Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Զ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ  ԱՇԽԱՐՀԸ 

Տիպարներու, բարքերու, հեգնութեան նկարագիրներու վերլուծմանց մէջ ինծի տրուեցան պատեհութիւններ այդ աշխարհը կազմող այդ զանազան միութիւններուն շուրջ ընել հիմնական քանի մը թելադրանքներ: Հոս, նկատի ունիմ տարբեր տարողութեամբ աշխատանք մը, վասնզի գրագէտի մը աշխարհը թէեւ պայմանաւոր է իր բաղադրիչներով, բայց ժամանակին մէջ կը ստանայ իր տեսակարար կշիռը: Մաշումը, փոշիացումը գրական աշխարհին համար ալ իրաւ երեւոյթներ են։ 1950ին, բայց մանաւանդ 2000ին թերեւս տիպար, սարք, ստեղծագործ ուժ տարազներուն տակ այսօր մեր գտնել յաւակնած սուր, կարկառուն, կենդանի կտորները կեանքին ըլլան տժգունած, հանգչած։ Պալզանքին համար այս կերպ յարդարանք մը իրականութիւն է այսօր։ Իր մանրամասնութիւններուն մէջ նուաղած, փոշիացած, իր ամբողջութեան մէջ Պալզանքի գործը կը տպաւորէ հսկայական յիշատակարան մը ինչպէս, որուն ամբողջ ծանրութիւնը հեռուէ հեռու միայն կը զգանք։ Անհատները անոր վէպէն վաղուց կորսնցուցած են իրենց ցայտուն գիծերը։ Բայց Պալզաքի աշխարհը շքեղ փառք մըն է, գեղեցկութիւն մը, շտեմարան մը, մարդկային կեանքի բազմազանակ կերպարանքները համադրող։ Մեր գրականութիւնը զուրկ է այդ բախտէն ու բարիքէն։ Աշխարհնե՞ր՝ գործերը Ռաֆֆիի, Շիրվանզադէի, Զօհրապի, Մուրացանի, Նար–Դոսի, Շանթի, Տիկին Եսայեանի, այսինքն մեր ամենէն քանքարաւոր վիպասաններուն։ Պատասխանը պարզ է։ Անոնք մասեր են մեր կեանքէն։ 

Ձեզ կը հրաւիրեմ՝ ուրեմն մեր նոր գրականութեանց վրայ բաւական թափանցող, նոյնիսկ քիչիկ մը համապարփակ նայուածք մը արձակելու եւ ձեր տպաւորութիւնը, առանց այլեւայլի, ուղղակի ճշգրտելու այդ համապատկերներուն դիմաց։ Նպատա՞կը սա թելադրանքին։ Դարձեալ պարզ բան մը, այսինքն այդ գրականութեանց մէջ մտատեսութիւն մը առնել (intuition) այն երեւոյթէն որ կեանքն էր այդ ժողովուրդին, անշուշտ նոյնքան իրաւ երբ այդ գրականութիւնները կ՚ընէին իրենց սկիզբները, վարանոտ, միամիտ, վախկոտ, կ՚անցընէին իրենց մանկունակ, խանդոտ, անհակակշիռ քառորդ դարերը, կը հասուննային, կը խելօքնային, ծնունդ տալու իրապաշտ երիտասարդութիւններուն, երկու հատուածին մէջ ալ, առոյգ, կորովի, գեղեցիկ։ Հոս չեմ կանխեր կամ կրկներ հիացման, վերգնահատման խօսքեր ջոջ որքան համեստ անուններէ մեզի հասած ժառանգութեանց մասին։ Իմ առաջադրութիւնն է իր բոլոր փառքին, լոյսին, բարիքին մէջ ցուցնել այն աշխատաւորը ոչ բուն գործէն իմ ժողովուրդին այդ ապրումները դառնային ինծի, ոչ միայն կարելի հարազատութեամբ, այլեւ արդար ընդարձակութեամբ, ժամանակին մէջ բիւրեղանալու ճակատագրով մը: Բայց ատկէ առաջ, սա խելամտումը ընելու համար աւելի հանգամանաւոր, կուտամ մէկէ աւելի անուններ, ամենէն մեծահամբաւներէն, որոնց գործին ետին դուք արտօնուէիք սկիզբը թելադրուած աշխարհը զգալու, կամ գիտակցէիք ասոր անկարելիութեան, առնուազն անկատարութեան։ Կասկածէ դուրս են տաղանդները, չըսելու համար հանճարները Պ. Դուրեանին, աւելի համեստ չափով մը Պէշիկթաշլեանին, բայց որքան քիչ, խնդրական` անոնց աշխարհները։ Ծաւալի հարց չեմ յուզեր, քնարերգակներու հետ, բայց կը պահանջեմ համբաւներուն համապատասխան բարիք։ Արդ, ո՞վ կայ երկու քերթողներուն դիւաններուն ետին։ Ո՞ր կողմերը իմ ժողովուրդին այդ գործերէն ներս ինկած են սեւեռման: Անշուշտ կայ երկուքին ալ անձը, նոյնիսկ հանգամանաւոր ապրումներով։ Բայց ծանր վերլուծումներ են հարկաւոր այդ անձերը տարածելու իրենց ժողովուրդին: Քաղցրութիւն, թախիծ, պատկերի կիրք, երազայնութիւն, քիչիկ մը Պոլիս, հիւանդութիւն, սէր, մահ, ասոր ծարաւը: Բոլորն ալ անձով մը պայմանաւոր։ Ուրի՞շ։ Այսինքն 1870ի մեր երիտասարդութիւնը, մեր կեանքին բազմազանակ երեսնե՞րը։ Կարճ` հանդէ՞սը մարդոց որոնք տրուած ժամանակէ մը ընկերութիւն մը կը յօրինեն իր բոլոր տագնապներովը, կսկծագին կամ քաղցր ապրումներովը։ Այս հարցումներու պատասխան չունին երկու իրաւ բանաստեղծներու դիւանները։ Տասը տարի ճարեցէք Մեծ Ռոմանթիքներուն մահէն ասդին։ Պիտի հանդիպիք շրջանին ու քիչ մեծահամբաւ փառքերուն։ Թէեւ չէ կատարուած փորձ մը համախմբելու Եղիայի վաստակը, բայց այնպէս ինչպէս կը պառկի անիկա հանդէսներու եւ օրաթերթերու ծոցը, քիչիկ մըն ալ իր աղքատախնամ պրակներուն, քիչ, չըսելու համար անկշիռ` մարդերու հանդէսը, Եղիայի նման իրաւ տաղանդ մը ազատագրելու բաւող։ Ծերե՞նցը։ Հայոց Պատմութենէն, աս ալ այնքան գէշ ու քիչ հասկցուած, իւրացուած սանկ քանի մը դրուագային ներկայացումներու յարդարիչ։ Տիւսա՞բը։ Կիներու եւ մարդերու այլանդակ շուքեր: Չերա՞զը։ Բարի եղէք զինքը իր քերթուածներուն եւ խոհերուն ետեւէն արձակելու։ Ուրի՞շ։ Թէրզեա՞նը, Սէթեա՞նը, Աճէմեա՞նը, այսինքն Պարոնեանի սերունդին դափնեպսակ փառքերը: Գիտեմ՝ որ ձեր մտքին կուրուանայ մեծ Մամուրեանը, բայց ուրուականներուն եւ իրաւ մարդերուն տարբերութիւնները ապառիկ գործողութիւններով չի նուաճուիր։ Մօտ կէս դար գրիչ շարժող, պայքար ապրող այդ լրագրողին ալ պակսեցաւ աշխարհի մը ճարտարապետը ըլլալու բարիքը: Այն ատե՞ն: Ուզենք չուզենք մեր ժողովուրդը իր կարելի լիութեան եւ զանազանութեան մէջ գտնելու համար, պիտի դիմենք միշտ ու միշտ Էտիրնեցի պարզուկ տոմարակալին գործին։ Պարոնեան այն մէկ հատիկ գրողն է մեր մէջ որ մեզի աշխարհ մը ըլլայ ձգած ։ 

Անմիջապէս կ՚աւելցնեմ որ սա աշխատութեան ընթացքին աշխարհ բառը կը գործածեմ մեզայատուկ, համեստունակ առումով մը, թէեւ այդ բառը ըլլար թելադիր ընդարձակ տան գիտութիւններէ [1] Պալզաքներու, Տիքընզներու, Տայսթայէվսքիներու, Զոլաներու իրագործումներէն։ Պարտաւոր եմ ամփոփուելու, այդ շքեղ անուններուն զուգորդ եւ իսկապէս ստեղծագործուած (արուեստով) աշխարհէ մը ցանկալի, կսկծագին իմ կարօտը միայն հոս արձանագրել. Պարոնեանի վիպական, թատերական յօրինումներուն մէջ այդ հրաշքէն ոչ մէկ նշոյլ։ Բայց մեծ կղեր մը ըլլալու կարիք չկայ, գիտնալու համար որ ամէն իրաւ արուեստագէտ եթէ ոչ աշխարհ մը կը փոխակերպէ, գէթ աշխարհ մը կ՚անդրափոխէ (transposer)։ Մարդերը շուտ կը փոխուին իրենց արտաքինէն։ Պարոնեանի մարդերը այդ վախը չունին, քանի որ չեն սեւեռուած իրապաշտ թէքնիքով  (Պալզանքի իրապաշտ սեւեռումները անոր գործին մեռած մասը կը կազմեն։ Ընթերցողը կը ցատկէ անվերջանալի նկարագրութեանց վրայէն որոնք 1880ին այնքան յաւակնութիւններ կը պաշտպանէին), բայց չեն ալ դիմանար, երբ իրենց հայութեան տեղ փորձենք աւելի ընդարձակ նկարագիրներ համամարդկային հագցնել իրենց։ Պարոնեանի աշխարհը ուրեմն չի նմանիր մեծ արուեստագէտներու, տեսանողներու ստեղծած այն կառոյցներուն որոնք կ՚ամբարտակուին ժամանակի մը կեանքին վերեւ, զայն կ՚անցնին շատ մը dimensionներէ (երբեմն նորեր թելադրելով Ռուսօ, Շաթոբրիան) ու ժամանակն ի վեր տակաւ կը բիւրեղանան, կազմելու համար ազգերու հոգին, մշակոյթը, անհատականութիւնը ու այդ ճամբաներով իջնելու համամարդկութեան մեծ փառքին։ Պա՞րզ, սա խօսքերուն ալ տարողութիւնը: Իմ կշիռը, Պարոնեանի հետ ու համար, ստիպման տակն է ընդունելու արեւմտահայ չեմ ըսեր նոյնիսկ հայ գրականութեան ընդհանուր տուիքներուն ճնշումը, դերը, արտօնութիւնը, գէթ մինչեւ իր մահը։ Այն ատեն է միայն որ այդ վաստակը կ՚ըլլայ անդրփոխումի շրջանը լեցնող մարդոց, մտայնութեանց որոնք մարդերէն բխող բայց երբեմն անոնցմէ աւելի իրաւ են, դիմացկուն, աղետաբեր, բարքել ու որոնք կեանքին կաղապարները կրնան նկատուիլ, դարերու յեղաշրջմամբ մը կազմուած ու դարերէ խօսող նոյն ատեն։ Դիւրին է շարել տակաւին ուրիշ ալ կաղապարներ որոնք կը տեղաւորուին շրջանի մը ընդհանուր նկարագիրներուն տարտամ յղացքին ետին։ Այնպէս դասաւորուած, սահմանագծուած, համեստացած, Պարոնեանի աշխարհը, չդիմանալով հանդերձ զուգակշիռի մը օտար մեծ իրագործումներու հետ, կը դառնայ ամենէն իրաւ, ընդարձակ վկայութիւնը սակայն իմ ժողովուրդին։ Ձեզ չեմ ղրկեր մինչեւ Ե. դար, Պարոնեանի ձգածին հաւասար աշխարհ մը գտնելու, մեզի եկած մեր հին մատենագրութեան մթերքին մէջէն։ Ձեզմէ չեմ ալ ծածկեր ուրիշ վկայութիւններ (արեւելահայ գրականութիւնը մէկէ աւելի փաստեր կ՚ընծայէ Ռաֆֆիի, Մուրացանի, Շիրվանզադէի գործերով ուր մեր ժողովուրդէն մասեր ինկած են սեւեռման)։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր կարգին մեզի կ՚ընծայէ ուրիշ վկայութիւններ։ Ունինք Իրապաշտներու վաստակը, Թլկատինցիի, Համաստեղի, Օշականի գործերը։ Բայց երբ ուշադիր պրպտէք այդ ամենուն մէջ աշխարհի մը dimensionները, պիտի զգաք որ այդ ամենը անբաւական են հակակշռելու ինչ որ Յակոբ Պարոնեանով շահուած է, քարտիսագրուած այս ժողովուրդի հոգեդաշտէն։ Ահա թե ինչու, երկրորդական սեռի մը աշխատող, գրելու տարրական շնորհներով միայն նպաստաւորուած, ոչ մեկ բան ստեղծած լրագրող մը գրեթէ, ես, առանց խղճահարութեան, կը կանչեմ արեւմտահայ գրականութեան փառքի ամենէն ամուր պատուանդաններուն։ Ճիշդ է, Յակոբ Պարոնեան գրեթէ չէ ստեղծած։ Բայց անիկա այն մէկ հատիկ գրողն է որ անհուն բան է տեսած այս ժողովուրդէն։ Ու աշխարհը ուրիշ քիչ բան է, իր պարզագոյն եզրին ներսը։ 

Այս զեղջումէն, աւելի պարկեշտ բառով մը` զետեղումէն վերջ, որով Պարոնեանի իմաստը կը բերուի իր ու մեր բնական պայմաններուն, ինծի կը մնայ իր մեծ գիծերուն մէջ արժեւորել Պարոնեանով փրկուածը: Ընթերցողը կ՚անդրադառնա՞յ, սակայն թէ այդ մասին կանխող էջերու մէջ եղած է որոշ աշխատանք։ Մեզի ծանօթ են իր հեգնութեան նկարագիրներուն ընդմէջէն դասակարգը, շրջապատը, բարքերը, որոշ խաւերը, մտայնութիւնները: Իրենց թուղթի կապուած օրերուն մարդիկ այդ պատկերացումները գնահատեցին իրենց առօրեային կիրքովը, տագ նապներովը։ Մեր օրերուն այդ առօրեան չի պաշտպաներ Պարոնեանի յօրինումներուն ստիպողութիւնը, վաւերագրական կշիռը, հրապարակը յուզելու շատ զօրաւոր շնորհը։ Մնաց որ Պարոնեանի աշխարհը կը նմանի մշտամշուշ երկրամասի մը։ Տեւական ծաղրը ոչ միայն մթնոլորտ մըն է այդ աշխարհէն, այլեւ բնախօսական պայման մը, եթէ վայել կը գտնէք փոխաբերութիւնը։ Բայց գրագէտին հզօր տուրքերը անդադար կը միջատմտեն որպէսզի կատարուի անհրաժեշտ սրբագրումը, մենք տանք, առանց ծանր ժամավաճառութեան, ծաղրին բաժինը ծաղրին ու պահենք հաստատ գիծերը, որ կը գոյաւորէ մշակոյթները։ 

Պարոնեանի աշխարհին մէջ ահագին թիւ մը կար մարդոց. թելադրեցի այդ հարստութեան արժէքը իր տեղը (բարքերու բաժին)։ Թէ այդ մարդերը չէին բարձրացած ծանր, տիպարային, ընդարձակ իմաստներու, դարձեալ հանգամանք մըն էր որ կու գար մեր տրամադրութիւններէն։ Տարէք իր տաղանդը ամբողջ, միջոցներով յղփացած ընկերութեան մը մէջ ուր գրագէտը առնուազն անարձագանգ մենաւորը չապրէր, այլ, ինչպէս պատահած է Տիքընզին համար (The Adventures of Mr. Pickwick), արթնցնէր կենդանի, համակրագին հետաքրքրութիւն, թերեւս  Պարոնեան պիտի ձգած ըլլար Մեծապատիւ Մուրացկաններ մը, շատ աւելի ամբողջ իբրեւ բարքերու մթերք եւ մշակուած տիպարներու հանդէս մը: Պարոնեանի համար կ՚ըսեն թէ կը հասկնար իտալերէնը։ Կոնտոլի՞ն: Չեմ երթար առաջ։ Ա. Քառի (A. Karer) Պիծակները (Guêpe) կարդացա՞ծ էր, որպէսզի հանրային կեանքի հանդէպ ցոյց տար այնքան կրքոտ հետաքրքրութիւն։ Գիրքեր նուիրած է Պարոնեան մտայնութիւններու։ Ըսի թէ որքան բուռն էր իր շահագրգռութիւնը ազգային շրջանակներէ։ Թէեւ Դեպի Իրապաշտները խումբին հասարակաց է կեցուածքը հանրայինին հանդէպ, բայց Պարոնեան մէկ հատիկ է իր ընկերներէն որ այդ կեցուածքը ըլլայ վերածած մահու եւ կենաց պայքարի մը։ Ութիւճեան կէս դար հոլովեց իր Մասիս ին ներսը, դուրսը, շուքին, համբաւին ետին։ Ունինք Եղիան որը իր ճիղճ պրակները պիտի սնուցանէ իր արիւնովը։ Եւ ունինք Պարոնեանը որ իր չորս թերթերը ( Մեղու, Եփրատ, Թատրոն, Խիկար ) կարգաւ պիտի վերածէ փառքի եւ անօթութեան բեմի մը, միշտ մէկ ու նոյն վերջաբանով որ իջնելն է վարագոյրին ի չգոյէ… ընթերցողին, կամ իշխանութեանց միջամտութեամբը: Խմբագիրը հասարակութեան տէրն է ու անոր ծառան։ Պարոնեան ոչ ոքի մօտ դիտուած կատարելութեամբ իրագործած է այս զոյգ դերերը։ Գիտէք թէ սարսափն էր մանրացած։ Անոր գրչին տակ իյնալը ճշմարիտ նահատակութիւն մը կը նկատուէր։ Անոր սաստը, ծաղրը, քննադատութիւնները ամբոխներուն գրական վայելքը կը կազմէին։ Ու այդ սաստը, ծաղրը, կսմիթները կը սնանէին մեր ազգային շրջանակներով ։ Ահա թէ ո՞ւր է ծանրութեան կեդրոնը Պարոնեանի աշխարհին։ Վիպասանն ու թատերագիրը արտաքին իրականութեան հետ պարտադիր կապեր կրնան չունենալ։ Երգիծողը այդ իրականութեան ապրանքն է։ Անոր հետ իր ընտանութիւնը ոչ միայն պայման էր գործին, այլեւ կապանք, սահման` գրեթէ: Այս կերպով է որ ազգային իրականութիւնը տարածեցէք բառերը, ընդգրկելու համար մեր կեանքին ամենաէական արտայայտութիւնները, բայց ամենէն աւելի հանրային բնոյթ մը պարզող կողմերը գտած է ամբողջական անդրադարձ մը իր մօտ, ոչ ոքէ հաւասարուած ընդարձակութեամբ մը մասերէ, կենդանութեամբ մը ոգիէ, բազմազանութեամբ մը ձեւերէ, կերպարանքներէ։ Մարդերուն հետ ուրեմն ու անոնց քով ի վեր, մենք պարտական ենք Պարոնեանի փրկութիւնը իմաստի այն կեանքին ալ որ իբրեւ անգայտ իսկութիւն ընկերութեան մը, մշակոյթի մը մէկ շրջանը կ՚որոշադրէ։ Գրական, բարոյական, ազգային, ընկերային գաղափարագրութեանց այն ցանցը որ կ՚ընդգրկէր մեր ժողովուրդին միտքը, կանխող դարու կէսերէն ասդին, մինչ եւ իր մահը։ Կը հասկցուի՞ թէ, այդ իմացականութեան կեդրոնական վառարանը Պոլիս ըլլալուն, Պարոնեանով սեւեռուածը մեզի բերէր առաւելապէս այդ Պոլիսը [2] ։ Ուրեմն ինչ որ արեւմտահայ գրականութիւն անունին տակ համադրողները կ՚ուզեն տեսնել, այսինքն մեր հաւաքական զգայնութիւնը, հաւատքը, յոյզերը, կեանքը ընդունելու մասնայատուկ եղանակը, կարճ բառով մը` ոգին, մեր օրերէն կէս դար առաջ կազմած է յատակը, խմորը Պարոնեանի աշխարհին։ Մեծ գրագէտ մը միշտ ազգային գրագէտ մըն է: Բայց ատկէ առաջ՝ հակազդեցութիւն մըն է: Ատկէ առաջ՝ առհաւութեան բեւեռայնացում մըն է։ Թէ այդ աշխարհը (Պարոնեանին, այսօր որոշ  երանգներ չ՚արտացոլեր համադրական Պոլիսէն, կուգայ այս պարագան նման տագնապի մը զգայութենէն։ Հակառակն է որ ճիշդ պիտի ըլլար։ Զարթօնք ու Ռոմանթիք սերունդները ազգային մասնայատկութեանց աղօտացումը, աւելի միատարր, բարձրորակ իմացական մակարդակ մը հետապնդեցին։ 1870-ին ՀԱՅԸ ԱՅԴ ՊՈԼՍԵՑԻՆ Է, այսինքն տիպարային միջին մը, կազմուած նոր իմաստին քուրային մէջ, ինչպէս կը հաւատային իրագործած ըլլալ Վենետիկը, Վիեննան, Պոլիսը, հազիւ յիշելով որ երեք այս կեդրոններուն մէջ ազգային տարրը այնքան աննշան էր իբրեւ քանակ, նոյնիսկ որակ: Ուզենք չուզենք այդ Պոլիսին կարելի բոլոր կերպարանքներուն իբրեւ ալպոմ, պիտի ընդունինք Յ. Պարոնեանի գործը։ Պոլիս մը, ամբողջական, իբրեւ բարք ու իբր իմաստ։ Իբր ստեղծում ու իբր զարգացման պրոցես ։ Իբրեւ հին ժողովուրդի մը վերանորոգ ընձիւղ։ Յետոյ, թերեւս աւելորդ չըլլայ դիտել տալ որ Պարոնեանի գրեթէ բոլոր գործերը ( Ազգային Ջոջեր, Մեծապատիւ Մուրացկաններ, Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերուն մէջ, Հոսհոսի Ձեռատետրը, Թատրոն ին եւ Խիկար ին հաւաքածոները) ամենալայն չափով, կազմուած են իմացական հանգամանքներէ, բոլորն ալ շրջանի անդրադարձումներ: Անշուշտ պուտ մը բողոքական տագնապ կրնայ կենալ Սիրաք եւ Սամուէլ բարոյախօսութեան յատակը: Բայց այդ պուտը, պզտիկ երանգի մը այլացումով, դարձեալ գոյ է Գեղեցիկն եւ Գեղարուեստք ճառին ներսը։ Ըսել կ՚ուզեմ` 1870-1880ի շրջանին ուր Պարոնեանի ստեղծագործութեան ամենէն հաստատ մասը կը գտնենք իրացած, մեր գրականութիւնը, եկեղեցականութիւնը, վարչական բազմատեսակ հաստատութիւնները, մեր յաւակնոտ վարժապետութիւնը, մանաւանդ լրագրութիւնն ու երեսփոխանութիւնը հեռուէն դիտողներուս համար այսօր կը պարզեն տեսակ մը նոյնութիւն, նմանադրութիւն, կը հետեւի թէ զայն, այդ շրջանը սպառիչ ձեւով մը ճանչնալու մեր ջանքին մէջ մենք պիտի վարձատրուինք լիուլի այն գործէն ուր այդ ամենը քով քովի եկած են երբեմն իբրեւ ուղղակի ազդակ, երբեմն իբր արձագանգ։ Ծաղրանկար ջոջ մը ոչ միայն մարդ մըն է, այլեւ գումար մը վերի վիճակներէն։ Պարոնեան մարդ պատրուակին տակ առանձացուցած է ուրեմն բարոյական յատկանիշներն ալ: Ծիծաղ ին մէկ ակնարկութիւնը, դատաստանը, այդ պատրանքով կը դառնան շրջանային խոստովանութիւններ։ Խիկար երբ կը մտածէ, կը խայթէ կամ կը ծաղրէ, անջատ միութիւններու հանդէսէ մը չի գար կամ չ՚երթար անոնց: Այդ ամէնը` անիկա կ՚առնէ համապատկերէն որ շատ  աւելի հանգամանաւոր կերպով մը կը նպաստաւորէ գրագէտը։ Հեգնելը թէեւ դժուար բայց համապարփակ արարք մըն է։ Պարոնեան ամենէն շատ տեսած, լսած, առած գրողն է իր խումբին ու չէ դաւաճանած իր ստացումներուն։ Անշուշտ տեսնելը, լսելը, առնելը հասարակաց գործողութիւններ են։ Բայց փնտռեցէք զանոնք իր ընկերներուն ալ մօտը: Մատթէոս Մամուրեան ոչ միայն ունի Պարոնեանին Պոլիսը, այլեւ Ֆրանսան, Անգլիան եւ Իզմիրը, այսինքն մեր օրերու քաղաքակրթութեանց կարելի համադրութիւնները։ Տեսածնե՞րը՝ այդ ամենէն։ Դուք կը գտնէք զանոնք Նամականի ներուն մէջ որոնք լեցուն են առատ եղջերուաքաղով, պուտ մը անձնական դիտողութեամբ հազիւ բարեխառնուած։ Սուտ են, աններելի ստութեամբ մը, Անգլիական Նամականի ին բոլոր մարդերը, բոլոր նկատողութիւնները, բոլոր արարքները: Անկարկառ են Հայկական Նամականի ին բոլոր դէմքերը, միջավայրերը, մտայնութիւնները։ Եւ սակայն Մատթէոս Մամուրեան խումբին ամենէն ապրած, զարգացած, պարկեշտ անձնաւորութիւններէն մէկն էր։ Անշուշտ, երբ Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան կը գրէին, կը ճառէին Պոլսոյ թերթերուն ու լսարաններուն մէջ, ունէին իրենց միտքին առջեւ մտածումներու ցանց մը, իրենց մարմիններուն շուրջն ալ մտիկ ընողներու խումբ մը։ Բարի եղէք այդ մտածումները եւ այդ մարդերը մտապատկերելու, անշուշտ մեկնելով այդ ամենն արձագանգներէն, այսինքն գործերէն: Ո՞ր ժողովուրդին կը խօսէր Չերազ։ Իսկոյն ստիպուած էք բանալ Գրական Փորձեր ը, Գրիչ եւ Սուր ը, Կրթական Ճառեր ը, բոլորն ալ տաքը տաքին քանի մը տեղ խօսուած, տպուած։ Ձեր գտա՞ծը այդ հատորիկներէն ներս։   Նոյնինքն ը, այսինքն Մինաս Չերազ պատանին որ պիտի լեցնէ այդ հատորիկները իր չունեցած խելքովը, չապրած զգացումներովը։ Կրկնեցէք փորձը Եղիային, Պէրպէրեանին համար: Ու պիտի համոզուիք որ փոխանակ մեր ժողովուրդը գտնելու, դուք պիտի յոգնիք այդ երիտասարդներուն մեծ փառասիրութիւններէն։ Ու բացէք հիմա Պարոնեանէն որեւէ գիրք, պատառիկ մը նոյնիսկ։ Ձեր գտա՞ծը: Բայց ձեր ժողովուրդը. երբեք՝ Էտիրնեցի տոմարակալը։ Ահա թէ ինչ կը նշանակէ գրագէտի մը աշխարհը: Պարոնեան իր գրագէտի տաղանդը չէ մշակած։ Չունէր այս արարքին համար ոչ բախտին ձեռքը (եւրոպական համալսարան մը կրնաք դնել տեղը այդ ձեռքին), ո՛չ ալ կեանքին clémenceը։ Անոր օրերը անցան հացին ու ցաւին տագնապներուն մէջ։ Անոր միտքը զարկին մեր հրապարակին բոլոր լրբութիւնները, գրականէն մինչեւ ընկերայինը։ Ու հակառակ այս ահաւոր արգելքներուն, դարձեալ անիկա մինակը եղաւ որ իր աշխարհը ազատագրեց սուտ ու փուտէն։ Ի՞նչպէս չմտածել ազնուական տիկինին որ այդ բախտին տասը, քսան մատները ունեցաւ իրեն համար բարեհաճ, ունեցաւ իր մարմինին հրաշքը, որ իրեն կ՚արտօնէր թափանցումն ընել բարձր ընկերութեանց մթին խորհուրդէն ներս, հարստութիւնը որ գրողի մը մօտ ժամանակ կը թարգմանուի։ Ձգա՞ծը: Բացէք իր վէպերը ու մի ցաւիք եթէ կրնաք: Թերեւս Պարոնեանի աշխարհին սա ուրուագրումը տառապի գրական սեռէն իսկ բխող ազդակի մը ներքեւ: Ըսի թէ անոր արգիլուած էր ազատ ստեղծագործումը։ Վիպասան մը երկրորդ իր աշխարհը յօրինելու ատեն զերծ է բոլոր հարկադրանքներէն որոնք երգիծողի մը տաղանդը կը ձգեն իրենց լուծին։ Բայց դիտեցէք ուշադրութեամբ, պիտի գտնէք որ ծաղրանկարը, սուր երգիծանքը, մնայուն հեգնութիւնը, nրոնք ոչ միայն յատակ այլեւ մթնոլորտ են Պարոնեանի աշխարհին, բարեբախտաբար չեն վտանգեր այդ աշխարհին տեղագրական ճշդութիւնը, կը յարգեն բոլոր մասնայատուկ գիծերը համայնապատկերին, ու կ՚ընեն աւելին, մեր ռոմանթիզմին, բանապաշտութեան ոսկեդարուն, ասոր ահաւոր ախորժակներուն դէմ ու մէջ, պաշտպանելով, ազատագրելով լերկ իրականութիւնը։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար Պարոնեանի Ազգային Ջոջեր ը, վէպերէն քանի մը տիպարներ, քրոնիկներէն մէկ երկու հատուած ենթարկել մանրամասն վերլուծման, այն եղանակին որուն ընծայումը ըրած եմ գրական ուրիշ էջերու վրայ։ Գ. Արծրունին ինձմէ վեց պահ առաւ, դասարանի մը մէջ։ Խմբագրին տեսակցութիւնը ( Մեծապատիւ Մուրացկաններ ) քանի մը պահ արժեց, դարձեալ դասարանի մը մէջ։ Էջ մը Խիկար ի օրագիր` ազգային կեանքի, պատմութեան լիակատար գլուխ մը ինչպէս կ՚արժեւորուի իմ եղանակին վրայ: Այս ամենուն փաստը ան՝ որ Պարոնեանի մէկ էջին այնքան խտացած աշխարհ կայ որքան չկայ այդ աշխարհը խումբին որեւէ գրողին գիրքին մէջը։ Աւազէն ծառ ու ցորէն չի բուսնիր։ Պեղեցէք Եղիայի, Պէրպէրեանի քրոնիկները: Ձեր գտնելիքը դէմքի մը, դէպքի մը կմախքն է։ Բացէք Նար-Պէյ ը (Պարոնեան). ձեր գտնելիքը ամբողջական շրջան մըն է, մարդ մը, արժանիքներու եւ փոքրութեանց հանրահանդէս մը: Տեղը նեղ է ինծի, Պարոնեանի մէջ մեր իմացական աշխարհը պարագրկելու: Կը գոհանամ հիմնականներով։ Պարոնեան կը մտածէ միջինը իր ժամանակին ամբողջական մտածումին։ Բոլոր  հարցերը, որոնց վրայ նետած է իր աստուածային ծաղրին քղամիթը, իրեն ծանօթ են նոյն պայծառութեամբ որքան ուրիշ արիւնէ մէկուն։ Նոյնիսկ գիտէ աւելին։ Գրական քննադատութիւնը կալուած մըն է ուր խելքը, հմտութիւնը, դատաստանումը, ողջմտութիւնը, գրել գիտնալը նախապայմաններ կը մնան։ Արդ, այս Էտիրնեցի միշտ պարզուկ տոմարակալը գիտէ դատել Եղիան, Տիւսաբը, Uէթեանը, Մամուրեանը, այս անուններով թելադրելի գրական մեծադղորդ, բազմակնճիռ հարցերը բա՜ց են իրեն։ Միտք պահեցէք ասիկա։ Ծաղրած է ոտանաւորը, այսինքն զայն գրելու տնավարի, արձակունակ յղացքները։ Պարոնեան կը դատէ, իմացական մարզէն դուրս ազգային կեանքին բոլոր դերակատարները, այս անգամ՝ իբրեւ թելադրանք: Քիչ բառ կայ այնքան իրաւ ծաղրանկար որքան ազգային երեսփոխանական ը զոր ծիծաղելի լինելու առիթները ամէն օր, ամէն տեղ կը ստեղծէ, առանց տառապելու (գիտէք որ երեսփոխան ալ եղած էր)։ Ժողովականներ։ Լրագրողներ: Եկեղեցականներ, պետական պաշտօնատարներ, փաշաներ, փաշացուներ։ Բժիշկներ ու փաստաբաններ։ Ուսուցիչներ եւ ուսուցչապետներ։ Բոլոր աւագորեարը: Կը չափէ ամէնքը։ Ու կը զգաս որ իր կշիռը միջին արժեքն է այդ օրերու ողջամիտ խորհողին։ Ու կը յիշեցնեմ ձեզի որ հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին ամենէն շքեղ որակականը զգօն, զգաստ, խոհեմ, համեստ բառերով էին պայմանաւոր։ Պարոնեան կը դատէ բարոյական սա հասկացողութեամբ տոգորուն իր աշխարհը երբ այսքան ձեռնհասութեամբ, բնականութեամբ (ինք մէջն էր, մասն էր այդ աշխարհին, մինչ Օտեան դուրս էր այդ աշխարհէն) տկար չի գար դուրս ուրիշ ալ կալուածի մը վրայ, դիւանագէտներուն, լրագրողներուն, քաղաքական հարցերու նրբիմաց իմաստակներուն ալ աշխարհին վրայ։ Չեմ գիտեր թէ եղա՞ծ է որեւէ գրող (հայ ինչպէս օտար) որ ըլլայ սեւեռած թուրքը, իր կատարելութեամբը։ Եւրոպացիներէն կարդացած եմ բոլոր կարեւոր ճամբորդները, Լամառթինէն մինչեւ Քէյզերլինկ։ Կը յայտարարեմ թէ հարիւր տարիներու վրայ երկարող այդ կարծեցուածութիւնը թուրքին մասին, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ վճարել գովեստ։ Պարոնեան բոլորէն ալ իրաւ տեսած է թուրքը, ու ոչինչ կայ հոս արտակարգ։ Լամառթին փոյթն ունէր իր ագարակին (թուրքերը անոր շնորհած էին ագարակ մը, Պոլսոյ դռներուն, որպէսզի գրէր այդ դժբախտ մարդը իրենց ահաւոր պատմութիւնը)։ Լոթի՝ իրեն նաւը հասնելիք թրքուհիներուն. Քէյզերլինկ՝ Վերսայլի դաշնագրին նախատինքը մեղմելու, թուրքերը ներկայացնելով հիմնովին ազնուական քան անգլիացին, գաղիացին, ամերիկացին։ Պարոնեան կը ճանչնայ թուրքը ինչպէս կը ճանչնար իր եղունգները։ Ու Հոսհոսի Ձեռատետրը, Oրագրութիւնք Խիկարի մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց թափանցումին սրութիւնը։ Պարոնեան այս բոլոր դիտողութիւնները տուած է առանց յաւակնութեան, իմաստասիրական galimatia-ին։ Իր արտայայտութեան ուղղակի, պարզուկ, պարզագույն եղանակն ալ ուրիշ բարիք՝ իր նայուածքին կորովին, ուժին։ Մեր իմացական բարեխառնութեանց, մեր ազգային հոգեբանութեան, մեզ շրջապատողներէն թրքական մտայնութեանց վրայ իր ազատած բոլոր մթերքը կը նկատեմ ոչ միայն Պարոնեանի գործին ամենէն արժէքաւոր մասը, այլեւ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն դիմացկուն բարիքը։` 

Բայց Յ. Պարոնեան ժողովուրդին ալ մարդն է ։ Ու այս տարազը հոս դարձեալ շատ ծանր ընդարձակութիւններ կը խտացնէ։ Չունիմ ժամանակ զանոնք բանալու: Կը հրաւիրուիք յղացքէն զեղչել քաղաքական փառքով պսակաւոր ժողովրդականութիւնը զօրավարներու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ազգային բարերարներու (ժամ ու դպրոց շինողներու փա՜ռքը), որոնց վայելած վարկը գրականութեան հետ որեւէ աղերս չի պարզեր։ Կը հրաւիրուիք եղանակաւորել մեծ խմբագիրներու մեծատարած համբաւն ալ, երբ կը մտածէք Պարոնեանին որ իր հանդէսներով անօթութեան ու պարտքի մուրհակներ էր ստորագրած։ Ու կան համբաւները մեծ եկեղեցականներուն, վարժապետներուն, հռետորներուն, ազգային ջոջերուն, որոնք գոյացած են գրականէն դուրս հիմքերու վրայ: Պարոնեան ժողովրդական գրագէտ մըն է։ Ու այդ ժողովրդականութիւնը անիկա պարտական չէ միայն իր երգիծանքին: Ժnղովուրդին մէջ ըլլալը, ժողովուրդ իսկ ըլլալը ազդակ մըն էր անոր գրողի հռչակին: Մեր ոչ մէկ գրագէտին [3] համար սա  վերագրումը իմ մէջ կը գտնէ սա հաստատ կշիռը։ Սուտ է Մ. Մամուրեանը գէթ իր գործին ստեղծուած մասին մէջ, իմ ժողովուրդին հետ (նկատի ունիմ այդ ժողովուրդին ամբողջական պատկերը) շատ խնդրական աղերսով մը։ Իրաւ է որ վայելած է ծանր, չըսելու համար բարձր ժողովրդականութիւն մը, բայց որո՞նց մօտ։ Քիչ մը յարմարցուք, չըսելու համար կեղծ, ժողովրդականութիւնը Արփիարեանի որմէ ճիղճ վիպակներ դատախազ կը կենան իր յիշատակին եւ որուն տեսակարար կշիռը օրուան կեանքով պայմանաւոր, վտանգի տարրը իր ծոցը կը կրէր։ Ամենէն համբաւեալ այս անուններուն իմ վրայ թելադրանքը կ՚օգտագործեմ ճիշդ տեսնելու համար ժողովրդականութիւնը այն միւսներուն որոնք կոչուեցան Եղիա, Տիւսաբ, Չերազ, Պէրպէրեան, Սէթեան, նոյնիսկ` Պէշիկթաշլեան, Ալիշան, Դուրեան, քանի որ յաջողուածքի պարագային այս վերջին անունները պատմութիւններ են մասնաւոր անձերու։ Քանի՞ հոգի՝ որ ապրէր Պետրոս Դուրեանը։ Յակոբ Պարոնեանի մէջ կայ հայ ժողովուրդը, ամբողջ ու հարազատ։ 

Խօսեցայ Պարոնեանի աշխարհին իմացական ընդարձակութենէն, ինչպէս այդ աշխարհը լեցնող մարդկային տարրին բազմազանակ նկարագիրներէն։ Բայց չըսի թէ իր գործէն հանուելիք շուկան եզական է իբրեւ պատկեր ու բարքի տախտակ է նիւթին տափակութիւնը Պարոնեան դիմաւորած է կեանքին խորագոյն շահեկանութեամբը, մեզ երախտապարտ ձգելու չափ՝ իր սեւեռումներով։ Գիտէք թէ չունինք երկրորդ մը իրեն չափ այդ շուկային քաջածանօթ, զոր ըրած է արժանի արուեստով մնայունին փառքին։ Լայնքին, երկայնքին վրայ այդ շուկան, այսինքն շուկացին, նուաճուած է, մեր մօտ ոչ ոքէ յաջողուած   աստիճանով մը։ Մի փաթթէք մատի խորութենէ անոր պակասը։ Պարոնեան գրագէտի մը մտայնութեամբը չէր մօտենար այդ աշխարհին։ Ի վերջոյ, մարդ կ՚ընէ կրցածը։ Չունինք իրաւունք սա յաղթահարուած, զգետնուած, ապրելու տեղ հեւացող բանուորէն պահանջելու ինչ որ մեծագոյն արուեստագէտներուն սահմանուած հրաշք մը եղաւ։ Կան այս տարօրինակ տիպարները որոնք կը քալեն ընդդէմ ամէն արգելքներու, հանճարին ակօսովը, դէպի իրենց ճակտին գիրը։ Պարոնեան շատ մօտիկն է սակայն այս սահմանումին։ Խորքէ պակասը իր մարդոց` կը փոխարինուի արտակարգ խտութեամբ մը, թելադրականութեամբ մը։ Ժամանակը կը թափէ իր աշխարհին լայնքով գոյանալի ծանծաղուտին տագնապը։ Իր տիպարներուն զանազանութիւնը ուրիշ առաւելութիւն՝ որպէսզի քիչ տառապինք խորունկ մարդոց պակասին համար իր մօտ։ Պոլիսն ու գաւառը։ Արագ, թեթեւ գիծերով, անբաւարար՝ երբ ստեղծագործութեան ծանր պահանջներ բանաձեւենք։ Միշտ նկատի ունեցէք որ այս հանճարեղ մարդը դժբախտութեան մէջն է ապրած խմբագրող ծնելուն, ան ալ Պոլսոյ նման տեղ մը։ Այս մանրամասնութիւնը բա՞ւ՝ բացատրելու իր աշխարհին անբաւարարութիւնը երբ ուզենք զայն մօտեցնել ազգերու գրականութեանց մէջ մեծ վարպետներով նուաճուածին։ Հակառակ սա վերապահ սեղմումին, մեր գրականութեան պարունակովը այդ աշխարհը մնաց անհաւասարելի իր օրերուն ու ասոնցմէ կէս դար վերջն ալ տակաւին։ Ծանօթ էք իմ տրամադրութեան այդ աշխարհին բարոյական նկարագիրներէն Պարոնեանով ազատուածին հանդէպ։ Այս աշխատանքին մէջ ալ չեղաւ զինքը գերազանցող մը։ Խօսեցայ իր սարսափէն, որ չի թարգմաներ միայն գրագէտի ժողովրդականութիւնը, այլ կը թելադրէ անոր բարոյական ալ նկարագիրէն զօրաւոր վկայութիւններ։ Օտեանին մարդիկ կը վճարէին, անկէ ծաղրուելու համար: Պարոնեանը լռեցնելու համար պատրիարքարանը չի խղճահարիր կառավարութեան աղերսագիր (պաշտօնական բառը՝ թագրիր ) մատուցանելու։ Այս մեծատարած ազդեցութիւնը միամիտ չեմ Պարոնեանի գրական տաղանդին մէկ մենաշնորհը յայտարարելու: Բայց կայ իրողութիւնը, ինքը առանձին, որ կը վկայէ թէ որքան խորունկ էր իր թափանցումը հոգիներէն ներս: Այս մտածումին մէկ ուրիշ կերպարանքը կ՚ըլլայ Պարոնեանին մաս կազմելու իր ընթերցողներուն, իբրեւ խելք, հոգեբանութիւն, նկարագիր ու ապրում: Հիմա կը հրաւիրեմ որ տանէիք իր կարելի հետեւանքներուն սա ամբողջականութիւնը մարդուն  ու շրջավայրին, իրարմէ գալու, իրարու երթալու սա ընդարձակ իրողութիւնը։ Անոնք որ Պետրոս Դուրեանը թաղելու համար հաւաքուեցան ժամ (պատմութիւնը կ՚ըսէ թէ կէս բիւրը կ՚անցնէր թիւը յուղարկաւորներուն), բանաստեղծը ո՛չ տեսած էին, մեծ մասով, ո՛չ ալ կարդացած անկէ անհրաժեշտը, այդ կորուստը իսկապէս հասկնալու, կշռելու համար: Պարոնեան կարդացուեցաւ գիրը հեգել կրցող ամէն մարդէ։ Ու հասկցուեցաւ: Այն ատե՞ն։ Այսինքն ա՞ն՝ որ այդ գործին մէջ կ՚անցնին կարաւանները, կենդանի, խայտաբղէտ, մեր հաւաքական ինչպէս անհատական թերութիւններէն որոնք հրաշքով կը թափէին իրենց վրայէն գրքունակը, բարոյախօսականը ու կ՚ըլլային անմիջական կեանքի հանդէս։ Հետաքրքրակա՞ն՝ նոր մեղայ-Աստուծոյ ներու շարք մը կազմել Պարոնեանէն սեւեռուած մեր թերութիւններով, որոնք միջին մեղքերուն համն ու խռովքը թելադրէին ու վկայէին, հերքումներու ճամբով, հաստատական առաքինութիւնները: Կան այս առաքինութիւններն ալ, որոնք կանխող դարու կէսերուն մեր պապերը կ՚ընեն այնքան իրաւ, հարազատ մեր պատմութեան ու ճակատագրին։ Խղճմտանքը մէկն էր անոնցմէ, հանրայինին մէջ ու հետ, հասարակութենէ մը ներս ուր անոր, խղճմտանքին հակառակն էր ապրեր, դարերով, եւ 1850ին կ՚ազատագրուէր, գէթ թուղթի վրայ, իր ահաւոր կապանքներէն։ Պարոնեան կ՚արհամարհէ երեսփոխանները, բայց կը յարգէ հաստատութիւնը իբր խղճմտանքը իր ժողովուրդին։ Իր սերունդէն շատերը այդ խղճմտանքին սպասը ընել յաւակնեցան… ճառերով, քերթուածներով, լրագրական յօդուածներով։ Պարոնեան hրաշքը իրագործեց այդ խղճմտանքն իսկ ըլլալու, մարմին դարձած։ Անկաշառելի՞ ։ Գիտէին ատիկա իր հակառակորդներն ու հիացողները: Անվա՞խ: Ոչինչ ունէր կորսնցնելիք որպէսզի կամաց պարեր, մանրավէպի տէրվիշին նման (Վոլթէռի Փորձութեան Ճամբան հէքեաթը)։ Յամա՞ռ: Ժողովուրդի մարդու միամտութեամբ, պինդ-գլուխ ու ատով քիչիկ մըն ալ հպարտ։ Գերի ժողովուրդներու մէջ ազատ մտածողութեան հակահարուածն է սա չափազանցեալ խղճմտանքը եւ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ ոչ ոք այդ հոգեվիճակը պարզեց իրենին հաւասար բացարձակութեամբ մը։ Բայց Պարոնեան իր թերթերուն հանգանակներ ալ գրած է: Խիկար ը կը բացուի քանի մը էջերով որոնց մէջ անիկա իր շեշտը կը դնէ ողջմտութեան վրայ ։ Եղաւ դարձեալ մարմնացած ողջմտութիւնը սերունդի մը մէջ որ բացի Մամուրեանէն ուրիշ անուն մը չէ սա իմացական վիճակին  յայտարար: Դրեք սեղանի վրայ լման խումբը ու մէկիկ մէկիկ հարցաքննեցէք անոնց գրական հասկացողութիւնը, ուզեցէք գրական հանգանակները։ Ապշանքով պիտի խելամտիք որ բոլորն ալ կը պատկանէին ցնորամիտ աշխատողներու coterieի մը։ Կիրք։ Արշաւանքի թափ: Նորութիւն, ամէն գինով։ Եւրոպական տարօրինակութեանց փոխադրում։ Որքան շատ են սա հանգամանքները, երբ խումբին գրական վերլուծումը կատարելէ վերջ ուզենք համադրական տարազներու վստահել մեր տպաւորութիւնները։ Պարոնեան ողջմտութիւնն է, ամէն բանէ առաջ։ Իր դատաստանները կը բխին այդ ակունքէն։ Իր աշխարհահայեացքին վասնզի ունի ասիկա ամենէն կարկառուն միութիւնը սխալի մէջ չեմ՝ երբ կը յայտարարեմ այդ բառին ետին։ Անշուշտ խենթեր չէին իր ընկերները։ Բայց ողջմտութի՞ւն` քսանամենի երիտասարդի մը համար տպագրել Առաջին Տերեւք ը, մանաւանդ յառաջաբանը, ճառերը։ Պիտի ուզէինք այս բառը գործածել Տիւսաբի եւ Եղիայի գաղափարաբանութիւններուն։ Ինչպէս կը տեսնէք, կրքոտ, դիւրազգած, յամառ, հռետոր, ունայնամիտ, անոպ մարդոց մօտ Պարոնեանի հանդարտ, սառն ծաղրը կերպարանքը կու տայ իր ողջմտութեան։ Ու այս ողջմտութիւնը գրողի նկարագիր մը ըլլալուն չափովը ու քիչիկ մըն ալ աւելիովը, ազգային առաքինութիւն մըն էր կանխող դարուն։ Ուրիշ արգահատանք, աւելի պարզ բառով մը` մեղքնալը, աւելի բարձր տարազի մը մէջ՝ համակրութիւնը, համակրիլ գիտնալը, որ այդ տառապող, սովահար մարդուն մօտ յուզիչ վկայութիւն մըն է: Ամէն բան ըրինք իրեն որպէսզի Սուրէն Պարթեւեան մը դառնար մեր գլխուն, այսինքն մեզմէ գտած վերաբերմունքը դնէր թուխսի իր հոգետունին ու իբր անգութ satire, անբարոյ, ծաղրէր տարիներ մեզի: Բացէք ո՛ր էջը որ կ՚ուզէք ու պիտի գտնէք որ այս մարդուն ամենէն սրտառուչ առաքինութիւններէն մէկն է մարդոց տկարութիւններուն հանդէպ գորովիլ մը, մեղքնալ մը։ Թէ Պարոնեան կը ծաղրէ ու այդ ծաղրը արցունքի չափ յուզիչ է, բացատրութիւն մըն է զոր գործածեցին Մոլիէռի համար ալ։ Գիտենք թէ որքան սիրաւէտ սիրտ մը կար գաղիացի մեծ կատակերգակին մէջ (պատմեցի իր մահուան սրտայոյզ գեղեցկութիւնը)։ Հակառակ անոր որ անհուն, անդուլ հալածանք մը իր կրունկներէն չպակսեցաւ, Պարոնեան իր ծաղրը չսեւցուց սուտին, անգութին մէջ։ Սիրտ ունէր ու ասիկա կը զգանք մենք բացայայտ կերպով մը, ամէն էջի։ Հիմա, դուք պիտի չուզէի՞ք այն զգացական վիճակը տարածել դէպի իր ամբողջ ժողովուրդը: 1912ին ես գլխուս գինովը թուրք ազատեցի ջարդէն (Պալքանեան պատերազմ ), խուլ վստահութեամբ մը որ այդ արարքին համար իմ գլուխս դարձեալ կը վտանգուէր իմ ազատած թուրքին միջոցով։ Պարոնեան իր ժողովուրդն է, ուրեմն, այս գետինին ալ վրայ: Իր գործի մէջ կան ուրիշ ալ սէրեր, հառաչանքներ: Տունը, ասոր սրբութիւնը։ Պարզութիւնը, ասոր փառքն ու վայելքը։ Պարկեշտութիւնը որ բարքերու եւ իմաստի պարունակները կը ձգէ իր ծիրին։ Միջին իմաստութիւնը, որ հաւասարապէս կը խորշի արկածախնդրական յանդգնութիւններէն ու քարացած նախապաշարումներէն։ Իր ժողովուրդին տիրական ձգտումներուն հաղորդականութիւն մը, որով անոր գործը կ՚ըլլայ այդ Պոլիսին միջինը

Այս առաքինութիւններն էին գլխաւորաբար որոնք ապրեցուցին մեզ, մեր գերութեան սպաննող պայմաններուն ընդդէմ: Որոնցմով շինեցինք մեր սխրալի, անկարելի պատմութեան տարեգրութիւնները։ Ու որոնցմէ նահանջն է որ կ՚ողբայ, սրտագին սեղմումով, եւ ոչ թէ սուտ ու փուտ, շնական, առնուազն սրամտութիւն վաճառող հոգեբանութեամբ, սա տողերը հոս նետողը, երբ սփիւռքի քաւարանին պայմաններուն մէջ կը գտնէ այդ ամենուն վերջալոյսը։ Հիմա, գործածե՞լ գրողներու դաւաճանութիւն (la trahison des clercs) տարազը սա վիճակին, թէ ափսոսալ ճակատագրի յարդարանքին, այսօր երբ սփիւռքի գրականութիւնը անաշխարհ դժբախտութիւն մըն է իմ՝ նկատառմանս մէջ, փայլուն, քրքրիչ, տաք, բայց ուր paradoxը կ՚իշխէ ապարդիւն, ապօգուտ տաղանդներու: Հիմա կ՚երգենք, կը փառերգենք, կը դիւցազներգենք մեր պոռնիկները, մեջ նրբացուցած, ներկած վայելքները, մեր ցաւերը զորս կ՚ոսկեզօծենք խոշոր վերադիրներով։ Հիմա կը պոռանք մեր գերաճուն եսին ախորժանքները, անօթութիւնն ու յափրանքները։ Կը ծաղրենք մեր ժողովուրդը, անոր փոքրութիւնները աճեցնելով ու անոր տկարութիւնները իմաստակրելով։ Կը պանծացնենք մեր փառասիրութիւնները, մեր արհամարհանքները, մեր ուրացումները, մոռնալով որ առնուազն կես միլիոն սիրտերու դժոխք մը կը սպասէ յարութեան պատգամին, Քրիստոսի մը որ ըսէր իրենց բաւ են ձեր տրտմութիւնները, դուրս են մանաւանդ ձեզմէ: Հիմա գրականութիւնը սրամտութի՜ւն է, ուրիշներու հաշւոյն ծաղր ու բամբասանք։ Անաշխարհ սփի՜ւռքը ։ Յակոբ Պարոնեան գերագոյն բարերարներէն մէկն է մեր գրականութեան, իր աշխարհին մէջ սա առաքինութեանց փաստերովը։ Յակոբ Պարոնեան մեզի ձգած  է իր աշխարհը։ Ու երբ ձեր հետաքրքրութիւնը աճեցնելով տարածէք հանգիտութեանը իրմէ ալ վերջ (անկէ առաջ գիտենք թէ ի՜նչ էր աշխարհը Ռոմանթիքներուն) ու հարցնէք՝ կա՞յ այդ աշխարհը Իրապաշտներէն մեզի ձգուածին մէջ, դուք պիտի զգաք ձեր տրտմութիւնը։ Պատկառելի խմբակը Իրապաշտներուն չունէր սակայն իր սրտին սիրելի, մտքին հաճելի ուրիշ յաւակնութիւն, առաքելութիւն, բացի այդ աշխարհը նուաճելու իր շատ որոշ առաջադրանքէն։ Իրապաշտ վէպը հատուած է, երբ բաղդատուի Պարոնեանի աշխարհին։` Կրնա՞ք ըսել թէ կայ այդ աշխարհը 1900ի սերունդէն մեզի եկածին մէջ։ Ասոր ամենէն հռչակաւոր գիրքերէն մէկը, Ներաշխարհ ը, հակառակ մեծ գիրք մը ըլլալու ներսէն ու դուրսէն հաւատքներում, այնքան քիչ բան է սեւեռած այդ ժողովուրդին իրաւ աշխարհէն: Ա՛լ չեմ խօսիր յետ—պատերազմեան (թիւ 1) խօլաբոյսէն որ կը յաւակնի մեր ժողովուրդը ներկայացնել։ 

Ինչպէս կը տեսնուի, գոհացած եմ ընդհանուր ցուցմունքներով, որոնք կուգան սակայն Պարոնեանի աշխարհին ամէն մասերէն։ Կայ եղանակը ականջը խօսի արեւելահայ քննադատներուն աճպարօրէն Պարոնեանի աշխարհը իբր շուք մը կրկնելու սա վերլուծումներու ճամբուն, անուանելու անոր աւագ հերոսները, ասոնց արարքները, այս արարքներուն ցեղային ու միջազգային կշիռը, եւ այլն, եւ այլն…: Կը հրաժարիմ այս դիւրին ու աժան վայելքէն, վասնզի տարօրինակ բախտ է որ մենք մեր ժողովուրդին, աշխարհը սեւեռելու մեր փառասիրութիւնը ստիպուած ըլլանք գոհացնել երկրորդական կարելիութիւններ միայն ընձեռող կրթանքի մը մէջ։ Երգիծանքը մէկն է անոնցմէ։ Ըսի թէ անիկա չէր կրնար ստեղծել: Կայ աւելին։ Անիկա ժխտական կեցուածք մըն է կեանք ըսուած մեծ իրականութեան դիմաց ուր խանդը, համակրանքը, գութը, սէրը ունին առաւելագոյն բաժինները: Ո՛չ մէկ ատեն, արհամարհողները, ծաղրողները ճամբայ գտան դէպի կեանքին խորագոյն ակունքները։ Գիտենք թէ ստեղծումը սիրոյ գործ է, ամէն մարզի վրայ: Ու ահա Յակոբ Պարոնեան մեծ գրագէտը որ այնքան քիչ ստեղծագործութիւն է ձգած մեզի (թէեւ մեր գրականութեան պարունակին մէջ այդ քիչն իսկ բարձր կշռէ), իր կարողութիւնները լուսաւորող։ 

 


 



[1]        Պարոնեան թերեւս այն գրագէտն է մեր մէջ որուն համար օտարոտի, կեղծ պիտի չթուէին մեզմէ դուրս, այսինքն օտարներու տարածուող իրաւ, մեծ արուեստի մը փառասիրանքը, կարելիութիւնները, քանի որ կ՚ընդունիք որ իր տաղանդը իբրեւ երեւոյթ, ազդեցութիւն, ընդարձակութիւն համազօր է արեւմտեան մշակոյթի իր սեռէն աւագ ներկայացուցիչներով պիտակուածին։ Ի՞նչն է պակսածը որպէսզի թարգմանուած Մեծապատիւ Մուրացկաններ մը անցնի անկշիռ, ինչպէս անցաւ անկշիռ Ծապլվարի Առաքելութիւնը ։ Պարոնեանին հետ հարցը կը դրուի աւելի սեղմ։ Աւելի անդին ես կը զբաղիմ մեզմէ դուրս Պարոնեանի մը կարելի փառքերովը։

[2]        Ուշագրաւ է որ Պարոնեան գաւառիկ մտայնութիւնը առանձնապէս չըլլայ սեւեռել փորձած, թերեւս մեզմէ բոլորովին տարբեր իմացական հէնք մը ունենալուն։ 1880ին գաւառացին Աբիսողոմ աղան է, այսինքն գրողներու սրամտութեանց զամբիւղ մը։ Հանրային հասկացողութիւն մը դեռ չէ բիւրեղացած, գրականին վրայ որոշ անդրավարձով մը: Պոլսեցին չի պատկառիր անշուշտ 1880ին Վանեցիներէն, Ակնցիներէն, բայց անոնց վրայ հիանալն ալ գրական մոթիֆ մը իբրեւ չառներ նշանաբան։ Իրապաշտ շարժումը այս երանգը գործածեց ու կերպով մը ստեղծեց հայեցիութեան զգայարանք մը, ատկէ բոլորովին անմասն գրականութեան մը մէջ (ազգային երգ, ազգային ողբերգութիւն, Վենետիկեան հայրենասիրութիւն, գրաբարի պաշտամունք, ազգային պատմութիւն տարրին այդ ըմբռնումէն, իրաւ, կենդանի իսկութենէ մը բոլորովին զուրկ սակայն): Զինքը կանխող մեծ շարժումը, ապազգային ըսուելու չափ ընդհանուր, գրքունակ, գրական յղացքներու սպասարկեց։ Արդիւնքը այն պիտի ըլլար որ մեր գրական պահեստը այդ խումբէն աննշան միութիւններ միայն պիտի աւելցնէր իր վրայ՝ Պարոնեանի Պոլիսը այս գործունէութեան կեդրոնական դաշտն է։ 1880ին գրականութիւնը լեզու է, տաղաչափութիւն, քերականութիւն, ազգային պատմութիւն, դպրոցավարութիւն, քրոնիկ ու (զեղջեցէք Պարոնեանը) բաջաղանք: Ո՞ւր փնտռել այս ժողովուրդին իրաւ միտքը, իրաւ զգայնութիւնը, իրաւ ապրումները, այդ օրերուն, բաներ՝ որոնք կը կազմեն գրական սերունդներու բիւրեղացումները։ Եղիա՞ն, Չերա՞զը։ Պէրպէրեա՞նը Թէրզեա՞նը: Այս անուններն իսկ հակադրութիւն են կենդանի գրականութեան, Մի՞տք: Բայց վարժապետներ՝ շրջանին գանձերը։ Այն ի՞նչ լրջութեամբ Չերազ մը, Պէրպէրեան մը կը բանախօսեն թաղէ թաղ: Այն ի՞նչ հեղինակաւոր խանդավառութեամբ մը Մատաթիա Գարագաշ Պոլսոյ մէջ կը գրէ ու կ՚ուսուցանէ: Ու ի՞նչ բարձր հով մը՝ Արեւելեան Մամուլ ին էջերը կը վերածէ ազգային փառքի։ Ու անմիջապէս՝ Ազգային Ջոջեր ը: Իր շրջանին մէջ սա ինքնութիւնն ալ արժէք մըն էր։ 1900ը շատ շուտ մոռցաւ այս պարագան:

[3]        Ունինք Խրիմեանը որ իբրեւ գրագէտ ժողովրդական ըլլալէ առաջ, իր փառքին ասպարէզը սկսած է իբրեւ եկեղեցական, սիրտցաւ, անհաշիւ, անխորամանկ, Պոլսեցի տիպարները հիմնովին հերքող հոգեբանութեան մը թեւերովը բարձրանալու համար « Հայրիկն Հայոց » աստուածացման։ Մարդիկ անոր գիրքերը գնեցին բայց չկարդացին։ Ունինք Սրուանձտեանցը որուն եկեղեցականի վարկը չեմ վերլուծել, բայց բանասէրներու, ազգային առաջաւոր դասին մէջ ստեղծած խանդավառութիւնը կը տեսնեմ իրական իր կերպարանքին տակ։ Սրուանձտեանցի հատորներն ալ չեն իջած զանգուածին։ Ունինք Հրանդին ժողովրդականութիւնը, ուր գրողն ու մարդը հաւասար չափերով նպաստ են գտած ու տուած։ Ու կը յիշեմ Թլկատինցին որուն ժողովրդականութիւնը գրողներու շրջանակը հազիւ կէտէ մը խորտակած է, իջնելու համար լրագիր կարդացողներուն։ Բիւզանդ Քէչեանէն մեծ մարդ չունի այս ժողովուրդը, մեր վարժապետներուն, վարդապետներուն, մենծ աղա-վաճառականներուն, պանքայի պաշտօնեաներուն կշիռին մէջը: Պարոնեանի ժողովրդականութիւնը, գրողները շրջանակին համար տիրական, պարզ մարդոց կալուածին մէջ սրտագին բան մըն էր։ Հին օրերու տրիբունն էր կարծես, որուն կը դառնային զրկուածներու աչքերը։ Որմէ կ՚ակնածէին տիրող կարգերը։ Զոր Պոլսեցին կը նկատէր իրեն սեղանի ընկերը,, տունին տղան. այնքան քիչ էր հովը այս մարդուն արտաքինին մէջ ու այնքան հաղորդական էր իր թշուառ համակրանքը իր գիծէ մարդոց, չունեցողներուն: