Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Անգործ բանուորը չորեքշաբթի առտու տունէն սովորական ժամուն դուրս ելաւ։ Երբ դուռը քաշեց գոցեց, մէկ երկու քայլ առնելէ առաջ, երեսը երեք անգամ խաչ հանեց. զարթո՜ւմ տղայութեանը յիշատակներուն։ Աչքերը վե՜ր՝ երկի՜նք բարձրացնելով, «Եա՛, տէր Ասուած, դո՜ւն օգնես» պաղատեցաւ ողորմագին։ Աղաչանքին զօրացած, ճամբան շարունակեց աշխատութիւն մը գտնելու հաստատամիտ առաջադրութեամբ։ Միւս օրն ալ առտուները տունէն դուրս ելաւ, հաւատքով սրտապինդ։ Ու առտուն կ՚երթար, ու իրիկունը կը վերադառնար եւ բան մը, բանի՜կ մը չէր յաջողցուցած։ Շաբաթը գլտորեցաւ, գործը չերեւցաւ։
       Ղուկաս աղան գրաշար արհեստաւորներուն երիցագոյն անդամն էր, բարեխիղճ ու վարպետ բանուորի համբաւով։ Իր յանկարծական հրաժարումը, մանաւանդ Զատկի շաբթուան հանդիպմամբը, տպարանական հրապարակին վրայ ուշագրաւ դէպք մը համարուեցաւ, տեսակ մը պաշտօնանկութիւն։ Մեկ երկու տպագրիչ այս շնորհազրկման շարժառիթը նոյն ինքն էֆէնտիին բերնէն լսել ուզեցին։
       «Բայց կ՚աղաչեմ, խօսքը մէջերնիս, մարդը մեղք է» պայմանադրութեամբ պատասխան ստացան, թէ՝ «Ղուկաս աղան ա՛լ ծերացած էր. ձեռքէն գործ չէր ելլար. ուրիշներուն մէկ ժամուան մէջ շարելիքը ինքը երեք ժամէն չէր լմնցներ։ Ու, ասոր հետ մէկտեղ, չափազանցօրէն ալ պահանջկոտ, շաբաթը վե՜ց մէճիտիէ։ Ու մէյ մըն ալ, շարունակ պարտք ընելով առնելիքուորները վրան կը խրկէր։ Աս անգամ նորէն տասը ոսկիի խնդիր մը ունենալուն, փորձանքի չհանդիպած, ճամբու դրած էր»։
       Ու վերջաբանը.
       —Պէլա մարդ, հա՛, վէսսէլամ ։ Բայց ըսի եա՜, խօսքը մէջերնիս մնայ, մեղք է, հացին պատճառ ըլլալ չեմ ուզեր։
       Եւ հիմակ, երբ մարդը տպարան մը կը ներկայանար գործ ուզելու, անվրէպ պատասխան կը ստանար, թէ՝
       Ինչո՞ւ չէ, Ղուկաս աղա, քեզի պէս գրաշարը գլխնուս վրայ, գործ մը եղածին պէս, քեզի խապար կը խրկեմ։
       Ու խեղճը «կանխաւ շնորհակալութիւնները» մատուցանելով, յուսալիր կը մեկնէր։
       Եւ կը պատահէր, որ տպարանը առժամեայ բանուորի մը պէտք կ՚ունենար, մէկ կամ քանի մը օրուան համար. գրաշարապետը էֆէնտիին կ՚առաջարկէր երթալ Ղուկասը կանչել.
       —Օնու պրագ , կը հրամայէր էֆէնտին։— Գլխուն պէլա՞ պիտի բանար։
       Մինչ այս, մինչ այն, Առջի Պսակը կը մօտենար։ Արմիկին ընկերուհիները խեղճ աղջիկը նեղը կը դնէին ճերմակեղէններուն պատրաստութեանը համար, վասն զի մէկտեղ պիտի կարէին։
       —Արմի՛կ, քա աս ա՛լ օր չմնաց նէ՜, կարերը ե՞րբ պիտի սկսինք, կը հարցնէին։
       Վարդենի տուտուն ալ քանի մը անգամ էրկանը միտքը ձգեց, թէ՝
       Հիչ չէ նէ, երկու թօփ խասայ առնէիր տէ, մէյ մը սա ճերմակները պաշլէ էին, ճահիլն ալ րահաթնար, սիրտը փորը կը հատնի կոր։ Ամէն օր կը հարցնէ քի՝ «եէնկէ, ի՛նչ եղաւ»։ Ա՛լ դուռ դրացնէ կը խպնիմ կոր։
       Խեղճ պառուին մտքէն կ՚անցնէ՞ր, որ իր ամէն մէկ դիտողութիւնը էրկանը արդէն ծակծկուած սիրտը մէյ մըն ալ կ՚ասղնտէր։ Մարդը մէկ պատասխան մը ունէր միայն «սարաֆ ը տասը ոսկին տահա չտուաւ»։ Ու իր կարգին, ինքն ալ Պէյլիկի մարդէն լուր կը հարցնէր անհամբերութեամբ. ի՞նչ եղաւ, չի՞ գար, կարերուն ստակը ո՞ւր մնաց։
       Բայց Վարդենի տուտուն ուրիշ մտմտուք մըն ալ ունէր. տանը տնտեսական կարգ ու կանոնները ինչո՞ւ կը խանգարուէին։ Ամէն առտու, որ էրիկը տունէն դուրս պիտի ելլար, անոր՝ ըսելիք բան մը կ՚ունենար։ Օր մը «էքմէքճի ին չէթէլէն ա՛լ լեցուէր էր. մարդը շատ եալվարմիշ կ՚ըլլայ քի, քիչ մը սրբեն». ուրիշ օր մը՝ «տան տէրը նորէն եկած էր ու խնդալով՝ բարեւ ձգած էր». ինչ որ քաղաքավարի կը նշանակէր, տան վարձքը կ՚ուզէ։
       —Է՛յ, դուն ասանկ բա՛ն չէիր ընէր նէ. աս ի՞նչ եղաւ քի, կը մրմռար կնիկը։
       Մարդուն տէրտը կարծես իրեն չէր բաւեր, մէյ մըն ալ կնկանը խօսք հասկցնելու էր։ Քանի մը անգամ քիչ մնաց, որ ա՛լ չի դիմանար եւ գլուխն եկածը իմացնելով, ձեռքէն ազատէր։ Բայց, նորէն համբերեց, խոհեմութիւնը կը պահանջէր լռութիւն պահել։ Վարդենին որքան որ ալ բարի ու սրտացաւ, բայց վերջապէս կնիկն էր։ «Լեզուն բռնես նէ, չիյտէմ որ տեղը կը խօսի», ըսաւ ինքնիրենը։ Պիտի ելլայ Արմիկին պիտի իմացնէ, «սախընա՛ մարդու բան չըսես» պատուիրելով։ Ան միամիտն ալ եղածը չեղածը պիտի երթայ ընկերներուն պատմէ, «մարդու բան մի՛ ըսէք» յանձնարարելով։ Մէյ մըն ալ նայիս, որ հաւատիսը շըմէնտըֆէր նստեր Սամաթիա կը վազէ, մինչեւ տղուն ականջը։ Ալ ան ատենը գործ ունի՛նք, հա՛։
       Եւ ճար մը մտմտալու էր։ Երեք ոսկիէն գրպանը քառորդ մէճիտիէ մը մնացած էր։ Առտու մը «մենծ սնտուկին» բանալին դարձեա՛լ առաւ, տեղը ա՛լ մէկու մը չհարցուց։ Չորս թուղթ հանեց ու շիտակ Պահճէ—Խաբու ն սարաֆին գնաց։ Մարդը չորս թուղթին չորս ոսկի տուաւ միայն։ «Ֆօնտօները կ՚իյնան կոր» առարկելով։ Ղուկաս աղան գործը տեսնելու համար անպատճառ վեց ոսկիի պէտք ունէր. շատ թախանձանքներով շաբաթուան մէջ թուղթ մը եւս բերելու պայմանաւ, ոսկի մըն ալ փրցուց։
       Պահճէ—Խաբու էն Չախմախճի ները ելաւ, երկու թօփ աղէկ խասա գնեց, վեց մէճիտէնոցէն, ու Եէմիշէն շոգենաւ մտաւ։
       Իրիկուան մթնշաղին, Արմիկը ծնօտը ափը, պատուհանին առջեւը տրտում տխուր նստած, փողոցը կը նայէր, մէյ մըն ալ տեսնա՜յ որ ամուճան վարէն կը փրթի, առջեւէն եահուտիի բիճ մը, անութներուն տակ մէյմէկ ծրարով։
       —Եէնկէ՜, եէնկէ՜, կը բերէ՜ կոր, կը բերէ՜ կոր, աղաղակելով վար վազեց. Վարդենի տուտուն ալ խոհանոցէն դուրս ցատկեց, դուռը ինք բացաւ, ծրարները եահուտիին մանչուն ձեռքէն առաւ։ Անոր ալ պաղ ջուր մը խմցուց, ու գաւաթն ալ անդին մէկ կողմ դրաւ. «մեռոնսըզին բերանինը իրենցիններուն հետ խառնել չէր ըլլար»։ Զայն ետքէն տաք տաք ջուրերով զատ կը լուար։
       Ծրարները առին վեր տարին. Ղուկաս աղան ալ ետ դարձաւ սրճարան գնաց։ Գիշերը տան մէջ ուրախութիւնը կը տիրէր։
       Միւս առտուն մարդը պարտքերը քիչ մը մաքրեց. հինգ ոսկիէն քովը երկու մէճիտիէ մնաց։