Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ.

Սրուանձտեանցի առիթով կը զգուշանամ դնելէ այն շատ կարեւոր հարցը որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ զբաղեցուց մէկէ աւելի սերունդներ: Ատիկա հարցն է հայեցի գրականութեան, լրագրական բառով մը` գաւառական կամ վաղուան գրականութեան: Ասիկա անոր համար՝ վասնզի ինչպէս քանի մը անգամ դիտել տրուեցաւ Սրուանձտեանցի մէջ անհեթեթ պիտի ըլլար գիրքերու գործաւոր մը փնտռել ու արժեւորել: Ինչ որ աւելի վերջը Թլկատինցի, Զարդարեան, Համաստեղ, Բ. Նուրիկեան իրագործեցին յստակ, վճռական կերպարանքի մը տակ, արդիւնքն է արեւմտահայ գրականութեան մէջ հայեցի հարազատութեան, յղացքին կրած եղափոխման։ Բայց սխալի մէջ չեմ երբ կը մտադրեմ այս արդիւնքին մէջ որոշ բաժին մը հանել Վանեցի վարդապետին։ Կ՚ըսեմ այսպէս վասնզի իր հէքեաթները, երբ մշակուին, ընդունակ են հաստատ ու հարուստ ատաղձ հայթայթելու որեւէ իրաւ գրագէտի, որպէսզի իրագործուի այդ տարրերով իր ժողովուրդին հոգեկան եւ իմացական փորձառութիւնը։ Անշուշտ ինք չստեղծեց Սիամանթոյի սրտառուչ դիւցազնավէպը, բայց իրմով փրկուած այդ պատառիկը օր մը կարելի շատ գեղեցիկ քերթուածի մը պատրաստ նախատարրն է: Յետոյ, Համով Հոտով ը, Մանանա ն, Գրոց Բրոց ը հզօր թելադրականութեամբ կտորներ կը պարունակեն մեր երկրին tellurique բխումներովը, շնչումներովը, կենսալից մեր պատմութեան շատ նուրբ, խուսափուկ տեղումներովը, նոր բառով մը` polarisation ովը պայմանաւոր։ Ահա թէ ինչո՞ւ իմ զիջումը Սրուանձտեանցի հանդեպ։

Անկախաբար իր փրկածին անպատմելի արժէքէն, արդար է որ յարգանք ընծայուի մարդուն իսկ կորովին, սրտին, իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու անհուն իր մոլեռանդութեան, քանի որ արեւմտահայ գրականութիւնը իր առաջին հարիւրամեակին  մէջ տեղ շատ ունի, գիրքերու բառով՝ օթեւաններ, ուր գործին չափ թերեւս գործողներ իրաւունք մը ապահովէին իրենց բազմելու: Զանազան առիթներով ըրեր եմ այս ճշդումը։ Զարթօնքի սերունդը ամենէն արժանաւորը մեր գրականութեան սպասին նուիրուածներէն հազիւ քանի մը հատոր է կտակած ազգային հարստութեան թանգարանին: Բայց արդիւնքի այն սակաւութիւնը մեզի չի տար արտօնութիւն մոռնալու այն միւս մեծ նպաստը որ գինն է այդ սերունդը մեծ գործաւորներուն ջանքին, նոյնիսկ տքնութեան։ Այսօր Նահապետ Ռուսինեան, օրինակի մը համար, մթին եւ մռայլ անուն մըն է։ Երեք քառորդ դար առաջ այդ մարդը համակ խանդ եւ գործօնութիւն է, դարձեալ իր ժողովուրդին բազմակողմանի պէտքերուն ի սպաս դրուած, եւ ատոնց շարքին` նաեւ արեւմտահայ գրականութեան։ Ինծի չեմ ներեր զանցումը այդ եւ նման անուններ գործերու կշիռով արժեւորել: Սրուանձտեանց միջին մըն է ընդմէջ առաւելազանց չափով գործիչներու եւ հարազատ գրագէտի։ Արեւմտահայ գրականութեան պատմագիրը եթէ ոչ հպարտութեամբ, գէթ խորունկ երախտագիտութեամբ իր յարգանքը չի վարակիր յայտնելու այս պարզուկ, բացսիրտ, քաջ, սրտառուչ գրական մշակին։