Ե
Գուրգուրանքով
կը
դողային
այդ
ծրարին
վրայ,
կեանքին
մինաւորիկութեանը
մէջ
որբին
միակ
ապաւէնը։
Երբ
Արմիկին
հայրն
ու
մայրը
իրարու
ետեւէ
մեռան,
իրենց
զաւկին
հարիւր
ոսկի
ժառանգութիւն
մնաց։
Ղուկաս
աղան
այդ
գումարէն
փարայ
մը
անգամ
չխոռեց,
թէեւ
զայն
կրնար
ամբողջովին
իւրացնել,
իբր
որբին
պարենգին։
Եւ
ո՛չ
ալ
օգտուիլ
ուզեց
մահմէտական
օրէնքէն,
որ
արուի
մասնակցութիւնը
պարտաւորիչ
ըրած
է
ժառանգութեան
բաժանումի
մէջ։
«Փառք
Աստծու,
իր
ճակտին
քրտինքովը
պատառ
մը
հաց
կը
ճարէր,
ինչո՞ւ
եթիմ
ին
հախ
ը
պիտի
ուտէր։
Ան
զավալլը
էօքսիւզն
ալ
իր
զաւակն
էր»։
Եղբօրը
թողած
պարտքերը
մաքրելէ
յետոյ,
հարիւր
ոսկի
գումարին
մնացորդը
օսմանեան
Քօնսոլիտէի
պառկեցուց։
Ժամանակ
մը
վերջը
զանոնք
ալ
ծախեց
եւ
տեղը
Րումելիի
Երկաթուղիներու
տասուերկու
արժէթուղթ
գնեց.
թերեւս
որբին
բախտը
բանելով,
երկամսեայ
մինչեւ
վեց
հարիւր
հազար
ֆրանքի
պարգեւներէն
բան
մըն
ալ
անոր
կը
զարնէր։
Ա՛լ
անկէ
ետքը
ամէն
երկու
ամիսը
անգամ
մը,
անձկութեամբ
կը
սպասէր
վիճակահանութեան
քաշուելուն
օրուան։
Ելած
չորս
հարիւր
թիւերը
անմիջապէս
ծանուցանող
ցուցակներուն
անվստահ,
համբերութեամբ
մինչեւ
միւս
օրը
կը
սպասեր,
Պանք
Օթօմանին
հրատարակութեան
երեւմանը։
Առտուն
կանուխ,
կամուրջին
վրայ,
«իր»
լրագրավաճառին
քսան
փարայ
երկնցնելով.
—Մարտիրո՛ս,
—
«պապական
մը»
կը
հրամայէր։
Ա՛ն
ալ,
այս
շուկայախօս
«սրամտութեան»
տարիներէ
ի
վեր
ընտելացած,
դեղնաթոյր
թուղթէն
հատ
մը
կը
հանէր
կու
տար։
«Պապական»ը՝
Պանք
Օթոմանին
պաշտօնական
հրատարակութիւն
էր.
անսխալը,
անսխալականը։
Վրան
առանց
ակնարկ
մը
նետելու,
քառածալ
կը
կոտրէր
ու
բաճկոնակին
վերի
գրպանը
կը
խօթէր
այդ
թուղթին
կտորը,
որ
կրնար
իրենց
կեանքը
յեղաշրջել։
Իրիկունը
ճաշէն
ետքը,
մեծ
սնտուկին
բանալին
կնոջմէն
առնելով,
պոխճաներուն
տակը
«սըխը՜
սըխը՜»
պահուած
ծրարը
դուրս
կը
հանէր,
հանգոյցները
երկիւղածօրէն
կը
քակէր
ու
տասուերկու
բաղդակիր
ճերմակ
թուղթերը
առջեւը
դրած,
անոնց
թուանշանները
մէկիկ
մէկիկ
անսխալականին
արձանագրութեանց
հետ
կրկին
կրկին
կը
բաղդատէր։
Այդ
գործողութեան
ամբողջ
տեւումին,
Վարդենի
տուտուն,
էրկանը
դէմը
նստած,
աչքերը
անոր
երեսը,
ձախ
արմունկը
սեղանին
վրայ,
աջ
ձեռքը
սեղանին
տակ,
համրիչը
բռնած,
կամացուկ
կամացուկ
«Տէր
ողորմեա»
կը
քաշէր։
Աստուած
պէլքիմ
կ՚ողորմէր
ու
բան
մը
կը
զարնէր։
Երբ
մարդը
թուղթերը,
ծիծաղով
մը,
նորէն
պոխճային
մէջ
կը
տեղաւորէր,
կնիկն
ալ
կոտրուկ
մը
կը
հարցնէր.
—Նորէն
բան
մը
չկա՞յ։
—
Ինշալլահ
գալ
անգամ,
կը
պատասխանէր
Էրիկը,
եւ
ծրարը
կնկանը
կու
տար,
որ
տանի
տեղը
դնէ.
ու
ինք
սիկառէթը
շինելով,
սուրճին
կը
սպասէր։
Ընտանեկան
այս
արարողութեանց
Արմիկն
ալ
մասնակից
ըրին,
երբ
քիչ
մը
մեծցաւ։
Պատրանք
կրելու
թո՛ղ
կանուխէն
վարժուէր։
Ղուկաս
աղան
թուղթերը
ամբողջովին
պըտըտիկին
թաթիւը
կու
տար
ու
մէյմէկ
մէյմէկ
անկէ
կ՚առնէր
բաղդատման
համար։
«Արդար
գառնուկ
էր,
պէ՛լքիմ
ուղուր
կու
գար»։
Պզտիկը
սկսաւ
դպրոց
երթալ,
ընթերցանութեան
մէջ
առաջադէմ,
սակայն
թիւ
կարդալ
չէր
սորվեր.
հօրեղբայրը
հանդիսաւորապէս
յայտարարեց,
որ
«թուաբանութիւն
չսորվիս
նէ,
քեզի
շըմէնտըֆէր
պիտի
չզարնէ».
չոճուխ
իկն
ալ
հաւէսով
թուաբանութեան
ետեւէ
ինկաւ,
ու
երբ
ամիսներ
ետքը,
ճերմակ
թուղթը
ձեռքը
առած,
վրայ
խոշոր
սեւ
թուերը
ջանաց
հեգել,
մտքին
ուժ
տալով,
լեզուն
բերնին
մէջ
դարձնելով.
շրջելով
շրջշրջելով
«ի…նը»
ու
քանի
մը
վայրկեան
հոգնութիւն
առնելէ
յետոյ
«ո՛ւ…թը»
կարդաց,
Ղուկաս
աղան
խնդալէն
կը
մարէր,
եւ
«ա՛աֆէրիմ
աղջիկս,
ապրիս
աղջիկս,
քեզ
նայիմ
հա՛»
քաջալերանքներով
պզտիկին
ջանքերը
կը
դիւրացնէր,
ինչպէս
ոտքի
ելած
ատեն
ձեռքէն
բռնած,
«տա՜տի՛ս,
տա՜տի՛ս»
ըսելով
քալեցուցած
էր։
Այդ
գիշերը
այնքան
ուրախացաւ,
որքան
եթէ
վիճակահանութիւնը
գոնէ
պզտիկ
բան
մը
զարկած
ըլլար։
Մինակ
Վարդենի
տուտուն
կամացուկ
մը
հծծեց.
—Ա՜խ,
հարիկն
ու
մարիկը
ողջ
ըլլալու
էին
քի,
վրան
նայէին
տէ
խնդային։
Բաղդատման
գործողութիւնը
այդ
իրիկունը
քիչ
մը
երկար
տեւեց.
ու
երբ
նորէն՝
«ինշալլահ
գալ
անգամ»ով
լմնցաւ,
Ղուկաս
աղան
Արմիկը
իրեն
քաշեց,
տաքուկ
մը
պագաւ,
ու
գրպանէն
զարդարուն
թուղթի
մը
մէջ
շաքար
հանելով,
թուաբանուհիին
ընծայեց։
—
Նայէ՛,
—
ըսաւ,
—
թիւերը
կարդացիր
նէ,
շըմէնտըֆէրն
ալ
քեզի
ինչ
զարկաւ։
Լմանը
կարդաս
նէ,
տահա
ինչե՜ր
պիտի
զարնէ
քի։
Ու
վիճակահանութիւնը
շարունակեց
երկու
ամիսը
անգամ
մը
շաքար
զարնել,
մինչեւ
որ
իրիկուն
մը
Արմիկ
կամաց
կամաց
կարդաց՝
«հի՛նգ,
հա՛րիւր,
վաթսո՛ւն,
հի՛նգ,
հա՛զար,
երկո՛ւ
հարի՛ւր
չորս,
հինգ
հարիւր
վաթսունհինգ
հազար
երկու
հարիւր
չորս»։
Էրիկ
կնիկ
պզտիկ
խարտեաշը
գրկեցին,
կարմրուկ
այտերէն
պաչիկնե՜ր
առին։
Մարդուն
ակնարկին
վրայ,
Վարդենի
տուտուն
տեղէն
ելաւ,
ներս
գնաց,
ու
վերադարձաւ,
ձեռքը
կանանչ
թանձրաքարտէ
մեծ
տուփ
մը,
զոր
էրկանը
յանձնեց։
Ղուկաս
աղան
ալ
զայն
Արմիկին
տուաւ։
—
Նայէ՛
թիւերը
լման
կարդացիր
նէ
շըմէնտըֆէրն
ալ
քեզի
ինչ
զարկաւ.
դեռ
ինչե՛ր
ալ
պիտի
զարնէ։
Արմիկը
տուփը
բացաւ,
մէջը
նայեցաւ
եւ
լեզուն
հանած,
պռկունքները
լզեց
խեղըպնալով։
Խամաճիկ
մըն
էր,
պուպրիկ
մը,
ինչպէս
Ղուկաս
աղան
գրականօրէն
կ՚անուանէր,
«տիկին»
մը,
ըստ
Վարդենի
տուտուին,
որ
Հայաստանի
կնոջ
մը
զաւակ,
լեզուն
մօրը
բերնէն
սորված
էր։
Իսկ
Արմիկին
համար՝
պէպէկ
մը։
Գիշերը
ծոցը
առած
քնացաւ։
Ղուկաս
աղան
անկողնին
վրայ
ծռելով։
—Թա՛մ
Վիքթոր
Հիւկոյի
գրածը,
—
ըսաւ
խնդալէն,
—
իշտէ
Քոզէթն
է։
Եւ
հիմակ,
Արմիկ
շատոնց
ի
վեր
ա՛լ
գիտէր
թէ
շըմէնտըֆէրը
ի՞նչ
կը
զարնէ.
ի՞նչ
չի
զարներ։
Շատոնց
է,
որ
բաղդատման
իրիկունները,
երեքը
մէկտեղ.
սեղանին
շուրջը
բոլորած,
հօրեղբայր
ու
աղբրորդի
ճերմակ
թուղթերուն
վրայ
մանրազննին
ուշադրութեամբ
փնտռտուքներ
կ՚ընէին,
մինչ
Վարդենի
տուտուն
իր
«Տէր
ողորմեա՛»—ն
կը
շարունակէր
հաստատապինդ
հաւատքով,
«պէլքիմ
Աստուած
կ՚ողորմէր»։
Բա՜ն
մը
չէր
զարկած,
բա՜ն
մը
չէր
ելած,
իրենց
կեանքին
մէջ
բա՜ն
մը
չէր
փոխուած։
Միայն,
Վարդենի
տուտուին
տեղ,
հիմակ
Արմիկն
էր,
որ
Երկաթուղիները
պոխճային
մէջ
պահարանելէ
ետքը,
կ՚երթար
սուրճը
կ՚եփէր,
կը
բերէր։
Բա՛ն
մը
չէր
ելած,
եւ
սակայն
այդ
ծրարին
—
ինչպէս
սրբութեան
մը
խաչ-վառին
—
ծալքերուն
մէջ
պարագրուած
թուղթերէն,
տասնվեց
տարիէ
ի
վեր
մեղմալոյս
հրատու
մը
բանուորին
մթնշաղ
կեանքին
վրայ
կը
ցաթէր,
վաղուան
համար՝
պայծառ
արեւի
մը
ծագման
յուսաբեր։
Տասնվեց
տարուան
մէջ,
բանուորը
նեղութեան
օրեր
շա՜տ
անցուցած
էր,
բայց
օր
մը
օրանց
մտքէն
չէր
անցած,
խաչ—վառին
հանգոյցները
քակել,
որոշեալ
երկամսեայ
ժամերէն
դուրս։
Ու
հիմակ,
այդ
խթման
օրը,
առտուն
կանուխ
փախստականի
մը
պէս
տունէն
դուրս
կ՚ելլար,
սիրտը
տակն
ու
վրայ։
—
Ա՜խ,
անօրէն
անաստուածը,
փարաւոնը,
ֆարմասոնը.
ինշալլա՜հ
ինծի
ըրածը
Աստուծմէ
կը
գտնէ,
—
կը
հեծէր
ինքնիրենը,
լեզուին
տալով
էֆէնտիին
համար։