Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽՈՐԷՆ ՆԱՐ-ՊԷՅ  (1832 –1892) 

Կը պատահի որ գրականութեանց պատմութիւն մը հիմնովին ուրանայ գործ մը, բայց ընէ որոշ զիջում  գործողին։ Կը պատահին գործեր ալ որոնք ժամանակին մէջ կը ծանրանան, կը լեցուին եւ կը գտնեն բացառիկ տարողութիւն, դառնալու համար, միշտ այդ ժամանակին մէջէն, ազգային գերագոյն սեպհականութիւն: Նար-Պէյի վրայ ուսումնասիրութեան մը մուտքին, սա ընդհանրութիւնները ինքնաբերաբար կը ներկայանան ինծի։ 1880ին այս մարդէն մեր գրականութեան ժառանգը ամբողջ էր արդէն։ Դափնիներով փառազարդ, հանճարային լուսապսակով մը «յաւելեալ եւ ճոխացեալ»։ Դարձեալ 1880ին կար այս գործին հեղինակը, խորհրդաւոր, հը մայիչ, տարօրինակ: Քիչ հայեր օժտուած են Նար-Պէյի հրապոյրով, վարկով, մեծ մարդ մը բնորոշող այն քանի մը բացառիկ տուրքերով որոնք իմացական գետնի վրայ, ինչպէս աշխարհիկ վայելչութեանց մարզերուն, մարդերը կը տանին դէպի փառք կամ ողբերգութիւն։ Կ՚ըսեն թէ ան կը խօսէր ջերմութեամբ մը, քաղցրութեամբ մը, առքով մը, որոնք անդիմադրելի կ՚ընէին իր բառերը։ Իմացած ենք թէ իր երգերը կ՚երգուէին ամբողջ հայոց աշխարհին ամենախուլ անկիւններուն մէջ իսկ։ Բայց այս մարդը գիտենք իր կենսագրութենէն որ ԺԹ. դարու մեր ներկայացուցչական անձնաւորութիւններէն այն բացառիկ դէմքն է որ եկեղեցականի իր հանգամանքը յաջողած ըլլայ արժեւորել արեւմտեան կարտինալի մը բովանդակ նրբամտութեամբը, թափանցողութեամբը, հեղինակաւոր maitrisenվը։ Պոլիս, Իտալիա, Ֆրանսա, Ռուսիա ոչ միայն երկիրներ են, այլեւ ԺԹ. դարու կիսուն արեւմտեան մշակոյթի բարձրագոյն ոլորտները եւ Նար–Պէյ այն մէկ քանի եկեղեցականներէն է որոնք Հռովմի ամենէն մասնաւորեալ հաստատութիւններէն մէկուն մէջ (Հռովմի College Մը) պատրաստուեցան, շատ խնամքով, իրենց ասպարէզին որ գործելն էր արեւելքի մէջ, Հռովմայ մեծ պապերուն աւանդութեանցը ճամբաներով։ 

Չունիմ նկատի ծանրաթաւալ փառքը անոր գործին մէջ, ոչ ալ տրտում խորհրդածութիւններ պիտի ընեմ գրական համբաւներու զուգորդ, անխուսափելի, առեղծուածային իրողութեանց մասին, որոնց գինովն է որ բոլորովին անարժան, երբեմն սակաւարժան անուններ կը յորդին, կը լեցնեն շրջան մը, ինչպէս իր տունէն արձակուած գետ մը, բայց կը ցամքին քանի մը շաբթուան արեւով։ Ասիկա անոր համար` վասնզի Խորէն Նար–Պէյ կերպով մը քաւած է իր փառքը, քիչ գրողի վիճակուած եղերականութեամբ մը։ Անոր դագաղը ենթարկուեցաւ հալածանքի մեր բարձր եկեղեցականութենէն եւ ժանտախտաւոր դիակի մը պէս նետուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէկ անկիւնը։ Բայց այդ դիակէն առաջ՝ անիկա ապրեցաւ տարիներով ծանրաբեռն հիւանդ հոգեվարքի մը ամբողջ տագնապանքը հոգեկան մահուան մը որ միս մինակը սա էր խռովելու ամենէն քար սիրտերը։ Այս տողերուն հետ աչքիս կը գծուի ամբողջ հասակը Նար—Պէյի գործունէութեան, իր բոլոր բարձունքներով ու անկումներովը։ Մեր գրականութիւնը ի՞նչ է չարագործած մեր ժողովուրդէն որպէսզի խորհէր Զարթօնքի սերունդին շքեղ անձնաւորութիւններուն գրական արժեւորումը, զանոնք առնելով նիւթ վիպական, թատերական, պատմական շքեղ յօրինումներու: Ի՞նչ սրտառուչ են ճակատագիրները Զօրայեանի, Օտեանի, Ռուսինեանի, Միսաքեանի, Պեշիկթաշլեանի, յիշելու համար քանի մը շատ իրաւ մարդերու անուններ։ Բայց այս շարքէն ոչ ոք պիտի ընծայէր արուեստագէտի մը այն սրտաշարժ հանդէսը կեանքին իրողութեանց, որոնք ըլլալով հանդերձ Նարպէյի մը, են նոյն ատեն այս ժողովուրդինը։ Գիտենք թէ ինչ վսեմ, անսրբագրելի յիմար մըն է Մինաս Չերազ, ուր արկածախնդիրն ու գրողը, երազատեսն ու մարգարէն, բանուորն ու կայսրը (ամէն փառասէր կայսր մըն է) քով քովի բնակեցան, համահաճ եւ զուգահաւան, հանգչելու համար օտար հողին տակ

Այս տեսակ մտածումներ կը թելադրէ ինծի Նար-Պէյի անձնաւորութիւնը երբ անոր գործը (գրականը) զիս կը թող ու հիմնովին անտարբեր, անտրամադիր, նոյնիսկ ցասումնահար [1]

 




[1]        Համապատկեր ը անշուշտ որ շեշտը դրած է գործին վրայ ։ Բայց գործ մը ինքնին մեհենադրոշմեալ մարդ մըն է: Երբեմն իրականն ու խորհրդանշականը իրար կը պաշտպանեն, երբեմն ալ կը հերքեն, Նար-Պէյի առիթով՝ անձնաւորութեան վրայ շեշտ մը փոխադրելու ճիգը չի նշանակեր անհաւատարիմ ըլլալ իմ ծրագրին, իմ կողմէ խօսելով մարդու մը վրայ որուն գործէն գրեթե ոչինչ կ՚ազատի։ Հոս չեմ կուզեր գրական նորոյթը, շրջաններու ճաշակները, յեղափոխութեան կշիռը եւ այն բոլոր երկրորդական հարցերը, որոնք զսպանակները կու տան համբաւներուն։ Նար-Պէյ միահեծան փառք մըն էր: Ատիկա ըլլալէ առաջ եւ վերջ՝ ան եղաւ դարձեալ եւ էր միշտ ողբալի, ողբերգական, արգահատանքի արժանի շքեղ հակադրութիւն մը։ Իր շնորհները, պատրաստութիւնը, մարդկային լայն կարողութիւնները ուրիշ ժողովուրդի մը մէջ թերեւս ստեղծէին առաջնակարգ անձնաւորութիւն մը։ Մեր բախտը կարգադրեց որպէսզի այդքան շնորհ գործածուի քանի մը գայթակղութիւններու, քանի մը միջակ գիրքերու տրտում ժառանգութեան։ Երախտագիտութիւնը ամենէն անուշն է պարտքերուն։ Դժբախտութիւնը հոն է որ անձերը միշտ ապառիկի կը վերածուին ժամանակի տետրին մէջ։ Կը կլռեն, նոյն այդ տետրին վրայ, միայն գործերը։