Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ

Այս տողերէն յետոյ, հարկ կը ներկայանայ ընել անհրաժեշտ զիջումները, Գարեգին Սրուանձտեանցի դէմքը կարելի արդարութեամբ արժեւորելու նախ իր ժամանակին, ապա հայ գրականութեան ընդհանուր զգայնութեանը մէջ։ 

Տրուած ըլլալով այն խստապահանջութիւնը, արուեստի այն կեցուածքը որոնք քիչիկ մը պարտադիր կը դառնան անցնող շրջանները դատելու արարքին մէջ, ստիպուած եմ կատարել անհրաժեշտ զոհողութիւն, զիջում, որչափով որ չեն վտանգիր արեւմտահայ գրականութեան աւանդութիւնները։ Մէկէ աւելի անգամներ խօսեր եմ անկարելիութեան վրայ այդ գրականութենէն վտարելու շքեղ համբաւներ, որոնք այլապէս թանկ բայց որոնցմէ եկած ժառանգը նոյնքան անկշիռ է այսօր։ Արդարեւ ի՞նչպէս արժեւորել Զարթօնքի սերունդին աագ անուններուն մեծ մասը ( Նահապետ Ռուսինեան, Նիկողայոս Զօրայեան, Խաչատուր Միսաքեան, Ստեփան Ոսկան, որոնցմէ այդ գրականութիւնը խոշոր երախտիքներ է գտած իրենց ողջուցը, բայց որոնցմէ շատ քիչ բան պահեր է իր ազգային հարստութեան դիւանին)։ Արդարեւ ի՞նչպէս կործանել ամբողջութեամբ քարոզչական, հրապարակագրական վաստակը Խրիմեանին։ Եւ սակայն պետք չէ մոռնալ որ Սրուանձտեանցի գործին մէջ, ըսի վերը, անուրանալի կերպով ունի գոյութիւն եթէ ոչ գրագէտի զգայարանք մը, գէթ գրագէտի տեսակ մը զգայնութիւն, անշուշտ շատ պղտոր, շատ նախնական, բայց որ կը միջամտէ գրեթէ ամէն էջի, որպէսզի այդ գիրքերը ազատագրուին գիտական, հաւաքչական, ազգագրական, պատմագիտական կրթանքներու հասարակաց չորութենէն եւ դառնան անձնական վկայութեան էջեր: Հոս է գրագէտը ճշդորոշող հանգամանքը: Դժուարութիւնը հոն է որ սա զգայնութիւնը ներկայանալ գրեթէ միշտ ծանրաբեռն, ինքնիրմով պղտոր, վտանգելու չափ իր տարողութիւնը։ Կը զգաս որ ընթերցումին հետ բաբախուն բան մը կը քալէ տողերն ի վար, տաք, գրեթէ արեան համով, որ քիչ քիչ բարեխառնութեան կը վերածուի, կազմելու համար տեսակ մը բացառիկ աշխարհ, ճիշդ այնպէս ինչպէս կը տրուի ատիկա ընդնշմարել Ալիշանի պատմական, հայրենագիտական գործին ետին։ Մեր հայրենիքին վերագիւտը անշուշտ դժուար բայց գեղեցիկ փառաբանութիւն մըն է ԺԹ. դարու մեր մտաւորական փաղանգին համար։ 1850ին Մխիթարեաններու հետապնդած այդ գեղեցիկ երազը տարբեր ճակատագիրներով կը սաւառնի մեր նոր զոյգ գրականութեանց վերեւ։ Սրուանձտեանցի գործը միջակ գետինն է ուր այդ երկու գրականութիւնները ընդհանուր նիւթի մը վրայ, որ հայոց հայրենիքն է, իրար եթէ չեն հանդուրժեր, գէթ կը հասկնան։ Հոս է թերեւս բանալին այն խորունկ խանդավառութեան զոր Սրուանձտեանցի գործը արթնցուց արեւելահայ մտաւորականութեան մէկ որոշ դասակարգին մէջ։ Այնպէս որ հայոց հայրենիքը իր միսին մէջ ունեցող այս վարդապետին մեզի բերած վկայութիւնները, հակառակ անոր որ վիրաւոր են արտայայտման լայն ճեղքերով, զանցումներով, կը պահեն գրական տեսակ մը սեղմ նկարագիր որ լայնօրէն կը դիմաւորէ մեր զիջումը։ 

Ով որ ձեռք կ՚առնէ Համով Հոտով ը, չի կրնար ինքզինքը ազատագրել միամիտ որքան սրտառուչ յուզումէ մը որ այդ էջերէն կը փոխանցուի իրեն։ Երբ սեղմենք մեր միտքը եւ աշխատինք վերլուծել նկարագիրը այդ յուզումին, մեր գտա՛ծը՝ բիւրեղացած, ճշգրիտ զգայութիւններու, արուեստի ելած ապրումներու մխիթարութիւն մը չէ, պէտք է ըսել ասիկա։ Բայց պէտք է աւելցնել անմիջապէս որ մինակ մեր միտքը չէ որ շահագրգռուած է այդ ամէնով, այլ մեր զգայարանքները լայն չափով մը բաժին կ՚առնեն մեզի մատուցուածին զգացական տարրերէն: Այս հաւաստումը մեզի կը բերէ գրագէտը։ Ո՞ր հրաշքին գինովը ամբողջ Սրուանձտեանցի գիրքերէն լաստակերտուող սա խառնակ եւ պղտոր կեանքը մեզ կը յուզէ երբ ամեն ինչ, մանաւանդ գրելու օրէնքներուն դէմ տիրական մեղապարտութիւն մը, արգելք էր այդ յուզումին։ Պատասխան չունի այս հարցումը: Ինչպէս որ մենք չենք կրնար հակակշռել մեր զգայութիւններու հանդէսը մեզմէ դուրս, այնպէս ալ անկարող ենք ճշգրիտ սահմաններու մէջ վերլուծել Սրուանձտեանցէ մեզի եկած ապրումներուն նկարագիրը։ Բայց ստոյգն այն է որ այդ ապրումները ունեն գոյութիւն։ 

Բոլոր իր գործերուն մէջ սա զգայնութիւնը զոր ա՛լ կարելի է որակել իբր կենդանի հայրենիքի մը զարկը, իր` ինչպէս գործին, կը պաշտպանէ ամէն ինչ որուն կը մօտենայ։ Եւ որովհետեւ այդ զգայնութիւնը ճարուած է հողին իսկ ընթերքէն, սնած է գերեզմաններէն (պատմութիւն, եւ դաշտանկարներէն (հայոց աշխարհ), հասկնալի կը դառնայ թէ ինչպէս այդ ամենէն տարագիր, այդ ամենուն համար կուրացած զգայարանքներով մեր մտաւորականութիւնը ( Պոլիս, Վենետիկ, Մոսկուա ) խանդավառ հիացումով մը ինքզինքը գտնէ ողողուած։ Դարերու կարօտն էր որուն յագուրդ, գոհացում կուտար Սրուանձտեանցի գործը եւ իր հայրենիքը օտարութեան մէջ կրելի կերպով մը ունենալու

Համով Հոտով ը հայոց աշխարհն է իր երեսի փոփոխութեանց քաղցրագին ապրումներուն հանդէսովը, ինչպէս գինովցնող շնչումներովը, որոնք վայրի մը, դաշտանկարի մը, երբեմն ամբողջ աշխարհի մը հոգին կը վերբերեն եւ ժողովուրդի մը իմացական արտայայտութիւններուն մէջ ոճ եւ ոգի մը կ՚ըլլան։ Ի՞նչ խանդաղատանքով վարդապետը կը խօսի ջուրէն, հողէն, քարէն, լեռնէն ու ծաղկէն, բոլորը՝ տեսանելի մա՛սը այդ աշխարհի անդրագոյն ինչպէս նորագոյն կերպարանքներուն։ Ինքնին այդ ամենուն կարօտին մէջը տառապող մեր մտաւորականութեան համար ի՞նչ հեշտագին լոգանք՝ երբ պատմութիւնն ալ իր սխրանքը կը խառնէ ներկայի թելադրանքին։ Սրուանձտեանցի համար ամէն աւերակ ոչ միայն տեղի մը վրայ թրթռագին վկայութիւն մըն է հայոց աշխարհի ֆիզիք կերպարանքը ժանեկող, այլ հայոց ժողովուրդին հազարամեայ ապրումները կենդանի բուրվառի մը պէս արտարձակող բացօդեայ ներշնչարան մը։ Եւ ո՞վ չի գիտեր թէ վարդապետին կոխած հողերուն տակ, ինչպէս երեսին, մեր քանի մը հազար տարիներն են որ հանդերձուած են ամենէն իրաւ ու սրտառուչ յուզումներով։ Կ՚անցնի: Սրուանձտեանց վանքի մը փէշերէն, պատմական դաշտի մը մէջէն, հինաւուրց եկեղեցիի մը սահմաններէն, խռովայոյզ, «ամբոխեալ» այն բոլորէն որոնք այդ պարզ պատկերներուն ետին եղեր են դարերը իր պապերուն։ Ու ահա աւելին։ Թերեւս քիչեր ըլլան տեղեակ թաքուն այն բիւրեղացման որով փաթթուած կը պառկին երբեմն կարգ մը տեղեր արեւին տակ: Սրուանձտեանց բնութեան մեծ գիրքին այդպէս տարտղնուած եւ ոչ ոքէ կարդացուած էջերն է որ ամենէն աւելի գուրգուրագին զմայլմամբ մը աշխատած է կարդալ, հաւաքել եւ մատուցանել այդ ամենուն զրկանքին մէջ տառապող իր եղբայրներուն: Ժողովրդային ստեղծումի այդ անսպառ մթերքը ( ֆօլքլոր, աւանդութիւն, պատմում, հրաշք ) Սրուանձտեանց առաջին անգամ շահեցաւ նախ հայ գրականութեան համար, երկրորդաբար հայ ազգագրութեան համար։ 

Եւ այն միւսները որոնք անուն ունին Մանանա, Թորոս Աղբար, Գրոց Բրոց, Հնոց ու Նորոց, իրար ամբողջացնող վկայութիւններ են մէկ ու նոյն զգացումին: Սխալի մէջ չեմ երբ այդ զգացումը կը նոյնացնեմ հայ հայրենիքին համին եւ հոտին հետ։ Այսպէսով Սրուանձտեանցի գործին զգացական մասը կ՚ըլլայ կենդանի վկայութիւն գրագէտի խառնուածքէ մը։ Այլեւս մատի չեմ փաթթեր այդ խառնուածքի զեղուն, երբեմն գրքունակ, յաճախ միամիտ, անհաւասարակշիռ, չըսելու համար խակ կերպարանքները։ Նիւթին խռովքը այնքան իրաւ կը համակէ մեզ որ կը տարուինք եւ ժամանակ չենք գտնել այդ ամենէն հաշիւ պահանջելու գրական օրէնքներու, պարտքերու ուղղափառ հաշիւը՝ որոնցմէ այնքան յոգնած է խեղճ արեւմտահայ գրականութիւնը, մանաւանդ Սրուանձտեանցի շրջանին։ Նոյնիսկ այն պարագային երբ սա խառնուածքը աւելորդ ձեւով մը կը միջամտէ խանգարելու չափ մեր ողջմտութիւնը, մեր հանդարտութիւնը, դարձեալ մեր անհանգստութիւնը չի փոխուիր անտրամադրութեան, քանի որ մեր ամենուն ներսը Սրուանձտեանցի աշխարհը միշտ կը մնայ ի զօրու: Կը ժպտինք այդ աւանդութեանց միամտութեանը վրայ, մեր ներսէն, բայց կը սիրենք զանոնք։ Ուրի՞շ բան է արդեօք արուեստին հրաշքը։ Ուրի՞շ` թատերական պատրանքը, որ մեր աչքերուն տակ փռուած բեմի սենեակ մը պալատի կը փոխակերպէ եւ կը յաջողի տախտակի վրայ խօսող այդ մարդերը իրաւ մարդերու վերածել։ Ուրի՞շ` այն մտահոգութիւնը, որով կը համակուինք դարձեալ երբ քաղցր բառեր  մշտամրմունջ մեղեդիի մը պէս քերթուածէ մը կը քակուին եւ մեր մէջ սէրը, աղօթքը, երգը, լացը, ժպիտը կ՚ըլլան։ Տրուած ըլլալով նախնականին, հէքեաթայինին, ժողովրդականին, անտիպին բաժինները այս ապրումներուն մէջ, ինքնին հասկանալի կը դառնալ, թէ որչափ իրաւ ժառանգութիւն մըն է Սրուանձտեանցի խառնուածքին վկայութիւնը արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր արդիւնքին մէջ, ուր այնքան քիչ է բաժինը կենդանի զգայութիւններուն։ 

Գիտեմ՝ թէ այսքանը անբաւական է գրագէտի մեծ դէմք մը յօրինելու, բայց, միւս կողմէ, վստահ եմ թէ հարիւր տարի ետքը մարդիկ շատ դիւրաւ, գրեթէ հաճոյքով պիտի մոռնան թերեւս Ալիշանի ամբողջ գործը (բանաստեղծութիւն), ինչպէս կ՚ընենք այսօր Շնորհալիի տաղաչափեալ մեծ գիրքերուն համար, բայց սրտայոյզ երախտագիտութեամբ պիտի դողդղան Սրուանձտեանցէ փրկուած ամէն մէկ պատառիկի վրայ: Այս ենթադրութիւնը աւելի է քան ձրի վերագրում մը։ Ըսի թէ կէս դար է անցեր անոր գերեզմանին վրայէն։ Ատկէ ասդին, անոր ձգած գործը փոխանակ աղօտելու, պաղելու, կը պայծառանայ եւ կը բիւրեղանայ։ Այսօր հոգին փնտռողները զայն կը կարդան աւելի խորունկ հեշտանքով մը որքան չէին ըներ թերեւս 50-60 տարի առաջ, երբ այդ հոգին կրող ժողովուրդը կ՚ապրէր իր հողերուն վրայ։ Ի վերջոյ ո՞վ է գրագէտը եթէ ոչ այն՝ որ պահ մը, աշխարհ մը, ոգի մը կը փրկէ։ Այս տարազը Սրուանձտեանց կը կրէ մեր մեծ գրողներու բոլոր արժանաւորութեամբը։ 

* *  *

Կարելի՞ է այս վարդապետին առիթով դնել հարցը եկեղեցական մատենագրութեան, այսինքն գրականութեան այն մասնաւոր կերպին որուն հասարակաց տարրերը պէտք կ՚ըլլայ անջատել արեւմտահայ գրականութեան եկեղեցական գրագէտներու խումբէն։ Այսպէս, այն ութը տասը անունները, որոնք աշխարհաբարի գոյութեան սկիզբէն իսկ իրենք զիրենք պարտադրեցին, ո՞ր չափով կ՚արդարացնեն գրագէտի ընդհանուր շղացք մը։ Ի վերջոյ ո՞ր անունին հետ պիտի ներուի մեզի կախարդ այդ տարազը արդարութեամբ գործածել։ Դժուար է այս հարցումներուն յստակ եւ վճռական պատասխան հայթայթել Սրուանձտեանց սրբազանի գործին մէջէն։ Ճիշդ է որ Արմաշեան դպրոցի հեղինակաւոր դէմքերը, յետ–պատերազմեան Սաղիմին երիտասարդ  գրողները աւելի ճարտար, աւելի արդար կերպեր ունին իրենք զիրենք արտայայտելու: Միւս կողմէ՝ նոյնքան ճիշդ է որ անոնց կը պակսի հայեցի խորունկ, անկեղծ զգայնութեան մը բարիքը: Սրուանձտեանցը իբր յանգում մը ընդունիլ մեր հին մատենագիրներու սիրական եղանակին, դարձեալ կը դառնայ դժուարին, քանի որ Վանեցի եպիսկոպոսը շատ բացորոշ կերպով մը կը զատուի այս մատենագրութեան ընդհանուր tonalitéէն որ կրօնապատմական է առաւել չափով եւ կ՚ըլլայ ազգային, աւելի ճիշդ՝ ազգագրական հետաքրքրութեանց, խանդավառութեանց հանդէս մը։ Արդ, ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ գիտական նկարագրով սա աշխատանքի համար գրագէտի ոճ մը, արտայայտութեան բացառիկ կաղապար մը չըլլայ անհրաժեշտ։ 

Կը մնայ քննել Սրուանձտեանցի գործին բուն իսկ ազգագրական տարողութիւնը

Քիչ վերը ըսուեցաւ այդ մասին թէ անբաւական զարգացումը, գիտական հետազօտութիւն մը արդիւնաբեր ընող միջոցներու սակաւութիւնը, վարդապետին մտքին իսկ ձեւը (որ պատմութեան ու գրականութեան կը հակի քան թէ հանդարտ զննութեան) ճակատագրական եղան իր գործը արժեւորելու տեսակէտէն։ Պարզ է որ ոչ մէկ կանխադրեալ ուղեցոյց, խնամեալ ծրագիր, պրպտումի հիմնական տուեալներ չենք հաստատել Սրուանձտեանցի ոչ մէկ գործին մէջ։ Ամէն ինչ կը մատուցուի անոր գիրքերուն վրայ, խակ ու խառնակ, ծանրաբեռն, աւելորդ զեղումներով, զգացական բացագանչութիւններով եւ մանաւանդ գիծի, կարկառի հանդէպ հիմնական անհասկացողութեամբ մը։ Եւ սակայն հակառակ բոլոր այն անվանականութեանց, մեղքերուն, Սրուանձտեանցի գիրքերը արեւմտահայ գրականութեան ամենէն երախտաշատ բարերարութիւնները սխալ չըլլար նկատել։ Տրուած ըլլալով գրականութեան մէջ այդ կարգի գործերուն ցանցառութիւնը կամ եղածներուն ալ վարժապետական, վարդապետական անհրապոյր չորութիւնը, Սրուանձտեանցի վաստակը կը զատուի տժգունութեանց այդ մթերքէն եւ կը բարձրանայ իրեն յատուկ յարգանքի դիրքի մը։ Իրմէ վերջ Պոլիս (1900), մանաւանդ արեւելահայերը մղում տուին Սրուանձտեանցի աշխատանքին: Չեմ խանդավառ Պոլիսով. գաւառացի վարժապետներու փառասիրութեանցը միայն գոհացում հայթայթող կրթանք մը եղաւ անիկա։ Հիացում ունիմ արեւելահայ դպրոցի լայն, չափազանց օգտաւէտ ձեռնարկին վրայ (Լալաեանց), բայց այդ հիացումը չ՚արտօներ ինծի որպէսզի իբրեւ գրագէտ ընթացք տամ  այդ աշխատանքի հեղինակին։ Այնպէս որ Սրուանձտեանցի գործին մէջ հաւասարապէս նպաստաւոր արդիւնքներ կը մնան ազգագրական նշմարանքները, ինչպէս վարդապետին զգայնութիւնը խտացնող գրական բազմաթիւ էջեր որոնք միայն գրագէտէ մը կրնային գրուիլ։ Երբեմն էջ մը բան աւելի կ՚արժէ քան մատենադարանները։