Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ

Արեւմտահայ գրականութիւնը Խորէն Նար–Պէյէն ունի 

ա) Դաշնակք (1859, Բարիզ)։ Լամառթինի Les Harmoniesին թարգմանութիւնը։ 

բ) Բազմավէպ ի մէջ խմբագրական աշխատանք

գ) Բարիզի Մասեաց Աղաւնի հանդէսին մէջ դարձեալ խմբագրական աշխատանք։ 

դ) Արշակ Երկրորդ (Թէոդոսիա, 1861):

ե) Վարդենիք (Թէոդոսիա, 1862)։ 

զ) Ալաֆրանկա (Թէոդոսիա, 1862)։

է) Յանգարան (Թէոդոսիա, 1862)։ 

ը) Քնար պանդխտին   (Պոլիս, 1868)։

թ) Ստուերք Հայկականք (Պոլիս, 1874)։ 

եւ ուրիշ հատորի չմտած քերթուածներ, յօդուածներ։ Անդրլեռնականութեան brochure մը։

Այս արդիւնքէն արեւմտահայ գրականութեան կը պատկանին քերթուածները եւ թատերական երկու գործերը։ Անոնցմով զբաղիլ անտեղի չէ, ոչ անշուշտ այդ գործերուն ներգոյակ արժէքին համար, այլ այն մէկէ աւելի հարցերուն պատճառով որոնք կը դրուին Խորէն Նար-Պէյի գրականութեան հետ։ 

Արդարեւ Խորէն Նար-Պէյի անունին հետ ես կը դնեմ հարցը Մխիթարեան բանաստեղծութեան որուն վրայ վերլուծական կարեւոր էջեր դուք կը գտնէք Համապատկեր ի առաջին գիրքին մէջ, առիթովը զուտ գրաբար բանաստեղծութեան ( Հիւրմիւզ, Բագրատունի, Ալիշան Հոս նպատակ ունիմ քերթողական այն զգայարանքը ենթարկելու քիչ մը աւելի մօտէն եւ սեղմ վերլուծման մը (Ալիշանի, Պէշիկթաշլեանի, Թէրզեանի, Սէթեանի բանաստեղծական զգայնութեանց ուսումնասիրութիւնը կը պարունակէ որոշ տարրեր։ Այն բանաստեղծը, սակայն, որուն գործին մէջ այդ զգայարանքը ինքզինքը լիապէս կը թուի ըլլալ իրագործած, կը յայտնուի Նար–Պէյր բանաստեղծական վաստակին մէջ)։ 

Հասկանալի է որ ըլլամ ժլատ՝ խօսելու Դաշնակք հատորին տարողութենէն: Ստոյգ է սակայն որ անձնական բանաստեղծութեան մէջ Նար-Պէյի գրաբարը աւելի հաղորդական կը ներկայանայ այսօր մեզի, աւելի իրաւ քնարական զգացումը աւելի դիւրաւ իր մէջը ընդունող։ Միւս կողմէ՝ Լամառթինի բանաստեղծութեանց մէջ Les Harmoniesն հատոր մըն է ուր կրօնական մտածումը, զգացումը եւ ապրումները կուգան առաջին գիծէ, երկրորդական, չորրորդական բլան ներու պահելով զուտ անձնական յոյզերու աւելի խորարմատ, աւելի մարդկային գեղեցկութիւնները։ Այդ տեսակէտէն Նար-Պէյ չէ պաշտպանուած իր նիւթէն, բայց դարձեալ գտած է ֆրանսացի եղերերգակին վայել լեզուական քաղցրութիւն, դաշնակութիւն։ Դաշնակք հատորին ընթերցումը մեզի այսօր ոչ մէկ յուզում կը բերէ անշուշտ (աւա՜ղ, ասիկա ճիշդ է նաեւ բնագրին համար), բայց մեզի կը բերէ քաղցր հաճոյքն ալ մեր գրաբարը տեսնելու իսկապէս արդիական մտածումներ մեզի փոխադրելու ընդունակութեան մը մէջ։ Դեր մը ունի՞ այս յաջողութեան մէջ թարգմանիչին խառնուածքը։ Չեմ կարծեր, քանի որ այդ խառնուածքը ինքնին կասկածելի է արդեն ինքնագիր քերթուածներուն համար ալ։ 

Հետաքրքրական պիտի ըլլար Լամառթինէն քերթուած մը փոխադրել արեւմտահայ աշխարհաբարին։ Դուք կը գտնէք նոյն  քերթուածին գրաբար թարգմանութիւնը, անմիջապէս վերջ։ 

 

ԱՌԱՋԻՆ ՎԻՇՏԸ

(Եղերգ)

Աղմկայոյզ ափունքին ուր Սորրէնթի ծովն (կապոյտ)
Կը թաւալե ալիքն իր նարնջիին ոտներուն,
Արահետին շատ մօտիկ, ցանկին ներքեւ հոտեւան
Վէմ մը փոքրիկ, ոչ շատ լայն, հասակն առեր ու պառկեր
Օտար քայլի անտարբեր

 

Շահպուրակն հոն կը ծածկէ անուն մը լոկ իր ներքեւ,
Անուն մ՚որուն արձագանգ երբեք տուաւ ոչ մէկ բան:
Միայն երբեմն անցորդն հոն դադար կուտայ իր քայլին,
Կարդալու թիւն ու տարիք, խոցերն առած ալ մէկդի,
Զգալով լացն աչքերին որ կը հոսի այդ քարին,
Մրմնջելով` «տասնըվեց: Որքա՜ն կանուխ՝ մեռնելու»։ 

 

Ինչո՞ւ դառնալ ու քաշուիլ տեսիլն ի վար անցեալին.
Թող հեծկլտայ հովը խուլ ու մրմնջեն կոհակներ:
Ինծի՜ նորէն, ա՜խ ինծի՛` մըտածումներն իմ տխուր:
Ես կը բաղձամ երազել եւ ոչ երբեք արտասուել։ 

 

Կուտամ Նար- Պէյին ալ թարգմանութիւնը։ Այս մերձեցումը կ՚ենթադրեմ թէ պիտի ըլլայ բաւական լուսաբանիչ, բանաստեղծութիւնը ըմբռնելու այն ձախորդ կերպին վրայ որ դժբախտ փառասիրութիւնն է կազմած ամբողջ Մխիթարի դպրոցին։ 

 

ԱՌԱՋԻՆ ՎԻՇՏ

Եղերգ

Առ բազմագոչն ափամբ ուր ծով Սորրենթեան
Գըլէ զկապոյտն ալիս զոտիւք նարընջին,
Ընդ հոտեւան ցանկովն անդեն մերձ յուզին,
Վեմ մի փոքրիկ գոյ եւ անձուկ, աննըշան,
Զրահետ քայլիցն օտարին

 

Անդ լոկ անուն մի թանգուզէ համասերում,
Անուն զոր բնաւ գանգք ուրեք ոչ կրկնեցին.
Միայն երբեմն անդէն անդին կառեալ անցորդին՝
Ըզխոտն ի բաց առնու եւ յա՛կն արկեալ զա՛մ
Ցօղք արտասուաց վազեն յաչաց իւր ի սահ.
«Վեշտասա՞ն ամս hըծծե զի՜ փոյթ առ ի մահ»։ 

 

Այլ հի՞մ ձըգել զիս ի տեսիլս որ անցին.
Թողուք հողմոց հեծել եւ զծուփ մըրմընջել.
Դարձէ՛ք, դարձէք ո՜վ իմ խորհո՛ւրդք տըրտմային,
Յերազել կամիմ ես, ո՛չ արտասուել։ 

 

Տրուած ըլլալով ԺԹ. դարու մխիթարեան մեծ թարգմանիչներուն նախանձայոյզ եռանդը, նախնեաց բարբառը ոչ միայն վերկենցաղելու, այլեւ զայն ընելու հպարտ գործիք մը ժամանակակից զգայութիւնները, մտածումները նուաճելու ընդունակ, դժուար է մեզի հասած զուտ գրաբար արդիւնքներուն մէջ հանդուրժել սա անտարազելի արձակութիւնը, համարձակութիւնը, բնագրին յարգանքը ընդմտնելու եւ ատոր տեղ սանկ ու նանկ  բառերով, մանաւանդ քերականական նրբութիւններով տող լեցնելու միամիտ ճամարտակութիւնը: Ամբողջ Դաշնակք հատորը ինքնին քիչ մը վերացական, քիչ մը շատ հռետոր եւ զեղուն, բնագրին տեղքին վրայ կ՚աւելցնէ թարգմանիչն սեպհական մեղքերը որոնց ամենէն գլխաւորը՝ բանաստեղծութեան զգայարանքէ գրեթէ հիմնովին զուրկ բառերու լարախաղացի մը ճարտարանքն է ապահովաբար։ Ինծի կ՚այցելեն, այս տողերուն հետ, խոժոռ ստուերները Բագրատունիին, Հիւրմիւզին, Ջախջախեանին, Ալիշանին, Թոմաճանեանին (չիջնելու համար աւելի հին մարդոց)։ Մեծ այդ անունները իրենց բոլոր պատկառելի համբաւին մէջը կրնան խաղաղօրէն քնանալ, բայց չեն կրնար զիս զիջումի մղել որպէսզի իրենց թարգմանութեանցը մէջ ես կարողանամ հաստատել քերթողական իրաւ յուզում: Այս տառապանքը անոր համար` որովհետեւ բանաստեղծութիւն մը չի թարգմանուիր, կը փոխադրուի, ուրիշ խօսքով՝ թարգմանիչը կը գրէ իր ջիղերով, իր լեզուին էութեանը մէջէն, իր ապրումներուն հուրքը անցընելով իր բառերուն, ինչ որ ուրիշ մը ըրած է ատիկա իր հաշւոյն, դարձեալ իր պայմաններով։ Լամառթինի քերթուածին բնագիրը, հաղորդական քաղցր տրտմութեամբ մը համակուած, գրեթե ոչինչ կորսնցուցած է իր ներքին կրակէն։ Նար–Պէյէն անոր հպանցուածը՝ ցուրտ բառակոյտ մը։ Ըսի այս արդիւնքին հիմնական պատասխանատուն, բայց ատիկա չի բաւեր բացատրելու համար թէ ինչու արեւմտահայ գրականութեան մէջ գրեթէ տասէ աւելի անուններ ըլլան քեզի ձգած քերթողական դիւաններ որոնց մէջ ճիշդ է որ երբեմն մարդկային շեշտ մը կ՚ըլլայ զգալի, բայց որոնց ամբողջութիւնը հետախաղաղ կը կորսուի մեր մտքին մէջ, առանց որեւ է ակօսի։ Այսպէսով է որ մենք կունենանք Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի քերթողութեան երեք չորրորդը, Ալիշանի, Չերազի, Պէրպէրեանի, Եղիայի, Աճէմեանի, Թէրզեանի, Եղիշէ Դուրեանի ոտանաւոր գործերը, մասամբ գրաբար, մասամբ աշխարհաբար, բոլորն ալ մէկ ու նոյն մոլորանքին իբրեւ հետեւանք։ Այդ մոլորանքը, չըսելու համար խաբեբայութիւնը, փարթամ գեղեցկութեամբ մը իր փարթամ անձնաւորութեան հետ շողշողուն փառքի մը պէս պտտցուցած է այդ անուններուն չափ, եթէ ոչ անոնցմէ աւելի պատրաստուած տաղաչափը, Խորէն Նար—Պէյ

Նար-Պէյի քերթուածներուն (գրաբար մասը ունիմ նկատի) ետին գոյութիւն ունի՞ հարազատ բանաստեղծական խառնուածք մը։ Այս հարցումը անոր համար` վասնզի Նար-Պէյի վրիպանքը  իմ կարծիքով շատ քիչ բան կը պարտի լեզուականին։ Ամեն իրաւ բանաստեղծի համար լեզուն տարր մըն է անշուշտ, բայց երբեք հիմնական ։ Իր ներկայութիւնը որեւէ գիրքի գործաւորի մօտ չ՚երաշխաւորեր անոր գործին մնայուն արժէքը։ Այս ասութեան հակառակը աւելի ճիշդ է երբեմն։ Ի վերջոյ ի՞նչ կարժէ Աբովեանի Վէրք Հայաստանի ն իբրեւ լեզու: Այն հատորը ուր սպասելի էր որ Խորէն Նար-Պէյ բանաստեղծական զգայնութեան մը փաստերը ըլլար տուած, ապահովաբար Վարդենիք ն է: Ուրիշներու պէս պիտի չծանրանամ գիրքին խորունկներէն զգալի աշխարհիկ ապրումներու, վայելքներու, յոյզերու համին եւ հոտին։ Դարձեալ կարճ պիտի ըլլամ խռովիչ հարցի մը մասին որ այդ գիրքին յատակը կը կազմէ ատիկա քոյր եւ եղբօր իտէական սիրոյն խորհրդանիշ պատկերացումն է։ Վարդենիք ը բացող նախաբանին մէջ Նար-Պէյ իր սովորական սեթեւեթովը սահմաններ կուտայ այդ զգացումէն, եւ, առանց վախի, ճամբու կը դնէ բոլոր անոնք որոնք այդ զգացումը հասկնալու մէջ պիտի մնան անբաւարար, չըսելու համար պիտի դնեն տրտում եւ պղտոր հաշիւներ։ Նար-Պէյ մը Պայրըն մը չէր ի վերջոյ, որ գրեթէ նոյն զգացումները արտայայտած է, իր քրոջը մասին գրելով իր ամենէն գեղեցիկ քերթուածներէն մէկը, հարուստ իր խառնուածքին ամբողջ շահը անոր մէջ թօթուելով։ Վարդենիք ին մէջ մեզ նեղողը միշտ մէկ եւ նոյն մեղքն է, անբանաստեղծութեան մեղքը: Հոս կը կենամ դիտել տալու որ այդ հատորիկին խորքը կուգայ կենդանի եւ իրաւ ապրումներէ, վաւերական զգացումներէ, ջիղերով առնուած, դանդաղօրէն ծծուած եւ իւրացուած խռովքներէ եւ յուզումներ է, բաներ որոնք մեր պարզ մահկանացուներուս լեզուով կը նշանակեն մեր մէջ ամենէն շատ դիմացող հէնքը մեր ներքին անձնականութեան։ Ամէն բանաստեղծ այդ ստոր աշխարէն է որ կը քաղէ իր գործերուն նախատարերքը։ Որ քրոջ, իր տունին, իր հօրն ու մօրը, իր մանկութեան տեսարաններու ամբողջ արձագանգները այս պերճազգեստ հռետորին մէջը դատապարտուած են խուլ լռութեան մը։ Ինչպէս չզարմանալ այս ձախողանքին լայնատարր ընդարձակութեանը վրայ երբ միւս կողմէն ծանօթ ենք թէ որչափ խորունկ էր իր համակրութիւնը Լամառթինեան բանաստեղծութեան որ կուգայ այդ նուիրական ակունքներէն: Վարդենիք ը գիրքն է այն մարդուն որ գրել գիտէ, խորունկ զգացումներ ունի, բայց վախին մէջը կը տառապի այդ զգացումները իրենց իրաւ կերպարանքին տակ արտայայտելու: Այս հաստատումը մեզի կը բերէ իր ըրածը ներկող, իր ըրածը այլաբանող խաբեբան եւ ոչ թէ յուզումի ասեղներուն տակ իր սիրտէն դէպի միտքը ընթացող սարսուռները նոր աշխարհի մը վերածող դժբախտ ստեղծագործը։ Յետոյ, միշտ պէտք է յիշել թէ ո՛ր աստիճան տխուր, փոքր ծիրի մը վերածուած է այդ ընտանի քերթողութիւնը Մխիթարեան վանքի աւանդութեանց ներսը։ Կ՚ընդունիմ որ պատշաճութիւններ կենան։ Կ՚ընդունիմ որ երիտասարդ վարդապետներ իրենց զգացումները հսկեն խստութեամբ եւ իրենց ներելի նիւթերուն շուրջը միայն թ եւ փորձեն։ Բայց չեմ ընդունիր որ թեթեւ ապրումներ, պարագայական յուզումներ, պատեհութեանց հոսանքներ այդ իսկ հանգամանքներով տեղը անցնին իրաւ բանաստեղծութեան։ Վանդակին մէջ սոխակ մը կը մեռնի։ Պանդոկին մէջ ուղեւոր մլուկներու յարձակման մը կ՚ենթարկուի: Վարդապետ մը իր աբբահայր ընտրութեան այսինչերորդ տարեդարձի հանդէս մը կը սարքէ։ Այս բոլորը չեմ գիտեր թէ ինչ կերպով կապ ունին բանաստեղծութիւն ըսուած արարքին հետ: Եւ սակայն այս արարքներէն Բագրատունի մը կը հանէ Մահ Սոխակին վերնագրուած երկարապատում խօսքի հեղեղ մը։ Թէրզեան չի վարանին Առ Մլուկ զաւեշտ մը տաղաչափել, այդ անասնիկին նուիրելով երկու հարիւրէ աւելի բարձրաթռիչ տողեր։ Եւ մեր իրաւ բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանը Գէորգ Հիւրմիւզի վանահայրութեան տարեդարձին առթիւ էջերով փարթամ բառերու հեղեղ մը կը թաւալէ։ Եւ ասիկա այսպէս՝ արեւմտահայ բոլոր մեծանուն բանաստեղծներուն համար ալ: Իմ կարծիքով՝ մէկ ու նոյն էակը այս ամբողջ աճպարարութեան։ Գիրքի գործաւորներ, գրադարանի առնէտներ, երբեմն նույնիսկ պատկառելի ուղեղներով, բայց առանց սրտի, որոնք իրենց բազմատեսակ զբաղումներուն շարքին իրենց կը ներեն քերթողական ալ ժամանցներ։ Վարդենիք ը Ս. Ղազարի մենաստանին սա մարզանքին փոխադրումն է Պոլիս, եւ ուրիշ շատ քիչ բան։ 

Կարճ պիտի ըլլամ Քնար Պանդխտին հատորին վրայ: Վերնագիրը տրտում, չըսելու համար դաժան հեգնութիւն մըն է մարդու մը բերնէն որ ինքզինքը պանդուխտ կը ծախէ, Եւրոպայի բարձրագոյն ոստաններուն վայելքներուն մէջ մինչեւ ականջները մխրճուած, եւ չի վարանիր իր ժողովուրդին հոգիին մէջ շատ զօրաւոր Complexe մը կազմող պանդխտութեան իրաւ զգացումը շահագործել

«Ղարիպին սիրտն է խոց, ճիկէերն ի վէրէմ
Կերած հացն է լեղի ու ջուրն է հարամ»

երկեակը միս մինակը կ՚ըսէ այնքան բան որ քան Նար-Պէյի պէս վաթսուն տաղաչափներու վեց հարիւր հատորները պիտի չըսէին այս ժողովուրդին հոգիին։ 

Հիմնական այս ամբաստանութենէն յետոյ այլեւս դժուար է խօսիլ այդ գիրքը լեցնող վաթսունըութը կարճ եւ երկար քերթուածներուն վրայ։ Ամէն բան կայ հոն։ Մեր հերոսները, ամրան հովը, Յորդանանը, Ս. Ստեփաննոսը, գարունը, թռչունները, սէրը, նախահայրը, արեւը, հանճարը, Վիքթոր Հիկոն, անխուսափելի լուսինը, Վարդանի երգը, Ս. Էջմիածինը, յիշելու համաց քանի մը անուններ։ Ճաշա՞կ: Ահաւասիկ

 

ԵՐԳ ՎԱՐԴԱՆԱՅ

Հարա՜ւ Շեփոր - Քա՛ջք իմ, լըւա՛յք,
Յերկնից այդ շունչ փողեցաւ, Հա՜յք,
Որ եւ ի ձերդ արդ փարի վառս,
Եւ բորբոքէ զսիրտ բոցավառս:
Հա՜պա յառաջ
Մանկո՛ւնք իմ քաջ

 

Իբրեւ ըզմէգ վաղորդայնի`
Ի դոյն յայդ շունչ` մահ հարկանի.
Եւ յետս ի մէնջ առնելով խոյս,
Հեղաւ Պարսից ի գունդս անյոյս:
Հա՜պա յառաջ
Զօրակա՛նք քաջ։ 

 

Հա՜պ. օն յառաջ զէնք ձեր սիրեալ
Ի հաւատոց են լուսափայլ։
Եւ բարկութիւն աստուածավայր
Ի սուսերացդ հանգչի ի սայր։
Հա՜պա յառաջ
Մարտի՛կք իմ քաջ

346 

Ո՜վ Հայկազունք, յառա՛ջ, յառա՛ջ,
Խաչս ի ճակատ, ի լա՛նջըս Խաչ,
Զի զնա սանդուխ կալցուք յերկին՝
Պարսի՛կ գագաթք զոտիւք պիտին։
Հա՜պա յառաջ
Ընկե՛րք իմ քաջ

 

Ի Շարժ քայլիցդ ըսկայարշաւ
Երկիր ի թունդ եւ դող հարաւ,
Գոռա՜ն երկինք ընդ ձեզ ի մաrs,
Ըշկայեցե՜ք սուր եւ գեղարդ։
Հա՜պա յառաջ
Հայագո՛ւնդք քաջ

 

Հայո՛ց մանկունք, օ՜ն անդր յառա՜ջ,
Ոտք ի փառաց ռահաս աննահանջ.
Ո՛չ, չի՛ք ձեզ մահ, այլ յաղթանակք,
Ահա յերկնից հոսին պըսա՜կք։
Հա՜պա յառաջ
Նահատա՛կք քաջ

 

Այս ընթերցումը ոչ միայն ճաշակ մը կը խաչէ, այլեւ վկայութիւն մըն է ամբողջ դպրոցը անդառնալի կերպով դատապարտող։ Ու ստիպուած եմ կրկնելու թէ այս ամենուն մէջ մտքէս չ՚անցնիր մեղքի բաժին մը վերագրել… գրաբարին։ Եւ դուք գիտէք թէ ով է մեղաւորը։ 

Կուգամ Նար–Պէյի քերթողական վարկը լուսապսակող միւս հատորին որուն անունն է Ստուերք Հայկականք

Խօսելէ առաջ այդ մասին՝ անհրաժեշտ կը նկատեմ անոր յառաջաբանը դնել ընթերցողին աչքին։ 

ԱՌ ՀԱՅՐԵՆԱԶԳԱՑ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ

Այս երգերը գրուած են մեծաւ մասամբ հայրենի ափունքների հեռու, պանդխտութեան մէջ, յԵւրոպա, յիշատակաւ փառաց լուսափայլ Անցելոյն, եւ Ներկայիս սգաստուեր աղետիւքն աղեկիզելով։ 

  Հեղինակը ներշնչուած է մերթ հոյակապ քաղքի մը շռինդներու, եւ մերթ գիւղական տաղաւարի մը անդորրութեանը մէջ, երբեմն անտառաց խորհրդաւոր հովանեացը ներքեւ, երբեմն բարձրաբերձ լերանց խրոխտ ապառաժներու վրայ նստած, եւ այլ երբեմն կանաչագեղ հովտաց զեփիւռներու մէջ յերազելով, մերթ մրմռացող փրփրադէզ կոհակաց առջեւ, եւ մերթ` գերեզմանաց մահասարսուռ ստուերներու մեջ թափառելով, Հայրենեաց խանդավառ յիշատակը սրտին մեջ բորբոքելով, եւ գրեթե միշտ իւր քնարին թելերը աղեկեզ արտասուօքն ու ոգանելով։ 

Երկու մաս կամ գիրք բաժնած է Հեղինակն այս երգերը. ՎԷՊՔ եւ ԵՂԵՐԳՔ: Առաջինը Անցելոյն, երկրորդը՝ Ներկայիս նուիրեալ։ Երկուքն եւս անկատար, որովհետեւ ոչ մեր բոլոր անցեալ փառքերը կը բովանդակեն, եւ ոչ` ներկայ թշուառութիւնքը: Ասոր պատճառը ոչ միայն իւր տկարութիւնն է` նիւթոց անբաւ առատութեանն առջեւ, այլ եւ դժբախտ ու ահաւոր հրդեհ մը` որ Բերայի մեջ Հեղինակին տասնամեայ երկասիրութիւնները բոլոր յահիւն փոխարկելով, Վէպերուն մեծ մասը, որ մեր Դիւցազանց կենսագրութիւնն էր, յափշտակեց տարաւ, ուրիշ քանի մը հատոր քերթողական եւ բանասիրական աշխատութեանցն հետ։ Իսկ այս հատորին մեջ ամփոփուածները` բաղդ ունեցան ազատելու, ոմանք ազգային օրագրաց մեջ հրատարակուած լինելով, ոմանք ալ բարեկամաց քով գտնուելու բարեդիպութեամբ

Հեղինակը այսօր սոյն նշխարեալ մնացորդքն ի լոյս ընծայած ժամանակ՝ յոյս ունի որ հայրենատենչ ազգայնոց ընդունելութիւնը պիտի քաջալերէ զինքը որ սրտին խորշերուն մեջ թաղուած ու նիրհած յիշատակներն արթնցընի օր մը, եւ իւր սգաւոր քնարին յանձնէ վերերգել այն գուպարայաղթ Դիւցազունքն եւս ու անոնց լուսափառ Ստուերներուն ալ Հայոց պանդխտութեանը մէջ առաջնորդելով` Ներկայիս աղէտները Անցելոյն փառքովը մխիթար եւ խրախոյս ընդունին, ու Արմենիկ ոգւոյ մեջ արծարծի յիշատակ եւ սէր հայրենեաց:

Եթէ այս երգերը յաջողին վերասլաց իղձ մը թռցնել տալ դէպի Հայրենիս, կայծ մը վառել հայրենասէր եռանդեան, կաթիլ մը արցունք պղպջեցնել, ու հրախանդ ա՜խ մը կորզել Հայու մը զգայուն սրտէն, - Հեղինակը իւր աշխատութիւնը պսակուած պիտի համարի։ 

1874ին գրուած այս տողերը կը նկատեմ չափազանց շատ կանչական՝ Զարթօնքի սերունդին, Ռոմանթիքներուն ամբողջ  հոգեյատակը մեզի տեսանելի ընելու տեսակէտէն։ Աւելորդ կրկնութիւններէ խուսափելու համար շեշտը կը դնեմ՝ մէկ եւ տիրական այն զգացումին վրայ որուն դայեակները եղան հարիւր յիսուն տարիներու երկայնքով մխիթարեան վարդապետները։ Ատիկա ազգային զգացումն է, այդ սերունդը կազմող միութիւններուն իւրաքանչիւրին մէջը առանձին առանձին իր արմատները արձակած։ Անշուշտ որ այդ կրթութենէն չանցած բայց այդ Պոլիսի ծնունդ ուրիշ տղաք ալ, օրինակի համար Պ. Դուրեան, ապրին նույն այդ զգացումը գրեթէ նոյն միամտութեամբ, իրազանցութեամբ։ Հետաքրքիր մը հազիւ երանգի տարբերութիւններ պիտի տեսնէր, եթէ փնտռելու ելլէ նոյն այդ զգացումը արեւելահայ գրականութեան ալ համապատասխան շրջաններուն մէջ։ Հիմնական տարբերութիւնը սակայն պիտի ըլլար ակնյայտ, խորքին աւելի կամ նուազ նոյնատարր միութեան ընդդէմ, արտայայտութեան եղանակին վրայ: Նար-Պէյ իր այդ յառաջաբանին մէջ ֆրանսական ռոմանթիզմին բոլոր ծաղիկները անզգայաբար ցոյցի է բերած այսպէս, պատկերը տալով մեր ռոմանթիզմին ալ: Զուր տեղը չէ որ Լամառթինը մերիններուն սիրական քերթողը եղած է: Ֆրանսացի բանաստեղծը իր յաջողակ քերթուածներուն համար կենդանի քաղաքակրթութեան մը, մշակոյթի մը տրտում նուաղումները սիրած է շահագործել, ներկայի տրտմութիւնները, դառնութիւնները ոսկեզօծել մօտիկ անցեալին մշուշին ընդմէջէն (եւրոպական ռոմանթիզմը իր տիրական յատկանիշներուն մէկը կը գտնէ նոյն այս վերագրումին մէջ)։ Մերիններուն համար Պոլիսը այն փղոսկրէ աշտարակն է որ կը զատէ գրողները իրենց ժողովուրդէն, անոր հայրենիքէն, ձգելով միայն բաց անոնց նայուածքին՝ պատմութեան համապատկերները։ Ահա թէ ինչո՞ւ հայ ռոմանթիզմին մէջ երկու հիմնատարր Պոլիս եւ հայրենիք ըլլան տիրական, առաջինը՝ իբր սնուցիչ նկարչական յոյզերու, երկրորդը` իբր թելադրիչ ոգեկոչական զեղումներու: Այսպէսով է որ Դուրեանի եւ Պէշիկթաշլեանի դիւաններէն ետքը, Գրական Փորձեր ու հրատարակման տարին, մենք կ՚ունենանք Ստուերք Հայկականք ը (որքան կը յիշեմ` 1875ին է հրատարակութիւնը Պէրպէրեանի Առաջին Տերեւք ին։  Սէթեան իր Յուզման Ժամեր ուն համար պիտի սպասէ տասէն աւելի տարիներ։ Թէրզեան մտքէն չանցուց հատորի վերածել իր քերթուածները։ Աճէմեանի հատորները կը զուգադիպին Իրապաշտներու ասպարէզ իջնալուն։ Բոլոր այս թուականները անոր համար` վասնզի Ստուերք Հայկականք ը հայկական ռոմանթիզմին վերջին հատորն է), բաղկացած՝ երկու գիրքերէ, որոնց առաջինին մէջ մուտք ունին տասներեքէ աւելի կամ նուազ կարճ պոէմաներ, իր բառովը՝ Վէպք, եւ երկրորդին մէջ տասնըեօթը քերթուածներ, Եզերերք ընդհանուր վերնագրին տակ խմբուած։ Մինչեւ 1892 (մահուանը տարին) Նար-Պէյ հրատարակած է զանազան թերթերու մէջ նոյն ոգիով բազմաթիւ ու քիչ քերթուածներ, բայց վարանած է զանոնք համախմբել հատորի տակ։ Ատոնցմէ հատ մը, ամենավերջինը, որ լույս է տեսած Յակոբ Գուրգէնի Պատկեր Աշխարհիկ Գրականութեան հանդէսին մէջ, թերեւս ամենէն յաջող քերթուածն է, այս անգամ այս բանաստեղծին ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ տարածուած գնահատումով մը։ Իբրեւ աշխարհաբար՝ Նար–Պէյ թարգմանած ունի Հոմերոսէն ընդամէնը 463 տող, տպուած 1881ի  Մասիս ներուն մէջ (Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր)։ 

Յառաջաբանին մէջ հերոսական հրդեհին շահատակութիւնները կրնան զիս մղել տարակոյսի, տրուած ըլլալով որ վանական վարդապետներու մօտ շատ ընթացիկ ու թերեւս անմեղ փառասիրութեան մը կը հպատակին այդպէս մէկ հարուածով կրակէն ոչնչացած ծանր, հաւանաբար բազմարժէ աշխատութիւններ։ Էականը այդ չէ, այլ Արշակ Երկրորդ ի յառաջաբանին մէջ (1861, Թէոդոսիա) ունինք սա տողերը

 

«Մեք եւս թարգմանեցինք, փորձոյ համար, քանի մը եւրոպական անուանի թատերախաղ, ինչպէս Ալֆիէրիի Սաւուղը, Ռասինի Գոթողեայն, Քոռնեյլի Պողիկտոսը, Վոլթեռի Զաիրէն, Արնօլտի Մարիոսը, Շեյքսբիրի Կեսարը, Շիլլերի Մարի Սթուարթը»,

 

իբր վկայութիւն Նար-Պէյի ախորժակներէն։ Միւս կողմէն՝ Բերայի հրդեհին մէջ յաճիւն փոխարկուած վէպերուն մեծ մասը, արդիւնք՝ հեղինակին տասնամեայ ճիգերուն, ունին իրենց բախտակից ուրիշ քանի մը հատոր ալ «քերթողական» եւ «բանասիրական» աշխատութեանց։` Կը զբաղիմ ասոնցմով, ցոյց տալու համար թէ կրակները երբեմն ի՜նչ բարերար դեր կը կատարեն, մեզի խնայելու համար անասելի տրտմութիւններ։ 

Ստուերք Հայկականք ի առաջին գիրքի պոէմաները, տաղաչափեալ պատմութիւններ, բանաստեղծական զգայարանքէ հիմնովին զուրկ մարդու մը գրիչովը գրուած։ Ահա քանի մը ա նուններ Հայկ, Արամ, Արա Գեղեցիկ եւ Նուարդ, Տիգրանուհի, Հսկայն Հայոց Տորք, Արտաշէս Մեծն, Արտաւազդ Առաջին, Նախավկայուհին Սանդուխտ, Կոյսն Հռիփսիմէ ։  Բոլորը հայոց պատմութեան առասպելական շրջանէն վերբերուած զրոյցներ որոնք կ՚ենթարկուին իբր թէ բանաստեղծական մշակման։ Ուրիշ տեղեր այդ սեռին մեր մէջ մշակման մասին տուեր եմ բաարար ծանօթութիւն։ Եւրոպական ռոմանթիզմի հետեւակ կապկումն է անիկա եւ ուրիշ քիչ բան, նոյնիսկ աւելի որակաւոր, աւելի իրաւ բանաստեղծներու գրչին տակ, որպիսիներն են Ալիշան, Սեղբոսեան, Վարուժան։ Անկարելի է ինծի այդ տասներեք պոէմաներէն որեւէ մէկը ազատագրել իրենց ճակատագրէն որ չափուած խօսքն է Վենետիկէն փողրակուած բառերով։ Նար-Պէյ, ո՛չ իր երկիրը կը ճանչնայ, ոչ իր պատմութիւնը կը զգայ այնպէս ինչպէս մարդիկ կը զգան զիրենք ծուէն ծուէն կազմող հողը եւ իրենց հոգին պուտ պուտ յօրինող իրենց հայրենիքին խորհուրդը։ Պոլսեցի հոսհոս վարդապետ մըն է այդ ամենուն ետին կեցող մարդը, ու այսքան է 

Ստուերք Հայկականք ի երկրորդ գիրքը վաթսունական թուականներու շատ մշակուած հանդիսագրական (poésie de parade) սեռով լեցուած քերթողութիւն մըն է։ Չեմ վախնար առաջ երթալ՝ ըսելու համար որ սեռին ամբողջ սնոտիքը իրմէն առաջ եւ իրմէն վերջ ոչ ոք յաջողած է նուաճել Նար–Պէյի անողոք կատարելութեամբը։ Ներելի է ինծի մտածել Պէշիկթաշլեանի նոյն երակէ արտադրութիւններուն, որոնք, հակառակ զիրենք ստեղծողին վաւերական տաղանդին, շատ շատ այս տաղանդին հասկնալի նուաղումները կը բացատրեն, առանց վտանգել կարենալու զայն։ Պատեհապաշտ, պարագայական երգիչ մըն է ամէն մարդ այդ օրերուն, որպէսզի չըլլար ատիկա Պէշիկթաշի քերթողը: Ներելի է ինծի մտածել Մկրտիչ Աճէմեանի ընտանի քնարերգութեան որ իր տափակութիւնը վերջ ի վերջոյ բնական առաքինութեան մը կը վերածէ կարծես եւ առնուազն Պոլսեցիներուն կեանքին կը պատկանի Ո՞վ էր, 1870ի մօտերուն, այն մարդ, որ գրեց սա տաստողեակը

 

Վարդեր ու վարդեր
Թերթ ի թերթ փըթթեր,
Ի կապոյտ եթեր
Ձիւնափայլ ամպեր՝
Քայլերուդ առջեւ
Սըփռելով թեթեւ,
Քեզ` բընութեան հետ՝
Յայս ժամ հեզաւէտ՝
Մընան մեծայոյս,
Ո՛վ քա՜ղցր Արշալոյս

(ՍՏՈՒԵՐՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆՔ Երգ Ժ Արշալոյս) 

Եւ կամ նոյն գիրքէն՝ Երգ Դ. Նորածիլ Տերեւք, եւ կամ նոյն գիրքէն` Երգ ԺԳ. Պանդուխտն առ Ծիծառնիկ վերնագրուածը: Բոլոր այդ քերթուածները այսօր կը կարդանք ահաւոր տրտմութեամբ մը, ափսոսալով անշուշտ թէ որքա՞ն յիմար, չըսելու համար միամիտ են մարդիկ, պարզելու աստիճան տարողութիւնը մարդկային գերագոյն տագնապներէն մէկուն, քնարական բանաստեղծութեան, չվախնալով զայն վերածելէ աններելի բառախաղի մը ճակատագրին։ Վերը ըսի թէ մինակ չէր Նար–Պէյ, բայց ահաւասիկ որ Թէրզեան մը, նոյնիսկ Սէթեան մը որոշ մեղմացմամբ մը կը կրեն իրենց մեղադրանքը, քանի որ իրենց տաղարաններուն ետին գէշ կամ աղէկ աշխարհէ մը վկայութիւն մըն են։ Ինծի կը ներուի միշտ Յ . Սէթեանի մը Յուզման Ժամեր ուն ետին իրաւ յուզումի ո՛չ թէ զգայութիւն, գէթ կասկածներ ենթադրել: Միշտ նոյն նկատումով՝ Թէրզեանի ընդարձակ տաղարանին մէջ բազմաթիւ են կտորները որոնց ետին մարդ մը կը զգաս (ու քիչ հարց՝ այդ մարդուն բանաստեղծական արժանիքներուն հանդէսը)։ Նար-Պէյը անկարելի է ազատագրել իր գրաբար քերթողութեան թոհ ու բոհէն, բանաստեղծական զգայարանքի մը հիմնական պակասի պատճառաւ: Նոյն խօթութիւնն է որ կը միջամտէ անոր աշխարհաբար քերթողութիւնը տապալելու, եւ այս՝ վճռապէս։ Այդ արդիւնքը զետեղել սահմանադրական շրջանի ազգային ընդհանուր խանդավառութեան եւ ասոր արդիւնք՝ երգասացութեան պարունակին եւ կշռել նոյն կշիռով Սիմոն Ֆէլէկեան, Ս. Փափազեան, Ս. Հայկունի, Ս. Ոսկան, պիտի նշանակէր Նար–Պէյի մեղքերը ուրիշներուն Նախագահութեան մը կանչել։ Վստահ եմ, որ այդ անուններէն եւ ոչ մէկը չէր սնուցաներ իրմէն ներս այն ընդարձակ փառասիրութիւնները որոնք Վենետիկի վարդապետներէն շփացուած էին այս սեթեւեթեալ, գործնապաշտ, երիտասարդ քերթողին ներսը։ Առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ մըն է հայ երգը (իր բառերուն մէջ), կանխող դարու կէսէն մինչեւ վերջին տարիները։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ մեր գրականութեան բոլոր մշակները, տաղանդաւորը ինչպէս անտաղանդը, զբաղած են անով։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ այդ երգին ներքին խորհուրդը, բարեխառնութիւնը, ինչպէս կ՚ըսեն, ամենէն հզօր զգացումով է թրթռուն, զոր ըլլայ երբ եւ իցէ ունեցած այս ժողովուրդը։ Ո՞ր չար սատանան, չըսելու համար Սեւ Աստուածը, կը միջամտէ որպէսզի այդքան իրաւ հոգեբանութենէ մը մեզի չհասնի. քանի մը վճռական վկայութիւններ, մարդերը, շրջանը խորհրդանշող։ 

Հոս յիշեցէք անունները մեր մեծագոյն բանաստեղծներուն, մեր նոր գրականութեան երկու հատուածներէն ալ, եւ ցոյց տուէք ինծի քերթուած մը որ առնուազն ըլլար հանդուրժելի։ Նար–Պէյի ազգային այդ բանաստեղծութիւնները այդ օրերէն աւելի քան այսօր անտանելի է մեզի ճիշդ նոյն մեղ քին համար որ կեղծիքն է, ներքին իրականութենէ զուրկ ապրումի մը ցուցադրումը:

Թող չառարկուի թէ ատոնք իրենց ժամանակը կը պատմեն մեզի։ 1933ին Թորգոմ Սրբազան Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդէսերուն մէջ տեղ կուտար Հայ Ապրիմք, Հայ Մեռնիմք վերնագրուած քերթուածներու ոչ միայն ընթերցումին, այլեւ եղանակներուն եւ չէր զգար որ դուրս էր ծիծաղելիէն։ Մատենագրութեան պատմութիւն մը նկատի ունի, ինչպէս միշտ ըսեր եմ, այն գործերը, որոնք առնուազն երկու սերունդի փորձէն են անցած։ Նար–Պէյի Ստուերք Հայկականք ը սերունդի մը մէկէ աւելի ախորժակները երբեմն հետաքրքրած է նույնիսկ առաւելազանց չափով ( Ստուերք Հայկականք ի Բ. տպագրութիւնը խաչագողական ձեռնարկ մըն է, դրամաշորթական տեսակէտով, եւ ոչ թէ գրական սպասի մը պարկեշտ առաջադրութեամբը գործադրուած)։ 1910ին մեր բանաստեղծութիւնը միանգամ ընդմիշտ կ՚ուրանար մեր ռոմանթիք քերթողութիւնը, որոշ զիջումով մը (իր մէկէ աւելի քերթուածներուն մէջ բանաստեղծական շատ իրաւ զգայնութեան մը սիրոյն), անկեղծ հիացումով մը՝ Դուրեանի։ Մնացեալները դուրս էին այդ սերունդի հետաքրքրութիւններէն։ 1929ին Վենետիկ լոյս տեսած Թովմաս Թէրզեանի ամբողջական դիւանը արդիական գուրգուրոտ խնամքի մը փաստն է եւ ոչ թէ երրորդ սերունդի մը մէջ վերապրելու կանչուած ճշմարիտ տաղանդէ մը մեզի հասած ժառանգութիւն մը։ Նար–Պէյի քերթողական ամբողջ արտադրութիւնը այս տողերով կը դառնայ այն ճակատագրին որ հասարակաց է խօսք չափող բոլոր մարդոց։ Կ՚ենթադրեմ թէ Ս. Ղազարի դիւանը հարիւրներով անտիպ քերթուածներու դիակներ կը ծածկէ իր երջանիկ շուքին մէջը, բայց այդ քերթուածները զիրենք հեղինակող այս ու այն վարդապետին, աբբային, եպիսկոպոսին բերնին ջուրերն էին վազցուցած երբ կը կարդացուէին դպրոցական հանդէսներու առթով։ Մի կարծէք թէ աւելորդ ենթադրութիւն մըն է հոս ձեզի մատուցուածը։ Ինծի կը մնայ խօսիլ տակաւին թատերագիր Նար–Պէյի մը վրայ որ պատրաստուած է դարձեալ Ս. Ղազարի կամարներուն, նկուղներուն ներսը, միշտ այդ դպրոցական կարիքներու հոգածու հոգիով։