Բ.
Յակոբ
Պարոնեան
վիպասան
մըն
է
գրեթէ,
մեր
որեւէ
վիպողին
մօտիկը
դրուելու
արժանի
Չեմ
ըներ
անհրաժեշտ
վերաքաղ
մը,
գրական
սա
արագ
սեռին
շրջափոխութիւնը
պատկերելու
համար։
Մեծ
գրագէտի
մը
հետ
գրական
սեռերու
հարցերը
կը
տրուին
ինքնաբերաբար։
Ու
պատմութիւնը
պատմութիւն
է
միշտ։
ԺԹ.
եւ
Ի.
դարերը
տեսան
փառքը
գրելու
տկլոր
այդ
սեռին,
որ
շատ
արագ
գերազանցեց
ազնուական
որակուած
փառքերը
գրականութեանց,
թատերական,
բանաստեղծական,
հռետորական
փառքերը
կանխող
շրջաններուն։
Մեր
մօտ
Զարթօնքն
ու
Ռոմանթիզմը
չէին
կրնար
չազդուիլ
վէպին
ճակատագրէն։
Դժբախտութիւնը
հոն
էր
որ
վէպը
այդ
սերունդին
մօտ
կը
զարգանայ
թարգմանութեանց
ակօսով
։
Ինքնագի՞րը:
Բայց
մի
խաբէք
դուք
ձեզ։
Հիսարեան,
Հայկունի,
Մամուրեան,
Տիւսաբ
(կը
բացառեմ
Ծերենց
ը
ոչ
իբրեւ
յաջողուածք
մը,
այլ
իբրեւ
մտադրութիւն)
այդ
եւ
յաջորդ
սերունդին
որակեալ
վիպողները
մեզ
ձգած
են
կեղծ
կեանք
մը,
ներկուած
ապրումներ:
Բոլոր
այդ
անուններով
մեզի
հասած
վէպերը
ներկուած
փոխադրումներ
են
օտարներէ։
Ու
ահա
իրա՛ւը։
Յակոբ
Պարոնեան
տեսակ
մը
դրօշակիր
է
մեր
ազգային
վիպական
շարժումին։
Ասիկա
ոչ
բարատոքս
է
ոչ
ալ
եղջերուաքաղ։
Զուր
տեղը
չէ
որ
Պարոնեան
Ծիծաղ
ին
մէջ
այնքան
ճշգրիտ
վերլուծման
մը
ըլլայ
ենթարկած
Մայտա
ն,
որ
իր
սկզբնածագ
փառքը
կ՚ապրէր
այնքան
աժան
հրապարակի
մը
վրայ։
Ծիծաղ
ին
այդ
էջերը,
գրական,
գեղագիտական
յաւակնութիւններէ
զուրկ,
եւ
վկայութիւններ
աւելի
թանկ
բանի
մը
որ
վիպող
զգայարանքին
գոյութիւնն
է
անոնցմէ
ներս։
Աւելի
անդին,
ճշգրիտ
տարողութիւնը
սա
արժանիքին։
Միտք
պահեցէք
որ
ամենէն
հանգամանաւոր
անունները,
ընկերային
դիրքի
ասպետները
(Մամուրեան,
Ծերենց,
Տիւսաբ),
մամուլին
մեծ
վեթերանները
(Իւթիւճեան,
Մամուրեան,
Չիլինկիրեան)
թերթօններով
ռոմանթիք
ֆրանսական
վէպը
կը
պարտադրեն
մեր
գրական
ընտրանիին
եւ
միջին
ընթերցողին
ալ
ճաշակներուն։
Ոսկան
Թափառական
Հրէայ
ին
թարգմանութեան
իր
ձեռնարկովը,
այդքան
կանուխէն
նշանն
է
որ
կուտայ
զառածումին։
1885ին,
Անհետացած
Սերունդը,
առաջին
իրաւ
վէպի
փորձը
մեր
մէջ։
Կամսարականի
եւ
Զօհրապի
առիթներով
դուք
կը
գտնէք
բաւարար
վերլուծում,
երեւոյթէն։
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ,
Քաղաքավարութեան
Վնասները,
Առտնին
Կռիւներ,
Առտնին
Տեսարաններ,
Սիրոյ
Միջնորդները,
Առանց
Միջնորդի
Փեսացու
Գտնել,
յիշելու
համար
քանի
մը
յատկանշական
նմոյշներ,
ութսունական
թուականներու
գրական
ախորժակներէն
ոչ
միայն
հարազատ
վկայութիւններ
կը
մնան,
այլեւ
կը
պաշտպանեն
Յակոբ
Պարոնեանի
տաղանդին
վրայ
հարազատ
կողմ
մը
վիպող
զգայարանքէ
մը։
Այդ
կտորներէն
ոմանք
միջին
մեծութեամբ
վէպի
մը
ծաւալը
գտնող,
շատեր
օրուան
ընթացիկ
նորավէպին
(մեր
օրերու
short
historyն)
կաղապարովը
իմ
կողմէ
կ՚արժեւորուին
արեւմտահայ
վէպին
իբրեւ
անդրանիկ
թոթովանքները։
Ու
կեցէք
լրջութեամբ
պատկերին
դիմաց
մարդու
մը
որ
Իզմիրեան
շքեղ
թարգմանութեանց
դէմ
պիտի
հանէ
իր
Պաղտասար
Աղբար
ները,
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ը,
որոնք
ոչ
միայն
պիտի
դիմագրաւեն
օտար
մրցումի,
վիպական
կալուածին
վրայ,
այլեւ
պիտի
յաջողին
բեմ
ցատկել,
փոքր
յարդարանքներէ
վերջ։
Արեւելահայերը
երկար
տարիներ
հեշտագին
վայելած
են
Պաղտասար
Աղբար
ը,
արեւմտահայերը
ծաղրուած
տեսնելու
իրենց
հաճոյքէն
քիչիկ
մը
վեր
լրջութեամբ
ալ
անշուշտ։
Հայ
կեանքը,
իրաւը,
օրուանը,
կուգար
գրաւելու
պատմութեամբ
ճամարտակեալ
մեր
բեմերը:
Արեւմտահայերը
դեռ
չեն
կշտացած
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
էն
որ
դարձեալ
փոքր
յարդարանքով
մը
բեմ
է
ցատկած
ու
կը
պահէ
իր
հրապոյրը,
համը,
քանի
մը
սերունդներու
ճաշակները
հաճ
ձգելով։
Պարոնեանի
մէջ
գրագէտը
(պիտի
տեսնէք
այս
բառին
ընդ
արձակ
թելադրանքները
իր
տեղը)
միշտ
վեր
մնաց
գրական,
դպրոցական,
հանգանակային՝
պայմաններէ։
Տկարութեան
ազդակ
մը
անշուշտ
հիմնական
սկզբունքներու
սա
պակասը,
ամէն
լուրջ
աշխատաւորի
մօտ։
Բայց
մենք
քանի
քանի
անգամներ
տեսանք
այդ
գիտութեան
մագիստրոսներուն
մօտ
այս
անգամ
դարձեալ
նոյն
ազդակները
տկարութեան։
Վերցուցէք
Բաշալեանի,
Կամսարականի,
Չօպանեանի
ու
քիչիկ
մըն
ալ
Սիպիլի
գրական
զգացումներուն
բռնութիւնները
իրենց
վէպին
վրայ,
դուք
թերեւս
կ՚ունենայինք
այսօր
այդ
անունները
մեր
յարգանքին
մէջ
հիացմամբ
ալ
ծանրաբեռնող
ուրիշ
վկայութիւններ,
արեւմտահայ
կեանքը,
ոչ
թէ
ճիղճ,
ճճի
պատկերացումներու
թէկուզ
շնորհալի
բայց
միշտ
անբաւարար
շարքով
մը,
այլ
լայն,
արձակ
ապրումներու
ձեւին
տակ
որոնք
շրջան
մը
ընդմիշտ
կ՚ազատագրեն
կորուստէ,
գործերը
Պալզաքներուն,
Տիքընզներուն,
Տայսթայովսքիներուն,
Զոլաներուն։
Պարոնեան
բարձրորակ
վիպասան
մը
չէ
ու
սա
մեծ
անուններու
շուքը
չարիք
մը
իբրեւ
չեմ
նետեր
իր
գործին
վրայ։
Բայց
կը
հաւատամ
թէ
այդ
անուններէն
ո՛չ
իրենց
գրելու
ճարտարանքը,
ո՛չ
երեւակայութիւնը,
ո՛չ
ալ
իմաստասիրական
տագնապները
կը
պաշտպանեն
այսօր
անոնց
գործը,
այլ
առաւելապէս
այդ
գործին
վկայութիւնը
՝
այդ
շրջաններէն։
Քիչ
վէպ
այնքան
ճարտար
կառոյց
մը
կը
պարզէ
ընթերցողին,
որքան
Թափառական
Հրէան,
կամ
Գաղտնիք
Բարիզու
ն,
կամ
Երեք
Հրացանակիրներ
ը։
Գիտէ՞ք
թէ
գրականութեան
լուրջ
պատմութիւն
մը
կ՚ամչնայ
այդ
գիրքերը
յիշելէ։
Ու
վերի
շարքին
գործերը
կը
պատկանին
ամենէն
բարձր
գրականութեան,
ոչ
անշուշտ
իրենց
կառուցումքին
հնարամիտ
գեղեցկութիւններովը,
այլ
իրենց
ծածկած
կեանքին
յոյզերովը:
Արդ,
մեր
գրականութեան
մէջ
ցոյց
կրնա՞ք
տալ
ինծի
գործ
մը
որուն
մէջ
այդ
կեանքը
ըլայ
ներկայ
այն
յորդութեամբ,
իրաւութեամբ
որքան
ատիկա
կը
հաստատենք
Պարոնեանի
գործին
մէջ։
Վիպասանը
կեանքին
գործաւորն
է
առաւելեալ
չափով
մը
քան
գրական
միւս
սեռերու
աշխատաւոր
մը։
Յետոյ,
Պարոնեանի
մը
տաղանդին
լիութիւնը
կը
զուգադիպի
շրջանի
մը
ուր
իրապաշտ
(եւրոպական)
վէպը
կը
գտնէ
իր
վճռական
լիութիւնը։
1875ին`
Զոլայի
Roman
Expérimentaleը,
բայց
ատկէ
վեր
ու
անկախ՝
L'éducation
Sentimentale,
(Ֆլոպէռի
գլուխ
գործոց,
ըստ
ոմանց
եւրոպական
վէպին,
իրապաշտ
հանգանակին,
գագաթը):
1885ին՝
մեր
մէջ
Իրապաշտները
աղմուկն
է
որ
կը
շահագործեն
յանձին
Արփիարեանի
որ
Զոլա
մը
չէր
անշուշտ։
Պարոնեան
պայքար
չբացաւ
վիպելու
արուեստին
շուրջ
տեսութիւններ,
հանգանակներ,
մանիֆէսթ
ներ
տեղացնելով,
ինչպէս
քսան
տարի
վերջ
ուրիշ
հարցի
մը
վրայ
(
վաղուան
գրականութիւն
)
յօդուածներ
չստորագրեց
Յարութիւն
Յովհաննէսեան,
աւելի
ծանօթ
անունով՝
Թլկատինցի
վիպասանը
բայց
կտակեց
մեր
գրականութեան
ամենէն
իրաւ
վիպական
ըստեղծումներէն
մէկ
քանին։
Պարոնեանի
մէջ
վիպասան
մը
յօրինելու
համար
կը
բաւէ
մտածել՝
ա)
—
Իր
ընթերցողներուն
որոնք
կը
թուին
արտաքին
ազդակ
բայց
հեղինակի
մը
ստեղծագործութեան
վրայ
ունին
ծանր,
բախտորոշ
անդրադարձ.
Կեանքէն
ծեծուած,
ուրացուած,
paria
Յակոբ
Պարոնեան
մը
իր
մարդկային
սփոփանքը
արդար
էր
որ
գտնէր
իր
ընթերցողներուն
համակրութեանը
մէջ
որ
թէեւ
չոր
բառ,
բայց
բաւ
է
յաճախ
մռայլ,
ինքնակորոյս
աշխատաւորը,
թիապարտը
կեանքին
կապելու:
Կայ
անկէ
դուրս
տռաման
բացառիկ
ալ
իր
ճակատագրին:
Գիտէք
թէ
ինչպէս
կը
լափուէին
իր
թերթերը:
Ու
գիտէք
թէ
ոչ
ոք`
որ
միտքէն
անցնէր
օգնութեան
թեւ
մը
երկարել
պարտքէն
հալածական
գրագէտին։
Պալզաք
պիտի
նուաճուի,
այնքան
վաղահաս
մահով
մը,
այդ
պարտքէն:
Սքոթ
պիտի
իջնայ
իր
աշխատանքի
սեղանին,
միշտ
պարտք
վճարելու
պարտքին
զոհաբերուած։
Ռաֆֆին
պիտի
թաղեն
առանց
շապիկի:
Պարոնեա՞ն։
Չեմ
դառնար
ետ։
Ազգային
Հիւանդանոցին
մէջ
պանդուխտներ,
1890ին,
կը
մեռնէին
անիծելով
իրենց
ազգը
որ
Ազգային
Հիւանդանոցն
էր
այն
ատեն:
Պարոնեան
ապահովաբար
իր
տաղանդը
միայն
անիծելու
իրաւունք
ունէր։
Իր
ընթերցողները
մաս
առնեն
իր
մահուան
օրը
սկիզբ
առնող
հանգանակութեան։
Բայց
ասոնք
տրտմութիւններ
են։
Պարոնեան
այդ
ընթերցողներուն
կը
պարտի
անշուշտ
իր
թշուառութեան
մէկ
կարեւոր
մասը:
Բայց,
միւս
կողմէն,
այդ
մարդերն
են
որ
կ՚ընեն
կարելի
իր
մտքին
սնունդը։
Հաշուեցէք
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
գրողներու
մտքին
ծնունդ
անձնաւորութիւնները։
Բոլորը
մէկ
հազիւ
կը
հաւասարին
առանձինն
Պարոնեանի
կրկէս
նետած
թիւին։
Ու
գրողներու
մտքին
ծնունդները
անոնց
զաւակները
ըլլալուն
չափովը
ու
թերեւս
քիչիկ
մը
աւելիով
ալ
զաւակներն
են
նոյն
ժողովուրդին։
Պարոնեանի
ընթերցողները
անոր
թշուառութիւնը
ստեղծելէ
ետքը,
ստեղծած
են
անոր
ուժը։
Կը
փնտռուէր
անոր
ստորագրութիւնը:
Ասիկա
չէ
փառքը։
Կը
փնտռուէին
անոր
մարդերը,
իրենց
օրիժինալ
ներով,
ինչպէս
դիմակեալներովը:
Ու
վիպասանը
զաւակն
է,
առանց
իր
գիտնալուն,
իր
ընթերցողներուն։
Ոչ
ոք
աւելի
մօտ
է
սա
սահմանին
քան
Պարոնեանի
վիպական
ստեղծագործութիւնը։
բ)
—
Իր
տիպարներուն
որոնք
շատ
բանով
պակասաւոր
են
անշուշտ
այս
տարազով
թելադրելի
ընդարձակ
հանգամանքներէն,
բայց
թերեւս
այս
մեղքին
շնորհիւ
կը
մնան
անփոխարինելի
բարիք
մը։
Իր
ժամանակին
հայ
վէպը
մեծագոյն
թերութիւնն
ունի
սուտ,
անվաւեր
մարդոցմէ
վարուած
ըլլալու:
Նոյնիսկ
Ծերենցի
պատմութենէն
առբերած
անձնաւորութիւնները,
այդ
ծանր
մեղքին
ներքեւ
կը
տարտամին։
Ալ
ձեզի
նուէր
Տիւսաբի,
Մամուրեանի
հերոսներուն
ու
հերոսուհիներուն
վսեմը,
ուռուցիկը,
կեղծիքը,
ռոմանթիզմը։
Պարոնեան
տիպարային
կալուածին
վրայ
զերծ
է
միւս
ալ
մեղադրանքէն
զոր
ստիպուած
ենք
բանաձեւել
ամէն
անգամ
որ
մեր
վէպին
անձնաւորութիւնները
կենթարկենք
միջին
խստապահանջութեամբ
վերլուծման
մը:
Մենք
չենք
կարող
ապրեցնել
վիպական
առաջնակարգ,
աւագ
տիպարները:
Յիշեցէք
արեւելահայ
ու
արեւմտահայ
վէպին
բոլոր
protagonisteները,
համոզուելու
համար
անոնց
անվաւեր
կողմին։
Չեմ
ըներ
վերաքաղ:
Այս
վրիպանքին
փոխարէն
այդ
վէպը,
երկու
հատուածներուն
ալ
մէջը,
շքեղ
կատարելութեամբ
մը
սեւեռած
է
բոլոր
երկրորդական,
պարզ
անձնաւորութիւնները։
Դուք
ազատ
եք
սա
տարօրինակ
երեւոյթը
բացատրել
աշխատել
ցեղային
յատկութիւններու
անդրադարձ
մը
ինչպէս
(ոչ
մէկ
ժողովուրդ
իրմէն
դուրս
այնքան
առատ
մեծութիւններ
է
արձակած
ուրիշներու
բարիքին
ու
չէ
տառապած
իր
իսկ
կարիքին
համար
իրական
մեծութիւններուն
պակասէն)։
Կ՚անցնիմ
իմ
գործին։
Պարոնեան
այն
տարօրինակ
արուեստագէտն
է
որ
իր
մտքին
լոյսովը
մեծապայծառ
կենդանութեան
մը
կը
վերածէ
նոյնիսկ
ստուերները,
անասունները։
Կարդացէք
Մեռելոց
Խօսակցութիւնք
ը,
Ծիծաղ
ը
մասնաւորաբար,
ըստ
արժանւոյն
գնահատելու
համար
սա
աստուածային
իրողութիւնը,
անբանները,
յղացքները
անգամ
ասուն,
շօշափելի
իրականութեան
վերածող։
Պարոնեան
չունի
տագնապը
տիպարին,
այսինքն
protagoniste
կառուցուածին,
քանի
որ
իր
բոլոր
մարդերը
ողողուած
են
արտակարգ
ըսուելու
չափ
յորդ
կենդանութեամբ
մը
որ
կը
բաւէ
զանոնք
մեզի
պարտադրելու:
Այդ
վիպասանը
գործողութեան
վարիչ,
տռամաներու
կառավարիչ,
մտայնութեանց
վերլուծիչ
ըլլալէ
առաջ՝
մարդերու,
իրաւ
մարդերու
արարիչ
մըն
է:
Այս
հաւաստումը
զիջում
մը
չէ
սակայն։
Դուք
իսկոյն
պիտի
ըլլաք
անհանդուրժող
Տիւսաբի
վէպերուն,
այն
գլխաւոր
փաստէն
ընկճուած
որ
այդ
մարդոց
ստութիւնն
է։
Ի
զուր
անցած
են
խելացի,
զարգացած,
նոյնիսկ
իմաստասիրական
որոշ
տարրերով
օժտուած
ու
գրել
կրցող
կնոջ
մը
ճիգերը,
ինչպէս
գործողութիւնը
հետաքրքիր
դարձնելու
համար
փորձած
խաղարկութիւնները,
իրադարձութիւնները։
Այդ
վէպին
անձերը
զուրկ
էին
ծնած
կեանքին
տարրական
բարիքէն։
Ու
ասիկա
այսպէս,
ամենայն
հաւատարմութեամբ
Մամուրեանի
վէպերուն:
Պարոնեան
Պաղտասար
աղբար,
Աբիսողոմ
եւ
Պապիկ
աղաները
գիտցած
է
մեր
համակրանքին
արժանացնել,
անոնց
բաշխելով
պարզ,
անվերադիր
կեանքին
շնորհը:
Այս
ընդլայնումներուն
բնական
է
հետեւանքը։
Մարդեր
camper
ընելը
սկիզբն
է
վիպասանին
շնորհներուն։
Ալ
ասկէ
անդին
ներկայացող
բարդ
հարցերը
քիչ
կը
զբաղեցնեն
զիս:
Գիտեմ,
որ
պարզմտութիւն
է
մարդերու
իրաւութիւնը
արժեւորել
արուեստին
ալ
իրաւութեամբը։
Բայց
կան
անհերքելի
վկայութիւններ։
Վերլուծեցէք
Տոն–Քիշոթ
ը,
անոր
մէջ
երեւան
բերելու
համար
պակասը
մեր
օրերու
տիպարային
յատկանիշներուն
(դասախօս
մը
կրնայ
նիւթէն
մեծ
թեզ
մը
պատրաստել
ու
ներկայացնել
գրականութեան
ակադեմիի
մը
նկատառման)։
Ատով
հանդերձ
Տոն–
Քիշոթ
ը
մեծ
տիպար
մըն
է,
քիչիկ
մը
նոյնիսկ
յաւիտենական։
Պարոնեան
անյաւակնոտ
գրագէտ
մըն
էր։
Աս
ալ
չմոռնալ:
Ու
երբ
իր
շուրջը
գրողները
իրենց
գաղափարագրութիւնները,
ընթերցումներուն
արձագանգները
կը
փոխադրէին
իրենց
մարդերուն,
վէպերուն
մէջ,
անիկա
իր
տեսած
իրաւը
կը
ջանար
իրաւ
մարդերու
միջոցով
հանրութեան
մատուցանել,
ինչպէս
կ՚ըսէին
իր
օրերուն։
Պարոնեան
վիպասան
մըն
է,
բացի
սա
իրաւութեան
բարիքէն,
առատութեամբը
իր
մարդերուն։
Աւելի
անդին,
երբ
իյնայ
վերլուծման
Պարոնեանի
աշխարհը,
դուք
կը
գտնէք
բաւարար
լուսաբանութիւն։
Վիպասան
է
դարձեալ
իր
սքանչելի
dialoguenվը
որ
թէեւ
թատերական
շնորհ,
արագ,
երգիծական
ոլորտով
վէպի
մը
մէջ
անփոխարինելի
բարիք
մըն
է,
ընթերցողը
ամէն
րոպէ
տիպարին
մօտիկը
պահող
թէ
Յ.
Պարոնեան
անկարող
է
հանդիսացած
վիպական
գործողութիւն
մը
վարելու,
առարկութիւն
մըն
է
զոր
կը
դիմաւորեմ
առանց
վախի:
Մարդիկ
նոյն
մեղադրանքը
բանաձեւած
են
Մոլիէռի
հանդէպ
որուն
խաղերը
կը
զարգանան
արտաքոյ
ողբերգական
օրէնքներու,
տիպարային
ճնշումներու,
գրողը
ազատ
ձգելով
իր
բնական
տարրին
դէմ
որ
հեգնութիւնն
է:
Այդ
առարկութիւնը
բանաձեւած
էին
Արիստոֆանին
ալ
դէմ:
Բայց
երկու
երգիծողներն
ալ
այդ
զգայարանքէն
(գործողութիւն
մը
վարելու)
իրենց
անբաւարարութիւնը
գնած
են
որքան
լայն
բարիքներով։
Տիկին
Տիւսաբ,
մանաւանդ
Մամուրեան
որքան
խնամքով
կը
կառավարէին
իրենց
գործողութիւնները,
չընկրկելով
անհեթեթին,
անմարդկայինին,
բայց
կը
վրիպին
իրաւ
մնալու
սկզբնական
պարտքին
մէջ։
Թէ
Յակոբ
Պարոնեան
մեզի
չէ
ձգած
վերլուծական
լայն
ապրումներ,
հոգեղէն
կեանքը
լուսաւորող,
պահանջելն
է
եզէն
հորթ։
Հոգեբանական
վէպը
ուրիշ
աշխարհ
մըն
է
եւ
ուրիշ
կրթանք
մը:
Դրէք
Պարոնեանի
վէպին
համար
ամենէն
պարզ
ու
բնական
հարցը։
—
ժողովուրդ
մը
պատկերելու
բարիքը։
Ու
դուք
մէկ
անգամէն
կը
զգաք
այս
Էտիրնեցի
տոմարակալին
գրեթէ
ցարդ
անհաւասարելի
մեծութիւնը։
Օտեանի
վէպերը
իբրեւ
ծաւալ
քանի
մը
պատիկ
կ՚առաւելուն
քան
Պարոնեանին
վէպը։
Բայց
փրկուա՞ծը։
Հոս
է
ահա
Պարոնեանի
արժանիքին
հիմնատարրը։
Ժամանակը
որ
կը
սպառի
անյագ
արագութեամբ,
արդէն
թաղած
է
Օտեանի
թերթօնները,
անվերադարձ։
Յակոբ
Պարոնեանի
վիպական
յօրինումները
կը
դառնան
տակաւ
թանկագին,
երբ
մտածէք
որ
սա
օրերէն
կէս
դար
յետոյ
Աբիսողոմ
աղաներու,
Պապիկ
աղաներու,
Պաղտասար
աղբարներու
թոռնորդիներէն
հետք
իսկ
մնացած
չէ։
Ահա
թե
ինչու
շէնք
շնորհք
վէպ
մը
լաստակերտելու
անընդունակ
սա
քրոնիկագիրին
հետ
ըլլամ
հանած
արեւմտահայ
մեծ
վիպասանի
մը
վարկածը:
գ)
—
Բարքերուն
որոնց
հանդէպ
մեր
հին
ու
նոր
գրողներէն
ոչ
ոք
զմեզ
այնքան
երախտագէտ
է
կեցուցած,
որքան
միշտ
Էտիրնեցի,
միշտ
պարզուկ
այդ
տոմարակալը։
Գաղտնիք
չէ
որ
գրական
գործի
մը
ամենէն
շուտ
անցնող
մասը
կ՚իյնայ
անոր
արտաքին
գեղեցկութեանց
կալուածին
մէջ։
Ոճը,
լեզուն,
ստեղծագործական
ուրիշ
բարիքներ
սահմանուած
են
քանի
մը
սերունդ
վերջ
տարտամացման,
անհետացման
նոյնիսկ:
Ու
գրական
գործին
ամենէն
ուշ
մաշող
մասը
իր
բարքերու
մթերքն
է։
Աւելի
անդին,
առանձին
բարակրաֆ
ի
մը
մէջ
ես
կը
վերլուծեմ
բարք
հարցին
հանդէպ
Պարոնեանի
շահած
անհաւասարելի
փառքը
Պալզաք,
ԺԹ.
դարու
առաջին
կիսուն
վրայ
իր
վէպովը
գործադրած
է
հարիւր
պատմաբանի
համագումար
ճիգին
գինը,
այդ
ընկերութիւնը,
իր
բարքին
հիմնական
երեսներուն
վրայ
սեւեռած
ըլլալու։
Մարդիկ
ո՛չ
Կիզօ,
ո՛չ
ալ
Թոքֆիլ
պիտի
ուսումնասիրեն
այդ
շրջանը
ճանչնալու։
Պալզաքէն
չորս
մեծ
վէպ
այդ
բարիքը
կը
բաշխեն
մեզի:
Անտաղանդ
—
գրելու
արարքին
մէջ
—
Շիրվանզադէն
կը
դիմանայ
իր
բարքերուն
մթերքովը։
Արեւմտահայ
ժողովուրդը
ոչ
ոքի
մօտ
այնքան
բարքերովը
ինկած
է
սեւեռման,
որքան
Պարոնեանի
մօտ։
դ)
—
Երգիծանքին
որ
դարձեալ
իբրեւ
հիմնատարի
իրականութիւնը
Յ.
Պարոնեան
անունին
տակ
ընկած
գրական
երեւոյթին,
իմ՝
աշխատանքին
մէջ
ունի
իր
առանձին
գլուխը։
Հոն
է
որ
ես
կը
զբաղիմ
երգիծանքով։
Այս
քանի
մը
շատ
կենսական
յատկութիւններով
(վիպասան
մը
շատ
մը
ուրիշ
շնորհներու
կը
պարտի
իր
յաջողուածքը.
շնորհներ՝
երբեմն
հասարակաց,
երբեմն
մասնաւոր։
Համապատկեր
ը
մեր
վիպասաններուն
իւրաքանչիւրին
հետ
ներկայացող
առանձնայատուկ
եւ
ընդհանուր
այս
նկարագիրները
իրենց
տեղին
կ՚ունենայ
նկատի)
պաշտպանուած
է
որ
անիկա
գրեց
իր
վէպը
որուն
համար
ձեզի
կը
թելադրեմ
քիչ
մը
ազատ
կաղապար:
Ոչ
վերլուծում,
այսինքն
գիտունի
յաւակնութիւններով
ուռեցած
աշխատանքը
քիչ,
առնուազն
կէս
գրողներուն
որոնք
լայն
հաւաքումներէ,
ճշդումներէ
յետոյ
կ՚անցնին
սեղանին
գլուխը
ու
սանկ
ու
նանկ
կազմաւորուած
cadreներու
մէջ
կը
ջանան
տեղաւորել
այդ
ամբարումները։
Կարդացէք
Մայտա
ն,
Անգլիական
Նամականի
ն,
համոզուելու
համար
սա
ձեւ
ըմբռնուած
վէպի
մը
անտեղութեան։
Պարոնեան
պարզ
մարդ
մըն
է։
Իր
թերթերը,
գիրքերը,
յօդուածները
զուրկ
են
գրական
ամէն
յաւակնութենէ
ու
գիտութեան,
պատմութեան
սպասին
համար
իր
անընդունակութիւնը
չէ
աշխատած
եղերական
արդիւնքներու
վերածել
ինչպէս
ըրին
Չերազը,
մանաւանդ
Եղիան:
Ոչ
կառուցում,
այսինքն
երկար
մարզանքներու,
ինքնասրբագրման
գինով
մը
վիպական
գործողութիւն
մը
զարգացնելու
կարիք,
նոյնիսկ
շնորհ,
քանի
որ
կեանքը,
իր
անծրագիր,
ազատ
գնացքին
մէջ
գիտէ
մեզ
նուաճել:
Կան
անշուշտ
բարդութիւնները
նիւթին
ինչպէս
հոգին
աշխարհներուն
ներսը։
Բասգալ
մը,
Բասթէօռ
մը
թող
խորանան
դէպի
այդ
անդունդները:
Ատիկա
իրենց
իրաւունքն
է
ինչպէս
իրենց
տռաման:
Արուե՞ստը.
թերեւս
փութաք
աղաղակել,
որ
կառուցում
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Բայց
կեա՛նքը,
արուեստին
առաջ։
Ճապաղա՞նքը։
Կրկնութի՞ւնը։
Քաշքշո՞ւքը։
Կարճ`
տափակութի՞ւնը
անկառոյց
վէպերուն:
Հեռու
ինձմէ
սրբապղծութիւնը
այդ
փառքե՜րը
անգիտելու:
Պարոնեան
քիչ
անգամ
ու
քիչ
տեղ
ինկած
է
այս
մեղքերուն
կրունկին։
Բացէք
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ը
ու
բացէք
Սիրանոյշ
ը։
Առաջինէն
ձեր
զգացած
անհանգստութիւնը
ոչ
միայն
վաղանցուկ
է,
այլ
մանաւանդ
շատ
սակաւադէպ:
Մանուկ
աղա
մը,
իր
անտանելի
շարիվարի
ով
կը
նեղէ
մեզ
այսօր,
բայց
չի
յաջողիր
իր
շուքին
տակ
առնել
վէպին
միւս
անձնաւորութիւնները
որոնք
իրենց
այնքան
այլանդակեալ,
ծաղրանկարային
կերպարանքներուն
հակառակ
մեզ
կը
գրաւեն։
Փորձեցէք
նոյն
ձեւով
Տիւսաբի
Վարժուհին
հանդուրժել:
Պիտի
գտնէք
որ
այդ
հասուն,
գովուած,
գրագէտի
մը
ասպարէզը
փակող
վէպին
մէջ
ոչ
մէկ
տեղ
մեր
շահագրգռութիւնը
պիտի
մնայ
արթուն։
Մերը
չէ
յանցանքը
երբ
այդ
վէպը
կ՚իյնայ
ինքնաբերաբար
մեր
ձեռքերէն,
աննուաճելի
ձանձրոյթ
է
մը,
չըսելու
համար
նեղութեան
զգացումէ
մը
նուաճուած։
Ահա
ձեզի
նոյն
շրջանէն,
նոյն
մտայնութենէն
վերցուած
երկու
գործեր։
Տիկին
Տիւսաբ
վիպելու
արհեստը
կատարելագործած
էր
ֆրանսացի
մեծ
վիպողներու
աշխատանոցին
մէջ
ու
հասած
…
չկարդացուելու
տխուր
բախտին.
Պարոնեան
թերեւս
ամեն
իսկ
չէր
գտած
օտար
վէպերը
…
կարդալու:
Բայց
ունէր
իր
տաղանդը,
աշխարհը
անդրադարձելու,
իր
ազատ,
անխելք,
անկառոյց
շարժումներուն
ընդմէջէն։
Մէջտեղն
է
արդիւնքը։
Ու
ասիկա
այսպէս՝
Պարոնեանի
վէպը
տարբաղադրել
երբ
կը
փորձենք։
Եթէ
դժուար
է
այսօր
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ը
մերկել
հեգնութեան
պատմուճանէն
եւ
անոր
մէջ
տեսնել
յանդգնիլ
ա՞ն՝
որուն
երազով
էր
ապրել
իրեն
տաղանդակից
Արփիարեանը,
վիպական
յօրինումներուն
մէջ.
իրմով
խանդավառ
Կամսարականը,
իր
պատկերներուն
ու
վէպին
մէջ.
Սիպիլը
նոյնիսկ
որուն
դառնագոյն
փորձառութիւնը
կեանքէն,
մեր
բարքերէն,
մեզի
տուաւ
յաջող
գիրք
մը
գրեթէ
(
Աղջկան
մը
սիրտը
),
եթէ,
կը
կրկնեմ,
դժուար
է
այսօր
Պարոնեանի
պատկերները
հեգնականէն
դուրս
արժէքներու
իբր
շրջանակ
ընդունիլ,
կը
հաւատամ
որ
հեռու
չէ
օրը
երբ
վիպական
ստեղծումները
Պարոնեանին
զինքը
պիտի
դասեն
մեր
վէպին
առաջին,
արժանաւոր
գործաւորներու
շարքին,
մօտիկը
Հրանդին,
Թլկատինցիին
ցեղադրոշմ
գործին։
Արդարեւ,
անմիջական,
պարզ,
չափազանց
յստակ
շրջապատէ
մը
անոր
վերցուցած
«
շոգին
իսկ
վրան
»
անձնաւորութիւնները
որոնց
հանդիպումը
կ՚ընէին
մարդիկ,
իր
օրերուն,
գրեթէ
ամեն
քայլափոխի,
եւ
որոնք
Պարոնեանի
վէպը
կը
լեցնեն,
գաղիացիք
կ՚ըսեն
peupler,
հազիւ
թէ
կը
զատուին
կեանքէն,
են
ուղղակի,
անմիջական,
ու
բախտաւոր
ալ
ծնած,
մեզի
մատուցուելու
գրականը
երբեք
չյիշեցնող
եղանակովը
direct
պատմումին։
Ասիկա
ինքնին
բա՛ւ՝
որպէսզի
Պարոնեանի
գործին
կէսը
գրեթէ
բարձրանայ
վիպական
ստեղծումին
փառքին։
Դժուարադէպ,
սուղ
եւ
այլապէս
իրաւ
միւս
փա՜ռքը,
այդ
անձերը
պատմուճանող,
—
ծաղրին
աղն
ու
պղպեղ,
որ
բոլոր
այդ
մարդերը
կ՚օժտէ
կծու
համով
մը,
պիրկ
ու
կոկ,
լայնօրէն
մեզ
համակող
զուարթութեան
մը
մէջ
զանոնք
պարտադրելու
մեր
միտքին,
անկարելի
կերպով
մը
զանոնք
հոն
դրուագելով։
Արտասանեցէք
Մայտա
եւ
Աբիսողոմ
աղա
բառերը
եւ
առանց
վախի,
նախապաշարման
հետեւեցէք
ձեր
մէջ
արթնցող
զգայութիւններուն։
Պիտի
չուշանաք
դատելու
հիմնական
զանազանութեան
աստիճանը։
Կը
հետեւի
թէ
որքան
բարձր
շնորհներ
ունէր
Յ.
Պարոնեան
կեանքը
նուաճելու
դժուար
որքան
ապերախտ
աշխատանքին
համար։
Բազմապատկեցէք
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ը,
այս
անգամ
մեծապատիւ
աւազակներ
անունին
տակ,
ուր
պաշտօնէութիւնը,
ժողովուրդ
կողոպտող
դասակարգը
ինկա
ծ
ըլլար
սեւեռման,
բռնութեամբ
ու
ահով
առնելու
ինչ
որ
առաջինները
կը
ջանային
առնել…
մուրալով։
Բազմապատկեցէք
ձեռնարկը,
ուրիշ
անգամ
մեծապատիւ
վաճառականներ,
մեծապատիւ
արհեստաւորներ,
մեծապատիւ
անպատիւներ
տարազներու
ներքեւ
որպէսզի
նուաճուէին
ջոջ
ու
խոնարհ
աւազակները
որոնք
մէկ
ձեռքով
կ՚առնեն
ու
միւսով
կուտան
օդային
աշխատանքը
ներկայացնող
գործ
մը
ու
այդ
ձեռնածութեան
մէջ
կը
դիզեն
միլիոններ։
Պարոնեան
կը
ճանչնար
շուկան
մեր
որեւէ
գրողէն
աւելի,
քանի
որ
հոն
անցան
իր
աշխատանքի
ժամերը։
Թող
անիկա
տար
մեզի
ոսկերիչները,
խանութպանները,
արհեստագործները,
ոչ`
իրենց
tragiqueին
այլ
իրենց
զուարթ
փիլիսոփայութեան
մէջ,
երբ
կը
դատեն
Պիզմարքին
ճառը
եւ
Սալզպըրին,
դուք
կ՚ունենայիք
մեր
յիմարութեան
գրաւականները։
Ու
շարունակեցէք
այս
ձեւով,
սա
յօրինումները
տուներէ
ներս,
կիներու
նուիրապետութեան
վրայ,
ուր
դրամը,
գեղեցկութիւնը,
յիմարութիւնը,
ստոր
կիրքերը,
սուղ
շնորհները
հոգեղէնին
իրարու
հետ
կ՚ապրին
այնքան
խիտ,
այնքան
ծանր
իրենց
լարուածքները։
Մօտիկն
էք,
այս
ենթադրութեանց
ճամբով,
պարագրկումը
ընելու
Պարոնեանի
աշխարհին,
որ
հաւասար
կուգայ
մեր
մեծ
ասպարէզին
համար
նախասահմանուած
վիպողներէ
մեզի
հասած
աշխարհին,
Ռաֆֆի
մը,
Շիրվանզադէ
մը
ուրիշ
բան
չըրին
եթէ
ոչ
իրենց
տաղանդը
կազմակերպուած
ձեւով
մը
փոխադրել
ու
լարել
մեր
ընկերութեան
զանազան
շրջանակներուն:
Ապերախտութի՜ւն՝
այս
աշխատանքին
մէջ
այդ
մարդոց
աճապարանքը,
անփորձութիւնը,
գուցէ
փառասիրութիւնը
պատմող
անբաւարարութիւն
փաթթել
մատի,
անոնց
գործէն
ներս
մեր
օրերու
արուեստին
համը
գտած
չըլլալ
մը
խորանարդել
ու
զանոնք
նետել
անարգութեան
սիւնին։
Երախտապարտ
եմ
իրենց,
որոյ
մեղադրանք
մը
բանաձեւելով
հանդերձ
իրենց
արուեստի
հանդէպ
անփութութեան,
զանցառանքին,
այն
մեծ
բարիքին
համար
որ
ծաւալն
էր
իրենց
վէպերուն,
քանի
որ
այդ
ծաւալէն
ներս
արեւմտահայերուն
քանթոմ
—
գաղափարները,
կամ
զեփիւռներն
են
որ
կը
շրջագային։
Ասոնք,
գէշ
աղէկ
մարդերով
կը
տրոփեն
ու
մարդերով՝
որոնց
աչքերը
ամրախարիսխ
են
իրենց
բարքերուն
խաւերէն
ներս։
Տասը
հատոր
մեծապատիւներ
(ըսել
կ՚ուզեմ
բարքի
վէպ,
Պարոնեանէն)
պիտի
կազմէին
արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէ
անկորուստ,
փառաւոր
կոթողը։
Բայց
բախտը
մեր
ուզածը
չուզեր։
Չուզեց
ալ՝
Դէպի
Իրապաշտներ
փաղանգին
արժէքաւոր
անուններուն
հետ։
Այդ
բախտը
Պոլսոյ
ամենէն
գեղանի
կնիկներէն
մէկուն
ձեռքը
գրիչ
մը
սահեցուց
անշուշտ,
բայց
քաշուեցաւ
մէկդի
որպէսզի
այդ
գրիչը
գործածուի`
սուտ
ու
փուտ,
կարկտան
գաղափարներու,
տագնապներու
արտահանումին։
Բախտը
դպաւ
Ծերենցին
ալ
ուսերուն,
բայց
դարձեալ
ձգեց
առանձին
պատուական
բժիշկը
որպէսզի
թեթեւ
փառասիրութեանց
պողոտաները
խորանայ
անիկա
եւ
իր
ստուերովի
ճանչցած
կեանքերը
վերակոչել
յաւակնի
իբրեւ
իրաւ,
իր
օրերուն
տագնապանքը
դիմաւորելու
կոչուած
արտափոյթ
առաքելութիւն։
Ու
շրջեցէք
ձեր
մտածողութիւնը,
դէպի
արեւելահայերը։
Յիշեցէք
առակը
որուն
համեմատ
«
գնա
մեռիր
եկուր
սիրեմ
»ը
արեւմտահայերուն
ամենէն
յատկանշական
ստեղծումը
կը
մնայ
գրեթէ,
ու
մտքի
առջեւ
բերէք
Շիրվանզադէն
որուն
նիհար
տաղանդը
այնքան
պարարտ
ձեւով
մը
պաշտուեցաւ
(բառը
իր
հին
առումով)
ժամանակէն,
որպէսզի
հասնէին
մեզի
իր
վէպերը,
թատրոնները։
Հոսհոսներու
շքեղ
մասնագէտնե՜ր՝
իրենց
գրագէտները
անօթի
ապրեցնելու
սրբազան
գիտութեան
մէջ։
Անշուշտ
յագ
ու
պարարտ
չիջաւ
գերեզման
արեւելահայերուն
մեծ
վիպասանը,
Ռաֆֆին,
բայց
գտաւ
խմբագրատան
մը
մէջ
իր
խորշը
ուր
իր
ոստայնը
լարած՝
ստեղծեց
իր
գործը,
որ
տպուեցաւ
Արծրունիին
հերոսական
մտատեսութեամբը։
Ու
Թումանեանը։
Ու
Աղաեանցը։
Ու
Ահարոնեանը։
Ու
Իսահակեանը։
Որոնք
գէշ
աղէկ,
քիչ
ու
շատ
պաշտպանութիւն
գտան։
Ո՞ր
ձեռքը
երկարեցաւ
դէպի
թշուառ,
թափառական
ստեղծիչը
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ուն:
Չեմ
կրկներ
Պարոնեանի
կեանքին
տռաման։
Դիտել
կուտամ
որ
արուեստի
գործն
ալ
գործ
մըն
է,
ժում
մը
փորով
պայմանաւոր:
Ու
այդ
ժումը
չտուինք
այդ
մարդուն:
Յետոյ,
խորհած
ունի՞ք
արդեօք
միւս
ալ
փաստին։
Պարոնեանի
ստորագրած
բոլոր
էջերը
ամենէն
փնտռուած
էջերն
էին
շրջանի
գրականութեան։
Թէ
այդ
ամենուն
հակառակ,
այդ
շնորհառատ
հեղինակէն
մեր
գրականութիւնը
չէ
ժառանգած
համապատասխան
փառք
ու
բարիք,
իրողութիւն
մըն
է
որ
զիս
կը
մղէ
խորհրդածելու:
Կը
հրաժարիմ՝
այդ
մտածողութիւններուն
ընթացք
տալէ։
Այնպէս
ինչպէս
հասած
է
մեզի
Պարոնեանին
վիպական
վաստակը,
առանց
հեգնութեան
նպաստին
իսկ,
մինակը
պիտի
բաւէր
մեր
յարգանքին,
սիրոյն։
Վերը
թելադրեցի
որ
Պարոնեանի
այդ
էջերը
անբաւական
կուգան
ասպարէզէն
վիպողը
պարտադրելու
մեր
նկատառման:
Բայց
կայ
վիպակը,
որմէ
երջանիկ
նմոյշներ
են
Առտնին
Տեսարաններ
ը,
Առտնին
Կռիւներ
ը,
Պարահանդէսէն
Օր
մը
Ետք
ը,
Քաղաքավարութեան
Վնասներ
ը,
Պաղտասար
Աղբար
ը։
Կայ
տակաւին
աւելի
համեստ
շրջագիծով
կեանքի
կտորներ
(franche
de
vie),
խորագրուելու
արժանի
միւս
շարքը,
ուր,
օրուան
կեանքին
կերպարանքները
հեգնականին
պղպեղով,
համեմուած,
բարքերու
զմայլելի
հարազատութեամբ
մը,
մանաւանդ
զերծ՝
բարոյախօսութեան,
ազգայինճութեան,
վարժապետական
ճամարտակութեան
մեղքերէն,
շահուած,
անկորուստ
քանդակներ
են,
անհետանալու
ճակատագրուած
կարգերէ։
Արեւմտահայ
քաղքենին
—
Պարոնեանի
գործը
մեր
գրականութեան
(արեւմտահայ)
կարելի
քաղաքն
է
միւս
կողմէն
–
իր
ոսկեդարն
է
ունեցած
դրամէ,
գործառնութենէ,
չէն
ու
լայն
ապրումէ,
վաճառականութենէ,
բարքերի
ու
դասակարգային
հանգամանքներէ
այն
քառորդ
դարուն
մէջ
որուն
վերջին
տարիները
կ՚ընկղմին
1885ին,
չըսելու
համար
1890ին
խորերը։
Հարուստը,
այդ
քառորդ
դարուն,
աւելի
է
իբրեւ
դասակարգային
միութիւն
քան
ամիրան։
Մտաւորականը
կերպարանք
է
փոխած,
նետելով
ամիրայութեան
սպասեակի
իր
նուաստ
ծառայականութիւնը,
դառնալու
համար
հարստացած
քաղքենիին
մէկ
sosieն,
դրամէ
դուրս
հարցերու
կալուածին
մէջ։
Վարժապետութեան
ոսկեդա՜րը
նոյնպէս։
Արհեստաւորը
գտած՝
իր
մարդկային
արժանապատուութեան
զգայարանքը,
թուրքէն
որոշ
չափով
մը
պաշտպանուած։
Եկեղեցականը
վերակազմած
իր
հմայքը
զոր
ամրօրէ
վտանգած
էր
Զարթօնքի
սերունդին
ձախ
թեւը,
կրօնքի
վրայ
իր
որոշ
յարձակողականով։
Գիւղացի՞ն:
Չկայ
անիկա
Պարոնեանի
գործին
մէջ
ու
գիտէք
պատճառը։
Ահա
այդ
ընկերային
վիճակին
անմահ
ազատագրողն
է
Յակոբ
Պարոնեան,
գրագէտը
որ
այդ
ամենէն
անթառամ,
վճռական,
անփոխարինելի
վկայութիւններ
է
մեզի
կտակած։
Այս
թելադրանքը
կը
խնդրեմ
որ
տարածէք
դէպի
Զարթօնքի
մարդերը,
Ռոմանթիքները,
Դէպի
Իրապաշտները
խումբին
միւս
ջոջ
ներկայացուցիչները,
այսինքն
մէկուկէս
սերունդի
մեզի
ձգածին
մէջ
ճշդէք
գումարը
ազատուած
մթերքին։
Կատարեցէք
այդ
պարզ
վերածումը
ու
այն
ատեն
միայն
պիտի
ըլլաք
արդար
Յ .
Պարոնեանի
վաստակին
հանդէպ:
Իմ
ի՞նչ
փոյթ
փողփողէնէջ,
բոսորագեղ
արշալոյսներն
ու
վերջալոյսները,
փափկաթեւ
զեփիւռներուն
համբոյրը
կամ
վարդակարմիր
մայիսներուն
դալուկ
անուշութիւնները,
կոյսն
ու
լուսնակը,
եւ
կամ
մեր
գրողներուն
շփացուած
կենդանագիրներուն
տաղանդը,
կամ
ազգային
հանդէսները,
ատենաբանութիւնները,
երբ
այդ
ամէնը
անբաւական
պիտի
գային
ինծի
տալու
այդ
մարդերը։
Յակոբ
Պարոնեան
իր
սերունդնէ,
զինքը
կանխողը
նոյն
ատեն։
Անոր
ընդարձակ
գործին
մէջ
ընդարձակագոյն
մասը
կը
գրաւուի
իրաւ
մարդերէ,
իրա
ապրումներէ։
Բարքերու
վրայ
նուաճումը
ամենէն
աւելի
դիւրաւ
գործադրելի՝
վիպական
կալուածէն
ներս։
Պարոնեանի
կենդանի
պատկերները
կտորներ
են
ուր
աշխոյժը,
գիծերու
սրութիւնը,
տախտակներուն
արագ
արագ
շրջումը,
իրենց
զանազանութեանը
մէջ
մեզի
բերելու
կարելի
ամբողջութիւն,
հարազատութիւն
(բարքերէ,
տիպարներէ,
մտայնութիւններէ,
աշխարհէ),
արտայայտման
մէջ
պարզութիւնը,
յաջողակ
ճշգրտութիւնը,
սկզբնաբար
կը
խտանան,
արեւմտահայ
նորավէպը
ընելու
աստիճան
այդ
գրականութեան
երկրորդ
յաջողուածքը։
Անշուշտ,
քանի
մը
էջերու
վրայ
ինքզինքը
սպառելու
սահմանուած
այդ
պատառիկները
կեանքին
կնիքին
տակն
են
այդ
կարճառօտութեան։
Բայց
այդ
մեղքին
պատասխանատուն
տաղանդը
չէր
ապահովաբար:
Պէտք
չկայ
մեծաբարբառ
յայտարարելու
որ
վէպը
պայմանաւոր
է
կեանքին
հասակովը։
«Մեծ
ձուկը
մեծ
ծովի
մէջ»
ըսեր
է
մեր
ժողովուրդը։
Ու
այդ
մեծ
ծովը
չէր
մեր
կեանքը։
Կը
զգաք
անշուշտ
սլաքը
իմ
մեղադրանքին
որ
Պարոնեանը
չունի
առանձնաբար
նկատի։
Անիկա
ուղղուած
է
ամբողջ
հայ
վէպին
(արեւմտահայ
ինչպէս
արեւելահայ)։
Ինչո՞ւ
մեր
վէպը
չըլլայ
փառասիրած
մեծ
տռամաները
աւելի
մեծ
կեանքերու։
Բայց
հարցումին
հետ
արդէն
դուրս
ենք
իրականութեան
գետինէն։
Ըսեր
եմ
տեղ
մը
այդ
մեծ-ժողովուրդ՝
մեծ
արուեստ
բախտաւոր
տարազին
իրաւ
կշիռէն
ու
չեմ
եղած
միամիտ
պզտիկ–ժողովուրդ՝
մեծ
արուեստ
տարազին
ալ
պատրանքէն։
Արուեստի
հարցերը
կեանքին
հետ
կը
դրուին
բայց
չեն
հպատակ
համարողականին
որ
հիներուն
մօտ
մաթեմաթիք
կը
նշանակէ
ու
նորերուն
համար
գիտութիւնն
է
ամբողջական։
Պարոնեան
կրցածն
է
որ
ըրած
է,
այսինքն
տուած
է
ինչ
որ
կրնային
ընդունիլ
իրմէ:
Ու
մեր
հասարակութիւնը,
իր
շրջանին,
ատկէ
աւելին
անգիտացած
է
արդէն։
Համբաւնե՞րը,
որոնք
շինած
է
սակայն
անիկա
փաղանգին
մեծ
միութիւններուն։
—
Աս
ալ
ուրիշ
դժբախտութիւն։
Թէրզեանի
մը
վարկը
իր
քերթուածներէն
չէր
գար.
վստահութեամբ
կ՚ըսեմ՝
ասիկա,
քանի
որ
զանոնք
կարդացողները
վարժապետներն
էին,
քիչիկ
մըն
ալ
տղաքը,
իր
աշակերտները։
Ու
հանգիտօրէն,
վարկածը,
գործադրելի
Նար-Պէյին,
Չերազին,
Սեթեանին
եւ
այլն։
Այս
փառքերը
կը
նմանին
սունկին
որ
չի
կրնար
չբուսնիլ
երբ
կան
տաք
հողն
ու
խոնաւ
ջերմութիւնը:
Վիպասան
Պարոնեան
մը
նորութիւն
մը
չէ,
վիպասան
Երուանդ
Օտեանի
մը
հետ
համեմատած։
Տասներկու
տարի
Պոլսէն
դուրս
ը
վէպ
մըն
է,
այսինքն
քրոնիկ
մը,
ուր
դերակատարները
իրաւ,
ապրած
մարդերը
կու
տան։
Օտեանին
վաւերական
այդ
գլուխ
—գործոցը
չունի
իր
cortègeը։
Պարոնեան
նոյնիսկ
Հոսհոսի
Ձեռատետր
ին
մէջ
փոքր
պատկերները
հանդիսաւորող
գրագէտն
է։
Ահա
թե
ինչու
կ՚արժեւորեմ
այդ
պատառիկները,
այն
հսկայ
բանին
ալ
հետ
որ
առանձնութիւնն
է
Պարոնեանին
այդ
աշխատանքին
մէջ։
Չերազի
հատակոտոր
տպաւորապաշտ
էջերը
չեն
որ
1870ը
պիտի
ըլլային
փրկած
կորուստէ,
ոչ
ալ
Մամուրեանի
Հայկական
Նամականի
ն։
Ո՛չ
ոք,
այդ
օրերուն,
Պարոնեանէն
դուրս,
այդքանն
ալ
այդ
կեանքէն
մեզի
կտակող։
ի
վերջոյ
այդ
քառորդ
դարու
Պոլիսը
ո՛չ
Թէրզեանին,
ո՛չ
Տիւսաբին,
ո՛չ
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեանին
եւ
կամ
Պէրպէրեանին,
ասկէ
փառաբանուած
Գարագաշին
մէջն
է
որ
մեզի
կ՚ըլլայ
մատչելի
եւ
գէշ
կամ
աղէկ,
գէր
կամ
նիհար,
անբաւարար
կամ
բաւարար
չափով,
այդ
քառորդ
դարը
կայ,
գրեթէ
ամբողջ,
միշտ
Էտիրնեցի
պարզուկ
տոմարակալին
գործին
մէջ։