Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԵ
       Հիմա՛կ Ղուկաս աղան իրիկունները ուշ կը վերադառնար. սովորականէն մէկ երկու հատ աւելի նետած։ Ոտքը առաջ չէր երթար տանը սեմէն ներս անցնելու։ Ուրախ զուարթ կեանքը ներսը մարած էր։ Արմիկը ա՛լ անմեղ միամտութեամբ, խնդումերես առջեւը չէր վազեր։ Ձեռքը լրջօրէն կը պագնէր, տոպրակը առած ատեն։
       Առտու մը գրպանը նորէն շըմէնտըֆէր մը դրած դուրս ելաւ։ Գրաշարաց ընկերութիւնը թէեւ կազմուած էր ու տպարանական ամէն պատրաստութիւններն ալ տեսնուած էին, բայց հարկ էր քիչ մը ատեն եւս սպասել գործի սկսելու համար։ Տպագրուելիք գրքերուն ձեռագիրները հանրային կրթութեան պաշտօնատունը գրաքննիչներուն քովն էին, տպագրումի արտօնման համար։
       Ա՜խ, աս ի՛նչ ալ սեւ Զատիկ էր քի վրանիս եկաւ, կը հառաչէր Վարդենի տուտուն։
       Պէ՛ կնիկ, մի՛ ճշգոհար, կը յանդիմանէր էրիկը փիլիսոփայամիտ համակերպութեամբ։— Աշխարքիս հալ ը աս է։ Օր մը արեւ կը ցաթէ, օր մը անձրեւ կու գայ, օր մը կու լանք, օր մըն ալ կը խնդանք։ Ըսեր են քի լալն ու խնդալը աղբար են. շա՛տ խնդացինք, քիչ մըն ալ կու լանք, ինշալլահ քի վաղը նորէն կը խնդանք։ Ողջութիւն թո՛ղ ըլլայ, ամէն բան իր տեղը կու գայ։
       Ու իրաւ ալ, կամաց կամաց ամէն բան իր տեղը գալ սկսաւ։ Նախ Պէյլիկին մարդը եկաւ ու թաղին հաշիւները մաքրեց լմնցուց. փարայ մը պարտք չթողուց եւ յաջորդ շաբթուան համար ալ շատ կար բերել խոստացաւ։ Եւ ետքէն ալ, այնքա՛ն բերաւ, որ թաղին կնիկներն ու աղջիկները գլուխնին քերելու ժամանակ չունէին։
       Ղուկաս աղան Պէյլիկ ին ստակը առածին պէս, «Ասուած կենէ մեզի տաճկէն չանցընէ, ա՛ն Փարաւոններուն, ֆարմասօններուն ձեռքը չձգէ» ըսելով շիտակ Պախճէ—Խաբու ն սարաֆին գնաց ու երկաթուղիները ազատեց եւ բերաւ Արմիկին յանձնեց։ Աղջկանը երեսը նորէն քիչ մը ժպտիլ սկսաւ ու Էրիկ կնիկ, ինչպէս ծանր հիւանդի մը վրայ առողջացման նշանէ մը, սիրտ առին եւ իրենք ալ ուրախանալ սկսան։
       Հանրային կրթութեան պաշտօնատունն ալ ձեռագիրներուն տպագրութիւնը արտօնեց։ Ու Ղուկաս աղան, հիմակ նորէն առտուները կանուխ կ՚երթար, իրիկունները ուշ կը վերադառնար, հավէսով կ՚աշխատէր ինչպէս աշխոյժ, եռանդոտ պատանի մը, որ ապագայ մը պատրաստելու համար նոր գործի կը ձեռնարկէ, հաւատալիր վստահութեամբ։