Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Է. ԳՐԱԳԷՏԸ 

Գրականութեան պատմիչը երբեմն ծանր տագնապներու կը զգայ ինքզինքը մատնուած երբ կը կանչուի դատելու, դասաւորելու դէմքեր ու գործեր որոնց համար իր խղճահարութիւնները կուգան նոյնքան ծանր ստուգութիւններէ։ Յաճախ կէս դար հաստըցած հիացում մըն է որ կ՚այլակերպէ, կը ձեւազեղծէ տկլոր, պարզուկ իրողութիւնը։ Պատմիչը գտած է այդ կազմակերպուած, պատգամաձեւ գնահատանքները ու կը տառապի ասոնց ոչ միայն չափազանցութենէն, այլեւ հիմնական սուտէն։ Այսպէս, եղէք իմ տեղը ու ջանացէք հաշտուիլ եզակի քերթողի (Ալիշան), ազնուական, ազնուադուխտ բանաստեղծի (Թէրզեան), անզուգական բանաստեղծուհիի (Սիպիլ) ոսկեգիր արձանագրութեանց փաստերուն հետ որոնք իր սերունդէն կ՚անցնին միւսին, կը դառնան սրբութիւն սրբութեանց: Այս կարգի տագնապ մըն է ահա գրագէտ Յակոբ Պարոնեանի մը դիմաց իմ զգացածը։ Իր խումբին շքեղակուռ համբաւները ու ասոնց նոյնքան ոսին իրականութիւնը այնքան տիրական հակադրութեամբ իրար կը վանեն որ ստիպուած եմ Դեպի Իրապաշտները փաղանգէն ընտրել Յակոբ Պարոնեանը, իբր ամենէն քիչ մեղաւոր նմոյշը, անոր ընդմէջէն կերպարանք կարենալ տալու համար յղացքին հարազատութեան։ Ո՞րն է այդ փաղանգէն անունը որ Պարոնեանին չափով արդարացնէր գրագետ յղացքը ։ Հիմա չեմ բանար փակագիծ, յղացքը լուսաբանելու համար։ Գրել գիտցողը չէ գրագէտը, ինչպէս կը թուի թելադրել բառը (անոր արեւելահայ փոփոխակը - գրականագէտը - ուրիշ բարբարոսութիւն մըն է, խուժդուժ որքան ապիմաստ), ոչ ալ ամենէն ծաղկուն, շողարձակ լեզուին ասպետը։ Բիւզանդ Քէչեան այդ գրելը գիտէր շատ շատերէն աւելի արդիւնաւէտ ձեւով մը, իր յօդուածներուն տարիքին ու վարկին համար։ Բագրատունին լեզուի մը տիրապետելու արարքը արժեցուց քան մեր քերթողները. երկուքն ալ չեն պատկանիր արեւմտահայ գրականութեան։ Դառնալով Պարոնեանի սերունդին, ունինք Եղիան որ գրական իրnղութիւն ըսուած տարրին համար մասնաւորուած ընկալչութիւն մըն է: Գիտէր, բոլորէն աւելի, գրականութիւնը, իր լաւագոյն առումին մէջը։ Բայց կը հրաւիրուիք Եղիան արժեւորել իբրեւ  իր սերունդին գրագէտը: Եթէ ստուգութեանց հանդէպ կը զգաք խղճահարութիւն, պիտի մատնուիք որոշ տագնապի։ Ո՞ւր է այդ անունով մեզի հասածին մէջ գրագետ յղացքը արդարօրէն պատկերացնող իրականութիւնը, այսինքն հատորը որ 1870էն մինչեւ 1895, այսինքն քառորդ դարու մը կեանքը համադրական կերպարանքի մը տակ տաղաւարէր։ Չկայ այդ հատորը, հակառակ գրագէտ Եղիայի մը անառարկելի իրականութեան։ Ունինք Պէրպէրեանը որուն քրոնիկները ( Մարդիկ եւ Իրք ) կը կրեն որոշ կնիք մը. կնիքը ժամանակին լրագրական ախորժակներուն, դէմքերու եւ դէպքերու լուրջ հպանցիկ նշմարանքին ձեւովը։ Բայց 1880ին հայոց գրականութիւնը այդ յօդուածի կտորներո՞վ էր գոյաւոր։ Ու կուտամ անունը անառարկելի փառքին, Մե՜ծն Մամուրեանին, որ արեւմտահայ գրականութեան սպասը ըրաւ մօտ կէս դար, ստեղծելով, փոխադրելով, սորվեցնելով, բայց որմէ ո՛չ մէկ գիրք չէ ժառանգած հայոց գրականութիւնը։ Ներեցէք ինծի որպէսզի մէկիկ մէկիկ վկայութեան կանչելէ հրաժարիմ փաղանգին մնացեալ անունները։ Ու ըսեմ իմ մտածում, որ տարօրինակ որքան խնդրական, փաղանգին ամենէն հանգամանաւոր գրագէտը կ՚ընդունի Յակոբ Պարոնեանը։ Չունէր Եղիային հմտութիւնը, Պէրպէրեանին մտածողութիւնը, Մամուրեանին մենծ-աղա իմացականութիւնը, ոչ ալ Ծերենցներուն, Տիւսաբներուն զարգացումն ու երեւակայութիւնը։ Համաձայն եմ։ Բայց ունէր բոլորէն աւելի իր ժամանակին զգայարանքը, հասկացողութիւնը: Ասիկա առաջին պայմանն է գրագէտին։ Երկրո՞րդը: Այդ հասկացողութիւնը իրագործել, զայն, այսինքն ժամանակը գէթ քանի մը սերունդի վրայով անցնող ու իր կենդանութիւնը պահող արդիւնքներու վրայ: Ըսել կ՚ուզեմ՝ կարդացուիլ 1870ին, 1900ին, 1950ին ու թերեւս 2000ին ալ։ Այս հաւաստումը կը հրաւիրուիք գործնականապէս հաստատել Եղիային, Չերազին, Տիւսաբին, Մամուրեանին, Նար-Պէյին, Պէրպէրեանին ամենէն մեծահամբաւ գործերուն վրայ: Պիտի գտնէք որ այդ գործերը արդէն 1900ին պատմութեան կը պատկանին։ 1950ին անոնք պիտի, իբր պարտք, մատենագրութեան դասախօսը յիշէ եւ անցնի: 2000ին անոնք կը ներկայացնեն, կը հաւատամ, այն աստեղային շահեկանութիւնը զոր ունին մեր օրերուն Հայկունիի, Հիսարեանի վէպերը, Տէրոյենցի, Զօրայեանի գիրքերը, այսինքն մշուշէն ալ տարտամ բան մը։ Ու կը հրաւիրուիք նոյն փորձը կրկնել Մ. Պէշիկթաշլեանին քանի մը քերթուածներուն, Պետրոս Դուրեանի տաղերուն համար ալ՝ եթէ փղշտացի մը չէք, պիտի զգաք որ  այդ բանաստեղծութիւնները 1950ին ալ ձեզի կը յուզեն։ Ասիկա պարզ բայց վճռական սահմանումն է գրագէտին։ Կ՚իյնա՞յ, այս վերջին սահմանին տակ Յ. Պարոնեանի վաստակը։ Կրկնեցէք փորձը։ Պիտի գտնէք որ հակառակ ձեր ճաշակին հիմնական փոփոխութեան, մանաւանդ կեանքի շահեկանութեան կեդրոն փոխած ըլլալուն, Ազգային Ջոջեր ը ձեզ կը գրաւէ, օրուայ քրոնիկի մը ջերմութեամբը։ Ուրեմն Յակոբ Պարոնեան կը լրացնէ, իր խումբին որեւէ մէկէն աւելի չափով, գրագէտը յօրինող զոյգ պայմանները։ Անիկա կը պատկերն իր ժամանակը ։ Նոյն ատեն անիկա կը պահէ կենդանութիւնը քանի մը սերունդի ախորժակներուն ընդմեջէն ։ Յակոբ Պարոնեան հանգամանաւոր գրագէտն է իր սերունդին։ 

 

Կը զգամ՝ դժուարութիւնը որ Պարոնեանին արժանիքներէն աւելի, սեռին հարկադրանքովը կը ծնի սա տողերուն վրայ: Ուզենք չուզենք, կան աւագ եւ կրտսեր գրական սեռեր: Ու գիտենք որ երգիծանքը ստորադաս է եղած ողբերգականէն, թէ՛ գրողներու, թէ՛ դատողներու նկատառման մէջ։ Կա՞ն, հանգիտօրէն, աւագ եւ կրտսեր գրագէտներ։ Ուրիշ խօսքով, Մոլիէռ, հակառակ իր անառարկելի հանճարին, ունի՞ իրաւունք Ռասինին քով դասուելու: Փաստ է որ Շէյքսբիր հեղինակն է ողբերգութեանց եւ կատակերգութեանց։ Փաստ է որ Գոռնեյլ ողբերգակ է ու կատակերգակ։ Ռասին գրած է Les Plaideurs-ը։ Այս օրինակները անոնց համար, որոնք կը հաւատան սեռերու միջեւ նուիրապետութեան մը։ Ու փաստ է դարձեալ որ Արիստոֆան, Սերվանդէս հեգնած են միայն։ Ուրի՞շ բան է արդեօք Պարոնեանին ըրածը։ Ու եզրակացութիւնը իմ մերժումին։ Սեռերը պիտակներ են, իրական որքան խնդրական: Գրագէտը իրաւ է, մեծ է, տիպարային է այն ատեն միայն երբ վերը թելադրուած հիմնական յատկութիւններուն կը զուգորդէ ուրիշ, դարձեալ տիրական քանի մը առաքինութիւններ։ Մի սպասէք գիրքերու, հռետորական ձեռնարկներու սահմաններ, կոկ որքան ուղղափաստ, որոնք յեղաշրջութեան համար հնարուած commoditéներ են։ Իմ թելադրել ուզած առաքինութիւնները մարդկային, կարելի, անձերով իրանալի հանգամանքներ, որոնք իրենց պակսելովը կամ ներկայ ըլլալովը կը նուիրագործ են արժանիքներ։ Ասոնցմէ մէկն է 

ա) Ինքնատպութիւնը որ գրական շատ ընդարձակ տարազ մը թէեւ, իր մեջ ընդգրկելու չափ բոլոր նորութիւնները յանդգնութիւնները, անբնականութիւնները, խենթութիւնները մինչ եւ, այն պարզ կերպարանքն է որով գրուածքի մը դեմքը ԻՆՔԶԻՆՔԸ կ՚ըլլայ, հարազատ այնքան որքան դէմքը` հոգին, որուն արտաքնացումն է արդէն։ Ըսել թէ տարազին ետին կը զետեղուին գրագէտ մը երկրորդէ մը տարբերող յստակ, ամուր յատկանիշներ, թերեւս բանալ է շարքը այն բազմազան նկատումներուն որոնցմով գրագէտի մը մեզի ձգածը կ՚ըլլայ շրջանի միջինէն տարբեր վկայութիւն մը, խորքով, մանաւանդ ձեւով։ Ասիկա անշուշտ զարտուղումին հեշտանքն է երբեմն։ Չրաքեան իր Ներաշխարհ ին համար նման մեծաւոր փառասիրութիւն մը ներած է իրեն: Ժամանակը չտնտնաց շարժառիթին տարողութեանը վրայ ու գիրքը հռչակեց գլուխ–գործոց: Սերունդը (Չրաքեանին) միաձայն չէր այս դատաստանին մէջ։ Այսօր Ներաշխարհ ին ինքնատպութիւնը թերեւս գլխաւոր մեղքն է որպէսզի չըլլայ անիկա մարդկային, սրտագին, իրաւ վկայութիւն մը։ Կուտամ ուրիշ ալ անուն։ Պետրոս Դուրեանի ոտանաւորը ինքնատիպ է իբրեւ խորք ու իբրեւ զգեստ, այսօր, այնքան որքան էր 1870ին: Ինքնատպութիւնը ուրեմն երկսայրի զէնք մըն է որ երբեմն կը վիրաւորէ զինքը գործածողը: Կ՚ընդունիմ որ ամէն սերունդ զգալու որոշ, քիչ մը հասարակաց ուղղութիւններ ինչպէս արտայայտելու նոյնքան ընդհանուր միջիններ թելադրէ, մանաւանդ հեռուէն դիտողներէն զանազանելի: Կեցէք ԺԹ. դարու հայ գրական արդիւնքին դիմաց։ ժամանակը ջնջած է անհատականին սրութիւնները: Շնորհալիին, Սարկաւագին, Լամբրոնացիին ոճերը կը սուզուին հասարակաց հեղանուտի մը ծոցը: Իրենց սկզբնական կեանքի օրերուն անոնք կը տարբերէին իրարմէ թերեւս նոյնքան որքան կը տարբերին Վարուժանի եւ Սիամանթոյի արտայայտութիւնները։ Ուրեմն Պարոնեանի ոճին ինքնատպութիւնը առանձնացնել՝ կը նշանակէ քննութեան ենթարկել իր փաղանգին արտայայտութիւնը, ամբողջական նպատակներու մէջէն։ Մեր միջոցնե՞րը, այդ քննութիւնը արտօնող։ Գրողներուն գործերը եւ Պարոնեանի օրերուն արեւմտահայ զգայնութեան մեծ ճամբաները ստիպուած ենք փնտռել ակօսովը այն անուններուն որոնք օրուան փառքերը, կիրքերը, հպարտութիւնն էին կազմեր։ Ահա այդ անուններէն ոմանք։ 1880ին Եղիան փառք մըն է, իր խորքին յանդգնութեամբը որքան ձեւին տաժանակիր ինքնութեամբը: Ուրիշ փառքեր, տախտակներ՝ Մամուրեան, Պէրպէրեան, Չերազ, Տիւսաբ, Նար-Պէյ, Խրիմեան, Ծերենց։ Փաղանգին ամենէն բնորոշ անուններն են ասոնք Ու կ՚առաջարկեմ որ այդ զանազանակ արդիւնքները ջանաք վերածել հասարակ յայտարարի մը որ չըլլայ լրագրական ոճը, ունենալ սեպհական կնիքը, գէթ այնչափ որ հաստատելի է, օրինակ Իրապաշտներուն մօտ։ Կամսարականի, Բաշալեանի, Զօհրապի գրականութիւնները խորքի հանգիտութիւններ միայն չեն ներկայացներ այսօր զիրենք ուսումնասիրողներուն, այլեւ կը պարզեն արտայայտման որոշ ժուժկալութիւն, իրաւութիւն, չորութիւն, հիւթեղութիւն ։ Ո՞ւր, ի՞նչպէս կարելի է այս մերձեցումը գործադրել Վարդենիք, Առաջին Տերեւք, Յուզման Ժամեր, Մարդիկ եւ Իրք, Կատուի մը Յուշագիրը, Մարդը, Թորոս Լեւոնի, Գրական Փորձեր պիտակներով քաջածանօթ գիրքերու վրայ։ Միւս կողմէն, արեւմտահայ լրագրութիւնը, քրոնիկը ամբողջութիւններ են, ամէն մէկ հեղինակէ մասնաւոր շողիւնով մը երախտաւորուած։ Եթէ գիրքերու վրայ մեր ճիգը կը յանգի ժխտական արդիւնքի, թերթերուն վրայ անիկա կը գտնէ իր դրական արդիւնքը։ Մասիս ին, Թատրոն ին, Խիկար ին, Արեւելք ին, Հայրենիք ին (Գափամաճեանի Կիրակնօրեայն, 1887, Պոլիս), Փունջ ին (Ալաճաճեանի «պատուական» եւ «ազգօգուտ» թերթիկը) մէջ կը գործած մի արտայայտութեան միջոց մը, միջին մը որ ամենէն աւելի կ՚ինքնանայ Յակոբ Պարոնեանի գործերուն մէջ։ Այս նկատողութիւնները կը թուին հերքումն ըլլալ ինքնատպութեան յղացքին։ Մի աճապարէք։ Գիտէք որ վաւերական գրագէտը, առանց ինքնատպութեան, տարտամ յղացք մըն է։ Բայց տարազը ըմբռնելու եւ գործադրելու կերպին հետ կը փոխուի անոր իմաստը, տարողութիւնը։ 1905ին, Չրաքեան երբ կը փորձէ ինքնատիպ ըլլալ ( Ներաշխարհ ը գրած ատեն), կնիքին, դատապարտութեան տակն է արարքին, ինքնատպութեան սիրոյն` ինքնատպութեան որ մեղադրանք մըն է, առանց այլեւայլի, սա տողերուն վրայ Չրաքեանին հետ, ու անկէ առաջ ու վերջ, գրագէտները իրենց ինքնատպութեան մոլուցքին չեն զոհած անզոհելին, արտայայտութեան ամենէն անզոհելի ձեւը որուն մէջ միայն կը կաղապարուի անձի մը հոգիին պատկերը: Որքան շատ են բնական չըլլալու մեր միջոցները, երբ կը հրաւիրուիք այս պարագան չշփոթել ինքնատպութեան հետ։ Անվերածելի պարզութեան մը մէջէն ինքնատիպ եղաւ Վահան Մանուէլեան։ Ոսկե ճամուկ բառապաշտութեան մը մէջ ինքնատիպ կտոր մը յաւակնեցաւ ըլլալ Ո՛վ որ Սուլթան մը ունի Հոգիին մէջ. . Զարդարեան) հէքեաթը։ Այդ ինքնատպութիւնը բռնաբարեց Շ. Շահնուր իր նշմարներուն մէջ որոնցմէ մէկն է Աւագ Ուրբաթ ը։ Ինչպէս կը տեսնէք, այս ձեւ  ըմբռնուած գրական ձգտում մը գրեթէ աղերս մը չունի Պարոնեանի պարզ արտայայտութեան հետ։ Բայց ինքնատպութիւնը ամբողջ մըն է որուն կէսը կուգայ արտայայտութենէն։ Միւս կէսը անորակելի այն նկարագիրն է որով գրողի մը աշխարհը (հոս՝ Պարոնեանինը) կը զատուի շրջանին միջինէն, միջակէն: Նոյն մոլութիւնները կը ձաղկէր Սվաճեան, Պարոնեանէն առաջ, Մեղու ին մէջ։ Լեզուն՝ նոյնը։ Ո՞ւր է անբացատրելի այն ինքնացումը որով Պարոնեանէն էջ մը ինքզինքը կ՚ըլլայ՝ Պարոնեանով շանթաժի միջոց մը, տնավարի քաշքշուք մը, աս ու ան գովելով բաժանորդ շատցնելու business մը կը վերածուի գրականութեան։ Իրմով է որ երգիծանքը կը բարձրանայ գրականութեան բարձրագոյն սեռերէն մէկուն արժէքին եւ Արեւմտահայ գրական ճիգը Պարոնեանով կը շահի ազնուականութեան իրաւ տիտղոս մը։ Աւելին։ Երգիծանքը անով կը դառնայ արեւմտահայ գրականութեան բացարձակ մէկ յաջողուածքը, համահաւասար քնարականին մէջ անոր պարզած միւս յաջողուածքին։ Բայց ահա մասնաւորը։ Պէշիկթաշլեան եւ Դուրեան, Վարուժան եւ Սիամանթօ, Մեծարենց եւ Թէքէեան իրենց գործերուն մէջ կը պարզեն մէկէ աւելի կողմեր իրարու աղերսով մը, իրարմէ պաշտպանուած, իրար պաշտպանող, խորքէ ինչպէս ձեւէ։ Պարոնեանի ինքնատպութիւնը առանձին, ինքնագլուխ երեւոյթ մըն է։ Չեմ ըսեր որ ինք է ստեղծիչը արեւմտահայ երգիծանքին։ Բայց կը շեշտեմ որ անիկա դրած է գրեթէ հանճարային կնիք մը գրելու սեռի մը վրայ՝ որ ա՛լ չի կրնար ջնջուիլ: Մեծ գրագէտ մը որակելու ատեն սա կնիքը չենք կրնար զանց ընել։ Պարոնեանի ինքնատպութիւնը չէ զառածած, թերեւս անոր համար որ սեռը անընդունակ էր առանց վնասի հանդուրժելու այդ գիծէ քմայքներ: Իրն է պատիւը, պարզ ու բնական մնալով, զատուած ըլլալու լրագրականէն, մանաւանդ գտած ըլլալու իր սեպհական կնիքին գաղտնիքը, իրմէն ստորագրուած ամէն էջի տակ

բ) Պարոնեանի գրական տաղանդին երկրորդ առաքինութիւնը՝ ստեղծագործ ուժի իր անսպառ մթերքն է: Այս վերագրումն ալ առաձիգ, գրեթէ երկսայրի զէնք մըն է։ Ոմանք զայն կը գործածեն շունչը, ծաւալի արդիւնքներ պիտակելու: Ուրիշները անոր ետին կը սիրեն հասկանալ աշխարհներ սեւեռելու, տիպարներ ստեղծելու իսկապէս ծանրակշիռ արարքներ։ Այս վերագրումները անբնական չեն Պարոնեանի վաստակին համար։ Տասը միջակ մեծութեամբ իրաւ հատորներ որոնք ահա կը դիմանան երեք սերունդի փորձերուն, յաղթանակ մըն է։ Միւս  կողմէն, Ազգային Ջոջեր ը, իրականէն արտահանուած, թէեւ չեն հաշտուիր իրական ստեղծագործութեան պայմաններուն, կը պահեն սակայն ինքնութիւն մը, նորութիւն մը որոնք ստեղծագործութեան մէջ կը միանան։ Վերերը ըսի թէ ոչինչ էր ստեղծած Յակոբ Պարոնեան ։ Կ՚ակնարկէի այն տիպարներուն որոնք մեծ գրագէտի մը միտքին զաւակը իբրեւ կը սրբագրեն, կ՚այլակերպեն, կը նորոգեն իրականութիւնը ու ազգի մը հոգիին մէջ իբրեւ այդ ունին ծանր դեր՝ Ռաֆֆին իր տիպարները այսպէս է ստեղծագործած։ Պարոնեանի տիպարները աւելի չեն քան իրենց վաւերագրել փորձած անձնաւորութիւնները։ Ստեղծագործ ուժը կեանքին հանդէպ միշտ բուխ միտքն է։ Թէ Պարոնեան այդ կեանքին առջեւ իր բաժակը մշտաբաց տէրվիշն է, պատկեր մըն է որ չի հերքեր ստեղծումին փաստը։ Գրողները մեծագոյն աղէտին են ենթակայ ներքին սպառումին։ Նետեցէք ձեր աչքը ետ, արեւմտահայ գրականութեան տարեգրութեանց, որպէսզի համոզուիք թէ որքան քիչ են աշխատաւորները որոնց débitն պահած ըլլայ ինքզինքը սանկ քառորդ դարու մը վրայ, անայլայլ: Հակառակն է որ ճիշդ է։ Ի՞նչ չարաղէտ ազդակ միջամտեց որպէսզի հազիւ քսանամենի արեւմտահայ առաջին իրաւ վէպին հեղինակը, Տիգրան Կամսարական, այդ արդար փառքէն տակաւին կէս դարէ աւելի տեւողութեան մը վրայ, կտոր փրթուճ քրոնիկներ միայն ըլլայ ստորագրած։ Խիկար ին դադարէն տեղն է ըսել կործանումէն -- երեք տարի վերջը Պարոնեան կ՚իջնէ գերեզման։ Իր հիւանդութիւնը՝ աղքատութեան, թշուառութեան, հանճարին հիւանդութիւնն էր մեր մէջ։ Մահը կանխող տարին դրէք անկողինին ու սեւագոյն զրկանքին հաշւոյն։ Կատակ չէ, ընթերցո՛ղ, երեք զաւակ ու կին մը այդ հիւանդին երբեք չունեցած միջոցներուն պիտի ապաստանին։ Երբ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ իր երկար հոգեվարքը կ՚ընէր հայոց մեծագոյն երգիծաբանը, Պոլսոյ ազգային շրջանակները իրենց ատելութեան մէջ կը զգայի՞ն արդեօք անմարդկային գոհունակութիւնը, իրենց հակառակորդէն ազատուած ըլլալու, աւելին՝ զայն անդարման կերպով նուաստացուցած ըլլալու, իրենց դրամովը կանգուն հաստատութեան մէջ գերի պահելով անոր հանճարը։ « Էսպե՜ս է կանոնը », ըսեր է երգը։ Գրականութեան պատմութիւնն ալ կեանք կը նշանակէ ինծի համար: Պարոնեանի տաղանդին լիութեան քառորդ դարը, ըսի քանի անգամներ, ի՞նչ մնայուն գործ է կտակած հայոց գրականութեան, եթէ վայրկեան մը ներողամիտ աչքով մը հանդուրժէք խումբին ( Դեպի Իրապաշտները ) միջակութիւնները: Պատասխանը կը գտնէք Համապատկեր ին ամբողջ հասակովը։ Վերցուցէք այդ շրջանէն Պարոնեանի անունով մեզի հասածը, վերցուցած կ՚ըլլաք ոչ միայն գրական անփոխարինելի ժառանգութիւն մը, մասնաւոր սեռէ մը, այլ մանաւանդ վերցուցած կ՚ըլլաք ձեր ժողովուրդը այդ գրականութենէն։ Ո՞ւր է այդ ժողովուրդը, այս անգամ ոչ՝ Դուրեաններու, Պէշիկթաշլեաններու, Եղիաներու, նույնիսկ Թէրզեաններու առաւել կամ նուազ եղերափառ անձերուն ճիղճ պատկերներովը, այլ այն կերպարանքներով որոնք արուեստի գործերուն մէջ ինկած կ՚ըլլան սեւեռման, այսինքն վէպին, թատերական գործին, դիւցազներգական բանաստեղծութեան մէջ։ Առէք ձեռք խումբին վէպը ու փնտռեցէք իրաւ մարդեր: Չէք կրնար առնել անոր չունեցած թատրոնը (Պարոնեանի թատրոնը արձանագրած ենք իր մեղքերուն երեսին)։ Ու բանաստեղծութիւնը գիտէք թէ ինչ կը նշանակէր այդ մարդոց համար։ Պարոնեանին ստեղծագործ արժէքը ահա այդ փաստերուն փաստին մէջն է. իր ժողովուրդը առած ըլլալու անոր գրականութենէն ներս։ Ասիկա անշուշտ ըսել չէ թէ Պարոնեան ըլլայ ստեղծած այդ ժողովուրդը: Բայց ասիկա ըսել է թէ իր հանճարին գինն են միայն ու միայն հարիւրաւոր այն մարդերը, հազարաւոր այն վիճակները, պատկերացումները, ուրուագիր տախտակները (tableau), այնքան անփոխարինելի կերպով հարազատ, վաւերագրական, որոնք առանց իր մոգական գրիչին պիտի ըլլային պակսած մեր ժողովուրդի հաւաքական զգայնութեան շտեմարանէն։ Կը մտածեմ որ սա բարակրաֆ ին մէջ ընթերցողը պիտի փորձուէր խորհիլ մեծ ստեղծագործները, թիփեր ծնող, ճաշակներ լաստակերտող, մտայնութիւններ արժանատիպ զանգուածներուն մատուցանող ու պարտադրող այն մարդերուն որոնք դարագլուխ կը կազմեն, կայսրութիւններ կործանելէ վերջը, նորեր կը նետեն ոտքի: Ու տակաւին պիտի խորհէր կախարդական այն կառոյցներուն որոնց մէջ արուեստագէտը կը մրցի, ինչպէս կ՚ըսեն, Աստուծոյ հետ » (բոլոր ժամանակներու արուեստի մեծ յիշատակարանները, Շէյքսբիրն ու Պալզաքը, հա՜յր՝ հազարաւոր զաւակներու)։ Կարելի՞ է Պարոնեանը, համեմատական պարկեշտութեամբ մը մօտեցնել այդ արարիչներուն։ Աւելի համեստ չափերու վրայ, արտօնուա՞ծ ենք Պարոնեանի գործէն ազատագրել անուններ որոնք գէթ արեւմտահայ գրականութեան մէջ որոշ վարկ, ժողովրդականութիւն ըլլային խտացուցած, իրենց գիրքէն դուրս ալ կեանք մը ապահովող: Ստոյգ է որ անոր գործերուն անունները ( Ազգային Ջոջեր, Մեծապատիւ Մուրացկաններ, Խիկար, Հոսհոսի Ձեռատետրը ) ա՛լ կը պատկանին հասարակաց զգայնութեան ու մեզ կը տպաւորեն իբրեւ հասարակ անուններ։ Ջոջ տափակ որակականը անոր գրչին տակ գտած է իւրայատուկ բիւրեղացում։ Ամենօրեայ գործածութեան են իջած հոսհոս ն ու մեծապատիւ մուրացկան ը։ Եթէ երբեք Աբիսողոմ աղան իրեն վայել կենդանութեամբ մը չի շրջագայիր առօրեայ խօսակցութեանց մէջ, պատասխանատուն ապահովաբար Պարոնեանին տաղանդը չէ։ Ծաղրանկարը դժուար կը հանդուրժենք: Անշուշտ մեր մէջ չեղան պարզ մարդեր որոնք իրենց գլխուն իջած դժբախտութիւնը դիմաւորելու համար քաջութեամբ, իրենք իրենց ցաւին մէջ ըսէին, իբր գերագոյն մխիթարանք «Բարեբախտաբար վաղը Բիքվիքին [1] օրն է»: Բայց խաչագող ը աւելի ընդարձակ ժողովրդականութեան արժանացած է, քանի որ ծաղրանկար մը չէ, այլ նախատինքի մակդիր մը զոր գործածելու մէջ շատ չենք տառապիր: Խաչագող ին փառքը թերեւս մասնաւոր դասակարգի մը պիտակ ըլլալու իր հանգամանքն ալ աւելցուցած է, Ռաֆֆիի ստեղծագործ հանճարին ուժին։ Կը յիշեմ, շարքէն, Փանջունին որ ատեն մը վայելեց լայն ժողովրդականութիւն, բայց չանցաւ հանրութեան սեպհականութեան, ինչպէս եղած է ճակատագիրը ազգային ջոջ ին, մեծապատիւ մուրացկան ին, հոսհոս ին: Այս ուսումնասիրութեան առաջին մասերուն մէջ երբ կը ջանայի վեր հանել կարկառուն գիծերը Պարոնեանի տաղանդին, ըսի թէ իրմէ ոչ մէկ բան կը մնայ մեզի կատարեալ ու աւարտած, ինչպէս ըլլալ պարտքն է արուեստի մեծ յաջողուածքներուն։ Հոս կը լրացնեմ մտածումը: Այս անաւարտ, թերի նկարագիրը, Պարոնեանի գործերուն, մանաւանդ տիպարներուն, ես հոն փորձեցի բացատրել իր ստացած կրթութեամբը, իր շրջապատին ճնշումովը, ճաշակովը, իր բախտովը որ զինքը ուզեց շրջանի մը ուր մեր գրականութիւնը, իբրեւ յղացք, պատանիներու խելապատակին կը մնար ենթակայ կամ զառամ, ճճի փառասիրութիւններ կը սպասարկէր երբ ինքը, գրականութիւնը (զայն ընելու արարքը) ծանրածանր, խղդող խնամակալութեան տակն էր վարժապետներու, լրագրողներու, հռետոր եպիսկոպոսներու, դիւանագէտ երեսփոխաններու ու իրենց դիրքին վրայ դողացող պաշտօնատարներու։ Ասոնք թեթեւ մի արժեւորէք։ Թատրոն ը հէքեաթին նապաստակէն աւելի հալածանք տեսաւ: Խիկար ը սպառեց իր տոմարակալի ճիղճ վաստակը։ Ե՞րբ ունեցաւ այս տարօրինակ մարդը հանդարտ գլուխ մը, հոն սոսկ ապրեցնելու համար իր հերոսները, չափելու, ձեւելու իր պատկերները, որպէսզի խորհէր աւելի պատասխանատու պարտքերու, խորութեան վերջնական կերպարանքին թերեւս ընդնշմարուած բայց այնքան ալ դժուար նուաճելի յաճախանքին։ Փոխեցէք տարիները։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ բերէք Պարոնեանը 1900էն վերջ։ Վստահաբար կ՚ըսեմ ձեզի որ Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը արեւմտահայ գրականութեան մէջ տիրական փառք մը իբրեւ ինքզինքը պիտի ըլլար ազատագրած բոլոր ժամանակներու համար։ Մարտիկ աղա մը (Միքայէլ Կիւրճեան) պարզ բարքերու երգիծանքով մը մօտիկը եղաւ այդ փառքին եւ 1910ին հոսհոս ը շքեղ փանջունի մըն էր: 1940ին ազգային ջոջեր ը միջազգային տարողութեամբ տիպարներ պիտի ըլլային քանի որ նոր աշխարհ մը այդ մար դ երուն համար բացած էր կախարդական շրջանակները ամենէն բարդ, բարձը գործառնութիւններուն։ Փաշանե՜րը որոնք թուրքին գերիները չէին։ Իշխաննե՜րը որոնք ազգային պատմութենէն չէին փոխառած իրենց տիտղոսները, այլ քարիւղին ծովերէն։ Ու Եւրոպան բա՜ց, իր բոլոր փորձանքներովը։ Ու Ամերիկան որ միայն պատուելիներ չի հասցներ, այլեւ իրաւ գրողները կը հանդերձէ իրենց ճակատագիրներուն։ 1890էն ասդին մեր գրականութեան խեղճուկ պարունակին իսկ ներսը տեղի ունեցան գրական երեւոյթներ որոնք զիս կ՚արտօնեն սա տեսութիւններուն։ Մինակ Իրապաշտ դպրոցը բաւ էր մեծ Պարոնեան մը յօրինելու, եթէ երբեք 1885էն ասդին Էտիրնեցի պարզուկ տումարակալը արդէն չըլլար մէջքէն կործանած, քալելու անկարող։… Այս թելադրանքներուն միտբանին անշուշտ շոգիացնել չէ մեղադրանքը որ միջակտուր կ՚ընէ Պարոնեանի ստեղծագործական արդիւնքը այսօր։ Միւս կողմէն՝ բոլոր մեղադրանքները անզօր կը մնան կործանելու այդ արդիւնքին հարազատութիւնը ժամանակի մը վրայ ուր մեր վէպը բաջաղանք էր, մեր թատրոնը հայրենասիրական, հռետորեալ ճամարտակութիւն, մեր մտածողութիւնը՝ լրագրական քրոնիկ ու մեր երգիծանքը՝ անշահ, ստորին բանավէճ, թերթէ թերթ։ Սեւ Լեռին Մարդը կարդացող մը չի կրնար իր հիացումը զսպել Պարոնեանի գործին առջեւ։ Երկու հեղինակներն ալ ապրած են նոյն շրջանին։ Չեմ գիտեր, ուրի՞շ բան է կախարդական բառը, ստեղծումը: Աւելի անդին, երբ կը զբաղիմ Պարոնեանի հանճարով կուտամ ստեղծագործականին մէջ Պարոնեանին նուաղման ընդունելի ազդակներ որոնցմէ ոմանք ցեղային, պարագայական, անձնական ծանօթ են ձեզի: Կը կրկնեմ. 1940ին Պարոնեան մը միջազգային տարողութեամբ ստեղծագործութեան մը բոլոր աթոռները կը մէկտեղէր։ 1940ին Եղիա մը տանելի fantassiste մը պիտի ըլլար։ Այս երկու օրինակները կը խորհիմ թէ կը ճշդեն իմ դատաստանին ներքին կշիռը։ 

Կ՚անցնիմ Պարոնեան գրագէտին երրորդ առաքինութեան  որ 

գ) Նորութիւնն է, առնուազն այլամերժօրէն, սեռի մը վրայ: Ու դուք գիտէք ասիկա: Ու կրնաք գիտնալ տակաւին ուրիշներու անուններ որոնք այդ նորութիւնը կը բերեն երբեմն լման լեզուներու, լման գրականութեանց համար: Ըսել թէ ժամանակակից իտալական գրականութիւնը կը սկսի Տանթէով, ըսել է թէ այս վերջինը իր գտած տարրը այնպէս մը ձեռնած է որ անով կաղապար առած գործերը գրեթե չեն յիշեցներ նախատիպները իրենց։ Տանթէն մէկ հարուածով կը հիմնէր այդ գրականութիւնը ու լեզուն կը ձգէր կերպարանքի մը տակ որ դարերու պիտի դիմանար, իր կմախքը պահելով անփոփոխ։ Ըսել թէ արեւելահայ գրականութիւնը կը սկսի Խաչատուր Աբովեանով, ըսել է թէ Քանաքեռցի տէրտէրոջ տղան իր բարբառով այնքան իրաւ, ընդարձակ, համազգային նկարագրով գործ մը ձգած է մեզի որ իրմէն վերջ ուրիշներ այդ կաղապարը պիտի կատարելագործեն, բայց անթառամ պահելով այդ բարբառին իր տուած մեծ կնիքը։ Ո՞ր անունին հետ այսպիսի շքեղ աղերս մը դուք կը հաստատէք արեւմտահայ գրականութեան համար։ Զարթօնքի մարդերը առանձին առանձին կողմերու վրայ դարձուցին իրենց ուշադրութիւնը։ Անոնք մանաւանդ գրագէտներ չէին որպէսզի գրական գործերու վրայ այդ կաղապարը դրոշմէին։ Զօրայեանի լեզուն, գանկը չեն ազատագրուած։ Ռուսինեան ինք զինքը չճանչցող բանաստեղծ մըն էր, որ լեզուական հարցերու եւ կանոնական հետաքրքրութեանց մէջ վատնեց այդ տաղանդը, մեզի չձգելով ինքզինքը պարտադրող գրական յիշատակարան մը։ Գ. Օտեան շատ ուշ պիտի յիշէ թէ կայ հայոց գրականութիւնն ալ, թէեւ կը հաւատար հայոց լեզուին, մանաւանդ քաղաքացիական շնորհներուն, հայոց պատմութեան։ Մնացեալները լրագրողներ են որոնց համար լեզուն էատարը է միշտ։ Ու կուտամ անունը Մ. Պէշիկթաշլեանին որ հայոց գրականութիւնը կ՚ըմբռնէր դպրոցներով, թատերասրահներով, լսարաններով, պարգեւաբաշխական հանդէսներով։ Այս ըմբռնումին ծնունդն է իր գործը։ Ու կուտամ անունն ալ Պետրոս Դուրեանին որ կը սկսի արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը: Ուրեմն երկու առաջնակարգ տաղանդներ, իրարու հակադիր կալուածներու  վրայ, կ՚ընեն սկիզբներ։ Ոչ ոք՝ որ առարկէր Դուրեանի իրական մեծութեան, տաղերու աշխարհէն։ Նոյն անկեղծութիւնը չունեցանք Պարոնեանին համար։ Կ՚ընդունինք որ անով կը սկսի մեր հեգնանքը։ Ու այսքան։ Բայց արեւմտահայ գրականութեան մէջ մեծ գրագէտը պայմանաւոր է մեծ գործերով, գործառնութիւններով։ Տեսանք այդ մեծութեան փաստը իր գրականութեան մէկ երեսին վրայ: Ատիկա իր աշխարհն էր ։ Ու ինծի հետ կրնա՞ք չըլլալ հաստատելու որ այդ աշխարհը նորութիւնն է, նոյնիսկ առանց երգիծանքին այլապէս աղաղակող նորութեան։ Ըսել թէ իրապաշտ վէպը կուգայ Պարոնեանէն, կայծկլտուն paradox մը նետել չի նշանակեր։ Թշուառներ էն, Մայտա յէն, Սեւ Լերին Մարդը էն չի գար անշուշտ Վարժապետին Աղջիկը որուն լաւագոյն դրուատիքը ընելը համազօր է 1880ի բարքերը սեւեռելու պարտքը արժեւորել իր լրիւ իմաստին մէջ։ Ուրկէ՞ սորվեցան Իրապաշտները տեղը, դերը մեր բարքերուն, մեր վէպին համար։ Քննադատ մը հազար առուէ ջուր պիտի բերէր թերեւս, ապացուցանելու համար որ մեր իրապաշտ վէպը կուգայ ֆրանսացիներէն, արեւելահայերէն, Ռոմանթիզմին սնանկացումէն եւ դեռ նման շատ մը թէութիւններէ։ Չեմ մերժեր այս բոլոր կարելիութիւնները։ Բայց այդ քննադատը կը հրաւիրեմ աւելի պարկեշտ բանի մը. այն է Պարոնեանի սքանչելի աշխարհին, որ առանձին յաղթանակ մըն է երբ Խասգեղցիներուն, Վենետիկէն հալածուած քնարակիրներուն, խեղճ ու կրակ բարոյախօսներուն գրիչներով լաստակերտ սուտ աշխարհները ունինք նկատի։ Ահա ճշմարիտ դերը Պարոնեանին։ Անոր նորութիւնը ուրեմն նորութիւնն է խորքի, մեր բառով՝ աշխարհի: Ո՞վ կ՚արգիլէր Զօհրապը որ 1883ին սկսած իր ռոմանթիք ոտանաւորները չբազմապատկէր ու 1880ին գրէր Թէրզեանին, Չերազին, Եղիային խելքովը, լեզուովը, ինչպէս կայ այս դժբախտութեան փաստը Եղիայէն խմբագրուած Երկրագունտ հանդէսին մէջ, խեղճ ու կրակ քերթուածներու ձեւին տակ: Վարանքով կ՚առաջարկեմ  Պարոնեանը։ Ու կուտամ ծանր, յաւակնոտ բառով մը` իմ պատճառաբանութիւններս։ Երբ Իրապաշտ փաղանգը իր զգայնութիւնը կը բանայ գրականութեան, հրապարակին աստուածներն են Խասգեղցիները, Վենետիկցիները, այսինքն ասոնց մօտ կրթուած ու Պոլիս անցած քերթողները։ Ու կայ Պարոնեանը։ Հրաշքով չէ որ 1885ին գրիչ բռնող բոլոր նորերը կը մերժեն վերի խնամարկութիւնները։ Այն ատե՞ն։ Հեռու է Մամուրեան։ Չկայ Ծերենցը: Տիւսաբ իր գեղեցկութիւնն ու դիրքը նախանձախնդրօրէն կը պահպանէ իր վէպերով։ Իրաւ, պարզ, հաստատ peuple կեանքը ո՞ւր է, եթէ ոչ Պարոնեանին մօտ։ Ու կատարուած է աշկերտութիւնը, թէեւ առանց լայն գիտակցութեան։ Արփիարեան աւելի լաւ վէպ մը չգրեց քան Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը, ոչ ալ երգիծեց Պարոնեանը ստուերող շնորհներով։ Այս գրեթէ անծանօթ մնացած ճամբով է որ Պարոնեանի ազդեցութիւնը պիտի իրագործուի թերեւս ամբողջ հայ գրականութեան պատմութիւնն ի վար։ Եւ որովհետեւ, վերջին վերլուծումով, ձեւին փխրուն, դիւրափոփոխ նրբութեանց քովն ի վեր, միշտ ինձի համար տիրականը, իրաւը, ամուրը խորքը կը մնայ (մանաւանդ երբ դարերու կշիռ մը ունինք նկատի), կը հասկցուի թէ ինչու այսպէս թանկ կ՚արժեւորեմ սա յատկութիւնը նորութիւնը Պարոնեանի մէջ գրագէտը որոշադրած պահուս: Մի սպառնաք ինծի ամէն իրաւ գրագէտի համար անխուսափելի սա տուրքով։ Այո։ Նոր է Դուրեանը։ Եղիան։ Մեծարենցը։ Չրաքեանը։ Բայց այս անուններուն ետին մենք նորութեան երկու եզրերն ալ կը դնենք նժարին եւ նուազ տպաւորիչ, ուժեղ, նոյնիսկ մեծ՝ Վարուժանը, Տիկին Եսայեանը, Թէքէեանը որոնց արտայայտութիւնները լեզուն կ՚ախորժին արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր tonalitéէն, խորքով անձնացման մը, այսինքն աշխարհի նորութեան մը առաւելապէս ուշադիր: Ոչ ոք մտքէ պիտի անցընէր արժեզրկել Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը, ասոր արտայայտութեան փայլատ, առօրեայով գրեթէ վիրաւոր կերպարանքը քաւութեան նոխազ յայտարարելով, ինչպէս Տիկին Եսայեանին գրեթէ հասարակ ոճը մերժել նոյն տրամադրութիւններով։ Կը գործածեմ նորութիւնը Պարոնեանի գրական կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը իբրեւ, վասնզի արեւմտահայ ճշմարիտ, «ժողովուրդ» գրականութիւնը կը սկսի Պարոնեանով, այս վերագրումին ամբողջ կշիռը երբ գիտակցաբար ուզենք արժեւորել: Ձեզ կը ղրկեմ Ռոմանթիքներուն, Կրտսերներուն (Ռոմանթիքներ), Խասգեղցիներուն դիւաններուն, ու կը ղրկեմ Զարթօնքէն յետամնաց մեծ փառքերուն (Մամուրեան, Տիւսաբ, եւ այլն) որպէսզի այդ անուններով մեզի հասած վաստակէն ինծի բերէք գործը ուր իմ ժողովուրդը կենար: Մենք, ըսի վերը, կը դժուարինք Պարոնեանին շնորհել նորութեան սա փառքը, մեր նախապաշարումներէն նուաճուած: Ի վերջոյ Չերազի փողփողենէջ լեզուէն, Պէրպէրեանի իմաստակուռ արձակէն, Մամուրեանի դիւանական բարբառէն ու մանաւանդ Գարագաշի համակ հմտութիւն, վարժապետական պայծառութիւն խտացնող անկնիք ոճէն դժուա՜ր` ազատագրուիլ մը, որպէսզի Պարոնեանի լեցուն, պարզ, ողջամիտ ու կենդանի գործիքին վրայ զիջէինք ընդունիլ գրական առաջնակարգ, նոր միջոց մը, անկախաբար աշխարհին նորութենէն որ այդ օրերուն անըմբռնելի բան մըն էր գրողներու ինչպէս ընթերցողներու ստուարագոյն մասին համար։ 

Շատ են գրագէտ մը յատկանշող առաքինութիւնները. Մէկիկ մէկիկ անոնցմով զբաղիլ՝ պիտի նշանակէր Համապատկեր ը ուռեցնել գրագիտական խնդրական, թերեւս աւելորդ ու նրբաման սնոտիքով։ Կուտամ համադրական տարազ մը սակայն, անհրաժեշտ՝ Պարոնեանին չափ ընդարձակ գործունէութիւն մը երբ կ՚ուզեմ տեսնել կարճ, պայծառ պիտակներով մատուցուած ընթերցողներուն ընկալչութեան։ Լրագրող մըն էր էտիրնեցի պարզուկ տոմարակալը: Ու իբր այդ՝ դուրս իմ նկատողութենէն։ Երգիծանքը այդ լրագրողին մէջ աղ ու պղպեղի մը դերը կրնար ունենալ, զայն աւելի դիւրութեամբ, նոյնիսկ որոշ հաճոյքով մը կարդացուելու արժանի ընող։ Այս սպրիկ շնորհէն դէպի մեծ գրագէտ ի տիրական փա՜ռքը։ Շատ է ճամբան։ Զանցումները խայծերու կը նմանին, դարձեալ գրգռիչ։ Ասոնց գինով էր որ Եղիան, Չրաքեանը պատրանք ստեղծեցին. Յ. Գ. Մրմրեանը անցաւ իբրեւ իմաստասէր։ Հետեւակ, ուղղափառ միջակութիւնը (Իւթիւճեան, Գարագաշ, Կ. Փանոսեան, Մամուրեան, մանաւանդ Բիւզանդ Քէչեան) սերունդ մը միայն կրնայ պատրել: Մեր լրագրութեան մեծ փառքերը երբ թաղուեցան հետախաղաղ, պատմութեան դամբարանին ձգելով իրենց անուներէն վերջը՝ իրենց գործերն ալ կը վկայեն սակայն իբր ապացոյց ուրիշ ալ կարելիութիւններէ։ Մեր Իրապաշտներուն քրոնիկը լրագրական է իր ծնունդովը, ինչպէս զարգացումովը։ 1900ին մեռած էր այդ քրոնիկը, բայց սկսած էր կեանքը, իբրեւ շրջանէ մը անփոխարինելի վկայութիւն։ Բերաններ կ՚երթա՞յ, վրայ, այդ մահը կարդալու Պարոնեանէն մեզի եկած քրոնիկին  վրայ: Ստիպուած էք ընդունիլ գրագէտ տարրին պաշտպանութիւնը։ Այս տարրն էր որ ազատագրեց իրապաշտ քրոնիկը։ Այս տարրն է որ միջամտած է Պարոնեանի գործը մահուընէ ազատելու: Իրապաշտ խումբը գրագէտներէ կը բաղկանայ: Դէպի Իրապաշտներ փաղանգին մէջ մատով կը համրուին գրագէտները։ Անտոնցմէ մէկն է անշուշտ Եղիան։ Հիմա փորձեցէք գտնել պատճառը, որ այդ սքանչելի ջղայնութիւնը անօգուտ լիւքս ի մը վերածեց, մեր գրականութեան մէջ առանց կշիռի ըսելու չափ քիչ, տարտամ արդիւնքներով եւ Եղիան իմացապէս անհաասարակշիռ մէկն էր։ Բայց համակ նոյնիսկ «մեծապայծառ» յայտարարուած իմացականութիւն Պէրպէրեա՞նը։ Եթէ Եղիայի ջղային գրութիւնը արուեստագէտ մը կրնայ շնորհել մեզի, բայց անհաւասարակշիռ իմացականութիւնը անոր զգայնութիւնը չի կառավարեր, մենք մօտիկն ենք հասկնալու Եղիայի վրիպանքը։ Մեծապայծառ իմացականութիւնները մեծապայծառ իմացականութիւններ են, կրնան ըլլալ, բայց երբ չե՞ն պաշտպանուիր արուեստագէտ զգայնութեամբ մը, արդիւնքը կ՚ըլլայ սառած Քրոնիկը Պէրպէրեանին։ Ի վերջոյ մեծ վարժապետ մը միշտ միջակ գրագէտ մը իսկ չէ։ Մնալով երկու օրինակներուն միջինին երբ ջիղերու եւ բանականութեան հաւասարակշիռ փաստ մը դուք կը յաջողեք գտնել ուրիշ անունի մը վրայ, որուն գործը չըլլար ուռուցիկ ռոմանթիզմ, հետեւակ շուկացիութիւն, չզառածէր դէպի քմայքը ու պահէր ողջամիտ միջինը խելքին ու զգայնութեան, կեանքին, մանաւանդ խելքին մէջը, պիտի մտածէիք թերեւս ուրիշ մեծապայծառի մը, օրինակ՝ Մ. Մամուրեանին։ Բայց ձեր մտածումը պիտի մնար վախկոտ, անաւարտ, սպառնալիքին տակ Մամուրեանի գործին ուր մեղքերը քանի մը պատիկ առաւելեալ են քան արժանիքները։ Ու մտածման նոյն զուգորդութեամբ պիտի կենայինք Պարոնեան անունին վրայ։ Արդարեւ ոչ քմայք, ոչ տափակութիւն։ Ոչ խոյանք, ոչ ալ սողոսկում։ Արի, արդար, հպարտ, ամօթխած կեցուածք մը կեանք ըսուած իրողութեան դէմ: Ասոր միայն հաւատացող։ Զայս միայն իր բոլոր կերպարանքներուն մէջ փառասիրող։ Ու այս սէրը պահող՝ իր ամենէն համեստ ձեւին մէջը։ Ահա Պարոնեանը որ իր սերունդին ամենէն հաւասարակշիռ գրագէտն է։ Այս տարազին ետին կ՚ուզեմ տեսնել ա յն յատկութիւնը որով գրագէտ մը կը կենալ, կրնայ կենալ ուղիղ միջինի մը վրայ: Այդ միջինը մի կարծէք թէ դիւրին է պահպանել: Տուի անունը Չրաքեանին որ, իրաւ գրագէտ, վրիպեցաւ սակայն միջին գիծին առջեւ ու  անցաւ աւելի անդին, մեզ իր հետ չունենալու ճակատագրով մը։ Չրաքեանը պիտի կարդացուի այս անհաւասարակշռութիւնը հասկընալ փափաքողներէն եւ ոչ թէ պիտի դասուի իբր իր ժողովուրդը պատկերող վկայութիւն (թէեւ լեզուի մէջ անով պարզուած երեւոյթները կը վկայեն ուրիշ փառքերէ)։ Տուի անունն ալ Բիւզանդ Քէչեանին, մենտո՜րը հայ միջին միտքին, որ չէր ծնած սակայն գրական տուրքերով։ Գրականութիւնը ոչ լաւ ոճ մը ունենալն է (որքան շատ՝ արեւմտահայ չորս սերունդներուն մէջ մարդեր որոնք այդ ոճը գործածեցին շքեղ արձակութեամբ մը, բայց ատով միայն վարձատրուեցան), ոչ ալ լաւ մթերք մը գաղափարներու: Երկուքին բարւոք, խնամեալ միացումովն է պայմանաւոր մեծ գրագէտը։ Հաւասարակշռութիւնը ուրեմն Յ. Պարոնեանի գրականութեան մէկ ուրիշ յատկանիշն է։ Այս տարազը կը լուսաւորուի երբ աւելցնէք հաղորդականութիւն, կանոնաւորութիւն (մանաւանդ քերականութեան հանդէպ զգաստ յարգանք), առողջութիւն (որ ողջմտութեան համազօր է գրեթէ), տոկունութիւն, որոնք թէեւ երանգներ կը թուին, բայց անաղարտ կը պահեն հիմնանիւթը անոր ընդհանուր արժէքին: Զուր տեղը չէ որ մարդիկ կը խենթենային Պարոնեանին վրայ, զայն հալածելով հանդերձ կը պատկառէին իրմէ։ Ու ահա աւելին։ Ձեզի համար դժուար է մերձեցնել Պարոնեանի ընթերցումին խռովքը՝ Օտեանի ընթերցումին պատճառած անկնիք, անփոյթ զուարթութեան: Օտեանն ալ կը փնտռէին, բայց որո՞նք. հոգեբանութեան մը խորը խրուած մարդեր որոնք շուկայէն, դպրոցէն, պաշտօնատուներէն իրենց դադարը կը ջանային բարեխառնել սանկ գաւաթ մը քէյֆ ով։ Կը կարդային Օտեանին քրոնիկը ու կը մոռնային նոյն արագութեամբ։ Պարոնեանին քրոնիկները օրուան ամենէն իրաւ տագնապներէն կը մեկնէին, ամենէն իրաւ մարդոց օձիքը կը բռնէին, ու կ՚ըսէին շրջանին ամենէն տիրական խօսքը, երբեմն վճիռը: Ասոնք չէին մնար թուղթերուն պատանքին մէջ։ Թատրոն ը գիտէք թէ քանի հեղ խափանուեցա: Ու պիտի մտածէք հարկաւ թէ այդ սեւ բախտը կեցած տեղը չէր գտած այդ հանդէսը։ Պարոնեանի բոլոր կտորները ունէին տարողութիւն, ազդեցութիւն, լայն, պատասխանատու անդրադարձ։ Ուժ էր. գիտէք ասիկա։ Սարսափ էր. գիտէք աս ալ։ Բայց գրագէտն էր, երգիծողէն առաջ, հեղինակը այս մասնայատկութեանց։ Ու տարօրինակը այն է որ երբ մարդիկ Օտեանը կը կարդային նորոյթ մը ինչպէս, բոլորովին գիտակ նորոյթներուն արժէքին, Պարոնեանը կարդացին առանց  մտածելու գրագետին ։ Ըսի թէ խղճմտանքն էր իր ժողովուրդին։ Մարգարէ՞ մը։ Հիմա դժուար է բառին տարողութիւնը պարպել իր կրօնական mistiqueէն։ Մենք մարգարէները մասնաւորած ենք կրօնական կարիքներում, մինչեւ իրենց հեռու, աւանդացած դարերուն, անոնք մունետիկներ էին, անապատէն փրթած, վայրագ որքան վայրենի, գրեթէ մերկ, միշտ բոպիկ: Բայց որոնց ձայնը կը բարձրանար համատարած սարսուռի, կը փոխուէր նոյնքան համատարած սարսափի երբ կը կենային արքունիքներու առջեւ, տաճարներու բակերուն ու կը պոռային առաջինին անբարոյութիւնները, երկրորդներուն սուտն ու փղշտացի կեղծիքը, բիրտ, վայրագ, բարբարոս բառերով, երկնային պատուհասումին շանթերովը բոցավառ, դղրդելով այդ խեղճ ու պատառ զանգուածներուն ինչպէս ոսկեդրուագ ընտրեալներուն խղճմտանքները։ Մարգարէ՞, Յակոբ Պարոնեանը երբ կը յարձակի պատրիարքարանին վրայ, երեսփոխանական ժողովին վրայ, լրագրութեան արիսպագոսին վրայ, ջոջերուն շքեղ, ոսկեճամուկ համբաւներուն վրայ, գրողներուն հինայուած շփացածութեանը վրայ, մեծին ու պզտիկին, մինչեւ իսկ Պապը Ալի ին, վեց մեծ պետութեանց (այն օրերուն եւրոպական հաւասարակշռութիւնը վեց սիւներու վրայ կը բարձրանար), փաշաներէն մինչեւ Սալզպրիները, Պիզմարքները։ Ու կը յարձակէր, պաշտպանելու համար զրկուածը, անարգուածը, անիրաւուածը ։ Պարոնեան կարդալ, 1880ի շուկացիին համար, երբեք չէր գրական վայելքը 1910 շուկացիին որ իր Օտեանը կը մարսէր, ճաշին վրայ, սուրճին հետ ու սուրճի տեղ։ Գրողնե՞րը, երբ Պարոնեան կ՚առնէին իրենց սեղաններուն առանձնութեանը։ Ասոնք ալ հակառակորդը, ոսոխը, յաջաղկոտը միայն կը տեսնէին անոր ծաղրին ետին, մինչդեռ 1910ին Օտեանը կը հանդուրժէին ոչ ոքի վնասող իր անուշ-ջուրի երգիծանքին համար։ Պարոնեան կարդացուեցաւ բոլորէն։ Ու մարդիկ գրագէտ մը կարդալու ո՛չ սնափառութիւնը, ո՛չ ալ վախը ունէին իր հետ։ Դժուար է ինծի համար սա վերագրումը ընել արեւմտահայ գրականութեան ուրիշ մէկ վարպետին համար (պիտի յիշեմ Արփիարեանը որ կիրքեր միայն արծարծեց ու աղէտներու տարաւ ինքզինքը ինչպէս իր ժողովուրդը. Հրանդ՝ որ Պարոնեանի արթնցուցած ապրումներու մօտիկ զգայութիւններ թելադրեց իր պանդուխտներուն, բայց գրողներէն ժառանգեց անվայել մակդիրներ, գաւառացի, խռօ, եւ այլն)։ Չէք անդրադառնար թերեւս որ սա պարզուկ խոստովանութեանց ընդմէջէն տուած եղայ իրաւ, գերազանց գրագէտը կերպադրող տարազ ը։ 

Պաշտպանուած վերի եւ վարի աստուածներէն (խորք ու ձեւ), սա նկատումներու լոյսին մէջէն, կը հանդիսանայ թերեւս արեւմտահայ գրականութեան ամենէն դասական գրագէտը, մարդը որուն զգայնութիւնը իջած ըլլայ միջին խորքին իր աշխարհին, որուն իմացականութիւնը գտած ըլլայ միջին խտութիւնը իր ժամանակին եւ որուն արտայայտութիւնը ըլլայ հաւասարակշռած այս ամէնը, անթառամ արդիւնքներու վրայ։ Այս հաւաստումը չեմ ուզեր որ զարմանք պատճառէ ձեզի։ Կանչեցէք իր մտքի նայուածքին առջեւ կէս դարը այդ մարդուն. ըսել կ՚ուզեմ զայն լեցնող ազգային ծանր կամ՝ թեթեւ իրադարձութիւնները։ Այս տղան իր աչքերը բացաւ երբ զարթօնքը կը ճլտորէր։ Իր պատանութիւնը ապրեցաւ ամենէն ամուր յուզումներուն սլաքներուն տակ: Խենթութեան, խանդի, անհուն ախորժակներու օրեր էին 1880ը, 1870ը։ Ու հանճարային երիտասարդը ծուէն ծուէն բիւրեղացուց այդ ապրումներուն ամենէն սրբազան տարրերը։ Այդ երիտասարդը մեր ազգային վերածնութեան ոչ միայն կիրքը կը տառապի, այլեւ իր տաղանդին թեւերովը զինքը կը նետէ պայքարին կրկէսը։ Բա՜յց։ Ու այդ բայցը հոս կը նշանակէ իր անձնականութեան ձայնը, սաստը։ Թող պոռպռան երեսփոխանները։ Թող որոտան հռետորները: Թող սոնքան իշխանաւորները, պարեգօտաւորները, գրողները, վարժապետները։ Այս ամբողջ թոհուբոհին ներքեւ, մէջը կայ վիրաւոր մասը մեր թերութիւններուն։ Պարոնեան այդ մասերն է որ կը զննէ նոյն ատեն։ Ու ահա խանդավառ, դրական գործիչէն երեւան կուգայ սկեպտիկ հեգնողը։ Մինչեւ իր հիւանդանալը (1890) այդ կեանքին բոլոր տիրական յոյզերը անիկա առաւ միւսներուն նման, միւսներէն աւելի։ Սերունդ ուրիշ բան չի նշանակեր եթէ ոչ համայնական ապրումներու սեղմ հանդէս, ժամանակէն վեր ու վերջ տեսնուած։ Ու ներեցէք որ հարցնեմ ձեզի 1850էն մինչեւ 1870 մեր խղճմտանքները դղրդող հարցերուն համայնական պատկերը մեր ո՞ր գրագէտին գործին մէջ դուք պիտի գտնէք այն յստակ, բացորոշ կերպարանքներով որոնք սեւեռուած են Պարոնեանի գիրքերուն մէջ։ Այս հարցումը ձեզի կը բերէ իր պատասխանը։ Եթէ ստոյգ է որ Պարոնեանի գրականութեան ամենէն տոկուն սերմերը կուգան Զարթօնքին առողջ, օգտապաշտ, ժողովրդանուէր առաջադրութիւններէն, պատիւ մըն է ու գերազանց որ անոր գրականութիւնը այդ սերմերը ըլլայ աճեցուցած, հասունցուցած, առանց խաթարելու անոնց սկզբնական նկարագիրը։ Այդ գրականութիւնը զերծ է  նոյն սերունդին նրբենի, օտարոտի, թեթեւ ռոմանթիզմէն (խորհեցէք Օտեանին, Հիսարեանին, Ոսկանին եւ միւսներուն, ինչպէս գետնաքարշ իրապաշտութենէն . Զօրայեան)։ Իրաւն ան է որ Գրիգոր Օտեան, հաստատ ու դրապաշտ մտածող, նոյն ատեն անկանգնելի ոճամոլ մըն է, տասը անգամ լեզու փոխած, քսան անգամ գրական վարպետներ փառաբանած, մինչեւ իր մահուան տարիները, երբ Բարիզէն գրուած (Պոլիս) իր քրոնիկներուն մէջ այնքան իրաւ նկատողութիւններ, դիտողութեանց հանդեսին այնքան անընդունելի ձեւով մը զարդարանքներ կը հետապնդէ բառերէ, մանաւանդ մտածման ձեւերէ: Դարձեալ նոյն սերունդէն Ռուսինեանի մը, Զօրայեանի մը, նոյնիսկ Միսաքեանի մը նոյնքան հաստատ մտածումները կը տառապին ձեւի անգնելի հետեւակութիւններէն, մէկուն մօտ տրամաբանական, միւսին մօտ գրական, երրորդի մը մօտ շուկայիկ նկարագիրներով վիրաւոր։ Չենք հանդուրժեր Նկարագիր Ազգային Դաստիարակութեան ը արդար գէթ հեղինակին ըմբռնումներուն լիովին հարազատ յիշատակարան մը, գիտէ՞ք ինչու: Վասնզի այդ իրաւ դիտողութիւնները չեն ազատագրուած, չեն բարձրացած ձեւի, չեն հաւասարակշռուած։ Գործնապաշտ գրագէտ մը, իր վերադիրին մէջն իսկ կարծես կը հերքէ արուեստը որուն մէկ նոր վերադիրը, ձեւին, կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան։ Աշխարհիկ իմաստութիւնը, շուկան, դիւանագիտական շնորհները կեանքէն առնելու համար կը բաւէ քիչ մը նուրբ, ընկալուչ ծնած ըլլալ: Գրագէտ մը խորհրդաւոր բան մը չէ անշուշտ։ Բայց կը զատուի իմաստունէն ընթացիկ արժէքներու հանդէպ կեցուածքի այլութեամբ մը, օրուան նիւթեղէնէն աւելի կամ նուազ զօրաւոր այլութեամբ մը։ Ն. Զօրայեան նույնիսկ լեզու մը ունենալ չմտածեց, ասանկ լիւքսի մը դերը թերեւս վնասակար ալ կարծելով։ Որեւէ վարժապետէ մը աւելի կանոնաւոր գիտէր իր լեզուն Բիւզանդ Քէչեանը: Բայց երկուքն ալ գրագէտներ չէին։ Այդ գրագէտը չեղաւ դարձեալ Օրմանեան Սրբազան։ Ու իրենց գործը իրենցմէ չաւելցաւ, ճիշդ այդ մեղքէն դաւաճանուած։ Այսօր կը կարդանք Պարոնեանը, շատ քիչ անգամ դժգոհանքի ստուերէ մը այցուած։ Անոր գրականութիւնը հեռու է տափակէն ինչպէս զարդարանքէն։ Ողջմտութեան պատգամներն ալ չեն բառեր մեզ ազատագրելու: Ուղիղ, հիւթեղ, համով գրելը հրապարակագիրը միայն կը հանդերձէ։ Դէպի գրագէտը կայ տակաւին շատ ճամբայ: Պարոնեան գրագէտ մըն է սակայն ոչ միայն սա տուրքերով որոնք անցան վերլուծումէ, այլ իր գործին իսկ կշիռովը։ Անհուն աշխարհը Պարոնեանին միս մինակը տիրական բարիք մըն էր, ինքնին։ Թող պակսէր այդ գործին ետին գրագէտը, դարձեալ մեր երախտագիտութիւնը չէինք սակարկեր։ Կէս դար հազիւ կը զատէ մեզ իր աշխարհէն։ Ու ահա արեւմտահայ գրականութեան անդրանիկ համապատկերը անհուն գորովով կը ձգտի արժեւորել այդ բարիքը, իր աշխարհին։ Թող անցնին քանի մը դարեր։ Այն ատեն պիտի գնահատուին Պարոնեանի տասը հատորները իրենց ճշմարիտ արժէքով երբ իբրեւ փոշի պիտի ըլլան ցնդած սուտ ու փուտ փառքերը իր խումբին ամենէն շքեղակուռ համբաւներուն։ Այդ աշխարհը բիւրեղացնող, ոճաւորող, կնքաւորող ու կորուստէ փրկող երկրորդ տարրը կուգայ գրագէտին ։ 

 

Ահա թէ ինչու իր գրագէտի դէմքին համադրական յօրինման պահուն մէկդի եմ նետեր իմ չափերը, կշիռները, բանաձեւերը (որոնք հարկադրաբար ճնշումին տակն են ձեւական արժէքնելու, գիրքերու գիտութեան մը, արուեստներու իմաստասիրութեան մը քանի մը հիմնական ցուցմունքներուն ուշադիր) ու կը ջանան կեդրոնանալ իմ ժողովուրդէն իրագործուած այն ընդհանուր կաղապարին մէջ որով մեր գիրքերը կ՚ըլլան իրենք զիրենք, սանկ հազար հինգ հարիւր մը տարի։ Մի գայթակղիք: Այլապէս ծիծաղելի Փաւստոս Բիւզանդը (իբրեւ պատմիչ հէքեաթ յօրինող իբրեւ դատող մարդերը նոր կրօնքին անկողինին մէջ պառկեցնող ու հէքեաթին յիմարին նման անոնց դուրս մնացած մասերը կտրտող կամ պակսած մասերը քաշելով դարձեալ կտրող, քրոնիկագիր դէպքերը զրոյցի վերածող -) մէկն է մեր ամենէն մեծ գրագէտներէն, խորքի հարցին մէջ սեւեռած իր անփոխարինելի, անհաւասարելի բարիքովը երբ հայհոյելու, քաշքշելու, անիծելու պատրուակներուն տակ այնքան շքեղ սարքի տախտակներ կը գործածէ, կարծես անոնց վրայ արձանագրելու համար իր ժամանակին մեծ մեղքերը։ Դրէք Խորենացիին Ողբ ին ետին Փաւստոսի հոգին, միտքը ու դուք կ՚ունենայիք ուրիշ դար մը հայ կեանքի այն հարազատութեամբ, հայեցիութեամբ որուն շտեմարանն են այդ անպաճոյճ քրոնիկոն ին չորս հինգ բաժանումները եւ դրէք Օտեան ողբին տեղ (Քեաթիպեանի մահուան վրայ) կենդանագիր մը Պարոնեանէն, իր բարեկամ ազգական բժիշկէն հանուած, դուք պիտի ունենայիք իրաւ բժիշկը։ Փաւստոս գիրքերու արհեստը ո՛ւր կ՚ուզէ սորված ըլլար, Աթէնք, Աղեքսանդրիա, այս ուսումին  չէր որ պիտի մնար պարտական իր շքեղ գիրքը։ Այդ Աթէնքն ու Աղեքսանդրիան հարիւրներով ըրին մեր հին վարդապետները, ինչպէս մեր շրջանին` Տորպատն ու Պերլինը, Սորպոնն ու Օքսֆորտը մեր միտքին նոր աշխատաւորները, բայց այնքան քիչ գրող ելան։ Ու նոյն մտածման ճամբով` կ՚ըսեմ մեծ գրագէտ մըն է անկանգնելի Նարեկացին որուն ոճը հայհոյութիւն է ուղիղ բանին, այսինքն քերականական համաձայնութեան դէմ, բայց որուն զգալու, տեսնելու, արտայայտելու կերպը այս ժողովուրդին է, յորդ, հեղեղային, գունաւոր, տաք, կրքոտ, յիմարական լսուելու չափ անձնատուր բառերու մղումին: Մեր օրերուն կրնաք այս գիծէ գրողը ուրուացի տեսնել Չրաքեանին, Սիամանթոյին, Զարեանին մէջ։ Ահա երկու եզրեր, զիրար հակակշռող։ Բայց որոնց տարրերը կ՚ապրին իմ ժողովուրդի ընդհանուր միջինին մէջ դարձեալ: Ու կ՚ըսեմ. հայոց գրականութենէն, քերականութենէն ոչ թէ թարգմանածոյ Եզնիկ մը ոսկեդարեան պատմուճանով այսօր կը գրաւէ մեր հիացումը, այլ Փաւստոսի, Նարեկացիի գործերն են որ մեզ յարգանքի կը հրաւիրեն, իրենց փրկած մթերքով մեզմէ։ Ըսի՞ թէ ո՞ւր կը զատուէր Պարոնեան իր մեծ գոլիկա ներէն։ Մեծ, հարազատ գրագէտի տիտղոս մը` ես կծծօրէն զլացած եմ, շատ կանուխէն (հիմա աւելի քան) այն միւսներուն որոնք արեւմտահայ գրականութեան այդ շրջանին ունեցեր են իրենց փառքերը, ասոնք վաւերագրող մագաղաթեայ վկայականները։ Ով որ կը թարթափի, ի խնդիր իրաւ կեանքի, յոյզի, վարքի, մինչեւ 1890 հայոց մամուլին նսեմ նկուղներուն ներսը, ապշահար պիտի հաստատէ միշտ կրկնուող վկայութիւններ. մեծ Եղիա, Մեծ Մամուրեան, մեծ, անզուգական Պէրպէրեան։ Ես իմ կարգին տառապելու չափ խառնած, մարսած եմ այդ թղթեղէնը։ Քիչ մըն ալ դուք խառնեցէք այդ ահագին կոյտը թուղթերուն ու բարի եղէք ինծի բերելու այն պուտ մը իրաւ, հայ կեանքը որ հոսհոսներուն թեթեւութիւնը չըլլար, այլ ըլլար իմ ժողովուրդին դառնագոյն ապրումներուն խտացած արտայայտութիւնը։ Մարդիկ եւ Իրք, ըսի անգամ մը։ Գրողներ, եկեղեցականներ, վարժապետներ ու ասոնց աշխա՜րհը։ Նոյնն է ճակատագիրը Նամականի ներուն, Կատուի Յուշագիրք երուն։ Ստուերք Հայկակա՞նք ը։ Փոխանակ պոռալու, պոռպռալու, կարդացէք ու ձեր ժողովուրդին համար փաստեր ճարեցէք այդ բառակոյտէն։ Այս արագ ու կտրուկ միջոցը կը խնդրեմ որ գործադրէք այս անգամ Պարոնեանին ալ վրայ: Ու եթէ կամաւոր կոյր մը, մուշտակաւոր փղշտացի մը պատմուճանեալ բարիսեցի մը չէք, պարտավոր էք ձեր զգացածը, օրինակ Հոսհոսի Ձեռատետր էն, Ազգային Ջոջեր էն, Մեծապատիւ Մուրացկաններ էն, եւայլն, եւ այլն, հաստատել, արժեւորել իբր այն անվրէպ փաստը որուն համեմատ գրագէտ մը իր ժողովուրդը կը պատմէ, բայց կ՚ըլլայ նաեւ իր ժամանակին վերջը: Այնպէս ենթադրեցէք որ աղէտ մը ըլլար ջնջած արեւմտահայ գրական վաստակը եւ հրաշք մըն ալ ըլլար խնայած անկէ Պարոնեանին գործը։ Անշուշտ պիտի ցաւէիք ծանր արժէքներու կորուստէն, բայց Պարոնեանին ժառանգութիւնը մեզի պիտի դառնար նուազագոյն սփոփանք մը։ Չեմ երթալ առաջ՝ ըսելու չափ որ Ազգային Ջոջեր ը պիտի նախընտրէի ամբողջ Ալիշանէն։ Բայց կ՚ըսեմ՝ թէ Ալիշանի ամբողջ գործը վերագտնելու առիթներ միշտ պիտի ունենային գոյութիւն, քանի որ այդ գործէն ստեղծեալին բաժինը մարդու մը հասակով էր պայմանաւոր ( Նուագք շարքը պակսած պարագային Ալիշան մը կ՚ըլլար խնայուած մեզի). իսկ համայնական, հայրենական մասին համար կը մնային նախանիւթերը, մթերքը մեր հին գրականութեան։ Աշխատաւոր մը պիտի կրնար վերակազմել ամբողջ պատմական աշխարհը Ալիշանին: Այս մտածողութիւնները, հակառակ իրենց paradoxal նկարագրին, կը ջանան թելադրել ճիշդ պատկերը, բաղադրութիւնը այն արժէքներուն որոնք բոլոր գրականութեանց մէջ կը պահեն նոյն կշիռը: Որքան ալ նուրբ, փափուկ, պատշաճաւոր ըլլան մեր ձեւերը, որքան ալ կոկ, խնամուած, ճաշակագեղ՝ ճարտարապետութիւնը մեր նախադասութեանց, այս կարգէ բարիքներ անկարող են փոխարինել անմահ բարիքը յատակին, հիմնանիւթին որ կեանքն է իմ ժողովուրդին, իր շատ յատկանշական մէկ հատուածէն, Պոլիսէն, համադրական շտեմարան մեր կեանքին, քանի մը դարերու վրայով։ Թերեւս շատ զօրաւոր, ըմբերանող նոյնիսկ առարկութիւններ փորձեն վիրաւորել սա վերագրումներուն տարողութիւնը: Համապատկեր ը չի վիճարկեր, այս արարքը անարգաւանդ դաւանելուն, մանաւանդ անցեալին վերապրումին համար։ Բայց անոր հեղինակը կը հաւատայ որ ասկէ վերջ երբ այդ Պոլիսը, այդ շտեմարանը սնուցանող ժողովուրդը սեպհականութիւնն են պատմութեան, մեր զաւակները, մեր թոռները զգալու համար այդ ժողովուրդը, այսինքն իրենց նախնիքները, զանոնք որոշ չափով ապրելու համար պիտի չդիմեն ոչ Եղիային, ոչ Ալիշանին, ոչ Տիւսաբին, ոչ Մամուրեանին ու նոյնիսկ Պետրոս Դուրեանին (որ շատ իրաւ բանաստեղծ մըն է բայց չի կրնար տալ աւելի ընդարձակ, բազմերես տարազը գրագէտին), այլ Յ. Պարոնեանին, անոր մէջ գտնելու համար մերձաւորապէս այն ապրումները, զգայնութեանց որակն ու տեսակները զոր ձգած, արժեւորած, բիւրեղացուցած է ալ իր ներսը Խորենացիէն, Փարպեցիէն, Շնորհալիի երգերէն …։ 

Յետոյ, արեւմտահայ գրականութեան պարունակէն երբ կը փորձեմ արժեւորել Պարոնեանը, չեմ դառնար ետ աւելորդ անգամ մըն ալ հաստատելու, այդ արարքին իսկ սիրոյն, ողջմտութիւն, գործնապաշտ եւ օգտապաշտ շնորհներ, զարդի հանդէպ խրտչուն դիւրազգածութիւն, երբեմն արի, հաւատաւոր խանդ, հրայրք, կիրք, որոնք մեր նիւթեղէնը հոգեղինող ուժերն են, - բոլոր այն տուրքերը որոնք մեզ ապրեցուցին մեր հողերուն վրայ եւ ասոնցմէ դուրս, մեր խնայող, տնտեսող, զգոյշ ու առոյգ բնազդները, մեր մտքին կարելի խոյանքները: Պարոնեանի մէջ գո՞րծը ասոնց։ Դուք գիտէք ասիկա։ Ու երբ կը փորձուիմ այս ամէնը տարածել իրմով իր ժողովուրդին ալ վրայ, կամ կ՚առնեմ իր ժողովուրդին շտեմարանէն Պարոնեանին վրայ փոխադրելու, հեռու եմ գրականութիւն ընելէ ։ Ձրի վերագրումներ չեն ասոնք մարդու հասցէին, որ միս մինակը ըրաւ իր ճամբան, ընդդէմ աշխարհ մը արգելքներու, տեսաւ, ապրեցաւ, դատեց իր դարը մուրացկան վարժապետի, թափառական տոմարակալի, հալածուած դերասանի, ուրացուած խմբագիրի կաղապարներով. պայքարեցաւ մարգարէի, առաքեալի ամուր կիրքերով, հաւատքով, քանի մը սրբազան խենթութեանց արժէքին, ու ինկաւ ակօսին վրայ, մաճը ձեռքին, ինչպէս կ՚ըսեն եւ Արեւմտահայ գրականութիւնը ասկէ աւելի արդար անուն մը չունի պատուելիք իր զաւակներուն մէջ, կատարեալ գրագէտի համար այնքան աժան, իրականին մէջ այնքան սուղ սա տիտղոսով։ 

Մեր ամենէն իրաւ գրագէտն է անիկա:

Երգիծո՞ղը, այդ իրաւ գրագէտին ետին։ 

Այդ հանգամանքով կը զբաղիմ երբ ձգեմ վերլուծման Պարոնեանի հանճարը: Բարքեր, մարդեր, կիրք, հայեցիութիւն հոս կը կազմեն իմ նկատողութեանց ծանրոցները: Անո՞նք՝ որ պիտի ուզէին աւելի ընդհանուր, դէպի համամարդը հայոց արժեչափեր։ Կրնամ զիրենք հանգիստ թողուլ: Ֆրանսացի մեծ գրագէտ մը ինքզինքը արժեւորելու ատեն թերեւս շատ ալ չզգաց կարիքը իմ ծանրոցներուն։ Բայց հայ գրագէտը, գրականութեան  չափ եթէ ոչ աւելի, պարտքեր ունի իր ժողովուրդին հանդէպ: Դերը զոր դարերով այնքան արժանաւորութեամբ կատարեց Հայաստանեայց Եկեղեցին, այսօր մտած է կարելիութեանցը մէջ Հայաստանեայց գրականութեան։ Մեր սահուն, կոկիկ աշխարհաբարը չէ որ առանձինն պիտի պաշտպան էր մեզ վտանգէն։ Մեր գրականութիւնը՝ մեր հայրենիքն է, լեզուէն վեր ուժով մը որ կը գրաւէ մեր սիրտերը։ Յակոբ Պարոնեան չի փոխարիներ անշուշտ ամբողջ արեւմտահայ գրականութիւնը, ինչպէս քիչ մը չարամիտ քաշքշուքով ուզեցին սրաբանել արեւելահայերը։ Բայց, ըսի քիչ վերը, անիկա ժողովուրդն է: Համապատկեր ին ամենէն ամուր սկզբունքներէն մէկն է այս հաւաստումը։ Անկնիք եւ ուղղափառ Եզնիկը չէ հայոց գրականութեան ոսկեմատեանը, այլ խուժ Կորիւնը, թերխաշ Փաւստոսը, իմաստուն ու նոյն ատեն ռոմանթիք Փարպեցին: Այս հակադրումների արկածախնդրութիւն թող չնկատուին։ Չեմ նետեր Թովմաս Թէրզեանի դիւանը, ինչպէս չենք նետած Շնորհալիի Յիսուս Որդի ն։ Բայց երբ գրական արժէքներով կ՚ըլլանք հետաքրքիր, կը դիմենք ոչ թէ այդ տաղաչափութիւններուն, այլ անոնց որոնք մինչեւ այսօր ալ պահած են մեզ գրաւելու ուժը իրենց ներսը է` 

 

Ո՞ ր դարուն ալ բանաք Ազգային Ջոջեր ը, պիտի վարձատրուիք

* * *

Գրագէտի սա յատկութիւններուն արժեւորումը կ՚ամբողջանայ երբ քանի մը էջ նուիրուին Պարոնեանի լեզուին որ համազօր է հոս ոճին։ 

Այս նկատողութիւնները կը յառաջաբանեմ հիմնական վերագրումով մը. որոշ ժամանակ մը որ կը հասնի մինչեւ Վ. Տէրեանի մահը, արեւելահայերը արեւմտահայ գրականութիւնը վերածած էին Պարոնեան եզրին: Եթէ երբեք վճիռը ձեզի կը թուի տարօրինակ որքան անարդար, փաստ մըն է սակայն, իր չափազանցութենէն առաջ, Պարոնեանի մօտ տիրական առաքինութեան մը։ Ու ասիկա՝ գրելը ըմբռնելու, իրագործելու իր եղանակն է որով այս մարդուն մեզի ձգածը կը զատուի խոտելի փառքերէն, արեւմտահայ Ռոմանթիքներուն ու Խասգեղցիներուն մօտ այն այնքան աւելորդ ձեւով մը գերաճուն, փչուած, կեղծ, բառակուտակուած, ոսին ու զարդարուն արդիւնքին ինչպէս հասարակ, անկնիք, լրագրական ախորժակներէն Զարթօնքի սերունդի գործնապաշտ գրողներուն։ Ու կը զատուի նոյն ատեն անորակելի այն լինելութենէն որ հայոց գրականութեան անունն ունէր Եղիաներու, Տիւսաբներու, Մամուրեաններու գրիչներուն տակ: Մեծ վերլուծումներու կարիք չեմ զգար հասկնալի ընելու այն paradoxը որ արեւելահայերը, մանաւանդ մինչեւ այս դարուն սկիզբը արհամարհէին մեր Ռոմանթիքները, Դէպի Իրապաշտները փաղանգին պսակաւոր անունները։ Խորքի զգայարանքին անոնց մէջ գտած գերաճումը կարեւոր ազդակ մըն էր այդ արհամարհանքը ստեղծող, երբ լուրջ, բարձրագոյն կրթութենէ անցած եւ կամ վայրական տաղանդով մը օժտուած մարդեր այնքան քիչ նիւթ կը դնէին իրենց էջերէն ներս ու այնքան շատ հով, կը հաւատային թէ կապած էին իրենց բառերուն ջաղացքը։ 1890ին Թիֆլիս հաստատուած բժիշկը, փաստաբանը, ուսուցիչը ի՜նչ սրտմտութեամբ կը մերժէր մեր քերթուածները ուր ոչինչ կար խօսող իր սրտին, մարդերէն սկսեալ մինչեւ աշխարհը, վայելքն ու ցաւը մեր ժողովուրդին։ Ու այս հաւաստումը հասարակաց քերթողներուն որքան արձակագիրներուն համար։ Բայց նոյն այդ մարդերը պիտի խանդավառուին Արփիարեանով, Պարոնեանով մանաւանդ, ոչ անշուշտ ասոնց գործին Պոլսեցիներուն ծաղրանկարովը հեշտացած, այլ աւելի պարզ փաստի մը սիրոյն: Պարոնեանին մէջ, ամէն էջի, անոնք կը հաստատէին ողջմտութիւնը, ցեղային սրամտութիւնը, օգտապաշտութիւնը, ցեղային ընդերքի մը մէջ սաղմնաւորուած մեր անփոխարինելի պայծառատեսութիւնը։ Բայց ահա վտանգը. այս յատկանիշները արտահանելի են, գրեթէ նոյնութեամբ, Բիւզանդ Քէչեանէ մը, Մաղաքիա Օրմանեանէ մը, Միսաք Գոչունեանէ մը

Իրողութիւն է որ Պարոնեանի լեզուն անվերածելի պարզութեան իջած գործիքն է, հանդիպելի արեւմտահայ գրական արտադրութեանց մէջ։ Անիկա դժուար որքան գեղեցիկ հաւասարակշռութիւնն էր, դիտել տուի վերերը։ Որմէ վար գրականութիւնը կը կործանի լրագրութեան ու տափակութեան ճախճախուտքը։ Որմէ վեր քերթողական անտանելի ճախրանքը, այնքան յոխորտ, անիրական, քմայական։ Գրագէտի գործիք մը: Ամուր ու նստուկ։ Իր ուժին գիտակցութիւնը զինքը չէր տարած հերձուածողական եւ կամ վերանորոգչական հերոսութիւններու։ Անիկա երեք չորս անգամ տեսաւ խաղարկութիւնը լեզու շինողներու, Ռուսինեանէն մինչեւ Չրաքեան։ 

Ոչ միայն գրագէտի գործիք մը։ Այլեւ հրապարակագրի բանուկ, ուժով գործիք մը։ Անոր ներքին կազմաւորման մէջ խստօրէն արգիլուած են փնտռուած, երբեմն նոյնիսկ կատաղօրէն հետապնդուած (Չրաքեան) ծանրութիւններ։ Հաստատ, յիստակ, էականով սնանող, աւելորդէն, երկրորդականէն, զարդարունէն, նուագունէն, շլացիկէն հիմնովին զերծ այդ ոճը անշուշտ որ Յակոբ Պարոնեանն է, այսինքն ոճը մարդու մը որ կեանքը հասկցաւ ու վարեց այդ էական որակումներուն հեշտանքովը։ Սրամիտ մը թերեւս պիտի մտածէր սա որակականները հաստատած ըլլալ նաեւ Բիւզանդ Քէչեանի մը ընդարձակ յօդուածներուն ետին։ Չեմ խրտչիր։ Յակոբ Պարոնեան, վերի որակականներով Բերայի ամենէն բանուկ պողոտաներուն վրայ բազմայարկ ապարանքներ չբարձրացուց, ինչպէս ըրաւ ողջամիտ եւ զգաստ Կեսարացին (Քէչեան)։ Դուք գիտէք Պարոնեանի մարմնեղէն ողբերգութիւնը։ Ու կը տարուիմ սա տռամային ազդակ ընդունել այն հազիւ զգալի տարբերութիւնը, քանի մը կրամ աւելին կամ պակասը որոնք նիւթ մը կ՚այլակերպեն ամբողջութեամբ։ Այդ տարբերութիւնը ահա կուտան գրագէտ տարրը, տաղանդը, հանճարը նոյնիսկ, ասոնք ալ որակականներ, որոնց հետ մեր գործնական բնազդները մահուան ու կեանքի անդուլ պայքարի մը մէջ, պիտի դադրին իրենց բարիքէն։ Թէ երգիծանքը, լրագրականութիւնը, տաղանդին տեսակարար խտութիւնը ազդակներ եղան Պարոնեանը զառածումէ արգիլող, զայն կեանքին hունին յարդարող, մտածում մըն է որ կրնայ արդարացուիլ: Բայց ահա աւելին։ Ինծի քանի քանի անգամներ պատաhած է համակուիլ խորունկ յուզումով, նույնիսկ հիացումով՝ երբ կը կարդամ Եղիան, վիպակներու սկիզբը, գէթ անոնց առաջին մասերուն, ուր անթերի իրականութիւնը, տեղական նոյնքան անթերի գոյն մը, մարդկային անփոխարինելի հարազատութիւն մը, ժողովուրդ տարրը, հոգին, հայեցի, աւելի ճիշդը՝ Պոլսեցի իրենք զիրենք սեւեռելու համար կը մրցին այդ վիպակներուն առաջին քանի մը էջերը ընելով բարձրորակ որքան բացարձակ յաջողուածք մը որ սակայն անխուսափելի կերպով մը պիտի յանգի նոյնքան բացարձակ ձախողուածքի մը, վիպակի վախճանին, կործանելով սկզբնականին արժէքը սպառսպուռ: Այս անբնականութիւնը Եղիայի հետ թերեւս դժուարանաք բացատրել անոր ուղեղին կազմախօսական խօթութիւնները կրկէս նետելով։ Բայց կուտամ մեծ, իմաստուն, մենտոր գրագէտին ալ անունը, ան որ Պոլիս եւ Զմիւռնիա սանկ կէս դարու մօտեցող իշխանապետութիւն մը վարեց, Քէչեանէն վեր մտայնութեամբ մը, վէպ, թատրոն, քննադատութիւն, տպաւորապաշտութիւն գործադրելով, բայց չզգալով իր արձակին անբաւականութիւնը, կառոյցներուն քմայքը, միւս կողմէն ստորագրելով sensé, խելօք, իրաւ, տաք ելոյթներ։ Մամուրեան մեծը ձրի տարազ մը չէր, ինչպէս Ալիշան անհունը։ Պարոնեանի սերունդէն վերցուած սա երկու փաքերուն հոս յիշատակութիւնը կը ձգտի լուսաւորել արժանիքը այն միւս մարդուն որ լման քառորդ մը դար, առաջին էջէն մինչեւ վերջինը, տիրապետեց ոչ միայն իր խորքին, այլեւ իր ձեւը պահեց աննուաղ։ Մարդոց ոճը չի փոխուիր բայց տարիք ունի, անոնց նման։ Մեծ գրագէտը ա՛ն՝ որուն ոճէն տարիքի խոստովանութիւն, թելադրանք կը մնան քօղարկուն, անհոլանի։ Հիմա, այս հաւաստումը ենթարկեցէք ուրիշներու համար ալ։ Այնքան իմաստուն, «մեծ պայծառօրէն» իմաստուն Ռեթէոս Պէրպէրեանն անգամ զերծ չէ մնացած անգրագէտ մեղադրումէն։ Անոր Առաջին Տերեւք ը եւ Խոհք եւ Յուշք ը իրար կը դատապարտեն (ո՞ւր դնել Եղիշէ Դուրեանը, Հրանդը, Սիպիլը, նոյնիսկ մեծ սկեպտիկ Զոհրապը, որոնց վերջին գործերուն մէջ ոճը կը պարզէ այնքան տարօրինակ նահանջներ սկզբնականէն)։ Յակոբ Պարոնեան, գիտէք, հաւաքեց իր մէկ թատրերգութիւնը ( Ատամնաբոյժն Արեւելեան ) հրապարակէն, խորքի տագնապէ մը տառապելով։ Երգիծախաղին լեզուն, իր կարգ մը գռեհկութեանց հետ, կը կրէ անոր երիտասարդութեան բովանդակ տաքութիւնը, մտքին պայծառութիւնը, զգայնութեան փաստերը։ Կանոնաւոր, յստակ, ուղիղ (գաղիացիներուն directe), կենդանի, անմիջական։ Այսպէս կը գրէր անիկա Մեղու ին մէջ ( Խիկար ը 1888ին: Մեղու ն՝ 1872ին)։ 

Միւս կողմէն, նոյնիսկ անթերի ոճ մը շատ շատ միջակ համբաւ մը կը յօրինէ։ Ըսել կ՚ուզեմ` քանի մը կրամի պակասը կամ աւելին հոս ալ կը միջամտէ երբեմն վճռական հետեւանքներով։ Գրագէտներ չեն գրեթէ իր սերունդին ամենէն հռչակաւոր անունները, ինչպէս չէ այդ գրագէտը Մաղաքիա Օրմանեան։ Եւ անուրանալի է որ Յակոբ Պարոնեան գրագէտ մըն էր, ու մեծ գրագէտ մը։ Այն ատե՞ն։ Անգնելի նանրամտութիւն պիտի նշանակէր մեծ գրագէտը պայմանաւորել լեզուական յաջողուածքներով։ Այսպէս, բացի Զօրայեանէն, որ բարենորոգչական հակումներով կը զառածի դէպի անկնիք արտայայտութիւնը, Զարթօնքին միւս աշխատաւորները լեզուականին  մէջ յսկտակ յաջողուածքներ են, արմատապէս ունեցող մեր գրաբարը, վենետիկեան ամենէն դրասանգեալ պաճուճանքին հետ տիրաբար խաղալու արձակութեամբ մը, այլեւ ծանր յանդգնութիւններովը բոլոր նորաղանդ առաքեալներու (երեք անգամ փորձ է կատարուած, մէկու կէս սերունդի գրական փորձառութեանց ընթացքին, լեզու կերտելու) ու կը գրեն իրենց լեզուները պատրանալից առքով մը։ Թէ լեզուն ուժ մըն է, արժանիք մըն է, գեղեցկութիւն մը նոյնիսկ, հեռու եմ ընդ դիմաբանելէ։ Բայց գրագէտի մը վրայ խօսած ատեն երբ լեզուի շնորհներէն դուրս, քիչ բան ունիմ վերհանելի, ահա ողբերգութիւնը։ Այս տրտում փորձառութիւնն է որ Չրաքեանի մը տաղանդը կ՚ընէ այնքան պզտիկ, գրեթէ վիրաւոր։ Այդ լեզուն խեղճ ու պատառ բան մըն է Երուխանին մօտ, բայց մենք անոր գործը կ՚երախտաւորենք շատ աւելի ծանրագնի, քան դրասանգեալ Ներաշխարհ ը։ Գրագէտը կեանքն է ։ Մի մոռնաք ասիկա։ Բա՛խտ՝ եթէ երբեք այդ կեանքը ունենայ նաեւ իրեն պաշտպան լեզու մը. պարագայ՝ որ գործի մը մեծութիւնը կ՚երաշխաւորէ առնուազն քանի մը սերունդի վրայ: Որքան շատ են մեր մէջ անոնք որ այդ լեզուն միայն ունին բայց երկու տարուան մէջ կը հիննան։ Մի մոռնաք Սիպիլը։ Միւս կողմէն արժեւորեցէք, ծանրագին չափերով Թլկատինցին որ զուրկ էր այդ լեզուական շնորհներէն։ Գրագէտը պայմանաւոր է ուրեմն լեզուէն անդին ալ բանով մը։ Թէ ի՞նչն է այդ անդին ը, դժուար է առաջին հերթով պատասխան մը յարմարցնել։ Կ՚ընդունիմ որ Դուրեանի թատրոններուն մէջ ունենայ գոյութիւն մաս մը ախորժանք, իր սերունդին տաք կիրքերը լուսաւորող, հռետորեալ, փափուկ, գունագեղ, վայելուչ արտայայտութիւն մը (որ մասամբ ցեղային ալ շնորհներու կը դառնայ յայտարար)։ Բայց իրաւ Դուրեանը այդ թատրոններուն մէջ չէ անշուշտ։ Զայն գտնելու համար պետք է իջնալ իր քերթուածներուն։ Գրագէտ յղացքին, ըսի, շատ են բաղադրիչները։ Լեզուականը մէկն է միայն անոնցմէ։ Սխալ բայց ընդարձակ ծաւալ գտնող պատրանքը ան՝ որ ամենէն ընթացիկը դասուած է անիկա, լեզուականը, այդ շնորհներէն Պարոնեանի համար գործածուա՞ծ պարագային։ Ողջմտութիւնը իմացական արժանիք մըն է եւ ոչ թէ զգացական լրում մը։ Ու մենք գիտենք՝ միտքէն առաջ ջիղերն են որ գրագէտը կը կերպադրեն: Պարոնեան իր սերունդին մէջ մինակն է գրեթէ որ գրելու արուեստի մը հնհնուքին մէջ չըլլայ սպառած իր ուժերը: Հաստատ, իրմէն աւելի օգտապաշտ  Օտեան մը իրեն ներած է գրական փառասիրանքներ, լեզուի, ոճի ակօսներով։ Ինչ գէշ կը գրէ Տիկին Տիւսաբ, առնուազն օտարներու մէջ իրաւ մտածումներ երբ կը փոխադրէ իր վէպերուն իբր ատաղձ։… Թէ երգիծանքը պարտադրած է այդ ոճը հիմնականին վրայ ինքզինքը կաղապարելու արարքին, զայն մղելով վտարելու ամէն տարր որ կը վնասէ այդ առաջադրութեան, տեսութիւն մըն է որ կ՚արդարանալ։ Չունինք Պարոնեանէն ազատ էջեր, մտածման, զգացման, հոգեբանական թափանցումի, ուր գրագէտի մը խորքը, մանաւանդ ձեւը ըլլային ինկած վերլուծման։ Խիկար ի մտածումները չեն գար պահանջուած սա ազատութեամբ։ Չէ նկարագրած, որպէսզի տուած ըլլար պատեհութիւն բառերը գործածելու իր գիտութիւնը կշռելու (մեր մէջ գրագէտին աւագ յատկութիւններէն մէկն է ասիկա)։ Կ՚ուտամ անունը Սուրէն Պարթեւեանին, ոճի մեծ վարպետ մը, որուն տաղանդը ահ ու պատկառանք կ՚ազդէ անշուշտ իր ոճին մէջ է— երբ կը խարանէ, կը խարազանէ, կը պարսաւէ, բայց որուն գիրը (գրականութիւնը) կ՚ըլլայ անկանգնելի հռետորութիւն, երբ կը յաւակնի վերլուծել, պատկերել, նկարագրել։ Ուրեմն`

ա) Իր մշակած սեռին մէջ Պարոնեանի ոճին հիւթեղութիւնը, պարզութիւնը, ճշգրտութիւնը, ողջութիւնը, գործնականութիւնը, անմիջականութիւնը, հաղորդականութիւնը շահուած, գրեթէ անառարկելի արժանիքներ են զորս զինքը ստուերել փորձողներն ալ կը հաստատեն։ Բայց խորհած ունի՞ք միւս ալ իրողութեան որուն համեմատ այդ որակումները յատկանիշներն են նոյն ատեն ամէն իրաւ գրագէտի։ 

բ) Այդ լեզուին կորովը (որ ուժէն տարբեր երանգ մըն է։ Սիամանթօ ուժով բայց ոչ կորովի ոճ մը ունի։ Վարուժանին ոճը թէ ուժը, թէ կորովը կը համադրէ), համը, նորերը պիտի ըսէին աղուաշ անուշութիւնը, մասնաւորեալ պոլսականութիւնը, շուկայ հոտող բայց գռեհկութենէ զերծ առnղջութիւնը, 1860ի համատարած տափակութեան եւ սեթեւեթեալ զարդամոլութեան մէջ իր քնարական ջերմութիւնն իսկ պահել կրցող ուրի՛շ արժանիքները, դարձեալ կը պաշտպանեն մեծ, իրաւ գրագէտի իր վարկը, համաձայն տիպարներու, մտայնութեանց, միջավայրերուն ինքզինքը հարազատ ու առողջ պահող։ 

գ) Չէ հետապնդած շրջանի ընթացիկ ախորժանքները ուր գրականն ու հոuհոuականը կը ժամադրուին, uանկ ու նանկ փառքերը գրքունակ անցեալներուն զորս ոգեկոչելը հիներուն « քերթողաբար » կը նորոգէ, ու ներկային հեշտանքները Մայիսէ ու լուսինէ, եւ գիտէք թուումին հասակը։ Թացիկ, յաւակնոտ, տարակեդրոն, ամբարիշտ ու «վերէն նայող» գրողներու փաղանգին մէջ իր լրջութիւնը խառնուածքէ վկայութիւն մը չէ միայն, այլեւ գրական հասկացողութեան զօրաւոր փաստ մը։ Չէ կշտացած շրջանին նկարագրամոլութիւնը, սոփեստութիւնները խարանելէ, վասնզի գիտակից էր ոճին որ ոչինչ կ՚ըսէ բայց կ՚անցնի իբր գրական հրաշալիք (Խասգեղ տղաքը, 1875ին)։ Ոչ միայն այդ։ Պարոնեան տառապած է լեզուական օրենսդրութիւններուն շոշոկանքովը։ Ու իբր հակահարուած՝ գրած է ու րանալով բոլոր վարպետները։ 

Բայց ընթերցողը չի գոհանար այս հաւաստումներով։ Կա՞յ Պարոնեանի ոճին մէջ միջին կերպարանք մը որ երեսուն մը տարիներու հոլովոյթը ըլլար արդարացուցած (1850–1865–1885)։ Կը ղրկեմ ձեզ Պարոնեանի Եփրատ ին, Թատրոն ին, Խիկար ին։ Ու հատորներուն որոնք կը կոչուին Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերուն մէջ, Ազգային Ջոջեր, Հոսհոսի Ձեռատետրը ։ Ասոնք այն գործերն են ուր արեւմտահայ գրականութեան գործիքը դասական կոչուելու չափ կանոնավոր, հաստատ կազմ մը կը պարզէ, օրուան բոլոր կարիքները դիմաւորելու բաւ ճկունութեամբ մը։ Վերերը դիտել տուած էի որ տափակ գրողներու յատկանիշներն ալ ուրիշ տեղ չեն իյնար։ Ու թելադրած` քանի մը կամ պակասը կամ աւելին որոնք միջին մեր բարբառը կ՚անձնաւորեն: Պարոնեան կը զատուէր հետեւակներու կարաւանէն շեշտ իր ինքնատպութ եամբը ինչ պէս ճախրասլաց քերթողներու միգամածային դալկութիւններէն կամ գունախաղութիւններէն իր առողջ, փայլատ ինքնութեամբը։ Երուանդ Օտեանի քառսուն հատորները մէկի կամ երկուքի։ Շահողը պիտի ըլլայ Երուանդ Օտեանը։ Չեմ կարծեր որ ամբողջական գործին (մօտ երեք հազար էջ) վրայ կարելի ըլլար էջեր զեղչել որոնց թիւը անցնէր քանի մը հարիւրը եւ կարողացա՞յ, արդեօք սա հաւաստումներով արտայայտել Պարոնեան գրագէտին հարազատ տարողութիւնը։ Իմ ինչուն պէտք որ չըլլար կարդացած Եղիային չափ: Չունենար Տիւսաբին լայն պարապութիւնը, ուրիշներուն քովտի աղբիւրները եւ Պարոնեան գրագէտ մըն է ընդդէմ՝ իր ժամանակին

 


 



[1]        Տիքընզի ծաղրավէպին անունն է (The Adventures of Mr. Pickwick)։ Կանխող դարու կէսերէն առաջ լոյս տեսնող այդ զաւեշտավէպին ցրւումը տեղի կ՚ունենար պարբերական առաքումներով: Պրակը առնելու համար անգլիացի ընթերցողները իրենց ագարակներէն երբեմն երեք չորս մղոն տեղ կը քալէին դէպի կեդրոն քաղաքներ ուր կը բերէր թղթատարը վէպին պրակները, շաբաթէ շաբաթ թէ ամիսէ ամիս, չեմ յիշեր. Պարոնեանը օղիի գլուխ կարդացողները տեսել եմ։