Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Գ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ (1840–1909) մօտ յիսուն տարի, արեւմտահայ գրականութեան մէջ նկատուեցաւ մեծ մարդ մը, նման տարազի մը թելադրած բոլոր ստորոգելիներուն գումարով, իր ժողովուրդին միջին խղճմտանքին ու ասոր ընտրանին միջին իմացականութեան վրայ լայնօրէն իր տեղը ապահոված է Այսօր մեզի դժուար է այս ուսուցիչը զատել Uէթեանին պայմաններէն, քանի որ Համապատկերը վարժապետներու պատմութիւն մը չի փառասիրեր: Մարդ չի կրնար չհարցնել թէ ի՞նչն էր մեծը սա մարդուն մօտ. դաս տալու կարողութի՞ւնը թէ թուրքերու վարժարաններուն մէջ օտար լեզուներու ուսուցում մը օտարներու հաճելի ընելու ճարտարանքը։ Թովմաս Թէրզեան նկատուեցաւ, դարձեալ մեծ բանաստեղծ մը, նոյնիսկ 1929էն առաջ (այդ թուականին էր որ լոյս տեսած երկու հատորները իր քերթուածներուն, երբ մեր բանաստեղծութեան մէջ տիրական փառքեր էին Պ. Դուրեանը, Դ. Վարուժանը, Մ. Մեծարենցը, Վ. Թէքէեանը։ Թովմաս Թէրզեան հռչակուեցաւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ամենէն արուեստագէտ (artiste) աշխատաւորը երբ աւելի քան ստոյգ է որ իրմէ չունինք քերթուած մը որ ինքզինքը պարտադրէր, կարդացուէր, առանց ծանր, դժգոհ հակազդեցութիւններուն Մեծ ուսուցիչ մը նոյն ատեն։ Թովմաս Թէրզեան աւելի քան երկու քառորդ դար այս տիտղոսները եւ փառապսակները կրած է իր ետեւէն։ Ու հոս է ահա տրտմութիւնը դատողին։

Համապատկերի մուտքին ես ակնարկովի թելադրեցի այդ տրտմութիւնը երբ զայն անուանեցի ամենէն անզետեղելի քերթողը իր սերունդէն, ասիկա անշուշտ անոր համար որ տղայութեան, պատանութեան շրջանի ապրումներուն թացիկութեամբը միայն (աս ու այն մարդը գովել, աս ու ան առիթով մուսաները հալածել, աս ու այն անձնաւորութեանց խունկ մատուցանելու արարքը վերածել քաջաբառ տաղաչափութեան) իր շրջանէն տխուր վկայութիւն մը բերող այս երիտասարդը տարիներ ու տարիներ քալեր է իր ճամբան, չեմ ըսեր ականջներն ու աչքերը փակ, կուղպ՝ իր ժողովուրդին խուլ, խորունկ տուայտանքին, հեծքերուն, բայց ասոնցմէ աւելի` Վենետիկէն իր ժառանգած ախորժակները բուծ անելու քիչ մը քաղքենի հաճոյապաշտութեամբ: Ի՞նչ կարիք վերակազմելու մեր 1860ը, իր առիթով, իր բոլոր հզօր ձգտումներուն, մանկունակ միամտութեանց, շքեղ երազանքներուն թափորովը։ Ատիկա ես ըրի միւսներուն անձին կառուցման պահուն։ Թէրզեան, պատկանելով հանդերձ այդ մարդոց փաղանգին, գտած է կերպը` իր առանձնացումը ոսկեզօծելու: Անշուշտ կը գրէ իր Սանդուխտը, իր Արշակը, Յովսէփը, բայց կը գրէ զանոնք մթին փառասիրութեանը [1] մէջ եւրոպական հեղինակներու։ Այդ եւրոպականը մեր գրականութեան մէջ զգալի ըլլալէ առաջ, ունի կերպարանք մեր հասարակութեան քաղքենի խաւերուն ալ վրայով։ Մեր պաշտօնէութիւնը, բարձր առեւտրականութիւնը, կաթողիկէ հայերով ու այս յղացքը ոսկեզօծող փղշտացի, նենգ մտայնութեան համախառնուրդ լըվանթենը չենք կրնար մեր արհամարհանքին մէջ մարսելի դարձնել։ Այդ ազդեցութեան գինն են մեր քանի մը տխրահռչակ վէպերը, մեր ամբողջ թատրոնը, այդ շրջանէն, մեր գրականութեան անմարդկային լսուելու չափ սեթեւեթեալ, անիրական, առնուազն ապազգային զարգացումը, մինչեւ իրապաշտները։ Թովմաս Թէրզեան հետը չեղաւ իր ժողովուրդին, այն հերարձակ գեղեցկութեամբ, որուն օրինակը կը հաստատենք իր ընկերներուն (Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, Ծերենց) գործունէութեանը մէջ։ Մեր ոչ մէկ խորունկ հետաքրքրութեանց, կիրքերուն, տառապանքին այս մարդը չէ բերած սրտագին, իրաւ մասնակցութիւն։ Վայելած է այս ժողովուրդին մեծ զաւկըներուն համակրանքն ու բարիքը, շատ շատ զանոնք առանձնակի փոխարինելու համար շրջանին յատուկ տաղաչափական գովասացութեամբ։

Ահա թէ ինչու վարանքը, խղճահարութեան մօտ տագնապ մը կը պաշարեն զիս, իր անունին առջեւ: Անոնք որ հաւանաբար քանի մը սերունդ վերջը, պիտի վերակազմեն վերջնականապէս արեւմտահայ գրականութիւնը, թերեւս պիտի զգան, իր բոլոր լրջութեան մէջ, տագնապը որ իմն է հիմա, սա տողերուն վրայ: Յետոյ, այդ մարդերը անշուշտ պիտի կենան, perplexe քիչ մը, գաղիացիներուն ըսածին պէս, փառքի մը հասկացողութեան մէջ որ միակտուր շարունակուած, Թէրզեանին առաջին քայլերէն մինչեւ գերեզմանին դռները, ու արհամարհած՝ դամբաններուն ալ լռութիւնը: Վկայութիւններ, այդ հսկայ փառքէն, որքան առատ, գունագեղ, վճռական, (միայն Ալիշանին վայելած ժողովրդականութեան մօտ կը դալկանայ անիկա) սերունդէ սերունդ, քառորդ դարէ քառորդ դար, նորոգուած ու երիտասարդացած այդ փառքը, ըսի թէ անցած է գերեզմանն ալ: 1912ին, անոր մահէն քանի մը տարի վերջ, Սուրէն Պարթեւեանը միայն, սովորական իր անզգածութեամբ, չըսելու համար անսովոր շահագիտութեամբ, Եգիպտոս լոյս տեսնող Հոսանք հանդէսին մէջ ըսած է քանի մը տարակոյսի խօսքեր, բանաստեղծ Թէրզեանին տաղանդը ստուերող: Բայց այդ թուականին Սուրէն Պարթեւեան վկայեալ պարսաւագիր մըն է, վարձուած մունետիկ մը, առնուազն իր մտածումին ճիշդ հակառակը գրել է չքաշուող տարօրինակ խաչագող մը։ Իր այս ելոյթը անկարող է մնացած, այդ իսկ տրտմութիւններուն գինով, փշրանք մը բան փոխել, միապաղ աղ ու փառագին, փառահեղ հիացմունքէն որով պատմուճանուած ապրեցաւ իր միջակութեան շրջուած մեծութիւնը` Թովմաս Թէրզեան։ Սուրէն Պարթեւեան իր կասկածանքը կը բանաձեւէր Թէրզեանէն նուազ բանաստեղծ չեղող ուրիշի մը, Յովհաննէս Սէթեանին յոբելեանը քիչիկ մը չքաւորելու համար (1912, Գահիրէ, ու այդ իսկ հանգամանքով ունեցաւ հակադիր ազդեցութիւն: Մարդիկ շարունակեցին հաւատարիմ մնալ իրենց սորվածներուն, լսածներուն։ Անոր զաւակը (որմէ մեր ժողովուրդը պատճառ մը չունի դժգոհ մնալու, քանի որ որդիական համբուրելի առաքինութեամբ մը, հակառակ այդ քերթուածներէն ոչինչ հասկանալու, հաւաքած է զանոնք ամբողջական ծածքի մը տակ)։ 1929ին Արշակ Չօպանեան այդ երկահատոր հաւաքածոյին սկիզբը դրած է մէկը իր զանգուածեղ հիացումներէն, որ ոչ միայն կը զարմացնէ մեզ, այլեւ կը ստեղծէ ընդարձակ շփոթութիւն։ Արշակ Չօպանեան, հին աշակերտ մը մեծ վարպետին, ուսանողական դարձեալ սիրելի առաքինութեամբ մը, այդ կենդանագիրը յօրինած է աւելի պարկեշտ զգացումներով, բայց արեւմտահայ բանաստեղծութեան ընդհանուր յղացքը (թող ներուի այս բացատրութիւնը) շատ մը կէտերէ վիրաւորելու դժբախտ ալ պատասխանատուութեամբ մը։ Եթէ մեր պապերը այդպէս կը հասկնային բանաստեղծութիւնը, մեր պարտքն էր այդ հասկացողութեան ճշդումը, չեմ ըսեր սրբագրումը: Ի վերջոյ մոռնալու չենք որ միշտ մէկ է հայ գրականութիւնը։ Ո՞վ կայ այդ հարիւրաւոր քերթուածներուն ետին, որ պատկանէր իմ ժողովուրդին։ Այլապէս, այդ քերթուածները կրնային ստորագրուած ըլլալ Քամչաթքացիէ մը։ Չօպանեանի վկայութիւնը պիտի վերածուի, աւելի անդին, իր ճշմարիտ տարողութեան։

Այս բոլորէն հասկնալիք` թէ դժուար է այդ անունը ու այդ գործը վտարել արեւմտահայ գրականութեան պատմութենէն։ Համապատկերը, թէեւ գրուած պատմութենէ մը աւելի անկախ ծրագրով մը, դարձեալ չի կրնար անգիտանալ ոչ թէ այդ փառքը [2] կուշտ եմ յափրանալու չափ բոլոր կեղծ, ջուրոտ, նոյնիսկ իրաւ փառքերէն այլ այդ փառքը կարելի ընող պայմաններու հանդէս մը: Ստիպուած եմ իր առիթով ուսումնասիրութեան ենթարկել քերթողական ըմբռնում մը, ճաշակ մը, 1860ի սերունդին ախորժակներուն մէջ նորոյթ մը, որոնք բաւ էին բացատրելու Թէրզեանի հէքեաթը առանձնապէս, զայն հաշտեցնէին արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր ոգիին հետ, առնուազն վկայութիւններ բերէին այդ սերունդին քանի մը տագնապներէն: Ըրեր եմ այդ փորձը նուազ հռչակաւոր անուններու համար: Զարթօնքի մարդոց հոգեբանութիւնը, մտայնութիւնը, ձգտումները թէեւ անբաւարար գործերու վրայով հասած մեզի, արտօնեցին զիս լայն յօրինումներու: Մնաց որ Թէրզեան միայն իր ժամանակին փառքը չէ ապրած։ Չօպանեան, անոր մահուան առիթով մեր մամուլին մէջ լոյս տեսած արտա յայտութիւններն ալ ջանացած է օգտագործել իր հերոսին փառապսակին։ Արդ, 1909ը թուական մըն է ուր արեւմտահայ գրականութեան կերպարանքը գտած է իր աւարտը։ Այդ մահուան արթնցուցած ընդհանուր հետաքրքրութիւնը նիւթ կ՚առնէր բանաստեղծէն, մարդէն, ուսուցչէն, գրագէտէն։ Անշուշտ, այդ մահէն մօտ քառսուն տարի վերջը ձեռնարկուած սա ուսումնասիրութեան մէջ ինծի հազիւ թէ կը հասնին 1900ի մարդոց հիացական բացագանչութիւնները, ազդելու կամ գունաւորելու համար անոր դիւանէն իմ՝ տպաւորութիւններ, որոնց կշիռն է միայն ինծի համար կարեւորը։ Շատ շատ ինծի կը մնայ թերահաւատ ընթերցողը զրկել քերթուածներուն, իր հաճոյքը ճշդելու, հաւանած կտորին վրայ հաստատելով այդ հիացումը արդարացնող առաքինութիւն, արժանիք: Այլապէս, այդ ընթերցողը պարտաոր է անկեղծ ըլլալ ինքնին մէջ. այդ հիացումը մասնաւորել ճաշակի մը, մտայնութեան մը որոնք մեզմէ անդարձ հեռացած են ալ: Չօպանեանի շքեղ, հռետորաշունչ յառաջաբանը դարձեալ անբաւարա՛ր` իմ տպաւորութիւնները այլափոխելու, տրուած ըլլալով հիմնաւոր փաստը, ըստ որում՝ արեւմտահայ գրականութեան պաշտօնական դատաւորը միշտ սիրած է իր տղու ապրումներուն մնալ հաւատարիմ, զանոնք իրեն յատուկ դիւրութեամբ մըն ալ ընդհանրացնելու մէջ դնելով ոչ միայն պչրանք, այլեւ մոլեռանդութիւն։

Գործը մէջտեղն է սակայն, առանց գործաւորին պաշտպանութեանը։ Անոր մէջ գտնել գեղեցկութիւն, կենդանութիւն, ուժ, այժմէութիւն, փափաքն է ամէն համադրողի: Վճռական է սակայն իրողութիւն մը. միջին ընթերցողի մը համար անհնար է Թերզեանեն քերթուած մը կարդալ։ Չեմ մատի փաթեթներ իրողութիւնը։ Բայց անկէ վեր, այսինքն գրական արժէքներու զգայարանք մը իւրացուցած ամէն ընթերցող անկարող է քերթուած մը աւարտել Թէրզեանէն, սկսելէ վերջը այդ պարտքը կատարել պարզմտութեամբ, նոյնիսկ այդ մասին հիւսուած գովեստներէն ալ որոշ կանխապատրաստութեամբ մը: Բան մը կը նշանակէ՞ վերջին հաւաստումը։ Ապահովաբար անոր՝ այդ գործին գեղեցկութիւնը, կենդանութիւնը, ուժը թողած են զայն գէթ քանի մը սերունդի համար։ Այն պատանին որ մեր գրականութեան սպասին պիտի գայ, չի կրնար, առանց տագնապի, ընել ծանօթութիւնը Պ. Դուրեանի տաղարանին, այնքան այս պատանիին կրակները են նոյն ատեն նաեւ իր կրակները: Լեզուի հեռաւորութիւն, բառերու պաշար, հնաւանդ ձեւեր, նոյնիսկ նիւթ, իր անիրականութեամբը, անբաւական պիտի մնան անոր այժմէութիւնը խորտակելու։ Բայց նոյն այդ տղան դրէք Թէրզեանի տաղարանին հետ դէմ դէմի։ Քանի մը չկամ թերթումներէ վերջ, եթէ այդ պատանին թեզ մը չունի Թերզեանին վրայ պատրաստելիք իր մտքին մէջ, կամացուկ մը պիտի գոցէ հատորը ու դառնայ, փնտռելու ուրիշները որոնք իրեն խօսէին:

Եթէ երբեք արեւմտահայ գրականութիւնը, որոշ չափով արտայայտութիւնն է ժողովուրդի մը, այն ատեն իմ բոլոր իրաւունքին մէջն եմ Թ. Թէրզեանի երկու հատոր տաղաչափութիւնը հանդիսարան մը ընդունիլ եւ առնուազն քանի մը հզօր, խորունկ կամ փափուկ, նրբին ապրումներու որոնք այս ժողովուրդինն էին 1860ին, 1880ին, 1900ին։ Արդ, այս թուականները միայն մեր պատմութեան չեն պատկանիր: Անոնք շատ յստակ կերպով մը իրենց շուքը ունին մեր գրականութեան մէջ ալ։ Ալ ի՛նչ հարց որպէսզի արեւմտահայ մեծագոյն բանաստեղծը ինչպէս որակած է զայն՝ գէթ սիրայինին համար՝ Արշակ Չօպանեան, քաշուի, քաշքշուի աս ու ան ատեաններում: Մենք պիտի դիմենք այդ տաղարանին ու պիտի ճանչնանք այդ ապրումներուն առնուազն ստուերովի ճնշումը։ Այն պարագային ուր այդ հարիւրաւոր քերթուածներուն ետեւէն ինծի շնորհուէր բախտը այդ ապրումներուն յառնումին, ես շատ դիւրութեամբ պիտի հրաժարէի միւս ալ պահանջէն, ասիկա այդ ապրումներուն անխուսափելի անձնականացումը մանաւանդ իրենց ձեւին մէջ։ Արդ, մենք գիտենք որ Թէրզեանի տաղերը ամենէն շատ պատասխանատու կը մնան ձեւի անխնամութեան մը: Տաղաչափ մը չէր անշուշտ, անխառն ու բացարձակ, ինչպէս էր ողորմելի հարազատութեամբ մը այդ բանը՝ օրինակի մը համար՝ Աղեքսանդր Փանոսեան, բայց էր այն անփոյթ գրողը որուն կամար ձայնը, փափուկ բառը երբեմն կ՚ըլլայ տիրական, մոռցն եւ լու չափ ուրիշ սրբազան պարտքեր, պարտականութիւններ [3] ։ Յետոյ կայ միւս դժբախտութիւնը քանի քանի անգամ ինծի պատահած է այդ սերունդէն կարդալ դիւաններ, հարիւրաւոր ոտանաւորներու դէզերուն մէջ թարթափել ու գլխիկոր, յուսահատ, զայրացած նետել մէկդի հատորները, դժնդակ ճակատագրով, այդ թոհուբոհին ետին, ներսը, մարդ մը, զգայնութիւն մը սեւեռել չկրնալու: Ալիշանի Նուագները, Նար-Պէյի Քնարները, Վարդենիները, Ստուերները ինծի արժած են ընդարձակ տառապանք։ Բառերու ջրվէժ մը որ վախճան չունենար ու պոռար, պոռար։

Թէրզեանի հետ գործածուած տիտղոսները մէկիկ մէկիկ չեմ անցըներ քննութենէ։ Ատիկա իմ գործը չէր կրնար ըլլալ։ Բայց իմ ծրագրին ծիրին մէջն է զբաղիլ իր մօտ բանաստեղծով։ Եւ որովհետեւ բանաստեղծ մը երկինքէն ինկած օդաքար մը չէ, ստիպողութիւն կը զգամ քիչիկ մը քրքրել մարդը եւ իր պայմանները այս անունին ետին։

  



[1]        Սանդուխտ Կոյսին նախերգանքը Չուհաճեանի կողմէ գործադրուած իբր երաժշտական կտոր, 1908էն ետքը արտասանուած է տաղանդաւոր դերասանի մը բերանէն . Փափազեան) ձգելով մեծ տպաւորութիւն։ Ոչ ոք մտքէն անցուց թէ այդ բերանը ամենէն հասարակ ասուլիսն ալ ի վիճակի էր փառքի հանելու: Տպուածը այդ նախերգանքէն հասարակ ռոմանթիզմ է, չպարունակող որեւէ իրաւ, սրտէ եկած խօսք, ալ չեմ պահանջեր՝ թատերական նկարագիր մը այդ բառակոյտէն։ Հէքիմեան իր ողբերգութիւնները հայերէնէն առաջ իտալերէնով երբ կը բեմադրէ Պոլիս, կուտայ փաստը սերունդին փառասիրութեան։ Արդ, գիտենք որ Հէքիմեան դասընկերն էր Թէրզեանին։ Եւրոպական ճաշակի մը մեր մէջ փոխադրո՞ւմը: Բայց ատկէ առաջ կանոնաւոր թատերական հասկացողութի՜ւն մը։ Թէրզեան կը յանդիմանուի Ֆաուստին թարգմանութեանը համար ու կ՚արդարանայ այդ արարքէն՝ աճապարանքը պատրուակ բռնելով։

[2]        Վճռական է իմ կեցուածքը, հրապարակի բոլոր մուրացածոյ փառքերուն դիմաց։ Չեմ տուած տեղ բազմաթիւ փառքերու։ Թէրզեանի փառքին նախանձորդ, անկէ աւելի ժողովրդականութիւն վայելած բանաստեղծ մըն է Աղեքսանդր Փանոսեանը որմէ հարիւրաւոր ոտանաւորներ իրենց փառքը կ՚ապրէին արեւմտահայ գրականութեան մահէն (1915) ալ վերջը։ Արդ, Ալեքսանդր Փանոսեան հասարակ տաղաչափ մըն է, ուրիշ ոչ մէկ արժանիքով իր անունը փրկող։ Արեւելահայերը ունին Ղ. Աղայեանցը որուն եթէ քերթողական երկերը կրնանք սրտի հանդարտութեամբ ծով զրկել, բայց պարտաւոր ենք կենալ արձակին վկայութեանցը առջեւ: Գէթ Աղայեանցի վէպերը չինացի տղու մը ապրումներէն չեն առներ իրենց նախանիւթը։ Աղեքսանդր Փանոսեանի ոտանաւորները կը պատկանին ամենուն, այսինքն ոչ ոքի։

[3]        Ողբերգականը հոն է որ Թէրզեանի պաշտամունքը (culte) առաւելապէս ըլլայ սնած, անթերի, տարօրէն ներդաշնակ արուեստագէտի մը առասպելէն, ինչպէս մեզի կը տրուի զգալ ասոնք Չրաքեանի մը, Չօպանեանի մը խոստովանութիւններէն։ Աւելի անդին ես կը դառնամ այս անթերի արուեստին անկանգնելի թերացումներուն։