երթամ գամ։ Օրը երկու ղուռուշ վաբօռ ի. տասը փարայ ալ կամուրջի, օ՜խ։ Խասգեղ երթալ գալու համար ուզեմ նէ շոգենաւ կը նստիմ, չէ նէ տապանակ ուխտի։ Աղէկ ուտելու խմցնելու է եղեր. ա՛տ պապաս ալ գիտէ, արդէն ինքն ալ, շիտակը, քաշուելով կ՚ըսէր կոր եա՜։ Մեր մահալլէ ին կատուները մենէ շատ միս կ՚ուտեն։ Ա՜խ, անօրէն անաստուա՜ծը, փարաւո՜նը, ֆարմասօ՜նը. ինշալլահ քի Աստուծմէ՜ կը գտնայ։
       Մէկ երկու օր ետքը ա՛լ չդիմացաւ, տէրտ ը գիշեր մը կնկանն ալ բացաւ, ջանալով սակայն, որ խեղճը դող չհանէ. «ան զաւալլըն ալ ոսկի ոսկի կծիկնե՞րը պիտի քակէ, հոգի մը ունի ա՛ն ալ վրանիս կու տայ» մտածմամբ։
       Արդէն ատենէ մը ի վեր մտմտուքը Վարդենի տուտուն ալ առած էր. հիմակ, էրկանը խօսքերը լսելուն, միտքը դրածը ըրաւ, առանց այլեւս երկարատեւ սպասումի։ Ցորեկ մը Արմիկը առջեւը ձգեց, վար իջեցուց, Սրմաքէշ խանին համբաւաւոր կէլինճիկճի ին տարաւ։ Մարդը հիւանդը հազալ տուաւ, բազկերակը զննեց եւ աչքերուն թարթիչները վեր վերցնելով ուշադիր մէջը զննեց։ Կէլինճիկ էր. նշանները պէօ՜ կ՚ընէին. իշտէ չոր չոր կը հազար, աչքերը փառլ փառլ փառլամիշ կ՚ըլլային, երեսներուն վրան ալ «կալ կալ ալեր»։
       Իշտէ ամէնքդ ալ ասանկ էք, յայտարարեց մեծալուրջ սրտնեղութեամբ. կ՚առնէք Պէյօղլու կը տանիք. շաբխալը հէքիմն երը կէլինճիկ էն ի՞նչ կը հասկնան քի։ Զաթ ը ինչէն ալ կը հասկնան եա՜, ատենին ինծի չէք բերեր քի։ Աս ալ հինցեր է, ամայ ատենը տահա անցած չէ. սալթ, մէկին տեղ իրեք շիշէ պիտի առնէ։
       Ու կարմիր ջուրէն շիշ մը տուաւ. միճագսըզ ը ինքզինքը ասով պիտի գտնար, երկրորդ շիշէն խմելուն բաւական պիտի աղէկնար. երրորդին՝ բիրի բա՜ք։
       Վարդենի տուտուն թաշկինակը ֆիստանին ներքեւի գրպանէն հանեց. ծրարը քակեց, մէջը կապած մէճիտիէն առաւ եւ մարդուն ձեռքը դրաւ։ Մէկալ երկու շիշէներուն համար ալ Խասգեղցիի մը հետ տասնական ղուրուշ պիտի խրկէր եւ պիտի առնէր։
       Երկրորդ շիշը չլմնցուցած Արմիկ աւելի ինկած կ՚երեւնար. Ղուկաս աղան ըրաւ չըրաւ մէճիտիէ մը մէկդի դրաւ եւ օր մը հիւանդը Խօրասանճիին տարաւ։ Հռչակաւոր բժիշկը հիւանդը թեթեւ իմն զննելէ յետոյ դեղագիր մը տուաւ ու յայտարարեց, թէ «ա՛լ մի՛ բերեր. միշտ ասիկայ շինել տուր»։
       Երբ դուրս պիտի ելլէին. Ղուկաս աղան աղջիկը առաջ անցուց, դռնէն հանեց, եւ ինքը ետ դառնալով բժիշկին աղաչեց, որ «վախնալու բան մը կար նէ իրեն իմացնէր»։ Խօրասանճին սովորութիւն ունենալով հիւանդներուն տէրուըտանքին ստուգութիւնը շիտկէ շիտակ ըսել, որպէս զի հարկաւոր զգուշաւորութեանց մէջ չթերանան, Ղուկաս աղային ալ իմացուց, թէ երիտասարդութիւնը օգնէ նէ, ատեն մը կը դիմանայ։ «Բայց աղէկ նայելու է, աղէկ կերցնելու, խմցնելու է. ու ձմեռն ալ Ղադի գեղ տանելու ըլլաս նէ, աղէկ կ՚ընես»։ Ու վերջացնելուն.
       —Քու ի՞նչդ է, հարցուց.
       —Լուսահոգի եղբօրս աղջիկը։
       —Ընտանիքին մէջ հիւանդութիւն մը կա՞ր։
       —Հարը ինծի պէս առողջ էր. բայց մայրը աղէկ հիւանդութենէ մը չմեռաւ… աս խեղճն ալ քանի մը ամիս առաջ շատ մենծ դող մը քաշեց. անոր վրայ ալ կըխ կըխ կ՚երթայ։
       Աշնան վերջերը Արմիկը զգալապէս ինկած էր. ձմռան մէջ այլեւս խուցէն դուրս չէր ելլար. քիչ ետքը անկողնէն ալ չելաւ։ Ընկերուհիները զինքը տեսնալու քիչ անգամ կու գային, միշտ անկողնէն մէյ մէկ պատրուակաւ հեռու մնալով։
       Վարդենի տուտուն ինչ ընելիքը չէր գիտեր, մէյ մը վեր կը վազէր, մէյ մը վար. հիւա՞նդը նայէր, թէ՞ տան գործերը։ Պէյլիկին կարերն ալ քիչցուց. միս մինակը ընտո՞ր հասներ, եւ այնքան հոգերու տակ ալ ճնշուա՜ծ։
       Ասդին, գրաշարաց ընկերութեան գործերն ալ դեռ դանդաղ առաջ կ՚երթային. Ղուկաս աղան շաբաթը իրարու վրայ տակաւին հազիւ երեք մէճիտիէ կը հանէր։ Երկաթուղիները մէկիկ—մէկիկ Պախճէ-Խաբուն իրենց ընտանի սարաֆ Օհանին խանութին ճամբան բռնեցին։ Ա՛լ մէյ մըն ալ ետ պիտի չդառնային։ Արթաքիին բերած խօսք կապի օղն Ոսկերիչներուն շուկան տարուեցաւ։
       Ղուկաս աղան ա՛լ իրիկունները սրճարանէն շա՛տ ուշ կը դառնար։ Ա՛լ ոսկի թօփիկ չի կար. որո՞ւ հետ պիտի խաղար։