Ը.
ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ
ՀԱՆՃԱՐԸ
Բառը
կը
գործածեմ
պատասխանատուութեան
ստոյգ
գիտակցութեամբ
մը։
Դուրս
եմ
վախէն
կամ
վարանքէն։
1910ին,
1920ին,
մարդիկ
Երուանդ
Օտեանը
կը
կանչէին
Պարոնեանէն
գերադաս
փառքի
մը։
Ու
սփիւռքին
ինքնահաւանութիւնը
գիտեմ
թէ
կը
սնանի
կանխողներուն
փառքին
փոշիներովը։
Օտեան
աւելի
մօտ
էր
Բարիզի
տղոց։
Պարոնեան
Ասիան
էր,
«
քիթիփիոս
»
Պոլսեցին,
որուն
աշխարհին
ճակատագիրն
էր
ջնջուիլ։
Բայց
մեզայատուկ
սա
բաջաղանքէն
առաջ
ու
վեր
կայ
դասական
չկամութիւնը,
ամէն
գրականութեան
մէջ
դիտուած,
որով
կը
ջանանք
արժեզրկել
ամէն
մեծատարած
փառք
երբ
ասոր
իրաւատէրը
կ՚իջնէ
գերեզման,
այդ
լուսապսակը
մինչեւ
իր
թաղուիլը
քաւած
չըլլալով։
Պիտի
կործանենք,
խաչակրօրէն
ու
ալ
զուարթութեամբ,
բոլոր
այդ
փառքերը,
թերեւս
թաքուն
վրէժխնդրութեան
մը
յագեցումին
համար։
Գիտէք
թէ
ինչ
ահաւոր
համբաւ
մըն
էր
Յակոբ
Պարոնեան
երբ
ողջ
էր:
Ու
իր
գերեզմանը,
չափազանց
թելադրիչ,
կարգ
մը
փառասիրութեանց
հաշւոյն։
Այս
երկրորդ
հանգամանքը
նուազ
կշիռով
ազդակ
մը
չէ
որպէսզի
որոշ
տաղանդով
մարդեր
(մասնաւորաբար
Ե.
Օտեան)
օգտուին
այդ
հոգեբանական
վիճակէն
եւ
բարձրանան
պատուանդաններ
որոնց
արտօնուած
չէին
կրնար
ըլլալ
իրենց
արտադրութիւններով։
Վասնզի,
Ինչ
որ
հանճարը
կը
բնորոշէ,
մարդկային
գործօնական
շնորհներու
եւ
իմացական
առաւելութեանց
բազմազան
կերպարանքներուն
ընդմէջէն,
միութիւնն
է,
հանգոյցը
այն
քանի
մը
յատկութեանց
որոնցմէ
ոմանք,
գրագէտ
Պարոնեանի
առիթով,
անցան
վերլուծումի:
Տաղանդը,
աւելի
պարկեշտ
որքան
արդար
տարազ,
այդ
յատկութիւնները
կ՚օգտագործէ
միջին
բայց
հաստատ
բարիքներու
համար։
Այդ
տաղանդը
անպայման
կը
գործէ
օրինակ
Արփիարեանի
մը
արդիւնքը
միաւորելով,
հաշտ
ընելով
զայն
բանուորին
ու
շրջանին։
Բայց
այդ
տաղանդը
անբաւական՝
բացատրելու
Պարոնեանը,
պայմաններու
նոյն
հանդէսէն
ծնած
գրեթէ,
թերեւս
վաստակի
նման
հանգամանքներով։
Ո՞ւր
է
անցման
գիծը
որմէ
ասդին
մենք
ինքզինքնիս
կը
զգանք
բարիքներու
հետ,
մեզ
չխռովող,
բայց
որմէ
անդին
մենք
կը
թուինք
կորսնցուցած
ըլլալ
մեր
գետինին
ապահովու
թիւնը,
այնքան՝
այս
կիսագունտին
մէջ
մեր
հաստատած
բարիքները
մեզ
կը
տպաւորեն
խոր,
նոր,
դժուար
յուզումներով:
Միայն
կարդացուիլը
մէկն
էր
այդ
յուզումներէն։
Սարսափի՞լը…
Հանճար-տաղանդ
հարցը
ակադեմական
սնոտիք
մը
չէ
սա
տողերուն
վրայ:
Կուտամ
քանի
մը
լրացուցիչներ,
ոչ
անշուշտ
նոր
կամ
ինքնաստեղծ։
Անոնք
կը
ջանան
թելադրել
մտքի
վիճակներ
որոնք
մշշային,
նոյնիսկ
մութ
պիտի
թուին
մեզի,
ամէն
անգամ
որ
գրական
իրողութիւնները
դիմաւորենք
ընդհանրական
եղանակներով։
Տաղանդը
կարողութեանց
գումար
մըն
է,
որոնք
ոչ
միայն
ներքին
միութիւն
մը
ունին
իրենք
իրենց,
այլեւ
կը
մնան
հաշտ
շրջապատին
ընդհանուր
գումարին։
Հանճարը
ա)
—
Անսովորութիւնն
է,
կարողութեանց
միջինին
փոխարէն,
ասոնցմէ
մէկուն
կամ
մէկ
քանիներուն
գերաճումը,
ուրիշներուն,
մնացածներուն
տկարացման
գինով
մը
նոյնիսկ։
Ոչ
ոք
որ
զարմանայ
Իրապաշտ
փաղանգին
փառքէն
ու
վարկէն։
Խումբին
ներքին
ու
արտաքին
միութիւնները
պարզ
էին
ժամանակին
մէջ։
Պարզ
են
այսօր
ալ:
Անսովոր
է
Պետրոս
Դուրեանը։
Անսովոր՝
Յակոբ
Պարոնեանը:
Առաջինը
իր
մեղքերովը
միայն
կը
կապուէր
իր
ժամանակին։
Երկրորդը
այդ
ժամանակին
վրայ
իր
լայն
ժխտումներովը
անձնացաւ:
Հանճարը,
կը
հետեւի,
իր
շրջապատէն
զանցումն
է,
զայն
շատ
մը
կէտերու
վրայ
խորտակող։
Դուք
կարդացիք
թէ
Պետրոս
Դուրեան
ոչ
ոքէ
կուգար,
Պէշիկթաշլեանին
հակառակ
որ
կուգար
Ալիշանէն
ու
Հիւրմիւզէն։
Երբ
կը
գրէին
երկու
անդրանիկ
բանաստեղծները
արեւմտահայ
գրականութեան,
Պետրոս
Դուրեան
մռայլ
անծանօթ
մըն
էր
ու
Պէշիկթաշլեան
աստուածութիւն
մը։
Անսովորութիւնը,
յաճախ
հեղինակ
տռամաներու,
(Աբովեան,
Դուրեան,
Պարոնեան)
չէ
կապուած
անպայման
նորութիւններու,
խենթութիւններու,
կեանքէ
ինչպէս
գործէ:
Անիկա
թերեւս
ճակատագրական
անընդունակութիւնն
իսկ
է,
կեանքի
միջին
հաշտուելու։
Նայեցէք
ետ:
Ձեր
փառաբանած
բոլոր
համբաւները
իմաստուն,
առնուազն
ճարտար
մարդեր
են,
բոլորն
ալ
աս
ու
ան
ձեւով
իրենց
տաղանդը
արժէքի
վերածած
ու
…
վարձատրուած,
իրենց
սովորականութիւնը
համատարրելով
իրենց
շրջանին։
Փառքը
համբաւէն
դուրս
իրողութիւն
մըն
է:
Պարոնեան,
ըսի
վերերը,
իր
պայծառ
լեզուովը,
ողջամիտ
գաղափարներովը,
ժուժկալ
խառնուածքովը
ի
վիճակի
էր
եղին,
մեղրին
մէջ
ապրեցնելու
իր
ընտանիքը։
Ի՞նչն
էր
պակսողը
եւ
հետեւաբար
հեղինակը
իր
կեանքին
անլուր
ողբերգութեան։
Իր
կենսագիրները
ժլատ
են
այդ
ուղղութեամբ։
Բայց
իր
գործին
մէջ
լայնօրէն
թափանցելէ
վերջ,
մենք
մօտիկն
ենք
հասկնալու
այդ
վրիպանքը
կեանքէն։
Անսովորը
Պարոնեանին
մէջ՝
իր
երգիծող
տաղանդը
չէր,
որ
մունետիկներ,
հացկատակներ,
հտպիտներ
կը
ծնի
յաճախ։
Այլ
խառնուածքին
իսկ
գոլը։
Անիկա
յիմար
էր
իր
տեսածները,
առանց
նկատողութեան,
ճակատաբաց
պոռալու,
տանիքներու
վրայէն
(որ
հոս
իր
հանդէսները
կը
ներկայացնեն)
ու
ստեղծելու
ծանր
տագնապ:
Դուք
ազատ
էք
այս
վիճակը
վերապատուել
բարոյական
արժանիք
մը
ինչպէս։
Շիտակ
խօսիլը
պարտք
մըն
է։
Էր։
Ե՞րբ,
սակայն։
Կեանքը
շքեղ,
խորախորհուրդ
սուտ
մըն
է
ու
անոր
յարմարիլը
տաղանդ
ըլլալէ
առ
աջ՝
դարձեալ
գերազանց
պարտք
մը։
Հանճարը
այս
սովորական
իրողութեան
հերքումն
է:
Ու
ատոր
համար
է
որ
կը
պատժուի:
Թէ
ժամանակին
շրջումովը
այդ
անսովորութիւնը
իր
կարգին
պիտի
բիւրեղանայ,
գործ
մը,
մարդ
մը
հասկնալի
ընող
տարազ
մը
ինչպէս,
չի
փոխուիր
ճակատագիրը
անսովոր
մարդոց։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
Յակոբ
Պարոնեանին
խառնուածքով,
ինչպէս
կեանքը,
գրական
ստեղծագործ
ուժը
ինչպէս
այդ
ուժը
ղեկավարելու
իր
եղանակը
կը
մնան
ենթակայ
այս
վարկածին։
բ)
—
Անխուսափելիութիւնն
է
հանճարը։
Դուք
մի
վարուիք
թեթեւութեամբ
սա
վերագրումին
հետ։
Թատրոն
ը
ութը
անգամ
արգիլուած
է
լոյս
տեսնելէ,
ազգային
շրջանակներու
հզօր
միջոցներով,
կառավարական
հրամանագրերով։
Եփրատ
ը,
Մեղու
ն,
Խիկար
ը
կործանած
են
իր
ընթերցողներուն
հիացումներուն
իբրեւ
հետեւանք
որ
կերպարանքը
կ՚առնէր
ձրի
թերթին
հանդէպ
երախտագիտութեան։
Փաստե՞ր,
ասոնք։
Անշուշտ։
Անսովոր
մէկն
էր
Եղիան
որ
իր
գրական
խառնուածքը
իրագործելու
մէջ
երբեք
ցոյց
չտուաւ
սա
անխուսափելիութիւնը։
Երկրագունտ
ը,
Տնտես
ը
օտար
միութիւններու
հանդէսներ
են,
Եղիային
յանձնուած։
Խեղճ
ու
պատառ
իր
շարժումները
կամայական
քերականներու
կը
նմանին։
Ողջ
ըլլային
հայոց
մամուլին
բազմազան
տաճարները։
Եղիա
պիտի
երեւայ
ամէն
տեղ
ուր
որ
բեմ
մը
կայ՝
ցատկելու,
ճերմակ
թուղթ՝
լեցուելու,
միամիտ՝
խաբուելու։
Պարոնեան
աշխատակցած
է
քիչ
հանդէսներու,
թերթերու
(
Հայրենիք,
գիտէք
թէ
որն
է,
Փորձ,
եւ
այլն)
եւ
ջանացած
իր
բեմը
ունենալու,
իր
հաշւոյն։
Մեղք
մը,
վայելք
մը,
ժամանց
մը
կամ
փառասիրանք
մը
չէր
իրեն
համար
գրելը,
ոչ
ալ
ծանր,
sacerdotal
պաշտօնագործութիւն
մը։
Գրելը
այդ
մարդուն
համար
անխուսափելի,
ճակատագրական
արարք
մըն
էր,
որմէ
դուրս,
նմանները
պիտի
տառապին:
Հիմա
տարածեցէք
բառը:
Գրելը
կերպարանք
մըն
է
այդ
արարքէն։
Հանճարը
չի
կրնար
չընել
ինչ
որ
իր
խուլ
ձայները
կը
թելադրեն
իրեն։
Պարոնեան,
քիչ
ընդհատներով,
դարձած
է
գրականութեան։
Մի
շփոթէք,
իր
գործին
ինքզինքը
ամբողջութեամբ
ենթարկելու
միջին,
միջակ,
հասարակ
պարկեշտութիւնը
այն
միւս
վիճակին
հետ
որ
հալածուիլն
է
իր
գործէն,
ասիկա
ամէն
րոպէ
իր
հետ՝
ունենալու,
անկէ
ամէն
րոպէ
լեցուելու,
անով
շնչելու
յաճախանքը,
որ
բոլոր
մեծ
ստեղծումները
կարելի
ընծայող
լարումն
է,
մեր
բոլոր
ուժերը
միշտ
սուր,
միշտ
արթուն
պահող,
անոնցմէ
առնելու
համար
առաւելագոյն
իրենց
տուրքը։
Այս
փոքր
ընդլայնումին
ետեւէն
տեսէք
Պարոնեանի
գրական
վաստակը։
Ասպարէզ
մը
չէր
լրագրութիւնը
մեր
մէջ,
իր
նմաններուն։
Կի՞րք
մը,
խենթութի՞ւն
մը,
նորութեան
հիմնական
փա՞ստ
մը։
Դուք
դրէք
ձեր
ուզած
բառը:
Իմ
կարծիքով
հանճարային
յատկանիշ
մըն
է
իր
գործէն
տառապիլը,
այդ
տառապանքը
հեշտանքի
վերածելը,
այդ
հեշտանքը
գերազանց
փառքի
բարձրացնելը:
Մեր
գրականութեան
մէջ
Արփիարեան
գործեց
այս
motifներով,
բայց
ստեղծեց
գաղջ,
շատ
շուկային
ախորժակներով։
Ունինք
Չօպանեանը
որ
ահա
վաթսունի
մօտ
տարիներէ
ի
վեր
նոյն
կիրքը,
անխուսափելի
նոյն
ծառայող
տրամադրութիւնը
«անթոյլ»,
երեւան
է
բերած,
բայց
պզտիկ
տարբերութեամբ
մը։
Երկուքն
ալ
կ՚աշխատէին
հասարակաց
գետինին
վրայ,
հասարակաց
քաջալերին
մէջը,
հասարակաց
կարիքներուն
համար:
Անխուսափելի
աշխատանքը,
այս
լոյսով
դիտուած
կեանքի
միջին
զբաղում
մը
կ՚ըլլայ։
Մինչեւ
որ
անսովորին
տագնապը
չմնայ
կախ,
սպառնագին,
աշխատողի
մը
գլխուն,
արտօնուած
չէք
հանճարին
մտածելու:
գ)
Հանճարը
անփոխարինելին
է,
ամենաանհրաժեշտը,
ամենանորը,
ամենաթշուառը:
Ասոնք
ալ
մասնաւորեալ
որակումներ
են։
Անոնց
իւրաքանչիւրը
չեմ
բանար:
Դուք
տուէք
ձեզի
ազատութիւնը
այդ
թափանցումը
կատարելու
ձեր
միջոցներով։
Հարցուցէք
թէ
ո՞վ
պիտի
կրնար
գրել,
1880ին,
Ազգային
Ջոջեր
ը,
ոչ
իբր
ազգային
կենդանագիրներու
շարք
մը
(
Հայկական
Նամականի,
Մարդիկ
եւ
Իրք,
Գրական
Փորձեր,
Ուղեւորութիւն
ի
Կ.
Պոլիս
առատ
թիւով
պատկերներ
սեւեռած
են
իրենց
էջերէն
ներս),
այլ
այդ
դէմքերուն
այն
կերպարանքները
որոնք
առաջին
անգամ
գիրի
ինկան
Պարոնեանով։
Ունի՞ք,
շրջանի
հրապարակագիրներուն
մէջ,
զանգուածը
տիրաբար
նուաճող,
ամենաանհրաժեշտ
ուրիշ
լրագրող
մը
որ
ուժ
ըլլար
ու
ողբերգութիւն։
Ո՞ւր
էին
կարդացած
մարդիկ
Մեծապատիւ
Մուրացկաններ
ու
նման
ամենանոր
տախտակներ,
մեր
բարքերը
այնքան
իրաւ
չափով
մը
արձանացնող։
Ունի՞ք,
ի
թշուառութիւն,
իրմէն,
Պարոնեանէն
գերազանց
մէկը։
Այս
արագ
ցուցմունքներուն
միտք–բանին
ա՛ն՝
որ
անոնց
հետ,
ետին
դժուար
չէ
տեսնել
բոլոր
ժամանակներու
ողբերգական,
անհասկանալի,
հրաշահիւս
ու
անհունօրէն
դժբախտ
այն
կիսաստուածները
որոնք
եղան
ստեղծումին
մարգարէները,
ոչ
ոքէ
եկան,
ոչ
ոքէ
առին
(բացի
հասարակաց
խմորը
իրենց
գործերուն),
բայց
այդ
նախանիւթը
դարձուցին
աշխարհին
կերպարանքներու
տակ
զորս
այլեւս
չէր
կրնար
մոռնալ:
Իրենց
արդիւնքը
զուգորդ
էր
իրենց
անձնաւորութեանց,
երբեմն
աւելիին։
Յակոբ
Պարոնեան
միայն
տիպարներու
ստեղծիչ,
բարքերու
դպիր
մը
չէ,
այլ
աւելին,
այսինքն
միտքի
կերպի
մը,
զգայնութեան
տեսակի
մը
ընդհանուր
յայտարարը։
Ահա
այս
ու
նման
թելադրանքներու
մէջէն
է
որ
ինծի
համար
կը
ներկայանայ
պարտքը
Էտիրնեցի
պարզուկ
տոմարակալը
բարձրացնելու
մեր
գրականութեան
մէջ
կիսաստուածի
մը
պատուանդանին։
Չեմ
տառապիր
հասարակաց
հակազդեցութենէն,
դատաստանին
կշիռէն
(որ
նժարը
երկար
ատեն
հակեցուց
դէպի
Ե.
Օտեանին
փառքը):
Որոշ
չափով
տրուած
են
ձեզի
այս
կեցուածքին
արդարացուցիչ
ազդակները:
Դուք
գիտէք
թէ
Երուանդ
Օտեանի
գործին
մէջ
տիրական
շեշտը
ո՛ւր
ստիպուած
ենք
փնտռել:
Երկու
գրողները
համեմատականի
կը
մնան
երգիծանքի
գետիննին
վրայ
անշուշտ
եւ
ոչ
ուրիշ
տեղ։
Ու
երգիծանքը,
ինքնիր
մէջ,
ինքը
իրեն
համար
ամբոխները
զուարճացնող,
անոնց
հաճելի
ժամանցներ
հայթայթող
մտամարզանք
մըն
է
յաճախ։
Անիկա
կը
լրջանայ
երբ
հասարակութեան
մը
ծանրագոյն
տագնապները,
հանրային
կարծիքին
մեծ
կերպարանքները,
բարքերու
ծանր,
աղէտաւոր
այլասերումները
թիրախ
կ՚առնէ
իր
սլաքներուն։
Այս
փոքր
առաջադրութեանց
լոյսին
մէջէն
է
որ
կը
հրաւիրուիք
տեսնել
-
չեմ
ըսեր
դատել
—
երկու
գրողներուն
վաստակը
թէ
երգիծականին
մէջ
մասնաւորմամբ
մը,
թէ՛
գրականին
մէջ
ընդհանրացմամբ
մը։
Պարոնեանի
վաստակին
մէջ
երգիծանքին
բացարձակութիւնը
հիմնական
նկարագիր
մը
իբրեւ
երբ
կ՚արժեւորէի,
աչքի
առջեւ
ունէի
Օտեանին
ընդարձակ
գործը
ուր
երգիծանքը
կտակի
մը
արժէքովը
կը
ներկայանար
իմ
նկատառման։
Միւս
կողմէն
պէտք
չէ
մոռնալ
որ
ամէն
իրաւ,
բացարձակ
տաղանդի,
հանճարի
նման
Պարոնեան
կու
գայ
մեզի
տեղի,
ժամանակի
զանցումով
մը։
Շրջեցէք
սա
հաւաստումը,
դուք
կ՚ունենանք
տարազը
որուն
համեմատ
Պարոնեանի
վաստակին
մէջ
գրեթէ
ամեն
ինչ
կուգայ
իրմէ:
Ուրիշ
ժողովուրդներու
մօտ
երկրորդական
սեռէ
մը,
որպիսին
է
երգիծանքը,
վարպետները
կ՚երեւան
ուշ
(Ասիան
չէր
կրնար
հանդուրժել
երգիծողը,
գիտէք
ինչու):
Պարոնեանի
առաջին
տպուած
գործը
(1868)
մեր
գրականութեան
նախաւոր
շրջանին
կը
պատկանի։
Խանդավառ,
հայրենասիրական,
հրապարակագրական,
վարժապետական
այդ
գրականութիւնը
անընդունակ
էր
ստեղծելու
երգիծանքը
որ
ուրիշ
մտավիճակի
մը
կը
կարօտի,
առնուազն
հանդուրժելի
ըլլալու
համար։
Ուրեմն
խեղճ
ու
պատառ,
հացկատակ
ու
գռեհիկ
հեգնանքէն
վերջը,
անմիջապէս
վերջը
նոյնիսկ
Սվաճեանէն,
Յակոբ
Պարոնեան
Մէղու
ն
(
Եփրատ
ը
Ս.
Քէլէկեանի
թերթն
է,
1871ին,
ուր
Պարոնեան
կ՚ընէ
իր
նախափորձերը)
մէկ
հարուածով
կը
վերածէ
մեր
առաջին
երգիծաթերթին։
Տուէք
ձեր
ուզած
որակականը
այս
կերպարանափոխութիւնը
իրագործող
արարքին։
Ես
շատ
չեմ
տեսներ
հանճարայինը:
Բայց
սկսողի
սա
փառքը,
սեռի
մը
մէջ
սա
բացարձակութիւնը,
կեցուածքի
մը
ետին
նա
խիզախ
նորութիւնը
պիտի
մնային
անբաւական
իմ
որակումը
պաշտպանելու,
եթէ
երբեք
անոնց
անդրադարձը
սահմանափակուէր
արեւմտահայ
գրականութեան
այդ
օրերու
տարողութեան,
ընկալչութեան։
Որքան
արագ
հինցած
են
Պէրպէրեանի,
Չերազի,
Եղիայի
ճառերն
ու
քերթուածները
այդ
շրջաններէն։
Իրողութիւն
է
որ
այդ
օրերէն
երեք
քառորդ
դար
վերջը
Պարոնեանի
սեւեռումները
ոչ
միայն
չեն
աղօտած,
այլեւ
կը
դառնան
հետզհետէ
թանկագին,
անփոխարինելի,
ժամանակին
փոշին
իրենց
բիւրեղացման
համար
օգտագործելով։
Հիննալը
մարդկային
է։
Պարոնեանէն
թէքնիք
մանրամասնութիւններ
(մասնաւորաբար
Մոլիէռեան
զuiproquoi,
մենասացական
թանձր
անհասկացողութիւններ,
երբեմն
շատ
կանաչ,
շատ
տեղական
բարքերէ
դրուագներ)
միայն
որոնք
այսօր
մեզ
ձգէին
անտարբեր:
Մնացեալը
կենդանի
է,
երէկ
պատահածի
մը
թարմութեամբը։
Պարոնեանի
գրականութեան
ընդհանուր
յատկանիշները,
անոր
երգիծանքին
մայր
նկարագիրները
մասամբ
բաղադրիչներն
են
անոր
գրական
հանճարին,
աւելի
առաջները
անցած
վերլուծումէ։
Չեմ
դառնար
ետ:
Ու
կ՚աւելցնեմ.
—
Մարդն
է
անիկա
որուն
գործին
մէջ
իբր
անթառամ
fresqueներու
վրայ,
խտացած
կը
մնայ
ոչ
միայն
ժողովուրդի
մը
ամենէն
կորնչական
մասը,
այլեւ
շրջանի
մը
իմացական
մայր
մտահոգութիւններուն
հանդէսը։
Հանճարները
միայն
նորութեան
ասպետներ
չեն,
այլեւ
ծաւալի
իշխաններ։
Միայն
ու
միայն
այդ
ծաւալն
էր
որ
Ալիշանին
շահեցաւ
հանճարային
վարկ
մը,
Մատթէոս
Մամուրեան
լրագրողը
բարձրացուց
արքութեան՝
—
Մարդն
է
անիկա
որուն
ամէն
մէկ
տողին
ետին
մեր
հաւաքական
նկարագրէն
փշրանք
մը
գոնէ
կը
մնայ
թրթռուն,
դեռ
իր
ջերմութիւնը
անվթար
պահող։
—
Մարդն
է
անիկա
որու
էջերը
մոգական
հայելիներ
են
մեր
թերութիւնները,
կիրքերը,
յիմարութիւնները
ընդմիշտ
շրջանակող:
—
Մարդն
է
անիկա
որուն
գիրքերը
մէկ
մէկ
անխորտակելի
քանդակներ
են
ոչ
միայն
մեր
բարքերէն,
այլեւ
թերեւս
մեր
հոգեկան
բոլոր
կարելիութեանց
պարունակէն։
Ու
վերջապէս՝
—
Մարդն
է
անիկա
որուն
ողբերգական
մեծութիւնը,
խորունկ
պարկեշտութիւնը,
արի
ու
անկաշառ
համարձակախօսութիւնը,
այդ
քան
նախնական
պայմաններու
մէջ
իբր
անկարելի
գեղեցկութիւն,
կը
տպաւորեն
մեզ,
մանաւանդ
սա
օրերուն
երբ
գրելը
նանրամտել
է
ու
շահարկութիւն,
շանթաժ
է
ու
անուանարկում։
Յակոբ
Պարոնեան
հանճարային
գրագէտ
մըն
է,
նոյնիսկ
իր
դժբախտութեանց՝
ակօսով։)
Եթէ
ուզուի
մերձաւոր
ճշգրտութեամբ
տարազի
մը
կապել
այդ
հանճարին
ամենէն
տիրական
կարողութիւնը
(faculté
maitresse),
ատիկա
սխալ
պիտի
չըլլար
տեսնել
անոր
միջին
ողջմտութեան
մէջ,
բառը
ազատագրելով
անշուշտ
բարսական,
բարոյախօսական,
կենցաղագիտական
իր
թելադրանքներէն,
ծանրանալու
համար
գրական
ողջմտութեան
մը
ընդարձակ
իմաստին:
Այնքան
հակասութիւններ,
հերքումներ,
զանցումներ,
շփացածութիւն
եւ
ուրացում,
այն
քան
պզտիկութիւններ,
նանրամտութիւն,
գէշ
ճաշակ
ու
հաշանք,
իր
օրերո՜ւն,
իր
գիրքերը
վերածող
տեսակ
մը
անպատասխանատու
ցոյցերու
վիճակին։
Պարոնեան
այդ
գրականութեան
մէջ
միջին
իմաստութիւնը
կը
ներկայացնէ,
ինչ
պէս
իր
օրերու
Պոլիսը
իր
շուկայովը,
մամուլովը,
ազգային
հաստատութեանց
բարդ
օրկանիզմովը
միջին
մըն
էր
մեր
ժողովուրդէն։
Ատոնք
ամէնքն
է
Պարոնեան,
առանց
մեծ
աղմուկի,
մանաւանդ
մեծ
բառերու:
Չեմ՝
երթար
առաջ,
անոր
մէջ
հին
censeurը
ողջունելու:
Բայց
վստահաբար
կ՚ըսեմ
որ
լայն
խաւերու
հասած
առաջին
իրաւ
գրագէտն
էր
անիկա։
Աւելի՛ն։
Նոյնիսկ
քիչիկ
մը
խղճմտանքը
ցեղին,
որ,
մի
մոռնաք,
իր
դարաւոր
գերութեան
մէջ
ամենէն
աւելի
տառապած
է
խղճմտանքի
պակասէն,
իր
ներսը,
իր
շուրջը,
իր
եղբայրներուն
ինչպէս
զինքը
գերեվարող
տէրերուն
մէջ։
Պարտուած
ժողովուրդները
ապրիլ
կարենալու
համար
նման
բարոյական
զգայարանքներ
կը
ստեղծեն
իրենց
խուլ
ալքերէն։
Զուր
տեղը
չէ
որ
վախցան
իրմէն,
հաւանաբար
ինչպէս
կը
վախնային
մարգարէէ
մը։
Դարերու
զրկանքէն,
կուտամ
ճիշդ
բառը`
գերութենէն
մեր
ժողովուրդը
սորվեցաւ
սա
դիւրազգածութիւնը,
դժուար
հանդուրժող
հոգեկան
սա
trempeը
առաւ,
ներքին
զեղծումներու
դիմաց
տարապայման
կերպով
գերզգայուն։
Մեր
ո՞ր
գրողին
մօտ
սա
միջին
ողջմտութիւնը
կը
գտնէ
սա
ընդարձակ
հաշտեցութիւնները,
ծաւալը,
արդարութեան
ետեւէն`
ծարաւը,
կամ
ասոր
վրայ
ռոմանթիք
հաւատք
մը
որքան
կը
հաստատենք
ասիկա
Պարոնեանին
մօտ։
Մարդիկ
զինքը
կը
կարդային
անշուշտ
վերջ
ի
վերջոյ
խնդալու
համար,
կանխագոյն
համոզմամբ
մը
սակայն
թէ
իրենց
կարդացածը
էր
նոյն
ատեն
արդար
միջինը
շօշափուած,
ներկայ
հարցերուն:
Զինքը
կը
կարդային
թերեւս
թաքուն
ալ
սպասումով
մը,
այդ
ընթերցումին
ընդմէջէն
յագուրդ
տալու
իրենց
արդար
փափաքներուն,
որոնք
իբր
հակազդեցութիւն
իրենց
մէջ
կը
զարգանային
լիրներուն,
յաջողածներուն,
ջոջացածներուն
ջոլիրովը
կրկէս
իջած։
Այս
աւագանին
ոչ
ոք
այնքան
տիրապէս
զգետնած
է
մեր
մէջ
որքան
Պարոնեան,
կշտացնելով
սպասումը
այդ
զգետնումին
ակնկառոյց
զրկեալներուն,
անիրաւուածներուն:
Երբ
կ՚ըսենք
որ
իր
ծաղրը
կը
սնանէր
«
ժողովուրդ
»
տարրով,
կ՚ակնարկենք
սա
միջին
բարիքին։
Երբ
գրագէտ
մը
այսքան
լայն
ակօսներով
կապուած
է
ցեղային
զգայնութեան
միջին
աւազանին,
ուրիշ
խօսքով՝
այն
քան
կատարեալ
կերպով
գոհացում
կը
բերէ
զանգուածներուն
մէջ
մէկէ
աւելի
տիրական
ակնկալութեանց
(ամբոխներու
հոգեբանութեանց
բոլոր
motifները
կրնաք
զետեղել
այդ
ակնկալութեանց
ետին),
այդ
մէկը,
գրագէտ
կամ
ոչ,
ապահովաբար
գիծէ
դուրս
մարդ
մըն
է,
ժամանակը
արհամարհող
մը,
տարերային
մեծութիւն
մը:
Ուրի՞շ
բան
է
արդեօք
հանճարը։
Կը
հրաժարիմ
սակայն
այդ
բառով
թելադրելի
բազմատեսակ
առումներուն,
պարունակութեանց
հետեւելէ։
Գիտէք
որ
համեստ
էր
իմ
նայուածքը,
մանաւանդ
զգաստ՝
իմ
ընդհանրացման
ցանկութիւնները
ձրի
արժէքներու,
մեծ
շնորհներէ
պաշարէն,
հայ
մեծ
արուեստի
մը
փառքին
հետափոյթ:
Համապատկեր
ը
ճիգն
է
իմ
ժողովուրդին
դարու
մը
իմացական
իրագործումները
ենթարկել
կշիռի։
Ըսի
թէ
Պարոնեան
կ՚իյնար
այդ
իրագործմանց
գրեթէ
սկզբնական
շրջանին։
Նոյնպէս
թելադրեցի
թէ
ո՛ր
աստիճան
իրաւ,
գրեթէ
անփոխարինելի
բարիքը`
իրմով
նուաճուածին։
Ու
ատիկա
հաստատելու
համար
ավելորդ
չեմ
նկատեր
անգամ
մըն
ալ
կանչել
սա
տողերուն
սխրագին
որքան
զմայլելի
մարդերը
որոնք
կը
կոչուին
Պ.
Դուրեան,
Մ.
Պէշիկթաշլեան,
Ե.
Տէմիրճիպաշեան,
Ա.
Արփիարեան,
Գ.
Զոհրապ,
Դ.
Վարուժան,
Մ.
Մեծարենց,
Տ.
Չրաքեան,
Վ.
Թէքէեան:
Ասոնց
ամէն
մէկուն
հետ
կը
դրուին
հաւաքական
որքան
բացառիկ
տագնապներ,
գեղեցկութիւններ,
սուգեր
ու
մեր
ժողովուրդին
աս
ու
այն
կողմերէն
վկայութիւններ:
Ասոնք
ըսելը
պարկեշտութիւն
մըն
է,
որ
ձեզ
պէտք
չէ
արգիլէ
նայելու
քիչ
մը
աւելի
հեռու
քսան
անմիջականը:
Այդ
անուններուն
ու
մանաւանդ
անոնց
գործերուն
ետին
ձեզի
հետ
կ՚ընդունիմ
զսպանակներ,
ձեր
ժողովուրդին
աս
ու
այն
հոգեմասերը
շարժման
դնող
(գրականութիւն
մը
դատելու
ատեն
մի
մոռնաք
դերը
այս
լարերուն,
մի
խաբուիք
զանոնք
բացատրել
կամ
հերքել
յաւակնող
աճպարարներէն,
համբաւէն
կամ
քաշքշուքէն
կամ
առնող։
Կ՚անցնին
սերունդները,
իրենց
հետ
քչելով
փրփուրը,
աւազը,
բայց
անզօր
կը
մնան
ցեղային
կատակը
փոխադրելու),
բայց
չունինք
երկրորդ
մը
որ
մեր
միջին
նկարագիրները
Պարոնեանին
չափովը
մեզի
ըլլար
պահպանած։
Պակսեցուցէք
Պարոնեանը
արեւմտահայ
գրականութենէն։
Ոչ
միայն
մեծ
գրագէտ
մը
պակաս
կ՚ունենաք,
այլեւ
կը
կորսնցնէք
մեր
ժողովուրդին
համայնական
թելադրանքները։
Թէեւ
տարօրինակ
ու
անիրաւ,
կայ
վճիռը
արեւելահայերուն,
Պարոնեանին
գնահատումը
monumental
բանի
մը
վերածող։
ի՞նչ
բառ
ուրեմն
պիտի
գար
աւելի
յարմար
որակելու
այսքան
ընդարձակ
թելադրանք
մը
որքան
հանճարը
որ
այս
անգամ
չի
նշանակեր
իսկապէս
մեծ,
զարտուղի,
ինքնատիպ,
դժբախտ
մարդը
միայն,
այլ
մէկը
որ
բախտով
է
ծնած
լման
ժողովուրդ
մը
իր
մէջէն
կերպարանելու,
զայն
հագնելու,
հարազատ
ու
ամբողջական,
անոր
առաքինութեանց
ու
մեղքերուն
բոլոր
սարիքովը:
Այսօր,
բարեխառնութեան
հիմնական
փոփոխում
մը
պարզ
է
ըրած
այդ
չափանիշները:
Դիւրին
հիմա
ինծի`
մտապատկերել
փաղանգին
միւս
միութիւնները,
բարեկամներ
ինչպէս
հակառակորդներ,
որը՝
վարժարանի
մը
ընծայած
բարոյական
ամուր
պատնէշին
ետին,
իր
դասերուն
հմայքին
մէջ
ինքզինքը
տղոց
ճամբով
քրմացուցած,
ճառելով,
քերթելով,
թարգմանելով,
դատելով,
երջանիկ
ու
միամիտ,
իր
վարկը
մարսելով
ու
իր
պատուանդանը
ամրացնելով։
Մարդիկ
եթէ
հացը
կը
զլանան
մեր
ուսուցիչներուն,
շռայլ
են
բարոյական
կոնդակները
տեղացնելով
անոնց
արժէքներու
սեղանին։
Ռեթէոս
Պէրպէրեան
հարուստ
չմեռաւ,
բայց
ազգը
սուգի
մտաւ
իր
մահուան
հետ։
Ուրիշ
մը,
իր
անյագ
ընթերցումներուն
խայտաբղէտ
թելադրանքներուն
ընդմէջէն,
նմանելու,
փոխադրելու,
երեւալու,
թերեւս
օգտակար
ալ
ըլլալու
նոյնքան
միամիտ,
անյատակ,
անհաւասարակշիռ,
գրեթէ
յիմար
փառասիրութիւններովը,
դարձեալ
դասախօսելով,
քերթելով,
ճառելով,
աստուածանալով։
Եղիան
ալ
հարուստ
չմեռաւ,
բայց
վայելեց,
մեծ,
եզակի
գրագէտի,
հանճարային
մարդու
փառքը,
քիթէն
գալու
չափ:
Ուրիշներ,
իրենց
թերթերուն,
բեմերուն,
պաշտօններուն
պարտադրած
ամենազգի
մղումներով
մշտագրգիռ,
բազմազբաղ,
առնուազն
իրաւ
յարգանքի
ծանր
վկայութիւններով
իջան
գերեզման։
Այս
մարդոց
մէջ
տաղանդը
կամ
մտադրութիւնը
չեմ
վարկաբեկեր
(
Համապատկեր
ը
ատոնց
հանդէպ
իր
պարտքը՝
վճարելու
ատեն
կը
գործադրէ
նոյն
միջոցը
որով
երախտաւորուած
են
Զարթօնքի
մարդերը։
Կ՚ըսեմ
նոյն
ատեն
որ
իրենց
ժամանակը
լիաբուռն
տուաւ
իր
հիացումը),
այլ
կը
թելադրեմ
մերկ
իրականութիւնը:
Բոլոր
այդ
մարդերը,
Պարոնեանի
խումբէն,
իրենց
աշխատանքը,
արժէքը,
յիմարութիւնն
ու
փառասիրութիւնները
գէշ
կամ
աղէկ
արժեւորեցին,
միշտ
գէշ
կամ
աղէկ
վարձատրուելով
երբեմն
գովեստով,
երբեմն
հացով,
երբեմն
փառքով,
գրեթէ
միշտ՝
մ
եծ
մարդու
հռչակով։
Ի՞նչ
է
առած
Յակոբ
Պարոնեան
այդ
ժամանակէն,
եթէ
պահ
մը
յաջողինք
կուլ
տալ
ամենէն
նուաստ
արգահատանքին
ամօթը
արգահատանք`
որ
ողբերգական
երանգ
ալ
պիտի
ստանար։
Իր
հիւանդութեան
ծանր
շրջանը
անիկա
պիտի
անցընէր
Ազգային
Հիւանդանոցին
մէջ։
Ու
իր
դժբախտ
հոգին
անշուշտ
իր
թաղման
օրն
իսկ
պիտի
լար
կարդալով
հանգանակութեան
կոչը
զոր
Հայրենիք
եւ
Արեւելք
ըրին
ժողովուրդին
որպէսզի
մեծ
մարդուն
այրին
եւ
յուսահատ
զաւակները
անօթի
չմեռնէին
։
Հոս
է
ահա
բացառիկ
եղերականութիւնը։
Ոչ
ոք
կը
ձգտի
պատասխանատու
նկատել
սա
տռամային։
Թող
ներուի
ինծի
որ
հոս
յիշեմ
Քէյզերլինկի
մէկ
շատ
յատկանշական
նախադասութիւնը.
«
Հանճարը
անօթի
կը
մեռնի
»:
Գերման
վերլուծողը
անօթութեան
տեսակները
անշուշտ
ունէր
մտքին
ետին
երբ
այդ
կարճ
բայց
խորունկ
վճիռը
արտասանեց:
Մենք
անօթիներ
ենք
փառքէն
ու
սէրէն,
մեղքէն
ու
սրբութենէն։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
երբեմն
իրաւ
անօթին:
Պարոնեան`
վկայեալ
անօթի
ու
անվաւեր
հանճար
մը։
Եթէ
երբեք
ճիշդ
է
հոգեբան
դպրոցին
սահմանը
այդ
բառին
վրայ
(Թէոտիւլ
Ռիպօ
այդ
կարողութիւնը
կ՚որակէ
hypertrophie
մը,
իմացական
գետնի
վրայ,
ուրիշ
կարողութեանց
ներքեւումով
պայմանաւոր),
ապա
ուրեմն
արեւմտահայ
գրականութիւնը
Պարոնեան
անունին
ետին
ստիպուած
է
ընդունիլ
այդ
գերաճուն,
այլամերժ,
ուրիշ
ամէն
կարողութիւն
իր
տակը
խղդող
ԿԻՐՔԸ։
Դժբախտութի՞ւն`
որպէսզի
այդ
գիրքը
ինքզինքը
յայտնագործէր
երգիծանքով։
Կը
հարցնեմ,
վասնզի
սեռերը
ամբողջութիւններ
են,
հպատակ
իրենց
ներքին
օրէնքներուն։
Ըսի
թէ
երգիծողը
չէր
կրնար
ստեղծել:
Անիկա
հարկադրուած
է
մօտէլ
ները
կրկնելու:
Ծաղրը
իր
միջակութեամբը,
մատչելիութեամբը
կը
գնէ
իր
երկրորդական
սեռ
մը
մնալու
կորանքը։
Հիմա,
շրջեցէք
դերերը։
Տուէք
Պարոնեանի
գրական
տաղանդին
լիալիր
պատեհութիւն,
իր
թափանցումին՝
աշխարհ
մը
լայն
ու
ընդարձակ,
ոչ
միայն
արտաքին
բլաններով,
այլ
մանաւանդ
այն
սփիւռքներէն
որոնց
ներսերը,
խորունկները
կը
կատարուին
յանդուգն
բախումները
գաղափարներուն,
հոգեղէն
ուժերուն։
Տուէք
անոր
սքանչելի
գործարանին
—
դիտելու
—
պատեհութիւն
կիրքերու
դժոխքը
իջնելու
ու
կենալու
մեղքերու
ճահիճին
եզերքը,
մէջը,
առնելու
համար
ծանրածանր
արտաշնչումները
այդ
մօրուտքին
ու
այդ
ամենը
վերածելու
դրական
կառոյցի
մը,
վեպին,
օրինակի
մը
համար։
Ոչ
մէկ
կասկած
որ
մեր
գրականութիւնը
պիտի
ունենար
իր
La
Comédie
Humaine,
(Պալզաք)։
Հանճա՞ր։
Գաղիացիք
աննախանձ
տուին
մակդիրը
իրենց
վէպին
այդ
մեծ
թիապարտին։
Մե՞նք։
Կ՚երեւակայեմ
զինքը,
վիրաւոր
իր
հպարտութեան
մէջ,
երբ
կ՚ելլէ
դուրս
ջոջ
աղայի
մը
մաղազա
յէն,
ափին
մէջ
դողդղագին
սեղմած
գինը
իր
աշխատանքին,
հաւանաբար
այն
օրերուն
մէճիտ
ը,
ու
կրնաք
վստահ
ըլլալ՝
իր
շաբաթական
տնտեսութիւնը։
Տո՞ւն,
սրճարան,
թէ
տպարան,
—
այն
գլխաւոր
բեւեռները,
որոնց
մէջտեղը
ճոճանակի
պէս
տառապեցաւ
իր
սիրտը։
Եւ
կամ
աշխատանքի
սեղա՞նը,
ուր
իր
մուսան,
շղթայակապ
բայց
անհունօրէն
աւելի
գեղեցիկ,
կը
պարզէ
իր
թեւերը,
իր
կուրծքին
ընդունելու
հալածուած
անոր
գլխիկը,
եւ
փսփսալու
անոր
ականջին
թե
ինքն
է
միայն
իրաւը,
թէ
իր
թեւերուն
տակ՝
ցնցոտին
բեհեզն
է
ապագային,
մանաւանդ
ներկան՝
անխորտակելի
իրականութիւն
երբ
վերածուի
իրական
իր
երեսին,
գալիքին,
միակ
իրաւ
կշիռը
մեր
արժէքներուն:
Ոչ
ոք`
որ
ըլլայ
ապրած
այս
ողբերգութիւնը,
մեր
մէջ,
աւելի
խորունկ
քան
Յակոբ
Պարոնեանը։
Ու
իմ
կարծիքով՝
այս
է
գիրը,
գինը
հանճարին։