Գ
Ծաղկազարդին
շաբաթ
իրիկունը,
երբ
Ղուկաս
աղան
շաբաթականն
առնելու
գնաց,
վճարող
պաշտօնեան
թրքեվար
ըսաւ.
—Ղուկաս
աղա,
երկուշաբթի
ա՛լ
մի՛
գար։
Մարդը
պաղեցաւ
մնաց։
—Իրա՞ւ
կ՚ըսես,
—
հարցուց
շուարած։
—
Է՛յ
Ղուկաս
աղա,
ասանկ
պաղ
շախա
կ՚ըլլա՞յ,
—
պատասխանեց
պաշտօնեան։
—
Է՛յ
ինչո՞ւ։
—Ինչո՛ւն
չիյտէմ,
Էֆենտին
աս
հրամանը
տուաւ
մինակ։
Գլուխը
կախ
դուրս
ելաւ,
աւելի
երկարաբանութիւն
անպէտ,
անօգուտ
համարելով։
Քառսուն
տարուան
փորձառութեամբը
գիտէր,
թէ
դիւրաւ
չի
բեկանիր,
եթէ
երբեք
բեկանէ՜ր
շաբաթ
իրիկուն
արձակուածն
ա՛ն
«երկուշաբթի
ա՛լ
մի՛
գար»
անղորմ
դատակնիքը,
որ
գրաշարը
մէկ
պահէն
միւսը
յանկարծ
անօթութեան
կը
դատապարտէ։
Տունը
կնկանը
բան
մը
չիմացուց։
—Ասանկ
օրերով,
ան
զաւալլըին
ալ
սիրտը
կոտրելու
ի՞նչ
տեղը
կայ,
—
մտածեց։
Կոտրածութիւնը
սակայն
իր
աչքերուն
մէջ
կծկոտած
կը
պլպլար։
Վարդենի
տուտուն
էրկանը
երեսը
նայելուն
պէս.
—Ի՞նչ
ունիս
քի,
—
հարցուց։
Մարդը
բան
մը
ըսած
ըլլալու
համար.
—Քիչ
մը
պաղ
առեր
եմ,
—
պատասխանեց։
Կերակուրէն
ետքը
կնիկը
ըխլամուր
մը
եփեց,
տաքուկ
տաքուկ
խմցուց,
ծերուկը
անկողինը
դրաւ,
թող
չտուաւ,
որ
գուլպաները
հանէ,
վրան
ալ
աղէկ
մը
ծածկեց,
որ
քրտնի.
—Առտուն
բիրիբակ
կ՚ելլաս,
—
ըսաւ։
Ակամայ
հիւանդը
կնոջը
բռնադատանքին
անտրտունջ
հպատակեցաւ,
ժպտուն
կարեկցութեամբ։
Կիրակի
ժամով
անցաւ.
առտուն՝
բաց
պատարագ,
իրիկունը՝
Դռնաբացուկ.
ետքն
ալ
սրճարանը
քիչ
մը
ախշամճիութիւն.
բայց
գիշերը
չէ՜ր
լուսնար։
Տունէն
առտուն
կանուխկէկ
ելաւ,
սովորական
ժամուն։
Սթամպոլ
ասդին
անդին
դեգերումներէ
յետոյ,
կէս
օրէն
ետքը
տպարան
գնաց
եւ
շիտակ
էֆէնտիին
սենեակը
մտնելով
անխօսուկ՝
դէմը
խոնարհ
կայնեցաւ։
Մարդը
զբաղած
էր,
երբ
գլուխը
վեր
վերցուց,
նեղութիւն
մը
զգաց
Ղուկաս
աղան
դէմը
տեսնելուն.
մէկէն
ակնոցը
վար
առաւ,
շունչը
թեթեւ
մը
վրան
փչեց,
թաշկինակը
հանեց
ու
ապակիները
սրբեց.
յետոյ
պատուհանին
մօտեցուց,
ուշադիր
զննեց,
նորէն
ձեռք
առաւ,
անգամ
մըն
ալ
մաքրեց
եւ
երբ
քթին
վրայ
կը
զետեղէր։
—
Ի՞նչ
խապար,
—
հարցուց
անհոգութեամբ։
—
Էֆենտի,
ճանըմ
ա՛ս
մեզի
շաբաթ
իրիկուն
ճամբայ
տուին,
հրամանքնի՞դ
էք
ըսեր,
մրթմրթաց
ողորմուկ
ձայնով։
—Ի՞նչ
ընեմ,
Ղուկաս
աղա,
գիտես
օրերը
երկնցան.
գործերն
ալ
իրար
չեն
ուտեր
կոր
եա՛,
—
պատասխանեց
տպարանատէրը։
—Բայց,
քո՛ւզում
էֆէնտի,
սրան
ինծի՞
եկաւ.
տաս
տարի
է
հրամանքիդ
քովն
եմ.
ա՛ս
ընտո՞ր
աշխատիլս
ալ
աղէ՛կ
գիտես…
—
Հա՛,
թամամ ,
կեցիր,
իշտէ
աղէկ
որ
դուն
կ՚ըսես,
—
ընդմիջեց
էֆէնտին։—
Կը
տեսնաս
քի,
տաս
տարի
է
ամէնքն
ալ
եկեր
գացեր
են,
մինակ
դուն
եղար
տեղդ
անշարժ
մնացողը։
Էյ,
հիմակ
ալ
սրան
քիչ
մը
քուկդ
է.
մէկալներն
ալ
մեղք
են։
Գործ
ըլլալու
ըլլայ
նէ,
քեզի
նորէն
կը
կանչեմ։
—
Շնորհակալ
եմ,
Աստուած
պակաս
չ՚ընէ,
—
կողկողեց
խեղճը,
—
բայց
հիմակ,
ասանկ
օրերով.
ու
մէյ
մըն
ալ
սա
մէկալ
գործը
կայ,
ան
զավալլը
էօքսիւզը
պիտի
կարգեմ։
—Անոր
համար
ալ
Աստուած
ողորմած
է.
քիչ
մը
կը
համբերէք,
Խաչը
ուր
է
նէ
կու
գայ,
գործերը
կը
բացուին.
մինչեւ
ան
ատենը
ուրիշ
տեղ
մը
մտած
չըլլաս
նէ,
քեզ
նորէն
կը
կանչեմ։
—
Աման,
էֆէնտի,
ոտքդ
պագնեմ,
կ՚ուզես
նէ
մինչեւ
Խաչ
շաբաթականէս
մէճիտիէ
մը
պակսեցուր,
հա՛յտէ,
եկո՛ւ
պակսեցուր
տէ,
եկո՛ւր
ա՛ս
բանը
մի՛
ըներ.
հիչ
չէ
նէ
սա
էօքսիւզը
մեղքցիր,
պաղատեցաւ
խեղճը։
—
Ղուկաս
աղա,
շատ
մեղքնանք
նէ,
ետքէն
մենք
ալ
մեղքնալու
կ՚ըլլանք։
Ա՛լ
եղածը
եղած
է։
Հիմակ
ասանկ
թո՛ղ
մնայ
տէ,
ետքէն
պէլքիմ
բան
մը
կ՚ընենք,
—
ըսաւ
մարդը,
քիթը
բերանը
ծռմռկելով,
երեսը
թթուեցուցած։
Ու
զանգակը
զարկաւ,
մէկը
կանչեց,
եւ
անոր
հետը
զբաղեցաւ։
Ծերուկը
վիզը
ծուռ
դուրս
ելաւ,
ճամբուող
անտէր,
անտիրական
գրաշարներուն
կղպուկ
բերան
համակերպութեամբը
տրտմակոծ։
Գարնան,
երբ
օրերը
երկննալ
կը
սկսին,
աւուրչէքով
բանող
գրաշարին
սիրտը
կ՚առնէ
կու
տայ.
պիտի
մնա՞յ,
պիտի
ճամբուի՞։
Ամէն
տպարան
մէկ
երկու
բանուոր
կը
պակսեցնէ,
աշխատանքը
մնացողներուն
վրայ
բեռցնելով,
առանց
վարձքի
յաւելման։
Գանգա՞տ,
«վեց
գիրը»
էֆէնտիին
պռկունքներուն
վրայ
կը
թռչտի
արդէն.
«ոտքերը
պագնողը»
թո՛ղ
գայ։
Քանի
մը
ժամ
աւելի
աշխատանքի
դատապարտմանը
դէմ,
անզօր
ըմբոստացմամբ
լեզուին
տուող
գրաշարին
Ղուկաս
աղան
հեգնաժպիտ
զայրոյթով
կ՚ըսէր.
—
Ծօ՛,
ինչ
կայներ
տէ,
եւել
պակաս
խօսքեր
կ՚ընես։
Էֆենտին
ինչ
յանցանք
ունի
քի.
ըսելիք
բան
մը
ունիս
նէ,
գնա՛
Աստծու
բողոքէ,
որ
քեզի
մարդ
է
ստեղծեր։
Ես
էյէր
մէյմըն
ալ
աշխարհք
գալու
ըլլամ
նէ,
Աստծու
պիտի
աղաչեմ,
որ
եթէ
հոս
նորէն
ասանկ
բանուոր
պիտի
ըլլամ
նէ,
թո՛ղ
աս
անգամ
վրաս
գթա
եւ
զիս
էշ
ստեղծէ։
Էշը
շա՛տ
բեռցնելու
ըլլաս
նէ,
խաֆան
կը
տնկէ
կը
կենայ,
տէրը
բան
չունի
նէ
թո՛ղ
վրան
փատ
կոտրտէ։
Ետքը
ետքը,
կը
պարտաւորուի
իշուկը
փայփայել,
ախոռը
տանիլ,
ջուրը
խմցնել,
սաման
ը
տալ,
աղուորիկ
մըն
ալ
կը
հանգչեցնէ,
սիրտը
կ՚առնէ,
միւս
օրն
ալ
բեռը
կը
թեթեւցնէ,
որ
չըլլայ
թէ
նորէն
ինատ
ը
բռնէ։
Իր
իրաւունքը
պաշտպանող
էշը
անօթի
չեն
սատկեցներ։
Մարդ
չէ
քի,
կռնակին
թէքմէն
տան
դուրս
նետեն։
*
*
*
Երբ
Ղուկաս
աղա
էֆէնտիին
սենեակէն
դուրս
ելաւ,
տպարանատան
սեմին
վրայ
շուարած
մնաց։
Բանտէն
փախստականի
մը
կը
նմանէր,
որ
չգիտէր,
թէ
ո՞ւր
երթայ,
ի՜նչ
ընէ։
Քանի
մի
վայրկեան
յետոյ
կամաց
կամաց
հեռացաւ։
Մահը
ի՜նչ
անուշ
պիտի
գար
այդ
պահուն։
Քալեց,
քալեց։
Տաճկի
սրճարանի
մը
առջեւէն
կ՚անցնէր.
աթոռակները
շարուած
էին
կանանչները
նոր
բացուող
ծառի
մը
շուքին
տակ,
գնաց
անոնցմէ
մէկուն
վրայ
նստաւ.
Ֆէսը
վար
առաւ.
թաշկինակը
հանեց,
ճակատը
սրբեց,
սուրճ
մը
բերել
տուաւ
եւ
սիկառը
ծխելով
«օ՜ֆը»
քաշեց։
—
Հե՛յ,
վա՛խ
իմ
աշխատանքիս,
—
կ՚ըսէր
մտքէն,
—
հէ՛յ
վա՛խ
իմ
տուած
էմէկիս,
հէ՛յ
վա՛խ
իմ
թափած
քրտինքիս։
Թը՛,
թը՛,
թը՛։
Վա՜յ
կիտի
տունեա,
վա՛յ,
է՜հ
աշխարք։
Այո՛,
հէյ
վա՜խ
իր
աշխատանքին,
հէյ
վա՜խ
իր
տուած
էմէկին,
հէյ
վա՜խ
իր
թափած
քրտինքին։
Վա՜խ,
վա՜խ
իր
սրտցաւութեանը։
Տաս
տարի
շարունակ
առտուները
էն
առաջ
տպարան
եկողը
միշտ
ինքն
էր
եղած
եւ
իրիկուններն
ալ
է՛ն
ուշ
դուրս
ելլողը
դարձեալ
ինքը։
Պատառը
բերանը
կ՚աշխատէր,
երիտասարդներուն
բարի
օրինակ
ըլլալով։
Ձեռքը
կամաց
բռնողին
կը
մռլտար,
թէ
«հաց
մըն
է
կ՚ուտենք
կոր,
խըյանէթ
չըլլանք»։
Գործ
մը
վեր
ի
վերոյ
չէր
տեսնար։
Կը
ջանար
է՛ն
չկարդացուելիք
գիրն
ալ
քակել
եւ
շիտակ
շարել,
որպէսզի
փորձերը
ծանր
չըլլային։
Սրբագրողներն
ալ
կը
մտմտար.
«ինչո՞ւ
պարապ
տեղը
աչքի
լոյս
թափեն
եւ
ժամանակ
կորսուի»։
Ա՛լ
աչքերը
յոգնած
էին,
լուսերնին
վատացած։
Իրիկունները,
երբ
գործաւորները
կը
հագուէին,
որ
մեկնին,
ինքը,
ակնոցը
դրած,
գետինը
կը
ծռէր,
փնտրտուքներ
կ՚ընէր։
Թափած
տառերը,
կէտերը,
ստորները,
ժողվռտելով
քասա
ները
կը
դնէր։
Յետոյ՝
աւել
մըն
ալ
առած,
տախտակամածը
աղէկ
մը
կը
սրբէր,
որպէս
զի
բան
մը
զայ
չըլլայ։
Ազգային
տպարաններուն
յաջողմանը
նպաստած
էր
եւ
շատ
մը
լրագիրներու
գործը
դիւրացուցած,
մասնաւորապէս
նոր
հիմնուածներունը։
Պատահած
էր,
օ՜հ,
շա՛տ
պատահած,
որ
գործաւորները
շաբաթներով
կանոնաւորապէս
բանողչէք
չառնէին,
ձայն
չէր
հանած.
ինքը
համբերած
էր
եւ
ուրիշներն
ալ
համբերութեան
յորդորած.
—Աս
ալ
ազգային
գործ
է,
տէ՛ր
ողորմեա՛,
անօթի
չենք
մեռնիր
կոր
եա՛,
թող
քանի
մը
շաբաթ
ետքը
տան,
—
կը
յորդորէր։
Մե՛ղք
հազա՜ր
իր
աշխատանքին,
մե՛ղք
հազա՜ր
իր
սրտցաւութեանը։
Ու
ահա
Արմիկը
աչքերուն
առջեւը
եկաւ.
միամիտ,
անմեղ
խնդումը
երեսին։
—
Էյ,
ես
ան
զաւալլը
որքը
ի՞նչ
պիտի
ընեմ,
հիմակ,
—
մտմտաց.
—
կանչես
նէ
Առջի
Պսակը
ո՛ւր
է
նէ
կու
գայ։
Ընտո՞ր,
ուրկէ՞
պատրաստութիւն
պիտի
տեսնամ։
Հապա
մէկա՞լը։
«Մէկալ»ը
Արթաքին
էր։
Փեսացունին
դեռ
երկու
երեք
անգամ
տեսած
էր,
ու
թէեւ
հաւնած,
բայց
իրեն
այնպէս
երեւցած
էր,
որ
քիչ
մը
«սա
խօսք
չհասկցողներուն
սոյէն»
ըլլալու
էր։
—Գրագէտները,
—
ըսաւ
ինքնիրենը,
—
ասոնց
հիմակ
ելեր
«նկարագրի
տէր
մարդ»
անունը
կու
տան.
ասանկներուն
մենք
ատենօք
«պէյնամազ»
կ՚ըսէինք։
«Առջի
Պսակին
հարսնիք
կ՚ուզեմ»,
ըսա՞ւ
մի,
երկու
աշխարհք
իրարու
գայ,
ատ
օրը
հարսնիքը
ըլլալու
է։
Անոր
ընտոր
խօսք
հասկցնեմ
պիտի։
Խելքին
պիտի
գար։
Սուրճին
ստակը
տուաւ
ու
տեղէն
ելաւ։
Քալեց,
քալեց,
իրիկուան
դէմ
ինքզինքը
Էմին—Էօճիւ
գտաւ,
տաս
փարան
մեքենաբար
երկնցուց,
կամուրջեն
Ղալաթիա
անցաւ
ու
Ազապ
խափուի
ճամփան
ձեռք
առաւ։
Ծխելով,
հառաչելով,
մենախօսելով
Թէրսհանէին
առջեւը
հասած
էր.
պետական
նաւարանին
բանուորները
խումբ
խումբ
դուրս
կ՚ելլէին,
ի՜նչ
երջանիկ
էին.
վաղուան
հացերնին
ապահովեալ
էր։
Անոնց
մէջ
իրեն
ծանօթ
խասգեղցիներ
կային.
«Բարի՛կուն»,
«ագշամլար
հայըր
»ներով
իրարու
մօտեցան
եւ
ճամբանին
ընկերակցութեամբ
շարունակեցին։
Երբ
Հալըճը
Օղլու
հասան,
բարեկամներուն
հետ
ըստ
սովորութեան
օղին
խմելէ
յետոյ,
տուն
դարձաւ։
Կինը
անհամբեր
կ՚սպասէր։
Էրիկը
տեսաւ
չտեսաւ,
—Ընտո՞ր
եղար,
—
հարցուց։
—Ի՞նչը
ընտոր
եղայ,
—
ըսաւ
մարդը
զարմացած։
—Էյ,
երէկ
գիշեր
հիւանդ
չէի՞ր։
—Հա՛,
սա՛
է՛յ
անցա՜ւ,
բան
մը
չունիմ,
—
պատասխանեց
ժպտելով։
Ատ
սո՞ւտը
միտքը
պիտի
պահեր։