Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԴ
       Ղուկաս աղան օրը շա՛տ վրդովեալ սրտով անցուց։ Հաւերուն համար Արմիկին անհոգութիւնը աղէկ նշան մը չէր սեպեր։
       Իրա՛ւ ալ, Արմիկ խելքը միտքը հաւերուն տուած էր։ Նշանուելէն առաջ ալ, նշանուելէն ետքն ալ իր մեծ զբաղումը փիլիկ ներն էին։ Առտուն աչքը պարտէզը կը բանար. ինք նախաճաշիկը չըրած, հաւերուն կուտն ու ջուրը կու տար։ Կը շոյէր, կը փայփայէր զանոնք, վառեակները ափերուն մէջ առած, կը պագնէր, երեսներուն կը փակցնէր, թոռներուն պէս։ Իրիկունները հաւնոցին դուռը ձեռքով կը գոցէր, ապահով կ՚ըլլար, թէ սամսառ ի վտանգ մը չի կար, անկէ ետքը եէնկէին քովը կու գար։
       Ամէն իրիկուն սեղանին վրայ, ճաշի ատեն, փիլիկ ներուն խօսքը պիտի բացուէր։ «Փաշան՝ պէյը աղուոր մը ծեծեր էր. օրիորդին քիթը ասօր քիչ մը կախ էր. մենծ հանըմ ը նորէն կ՚ածէր»։ Փաշան, պէյը, աքաղաղներն էին. մեծ հանըմը, օրիորդը՝ հաւերը։ Ամէնուն ալ օրուան կեանքը աղէկ մը միտքը կը պահէր։ Սուգի, տրտմութեան էր օրը, երբ ծերացած աքաղաղ մը, պառաւած հաւ մը մորթել հարկ ըլլար։ Ան օրը Արմիկ տունէն կը ձգէր կ՚երթար։ Զատկին օրը շատ վշտացած էր, որ երկու աքաղաղ ու հաւ մը կը կտրէին։
       —Իլայիմ աղջիկ, ըսաւ եէնկէ ն, հաւերը, խորոզները ճիհէզիդ սնտուկը պիտի դնես տէ, հե՞տդ պիտի տանիս։ Քու երթալէդ ետքը ա՛լ ո՞վ պիտի նայի անոնց։
       Ղուկաս աղան ուրեմն, իրաւամբ կը վախնար, թէ, զավալլը ն սրտէն խորունկ զարնուած ըլլալու է քի, փիլիկ ներուն վրան անգամ չնայեցաւ։ Ու եթէ տէրտը ան նազի՜կ աղջկան սիրտը բանէ՞ր։
       Կէս օրէն ետքը Արմիկին ընկերուհիները եկան. մէկտեղ ժամանակ անցուցին ու իրիկուան դէմ պտըտելու ելան։
       Տան մէջ սովորական կեանքը երեքշաբթի վերսկսաւ։ Բայց Արմիկ ա՛լ չէր խնդար, հաւերուն համար անհոգ կը մնար, ու կարերը տենդոտ արագութեամբ կը կարէր, առանց բերանը բանալու։