ԺԲ
Երբ
Արթաքին
դուռը
մեծաշռինդ
փակեց
ու
հայհոյանքը
բերանը
արագաքայլ
հեռացաւ,
Ղուկաս
աղայենց
դրացիները՝
ա՛լ
տարակոյս
չունեցան,
թէ
արդարեւ
ասոր
տակը
բա՛ն
մը
կար։
Քանի
մը
կնիկ
մէկտեղելով,
իրենց
սրատեսութեանը
վրայ
կը
պարծենային։
—
Էյ
մեղայ,
աս
մենք
չէի՞նք
ըսեր
քի
ասոր
տակը
մութլախա
բան
մը
ըլլալու
է։
Արդարեւ
նախորդ
կիրակին
տղուն
պաշտօնական
այցելութեան
զանցառումը
արդէն
թաղին
հանրային
հետաքրքրութիւնը
գրգռած
էր.
այսօր
ալ՝
նշանածը
շատ
կանուխ
կը
հասնէր,
եւ
ժամանումէն
քիչ
վերջը,
վլվլուկ
մըն
էր
տանը
մէջ
կը
փրթի,
որուն
շարժառիթը
իրենց
անհնարին
եղած
էր
հասկնալ,
թէեւ
մէկ
երկու
տուն
ամբողջ
աչք
ու
ականջ
կտրած
էին։
Եւ
ահա
հիմակ
ալ,
մանչը
դուռը
շռա՜խ
կը
գոցէր
ու
բերնին
տալով
կ՚առնէր
կը
քալէր։
Կարծես
թէ
լալու
ձայնի
պէս
բան
մըն
ալ
կ՚առնէին։
Այս
ծանրածանր
դէպքերէն
յուզուած,
տարէց
կիները
մէջերնին
որոշեցին,
թէ
«Էյ,
կը
վայլէ,
որ
մէյ
մը
երթանք
տեսնանք
քի
աս
զավալլըներուն
ինչ
եղած
է»։
Ու
այս
որոշումին
գործադրութեանը
համար,
տարիքոտ
երկու
կին,
իբրեւ
պատգամաւորուհի,
ելան
դժբախտութեան
բնակարանը
գացին,
կէս
սգաւորի
տրտում
դէմքով։
Երբ
տանը
դուռը
զարկին,
Վարդենի
տուտուն
պատուհանէն
նայելով,
շուտ
մը
վար
գնաց
բանալու.
վրան
լո՛յս
իջած
էր։
—
Է՛յ,
մէյէր
Ասուած
խրկեց
ձեզի,
—
աղաղակեց
սիրտը
ելած։
—
Քա
քուրուկ,
ի՞նչ
կայ
քի,
քա,
աս
ինչե՞ր
են
քի
կ՚ըլլան
կոր,
—
հարցուցին
երկու
կիները,
միաբան,
անկեղծ
սրտցաւութեամբ։
—
Ա՜խ,
մի՛
հարցնէք,
մի՛
հարցնէք,
զավա՜լլը
Արմիկս,
վո՜ւյ,
կը
խենդենամ
կոր,
ուղուրսո՜ւզը,
ճէլլա՜տը.
տաճի՜կը.
հէմէն
արուննե՜ր
փսխէ,
վայեց
Վարդենի
տուտուն,
մինչեւ
մխիթարիչ
այցելուհիներուն
հետ
սանդուխէն
վեր
կ՚ելլէր։
Վերը՝
մեռելի
տուն։
Ղուկաս
աղան
պատուհանին
առջեւ
աթոռի
մը
վրայ
նստած,
անթարթ
աչքերով
փողոցը
կը
նայէր
ու
մտախոհ
կը
ծխէր։
Անդին
անկիւն
մը
Արմիկ,
թաշկինակը
բերանը
կը
հեծկլտար։
Խնդամոլիկին
արցունքը
դեռ
տեսնող
մը
չէր
եղած։
Վեր
ելլողները
պահ
մը
լուռ
մնացին։
Ետքէն
պատուհանէն
քովի
տունը
իմաց
տուին,
ու
երկու
էրիկ
մարդ
ու
երկուք
ալ
աղջիկ
եկան,
Ղուկաս
աղային
եւ
Արմիկին
ընկերակցութեան
համար։
—Ճանըմ,
ի՞նչ
կայ,
—
հարցուցին
էրիկ
մարդերը
Ղուկաս
աղային
թըրքեվար,
վշտակցութեան
ու
ապշութեան
շեշտով
մը։
Եղելութիւնը
Վարդենի
տուտուն
ինք
պատմեց,
ա՛լ
ինչպէս
որ
իր
քաղաքականութեանը
ձեռք
կու
տար։
Ուրեմն,
ըստ
իրեն,
մանչը
երկու
շաբաթէ
ի
վեր
Ղուկաս
աղային
ետեւէն
ինկած
էր,
որպէսզի
շըմէնտըֆէր
ները
իրեն
թէսլիմ
ընեն։
—
Է՛յ,
աս
կ՚ըլլա՞յ
բան
է
քի.
Աստուածնիդ
սիրէք
նէ,
դուք
ըսէք,
—
կը
հարցնէր
պաղատագին,
պատմութիւնը
ընդմիջելով։
—
Մեղա՜յ,
մեղա՜յ,
հիչ
կ՚ըլլա՞յ
բան
է
քի.
էօլիւմլիւ
աշխարհք
է
նէ,
—
պատասխանեցին
միաբերան
երկու
դրացուհիները
ու
Վարդենի
տուտուն
հանրային
կարծիքը
իրեն
զօրավիգ
զգալով,
աւելի
քաջալերուած
շարունակեց.
—
Անանկ
չէ՞
մի
եա,
էօլիւմլիւ
աշխարհք
է,
գիշերը
պառկողը
առտուն
չ՚արթննար,
զավալլը
աղջիկը
ի՞նչ
պիտի
ընէ
ետքէն։
Հէմ
տէ
ես
ի՞նչ
գիտնամ,
թուղթերը
առաւ
մէյմըն
ալ
չերեւա՞ց
նէ։
—Եա՛,
եա՛։
—
Սըւոր
սըտեղը
Առջի
Պսակին
ի՞նչ
մնաց
քի։
Ինչո՞ւ
պիտի
չհամբերէ։
Խօսքերնիս
անանկ
էր
քի
ուրբաթ
քէսէ
պիչէն
պիտի
ըլլար,
կիրակի
ալ
հարսնիքը։
Ամա
կ՚երեւայ
քի
միտքը
փոխեր
է.
եւել
դրախումայով
աղջիկ
գտեր
է,
եօլ
ով
մը
տուած
ըռզաքը
ետ
առնել
կ՚ուզէր։
—
Քա,
տուի՞ր
քի։
—Ինչո՞ւ
պիտի
տայի։
—Ա՛ֆէրիմ ,
ետ
ընողը
ինքն
է,
ինչո՞ւ
պիտի
տաս
քի։
Արմիկին
ընկերուհիները
այդ
միջոցին
խեղճուկը
առին
քովի
պզտիկ
սենեակը
տարին։
Պագին,
սիրեցին,
շոյեցին,
մխիթարեցին։
—
Քա,
Արմիկ,
քեզի
բան
չէինք
ըսեր
ամա,
քեզի
կը
մեղքնայինք.
քա
ան
ի՞նչ
թերս
մարդ
էր
քի.
կրո՜ղ։
Էրիկ
մարդիկն
ալ
Ղուկաս
աղան
առին
վար
սրճարան
իջան։
Իրիկուան
դէմ
տնակին
մէջ
տխուր
հանդարտութիւնը
կը
տիրեր։
Էրիկ
մարդ
մը
եւ
աղջիկ
մը
ճաշին
Ղուկաս
աղային
մնացին։
Գիշերը
ուրիշ
դրացիներ
ալ
եկան։
Երկու
ժամէն
ամենքը
մեկնեցան,
Արմիկ
խոնջ,
հոգնած
անկողին
ինկաւ,
քունը
շուտ
մը
տարաւ։
Ղուկաս
աղան
ալ,
երբ
կնկանը
հետ
մինակ
մնացին,
եղելութիւնը
պատմեց,
բայց
բաւական
բարեփոխմամբ։
Ինչ
պարագաներու
մէջ
գործէն
ելած
ըլլալը
իմացուց,
ինչպէս
նաեւ՝
գրաշարաց
ընկերութեան
մը
կազմութիւնը
եւ
շաբաթը
ութը
տասը
մէճիտիէ
շահելու
ապահովութիւնը։
Միայն
թէ,
գործի
սկսելու
համար
քանի
մը
ոսկիի
պէտք
ունէին,
ուստի
շըմէնտըֆէր
ներու
թիւերը
մենծ-գրքին
մէջ
նայելէ
յետոյ,
թուղթերը
քանի
մը
օրուան
համար
սարաֆ
ի
մը
քով
ձգած
էր
եւ
պէտք
եղածը
առած
էր.
ընկերները
ա՛ն
շաբթուն
իսկ
այդ
ստակը
պիտի
ճարէին
եւ
շըմէնտըֆէրները
պիտի
ազատէին։
Եղածը
չեղածը
աս
էր։
—
Ամա՜ն,
ինշալլահ
տահա
աղէկ
խսմէթ
մը
կ՚ելլայ,
—
ըսաւ
կինը
ինքնամխիթարութեան
համար.
—
սիրտս
հիչ
չէր
փակչեր
կոր
նէ՝
ան
էր։
Երեսներէն
զէհիր
կը
վազէր։
Յոգնած,
խոնջ
երեքն
ալ
պառկեցան։