Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Արթաքին կիրակնօրեայ այցելութիւնները կանոնաւորաբար կը շարունակէր. սակայն, վերջին անգամ գալուն, սիրտը նեղացած մեկնած էր։ Հարսնիքի պատրաստութեան ո՛չ նշան մը կը տեսնար, եւ ո՛չ ալ իրեն խօսք մը ընող կար, որպէս զի բան մը հասկնար. շաբթուան մէջ երկու հեղ տպարանէն անցաւ եւ Ղուկաս աղան փնտռեց, «դուրս ելած է» ըսին։ Շաբաթ իրիկուն վերստին հանդիպեցաւ. դէմը ակնոցաւոր, շնորհքով հագուած մէկը ելաւ, իմացուց, թէ փնտռած մարդը ալ հոն չէր բաներ։
       —Ո՞ւր կը բանի, հարցուց։
       —Չիյտէմ, պարապ ըլլալու է, պատասխանն առաւ։
       «Ասոր տակը բան մը ըլլալու է» մրմռալով, բարկութեամբ ձգեց գնաց։
       Կիրակի կէս օրէն ետքը, Արմիկին աչքը մինչեւ իրիկուն դուռը մնաց։ Նշանածը չէր ի գար։ Կոտրուկ, տրտում կը սպասէր, երբ հօրեղբայրը սրճարանէն տուն դառնալով իմացուց, թէ՝ Արթաքիէն նամակ մը առած էր. մէկէն ի մէկ գործ մը պատահած ըլլալուն, պիտի չի գար։
       Ղուկաս աղան թէեւ նամակ մը ընդունած էր, բայց պարզապէս, յաջորդ օրուան ժամադրութեան զեկոյց մը։ Իրեն ալ մտքէն՝ «ասոր տակը բան մը ըլլալու է» անցած էր։
       Երկուշաբթի ցորեկը Սթամպոլ սրճարան մը իրար գտան։ Արթաքին առաջ եկած էր. Ղուկաս աղան խնդումերես ներս մտաւ, թէեւ վիզը քիչ մը ծուռ։ Փեսացուն մարդուն բարեւը պաղութեամբ առաւ, ու սուրճէն յետոյ.
       —Աս գործը նայինք ի՞նչ պըտոր ընենք, ըսաւ։
       —Ո՞ր գործը, հարցուց Ղուկաս աղան։
       —Չիյտե՞ս, հարսնիքը։
       —Է՛յ, պիտի ընենք եա՛, կմկմաց խեղճը։
       Պըտոր ընենք ամա, ես տահա հազրութեան նշան մը չեմ տեսնար կոր. հէմ տէ, դուն տպարանէն ելեր տէ, պօմ պօշ կը պտտիս կոր եղեր։
       Մարդը քար կտրեցաւ։ Ուզեց իմանալ, թէ աս լուրը որմէ՞ն կրնար դուրս ելած ըլլալ, արհեստակիցներուն լռութեանը վստահ էր։ Արթաքին պատմեց, թէ երկու հեղ տպարան գացած էր ու վերջին անգամն ալ կէօզլիւկլիւ մարդու մը հանդիպած. անոր հետ խօսակցութիւնը պատմեց։ «Վա՛յ անօրէն, ա՞ս ալ մի», ըսաւ գրաշարը մտքէն, կռահելով, թէ ակնոցաւոր մարդը էֆէնտին ըլլալու էր։
       Թեթեւակի վարանումէն ետքը, Ղուկաս աղան գործը անմիջապէս ուրիշ կաղապարի թափեց։
       Տպարանէն իր յօժար կամօք ելած էր, ուրիշ տեղ աւելի նպաստաւոր պայմաններով բանելու կարգադրութեամբ։ Զատկին պատճառաւ գործը քիչ մը կ՚ուշանար կոր, բայց յաջողութիւնը ապահովեալ էր։
       —Խըյանէթ , ըսաւ, երեկ եկած ըլլայիր նէ, հարսնիքին պատրաստութիւններն ալ աչքովդ կրնայիր տեսնալ, թէ որ ուզէիր։ Ճերմակեղէնները աճելէ աճելէ կը կարեն կոր. մինչեւ Առջի Պսակ կը հասնին, չհասան նէ— կը հասնի՜ն եա, ամէն բանին թերսն ալ քիչ մը մտածելու չե՞նք մի չհասան նէ, շաբաթ մը, բէք բէք երկու շաբաթ ետ կը մնայ։
       —Ատ է նէ բան մը չէ, ըսաւ անհամբեր նշանածը, սիրտը հանգստացած, բայց հապաղումի մը հաւանականութեան համար մտքէն քիչ մը զայրացած։
       Իրարու հետ նորէն առջինը եղան։ Սուրճերը Ղուկաս աղան վճարեց եւ կիրակի Խասգեղ տեսնուելու խոստումով իրարմէ բաժնուեցան։