Ա.
Պէտք
է
խօսիլ
պատանի
Խորէն
Լուսինեանէն,
Վենետիկի
վանքին
մէջ
իր
ուսումը
ամբարելու
վրայ,
ուսում
մը
որ
ամբողջ
մէկուկէս
սերունդի
իմացական
նկարագիր
հայթայթեց,
անոր
տալով
անսրբագրել,
անխորտակելի
յօրինուածք
մը,
ժամանակին
մէջէն
փոխուելու
տեղ՝
խորացող,
յարմարելու
տեղ`
զառածող։
Ասիկա
ուսումն
է
վանական
շեշտ
մտայնութեամբ
մը
մասնաւորուած,
ուր
կրօնականին
գերազանցութիւնը
հազիւ
ըլլար
մեղմացած,
ազգայնականին
շատ
ծանր
փառքով
ճնշումովը:
Թէրզեանին
պէս,
Աճէմեանին
պէս
անիկա
իրեն
ուսուցիչ
ունի
1850ի
մեր
գրականութեան
մեծատիտղոս
քերթողները
որոնցմէ
չեմ
կրնար
չիշել
Բագրատունին,
Հիւրմիւզը,
Ալիշանը։
Այս
անունները
գրաւական
մըն
են
Նար-Պէյի
համար
շատ
խորունկ,
տիրական
հայրենասիրութեան
մը,
ինչպէս
շատ
ծանծաղ,
շատ
թերի
գրական
զգայարանքի
մը,
այսինքն
ասոր
ստացումին։
Նար–Պէյ
այդ
ուսումին
կը
պարտի
տիրական
սխալը
իր
կեանքին,
—
գրելը
վերածել
կրօնական
զբաղումի,
բանաստեղծութիւնը
շփոթել
դպրոցական
հանդէսներու
անուշիկ
խանդավառութեան
հետ,
եւ
պարգեւաբաշխութեան
կամ
տօնական
առիթներով
դպրոցական
բեմերու
վրայ
կեղծ
ցուցադրանքի
մը
ետին
թատերական
մեծ
իմաստ
մը
եւ
ասոր
հետեւորդ
փառասիրութիւն
մը
գտնել
յաւակնիլ։
Այս
գլուխին
մէջ
ես
պիտի
զգուշանամ
Նար–Պէյի
մեզի
ձգած
գործը
դատելէ,
ծանրանալու
համար
Նար-Պէյի
գործօնութեան։
Մինչեւ
իր
հեռանալը
Վենետիկի
վանքէն
(1856)
անիկա
հրաշալի
երիտասարդ
մըն
է,
վանական
այդ
տարօրինակ
տաղաւարին
մէջ։
Գեղանձն,
գեղոճ,
քանի
մը
լեզուներ
հաւասարապէս
գրող
եւ
խօսող
բանաստեղծի
որոշ
համբաւով,
աշխարհիկ,
արտաքին
յարաբերութեանց
մէջ
տիրական
ազատութեամբ`
այս
երիտասարդ
վարդապետը
վանքին
փառքն
է
այնքան
որ
հոն
այցելող
հիւրերը
կը
փնտռեն
զինքը,
իր
անունէն
կանխապէս
հմայուած:
Կը
դասախօսէ,
կը
գրէ
վանքի
սպասին
մէջ,
ինք
զինքը
կը
մասնաւորէ
աշխարհիկ
մարդու
մը
գեղեցիկ
արձակութեամբը,
նոյն
ատեն
Զարթօնքի
իտէալներուն
լայնօրէն
հաղորդ
հոգիով
կը
տագնապի
տագնապը
այդ
սերունդին
մեծ
բանուորներուն,
—
ազատագրումը
իր
ժողովուրդին
(այդ
ազատագրումը
այդ
սերունդը
առաւելապէս
կը
հասկնայ
իմացական,
կրթական,
ընկերային
եւ
տնտեսական
մարզերու
վրայ:
Քաղաքականը
շատ
ալ
մատչելի
չէ
Նար–Պէյն
ինչպէս
այդ
սերունդին
յօժարութեանց)։
Տագնապ
մըն
է,
իր
կարգին
բաւական
խռովիչ,
իր
ըմբոստացումը
վանքի
վերին
հեղինակութեան
դէմ,
հրաժարիլը
Մխիթարեան
միաբանութենէ,
որուն
կապուած
է
ուխտով,
երազներով
եւ
խորագոյն
ցանկութիւններով։
Երիտասարդ
հոգեւորականներու
վրայ
դիտուած
սա
տռաման
Նար-Պէյը
վերածած
է
անկանգնելի
ողբերգութեան
մը,
ստիպելով
զինքը
մնալ
կարգի
մը
մէջ
ուր
իր
շնորհները
ամեն
օր
պիտի
բաղխէին
անանցելի
պատուարներու,
վերջ
ի
վերջոյ
զինքը
խորտակելու
համար։
Բարիզ
է,
Մուրատ–Ռաֆայէլեան
փակուած
վարժարանին
տեղ,
հրաժարող
միւս
վարդապետներու
խնամքին
տակ
բացուած
Հայկազնեան
կրթարանին
իբր
դասախօս։
Իր
մեծ
եղբայրը,
Ամբրոսիոս
Գալֆաեան,
վարիչն
է
այդ
հաստատութեան
ուր
հաւաքուած
են
հայ
Լուսաւորչական
ուսանողներ
եւ
Վենետիկի
Միաբանութենէն
հրաժարեալ
ուրիշ
վարդապետներ։
Իր
լրումին
կը
հասնին
հոս
այն
շնորհները
որոնք
մեզ
հրաշք
մը
կ՚ընեն
ընդ
մէջ
քսանին
եւ
երեսունին։
1859ին
տպուած
է
Դաշնակք
հատորը,
որ
Լամառթինի
Les
Harmoniesին
գրաբար
թարգմանութիւնն
է:
Այս
փաստը
արժեւորելէ
աւելի
գրականին
մէջ,
կ՚արժեւորեմ
Նար–Պէյի
հմայքին
ընդմէջէն։
Տեղն
է
հոս
յիշելու
որ
Լամառթին
հիացում
միայն
զգացած
է
այդ
բազմաշնորհ
եկեղեցականին
անձէն
ինչպէս
տաղանդէն
եւ
պիտի
շարունակէ
նոյն
այդ
հիացումը
մինչեւ
իր
մահը։
Տեղն
է
հոս
յիշել
որ
աւելի
յետոյ,
ֆրանսացի
ուրիշ
մեծահռչակ
բանաստեղծ
մը,
Վիքթոր
Հիւկօ,
անոր
պիտի
պատասխանէ
շատ
քաղաքավար,
թերեւս
անկեղծ
ալ
զգացումներով
լեցուն
նամակի
մը
մէջ,
վկայութիւն
մը
աւելի
արժեւորելու
համար
հայ
վարդապետ
Խորէն
Նար-Պէյի
արժանիքներէն։
Երկրորդ
կայսրութեան
Բարիզն
է
այդ
քաղաքը,
այսինքն՝
պսակաւոր
ռոմանթիզմի,
տրտում
իրապաշտութեան,
յանդուգն
վայելքներու
ինչպէս
զգաստ
խորհրդածութեանց
անտարազելի
խառնուրդ
մը։
1850էն
մինչեւ
1866
աշխարհի
խելքը,
դրամը,
գեղեցկութիւնը,
վայելքները
հոն
է
որ
ժամադրուեցան։
Խորէն
Նար-Պէյ,
Վենետիկէն
իր
ճարած
հոգիին
վրայ
հոն
կ՚աւելցնէ
աշխարհիկ
մարդու
կարտինալական
ձեւերը
եւ
հայոց
համար
անսովոր
եկեղեցական
այն
վարուելակերպը
որուն
ոսկեդարը
կարելի
է
նկատել
երկրորդ
կայսրութիւնը:
Հայկազնեանի
փակումով՝
զայն
վարող
կարեւոր
ուժերը
կ՚անցնին
Ռուսիա։
Խրիմի
թերակղզիին
մէջ,
Թէոդոսիա,
կը
հիմնուի
նոր
կրթարան
մը,
Խալիպեան
ուսումնարանը,
Գաբրիէլ
Այվազովսքիի
վերատեսչութեան
ներքեւ։
Նար-Պէյ
դաստիարակ
է
հոն,
հայ
լեզուի
եւ
գրականութեան
ուսուցիչ,
ընդհանուր
հսկող,
եւ
տղոց
մէջ
ազգային
ոգի
մեծ
արծարծիչ:
Այդ
վարժարանին
մէջ
իր
պաշտօնավարութեան
ընթացքին
անիկա
մամուլին
յանձնած
է
Քնար
Պանդխտին,
Արշակ
Երկրորդ,
Ալաֆրանկա
գործերը,
ինչպէս
նաեւ
վարած
է
խմբագրութիւնը
Բարիզէն
հոն
փոխադրուած
Մասեաց
Աղաւնի
հանդէսին:
Այվազովսքի,
խոհուն
եւ
լուրջ
կրօնաւոր,
դժուար
կը
հանդուրժէ
Խորէն
վարդապետի
զեղծանումները
կրօնական
զգաստութեան
գետինին
վրայ
եւ
վերջ
կուտայ
անոր
պաշտօնին
Խալիպեանի
մէջ։
Պոլիս
(1862),
ուր
կը
դառնար
հասուն,
փորձառու,
խանդավառ,
բայց
կործանած
վարքով։
Այս
վերադարձը
իր
հայրենի
զգայութեանց
աւազանին,
զոր
կ՚ընեն
անցնող
պատանութեան
եւ
երիտասարդութեան
յիշատակները,
ապրումները,
անշուշտ
քիչ
մը
աւելի
սրտառուչ,
բանաստեղծական,
Նար-Պէյին
համար
մուտքն
է
կեանքի
երկրորդ
շրջանի
մը։
Վաթսունական
թուականներու
Պոլիսը
իր
առիթով
վերլուծուելիք
տարօրէն
շահեկան
վիճակ
մըն
է
որ
կը
պարզէ
մեր
մերձաւոր
պատմութիւնը
ուսումնասիրողին։
Լուսաւորեալներու
եւ
խաւարեալներու
պայքարին
ամենէն
բուռն
օրերն
են:
Ազգը
իր
բարձրագոյն
խաւերուն
մէջ
բաժնուած
է
երկու
հակամարտ,
ոխերիմ
ճակատներու:
Երիտասարդութիւնը,
որ
սահմանադրական
կարգերը
ունի
իրեն
դրօշ,
ճակատ
է
պարզած
ազատութեան,
ամիրայութեան
եւ
թուրքերով
հովանաւոր
ազգային
իշխանութեանց
դէմ։
Երկու
հատուածներուն
ետին
ալ,
ինչպէս
միշտ,
դիրք
բռնած
է
զանգուածը,
արեւելեան
խաժամուժին
յատուկ
անինքնութեամբ
որքան
կատաղութեամբ:
Պայքարը
փոխադրուած
է
գլխաւորաբար
եկեղեցիներու
շրջափակը
եւ
կեդրոնացած
՝
օրուան
քարոզիչ
եպիսկոպոսներու
անձին
շուրջ։
Ո՞վ
ալ
ըլլայ,
որքան
ալ
անծանօթ`
պատարագիչ
եպիսկոպոսը,
խուժանը
հոն
է,
արգիլելու
համար
անոր
անուան
յիշատակումը։
Յիշել
որ
այս
խորունկ
լարումը
—
նոյն
ժողովուրդի
հատուածները
իրարու
դէմ
—
այդ
Պոլիսէն
մէկ
նկարագիրն
է
կազմած:
Վաթսունական
թուականներէ
կէս
դար
վերջ
եւ
մինչեւ
այսօր
մեզի
տրուած
է
տխուր
հաստատումը
ընել
այդ
իրողութեան,
մեր
եկեղեցիներու
բեմերը
եղբայրական
արեամբ
ներկելու
աստիճան
կոյր
եւ
խորունկ:
Թէոդոսիայէն
նոր
ժամանող
եւ
սուլուելու,
նզովուելու
պատրաստ
հոգեբանութեամբ
մը
Խորէն
Նար–Պէյ
կը
խօսի
իր
առջեւ
ու
ծառացող
ամբոխին։
Շքեղ
իր
անձը,
դաշն
իր
ձայնը,
քաղցր
իր
շարժումները,
խորունկ
իր
հայրենասիրութիւնը,
բայց
մանաւանդ
խօսքի
իր
մեծ
շնորհը
կ՚ունենան
կախարդական
ազդեցութիւն։
Ամբոխը
տարուած
է
այդ
իրաւ
խօսքերուն
հեղեղէն։
Արցունքը
կը
վազէ
բոլորին
աչքերէն,
եւ
իրար
բզքտելու
համար
հաւաքուած
մարդեր
կ՚իյնան
գիրկ
գիրկի,
հասկանալով
արեան
ձայնը
իրենց
եղբայրներու
կուրծքին
տակ:
Փորձը,
կրկնուած
զանազան
եկեղեցիներուն
մէջ,
կ՚ունենայ
նոյն
արդիւնքը։
Նար–Պէյ
ոչ
միայն
իրաւ
խօսող
մըն
էր,
այլեւ
աղուոր
խօսող
մը։
Ու
նոր
չէ
որ
խօսքի
վարպետները
վարած
կ՚ըլլան
երբեմն
նույնիսկ
աշխարհի
ճակատագիրը:
Նար-Պէյի
կեանքին
մէջ
ուշագրաւ
թուական
մըն
է
1867ը,
երբ
կ՚ընկերանայ
Գէորգ
Դ.
կաթողիկոսին,
Պոլսէն
Ռուսիա,
Ձարին
ներկայանալով
իջնելու
համար
Էջմիածին։
Նոյն
հրաշքը,
գինը
նոյն
շնորհներու,
հեռաւոր
հիւսիսի
քաղաքներուն
մէջն
ալ
կուտայ
նոյն
արդիւնքը։
Վաճառականներ,
զօրավարներ,
ուսանողներ
կը
փութան
նոր
պատարագին,
Փեթերսպուրկ,
Մոսկուա,
եւ
կը
թափին
յուզումի
նոյն
արցունքները,
որոնց
մասին
խօսեցայ
Պոլսոյ
եկեղեցիներուն
մէջ։
Այս
մարդը
տաղանդը
ունէր
սիրտ
հասնող
բառերուն
եւ
զանոնք
հոգիներուն
մէջը
արդիւնաւորող
գիտութեան
մը:
Հայ
եկեղեցականի
պարզուկ
դիրքը
մեր
ժողովուրդին
վրայ,
ատկէ
գալիք
սխրանքը
չունիմ
նկատի
երբ
կ՚ըսեմ
այս
տողերը։
Նար-Պէյի
առաքինութիւնները
մեծ
առաքինութիւններ
են։
Մինչ
իր
տկարութիւնները
դժբախտաբար
փոքր
մարդու
պարունակին
կը
պատկանին։
Այս
անհաւասար
բաշխումն
է
ահա
արժանիքներու
եւ
թերութեանց`
որ
ստեղծած
է
այդ
անունին
սրտառուչ
բայց
անկանգնելի
վրիպանքը։
Պոլիս
դարձին՝
այլեւս
անիկա
մաս
կը
կազմէ
նորահաստատ
եւ
վերջնական
նկարագիրը
գտնող,
հայոց
հոգեւոր
իշխանութիւնը
կազմող
մեքենային
եւ
Պատրիարքարանի
վարչական
պաշտօններուն
մէջ
անոր
լեզուագիտութիւնը,
աշխարհ
ճանչցողի
բազմամիջոց
վարուելակերպը,
անձին
տիրական
հմայքը
անշուշտ
ազդակներ
են
որոնք
կ՚ունենան
հակամարտ
արձագանգներ
մարդոց
գործունէութեան
վրայ։
Եկեղեցականի
մասնաւոր
տիպար
մը,
բազմադարեան
հոլովոյթի
մը
ընդմէջէն,
ստացած
է
որոշ
կաղապար
մը
մեր
ժողովուրդի
նկատառման
մէջ։
Մարդիկ,
մանաւանդ
իր
կարգակիցները,
դժուար
պիտի
հանդուրժեն
զիրենք
այդ
աստիճան
գերազանց
չափով
մը
գլող
անցնող
տաղանդ
մը։
Ուրիշներ,
այս
անգամ՝
պարզ
ժողովուրդ,
դժուար
պիտի
հաշտուին
ընկալեալ
կաղապարը
գրեթէ
ամէն
երեսի
վրայ
հերքող
այս
տարօրինակ
անձնաւորութեան
հմայքին։
Երկուքին
համար
ալ
հետեւութիւնը
նոյնն
է.
—
հալածանք։
Կուգամ
Նար-Պէյի
անձնաւորութիւնը
եղերապէս
կոտորակող,
չըսելու
համար
կործանող
ամենէն
տիրական
ազդակին։
Քիչ
մարդ
ունինք
մեր
եկեղեցական
տարեգրութեանց
մէջ
որ
Նար-Պէյին
չափ
առիթ
տուած
ըլլայ
խօսքի,
բամբասանքի։
Ազգապղծութենէն
մինչեւ
պալատական
սիրահարութիւն
յեղյեղուեցան
իր
անունին
հետ։
Կ՚ըսեմ
ասոնք
վասնզի
իր
մահուան
մօտիկ
այս
բազմատաղանդ
մարդուն
դիմաւորել
հարկադրուած
տռաման
շատ
քիչերու
վիճակուած
դժբախտութիւն
մըն
էր։
Իր
տիպարին
իսկ
հանգամանքներուն
մէջն
է
սա
ճակատագրին
բանալին։
Առանց
սքեմի`
Խորէն
Նար-Պէյ
թերեւս
պիտի
տար
շատ
աւելի
եղերական
պատկեր
մը
իր
կեանքէն
զգացական
գետիններու
վրայ,
ինչպէս
ասիկա
տրուած
է
մեզի
երբեմն
հաստատել
մեծ
արուեստագէտներու
կեանքին
վրայ։
Այս
ճշդումներուն,
մերձեցումներուն
ի՞նչ
է
նպաստը
անոր
գործին
հասկացողութեանը
մէջ։
Առայժմ
չեմ
մտածել
այդ
դերին։
Նպատակս
է,
ամփոփ
գիծերու
մէջ,
գրագէտէ
աւելի`
մարդ
մը
դնել
ընթերցողին
աչքին։
Մինչեւ
Պերլինի
պատուիրրակութիւնը
(1878)
Խորէն
Նար-Պէյ,
հալածուած
ինչպէս
փնտռուած,
ուրացուած
ինչպէս
փառաբանուած
տեսակ
մը
հէքեաթ
է
Պոլսոյ
մէջ
ուր
բոլոր
պաշտօնական
հաստատութիւնները
խուլ
հակամարտութեամբ
մը
կը
հսկեն
այս
եպիսկոպոսին
բոլոր
արարքները,
դասերը
ինչպէս
գիրքերը,
ջանալով
զինքը
հեռացնել
կեդրոնէն։
Գաւառների
վրայէ
վրայ
զինքը
կ՚ընտրեն
իրենց
առաջնորդ:
Նար-Պէյ
Պոլիս
է,
անսասան,
ինչպէս
անշարժ
կալուած
մը։
Պարոնեանի
սրամիտ
որակումը
-
«
Կ՚իմանանք
որ
պատրիարքարանը
Խորեն
Նար–Պէյ
եպիսկոպոսը
իր
անշարժ
կալուածներուն
մէջ
արձանագրած
է
»
—
ամբողջ
անոր
ասպարէզը
այդ
թուականներուն
կը
ճշդէ
վերջնականապէս:
՝
Անոր
վարչական
շնորհներուն
եւ
դիւանագիտական
ընդունակութեանց
նոր
գետին
մըն
է
անշուշտ
Պերլինի
վեհաժողովին
առթիւ
իր
պատուիրակած
առաքելութիւնը,
հայոց
հարցը
Պերլինի
վեհաժողովին
մէջ
հետապնդելու
սխրագին
դերով
մը։
Մենք
շատ
քիչ
բան
գիտենք
այդ
պատմական
տռամայէն
(կ՚ակնարկեմ՝
հայ
պատուիրակութեան
պաշտօնին
1878ի
հաշտութեան
վեհաժողովի
նիստերուն
մէջ,
Պերլին)։
Պատուիրակութեան
քարտուղարը,
Մինաս
Չերազ,
անկշիռ
գրքոյկ
մը
հանած
է
այդ
տռամանիք
եղելութիւններէն,
Ի՞նչ
Շահեցանք
Պերլինի
Վեհաժողովէն,
որ
փոխանակ
ըլլալու
արձագանգը,
առնուազն
աղօտ
պատկերը
շատ
դժնդակ,
շատ
իրաւ
ապրումներու,
երեսփոխանական
ժողովներու
մէջ
խօսուելիք
ցուրտ
ճառ
մըն
է։
Պատուիրակութեան
նախագահը
շքեղ
մօրուք
մը
միայն
ունէր՝
բան
մը
տեսնել
կարենալու
համար
արքունիքներէն,
դիւանագիտական
քուլիսներէն
ներս։
Անոր
միւս
անդամը,
խոշոր
հռետոր
վարժապետ
մը,
Ս.
Փափազեան,
չեմ
գիտեր
ինչ
ընելու
գացած
է
հոն։
Խորէն
Նար-Պէյ
այդ
բոլորէն
հանգամանաւոր
անձնաւորութիւնն
էր
այդ
դերին
համար։
Ոչ
մէկ
բան
է
թողած
մեզի,
դժբախտաբար,
այդ
օրերը
մեր
մտքին
մէջ
անմոռաց
ընծայող։
Միայն
գիտենք
որ
կրցածը
ըրած
է
իր
շնորհները
արժէքաւորելու
դիւանագիտական
կարծրասառոյց
պատերէն
ներս,
առաջ
բերելու
համար
պուտ
մը
գութ
սրտառուչ
իր
ժողովուրդի
դատին
վրայ։
Ձախողանքը,
դեռ
Պոլիս,
բացարձակ
էր:
Այդ
թուականէն
մինչեւ
իր
մահը,
մօտ
տասնհինգ
տարի,
Խորէն
Նար-Պէյ,
Պոլսոյ
մէջ
կ՚ապրի
կեանքը
այն
եպիսկոպոսներուն
որոնք
այդ
թուականին
մեր
ազգային,
ընկերական
դիմագիծին
վրայ
որոշ
նկարագիր
առած
են։
Մարդեր
են
ասոնք
ընդմէջ
քառասունի
եւ
վաթսունի,
առջի
երիտասարդութեան
հուրքէն
մեղմացած,
դէպի
զառամութիւն
խնամուած
յամեցումով
մը։
Աu
ու
ան
թաղին
քարոզիչը։
Հեղինակ
դասագիրքերու:
Երբեմն
անձնվիրաբար
դասեր
տուող
այդ
թաղերուն
նախակրթարաններուն
մէջ
կրօնքի,
գրաբարի։
Անցողակի
գումարուող
ազգային
ժողովներուն
մէջ
երեսփոխան։
Բայց
մանաւանդ
պատրիարքարանի
բազմատեսակ
դիւաններուն
մէջ
որոշ
անդամակցութիւն։
Մօտիկ
անցեալը
իրենց
համար
քաղցր
լուսապսակ
մըն
է
վարկէ
պարտքը
կատարող
մարդու
հոգեբանութենէ։
Ընդհանրապէս
մերձաւոր
ազգականի
մը
տունն
է
զանոնք
պատսպարողը,
ուր
տարիքն
առած
քոյր
մը,
մանկամարդ
զաւակներով,
կամ՝
աւելի
պզտիկ
եղբայր
մը,
ընտանիք
կազմած։
Այս
ամենուն
մէջ
ժողովրդային
երեւակայութիւնը
անշուշտ
կ՚ենթադրէ
շատ
ու
շատ
խուլ
գայթակղութիւններ
նոյնիսկ
այն
պարագային
երբ
այդ
եպիսկոպոսը
տաղանդն
ունեցած
ըլլայ
իր
կեանքը
կազմակերպելու
զգաստութեան,
պարկեշտութեան
ամենէն
ուղիղ
պայմաններուն
համեմատ:
Մեր
ժողովուրդը
պիտի
խօսի
միշտ
այդ
մարդերուն
վրայ
շշուկով,
փսփսուքով,
քիչ
անգամ՝
լրբութեամբ,
բայց
պիտի
խօսի։
Ըսի
ձեզի
Նար-Պէյի
ընտանեկան
շրջանակին
մասին
քիչ
մը
բան։
Գիրք
մը,
որ
Վարդենիք
անունը
կը
կրէ,
ձօնուած
է
իր
քրոջ,
Վարդուհիին,
ասոր
ամուսնութեանը
առիթով։
Երբ
նկատի
առնենք
գրական
անոր
տարողութիւնը,
կը
դնեմ
հարցը
փսփսացուած
մեղքին,
քերթուածներուն
ներքին
բարեխառնութենէ՝
գտնելով
ինչ
որ
հեղինակը
ուզած
է
ծածկել
աշխարհին
աչքէն։
Վարդենիք
ը
տպուած
է
Թեոդոսիա
(1861)։
Ատկէ
քսան
տարի
վերջ,
Խորէն
Նար–Պէյ
պալատական
սիրահար
մըն
է,
որ
կիներու
ճամբով
մուտք
ունի
ոչ
միայն
եւրոպական
դիւանագիտական
բարձրագոյն
շրջանակներուն
մէջ,
այլեւ
ԺԹ.
դարու
ամենէն
խորհրդաւոր
բռնապետներէն
մէկուն,
Սուլթան
Համիտի
պալատէն
ալ
ներս։
Խորէն
Նար-Պէյ
իր
մահը
կանխող
տասնամեակին
մէջ
գրել
է
գրական
գործ
մը
չունի։
Անոր
վերջին
մեծ
հրատարակութիւնը,
Ստուերք
Հայկականք
(1874),
կ՚ամփոփէ
մէկ
մասը
իր
քերթուածներուն
եւ
վէպերուն
(կրնանք
հաւատալ
այդ
հատորին
յառաջաբանին
ուր
կը
խօսի
ընդարձակ
իր
քերթուածները
մոխիրի
վերածող
հրդեհի
մը
վրայ։
Նոյնն
է
ըրած
այդ
չար
հրդեհը
Բագրատունիի
Հայկ
Դիւցազն
քերթուածին
համար։
Տարակոյսը
մեղք
մը
չէ,
թէեւ
փոքրութիւն
մը)։
Անկէ
ասդին
չի
պատկանիր
արեւմտահայ
գրականութեան,
պատկանելու
համար
միջազգային
դիւանագիտութեան
աշխարհին։
Պատրիարքարանը
շատ
չ՚ախորժիր
հայկական
խնդիրը
անձնաւորող
այս
եպիսկոպոսին
հեղինակութենէն։
Ոչ
մէկ
բան
մոռցող,
քինախնդիր
թագաւոր
մը
չի
կրնար
հանդուրժել
այն
մարդուն
հմայքը,
քանի
որ
անիկա
կը
յիշեցնէ
Պերլինի
վեհաժողովին
պատուիրակչական
խորհրդանիշը։
Կասկածներուն
տակը
ուրեմն
պալատին,
նախանձին
մէջ
պատրիարքարանին,
Խորէն
Նար–Պէյ
(որ
Լուսինեան
իշխաններէն
սերելու
փառասիրութիւն
մըն
ալ
ատեն
մը
ուզած
է
արժեւորել։
Իր
եղբայրը,
իր
կարգին
կարգաթող
վարդապետ,
արդէն
այդ
իշխանազնութիւնը
կ՚իրագործէ
Գուիտոն
Լուսինեան
ստորագրութիւնը
գործածելով
եւ
վերականգնելով
օր
մը
Կիպրոս
գահակալող
dynastieն)
կը
քալէ
դէպի
ծերութիւն,
միշտ
շքեղ,
միշտ
չփացուած,
միշտ
փնտռուած
ամենազգի
մեծապայծառ
բայց
ի
ներքուստ
կասկածելի
իշխանուհիներէ:
Առանձին
տռամա
մըն
է
իր
վախճանը:
Ան
այդ
տարին
Եւրոպայի
մէջ,
գաղտնի
միջոցներով,
Պոլսոյ
ամենէն
բարձր
շրջանակներուն,
մանաւանդ
Համիտի
պալատին
ներքին
իրադարձութիւններուն
շուրջ
կը
ստորագրէ
գրեթէ
մատնող
թղթակցութիւններ,
խորունկ
վրդովում
ստեղծելով
Պոլսոյ
մէջ
եւ
նոյնքան
խորունկ
հետաքրքրութիւն՝
եւրոպական
ոստաններու
մէջ։
Այդ
թղթակցութիւնները
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
կ՚ապացուցանեն
այս
մարդուն
տիրական
տկարութիւնը։
Կիներու
ճամբով
(պալատին
բժշկապետ
փաշային
կինը
իր
սիրուհին
է)
անիկա
չի
խղճահարիր
այդ
մերկացումներէն,
թերեւս
գայթակղութեան
խուլ,
հեշտագին
սիրոյն,
որուն
մէջ
բացուեցան
իր
աչքերը
պատանի,
Վենետիկի
օրերէ։
Ըսի
թէ
նիւթական
իր
նեղութիւնն
էր
դրդիչը
այդ
անորակելի
արարքներուն։
Համիտի
լրտեսները
կը
յաջողին
ձեռք
անցնել
այդ
թղթակցութեանց
բնագիրը,
Պոլիս։
Հետեւանքը`
պարզ։
Կը
կանչուի
պալատ,
դէմ
դէմ
իր
գալու
իր
ձեռագրին
հետ,
Համիտի
ներկայութեան։
Կ՚ըսեն
թէ
ինկած
ըլլայ
կայսեր
ոտքերուն,
անոր
գութին
ապաստանելով։
—
«Ես
ներեցի,
Աստուած
թող
դատէ»։
Այդ
դատաստանը,
չես
գիտեր
իր
ո՞ր
շնորհին
համար,
վրան
կ՚առնէ
Պոլսոյ
պատրիարք
Խորէն
Աշըգեան,
հռչակաւոր
կոնդակով
մը
մեծանուն
եպիսկոպոսը
զրկելով
բոլոր
իր
պաշտօններէն,
ինչպէս
նաեւ
աղօթելէ
եւ
պատարագելէ։
Հարուածը
ահաւոր
էր:
Կործանած
եպիսկոպոսը
դիմում
կ՚ընէ
պատրիարքին
ներկայանալու:
Աշըգեան,
անոր
նուաստացումը
ըմբոշխնելու
համար
(ահաւոր
են
եկեղեցականները
երբ
առիթը
ունին
իրենց
մէկ
կարգակիցէ
վրէժ
լուծելու,
մարդոց
միջինը
անցնող
անգթութեան
մը
փաստերով),
զայն
կը
ստիպէ
ներկայանալ
Խառն
ժողովին
ուր
կը
պարտաւորուի
շքեղ
այդ
աւերակը
ներում
խնդրել
բոլորին
ներկայութեան։
«Գթացէք,
սրբազան
Հայր,
անօթի
եմ
…»:
«
Լիմ
անապատ
գնա,
Կտուց
անապատ
գնա»
կը
պատասխանէ
պատրիարքը
եւ
կը
հրամայէ
զինքը
բարապաններով
վռնտել:
Այս
եղերական
պատմութեան
մէջ
կայ
անշուշտ
հէքեաթի
բաժին
մը։
Իր
եղբօրը,
Գուիտոն
Լուսինեանի
թուղթերը,
ժամանակին
Մակար
կաթողիկոսի
ուղղուած,
Աշըգեանի
այս
անգթութիւնները
պարզաբանող,
անբաւական
են
իրողութիւնը
ապահովելու:
Պոլիսէն
ոչ
մէկ
փաստաթուղթ։
Այդ
օրէն
անդին
անիկա
արագ
կերպով
կը
դիմէ
դէպի
մահ։
Ունինք
այդ
օրերու
իր
վերջին
քերթուածը,
Հիւանդին
Մրմունջը
։
Թունաւորման
հէքեաթ
մը,
իր
մահուան
խորհրդաւոր
հանգամանքներուն
շուրջը,
եղերական
գեղեցկութիւն
մը
կ՚աւելցնէ
սա
զիջումին,
թէ
եւ
առանց
ատոր
ալ
հոգեբանական
տուեալները
պիտի
սահին
այդ
վերջնական
հաշուեյարդարը
—
կեանքէն
այնքան
ախորժ
զգացող
սա
մարդէն
—
հասկնալի
ընելու:
Իր
յուղարկաւորութիւնը`
դարձեալ
եղերական։
Ամբողջ
եկեղեցականութիւնը,
հայ
վսեմաշուքները
կը
վախնան
իրենց
ներկայութեամբը
իրենք
զիրենք
վտանգելու
Սուլթանին
աչքին։
Քանի
մը
հոգի,
այդ
բարձր
դասակարգէն,
վախն
ի
վախ
կ՚ընկերանան
դագաղին։
Պարզ
ժողովուրդը,
որ
չի
վախնար,
իր
մռայլութեանը
ծածկոյթին
մէջ
պաշտպանուած՝
կը
հետեւի
անոր
դագաղին,
ինչպէս
հետեւեր
էր
անոր
սխրագործութիւններուն,
հայկական
դարաւոր
իրաւունքները
պաշտպանելու
համար
(գրաւուած
գերեզմանատուներու
ազատագրման
համար
դիմում
եւ
ցոյց),
անոր
երիտասարդութեան
օրերուն
հմայուած
անոր
իշխանազն
հեղինակութենէն
…..
Ահա
ձեզի
մարդ
մը
եւ
պատմութիւն
մը
նոյն
ատեն։
Ինչ
առինքնող
տիպար
անիկա՝
այդ
սերունդին
գործաւորներուն
շարքէն։
Բայց
որքան
անբաւարար՝
գրականութեան
պատմութիւն
մը
բախտաւորելու
տեսակէտէն։
Մօտաւորապէս
կէս
դար
կենդանի,
յարատեւ,
յարաշարժ,
գործօն
աշխատանքին։
Մութ,
անկազմակերպ
համայնքի
մը
խուլ
խմորումներուն
ընդմէջէն
իր
հասակը
առած,
այդ
համայնքին
ընկերութեան
մը
կերպարանքը
ստանալու
processusին
հետ
իր
լիութիւնը
գտած,
խառնուած
մերձաւոր
արեւելքի
ամենէն
դաւադրալից
ոստանին
ներքին
մեքենայութիւններուն։
Քալած
բոլոր
ճամբաներէն
Աստուծոյ,
դժոխքի,
պալատի,
կնիկը,
բանաստեղծի,
գործիչի
իրարու
քով
չեկող
պողոտաներէն։
Քալած՝
երբեմն
տարօրէն
գեղեցիկ,
երբեմն
անպատմելի
կերպով
սողոսկուն։
Քալած՝
երբեմն
իրաւ,
երբեմն
սուտ
արցունքներով։
Խօսած,
գրած,
գործած`
հաւասար
այլուրութեամբ
մը,
այդ
բոլոր
արարքներէն
ըլլալով
տիպար
մը,
աշխարհիկ
հրապոյրներու
հանդէսի
վայել։
Ըլլալով
դժբախտ
խլեակ
մը,
կիրքին
անիւներէն
ընդքարշուած։
Անդադար
փառաբանուած
ինչպէս
չարաբանուած։
Լոյսի
եւ
ստուերի
խառնուրդ
մը,
բայց
որ
քաւած
է
իր
բոլոր
մեղքերը
(բացի
գրականէն),
իր
վախճանին
ահաւոր
եղերականութեամբը: